Important Announcement
PubHTML5 Scheduled Server Maintenance on (GMT) Sunday, June 26th, 2:00 am - 8:00 am.
PubHTML5 site will be inoperative during the times indicated!

Home Explore Ջահակիր, Յաւելուած ԼԲ. - Tchahagir, Supplement No. 32

Ջահակիր, Յաւելուած ԼԲ. - Tchahagir, Supplement No. 32

Published by Haig Avakian, 2020-01-13 15:54:46

Description: Տիգրան Գէորգեան, Երկեր երեք հատորով, Բ. հատոր, Մատենագիտութիւններ, հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց` Հայկ Աւագեան
Գահիրէ, 2020

Keywords: Tchahagir,Ջահակիր, Armenian,Գէորգեան

Search

Read the Text Version

ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ԵՐԿԵՐ ԵՐԵՔ ՀԱՏՈՐՈՎ Բ. ՀԱՏՈՐ ՄԱՏԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց` ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ ԼԲ. ԳԱՀԻՐԷ 2020



ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ԵՐԿԵՐ ԵՐԵՔ ՀԱՏՈՐՈՎ Բ. ՀԱՏՈՐ ՄԱՏԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց` ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ ԼԲ. ԳԱՀԻՐԷ 2020

Ջահակիր շաբաթաթերթ Տնօրէն եւ խմբագիր` Մարտիրոս Պալաեան Խմբագրական խորհրդատու` Հայկ Աւագեան Այս գիրքը հրատարակուած է սահմանափակ տպաքանակով։ Ան չէ նախատեսուած վաճառքի համար։ Անվճար կը տրամադրուի գրադարաններուն եւ նիւթով հետաքրքրուողներուն։ Ստանալու համար դիմել` [email protected]

ՆԱԽԱԲԱՆ Բ. ՀԱՏՈՐԻ Ներկայ հատորը կը բովանդակէ Տիգրան Գէորգեանի երեք մատենագիտու- թիւնները` որոնք 1969-1970 թուականներուն տպագրուած են Արեւ օրաթերթի մէջ իբրեւ յօդուածաշարք։ Ինչպէս Ա. հատորին մէջ նշուեցաւ, 1970-ին հրատարակուած է «Հայ գրակա- նութիւնը օտար լեզուներով» աշխատութեան միայն առաջին մասը (Ա.-Թ. տա- ռեր)։ Մնացած մասերուն ձեռագիրները յայտնաբերուած չեն։ Բաց աստի, հրատարակութենէն ի վեր, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ լոյս տեսան նմանատիպ մատենագիտութիւններ, որոնցմէ կարելի է նշել հետեւեալ- ները. - Հայ գրականութիւնը օտար լեզուներով. մատենագիտութիւն, կազմեցին` Ա. Նազիկեան, Ց. Խաչատրեան, Ա. Ցիցինեան, խմբագրութիւն եւ առաջաբան` Ռ. Իշխանեան, Երեւան, Հայկական ԽՍՀ Կուլտուրայի Մինիստրութիւն, Ալ. Մեաս- նիկեանի անուան Հանրապետական Գրադարան, 1971։ - A Reference Guide to Modern Armenian Literature: With an Introductory His- tory, Compiled and with an Introduction by Kevork K. Bardakjian, Detroit: Wayne State University Press, 2000. Կրնայ ըլլալ, Երեւանի հրատարակութիւնը` որ լոյս կ’ընծայուէր Գէորգեանի հրատարակութենէն ընդամէնը մէկ տարի ետք, պատճառ հանդիսացած ըլլայ մատենագէտին չամբողջացնել իր աշխատանքը։ Հ. Ա. 3



ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԸ ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ Անեզր ովկէան մըն է Հայ Մամուլի աշխարհը։ Թ. ԱԶԱՏԵԱՆ Եթէ պարբերական մամուլը իր պատկառելի թիւով, մեր ժողովուրդին մշա- կոյթի անխզելի մասը կը կազմէ, ատիկա մասամբ մեր մտաւորական խաւին «թերթամոլութեան» շնորհիւ եղած է։ Ատիկա թերութիւն մըն է, որ դիպուկ արտայայտութիւններով մատնանիշ եղած է օտարներու կողմէ ալ, երբ առիթ ունեցած են մեր գրական նուաճում- ներուն մասին անդրադառնալու։ Հայագէտ Արթիւր Լէյստը օրինակ, ըսած է. Թերթերն աճում են, ինչպէս սունկերը անձրեւից յետոյ։ Ուրիշ հաստատում մըն է Իան Րայնիսինը. Երբ տաճկահայերին ինքնավարութիւն տրուեց, ամէն մի հայ պարտականութիւն էր համարում մի որեւէ թերթ հրատարակել1։ Հասարակական կեանքին մէջ ծաւալ գտած այս մոլութիւնը կրնար Ե. Օտեա- նի կշիռքի մէկ նժարին վրայ չգրաւել իր տեղը եւ ցոյց չտալ իր տարողութիւնը։ Ահա, թէ ինչպէս կշռած է «լրագրական խոհանոց»-ին վարպետը. Ո՞ւր եւ ե՞րբ կանգ պիտի առնէ թերթ հրատարակելու այն խօլական մարմաջը...։ Արամ Անտոնեանի Գանձարանին կամ Զարդարեանի Մեղրագետին կամ Ասատուրի Թանգարանին բարձրագոյն ընթացքը աւարտող ամէն հայ իր գրպանին մէջ ունի մէկ քանի շաբաթաթեր- թերու արտօնութիւնը։ Ոմանք պարզապէս փառամոլութեան համար կ’ուզեն թերթ հրատարակել եւ ոմանք ալ, անփորձ միամիտներ անշուշտ, դրամ շահելու յոյսով։ Եւ իբր եզրակացութիւն կ’ըսէ. 5

Օրաթերթերու եւ պարբերաթերթերու այս անսովոր առատութենէն ծնած չարիքը այն է, որ մեր մամուլը` գրականապէս, ինկած է այնպիսի ողորմելի խեղճութեան մը մէջ, որուն նմանը երբեք չէ ունեցած կարծեմ հայ լրագրութիւնը2։ Վերոյիշեալ մէջբերումները անցեալի լրագրութեան դատաստանն են, թէեւ ըսուածներէն կարելի է որոշ հանգիտութիւններ գտնել այսօրուան մամուլին համար ալ...։ Բայց ահա հինը հակակշռող նոր հաստատում մը։ Սփիւռքահայ պարբերական մամուլին նուիրուած խմբագրականի մը մէջ, Սովետական Հայաստան ամսագիրը կը գրէ, թէ իր թիւին համեմատ, հայ ժողո- վուրդը` այսօր, պարբերական մամուլի քանակով կանգնած է աշխարհի ամէնէն առաջատար ժողովուրդներու շարքին3։ Իրողութի՞ւն թէ ազգագովութիւն է այս հաստատումը։ Թուական տուեալները ցոյց կուտան, թէ ներկայիս, առանց նկատի ունենալու հայրենական մամուլը, միայն գաղթօճախներու մէջ լոյս կը տեսնեն 160-170 պարբերականներ` թերթեր, հանդէսներ, տարեգիրքեր։ Այդ պատկառելի գումարին մէջ, եգիպտահայ թերթերը, դժբախտաբար այսօր, թիւով մեծ տեղ մը չեն կրնար գրաւել. սակայն իրենց հրատարակութեան տարիքով գրեթէ բոլորն ալ թեւակոխած են իրենց յիսնամեակը, հայ մշակոյթի գանձարանին փոխանցելով բազմաբովանդակ հաւաքածոներ։ Ինչպէս ընդհանուր հայ պարբերական մամուլի պատմութեան մասին, նոյն- պէս եգիպտահայ լրագրութեան մասին գրուած են թէեւ բազմաթիւ, սակայն ոչ համապարփակ ուսումնասիրութիւններ։ Ատոր գլխաւոր պատճառը` ոչ թէ այս նիւթին նկատմամբ ուսումնասէրներու ցուցաբերած անտարբերութիւնն է, այլ հրատարակուած թերթերէն շատերու հաւաքածոներուն չգոյութիւնը, որով կարելի չէ եղած լրիւ եւ ճշգրիտ կերպով ուսումնասիրել այդ բնագաւառը։ Այստեղ ջանացած ենք մատչելի աղբիւրներով եւ անձնական ճշտումներով կազմել միայն Գահիրէ հրատարակուած հայ մամուլին գրեթէ ամբողջական ցուցակը, զանց ընելով կարգ մը դպրոցական թերթեր։ ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 1. Յուսաբեր, 10-2-1959։ 2. Երուանդ Օտեան, «Թերթամոլութեան աղէտքը», Շանթ, Կ. Պոլիս, 1919, էջ 164։ 3. Սովետական Հայաստան, 1968, թիւ 6, էջ 2։ 6

ԱԶԱՏ ԲԵՄ. 1906-7 Խմբագիրներ` Բարսեղ Օհանեան, Օննիկ Թաշճեան, Լեւոն Լարենց։ Շաբաթաթերթ, ապա եռօրեայ։ Նախապէս` 1903-5 տարիներուն, լոյս տեսած է Աղեքսանդրիա, Ե. Օտեանի, Վահան Տիտանեանի (Թէքէեան), Լեւոն Արամեանի եւ Մ. Կիւրճեանի խմբագրու- թեամբ։ ԱԶԱՏ ՄԻՏՔ. 1936-1937 Խմբագիրներ` Արշակ Ալպօյաճեան, Ղ. Սարըեան։ Շաբաթաթերթ։ ԱԼԻՔ. 1956 Հրատարակութիւն Կոկանեան Սրահի Ալիք Շարժումին։ Խմբագիր` Նուպար Ակիշեան։ Պարբերագիրք, լոյս տեսած է միայն մէկ համար։ ԱԼՊՈՄ. 1932 Հրտ. Գրիգոր Գալֆա։ Պատկերազարդ տարեգիրք։ ԱՄՍՕՐԵԱՅ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ. 1938-1942 Հրատարակութիւն Հ.Բ.Ը. Միութեան։ ԱՆԱՊԱՏԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԸ. 1916-1917 Խմբագիրներ` Սուրէն Պարթեւեան, Կարոյ Պալեան։ Պարբերաթերթ։ ԱՆՑԱԾ ԴԱՐՁԱԾՆԵՐ. 1911-1912 Խմբագիր` Երուանդ Քէրէստէճեան։ Պարբերաթերթ։ ԱՇԽԱՏԱՆՔ. 1944-1947 Հրատարակութիւն Հայկական Ընթերցասրահի։ Խմբագիրներ` Խ. Յովհաննէսեան, Մ. Պէյլէրեան։ Գրական հաւաքածոյ։ ԱՐԱՐԱՏ. 1923 Հրատարակութիւն Գալուստեան Վարժարանի Զ. Դասարանի։ Կիսամսեայ հանդէս։ 7

ԱՐԵՒ. 1924 Պաշտօնաթերթ Ռ.Ա.Կ.ի։ Խմբագիրներ` Յովհ. Յակոբեան, Յովհ. Պօղոսեան, Վահան Թէքէեան, Յակոբ Արամեան, Նուպար Պէրպէրեան, Էտմոն Կոտալազ- եան, Աւետիս Եափուճեան։ Օրաթերթ։ Նախապէս` 1915-1924 տարիներուն, լոյս տեսած է Աղեքսանդրիոյ մէջ, Վ. Թէքէ- եանի, Մ. Կիւրճեանի, Լեւոն Մկրտիչեանի խմբագրութեամբ։ Երկօրեայ։ ԱՐՄԱՒԵՆԻ. 1865 Խմբագիր` Աբրահամ Մուրատեան։ Կիսամսեայ։ ԱՐՄԱՒԵՆԻ. 1937-1938 Հրատարակութիւն Գալուստեան Վարժարանի Շրջանաւարտից Միութեան։ Տարեգիրք։ ԱՐՇԱԼՈՅՍ. 1899-1905, 1908-1914 Խմբագիր` Եղիշէ Թորոսեան։ Եռօրեայ, շաբաթաթերթ։ ԱՐՏԵՄԻՍ. 1902-1903 Խմբագիր` Մառի Պէյլէրեան (Նագգաշճեան)։ Ամսահանդէս։ Աղեքսանդրիոյ մէջ ալ քանի մը համար լոյս տեսած է։ ԱՒԵԼ. 1908-1910 Խմբագիր` Վրթանէս Քիւչիւքեան (Թոփալ Շէյթան)։ Եռօրեայ։ Յետագային` 1914-1918 որպէս կիսամսեայ շարունակուած է Կ. Պոլսոյ մէջ։ ԲԱՆՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ. 1950- Խմբագիր` Արա Սեւյօնքեան։ Հոգեւոր պարբերաթերթիկ։ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻՆ ՁԱՅՆԸ. 1938 Խմբագիր` Արշամ Տատրեան։ 8

ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ. 1913 Հրատարակութիւն Գալուստեան Ընթացաւարտից Միութեան։ Կիսամսեայ։ ԳԻՐ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏ. 1938 Հրտ. Գրիգոր ԳալՖա, խմբագիր` Քերովբէ Կոստանդեան։ Եռամսեայ։ ԳՐԱՍԷՐԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ. 1938, 1941, 1943, 1949 Խմբագիր` Ա. Ալպօյաճեան։ Պարբերաթերթ։ ԵԳԻՊՏԱՀԱՅ ՏԱՐԵՑՈՅՑ. 1914-1918 Խմբագիր` Ս. Պարթեւեան։ ԶԱՐԹՕՆՔ. 1919-1927 Խմբագիր` Մարտիրոս Տէր Ստեփանեան։ Կիսամսեայ, շաբաթաթերթ։ ԶԱՐԹՕՆՔ. 1935-1937 Խմբ. կազմ` Մարտիրոս Պալաեան, Մ. Պէյլէրեան, Զարուհի Ծաղկունի։ Գրական հաւաքածոյ։ ԶԱՐԹՕՆՔ. 1939-1941 Խմբագիր` Դաւիթ Շահլամեան։ Գիրք յիշատակարան։ ԶԱՐԹՕՆՔ. 1942 Խմբագիր` Հայկ Ժամկոչեան։ ԶԵԲԼԻՆ. 1933 Հրտ. Աղաւնի-Ատրինէ Մսըրլեան։ Շաբաթաթերթ։ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. 1903 Խմբագիր` Աւետիս Պալեան։ Ամսաթերթ։ 1904. Խմբագիր` Վահան Պալեան։ Կիսամսեայ։ 9

ԼՈՅՍ. 1936 Խմբագիրներ` Վեր. Թէոտոր Ե. Տաղլեան, Կիրակոս Հ. Թումայեան։ Պարբերագիրք։ ԼՈՒՍԱԲԵՐ. 1904-1908 Խմբագիրներ` Վահան Քիւրքճեան, Ա. Արփիարեան։ Եռօրեայ։ ԼՈՒՍԱԲԵՐ – ԱՐԵՒ. 1908-1912 Խմբագիրներ` Վ. Քիւրքճեան, Լ. Մկրտիչեան, Հրանդ Ծերունեան։ Երկօրեայ։ 1913. Խմբագիր` Ս. Պարթեւեան։ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿ. 1927-1928 Հրատարակութիւն Ս.Դ.Հ. Կուսակցութեան։ Խմբագիր` Մ. Պալաեան։ Շաբաթաթերթ։ ԼՈՒՍԻՆ. 1904-1908 Հրատարակութիւն Գալուստեան Վարժարանի Պատանեկան Միութեան։ Խմբ. կազմ` Մ. Պալաեան, Ս. Թիւրապեան, Ա. Շամլեան, Ն. Գէորգեան։ ԼՊՈՒՏ. 1930 Խմբագիր` Վարդան Չաքարեան։ Երգիծաթերթ։ ԽԱՐԱՇՕ. 1914 Խմբ. կազմ` Երուանդ Մսըրլեան, Ե. Քէրէստէճեան, Գր. Համբիկեան։ Երգիծաթերթ։ ԿԱՅԾԱԿ. 1929 Օրկան Հայ Մարմնամարզական Միութեան։ Խմբագիրներ` Թադէոս Գալֆայեան, Լ. Ագխաչերեան։ Ամսաթերթ։ ԿԵԱՆՔ ԵՒ ԳԻՐ. 1944-1948 Խմբագիր` Դաւիթ Շահլամեան։ Գիրք Յիշատակարան Հայ Երիտասարդութեան։ 10

1948-50. Խմբագիրներ` Վարդգէս Գարտաշեան, Սահակ Պալըգճեան։ Ամսագիր։ ԿԵԱՆՔ ԵՒ ԳԻՐ. 1948 Խմբագիր` Հայկ Ժամկոչեան։ Տարեգիրք։ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՏԱՐԵԳԻՐՔ. 1936-1937-1938 Հրատարակութիւն Համազգային Ընկերութեան։ Խմբագիր` Գուրգէն Մխիթարեան։ Յետագային լոյս տեսած է Պէյրութի մէջ։ ՀԱՄԱՍՊՐԱՄ. 1930 Հրատարակութիւն Հայկազնեան Միութեան։ Խմբագիրներ` Լեւոն Դելփեան, Յ. Էսէկիւլեան, Հ. Ժամկոչեան, Ն. Խանճեան։ Ամսագիր։ ՀԱՅԵԼԻ. 1915 Խմբագիրներ` Գ. Բագրատունի, Մ. Տամատեան։ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑ. 1938 Հրատարակութիւն Եգիպտահայ Ուսուցչական Միութեան։ Խմբագիր` Բենիամին Թաշեան։ Ամսագիր։ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍԻՆԵՄԱ. 1925-1926 Խմբագիրներ` Ալ. Սարուխան, Ե. Օտեան։ Շաբաթաթերթ։ ՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ. 1926 Խմբագիրներ` Գ. Թագուորեան, Հմ. Շէմս, Բ. Թաշեան։ Ամսագիր։ Այս ամսագիրը Աղեքսանդրիա խմբագրուած եւ Գահիրէի մէջ լոյս տեսած է։ ՀՈՍԱՆՔ. 1912 Խմբագիր` Ս. Պարթեւեան։ Շաբաթաթերթ։ 11

ՀՈՐԻԶՈՆ. 1904-1906 Խմբագիրներ` Տոքթ. Կ. Փաշայեան Խան, Արտաւազդ Հանըմեան, Յակոբ Ասա- տուրեան։ Շաբաթաթերթ։ Առաջին թիւերը լոյս տեսած են Աղեքսանդրիոյ մէջ։ ՀՐԵՂԷՆ ՍԻՒՆ. 1927-1933, 1940 Խմբագիր` Բիւզանդ Կէօզիւպէօյիւքեան։ Հոգեւոր պարբերագիրք։ ՀՕԿ. 1926 Պարբերական պրակ։ ՄԱԺԱԿ. 1898 ՄԱԼԷՇ բայց ոչ պելէշ. 1911-1912 Խմբագիր` Գր. Համբիկեան։ Շաբաթաթերթ։ ՄԱՍԻՍ. 1924-1925 Հրատարակութիւն Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի Հայ Ուսանողական Միութեան։ Ամսաթերթ։ ՄԱՐԶԻԿ. 1951-1952 Խմբագիրներ` Գրիգոր Գըլճեան, Յակոբ Քէստէկեան։ Ամսագիր։ ՄԺՂՈՒԿ. 1917 Խմբագիր` Սոկրատ Սարաֆեան։ Երգիծաթերթ։ ՄԻՈՒԹԻՒՆ. 1912-1928 Պաշտօնաթերթ Հ.Բ.Ը. Միութեան։ Խմբագիր` Վահան Մալէզեան։ Յետոյ փոխադրուած է Փարիզ։ ՄԻՏՔ ՈՒ ՄԿԱՆ. 1926-1929 Հրատարակութիւն Պէրպէրեան Վարժարանի Երէց կարգի աշակերտներու։ Ամսաթերթ։ 12

ՅԱՅՏԱԳԻՐ. 1912 Խմբագիր` Պաղտասար Նաթանեան։ Պարբերագիրք։ ՅՈՒՍԱԲԵՐ. 1913 Օրկան Հ.Յ.Դ.ի։ Խմբագիր` Ս. Պարթեւեան։ Երկօրեայ։ 1915-7. Խմբագիր` Ա. Հանըմեան։ 1917-22. Խմբագիր` Ստ. Եսայեան։ 1922-56. Խմբագիր` Վ. Նաւասարդեան։ 1926-էն ի վեր օրաթերթ է։ ՅՈՒՍԱԲԵՐ. 1944-1948 Խմբագիրներ` Գուրգէն Մխիթարեան, Բենիամին Թաշեան։ Ամսագիր։ ՆՇՈՅԼՆԵՐ. 1916 Հրատարակութիւն Հայ Երիտասարդաց Միութեան։ Գրական հաւաքածոյ։ ՆՇՏՐԱԿ. 1908 Խմբագիրներ` Ե. Քէրէստէճեան, Հրանդ Ալատին։ Պարբերաթերթ։ ՆՈՅԵԱՆ ԱՂԱՒՆԻ. 1950-1951 Խմբագիր` Արշամ Տատրեան։ Պարբերագիրք։ ՆՈՐ ԱՐՈՒԵՍՏ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹ. 1946-1947 Խմբագիրներ` Սարգիս Պալաեան, Պօղոս Սիմոնեան։ Պարբերաթերթ։ ՆՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐ. 1903 Խմբագիր` Վ. Թէքէեան։ Շաբաթաթերթ։ ՆՈՐ ԽԻԿԱՐ. 1949 Խմբագիր` Գ. Կարինեան (Հայկ Ժամկոչեան)։ 13

Երգիծաթերթ։ Լոյս տեսած է միայն մէկ համար։ ՆՈՐ ՇԱՐԺՈՒՄ. 1923-1924 Խմբագիր` Գ. Մխիթարեան։ Ամսագիր։ ՆՈՐ ՕՐ. 1899-1901 Խմբագիրներ` Սմբատ Բիւրատ, Սմբատ Փափազեան։ Եռօրեայ։ ՇԱՐԺՈՒՄ. 1941 Հրատարակութիւն Գահիրէի Հայ Ուսանողական Միութեան։ Պարբերաթերթ։ Լոյս տեսած է միայն մէկ համար։ ՇԱՐԺՈՒՄ. Հայ Ուսանողին Գիրքը. 1947 Պարբերաթերթ։ ՇԻՐԱԿ. 1906 Խմբագիր` Ա. Արփիարեան։ Ամսագիր։ 1905-ին` Վ. Թէքէեանի եւ Մ. Կիւրճեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած է Աղեք- սանդրիոյ մէջ։ 1909-ին` որպէս շաբաթաթերթ, Վ. Թէքէեան հրատարակած է Կ. Պոլսոյ մէջ։ ՇՈՂԱԿԱԹ. 1938 Հանդէս Ուսանողական Միութեան։ ՇՈՂԱԿԱԹ. Հայ Ուսանողին Գիրքը. 1948 Հրատարակութիւն Հայ Ուսանողական Միութեան։ Լոյս տեսած է միայն մէկ համար։ ՈՒՍԱՆՈՂ. 1949 Ամսագիր։ ՈՒՍՈՒՄՆԱՐԱՆ. 1956, 1957, 1958, 1959-1960, 1961 Հրատարակութիւն Վիեննական Մխիթարեան Վարժարանի։ Խմբագիր` Հ. Բարսեղ Ֆերհաթեան։ Տարեգիրք։ 14

ՈՎԱՍԻՍ. 1929 Հրատարակութիւն Հայ Երիտասարդաց Քրիստոնէական Ընկերակցութեան։ Խմբագիր` Յակոբ Գալէմքեարեան։ Ամսագիր։ ՊԻԾԱԿ. 1906 Խմբագիր` Սիսակ Մուրատեան։ Շաբաթաթերթ։ ՋԱՀԱԿԻՐ. 1919 Խմբագիր` Վարդան Գէորգեան։ Գրական հանդէս։ ՋԱՀԱԿԻՐ. 1948-1963 Խմբ. կազմ` Հայկ Ժամկոչեան, Արշամ Տատրեան, Հրանդ Տատրեան։ Շաբաթաթերթ։ ՋԱՀԱԿԻՐ. 1963- Խմբագիր` Սարգիս Պալաեան։ Շաբաթաթերթ։ ՋԱՀԱԿԻՐ Մարզական - Երիտասարդական. 1966- Խմբագիր` Ս. Պալաեան։ Ամսաթերթ։ ՍԱՐԿԱՒԱԳԻՆ ՏԱՐԵՑՈՅՑԸ. 1933-1951 Խմբագիր` Յարութիւն Տ. Մանաւեան։ Նախապէս լոյս տեսած է Կ. Պոլիս եւ Աղեքսանդրիա։ ՍԱՒԱՌՆԱԿ. 1918- Խմբագիր` Երուանդ Մսրլեան։ Շաբաթաթերթ։ ՍԱՒԱՌՆԱԿ - ԶԵԲԼԻՆ. 1931-1933 Խմբագիր` Ե. Մսրլեան։ Շաբաթաթերթ։ ՍՖԻՆՔՍ. 1928 Խմբագիր` Յ. Արսլանեան (Գիսակ)։ 15

Շաբաթաթերթ։ 1925-7 լոյս տեսած է Աղեքսանդրիոյ մէջ, Արամ Ստեփանեանի խմբագրութեամբ։ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ ՊՐԱԿ. 1945 Հրատարակութիւն Գալուստեան Շրջանաւարտից Միութեան։ Ամսաթերթ։ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ. 1958- Հրատարակութիւն Հ.Բ.Ը. Միութեան։ Խմբագիր` Սիսակ Շալճեան։ Ամսագիր։ ՓԱՐՈՍ. 1897-1898 Խմբագիր` Յարութիւն Ալփիար։ Եռօրեայ։ 1901-2. Խմբագիր` Տիգրան Արփիարեան։ Երկօրեայ։ ՓԻՒՆԻԿ. 1899 Խմբագիր` Սմբատ Բիւրատ։ Կիսամսեայ։ Յետոյ լոյս տեսած է Աղեքսանդրիոյ եւ Կ. Պոլսոյ մէջ։ ՓՈՒՆՋ. 1928-1946 Խմբագիր` Լեւոն Աճէմեան։ 1925-8 լոյս տեսած է Աղեքսանդրիոյ մէջ։ Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 4 Հոկտեմբեր 1969, ԾԳ. տարի, թիւ 15.442 6 Հոկտեմբեր 1969, ԾԳ. տարի, թիւ 15.443 16

ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՀԱՅ ԼՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ 1865-1966 Եգիպտահայ Մամուլի երախտաւորներուն Ա. Այս տարի մեր պարբերական մամուլին համար յիշատակելի երկու թուա- կաններ կան։ Անցնող Մարտ 16-ին լրացաւ Եգիպտոսի մէջ հրատարակուած առաջին հայերէն կիսամսեայ լրագրին` Արմաւենիի 105-ամեակը։ Իսկ այսօր ալ, իր 55-րդ տարուան սեմին կը գտնուի այս գաղութին երկրորդ բազմամեայ օրա- թերթը` Արեւ, որուն կարճատեւ շողարձակումը 1915-էն առաջ, 1908-ին, Աղեք- սանդրիոյ մէջ, Երուանդ Օտեանի ջանքերով եղած է։ Ուշագրաւ երեւոյթ է, որ հանրային լուսաւորութեան նպաստող գրեթէ բոլոր ձեռնարկները` մինչեւ ԺԹ. դարու երկրորդ կիսուն առաջին տասնամեակները, եկեղեցականներու նախաձեռնութեամբ կատարուած են։ Այստեղ ալ, Արամաւենիի հրատարակութեան ձեռնարկողը եղած է օրուան առաջնորդական փոխանորդ Մկրտիչ Արք. Քէֆսիզեանը, որ Կ. Պոլսոյ պատ- րիարքին կոնդակով, ծերունազարդ Գաբրիէլ Եպս. Մարաշցիի փոխանորդ նշանակուելէ ետք, «12 յօդուածներով կանոնագիր մը կը պատրաստէ Առաջնոր- դարանի եւ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան վերաբերութեամբ եւ կ’որոշուի որ դպրոցի Հոգաբարձութեան խնամքին տակ օրագիր մը հրատարակուի հայերէն- տաճկերէն» լեզուներով1։ Ժամանակակից մամուլն ալ կ’արձագանգէ, թէ «Նորին Սրբազնութիւնը ջան ի գործ կը դնէ քաղաքին մէջ տպարան մը հաստատելու եւ կիսամսեայ լրագիր մը հրատարակել տալու համար»2։ Բաղձացուած կիսամսեայ լրագրին խմբագրութիւնը կը վստահուի առողջա- կան պատճառով Եգիպտոս եկած եւ Խորէնեան Վարժարանի տնօրէնութիւնը ստանձնած Աբրահամ Մուրատեանի (1833-1903)։ Այս պարտականութիւնը իրեն կը յանձնուի, որովհետեւ խմբագրական փորձառութիւն եւ հմտութիւն ձեռք բերած էր Նիկոմիդիոյ մէջ հրատարակելով Հայրենասէր (1850-1853), եւ Փարիզի մէջ Փարիզ (1860-1863) շաբաթաթերթերը։ Կարճատեւ կ’ըլլայ Արմաւենիի կեանքը, որովհետեւ համաճարակի մը պատ- ճառով խմբագիրը կը հեռանայ երկրէն։ 17

Սակայն լաւ սերմեր ցանուած էին եւ բերրի հող պատրաստուած էր յետագայ հարիւրամեակին ընթացքին ծիլ արձակող, ուռճացող եւ խամրող հարիւրեակ մը թերթերու, հանդէսներու եւ հաւաքածոներու սնունդ տալու համար։ Եւ այսօր հարիւրամեակ մը բոլորած եգիպտահայ լրագրութիւնն ալ, անցեալի գաղութահայ կարգ մը յառաջապահ թերթերու նման, սատարած է հայ հասարա- կական-քաղաքական միտքի զարգացումին, յաճախ ժամանակի առաջաւոր գաղափարներու եւ ուղղութիւններու արձագանգը հանդիսանալով եւ հանրու- թեան սեփականութիւնը դարձնելով զանոնք։ Բ. Հայուն պատմութիւնը իր մամուլին հետ զուգահեռ է։ ՍՏԵՓԱՆ ՇԱՀՊԱԶ Մօտաւոր հաշիւներով 1794-էն ի վեր, հինգ ցամաքամասերու 170 քաղաքնե- րու մէջ լոյս տեսած հայ պարբերական մամուլը կը հաշուէ երեք հազարէ աւելի թերթեր, հանդէսներ, տարեգիրքեր, եւ այլն, որոնց լիակատար ցուցակը կազմելու աշխատանքները` անցեալ դարէն ի վեր, փորձի շրջանակի մը մէջ կը մնան տակաւին։ Եգիպտահայ լրագրութեան պատմութիւնն ալ ուրուագրելու կամ ամբողջական ցանկեր կազմելու համար կատարուած են տասնեակ մը փորձեր, որոնք սակայն, դեռ կարելի չէ գոհացուցիչ նկատել, իւրաքանչիւրին պարունա- կած անճշտութիւններուն եւ հակասական տուեալներուն պատճառով։ Գաղափար մը տալու համար, թէ Եգիպտոսի մէջ հրատարակուած առաջին հայերէն լրագրին մասին ինչպիսի կարծիքներ յայտնուած են, մէջ կը բերենք հետեւեալները. Հայ գաղթօճախներու տպագրութեան աշխատանքներու նուիրուած հա- րեւանցի ուսումնասիրութեան մը մէջ Լէօ կը յարէ. Առաջին անգամ 1889-ին է, որ մենք տեսնում ենք եգիպտական հողի վրայ հայ տպագրու- թիւն։ Հայ յեղափոխական գործիչ Անտօն Ռշտունին Ալէքսանդրիայում սկսում է հրատա- րակել Նեղոս շաբաթաթերթը։ Աճապարեալ ուրիշ ակնարկի մը մէջ, Հ. Ամիրեան յիշատակած է, թէ «Եգիպ- տոսի մէջ առաջին հայ թերթը հրատարակուած է 1860-70-ական թուականներուն Արմաւենի անունով, որ շատ կարճատեւ կեանք մը ունեցած է»։ Յետագայ ցուցակէն կարելի է պատկերացնել վերջին վեց տասնամեակի ընթացքին` այս ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքը։ 18

Հ. Մ. Պոտուրեան, «Եգիպտահայ լրագրութեան քառասնամեայ պատմու- թիւնը (1865-1905)», Բազմավէպ, 1907, Յունուար, էջ 73-77։ Աւետիս Պալեան, «Եգիպտահայ լրագրութիւնը (Թռչնաթիռ ակնարկ)», Եգիպ- տահայ տարեցոյցը, Գահիրէ, Ա. տարի, 1914, էջ 147-156։ Հ. Ռ. Կարապետեան, Լիակատար ցուցակ հայերէն լրագիրներու որոնք կը գտնուին Մխիթարեան Մատենադարանին մէջ ի Վիեննա, 1794-1921, Վիեննա, 1924։ Հ. Ամիրեան, «Եգիպտահայ մամուլը», Հայրենիք, ամսագիր, Պոսթըն, Ը. տարի, թիւ 1, Նոյեմբեր 1929, էջ 130-131։ Համբարձում Երամեան, Յուշարձան, Աղեքսանդրիա, 1929, հատոր Բ., էջ 395- 397։ Վահան Զարդարեան, «Հայ լրագրութիւնը Եգիպտոսի մէջ (1865-1932)», Յիշա- տակարան (1512-1933), Գահիրէ, Ա. հտ. պրակ 1, 1933, էջ 1-20։ Վահան Զարդարեան, «Հայ լրագրութիւնը Եգիպտոսի մէջ (1865-1933)», Յիշատակարան (1512-1933), Գահիրէ, Բ. հտ. պրակ 1, 1933, էջ 3-20։ Վահան Զարդարեան, «Հայ լրագրութիւնը Եգիպտոսի մէջ (1865-1932)», Սարկաւագին տարեցոյցը, Գահիրէ, 1933, էջ 36-38։ Գարեգին Լեւոնեան, Հայոց պարբերական մամուլը. լիակատար ցուցակ (1794-1934), Երեւան, 1934։ Յովհաննէս Պետրոսեան, Հայ պարբերական մամուլի բիբլիոգրաֆիա (1794- 1900), Ա. հտ., Երեւան, 1956։ Բ. հտ. (1900-1956), Երեւան, 1957։ Հ. Ժ., «Եգիպտահայ մամուլը անցեալին (Թռուցիկ ակնարկ)», Ջահակիր, Նոր Շրջան, 1963, թիւ 6, էջ 3։ Հ. Ժ., «Եգիպտահայ մամուլը արուեստագէտ սերունդի շրջանին», անդ` թիւ 7, էջ 3։ Հ. Ժ., «Յետպատերազմեան եգիպտահայ մամուլը», անդ` թիւ 8, էջ 3, 6։ Հ. Ժ., «Նոր շրջանի եգիպտահայ մամուլը», անդ` թիւ 10, էջ 3։ Դ. Շահլամեան, «Նիւթեր հայ պարբերական մամուլի պատմութեան համար», Պատմա-Բանասիրական հանդէս, 1964, թիւ 3, էջ 157-163։ Դ. Շահլամեան, «Եգիպտահայ մամուլը 100 տարում», Պատմա-Բանասիրա- կան հանդէս, 1966, թիւ 1, էջ 296-300։ Յ. Թոփուզեան, «Եգիպտահայ պարբերական մամուլի մասին», Պատմա- Բանասիրական հանդէս, 1966, թիւ 4, էջ 285-293։ Տ. Գէորգեան, «Հայ մամուլը Գահիրէի մէջ», Արեւ, 4, 6 Հոկտեմբեր 1969։ Այս ցուցակին կարելի է կցել նաեւ Գահիրէի Համալսարանի Գրականութեան Ֆաքիւլթէի լրագրութեան պատմութեան դասախօս` Տոքթ. Իպրահիմ Ապտոյի մէկ աշխատութիւնը` Թաթաուար ալսահաֆա ալմասրէյա, 1798-1951, ուր յիշած 19

է հայերէն թերթերու 13 անուն, օտար լեզուներով հրատարակուած թերթերու շարքին։ Լիակատար ցուցակ մը կազմելէ ետք, եթէ հնարաւոր ըլլայ նոյնքան լրիւ մատենագիտութիւնը պատրաստել եգիպտահայ մամուլին, վստահաբար անսպառ նիւթ պիտի մատակարարուի պատմական-հասարակական այս կամ այն մարզը ուսումնասիրողին։ Այս ժամանակագրական ցուցակը` որ լոյս կը տեսնէ Արեւի հիմնադրութեան 55-ամեակին առիթով, նախորդներուն հետ բաղդատելով աւելի ամբողջական եւ ճշգրիտ է, սակայն զերծ չէ բազմաթիւ թերիներէ։ ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 1. Բաբգէն Կթ. Կիւլէսէրեան, Պատմութիւն Կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ, Անթիլ- իաս, 1939, էջ 707։ 2. Կիլիկիա, Կ. Պոլիս, 28 Նոյեմբեր 1864։ 1865 ԱՐՄԱՒԵՆԻ Գահիրէ, 1865 Խմբագիր` Աբրահամ Մուրատեան։ Կիսամսեայ։ 1889 ՆԵՂՈՍ Աղեքսանդրիա, 1889 Խմբագիրներ` Ղեւոնդ Քհյ. Փափազեան, Անտոն Ռշտունի, Վահան Մամասեան։ Շաբաթաթերթ։ 1897 ՓԱՐՈՍ Գահիրէ, 1897-1898 Խմբագիր` Յարութիւն Ալփիար։ Եռօրեայ։ – 1901-1902 Խմբագիր` Տիգրան Արփիարեան։ Երկօրեայ։ 20

ԼՐԱԲԵՐ Աղեքսանդրիա, 1897-1908 Խմբագիր` Գրիգոր Սարաֆեան։ Օրաթերթ։ (Խմորատիպ)։ 1898 ՄԱԺԱԿ Գահիրէ, 1898 1899 ՆՈՐ ՕՐ Գահիրէ, 1899-1901 Խմբագիրներ` Սմբատ Բիւրատ, Սմբատ Փափազեան։ Եռօրեայ։ ՓԻՒՆԻԿ Գահիրէ, 1899 Աղեքսանդրիա, 1901-1903 (Կ. Պոլիս, 1909) Խմբագիր` Սմբատ Բիւրատ։ Կիսամսեայ, շաբաթաթերթ, եռօրեայ։ ԱՐՇԱԼՈՅՍ Գահիրէ, 1899-1905, 1908-1914 Խմբագիր` Եղիշէ Թորոսեան։ Եռօրեայ, շաբաթաթերթ։ 1902 ԱՐՏԵՄԻՍ Գահիրէ, 1902-1903 Աղեքսանդրիա (Քանի մը թիւ)։ Խմբագիր` Մառի Պէյլերեան (Նազգաշճեան)։ Ամսահանդէս։ ԱԶԱՏ ԽՕՍՔ (Փարիզ, 1901) Գահիրէ, 1902-1908 21

Խմբագիր` Երուանդ Օտեան։ Պարբերական տետր։ 1903 ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Գահիրէ, 1903 Խմբագիր` Աւետիս Պալեան։ Ամսաթերթ։ - 1904 Խմբագիր` Վահան Պալեան։ Շաբաթաթերթ։ ՓԵԹԱԿ Աղեքսանդրիա, 1903 Խմբագիրներ` Ս. Չէօմլէքճեան, Սեփոն Թիւֆէնքճեան։ Շաբաթաթերթ։ ՀԱՅԵԼԻ (Վառնա, 1897-1902) Աղեքսանդրիա, 1903-1904 Խմբագիր` Տիրան Փափազեան։ Շաբաթաթերթ։ ՊԱՐՏԷԶ Աղեքսանդրիա, 1903-1904 Խմբագիր` Միհրան Ասքանազ։ Շաբաթաթերթ։ ԱԶԱՏ ԲԵՄ Աղեքսանդրիա, 1903-1905 Խմբագիրներ` Երուանդ Օտեան, Վահան Տիրանեան (Թէքէեան), Լեւոն Արամ- եան, Միքայէլ Կիւրճեան։ Շաբաթաթերթ։ Գահիրէ, 1906-1907 Խմբագիրներ` Բարսեղ Օհանեան, Օննիկ Թաշճեան, Լեւոն Լարենց։ Եռօրեայ։ 22

1904 ԳՐԱՍԷՐ Աղեքսանդրիա, 1904, 1905 Հրտ. Գրասիրաց Միութեան։ Տասնօրեայ։ (Խմորատիպ եւ տպագիր)։ (2 թիւ) ՀՈՐԻԶՈՆ Աղեքսանդրիա, 1904 Գահիրէ, 1904-1906 Խմբագիրներ` Տոքթ. Կ. Փաշայեան Խան, Արտաւազդ Հանմեան, Յակոբ Ասա- տուրեան։ Շաբաթաթերթ։ ԼՈՒՍԱԲԵՐ Գահիրէ, 1904-1908 Խմբագիրներ` Վահան Քիւրքճեան, Արփիար Արփիարեան։ Եռօրեայ։ 1905 ՍԻՍՈՒԱՆ Աղեքսանդրիա, 1905 Խմբագիրներ` Սմբատ Բիւրատ, Երուանդ Սրմաքէշխանլեան։ Ամսաթերթ։ ՕՐԷՆՔ Աղեքսանդրիա, 1905 Խմբագիր` Երուանդ Օտեան։ Շաբաթաթերթ։ ՇԻՐԱԿ Աղեքսանդրիա, 1905 Խմբագիրներ` Վահան Թէքէեան, Միքայէլ Կիւրճեան։ Գահիրէ, 1905 Խմբագիր` Արփիար Արփիարեան։ Ամսագիր։ (Կ. Պոլիս, 1909)։ 23

1906 ԹԵՐԹԻԿ Աղեքսանդրիա, 1906 Խմբագիր` Երուանդ Օտեան։ Օրաթերթ։ ԿՐԱԿ Աղեքսանդրիա, 1906 Խմբագիրներ` Երուանդ Օտեան, Բարսեղ Շահպազ։ Շաբաթաթերթ։ ՆՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐ Գահիրէ, 1906 Խմբագիր` Վահան Թէքէեան։ Շաբաթաթերթ։ ՊԻԾԱԿ Գահիրէ, 1906 Խմբագիր` Սիսակ Մուրատեան։ Շաբաթաթերթ։ (1 թիւ) ԱՒԵԼ Գահիրէ, 1906-1909 (Կ. Պոլիս, 1910-1918) Խմբագիր` Վրթանէս Քիւչիւքեան (Թոփալ Շէյթան)։ Եռօրեայ։ 1908 ԱՐԵՒ Աղեքսանդրիա, 1908 Խմբագիր` Երուանդ Օտեան։ Օրաթերթ։ ՄՏՐԱԿ Աղեքսանդրիա, 1908 Խմբագիր` Բարսեղ Շահպազ։ Կիսամսեայ։ 24

ՆՇՏՐԱԿ Գահիրէ, 1908 Խմբագիրներ` Երուանդ Քէրէստէճեան, Հրանտ Ալատտին։ Պարբերաթերթ։ ԼՈՒՍԱԲԵՐ-ԱՐԵՒ Գահիրէ, 1908-1912 Խմբագիրներ` Վահան Քիւրքճեան, Լեւոն Մկրտիչեան, Հրանդ Ծերունեան։ 1913 Խմբագիր` Սուրէն Պարթեւեան։ Երկօրեայ։ 1909 ԶԱՐԹՕՆՔ 1909 Հրտ. Հնչակեան Կուսակցութեան։ (5 թիւ) ՈՄԱՆՑ ՏԱՐԵՑՈՅՑԸ Աղեքսանդրիա, 1909 Խմբագիր` Երուանդ Օտեան։ ԼՈՒՍԻՆ Գահիրէ, 1909-1910 Խմբագիրներ` Մարտիրոս Պալաեան, Սահակ Թիւրապեան, Արսէն Շամլեան, Նուպար Գէորգեան։ Հրտ. Գալուստեան Վարժարանի Պատանեկան Միութեան։ Հաւաքածոյ։ (Խմորատիպ) 1911 ԱՆՑԱԾ ԴԱՐՁԱԾՆԵՐ Գահիրէ, 1911-1912 Խմբագիր` Երուանդ Քէրէստէճեան։ Պարբերաթերթ։ ՄԱԼԷՇ ԲԱՅՑ ՈՉ ՊԷԼԷՇ Գահիրէ, 1911-1912 25

Խմբագիր` Գրիգոր Համբիկեան։ Շաբաթաթերթ։ 1912 ԵԳԻՊՏԱՀԱՅ ՏԱՐԵՑՈՅՑ Աղեքսանդրիա, 1912 ՀՈՍԱՆՔ Գահիրէ, 1912 Խմբագիր` Սուրէն Պարթեւեան։ Շաբաթաթերթ։ (32 թիւ) ՅԱՅՏԱԳԻՐ Գահիրէ, 1912 Խմբագիր` Պաղտասար Նաթանեան։ Պարբերագիրք։ ՄԻՈՒԹԻՒՆ Գահիրէ, 1912-1928 (Փարիզ, 1929-1938) Խմբագիր` Վահան Մալէզեան։ Պաշտօնաթերթ Հ.Բ.Ը.Մ.ի։ Ամսաթերթ։ 1913 ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ Գահիրէ, 1913 Հրտ. Գալուստեան Ընթացաւարտից Միութեան։ Կիսամսեայ։ (1 թիւ) ՅՈՒՍԱԲԵՐ Գահիրէ, 1913- Խմբագիրներ` Սուրէն Պարթեւեան, Արտաւազդ Հանըմեան, Ստեփան Եսայեան, Վահան Նաւասարդեան, Բենիամին Թաշեան, Մինաս Թէօլէօլեան, Սարգիս Զէյթլեան, Բէգլար Նաւասարդեան։ Երկօրեայ, օրաթերթ։ 26

1914 ԽԱՐԱՇՕ Գահիրէ, 1914 Խմբագիրներ` Երուանդ Մսըրլեան, Երուանդ Քէրէստէճեան, Գրիգոր Համբիկ- եան։ Երգիծաթերթ։ (3 թիւ) ԵԳԻՊՏԱՀԱՅ ՏԱՐԵՑՈՅՑԸ Գահիրէ, 1914-1916 Աղեքսանդրիա, 1917-1918 Խմբագիր` Սուրէն Պարթեւեան։ 1915 ՀԱՅԵԼԻ Գահիրէ, 1915 Խմբագիրներ` Գրիգոր Բագրատունի, Միհրան Տամատեան։ Շաբաթաթերթ։ (1 թիւ) ՊՐԻՍՄԱԿ Աղեքսանդրիա, 1915 Ծաղրաթերթ։ ԱՆԻՒ Աղեքսանդրիա, 1915-1917 ԱՐԵՒ Աղեքսանդրիա, 1915-1924 Պաշտօնաթերթ Ռ. Ա. Կուսակցութեան։ Խմբագիրներ` Վահան Թէքէեան, Միքայէլ Կիւրճեան, Լեւոն Մկրտիչեան։ Երկօրեայ։ Գահիրէ, 1924- Խմբագիրներ` Յովհաննէս Յակոբեան, Վահան Թէքէեան, Յովհաննէս Պօղոսեան, Յովհաննէս Սէքսէնեան, Օննիկ Մահտեսեան, Յակոբ Փափազեան, Յակոբ Արամեան, Պետրոս Տեփոյեան, Նուպար Պէրպէրեան, Էտմոն Կոտալազեան, Աւետիս Եափուճեան։ Օրաթերթ։ 27

1916 ՆՇՈՅԼՆԵՐ Գահիրէ, 1916 Հրտ. Հայ Երիտասարդաց Միութեան։ Գրական հաւաքածոյ։ (1 թիւ) ԱՆԱՊԱՏԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԸ Գահիրէ, 1916-1917 Խմբագիրներ` Սուրէն Պարթեւեան, Կարոյ Պալեան։ Պարբերաթերթ։ 1917 ՄԺՂՈՒԿ Գահիրէ, 1917 Խմբագիր` Սոկրատ ՍարաՖեան։ Երգիծաթերթ։ ՅԱՌԱՋԴԻՄԱՍԷՐ Աղեքսանդրիա, 1917 Տեղեկատու Յառաջդիմասէր Ընկերակցութեան։ 1918 ՍԱՒԱՌՆԱԿ Գահիրէ, 1918- Խմբագիր` Երուանդ Մսըրլեան։ Շաբաթաթերթ։ 1919 ԱԼԵԱԿՆԵՐ ԵՒ ԽԼԵԱԿՆԵՐ Հայ Վրանաքաղաքին Տարեգիրքը Աղեքսանդրիա, 1919 Խմբագիր` Տոքթ. Մ. Սալբի։ ԵԳԻՊՏԱՀԱՅ ՏԱՐԵՑՈՅՑ Աղեքսանդրիա, 1919 Խմբագիր` Մարտիրոս Ոսկեան։ 28

ՋԱՀԱԿԻՐ Գահիրէ, 1919 Խմբագիր` Վարդան Գէորգեան։ Գրական հաւաքածոյ։ (2 թիւ) ՈՐԲՈՒՆԻ Աղեքսանդրիա, 1919-1921 Տեղեկատու Հայ Որբախնամ Ընկերութեան։ Ամսաթերթ։ ԶԱՐԹՕՆՔ Գահիրէ, 1919-1927 Խմբագիր` Մարտիրոս Տէր Ստեփանեան։ Կիսամսեայ, շաբաթաթերթ։ 1921 ՄԱՐՏԻԿ ԱՂԱ Գահիրէ, 1921 Խմբագիր` Վարդան Չաքարեան։ Երգիծաթերթ։ 1923 ԱՍԵՂ Աղեքսանդրիա, 1923 Խմբագիր` Վահան Գասապեան։ Շաբաթաթերթ։ ԱՐԱՐԱՏ Գահիրէ, 1923 Հրտ. Գալուստեան Վարժարանի Զ. կարգի աշակերտներու։ Կիսամսեայ Հանդէս։ (Խմորատիպ) ՆՈՐ ՇԱՐԺՈՒՄ Գահիրէ, 1923-1924 Խմբագիր` Գուրգէն Մխիթարեան։ Ամսագիր։ 29

ՀԱՅ ԲՈՒԺԱԿ (Կ. Պոլիս, 1920-1923) Խմբագիր` Բժ. Մ. Գարակէօզեան։ Աղեքսանդրիա, 1923-1925 Խմբագիր` Տոքթ. Յ. Թաշճեան։ Ամսաթերթ։ 1924 ԿԱՅԾ Աղեքսանդրիա, 1924-1925 Խմբագիր` Գ. Սվազլեան։ Հրտ. Զարթօնք Միութեան։ Ամսագիր։ (Խմորատիպ, տպագիր) ՄԱՍԻՍ Գահիրէ, 1924-1925 Հրտ. Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի Հայ Ուսանողական Միութեան։ Ամսաթերթ։ 1925 ԵԳԻՊՏԱՀԱՅ ՏԱՐԵՑՈՅՑ Աղեքսանդրիա, 1925-1926 Խմբագիր` Լեւոն Աճէմեան։ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍԻՆԵՄԱ Գահիրէ, 1925-1926 Խմբագիրներ` Ալ. Սարուխան, Երուանդ Օտեան։ Շաբաթաթերթ։ ՍՖԻՆՔՍ Աղեքսանդրիա, 1925-1927 Խմբագիր` Արամ Ստեփանեան։ Գահիրէ, 1928 Խմբագիր` Յ. Ասլանեան (Գիսակ)։ Շաբաթաթերթ։ 30

ՓՈՒՆՋ Աղեքսանդրիա, 1925-1928 Գահիրէ, 1928-1946 Խմբագիրներ` Մ. Քարամեան, Լեւոն Աճէմեան։ Երկշաբաթաթերթ։ ԱՐԱՔՍ Աղեքսանդրիա, 1925-1965 Խմբագիրներ` Արամ եւ Շաւարշ Ստեփանեան։ Շաբաթաթերթ։ 1926 ՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ Աղեքսանդրիա, 1926 (Գահիրէ) Խմբագիրներ` Գաբրիէլ Թագուորեան, Հմայեակ Շէմս, Բենիամին Թաշեան։ Ամսագիր։ ՀՕԿ Գահիրէ, 1926 Պարբերական պրակ։ ԱՐԱՐԱ Աղեքսանդրիա, 1926-1930 Խմբագիրներ` Սուրէն Պարթեւեան, Արամ Ստեփանեան։ Շաբաթաթերթ։ 1927 ԼՈՒՍԱՐՁԱԿ Գահիրէ, 1927-1928 Խմբագիր` Մարտիրոս Պալաեան։ Հրտ. Ս. Դ. Հ. Կուսակցութեան։ Շաբաթաթերթ։ 1928 ՀՐԵՂԷՆ ՍԻՒՆ Գահիրէ, 1928-1933, 1940 Խմբագիր` Բիւզանդ Կէօզիւպէօյիւքեան։ Հոգեւոր պարբերաթերթ։ 31

ՍԱՐԿԱՒԱԳԻՆ ՏԱՐԵՑՈՅՑԸ Աղեքսանդրիա, 1928-1932 Գահիրէ, 1933-1951 Խմբագիր` Յարութիւն Տ. Մանաւեան։ 1929 ԿԱՅԾԱԿ Գահիրէ, 1929-1930 Խմբագիրներ` Թադէոս Գալֆայեան, Լ. Ագխաչերեան։ Օրկան Հայ Մարմնամարզական Միութեան։ Ամսաթերթ։ ՄԻՏՔ ՈՒ ՄԿԱՆ Գահիրէ, 1929 Հրտ. Պէրպէրեան Վարժարանի Երէց կարգի աշակերտներու։ Ամսաթերթ։ ՈՎԱՍԻՍ Գահիրէ, 1929 Խմբագիր` Յակոբ Գալէմքեարեան։ Հրտ. Հայ Երիտասարդաց Քրիստոնէական Ընկերակցութեան։ Ամսագիր։ 1930 ԼՊՈՒՏ Գահիրէ, 1930 Խմբագիր` Վարդան Չաքարեան։ Երգիծաթերթ։ (1 թիւ) ՀԱՄԱՍՊՐԱՄ Գահիրէ, 1930 Խմբագիրներ` Լեւոն Թելփեան, Յ. Էսէկիւլեան, Հ. Ժամկոչեան, Ն. Խանճեան։ Հրտ. Հայկազնեան Միութեան։ Ամսագիր։ 1931 ՍԱՒԱՌՆԱԿ-ԶԵԲԼԻՆ Գահիրէ, 1931-1933 32

Խմբագիր` Երուանդ Մսըրլեան։ Շաբաթաթերթ։ 1932 ԱԼՊՈՄ Գահիրէ, 1932 Հրտ. Գրիգոր Գալֆա։ Պատկերազարդ տարեգիրք։ 1933 ԶԵԲԼԻՆ Գահիրէ, 1933 Հրտ. Աղաւնի-Ատրինէ Մսըրլեան։ Շաբաթաթերթ։ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑ Աղեքսանդրիա, 1933-1935 Հրտ. Հայ Ուսուցչական Միութեան։ Ամսագիր։ 1935 ԶԱՐԹՕՆՔ Գահիրէ, 1935-1936 Խմբագիրներ` Մարտիրոս Պալաեան, Մարտիկ Պէյլերեան, Զարուհի Ծաղկունի։ Գրական հաւաքածոյ։ (Խմորատիպ) (12 թիւ) 1936 ԼՈՅՍ Գահիրէ, 1936 Խմբագիրներ` Վեր. Թէոտոր Տաղլեան, Վեր. Կիրակոս Թումայեան։ Պարբերագիրք։ ԱԶԱՏ ՄԻՏՔ Գահիրէ, 1936-1937 Խմբագիրներ` Արշակ Ալպօյաճեան, Ղ. Սարեան։ Շաբաթաթերթ։ 33

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՏԱՐԵԳԻՐՔ Գահիրէ, 1936, 1937, 1938 (Պէյրութ, 1939-) Խմբագիր` Գուրգէն Մխիթարեան։ Հրտ. Համազգային Ընկերակցութեան։ 1937 ԱՄԵՆՈՒՆ ԳԻՐՔԸ Աղեքսանդրիա, 1937 Պարբերագիրք։ (1 թիւ) ԱՐՄԱՒԵՆԻ Գահիրէ, 1937-1938 Հրտ. Գալուստեան Վարժարանի Շրջանաւարտից Միութեան։ Տարեգիրք։ (1 թիւ) 1938 ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻՆ ՁԱՅՆԸ Գահիրէ, 1938 Խմբագիր` Արշամ Տատրեան։ Պարբերագիրք։ (1 թիւ) ԳԻՐ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏ Գահիրէ, 1938 Խմբագիր` Քերովբէ Կոստանդեան։ Հրտ. Գրիգոր Գալֆա։ Եռամսեայ։ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑ Գահիրէ, 1938 Խմբագիր` Բենիամին Թաշեան։ Հրտ. Եգիպտահայ Ուսուցչական Միութեան։ Ամսագիր։ 34

ՇՈՂԱԿԱԹ Գահիրէ, 1938 Հանդէս Ուսանողական Միութեան։ ԱՄՍՕՐԵԱՅ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ Գահիրէ, 1938-1942 Հրտ. Հ.Բ.Ը. Միութեան։ ԳՐԱՍԷՐԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Գահիրէ, 1938, 1941, 1943, 1949 Խմբագիր` Արշակ Ալպօյաճեան։ Պարբերագիրք։ 1939 ԴԱԼԱՐԻՔ Աղեքսանդրիա, 1939 Տեղեկատու Ազգ. Վարժարանաց։ Ամսագիր։ (1 թիւ) ԶԱՐԹՕՆՔ Գահիրէ, 1939-1940 Խմբագիր` Դաւիթ Շահլամեան։ 1942 Խմբագիր` Հայկ Ժամկոչեան։ (1 թիւ) Գիրք Յիշատակարան։ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻ ՁԱՅՆ Աղեքսանդրիա, 1939-1947 Խմբագիր` Վեր. Թէոտոր Տաղլեան։ Ամսագիր։ 1941 ՇԱՐԺՈՒՄ Գահիրէ, 1941 Հրտ. Հայ Ուսանողական Միութեան։ Պարբերագիրք։ (1 թիւ) 35

ԳՐՊԱՆԻ ՕՐԱՑՈՅՑ Աղեքսանդրիա, 1941- Խմբագիր` Արամ Ստեփանեան։ 1944 ԱՇԽԱՏԱՆՔ Գահիրէ, 1944-1947 Խմբագիրներ` Խաչիկ Յովհաննէսեան, Մարտիկ Պէյլերեան։ Հրտ. Հայկական Ընթերցասրահի։ Գրական հաւաքածոյ։ ԿԵԱՆՔ ԵՒ ԳԻՐ Գահիրէ, 1944-1948 Խմբագիր` Դաւիթ Շահլամեան։ Գիրք յիշատակարան հայ երիտասարդութեան։ 1948-1949 Խմբագիրներ` Վարդգէս Գարտաշեան, Սահակ Պալըգճեան։ Ամսագիր։ ՅՈՒՍԱԲԵՐ Գահիրէ, 1944-1948 Խմբագիրներ` Գուրգէն Մխիթարեան, Բենիամին Թաշեան։ Ամսագիր։ 1945 ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ ՊՐԱԿ Գահիրէ, 1945-1946 Հրտ. Գալուստեան Վարժարանի Շրջանաւարտից Միութեան։ Ամսաթերթ։ (10 թիւ) 1946 ՆՈՐ ԱՐՈՒԵՍՏ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹ Գահիրէ, 1946-1947 Խմբագիրներ` Սարգիս Պալաեան, Պօղոս Սիմոնեան։ Պարբերաթերթ։ (2 թիւ) 36

1947 ՇԱՐԺՈՒՄ, ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻՆ ԳԻՐՔԸ Գահիրէ, 1947 Պարբերագիրք։ 1948 ԿԵԱՆՔ ԵՒ ԳԻՐ Գահիրէ, 1948 Խմբագիր` Հայկ Ժամկոչեան։ Տարեգիրք։ ՇՈՂԱԿԱԹ, ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂԻՆ ԳԻՐՔԸ Գահիրէ, 1948 Հրտ. Հայ Ուսանողական Միութեան։ (1 թիւ) ԲԱՐԻ ԼՈՒՐ Աղեքսանդրիա, 1948-1954 Խմբագիրներ` Վեր. Թէոտոր Տաղլեան, Վեր. Խաչիկ Սարեան, Վեր. Կարապետ Թումայեան։ Կրօնական ամսաթերթ։ ՋԱՀԱԿԻՐ Գահիրէ, 1948-1963։ Խմբագիրներ` Հայկ Ժամկոչեան, Արշամ Տատրեան, Հրանտ Տատրեան։ Շաբաթաթերթ։ 1949 ՆՈՐ ԽԻԿԱՐ Գահիրէ, 1949 Գ. Կարինեան (Հայկ Ժամկոչեան)։ Երգիծաթերթ։ (2 թիւ) ՈՒՍԱՆՈՂ Գահիրէ, 1949 Ամսագիր։ 37

1950 ԲԱՆՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ Գահիրէ, 1950- Խմբագիր` Արա Սեւյօնքեան։ Հոգեւոր պարբերաթերթիկ։ ՆՈՅԵԱՆ ԱՂԱՒՆԻ Գահիրէ, 1950-1951 Խմբագիր` Արշամ Տատրեան։ Պարբերագիրք։ (2 թիւ) 1951 ՄԱՐԶԻԿ Գահիրէ, 1951 Խմբագիրներ` Գրիգոր Գըլճեան, Յակոբ Քէստէկեան։ Ամսագիր։ 1956 ԱԼԻՔ Գահիրէ, 1956 Խմբագիր` Նուպար Ակիշեան։ Հրտ. Կոկանեան Սրահի «Ալիք» Շարժումին։ Պարբերագիրք։ (1 թիւ) ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ Գահիրէ, 1956- Խմբագիր` Սիսակ Շալճեան։ Հրտ. Հ.Բ.Ը. Միութեան։ Ամսագիր։ 1957 ՈՒՍՈՒՄՆԱՐԱՆ Գահիրէ, 1957, 1958, 1959-1960, 1962 Խմբագիր` Հ. Բարսեղ Ֆերհաթեան։ Հրտ. Վիեննական Մխիթարեան Վարժարանի։ Տարեգիրք։ 38

1963 ՋԱՀԱԿԻՐ Գահիրէ, 1963- Խմբագիր` Սարգիս Պալաեան։ Շաբաթաթերթ։ 1966 ՋԱՀԱԿԻՐ ՄԱՐԶԱԿԱՆ-ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ Գահիրէ, 1966- Խմբագիր` Սարգիս Պալաեան։ Ամսաթերթ։ Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 11 Մայիս 1970, ԾԵ. տարի, թիւ 15.619 12 Մայիս 1970, ԾԵ. տարի, թիւ 15.620 13 Մայիս 1970, ԾԵ. տարի, թիւ 15.621 14 Մայիս 1970, ԾԵ. տարի, թիւ 15.622 15 Մայիս 1970, ԾԵ. տարի, թիւ 15.623 16 Մայիս 1970, ԾԵ. տարի, թիւ 15.624 19 Մայիս 1970, ԾԵ. տարի, թիւ 15.625 39

ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՕՏԱՐ ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՎ (ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍ) Մեծարգոյ ՓՐՈՖ. ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԵԱՆԻՆ Մարդը ինչ տայ. - էն կը շահի, Թող իմանայ ողջ աշխարհ։ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ Ա. Ե. դարու առաջին տասնամեակէն մինչեւ Ի. դարու եօթներորդ տասնամեակի սեմին` հայ գրականութիւնը արգասաւաւորուած է գրեթէ բոլոր ժամանակներու իմաստասիրական, աստուածաբանական, պատմական, քերականական, գիտա- կան, գրական զանազան սեռերու բազմահազար գործերու թարգմանութիւն- ներով։ Թարգմանական արուեստը բարձր մակարդակի վրայ հաստատողները եղան «մեր երանելի հայրերը`» Սահակ Պարթեւն ու Մեսրոպ Մաշտոցը, ինչպէս նաեւ իրենց երէց եւ կրտսեր աշակերտները, որոնք Եդեսիոյ, Կոստանդնուպոլսոյ կամ Աղեքսանդրիոյ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ժամա- նակի գիտութիւնները ամբարելէ ետք, մտաւոր հոսանքներու ենթարկուած եւ նոր աշխարհայեացքով զինուած` հայրենիք վերադառնալով, լծուեցան մայրենի գրականութեան հաստատման եւ վերելքի ընդհանուր աշխատանքին։ Դարերու ընթացքին, գրեթէ բոլոր վարդապետարաններն ու վանքերը կամ գրչութեան եւ կամ ալ թարգմանութեան կարեւոր կեդրոններ դարձան` ըլլայ մայր հողի վրայ թէ Կիլիկիոյ մէջ, իշխանական կամ արքայական յաճախակի մեկենասութեան շնորհիւ գլխաւորաբար։ Հայրենի բանասէրներէն` Լ. Գ. Խաչերեան, Միջնադարի ուսումնագիտական կենտրոնները հետաքրքրական ուսումնասիրութեան մէջ կը գրէ. Կիլիկիայի ուսումնագիտական կենտրոննները ամբողջ հայ իրականութեան մէջ աչքի էին ընկնում լեզուների իմացութեան հարցում։ Եւ դա ինքնըստինքեան հասկանալի է. իր աշխարհագրական դիրքով եւ ծովային առեւտրի հարուստ ու բազմազան գործառնու- 40

թիւնների շնորհիւ օտար լեզուների իմացութիւնը Կիլիկիայում, բնականաբար, դարձել էր հարկադրական պահանջ։ Ի դէպ, Կիլիկիայի ուսումնականներից ոմանք մինչեւ անգամ եթովպերէն են իմացել1։ Քաղաքական եւ տնտեսական նպաստաւոր պայմաններէն օգտուելով, մեր թագաւորներն ալ, հին օրերու ուրիշ վեհապետներու նման, մշակութային կարեւոր ձեռնարկներ ըրած են։ Օրինակի համար Լեւոն Բ.ի մասին խօսելով, Հ. Ղ. Ալիշան կ’ըսէ, թէ «ետ ժողովել զամենայն գրեանս յամենայն տիեզերաց անթիւ բազմութեամբ, եւ ետ թարգմանել զամենեսեան միանգամայն»2։ Թարգմանական գանձարանին մէջ իրենց լուման մուծած են նաեւ Միաբանող Եղբայրները։ ԺԸ-ԺԹ. դդ. թարգմանական անգնահատելի ծառայութիւններ մատուցած են Մխիթարեան երկճիւղ միաբանութեան անդամները, որոնք Ա. Չօպանեանի հաստատումով «ամբողջ Արեւմուտքը բացին հայ միտքին առջեւ իր հին ու նոր ամէն տեսակ ճոխութիւններովը»։ Թէեւ կատարուած աշխատանքը հսկայական է, սակայն ժամանակին հետ միշտ քայլ չպահուելով` միջազգային գրական լաւագոյն վերջին արտադրութիւն- ները չեն հայացուած։ Այս մասին` արեւմտահայ հին սերունդի գրագէտներէն վերջին ներկայացուցիչ Ենովք Արմէն կը խորհրդածէ. Արտագաղթի թուականէն (1922) ի վեր լոյս տեսած գրացուցակներու վրայ մանրակրկիտ ակնարկ մը կը յայտնաբերէ թէ` Պոլիս, Աթենք, Ամերիկա, Եգիպտոս, Ֆրանսա, Պէյրութ եւ այլուր հրատարակուած են թարգմանութիւններ (ամէնքն ալ վէպ), բայց միշտ վտիտ գործեր` ոչ եբբեք շրջան եւ թուական կազմող երկեր, որոնք մարդկային ընկերային շարժու- մին դրոշմ կուտան, մտաւորական յեղաշրջութեան ջահ կը վառեն միտքերու մէջ3։ Նոյն տեղը իր միտքը աւելի հիմնաւորելով կ’ըսէ. Ուշագրաւ եւ հետազօտելի հարց է թէ` ինչո՞ւ բովանդակ Սփիւռքի մէջ թարգմանչական գրականութիւնը գրեթէ ամբողջապէս լքուած է։ Թարգմանչական գրականութիւն ըսելով չենք հասկնար մանրմունր, հատուկտոր գրուածք կամ տետրակ, այլ թարգմանութիւն օտար գրականութիւններու հին կամ ժամանակակից գլուխ-գործոցներու։ Երբ ակնարկ մը պտըտցուի Սփիւռքի հայ գրական արտադրութեան սեռերուն վրայ, ցցուն տեսքով կը նշմարուի որ` անոնց մէջ պակսող գլխաւոր սեռն է թարգմանութիւնը, որ գրեթէ ամբողջա- պէս անտեսուած եւ լքուած ճիւղ մը եղած է։ Զարմանալի երեւոյթ է` այս բացարձակ խզումը միջավայրի մտաւորական շարժումէն4։ Հայաստանի Գրողներու Միութեան քարտուղար Ստեփան Ալաջաջեան «Գեղարուեստական գրականութեան արդի վիճակը եւ մեր խնդիրները» ուսում- նասիրելով, թարգմանական գանձարանի հարստութիւնները թուելէ ետք, կը գրէ. 41

Շատ մեծ է մեր հարստութիւնը եւ այդ պատճառով ալ մեծ աշխատանք կայ դեռ կատարելիք։ Առաջին եւ կարեւոր հարցը այն է, թէ ե՞րբ պիտի գրուի մեր թարգմանական արուեստին պատմութիւնը։ Պէտք չէ՞ պատրաստուի մատենագրութիւն մը` նուիրուած թարգմանական գրականութեան։ Անհրաժեշտութիւն մը չէ՞ արդեօք, որ ունենանք տեսա- կան աշխատութիւն մը, ուր բացատրուին եւ մեկնաբանուին մեր նախնիքներուն թարգմա- նական արուեստին ուղղութիւնները5։ Ներկայացուած հարցերը իրաւ է, թէ ուշադրութեան արժանի կէտեր ունին, սակայն, որքան գիտենք, բանասիրական գրականութեան մէջ մասամբ գոյութիւն ունին պահանջուածները։ Մեզի ծանօթ աշխատութիւններէն յիշենք հետեւեալ- ները. ա. – Յ. Ս. Անասեան` Մաշտոցի անուան Մատենադարանի թ. 2271 եւ 2220 ձեռագիրներէն քաղելով, որոնք ԺԸ. դարու ժողովածուներ են, հրատարակած է «Այլ եւս գոն պատմագիրք թարգմանեալք որք են այսոքիկ» թարգմանական 16 աշխատութիւններու բաւական մանրամասնեալ ցուցակը6։ բ. – Հ. Գարեգին Զարբհանալեան, Մատենադարան հայկական թարգմանու- թեանց նախնեաց. դար Դ-ԺԳ., Վենետիկ, 1889, ԼԱ-783 էջ։ գ. – Հ. Ն. Ակինեան, Պատմութիւն հայ թարգմանութեան օտարալեզու բնա- գիրներու (408-1800), 1 հտ., անտիպ7։ դ. – Ղազիկեանի եւ Անասեանի մատենագիտական աշխատութիւնները։ Համատեղե՞լ եւ գնահատե՞լ տասնհինգ դարերու թարգմանական արգասիքը. ատիկա բանասիրական եւ գրականագիտական լուրջ աշխատանք կը պահանջէ։ Բ. Մենք դարերի սեղանին Ընծայեցինք բիւր մատեան Մ. ՎԵՍՊԵՐ Ստ. Ալաջաջեան իր վերոյիշեալ յօդուածին մէջ, ազգային հպարտութենէ դրդուած, կ’անդրադառնայ ուրիշ կարեւոր հարցի մը. Ուսումնասիրուած չէ նաեւ թէ անցեալին օտարները հայերէն ի՞նչ գործեր թարգմանած են իրենց լեզուով։ Այդ ուղղութեամբ իր հաւաքած փաստերը թուելէ ետք, հարց կուտայ. 42

Արդ ո՞վ պիտի գբաղի, թէ` ուր եւ ինչ թարգմանուած է հայ գրականութենէն, օտարները ի՞նչ կարծիք կը կազմեն հայ գրականութեան մասին, երբ կը կարդան հայ գրողներուն գործերը իրենց լեզուով եւ, վերջապէս, ի՞նչ որակ կը ներկայացնեն այդ թարգմանութիւն- ները։ Եւ անծանօթ ուսումնասէրը չվհատեցնելու դիտաւորութեամբ, կ’եզրակացնէ. Դժուար չէ այս գործը, դժուարը ծուլութիւնը թօթափելը եւ գործը կազմակերպելն է8։ Ալաջաջեանի նման գրագէտի մը կողմէ յայտնուած փափաքը մեզի խթան եղաւ, որ տասնամեակի մը ընթացքին հաւաքուած ատաղձը դառնայ մատենա- գիտութեան մը կորիզը։ Մատենագիտական այս փորձին մէջ ջանք թափուած է համախմբելու (ԺԷ. դարու լատիներէն թարգմանութիւններէն սկսեալ` մինչեւ Օտեանի Ընկերվարա- կան նամականիի այս տարի լոյս տեսած արաբերէն թարգմանութիւնը) բոլոր տպագրուած եւ անտիպ թարգմանութիւնները, որոնք կամ de visu ուսումնա- սիրած ենք, եւ կամ բանասիրական ու մատենագիտական աղբիւրներէ քաղած ենք։ Անզուգական հայագէտ Նորայր Բիւզանդացիի գործածած բնաբանը` «Որ- քան կարեմ` զայն առնեմ»9, կեանքի նշանաբան ընտրած ըլլալով, չենք վարանիր խոստովանելու, որ այս աշխատութեան մէջ թերիները կամ մոռացումները շատ են։ Մատենագիտութեան պատրաստութեան համար յաճախ ղիմած ենք բանա- սիրութեան շատ ծանօթ հետեւեալ աշխատութիւններուն. ա. – Հ. Արսէն Ղ. Ղազիկեան, Հայկական նոր մատենագիտութիւն եւ հանրա- գիտարան հայ կեանքի, Վենետիկ, 1909-1912, Ա. հտ. (Ա-Մ)։ բ. – Յ. Ս. Անասեան, Հայկական մատենագիտութիւն, Ե-ԺԸ դդ., Երեւան, 1959, Ա. հտ. (Ա-Առաքել Սալաձորեցի)։ զ. – A. Salmaslian, Bibliographie de l’Arménie, Paris, 1946։ Ասոր ընդարձակը` Հայկական մատենագիտութիւն տարւոյս սկիզբը լոյս տեսաւ Երեւանի մէջ (չենք օգտագործած)։ Ուրախութեամբ պէտք է նշել, թէ 1967-ին, Երեւանի Պետական Համալսա- րանին մէջ կազմակերպուած է «Հայ ժողովրդի գրական կապերն ուսումնասիրող կաբինետ», որ արդէն պատրաստած եւ հրատարակած է Հայ գրականութիւնը ռուսերէն թարգմանութիւններում եւ Յովհ. Թումանեանը ռուսերէն մատենագի- տական աշխատութիւնները10։ Արտասահմանի մէջ այդ ուղղութեամբ աշխա- տանքները` եթէ կան, մեզի անծանօթ կը մնան։ Վերջին տարիներու պարբերական մամուլէն քաղուած քանի մը 43

մէջբերումներ ցոյց կուտան, թէ թարգմանական աշխատանքը միշտ օրակարգի լուծելի հարցերէն է մեր խմբագիրներուն, գրագէտներուն եւ գրականագէտներուն համար։ Թարգմանչաց տօնին առիթով` այս թերթի խմբագրական սիւնակներուն մէջ կարդացինք. Այսօր մենք կարիքն ունինք մեր թարգմանիչներու մոլեռանդ հաւատքին` նոյն աշխատանքը կատարելու հակառակ ուղղութեամբ. այսինքն, թարգմանելու եւ համաշխար- հային միտքի տաճարներուն մատուցանելու մեր հին ու նոր գրականութեան լաւագոյն աշխատանքները, ցոյց տալով աշխարհի թէ ինչպիսի ժողովուրդ մըն էինք մենք անցեալին եւ ինչպիսին ըլլալու խմորն ունինք այսօր։ Ճիշտ է թէ անհատ մտաւորականներ, հաստատութիւններ ու մանաւանդ հայրենիքի հրատարակչականները շնորհակալ աշխատանքներ կը տանին այս ուղղութեամբ, սակայն, ծրագրեալ ու հիմնական աշխատանքները տակաւին հեռու կը մնան կարծէք11։ Հայերէնէ ֆրանսերէն թարգմանութիւններու մասին խորհրդածելով` Մկրտիչ Պարսամեան կը գրէ. Երբեմն ծանօթ հեղինակներու գործերէն ֆրանսերէնի կը թարգմանուին, նպատակ ունենալով հայկական գրականութեան ճաշակը տալ եւրոպացի մտաւորականներուն։ Հայերէնէ ֆրանսերէն կամ անգլերէն թարգմանութիւններուն ուրիշ դեր մըն ալ վերա- պահուած է սակայն։ Գիտենք, թէ մեր երիտասարդները օտար միջավայրերու մէջ ծնած ու մեծցած եւ հայրենիքէ հեռու, մայրենի լեզուին անծանօթ ըլլալով, գրեթէ օտար լեզուի մը օգնութեան կը կարօտին ազգային, հարազատ գրականութեան հաղորդակից դառնալու համար։ Այդ պահանջին գոհացում տալու համար է, որ երբեմն մեր երիտասարդներուն կը մատուցուին թարգմանութիւններ։ Անշուշտ մասնաւոր ծրագրով մը չէ, որ կը կատարուի այս աշխատանքը, այլ պատահականութեան ձգուած գործ մըն է։ Իր յօդուածը սփիւռքի մէջ կատարուած թարգմանութիւններուն նուիրուած ըլլալուն` Պարսամեան միջանկեալ կ’ընդունի, թէ Թարգմանչական լուրջ աշխատանքներ կը կատարուին մեր հայրենիքին մէջ... հայերէնէ բանաստեղծական եւ արձակ թարգմանութիւններ կ’ըլլան, հետեւողական ծրագրով, ոչ միայն ռուսերէն, այլեւ քոյր հանրապետութիւններու լեզուներով12։ Հայրենի տաղանդաւոր բանաստեղծներէն` Պարոյր Սեւակ բծախնդիր եւ դիպուկ մօտեցումով կ’անդրադառնայ, թէ Մենք ահագին բան ենք թարգմանել ռուսերէն` չխօսելով թարգմանութիւնների որակի 44

մասին։ Իսկ թարգմանե՞լ ենք արեւմտահայ բանաստեղծներից, որոնցից իւրաքանչիւրը այլ մի ժողովրդի լեզուով կը հնչէր շատ աւելի հասկնալի եւ կը բարձրացնէր մեր ժողովրդի վարկը։ Չենք թարգմանել ու չենք էլ մտածում կարծեմ։ ... Ես ինձ թոյլ եմ տալիս աւելորդ մի անկեղծութիւն, որպէզի ասեմ, որ ռուսերէն թարգմանուելու հարցը համարեա թէ դարձել է մի շիշ հայկական կոնեաք կոնծելու դժուարութիւն։ Թարգմանւում են այնպիսի հեղինակներ, որոնք պարզապէս գրող չեն, կամ այնպիսի երկեր, որոնք պիտի չհրապարակուէին նաեւ հայերէն։ Թարգմանական գործի այսպիսի ընթացքը, մեր արդի գրականութեան վարկին հասցնում է միանգամից երկու հարուած։ Այս հարուածներից մէկն այն է, որ մեր գրական արտադրանքի լաւագոյնը կամ բնաւ չի թարգմանւում, կամ էլ թարգմանւում է շատ ցածրորակ։ Այս հարուածներից երկրորդն էլ այն է որ թարգմանւում են խոտանային երկեր, եւ ռուս հրատարակիչների, ինչպէս նաեւ համամիութենական ընթերցողի մէջ ամրապնդում այն կարծիքը, որ Հայաստանում գրականութիւնն այն վիճակումն է, ինչ վիճակումն է կինոն կամ... ներեցէք... ֆուտպոլը։ Ժամանակն է, որ հայ գրականութեան թարգմանութիւնը դադարի գրողների անձնա- կան շահագրգռութեան գործը լինելուց եւ դառնայ Գրողների Միութեան նոր ղեկավարու- թեան գործը, եթէ կ’ուզէք` ամենակարեւոր գործը։ Երիտասարդ բանաստեղծ Արամայիս Սահակեան, գեղարուեստական թարգմանութեան հարցերուն նուիրուած յօդուածի մը մէջ, լուրջ դիտողութիւն- ներու շարքին կ’ընէ հետաքրքրական առաջարկ մը. Ժամանակը չէ՞, արդեօք, մտածել համալսարաններում եւ ինստիտուտներում համա- պատասխան դասընթացքների ստեղծման մասին, որտեղ ուսանողները սովորեն եղբայրա- կան ժողովուրդների լեզուները եւ այդ լեզուներից թարգմանելու արուեստը13։ Թերեւս այս առաջարկը նկատի ունենալով է, որ Երեւանի Պետական Համալսարանի «Գրական Կապերի Կաբինետ»-ը` որակեալ թարգմանիչներ պատրաստելու նպատակով, երկու ուսանողներ գործուղած է Մոսկուայի Պետա- կան Համալսարանի դասական լեզուներու բաժինը14։ Ներկայիս թարգմանական արուեստի միակ մասնագիտացած ամսագիրն է Լիտերատուրնայա Արմենիա, «որ սիստեմատիկաբար ռուս ընթերցողներին ծանօթացնում է հայ դասական, ինչպէս նաեւ ժամանակակից սփիւռքահայ գրող- ներին»15։ Ամսագիրը իր գոյութեան առաջին տասնամեակը բոլորած է բանաստեղծ- թատերագիր Գուրգէն Բորեանի խմբագրութեամբ, իսկ ներկայիս կը ղեկավարէ բանաստեղծ Գէորգ Էմին։ Հարեւանցի ակնարկով մը միայն դարերու աշխատանքին վրայէն սահելու նպատակով, կը կատարենք հետեւեալ քաղուածքները։ 45

Հայ գրականութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուած է ԺԷ. դարուն, երբ ծիսական գործեր լատիներէնի թարգմանուած են։ Մեզ շրջապատող ժողովուրդներէն` վրացիները առաջինը հանդիսացած են, որոնք հետաքրքրուած են մեր գրական արտադրութիւններով։ Օրինակ «Հայ մատենագրութեան բազմաթիւ գործերին ծանօթանալուց յետոյ, Վրաց (Անտոն) կաթողիկոսը (ԺԸ. դ.) եւ հայ քահանայ Փիլիպպէն միասին հայերէնից վրացերէն են թարգմանում մի շարք գրքեր, ինչպէս հայ մատենագիրների երկասիրու- թիւններից, այնպէս էլ հայերէն թարգմանուած յոյն կամ իտալացի հեղինակների երկերից»16։ Նոյն շրջանին մասին աւելի մանրամասն կ’արտայայտուի Իլ. Աբուլաձէ. ... Յիշենք թէկուզ Վախտանգ Զ.ի եւ նրա որդու Վախուշտու մերձաւոր աշխատակից Զուրաբ Շանշովանիին, որին արքան եւ արքայորդին յանձնարարում են հայերէնից վրացե- րէն թարգմանել մի քանի փիլիսոփայական եւ քերականական երկեր, որոնք նրանց կողմից խմբագրական շտկումներից յետոյ լոյս են ընծայւում։ Այստեղ չենք կարող չյիշել եւ Փիլիպոս Ղայթմազաշվիլուն, որի օգնութեամբ Անտոն Ա.ը վրացերէնի է թարգմանում Նոր Ջուղայի եւ Վենետիկի հայկական դպրոցներում մշակուած, այսպէս կոչուած, ազատ գիտութիւնների դասագրքերը, ինչպիսիք են Սիմէոն Ջուղայեցու Տրամաբանութիւնը, Մխիթար Սեբաստացու Ճարտասանութիւնը, Տրամաբանութիւնը, Քերականութիւնը եւ այլն17։ Ռուսերէն առաջին թարգմանութիւնը կատարուած է Մովսէս Խորենացիէն, 1786-ին, Վառլամ Վահանովի կողմէ։ Յետագային, մանաւանդ Մկրտիչ Էմինի եւ Քերովբէ Պատկանեանի կողմէ մեր մատենագիրներէն քանի մը գործեր թարգմանուած են։ Իսկ Դ. Ռոստոմեանի համաձայն, «հայ գրողների ստեղծագոր- ծութիւնները ռուսերէն են թարգմանուել դեռեւս անցեալ դարի 80-ական թուականներից։ Սակայն մինչեւ 90-ական թուականներն այդ թարգմանութիւն- ները պատահական բնոյթ էին կրում։ Հայ գրականութեան թարգմանութեան գործը գիտական հիմքերի վրայ դրուեց միայն 1893 թուականից, երբ ռուս նշանաւոր գրականագէտ Եուրի Վեսելովսկու եռանդուն ջանքերի շնորհիւ հրա- տարակուեց Հայ վիպասաններ ու բանաստեղծներ ժողովածուի առաջին հա- տորը, որը անդրանիկ ժողովածուն էր ռուս իրականութեան մէջ»18։ Հայ գրականութիւնը ռումէն ընթերցողին ներկայացներու աշխատանքները համադրելով, Յ. Ճ. Սիրունի կը գրէ. Ըլլայ Մեշտուտճեանի` Auroraն եւ Araratը, ըլլայ անոնցմէ ետք լոյս տեսած Aniն, լեցուն են հայ գրականութենէն թարգմանուած արձակ եւ ոտանաւոր նմոյշներով, առանց յիշելու թարգմանութիւնները զորս ֆրանսերէնէ կատարեց Նիքոլաէ Եորկա զանազան առիթներով։ Այս բոլորը պիտի կրնային հատորներ կազմել` եթէ մարդոց հնարաւորութիւնը չպակսէր զանոնք համախմբելու19։ 46

Մեր օրերուն ալ թարգմանական աշխատանքները նոր թափով կ’ընթանան։ Օրինակ «ետ պատերազմեան շրջանում լիտվերէն են թարգմանուել քսանից աւելի հայ հեղինակ, որոնց գրքերի ընդհանուր տպաքանակն անցնում է 250 հազար օրինակից», կը կարդանք Գրքերի աշխարհ ամսաթերթին մէջ20։ Իսկ «ռուսերէնի միջոցով արդէն սփիւռքահայ գրականութիւնը դուրս է գալիս միջազգային ասպարէզ, մատչելի դառնում աշխարհի ժողովուրդներին»21։ Հունգար եւ հայ ժողովուրդներու բարեկամութեան նուիրուած ակնարկի մը մէջ, Ս. Քոլանջեան կը հաղորդէ, թէ «հունգար հայագէտները նախապատ- րաստւում են հունգարերէն թարգմանել Ագաթանգեղոսի, Փաւստոսի, Եղիշէի եւ այլոց պատմագրքերը»22։ Ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէ հայ գրականութիւնը, որ օտար գրագէտներու, բանասէրներու եւ ուսումնասէրներու ուշադրութեան, գուրգուրանքին կամ հիացումին առարկայ դարձած է։ Այդ մասին միայն երեք վկայութիւններով կը բաւականանանք։ Ֆելիքս Նեւ` Քրիստոնեայ Հայաստանը եւ անոր գրականութիւնը կարեւոր աշխատութեան մէջ, Նարեկացին կ’անուանէ «հայ եկեղեցւոյ ամենավճիտ փառ- քերէն մէկը, որուն երկերը թարգմանելով` մարդ հոյակապ ծառայութիւն մատու- ցած կ’ըլլայ կրօնական գրականութեան»։ Հայկական պոէզիային ծանօթանալը, – Վալերիյ Բրիւսովի կարծիքով, – պէտք է պարտադիր լինի իւրաքանչիւր կրթուած մարդու համար, ինչպէս պարտադիր է նրա համար հելլէն ողբերգակներին, Դանթէի Կատակերգութեանը, Շեքսպիրի դրամաներին, Վիկտոր Հիւգոյի պոէմներին ծանօթ լինելը։ Հայ բանաստեղծներու մասին խօսելով ուկրաինացի բանաստեղծ-թարգմա- նիչ Պ. Տիչինան կը խոստովանի, թէ Ես բերանացի էի անում նրանց ոտանաւորները եւ զգում էի, թէ որքա՜ն նրանք գեղեցիկ են հնչում բնագրում։ Չէ՞ որ այդ երաժշտականութիւնը գրեթէ անարտայայտելի է միւս լեզուներով, երաժշտականութիւն, որ յատուկ է միայն հնչեղ հայոց լեզուին23։ Հայաստանի եւ հայ մշակոյթի պատմութիւնը ուրուագրելով, լեհ գրագէտ Բոգդան Գեմբարսկի իր միտքը կը խտացնէ հետեւեալ արտայայտութեամբ. ... մի բուռ հող ու բովանդակ աշխարհում ցրուած մի բուռ մարդիկ ստեղծել են մի մշակոյթ, որը կարող է հաւասարուել մեր դարաշրջանի մեծ ժողովուրդների մշակոյթներին, չխօսելով արդէն այն մասին, որ հայկականը դրանցից մի քանի անգամ աւելի տարեց է։ *** 47

Անցեալ տարի Հայրենիքի ձայն շաբաթաթերթը կ’աւետէր Երեւանի Շեքսպիրեան Գրադարանի հիմնադիր` Փրոֆ. Ռուբէն Զարեանի մէկ նոր նախաձեռնութիւնը` Հայ գրականութիւնը այլ լեզուներով մասնագիտական գրադարանին ստեղծումը։ Նոյն օրերուն, մեծարգոյ Փրոֆեսորը «Բաց Նամակ»- ով մը կը պարզէր մշակութային ամբողջ հարստութիւնը հաւաքելու իր ծրագիրը եւ այդ առիթով գրողներուն, թարգմանիչներուն եւ մտաւորականներուն կոչ կ’ուղղէր, որ «օգնութեան ձեռք մեկնեն» որպէսզի «այս կարեւոր գործը գլուխ գայ հնարաւոր բարձր մակարդակով»։ Փրոֆ. Զարեանին ձեռնարկով խանդավառուած անձերը, իրենց մօտ գտնուող հայերէնէ օտար լեզուներու թարգմանուած գործերը կրնան ուղարկել հետեւեալ հասցէին. Արուեստի Ինստիտուտ, Աբովեան 15 Երեւան 1 48


Like this book? You can publish your book online for free in a few minutes!
Create your own flipbook