Important Announcement
PubHTML5 Scheduled Server Maintenance on (GMT) Sunday, June 26th, 2:00 am - 8:00 am.
PubHTML5 site will be inoperative during the times indicated!

Home Explore Ջահակիր, Յաւելուած ԺԴ. - Tchahagir, Supplement No. 14

Ջահակիր, Յաւելուած ԺԴ. - Tchahagir, Supplement No. 14

Published by Haig Avakian, 2018-06-08 04:46:08

Description: Մարդը ընդդէմ մարդու
Հաւաքեց` Հայկ Աւագեան
Գահիրէ, 2018

Keywords: Armenian, Tchahagir,Ջահակիր

Search

Read the Text Version

ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Գ.ՄԱՐԴԸ ԸՆԴԴԷՄ ՄԱՐԴՈՒՄԱՀԱՓՈՐՁԵՐ ԵՒ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿՈՎ(1890-1908)Հաւաքեց` ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ ԺԴ. ԳԱՀԻՐԷ 2018



ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Գ. ՄԱՐԴԸ ԸՆԴԴԷՄ ՄԱՐԴՈՒ ՄԱՀԱՓՈՐՁԵՐ ԵՒ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿՈՎ (1890-1908) Հաւաքեց` ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ ԺԴ. ԳԱՀԻՐԷ 2018

Ջահակիր շաբաթաթերթ Տնօրէն եւ խմբագիր` Մարտիրոս Պալաեան Խմբագրական խորհրդատու` Հայկ Աւագեան Այս գրքոյկը հրատարակուած է սահմանափակ տպաքանակով։ Ան չէ նախատեսուած վաճառքի համար։ Անվճար կը տրամադրուի գրադարաններուն եւ նիւթով հետաքրքրուողներուն։Ստանալու համար դիմել`[email protected]

ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔ Սոյն հաւաքածոն կը բովանդակէ հայկական ծրագրուած մահափորձերը(ձախողած սպանութիւնները) եւ սպանութիւնները, ինչպէս նաեւ դաւաճանու-թեան անունին տակ մամուլով արդարացուած անհատական սպանութիւնները,սկսելով 1890-էն` անոնց գործադրութեան առաջին օրէն, մինչեւ 1908` ԱրփիարԱրփիարեանի սպանութեան տարին։ Իւրաքանչիւր դէպքի յաջորդած են մամուլի յօդուածներ, պաշտօնականյայտարարութիւններ, թեր ու դէմ կարծիքներ, որոնցմէ ընդարձակ նմոյշներտեղադրած եմ սոյն գրքոյկին մէջ։ Աղբիւրները տարբեր են։ Դրօշակ (Ժընեւ) պարբերականը, Միքայէլ Վարանդ-եան (Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պատմութիւն, Ա. հատոր, Երեւան, 1992) եւ Ա-Դօ(Մեծ դէպքերը Վասպուրականում 1914-1915 թւականներին, Երեւան, ՏպարանԼոյս, 1917) կը ներկայացնեն Հ. Յ. Դաշնակցութեան կարծիքները։ Վարդօ (Տասըտարի Հայ Յեղ. Դաշնակցութեան մէջ, Վառնա, Տպարան Արեւելեան, 1906) կըներկայացնէ հակա-դաշնակցական կարծիքը։ Հնչակ (Լոնտոն), ԵրիտասարդՀայաստան (Պոսթոն) լրագիրները եւ Արսէն Կիտուր (Պատմութիւն Ս. Դ. Հնչակ-եան Կուսակցութեան 1887-1962 (Ա. հատոր, Պէյրութ, Հրատարակութիւն Ս. Դ.Հնչակեան Կուս. Պատմագրութեան Կեդր. Յանձնախումբի, 1962) կը ներկա-յացնեն Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան կարծիքները։ Մինչեւ 1906, Ձայնհայրենեաց շաբաթաթերթը (Պոսթոն) կը ներկայացնէ Վերակազմեալ Հնչակեան-ներու կարծիքը։ 1906-էն սկսեալ ան կը ներկայացնէ Վերակազմեալ Հնչակեաննե-րու արզուեանական կամ «բռնատիրական» թեւի ձայնը, իսկ 1907-ին հիմնուածԱզգ շաբաթաթերթը (Պոսթոն)` Վերակազմեալ Հնչակեաններու «չափաւոր» թեւի։Մաղաքիա Արք. Օրմանեան կը պատմէ իր դէմ եղած մահափորձին անձնականփորձառութիւնը, Երուանդ Օտեան, Արփիար Արփիարեան, Վահան Թէքէեան,Գաբրիել Սերոբ Փափազեան, Հ. Մկրտիչ վարդապետ Պոտուրեան, Աշոտ Աբ-գարեան եւ Աւետիս Յարութիւնեան կ’արտայայտեն իրենց անձնական կարծիք-ները։ Մամուլի մէջ ամենաշատ արձագանգը գտած է Յովհաննէս Թաւշանճեանիսպանութիւնը 1907-ին։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ ան մեծահարուստ մըն էր եւ կ’ապրէրհարուստներու մայրաքաղաք Նիւ Եորքի մէջ։ Աչքառու անձ մը` աչքառու վայրիմը մէջ։ Դէպք մը` որ զգայացունց կերպով կը հետաքրքրէր ամերիկացներուն։Ամերիկեան մամուլը ընդարձակ սիւնակներ յատկացուց դէպքին եւ մանրա-մասնօրէն հետեւեցաւ ոստիկանական ու դատական զարգացումներուն։ Ամբողջ 3

աշխարհի հայկական մամուլը եւս հետեւողականօրէն ներկայացուց դէպքը եւտուաւ լայն մեկնաբանութիւններ։ Ասոր հակապատկերը կը ներկայացնեն այն սպանութիւնները` որոնք «դա-ւաճանութեան» անունին տակ գործադրուեցան անծանօթ մարդոց դէմ։ Այսմարդիկ չունէին մամուլի ու հանրային պաշտպաններ։ Սպանութիւնը` դասակարգային է։ Բնագիրները` զորս կարելի է գտնել գրքոյկիս մէջ, ինքնաբացայայտող են։ Այս գրքոյկը կը հանդիսանայ Արփիարեանի մահուան 110-ամեակին նուիր-ւած Ջահակիրի երրորդ եւ վերջին Յաւելուածը։ Համոզուած եմ, որ հրատա-րակուած բնագիրները ամենէն աւելի կրնան բացայայտել ու բացատրել այդժամանակ տիրող սպանութիւններուն մթնոլորտը` որ կարելի դարձուց Ար-փիարեանի սպանութիւնը։ Կ’ուզեմ շեշտել` որ այս կամ այն կուսակցութեան դէմ եղած լրագրական եւպատմագիտական սուր մեղադրանքները հաստատելու կամ հերքելու միտումչունի հաւաքածոս, ոչ ալ կուսակցութիւններուն լաւ կամ վատ կողմերըբացայայտելու նպատակ կը հետապնդէ։ Բոլոր բնագիրներուն պատասխա-նատուութիւնները կը կրեն իրենց հեղինակները։ Կուսակցական փորձառութիւն-ները շատ աւելի ընդարձակ են զանոնք սպաննել-չսպաննելու բնաբանին մէջկարենալ տեղաւորելու համար։ Արդարեւ, տուեալ բնագիրները իբրեւ յաջորդա-կան ամբողջականութիւն ներկայացուելով առաջին անգամ, կուսակցութիւններնիրենք կրնան նոր աչքով դիտել իրենց անցեալը` արդարացնելով իրենցկատարածները կամ վերանայելով իրենց սխալները, որուն շնորհիւ համերաշ-խութեան նոր փուլ մը բացած կ’ըլլան սեփական անցեալին հետ։ Հաւաքածոս ունի միակ ելակէտ մը, գլխաւոր դրդապատճառ մը` որ պայմա-նաւորեալ է Արփիար Արփիարեանի սպանութեամբ։ Հ. Ա.4

ՄԱՀԱՓՈՐՁԵՐ ԵՒ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ1.ՏԱՃԱՏ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԵՒ ԱՆԱՍՏԱՍ (սպանութիւն)1890, ՊոլիսՀանգամանք` ԴաւաճանԿազմակերպող` Հնչակեան Կուսակցութեան Պոլսոյ Մասնախումբ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՏԷՌՕՐ Յայտարարում ենք Հնչակեան Կուսակցութեան Յեղափոխական Դատարա-նի հետեւեալ պաշտօնական Վճռագիրը. ՎՃՌԱԳԻՐ «Ըստ պատմական օրինաց տրամադրութեան, Սուրբ Գործի արգելք եղողլրտեսներուն ու մատնիչներուն արժանաւոր վարձատրութիւնը ՄԱՀ է։ «Յեղափոխական Դատարանը հետեւեալ վճիռներն կայացրեց. 1) ՊատժելՏաճատ վարդապետն այն մատնութեանց համար, որ նա արած է ՅարութիւնՖանկիւլեանի եւ սորա մէկ ընկերի մասին թիւրք զինւորական ատենին մէջ։ 2)Պատժել պալատական յայտնի լրտես Անաստասը։ Այդ վճիռներն գործադրվե-ցան։ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԽՈՒՄԲ Կ. ՊՕԼՍՈՅ»Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] 14 Սեպտեմբեր 1890, երրորդ տարի,թիւ 6, էջ 5 ------2.ՍՈՒՔԻԱՍ ՔԱՀԱՆԱՅ (մահափորձ) ԵՒ ԽԱՉԻԿ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ (սպանութիւն)1890, ՊոլիսՀանգամանք` ԴաւաճաններԿազմակերպող` Հնչակեան Կուսակցութեան Պոլսոյ Մասնախումբ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՏԷՌՕՐ Յանուն Հնչակեան Կուսակցութեան Յեղափոխական Դատարանին հետեւ- 5

եալ պաշտօնական Վճռագիրը կը հաղորդեմք. ՎՃՌԱԳԻՐ «Յեղափոխական Դատարանը այս անգամ եւս մանրազննին քննութեամբստուգելով եւ հաստատելով թէ 1) Սուքիաս քահանայն ուղղակի մասնակցութիւնեւ գործակցութիւն ունեցած է Տաճատ վարդապետի մատնութեանց եւդաւաճանութեանց մէջ. թէ 2) Փաստաբան Խաչիկ Պետրոսեանը մատնիչ եւվարձկան լրտես է եւ յայտնի դաւաճան ընդդէմ Սուրբ Գործին, եւ նկատելով որըստ պատժական օրինաց տրամաբանութեան` այդպիսեաց արժանագոյնվարձատրութիւնը ՄԱՀ է, միաձայնութեամբ այդ երկու դաւաճաններն ի մահդատապարտեց։ Այդ վճիռները անմիջապէս գործադրվեցան։ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԽՈՒՄԲ Կ. ՊՕԼՍՈՅՀնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] Հոկտեմբեր 1890, երրորդ տարի,թիւ 8, էջ 3 Տ. ՍՈՒՔԻԱՍԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁԸ ՊԵՐՃ Տ. Սուքիասի վրայ Յեղափոխական Դատարանի արձակած վճիռը գործադրե-լու սահմանեալ տէռօրիստը տեսնելով որ նա ինքզինք մեծ զգուշութեամբ կըպահէ եւ դուրս չելլեր, մի քանի առաւօտ մեծաւ ջերմեռանդութեամբ ԳումգաբուիՄայր Եկեղեցին կը յաճախէ. վերջապէս ամսոյս 14-ին ուրբաթ առաւօտ ժամեր-գութեան միջոցին Սուքիաս ներկայ կը գտնուի. հոն մինչ մատնիչ աւագերէցնԱւետարան կարդալէ յետոյ դէպ ի դասը կը յառաջանար, սարսափարկու պաշ-տօնեայն կը հանէ ռէվօլվէրը եւ առաջին հարուածը կարձակէ. իսկոյն գետին կըփռուի դաւաճան քահանայն որոյ վրայ երկրորդ հարուած մ’ալ պարպելով կըմեկնի թէռօրիստը կարծելով թէ աւարտած էր իւր պաշտօնը...։ Բայց տէրտէրըսարսափէն ուշաթափուած եւ ինկած էր, որով եւ հարուածք վրիպած էին...։ Թէռօ-րիստը աջ ու ձախ նետելով մահավճռոյն օրինակները կը յաջողի փախչիլբազմութեան մէջէ, կամ մանաւանդ` ժողովուրդն անխռով կերպով կը դիտէ այսսուրբ ոճիրը եւ իրեն ճամբայ կուտայ (նշանաւոր երեւոյթ)... այսպիսով եկեղեցիէնդուրս ելնելով` հետակորոյս կը փախչի... Մի քանի վայրկենի մէջ եկեղեցին կըլեցուի խուռն բազմութիւն մը հետաքրքիրներու. ժողովրդեան դէմքին վրայ յակա-մայս իւրեանց կը յայտնուէին հաճութեան եւ գոհունակութեան նշաններ. ոստի-կանք` ափշած եւ շուարած` վրայ հասան, դողալով կարդացին մահավճիռն,եղելութեան մանրամասնութեանց տեղեկացան եւ տեղեկագրեցին առ սուլթան։Մատնիչ աւագերէցն դալկահար եւ մեռելատիպ` չէր կարող ոտից վրայ կանգնել.6

երկու թեւերէն օգնելով եւ ոստիկաններէ շրջապատեալ` այնպէս տարուեցաւԵրուսաղեմատունը ուր դարձեալ մարեցաւ...։ Մեծ տպաւորութիւն թողուց այսերկրորդ դէպքն արքունի պալատան մէջ. սուլթանը կատաղած ու մոլեգնած` ի՛նչընելիք չէր գիտեր. մեծ շփոթութիւն տիրեց բոլոր պալատականաց մէջ որոնք առհասարակ կը կարծէին թէ վերջին խստութիւնք եւ պատիր խոստմունք զհայերըթուլցուցած ու ջլատած են։ Քիչ վերջ Դուռ կանչուեցաւ պատրիարքականփոխանորդ Ասլանեան Ներսէս վարդապետը` որուն ըսուեցաւ որ ինք պատաս-խանատու է այս դէպքին համար, քանի որ դատական նախարարութեան վերջինթէզքէրէին համաձայն պատրիարքարան պատասխանատու պիտի ճանչցուէրոեւէ դէպքի համար որ պատահէր Առանձնաշնորհմանց Յանձնաժողովոյն իւրպաշտօնը լրացնելէն յառաջ։ Պատր. Փոխանորդը պարզապէս պատասխանեց թէինք հրաժարած է չորեքշաբթի օրէն ի վեր։ Գումգաբուի թաղը այս առթիւդարձեալ պաշարման նոր դաս մ’ալ եղաւ դաւաճաններուն եւ նոր ուժգին ապ-տակ մը կառավարութեան երեսին։ Հայոց մայր եկեղեցին կրկին անգամ օրհնուե-ցաւ սուրբ վառօդոյ խնկարգութեամբ...։Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] Հոկտեմբեր 1890, երրորդ տարի,թիւ 8, էջ 3 ՓԱՍՏԱԲԱՆ ԽԱՉԻԿ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԵՐՃ Փաստաբան Խաչիկ Պետրոսեանի դէմ Հնչակեան Յեղափոխական Դատա-րանի արձակած վճիռն գործադրելու պաշտօն ունեցող թէրրօրիստը` բաւականժամանակէ ի վեր նորա ետեւէն կը շրջէր, բայց չէր կրնար իրեն հանդիպիլ։ Վեր-ջապէս Խաչի երկուշաբթի օրը հայ թէրրորիստը կուխտէ նոյն օրը կատարել իւրստանձնած պարտականութիւնը, եւ իրօք նոյն գիշերը ժամը կէսին կը պատահիմատնիչին ի Թօփ Գափու, Թաքքէճիլեր թաղը` Միտհատ փաշայի ամարանոցիեւ Տավուտ փաշա զօրանոցի մօտերը. հոն Չընար կոչուած ծառի մը տակ զբօսա-րան մը կայ որոյ առջեւ կը շրջագայէր դաւաճան լրտեսը մի կողմն ունենալովթուրք երիտասարդ մը եւ միւս կողմը` իւր մի հոմանին։ Յանդուգն թէրրորիստըկը յառաջանայ անխռով եւ ձեռքը նամակ մը կուտայ։ Փաստաբանը կանգ կառ-նու, նամակը կը բանայ եւ կը կարդայ իւր մահավճիռը...։ Կարդացած միջոցին`թէրրօրիստը կըսէ. «Կարդա՛ որ գիտնաս թէ ինչի՛ համար կը մեռնիս, անգի-տակցաբար չմեռնիս։» Զայս կըսէ եւ րէվօլվէրի երկու հարուածներ կը պարպէորոնք թէեւ կը դիպին, բայց մահացուցիչ չեն լիներ, որոյ վրայ դաշոյնի հարուա-ծով մը փորը կը ճեղքէ եւ աղիքները դուրս կը թափէ, շուրջը մահավճիռի թղթեր 7

կը ցրուէ եւ այնուհետեւ մեր կտրիճը կը յաջողի փախչիլ եւ ազատիլ թուրքկառավարութեան ճիրաններէն։ Այս սոսկալի տեսարանին ականատես հոմա-նուհին կը նուաղի, իսկ թուրք երիտասարդն կը փախչի, թէրրորիստը սորա ալետեւէն երկու գնտակ կարձակէ, բայց կը վրիպի։ Անմիջապէս բազմութիւն կըխռնի, կը հասնին նաեւ ոստիկանք եւ կը տեսնեն կիսամեռ մատնիչն գետնատա-րած, ահ ու դողով կը կարդացուին դատավճռոյ թղթիկները. ոստիկանութիւնըկը ձերբակալէ դէպքին վայրը գտնուող բոլոր մարդիկն, ընդ այր եւ ընդ կին։Թիւրք երիտասարդը կը ներկայանայ եւ կը յայտարարէ թէ կը ճանաչէ սուրբոճրին հեղինակը եթէ դէմքը տեսնէ. բայց ներկայից մէջէն ոչ ոք կը նմանի իրեն.նա արդէն հեռացած էր...։ Կիսամեռ մարմինը պատգարակի մէջ դնելով տուն կըփոխադրեն. բժիշկ կը բերուի եւ լայնաբաց վէրքը կը կարէ, բայց կը յայտարարէթէ կեանքէն յոյս չկայ. եւ ինք երեք ժամէն կը փչէ վերջին շունչը։ - Չորեքշաբթիիւր թաղման արարողութիւնը կը կատարուի խիստ անշուք կերպով։ Այս վերջին դէպքն իւր կատարեալ յաջողութեամբն ահ եւ սարսափ տարածեցմայրաքաղաքին մէջ. շփոթութիւն, յուզում, զայրոյթ, խրախոյս կը տիրեն ըստիւրաքանչիւր դասակարգի։ Կառավարութիւնը գազանացած իւր զայրոյթէն ուկատաղութենէն` աջ ու ձախ հանդիպածն կը ձերբակալէ. հարիւրաւոր հայերձերբակալուած են այս 3-4 աւուրց մէջ, որոց մի առ մի անունը գրել եւ ներգործու-թիւնն ընել անկարելի է։ Ամբողջ հայ թաղերու մէջ ոստիկանք եւ լրտեսք – այսվերջնոց մէջ դեռ կը գտնուին հայեր – կը վխտան. երեք հայ քովէ քով չեն կարողքալիլ առանց կասկած հրաւիրելու. տուներ ու խանութներ կը լրտեսուին.խուզարկութիւնք անթիւ են։ Միով բանիւ թրքական համայն ոստիկանականկազմակերպութիւնը իւր բոլոր զօրութեամբ հայոց դէմ հանուած է եւ հայերըզսպելու կը նկրտի, բայց ի հարկէ ի զուր։ Մեծ է մեր վստահութիւնը հայ յեղափո-խականաց անձնուրաց գործունէութեան եւ առ հասարակ հայ ժողովրդեանյարատեւ հաստատամտութեան վրայ որով չպիտի ընկճի եւ ամենայնեռանդեամբ պիտի շարունակէ յեղափոխական մարտն որոյ յաղթանակի ժամնմօտեցած է...։Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] Հոկտեմբեր 1890, երրորդ տարի,թիւ 8, էջ 3-4 ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՔ ՊԵՐՃ Ինչպէս ըսի, ձերբակալութիւնք հարիւրներով կը հաշուին։ Գումգաբուի եւԿէտիկ փաշայի կողմերը շատ մը տուներ խուզարկուած են եւ տասնի չափ8

կնիկներ ձերբակալուած են։ Հայ կանանց ձերբակալութիւնը քաջալերիչ նորու-թիւն մ’է եւ ապացոյց որ հայ կանայք եւս տոգորված են յեղափոխական գաղա-փարներով...։ Բերա Աղաճամիի կողմը բեռնակիրներու բնակարանը խուզարկուած է. ներ-կայից եւ բացակայից բոլոր սնտուկները բանալով եւ խորտակելով` պարունա-կութիւնք աչքէ անցուցեր են, գտնուած մի քանի զէնքերն գրաւեր են եւ անոնցմէմի քանի անձինք ալ ձերբակալեր են։ Լուր կը տրուի մեզ թէ Սուքիասի թէռօրիստը ձերբակալուելով ուղղակի Եըլ-տըզ պալատը տարուեր եւ հարցաքննուեր է եւ բարբարոս կառավարութիւնըիրմէն գաղտնիք մ’առնելու համար` նորա ձեռքին մէջ կրակ լեցուցեր է...։Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] Հոկտեմբեր 1890, երրորդ տարի,թիւ 8, էջ 4 ------3.ԵԱԳՈՒՊ ՊԱԼԱՊԱՆԵԱՆ (սպանութիւն)1891, ԶմիւռնիաԵՒ ՏԻԳՐԱՆ ԱՄԻՐՃԱՆԵԱՆ (սպանութիւն)1891, ՎանՀանգամանք` ԴաւաճաններԿազմակերպող` Հնչակեան Կուսակցութիւն ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ ԵՐԿՈՒ ՏԵՌՕՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՔ ՊԵՐՃ Վերջին պահուս արժանահաւատ աղբիւրէ հասած տեղեկութեանց նայելովԶմիւռնիոյ մէջ Եագուպ Պալապանեան անուն մատնիչ հայազգին` յեղափոխա-կան կուսակցութեան մէկ որոշման համեմատ` տեռօրական գործողութեանենթարկուած է. նամակագիր կըսէ թէ մատնիչն հոգեվարքի մէջ ։ Աստ շրջող զրոյցներուն նայելով` Վանայ մէջ եւս տեռօրական գործողութիւնմը կատարուած է յանձին Տիգրան վարդապետ Ամիրճանեան անուն վատահովիհայուն. սա այն անձն է որ իւր խեղկատակ բնաւորութեան համար իւր հայրենա-կիցներէն կետոսիկ կը յորջորջուէր եւ որ ժամանակէ մ’ի վեր ծանր կասկածներուառիթ տուած էր իւր յաճախակի եւ մտերմական յարաբերութեանցն համարկառավարական շրջաններու հետ, յորոց եւ տարիներէ հետէ յատուկ ռոճիկ եւս 9

կը ստանար թուրքերէնի ուսուցչութեան անուան ներքեւ։ Հարուածը մահաբեր չէեղած։Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] Յունուար 1891, չորրորդ տարի, թիւ1, էջ 5 ------4.ԱՐՍԷՆ ԹՈԽՄԱԽԵԱՆ (սպանութիւն)1891, ՎանՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննող` Յունօ (վանեցի դաշնակցական հայդուկ) Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ Էականը կռիւն է, մնացածը երկրորդական է։ Եւ կռւի բոլոր ձեւերը ընդունելիեն, նւիրական։ Զա՜րկ տաճկին ու քիւրդին ամէն տեղ, ամէն պարագայի տակ։Զա՜րկ եւ ներքին ոսոխներուն, ուխտադրուժ ընկերներուն, ամէն կարգի հայցեցերուն, դաւաճաններուն, լրտեսներուն, մատնիչներուն։ Զա՜րկ, վրէ՜ժ... Եւ ի՜նչ խօլական ձեւեր կառնէր վրէժխնդրութեան տենչը... Ոչ միայն թշնա-մու, այլ եւ հայ մարդոց հանդէպ։ Յունօյի գլխուն մէջ նստեր է սեւեռուն գաղափարմը – Թոխմախեան լրտես մըն է, դաւաճան մը... Արսէն Թոխմախեան, Լարագիարծւիկներէն, Խրիմեանի քանքարաւոր աշակերտներէն, օր մը չարաչար կըխոշտանգւի Յունօի ձեռքով (կըսեն նոյնիսկ, թէ ողջ նետւեր է թոնիրին մէջ եւայրուեր), որովհետեւ շշուկ մը տարածւեր էր – բնաւ չփաստուած – թէ իբր նապաշտօն ունէր թիւրք կառավարութենէն` լրտեսելու հայ յեղափոխականներըԿովկասի ու Պարսկաստանի մէջ։ Մեր բոլոր հին ընկերներէն միայն պարսաւանք լսած ենք այդ եղերականդէպքի առթիւ, որ կատարւեր է առանց վերին մարմնի գիտութեան, զուտ անձնա-կան կամ թայֆայական հողի վրայ։Միքայէլ Վարանդեան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պատմութիւն, Ա. հատոր, Երեւան,1992, էջ 79 ------10

5.ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԿԵՐԵԿՑԵԱՆ (սպանութիւն)1891, Կարին (Էրզրում)Հանգամանք` ԴաւաճանՍպաննող` Արամ Արամեան (Աշոտ-Թաթուլ)Կազմակերպող` Էրզրումի Դաշնակցական Կեդրոնական Կոմիտէ Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ Ահա ուրիշ ոճիր մը։ Նոյն 1891 թւականին Կերեկցեանը սպանւեցաւ Էրզրումիմէջ, տեղւոյն Կեդր. Կոմիտէի որոշումով։ Սրտցաւ հայ մարդ մըն էր, մէկը 1882ինբացւած Կարնոյ գաղտնի ընկերութեան ղեկավարներէն, որ չորս տարի բանտնստեր էր։ Անոր «յանցանքն» այն եղած էր, որ կը մերժէր հապշտապ յեղափոխա-կան գործողութիւնները, խոհեմութիւն կը քարոզէր, կը յորդորէր երկարատեւպատրաստութիւններ տեսնել։ «Ով մեզ հետ չէ, թշնամի է» - այսպէս խորհեր ենԿերեկցեանի տաքգլուխ ընկերները, վիճակ ձգեր են եւ վիճակն ընկեր է ԱրամԱրամեանի վրա, որ եւ սպաներ է Կերեկցեանը։ Սարսափելին այն է, որ այդ երկու եղբայրասպան ոճիրներու հեղինակը կըհանդիսանան հայ շարժման երկու հինաւուրց դէմքեր, մէկը Յունօն, վանեցիֆէդային` միւսը` էրզրումցի Արամեանը, Աշոտ-Թաթուլ, որ արկածալից կեանքմը ապրեցաւ ու մեռաւ 1899ին թրքական կախաղանին վրա, երեք տարւան բան-տարկութենէն յետոյ։ Սպանութիւնեը կատարելէ վերջ, Աշոտը փախաւ Կովկաս, ուր եւ ամբողջտարիներ թագնւեցաւ։ Կերեկցեանի եղբայրը երկար ատեն հետապնդեց զինքըեւ չգտնելով, սպանեց Թիֆլիզի մէջ Աշոտի մտերիմ ընկերներէն – Օքոյեանը, որնոյն Կարնոյ Կեդր. Կոմիտէի անդամ եղած էր։ Դաշնակցութեան Կեդրոնը 1890 թւականին, Արամեանի ներկայութեան, դա-տապարտեց անոր քայլը եւ այդ առթիւ հրատարակեց յատուկ թռուցիկ մը։Կեդրոնը հակառակ եղեր էր Կերեկցեանի դէմ արձակած վճռին եւ այնուա-մենայնիւ, Կարնոյ կոմիտէն իրագործեր էր վճիռը։ Յեղափոխական կարգապա-հութիւնը դեռ խիստ կը կաղար այն օրերուն։Միքայէլ Վարանդեան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պատմութիւն, Ա. հատոր, Երեւան,1992, էջ 79-80 ------ 11

6.ՍԱՐԿԱՒԱԳ ԵՒ ՈՒՐԻՇՆԵՐ (սպանութիւն)1891-ի շուրջՀանգամանք` ԴաւաճանԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ Վերյիշենք եւ Սարկաւագի սպանութիւնը, որ նոյնպէս դժուար է արդա-րացնել։ Ուրիշ նման դէպքեր եւս, տարաբախտաբար, եղեր են մեր յեղափոխա-կան շարժման ընթացքին, - անխուսափելի, աւա՜ղ, նոյնիսկ մեզմէ աւելի բարձրազգերու մէջ։Միքայէլ Վարանդեան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պատմութիւն, Ա. հատոր, Երեւան,1992, էջ 80 ------7.ՀԱՃԻ ԿԱՐԱՊԵՏ (սպանութիւն)1892, Շապին ԳարահիսարՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննող` Անյայտ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԲԱԳԱՐԱՏ Տրապիզօն, 20 յունուար 1893 Արժանահաւատ աղբիւրէ կը տեղեկանանք որ Շապին Գարահիսարի մէջգտնուող եւ վերջերս իր մատնութիւններով եւ վատ զրպարտութիւններով ամենհայի ատելի դարձած հաճի Կարապետ անուն մի անձ նոյեմբեր 28-ի գիշերըսպանուած գտնուած է քաղքէն դուրս մէկ վայրկեան հեռաւորութեամբ ձորի մըմէջ։ Խիստ անխնայ կերպով, յօշոտուած է այդ անարժան հայը, 37 տեղէ վէրքընդունելով իր մարմնու վրայ, լեզուն եւ շրթունքն եւս կտրած եւ երեսն ցեխովծեփած են, ի պատիժ իր մատնութիւնների` որովք այնչափ աղէտներու պատճառ12

էր դարձած, եւ միանգամայն պատրաստուած է եղեր աւելի ընդարձակ սահմանիմէջ գործել, տեղական թիւրք կառավարութեան թելադրութեամբ զրպարտելովեւ անհաւատարիմ ցուցնելով կարգ մը ազգայիններ` որոնցմէ աւազակ կառավա-րութիւնը կը յուսար այդ պատրուակով մեծամեծ գումարներ կաշառք ստանար։Թէպէտ չէ կրցած հասնիլ նա այդ նպատակին, բայց այժմ նոյն իսկ այդ սպանու-թեան գործ լաւագոյն միջոց մը մատակարարած է անխիղճ պաշտօնեաներին`կեղեքելու համար շատ անմեղ հայեր, իբրեւ մասնակից կամ գիտակից այդգործի։ Այդ անմեղ զոհերի մէջ առաջին տեղը կը բռնեն տեղւոյն պատուաւորվաճառականներէն Գարիպեան երկու եղբայրներ` հաճի Յակովբ եւ հաճիՊաղտասար էֆէնտիներ, որոց առաջինը անդամ էր կառավարութեան Իտարէիժողովին։ Սոքա կասկածելի դարձեր են գլխաւորաբար այն պատճառաւ որ մատ-նիչը իր սպանման երեկոն սոցա տունը գնացած է, ինչպէս որ շատ անգամներգնալու սովորութիւն ունի եղեր, վասն զի տարիներ առաջ սոցա պաշտպանու-թիւնը վայելելով` երախտապարտ մնացեր է։ Թիւրք պաշտօնեաներ շատ աղէկգիտեն, թէ սոքա չեն հեղինակ այդ սպանման, բայց որովհետեւ հարուստ են` այնպատճառաւ ամենայն կատաղութեամբ ծանրացած են սոցա վրայ. վասն զիԹիւրքիայի մէջ հարուստ լինելը մեծ յանցանք է, եւ ո՜վ գիտէ, ի՞նչ թանգ գնովպիտի կարենան գնել իրենց անմեղութեան վճռագիրը։ Չարամիտ պաշտօնեա-ներն գործին աւելի ծանր կերպարանք տալու եւ նորա համեմատութեամբ աւելիանխիղճ կերպով կողոպտելու համար` կաշխատին ներկայացնել զանոնք իբրեւանդամ գաղտնի ընկերութիւններու։ Ասոր համար է որ ամենախիստ խուզար-կութեան ենթարկուած են սոցա տունը, ամեն ծակ ու ծուկ տակն ու վրայ են ըրած.ջուրի, քացախի եւ քացախատուներու կարասներն անգամ դատարկեր են`անոնց մէջ պահուած վառօդ կամ զէնք գտնել կարծելով, բայց ոչինչ չեն գտած։Մութասարըֆէն սկսեալ մինչեւ յետին գրագիրը, մինչեւ յետին ոստիկանը ուրիշբազմաթիւ անպաշտօնական անձեր ալ հետերնին առած` կատաղաբար այնտեղխուժելէ յետոյ, յուսախաբ եւ ձեռնունայն դառնա՜լ – անտանելի բան էր, ուստիսաստիկ կատաղած է թիւրք կառավարութիւնը եւ ամեն սպառնալիք գործ էդրած, նոյն իսկ վեց թիւրք անձերի դէմ, որք նոյն երեկոյ իբրեւ հիւր Գարիպեանցտունը գտնուելով` բանտարկուեր են, որպէս զի սոքա վկայութիւն տան, թէ այդտան մէջ գործուած է սպանութիւնը եւ ապա դուրս նետուած դիակը։ Մութասա-րըֆը եւ գայմագամք մինչեւ անգամ 50 ոսկի խոստացեր են այս գիւղացիտաճիկներուն այդ զրպարտութիւնը անելու համար. բայց ուղղամիտ հիւրերըմերժեր են սուտ խօսել, եւ իրենց մարգարէի ու գուրանի վրայ երդուեր են, թէինքեանք լաւ գիտեն որ այդ գործի տէրը չեն նոքա։ Բայց ո՞վ է մտիկ ընողը.կառավարութեան փափագն է կերպով մը հաստատել յանցանքը նոցա վերայ։Այս պարկեշտ պաշտօնեաներն են, որ ուրիշ հայի մը հինգ ոսկի են խոստացեր,որպէս զի սա զրպարտէ իրենց ատելի դարձած հարուստ հայի մը` թէ արգիլուած 13

զէնքեր ունի իր մօտ, որ այս պատրուակով այն ալ մօրէ մերկ դարձնեն։ Բայց հայըմերժեր է այդ առաջարկ, երեւի խրատուելով միւս մատնիչի անցքէն։ Այս լիրբպաշտօնեաներն են որ հարիւր մէճիտ կը պահանջեն բանտէն արձակելու կիցլինելու յանցանքին համար բանտարկուելով, կը բռնադատուին իրենց չը գիտցա-ծը խոստովանելու։Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] 19 Ապրիլ 1892, հինգերորդ տարի,թիւ 4, էջ 29-30 ------8.ԱՇԸԳԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ (մահափորձ)25 Մարտ 1894, ՊոլիսՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննող` Յակոբ (Հնչակեան) ՅԱՆԴՈՒԳՆ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁ ՄԸ ԱՇԸԳԵԱՆ ԽՈՐԷՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՎՐԱՅ ԿԱՑԻՆ Կ. Պօլիս, 15 մարտ 1894 Մարտ 13-25-ի կիրակի առաւօտուն Աշըգեան Խորէն պատրիարք Գում-Գաբուի մայր եկեղեցին իջած էր մեծ պահքի առթիւ քարոզելու։ Եկեղեցականարարողութիւնը աւարտելէն յետոյ պատրիարքը այցելութիւն տուաւ տեղւոյննորընտիր թաղական խորհրդին եւ շնորհաւորեց անոնց պաշտօնը։ Այն ինչխորհրդարանէն դուրս կելլէր` մայր եկեղեցւոյ բակին եւ փողոցի արտաքին դրաննրբանցքին մէջ` քսան տարեկան վառվռուն երիտասարդ մը իր դէմ ելաւ, ճամ-բան կտրեց եւ երկվայրկեանի մը մէջ Գարատաղի խոշոր վեցհարուածեան մըուղղելով ճակտին` բլդակը քաշեց... Այս միջոցին եկեղեցւոյ բակն գտնուողբազմութիւնը սրտայոյզ եւ տենդոտ լռութեան մը մէջ արձանացած կը կենար։Հրազէնը սակայն կրակ չառաւ, եւ երիտասարդը երկրորդ եւ երրորդ անգամնբլդակը ուժգին քաշեց. վեցհարուածեանը շարունակ կը յամառէր կրակ առնել,որովհետեւ մոռցած էր երկաթը մէջէն հանել։ Երբ խնդիրն հասկցաւ երիտա-սարդն` ալ ուշ էր. այն ժամանակ քրտինքի դայլակներ սկսան հոսել նորա յուսա-կըտուր ճակտէն ու այտերէն` որ ջղաձգական շարժումով մը հրազէնը առաւնետեց ժողովուրդին մէջ. առիւծի մռնչիւնով մը գոռալով` «Անիծեա՜լ զէնք, ամ-բողջ աւիւնս, ամբողջ իդէալս քար ու քանդ ըրիր։ Գիտցի՛ր, ո՜վ պատրիարք14

դաւաճան, որ այն ապերախտ զէնքին գնդակներէն առաջինը քեզի եւ երկրորդըինծի համար էր...»։ Հազիւ այս խօսքերը վերջացուցած էր եւ ահա զինւորներն ուոստիկանները հասան եւ երիտասարդին թեւերը ետին պրկելով ու կապելով`հոն տեղւոյն վրայ նախնական հարցաքննութեան մը ենթարկեցին։ - Ո՞ր տեղացի ես։ - Կիպրոսցի։ - Ինչո՞ւ Պօլիս եկար։ - Պատրիարքը սպաննելու համար։ - Նա քեզ ի՞նչ ըրած էր։ - Ինծի անհատապէս ոչինչ, բայց ամբողջ ազգին վնասած, հայրենիքին դաւա-ճանած էր. ազգին առաջին մատնիչն է անիկա... Ափսո՜ս որ չը յաջողեցայ... Ոստիկանները այսչափը բաւական համարեցին եւ աճապարանօք անուննիսկ մոռացան հարցունելու եւ ուղղակի Եըլտըզի պալատը փոխադրեցին իրենցզոհը, ուր սուլթանը անձամբ պիտի հարցաքննէ զայն... Ասդին ուրիշ տեսարան. երբ պատրիարքը իր ճակտին վրայ զգաց վեցհար-ւածեանի փողին պաղութիւնը` ետ ետ ընկրկեցաւ, գաւազանը ձեռքէն ինկաւ ուկտոր կտոր եղաւ եւ ինքը նուաղելով կռնակի վրայ վար ինկաւ. Սթափեցուցինեւ ուզեցին պատրիարքարան փոխադրել բայց ինքը սարսափահար մերժեց եւնախամեծար համարեց թաղ. Խորհրդի անդամներէն Արզեան Մանուկի տունըապաստանիլ։ Կէս օրուան կառախմբով վերադարձաւ իր բնակարանը Մաքրի-գիւղ, իր սպասաւորին, պատրիարքարանին մէջ բարապանին, Արզեան Մանու-կի եւ ուրիշ թաղականի մը ընկերակցութեամբ։ Անմիջապէս հեռագրաւ իրենկանչեց Քաղ. ժողովի դաւաճան ատենապետ Մաքսուտ Սիմոն պէյը եւ անորյայտարարեց թէ պատրիարքութենէ վերջնապէս կը հրաժարի... Գիշերը պատրիարքը շատ անհանգիստ անցուց. երկու անգամ ջղաձգութիւնեկաւ վրան եւ հարկադրուեցան բժիշկ կանչել։ Երեկ մինչեւ երեկոյ Գում-Գաբուի թաղը ողողուած էր անհամար լրտեսնե-րով, ոստիկաններով, զինւորներով, հեծելազօրքով... Սպանութեան այս յանդուգն այլ ձախող փորձը ամբողջ քաղաքին մէջ, նոյնիսկ ամենէն հեռաւոր անկիւններն ու արուարձանները, ժամուան մը մէջտարածուեցաւ. մարդկային բերաններ հեռագրի տեղ կը ծառայէին։ Տիրողհետաքրքրութիւնը եւ սրտայուզութիւնը աննկարագրելի է...։ Կ. Պօլիս, 22 մարտ 1894 Պատրիարքը գրեթէ բնաւ տունէն դուրս ելած չունի. իրիկունները շատանգամ ջղային տագնապ կունենայ եւ կը հարկադրուի գիշերանց բժիշկ կանչել.մէկ անգամ Եըլտըզի պալատը գնաց իբր թէ հրաժարական մատուցանելու, բայց 15

սուլթանի քարտուղարը զինքը ապահովցուց թէ ո՛ եւ է վտանգ անցած է այլ եւս,որովհետեւ իր անձը շրջապատուած ու պահպանուած է այսուհետեւ լրտես-ներով ու ոստիկաններով։ Պատրիարքը այս յայտարարութեան համոզուածկերեւայ։ - Սպանութեան փորձին օրը, սպանութեան փորձն ընողին ձեռքերըբռնելով ետին պրկողը առաջին անգամ հայ մը եղած է, Ճանիկ անունով. այսմարդը հսկայ եւ քաջ մարդ մըն է, անկեղծ ու բարի, բայց միեւնոյն ատեն տգէտու իր ըրածին նշանակութիւնը ըմբռնելու անկարող։ Ժամանակաւ Ազգ. Հիւան-դանոցի յիմարապետն էր եւ հիմայ պարապ կը պտտի. պատրիարքը երեսունոսկի պարգեւ տուեր է իրեն։ Եթէ այս մարդը չըլլար` յանդուգն երիտասարդըկրնար փախչիլ, որովհետեւ ոստիկանք բաւական ուշ հասած են։ Երիտասարդինանունն է Յակոբ. Տիգրանակերտցի է եւ Կիպրոսցի ըլլալու մասին ըրած յայտա-րարութիւնը կեղծ է. ինքը հարցաքննութեան պահուն բաւական քաջ պատաս-խաններ տուած է. յայտարարած է թէ Հնչակեան մըն է եւ եթէ ինքը չը յաջողեցաւ,իր ընկերները պիտի ապահովապէս յաջողին պատրիարքը սպաննելու, ա՛յնպատրիարքը` որ ազգը դաւաճանեց։ Այժմ կեդրօնական բանտը կը գտնուի,յատուկ խցիկի մէջ, երկու մասնաւոր պահակներով։ 30-40 անձինք ձերբա-կալուեցան այս առթիւ, բայց կառավարութիւնը չը յաջողեցաւ իր փնտռած Հնչակ-եանները գտնել եւ հարկադրուեցաւ ձերբակալուածներէն մեծագոյն մասըարձակել, մեծ շնորհ մը ըրածի պէս յանձնարարելով որ երթան թագաւորինկենացը համար աղօթեն։Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] 10 Ապրիլ 1894 (հ. տ.), եօթերորդտարի, թիւ 5, էջ 35-36 ՆԱՄԱԿՆԵՐ ԹԻՒՔՐԻԱՅԻՑ ԿԱՑԻՆ Կ. Պօլիս, 14 Ապրիլ 1894 Պատրիարքին վրայ սպանութեան փորձ անող Յակոբը տակաւին Կենդրօնա-կան բանտն է, ուր խիստ տանջանքներու կենթարկեն զինքը։ Հարցաքննութիւն-ների մէջ իր առաջին ըսածները միշտ կը կրկնէ։ Յակոբի գործի պատճառաւ շատմը ձերբակազութիւն տեղի ունեցաւ, որոց մէկ մասը անպարտ արձակուած են.միւսները դեռ բանտն են։ Հրաման գացած է Կեսարիա` շղթայակապ Կ. Պօլիսբերելու շաքարագործ մը, որուն քով ժամանակաւ աշակերտութիւն ըրած է եղերՅակոբ։ Պատրիարքը տակաին իր նախկին կէս հիւանդ վիճակի մէջ է։ Այդթշուառականին հրաժարականը մտադրութիւն կայ ընդունվելու, կըսուի։ Սուլ-16

թանը մտածեր է թէ հայկական խնդրի բոլոր մեծ ու փոքր դէպքերը Աշըգեանիօրով պատահեցան եւ թէ այդ կղերականը սաստիկ կը զայրացնէ յեղափոխա-կանները, հետեւաբար թերեւս այլ եւս չը պատահին, եթէ անոր տեղ մէկ ուրիշըպաշտօնի կոչուի։ Բայց միւս կողմէն հզօր անձինք կը ջանան համոզել սուլթանըչանել այդ քայլը, զի զիջանած կըլլայ յեղափոխական ռէվօլվէրի ձայնին։ Խօսքկայ, որ Ազգային Երեսփ. Ժողովին մի անգամ եւ եթ թոյլտուութիւն պիտի տրուիգումարուելու, որպէսզի նոր պատրիարքի եւ նոր Քաղ. Ժողովի ընտրութեանձեռնարկուի։ Աւելորդ է ըսել թէ, երբ Ազգ. Ժողովի գումարման հաւանութիւնտրուի, երեսփոխանութեան վրայ անուղղակի ճնշում պիտի բանեցնեն «Աշըգեանքաղաքականութիւնով» մէկը ընդունելու։ Երեսփոխան կոչուած վախկոտ ու զէվ-զէկ անձերուն, ի հարկէ, վճռական ժամուն պիտի պակսի բարոյական ու քաղա-քացիական արիասրտութիւնը, որ ատոնց համար խիստ օտար եւ խորթ բան մընէ...։Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] 30 Ապրիլ 1894 (հ. տ.), եօթերորդտարի, թիւ 6, էջ 43 ------9.ՄԱՔՍՈՒՏ ՍԻՄՕՆ ՊԷՅ (մահափորձ)22 Մայիս 1894, ՊոլիսՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննողներ` Ստեփան եւ ԹագւորԿազմակերպող` Պոլսոյ Հնչակեան Կուսակցութեան Մասնաճիւղի ՎարչականԺողով ՆԱՄԱԿՆԵՐ ԹՈՒՐՔԻԱՅԻՑ ՏԵՌՕՐԱԿԱՆ ՄԻ ՄԵԾ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԱԳՍՈՒՏ ՍԻՄՕՆ ՊԷՅ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԱԾ ԿԱՑԻՆ Կ. Պօլիս, 10 մայիս 1894 Այսօր երեքշաբթի 10-22 մայիս, առաւօտեան ժամը ը. թ. 3-ի (ը. ե. 10 եւ կէս)միջոցները, երկու անծանօթ մարդիկ, որոնք բեռնակրի հագուստներ հագած էին,Ղալաթիոյ հրապարակին վրայ, Խաւեար խանի մօտ յարձակեցան ՔաղաքականԺողովի Ատենապետ Մագսուտ Սիմօն Պէյի վրայ, եւ անոնցմէ մին դաշոյնով 17

վիրաւորեց նորա կուրծքը, միւսն ալ րէվօլվէրի հարուած մը պարպեց. գնդակըդպաւ ազդրէն քիչ վեր։ Փախուստ տուած ժամանակնին երկու երիտասարդներնալ բռնուեցան եւ անմիջապէս տարուեցան պալատ։ Սիմօն պէյ արիւնլուայգետին ինկած էր։ Ահագին բազմութիւն խռնուեցաւ անմիջապէս։ Սուլթանը իրլրտեսապետը եւ բազմաթիւ լրտեսներ ու ոստիկաններ, կառավարականբարձարստիճան պաշտօնատարներ փութացուց գործողութեան վայրը։ Դաւաճան մատնիչապետին վիրաւորման լուրը խիստ մեծ եւ խորտպաւորութիւն թողած է բոլոր շրջանակներուն վրայ։ Մանրամասնութիւններըյառաջիկային։Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] 20 Մայիս 1894 (հ. տ.), եօթերորդտարի, թիւ 7, էջ 51 ՎԵՐՋԻՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԱՔՍՈՒՏ ՍԻՄՕՆ ՊԷՅԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁԻ ՄԱՍԻՆ ԿԱՑԻՆ Կ. Պօլիս, 12 մայիս, 1894 Նախորդ նամակաւս խոստացած էի ձեզ գրել Մաքսուտ Սիմօն պէյի սպանու-թեան փորձի մանրամասնութեան մասին, ներկայիւս կուգամ հաղորդել զայն։ Սպանիչներն են Ստեփան եւ Թագւոր, երկու Սեբաստացիներ (տեղականթերթերը սխալմամբ Թադէոս գրած են)։ Նազըմ պէյը լուր առածին պէս սպանու-թեան վայրը փութացած եւ հոն Մաքսուտի ճակատը համբուրած է... Հոն խռնուողբազմութեան դառնալով` Նազըմ պէյը չափազանց գոված է Մաքսուտ պէյի հան-ճարը։ Նազըմի այդ ծառայ Մաքսուտ Սիմօն պէյը նոյն պահուն հառաչելով իրեղբօրը Սեպուհ պէյին կտակ ըրած է, որ բնաւ ազգային գործերով չզբաղի եւինքզինքը օրինակ ցոյց տուեր է, թէ ինչպէ՜ս զոհ կըլլայ ազգին... Մաքսուտի վիճակն այնչափ ծանր չէ. հաւանօրէն կազատի, թէպէտ իր ցաւե-րը այնչափ զինքը կը չարչարեն, որ «երանի՜ թէ, ըսեր է, մէկ հարուածով զիսսպաննէին, փոխանակ այսպէս չարչարուելու»։ Սիմօն պէյ ուզած է, այս դէպքին վրայ, բոլոր հայ հաստատութիւններուն եւհայ պաշտօնական անձանց հետ իր յարաբերութիւնները խզել։ Իր տղան, որ Ազգ.Կեդր. Վարժարան կը յաճախէ` տուն կանչած է եւ հրամայած, որ այլ եւս հայուվարժարան չերթայ։ Երէկ ուզած էին երկու սպանիչներն իրեն ցոյց տալ, որպէսզի ատոնց նոյնութիւնը հաստատեն (թէպէտ անոնք ուրացած չէին), բայց Սիմօնպէյ չէ ուզած զանոնք տեսնել։ Նազըմ պէյը հայ լրտես մը ղրկած էր Մաքսուտիտունը` անոր որպիսութիւնը հարցնելու համար, Սիմօն պէյ գէշ ընունելութիւն18

ըրած է անոր։ Պատրիարքը` սպանութեան փորձը ի Մաքրիգիւղ իր տան մէջ լսելով, այլյայլմէ եղեր եւ շատ յուզուելով նուաղումներ ունեցեր է... Մաքսուտի վիրաւորուելովը Քաղ. Ժողովը եւ իրեն հետ միատեղ միւս օժան-դակ ժողովները կը քաշուին ասպարէզէն։ Քաղաքս վերջին ծայր յուզուած է։ Ամբողջ ոստիկանութիւնն ոտքի վրայ է,լրտեսներն ամեն կողմ կը վխտան. քանի մը ձերբակալութիւններ եղան. կառա-վարութիւնը երկիւղ ունի նորանոր դէպքերի...։Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] 20 Մայիս 1894 (հ. տ.), եօթերորդտարի, թիւ 7, էջ 55-56 ՄԱՔՍՈՒՏ ՍԻՄՕՆ ՊԷՅ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ Կ. ՊՕԼՍՈՅ Մարմնական հիւանդութիւններ կան, որոնք ծածուկէն, ներսի դիէն, համրըն-թաց` այլ ապահով կերպով ամբողջ առողջական դրութիւնը կը խանգարեն, կըզեղծանեն։ Այսպիսի հիւանդութիւններ շատ աւելի վտանգաւոր են, քան այնպի-սիները` որոնց բնութիւնը յայտնի է եւ որոնց դէմ կարելի է զգուշական միջոցներձեռք առնել։ Մեզ նման հասարակութիւններ եւս ունեցած են եւ ունեն այսօրինակբարոյական հիւանդութիւններ, բարոյական մեծ թշնամիներ, որոնք շատ կանուխսկսած են իրենց աւերիչ ազդեցութիւնն ունենալ հանրային ամեն տեսակ գործե-րու մէջ, կարելի եղածին չափ ծածուկէն, մութին մէջ գործելով, աշխատելովառաքինութեան շպար մը տալ իրենց ամենէն անհեթեթ ոճիրներուն, աննշաննիւթական նուիրատուութիւններու մէջ խեղդելով անմեղներու արեան բողոքը։Այս կարգի անձնաւորութիւնք, եսականութեան մարմնացած տիպարներ, ամենմիջոց լաւ կը նկատեն հասնելու համար իրենց փառասիրական, շահասիրականգծուծ նպատակներուն. իրենց անտաշ միտքը եւ կոպիտ զգացումները, զուրկբարձր բարոյականի յղկումներէն, չեն կարող իսկ ըմբռնել մեծամասնութեանօգտին, ընդհանրութեան շահուն գաղափարը։ Իրենց վայրագ բնազդներուն եւիրենցմէ զօրաւոր բռնակալի մը հրամաններուն անձնատուր, այս մարդիկը քարու քանդ, աւեր կը սփռեն չորս կողմը` ուրիշներու արցունքներուն եւ ողբերունհանդէպ ականջնին խուլցնելով եւ իրենց կործանած թէ՛ բարոյական եւ թէ նիւ-թական գանձերուն վրայ բարձրացնելով իրենց ոսկւոյ տաճարները։ Քուրդը,Կիւրճին ու Չէրքէզն այսպիսիներու քով պզտիկ ոճրագործներ են միայն. անոնքշատ անգամ ոճիր կը գործեն իրենց միջավայրէն, շուրջը գտնուած բազմատեսակ 19

պարագաներէն մղվելով, մինչեւ մէկ աստիճան տեսակ մը բնազդական, անգի-տակից գործողութիւն կայ անոնց մէջ։ Անոնք կը գործեն բացէ ի բաց, լոյս օրին,զէնք ի ձեռին եւ միջոց կընծայեն քեզ զէնքով ինքզինքդ իրենց աւարառութեան եւոճիրներուն դէմ պաշտպանելու։ Ասոնք կը գործեն մութին մէջ, կը պահուըտինխաւարտչին անկիւններ եւ երբ իրենց քովէն կանցնիս` վրադ կը յարձակին, քեզզինաթափ կընեն կը սպաննեն. անոնք համարձակ աւազակներ են, ասոնք` վատմարդասպաններ։ Եւ այն օրը որ ժողովուրդը իր այս մեծ թշնամիներուն ձեռքէնկազատի` ա՛յն օրը երկա՜ր, խորո՜ւնկ շունչ մը առած կըլլայ, զի այն օրը իրթոքերուն ամենէն խոշոր վէրքերէն մին կը սպիանայ։ * ** Ահա այսպիսի մէկն եղած է Մաքսուտ Սիմօն պէյ մեր ազգին համար։ Ամիրա-ներու այն հին ընտանիքին կը պատկանի, որոնք մէյմէկ աւատական իշխաններդարձած էին իրենց խեղճուկ հայրենակիցներու գլխուն։ Բոլոր այդ ամիրաներըբնական օրէնքով անցան, գնացին, փճացան եւ միայն այս մարդը մնաց կանգուն,կարծես շեշտելու համար իր նախորդներուն տխուր յիշատակը եւ մեծագոյն պա-տուհասն ու թշնամին ըլլալու իր պատկանած հասարակութեան։ Անխոստովանելի միջոցներով ահագին հարստութեան մը տիրացած է, որումէջ քանի քանի անմեղներու քրտինքն ու արիւնը կերթան խառնուիլ։ Եւ այդանէծքներով, ողբ ու կոծերով, եպերելի անիրաւութիւններով համբարուած ոսկի-ները, որոնք հիմա տարուէ տարի առասպելական համեմատութիւններով կըճոխանան, կառաւելուն, գէթ օր մը անօթիի մը պատառ մը հաց չեն տուած ումուրացիկին արցունքը չեն սրբած ո եւ է ազգային, դպրոցական կամ բարենպա-տակ ուրիշ մի այլ հաստատութիւն չեն մինչեւ հիմա գոնէ դոյզն ինչ օգտուած այդկրեսոսեան հարստութենէն. կարծես նախասահմանուած ըլլար, որ այդ աղտոտմիջոցներով շահուած դրամը սուրբ նպատակներու անարժան համարուի եւգործածուի վերստին ուրիշ աղտոտ միջոցներու։ Մտաւոր ո եւ է զարգացումէ բոլորովին զուրկ` Մաքսուտ Սիմօն պէյ չէ կարողմինչեւ իսկ ամենապարզ գաղափարներ վայելուչ լեզուով մը արտայայտել. ժա-մանակակից մեծ դէպքերուն եւ պատմութեան հոսանքին, իմաստասիրութեանըայնչափ տգէտ է, որչափ մի ափրիկեցի, որչափ իր մեծազօր սուլթանը։ Տղայ հա-սակէն իր շուրջը գտնուողները զարգացուցեր են զինքը խարդախութեան, կողո-պուտի եւ բազմատեսակ անիրաւութեանց մէջ։ Եւ ինքը, ճշմարիտն ըսելով, շատընդունակ աշակերտ եւ յուսացուածէն շատ աւելի յաջողակ վարպետ մը դարձերէ յետոյ։ Որչափ կեղտոտ եղած է իր աշխարհային կեանքը, նոյնչափ եւ աւելի կեղտոտեղած է ընտանեկան կեանքը. այս մարդուն համար աշխարհի մէջ սուրբ բան չըկայ կարծես. տռփոտ, վաւաշոտ, ցոփ, խաղամոլ, արբեցող, ծայրայեղօրէն իգա-20

մոլ, ահա այս եղած է իր ընտանեկան կեանքը. կատարեալ տիպար թուրք բարձրաս-տիճան պաշտօնեաներուն եւ անմահ Րաֆֆիին «Թովմաս էֆէնտի»-ներուն...։ Եւ այս մարդն է ահա, որ սուլթանի բարձրագոյն պատուանշանները կը կրէիր կուրծքին վրայ, այս մարդն է, որ անոր ամենաշողշողուն աստիճաններովն ուտիտղոսներովը կը փառաւորուի, այս վսեմաշուք պէյն է վերջապէս, որ, վերջինանգամ, Աշըգեանի գահակալութեան օրէն ի վեր իր ձեռքին մէջն ունէր ազգիններքին գործերու ղեկը։ Սուլթանը լաւագոյն գործիք մը չէր կրնար ունենալ իր ձեռքը` խեղճուկ հայազգին անբռնաբարելի իրաւունքներն ու առանձնաշնորհումներն ոտքին տակճզմելու համար։ Աշըգեան եւ Սիմօն պէյ, ահա երկու հրէշներ, երկու վատեր,որոնք կը լիզեն սուլթանի ոտքերը, երկու լրտեսապետներ, որոնք հանապազիրարու վրայ կը հսկեն, իրարմէ կը կասկածին, իրարմէ կերկնչին, բայց որոնքազգը մատնելու, ազգը բնաջինջ ընելու համար իրարու հետ կը միաբանին,իրարմէ աւելի եռանդով կաշխատին, զիրար կը գեցազանցեն։ Պօլսի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը, որ իր բոլոր թերութիւններովն հան-դերձ միակ օրինական մարմինն էր, որ կրնար ձայն բարձրացնել հայ ազգինտառապանքներուն, չարչարանքներուն, կորուստներուն դէմ, ա՛յն ժողովը, որմիակ կարող էր Սիմօն պէյերու եւ Աշըգեաններու շահատակութեանց սանձ դնել,ա՛յն ժողովը, որ ինքն եւ եթ կրնար ազգին դաւաճանները պաշտօնանկ ու խայ-տառակելով մատնացոյց ընել հայ հասարակութեան, - այդ ժողովը կըսենքսուլթանի աչքին փուշն եղաւ, այնպիսի սուլթանի մը` որու օրով օսմանեանսահմանադրութիւնն ու օսմանեան երեսփ. ժողովն անգամ այնքան կարճ կեանքունեցան։ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը սպանելու դերը յանձնուեցաւ Աշըգեանպատրիարքին ու Մաքսուտ Սիմօն պէյին. երկուքն ալ սիրայօժար ընդունեցան.մին` սահմանադրութեան անվթար պահպանման համար Մայր եկեղեցւոյ մէջհանդիսաւոր երդում ընող պատրիարք մը, իսկ միւսը` իր իշխանութիւնը Երեսփ.Ժողովէն ստացած եւ անոր պատասխանատու վարչապետ մը։ Անգամ մը որ երեսփոխանութեան ձայնը լռեցուցին` ալ անկէ ետքը պատ-րիարք եւ վարչապետ սկսան մէկիկ-մէկիկ սուլթանին ծախել ազգին ամենէնկենսական իրաւունքներն ու առանձնաշնորհումներն։ Հայաստանի հարստահարեալ գաւառներէն ամեն շաբթու աղեխարշ նկարա-գրութիւններ կը հասնէին ի պատրիարքարան հայ ժողովրդի թշուառ կացութեանմասին։ Աշըգեանն եւ Մաքսուտ այդ նամակներու հեղինակները խռովարարներկը կոչէին եւ անոնց պարունակութիւնը ստախօսութիւն բառով կը մկրտէին... Աշըգեան ու Մաքսուտ բոլորովին տկարացնելու համար հայ ժողովրդի բողո-քոյ ու հառաչանքի ձայները, շինծու շնորհակալութեան գրեր խմբագրել կուտա-յին ուղղեալ առ գորովագութ սուլթանն...։ 21

Աշըգեան ու Մաքսուտ իրենց դիմող եւրօպացի պաշտօնական անձնաւորու-թիւնները կը խաբէին, յայտարարելով թէ հայ ազգը չափազանց գոհ է ընդ խնա-մով եւ հովանեաւ օգոստափառ սուլթանին։ Աշըգեան ու Մաքսուտ, ապագայ սերունդն եւս ապականելու հաստատդիտաւորութեամբ, Թուրքիոյ բոլոր հայ վարժարաններն ենթարկեցին կառավա-րութեան անմիջական հսկողութեան տակ, բան մը որ բացարձակապէս կըհակառակէր վաղամեռիկ Սահմանադրութեան։ Աշըգեան ու Մաքսուտ, այդ դպրոցներու բարոյական կեանքն իսպառ խոր-տակելու համար, սիրայօժար ընդունեցան թուրք կառավարութեան կողմէպատրաստուած դասագրքերու երկար ցուցակ մը, որոնցմէ դուրս ոչ մէկ վարժա-րան կարող էր ուրիշ դասագիրք գործածել։ Աշըգեան ու Մաքսուտ, իրենց ազգադաւ դիտումներուն արգելք հանդիսացողբոլոր անձնաւորութիւնները կառավարութեան մատնեցին, որպէսզի կարենանազատ շունչով իրենց շահատակութիւնները առաջ տանիլ։ Աշըգեան ու Մաքսուտ պատժել տուին բոլոր այն անձնուրաց (որ թուովխիստ քիչ են) եկեղեցականները, որոնք իրենց հօտին շահերը պաշտպանելու կըձեռնարկէին. իսկ ընդհակառակը պատուանշաններու ու պատիւներու արժա-նացուցին բոլոր այն վատշուէր եկեղեցականներն ու աշխարհականները, որոնքիրենց պէս աշխատեցան կառավարութեան գործիքներ դառնալու։ Աշըգեան ու Մաքսուտ ամենաանտարբեր աչքերով դիտեցին բոլոր այն հա-զարաւոր հայ բանտարկեալները, որոնք տարիներէ ի վեր առանց յանցանքի,բանտերու խոնաւ անկիւնները կը հեծեն եւ գէթ ամենադոյզն միջամտութիւն մըիսկ ընելու զիջողութիւն չըրին կառավարութեան մօտ։ Աշըգեան ու Մաքսուտ ամենամեծ թշնամիներն եղան հայ յեղափոխականգործին. աւելի մեծ թշնամիներ` քան նոյն իսկ թուրք կառավարութիւնը, աշխա-տեն, ջնջեն այդ մեծ ու նուիրական շարժումը եւ սակայն, այդ սահմանափակմտքի տէր մարդիկը չը կրցին մտածել թէ իրենց եւ իրենց պաշտած կուռքին –սուլթանին – կարողութենէն շատ բարձր էր այդ շարժումը զսպել. անիկա անխու-սափելի պատմական հետեւանքն էր իրերու արդի վիճակին, ընկերական արդիպայմաններուն...։ * ** Ապա, այսպիսի մարդու մը համար էր, որ Կ. Պօլսոյ Հնչակեան ՄասնաճիւղիՎարչական Ժողովը միաձայնութեամբ մահուան վճիռ արձակեց։13 մայիս 1894Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] 10 Յունիս 1894 (հ. տ.), եօթերորդտարի, թիւ 8, էջ 58-6022

Կ. ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՀՊԱՆՈՂԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ Ժ. 1891-1894 ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ Կ. Պոլսոյ Հնչակեան Մասնաճիւղը [1894-ին] չէր ջնջուած. 1890-ի կազմակեր-պութիւնը, թէեւ շատ տկարացած, բայց կը շարունակէր իր գոյութիւնը։ Վարչա-կան մարմինը զգուշաւոր ընթացքի հետեւելով չէր ուզած ո՛ եւ է գործ ընելյաջողութեան մասին առանց կատարելապէս ապահով ըլլալու։ Թիւրքիոյ մէջՀայոց յեղափոխական ո՛ եւ է ձեռնարկ պէտք է անպատճառ առաջադրած նպա-տակին հասնի, ապա թէ ոչ աղիտաբեր կ’ըլլայ ազգին եւ անպայման կերպով կըծանրացնէ ժողովրդին թշուառութիւնը։ Յաջողելու համար պէտք է որոշ նպա-տակ մը ունենալ, անոր հասնելու միջոցներուն ընտրութեանը մէջ չսխալիլ, եւվստահ ըլլալ հանրային զգացումին աջակցութեանը։ Կ. Պոլսոյ Հնչակեան վարչութիւնը յաջողութեան այս երեք պայմանները կա-տարելապէս ապահովուած զգալէ յետոյ միայն գործելու ժամը հասած համարեց։ Հնչակեան ծրագիրն էր չդպչիլ [Աշըգեան] պատրիարքին, գիտնալով որԽորէն պատրիարք պարզապէս վարչութիւններու անսացող պաշտօնատար մընէ. անոր տապալումը չէր կրնար կացութիւնը փոխել, ինչպէս որ փորձով ալտեսնուեցաւ պատրիարքին հրաժարալէն ետքը, մարտէն մինչեւ մայիս. սակայնՅակոբին ինքնագլուխ գործը որով Աշըգեան հրաժարեցաւ, Հնչակեան ծրագրինգործադրութիւնը յետաձգեց` առանց ջնջելու անոր կարեւորութիւնը։ Այսմիջոցին եթէ Սիմոն պէյ հեռատես գտնուելով, եւ ըսենք նաեւ բաւական ալ քաջա-սիրտ, հրաժարէր, եւ երեսփոխանական մարմինը գումարել տար նոր վար-չութեան մը ընտրութեանը համար, անտարակոյս իրեն դէմ ո՛ եւ է ահաբեկիչգործողութեան հարկ պիտի չի մնար։ Սիմոն պէյ սպաննուեցաւ ոչ թէ իբր հակաթուրք քաղաքականութեան մըչհետեւող, այլ իբր ազգային իրաւունքներուն, շահերուն, օրէնքներուն դէմ դաւողմը։ Ազգային ժողովը երբ 1891-ին զինքը վարչութեան անդամ ընտրեց` անշուշտպատրիարքարանին քաղաքականութիւնը հակաթրքական ուղղութեան մէջ դնե-լու նպատակաւ չէր։ Սիմոն պէյ հանրածանօթ անձնաւորութիւն էր, երեսփոխա-նական մարմինը անոր անցեալն ու ներկան աղէկ կը ճանչնար, ու անորքաղաքական հայեացքներուն կատարեալ գիտակցութեամբ պաշտօն կըյանձնէր, ու Սիմոն պէյին տրուած պաշտօնակիցներն ալ կը պատկանէինքաղաքական միեւնոյն դպրոցին։ Ազգին օրինաւոր երեսփոխանութենէն բղխածընտրութիւնը պէտք էր յարգել, ու ազգը համակերպեցաւ։ Բայց Սիմոն պէյ չուզեցմինչեւ իսկ փորձել Դրան հետ հաշտարար քաղաքականութեան մը հետեւելով 23

պաշտպանել այն իրաւունքներն ու շահերը որոնց աւանդապահ ընտրուած էր.ընդհակառակը ոչ միայն կառավարական ծրագիրներուն գրկաբաց ընդ առաջգնաց, այլ եւ ըրաւ այն ամէնը զոր իշխանութիւնը չէր սպասեր իսկ։ - Պատրիար-քարանը գրեթէ միշտ կառավարական պաշտօնատարներու վարչութեան ներքեւգտնուած է, բայց այդ պաշտօնատարներէն շատերը, կրնամ ըսել ստուար մեծա-մասնութիւնը, ազգային իրաւունքներուն ու շահերուն ախոյեանը կանգնած ենԴրան հանդէպ, բնականաբար ճարպիկ քաղաքականութեամբ մը որ արտաքինդիւրաթեքութեան մէջ ներքնապէս հաստատամիտ կը մնար։ Սիմոն պէյ ամի-րայական տան մը շարունակութիւնը, անձնապէս հարուստ, եւ ոչ ալ կառա-վարական պաշտօնեայ, կարող պիտի ըլլար հաշտարար բայց կորովալիրուղղութեամբ մը թէ՛ իր ազգին մեծ ծառայութիւններ մատուցանել եւ թէ կառա-վարութեան, հետեւելով Սերվիչէնի, Օտեանի, եւ անոնց նմաններուն օրինակին.բայց Սիմոն պէյի կը պակսէր այն մտաւոր եւ բարոյական կարողութիւններըորոնցմով օժտուած էին այդ անձնաւորութիւնները։ Չսխալելու ապահովութիւնըպարկեշտութեան մէջ պէտք էր փնտռեր։ Սիմոն պէյի մեծ սխալներէն մէկը եղաւ պաշտօնին շարունակութիւնըհետապնդիլը, սահմանադրական շրջանին լրանալէն ետքը։ Վերջին տասըտարուան մէջ երեք անգամ վարչապետութեան կոչուած էր, 83-էն 85, 87-էն 89, եւ91-ին. հրաժարելով 93-ին հաւանօրէն 95-ին պատրիարքարան կը վերադառնար։ Այս սպանութիւնը ոչ միայն Հայոց այլ նաեւ Թիւրքիոյ քրիստոնեայ եւ իսլամժողովուրդներուն վրայ փրկարար տպաւորութիւն ըրաւ. ամենքն ալ զգացին թէհարուածը ուղղակի Եըլտըզին կը տրուէր, եւ թէ բռնապետութեան դէմ «Ա՛լ կըբաւէ» գոչող ձայն մը կը բարձրանար։ Հայ ժողովուրդը Թիւրքիոյ փրկիչընկատուեցաւ։ Պալատը ուզեց չափաւորել հարուածին բարոյական ազդեցու-թիւնը. ոստիկանութեան նախարար Նազըմ պէյ փոխանակ պաշտօնանկ ըլլալու,փաշա տիտղոսը ստացաւ. սուլթանը չէր ուզեր ճանչնալ յեղափոխութեանգոյութիւնը Պոլիս։Նոր կեանք, հանդէս ազգային, գրական, քաղաքական, Լոնտոն, 1 Օգոստոս 1898,Ա. տարի, թիւ 15, էջ 232-233 ------10.ԽԱՉԻԿ ԲԱԽԱԼԵԱՆ (սպանութիւն)1895, ԲաղէշՀանգամանք` ԴաւաճանԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բաղէշի Կօմիտէ24

ՄԱՏՆԻՉ ԲԱԽԱԼԵԱՆԻ ՍՊԱՆՈՒՄԸ Բաղէշի տեղական Դաշնակցական Կօմիտէի որոշմամբ մահի դատա-պարտւեցաւ Թահսի փաշայի աջ բազուկ մատնիչ Խաչիկ Բախալեանը։ Վճիռըգործադրւեցաւ ամենայն յաջողութեամբ։ Բախալեանի գործունէութեան մասինընթերցողը մասամբ գաղափար կը կազմի ներկայ համարում տպագրած մերընկերոջ յիշատակարանի մի հատւածից։ Հետեւեալ համարում կը տպագրենքդրա վերաբերեալ մանրամասն թղթակցութիւնը։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Փետրուար 1895, թիւ 2,էջ 1 ՄԵՐ ԸՆԿԵՐՈՋ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆԻՑ ԲՌՆԻ ՀԱՆՐԱԳԻՐ ԲԱՂԷՇՈՒՄ Նախ քան Վանի անգլիական հիւպատոսի օգնականի Բաղէշ գալը, Բաղէշիկուսակալը պատրաստում է ինքը մի մազմաթա, որ իբր թէ հայերի (մանաւանդԲաղէշի հայերի) խնդրանօք ինքը` կուսակալը գնաց Սասուն, ամեն ինչ կարգիգցեց եւ վերադարձաւ. իբր հայերը յայտնել են փաշային, թէ իրենք լսել են եւհաւատացած են, որ Սասունում հայ աւազակներ կան, որոնք մեծ վնասներ ենհասցնում երկրին. իբր իրենք` այդ խելօք հայերը չեն կամենում, որ իրենց աւա-զակ եղբայրների շնորհիւ արատաւորւած լինի վսեմաշուք սուլթանի աչքինիրենց անարատ պատիւը եւ այդ պատճառով խնդրում են «նորին բարձրապա-տիւ» կուսակալից պատժել խստօրէն Սասունում եւ այլ տեղ գտնւող հայ աւա-զակներին։ Կուսակալ փաշան այդ մազմաթան կազմելուց յետոյ ստիպում է Բաղէշիիշխաններին, որ ստորագրեն։ Ամենից առաջ ստորագրում է մի կեղտոտ հայպաշտօնեայ Բախալեան ազգանունով։ Յետոյ տանում են ստորագրել տալունախ Աւետիս էֆ. եւ յետոյ այլոց։ Աւետիս էֆ., երբ կարդում է այդ խայտառակմազմաթէն, կատաղում է եւ անարգելով դուրս է անում այդ վարձկան հային իրտնից։ «Անիծած շուն, ասում է նա, երբ ենք մենք խնդրել, որ նա գնայ Սասունը քարու քանդ անի, ե՞րբ եւ ո՞վ է սասունցոց աւազակ համարել, ե՞րբ են նրանք աւազա-կութիւն արել. ինչպէս որ ինքը բանտի մէջ տանջանքներով մահացրեց տասնեակհայեր, ինչպէս որ անմեղ տեղը կախել տւեց Վարդենիսցի Մարգար վարժա-պետին, այնպէս էլ ինքն իր կամքով կոտորել տւեց սասունցիներին։ Ո՞վ է նրանբան խնդրել։ «Ես 80 տարեկան եմ, աւելացնում է նա, ոտս գերեզմանումն է, մահից էլ չեմ 25

վախենում։ Երբ այսօր հազարաւոր հայեր սրի ճարակ են եղել, երբ հարազատեղբայրս Աքիայում փտում է բանտի մէջ, ես այդպիսի մի սուտ շարադրած, լիրբմազմաթայի ստորագրե՞մ։ Աւետիս էֆ. այս համարձակ խօսքերը միւս իշխանների եւ հասարակժողովրդի ականջին հասնելով, սաստիկ տպաւորութիւն են գործում։ Ոչ ոք չիհամաձայնւում ստորագրել։ Այդ ժամանակ մազմաթէն կուսակալը ուղարկում էԱխլաթ, պատւիրելով տեղական ղայմաղամին, որ ստիպմամբ ստորագրու-թիւններ հաւաքի տեղական հայերից։ Ղայմաղամը կանչում է բոլոր ռէսներին եւստիպում է ստորագրել։ Նոքա, իմանալով բանի էութիւնը, մերժում են ասելով,թէ ինչ նշանակութիւն կարող է ունենալ մեզ նման խեղճ արարածների ստորա-գրութիւնը Սուլթանի մօտ. մեզնից մեծերը կան, թող ստորագրեն, մենք էլ պատ-րաստ ենք։ Ղայմաղամը դիմում է այնուհետ Ախլաթ գաւառի առաջնորդին։ Սաէլ է մերժում, պատճառաբանելով, թէ իրենք կապւած են քաղաքի հետ. եթէ քաղա-քը չի ստորագրել, իրենք էլ չեն կարող ստորագրել։ Կատղած ղայմաղամը բանտարկել է տալիս իսկոյն թէ վարդապետը եւ թէ 22հասակաւոր հայեր, իբր խռովարարներ։ Բանտում վարդապետին ենթարկելովխիստ տանջանքների, ստիպում են ստորագրել. վարդապետը տանջանքներիցազատւելու համար ստիպւած ստորագրում է։ Նրան հետեւում են եւ բան-տարկւած ռէսները ու միւս հայերը, որից յետոյ բոլորն էլ ազատւում են։ Ախլաթում չկայ ոչ կանոնաւոր դատարան, ոչ էլ հեռագրատուն, որպէս զիեղելութեան մասին կարելի լինի իմաց տալ, ուր հարկն է։ Ղայմաղամն իրոստիկաններով ինչ ուզենան, այնպէս էլ կանեն. իրենք են համարեա երկրի տէրը։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Փետրուար 1895, թիւ 2,էջ 4 ՆԱՄԱԿ ԲԱՂԷՇԻՑ Կառավարչական պաշտօնեաները` նահանգական փաշաները, գայմագամ-ները եւ այլն, նոր պաշտօն ստանձնած ատեն իրենց «պարտաւորութիւնները»ճշտիւ կատարելու` խեղճ ժողովուրդը թալանելու, հարստահարելու, կեղեքելուհամար միշտ կը փնտրեն ժողովրդի մէջէն ճարպիկ, ոչ մի սրբութիւն չճանչցողէակներ եւ ատոնց իրենց օգնական, խորհրդատու կընտրեն։ Այդ օգնականներնեն, որ կը փնտրեն ամեն տեղ յաջող որս, կը լրտեսեն ամեն ինչ, կաշխատեն իրենցպետի գիրքն հաստատ պահելու, մի խօսքով` այդ ստոր, քսու անձինքն են, որ կըկազմեն երկրի մեծ չարիքներէն մինը։ Այդ գոյնի արարածներուն կը պատկանէրեւ Խաչիկ Բախալեանը, որ Սասնոյ կոտորածի հերոս հրէշ Թահսին փաշայի աջբազուկն էր։ Ամեն տեսակ կեղեքումներ, յափշտակութիւններ, հարստահարու-26

թիւններ եւ բանտարկութիւններ Թահսին ճիւաղը կը կատարէր մատնիչ Խաչիկիմիջոցաւ։ Թահսին, ի վարձատրութիւն իր հաւատարիմ ծառայութեան, դաւաճանԽաչիկին նշանակեց բանտարկւած Կակոսեանի տեղ դատարանի անդամ։Բախալեան չկրցաւ երկար վայելել իր այդ նոր պաշտօնը. նա շուտով մահիդատապարտւեցաւ տեղական Դաշնակցական կօմիտէի որոշմամբ իր բազումանխոստովանելի մեղաց, մատնութեանց եւ լրտեսութեանց համար եւ մահւանպատիժը գործադրւեցաւ ամենայն յաջողութեամբ։ Մենք սխալմամբ գրած էինք մեր անցեալ թղթակցութեան մէջ, թէ գազանԹահսին Բիթլիսէն եւ վիլայէթէն կորզած է այլ եւ այլ միջոցներով 8500 ոսկի, որպէտք լինէր 28500, եւ այս բոլոր կեղեքումները կատարւած են մատնիչ, դաւաճանԽաչիկի եւ ընկերներու ձեռամբ։ Սասնոյ կոտորածէն ետքը, երբ այս զարհուրելի կոտորածի մասին եւրոպա-կան մամուլը բազմաթիւ յօդւածներով յուզեց ամբողջ եւրոպական հասարակու-թիւնները եւ զայրոյթ առաջ բերաւ ու գազան սուլթանը իր փշրւած գահոյկի վրայ,սասանեցաւ անմիջապէս հեռագրւեցաւ Թահսինին, որ Բիթլիսի երեւելիներուստորագրութեամբ հերքւին եւրոպական հրատարակութիւնները, հաստատւինԲիթլիսի, Մուշի, Սասնոյ մէջ տիրող անդորրութիւնն, խաղաղութիւնը եւ վայելածանդորրութեան համար հաւատարմութեան ու շնորհակալութեան ուղերձներմատուցանեն սուլթանին փշրւած կայսրական գահոյից առջեւ։ Թահսինը երբԲիթլիսի մէջ ձեռնարկեց մատնիչ Խաչիկի եւ ընկերներու հետ յիշեալ հանրա-գրութեան ուղերձի պատրաստութեան, հանդիպեց սաստիկ հանդիմանութեան։Ոչ միայն Բիթլիսի հայ երեւելի վաճառականքը անվախ եւ համարձակ կերպովմերժեցին իրենց ստորագրութիւնը դնել թուրքական յայտնի ոճով կազմւածհանրագրական թուղթին, այլ եւ բողոքեցին նոյն իսկ թուրքական դատարան-ներու անւանական հայ դատաւորները, եւ հետեւելով միւս հայ երեւելիներունիրենք ալ չստորագրւեցան։ Հրէշ Թահսին կատաղած, փրփրած այս համարձակյանդուգն դիմադրութենէն, սկսաւ աջ ու ձախ սպառնալիքներ արձակել, որ եթէչստորագրեն, բոլորին բանտերու մէջ շղթայակապ կը փտեցունէ, տուներնինաւարի կը տայ եւ ընտանիքնին մեծով-պստկով աքսոր կուղարկի եւ այլն։ Թահ-սին արդէն իմացած էր իր լրտեսներու եւ լրտեսապետ Խաչիկի միջոցով, որյիշեալ անձերը Բ. Դուռը իմացուցած, բողոքած են իր կեղեքումներու դէմ եւ առի-թի մը կսպասէր իր թոյնը, իր կատաղութիւնը թափել յիշեալ երեւելիներու վրայ։Օգուտ քաղելով այս առիթէն, ճիւաղ Թահսին վերջապէս յայտնեց, որ շատ լաւյայտնի են Բ. Դուռը իրեն դէմ ըրած բողոքները եւ եթէ կուզեն ապրել, իրենցընտանիքները փրկել եւ ներողութեան արժանանալ, իրենց միայն մէկ միջոց կայ,այն է` առանց այլեւայլութեան ստորագրել հանրագրութեան թղթի տակ։ Երեւե-լիները, Թահսինին բոլորովին անսպասելի յանդգնութեամբ, նորէն մերժեցինստորագրութեան թղթի տակ իրենց ստորագրութիւնը դնել։ Այս մերժման վրայ 27

Թահսին բոլորովին դիւահարած` սկսաւ անլուր հայհոյանքներ տեղալ հայոցազգի, կրօնի, հաւատքի, ընտանիքի դէմ եւ ապա հրամայեց բոլորին բանտարկել։Եւ ցարդ Բիթլիսի բանտին մէջ Թահսինի հրամանով բանտարկւած են Բիթլիսիբոլոր հայ երեւելիները։ Հայ ժողովուրդը քաջալերւած երեւելիներու ցուցածդիմադրութեամբ, ինքն եւս մերժեց ստորագրել, որով Թահսին հրէշն ամօթահարեւ յուսահատած հանրագրական ձեռնարկէն ետ կայնեցաւ, փոխեց իր թուրքա-կան դիւանագիտութիւնը եւ սկսաւ քաղցրութեամբ համոզել, բայց նորէնչյաջողեցաւ եւ խայտառակւեցաւ, որովհետեւ բանտարկեալները նոյն համարձա-կութեամբ դարձեալ մերժեցին եւ իրենց որոշման վրայ հաստատ մնացին։ Բիթլիսի եւ շրջակայից հայոց վիճակը կատարելապէս դժոխք է։ Ամենվայրկեան կը վախցւի, որ թուրք զօրքը եւ ամբոխը միացած կառավարութեանպաշտօնեաներու, համիդիէ հեծելագնտի հետ կը յարձակին եւ կը կոտորինհայերուս։ Թուրք խուժանի կատաղութիւնը գրգռումը, շնորհիւ կառավարու-թեան, իւր գագաթնակէտին հասած է։ Առեւտուրը կատարելապէս դադրած է։Ամենուրեք կատարեալ ահ եւ սարսափ տիրած է։ Քաղաքի եւ գիւղերու միջեւյարաբերութիւնը բոլորովին դադրած է. յարաբերութիւնքը դադրած է եւ գիւղերումիջեւ։ Ամբողջ Բիթլիսի, Մուշի վիլայեթի մէջ կը թագաւորէ դառն աղքատութիւնեւ թշւառութիւն։ Մուրացիքները անթիւ են։ Անօթութենէն եւ ցուրտէն մեռնողներըպակաս չեն ըլլար։ Հայն օր աւուր կը նւաղի։ Արդէն երկրի մէջ ստակ ալ չիգտնւիր, որովհետեւ եղած չեղածը Թահսինը եւ մէկալ կառավարական կաշառա-կեր եւ կեղեքիչ պաշտօնեաները յափշտակեցին, թալանեցին, դառն աղքատու-թեան դուռը հասցրին ամբողջ ժողովուրդը... այս անողորմ, անօրէն կեղեքիչներըվամպիրի նման ծծեցին, քամեցին հայերուն մինչեւ վերջին աստիճան եւտնտեսապէս սպառեցին, սպանեցին, կործանեցին ամբողջ հայութիւնը։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Մարտ 1895, թիւ 3, էջ 3-4 ------11.ԱՐՏԱՇԷՍ (սպանութիւն)15 Ապրիլ 1895, ՊոլիսՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննողներ` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կօմիտէի խումբերէն Թ-ի ահաբե-կիչներԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կօմիտէ ԼՐՏԵՍ ԱՐՏԱՇԷՍԻ ՍՊԱՆՈՒՄԸ Կ. Պօլսի Կօմիտէի որոշմամբ մահի դատապարտւեցաւ լրտես Արտաշէսը։28

Վճիռը գործադրւեցաւ ամենայն յաջողութեամբ։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Յունիս 1895, թիւ 6, էջ 1 ՆԱՄԱԿ ՊՕԼՍԻՑ Արտաշէսը բնիկ պօլսեցի էր եւ ոստիկանութեան լրտես ու յայտնի մատնիչ։ Լրտես Արտաշէսը իր շահատակութեան գլխաւոր ասպարէզ ընտրած էրխեղճերու, արհեստաւոր եւ մշակ դասակարգի հասարակութիւնը, որուն կըհետապնդէր ամեն տեղ, սրճարաններու մէջ, թէ արհեստանոցները, հանրայինզւարճութեան վայրերէն սկսած մինչեւ խաներու մութ անկիւնները, ուր կապաս-տանի պանդուխտ հայաստանցին։ Իբրեւ մասնագէտ լրտես, իր գործին տէրն էրայդ գարշելին եւ յոյժ վտանգաւոր, որովհետեւ հոգեբանութիւնը միջոց ընտրածէր իր քստմնելի ձեռնարկութեան մէջ։ Անգամ մը, որ իր որսին հոտը կառնէր, ա՛լանիկայ կորսուած էր. շատ հեռւէն արդէն կը նետէր իր թակարդին անտանելիպարանները։ Կսկսէր խօսակցութիւն մը, անվերջ, ուր իր խօսակցին սիրտը կըջանար գրաւել նախ, ջանալով շահագրգռւել այն ամէն չնչին բաներով, որ անորսիրելի ըլլալ կը թւին։ Խեղճ մարդուն սիրտը կը տաքնայ կամաց կամաց վատա-հոգի Ատաշէսին վրայ, մինչ լրտեսը իր ճարտար հարցումներով հեռուն կը տանիանփորձ մարդը, դէպի անոր գործերը, դէպի հայրենիքը եւ վերջապէս դէպի անորսրտին խորքերը, անոր հոգուն թագստոցը սպրտելու համար... Եւ պարզամիտպանդուխտ հայաստանցիները` խաբւելով գարշելի լրտեսի քաղցր, անոյշ լեզւէն,կը բացւէին, գաղտնիքներ կը հաղորդէին, յայտնութիւններ կանէին եւ հետեւեալօրը կամ քանի մը օր յետոյ կերթային բանտերու, մութ ու խոնաւ բանտերու մէջքաւելու իրենց մեղքերը, առանց հասկանալու թէ իրենց մատնողը, ձերբակալելտւողը իրենց բարեկամ Արտաշէսն էր։ Եւ եթէ պզտիկ կասկած մըն ալ ունէին,այն էլ կը փարատէր դժոխքի ծնունդ Արտաշէսը իր բանտային այցելութիւն-ներով, կեղծ մխիթարութիւններով, սուտ կարեկցութիւններով։ Լրտես Արտաշէսն երբեմն կատաղի յեղափոխական մը կը դառնար իրենորսերուն առջեւ, պօլսեցիներուն յատուկ պոռոտախօսութեամբ եւ կեղծ ոգեւո-րութեամբ շանթեր կարձակէր թուրք բռնակալութեան դէմ, անոր գարշու-թիւնները կը ներկայացնէր պերճախօս կերպով, ինքզինքն ալ յաճախ զոհ մըներկայացնելով այդ հարստահարութիւններուն, կոկորդելոսի արցունքներ կըթափէր իր թշւառ եղբայրներուն վրան, եւ երկնքի օգնութիւնը սպառած համարե-լով, յեղափոխութեան վրայ մատնանիշ կընէր, իբրեւ միջոցի մը, որ ամենուն ալազատութիւն պիտի պարգեւէր։ Ինչպէս չհաւատար խեղճ մարդը, երբ այդ համոզւած տանջւած կեղծող գար-շելին գրպանէն յեղափոխական թերթ մը հանէր եւ կուտար իր խօսակցին, 29

պաղատելով, որ ան ալ ուրիշներուն տար, որպէսզի սուրբ գործը արագ յառաջդիմէ։ Քանի մը օրէն ետքը բանտերը նորէն կը լեցւէին բազմաթիւ զոհերով, որոնցբոլոր յանցանքը միամտութիւնն էր եղած։ Մասնագէտ լրտեսի այդ յատկութիւններն ու անոնց ճարտար կիրառութիւն-ները չէին կարող վրիպել ոստիկանութեան նախարարի օգնական արիւնկզակՀիւսնի պէյէն. Արտաշէսը շատ շուտով սկսաւ գնահատւիլ եւ այնպիսի դիրք մըգրաւել գաղտնի ոստիկանութեան նւիրապետութեան մէջ, որ շատ ու շատ թուր-քերու ալ նախանձը սկսաւ շարժիլ։ Լրտես Արտաշէսի շահատակութիւններ վերջապէս աչքի զարկին, երբ մա-նաւանդ զոհերն սկսան օրէ օր աւելի բազմանալ. բան մը, որ նպաստեց վերջա-պէս այդ պժգալի գործին հեղինակը որոնելու եւ գտնելու։ Լրտեսի այդ ստոր գործունէութիւնը մանրամասնօրէն տեղեկագրւեցաւ ուներկայացւեցաւ «Հ. Յ. Դաշնակցութեան» Պօլսոյ Կեդրոնական Կօմիտէին, որ եւիր մարտ ամսու նիստերէն մէկուն մէջ` Ի նկատի ունենալով, թէ լրտես Արտաշէսը գաղտնի ոստիկանութեան մէջյայտնի, յարգւած, ճարպիկ եւ վստահոգի լրտես մըն է, որու ի պաշտօնէ լրտեսու-թիւնը անվիճելի կերպով կը հաստատւի բազմաթիւ փաստերով եւ իրողութիւն-ներով, առանց տարակոյսի հետք մը թողնելու. Ի նկատի առնելով, որ լրտես Արտաշէսի ձեռքով բազմաթիւ ձերբակալու-թիւններ, խուզարկութիւններ, բանտարկութիւններ, մատնութիւններ տեղի ունե-ցան, մանաւանդ սկսեալ այս տարւայ յունւար ամսէն, որոնց միակ յանցաւորըլլալը վկաներով կը հաստատւի. Ի նկատի ունենալով, որ կեղծ յեղափոխական ձեւանալով, բազմաթիւ միա-միտներ խաբած եւ դաւած է, նոյն իսկ յեղափոխական թերթեր տալով եւխուզարկութեանց ժամանակ բոլորովին անմեղ մարդոց բնակարանները յեղա-փոխական թերթեր ձգած եւ անմեղ մարդոց բանտարկութեան, դատապար-տութեան եւ աքսորման հեղինակ ըլլալը ու յանցաւորութիւնն կը հաստատւիբազմաթիւ փաստերով եւ վկայութիւններով. Ի նկատի ունենալով, որ լրտես, մատնիչ Արտաշէսը շնորհիւ իր ընդունակու-թեան, ճարպիկութեան, զարգացման եւ սրամտութեան (յատկութիւններ,որոնցմէ կատարելապէս զուրկ են թուրք լրտեսները), վերջերս կատարեալպատուհաս մը եղած էր հայ հասարակութեան համար, Լրտես Արտաշէսը մահւան դատապարտեց Եւ այդ վճռի գործադրութիւնը յանձնեց իր իրաւասութեան ներքեւ գտնւողխմբերէն Թ-ի ահաբեկիչներուն։ Լրտես Արտաշէսի մահւան վճիռը ահաբեկիչները ամենայն յաջողութեամբկատարեցին Ապրիլի 3-ին [հ.տ.], երկուշաբթի երեկոյեան ժամ 7-ին Ղալաթիափողոցի մը մէջ։30

Մինչդեռ լրտես Արտաշէսը մահամերձ վիրաւորւած, դաշոյնի վէրքերէնմահւան տագնապի մէջ գետինը կը տապլտկէր, ոստիկանութիւնը փութացօգնութեան եւ մեր սիրելին հիւանդանոց փոխադրեց, ուր եւ քանի մը ժամ ետքըիր սեւ հոգին Սուլթան Համիդին աւանդեց։ Իր աւանդական սովորութեան համեմատ ոստիկանութիւնը բազմաթիւ մար-դիկ ձերբակալեց, իբր ոճրի հեղինակ, ի միջի այլոց նորէն ձերբակալեց այն 8-10անձերը, որոնց ամիս մը առաջ բանտարկել տւած էր լրտես Արտաշէսը, բայց 15օր բանտարկութիւնէն ետքը անպարտ արձակւած էին։ Չնայելով բազմաթիւձերբակալութիւններուն, ոչ մէկուն վրայ կրցան ապացոյցի նշան մը գտնել։ Մահւան վճիռը գործադրող ահաբեկիչները` շնորհիւ վեհափառ սուլթանի,ազատ կը շրջին քաղաքի մէջ։»Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Յունիս 1895, թիւ 6, էջ 2-3 ------12.ՀԱՃԻ ՏԻԳՐԱՆ (մահափորձ)2 Յունիս 1895, ՊոլիսՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննողներ` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ռումբ Կօմիտէի Թ-եան խումբի ահաբե-կիչներԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կօմիտէ ՊՕԼԻՍ – ԿՕՄԻՍԷՐ ՀԱՃԻ ՏԻԳՐԱՆԻ ՍՊԱՆՈՒՄԸ Սօֆիայից մեզ հեռագրում են.- Յունիսի 2-ին (ն. տ.) երեկոյեան ժամը 8-ին Կ. Պօլսում դաշնակցական միահաբեկչի ձեռքով սպանւեցաւ նշանաւոր պօլիս-կօմիսէր ՀԱՃԻ ՏԻԳՐԱՆԸ։Զարնողը ազատ եւ ապահով է։ Ընդհանուր սարսափ կառավարչական շրջաննե-րում եւ մեծ ուրախութիւն ու խանդավառութիւն ժողովրդի մէջ։ Մանրամաս-նութիւնը նամակով։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Յունիս 1895, թիւ 7, էջ 1 31

ՈՍՏԻԿԱՆ ՀԱՃԻ ՏԻԳՐԱՆԻ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ Կ. ՊՈԼՍԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՕՄԻՏԷ Կեդրոնական կօմիտէի մայիս 7-ի, 61-րդ նստին մէջ քննութեան ենթարկւելովայն մանրամասն տեղեկագրերը, որոնք կազմւած էին նշանաւոր հայ ոստիկանկօմիսէր հաճի Տիգրանի ամենագձուձ գործունէութեան մասին, տեսնւեցաւ, որ Հաճի Տիգրանը, որդի Ղալաթիոյ ս. Լուսաւորիչ եկեղեցիի նախկին լուսարա-րի մը, բաւական ատեն ծառայած է նոյն տեղ հօրը պաշտօնով, ժամանակ մըսպասաւորած է նոյն եկեղեցիին քարոզչին Յովսէփ վարդ. Այվազեանի քով, եւապա ընդունած է սարկաւագութեան կարգը։ Ոստումով մը, որ այնքան սովորական է մեր մէջ, եկեղեցական կոչման պատ-րաստւող այդ գարշելին, իր ընդունակութիւններուն աւելի յարմար կը գտնէինքզինքը նւիրել զզւելի գործի մը, որ շատ աւելի շահաւոր կրնար ըլլալ իրեն, այնէ լրտեսութեան։ Եւ հաշիւը սխալ ըրած չէր։ Տիգրանն` ի բնէ արդէն խօսու, սրամիտ, ճարպիկ, առաջին օրէն յաջողութիւնգտաւ իր նոր ընդգրկած ասպարէզին մէջ, ու այնքան պէտք պիտի ունենար հիմաիր ընդարձակ ծանօթութիւններուն, Ղալաթիոյ եւ Բերայի հայերուն, մանաւանդկրթւած դասակարգին, որոնց հանդիպելու եւ ճանչնալու շատ առիթներ ունեցածէր Ղալաթիոյ եկեղեցիին ու խորհրդարանին մէջ, ուր կը գումարւէին ԱզգայինԺողովի նստերը, ուր տեղի կունենային այլ եւ այլ խորհուրդներու գումարում-ները, ուր կը գտնւէր Ազգային Մատենադարանը, ուր վերջապէս, իր վարդապե-տի սենեակին մէջ, յաճախ տեսած էր այդ դէմքերը։ Իր գործունէութիւնը թէեւ բանուկ, բայց աչքի չէր զարկած տակաւին, երբ վրայհասաւ տէր Սուքեասի սպանութեան փորձը Մայր եկեղեցիին մէջ։ Այդ օրը հաճիՏիգրան հոն կը գտնւէր իր պաշտօնին բերմամբ. ճանչցաւ երեք ահաբեկիչներըեւ կառավարութեան մատնեց անոնք։ Այնուհետեւ ա՛լ բացւած էր իր ճամբան. ոստիկանութեան նախարարի մաս-նաւոր ուշադրութեան արժանացաւ հիմա, ո՛չ միայն իր մասնաւոր յատկութիւն-ներով, որոնք գնահատելի էին լրտեսութեան գործին համար, այլ եւ իր կատարածայդ նողկալի արարքով, որ իր գործունէութեան առաջին շրջանին գլուխ գործոցնեղաւ։ Ժողովրդին համար պատուհաս մը եւ ոստիկանութեան համար գիւտ մըեղաւ հաճի Տիգրան. առաջին անգամն ըլլալով` Նազըմ փաշա անոր անձին մէջգտաւ գործին մարդը եւ հաճի Տիգրան շուտով ոստիկան եւ ապա ոստիկան-կօմիսէրի աստիճանը բարձրացաւ։32

Ալ անկէ ետքը հաճի Տիգրանի մատը ոստիկանութեան ամեն գործի մէջկարելի էր տեսնել։ Խուզարկութիւն մը հարկ էր ընել հայու մը տան մէջ, Պօլսի ո՛ր եւ է թաղ մը,անոր ցուցմունքներով, առաջնորդութեամբ ու մասնակցութեամբ կը կատարւէր։Յամառ բանտարկեա՞լ մը պէտք էր խոստովանցնել, հաճի Տիգրանի ճարտարու-թեանն էր, որ դիմում կընէին։ Յեղափոխականներ որսալու կամ պատահմամբգտնւած հետքեր բանալու եւ գաղտնի հետապնդելու գո՞րծ մը կար, սարկաւա-գութենէ վիժած հաճի Տիգրանն էր, որուն կը յանձնւէր այդ դժւարին ու փափուկգործը։ Կը ծպտէ, ինչպէս ոչ ոք փորձած էր իրմէ առաջ. կեղծ ծամերով, կեղծմօրուքով, մուրացկանի հագուստով, կառապանի տարազով, ջրհակիրի նման,վերջապէս այն ամեն կերպով, որով կրնար մուտք ունենալ ժողովրդի այլ եւ այլխաւերուն մէջ։ Տիգրան յոգնել չէր գիտեր. իր ամբողջ մտաւոր կարողութիւններըլարած` անձնատուր էր եղած իր գործին, ուր թուրք ոստիկաններու համբաւեալիշային տխմարութիւնը կատարեալ ասպարէզ մը կը բանար իրեն, առանցմրցորդի։ Թուրք ոստիկանութիւնը մինչեւ հիմա ունեցած չէր հաճի Տիգրանին նմանհետախոյզ մը։ - Ուստի Կեդրոնական Կօմիտէն իր վերոյիշեալ մայիս 7-ի 61-դ նստին մէջ` Ի նկատի առնելով, որ ոստիկան-կօմիսէր հաճի Տիգրանին վերագրւած բոլորյանցանքները` իբրեւ լրտեսի, իբրեւ մատնըչի, իբրեւ կառավարութեան գործիք-պաշտօնեայի, անոր հնգամեայ (1890-1895) զազրելի գործունէութեան շրջանինմէջ, կատարելապէս կը հաստատւին տեղական կօմիտէներու ներկայացուցածտեղեկագրերով եւ մատնիչ հաճի Տիգրանի զոհերուն անձնական վկայութիւն-ներով, Ոստիկան-կօմիսէր հաճի Տիգրանը մահւան դատապարտեց Եւ վճռին գործադրութիւնը յանձնեց Ռումբ կօմիտէի Թ-եան խմբի ահաբեկիչ-ներուն։ - Մինչդեռ ահաբեկիչները կը հետեւին հաճի Տիգրանին, պատեհ առիթ մըորոնելով վճիռն ի գործ դնելու, դատապարտեալը նոր յանցանք մըն ալ աւելցուցիր բազմաթիւ ոճիրներուն. Համբարձման տօնին (մայիս 11) ժողովրդային ինքնա-բուխ ցոյցին մասնակցողներէն 70 հոգիի ձերբակալումը, դէպք մը, որ կրնար շատծանր հետեւանքներ ունենալ, եթէ միայն ոստիկանութիւնը չփութար օր առաջարձակելու այդ մարդիկը, նոր խռովութեան եւ աւելի մեծ դժգոհութեան առիթչտալու համար։ - Վերջապէս մայիս 21 (յունիս 2)-ին երեկոյեան ժամը 8-ին ահաբեկիչները կըհասնին Տիգրանին ետեւէն Բերայի մէջ, իր տան մօտերը։ Ահաբեկիչներէն մէկըերեք անգամ կը պարպէ ռէվօլվէրը մատնչին վրան. երրորդ հարւածին Տիգրան,որ սարսափած էր, ինքզինքը կը գտնէ եւ ինքն ալ իր րէվօլվէրը կը քաշէ ու 33

կարձակէ։ Գնդակը կը վրիպէ. ահաբեկիչներու չորրորդ գնդակը կը ջախջախէհաճի Տիգրանի կզակը, ու լեզուն կը կտրէ. մատնիչը գետին կը տապալի, ցաւիսոսկալի ճիչ մը արձակելով։ Ոստիկանները, որոնց պահակը վճռին գործադրութեան վայրէն քանի մը քայլմիայն հեռուն կը գտնւէր, լսելով ռէվօլվէրի պայթոցները, խոհեմութիւն կը համա-րին երեւան չելլալ եւ սպասել քիչ մը, մինչեւ որ ահաբեկիչները կանհետին եւմինչ ամբոխը իրենցմէ առաջ խուժած էր մատնչին հոգեւարքին վկայ գտնւելու։ Ամենքն ալ կը կարծէին, թէ մեռած է հաճի Տիգրան, ինչպէս նոյն օրը գրւեցաւՍօֆիայի մեր թղթակցին։ Տիգրան մեռած չէ տակաւին, սակայն բժիշկները չենյուսար թէ կապրի։ Եթէ առողջանայ իսկ` իր ջախջախւած ծնօտով, իր թլւատ լեզւով, իր խեղւած,սոսկում դէմքով յաւիտենական դատապարտութիւն մը պիտի ըլլայ բոլոր իրնմաններուն եւ մարմնացեալ պատժի մը սարսափը, որ Դամոկլէսի սուրին պէսպիտի կախւած մնայ անոնց գլխուն վերեւ։ - Հաճի Տիգրան` անկարող խօսելուն, դողդողուն ձեռքով այնչափ միայնկրցաւ գրել թղթի մը վրան, որ Համբաձման տօնին օրը իր մատնութեամբ բան-տարկւածներուն մէջ, որոնք ազատ արձակւած էին, պէտք է որոնել ահաբե-կիչները։ Բայց ի զո՜ւր. անմեղ մարդիկ միայն կրցան ձերբակալել. մինչ ահաբեկիչները,որոնք վճիռը գործ դրին, ազատ եւ ապահով են, շնորհիւ վեհափառ Սուլթանին,եւ նոր նմանօրինակ վճիռներ գործադրելու հրամաններու կը սպասին։ - Մատնիչը դեռ չմեռաւ, բայց սոսկալի վիճակի մէջ է. քանիցս խնդրած է, որզինքը թունաւորեն։ Կոկորդը ծակած եւ սնունդը անկէ կը լեցնին. սնունդն է կաթեւ ապուր։ Սոսկալի կը տանջւի։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Յուլիս 1895, թիւ 8, էջ 3-4 ------13.ՄԿՐՏԻՉ ԹԻՒԹԻՒՆՃԻԷՖ (սպանութիւն)23 Յունիս 1895 (վէրքերէն կը մահանայ 27 Յունիսին), ՊոլիսՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննողներ` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պոլսոյ Զոհ Կօմիտէի ահաբեկիչներ (ըստԴաշնակցական աղբիւրներու)Հնչակեան Կուսակցութեան երկու թէռօրներ (ըստ Հնչակեան աղբիւրներու)Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կօմիտէ (ըստ Դաշնակցականաղբիւրներու)Հնչակեան Կուսակցութիւն (ըստ Հնչակեան աղբիւրներու)34

ՄԱՀՒԱՆ ՊԱՏԻԺ Վերջին լուր Կ. Պօլսից. - «Ամսոյս (յունիս) 11/23-ին, կիրակի իրիկուն, ժամը.թ. 1-ին, Հնչակեան Կուսակցութեան երկու թէռօրներու ձեռքով ռէվօլվէրի երկուհարուածով մահացու կերպով գլխէն վիրաւորվեցաւ հանրածանօթ մատնիչՄկրտիչ Թիւթիւնճիէֆ։»Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] 30 Յունիս 1895, ութերորդ տարի,թիւ 9, էջ 74 ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՆՐԱԾԱՆՕԹ ՄԱՏՆԻՉ ՄԿՐՏԻՉ ԹԻՒԹԻՒՆՃԻԷՖ ԾԱՆՐԱՊԷՍ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԱԾ ԿԱՑԻՆ Կ. Պօլիս, 24 յունիս 1895 Երէկ իրիկուն, կիրակի, 23 յունիս, Հնչակեան Կուսակցութեան կողմէ թեռօ-րական մի գործողութիւն կատարուեցաւ հանրածանօթ մատնիչ Մկրտիչ Թիւ-թիւնճիէֆի վրայ։ Ժամը ը. թ. 1-ին ատենները, Թիւթիւնճիէֆ ընթրիքն աւարտելէ յետոյ իր տանըմօտերը պտոյտ կընէր ի Կէտիկ Բաշա, երբ յանկարծ երեք անծանօթներ, ջրհան-կիրի զգեստ հագած եւ գլուխնին արախջին դրած, յարձակեցան իր վրայ եւ րէվօլ-վէրի երկու հարուածներով կողէն ու ազդրէն խոր վէրքեր տուին։ Մատնիչնինկաւ գետին, ծանրապէս վիրաւորված։ Թէռօրները պաղարիւնութեամբ անհետացան։ Ոստիկան զինւոր մը, որ այնկողմերը կը գտնուէր` փոխանակ անոնց ետեւէն հետապնդելու` ամենայն քա-ջութեամբ... սուլած է։ Չորս կողմէն ոստիկաններ կը փութան կը հասնին, բայցթէռօրները չեն յաջողիր բռնել։ Թիւթիւնճիէֆի վիճակը շատ ծանր է. բժիշկները իրենց յոյսը կտրած են եւ կը-սեն թէ հազիւ կարճ ժամանակուան կեանք ունի. յորդառատ արիւն կը հոսի բեր-նէն եւ կատաղի աղաղակներ կարձակէ գիշեր ցորեկ։ Ժողովրդեան հրճուանքըմեծ է։ Ոստիկանութեան նախարարի օգնական Հիւսնի պէյը, մատնիչին տունըերթալով, մխիթարած է անոր ընտանիքը, յայտարարելով թէ «չարագործները» իմօտոյ պիտի ձերբակալուին «շնորհիւ վեհ. Սուլթանին»։Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան օրգան,] 15 Յուլիս 1895, ութերորդ տարի, թիւ10, էջ 82 35

ՄԱՏՆԻՉ ՎԻՐԱԲՈՅԺ ԹԻՒԹԻՒՆՋԵՎԻ ԶԱՐԿՈՒՄՆ Սօֆիայից մեզ հեռագրում են.- Յունիսի 23-ին (ն. տ.) երեկոյեան ժամը 9-ին Կ. Պօլսում դաշնակցականներըզարկեցին նշանաւոր ՄԱՏՆԻՉ վիրաբոյժ ԹԻՒԹԻՒՆՋԵՎԻՆ։ Մատնիչը մերձ իմահ է։ Ահաբեկիչները ազատ են։ Ժողովրդի ոգեւորութիւնը անսահման է։ Ան-սահման է նոյնպէս թիւրք կառավարութեան սարսափը։ Կառավարչականշրջանների մէջ ընդհանուր յուզում։ Մանրամասնութիւնները նամակով։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Յուլիս 1895, թիւ 8, էջ 1 ԴԱՒԱՃԱՆ Մ. ԹԻՒԹԻՒՆՃԻԷՎԻ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ Կ. ՊՈԼՍԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՕՄԻՏԷ Կեդրոնական Կօմիտէն մայիս 7-ի իր 61-դ նստին մէջ, որ հաւաքական վճիռմը գումարւած էր քանի մը անձերու նկատմամբ (այդ նստին մէջ էր, որ հաճիՏիգրանի մահւան վճիռը արձակւեցաւ), քննութեան ենթարկեց եւ վերահասուեղաւ այն տպագիր ստուգարաններուն (document) եւ մանրամասն տեղեկագրե-րուն, ներկայացւած էին նախկին յեղափոխականի մը, դաւաճան ՄկրտիչԹիւթիւնճիէվի կեանքի եւ վերջին երեք տարիներու հանրածանօթ գործունէու-թեան մասին։ Ուստի, ի նկատ առնելով, որ վիրաբոյժ Մկրտիչ Թիւթիւնճիէվ ոչ միայն դա-սալիք մը եղած է յեղափոխական բանակէն, այլ եւ կարեւոր գաղտնիքներ երեւանհանած եւ իր նախկին յեղափոխական ընկերները մատնած է, եւ թուրք ոստիկա-նութեան ձեռքը հզօր ու անարգ գործիք մը եղած է հայ յեղափոխականի անուննաղարտող, Կեդրոնական Կօմիտէն միաձայն մահւան դատապարտեց դաւաճանՄկրտիչ Թիւթիւնճիէվը, Վճռին գործադրութիւնը յանձնելով Զոհ Կօմիտէին ահաբեկիչներու գնդին։ - Յունիս 11 (ն. տ. 23), կիրակի երեկոյեան ժամը 9-ին Թիւթիւնճիէվ գիշերա-հագուստով նստած էր իր տան առջեւ (Կէտիկ փաշայի թաղ) եւ կը խօսակցէր իրտնեցիներուն եւ դրացիներուն հետ, որոնք խռնւած էին փողոցին մէջ քիչ մը մա-քուր օդ ծծելու եւ զբօսնելու համար։ Յանկարծ երկու ահաբեկիչներ, ջրհանկիրհագուստով ծպտած, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր կը հետապնդէին Թիւթիւն-ճիէվը, կանգ կառնեն դաւաճանին դիմաց, եւ անոնցմէ մէկը պաղարիւնով իրատրճանակը քաշելով կարձակէ անոր վրան։ Վերջինս ցաւի ճիչով աջ կողմին36

վրան կիյնայ, մինչ անտին փողոցին մէջ գտնւող մարդիկ փախչող փախչողինկըլլան։ Նոյն միջոցին զափթիէ մը եւ ոստիկան մը, որոնք պատահմամբ կը գտնւէինմէկը փողոցին վերին եւ միւսը ներքին ծայրը, կծիկը կը դնեն, երբ ատրճանակիձայնը կը լսեն։ Երկրորդ ահաբեկիչը այդ միջոցին կարձակէր իր ատրճանակն ալ, եւ երկուքըմիասին կը սկսին հեռանալ, իրենց գործն աւարտած համարելով։ Կէտիկ փաշայի ոստիկանութեան պահակը շատ մօտ է վճռին գործադրու-թեան վայրին, սակայն ոստիկանները, երբ Թիւթիւնճիէվի զարնւելուն լուրնառին, ոչ միայն չփութացին օգնութեան հասնելու, այլ մինչեւ անգամ քիչ մը ուշա-ցան դիտմամբ, ահաբեկիչներուն հետ դէմ դէմի չգըտնւելու համար։ Դաւաճանը զարնող քաջերն արդէն բաւական հեռացած էին, երբ ոստիկան-ները` միանալով գիշերապահներու եւ փողոցի մէջ պատահած մարդերու, սիրտըրին վերջապէս անոնց հետքով երթալու։ Ահաբեկիչները «Թաւուգ-պազար»-էն անցան «Մահմուտ-փաշա» եւ արդէնհասած էին «Մարբուճճիները», երբ հալածողներու խումբը, որ գլորւող ձիւնիգնդակի պէս, հետզհետէ ստւարացած էր, աւելի ու աւելի կը մօտենայ ահաբեկիչ-ներուն։ Բազմաթիւ ոստիկաններ եւ գիշերապահներ, բազմութենէ քաջալերւած,կը ջոկւին հալածող խմբէն, եւ հայհոյանքներով կը դիմեն ահաբեկիչներու վրայ,ա՛լ վերջապէս ձերբակալելու յուսով։ Վճռական վայրկեանը հասած էր. «Մարբու-ճիներէն» անդին իրենց դրութիւնն աւելի պիտի դժւարանար եւ ահա երկուքաջերը յանդուգն փորձ մը փորձեցին. ետ դարձան եւ «Սապոնճի» խանին փողո-ցին մէջ կրակ տւին հալածողներուն վրան։ Փորձը սքանչելի արդիւնք ունեցաւ,առաջին գնդակն արդէն բաւեց ցիրուցան ընել այդ վախկոտ խլէզներու խումբը։ Երկու վայրկեան ետքը փողոցը պարպւած էր եւ երկու ահաբեկիչները «Հա-սիրճիլարի» կողմէն հանդարտ ու անվախ իրենց ճամբան շարունակեցին։ Թիւթիւնճիէվ ծանրապէս վիրաւորւած էր. գնդակներէն մէկ մխւած էր ստորինորովայնի մէջ, ուրկէ անհնարին եղաւ հանել, իսկ միւսը ազդր ծակած անցած էր։ Վճռին գործադրութեան գիշերն իսկ ոստիկանութեան նախարարի օգնականՀիւսի պէյը անձամբ եկաւ հարցաքննելու վիրաւորեալը. իսկ Նազըմ փաշախորապէս յուզւած իր հաւատարիմ ու կարող պաշտօնեային գլուխն եկածդժբախտութեան վրայ, ծանօթ վիրաբոյժ Գամպուր օղլուն խրկեց վիրաւորեալըդարմանելու եւ մահւան ճանկէն ազատելու։ Ոստիկանութեան համար անգնահատելի ստացում մըն էր այդ դաւաճանը,եւ զարմանալի չէ, որ անոր զարնւիլը երկու յեղափոխականի ձեռքով մեծ յուզումառաջ բերաւ բոլոր շրջանակներուն մէջ եւ անմիջապէս հեռագրւեցաւ եւրոպա-կան թերթերուն։ Սօֆիայի վրայով մեր խրկած հեռագրին մէջ ըսւած էր թէ մահամերձ է Թիւ- 37

թիւնճիէվ, եւ իրօք երկու շաբաթ չարաչար տանջւել եւ մահւան դէմ մաքառելէետքը, վերջապէս սատկեցաւ յունիս 27-ին։ Սուլթանը սաստիկ կատաղած Թիւթիւնճիէվի անձին դէմ կատարւած այսփորձին, որ երրորդն էր իր տեսակին մէջ (Արտաշէս, Հաճի Տիգրան), քանի մըամիսներու միջոցին, խիստ հրամաններ տւաւ Նազըմ փաշային վճռին գործա-դրիչներն որոնելու եւ պատժելու։ Անթիւ ձերբակալութիւններ ամեն թաղերու մէջ։ Ոստիկանութիւնը բան մը ըրած ըլլալու համար ձերբակալեց խեղճ ջրհանկիրմը, որ ո՛չ Թիւթիւնճիէվ կրցաւ ճանչնալ եւ ո՛չ այն գինեպանը, որուն խանութինմէջ վճռին գործադրութեան նախընթաց գիշերը երկու ահաբեկիչները երեւցածէին։ Բայց ոստիկանութեան համար պատւի խնդիր մըն էր ձերբակալել գոնէանոնցմէ մէկը, եւ ահա այլ եւ այլ սպառնալիքներով ստորագրել տւին գինե-պանին թուղթ մը, որով ինքը կը վկայէր թէ ձերբակալւած ջրհանկիրը երկուահաբեկիչներէն մէկն էր։ Այդ խայտառակ գործն անամօթաբար պաշտօնապէսծանուցւեցաւ, թէեւ առաջուց գիտէին թէ ո՛չ ոք պիտի հաւատար։ Ջրհանկիրի հագուստով ծպտած երկու ահաբեկիչներն ալ ապահով ու ազատեն իրենց նախկին տարազին մէջ։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Յուլիս 1895, թիւ 9, էջ 3-4 ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ ՀՆՉԱԿԻ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ Կ. ՊՈԼՍԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՕՄԻՏԷ Զարմանքով կարդացինք Հնչակի թիւ 9-ին մէջ Կ. Պոլսէն խրկւած լուր մը,որուն համաձայն իբր թէ հնչակեանները զարկած ըլլան դաւաճան Թիւթիւն-ճեէվը, մինչդեռ Դաշնակցութեանս Կ. Պոլսոյ Կեդրոնական Կօմիտէին նախագոյնորոշումով եւ տեղական կօմիտէներէն «Զոհ»-ին ահաբեկիչներուն ձեռքով ի գործդրւեցաւ անոր մահւան վճիռը։ Չծանրանալով այն կէտին վրայ, թէ Յեղափոխութեան տեսակէտէն կարեւո-րութենէ իսպառ զուրկ է յեղափոխական ո՛ր եւ է արարքի մը այս կամ այն Կու-սակցութեան ձեռքով կատարւած ըլլալը, - սա չափ միայն կուզենք դիտել տալ,որ թէ՛ Դաշնակցութեան Կ. Պոլսի Կեդրոնական Կոմիտէիս եւ թէ Հնչակեանկուսակցութեան Պոլսի Մասնաճիւղին համար պատւաբեր չեն կրնար ըլլալերբէ՛ք այդ օրինակ սխալներ ու թիւրիմացութիւնները։ Ուստի կը յուսանք թէՀնչակի խմբագրութիւնը պիտի փութայ իր սխալն ուղղելու ստուգագոյն աղբիւր-ներէ առնւած անմիջական տեղեկութիւններով։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Օգոստոս 1895, թիւ 10, էջ 8 ------38

14.ԿԱՐԱՊԵՏ ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ (սպանութիւն)1 Յուլիս 1895, ՄարզուանՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննող` Անյայտ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ X. Մարզուան, 26 յունիս 1895 Այս անգամ կուգանք նկարագրել ձեզ տէռօրական մի նշանաւոր գործողու-թիւն, որ տեղի ունեցաւ քաղաքիս մէջ։ Յունիս 19 [հ. տ.] երկուշաբթի օրը վաղառաւօտով ժամը ը. թ. ինն եւ կէսի միջոցներին հանրածանօթ դաւաճան Կարա-պետ Ոսկերիչեանը կատաղի կերպով սպանված գտնվեցաւ բողոքականացժողովարանի դրան առջեւ։ Գործողութիւնը շատ վարպետ կերպով ի գլուխ էրածված, յիշեալին աղօթաժողովի երթալու պահուն, վերին աստիճանի ճարպիկ,յանդուգն ու քաջասիրտ տէռօրիսթներու կողմէ։ Սպանութիւնը կատարված էրդաշոյնով եւ մարմինը սոսկալի կերպով յօշոտված, գլուխը հօրիզօնաբար մինչեւկէս ճեղքված ականջին մէջտեղէն սկսեալ, դաշոյնի հարուած մը սրտին մխված,հարուածով մը ալ կուշտը պատառված ու աղիքները բոլորովին դուրս թափված։Շուները եկած էին արիւնը լզելու եւ աղիքները քաշ քըշելով կտրտած էին,ամբողջ արիւնը վազելով` սալայատակը բաւականին տարածութեամբ ներկվածէր, այնպէս որ մի քանի օր կառավարութիւնն անկարող եղաւ արեան հետքըկատարելապէս ոչնչացնելու։ Մարմինն այնպէս այլանդակված, անճանաչելի էրդարձած, որ նոյն իսկ իրենց հայրը չէին կրցած մէկէն ի մէկ ճանչնալ իր աղջիկ-ները։ Միով բանիւ սպանութիւնը եւ իր եղանակը լիովին համապատասխան էինիրեն սպանվածի այն արիւնարբու լինելու աստիճան կատաղի ու ստոր հակա-յեղափոխական գործունէութեանը, որ ցոյց տուաւ յիշեալ դաւաճանը մօտ երկուտարւայ ընթացքին մէջ։ Այդ երկամեայ ժամանակամիջոցին Մարզուանցուն սրտին մէջ արագ կեր-պով կուտակվող զայրոյթի ու կատաղութեան փոթորիկն այնպիսի սոսկալիկերպով պայթեցաւ, որ աննկարագրելի սարսափի մէջ ձգեց տեղական կառավա-րութիւնն ու իր աջակից վատահոգի հայ արբանեակները։ Ժողովրդի ու կառա-վարութեան շրջանակներու մէջ սքանչացման ու սարսափի առարկայ է դարձածայդ գործողութեան մէջ ի յայտ եկած անվեհերութիւնը, արիութիւնը, ճարպիկու-թիւնն ու ոյժը։ Տեղւոյս հազարապետն ըսած է, թէ ինքը շատ սպանութիւններտեսած է. բայց ասոր նմանին կեանքին մէջ երբէք հանդիպած չէ։ Եւ արդարեւ, 39

սպանութեան այդ եղանակը կատարելապէս կարդարանայ, երբ աչքի առջեւունենանք Ոսկերիչի երկամեայ ազգակործան գործունէութեան մէկ համառօտպատկերը։ Քաղաքիս մէջ յեղափոխական շարժումների ծագման հէնց սկիզբէնՈսկերիչը թշնամական դիրք էր սկսած բռնել դէպի յեղափոխականները, սակայնմիաժամանակ, սարսափի շրջանի միջոցին, ստիպված էր բացարձակ երեւան չըգալ եւ գաղտնի պահել իր գործունէութիւնը։ Այդ ժամանակներն ալ ամեն պարա-գայի մէջ կաջակցէր կառավարութեան, սակայն ծածուկ կերպով, այնպէս որժամանակի մը համար իր կեղծաւոր ընթացքովը յաջողած էր թոզ փչել յեղափո-խականներու աչքին։ Պէքիր-փաշային, որ այն ժամանակ քաղաքիս գայմագամէր, աջ թեւն էր ու գաղտնի խորհրդականը ամեն մէկ քայլին. անկասկած է որՊէքիրն իր ունեցած յաջողութիւններուն գրեթէ բոլորը կը պարտի Ոսկերիչի եւիր նմաններուն եւ ո՛չ թէ իր խելքին ու զէնքին։ Այդ վատերը Ոսկերիչի գլխաւո-րութեամբ պատրաստեցին այն դաւադրութիւնը, որ առաջ բերաւ 93 սեպտ. 8.իարիւնոտ օրը, երբ ի միջի այլոց ունեցանք մեծ ու անդարմանելի կորուստ մըյանձին Բ. Զաքարեանցի։ Այդ թուականէն սկսեալ Ոսկերիչն այլեւս մի կողմթողուց ծածուկ ընթացքը եւ սկսեց յայտնի առաջ տանիլ իր մատնութիւնները, իրայդ բացած ճամբուն մէջ մղեց նաեւ հայ հարուստներէն շատերը, որոնք ձեռքձեռքի տված մատնանիշ ըրին կառավարութեան Մարզուանի բոլոր աչքի ընկնողերիտասարդները եւ պատճառ դարձան երկարաժամանակեայ բանտարկու-թեան։ Ինչպէս ըսինք, այդ վատ խումբին գլուխն էր Ոսկերիչը, որը թողած ամենգործ, զբաղում, կը հետախուզէր յեղափոխականի մը ամեն մէկ քայլը։ 4-5 ամիսառաջ կառավարութեան թելադրեց իր նախագահութեամբը «էմնիյէթ գօմիսիօնի(ապահովութեան յանձնաժողով) մը կազմել 33 անձերէ բաղկացեալ, լուսա-ւորչական, կաթոլիկ եւ բողոքական», որ պաշտօն ունէր հսկել քաղաքին անդոր-րութիւնը եւ կասկածելի ընթացքի մէջ գտնվողները մատնացոյց ընելովկառավարութեան։ Բնական է, որ այդ յանձնաժողովն այլ եւս գոյութիւն ունենալէկը դադրի իր տխրահռչակ նախագահին սպանութեամբը։ Մէկ խօսքով կառավա-րութիւնը զրկվեցաւ իր ամենաթանկագին աջակիցէն։ Կրնանք ըսել, թէ ՄագսուտՍիմօնն ինչ որ էր Պօլսոյ համար, Ոսկերիչն ալ նոյնն էր Մարզուանի համար.մէկը լուսաւորչականաց վարչապետ, միւսը բողոքական հայոց ազգապետ,երկուքն եւս գործունէութեան տեսակէտով իրարու կատարելապէս յար եւ նման։Ահա այդ պատճառաւ էր, որ կառավարութիւնը չափազանց կարեւորութիւնտուաւ գործին։ Ամասիայի միւթէսարըֆ Պէքիր-փաշան ղրկվեցաւ Մարզուանփութոյ պնդութեամբ առաջ տանելու քննութիւնը։ Պէքիր Մարզուան գալուն պէս`սկսեց ձեռք առնել իրեն յատուկ բարբարոսական, աւազակային ընթացքը,անհիմն, անտեղի, մեծաքանակ խուզարկութիւններ, աջ ու ձախ բազմաթիւ ձեր-բակալութիւններ, որոնցմով լեցուած է Մարզուանի պզտիկ բանտը։ Բանտար-կեալներու թիւը հարիւրն անցած է, որոնք իրարու վրայ սղմված են ամարային40

այս տաք եղանակին նոր ձերբակալութիւններ օր ըստ օրէ տեղի կունենան,խուզարկութիւններ ցորեկուայ ամէն րոպէին, գիշերուայ ամէն մէկ ժամունանպակաս են։ Ատոր պատճառն ալ այն է, որ կառավարութիւնն իբրեւ գործինհեղինակ կը փնտռէ կեսարացի Միհրան անուն պանդուխտ երիտասարդ մը, որայժմ` անյայտ վիճակի մէջ է։ Պէքիր-փաշան տեսնելով որ իր խուզարկու-թիւնները, խստութիւնները փարա մը չեն արժեր եւ ապարդիւն կանցնին, սկսեցկրկին բռնել աղաներու օձիքէն։ Յունիս 22 հինգշաբթի առաւօտ քաղաքին բոլոր քիչ թէ շատ ազդեցութեանտէր եղող անձերը հաւաքելով բացարձակ կերպով սպառնացած է, որ «եթէ 24ժամուան մէջ փախստականը յանձնէք` լաւ, եթէ չը յանձնէք Մարզուանըերկրորդ Սասուն մը կը դարձնեմ, եթէ նոյն իսկ կախաղանի դատապարտվելսալ գիտնամ»։ Կը հրաւիրենք Պէքիրը գործադրել իր սպառնալիքը. մենք իրեն 24ժամէն աւելի պայմանաժամ կուտանք։ Աղաները կարեւորութիւն չը տուին փա-շային այս սպառնալիքին, որովհետեւ մինչ մէկ կողմէն սարսափի մէջ են, միւսկողմէն համոզվեցան, որ յեղափոխականները վերջապէս ուշ կամ կանուխ իրենցվրէժը կը լուծեն։ Ուստի խոհեմութիւն չեն համարիր իրենց առաջւայ վատընթացքը շարունակել։ Պէքիր-փաշան վարժված լինելով հայերուն հետ ստրուկիպէս վարվելու, երբէք խտրութիւն չը դներ անոնց մէջ, թուրքահպատակ լինին, թէօտարահպատակ, քանի որ օր առաջ ձերբակալեց ամերիկահպատակ հայ մը,Գրիգոր Առաքէլեան, որ Գալիֆօռնիա գաղթող Մարզուանցի մը է եւ երեք տարիէիվեր Գօլէճ կը գտնուի հայերէն սովրելու համար։ Կոպիտ ոստիկաններըհրմշտկելով, նախատելով, գլխարկին հայհոյելով բանտ են տարած` առանցականջ կախելու իր բողոքներուն։ Թուրք կառավարութիւնն առաջին անգամը չէ,որ այսպէս հակառակ միջազգային դաշնագրութեանց` ոտնակոխ կընէ օտա-րահպատակներու իրաւունքները։Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] 15 Յուլիս 1895, ութերորդ տարի,թիւ 10, էջ 82-83 ------15.ՍԱՐԳԻՍ ՔԻՐԷՄԻՏՃԵԱՆ (սպանութիւն)Յուլիս 1895, ՄարզուանՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննողներ` Հնչակեան Կուսակցութեան տէռօրներԿազմակերպող` Հնչակեան Կուսակցութիւն 41

ՅԱՅՏՆԻ ՄԱՏՆԻՉԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ Մարզուանում Հնչ. Կուսակցութեան տէռօրների ձեռքով սպանվեց յայտնիհաճի Սարգիս Քիրէմիտճեան։ Տեռօրներն ազատ են։ Մանրամասնութիւններյաջորդին։Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] 31 Յուլիս 1895, ութերորդ տարի,թիւ 11, էջ 90 ------16.ՄԱՄԲՐԷ ՊԷՆԼԵԱՆ (սպանութիւն)3 Օգոստոս 1895 (վէրքերէն մահացած 7 Օգոստոսին), ՊոլիսՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննողներ` Ռումբ կօմիտէի Ա. խմբի երկու ահաբեկիչներԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կ. Պոլսոյ Կեդրոնական Կօմիտէ ՀԱՆՐԱԾԱՆՕԹ ՄԱՏՆԻՉ ՄԱՄԲՐԷԻ ԶԱՐԿՈՒՄԸՍօֆիայից մեզ հեռագրում են.- Օգոստոս 3-ին (ն. տ.) գիշերը ժամը 2-ին Կ. Պոլսում դաշնակցական 2ահաբեկիչներ զարկեցին թատրոնից դուրս եկած ժամանակ նախկին յեղափո-խական, նախկին վարդապետ, դաւաճան եւ հանրածանօթ մատնիչ ՄԱՄԲՐԷԻՆ։Վիրաւորւած է մէկ ոստիկան։ Ահաբեկիչները ազատ են։ Մանրամասնութիւնընամակով։Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Օգոստոս 1895, թիւ 11,էջ 8 ԴԱՒԱՃԱՆ ՄԱՄԲՐԷ ԿԱՐԳԱԼՈՅԾ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ Կ. ՊՈԼՍԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՕՄԻՏԷ Կ. Պոլսի Կեդրոն. Կօմիտէի յունիս 10-ի 67-րդ նստին մէջ, - որ յատկապէսգումարւած էր քանի մը դաւաճան յեղափոխականներու վերաբերեալ ստուգա-րանները քննութեան ենթարկելու, 90-թւի մատնութիւններուն մէջ անոնց42

խաղացած դերը ճշտելու համար, - կարդացուեցան նաեւ Մամբրէ կարգալոյծվարդապետին կատարած դաւաճանութեան եւ մատնութեան վերաբերեալ թղթե-րը եւ անոր վերջին հինգ տարիներու զզւելի գործունէութեան մասին տեղականկօմիտէներու կողմէն կազմւած տեղեկագիրը, որոնցմէ տեսնւեցաւ, որ Մամբրէ, աշխարհական անունով Ալեքսան, նախկին սարկաւագ` Էջմիածնիմիաբանութեան, ապա վարդապետութեան կոչւած Բագրեւանդի ս. Յովհաննէսվանքին մէջ, առաջին օրէն ճանչցւած է իր շրջապատողներէն, իբր դիւրագրգիռ,հեշտամոլ եւ սնափառ մարդ մը, որ իր կրքերուն գոհացում տալու համար, միջոց-ներու մէջ խտրութիւն դնել չէր գիտեր։ Վարդապետութեան առաջին ամիսներուն մէջ իր քանի մը պոռոտախօս քա-րոզներուն շնորհիւ աժան ժողովրդականութիւն մը վաստկեցաւ, մանաւանդՏրապիզոնի մէջ խօսած մէկ յանդուգն բանախօսութենէն ետքը, որ ինքզինքըյանձնարարեց իբր կարմիր յեղափոխական մը։ Ալ մոռցւեցաւ իր նախկին կեանքը, լի անբարոյական արարքներով, եւ յեղա-փոխական խմբեր միամտաբար հաւատ ընծայելով անոր այդ սնամէջ բառերուն,խելամուտ ըրին այդ ողորմելին իրենց վարչական գաղտնիքներուն։ Վրայ հասաւ 1890 թ. յուլիս 15-ը, գործի եւ փորձի թւական մը, որ մաղեց ուզտեց այդ գործիչներուն խումբը, բուն յեղափոխականները անջատելով միայնայդ անունը շահագործողներէն։ Վախկոտներն ու գձուձները իրենց դիմակներըդրին Նազըմին ոտքը, անոր խորագէտ վեհանձնութեան դիմում ընելով, իրենցողորմելի կեանքին քանի մը անփառունակ տարիներ ալ աւելցնելու եւ մէկ-երկուոսկի մուրալու համար գետնաքարշ։ Մամբրէ իր վրայ եղած կասկածները ցրելու նպատակով Բագրեւանդ գնաց,իր վանքը. բայց հոն հանգիստ չտւին իրեն. իր նախկին քարոզները մոռցւած չէինեւ ոստիկանութիւնն աւելի հիմնաւոր սկսաւ համարել իր կասկածները Մամբրէիվրայ։ Քիչ օր ետքը Մամբրէն հարկադրւեցաւ Պոլիս վերադառնալ։ Ձերբակալութիւններու թւականը բացւած էր. ոստիկանութիւնն անխոնջխուզարկութիւններ կը կատարէր յուլիս 15-ի հեղինակները գտնելու համար։ Իսկմիւս կողմէն պատրիարքարանն անկարող էր ոչ միայն իր կրօնակիցներըպաշտպանելու, այլ նոյն իսկ կրօնաւորները։ Նազըմ Աշըգեանէն հզօր էր։ Մամբրէն առաջին կողմը հակեցաւ. պատրւակ մը պէտք էր. ադ ալ գտաւ.խմբագրեց ազդարարագիր մը, իբր Հնչակեան մասնաժողովին կողմէն իրենուղղւած, որով մահ կըսպառնային իրեն, եթէ շարունակէր իր դաւադրութիւն-ները անոնց` Հնչակեաններու դէմ։ 1890 սեպտեմբեր 9-ին երեկունը դաւաճանը այդ նամակով կը ներկայանարոստիկանութեան նախարարին` Նազըմ պէյին եւ անոր օգնութիւնը հայցելով,փոխարէն ամէն աջակցութիւն կը խոստանար իր կողմէն կառավարութեան 43

թշնամիները որսալու գործին մէջ։ Նազըմ պէյի ուրախութեան չափ չկար. նոյն գիշեր իր տունն հիւրընկալելով,ամեն մեծարանքներ ըրաւ անոր, եւ հետեւեալ առտուն առաջնորդել տւաւ զինքըոստիկանութեան դուռը հարցաքննիչ դատաւորին առջեւ բացատրելու իր գիտ-ցածը։ Այդ առաջին հարցաքննութեան մէջ Մամբրէ շատ բան բացատրեց, շատանուններ տւաւ, բաց ըրաւ աւելի մեծ բան մը. խոստացաւ ցանկ մը պատրաստելիր կասկածելի համարած անձերուն, վաւերական թղթերու վկայութեամբ հաս-տատուած։ Եւ Մամբրէն այնչափ խղճմտութեամբ կատարած է իր այդ խոստումը,որ հարցաքննիչ դատաւորին առջեւ իբր յանցապարտ մը ներկայանալու երկրորդհարկի մը մէջ չէ գտնւեր, բան մը, որով կապացուցւի միայն մէկ հարցաքննու-թեան մը գոյութիւնը ոստիկանութեան պաշտօնատան մէջ։ Մամբրէ այնուհետեւգործեր է իբր գաղտնի ոստիկանութեան անկախ պաշտօնեայ, անմիջաբարՆազըմ պէյի հետ յարաբերութիւն հաստատելով։ Այդ առաջին հարցաքննութենէն ետքը Մամբրէ 100 օսմ. ոսկի ստացաւ իբրքաջալերութիւն։ Անկէ ետքն է, որ Մամբրէ Մուրատին անունով ֆրանսիական փոստանստացւած նամակները տարաւ յանձնեց ոստիկանութեան, այդ նամակներըյականէ անւանէ կը նշանակէին քանի մը անձեր եւ կը յիշատակէին նոյնպիսիիրողութիւններ, որոնք նպաստեցին պարզելու յեղափոխական կազմակերպու-թեան մասին թուրք ոստիկանութեան քանի մը ենթադրութիւնները։ Հարցաքննութեան մէջ յիշատակած ցանկը Մամբրէ հետզհետէ լրացուց, եւմատնեց ով որ կրցաւ։ Իր դերը չլմնցաւ ադով. անգամ մը գայթելէն ետքը ա՛լչփորձեց ոտքի ելլալու։ Մոռցաւ ամեն բան, ինչ որ սուրբ էր, իր եկեղեցին ոստի-կանութեան դուռն էր հիմա. իրեն պաշտօնն համարեց ոչ միայն քիչ շատ աչքիզարնող անձեր իբր կասկածելի երեւցնել, այլ եւ խեղճ ու անտէր մարդիկ շահա-գործել բանտ նետելու սպառնալիքով կամ բանտէն ազատելու խոստումով։ Իր շահատակութեան ասպարէզն եղած էր Իւսկիւտար արուարձանը, ուրամէնքն ալ կը դողային այդ լիրբ ու անխիղճ վարդապետէն, որ անգամ մը եկեղե-ցական կոչումէն զրկւած, ալ ազատ կը կարծէր ինքզինքն իր կրքերուն անձնա-տուր ըլլալու, անպատիժ մնալու յուսով։ Մամբրէն արեան ծարաւ դաւաճանի մարմնացումն էր, որ իր նեխած սիրտըկը պտտցնէր ամէն տեղ, ոստիկաններու եւ լրտեսներու ընկերակցութեամբ։ Ժողովուրդը վաղուց արդէն իր վճիռը տւած էր։ Ուստի, Ի նկատ առնելով, որ Մամբրէն դաւաճանած է իր յեղափոխական ուխտին, Ի նկատ առնելով, որ իր կուսակցութեան վերաբերեալ գաղտնի նամակներոստիկանութեան յանձնած է եւ իր ընկերները մատնած է,44

Ի նկատ առնելով, որ Մամբրէն իր անօրինակելի արարքը վայրկենականվախի մը ազդեցութեան ներքեւ կատարած չըլլալէն չափ, գործօն մատնիչ մըեղած է հինգ տարիէ ի վեր, տասնեակ ընտանիքներու անկման եւ հարիւրաւորանմեղներու դժբախտութեան պատճառ ըլլալով, Ի նկատ առնելով, որ Մամբրէն իր լիրբ, ամբարտաւան ու անբարոյականվարմունքով գայթակղութիւն եղած է ժողովրդին մէջ, անոր ամենէն նւիրականզգացմունքները վիրաւորելով, Կեդրոնական կօմիտէն յունիս 10-ի իր 67-րդ նստին մէջ Միաձայն մահւան դատապարտեց դաւաճան Մամբրէ կարգալոյծ վարդա-պետ Պէնլեանը, Վճռին գործադրութիւնն յանձնելով Ռումբ կօմիտէի Ա. խմբի ահաբեկիչ-ներուն. եւ միանգամայն վճռեց սոյն Տեղեկագրին հետ հրատարակութեան տալնաեւ պատճէնները անոր առաջին հարցաքննութեան, եւ հնչակականներունանունով խմբագրած ազդարարագրին։ * ** Վճռին գործադրութիւնը չուշացաւ. յուլիս 22-ին [հ.տ.], շաբաթ գիշեր, Իւսկիւ-տար Պէյլերի պարտէզը տաճկերէն ներկայացում կար. ամեն ազգէ հոն բազմու-թիւն մը ներկայ էր. հոն էր նաեւ Մամբրէ, երկու ծպտեալ լրտեսներու հետ։ Ժամը2-ին ներկայացումը վերջացած էր եւ ամբոխը սկսած էր ցրւել խումբ խումբ։Դուրս ելաւ եւ Մամբրէն իր ընկերներու հետ, դժգոհ թերեւս, որ այդ գիշեր որս մըչկրցաւ գտնել. նախորդ ներկայացումի մը միջոցին անծանօթ ձայներ սուլած էինՀամիդիէ քայլերգը. Մամբրէ կը յուսար այս անգամ անձամբ հսկել եւ գտնելսուլողները։ Սակայն հազիւ քանի մը քայլ ըրած էր դէպի պարտէզին դուռը, երբերկու ահաբեկիչները կը տնկւին իր առջեւ եւ մէկը կարձակէ իր ռեվօլվերը։Դաւաճան սոսկալի մռնչիւնով մը գետին տապալեցաւ. գնդակը խորտակած էրողնայարը, ծակած երիկամունքը եւ կողաշարին մէջ մխւած էր։ Ռեվօլվերի ձայնը եւ դաւաճանին գետին թաւալելն աննկարագրելի իրարան-ցում եւ վախ պատճառեց. ժողովուրդը փախչող փախչողի էր. ոստիկաններն ուզինւորները մէկ ակնթարթի մէջ անյայտ եղան։ Անցին ահաբեկիչները, կընթանային անվրդով, երբ լրտես մը պատահմամբդէմերնին կելլայ. ահաբեկիչը գնդակ մըն ալ անոր կը խրկէ. թուրքը գետին կիյ-նայ։՞ Մամբրէ մնաց իր ընկած տեղը, մինչեւ որ ոստիկանները սիրտ առնելով,վերջապէս վերադարձան, երբ ապահով եղան, որ ա՛լ ահաբեկիչները հեռացածէին, եւ շալկելով տարին իր տուն։ Դաւաճանը չորս օր հազիւ կրցաւ ապրել եւ չարաչար տանջւելէ ետքը, յուլիս26-ին, չորեքշաբթի սատկեցաւ, խոր սուգի մէջ ձգելով Նազըմ փաշան։ 45

Մամբրէի մահը մեծ յուզում առաջ բերաւ ամեն շրջանակներուն մէջ։ Ոստիկանութիւն մեծամեծ ճիգեր կընէ հեղինակները որոնելու, ուստի բազ-մաթիւ ձերբակալութիւններ կատարեց ապարդիւն. ցարդ ձերբակալւած են մօտ150 հոգի, բոլորը անմեղ մարդիկ։ Կըսւի թէ բանտարկեալներուն սոսկալի`չլսւած, աներեւակայելի տանջանքներ կուտան գաղտնիքներ կորզելու համար։Իսկ ահաբեկիչներն ապահով ու ազատ են շնորհիւ սուլթանին, որոնք կըսւի թէաներեւոյթ ոգիներու փոխւած են...Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Սեպտեմբեր 1895, թիւ12, էջ 6-7 ------17.ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ՈՒՂՈՒՐԼԵԱՆ (սպանութիւն)21 Օգոստոս 1895, Կ. ՊոլիսՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննողներ` Հնչակեան տէռօրիստներԿազմակերպող` Պոլսոյ Հնչակեան Վարիչ Մարմին ՅԱՅՏՆԻ ՄԱՏՆԻՉՆԵՐԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԿ. Պօլսից 10 օգոստոսից [հ. տ.] մեզ հաղորդում են հետեւեալը. Այստեղ երէկ չորեքշաբթի, երեկոյեան ժամը մէկ ու կէսին ը. թ. Կէտիկ Փա-շայի մէջ սպաննուեցաւ յայտնի մատնիչ եւ նշանաւոր սրիկայ Եօզդատցի Համ-բարձում Ուղուրլեանը։ Փորձը կատարուեցաւ տեղւոյս Հնչ. Վ. Մ.-ի որոշմանհամաձայն եւ յատուկ կարգադրութեամբ Հնչակեան տէռօրիստներու ձեռքով եւյաջողութեամբ ի գլուխ տարուեցաւ։ Տէռօրիստը, վատի դրան առջեւ կայնածպահուն, անոր մօր եւ ուրիշներու ներկայութեան, դաշոյնով կը յարձակի եւառջեւէն ծննդական գործարաններէն մխելով սոսկալի կերպով կը ծակէ ու կըդարձնէ, ապա դուրս քաշելով դաշոյնը ամենայն պաղարիւնութեամբ թաշկինա-կով կը սրբէ եւ` հակառակ կանչուըռտուքներուն` ճանբան կը շարունակէ։ Մատ-նիչի մահն անմիջական կըլլայ։ Տէռօրիստը փողոցը դառնալու պահուն կըհանդիպի ոստիկաններու, որոնք կը պոռան, որ կենայ. քաջասիրտ երիտասարդըկը պատասխանէ «տեղերնէդ չը շարժիք»։ Վարձկանները սարսափած հետեւեա-լը կըսեն, որ շատ հետաքրքրական է. «անցիր, զաւակս, անցիր», եւ կը թողուն որիր ճանբան շարունակէ։ Տէռօրիստն ազատ է։ Ահա այսպէս վերջ գտաւ կեանքըայդ նշանաւոր մատնիչին, որու շնորհով անմահ Ժիրայր Պօյաճեանը զոհ գնացեւ Եօզղատի մի քանի հարիւր հայերը ամիսներով եւ տարիներով տառապեցան46

եւ դեռ կը տառապին տաճկական բանտերու մէջ։Հնչակ, Կենտրօնական Օրգան Հնչակեան Կուսակցութեան, Օգոստոս 1895, ութե-րորդ տարի, թիւ 12 եւ 13, էջ 108 ------18.ՅԱԿՈԲ ԱՐԱՊԵԱՆ (մահափորձ)Օգոստոս 1895, ՍամսոնՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննող` Հնչակեան տէռօրիստԿազմակերպող` Հնչակեան Կուսակցութիւն ՅԱՅՏՆԻ ՄԱՏՆԻՉՆԵՐԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՍամսօնից, 12 օգոստոսից [հ.տ.], մեզ հաղորդում են հետեւեալը.- Ներկայիւս կուգանք հաղորդել Հնչ. Տէռօրական գործողութիւն, որ տեղի ունե-ցաւ յայտնի մատնիչ Արապեան Յակոբի վրայ, որը դեռ մեռած չէ։ Վէրքը դաշոյնիծանր հարուած մ’է ազդրի վերի մասէն դէպի մէջքի պարապ անոսկր տեղը։Դաշոյնն այնպէս ուժգին մխուած եւ դարձուած է, որ հաստ ոսկրը ծակած եւվտանգալից եղած է։ Մատնիչը զարնուած վայրկեանին 5 րոպէի չափ անխօսմնացած է սարսափէն եւ մի քանի անգամ ոտքի վրայ ելած ու գլորուած. յետոյերբ լեզուն բացուած է սկսած է պոռալ «զիս զարնողը հայ է, հայկական խնդրոյնհամար զիս զարկին»։ Բժիշկներու վկայելով` վէրքը շատ ծանր է։ Տէռօրիստըազատ է։Հնչակ, Կենտրօնական Օրգան Հնչակեան Կուսակցութեան, Օգոստոս 1895,ութերորդ տարի, թիւ 12 եւ 13, էջ 108-109 ------19.ՍԵՆԵՔԵՐԻՄ ՈՒՂՈՒՐԼԵԱՆ (սպանութիւն)28 Օգոստոս 1895, Կ. ՊոլիսՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննողներ` Հնչակեան երկու տէռօրիստներ, որոնցմէ մէկն է էրզրումցիԳարեգինԿազմակերպող` Հնչակեան Կուսակցութիւն 47

ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁԿ. Պօլսից, 16 օգոստոսից [հ. տ.], մեզ հաղորդում են հետեւեալը.- «Արձակված վըճռի համաձայն` Հնչակեան երկու տէռօրիստներու ձեռքովայսօր մահացու կերպով վիրաւորուեցաւ յայտնի մատնիչ Սենեքերիմ Ուղուրլ-եան, եղբայր միւս նշանաւոր մատնիչ Համբարձում Ուղուրլեանի, որ` ինչպէսհաղորդած ենք իր ժամանակին` սպանուեցաւ ամսոյս 9-ին։ Տէռօրիստներէ մէկնաջողեցաւ անհետանալ, իսկ միւսը` էրզրումցի Գարեգին` հալածուելով ոստի-կաններու կողմէ ատոնց վրայ կրակ պարպեց եւ վիրաւորեց մէկը, բայց տեսնելովոր չը պիտի յաջողի ազատիլ` փորձեց թոյն ընդունել, սակայն բռնուեցաւ եւարգելք դրին թունաւորման։» Հեռագրից տեղեկանում ենք, յեղափոխութեան անձնուրաց զինւոր Գարեգի-նին ոստիկանութիւնը ենթարկել է աննկարագրելի տանջանքների` իր հնչակ-եան կապերի մասին գաղտնիքներ իմանալու համար։ Գարեգինը հերոսաբարտարել է ամենասոսկալի տանջանք, որոնց տակ էլ մեռաւ ամսիս 21-ին։ Մի նո՜րնահատակ ազատութեան համար եւ արեան մի նո՜ր ամօթալի բիծ սուլթանականճակատին։Հնչակ, Կենտրօնական Օրգան Հնչակեան Կուսակցութեան, 25 Սեպտեմբեր 1895,ութերորդ տարի, թիւ 15, էջ 122 ------20.ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՂԱ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ (սպանութիւն)28 Սեպտեմբեր 1895, ՎանՀանգամանք` ԴաւաճանՍպաննողներ` Հ. Յ. Դաշնակցական ահաբեկիչներԿազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Վանի Կեդրոնական Կօմիտէ ՏԷՐՐՕՐԻՍՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԴԱՒԱՃԱՆ ԵՒ ՄԱՏՆԻՉ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՂԱ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻ ՍՊԱՆՈՒՄԸՎԱՆ Սեպտեմբեր 28-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին (ը. եւր.) Հ. Յ. Դաշնակցականահաբեկիչները, Վանի Կեդրոնական Կօմիտէի որոշմամբ, սպանեցին Վանայ մէջնշանաւոր դաւաճան ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՂԱ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻՆ Քեանդրչի Կարա-48


Like this book? You can publish your book online for free in a few minutes!
Create your own flipbook