Important Announcement
PubHTML5 Scheduled Server Maintenance on (GMT) Sunday, June 26th, 2:00 am - 8:00 am.
PubHTML5 site will be inoperative during the times indicated!

Home Explore Ջահակիր, Յաւելուած ԺԴ. - Tchahagir, Supplement No. 14

Ջահակիր, Յաւելուած ԺԴ. - Tchahagir, Supplement No. 14

Published by Haig Avakian, 2018-06-08 04:46:08

Description: Մարդը ընդդէմ մարդու
Հաւաքեց` Հայկ Աւագեան
Գահիրէ, 2018

Keywords: Armenian, Tchahagir,Ջահակիր

Search

Read the Text Version

կօլխանի (պահականոց) մօտ։ Դաւաճանը առաջները երկու անգամ տէրրօրիենթարկւած է, սակայն անաջող։ Ահաբեկիչները սրի հարւածներու տակ անշնչա-ցած թողին դաւաճանին։ Կատարեալ յաջողութիւն. ընդհանուր սարսափ, խու-զարկութիւն եւ ձերբակալութիւններ։ Ահաբեկիչները ազատ են։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 15 Նոյեմբեր 1895, թիւ19, էջ 2 ------21.ՍՕՍՈՒՆԻ (մահափորձ)4 Հոկտեմբեր 1895, ՇատախՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննողներ` Դաշնակցական տէրրօրիստներԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն ՏԷՐՐՕՐԻՍՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԱՏՆԻՉ ԵՒ ԴԱՒԱՃԱՆ ՍՕՍՈՒՆԻ ԶԱՐԿՈՒՄԸՇԱՏԱԽ Դաշնակցականները Շատախում զարկեցին Սեպտեմբերի 22-ին (հ. տ.) մատ-նիչ եւ դաւաճան ՍՕՍՈՒՆԻՆ, որը Կաճիտ գիւղիցն էր։ Տէրրօրիստները րէվօլ-վէրի 3 հարւած են տւած, մէկը թեւին եւ ոսկորը ջախջախւած է, միւսը կողին, իսկերրորդը ուսին։ Մատնիչը դեռ չէ մեռել, բայց շուտով կերթայ միւս աշխարհը։Սօսունը երեք տարի էր` վառում էր շատախցիներին։ Դեռ մինչեւ այս ժամուսՍօսունի մատնութեան զոհ գնացած տասնեակ շատախցի կտրիճներ թէ Վանիեւ թէ Շատախի բանտերում շղթաների տակ հառաչում են, մանաւանդ քաջ կա-ճիտցիների նամուսը ոտնակոխ էր արած այդ լիրբ ազգադաւը եւ ահա հասնումէ նրա գլխին յեղափոխականի, շատախցի կտրճի դատաստանը` գնդակը։Ձերբակալւած են 2 քիւրդ եւ 1 հայ։ Տէրրօրիստները ազատ են։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխակ. Դաշնակցութեան օրգան, 15 Նոյեմբեր 1895, թիւ 19,էջ 2 ------ 49

22.ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՏԷՐ-ՍԱՐԳՍԵԱՆ (սպանութիւն)5 Հոկտեմբեր 1895, ԿարինՀանգամանք` ԴաւաճանԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Վանի Կեդրոնական ԿօմիտէԿԱՐԻՆ Հոկտեմբեր 5-ին (ն. տ.) երեկոյեան ժամը 6-7-ին Կարնոյ բազմամարդփողոցներից մէկում` Կանա Ճամբայ կոչուող ճանապարհի վրայ Հայ Յեղ. Դաշ-նակցութեան դաշոյնը վարձատրեց յայտնի մատնիչ փաստաբան ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՏԷՐ-ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ։ Ձերբակալւած եւ բանտարկւած են անմեղ հայեր։ Այս դէպքին, ցաւօք սրտիկաւելացնենք, զոհւեց կարնեցի վաճառական Սիմէօն Պետոյեան, բոլորովին ան-մեղ, օգնութեան գալով Տէր-Սարգսեանին, փռւում է սորա կողքին։ Մանրամաս-նութիւնք յետոյ։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 1 Նոյեմբեր 1895, թիւ 17-18, էջ 16 ------23.Տ. ԲԱՐՍԵՂ (սպանութիւն)6 Հոկտեմբեր 1895, ՄուշՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննողներ` Հնչակեան երեք թէռօրներԿազմակերպող` Հնչակեան Մասնախումբ ՏԷՌՕՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄՈՒՇՈՒՄ ՀՐԱՏ Մուշ, 27 սեպտեմբեր 95 Ամսիս 24-ին [հ. տ.] տեղւոյս Հնչակեան Մասնախմբի անդամոց տրուածվճռագրոյն համաձայն` երեք թէռօրներու ձեռամբ սպանութեան յաջող փորձ մըկատարուեցաւ մշեցի յայտնի մատնիչ Տ. Բարսեղի վրայ, որ ինչպէս յայտնի է իրչարաշահութեան համար քանիցս դատապարտուած եւ ատեններս Պատրիար-քարանէն ալ նոյնի նկատմամբ անօրինութիւններ էին եղած։ Յայտնի մատնիչը ճամբու վրայ բռնուելով 3 գնդակով կը մահանայ, զորս50

կընդունէ բերնին, քնքոսկրին եւ վզին վրայէն, եւ դիակը կառավարութեան կողմէթէեւ եկեղեցւոյ դուռը կը նետուի, բայց հայեր բնաւ չեն մօտենար եւ նորէն կառա-վարութեան ձեռամբ քահանայի մը կուտան թաղել որ միայն մի Հայր մեր ըսելնխոստովանած է։ Այս դէպքին առթիւ ցայժմ բանտարկուած են չորս անմեղներ,Մոկունք գեղի գեղապետն եւ թաղականներէ մին, իբր յանցաւորներ իրենց գեղիմօտ լինելուն դէպքին, իսկ Մշէն 2 վաճառական, Անթամեան Միսաք եւ պիթլիսցիԲօզօեան Մուրատ աղաներ, որք կամբաստանուին թէ առաջուց վէճ ունեցած ենյիշեալ մատնիչի հետ. բայց կը յուսացուի որ ճանչցուելով իրենց անպարտու-թիւնը, վերջիվերջոյ ազատուին, թերեւս շատ մը նեղութիւն կրելէ վերջ։Հնչակ, Կենտրօնական Օրգան Հնչակեան Կուսակցութեան, 20 Նոյեմբեր 1895,ութերորդ տարի, թիւ 21, էջ 174 ------24.ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ (մահափորձ)25 Դեկտեմբերի 1895 / 6 Յունուար 1896, Կ. ՊոլիսՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննողներ` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Սեւ-Սար ենթակօմիտէի ահաբեկիչներԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կ. Պօլսոյ Կեդրօնական Կօմիտէ Կ. ՊՕԼՍԻ ԴԱՇՆԱԿ. ԿԵԴՐ. ԿՕՄԻՏԷԻ ՎՃԻՌԸ Կ. Պօլսի Կեդրօնական Կօմիտէն [1895] նոյեմբեր 13-ին [հ. տ.] հետեւեալպաշտօնագիրն ուղղած էր տեղական երեք խմբագրութիւններուն – Արեւելքի,Հայրենիքի եւ Ճէրիտէի շարգիէի։ «Կեդրօնական Կօմիտէն իր երէկի նստին մէջ զբաղելով ազգի սոյն տագնա-պալի վայրկեանին մայրաքաղաքիս հայ լրագրութեան ազգակործան ընթացքինքննութեամբ եւ «Նկատելով որ... լրագիրը մամուլի բարձր կոչումին չծառայելէ զատ, կառա-վարութեան ձեռքը անարգ գործիք դարձած իր գոյութեամբ վնասակար կ’ըլլայհայկական դատին, «Նկատելով որ... լրագիրը, առանց իր կարծիքը յայտնելու, սուլթանականբոլորովին ստայօդ պաշտօնական զեկուցումներն ու թելադրուած յօդուածներըհրատարակելով կը մոլորեցնէ ու կը խաբէ արիւնոտ հայ ժողովուրդը ու կընպաստէ հայկական դատի խեղդուելուն, «Նկատելով որ... լրագրին գոյութիւնը արատ մըն է հայութեան ու իր ընթացքըդաւաճանութիւն է` 51

Որոշեց. ա. Վաղուընէ սկսեալ անպայման դադարման դատապարտել... լրագիրը։ բ. Մահով պատժել այն տնօրէններն ու խմբագիրներն, որոնք համարձակինմեր որոշումին հակառակիլ կամ կառավարութեան յանձնելով սոյն պաշտօնա-գիրը` անոր օգնութեան դիմել։ N. B. Պաշտօնագիրը կարդալէ վերջ` ղրկել հետեւեալ հասցէին` L. Roole 15, Augustus Rd. Hammersmith, W. London։ Հայրենիքի խմբագրապետ Ա. Արփիարեան սոյն որոշումին չհամակերպելէզատ – մինչդեռ միւս երկուքին խմբագիրներն հետեւեալ օրն իսկ դադարեցուցածէին թերթերուն հրատարակումը – նախ` ծաղրեց ու թշնամանեց այդ պաշտօնա-գիրը յղող յեղափոխական մարմինը. երկրորդ` յորդորեց միւս երկու խմբագրու-թիւնները հետեւիլ իր ընթացքին. երրորդ` վերոյիշեալ պաշտօնագիրը չխրկեցցոյց տրուած հասցէին, այլ հաղորդեց իսկոյն ոստիկանութեան։ Ուստի Կ. Պօլսի Կեդրօնական Կօմիտէն 23 նոյեմբերի 115-րդ նստին մէջ, Նկատելով որ Ա. Արփիարեան ջանադիր է արգելք ըլլալ Դաշնակցութեանկօմիտէի մը որոշումներուն. Նկատելով որ Ա. Արփիարեան խօսքով ու գործով թշնամացած է յեղափոխու-թիւնը յանձին Դաշնակցութեան Կ. Պօլսի Կեդրօնական Կօմիտէին. Նկատելով որ Ա. Արփիարեան եւ ոչ մէկ մեղմացուցիչ պարագայ մը ունենալէզատ, մէկէ աւելի ծանր յեղափոխական յանցանքներու մէջ ամբաստանուած էարդէն (Ա. Մատնիչի դեր կատարած է 1890-ի յեղափոխական գործիչներուննկատմամբ։ Բ. Սեպտեմբերի ծանօթ դէպքերու ատեն Նազըմի դրդմամբ փորձածէ եկեղեցիներն ապաստանող հայերը դուրս չելնելու յորդորել` ապստամբներցոյց տալու համար անոնք Եւրոպայի առջեւ. այդ մեղադրութիւնը կը ծանրանայայն յարակից պարագաներով, որ նոյնիմաստ հայերէն յայտարարութիւններձգուած են Բերայի եկեղեցիին բակը լրտեսներու յատուկ մերձաւոր սենեակէ մը։Գ. Պարագլուխ է եղած դաւադիրներու խմբակի մը որ ոստիկանութեան խորհըր-դով եւ աջակցութեամբ ծանօթ յեղափոխական գործիչներ աքսորելով կամ Եւրո-պա խրկելով` կը ջանայ ջլատել Պօլսի յեղափոխական ուժերը). Որոշեց անյապաղ իգործ դնել 13 նոյեմբերի պաշտօնագրին սպառնալիքը,մահուան պատժի ենթարկելով Ա. Արփիարեանի, եւ վճռին գործադրութիւնըյանձնեց ՍԵՒ-ՍԱՐ ենթակօմիտէի ահաբեկիչներուն։Յաւելուած Դրօշակի, 15 Նոյեմբեր 1899, էջ 28-29 ------52

25.ՏԻԳՐԱՆ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ (սպանութիւն)Յունուար 1896, Կ. ՊոլիսՀանգամանք` ՄեծահարուստՍպաննող(ներ)` Հնչակեան տէռօրիստ(ներ)Կազմակերպող` Կ. Պոլսոյ Հնչակեան Մասնաճիւղ «ԱՍՏԾՈՒ ՄԱՏԸ»Կ. Պօլիս, 1 Մարտ 1896 Տիգրան Գարակէօզեանի մահէն ի վեր բաւական ժամանակ անցաւ, ուստիկրնամ կատարեալ պաղարիւնով հաղորդել ձեզի հանրային զգացումին տպաւո-րութիւնը այդ եղերական վախճանի մասին։ Պօլսոյ ամբողջ հայութիւնը, քանի մը «վսեմաշուքներէ ու ազնուաշուքներէ»զատ, կարծես սփոփանք զգաց Գարակէօզեանի դէմ ուղղուած հարուածէն։ Ժող-վուրդը իր պարզ բնազդովը մեկնեց այդ սպանութեան պատճառները, եւ միաձայ-նութեամբ արդարացուց զայն։ Հայ ժողովրդին այս զգացումը բացատրելու համար պէտք է յիշեցնել այնպատճառները որոնցմէ մղուած քառորդ դարէ մը ի վեր միայն արհամարականզգացում կը տածէր այն ընտանիքին համար, որուն ոսկիները ոչ թէ հազարներով,բիւրներով կը հաշուուի, այլ հարիւր հազարներով։ * ** Գրեթէ քառորդ դար մը առաջ մեռաւ Գարակէօզեաններու Կարապետ անունմէկ եղբայրը որ խելացի եւ ազգասէր երիտասարդ մըն էր։ Ասիկայ իր հանգուց-եալ եղբօրը, Բիւզանդին, իրենց թողած ժառանգութենէն օգտուիլ չուզելով, կար-գադրութիւն մը ըրած էր որով ազգին կը կտակուէր 40,000 ոսկի հիմնարկելուհամար առեւտրական վարժարան մը։ Կարապետ Գարակէօզեանի մահէն ետքըիր ընտանիքին եւ Պատրիարքարանին միջեւ թղթակցութիւններու փոխանակու-թեամբ հաստատուեցաւ այդ կտակը։ Ազգային ժողովը հանդիսաւոր կերպովշնորհակալութեան քուէ տուաւ Գարակէօզեան ընտանիքին եւ Ներսէս Պատրի-արքին բերնով օրհնուեցաւ հանգուցեալներու յիշատակը։ Այդ օրէն ի վեր Պատրիարքներ, Ազգային վարչութիւններ, Կտակաց հո-գաբարձութիւններ իրարու յաջորդեցին, եւ սակայն ո՞ւր է Գարակէօզեան վար-ժարանը։ Զուր տեղը հայ մամուլը բողոքի ձայներ բարձրացուց անդադար։Գարակէօզեանները իրենց Տիգրան եղբօր առաջնորդութեամբ սնտուկներնունմէջ պահեցին ազգին նուիրուած դրամը։ Լսուած բողոքները լռեցնելու, եղածձեռնարկները չեզոքացնելու համար ամէն միջոց գործադրեցին։ Աղէկ գիտէին թէ 53

ազգը չէր կրնար դատ բանալ իրենց դէմ, վասն զի քանի մը հազար ոսկի ծախսկըլլար «շէրի»-ի դատարանին առջեւ։ Գարակէօզեանները կարող էին 40,000ոսկին չը տալու համար երկու երեք հազար ոսկի ծախսել։ Այս ուղղութեամբ էր որ 1886-ին Նուրեան երբ ատենապետ էր ՔաղաքականԺողովին, առաջարկեց որ Գարակէօզեաններէն 3,000 ոսկի «իբր նուէր» առնելովՊատրիարքարանը անոնց վերադարձնէ բոլոր այն թղթակցութիւնները որոնքփոխանակուած էին կտակին առթիւ։ Այս ամօթալի առաջարկը մերժուեցաւբացարձակապէս։ Այդ 40,000 ոսկիի գումարը տոկոսին բարդումովը այսօր ի՜նչ թիւ կրնարներկայացնել։ Բայց ազգին դրամ պէտք չէ, այլ մարդ. քսանհինգ տարուան մէջքանի՜ հարիւրաւոր պատանիներ այդ վարժարանին շնորհիւ իրենց դիրք մըստեղծած պիտի ըլլային։ Տիգրան Գարակէօզեան իր ահագին հարստութեամբըչը բաւականանալով աչքը տնկեց աղքատին դրամին վրայ, ազգին աղքատիկտղաքները զրկեց իրենց իրաւունքէն։ Ու երբ գիշեր մը շշնկոցը տարածուեցաւ թէՏիգրան Գարակէօզեան վիրաւորուած է, ժողովուրդը միաձայնութեամբ վճռեցթէ «Արդարութիւնն էր որ Հնչակեան դաշունով մը լուծեց զրկուած խեղճ տղաք-ներուն վրէժը։» * ** Տիգրան Գարակէօզեանի քարացած սիրտը պիտի մոլորեցնէր զինքը ճամբումը մէջ որուն ելքը պիտի յանգէր եղերական անցքի մը միայն։ Անցած ամրան վերջերն էր. Հնչակեան Կուսակցութիւնը կը պատրաստուէրհայ ազգին նկատմամբ եւրոպական քաղաքականութիւնը պարզելու վճռականմիջոցներ տնօրինելու։ Անոնք որ քանի օր վերջը իրենց մարմինները Համիտիսուիններուն առջեւ պիտի նետէին, անոնք դիմեցին հայ դրամատէրներու եւխնդրեցին որ իրենք ալ ոչ թէ կեանքերնին, այլ իրենց ստակէն բան մը տանազգային դատին համար։ Այս դիմումը ընդհանուր ընդունելութիւն գտաւ, ոմանցկողմէն սիրալիր, ուրիշներէն տրտնջալիր։ Շաբաթ օր մըն էր. Տիգրան Գարա-կէօզեանի սենեակը գացին անձնաւորութիւններ որոնք դեռ քանի մը շաբաթառաջ զերծուած էին շղթաներէ ու քանի մը օր վերջը գուցէ նորէն պիտի պրկուէինշղթաներով եթէ չիյնային սուիններուն ներքեւ։ - Օ՜հ, այս ի՜նչ մեծ պատիւ է որ ինծի կ’ընէք, գոչեց Տիգրան Գարակէօզեան,երբ իր գրասենեակին մէջ տեսաւ այդ կենդանի նահատակները։ Շնորհակալ եմոր իս ալ ազգասէր ճանչցաք եւ չմոռցաք իս։ Ա՜հ, ազգը շատ սխալ կարծիք ունիվրաս. ա՜խ, ա՜խ, դուք ինծի մխիթարեցիք վրաս ունեցած համարումովնիդ։ Բայցխնդրեմ հաճեցէք երեքշաբթի անցնելու նեղութիւնը յանձն առնել որպէս զիեղբայրս ալ հոս ըլլայ։ Երեքշաբթի եղբայրը հիւանդ էր, ուստի հինգշաբթի օրուան այցելութիւն մը54

խնդրեց. հինգշաբթի ալ ինքն յանկարծ հիւանդացած էր։ Ու օրերը իրարույաջորդեցին, հասաւ սեպտեմբեր 18. Գարակէօզեան Տիգրան այդ օրը երկուձեռքերը իրարու շփեց. դիակներու մէջ էին թերեւս իրեն դիմողներն ալ։ * ** Զէյթուն ձայն կարձակէր. օգնութիւն կը խնդրէր, Հնչակեան Կուսակցութիւնըծանր պարտականութիւններու ներքեւ էր. դարձեալ դիմումներ անոնց որոնքառաջին հանգանակութեան չէին մասնակցած. յիշուեցաւ Գարակէօզեանի խան-դավառ խոստումները, որոնց գործադրութիւնը խնդրուեցաւ. կմկմաց. դի-մողները այս վարանումի մասին մինչ ապշած էին, ահա լսուեցաւ դէպք մը։Վաճառական Մ...եան խոստացած էր 150 ոսկի տալ. յանկարծ միտքը կը փոխէ,ինչո՞ւ։ Վասն զի Տիգրան Գարակէօզեան անոր ձեռքէն բռնած եւ ըսած է. «մի՛տար. ինէ ալ ուզեցին, խաբեցի խաբխբեցի, խոստացայ, չի տուի. ի՞նչ եղաւ. հիմադուն տալովդ գէշ օրինակ պիտի ըլլաս։» Նուիրատուն կը վախնայ Գարակէօզ-եանէն եւ կ’անսայ խօսքին։ Այս յաջողութիւնէն քաջալերուած Տիգրան Գարա-կէօզեան կը քարոզէր ամէն տեղ «գէշ օրինակ չըլլալ։» Ազգին այդ մեծ ճգնաժամինայդ թշուառականը կը ջանար թեւակտուր ընել ազգային խանդավառութեանթռիչը, որպէս զի ինքն ալ քանի մը հարիւր ոսկի տալու պարտքէն ազատի։ Այսանգամ դարձեալ զրկանք կ’ընէր ազգին ուրիշին դրամովը։ Ինքն ալ պէտք էր «գէշօրինակ» չըլլար։ Գարակէօզեանի եղբայրասպան միջամտութիւնը եթէ մնարանպատիժ, քանինե՜ր ու քանինե՜ր պիտի կորսուէին։ Հազարին տեղ մէկը պէտքէր կորսուէր, այս էր արդարութեան գերագոյն պահանջումը։ * ** Եւ երբ անդին Հայաստանի մէջ սովը սպառնական է, Մատթէոս պատրիարքկը դիմէ ամէն ունեւորի պատառ մը հաց ճարելու համար տառապեալ հայուն,Տիգրան Գարակէօզեան միլիօնատէրը, ազգին դրամներուն այդ յափշտակիչը,միայն հարիւր ոսկի կը ղրկէ իբր պատասխան պատրիարքին կողմէն եղած թա-խանձագին հրաւէրին, մինչդեռ շատ համեստ կարողութեան տէր անձեր շատաւելին յօժարակամ տուած են։ Այդ անսիրտ կծծին եթէ չէր ուզեր քանի մը ոսկիտալ Զէյթունի համար, չէ՞ր կարող քիչ մը աւելի շնորհքով գումար մը պատրիար-քին տրամադրութեան ներքեւ դնել ու զայն ըսել իրեն դիմողներուն։ Բայց այնատենն ալ Տիգրան Գարակէօզեան եղած չէր ըլլար։ * ** Ազգին աղքատիկ տղաքը իրենց իրաւունքէն զրկողը, Զէյթունի հերոսներըառանց վառօդի, առանց հացի պահելու համար տարածում ընողը, Հայաստանիսովեալներուն համար անկարեկիրը, երբ հաշիւ կուտայ արդարադատ դաշունի 55

մը, ժողովրդային զգացումն որ է անոր դագաղին շուրջը սարսափահար կը գոչէիր ասացուածը. - «Աստծու մատը կայ։»Հնչակ, Կենտրօնական Օրգան Հնչակեան Կուսակցութեան, 21 Մարտ 1896,իններորդ տարի, թիւ 6, էջ 44-46 ՎԱՂԵՄԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ Մինչ այս մինչ այդ, [1895] դեկտեմբերին վերջին օրերը Դաշնակցական Կու-սակցութիւնը զիս սպաննել փորձեց։ Վիրաւորուած, տունը կը դարմանուէի, երբիրիկուն մը ժամը 10-ին (ըստ թրքաց), Հայրենիքի խմբագիր սիրելի մէկ բարե-կամս [իմա` Երուանդ Օտեան, Հ.Ա.], որ հիմակ Աղեքսանդրիա կը գտնուի, բնա-կարանս եկաւ, եւ զիս առանձինն տեսնելով, ըսաւ թէ` - Հիմակ Վահէն տեսայ (Արզուեանը). աս իրիկուն Տիգրան Գարակէօզեանըպիտի զարնեն։ - Ի՜նչ կ’ընեն, խե՛նդ են ի՜նչ են, աղաղակեցի, որմէ՞ն արտօնուեցան ասանկբան մը ընելու։ Կ’աղաչեմ, շուտ գնա՛ գտիր Վահէն եւ իմ կողմէս խստիւ ըսէ որչըլլայ թէ ատանկ բան մը ընեն։ Անիկայ գնաց ու ես սրտատրոփ կը սպասէի, երբ մութը աղէկ մը կոխած,ժամը 1-1½ կար, դուռը զարկին եւ Արտեան Հովիւեանը ներս մտաւ այլարածդէմքով, ու առանց բարեւ մը տալու, - Գարակէօզ Տիգրանը զարկին, ըսաւ. - Ա՜խ, աս ի՞նչ էր ըրին. ազգին ալ, Կուսակցութեան ալ մեծ հարուած, աղա-ղակեցի։ Յետոյ Արտեան Հովիւեան Բարիզ կը պատմէր այդ րոպէին իմ գրեթէ խելա-գարումս, եւ երկու ձեռքերս ուժգին գլխուս զարնելս այս աղէտին ի լուր. - Մեռա՞ւ, հարցուցի. - Ո՛չ։ Քիչ մը հանգստացայ։ Յաջորդ օրը [Հնչակեան] Գործադիր մարմնին անդամներէն ոմանք եկան զիսգտան։ Շա՛տ ծանր խօսեցայ. բայց եղածը եղած էր, ու եղելութիւնը հետեւեալկերպով պատմեցին։ Ղալաթիա վաճառական մը` Մ...եան, որմէն 200 ոսկի պահանջուեր է,խոստացած է եղեր այդ օրերը վճարել, բայց երբ գանձումին համար Հնչակեանմը ներկայացած է, տրուած պատասխանը մերժողական եղած է։ Ու ետքէն ստոյգաղբիւրէ իմացեր են որ Գարակէօզեան Տիգրանը արգելք եղած է խոստումին56

կատարմանը. - Ատ չափզըններուն բան մը չտուի վռնտեցի, ըսեր է Մ...ին, ինչ կրցան ընելոր, դուն ալ մի տար. ի՞նչ կրնան ընել որ։ Այս տեղեկութիւնը մեր կրակոտ երիտասարդներուն գլուխը բռնկցուցած է։Մէկ կողմէն` Զէյթունին ապստամբութիւնը եւ դրամի անհրաժեշտ պէտքը, միւսկողմէն` Գարակէօզեանին յարուցած արգելքը։ Ինք չտուա՛ւ թող չտար, ուրիշներալ չը տուին, ո՞վ բան մը ըսաւ, բայց արգե՛լք ըլլալ, բայց նախատե՞լ, բայց կու-սակցութեան վարկը մէկ փարայի ընելու աշխատիլ այն պահուն երբ անդինԶէյթունը կրակի մէջ է։ Ուստի ժողովք մը ընելով որոշեր են Տիգրան Գարակէօզըսրունքէն վիրաւորել միայն վախցնելու համար։ Խնդալս չկրցի զսպել երբ այդորոշումնին իմացայ, իբր թէ կարելի ըլլայ մէկուն ըսել` «բարեկա՛մ, կեցիր քեզիուզած տեղէս անվնաս մը վիրաւորել կ’ուզեմ»։ Ու ինծի ալ բան մը չեն հաղորդած,գիտնալով որ անպատճառ արգելք պիտի յարուցանեմ։ Ասկէ զատ` վիրաւորվիճակիս մէջ, վտանգաւոր համարած էին զիս խռովել, յոգնեցնել։ Ահա այս է սպանման պատմութիւնը։Լուսաբեր, եռօրեայ, Գահիրէ, 12 Հոկտեմբեր 1907, Գ. տարի, թիւ 431, էջ 1 ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ ՏԱՐԻ ՊՈԼՍԷՆ ԴՈՒՐՍ 1896-1908 ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ Այս միջոցին [իմա` Արփիար Արփիարեանի մահափորձէն եւ ապաքինումէնետք, Հ. Ա.], իրիկուն մը, Ղալաթիա, թիւնէլ մտած միջոցիս հանդիպեցայ ՎահէԱրզուեանի [Հնչակեան գործիչ, Հ. Ա.] որ մէկէն ի մէկ ըսաւ. - Այս իրիկուն հարուստներու դէմ ցոյց մը պիտի ընենք... - Ի՞նչ ցոյց։ - Տիգրան Գարակէօզեանը տէռօրի պիտի ենթարկուի։ - Արփիարը գիտէ՞, հարցուցի։ - Չէ՛, հիմա իրեն պիտի երթայի իմաց տալու, պատասխանեց Վահէ, բայցքանի որ քեզ տեսայ ա՛լ ես չեմ ուզեր երթալ, որովհետեւ ուրիշ կարեւոր գործերունիմ, դուն գնա՛ իրեն իմացուր եւ ըսէ՛ թէ ամէն բան պատրաստ է գործողու-թիւնը կատարելու համար... տես ի՞նչ կ’ըսէ։ - Բայց եթէ ընդդիմանա՞յ։ - Անմիջապէս եկուր ինծի իմաց տուր, Եանիի գարեջրատունը քեզի կը սպա-սեմ։ Հեւ ի հեւ վազեցի Արփիարեանի քով` որ այլեւս անկողինը թողած` բազմոցինանկիւնը կը բազմէր։ 57

Պատմեցի Վահէի ըսածները։ Արփիար չափազանց յուզուեցաւ ու խռովեցաւ, - Վազէ՛ իսկոյն զինքը տե՛ս եւ ըսէ՛ որ չըլլայ թէ այդպիսի բան մը ընեն... բա-ցարձակապէս կը հակառակիմ, թո՛ղ գիտցած ըլլան, շո՜ւտ գնա՛ զինքը գտիր... Վերադարձայ Եանիի գարեջրատունը, ուր արդարեւ Վահէ նստած էր։ Իրեն կրկնեցի Արփիարին խօսքերը։ Ժամացոյցը նայեցաւ եւ պատասխանեց. - Կարծեմ այլեւս ուշ մնացինք, գործողութիւնը կատարուած ըլլալու է...։ - Բայց Արփիար բացարձակապէս հակառակ է այդ մահափորձին, պնդեցի։ - Երթամ նայիմ, եթէ տակաւին ժամանակը չէ անցած ու կարելի է արգիլել`այն ատեն կը յետաձգենք գործողութիւնը, ըսաւ Վահէ ոտքի ելլելով։ Միասին դուրս ելանք եւ ինք բաժնուեցաւ ինէ Կալաթա-Սարայի դիմաց եւես մտայ Թօքաթլեանի սրճարանը, որ այդ թուականին գրեթէ մեր կեդրոնա-տեղին էր։ - Տիգրան Գարակէօզեանը զարկեր են...։ Առաջին անգամ այս լուրը լսեցի ներս մտնելով։ Ուշ մնացեր էինք...։ Ա՛լ չհամարձակեցայ Արփիարին քով վերադառնալ եւ հետեւեալ օր ուրիշ-ներէն իմացայ եղելութիւնը։ Տիգրան Գարակէօզեանի վէրքերը, առաջին անգամ թեթեւ կը կարծուէին,բայց խեղճը մէկ երկու օր ետքը մեռաւ։ Իր դէմ եղած գլխաւոր ամբաստանութիւնը այն էր թէ ինք յեղափոխութեան,կամ սուրբ գործին, ինչպէս կ’ըսէին, դրամ չվճարելէ զատ, վճարելու տրամադրու-թիւն ունեցող հարուստներուն ալ կը խրատէր եւ նոյն իսկ կը ստիպէր դրամչտալու։Ժամանակ, օրաթերթ, Կ. Պոլիս, 24 Օգոստոս / 6 Սեպտեմբեր 1912, Դ. տարի, թիւ1199, էջ 1 ------26.ՊՕՂՈՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ (սպանութիւն)1896, ՎանՀանգամանք` ԴաւաճանԿազմակերպող` Վանայ Հնչակեան Մասնաճիւղի Վարչութիւն ՏԷՌՕՐԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ Վանից մեզ տեղեկագրում են հետեւեալը.- «Վանայ Հնչակեան Մասնաճիւղի Վարչութեան որոշումով մահւան դատա-58

պարտուեցաւ եւ սպաննուեցաւ յայտնի ազգավնաս Պօղոս եպիսկոպոսը։»Հնչակ, Կենտրօնական Օրգան Հնչակեան Կուսակցութեան, 29 Փետրուար 1896,իններորդ տարի, թիւ 4, էջ 4 ------27.ԿԱՐԱՊԵՏ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ (սպանութիւն)15 Ապրիլ 1896, ՎանՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննող` Հնչակեան տէռօրիստԿազմակերպող` Վանայ Հնչակեան Մասնաճիւղի Վարչութիւն ՏԷՌՕՐԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Վանից մեզ տեղեկագրում են հետեւեալը. «Վանայ Հնչակեան Մասնաճիւղի Վարչութեան որոշումով մահուան դատա-պարտուեցաւ եւ սպաննուեցաւ յայտնի մատնիչ եւ դաւաճան Կարապետ Նալ-բանդեանը։ Տէռօրիստը ազատ է եւ ժողովրդի ոգեւորութիւնը` աննկարագրելի։» Մանրամասնութիւնները Հնչակի յաջորդ համարում։Հնչակ, Կենտրօնական Օրգան Հնչակեան Կուսակցութեան, 31 Մայիս 1896,իններորդ տարի, թիւ 11, էջ 88 ՆԱՄԱԿ ՎԱՆԻՑ ՇԱՄԻՐԱՄ Վան, 10 ապրիլ 1896 Անցեալ չորեքշաբթի, ապրիլ 3/15-ին, առաւօտեան ժամը 1-ին (ը. թ.), քաղա-քամէջ Տիրամայր եկեղեցւոյ բակին մէջ, ուր խռնուած էր ժողովուրդը, տեղիունեցաւ նշանաւոր մատնիչ եւ դաւաճան Կարապետ Նալբանդեանի սպաննու-թիւնը, որը մահուան դատապարտուած էր Վանի Հնչակեան ՄասնաճիւղիՎարչութեան կողմէ։ Հնչակեան տէռօրիստը որ ստանձնած էր այդ վատն սպան-նելու գործը, վաղուց ի վեր կը պտըտէր նորա ետեւէն. վերջապէս ներկայացաւյարմար րոպէն։ Նոյն օրը մատնիչը այդտեղ ներկայ էր իր փեսայի յուղարկաւո-րութեան հանդիսի առթիւ։ Խուռն բազմութեան աչքի առջեւ, տէռօրիստը միրէվօլվէրի պայթիւնով վար կը գլորէ երկար տարիներ հայ ժողովրդի եւ 59

մասնաւորապէս Վասպուրականի հայութեան բաղդին հետ խաղացող անզգամը։Գնդակը ձախ կողմէն էր անցեր։ Մահը անմիջական չէր. օգնութեան հասնողբժիշկը գնդակի վերջնական ազդեցութեան պայմանաժամը որոշած էր 24 ժամ։Բարեբաղդաբար մահառիթ գնդակն իրեն այցելելէն դեռ չանցած 18 ժամ, մահա-պարտը տուաւ իր վերջին դժոխաշունչ հառաչանքը եւ անցաւ իր վաղեմի բարե-կամ եւ գլխաւոր «պաշտօնակից» Շէյխ Պօղոսի գիրկը, որը դեռ հազիւ ասկէ երեքամիս առաջ ստացած էր նոյնպէս Հնչակեան մահաբեր գնդակը, իբր վար-ձատրութիւն իր բազմամեայ ազգադաւ գործերի եւ մատնութիւնների։ Տէռօրիստը ազատ է. ժողովրդեան ոգեւորութիւնը աննկարագրելի է։ Տեղա-կան կառավարութիւնը յանձին Կարապետ Նալբանդեանի կորցնելով իր ամենա-գլխաւոր աջակիցներէն մէկը, շուարած ու կատաղած է։Հնչակ, Կենտրօնական Օրգան Հնչակեան Կուսակցութեան, 10 Յունիս 1896,իններորդ տարի, թիւ 12, էջ 94 ------28.ՍԵԴՐԱՔ ՅԱԿՈԲ ԱՇԸԳՊԱՇԵԱՆ (սպանութիւն)22 Մայիս 1896, Կ. ՊոլիսՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննող` Հնչակեան տէռօրիստԿազմակերպող` Կ. Պօլսոյ Հնչակեան Մասնաճիւղի Վարչութիւն ՏԷՌՕՐԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ. Պօլսից մեզ տեղեկագրում են հետեւեալը. «Երէկ գիշեր, 10/22 մայիսի, Կ. Պօլսոյ Հնչակեան Մասնաճիւղի Վարչութեանորոշման համաձայն, սպաննուեցաւ յայտնի լրտես եւ մատնիչ ԱրաբկիրցիՍեդրաք Յակոբ Աշըգպաշեանը, Հնչակեան տէռօրիստի դաշոյնով։ Տէռօրիստըազատ է։ Մանրամասնութիւնք նամակով»Հնչակ, Կենտրօնական Օրգան Հնչակեան Կուսակցութեան, 31 Մայիս 1896,իններորդ տարի, թիւ 11, էջ 8860

ՆԱՄԱԿ Կ. ՊՕԼՍԻՑ Կ. Բ. Ղուրպան Պայրամի առթիւ սուլթանի փառաց համար առաջին ողջակէզըըրին Հնչակեանները։ Ուրբաթէն շաբաթ լուսնալու գիշերը Հնչակեան տէռօրըՂալաթիոյ փողոցներուն մէկուն մէջ դաշոյնով սպաննեց յայտնի լրտես եւ մատ-նիչ Արաբկիրցի Սեդրաք Յակոբ Աշըգպաշեանը։ Այս վատը միայն վերջին 8-10օրուան մէջ 70-80 անմեղներ ձերբակալել տուած էր իր լրտեսութեամբ։ Սեդրաք,սուլթանի կառավարութեան այդ հաւատարիմ ծառան, Ղալաթիոյ բաղնիքը կըտարուի արիւնաթաթախ եւ թէլլաքներու բաղկաց մէջ կը փչէ իր վերջին շունչը։ Վատ մատնիչին սպանութիւնը ոգեւորիչ տպաւորութիւն ունեցաւ հասարա-կութեան վրայ, որ սաստիկ յուզուած ու կատաղած էր նորա վերջին մատնութիւն-ներէն։ Տէռօրիստը, շնորհիւ վեհ. սուլթանին, ազատ եւ ապահով է։Հնչակ, Կենտրօնական Օրգան Հնչակեան Կուսակցութեան, 10 Յունիս 1896,իններորդ տարի, թիւ 12, էջ 93 ------29.ՄԱՐԳԱՐ (հա՞յ թէ ասորի) (սպանութիւն)28 Մայիս 1896, ՊոլիսՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննող` Դաշնակցական ահաբեկիչԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն ՏԷՐՐՕՐԻՍՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ. ՊՈԼՍՈՒՄ Մայիսի 16/28-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին (ը. ե.). Դաշնակցական ահաբեկիչները Գումգաբուի բազմամբոխ հրապարակինվրայ գնդակի հարւածով գետին տապալեցին հռչակաւոր դաւաճան փօլիս-քօմի-սէր ՄԱՐԳԱՐԸ։ Սարսափը եւ միանգամայն ուրախութիւնը ընդհանուր է։ Ահա-բեկիչները ազատ են։ Մարգարը Նազըմի աչքին լոյսն էր եւ Պոլսոյ լրտեսութեան ամենէն հզօրնեցուկը։ Առաջին անգամ այս գարշելին էր, որ կին լրտեսներ կազմելու գաղա-փարը յղացաւ եւ գործադրեց։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 15 Յունիս 1896, թիւ 15,էջ 113 61

ՆԱՄԱԿ ՊՈԼՍԻՑ 23/4 մայիս 96 թ. Մեռած Պոլիսը սկսեց յուզւիլ դաշնակցութեան ահաբեկիչներուն յանդուգնգործերով. դաշնակցականները յոգնիլ ու վհատիլ չեն գիտեր։ Գարաքէօյի հերոսական դէպքին գրեթէ հաւասար գործ մ’եղաւ Գումգաբու-ինը։ Գումգաբուի ամենէն մարդաշատ հրապարակին վրայ ցերեկով ոստիկան-քօմիսէր Մարգար զարնւեցաւ։ Մարգար Գումգաբուի ցոյցին ատեն սպանւածլրտես ասորի Կարապետին հօրեղբօր որդին էր։ Բոլոր ժողովուրդը հիացումովկը խօսի ահաբեկիչին սառնասիրտ արիութեան վրայ։ Ատրճանակի երկու գնդակ-ները Նազմի սիրելիին վրայ արձակելէ վերջ, հերոսը քանի մը վայրկեան սպա-սած է դիտելու համար գետինը փռւած դաւաճան զոհը։ Այդ միջոցին մէկը չէհամարձակած մօտենալ սպաննողին` որ տեսնելով թէ Մարգար անշարժ ինկածէ, սկսեր է հեռանալ, իր ետեւ թողլով սարսափի անբացատրելի ազդեցութիւն մը։Խանութները անմիջապէս սկսեր են փակւիլ ու ամեն մարդ փախիլ։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 15 Յունիս 1896, թիւ 15,էջ 114-115 ------30.ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ (սպանութիւն)8 Յունիս 1896, ՊոլիսՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննող` Դաշնակցական ահաբեկիչԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն ՏԷՐՐՕՐԻՍՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ. ՊՈԼՍՈՒՄ Մայիսի 27/8-ին, ժամը 7½-ին (ը. ե.). Դաշնակցական ահաբեկիչներէն մէկը, Գումգաբու սրճարանի մը մէջ դաշու-նահար սպանեց վաղեմի լրտես Մայր եկեղեցիի լուսարար վանեցի ՅՈՎՀԱՆ-ՆԷՍԸ, որ 1890-էն ի վեր մատնիչի ստոր դերը կը կատարէր։ Ոստիկանները վրայկը հասնին, կսկսի կատաղի կռիւ, ահաբեկիչը հերոսաբար կը մեռնի` նախա-պէս` քանի մը լկտի ոստիկաններու կեանքը վերցնելէ յետոյ։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 15 Յունիս 1896, թիւ 15,էջ 113 ------62

31.ՄԿՐՏԻՉ (մահափորձ)16 Յունիս 1896, ԿարինՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննողներ` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Վարդանեան խումբի ահաբեկիչ մըԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կարնոյ Կեդրոնական Կօմիտէ ՏԷՐՐՕՐԻՍՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ ԿԱՐԻՆՈՒՄ Երեկ երեկոյ, ժամը 7-ին (ը. ե.), քաղաքի Կանա-ճամբայ ըսւած մասի մէջ«Դաշնակցութեան» ահաբեկիչներէն մին գնդակի հարւածով կամեցաւ պատժելդաւաճան եւ մատնիչ բօլիս ՄԿՐՏՉԻն, բայց դժբաղդաբար արձակւած գնդակըփափագելի հետեւանքը չունեցաւ։ Ահաբեկիչը ազատ է. սարսափը ընդհանուր։Մանրամասնութիւնները Դրօշակի մէջ։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 15 Յուլիս 1896, թիւ 17,էջ 130։ ՄԱՀՒԱՆ ՎՃԻՌ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կարնոյ Կեդրոնական Կօմիտէն ինկատի ունենալով, Որ Շաքիր փաշայի հրամանով թիւրք ոստիկանութեան միջ երեք ամսէ ի վերպաշտօնի հրաւիրւած բօլիս Մկրտիչը (Կարինում Խուլ անունով յայտնի) արտա-կարգ եռանդ գործ կը դնէ յեղափոխական գործիչներուն գտնելու եւ ձերբակա-լելու համար, Նկատելով, որ իբրեւ մօտիկ ազգական սպանեալ մատնիչ Յարութիւն Տէր-Սարգսեանի, բօլիսի պաշտօն ստանձներ է առաւելապէս մի շարք անձնաւորու-թիւններէ վրէժ լուծելու համար, Նկատելով, որ դեռ մի քանի օր առաջ Իլիճէ գիւղին մէջ ինքզինքը յեղա-փոխական ձեւացնելով` յաջողեր է ինչ որ միամիտ երիզացու բերնէն անմիտխոստովանութիւններ քաշել եւ անոնց հիման վրայ` իբրեւ յեղափոխական` ձեր-բակալելով ուղարկեր է քաղաքի բանտը եւ վերջապէս, Նկատելով, որ շարունակ հալածելով իր ազգակիցները, հրաւիրեր է իր վրայհայ հասարակութեան արդարացի զայրոյթն ու զզւանքը` Մահւան վճիռ արձակեց անոր դէմ։ԿԱՐՆՈՅ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՕՄԻՏԷԻ Թռուցիկ թերթ, թիւ 6, 30 (ն. տ.) մայիսիԴրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 15 Յուլիս 1896, թիւ 17,էջ 134-135 63

ՆԱՄԱԿ ԿԱՐԻՆԻՑ 1/13 յունիս 96 թ. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան» Կեդրոնական Կօմիտէի որոշմամբ`տեղական «Վարդանեան» խմբի ահաբեկիչներէն մին ամսոյս 16-ին, երեկոյեանժամը 7-ին (ը. ե.) գնդակի հարւածով փորձեց սատկեցնել մատնիչ փոլիսՄկրտչին, բայց հարւածը դժբաղդաբար չունեցաւ փափագելի արդիւնքը։ Սար-սափը մեծ եղաւ, անյաջողութեան մէջ անգամ փաստը վերջին աստիճանիոգեւորիչ էր ժողովրդի համար։ Ահաբեկիչը ազատ է։ Կառավարութիւնը կատղած` գործողութեան յաջորդ օրը դիմեց իր սովորա-կան անարգ միջոցներուն. մի կողմէ մատնիչ ոստիկանի ցուցումներով իբրեւկասկածելի մեղսակիցներ, ձերբակալեց մօտ 20 անձնաւորութիւն, միւս կողմէկատաղաբար սկսաւ տները խուզարկել ահաբեկիչները գտնելու նպատակով։Ո՛չ մի փողոց ազատ չմնաց խուզարկութենէ համարեա։ Այնուամենայնիւ հակա-ռակ ձեռք առնւած ծայրայեղ խստութիւններուն, մինչեւ օրս` երկու շաբաթանցած, ահաբեկիչը եւ ուրիշները կը շարունակեն շնորհիւ վեհափառ սուլթանիազատ մնալ կառավարութեան քթի տակ։ Ձերբակալւածներուն` մանաւանդ 5-6-ին, բանտի մէջ կենթարկեն սաստիկտանջանքներու` չարիքի աղբիւրը գտնելու եւ միանգամայն ցամաքեցնելու հա-մար. յիմարները տակաւին չեն հասկցեր, թէ յեղափոխութիւնը եօթն գլխեան դեւէ, թէ մի յեղափոխականի ընկնելով` անոր տեղ կը կանգնին իսկոյն մի քանիները։ Իւրաքանչիւր օր ապահովութեան համար սուլթանին աչքի լոյսի հեռագիր-ներ տւող նահանգապետ Ռէուֆ փաշայի բարկութիւնը անսահման է եւ այդգլխաւորապէս անոր համար, որ միեւնոյն օրւայ մէջ միաժամանակ տէրրօրականգործողութիւններ կը կատարւին թէ Պոլսոյ եւ թէ Կարնոյ մէջ։ Զուգադիպութիւն,որ թողուց մի առանձին ազդեցութիւն ե՛ւ հայ ե՛ւ թիւրք հասարակութիւններուվրայ։ Չափազանց բնորոշ են կատարւած տէրրօրի առիթով նահանգապետի հան-դիսաւորապէս արտասանած խօսքերը։ «Ջանըմ, պու նէ՞ էտէպսիզ միլլէթ, հալիաթէրպիյէ օլմատլար. պիր պուչուդ էրմէնի գալտը` կինէ րահաթ տուրմայօլար»։(Ի՞նչ անամօթ ազգ են սոքա. դեռ եւս խելքի չեկան – կոտորածները կակնարկէ,մէկ ու կէս հայ մնաց, դարձեալ հանգիստ չեն մնար)։ Հա՛յ ժողովուրդ, այդ խօսքերը գովեստ են քեզ համար, այո՛, այդ խօսքերըգովեստ են քեզ համար, այո՛, դու այնքան լիրբ ես գծուծ նահանգապետի կարծի-քով, որ չանարգելով բիւրաւոր նահատակներիդ յիշատակը, որ խոյս չտալով քոանբռնաբարելի իրաւանաց պաշտպանութեան համար յայտարարած սրբազանկռւէն, որ չդաւաճանելով ինքդ քեզ` կը շարունակես քո ծոցէն դուրս տալ64

անձնուրաց որդիք, տանջւող ժողովրդի ազատութեան գաղափարով տոգորւածյեղափոխականներ։ Հա՛յ յեղափոխական, սի՛րտ առ, տես ի՛նչ կըսէ Մեծ-Ոճրագործի ներկայա-ցուցիչը. մէկուկէս հայ ալ մնաց` քո մղած կռիւդ միշտ կռիւ է... Կեցցէ՜ յեղափոխութիւն, Կեցցէ՜ ահաբեկիչ։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 15 Յուլիս 1896, թիւ 17,էջ 135 ------32.ԿԱՐԱՊԵՏ ԱՃԷՄԵԱՆ (մահափորձ)12 Օգոստոս 1896, ՎանՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննողներ` Հ. Յ. Դաշնակցութեան տէրրօրիստներԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն ՏԷՐՐՕՐԻՍՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՆՈՒՄ Այսօր (յուլ. 31-ին [հ.տ.]), առաւօտեան ժամ 1-ի (ը. թ.) ատեններ կատարւեցաւերկրորդ տէրրօրը Վանի մէջ Հայ Յեղ. Դաշնակցութեան տէրրօրիստների ձեռամբնշանաւոր դաւաճան եւ մատնիչ ԿԱՐԱՊԵՏ ԱՃԷՄԵԱՆ-ի վրայ, որ յայտնի էրժողովրդի մէջ Բաշօ անունով։ Ժողովուրդը գոհ է. ափսո՜ս, որ չսատկեցաւ։ Գնդա-կը մէկ երեսը ծակած ու միւս երեսէն դուրս ելած է։ Տէրրօրիստն ազատ է։ Կառա-վարութիւնն սկսած է խուզարկութիւններ ընել։ Այս դաւաճանին գործերը շա՜տշատ են, զորս կը թւենք պատեհ առթին։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 28 Սեպտեմբեր 1896, թիւ22, էջ 160 ------33.ԿՈՄԻՏԱՍ ՔԱՀԱՆԱՅ (սպանութիւն)2 Նոյեմբեր 1896, ՎանՀանգամանք` ԴաւաճանԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն 65

ՏԷՐՐՕՐ ՎԱՆՈՒՄ Հոկտեմբեր 20/2-ին տէրրօրի ենթարկւեց ԿՈՄԻՏԱՍ ՔԱՀԱՆԱՆ։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 18 Դեկտեմբեր 1896, թիւ28, էջ 217 ------34.ԳԷՈՐԳ ՊԱԳԳԱԼԵԱՆ, ՄՈՒՐԱՏ ԷՖ. ԵՒ ԽԱՉՕ (սպանութիւն եւ մահափորձ)1897, ԲաղէշՀանգամանք` ԴաւաճաններԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բաղէշի Կօմիտէ ՏԷՐՐՕՐԻՍՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Դաշնակցութեան Բաղէշի Կօմիտէի որոշումով մահւան դատապարտւեցան`ԳԷՈՐԳ ՊԱԳԳԱԼԵԱՆ, ՄՈՒՐԱՏ էֆ. եւ նշանաւոր մատնիչ ԽԱՉՕ։ Առաջին երկուքը զարնւեցան ու չսատկեցան, իսկ երրորդը անմիջապէս փչեցչունչը հրացանի երկու հարւածներու տակ։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 31 Մայիս 1897, VIIտարի, թիւ 8, էջ 57 ------35.ՊՕՂՈՍ ԿՈՇՏԵԱՆՑ (սպանութիւն)1897, Մեծք գիւղ (Բաղէշ)Հանգամանք` ԴաւաճանԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կօմիտէ ՏԷՐՐՕՐ ԲԱՂԷՇԻ ՆԱՀԱՆԳԻՆ ՄԷՋ Կօմիտէիս որոշմամբ տէրրօէրի ենթարկւեցան, մէկը միւսի ետեւէն, հետեւ-եալ հինգ անձերը, իբր հարստահարող, մատնիչ եւ ոճրագործ.- 1. Մեծք գիւղին մէջ սպաննել տրուեցաւ կառավարութեան պաշտօնեայԿՈՇՏԵԱՆՑԻ ՊՕՂՈՍԸ, ծանօթ մատնիչ եւ վաշխառու։66

[Միւս չորս անունները օտարազգիներ են, Հ. Ա.]Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 13 Սեպտեմբեր 1897, VIIտարի, թիւ 11, էջ 89 ------36.ՌԷՍ ԲԱՐՍԵՂ (սպանութիւն)Նոյեմբեր 1898, Խասգիւղ (Մուշ)Հանգամանք` ԴաւաճանԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բաղէշի Կեդրօնական Կօմիտէ ՄԱՀՒԱՆ ՊԱՏԻԺ Բաղէշի Կեդրօնական Կօմիտէի վճռով` 1898 նոյեմբեր ամսուն` Մուշի Խասգիւղի մէջ մահւան պատժի ենթարկւեցաւնոյն գիւղացի հանրածանօթ մատնիչ ՌԷՍ ԲԱՐՍԵՂ-ը, որ իր պժգալի արարքնե-րով պատուհաս մը եղած էր գիւղին եւ խոչընդոտ մը յեղափոխական գործին։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 28 Փետրուար 1899, IXտարի, թիւ 2 (93), էջ 18 ------37.ՍՏԵՓԱՆ ԵՒ ԽՈՒՍ ԱՌԱՔԵԼ (սպանութիւն)3 Յունուար 1899, ՊարսկաստանՀանգամանք` ԴաւաճաններԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պարսկաստանի Կեդրօնական Կօմիտէ ՄԱՀՒԱՆ ՊԱՏԻԺ Պարսկաստանի Կեդրօնական Կօմիտէի վճռով` Յունւար 3-ին (ն. տ.) երեկոյեան ժամը 6-ին մահւան պատժի ենթարկւեցան 9նահատակ զինւորներու մատնութեան գործին գլխաւոր հեղինակներէն երկուքը`ՍՏԵՓԱՆ եւ ԽՈՒՍ ԱՌԱՔԵԼ։ Միւս մատնիչներու մասին Կօմիտէի վճիռը կը 67

մնայ գաղտնի։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 28 Փետրուար 1899, IXտարի, թիւ 2 (93), էջ 18 ------38.ԿԱՐԱՊԵՏ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԵՍԱՅԵԱՆ (սպանութիւն)5 Սեպտեմբեր 1899, Յավրան գիւղ (Մուշ)Հանգամանք` ԴաւաճանԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Տարօնի Կեդրօնական Կօմիտէ ՄԱՀՒԱՆ ՊԱՏԻԺ Տարօնի Կեդրօնական Կօմիտէի վճռով` Օգոստոս 24-ին (հ. տ.), իրիկուան ժամը 1-ին, մահւան պատժի ենթարկւեցաւՄուշի Յավրան գիւղին մէջ, Ս. Կարապետի նախկին միաբան, ԿԱՐԱՊԵՏ վար-դապետ ԵՍԱՅԵԱՆ։ Դատապարտեալը ծանօթ է այն գարշելի դերով, որ խաղաց1894-ին վերջերը, Սասունի ջարդը թագցնելու համար Միջազգային քննիչյանձնաժողովին առջեւ։ Անկէ իվեր կառավարութեան պաշտօնէութեան մէջ կըմնար իբր լրտես-մատնիչ։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Հոկտեմբեր 1899, IXտարի, թիւ 9 (100), էջ 129 ------39.ՏԻԳՐԱՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ (սպանութիւն)3 Յունուար 1900, ԽոյՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննող` Դաշնակցական տեռօրիստԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Վրէժ Կեդրօնական Կօմիտէ ՄԱՀՒԱՆ ՊԱՏԻԺ «Վրէժ»-ի Կեդրօնական Կօմիտէի վճռով` 1900 թւի յունւարի 3-ին, ժամը 6-ին երեկոյեան, Խոյ քաղաքի պարսից թաղի68

մէջ, տեռօրիստի մի քանի հարւածներով մահւան ենթարկւեց նախկին յեղափո-խական, Հին-Նախիջեւանի Ջահրա գիւղացի, ՏԻԳՐԱՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԸ, որամուսնացած էր Սալմաստում։ 1896 թւից Սալմաստում, զէնքի փոխադրութեամբ զբաղւելով, նա որոշ հա-ւատ է ձեռք բերում «Վրէժ»-ի Կեդրօնական Կօմիտէի շրջանում, բայց 1898-1899թւականներին նա իչարն է գործ դնում այդ հաւատը ծախելով եւ գրաւ դնելովկազմակերպութեան միքանի հրացանները։ Այնուհետեւ` երբ 1899-ին Կօմիտէննրանից հաշիւ է պահանջում, նա Սալմաստից Խոյ է փոխադրւում եւ այնտեղ միազդեցիկ պարսկի «ռայեաթ» դրւելով, սպառնում է իրեն ծանօթ եւ Խոյից ան-ցուդարձ անող յեղափոխականներին մատնել կառավարութեան ձեռքը, եթէչդադրեն ոեւէ պահանջներ իրեն անելուց։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Մարտ 1900, X տարի,թիւ 2 (103), էջ 32 ------40.ԳԵՂԱՇԷՆՑԻ ԱՒԷ, ՇԷՆԸՔՑԻ ԿԱՐԱՊԵՏ ԱՌՔՕՅԵԱՆ ԵՒ ՈՒՐԻՇՆԵՐ (սպա-նութիւն)1901Հանգամանք` ԴաւաճաններՍպաննողներ` Դաշնակցութեան հրոսակներԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն ՏԵՌՕՐԻՍՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Զբաղանքի աւերիչ եւ ՍԵՐՈԲի սպանող Պշարի Խալիլ աղան, որ սուլթանէնպատւանշան ստացած էր ի վարձատրութիւն իր կատարած չարագործութիւն-ների համար, Մուշէն երեք ժամ հեռու «Դաշնակցութեան» հրոսակներու ձեռքովսպաննւած է, իրեն երկու թիկնապահներու հետ միասին։ Նոյն հրոսակներըսպանած են նաեւ Սերոբի դաւաճանները` Գեղաշէնցի Աւէն, իր աներձագը,Շէնըքցի Կարապետ Առքօյեանը եւ ուրիշներ։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Մայիս 1901, XI տարի,թիւ 3 (114), էջ 57 ------ 69

41.ՍՕՂՕ ՄԵԼՔՕՆ ՔԷՕՍԷԵԱՆ (սպանութիւն)31 Մարտ 1902Հանգամանք` ԴաւաճանՍպաննողներ` Աղբիւր-Աւար խմբի տէռօրիստներԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Շամիրի Պատասխանատու Կեդրոնա-կան Կօմիտէ ՄԱՀՒԱՆ ՊԱՏԻԺ Շամիրի պատասխանատու Կ. Կօմիտէի վճռով` Մարտ 31-ին, X քաղաքի մէջ, «Աղբիւր-Աւար» խմբի տէռօրիստների միջոցովմահւան պատժի ենթարկւեցաւ Խալաթ գաւառի Ուրտափ գիւղացի ՍՕՂՕՄԵԼՔՕՆ-ՔԷՕՍԷԵԱՆԸ, որի մատնութեամբ սպաննւած էր Սերոբի հօրեղբօ-րորդի Յակոբ Ճարտարը եւ «Դաշնակցութեան» հրացանները կառավարութեանյանձնւած։ Տէռօրիստները ազատ են։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Մայիս 1902, XII տարի,թիւ 5 (125), էջ 1 ------42.ՄԵԼՔՕՆ ՔԷՕՍԵԱՆ (սպանութիւն)10 Ապրիլ 1902, ՊաթումՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննողներ` Դաշնակցական ահաբեկիչներԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պոլսոյ Պատասխանատու ԿեդրոնականԿօմիտէ ՄԱՀՒԱՆ ՊԱՏԻԺ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Արեւմտեան Բիւրօի 1896 թւակիր եւ վերջերս Կ. ՊօլսոյՊատասխանատու Կեդր. Կօմիտէի վճռի համաձայն` ապրիլի 10-ին Բաթումքաղաքում տեռօրի ենթարկւեց Երզնկայի Էրկան գիւղացի, 28 տարեկան սափրիչՄելքօն Քէօսեան, որը 1896 թ. իվեր Դաշնակցութեան պատկանող 10 հրացաններիւրացրել եւ անյայտացել էր։ Ահաբեկիչները ազատ են։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Հոկտեմբեր 1902, XIIտարի, թիւ 10 (130), էջ 160 ------70

43.ԳԱՐԵԳԻՆ ՏԷՐ-ՄԱՆԻԿԵԱՆ (սպանութիւն)6 Օգոստոս 1902, ԶմիւռնիաՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննողներ` Դաշնակցական ահաբեկիչներԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն ՏԷՌՕՐ Օգոստոս 6 չորեքշաբթի առաւօտ ժամը (ը. ե.) 9½-ին Զմիւռնիա` Թօփալեանեղբարց մեծ վաճառատան մէջ` դաշնակցական ահաբեկիչներու ձեռքով տէռօրիենթարկւեցաւ նշանաւոր մատնիչ Գարեգին Տէր-Մանիկեան։ Ահաբեկիչներըազատ են։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Օգոստոս 1902, XIIտարի, թիւ 8 (128), էջ 127 ------44.ԽԱՐԸՍԸՂ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵՒ ՊՕՅԱՃԻ ԳԱԼՈՒՍՏ (սպանութիւն)1902, ԶմիւռնիաՀանգամանք` ԴաւաճաններՍպաննող` Էդուարդ ՊալապանեանԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ Բնիկ Իզմիրցի, Էդուարդ Պալապանեան, ընդամենը 18 տարեկան։ Կիմանայ,որ երկու վատեր` Խարըսըղ Կարապետ եւ պօյաճի Գալուստ կառավարութեանձեռքն են մատներ Դրօշակ կարդացող երիտասարդ մը (Իրենք իսկ, մատնիչներըյայտարարեր էին այդ, ի լուր ամենուն) ու տղան բանտարկւեր էր։ ՊատանիԷդուարդ, ձայնակցելով Կազմակերպութեան հրաւէրին, կերթայ ու տերրօրիկենթարկէ երկու մատնիչները, միեւնոյն օրը, միեւնոյն ժամուն։ Կը սկսի խու-ճապն ու հետապնդումը ոստիկաններու կողմէ։ Պատանին շաբաթ մը քաղաքինմէջ պահւելէ վերջ, կորոշէ փախչիլ, մակոյկ մը կառնէ ու ծովը կը նետւի։ 71

Մակուկավարը կը մատնէ զինքը եւ տղան շուտով կը պաշարուի 10 ոստիկան-ներէ։ Կը քաշէ ատրճանակը, կը զարնէ նախ մակուկավարը, ապա ոստիկաննե-րէն մէկ քանին ալ վիրաւորելէ յետոյ, վերջին գնդակը իր կուրծքին կուղէ եւձերբակալւելէն քանի մը ժամ վերջ, կը մեռնի, յայտնելով, որ ինքը միայն պա-տասխանատու է կատարւած երկու տերրօրներուն համար։Միքայէլ Վարանդեան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պատմութիւն, Ա. հատոր, Երեւան,1992, էջ 375 ------45.ՄԱՏԹԷՈՍ ՊԱԼԷՕԶԵԱՆ, ՄԱՔՍՈՒՏ ԱՍԼԱՆԵԱՆ ԵՒ ԳԱՐԵԳԻՆ (սպանու-թիւն)1902, ԶմիւռնիաՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննողներ` Խորէն Սարգիսեան (Պետրոս Ազիզօֆ) եւ ՀրաչԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Զմիւռնիայի Կեդրոնական Կօմիտէ ՏԷՌՕՐ Զմիւռնիայում վերջերս տեղի ունեցած դէպքերի առիթով` Հ. Յ. Դաշնակցու-թեան տեղական Կ. Կօմիտէն մահւան էր դատապարտել մի քանի լրտեսների։ Դրանից ամենայայտնին` Մաքսուտ Ասլանեան սպանւեց յուլիսի 2/15-ին, ցե-րեկով, քաղաքի հրապարակի վրայ։ Տէռօրիստները ազատ են։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Յուլիս 1902, XII տարի,թիւ 7 (127), էջ 112 Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ Երբ զարնւեցան առաջին լրտեսները, Պոլսոյ ոստիկանութիւնը անոնց տեղԻզմիր ճամբեց աւելի փորձառու մէկը, - հայ Մաքսուտը։ Ասոր կը գործակցէրտեղացի հայ մը։ Եւ երկու լրտեսներն ալ նիւթապէս ու բարոյապէս կը հովանա-ւորէր տեղւոյն հայ Կրեսոսը.- Մատթէոս Պալէօզեան, որ ազդեցիկ մէկն էր կառա-վարական շրջաններու մէջ։ Ասոնց հետապնդումով կուսակցական գործիչներէնՎարդը անակնկալի բերւելով ձերբակալւեցաւ եւ տանջանքներէ յետոյ ցկեանս72

բանտարկութեան դատապարտւեցաւ։ Կազմակերպութիւնը, բնականաբար, տե-ղի չտւաւ եւ չարաչար պատժեց հայ ցեցերը։ Մաքսուտ եւ Գարեգին (երկրորդլրտեսին անունը) տերրօրի ենթարկւեցան։ Նոյն բախտն ունեցաւ եւ Պալէօզեանը,որ յամառօրէն կը շարունակէր աջակցիլ ոստիկանութեան։ Անոր տերրօրըկազմակերպեց ինքը Հրաչը (1902թ.)։ Ահաբեկիչն էր Մանիսացի Պետրոս Ազիզօֆ(բուն անունով Խորէն Սարգիսեան)։ Ազիզօֆ ձերբակալւեցաւ եւ երեք տարւանբանտարկութենէ վերջ, մահւան պատիժ կրեց կախաղանով (1905-ին)։ Այդ քաջա-սիրտ երիտասարդը, որ 1898-ին մասնակցեր էր Խաստուրի արշաւանքին, կըսիրէր վտանգը եւ կը ստանձնէր ամենադժւարին պարտականութիւններ։ Իր ձեռ-քով էին աղէտւած Թիֆլիսի ու Ալեքսանդրապօլի մէջ երկու ուրիշ մատնիչներ,Սամուէլ եւ Շիկօ, նմանապէս աւազակապետ Շէրիֆ բէկը Բագուի մէջ։ Ոստիկանութիւնը ձեռք անցուց եւ Հրաչը, որ դատապարտւեցաւ ցկեանսբանտարկութեան։Միքայէլ Վարանդեան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պատմութիւն, Ա. հատոր, Երեւան,1992, էջ 375 ------46.ԻՍԱՀԱԿ ԺԱՄՀԱՐԵԱՆ (սպանութիւն)28 Դեկտեմբեր 1902, ՄոսկուաՀանգամանք` ՄեծահարուստՍպաննող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Փոթորիկ խումբԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն ՄԱՀԳՈՅԺ ԻՍԱՀԱԿ ԺԱՄՀԱՐԵԱՆ Դեկտեմբեր 15-ին [հ. տ.] եղեռնագործի դաշոյնի հարուածներին զոհ գնաց միբարեսիրտ եւ համեստ հայ մարդ, որ իւր առատաձեռն բարեգործութիւններովյայտնի էր մեր հասարակութեանը։ Իսահակ Ժամհարեանը սպանուեց Մոսկուա-յում այն վայրկեանին, երբ երկիւղած սրտով Աստուծոյ տաճարն էր ուզում մտնել.չարագործը յանկարծ յարձակւում է միամիտ ժամաւորի վրայ եւ դաշոյնի հար-ւածներով տեղն ու տեղը անշնչացնում է նրան։ Օգնեցէ՛ք – աղաղակի վրայեկեղեցուց դուրս են վազում շփոթուած աղօթողները եւ հազիւ կարողանում ենզինաթափ անել չարագործին, որ ինքնապաշտպանութեան դիմելով` հասարա-կութիւնից մի քանիսին եւս վիրաւորում է։ Եղեռնագործն իրեն անուանում էՅակոբջանեան եւ Եաղուրեան պարսկահպատակ։ Ռուս թերթերը ենթադրում են, 73

որ այս չարամիտ եղեռնագործութիւնը կապ ունի անցեալ ամառը Շուշի քաղա-քում պատահած դէպքի հետ. այդ դէպքը հետեւեալն է. ամառուայ միջոցինԺամհարեանն ընտանիքով Մոսկուայից գնում է իւր ծննդավայրը, Շուշի, որպէսզի ներկայ լինի իրենց միջոցներով նոր կառուցուած հասարակական հիւանդա-նոցի հանդիսաւոր բացմանը։ Հանդէսը վերջանալուց եւ իւր համաքաղաքացի-ների անհուն շնորհակալութիւններն ու յարգանքները վայելելուց յետոյ պ.Ժամհարեանը մտադրւում է վերադառնալ Մոսկուա, սեպտեմբերի 6-ին, սակայննոյն ամսի 4-ին ժողովարանից տուն վերադառնալու միջոցին, գիշերուայ 11-ին,կալանաւորւում է անյայտ մարդկանց ձեռքով եւ տարւում քաղաքից դուրսգտնուող մի կիսաւեր, անբնակ տուն։ Այդտեղ նրանից ստորագրութիւն են առ-նում, որ միւս օրը մի որոշեալ, պայմանաւորուած տեղ բերէ 30,000 ռուբլի եւյանձնէ այնտեղ եղողներին։ Ժամհարեանը տուն վերադառնալով` եղելութիւնըպատմում է, իմաց է տրւում ոստիկանութեանը, ասում են, հակառակ նորա կամ-քի – եւ որոշեալ ժամին պայմանաւորուած տեղը բռնւում են երկու անյայտանձինք։ Ահա՛ այս անցքի հետ կապելով Ժամհարեանի սպանութիւնը, ենթա-դրում են, որ նա վրէժխնդրութեան զոհ է գնացել։ Ինչ պատճառներով էլ որ կատարուած լինի եղեռնագործութիւնը, խիստցաւալի է մեր հասարակութեան համար Իսահակ Ժամհարեանի պէս անձիկորուստը։ Նա իւր կարողութիւնից միշտ բաժին էր հանում հասարակականկարիքներին. կարիք ունեցողը` լինէր հաստատութիւն, թէ հասարակական գոր-ծիչ, միշտ վստահ էր, որ Ժամհարեանին դիմելով` դատարկաձեռն չէր յետդառնայ։ Ժամհարեանների բազմաթիւ մասնաւոր եւ անհատական բարեգործու-թիւնների մէջ աչքի են ընկնում Շուշի քաղաքի նորակառոյց, հոյակապ հիւանդա-նոցը եւ Կիլիկիայում գոյութիւն ունեցող որբանոցը։ Յաւիտենական հանգիստ բարեսիրտ եւ առատաձեռն զոհի ոսկորներին։Լումայ, Թիֆլիս, Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 1902, եօթներորդ տարի, թիւ 6, էջ 307-308 Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ «Փոթորիկ»-ի առաջին հարւածն իջաւ ծանօթ միլիոնատէր Իսահակ Ժամ-հարեանի վրա։ Այդ մարդու մօտ` Կազմակերպութիւնը ըրեր էր արդէն ապար-դիւն դիմումներ, 1900-ի սկիզբները, Ֆրանսայի հարաւում, Նիսի մէջ։ Այսերկրորդ փորձն էր – եւ այս անգամ սպառնալիքով։ 1902-ի ամառը, մէկ գիշեր,երբ Ժամհարեան Շուշիի քաղաքային ակումբէն իր տունը կը վերադառնար,«Փոթորիկ»-ի խումբը ձերբակալեց զինքը եւ տարաւ քաղաքէն դուրս, ամայի տեղ74

մը, երկարօրէն բացատրեց Կուսակցութեան նպատակը, յորդորեց, «համոզեց»,որ հակառակ պարագային իր կեանքը պիտի վտանգւի։ Աւելորդ է նկարագրելգոռոզ դրամատիրոջ հոգեկան վիճակը այդ անակնկալ բանտարկութեան երկարժամերուն։ Մահւան սարսափի տակ, նա խոնարհօրէն կ’աղերսէ տղաներուն, որազատ ձգեն զինքը, կերդւի իր բոլոր աստւածներով, որ անմիջապէս պիտի կա-տարէ յեղափոխականներու պահանջը, առանց մատնելու գաղտնիքը ռուսիշխանութիւններուն։ Եւ այդ խոստումն առնելով, մերոնք ազատ կը ձգեն բան-տարկեալը։ Ուրիշ ելք չունէին արդէն։ Դիւրին բան չէր օրերով պահել կալա-նաւորը քաղաքի շրջակայքում։ Դէպքը արդէն մեծ յուզմունք էր յարուցեր,ոստիկանութիւնը ոտքի էր։ Միակ ելքն էր` հաւատալ Ժամհարեանի խօսքին եւտուն ճամբել զայն։ Վերջին անգամ «Փոթորիկ»-ի խումբը կը յորդորէ անոր`գաղտնապահութեամբ, խաղաղ կերպով կարգադրել գործը, եւ նորէն ու վճռա-կան շեշտով կը յայտարարէ, որ մերժումի ու մատնութեան պարագային երբեքչպիտի ազատւի Դաշնակցութեան ձեռքէն եւ վաղ թէ ուշ մահով պիտի պատժւի։Կը պայմանաւորւին, որ յաջորդ օրն իսկ, որոշեալ ժամուն` Ժամհարեան ան-ձամբ բերէ պահանջւած գումարը նշանակւած տեղը (Պեխէ Աղբիւրին մօտները)ու յանձնէ յեղափոխականներուն։ Ինչպէս վերը բացատրեցինք, Դաշնակցութիւնը որոշած էր ամէն կերպ խոյստալ սպանութենէ։ Եւ այդ իսկ նպատակով, մեր ընկերները պահանջեցին Ժամ-հարեանէն համեստ գումար մը – երեսուն հազար ռուբլի – որ Մոսկւայի մեծահա-րուստ սեղանաւորը կրնար դիւրութեամբ զոհաբերել։ Սակայն, անվնաս տունվերադառնալով եւ այլ եւս ինքզինքը ապահով զգալով, մարդը ոչ միայն արհա-մարհեց մեր ընկերներու սպառնալիքը, այլ եւ անմիջապէս լուր տւաւ Ոստիկա-նութեան։ Եւ նշանակւած ժամուն, երբ մերոնք կը սպասէին անտառի իրենցթագստոցի մէջ, - ոստիկաններու ստւար խումբ մըն էր, որ Ժամհարեանի ուՈստիկանապետի առաջնորդութեամբ եկաւ ձերբակալեց դաւադիրները։ Այդպէս ձախողեցաւ «Փոթորիկ»-ի առաջին փորձը, որ ունեցաւ դղրդագինարձագանգներ ողջ Կովկասում։ Քրիստափոր եւ ընկերները չէին տարւերպատրանքով։ Միամիտ չէին եւ գիտէին փորձէն առաջ, որ հայ կրեսոսը, անգամմը ազատւելով, կարող էր դրժել իր խոստումը եւ ապաւինել իր աչքին ամենա-կարող Ոստիկանութեան... Թուրքահայոց ազատութեան գործը շատ արիւն էրհոսեցուցեր, երկար էր վատ հայերու շարանը – ուրացողներու, մատնիչներու,ամէն տեսակ դաւաճաններու – շանթահարւած հայ վրիժառու ահաբեկիչի ձեռ-քով... Զոհեր պէտք էին այստեղ եւս։ «Փոթորիկ»-ի աննախընթաց եւ ահաւորձեռնարկն եւս չպիտի անցնէր առանց արիւնի։ Հայ ունեւոր դասակարգըտասնեակ տարիներէ ի վեր արհամարհել էր հայ ժողովուրդի լաւագոյն զաւակ-ներու գերմարդկային ճիգերը, արհամարհեր էր անոնց գոյութիւնն իսկ – պէ՜տքէր անգամ մը իջեցնել լախտի հարւածը անոր մէջքին ալ... 75

Իր սինիք մատնութեամբ Ժամհարեան արդէն դարբներ էր իր եղերականճակատագիրը։ Եւ ահա դէպքէն քանի մը ամիս յետոյ, օր ցերեկով, Մոսկւայիհայոց եկեղեցու բակին մէջ, խուռն բազմութեան ներկայութեամբ, մատնիչըքաւեց իր յանցանքը, ընկաւ դաշոյնի հարւածներուն տակ...Միքայէլ Վարանդեան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պատմութիւն, Ա. հատոր, Երեւան,1992, էջ 267-268 ՏԱՍԸ ՏԱՐԻ ՀԱՅ ՅԵՂ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՎԱՐԴՕ Կազմակերպութեան սնանկութիւնը թագցնելու համար, երբեմն թռուցիկ,աղմուկ հանող խմբեր էին ուղարկվում երկիր, զօր էր տրվում արտասահմանիեւրոպական պրօպականդին... ցոյց տալու համար թէ «գործում ենք»... Բայց այդ ամէնը չօգնեցին. կազմակերպութեան դրամական աղբիւրներըցամքում էին. երկրում եղած մէկ երկու գործիչները բացարձակ անօթի էին եւբեռն արդէն աղքատացած ժողովրդի վրա։ Ահա այդ միջոցին գոյութիւն չունեցողմարմինների անունից կազմվում է Դաշնակցութեան մեծ անուն կրող խորհուրդըեւ այդտեղ ի միջի այլոց որոշվում բռնի դրամ հաւաքել Կովկասում։ Առաջինանգամ Քրիստափորը մի կերպ, իր ստեղծած դրութիւնը փրկելու համար, յանձնէ առնում ռիսկով գործի մէջ մտնել. այսինքն դառնալ անդամ բռնի դրամ հաւա-քող մարմնի եւ վարել այդ գործը։ Դժբախտաբար իր բոբիկութիւնը յեղափոխա-կան այդպիսի ձեռնարկների մէջ, նրան հէնց առաջին քայլից ստիպում է սխալզոհ ընտրել, ամենաերեխայական կերպով տանել այդ զոհի գործը... Այդ զոհըԺամհարեանն է։ Յեղափոխական հասուն եւ գիտակից մարդիկ իրենց հարուածիառաջին զոհ ընտրում են իրօք ժլատ եւ հասարակութեան իբրեւ քարսիրտյայտնի մարդկանց. Քրիստափորը ընտրում է Ժամհարեանին, մի մարդի որայսպէս թէ այնպէս իբրեւ բարերար մեծ համակրանք էր վայելում երկու մեծ հայզանգւածների մէջ։ Բաւական չէ որ ընտրութիւնը սխալ է. այլ գործն էլ տարվումէ մանկական ձեւով եւ վերջ ի վերջոյ յանգում Ժամհարեանի սպաննութեան.գործը այնքան տհաս եւ այնքան սխալ է որ Դաշնակցութեան օրգան Դրօշակը ոչմիայն չէ կարողանում պաշտօնապէս կուսակցութեան գործը հռչակել, այլ եւ չէկարողանում մի կերպ պաշտպանվել. ամբողջ մամուլի յարձակումների դէմ միկերպ Շարժումն է աշխատում կազմակերպութիւնը դուրս բերել այդ խայտառակդրութիւնից... Թէ որչափ յիմար կերպով է կատարվել այդ գործը մենք կրկին վկայութիւն կըբերենք Դաշնակցական, մանաւանդ այժմ շատ կարեւոր ընդունված մի անդամի76

նամակից մի կտոր... «Երեխաների ձեռքով այստեղի մի Տուղի (հարուստի) խայտառակ գործըտեղի ունեցաւ իսկ կողքին մենք բէխաբար... որովհետեւ դուր չենք եկել գեներալ-ներին... «Աշխարհ, քանդւիս... չկայ սրբութիւն, չկայ անձնազոհութիւն, այլ լոկ հացիխնդիր է դառել ամեն ինչ։ Մի քիչ մաքուր տիրպերը թողնում հեռանում են, մնումեն աւանտիւրիստները կամ ուրիշ ասպարէզում ոչնչութեան դատապարտւելուհամար ստեղծուածները... ցաւալի է մահւան չափ ցաւալի...»Վարդօ, Տասը տարի Հայ Յեղ. Դաշնակցութեան մէջ, Վառնա, Տպարան Արեւել-եան, 1906, էջ 47-49 ------47.ԹԱՐԽԱՆԵԱՆ (սպանութիւն)1902-1903, ՊաթումՀանգամանք` ՄեծահարուստՍպաննող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Փոթորիկ խումբԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն ՏԱՍԸ ՏԱՐԻ ՀԱՅ ՅԵՂ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՎԱՐԴՕ Ժամհարեանի այդ անտակտ, անխելք գործին հետեւում է Թարխանեանիսպանութիւնը Բաթումում, մի երեխայի հրամանով...։Վարդօ, Տասը տարի Հայ Յեղ. Դաշնակցութեան մէջ, Վառնա, ՏպարանԱրեւելեան, 1906, էջ 49 ------48.ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԴԱՄԵԱՆ ԵՒ ՋԱՆՓՕԼԱԴԵԱՆ (սպանութիւն)1902-1903, ՊաքուՀանգամանք` ՄեծահարուստներՍպաննող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Փոթորիկ խումբԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն 77

Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ Տպաւորութիւնը [Իսահակ Ժամհարեանի սպանութեան, Հ.Ա.] ահագին էրՄոսկւայի մէջ եւ մանաւանդ Կովկասում։ Սարսափը պաշարեց հայ բուրժուազ-իային։ Ոստիկանութիւնը խլրտաց։ Եւ ընդհանուր իրարանցումի մէջ դաւադիր-ներու խումբը սկսաւ իր գործը։ «Փոթորիկ»-ի վշտոտ ու վրէժխնդիր ոգին`Քրիստափոր Միքայէլեան` ձգեց Ղարաբաղի մայրաքաղաքը, անցաւ արդիւնա-բերական մեծ կեդրոնները – Բագու, Թիֆլիզ – ու շարժման մէջ դրաւ իր անձնւէրփաղանգը, ինքը մնալով գետնայարկերու մութին մէջ։ Ժընեւէն բերւած կտաւէխորհրդաւոր պաստառները մեր զինւորներու ձեռքով կը թափանցէին հայջոջերու գրասենեակներն ու բնակարանները։ Կուսակցութիւնը կը պահանջէրիւրաքանչիւրէն նախորոշուած տուրքը։ Ջոջերը իրարու անցան, գաղտնի, խոր-հըրդակցական ժողովներ գումարեցին որոշելու համար իրենց դիրքը անլուրանակնկալի հանդէպ։ Ձայները բաժնւեցան։ Ամենէն համարձակները – նաեւամենէն գծծիները – կը թելադրէին Ոստիկանութեան ձեռքը մատնել ե՛ւ այդկտաւէ պաստառները ե՛ւ Դաշնակցութեան բոլոր ծանօթ ղեկավարները։ Մեծա-մասնութիւնը խոհականութեան ձայնը հնչեցուց եւ որոշւեցաւ համակերպիլԴաշնակցութեան պահանջներուն։ (Երկու խոշորագոյն ջոջերը անձամբ եկանՊարիզ եւ հատուցին իրենց պարտքը Արեւմտեան Բիւրօին)։ Գտնւեցան, այնու-ամենայնիւ, միլիոնատէրերու դասակարգին մէջ, մէկ-երկու տիպար-Արպագօն-ներ, որոնք յամառօրէն մերժեցին մեր մարմիններու պահանջը – ՅարութիւնԱդամեան, Ջանփօլադեան – եւ կրեցին մահւան պատիժ։ Դաշնակցութեան կամ-քի առջեւ խոնարհեցան նաեւ ուրիշ վայրերու մէջ հաստատւած շարք մը խոշորկապիտալիստներ – Հիւսիսային Կովկաս, Ռոստով, Մոսկւա եւ այլուր։Միքայէլ Վարանդեան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պատմութիւն, Ա. հատոր, Երեւան,1992, էջ 269 ------49.ՄԱՂԱՔԻԱ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՕՐՄԱՆԵԱՆ (մահափորձ)19 Յունուար 1903, Կ. ՊոլիսՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննող` Յակոբ ԽաչիկեանԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն78

ԱԶԳԱՊԱՏՈՒՄ ՑԱՆԿԵՐ ՄԱՂԱՔԻԱ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՕՐՄԱՆԵԱՆ 1903 Յունուար 6-19 - Ծննդեան առտուն, Գում-Գաբուի Մայր եկեղեցւոյ մէջ,Կարնեցի Յակոբ Խաչիկեան, դաշնակցական երիտասարդ մը, մահափորձ կըկատարէ ռէվօլվէրով պատարագիչ Օրմանեանի վրայ, թափօրին սկիզբը. բայցմիայն կը վիրաւորուի ուսէն։ Մաղաքիա Արքեսպիսկոպոս Օրմանեան, Ազգապատում. ցանկեր, Կոս-տանդնուպոլիս, Հրատարակութիւն Վ. եւ Հ. Տէր-ՆերսէսեանԲնագիրը ընդօրինակած եմ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանիթուանշանային գրադարանէն`http://www.digilib.am/book/3252/3802/24546/Ազգապատում.%20Ցանկեր ԽՈՀՔ ԵՒ ԽՕՍՔ ՄԱՂԱՔԻԱ ԱՐՔԵՊՍ. ՕՐՄԱՆԵԱՆ Հրաժարականի փորձը 1902-էն ետքը միջոց մը այլեւս չը գործածեցի մինչեւ1906, ոչ թէ անոր արդիւնքին վրայ կասկածելով, այլ պարզապէս կուսակցական-ներու սպառնալիքներէն ահաբեկած եւ խոյս տուած ըլլալու գաղափարըչզարթուցանելու համար։ Կուսակցականաց մտայնութեան եւ մտադրութեանվրայ խօսիլը ուրիշ հատուածի պահելով, առայժմ ինծի հանդէպ հետեւածընթացքին յիշեցնել բաւական ըլլայ։ Պատրիարքութենէ առաջ ունեցած գործունէութեանս պարագաները կու-սակցականները վստահացուցած էին իմ մէջ իրենց համամիտ մը տեսնել, եւթերեւս չէին ալ սխալած վերացական տեսակէտով. սակայն ես անհատապէս, եւմանաւանդ պատրիարքութեան մէջ պաշտօնապէս, չէի կրնար համաձայնիլիրենց գործնական տեսակէտին, որ բախտախնդիր եւ արկածախնդիր, անխոր-հուրդ եւ աննպատակ ձեռնարկներով կը կազմուէր, եւ օգուտի ո՛չ մի ակնկալու-թիւն պարունակած ատեն` յայտնի վտանգներու եւ վնասներու կ’առաջնորդէր։Երբոր տեսակէտներու անհամաձայնութիւնը շեշտուեցաւ, կուսակցութիւնըյայտնի հալածանք բացաւ ինծի դէմ, ո՛չ միայն իրենց հրատարակութեանց մէջխծբծելով եւ նախատելով, այլեւ սպառնական նամակներով ահացնելու ջանա-լով, որ կա՛մ իրենց տեսակէտին համաձայնիմ եւ կա՛մ պաշտօնը թողում եւքաշուիմ։ Սակայն ես երկուքէն ալ կը խորշէի։ Իրենց տեսակէտին չէի կրնար 79

համաձայնիլ ու գործակցիլ, զոր անօգուտ եւ վնասակար կը դատէի. պատրիար-քութիւնը անգլուխ թողուլ կը խղճէի, զի նոր եւ օրինական ընտրութեանհաւանականութիւնը կը պակսէր, եւ պատրիարքարանը արքունեաց քմահաճոյ-քին մատնել վտանգաւոր էր, եւ երկու կողմէն ալ ձախող նախատեսութեանհանդէպ` տեղը մնալ եւ պարտականութիւնը շարունակել, զոհուիլ բայց չզոհել,խիղճի անհրաժեշտ պարտաւորութիւն կը դառնար։ Սակայն կուսակցականներ իրենց մտադրութենէն չէին շեղեր, եւ վերջիվերջոյգլուխ ելլելու յոյսով սպառնական նամակները հետզհետէ կը տեղացնէին, որոնց-մէ երեսունի չափ հաւաքած ու պահած եմ ամենայն գաղտնութեամբ, խիթալովոր մի՛ գուցէ կառավարութեան կամ ոստիկանութեան ձեռքը զէնք դառնայանմեղներ հալածելու, բռնութեանց դիմելու եւ ազգային կացութիւնը վրդովելու։Այս սպառնակական նամակներուն մէջ ամէն կողմէ եկողներ եւ ամէն տեսակպարունակութեամբ գրուածներ կան, յայտնի կամ կեղծ ստորագրութեամբ,կուսակցական կարմիր կնիքով կամ բոլորովին անանուն, տան դուռնէն կամպատուհանէն նետուած, եւ մինչեւ իսկ արտասահմանէ եւրոպական թղթատա-րութեանց միջոցով յղուած։ Իսկ պարունակութեանց կողմէն պոռոտախօս սպառ-նալիքներէ զատ որոշ ձեւեր ալ ցուցուած են, տեղեր եւ առիթներ նշանակուածեն, մինչեւ իսկ Ըթըր փողոցի բնակութեան ներքեւ ական բանալու եւ ուժանակովօդը հանելու խօսքը դրուած կայ։ Այդ սպառնական նամակները քանի ամիսներէ ի վեր դադարած էին 1902տարւոյ երկրորդ կէսին մէջ, երբ յանկարծօրէն տեղի ունեցաւ 1903 յունուար 6/19-իմահափորձը, երկուշաբթի օր մը, Ծնունդի պատարագի միջոցին, ԳումգաբուիՄայր Եկեղեցւոյն մէջ։ Սաստիկ եւ բքաբեր ձիւն կը տեղար յունուար 5/18-ին,այնպէս որ կառապանը չէր համարձակեր ճանպայ ելնել Բերայէն Գումգաբուերթալու, բայց Ճրագալոյցին գտնուիլ անհրաժեշտ էր, եւ պարտաւորուած ճան-պայ ելանք, թէպէտ Բերայէ Գումգաբու 12-է աւելի կառք չտեսանք ճանպուն վրայ։Ծնունդի առտուն ձիւնը կը շարունակէր, եւ անհնար էր թաղական խորհրդարա-նը զգեստաւորուիլ եւ աւանդատան մէջ զգեստաւորուելով պատարագի մտայ։Խնկարկութեան թափօրին ատեն, երբ դասին աջակողմեան դուռնէն դուրսկ’ելլայի, հրազէնի ձայն մը առի, եւ երբ ձայնին եկած կողմը դարձայ, գլխուս վերեւատրճանակը բարձրացուցած մէկը տեսայ, իսկոյն ցածցայ եւ երկրորդ հարուածըգլխուս վրայէն անցաւ։ Միշտ ցածցած նստարաններուն մէջ սողոսկեցայ, եւերրորդ հարուածը շեղեցաւ Լուսիկեան կօշկակարին կողմէ ատրճանակինտրուած շարժումէն։ Մինչ այս մինչ այն` բարապան Պօղոս Սրապեան, որ դասինձախակողմեան դուռը կը հսկէր, վանդակապատէն ցատկելով ատրճանակպարպողին վրայ կը խոյանայ եւ կը զգետնէ, եւ ժողովուրդը վրան կը խուժէ, եւթերեւս նոյն տեղ մահացնէր, եթէ ոստիկաններ ներս մտնելով դաւաճանին ան-ձին չտիրանային։80

Ես նստարաններուն մէջէն անցնելով ձախակողմեան Ս. Ծնունդ մատուռըմտայ, եւ վիրաւորուած ըլլալուս տակաւին անգիտակ, երգով կամ ճաշուով պա-տարագի ընդհատումը պարտկելու հրահանգ տուի, մինչեւ որ պատարագըշարունակելու դառնամ։ Շուրջս եղող քահանաներ եւ դպիրներ զգեստները վրա-յէս հանելու կ’աշխատին, ես կ’ընդդիմանամ, մինչեւ որ պատարագի շապիկըարիւնոտած տեսնելով վիրաւորուած ըլլալս կ’իմանամ, եւ արիւնով սեղան ելլելկանոնական չըլլալուն, կը համաձայնիմ զգեստները հանել եւ պատրիարքարանդառնալ, եւ Գէորգ եպիսկոպոս Երէցեան պատարագը կը շարունակէ։ ԲժիշկՊօղոս Ինճէեանի լուր կը տրուի, բժիշկ Միսաք Ճէվահիրճեան լուր կ’առնէ, եւմիասին կը փութան առաջին խնամքը կատարել եւ վէրքը զննել ու դարմանել։Ատրճանակի առաջին գնդակը ծանր շուրջառն ու հաստ եմիփորոնը ծակելով աջուսիս մտած, եւ դիմացէ դիմաց անցնելով դուրս ելած էր, բարեբախտաբար ոչոսկրին դպած էր եւ ոչ թոքը վիրաւորած, բայց այդ զննութեանց ատեն նուաղումզգալով կը մարիմ եւ լեզուս կոկորդիս մէջ կը դառնայ եւ Ճէվահիրճեան աքցանովետ քաշելով, եւ Ինճէեան առատ ջուր սրսկելով կրնան զիս ուշաբերութեանդարձնել, եւ վէրքը պատելով` պատրիարքարանի ննջասենեակը անկողինի մէջկը հանգչեցնեն։ Այնտեղ ես իմ կատարեալ հանդարտութիւնը կը ստանամ, եւմինչեւ իսկ զուարճաբանել կը սկսիմ` թէ մեռնելու համար Խորասանճեանբժշկապետին վճիռը անհրաժեշտ պայման չէ։ Ատրճանակ պարպողը եղած էր Յակոբ Խաչիկեան, Կարնեցի Մկրտիչ Խա-չիկեանի` Կարինէ սկսելով ծանօթ եւ բարեացակամ գիտցուած անձին որդին, որիր չորս ընկերներուն անուններն ալ կուտայ, որոնցմէ երեքը կը ձերբակալուին,իսկ գլխաւորը արդէն մայրաքաղաքէն հեռացած կ’ըլլայ։ Առաջնի ոստիկանականհարցափորձերու մէջ անկապակից պատճառանքներ կարկտել կ’աշխատին, իբրթէ Յակոբ Խաչիկեան զինքը բժշկական վարժարանի չյանձնարարելէս ցաւածըլլայ, մինչ արդէն ընդունուած էր եւ դեղագործական ճիւղին կը հետեւէր։ Եւ կամթէ իմ վրաս փորձուած դաւաճանութեամբ ունեւորները ահացնել ուզած ըլլան,որ իրենցմէ դրամ պահանջուած ատեն անհակառակ վճարեն։ Կը կարծուի եւսթէ իրենց առաջին միտքը թաղական խորհրդարանէ եկեղեցի անցած պահունգործել եղած ըլլայ, եւ ձիւնին պատճառով աւանդատան մէջ զգեստաւորուելուսառթիւ եկեղեցւոյ մէջ փորձել ստիպուած ըլլան։ Մահափորձին եկեղեցւոյ մէջ եւպատարագի ատեն կատարուած ըլլալը, եւ այն ալ Ծնունդի նուիրական տօնինօրը, մեծ տպաւորութիւն գործած էր ժողովրդական ըմբռնմանց վրայ։ Հազիւ թէ մահափորձին լուրը կը տարածուի, իսկոյն կը սկսին ոստիկա-նութենէ, եպարքոսութենէ, նախարարներէ, եւ արքունական պալատէ պատուի-րակներ եւ բժիշկներ հասնիլ, որպիսութիւն հարցնելու, ստոյգ լուրեր քաղելու, եւկարեւոր կարգադրութիւններ հրամայելու։ Դատարանէն ալ յատուկ հար-ցաքննիչ կուգայ իմ յայտարարութիւններս ու ենթադրութիւններս գիրի առնելու։ 81

Իմ հաստատուն եւ միատեսակ պատասխաններս եղան, թէ ոչ մի կանխաւգիտցուած նշան չունիմ, թէ մօտ ատեններ սպառնական ազդարարութիւններիսկ ստացած չեմ, եւ գործադիրներու հետ որեւէ շփում ունեցած կամ վրէժ-խընդրութեան առիթ տուած չեմ, եւ իմ միակ խնդրանքս է որ գործը անհատականեւ դոգ տղայական ձեռնարկ մը ըլլալուն ընդարձակ նշանակութիւն չտրուի,ձերբակալութիւններ չբազմապատկուին, ընդհանուր վրդովում առաջ չիգայ եւ,որչափ հնար է, գործը ամփոփ շրջանակի մէջ պահուի։ Այդ խնդրանքը յատկա-պէս կրկնած եմ ոստիկանական եւ դատական պաշտօնեաներուն, եւթախանձագին աղաչանօք յանձնարարած եմ կայսեր կողմանէ յղուած թիկնա-պահ գնդապետին։ Եւ ուրախ եմ յայտարարել որ խնդրանքս յարգուեցաւ, եւ չորսգործադիրներէն զատ ուրիշներ չմեղադրուեցան, եւ քանի մի առերեւոյթ կասկա-ծով ձերբակալեալներ շուտով արձակուեցան։ Իսկ գործին իսկութեան մասին,դաշնակցական Դրօշակ լրագիրը, փորձին անհատական նախաձեռնութեանարդիւնք, եւ կուսակցութեան անոր մէջ մասնակցութենէ օտար եղած ըլլալը հրա-տարակեց, թէպէտ ոչ ոք յայտարարութեան անկեղծութեանը հաւատաց։ Մահա-փորձի երեկոյին իսկ նոր սպառնական նամակ մը տունը կը տարուէր, զոր միւսառտուն կը կարդայի, թէ ինքզինքդ ազատած մի՛ կարծեր, կեանքդ ապահով չէ։ Ընտանեկան շրջանակի մէջ ալ անհնար էր որ գոյժը մեծ յուզում չպատճառէր,եւ Եւգինէ ու Ագապի քոյրերս եւ ազգակիցներէ շատեր, հակառակ բքաբեր ձիւնինեւ փոխադրութեան դժուարութեանց, հետզհետէ Գումգաբու սկսան հասնիլ,անձամբ տեսնելու եւ ստուգութեամբ տեղեկանալու համար. քեռայրս ՄիհրանՏէր-Ներսէսեան Եգիպտոս կը գտնուէր, իսկ եղբայրս բժիշկ Կոմիտաս Օրման-եան կը յաճախէր եղբայրական զգացմանց եւ բժշկական խնամոց հաւասարա-պէս յագուրդ տալու համար։ Ազգայնոց այցելութիւնները անթիւ անհամար էին,ամէն դասակարգէ եւ ամէն աստիճանէ, մանաւանդ Ծնունդի երկրորդ օրը, որպաշտօնական շնորհաւորութեանց օրն է, եւ ազգայիններ խուռն եկած էինմահափորձէն ազատութեան խնդակցութիւն ալ յայտնելու։ Ուրիշ ազգաց պատ-րիարքներն ալ իրենց խնդակցական ողջոյնները հասուցին պատուադիրպատուրակութիւններով։ Գրաքննութիւնը արգիլած էր եղելութիւնը լրագիրներումէջ պատմել, եւ խմբագրութիւններ կը գոհանային շարունակ շաբաթ մը պատ-րիարքարան այցելողներու երկար ցուցակներ հրատարակելով, հանրութեանմտադրութիւնը արթնցնելու համար։ Երկուշաբթիէ շաբաթ պատրիարքարան մնացի, թէ վէրքին դարմանին եւ թէհիւանդութենէ զգուշանալու համար, որ կրնար առաջ գալ վիրաւորուելէ եւայլայլելէ։ Վերեւ յիշուած երկու բժիշկներ եւ պալատէն նշանակուած վիրաբոյժմը առտու եւ երեկոյ կ’այցելէին, թող բարեկամաբար եկող բժիշկները։ Երբորշաբաթ օր յունուար 11/24-ին տուն փոխադրելու կը պատրաստուէի, թաղինոստիկանութեան գլխաւորը եկաւ հեծեալներու ընկերանալը ծանուցանել, զոր82

մերժեցի հանրութենէն կասկածիլ եւ վախնալ չցուցադրելու համար, իրենկամքին թողլով` եթէ կ’ուզէր` լռին եւ ծածուկ հսկողութիւն կատարել. միայնՊօղոս Սրապեան բարապանի հետ եւ բժիշկի մը ընկերակցութեամբ կէս օրէնետքը տուն եկայ։ Յունուար 17/30-ի գիշերը աղեաց սաստիկ տագնապ մըանցուցի, որ գիշերային բժշկական խորհրդակցութեան պէտքը զգալի ըրաւՊարոնիկ Մատթէոսեան ու Վահրամ Թորգոմեան ու Կոմիտաս Օրմանեանբժիշկներու կողմէ, եւ յաջողութեամբ փակուեցաւ։ Տակաւ կազդուրուելով կարողեղայ յունուար 22/4 փետրուարին նախապէս Ղալաթիոյ Ս. Ամենափրկչին ուխտիիջնալ, եւ անկէ Եըլտըզի արքունիքը երթալ կայսեր կողմէ ցուցուած մտադրու-թեանց շնորհակալութիւն յայտնելու։ Յունուար 24/6 փետրուարին մահափորձինօրը աշխատողներուն շքանշաններ շնորհուեցան, 30/12-ին առաջին անգամպատրիարքարան եկայ, 31/13-ին կայսրէն յատուկ տեսակցութեան հրա-ւիրուեցայ եւ սիրալիր ընդունելութիւն գտայ եւ բացառիկ ծախուց համար նուէրալ ստացայ, փետրուար 3/16-ին եպարքոսին եւ դիւանապետին եւ նախարարացայցելեցի, 5/18-ին Վարչութեան Ժողովին նախագահեցի, եւ 13/26-ին առաջինանգամ քարոզ խօսեցայ։ Մահափորձի հեղինակներուն դատը բարձրագոյն հրամանով արագաւարտեցաւ, եւ յունուար 25/7 փետրուարին Խաչիկեանը մահուան եւ երեքձերբակալեալները եւ խոյս տուած չորրորդը ցկեանս բանտարգելութեան դատա-պարտուեցան. փետրուար 17/2 մարտին վճիռը վճռաբեկ ատեանէն հաս-տատուեցաւ, եւ մարտ 8/21-ին յատուկ դիմումով Խաչիկեանի մահւան ներումըստացայ, որ ցկեանս բանտարկութեան փոխարկուեցաւ։ Արդէն ես դատախազիդերը չէի ստանձնած, արդարութեան թողլով իւր օրինական ընթացքը վարել։ Մահափորձի բուն նպատակը իմ մահուամբս կամ գոնէ ահաբեկեալհրաժարմամբս պատրիարքական աթոռը թափուր թողուլ, ազգը անտէրնչու-թեան մատնել, եւ Համիտը նորանոր բռնութեանց գրգռել ըլլալուն, ինծի նուիրա-կան պարտք սեպեցի իմ պահնորդութեան դերը չլքանել եւ պաշտպանողականպատնէշէն դասալիք չփախչիլ. եւ որպէսզի ձախող մեկնութեամբ վատ դերը ինծիչվերագրուի, ուրիշ պատճառներով ալ հրաժարականի փորձը չգործադրեցի1903-էն մինչեւ 1906, երբ ժամանակի հեռաւորութիւնը այդ միտքը այլեւս չէրզարթուցաներ, եւ պարագային կարեւորութիւնը այն փորձին դիմել կը թելադրէր։Նիւթերու կապակցութեան պատկառ կալով անցնիմ այդ փորձը կատարել։Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան, Խոհք եւ խօսք, Երուսաղէմ, Տպարան ՍրբոցՅակոբեանց, 1929, էջ 201-207 ------ 83

50.ԽԱՉԻԿ ՍԷՄԷՐՃԵԱՆ (սպանութիւն)15 Փետրուար 1903Հանգամանք` ԴաւաճանՍպանող` Դաշնակցական տէռօրիստԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Վասպուրականի Կեդրոնական Կօմիտէ ՏԷՌՕՐ Վասպուրականի Կեդր. Կօմիտէի որոշմամբ տէռօրի ենթարկւեցաւ յայտնիմատնիչ Խաչիկ Սէմէրճեանը փետրւար 2/15-ին կիրակի երեկոյ ժամը 11-ին։Տէռօրիստը ազատ է։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Ապրիլ 1903, XIII տարի,թիւ 4 (135) էջ 64 ------51.ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ (մահափորձ)22 Փետրուար 1903, ՎենետիկՀանգամանք` Հրաժարեալ Վերակազմեալ ՀնչակեանՍպաննող` Մարտիրոս Հացագործեան (Էքսէրճեան)Կազմակերպող` Վերակազմեալ Հնչակեաններու Վահէ Արզուեանի խմբակ ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆԻ ԴԷՄ ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՀԱՓՈՐՁԸ Հ. ՄԿՐՏԻՉ ՎՐԴ. ՊՈՏՈՒՐԵԱՆ Բարեկենդանի օրերուն էր, երբ Ս. Ղազարու վանականները հրաւիրուած էիններկայ ըլլալ թատերախաղի մը, Վենետիկեան որբանոցի մը տնօրէնութեանկողմէ։ Հոն էի, քանի մը երիտասարդ վարդապետներու հետ, վանքին եւ ՄուրատՌաֆայէլեանի աշակերտներով։ Առաջին արարին վարագոյրը չէր իջած, երբ մեր վարդապետներէն մէկը ներսմտաւ, եւ առանց սպասելու որ վարագոյրն իջնէ եւ սրահին լոյսերը բացուին,գուժեց ականջիս - «Արփիարը զարկի՜ն...»։84

Խումբ մը վարդապետներ թողուցինք թատերասրահը եւ շտապեցինք այնհիւանդանոցը ուր փոխադրուած էր Արփիար։ Խոր քունով անշարժ էր մահճակալին մէջ, թմրեցուցիչի ազդեցութեան տակ։Քովը, գթութեան մայրապետ մը կը հսկէր։ Վէրքը մահացու չէր բարեբախտաբար,եւ ի դժբախտութիւն` զինք սպաննել ուզողներուն։ Սպասեցի որ արթննայ։ Կէս ժամ ետք արթնցաւ, ու ժպիտ մը գծագրուեցաւ դէմքին վրայ։ - Անցած ըլլայ, Պր. Արփիար։ Երա՞զ է թէ իրականութիւն։ Ո՞ր գինովին հար-ւածը քեզ հոս բերաւ։ - Նորավէպդ տպեցի՞ր. գէշ չէ, տպէ... - Ձգէ՛ հիմա հին վիպակները, այս նոր նորավէպին նայինք։ Ի՞նչ կը նշանակէայս դէպքը։ - Զիս սպաննել ուզեցին, բայց չյաջողեցան. ուրիշ ոչինչ։ Գիտէի արդէն։ Ինծիգրած էին Եգիպտոսէն, բայց լուրջի չէի առած եւ գրեթէ մոռցած էի։ - Ժամը քանիի՞ն պատահեցաւ։ - Տասնին երբ տուն կ’երթայի, հրացանի հարուածի մը ձայնը լսեցի հատ մընալ ետեւէն. չորս կողմս նայեցայ, ոչ ոք չկար։ Քիչ մը առաջ գացի, զգացի որ վիզէսքրտինք կը վազէ։ Քրտինքս սրբեցի, եւ փողոցի լամբին տակ թաշկինակիս նայե-ցայ, ու տեսայ որ արիւն է եղեր... Խեղճ մոլորածի մը քաջագործութիւնը...Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ, 15 Մարտ 1974, ԾԸ. տարի, թիւ 16.770, էջ 2 ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ ՏԱՐԻ ՊՈԼՍԷՆ ԴՈՒՐՍ 1896-1908 ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ Եգիպտոս հասնելէս քանի մը ամիս ետքը Արփիարն ալ Վենետիկ կ’երթարհաստատուիլ ու հոն կը սկսէր հրատարակել իր Հայ հանդէս հանդէսը, տասնը-հինգ օրը անգամ մը։ Իր այս նոր հանդէսով Արփիար բուռն կռիւ մը կը մղէր վերակազմեալ Հնչակ-եաններու եւ մասնաւորաբար Վահէի եւ Արշակ Չօպանեանի դէմ։ Այս պայքարին արդիւնքը այն եղաւ որ Հայ կեանքի հրատարակութենէնքանի մը ամիս ետքը, Արփիար, Վենետիկի մէջ, իրիկուն մը կամուրջէ մը անցածատեն կռնակէն րէվոլվէրի 4-5 գնդակ ընդունեց եւ վիրաւոր գետին ինկաւ։ Բարեբախտաբար վէրքերը մահացու չէին եւ հիւանդանոց փոխադրուելովշուտով ապաքինեցաւ։ Չմոռնամ յիշելու որ, ինչպէս յետոյ ստուգեցինք, իր Տէրօրը Եգիպտոսէն գա-ցած էր Վենետիկ յատկապէս այդ «քաջագործութիւնը» կամ «հերոսութիւն»-ը 85

կատարելու համար։ Արփիարի երկրորդ մահափորձն էր այս որ անյաջող կ’ելլէր։ Հազիւ թէ առողջացած Արփիար չուզեց հանգիստ նստիլ։ Ահաւասիկ թէ ի՛նչկը գրէ ինծի Վենետիկէն 1903 Մարտ 18 թուականով. «Արդէն հիւանդանոցէն փութացեր էի քեզի գրել, ինչ որ աղէկ ըլլալս կ’ի-մացնէր։ Հիւանդանոցէն ելած եմ, բայց դեռ տկար եմ։ Քիչ կ’աշխատիմ։ «Հայ հանդէսը առ այժմ չեմ կրնար հրատարակել, թէ տկարութեանս պատ-ճառաւ, թէ ըրած ծախքերուս։ Բա՛յց կը խորհիմ ուրիշ ձեւով հրատարակել,այնպէս որ Ռուսիա եւս մտնէ։ Կ’ուզեմ զուտ գրական եւ պատմական հանդէս մըընել, առանց քաղաքական խնդիրներու։ Անունը պիտի փոխեմ եւ գրքի ձեւովպիտի հրատարակեմ։ Այդ է դիտումս»։ Իսկ գալով իր վրայ կատարուած մահափորձին` Արփիար հետեւեալ բա-ցատրութիւնները կուտայ. «Այս ամենէն ետքը դիպուածիս մասին երկար չեմ գրեր։ Ինչպէս որ արդէնգրած էի, Վահէին գործն է։ Առաջին տպաւորութիւնս հաստատուեցաւ կարգ մըիրողութիւններէ որոնք անծանօթ էին ինծի։ Նախապատրաստութիւններըտեսնուած էին Անահիտի միջոցաւ երկու տարիէ ի վեր։ Վերջերս շատ խայտա-ռակութիւններ եղեր է, չէի գիտեր։ Իր «Հնչակեան»ները սկսեր են իրեն դէմ ելլել,բոլոր ըրածները մէջտեղ հանել, շատ մը բաներ։ Ես այս ամէնը չգիտնալով`Ամերիկա գրած էի Յունուար 1-ին որ սա մեր հաշիւներն ալ կարգադրեն, ու մերվարչութեան օրուան տեղեկագիրը պատրաստեն ու մենէ հաշիւ ուզեն։ Վահէնեւ սօուք հէրիֆը հասկցած են որ իմ պահանջումներս շատ գէշ պիտի ըլլան եւմեծ կշիռ պիտի ունենան ուրիշ ամբաստանութեանց քով. եւ որովհետեւ ես շատբան գիտեմ, շատ թուղթեր ունիմ, ուստի կործանումնին ինէ կը վախնան։ Եւմտածել որ այսօր 16-18 ընտանիք Եւրոպա ու Ամերիկա պիտի ապրին կու-սակցական դրամով, առանց բան մը ընելու. հացի խնդիր։ Եւ Վահէն է որ ինքնալ մեծ գումարի պէտք ունենալով հանդերձ, միւսներն ալ պիտի հոգայ։ Իմմահուանս մէջ փնտռած են քիչ մը ապահովութիւն թէեւ չմեռայ, բայց դեռ հոսմարդ կը սպասցնեն կոր, սակայն ոստիկանութիւնը զգուշութիւններ ձեռք առաւու ետեւէս պտտող նոր «հերոս»ը այս օրերս աներեւութացաւ, վասն զի ճանչցուե-ցաւ։ Անշուշտ նոր մը կը ղրկեն։ «Զիս սպաննելու թէրօրներէն մին Ալեքսանդրիայէն էր. ըսաւ թէ կօշկարարէ. հաւանաբար սուտ է։ Բայց Ալեքսանդրիայէն ըլլալը իրաւ է, զի շատ մը նորտեղեկութիւններ հարցուցի եւ ամէնուն ճիշտ պատասխան տուաւ։» * ** Վենետիկի մէջ Արփիարի վրայ կատարուած մահափորձը, թէեւ անյաջող,բայց բուռն զայրոյթ առաջ բերաւ Եգիպտոսի մէջ եւ շատ վնասեց վերակազմեալՀնչակեաններու վարկին` միւս կողմէ հոս համակրութեան նոր հոսանք մը ստեղ-86

ծեց դէպի Արփիարը եւ իր բարեկամներն ու համակիրները մտածեցին զինքըԵգիպտոս բերել եւ հոն գրական զբաղում մը ճարել իրեն։Ժամանակ, օրաթերթ, Կ. Պոլիս, 9/23 Նոյեմբեր 1912, Ե. տարի, թիւ 1272, էջ 1 ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿԸ ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆԻՆ Ալեքսանդրիա, 12 մայիս 1903Սիրելի Արփիս, Երէկ ստացայ նամակդ, ամիս մըն է, որ ամէն օր առջի նամակիդ պատաս-խան գրել կ’ուզէի եւ ամէն օր կը յետաձգէի, մանաւանդ, որ շատ մըն ալ կարեւորբաներ ունէի գրելիք։ Վահէն հոս էր, հիմակ ալ հիւանդ պառկած է եղեր Բոր-Սայիտ։ Գուշակու-թիւնդ ճիշդ է, իր գործն է եղեր քեզի դէմ եղած սպանութեան փորձը։ Գահիրէիմէջ որոշեր են, Ատոմ Ասլանեանի տանը, մարդն ալ Գահիրէէն գտեր ղրկեր են։Գահիրէ ամէն մարդ գիտէ ասիկա։ Նոյնիսկ իտալական ոստիկանութենէն տեղե-կութիւն եկեր է հոս, եւ այս տեղի ոստիկանութիւնն ալ խուզարկութիւն կըկատարէ եղեր։ Հոս ալ դաշնակցական մը ինծի ըսաւ, որ Վահէն Ալեքսանդրիա գտնուածմիջոցին իրենց տղոցմէ մէկուն դիմեր է եւ առաջարկեր է զինքը Եւրոպա ղրկելեւ հոն մէկը սպաննել, եւ 40-50 ոսկի խոստացեր է, մարդն ալ եկեր, իր մեծերունխօսեր է, եւ անոնք ալ արգիլեր են իրեն երթալ։ Քու վրայ եղած փորձին ատեն Վահէն Գահիրէ էր, յետոյ հոս եկաւ ու բաւա-կան ժամանակ հիւանդ պառկեցաւ. օր մըն ալ իմացանք, որ շոգենաւով մեկներէ, երէկ ալ լուր առի, թէ Բոր-Սայիտ հիւանդ պառկած է եղեր։ Կ’երեւայ, որ շոգե-նաւին մէջ հիւանդացեր ու ստիպուեր է Բոր-Սայիտ ցամաք իջնել. Շահնազարըամիսուկէս կայ հոսկէ մեկնեցաւ Թիֆլիզ, լուր ունի՞ս։ Քու վրայ եղած փորձինառթիւ սոսկալի կատղած էր Վահէին դէմ, նոյնիսկ միտք ունէր բաներ մը հրա-տարակել։ Իրեն գրած նամակդ Գահիրէի մէջ ամէնուն ցուցուցեր է եւ Վահէինդէմ սոսկալի խօսքեր ըրեր է. ան ալ կատղած էր, այս պատճառաւ, Շահնազարինդէմ։ [...]ՔոյդԵ. ՕտեանԵրուանդ Օտեան, Նամակներ, Երեւան, Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգա-րանի Հրատարակչութիւն, խմբագիր` Հենրիկ Բախչինեան, 1999, էջ 170-171 ------ 87

52.ՄԽՕ ՇԱՀԷՆ (սպանութիւն)Ապրիլ 1903, ՊաթումՀանգամանք` Վերակազմեալ Հնչակեան գործիչԿազմակերպող` Հնչակեան Կուսակցութիւն ՍԵՒ ԵՂԵՌՆԸ ԱՀՌԵԼԻ ԲՕԹԸ Լօնտոնէն հասնող նամակի մը մէջ, խելայեղ աչքերով կը կարդանք հետեւեալտողերը. Բառ չունինք որակելու համար եղբայրասպանութեան այն արարքը, զորստուգապէս ու հաստատօրէն կը հաղորդեն մեզ մեր Պաթումի ընկերները։ Մխօն` մեր ամենքէն սիրուած ու պաշտուած Շահէնը` սպաննուած է Փօթիիմէջ։ Մխօն` Կովկաս անցած` հոն իր կորովի ընթացքով, ու անկեղծ եւ ճշգրիտլուսաբանութիւններով, ընկերներու համակրանքն ու վստահութիւնը գրաւած ումեծ յաջողութիւն ձեռք բերած էր։ Ինչպէս կ’երեւի, մեքենայութեան մը զոհ գացած է անմոռանալի Մխօն, որունհամար Պաթումէն գրած են մեզ հետեւեալ տողերով. «Մխօյի սպաննումը` որ տեղի է ունեցել ա՛յնքան տմարդութեամբ, խորապէսյուզել է շատերին, առանց կուսակցական խտրութեան, նա՛մանաւանդ իրա հայ-րենակիցներին, որոնք ճանաչում են նրա փառաւոր անցեալը Հայրենիքի օգտինգործելու մէջ։ «Չենք կրնար աւելի երկարել. մեր զգացած ցաւը, կսկիծն ու կատաղութիւնըչափ չունին»։Ձայն հայրենեաց, [Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան Խօսնակ,] շաբա-թաթերթ, Պոսթոն, 9 Մայիս 1903, Դ. տարի, թիւ 185, էջ 1 ԴԻԱԿԵԱՆ ԵՂԵՌՆԸ Ա. Ատելութեան Գործին ու Գործաւորներուն վրայ մեր խմբագրականներունշարքը առժամապէս փակելով, կռնակնիս կը դարձնէինք Դիակեան Վոհմակին[խօսքը Հնչակեան Կուսակցութեան մասին է, Հ.Ա.] ու կը մտածէինք հոս որխնայուէր մեզի անոր խօսքն իսկ ընելու գերմարդկային նողկանքը։88

Բայց, այսօր, Դիակեան Ճիւաղներուն հրամանովն ու եղբայրասպան սեւձեռքերովը թափուած` Մխօի նուիրական արիւնին առջեւ, ա՛լ ամէն նկատումմէկդի պէտք է դնենք, ամէն ներքին դժկամակութիւն պէտք է յաղթենք, ամէնզզուանք պէտք է կուլ տանք, ըսելու, պոռալու համար անհրաժեշտ ու անողոքճշմարտութիւններ, - ստիպողական ճշմարտութիւններ, զորս ժողովուրդը պէ՛տքէ գիտնայ եւ զորս լռելը ա՛լ ոճիր մը պիտի ըլլար մեր կողմէն։ Դիակեան Վոհմակը խայտառակ ու խժգալի էր երէկ` ամենուն աչքին։ -Այսօր, Դիակեան Վոհմակը Եղբայրասպան ու Եղեռնագործ կը հանդիսանայ, ուիր առթած տիեզերական Նողկանքին կը խառնուի ամենուն ներսիդին արդար ուանզսպելի զայրոյթ մը։ Այսօր, անհերքելի, քստմնելի եւ ըմբոստացուցիչ ճշմարտութիւն մըն է թէ`Դիակեան Վոհմակին հրամանովն ու եղբայրասպան սեւ ձեռքերովը կա-տարուած է` աննախընթաց ու աներեւակայելի վատութեամբ` մեր պաշտելիՇահէնին սպաննութիւնը. – Անցեալ անգամ, ծայրագոյն խղճահարութեամբ մը,չէինք ուզած ճշդել այս Սեւ Եղեռնին հեղինակները, - թէեւ մեզի համար անտա-րակուսելի ու անվիճելի իրողութիւն մըն էր` թէ Դիակեան Ճիւաղներուն գործըմիայն կրնար ըլլալ այդ ահռելի Եղբայրասպանութիւնը։ - Այսօր, մեր ստացածնորանոր տեղեկութիւնները վերջնականապէս կը հաստատեն մեր համոզումը,ու կրնանք` անվարան` հռչակել, թէ Նազարպէկ-Դիակին ծառաներն ու մեղսա-կիցներն են որ սպաննել տուած են մեր խե՜ղճ անմոռանալի Մխօն։ Կովկասէն հետեւեալ արիւնոտ տողերը կը գրեն ուղղակի մեզի. «Փոթիէն մարդիկ եկած են. այդ մարդիկը կը պատմեն, թէ Շահէն Փոթի հա-սած օրը` կը դիմաւորեն զինքը, տուն մը կ’առաջնորդեն եւ այդ տանը մէջ` բազ-մութեամբ յանկարծակի կը յարձակին մեր թանկագին հերոսին վրան եւ լայնդանակներով կը խողխողեն։ «Սագունիները Շահէնը «բախտախնդիր եւ խաչագող» անուանելով` թիւ 12-դ շրջաբերականով մը – որ ուղղուած է իրենց «Սեւ Ծովի ռուսական ափերիհարազատներին» - հրահանգած են որ զայն «չարաչար հալածեն» երբ մօտ երթայիրեն մաքուր մարմինները թունաւորելու, սողոսկող օձի նման...»։ Եւ հիմա որ այս Սեւ Եղեռնը կուգայ Հանրային իրաւարար ու վրէժխնդիրԴատաստանին առջեւ քաշկռտել Դիակեան եղբայրասպան Վոհմակը` պէ՛տք էոր մենք անողոքաբար ստանձնենք Դատախազի դերը, որ անառարկելիօրէնմեզի կ’իյնայ։ Ու մենք պիտի գիտնանք այդ դերը կատարել, անոր համար պէտքեղած բովանդակ ճշգրտութեամբն ու յամառ ու աննկուն հետապնդումովը։ Մենքպիտի գիտնանք Հանրային խղճմտանքին առջեւ պարզել ամբողջ եղեռնականհոգեբանութիւնը Դիակեան Վոհմակին։ Մենք պիտի գիտնանք լուս-աշխարհքբերել Դիակեան Ճիւաղներուն` ատենէ մը ի վեր` գետնաքարշօրէն մեքենացածբոլոր մթին սադրանքներն ու տիղմի մէջ փայփայած պիղծ երազները։ - Մենք 89

պիտի գիտնանք ժողովուրդին գարշած ու մոլեգնած աչքերուն տակ դնել`Նեխութեան, Վատութեան, Ոճիրի ու Մատնութեան խառնակոյտը որ ԴիակեանՎոհմակը կը ներկայացնէ։ Բայց այս անհրաժեշտ ու ստիպողական գործէն առաջ, կ’ուզենք, անգամ մընալ, կանգ առնել` արցունքոտ ու վրիժավառ աչքերով` մեր անգին, անփոխարի-նելի Մխօին արիւնազանգ դիակին առջեւ, ու կ’ուզենք, անգամ մըն ալ, մերչորսդին նայիլ, տեսնելու, ստուգելու համար հայ հասարակութեան դիրքը` այսՍեւ Եղեռնին ու անոր հեղինակ` Դիակեան Սեւ Վոհմակին հանդէպ։ Անցեալ անգամ, Մխօի սպաննութեան ահռելի բօթին շանթահարիչ տպաւո-րութեան տակ` մեր շփոթ մտքերուն մէջ ծագած առաջին հարցումն եղաւ ասիկա.- «Ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայ Ժողովուրդին դիրքը` այս սեւ, այս խուժդուժ Եղբայրաս-պանութեան հանդէպ»։ Մխօի սպաննութեան գոյժը է՛ն անկեղծ ու է՛ն խորունկ կսկիծն ու զայրոյթըյառաջ բերաւ Ամերիկահայ Գաղութին մէջ։ Մեր շարքերէն դուրս` Չէզոք ժողո-վուրդն ալ զգաց` Մխօի անհետացումով եղած ազգային կորուստին ահագնու-թիւնը, եւ անոր աչքերն ալ սուգի ու դառնութեան արցունքներով լեցուեցան։Ժողովուրդը զգաց, թէ Շահէնը Հնչակեան մը ըլլալէ աւելի, Հնչակեան մը ըլլալէառաջ` Հայ Ազգին է՛ն անձնուրաց ու երախտաւոր զաւակներէն մէկն էր ու է՛նարի ու փառաւոր Զինուորը` Հայ Հայրենիքին... Ժողովուրդը զգաց ասիկա։ - Կըմնայ մեզի գիտնալ թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ իր դիրքը` Մխօի արիւնովը կարմրածԴիակեան Վոհմակին հանդէպ։ Հայ գիտակից հասարակութիւնը պիտի ներէ՞, պիտի հանդուրժէ՞ որ Դիակ-եան Եղբայրասպան Ճիւաղները դեռ համարձակին իրեն առջեւ ներկայանալ,յեղափոխական Բեմը անարգել ու անկէ իրենց պիղծ բերանները բացած`Ատելութեան, Ոճիրի ու Մատնութեան ժահրը թափել։ - Չե՛նք կրնար հաւատալ,չե՛նք ուզեր ենթադրել... Հայ Ժողովուրդը է՛ն անարժան ու անբարոյացուցիչվատութիւնը գործած պիտի ըլլայ` եթէ իր մեղսակից կրաւորականութեամբը,քաջալերէ Դիակեան Սեւ Վոհմակը։ - Հայ Ժողովուրդը ինք իր դէմ դաւաճանածպիտի ըլլայ` եթէ հանդուրժէ որ` իր ու իր ցաւերուն անունով` Դիակեան Ճիւաղ-ները կենդանացնել փորձեն Նազարպէկ մը – Հայ Ցեղին վիժած այդ մեծագոյնՍրիկան – ու անդին` միշտ իր ու իր ցաւերուն անունով` ոչնչացնեն Շահէն մը, -Հայ Ցեղին արտադրած այդ համեստ այլ հոյակապ Կռուողը...։ Իսկ դուք, ո՜վ անգիտակից ու կուրացած հետեւորդներ Դիակեան Վոհմակին,դո՛ւք, ո՜վ անասնացած, այլասերած ենթականեր Արզումանեանց, Սաքունի եւԿիւրեղեան կոչուող Մարդակերպ Գարշանքին` ըսէ՛ք, կա՞յ ձեր մէջ մէ՛կը որյանդգնի արդարացնել Մխօին հրէշաւոր սպաննութիւնը... Ըսէ՛ք, կա՞յ ձեր ճղճիմշարքերուն մէջ այս յանդգնութեան կարող մէկը... եւ` եթէ կայ` թո՛ղ երեւան ելլէո՛վ որ է այդ չըլլալի՛ք ադամորդին... Ըսէ՛ք, ո՜վ եղբայրասպան վատեր, կա՞յ ձեր90

մէջ մէկը որ համարձակի հրապարակ գալ ու ձեր ճիւաղապետերուն վճռած ուգործադրել տուած այդ Սեւ Եղեռնը չքմեղել, պատճառաբանել – եւ մարդկայինբարոյական ի՞նչ սկզբունքի, յեղափոխական ի՞նչ արդարութեան անունով... Ու մէ՞կը չպիտի ելլէ ձեր հոտած, փտած շարքերէն, որ` արցունքի կաթիլ մըաչքերուն մէջ ու ձեռքը սրտին` հառաչէ. «Վա՜խ, վա՜խ Մխօ՛, վա՛խ...»։ Վատե՛ր, վատե՛ր, վատե՛ր...։Ձայն հայրենեաց, [Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան Խօսնակ,] շաբա-թաթերթ, Պոսթոն, 13 Մայիս 1903, Դ. տարի, թիւ 186, էջ 1 ԴԻԱԿԵԱՆ ԵՂԵՌՆԸ Բ. Որպէսզի՛ Հայ Ժողովուրդը կարող ըլլայ Դիակեան այս Սեւ Եղեռնը տեսնելու ըմբռնել իր բովանդակ կանխամտածուած ու ծրագրուած հրէշութեամբը,որպէսզի՛ Դիակեան Ճիւաղները իզուր նկրտած ըլլան խուսափիլ` իրենց հրա-մանովն ու անասելի վատութեամբը թափուած` Մխօի արիւնին հալածանքէն եւայդ նուիրական արիւնէն թունդ ելլող ու իրենց դէմ սպառնագին ծառացողՀանրային գերագոյն Դատաստանէն, որպէսզի՛ Դիակեան Սեւ Վոհմակը` Հնչակու Հայաստան [իմա` Երիտասարդ Հայաստան, շաբաթաթերթ, Հ.Ա.] անուններըսրբապղծող աղտոտ քուրջերով պատանքուած` չի կրնայ ապաստանիլ շնականՍուտին ու պոռնկային Զրպարտութեան ետին` ատե՛ն է որ ամենուն պարզենքմերկ ու անողոք Ճշմարտութիւնը, ատե՛ն է որ ամենուն աչքը խոթենք կարգ մըիրողութիւններ, զորս լռեցինք մինչեւ հիմա` Արզումանեանց-Սաքունի-Կիւրեղ-եան մարդակերպ Գարշանքին նկատմամբ մեր անսահման արհամարհանքէն ուանյաղթելի նողկանքէն ստիպուած։ Դիակեան Ճիւաղներուն հրամանովն ու սեւ մեքենայութեամբը` մեր պաշտե-լի Շահէնին սպաննութիւնը որքան ալ յանկարծակիի բերաւ մեզի` չի կրցաւ, ուո՛եւէ հանգամանք չունէր, Դիակեան Վոհմակին մէկ նոր ու անակնկալ հոգեբա-նութիւնը երեւան հանելու` մեզի համար։ - Մենք չէինք սպասեր, չէինք կրնար,վայրկեան մը անգամ, կասկածիլ թէ այդ գիշերախառն հոգիները պիտի համար-ձակէին, պիտի ահաւոր, անյղանալի ու անկարելի յանդգնութիւնն ունենայինՄԽՕԻ ՄԸ արիւնին մէջ թաթխուելու – այսինքն Հայրենիքին դէմ դարձնելու ու`Հայրենիքի այդ անզուգական ախոյեանին մէջէն` Հայ Ազգին սիրտն իսկ մխելժպրհելու իրենց եղբայրասպան թունաւոր դաշոյնը։ Չէ՛, ա՛յսքան հրէշութիւն, կըխոստովանինք, վե՛ր էր` մարդկային ծայրագոյն անարգութիւնն իսկ յղանալու,երեւակայելու մեր կարողութենէն։ Ատիկա չէինք կրնար մեր մտքէն անցնել։Ատիկա Անկարելիին, Անբնականին ու Գերմարդկայինին սահմաններուն մէջ կը 91

մնար մեզի համար, ու երբէ՛ք, րոպէ՛ մը իսկ, չանդրադարձանք ատանկ չարաշուքկարելիութեան մը վրայ։ Ու, բնականաբար, Դիակեաններու հրամանովն ումեքենայութեամբը կատարուած Մխօի սպաննութեան բօթը սահմռկեցուց, քա-րացուց մեզի։ Դիակեան Հրէշութիւնը դիւային ու խօլական համեմատութիւններկ’առնէր մեր աչքին։ Դիակեան Ճիւաղները իրենց պիղծ ձեռքերովն իսկ իրենցգերեզմանը կը փորէին Հանրային Խղճմտանքին մէջ – եւ դեռ ո՛վ գիտէ ո՛ւր...։ Բայց, կը կրկնենք, Շահէնի սպաննութեան գոյժէն առաջ մեզ ծանօթ էր արդէնԴիակեան Վոհմակին քստմնելի հոգեբանութիւնը։ Գիտէինք իրենց եղբայ-րասպան բոլոր մթին ծրագիրներն ու արիւնախանձ երազները։ - Գիտէինք, թէի՞նչպէս, ու Վատութեան ու նենգութեան ի՞նչ յաջորդական փուլերէ անցնելով,քաշկռտելով` Դիակեան Վոհմակին է՛ն անարգ ու է՛ն գետնաքարշ մարդակերպ-ները եկեր, յանգեր էին Եղբայրասպանութեան եղեռնական փորձութեան ուխելագար որոշումին։ Ատե՛ն է, ու անհրաժե՛շտ է, որ Հայ Ժողովուրդն ալ գիտնայ ի՛նչ որ մենքգիտէինք ու ի՛նչ որ մենք գիտենք, անհերքելի իրողութիւններու եւ անջնջելիփաստերու հիման վրայ համոզուած։ * ** Դիակեան Դաւադրութեան ջախջախումէն անմիջապէս վերջն էր որ հետզհե-տէ երեւան եկաւ Դիակեան Վոհմակին այդ դժոխային հոգեբանութիւնը։ Նազար-պէկ-Դիակը վերակենդանացնելու – ազգային այդ մեծագոյն Սրիկան նորէնազգային ճակատագրին իշխող դիրքի մը հասցնելու – իրենց առաջին ոգորումնե-րուն մէջ ճզմուած ու Հնչակեան Մարմինէն դուրս փսխուած` Դիակեան Ծառա-ները իրենց վախճանական ու անդառնալի խաղքութիւնն ու խորտակումըտեսան, խելառ ու սարսափած աչքերով չափեցին Անկումին անդունդը որուն մէջթաւալգլոր կը մխրճուէին ու ա՛լ փրկութեան ու ինքնապահպանումի ամէն յոյսու ակնկալութիւն կորսնցուցած` աճապարեցին կառչիլ Վատութեան ու Մատ-նութեան ընձեռած գերագոյն միջոցներուն։ Իրենց դողահար կատաղութեան չափչի կար. կը փրփրային, կը լորձնոտէին, կը գալարուէին։ Մտածեցէ՜ք անգամ մը...դեռ հազիւ դուրս ելեր էին Ամօթին ու Անկարողութեան մութ ու գարշահոտանկիւններէն ուր վեց տարի շարունակ քաշկռտուեր, քսոտեր էին եւ ուր` ամբողջՀայութեան Թուքովը շաղախուած` բարոյական է՛ն վիթխարի ստորնացումինհետ` ճանչցեր, ապրեր էին ֆիզիքական – իրենց համար` աւելի ահաւոր – տուայ-տանքներն ալ, - իրենց մակաբոյծ գոյութեան խածատոլմները` Անօթութեանանողոք ակռաներէն...։ Եւ դարձեա՜լ պէտք պիտի ըլլար իրենց որ վերադառնային– եւ այս անգամ յաւիտենապէս – բոլոր այդ հազիւ թողուած տիղմին ու այդ հազիւմոռցուած նեխումի ու սովալլկումի անկիւններուն... Օ՜, սոսկալի հեռապատ-կերը` Դիակեան պորտաբոյծ Ճիւաղներուն համար, որոնք Հնչակեան շարքերուն92

մէջ տիրող Միութեան խանդավառութենէն ու անյիշաչարութեան ու ներողու-թեան վեհանձն ու սխրալի գինովութենէն օգտուելով` լեզունին բերներնէն դուրսկախած ու շնչասպառ ու հեւ ի հեւ համեր էին, անօթի փորերնուն վրայ սողոս-կելէն` ու Հնչակեան շարքերուն մէջ մտեր էին` երդուըննալով, թէ ա՛լ խօսքն իսկպիտի չընեն Նազարպէկ-Դիակին... Եւ հիմա` դեռ հազիւ մէկ երկու ամիս ինք-զինքնին գտած, դեռ հազիւ քիչ մը մաքրուած 96-ի ազգային Թուքէն որ չէր կրնարբոլորովին ցամքիլ իրենց դատապարտուած ու խարանուած երեսներուն վրայ`հիմա, նորէն պէ՛տք պիտի ըլլար որ դառնային, թխմուէին Տիղմին մէջ ուրկէ նորբաժնուեր էին... Օ՛, իրապէս զարհուրելի էր հեռապատկերը կամ` աւելի ճիշտ`մտապատկերը` Դիակեան Մարդակերպ Գարշանքին համար, որ խելայեղ, թու-նաւոր, գալարատանջ մոլեգնութեամբ մը, լարուեցաւ, պրկուեցաւ Հնչակեան այնվարիչներուն դէմ` որոնք, անողոք ու տիրական ձեռքով մը, պատռեր էին իրդիմակը ու մեռցնող արհամարհանքի կիցով մը դուրս նետեր զայն Հնչակեանու-թեան ետեւի դռնէն...։ Ու Վատութեան ու Մատնութեան տղմաթաթաւ Ոգորումն սկսաւ։ - Դիակեանճզմուած Դաւադիրները սկսան` ոգի ի բռին` զրպարտել, վարկաբեկել, ցեխոտել`զիրենք խորտակող, իրենց դաւերը ի դերեւ հանող Հնչակեան Վարիչները։Մեծադղորդ ու սպառնական պոռչըտուքներով` յայտարարեցին, թէ իրենքփաստեր ունէին ու պիտի ապացուցանէին այդ Հնչակեան Վարիչներուն «դաւա-ճանութիւնը»։ Ունա՜յն յայտարարութիւն, հոգեվա՜րքի սպառնալիք։ ԴիակեանԴաւադիրները, իբրեւ ամբողջ փաստ, ուրիշ բան չի կրցան դուրս տալ, եթէ ոչ«լուրիաի եւ սթէյքի» ծիծաղելի եւ լղրճուկ պատմութիւններ։ Իրենց վարնոցնենգամտութիւնը խայտառակօրէն մատնուեցաւ սա իրողութեան մէջ` թէ իրենցփոխած բոլոր ստութիւնները անցեալին զրպարտութիւններուն վրայ կը լաստա-կերտուէին, ու խելքի ու խղճի տէր մարդիկը չի կրցան իրենց զզուանքը զսպել,յայտնապէս տեսնելով որ Դիակեանները չէին վարաներ երթալ ոտքով-ձեռքովմիանալ իրենցմէ` ԱՆՑԵԱԼ «զեղծումներու եւ դաւաճանութիւններու» անունովզրպարտուած Հնչակեաններուն հետ։ Իրենց այս օրհասական ճիգերուն ունայնութենէն ու խայտառակումէն ա՛լաւելի մոլեգնած ու խելագարած` Դիակեան Դաւադիրները չվարանեցան ո՛չ մէկվատութեան, ո՛չ մէկ մատնութեան առջեւ։ Անոնք աննախընթաց ու անհաւա-տալի մատնութիւնը գործեցին ներքին կուսակցական արշիւները փողոցը թա-փելու եւ Հնչակեան Վարիչներու գողցուած նամակները ձեռքէ ձեռք պտտցնելու,զանոնք կրճատելով ու խեղաթիւրելով։ Անօգո՜ւտ մատնութիւն։ Բա՛ն մը չելաւայդ բոլոր մատնիչ հրապարակումներէն, բա՛ռ մը չի կրցան գտնել այդ ներքիննամակներու դէզին մէջէն որ` ամենադոյզն չափով մը իսկ` ո՛եւէ Հնչակեանվարիչ իրապէս յանցաւոր ու դաւաճան ընծայելու յատկութիւնն ունենար։ - Իրենցցածութիւնը իրե՛նց մնաց։ Դիակեան Մատնիչները անգամ մըն ալ խաղք եղան 93

Արտասահմանի մէկ ծայրէն միւսը։ Ու այս անգամ ա՛լ համոզուեցան, թէ պիտիչկրնային խուսափիլ վերջնական վերահաս կործանումէն... Ճգնաժամն էր ասի-կա Դիակեան Նեխութեան Օճախին... Մահու եւ կենաց գերագոյն րոպէն... Պէ՛տքէր վերջին փորձ մը ընէին, պէ՛տք էր ծայրագոյն թաքթիք մը փորձէին... պէ՛տք էրմինչեւ ծայրը երթային խաղքութեան անելին, ուրկէ դուրս ելլելու համար` մէ՛կելք մը դեռ կը կարծէին գտնել, - Եղբայրասպան Եղեռնին ելքը...։ Աչքերնին արիւնով լեցուած` իրարու երես նայեցան Արզումանեան-Սաքու-նի-Կիւրեղեան Մարդակերպ Գարշանքը իրականացնողները։ - Անարգ ու այլան-դակ մտածում մը կը ժպտէր իրենց ու, դժնէ ու դիւային ծամածռութեամբ մը,իրենք ալ կը ժպտէին ա՛յդ պիղծ ա՛յդ չըլլալիք, ա՛յդ զառանցական գաղափարին,- Հնչակեանութիւնը գլխատե՜լ...։Ձայն հայրենեաց, [Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան Խօսնակ,] շաբա-թաթերթ, Պոսթոն, 16 Մայիս 1903, Դ. տարի, թիւ 187, էջ 1 ՀԱՅԱԴԱՒՆԵՐԸ Ս. ՍԱԳՈՒՆԻ Վերակազ. Հերձուած խմբակը իր լարած դաւադրական ծուղակի մէջ ինքըչորս թաթով բռնուելուց եւ փառաւորապէս խայտառակուելուց յետոյ, փոխանակխղճահարուելու եւ իր ազգադաւեան ընթացքից յետ կենալու, ընդհակառակը`նա իր շահատակութիւնները ե՛ւս աւելի առաջ է ուզում տանել, յետս չընկրկելովամէն աններելի միջոցների առաջ։ Երբ իրենց ղեկավարիչների խեղկատակութիւնները եւ լարախաղացու-թիւնները այլեւս գաղտնիք չէին ամէն փոքր իշատէ հետաքրքրուող հայի համար,երբ Բուլգարիայի եւ Ռումանիայի Հնչակեան Մասնաճիւղերի միահամուռարհամարհանքին արժանացան իրենց քայքայիչ բոլոր փորձերը, երբ Միութեանանունով հաւաքուած քսան հազար դոլլարը փոխանակ տառապող Հայրենիքիօգտին ծառայելու մի քանի անխիղճների շիկացած կոկորդում անյայտացան, երբվերջապէս իրենց շահագործութեան պատուանդանը եղող «Ամբոխ»-ը սկսել էրթափիլ եւ այլեւս պարզ տեսնում էին իրենց անխուսափելի անկումը, - ահա՛ այդժամանակ նորից սկսեցին իրենց պատմական խաչագողական եւ խաբեբայականարհեստին դիմել... եւ ի՛նչ արեցին։ - Միամիտներից 10-12 հոգի խաբեցին, Ամե-րիկայից ճանապարհ հանեցին, իբրեւ թէ երկիր ուղարկելու համար, նպատակունենալով այդպիսով ժողովրդին ցոյց տալ թէ իրենք գործ են կատարում, իսկմիւս կողմից այդ կերպով որ կերած դրամների հաշուի նկատմամբ սպասողա-կան դրութեան մէջ դնեն խեղճ կողոպտուող ընկերներին։ Երկիր գնացողները94

վերադարձան եւ հիմա Լոնդոնի փողոցների մէջ երկրաչափական արհեստըկսովորեն ի գին Ամերիկայի գործարանների մէջ աշխատող բանուորների, թէեւայդ գնացողներից եղան խելօքները, որ աւելի ճարպիկ գտնուեցան, երբ Լօնդօնհասան, այնտեղ էլ մնացին, տեղերնից չշարժուեցան, իսկ ուրիշ մարդոց հաս-կացնում էին, որ նրանք արդէն Գործի վայրն են մեկնել։ - Ահա այդ անյաջողու-թիւններից յետոյ, միտք են յղանում մարդ ուղարկել Կովկաս, որ աշխատեն իրենցհայրենակիցներից անհատներ որսան, իսկ եթէ այդ էլ չյաջողուի` ապա զանա-զան ուղղութեամբ մտքերը պղտորեն եւ պառակտումներ յառաջ բերեն, որովմտած պիտի լինէին իրենց բուն դերի մէջ, եւ նրանք այդպէս էլ արեցին։ Նախընթաց առաջին նամակը պատկանում է X- կէտի Մասնաճիւղերիցմէկին, իսկ երկրորդը մի նամակ է Մշեցու, որ գործել է մեր անմոռանալի ընկերՄուրատի ղեկավարութեան տակ եւ տասն անգամ աւելի մեծ հերոսական գոր-ծեր է կատարել, քան Շահէնը։ Նամակի մէջ յիշատակուած դժբախտ դէպքիթատերաբեմի վրայ գտնուողները բոլորն ալ Մշեցիներ են, ո՛վ գիտէ, գուցէՎերակազմեալ Հերձուածի տարաբախտ զոհի համագիւղացիները, մանկականընկերները գուցէ եւ ազգականները։ Մի կողմից խաբուած, շահագործուած, սխալմտքերով ներշնչուած, բորբոքուած Շահէնը, որ հայհոյում է եւ յարձակում էգործում, իսկ միւս կողմից անարատ սրտի տէր մի Հայաստանցի, որ տեսնելովոտնակոխ եղած իր հոգեկան ամենասուրբ զգացումները, եւ յուսահատած իրբազմիցս կրկնուած զգուշացումների որ եւ է արդիւնք ունենալու մասին, կորցնե-լով սառնարիւնութիւնը եւ իրեն տիրելու ընդունակութիւնը, ո՛չ միայն բորբոք-ւած, հայհոյող եւ յարձակուող զոհին եւ իր երբեմնի սիրելի հայրենակցին առաջչի կարողացել հանդարտուել կամ տեղի տալ, այլեւ ինքն իր մասին մտածելուանընդունակ, օրը ցերեկով եւ հրապարակի վրայ դաշոյնի դէմ դաշոյն է հանում։ Սպանութիւնը կատարուելուց յետոյ, ռուս կառավարութեան խուժանականտրամաբանութեան համաձայն` ձերբակալւում են 10-15 հոգի, բոլորն ալ Մշեցի-ներ, որ սակայն այդ ողբերգութեան մէջ եւ ո՛չ մի մասնակցութիւն են ունեցել,բացի խաղարարարի դեր կատարելուց եւ հրապարակային տեղի վրայ ներկայգտնուելուց։ Սակայն սպանուողը կարող էր, գուցէ, դեռ օգտակար լինել, եթէ նրանչթելադրէին պրօպագանդիստի դերի մէջը մտնելու, որ սակայն իր գործը չէր եւդրա համար պահանջուած անհրաժեշտ յատկութիւնները չունէր, նա ուրիշ տեղիհամար պէտք կարող էր գալ եւ աւելի պատուաւոր կերպով մեռնելու բախտըունենալ։ Սպաննողը առանց զգացմունքի չէ, նա էլ տառապեալ ժողովրդիհարազատ զաւակն է եւ Գործի աշխատաւորը. եւ սակայն ո՞վ է այդ բոլորիպատասխանատուն։ Մինչեւ ե՞րբ այս ազգադաւութիւնը, հայադաւութիւնը, եղ-բայրը եղբօր դէմ հանելու գործը։ Ա՞յս է օգուտը, որ պատուելին Վառնայի բեմե-րից յայտարարեց որ` «ինքը շարունակ պառակտումներ առաջ պիտի բերէ, 95

որպէսզի կազմակերպութիւնները ուժովնան»։ Ամօ՜թ եւ նախատինք ամէն բարձրզգացումներից զրկուած այդ թշուառականներին, որ մոլեգնած, կուրացած իրենցստոր բնազդներից, այլեւս ո՛չ մի չափ, ո՛չ մի սահման դնել չգիտեն իրենց չարա-գործութիւններին։ Ամօ՜թ Ամերիկայի այն մի կարգ «Ամբոխ»-ին, որոնց դոլլար-ները տարաբախտ Հայրենիքին որ եւ է օգուտ չբերելուց զատ, միջոց են դառնում,որ մարդիկ երթան, շրջեն եւ քայքայելու փորձեր անեն այն շրջանակների մէջ,որոնց ուշադրութիւնը եւ գործունէութիւնը բացառապէս նուիրուած է իրենցթշուառ Հայրենիքի Գործին։ Այդ տեղերի մարդիկը լարախաղաց յեղափոխական-ների ստուերներ չեն, այլ մարդիկ որ սիրտ, բազուկ ունին, նրանք, պարզ է,տանջուող երկրի ջարդուփշուր եղող զաւակներ լինելով, ամէն բան տեսած,շօշափած լինելով` այդպիսիները երբէք չեն ուզիլ որ եւ է չափով ուշադրութիւնանգամ դարձնել, զբաղուել թրքական այդ գործակատարների գաղափարներըունեցողների արարմունքներովը։ Այդ մարդիկը լսել անգամ չեն ուզում այդթշուառականների մասին, որոնք չբաւականանալով իրենց շրջանակները ան-գործութեան մատնելուց, միջամխւում են որ ուրիշ տեղեր էլ թունաւորեն իրենցհայադաւ մտքերովը։ Ի՞նչ են Մխօի դիակի վրայից գտնուած այդ պաշտօնական թղթերը, յանձնա-րարագրերը... ուրեմն իրենց ծրագրի հրաշալի կէտերից մէկն էլ այն է եղել, որորտեղ ընդունելութիւն չգտնեն, իրենց իսկական դերը խաղան, մատնեն տեղա-կան մարմինը։ Սա հաւատալի չէ, որովհետեւ իրենց այսօրուայ ղեկավարիչներըապացուցուած մատնիչներ են եղել, դա անհերքելի է։ Խորը ուշադրութիւն դարձնելու է նաեւ Մշեցու այն անպաճոյճ բողոքի վրան,որ ուղղուած է Հերձուածի Տաճկահայի եւ Ռուսահայի խտրութիւնը դնող պրօ-պագանդայի դէմ։ Արդեօք ո՜րքան ոսկիներ չէր թափիլ Սուլթանը այդպիսիպրօպագանդա առաջ տանելու հայերի մէջ... եւ սակայն այսօր այդ հայադաւ դերըստանձնել են մարդիկ, որոնք իրենց առանց ամաչելու հայ են անուանում եւ է՛նէլ յեղափոխական...։ Բայց մի բան սխալ հաշուի է առնուած. եթէ այդ թելադրութիւնները կարելի էանել Ամերիկայի մի բուռն հերձուածող «ամբոխ»-ին, դոլլարների շնորհով կարե-լի է մի քանի ծախու գրչակներ վարձել – այդ դեռ չի նշանակում թէ ամենին էլ եւամէն տեղ էլ նոյն չափով կարելի է չափել։ Հայութիւնը մէկ է, ամբողջապէս, անբաժան։ Կայ մի հայկական խնդիր, որբոլոր հայերի խնդիրն է, աշխարհագրական ինչ լայնութեան տակ էլ որ գտնուին։Եթէ թշնամին, տիրապետողը քաղաքականապէս մեզ բաժանել է, սակայն թշնա-մու գծած սահմանները արհամարհելով` մենք մէկ ենք եւ անբաժան, ու մերամբողջական ուժով էլ մեզ բաժանող իրաւունքի համար։ Հետեւաբար հայկականայդ ամբողջական ժայռի առաջ միշտ պիտի փշրուեն ամէն այն ոճրագործ գաղա-փարները, որոնք նպատակ ունին Ռուսահայի, Տաճկահայի խնդիր յարուցանելու։96

Չեմ ուզում այստեղ փաստեր եւ իրողութիւններ յառաջ բերել, բայց ճշմար-տութիւն է, որ Հերձուածողները երբէք ո՛չ մի ժամանակ մուտք եւ ընդունելութիւնչեն կարող գտնել Կովկասի մէջ, իրենց թրքական գաղափարները այնտեղ ծաւալչեն կարող առնել։ Կովկասի տաճկահայ գաղթականների մէջ, մասնաւորապէս, երբէք չի կարե-լի այդ կործանարար խտրութիւնը մտցնել, որովհետեւ նրանք բոլորը, բարեբաղ-դաբար, հայաստանցիներ են, հետեւապէս ամէնքն էլ մաքուր եւ անարատզգացմունքների տէր մարդիկ։ Աւելի քան 6-7 տարիներից իվեր ապրելով Կովկա-սի գիւղերի մէջ, փորձով նրանք տեսած են, որ նոյն իսկ 97-99 թուականներին,երբ իրար յետեւից կրկնուող երաշտութեան շնորհիւ սով էր տիրում, այնուա-մենայնիւ Կովկասի մէջ ապրող հայերը իրենց վերջին կտոր հացը եւ վերջինցնցոտին հայաստանցի եղբայրների, քոյրերի հետ կիսել չզլացան։ Կովկասի հայգիւղացիներն էին 40-50 հազար գաղթականներ պահողը։ Իսկ այսօր Պօլսականայլասեռուած մթնոլորտի արտադրութիւնը եղող, այդ էապէս հայախօս թուրքտարրը, անտեղեակ այն սրտառուչ եւ հոգեբուխ զգացմունքներին, որով կովկա-սահայը համակւում ու ցնցւում է իրա համար դիւթիչ «Հայաստանցի» բառըլսելիս, եւ վեր են կենում այդ ապականուած Հերձուածի տարրերը, թրքահայի եւռուսահայի խնդիր են յարուցանում։ - Եւ այս քարոզողները այն մարդիկ են, որհայ ժողովրդի կեանքով եւ կարիքներով այնքան են հետաքրքրւում, որքան որշինական ներքին խառնակութիւններով։ Ի՛նչու համար գերի դարձած իրենցշահագործումի ստոր բնազդին, երկու եղբայրակից տարրին իրարու դէմ զինելուանարգ գործերն են կատարում։ Շահէնը Վերակազ. Հերձուածի զոհն է, դա անուրանալի է։ Տեղի ունեցածցաւալի դէպքը մտածել, խորհիլ պիտի տայ Լօնդօնի եւ Ամերիկայի այլասեռուածթշուառականներին, այդ թուրքից աւելի վատթար թուրքերին, որ վերջապէսդադրին իրենց կործանարար պրօպագանդայից, իրենց թրքական մտքերից, -Տաճկահայի Թրքահայի խնդիրներ յարուցանելուց։ Բայց իհարկէ, ինչ իրենց հոգը,վաղը կը շահագործեն մէկ ուրիշը, եւ ով գիտէ էլ ինչ շահագործութեան առարկայչեն անիլ խեղճ ընկնողը, որ սակայն իրենց զոհն է։ Իսկ դո՛ւ, ի՞նչ ես խորհում անել, հայ ժողովուրդ, դեռ երկար պիտի հանդուր-ժես այդ ազգադաւ արարածներին, եւ քո սեպհական արիւնովդ սնուցանես այդթրքացած ճիւաղներին։ Ընկերներ, հայրենակիցներ, ազգակիցներ, արիւնակիցներ, զգաստացէք եւձեր շուրջը դիտեցէք։ Յանցանք է այդ աստիճան անտարբեր լինելը դէպի այնվատասեռուածները, որոնք հայ ճակատագրի հետ անարգ խաղերի մէջ են մտել։ Եղէք ձեր հայրենիքի հարազատ զաւակը, տուեցէք այդ մեհրուժանածին-ներին իրենց արժանաւոր դասը եւ դուրս, ձեր մէջէն դուրս վտարեցէք, թող երթանեւ պաշտօնապէս իրենց պապի` Համիդի ծառայութեան մէջ մտնեն, զի նրա գա- 97

ղափարներն են տարածում եւ նրա շահերը պաշտպանում։Երիտասարդ Հայաստան, [Հնչակեան Կուսակցութեան Ամերիկայի Շրջանի Խօս-նակ,] շաբաթաթերթ, Պոսթոն, 23 Մայիս 1903, առաջին տարի, թիւ 3, էջ 20-22 ԱՐԻՒՆՆ ԱԼ ԿՇԱՀԱԳՈՐԾԵՆ Ա. ՎԱՐԱԳԵԱՆ Չպիտի թուեմ այն բոլոր մանրամասնութիւնները թէ 1896-էն յետոյ ի՛նչ խոս-տումներով Մխօն իրենց ծուղակը ձգեցին եւ այսպէս կտրատեցին անոր մէջիջիղերը։ Այդ վայրկեանէն է որ Մխօի անցեալ կեանքի վարագոյրը կգոցուի եւկսկսի նոր մը որուն եւ ոչ մէկ կռուող պիտի նախանձի։ Իսկ եթէ զինքը շահագոր-ծողները ինչո՞ւ Մխօի ստուերը բարձր պատուանդանի վրայ դրած` ծնկաչոքերեսնին հողերը կքսեն. – զարմանալու բան չկայ, անոնք որ քիչ շատ Հերձուածիվարիչներուն սրտին թափանցած են, անոնք որ Միութեան դաւադրութիւններուփուլերուն մանրակրկիտ հետեւած են, պիտի հասկնան թէ քանի անոր դիակըթարմ է` պիտի պատնէշ ընեն իրենց դէմ եւ ետեւը ապաստանին, քանի անոր ա-րիւնը թաց է` անոր գոլորշիներու մէջ իրենց դիմաստուերները պիտի կորսնցնեն։ Ամէն ճիգ թափեցին Մխօն Ամերիկա բերելու եւ բերին, անոր անունով քանիքանի տեղեր հանգանակութիւն ըրին եւ դրամը Պօսդօնի գողերու եւ աւազակ-ներու կոկորդը անցաւ։ Ճաշարան մը, սրճարան մը անոր տրամադրութեան տակկջանային դնել ամէն տեղ` ուր որ երթար։ Պօստօն, Փրօվիտէնս պիտի վկայենատոր։ Այսպէս երկար տարիներ անոր պատկերը իրենց ընկերներու աչքինցուցնելով ընկերները խաբխբեցին, դրամներ կորզեցին եւ ապրեցան, չմոռնալովհանդերձ դէպի այն իրենց ցցուցած գորովին հետ խառնել նաեւ ատելութեանթոյն, անոր կիրքերու քուրան արծարծել դէպի ռուսահայերը ընդհանրապէս, իսկայլ կուսակցութիւնները մասնաւորապէս։ Միութեան հովերը փչեցին, ոյժերը կխտանային, շարքերը կլայննային, կռուիգնացող զինուորներ պիտի կոչուէին, այսպէս կհաւատար Մխօն։ Միութեամբ ոյժամբարել, պաշար պատրաստել, դրամ, մարդ զէնք եւ որոտընդոստ գործունէու-թեան սկսիլ։ Մխօ եւ իր նմանները բնաւ չտարակուսելով իսկ թէ իրենց վարիչ-ներու մտքին մէջ Միութիւնը տեղ չէր բռներ, կատարուած միութիւնը այն իսկիրենց սրտերուն մէջ հիմ չունէր, միացած էին սոսկ Հնչ. Կուսակցութիւնը տապա-լելու, Հնչակը պարպելու, ինչպէս որ հիմա իր արիւնը աճուրդի հանած են, այնատեն հայութեան դատն էր որ հրապարակ դրած էին, մեծաքանակ կշահա-գործէին։ Հայ դիակներու վրայ խրախճանքներ կատարել 20 հազար տոլարներով։Որովհետեւ այն տարրը որուն հետ միացած էին, չէին թոյլ տար որ այս համեղ98


Like this book? You can publish your book online for free in a few minutes!
Create your own flipbook