Հնչակեանութեանց կը պատկանին։ Այս ապօրինաւորութիւնը նկատողութեանչենք կրնար առնել։ Պարտականութիւն կզգամ նաեւ` յայտարարել թէ, Աւետիս Նազարբէկ ծայ-րայեղօրէն հակառակ էր բռնաբարութեամբ դրամ հաւաքելու դրութեան։Հեռատեսութեամբ մը, զոր ետքէն պատահած աղէտները կատարելապէս արդա-րացուցին եւ կը շարունակեն արդարացնել, Նազարբէկ կանխադիտած էր այնբոլոր ահռելի չարիքները որոնք բռնութեամբ դրամ հաւաքումէ պիտի ժայթքէին։ Ուրեմն, առանց երկարաբանելու, հաւանինք թէ յեղափոխական մարմիններըիրենք իսկ կընդունին որ մեծ չարիք մըն է` բռնաբարութեամբ հասոյթներ ստեղ-ծելու դրութիւնը։ Հետեւաբար, մեր կողմէն փաստաբանութեանց հարկ մը չենքտեսներ։ Եւ սակայն, Ունճեանէն յետոյ Թաւշանճեան. Թաւշանճեանէն ե՞տքը։ ԲարիզիԹանը իսկ չհաղորդե՞ց, թէ Թաւշանճեանին դիակը դեռ գետինը, եւ ահա՛ մար-դասպաններու խումբը թէլէֆօնին վազած, ձայնատուր եղած են այլ եւ այլհարուստներու, ազդարարութեամբ, թէ` «ահա Թաւշանճեան ինկաւ, բացէքքսակներնիդ, եթէ ոչ...»։ Միեւնոյն ժամուն սպառնական նամակները Նիու-Եօրքասոր անոր կը տեղային։ * ** Երբ Թաւշանճեանին սպանման գոյժը կ’առնենք, երբ ուրիշ հարուստներուսպառնացող վտանգներուն զեկոյցները կը լսենք, բնականաբար կրնանքհարցնել թէ` Հնչակեաններուն, Դաշնակցականներուն դաւանանքները, որոշում-ները ի՞նչ օգուտ ունին, ի՞նչ բանի կրնան ծառայել, յանուն «Հայ Յեղափոխու-թեան» ազատօրէն, անկաշկանդ ի գործ կը դրուին մահաբեր տնօրինութիւններդրամահաւաքման համար։ Այդ մարմինները պարտականութիւն ունին միաձայ-նութեամբ դէմ կանգնիլ այն բոլոր ձեռնարկներուն որոնք յանուն Հայ Յեղափո-խութեան սպաննութիւններ կընեն եւ դրամ կուզեն հաւաքել։ Կամ թէ` թո՛ղ գլուխ անցնին, պատասխանատուութիւն ստանձնեն, եւ հա-մար տան ազգին։ Յաջորդով այս խնդիրներուն կը վերադառնանք։Լուսաբեր, եռօրեայ, Գահիրէ, 8 Օգոստոս 1907, Գ. տարի, թիւ 403, էջ 1-2 ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ Ս. Դ. ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 1887-1962 ԱՐՍԷՆ ԿԻՏՈՒՐ Վերակազմեալներու այս նոր պառակտումի հետեւանքով այդ կուսակցու-թեան մէջ տեսակ մը անիշխանութիւն կը ստեղծուի։ Անպատասխանատու 149
մարդիկ կը սկսին ահաբեկչական սպառնալիքներով դրամ պահանջել հայմեծահարուստներէն` «յեղափոխական եւ ազատագրական պայքարի» անունով։Այս տեռորներէն մէկ զգայացունցը, տեղի կ’ունենայ 1907 Յուլիս 22-ին Նիւ Եորքիմէջ, որուն զոհ կ’երթայ գորգի վաճառական Յովհաննէս Թաւշանճեան, Վերա-կազմեալ Պետրոս Խաչատուրեան անունով մէկու մը կողմէ, այն պատճառաբա-նութեամբ թէ` «Թաւշանճեան մերժած էր սպառնալիքով ուզուած դրամը վճարել...»։ Այս անիմաստ եւ դատապարտելի սպանութիւնը շատ ծանր անդրադարձ մըկ’ունենայ ամերիկեան հանրային կարծիքին վրայ։ Ամերիկեան մամուլը խստիւկը դատապարտէ վայրենաբարոյ այս արարքը եւ կը պահանջէ հետապնդել բոլորպատասխանատուները։ Այս դէպքը` Վերակազմեալներէն ոմանք կը դատապարտեն, ոմանք ալ կ’ար-դարացնեն, որով` տարակարծութեան անկիւնը երթալով կը լայննայ` անկարելիդարձնելով զիրար հասկնալը։Արսէն Կիտուր, Պատմութիւն Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան 1887-1962, Ա.հատոր, Պէյրութ, Հրատարակութիւն Ս. Դ. Հնչակեան Կուս. ՊատմագրութեանԿեդր. Յանձնախումբի, 1962, էջ 297 ------85.ՅԱԿՈԲ ՉԷՐՉԵԱՆ (սպանութիւն)17 Հոկտեմբեր 1907, ՖիլիպէՀանգամանք` ԴաւաճանԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պօլսոյ Մարմին ՏԵՐՐՕՐ Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊՕԼՍՈՅ ՄԱՐՄԻՆ Ատենէ մը ի վեր յայտնի լրտեսութեամբ պարապող եւ անընդհատ այս նպա-տակով Պուլկարիայէն Պօլիս ու Պօլսէն Պուլկարիա երթեւեկող Յակոբ Չէրչեանանուն բնիկ ֆիլիպեցի հայը, գործակալ` ոստիկանութեան պետ Վասըֆ փաշայիեւ յանցագործ` իր մատնութիւններով ու լրտեսական տենդոտ գործունէու-թեամբ` մահւան դատապարտւեցաւ մեր որոշումով եւ վճիռը գործադրւեցաւՖիլիպէի մէջ 1907 հոկտ. 4/17-ին։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Փետրուար 1908, XVIIIտարի, թիւ 2 (190), էջ 31-32 ------150
86.ՎԱՐԴՕ (սպանութիւն)22 Նոյեմբեր 1907, ՌուսչուքՀանգամանք` Հրաժարեալ Դաշնակցական ԳործիչՍպաննող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ահաբեկիչ ՄարմինԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն ՏԵՐՐՕՐ Հ. Յ. Դ. ԱՀԱԲԵԿԻՉ ՄԱՐՄԻՆ Համաձայն Ընդհանուր Ժողովի որոշման Վարդօին եղած պաշտօնականդիմումին` որ իւրացուցած 12112 ֆրանկ գումարը վերադարձնէ կազմակերպու-թեան եւ նա մերժած ըլլալով. Հ. Յ. Դ. Ահաբեկիչ Մարմինը իրեն դէմ կայացած մահւան վճիռը գործադրեցՌուսչուքի մէջ 1907 նոյ. 22-ին։ Ահաբեկիչը ազատ է։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Մարտ 1908, XVIIIտարի, թիւ 3 (191), էջ 48 ------87.ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ (սպանութիւն)12 Փետրուար 1908, ԳահիրէՀանգամանք` Հրաժարեալ Վերակազմեալ Հնչակեան գործիչՍպաննող` Պետրոս ՀիւսէնեանԿազմակերպող` Վերակազմեալ Հնչակեաններու Վահէ Արզուեանի խմբակ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՈՃԻՐ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ Պէտք ունինք ամփոփուելու, պէտք ունինք քիչ մըն ալ լռութեան մէջ ողբալուպաշտելի բարեկամին ու հոյակապ մատենագրին կորուստը, որպէսզի ա՛լ կա-մաց կամաց վարժուինք այդ անըմբռնելի գաղափարին եւ ինքզինքնիս ազատե-լով անոր հետապնդումէն, մտածե՛նք ընելիքնիս, մտածե՛նք հանրութեան հօտին 151
համար որուն ամենէն յստակատես հովիւն ու առաջնորդն էր որ ճամբուն վրայինկաւ։ Մեր բարեկամը սա՛ վերջին տարիներուն, արդէն բաւական բացած էրմտքերը։ Իր փորձառութիւնն եւ ներկային պահանջքներուն իր խորաթափանցընբռնումը, զինքը մղեցին շարունակ ազգին յիշեցնելու` թէ Յեղափոխութիւնըշփոթելու չէ Ոճրագործութեան հետ, թէ բռնի ուժով եւ սպառնալիքներով դրամկորզել` աններելի է մինչեւ իսկ իրական Յեղափոխական կուսակցութեան մըհամար, ո՛ւր մնաց երբ այդ անունը կը յամառին ինքզինքնուն տալ քանի մըանհատներ միայն, որոնց երբեմնի կուսակցութիւնը զիրենք ամբողջովին իրմէջէն վտարած, կղզիացուցած է։ Անոնց, որոնք թեթեւօրէն կը կարծեն թէ Արփիարեան փոխուած էր եւուրացած իր յեղափոխական համոզումները` կը բաւէ միայն յիշեցնել իրճշմարիտ երիտասարդի խանդավառութիւնը Մուրատի ազատումէն ետք ուանոր այստեղ ներկայութեան միջոցին։ Արփիար, զոր ամէն մարդ գոնէ քիչ մըքինախնդիր կը կարծէր, այդ առթիւ անպայման մոռցաւ իր ատելութիւնները թէ՛հին Հնչակեան կուսակցութեան եւ թէ՛ Վերակազմեալներու հանդէպ, ու հանուրՀայութեան փողարեց իր հաւատքն եւ յոյսը` Մուրատով եւ Տամատեանով կեն-սանորոգ, Հնչակեանութեան երկգլխանի արծիւին հայկական կեանքին վրայվերստին երեւումին ի տես։ Բայց իր ձայնը, որքան ալ հնչեղ, չէր զօրեր հասնելու այն ամէն անկիւններըուր ոճրախանձ հոգիներուն անկարող միջակութիւնը` կը գրգռուէր Արփիարիբազմադիմի գերազանցութեանը դէմ։ Անոնք վախցան, նաեւ, զիրենք մինչեւիրենց ոսկորներուն ծուծը սերտած եւ իրենց ամբողջ անցեալը գոց գիտցող հրա-պարակագրէն։ Անոնք ուզեցին, տակաւին, իրենց շահերը վտանգող հակառա-կորդ մը մէջտեղէն վերցնելով` միեւնոյն ատեն յիշեցնել ունեւորներուն, թէտակաւին ուժ ունէին, - եւ այս կրկնակ գործը մէկ անգամէն կատարելու համար`գտան, ճշմարիտ կամ կեղծ, Պետրոս մը եւս...։ * ** Ունճեանի եւ Թաւշանճեանի սպաննութիւններէն ետք Արփիար այս էջերունմէջ` սա գաղափարը պաշտպանեց` թէ պէտք չէ իրենց տգիտութիւնը կամ մի-ամտութիւնը պատրուակ բռնելով, ոճիրը գործադրող Վարդանեաններուն եւՀամբարձումեաններուն մեղքը թեթեւցնել, այլ ընդհակառակը, զանոնք ալ իրենցպետերուն հետ հաւասար զզուանքի ու անէծքի առարկայ դարձնել, որպէսզի եթէնմանօրինակ ոճիրներու սեւ փառապսակին թեկնածող ուրիշներ կան, առաջուցգիտնան թէ ազգը ի՛նչ զգացումով պիտի ընդունի իրենց արարքը, ի՛նչ գարշան-քով պիտի յիշէ իրենց անունը։ Բայց, ինչպէս ըսինք, Արփիարի ձայնը չէր կրնար հնչել մինչեւ այն մութ152
անկիւնները, ուր ոճրախանձ հրէշներ, իրենց ոչնչութեան գիտակից, գիշեր ուցերեկ կը կարդան իրենցմէ աւելի ցաւագար, բայց իրենց չափ եղեռնապիղծ գլխումը վրայ։ Եւ ահա, ինչ որ իրենք, իրենց անպայման վատութեանը մէջ, չէին կրնարկատարել` կատարել տուին այդ հրէշին, որուն անշուշտ խոստացան նաեւ ամէնկերպ ապահովութիւն, ամէն տեսակ հանգստութիւն։ Եւ այսպէսով, առջի օրը Ունճեան, երէկ Թաւշանճեան մը ու այսօր Արփիարըկ’անհետանան Հայութենէն որ զայրուցքով կը մռնչէ այդ մահերուն ետեւէն ուինքն իր վրայ կ’ողբայ` զանոնք անհետացնող մարդակերպ գազանները իր ծոցէնարտադրելուն համար։ * ** Ջարդերէն ի վեր, ոճրականութիւնը Հայոց մէջ անհամեմատ աւելցաւ։ Յեղա-փոխականութիւնն ու յեղափոխական գրականութիւը մեծագոյն պատասխանա-տուներն են այդ բանին։ Հայ ստրուկի նկարագիրը, մաքրուելու ու բարձրանալուհամար` ուրիշ բան չտեսաւ բայց եթէ արիւն, բայց միայն արիւն։ Ազատութեանգաղափարը, որ մարդուն ամբողջ էութեան, հոգիին ու մտածումներուն ազա-տագրութենէն կը ծնի, հայ ժողովրդին ներկայացուեցաւ արեան կարմիրովներկուած` անով զայն հրապուրելու, շլացնելու եւ գրաւելու համար, ճիշտ ինչ-պէս կը հրապուրեն վայրենիները։ Ամբողջ ծովածաւալ գրականութիւն մը, Կով-կասէն մինչեւ արտասահմանի ամէն հայաբնակ կեդրոն, ծնաւ ու սնեցաւ արիւնիեւ պղծումներու, աւերակաց եւ դիակոյտերու հիւթով։ Դեռ մինչեւ այսօր չիկայհայերէն ծրագիր մը որ անոնցմով լեցուն չըլլայ եւ խմբագիրը այդպէսով գուցէ կըկարծէ զարթեցնել ստրուկ, մտքով ու սրտով հետզհետէ աւելի ստրուկ Հայու-թիւնը, որուն արիւնարբու Պետրոսներէն գոնէ մէկն ալ չերթար սակայն Տաճկիմը արիւնը խմել, այլ անպաշտպան, անզէն իր մէկ եղբայրը, ծերունի Ունճեանմը եւ Արփիար մը կը զարնէ ետեւէն...։ * ** Ոճրագործ խմբակին առաջին շահատակութիւնը չէ աս։ Ամէն ոք զայն կապեցիսկոյն Ունճեանի եւ Թաւշանճեանի սպաննութեանց հետ, եւ չսխալեցաւ։ Անոնցառջեւ սակայն, Հայութիւնը չկանգնեցաւ մէկ մարդու նման, հայ լրագրութիւնըչի գոռացուց իր միահամուռ շանթահարող ձանը, եւ թող տուաւ այս նոր ոճիրինգործադրութիւնը։ Ահ, կը յիշեմ...։ Պարոն Չօպանեան, հինգ ամսուան խոհեմ լռութենէ մը վերջ,երբ ստիպուած, իր ապրուստին մուրացածոյ ապահովութեանը համար, Անա-հիտի թիւ մը մէջտեղ հանեց` անխուսափելի գտաւ խօսիլ Թաւշանճեան ոճիրինվրայ...։ Ի՜նչ քաշքշուկ, երկարապատում տողերով սակայն, ի՜նչ զգուշաւորու-թեամբ, ի՜նչ դարձուածքներով, սակայն։ «Դրամաշորթ խմբակը» դրամաշորթ 153
խմբակ կոչել` զզուելի սուտ մըն էր իրեն համար, «զոր Արփիարեան ստեղծածէր». «Կայէնը» կայէն անուանողը անոր ապերախտ մէկ բարերարեալն էր. եւ այսոճիրը գործող «հայ յեղափոխականներուն» դրամ չտուող դրամատէրնե՛րն էինոճիրին գլխաւոր պատասխանատուները...։ Եւ այս ամէնը` արտածորող զզուելիիմաստակութեան շեղջակոյտ, գլուխ-գործոց յօդուածէ մը զոր կարդացողը վերջի վերջոյ այն տպաւորութիւնը կ’ունենար – բան մը որուն արդէն կը ցանկարյօդուածագիրը – թէ շատ աւելի մեղաւոր էին Արփիարեան, Պարթեւեան եւ հայհարուստները քան «Կայէն»-ն ու իր մեղսակից արբանեակները։ Այդ գարշաբոյր յօդուածին Արփիար պատասխանեց ջախջախիչ փաստերով,բայց մասամբ միայն։ Իր փափաքն էր մօտ օրէն վերադառնալ անոր վրայ եւ զայներկնող ամօթապարտ հոգին մերկացնելով իր կեղծիքի քօղերէն, հասարակու-թեան ներկայացնել այնպէս ինչպէս որ է, - ուռած միջակութիւն մը` փայփայուածՈճիրի ասպետներէն։ Ժամանակ չձգեցի՜ն իրեն։ Բայց ճշմարտութիւնը չլռեր։ Հրապարակաւ այս-տեղ կ’ամբաստանեմ ահա Պարոն Չօպանեանը իբրեւ մէկը որ քաջալերեց Թաւ-շանճեանի ոճիրը եւ Ոճրագործ բազուկին մատնանիշ ըրած Արփիարեանը` զայնոճրագործներէն աւելի դատապարտելով ու ոճրագործութիւնը թեթեւցնելով եւսքօղելով։ Պարոն Չօպանեանը կ’ամբաստանեմ Ոճրագործներուն հետ իր բարեկամու-թեանը համար։ Իր յօդուածը այնքա՜ն հաճելի էր անոնց – եթէ ոչ` բառ առ բառտուն տրուած անոնց կողմէ – որ անոր լոյս տեսնալէն երկու ամիս վերջը, անոնքպաշտօն կը յանձնէին իրեն` զիրենք ներկայացնել, իբրեւ Յեղափոխական կու-սակցութիւն (!), Տաճկահայ համաժողովին մէջ...։ Այն վայրկեանին, ուր Արփիարի դիակին առջեւ, աչքերը իրենց արցունքներէնսրբուելով վերջապէս կը տեսնեն Հայութեան տունին սպառնացող, անոր նկուղ-ներուն մէջ խորածածուկ Եղեռնի կտակը` անհրաժեշտօրէն պէտք է գիտնանքթէ ի՛նչ բան կը սնուցանէ այդ քանդիչ հուրը, թէ Պարոն Չօպանեաններըպատասխանատուութեան ի՛նչ մեծ բաժին մը ունին անոր մէջ` եղեռնագործնե-րուն հետ իրենց բարեկամութեամբն ու եղեռնին հանդէպ իրենց բռնած դիրքովը։Լուսաբեր, եռօրեայ, Գահիրէ, 22 Փետրուար 1908, Դ. տարի, թիւ 486, էջ 192 ------88.ՄԻՀՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ԵՒ ԱՐՍԷՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ (սպանութիւն)1908-ի ատենները, ԱղթամարԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն154
ՀՈԳԵՒՈՐ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎԱՆԻ ՆԱՀԱՆԳՈՒՄ ԵՒ ԱՂԹԱՄԱՐԻ ՎԱՆՔԻ ԿՈՂՈՊՏՄԱՆ ԽՆԴԻՐԸ ԱՒԵՏԻՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ Աղթամարն իր հնութիւններով եւ հարստութիւններով ամենեւին էլ չէր տար-բերւում Երուսաղէմից։ Նրա վերահսկողութեան ներքոյ կային 15 վանք, որոնցիցամենափոքրն անգամ տարեկան 300 ոսկի հասոյթ էր ստանում։ Աղթամարի աթոռի կողոպտման հարցը, որ հրապարակի վրայ դրուեց Վանիհոգեւոր առաջնորդ Զաւէն ծ. Վրդ. Տէր-Եղիյեանի մերկացումներով, այնքան մեծյուզմունք առաջ բերեց արեւմտահայութեան շրջանում, որ ազգային ժողովըստիպուած էր զբաղուել այդ հարցով։ Հարցը խորութեամբ քննարկելու համար կազմուեց յանձնաժողով` Մա-ղաքիա արքեպիսկոպոս Օրմանեանի, Արսէն վարդապետի, Հ. Գորեան էֆէնդուեւ Մ. Շիրինեանի անդամակցութեամբ։ Դանիէլ վրդ. Զատոյեանը եւ Աղթամարիկաթողիկոսական տեղապահի փոխանորդ Յովսէփ եպիսկոպոսը կազմում ենտեղեկագիր, որը Վանի խառը ժողովն ուղարկում է պատրիարքարան։ Այդ տեղե-կագրից պարզւում է, որ 1908 թ. դեկտեմբերին ընտրուած եւ պաշտօնավարողժողովականները «...որեւէ խաչ, սպասք կամ արծաթ վաճառած չեն»։ Յանձնա-ժողովի տեղեկագրի համաձայն` նախկինում արծաթների վաճառման դէպքերգրանցուած են եղել միայն 1891 թ. (Խաչատուր կաթողիկոսի կողմից), 1905 թ.(խառը ժողովի որոշմամբ) եւ 1908 թ. (Պօղոս վրդ. Կարապետեանի կողմից)։ Պատրիարքարանին ուղղուած` Յովսէփ եպիսկոպոսի 1909 թ. մայիսի 13-իտեղեկագրում նշւում էր, որ Աղթամարի սպասքի մեծագոյն մասը կողոպտուել էթուրքական զօրքերի կողմից։ Սակայն ի՞նչ էր կատարուել իրականում։ Արեւմտեան Հայաստանի որոշշրջաններում` այդ թւում Վանում, դաշնակցականները հոգեւորականներին հե-ռացնում էին ներքաղաքական ասպարէզից եւ իրենց ձեռքը վերցնում ժողովրդիկառավարման ղեկը։ Վանի տեղական վարչութիւնը, որն արդէն գտնւում էրդաշնակցականների վերահսկողութեան ներքոյ, քուէարկելով որոշում է փակելԱղթամարի վանքի վարժարանը, դադարեցնել հողագործական աշխատանքնե-րը, բռնագրաւել վանքի գոյքը, աճուրդի հանել վանքի ողջ ունեցուածքը, տի-րանալ վանքապատկան կալուածքներին, դրանք տալ վարձակալութեան եւիւրացնել եկամուտը։ Մուշեղ արքեպիսկոպոսի հաւաստմամբ` դաշնակցու-թիւնն «իր մէկ ձեռքով ազգային իշխանութիւնները կ’ահաբեկէր, միւս ձեռքով լաւկարենալ կողոպտելու համար Աղթամարն ու Վանը»։ Հասոյթը պէտք էյատկացուէր «դպրոցաշինութեանը»։ Աճուրդի են հանւում հարիւրաւոր եզներ, 155
ոչխարներ, արտեր, աշխատանքային գործիքներ (բահ, բրիչ, եւ այլն) եւ այնամէնը, ինչ արդէն ունէր։ Միայն անասունների արժէքը կազմում էր 400-500 ոսկի։Կոհակ պարբերականի հաւաստմամբ` «...որոշում տուողներ եղած են Իշխանիբարեկամ այն ժողովականները` որք մէկ-մէկ փառաւոր անցեալ ունին, ինչպէսնաեւ Յովսէփ Խլղաթեան (Քաղաքական ժողովի քարտուղար, Աւետիս Յարու-թիւնեան)...»։ Արդիւնքում 1907 թ. վանքն ամբողջովին թալանուեց, զրկուեց ողջոսկուց եւ արծաթից։ Աղթամարի կաթողիկոսական տեղապահ Յովսէփ եպիսկոպոս Սարաջեա-նին յաջողւում է կողոպուտից փրկել 1 մեծ եւ 4 փոքր խաչեր, կոտրուած 2 սկիհիաւազան, 2 թագ, 9 ժամարարի գօտի, 2 քշոց, 2 բուրվառ եւ մանր-մունր արծաթեղէն։ Այդ ամէնը, ինչպէս նշում էին ժամանակակիցները, եւ որի մասին տեղեակէին թուրքերն ու քրդերը, կատարուել էր Իշխանի աչքի առաջ, ով 1904 թ. դարձելէր Գաւաշի շրջանի ՀՅԴ-ի ղեկավար։ Ըստ Ա. Եկարեանի դաշնակցականները Կարմրաւորի եւ Ս. Գրիգորի վան-քերն իրենց ազդեցութեան ներքոյ առնելուց յետոյ նպատակայարմար գտանտիրանալ նաեւ Աղթամարին։ Այդ մասին նրանք տեղեկացրին Արսէն վարդապե-տին եւ յայտնեցին, որ Աղթամարն «...իր կեդրոնական ապահով դիրքովը, շատյարմար էր իրենց գործունէութեան»։ Արսէն վարդապետը, կռահելով, որ դաշ-նակցականների նպատակը վանքի հարստութիւններին տիրանալն էր, հակա-ռակւում է նրանց մտադրութեանը, քանի որ այն պատճառ պիտի դառնարկառավարութիւնում վանքի հանդէպ կասկածամիտ վերաբերմունքի խորաց-մանը։ Արդիւնքում Իշխանի 12 հոգանոց խմբի ձեռքով խողխողւում է Աղթամարիկաթողիկոսական տեղապահ Արսէն վարդապետ Մարգարեանը եւ նրա քար-տուղար Միհրան Գէորգեանը, ով խուսափելով թուրքական կառավարութեանհետապնդումներից` ապաստանել էր Աղթամարում։ Կրկնակի ոճիրների պատճառը Աղթամարի վանքի հարստութիւններն էին։Իշխանը Աղթամարի կաթողիկոսի վեհարանն իր համար դարձրել էր ամառանոցեւ իր մօտ երկու անառակ կին էր պահում։ «Իշխանական» սպառնալիքներիպատճառով վանքի միաբանութիւնը չէր համարձակում որեւէ բողոք ներկա-յացնել եւ որեւէ ճիչ բարձրացնել։ Վահան Թէքէեանի հանրագրութեան մէջ նշւում էր, որ վերոյիշեալ արարք-ների հեղինակները արտասահմանից եկած յեղափոխական կուսակցութեանանդամներն էին։Աւետիս Յարութիւնեան, «Հոգեւոր-կրօնական յարաբերութիւնները Վանինահանգում եւ Աղթամարի վանքի կողոպտման խնդիրը», Էջմիածին, ամսագիր,Էջմիածին, Օգոստոս 2016, ՀԳ. տարի,, 2016, էջ 135-137 ------156
89.ՄԽԻԹԱՐ ԲԱՒՕԵԱՆ (ՄԽՕ) (սպանութիւն)Փետրուար 1908, Բուլանըխ գաւառի Կոփ գիւղՀանգամանք` ԴաւաճանԿազմակերպող` Հ. Յ. Դ. Կովկասեան Ահաբեկիչ Մարմին ՏԵՐՐՕՐ Հ. Յ. Դ. ԱՀԱԲԵԿԻՉ ՄԱՐՄԻՆ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կովկասեան Ահաբեկիչ Մարմնի վճռով ահաբեկումիենթարկւեց Օսմանեան Հայաստանի Բուլանըխ գաւառի Կոփ գիւղացի ՄխիթարԲաւօեան (Մխօ), իր կատարած մատնութիւնների, բռնաբարութիւնների եւ իրհամագիւղացիների վրայ գործ դրած անլուր կեղեքումների համար։ Երկրի եւ Կովկասի դաշնակցական մարմինների հաղորդած տեղեկութիւն-ներից, ինչպէս եւ կատարւած հարցաքննութիւններից երեւաց, որ ԲաւօեանՄխիթարը Կոփ. Գիւղում իր երկարամեայ գրագրութեան միջոցին կատարած է,իմիջի այլոց, հետեւեալները. 1) Նորածին երեխաների ծնունդը մատնել է կառավարութեան գլխահարկիենթարկելու համար նրանց։ Յղի կանանց արձանագրել տւած է, իբրեւ տղայ զա-ւակ բերողներ` նոյն նպատակով։ 2) Վաղուց մեռած մարդիկ իբրեւ ողջ յայտարարելով, նրանց տուրքը գանձելտւած է ազգականներից։ 3) Կոփ գիւղը ապաստանած բազմաթիւ ռշտունի պանտուխդները իբրեւ տե-ղացի արձանագրել տւած է, նրանցից տուրք առնելու համար։ Նրանց փախչելուցյետոյ, այդ արձանագրութեան զօրութեամբ, Կոփ գիւղը մինչեւ այսօր էլ վճարումէ նրանց տուրքը։ 4) Օլամը միշտ բեռցնում էր խեղճ եւ աղքատ գիւղացիների վրայ։ 1899-ին գիւ-ղացիներին ստիպեց ձրի փոխադրելու պետական ցորենը, եւ կառավարութիւնիցստացւած փոխադրագինը 15,000 ղրուշ ինքը գրպանը դրեց։ Երբ բողոքողներեղան, նրանց մատնեց իբրեւ սուլթանին հայհոյողների։ 5) Տուրքերի հաւաքման ժամանակ, չունեցողներին ստիպում էր փոխ առնելզինւորներից, մէկ մէճիտի փոխարէն մէկ քիլէ ցորեն սալաֆ տալու պայմանով։ 6) Գրագրութիւնից երբ պաշտօնանկ եղաւ, կառավարութեան պարտք դուրսելաւ մօտ 60,000 ղուրուշ, որը գանձւեց իր «երաշխաւորներից», որոնց կնիքներըկեղծած էր, նրանց տունն ու արտերը ծախու հանւելով։ 7) Հարկահանութեան միջոցին, Մխօն միանալով հարկահանների հետ, կա-տարում էր ամեն տեսակ լրբութիւն անպաշտպան կամ այրի կանանց 157
նկատմամբ։ 8) Յականէ-յանւանէ յայտնի են բռնաբարութեան ինը դէպքեր, կատարւածՄխօի ձեռքով, վկաներով հաստատւած։ 9) Մխօն հալածում էր յեղափոխական երիտասարդներին, հմուտ լինելովնրանց բռնելու ժողովի միջոցին։ 10) Նրա մատնութեամբ իբր յեղափոխական բանտարկւեցին չորս գիւղացիք,որոնցից երկուսը մեռան բանտում, միւս երկուսը 101 տարւան բանտարկութեանդատապարտութիւն են կրում այժմս։ Ահաբեկիչ մարմինը, հիմնաւոր եւ ապացուցւած գտնելով բոլոր ամբաստա-նութիւնները, որոնց գլխաւորները միայն առաջ բերւած են այստեղ – արձակեցմահւան դատավճիռ։ 14 ՓետրւարԴրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Մարտ 1908, XVIIIտարի, թիւ 3 (191), էջ 48 ------90.ՉՈՌՈՒ ՄԱՆՈՒԿ (սպանութիւն)22 Ապրիլ 1908Հանգամանք` ԴաւաճանՍպաննող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կովկասեան Ահաբեկիչ ՄարմինԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Չորրորդ Կ. Կօմիտէ ԱԶԴ Հ. Յ. Դ. ԿՈՎԿԱՍԵԱՆ ԱՀԱԲԵԿԻՉ ՄԱՐՄԻՆ Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերից Չոռու Մանուկ կոչւած անձը վաղուց իվերմոռանալով իր կոչումը դարձել էր մի հասարակ սրիկայ, որը եւ իր կատարածհակակազմակերպչական եւ հակակուսակցական ընթացքի եւ Դաշնակցութեանանունը շահագործելուն համար, ենթարկւած էր բազմաթիւ նկատողութիւններիեւ նախազգուշացման։ Իսկ վերջին ժամանակներում շանտաժի գործերում մաս-նակցելու եւ մանաւանդ շանտաժիստներին կուսակցական զէնք մատակարա-րելու համար, Հ. Յ. Դ. Չորրորդ Կ. Կօմիտէի որոշումով յանձնւեց ԿովկասեանԱհաբեկիչ Մարմնի դատին, որի կողմից եւ ենթարկւեց մահւան պատժին, որըգործադրւեց ապրիլի 22-ի երեկոյեան։ Սա մի աւելորդ խրատական փաստ թող լինի բոլոր նրանց, ովքեր կը158
յանդգնեն կազմակերպութեան անունը շահագործել։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Մայիս 1908, XVIIIտարի, թիւ 5 (193), էջ 80 ------91.ԴՀԵՐՑԻ ԴԱՒՕ (ԴԱՒԻԹ) (սպանութիւն)Ապրիլ-Մայիս 1908, ՎանՀանգամանք` ԴաւաճանԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն ՄԱՏՆԻՉ ԴԱՒՕՆ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ Վերջին թղթաբերով Վանէն եկած նամակներ կ’աւետեն սատակումը մատնիչԴհերցի Դաւօին, որ վիրաւորուելէն չորս օր յետոյ իր թունաւոր հոգին յանձներ էդժոխքի սատանաներուն։Լուսաբեր, եռօրեայ, Գահիրէ, 16 Մայիս 1908, Դ. տարի, թիւ 521, էջ 1 ՄԵԾ ԴԷՊՔԵՐԸ ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆՈՒՄ 1914-1915 ԹՒԱԿԱՆՆԵՐԻՆ Ա-ԴՕ Միմիայն հայ պաշտօնեաներին պաշտօնանկ անելով չը բաւականացաւտաճիկ կառավարութիւնը. այլեւ ցոյց տւեց իր վերաբերմունքը նոր պաշտօնեա-ներ նշանակելու գործում։ Կը բերենք մէկ օրինակ։ Վանի կուսակալ Թահսին բէյը, որը համարւում էրկրթւած եւ շատ դէպքերում արդարամիտ մարդ, ռուս-տաճկական պատերազմինախօրեակին նշանակւեց Էրզրումի կուսակալ, իսկ նրա տեղ նշանակւեց Բաշ-կալէի մութէսէրիֆ Ջէւդէտ բէյը, որը Էնվէր բէյի փեսան էր։ Ջէւդէտը նոր դէմք չէր,նա Վանի երբեմնի կուսակալ Թահար փաշայի որդին էր, մի սրիկա դէմք։ 1908 թւի սկզբում, սահմանադրութիւնից մի քանի ամիս առաջ, Դաշնակցու-թեան զինւորներից մէկը, անունը Դաւիթ, իր ընկերներից գժտւած, դիմեց միստոր միջոցի. կառավարութեանը մատնեց Դաշնակցութեան զէնքերի պահեստ-ները։ Այդ միջոցին, կուսակալ էր Վանում մի ստոր արարած – Ալի բէյը, որը 159
սահմանադրութիւնից յետոյ պաշտօնանկ եղաւ եւ Կովկասի վրայով Պօլիս գնա-լիս, Բաթումի մէջ ընկաւ վրիժառու մէկ հայի գնդակով։Ա-Դո, Մեծ դէպքերը Վասպուրականում 1914-1915 թւականներին, Երեւան, Տպա-րան Լոյս, 1917, էջ 76 ԵՂԾԱՆՈՒԱԾ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ԳԱԲՐԻԵԼ ՍԵՐՈԲ ՓԱՓԱԶԵԱՆ Դաւիթ Դհերցի կը հանդիսանար կարող եւ վստահելի անձ մը Վանի Դաշ-նակցութեան շարքերուն մէջ։ Ան կը վայելէր տեղական Կոմիտէի վստահութիւնըեւ գիտէր համայնքի բոլոր գաղտնիքները։ Վերադառնալով Վան, իր նշանածըծանրօրէն վարկաբեկուած կը գտնէ տեղւոյն դաշնակցական գլխաւոր առաջնորդԱրամի կողմէ։ Արամի հրամանով ան անմիջապէս կը զինաթափուի եւ կը բան-տարկուի, բայց կը յաջողի փախչիլ։ Կատղած վրէժխդրութեան գաղափարներով,ան ամէն ինչ կը մատնէ թուրք կառավարութեան, որուն հետեւանքով կը ձերբա-կալուին բազմաթիւ անձեր եւ կը բռնագրաւուին համայնքի բոլոր զէնքերը։ 1908-ի սկիզբները կը գնդակահարուի։K. S. Papazian, Patriotism Perverted, Boston, 1934, p. 69 ------92. ԳՐԻԳՈՐԽԼԱԹՑԻ ԱՒԱԳ (ԱՌԻՒԾ), ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԵՒ ՄԱՒՐԱԿՑԻ(սպանութիւն)17 Մայիս 1908, ԿարսՀանգամանք` ԴաւաճաններՍպաննող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կովկասի Ահաբեկիչ ՄարմինԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողով ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ԱԶԴԵՐ Հ. Յ. Դ. ԿՈՎԿԱՍԻ ԱՀԱԲԵԿԻՉ ՄԱՐՄԻՆ Ընկերներ եւ քաղաքացիներ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովի ուշադրութիւնից վրի-160
պած չէին այն բազմատեսակ վրդովիչ կեղեքումները, որոնց ենթակայ էր եւ էտակաւին մասամբ` Կարսի շրջանի հայ գիւղացիութիւնը մի խումբ ինքնակոչ«յեղափոխականների» կողմից։ Դրանց շարքում գտնւում էին նաեւ մի քանի նախ-կին դաշնակցականներ, որոնք շարունակում էին մութ անկիւններում շահա-գործել կուսակցութեան անունը։ Իրերի այս արգահատելի կացութեան մի դարման տանելու նպատակով,Ընդհ. Ժողովը մասնաւորապէս յանձնարարեց Հ. Յ. Դ. Կովկասի Ահաբեկիչ Մար-մնին հարկաւոր միջոցները ձեռք առնել` մաքրելու Կարսի շրջանը այդ կեղեքիչ-ներից։ Ահաբեկիչ Մարմինս ի լրումն անցեալ 1907-ի գարնան եւ ամառւան մէջ ձեռքառած արտակարգ միջոցներին` որոնք մասամբ միայն կարող էին զգաստացնելայդ չարագործներին, վերջերս դիմեց աւելի կտրուկ միջոցի։ Գրաւոր կերպով պահանջ դրւեց այդ զեղծարարների պարագլուխներիցնշանաւորին` խլաթցի Աւագին (մականունով «Առիւծ») մինչեւ մայիս 20 հեռանալիր խմբով դէպի Բաթում այնտեղ սպասելով Քննիչ Ատեանի հրաւէրին։ Հակա-ռակ այն յօժարութեան որ Աւագը կանխաւ յայտնել էր թէ գրաւոր կերպով եւ թէիր մէկ ազգականի միջոցով ենթարկւելու կազմակերպութեան որոշումներին –նա ո՛չ միայն մերժում է ատեանի հրաւէրը, այլ եւ հրապարակաւ կազմակեր-պութեան հասցէին։ Ուստի Ահաբեկիչ Մարմինս նկատելով, Որ Խլաթցի Աւագը իր գլխին հաւաքելով անգործների մի խմբակ չարաչարկեղեքում է գիւղացիներին Հ. Յ. Դաշնակցութեան լիազօր խմբապետի անունով, Որ նա կատարել է բազմաթիւ բռնաբարութիւններ, Որ նա կատարել է կամ մեղսակից է եղել անմեղների սպանութեան, Որ նա իր ներկայութեամբ Կարսի շրջանում քաջալերում էհակայեղափոխական եւ աւազակային տարրերի զարգացումը, Որ նա, հակառակ մինչեւ հիմա իրեն նկատմամբ ցոյց տրւած ներողամտու-թեան, ոչ միայն չէ ուղղւել, այլ օրից օր եւս աւելի լրբացել ու անբարոյացել, եւ իրշահատակութիւնների անպատիժ մնալովը, Վնասել Հ. Յ. Դաշնակցութեան հմայքին, Ահաբեկիչ Մարմինը միաձայն որոշեց մահւան պատժի ենթարկել նրան։ Մայիսի 17-ին ահաբեկիչների խումբը գործադրում է վճիռը հրացանազարկանելով Աւագին եւ նրա երկու ընկերներին Համբարձումին եւ Մաւրակցի Գրիգո-րին, որոնք փորձում էին պաշտապնել նրան։ Յայտնելով այս բոլորը իլուր հասարակութեան, Ահաբեկիչ Մարմինս ներկա-յիս պահանջում եւ հրամայում է բոլոր նրա նմաններին, որոնք բոյն են դրելԿարսի շրջանում, անմիջապէս ձգել հեռանալ այդ շրջանից։ Հակառակ պարա-գային, այս առաջին ազդարարութիւնից յետոյ, նրանց անունները պիտի 161
հրատարակւին եւ նրանց նկատմամբ եւս ձեռք պիտի առնւին խստագոյն միջոց-ները։ Առիթից օգտւում ենք մի անգամ եւս յայտարարելու որ Դաշնակցութիւնը ոչմի խմբապետի իրաւունք տւած չէ Կարսի շրջանի գիւղերում նստելով դատվարելու, տուգանք ստանալու եւայլն։ Հրաւիրում ենք հասարակութեանը անխնայ հալածել եւ խփել բոլոր նոյնկարգի զեղծարարներին, որոնք գալիս են բռնի պահանջներ անելու, Դաշնակցու-թեան կամ յեղափոխութեան անունից։ Ժամանակ է վերջապէս որ հասարակութիւնը ինքն էլ կազմակերպւի իրսեփական ուժերով, պաշտպանելու իր գոյքն ու պատիւը ամեն տեսակ խաչա-գողների եւ դրամաշորթների դէմ. – որպէսզի Դաշնակցութեան ձեռք առածմիջոցներն էլ պսակւին վերջնական յաջողութեամբ, ունենան տեւուն հանգա-մանք, վերահաստատելով Կարսի շրջանում նախկին խաղաղութիւնը եւ բեղմ-նաւոր աշխատանքը։ 20 մայիսի 1908 թ.Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Յունիս 1908, XVIIIտարի, թիւ 6 (194), էջ 96 ------93.ՄԵՍՐՈՊ ՄԻՆԱՍԵԱՆ (սպանութիւն)3 Նոյեմբեր 1908, Չերնոմորեան Նահանգի Լօօ գիւղՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննողներ` Հ. Յ. Դաշնակցութեան ահաբեկիչներԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կովկասեան Ահաբեկիչ Մարմին ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ԱԶԴԵՐ Հ. Յ. ԴԱՇՆ. ԿՈՎԿ. ԱՀԱԲԵԿԻՉ ՄԱՐՄԻՆ Նոյեմբերի 3-ին Սօչիում Հ. Յ. Դաշնակցութեան ահաբեկիչների անվրէպգնդակից մահւան մատնւեր Լօօ գիւղացի յայտնի մատնիչ Մեսրոպ Մինասեանը։ Տերրօրիստները ազատ են։ Այս Մեսրոպը ծանօթ եւ վաղեմի մատնիչ է. նա առաջինը սկիզբ դրեց մատ-նութիւններին համեմատաբար մաքուր ճանաչւած այդ շրջանում` դեռ 1905-ինմատնելով դրացիներին զէնք պահելու մէջ։ Թւում էր, թէ նախազգուշացումը բաւական պիտի լինէր յետ կենալու զզւելի162
արհեստից, սակայն նա կազմակերպութեան առաջին քայլը թուլութեան նշանհամարելով, սկսաւ աջ ու ձախ մատնութիւններ անել, անմեղներին բանտարկելտալ, աքսորի ենթարկել ու կաշառքներ վերցնել` միացած խուլիգան ու մեքենայպաշտօնեաների հետ։ Իր զզւելի արհեստի մէջ անընդհատ յառաջադիմելով` ամբողջ Չերնօմօրեաննահանգում սարսափ տարածեց, գիւղական ժողովրդի առաջ այլասերման ճա-նապարհ բաց արեց, ճարպիկ գործակալ դառնալով սեւ րէակցիայի սեւ գործու-նէութեան։ Արդ, նա չքացաւ, որպէս մի զզւելի տիպ, մի աւելորդ անգամ եւս ապացու-ցանելով, որ մատնիչներին ու դաւաճաններին չկայ փրկութիւն յեղափոխականիարդար ու վրիժառու գնդակից եւ որ այդպիսիներն ուշ կամ կանուխ իրենց ար-ժանի պատիժը պիտի կրեն։ Ո՛չ րէակցիան, ոչ էլ աշխատաւոր ժողովրդի թշնամի մի իշխանութիւն կարողէ փրկել նրանց անդառնալի կորստից։ Թո՛ղ կորչեն մատնիչներն ու դաւաճանները։ Կեցցէ՛ աշխատաւոր դասի պաշտպան յեղափոխութիւնը։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր1908, XVIII տարի, թիւ 11-12 (198), էջ 174 163
ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔ 3ՄԱՀԱՓՈՐՁԵՐ ԵՒ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 51. Տաճատ վարդապետ եւ Անաստաս (սպանութիւն) 52. Սուքիաս քահանայ (մահափորձ) եւ Խաչիկ Պետրոսեան (սպանութիւն) 53. Եագուպ Պալապանեան եւ Տիգրան Ամիրճանեան (սպանութիւն) 94. Արսէն Թոխմախեան (սպանութիւն) 105. Խաչատուր Կերեկցեան (սպանութիւն) 116. Սարկաւագ եւ ուրիշներ (սպանութիւն) 127. Հաճի Կարապետ (սպանութիւն) 128. Աշըգեան պատրիարք (մահափորձ) 149. Մաքսուտ Սիմօն պէյ (մահափորձ) 1710. Խաչիկ Բախալեան (սպանութիւն) 2411. Արտաշէս (սպանութիւն) 2812. Հաճի Տիգրան (մահափորձ) 3113. Մկրտիչ Թիւթիւնճիէֆ (սպանութիւն) 3414. Կարապետ Ոսկերիչեան (սպանութիւն) 3915. Սարգիս Քիրէմիտճեան (սպանութիւն) 4116. Մամբրէ Պէնլեան (սպանութիւն) 4217. Համբարձում Ուղուրլեան (սպանութիւն) 4618. Յակոբ Արապեան (մահափորձ) 4719. Սենեքերիմ Ուղուրլեան (սպանութիւն) 4720. Յովհաննէս աղա Տէր Պօղոսեան (սպանութիւն) 4821. Սօսունի (մահափորձ) 4922. Յարութիւն Տէր-Սարգսեան (սպանութիւն) 5023. Տ. Բարսեղ (սպանութիւն) 5024. Արփիար Արփիարեան (մահափորձ) 5125. Տիգրան Գարակէօզեան (սպանութիւն) 5326. Պօղոս եպիսկոպոս (սպանութիւն) 5827. Կարապետ Նալբանդեան (սպանութիւն) 5928. Սեդրաք Յակոբ Աշըգպաշեան (սպանութիւն) 6029. Մարգար (հա՞յ թէ ասորի) (սպանութիւն) 6130. Յովհաննէս (սպանութիւն) 6231. Մկրտիչ (մահափորձ) 63 165
32. Կարապետ Աճէմեան (սպանութիւն) 6533. Կոմիտաս քահանայ (սպանութիւն) 6534. Գէորգ Պագգալեան, Մուրատ էֆ. եւ Խաչօ (սպանութիւն եւ մահափորձ) 6635. Պօղոս Կոշտեանց (սպանութիւն) 6636. Ռէս Բարսեղ (սպանութիւն) 6737. Ստեփան եւ Խուս Առաքել (սպանութիւն) 6738. Կարապետ վարդապետ Եսայեան (սպանութիւն) 6839. Տիգրան Յարութիւնեան (սպանութիւն) 6840. Գեղաշէնցի Աւէ, Շէնըքցի Կարապետ Առքօյեան եւ ուրիշներ (սպանութիւն) 6941. Սօղօ Մելքօն Քէօսէեան (սպանութիւն) 7042. Մելքօն Քէօսեան (սպանութիւն) 7043. Գարեգին Տէր-Մանիկեան (սպանութիւն) 7144. Խարըսըղ Կարապետ եւ Պօյաճի Գալուստ (սպանութիւն) 7145. Մատթէոս Պալէօզեան, Մաքսուտ Ասլանեան եւ Գարեգին (սպանութիւն) 7246. Իսահակ Ժամհարեան (սպանութիւն) 7347. Թարխանեան (սպանութիւն) 7748. Յարութիւն Ադամեան եւ Ջանփօլադեան (սպանութիւն) 7749. Մաղաքիա արքեպիսկոպոս Օրմանեան (մահափորձ) 7850. Խաչիկ Սէմէրճեան (սպանութիւն) 8451. Արփիար Արփիարեան (մահափորձ) 8452. Մխօ Շահէն (սպանութիւն) 8853. Դարմօ (սպանութիւն) 10454. Ներկարար Ծատուր եւ Խայըրսըզ Կարապետ (սպանութիւն) 10455. Գարեգին Չիթճեան (սպանութիւն) 10556. Ստեփան Սապահ-Գիւլեան (մահափորձ) 11057. Ռէս Սհակ (սպանութիւն) 11458. Աւագ (սպանութիւն) 11559. Աւետիս Նազարբէկեան (մահափորձ) 11560. Սագունի (Սաղաթէլ Գէորգեան) (սպանութիւն) 11661. Ռէս Գրիգոր (սպանութիւն) 11962. Համր (Արամ Գրիգորեան) եւ Որսորդ (Տիգրան Իզմիրեան) (սպանութիւն) 12063. Տիգրան Գէորգեան (սպանութիւն) 12164. Կարապետ Մարտիրոսեան (սպանութիւն) 12265. Կիրակոս Պետրոսեան (սպանութիւն) 12266. Մ. Աբրահամեանց (սպանութիւն) 123166
67. Պօղոս եւ Վահան Դակօեան (սպանութիւն) 12468. Արգօ (սպանութիւն) 12469. Իրիցու Յակոբ (սպանութիւն) 12570. Կիրակոս, Կօստ եւ վերջինին ընկերը (սպանութիւն) 12571. Խաչատուր Կախեան (սպանութիւն) 12672. Կարապետ Մարտիրոսեան (սպանութիւն) 12673. Արշակ (սպանութիւն) եւ Հայրապետ (մահափորձ) 12774. Միւքօ, Փօլիս Մխիթար եւ Փօլիս Մուրադ էֆէնտի (սպանութիւն) 12875. Տէր-Սահակով (սպանութիւն) 12876. Աբիկ Ունճեան (սպանութիւն) 13077. Թաթվանցի Բղդօ եւ Ջրհօրցի Գրիգոր (սպանութիւն) 13378. Մելիք Յակոբ Քանքանեան (սպանութիւն) 13379. Յակոբ Գրիգորեան (սպանութիւն) 13480. Սմբատ Սեւոսեան (սպանութիւն) 13481. Գէորգ Չաւուշ (սպանութիւն) 13582. Միհրան, Կոփեցի Խէչօ եւ Վարդապետեան (սպանութիւն) 13983. Առստամ Զէտկանց, Աբրահամ, Միքայէլ Ղազարեան եւ Ասլանիկ(սպանութիւն) 14084. Յովհաննէս Թաւշանճեան (սպանութիւն) 14185. Յակոբ Չէրչեան (սպանութիւն) 15086. Վարդօ (սպանութիւն) 15187. Արփիար Արփիարեան (սպանութիւն) 15188. Միհրան Գէորգեան եւ Արսէն վարդապետ Մարգարեան (սպանութիւն) 15489. Մխիթար Բաւօեան (Մխօ) (սպանութիւն) 15790. Չոռու Մանուկ (սպանութիւն) 15891. Դհերցի Դաւօ (Դաւիթ) (սպանութիւն) 15992. Խլաթցի Աւագ (Առիւծ), Համբարձում եւ Մաւրակցի Գրիգոր(սպանութիւն) 16093. Մեսրոպ Մինասեան (սպանութիւն) 162 167
ՅԱՒԵԼՈՒԱԾՆԵՐ ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ 2016Յաւելուած Ա.Չորս հարցազրոյց Հրանդ Տինքի հետՅաւելուած Բ.Հայր Լեւոն Զէքիեան, Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակ` յիշողութիւն եւմարտահրաւէր (դասախօսութիւն)Յաւելուած Գ.Թէոդիկի նամակները Արարատ Քրիսեանին, խմբագիր` Հ. ԱւագեանՅաւելուած Դ.Հայկ Աւագեան, Փարիզի Քոմիւնը, Կայսրութիւնը եւ հայոց ցեղասպա-նութիւնը. մարքսիսթական-անարշիսթական ընթերցում մը 2017Յաւելուած Ե.Papasian & Co. երաժշտական ընկերութիւնը (ըստ ազդագիրներու եւյայտագիրներու), հաւաքեց` Հ. ԱւագեանՅաւելուած Զ.Աղեքսանդրիոյ հայկական երաժշտական կեանքի ուրուագիծ (ըստազդագիրներու եւ յայտագիրներու), հաւաքեց` Հ. ԱւագեանՅաւելուած Է.Խմբավար եւ երաժշտահան Հայկ Սարգիսեանի Եգիպտոսի շրջանիգործունէութեան ուրուագիծ (ըստ վաւերաթուղթերու եւ փաստագրու-թիւններու), հաւաքեց եւ պատրաստեց` Հայկ Աւագեան168
Յաւելուած Ը.Դաշնակահար եւ մանկավարժ Նուարդ Տամատեանի կեանքիուղեգրութիւնը (ըստ վաւերաթուղթերու եւ փաստագրութիւններու),հաւաքեց եւ պատրաստեց` Հայկ ԱւագեանՅաւելուած Թ.Ուրուագիծ Գոհար Գասպարեանի Եգիպտոսի շրջանի գործունէու-թեան (1940-1948), պատրաստեց` Հայկ ԱւագեանՅաւելուած Ժ.Տիրան Կարապետեան. յօդուածներ իր մասին, նկարներու ալպոմ,(ծննդեան 135-ամեակին առիթով), հաւաքեց` Հ. ԱւագեանՅաւելուած ԺԱ.Վանիա Էքսէրճեան. բազմերանգ աշխարհ մը համակ կենսունակու-թեամբ, պատրաստեց` Հայկ Աւագեան 2018Յաւելուած ԺԲ.Արփիար Արփիարեանի սպանութեան 110-ամեակին առիթովԱ.- Հայկ Աւագեան, Արփիար Արփիարեանի սպանութիւնըՅաւելուած ԺԳ.Արփիար Արփիարեանի սպանութեան 110-ամեակին առիթովԲ.- Արփիար Արփիարեանի լոնտոնեան թղթածրարը Գահիրէի մէջ,պատրաստեց` Հայկ ԱւագեանՅաւելուած ԺԴ.Արփիար Արփիարեանի սպանութեան 110-ամեակին առիթովԳ.- Մարդը ընդդէմ մարդու. մահափորձեր եւ սպանութիւններ հայկա-կան օրինակով (1890-1908), հաւաքեց` Հայկ Աւագեան 169
Search
Read the Text Version
- 1
- 2
- 3
- 4
- 5
- 6
- 7
- 8
- 9
- 10
- 11
- 12
- 13
- 14
- 15
- 16
- 17
- 18
- 19
- 20
- 21
- 22
- 23
- 24
- 25
- 26
- 27
- 28
- 29
- 30
- 31
- 32
- 33
- 34
- 35
- 36
- 37
- 38
- 39
- 40
- 41
- 42
- 43
- 44
- 45
- 46
- 47
- 48
- 49
- 50
- 51
- 52
- 53
- 54
- 55
- 56
- 57
- 58
- 59
- 60
- 61
- 62
- 63
- 64
- 65
- 66
- 67
- 68
- 69
- 70
- 71
- 72
- 73
- 74
- 75
- 76
- 77
- 78
- 79
- 80
- 81
- 82
- 83
- 84
- 85
- 86
- 87
- 88
- 89
- 90
- 91
- 92
- 93
- 94
- 95
- 96
- 97
- 98
- 99
- 100
- 101
- 102
- 103
- 104
- 105
- 106
- 107
- 108
- 109
- 110
- 111
- 112
- 113
- 114
- 115
- 116
- 117
- 118
- 119
- 120
- 121
- 122
- 123
- 124
- 125
- 126
- 127
- 128
- 129
- 130
- 131
- 132
- 133
- 134
- 135
- 136
- 137
- 138
- 139
- 140
- 141
- 142
- 143
- 144
- 145
- 146
- 147
- 148
- 149
- 150
- 151
- 152
- 153
- 154
- 155
- 156
- 157
- 158
- 159
- 160
- 161
- 162
- 163
- 164
- 165
- 166
- 167
- 168
- 169
- 170
- 171
- 172