‒ Քածի՜ն զաւակը, գոչեց , սատկէ՛։ Տղան որոգայթը ինկած թռչնիկի մը պէս կը թփրտար հրէշ հօրը թեւերուն մէջ, բայց ան կը սեղմէր զայն, զմելին սպառնալից ցցած գլխուն վրայ1։ Լէյլա հետզհետէ կերպարանափոխ կ’ըլլար. դէմքը ահռելիօրէն կը դեղնէր, աչքերը կը փոսանային եւ լայն սեւ ծիր մը կը պատէր անոնց շուրջը։ Ահա յեղակարծօրէն ուժգին սարսուռ մը երկա՜ր ցնցեց անոր պզտիկ մարմնի- կը, աչքերը դարձան իրենց ակնապիճներուն մէջ, սոսկումի ահարկու արտայայ- տութեամբ մը խոշոր բացուած՝ սեւեռած մնացին իր դահճին կարմիր աչքերուն վրայ, եւ անշարժ ու սառած մնաց գազանին թեւերուն մէջ։ Թշուառ տղան մեռե՜ր էր...։ *** Այս պահուն Ֆաթիմէ կուգար իր զաւկին այցելութեան. փախուստի ամեն պատրաստութիւն տեսեր էր յաջողութեամբ, եւ ուրախ կը քալէր ճամբան, յուսա- լով որ պարագաները կ’օգնեն իրեն, եւ կրնայ նոյն օրը թերեւս առնուլ տանիլ Լէյլան։ Անուշ անուշ երազելով մօտեցաւ տանը։ Դուռը բաց էր։ Անսովոր իրարանցում մը կը տիրէր սակայն ներսը2։ Ֆաթիմէի սիրտը յեղակարծօրէն սեղմուեցաւ, սոսկալի նախազգացում մը սարսռացուց իր ամբողջ մարմինը։ Երագեց քայլերը, մտաւ ներս, գրեթէ վազեց անցաւ մեծ բակը. տեսաւ սեղանատան մէջ խռնուած ահագին բազմութիւն. բրտօրէն ճեղքեց այդ ամբոխը, եւ անցաւ առաջ։ Սարսափելի տեսարանը իր բոլոր արհաւիրքներով մէկ անգամէն պարզուե- ցաւ տարաբաղդ կնոջ աչքերուն առջեւ։ Սոսկումի աղաղակ մը արձակեց, եւ գլուխը սեղմած երկու ձեռքերուն մէջ։ ‒ Լէյլա՜... պօռաց, Լէյլա՜զաւա՛կս...։ Տղան անշարժ, յաւիտենապէս լուռ իր բաց աչքերովը կը նայէր իրեն...։ Տարաբաղդ կինը մոլորուն նայուածք մը պտտցուց իր շուրջը։ ‒ Քնացա՜ծ ըլլալու է... մրմնջեց տարօրինակ ժպիտով մը։ Ու սեղմելով դիակը իր թեւերուն մէջ, սկսաւ օրրել իր կուրծքին վրայ, երգելով մին այն արեւելական տխուր մեղեդիներէն, որով սովոր էր քնացնելու տղան։ Խոր լռութեան մէջ ամենքն ալ կ’արտասուէին։ Այս միջոցին որդեսպանը մօտեցաւ կնոջը։ ‒ Մօլլաները եկան, մրմնջեց անոր ականջին, հիմա պիտի տանին թաղելու, տո՛ւր ինծի տղան...։ 1. «կը սեղմէր զայն, բռունցքը բարձրացուցած գլխուն վրայ։», Դէպի վեր, էջ 211։ 2. «կը տիրէր ներսը։», Դէպի վեր, էջ 212։ 149
‒ Ի՜նչ... պօռաց հէք մայրը, զաւակս թաղելո՛ւ պիտի տանի՜ն... հա՜... հա՜... հա՜... ի՞նչ կ’ըսէ այս մարդը. հա՜... հա՜... հա՜...։ Եւ այս այլանդակ քրքիջը կրկնուեցաւ այնպիսի՜ ահռելի արձագանգներով, որ ներկաներուն վրայ պաղ դող մը իջաւ։ ‒ Խենդեցա՜ւ... պօռացին ամենքը մէկ բերան, խենդեցա՜ւ... օ՜հ... թշուա՜ռ կին։ Իսկ նէ1 աւելի՜ պինդ գրկած դիակը, աչքերը առանց արտայայտութեան նայուածքի մը մէջ կորսուած կը շարունակէր օրրել զայն երգելով իր մեղեդին, եւ մերթ սուր քրքիչներով ընդմիջելով զայն։ Այն ատեն դահիճը փորձեց բանալ ներա2 թեւերը, եւ առնուլ գրկէն դիակը։ Տարաբաղդ կնոջ աչքերը զարհուրելի կերպով խոշորցան, դէմքը աննկարագրելի վայրագութիւն մը հագաւ, եւ թողլով տղան իր գրկէն յափշտակեց մօտակայ սեղանին վրայ դրուած պղնձէ հսկայ աշտանակը, եւ իր բոլոր ուժովը կատաղօ- րէն իջեցուց անոր գլխին։ Որդեսպանը տապալեցաւ գետին զաւկին դիակին քով. հարուածը շեշտակի քունքին դիպեր, եւ մահը վայրկենական էր եղեր։ Այն ատեն թշուառ կինը ծռեցաւ, նայեցաւ երկա՜ր այդ երկու դիակներուն, եւ նորէն թնդաց իր քրքիջը, սոսկալի՜, չարագո՜յժ քրքիջը, «հա՜... հա՜... հա՜...»։ Արտէմիս, Յուլիս-Օգոստոս 1902, Ա. տարի, թիւ 7-8, էջ 239-250։ Վերատպուած՝ Մառի Պէյլէրեան, Դէպի վեր, Իզմիր, Տպագր. Մամուրեան, 1914, էջ 194-213։ 1. «ան», Դէպի վեր, էջ 212։ 2. «անոր», Դէպի վեր, էջ 212։ 150
ԶԻՒՊԷՅՏԱ (Արաբական կեանքէ) ՄԱՌԻ Արշալոյսը նոր կը ծագէր, խաւարին ստուերները հետզհետէ իրարու ետեւէ կը փախչէին, կը չքանային հեռուն լեռներուն ետին եւ անապատին վրայ ցիր ու ցան սփռուած ճերմակ վրանները կը դողդղային առաւօտեան մեղմ հովուն հպումէն։ Այդ պահուն ահա, ուժեղ ձայն մը դաշնակաւոր ոլորումներով կը բարձրա- նար փլփլկած մինարէթի մը գագաթէն, «Ալլա՜հ... Ալլա՜հ...»։ Եւ հաւատացեալները քնաթաթախ աչքերով մէկիկ մէկիկ կ’երեւնային իրենց վրաններուն առջեւ, փաթթուած ճերմակ պուրնուզներնուն մէջ. ու երեսի վրայ ինկած՝ երերալով աջէն ձախ, ետեւէն առաջ այլանդակ շարժումներով ու գլխու խորհրդաւոր ճօճումներով կը մռլտային. «Ալլա՜հ... Ալլա՜հ...»։ Փառաբանութեան երգին վերջին նօթերը դեռ առկախ օդին մէջ՝ ‒ Զիւպէյտա՜... հնչեց յանկարծ բարձր ու իշխող ձայն մը։ Կրօնային յափշտակութեամբ վերացած այդ մարդիկը սարսռացին... ամենքը միահաղոյն ոտքի ելան, եւ գլուխնին դարձնելով դէպի մօտակայ վրանը, որը միւսներէն կը զանազանուէր իր մեծութեամբն ու ճոխութեամբը, երկիւղած պատ- կառանքով լռիկ խոնարհեցան մինչեւ գետին ձեռքերնին կուրծքերնուն վրայ դրած։ Բարձրահասակ ծերունի մը կեցեր էր հոն, վրանին առջեւ։ Իր խրոխտ ու ազնուական կերպարանքը, կեցուածքին վեհութիւնը արդէն որոշակի ցոյց կուտար թէ՝ նա ամբոխին պատկանող հասարակ մարդ մը չէր։ Նա՝ Խուաններու ցեղապետ՝ Մալտար իշխանն էր, որուն առջեւ Ալլահէն ետքը կը խոնարհէր հիմա իր ամբողջ ցեղը...։ ‒ Զիւպէյտա՜... կրկնեց իշխանը։ Դեռատի արաբուհի մը դուրս ցատկեց վրանէն եւ վազելով ծերունիին մօտ իր փայլուն աչքերը բարձրացուց անոր վրայ։ ‒ Հրամայէ՛ Տէր... ‒ Եկո՛ւր սիրելի՜ կին, ըսաւ իշխանը քաղցրութեամբ, թռչուններու դայլայլնե- րէն շա՜տ աւելի անուշ է ինծի լսել քու ձայնիդ դայլայլը։ Եւ ցեղապետը նստաւ ծալապատիկ թանկագին գորգին վրայ, զոր սեւ ստրուկ մը արտօրնօք փռեր էր ոտքերուն տակ։ Զիւպէյտա ինկաւ անոր ծունկերուն եւ իր երկու աղւոր ողորկ թեւերը անցուց տիրոջը վզին շուրջը։ Իշխանը երկար ու խորունկ հառաչ մը արձակեց եւ յեղակարծօրէն մթնցաւ 151
իր պարզ ու պայծառ ճակատը։ Զիւպէյտա գլուխը բարձրացուց ու երկչոտ նայուածքով մը դիտեց զայն։ ‒ Իմ տէրս տխուր ու մտածկոտ է այս օր, մրմնջեց։ Ծերունին մատները անցուց անոր խիտ խոպոպներուն մէջ։ ‒ Լսէ՛ ինձ տղա՜յ, յարեց մեղմիւ. իրա՛ւ է, ժամանակէ մը ի վեր մահու չափ տխուր կը զգամ հոգիս... դժբաղդութեան մը նախազգացումը ունիմ, եւ չգիտեմ ինչո՛ւ ամեն վայրկեան միտքս կը չարչարէ այն ահաւոր գուշակութիւնը զոր մարգարէին շատ սիրելի շէյխ Ապուլ Ահմէտը ըրաւ ինծի Սուրբ քաղաքէն մեկնե- լիք օրս։ ‒ Իմ տէրս աւելի՛ սիրելի է Ալլահին ու իր մարգարէին քան բոլոր աշխարհի շէյխերը, ընդմիջեց արաբուհին, վասնզի ոչ ոք իմ տիրոջմէս աւելի՛ բարի, գթած ու ողորմած է։ ‒ Լսէ՛, սիրելի կին, շարունակեց ցեղապետը. մարգարէն Ապուլ Ահմէտին տուեր էր աստղերու մեծ գիտութիւնը. ուշ գիշեր էր, նստեր էի վրանին առջեւ, Ապուլ Ահմէտ քովս էր. նա խորունկ ուշադրութեամբ կը դիտէր երկինքը, յափշտակուած էր զննութիւնով։ Յանկարծ ուժով բռնեց թեւէս... «Ո՜վ Խուաններու իշխան, ըսաւ այնպիսի ձայնով մը որ դողացի. լսէ՜ թէ ի՞նչ կը խօսի երկինքի մեծ գիրքը քեզի համար։ ‒ Դուն որ իշխեցիր ու կ’իշխես ցեղերու եւ ժողովուրդներու ճակատագրին վրայ, կեանքիդ վերջին օրերուն մէջ տկար կին մը պիտի իշխէ քու ճակատագրիդ ու դուն պիտի ընկճուիս ու լաս տղու մը պէս, վասնզի կեղծիքի ու ստութեան օձը պիտի մտնէ անոր սրտին մէջ ու ան պիտի խաբէ իր տէրն ու ամուսինը։ Զիւպէյտա դողաց։ ‒ Այս գուշակութիւնը մասամբ կատարուած է այսօր, սիրելի՛ կին, շարունակեց ծերունին, քանի որ Մալտար իշխանը, Խուաններու հզօր ցեղապե- տը, քու հօրդ մեծն Ապտէլ Քէրէմի յաղթողը կնոջ մը գերին է այսօր, քու գերիդ, տղա՜յ...։ ‒ Տէ՜ր, Տէ՜ր... այդպէս մի խօսիր, մրմնջեց աղջիկը, եւ յանկարծ բռնելով իշխանին մէկ ոտքը, դրաւ իր վզին վրայ, համբուրեց զայն։ ‒ Զիւպէյտա՜ն է քու գերիդ, ըսաւ աղապատանքով լեցուն ձայնով մը1։ ‒ Կը վախնամ յարեց Մալտար, այնքա՜ն ցած ձայնով որ Զիւպէյտա հազիւ լսեց... կը վախնա՜մ այս սոսկալի գուշակութիւնը ամբողջովին կատարուած տես- նելէ։ Արաբուհին գլուխը վեր առաւ, եւ սիրով ու երախտագիտութեամբ լեցուն այնպիսի նայուածք մը նետեց անոր, որ Մալտարի մռայլ դէմքը զուարթացաւ իսկոյն։ ‒ Կը սիրե՞ս զիս, Զիւպէյտա, հարցուց խանդաղատանքով։ 1. «ըսաւ խանդաղատանօք։», Դէպի վեր, էջ 55։ 152
‒ Ինչպէս մարդ կը սիրէ Աստուած։ Եւ այս ձայնը խորապէս անկեղծ թուեցաւ իշխանին։ ‒ Զիւպէյտա՛ կրկնեց դարձեալ, ինչպէ՞ս պէտք է պատժուի անհաւատարիմ ու կեղծ կինը։ Արաբուհին գլուխը ծռեց. ‒ Պէտք է որ մեռնի, պատասխանեց թեթեւակի դողդոջուն ձայնով մը։ ‒ Ապրի՛ս, գոչեց Մալտար, որուն ճակտին վրայէն կասկածի վերջին ստուեր- ները անհետացան, ապրի՛ս սիրելի կին, եւ երկարօրէն համբուրեց անոր ճա- կատը։ *** Ու մօտեցաւ Սէլիմ, իշխանին անդրանիկ որդին. նա՝ իր հօրը ճշգրիտ պատ- կերն էր. նոյն ուղիղ ու բարձր հասակը, նոյն խրոխտ ու վեհ կերպարանքը, նոյն խորունկ եւ աղւո՜ր նայուածքը։ Խոնարհութեամբ գլուխ տուաւ իր հօրը1, երկու ձեռքերը միացուցած կուրծքին վրայ, եւ ատելութեամբ բոցավառ նայուածք մը նետելով Զիւպէյտային՝ եկաւ նստաւ իշխանին մօտ ծունկի վրայ։ Ցեղապետին զուարթ ճակատը ամպոտեցաւ, ակներեւ դժգոհութիւնով մը նայեցաւ իր որդւոյն. եւ սակայն կը պաշտէր այդ որդին, որը իր փառքն ու պար- ծանքն էր։ Այս վերջին տարիներուն մէջ շատ չար ու բարի էր տեսեր, շատ կռիւներ էր մղեր, շա՜տ վտանգներու էր դիմագրաւեր, բայց իր իւրաքանչիւր հսկայ յաղթանակը կը պարտէր այդ որդւոյն, այդ յանդուգն մարտիկին, որը ինչքան քաջ՝ նոյնքան խորագէտ, կրնար է՛ն վճռական րոպէներուն մէկ անգամէն խանգարել թշնամւոյն ռազմական ծրագիրները, մէկ ճարպիկ հարուածով խոր- տակել անոր ուժը եւ փրկել իրենները։ Արդեօք քանի՜ քանի անգամներ պահապան հրեշտակի մը պէս հասնելով, յափշտակեր էր եաթաղանը որը սպառնալից կը բարձրանար հօրը գլխին վերեւ եւ մխեր էր թշնամւոյն սրտին...։ Ժողովուրդը կը գուրգուրար անոր վրայ, նկատելով զայն իբրեւ Ալլահէն ընտրուած առաջնորդ աստղ մը, որը ապահովաբար պիտի տանէր զինքը դէպի փառքի ու յաղթանակներու գագաթնակէտը։ Յորմէ հետէ Սէլիմ տեսեր էր իր հօրը բուռն ու կոյր տարփանքը Զիւպէյտային համար, գերուհի մը՝ որ եկեր էր իրմէ գողնալու հօրը բացարձակ սէրը ու մօրմէն ամուսնական գորովը, տեսակ մը դժգոհանք զգացեր էր նախ, եւ այդ դժգոհանքը տակաւ առ տակաւ փոխուեր էր մահացու ատելութեան այն օրէն՝ երբ գերուհին 1. «Խոնարհութեամբ ծռեցաւ իր հօրը առջեւ,», Դէպի վեր, էջ 56։ 153
հզօր՝ իր անդիմադրելի հրապոյրներուն գիտակցութեամբն ու իշխանին վրայ իր ունեցած խորունկ ազդեցութեամբը, սկսեր էր արհամարհոտ ու անպատկառ վարմունք մը ցոյց տալ դէպի իր մայրն ու դէպի ինքը։ Երդում ըրեր էր սոսկալի պատիժով մը քաւել տալ անոր իր մօրը թափած ծով արցունքը, իր կրած բոլոր նուաստացումները եւ վերստին ծնունդ տալ իրենց ընտանեկան երբեմնի այն- քա՜ն անուշ կեանքին։ Վերին աստիճանի հպարտ՝ Սէլիմ գանգատի ոչ իսկ բառ մը արտասանած էր հօրը առջեւ, որը այդ կնոջ աչքերովը կը տեսնէր ու անոր ականջներովը կը լսէր. եւ յայտնապէս աչք կը գոցէր անոր բոլոր լրբութիւննե- րուն, բայց այդ լռութիւնը շա՜տ աւելի պերճախօս էր իշխանին համար, ուր կը տեսնէր յանդիմանութիւններու է՛ն դառնը։ Երջանիկ կը զգար ինքզինքը, իրա՛ւ, այդ աղջկան թեւերուն մէջ, բայց այդ երջանկութիւնը խառնուած էր զինքը չարաչար անհանգիստ ընող տեսակ մը խռովքով, երկի՞ւղ թէ խղճի խայթ, չէր կրնար բացատրել։ Սէլիմի անհաշտ ատելութիւնը Զիւպէյտային դէմ, ոչ եւս գաղտնիք մըն էր իրեն համար, արդէն երիտասարդը չէր ծածկեր զայն. իր նայուածքը, իր կեցուած- քը, իր շարժուձեւերը պէտք եղածէն աւելի բացորոշ ցոյց կուտային ատիկայ։ Ահա թէ ինչո՛ւ իշխանը կ’այլայլէր, ամեն անգամ երբ Զիւպէյտայի հետ եղած պահուն Սէլիմ կը մօտենար իրեն։ Ծանր ու նեղացուցիչ լռութիւն մը տիրեց այս երեք անձերուն մէջ։ Նախ իշխանը խզեց լռութիւնը։ ‒ Զիւպէյտա՛, ըսաւ, հրամայէ՛ որ սուրճ բերեն մեզի։ Դեռատի կինը ցատկեց ոտքի, կատուի մը շարժումներով, եւ թեթեւ ու ճկուն, ոստոստելով մտաւ վրանը։ Հայր ու որդի առանձին մնացին. ‒ Սէլի՞մ... հարցուց հայրը։ ‒ Հրամայէ՛ Տէ՛ր։ ‒ Ուրեմն հաշտութիւնը երբէք պիտի չկնքուի ձեր երկուքին մէջ, ըսաւ ծերունին, առաջին անգամ մտնելով ուղղակի այդ խնդրին մէջ, որը ահագին բեռ մըն էր իր սրտին վրայ. կ’ուզե՞ս ուրեմն հօրդ ծերութիւնը թունաւորել, որդեա՛կ։ Երիտասարդը խոնարհեցաւ, եւ գորովանօք համբուրեց իր հօրը ձեռքերը. ‒ Սէլիմ կը յարգէ իր հօրը ճերմակ մազերը, պատասխանեց քաղցրութեամբ, եւ պատրաստ է իր կեանքը զոհել ապահովելու համար անոր երջանիկ ու անդորր կեանք մը, այնքա՜ն մեղմ, այնքա՜ն անուշ կեանք մը՝ որ չտեսնէ մահուան գալը, եւ յաւիտենական քունովը ննջելու վայրկենին՝ դեռ կարծէ թէ պիտի արթննայ առտուն, ապրելու համար առջի օրուան կեանքը... բայց երբէ՛ք... հա՛յր... երբէք կը ներէ կնոջ մը՝ որ զզուելի կեղծաւորութեամբ սիրոյ խօսքեր շրթունք- ներուն վրայ, ծաղրը ու հեգնութիւնը սրտին մէջ՝ ջանայ գողնալու սիրտ մը՝ որ ա՛լ եւս պէտք էր բաբախէր իր հայրենիքին, ցեղին ու ընտանիքին համար միայն, 154
եւ ծով արցունք թափել տայ սիրական մօրս գիշեր ու ցերեկ. կին մը՝ որ ամեն գիշեր ցած ստրուկի մը թեւերուն մէջ կը խնդայ այդ արցունքներուն վրայ, եւ վայրագօրէն կը հրճուի դիտելով մեր ընտանեկան անուշ կեանքին մէջ իր գործած սարսափելի աւերները. կին մը՝ որ ամեն օր եւ ամեն վայրկեան կը խաբէ իր բարերարը, իր Տէրն ու ամուսինը...։ ‒ Սո՜ւտ կը խօսիս, թշուառակա՜ն, պօռաց Մալտար դիակի մը պէս սառելով, ատելութիւնն ու նախանձը կուրցուցեր են քեզի...։ ‒ Ոչ Տէ՛ր, Սէլիմ երբէք սուտ խօսեր է1 կեանքին մէջ։ Ժամանակէ մը ի վեր իմ գործս ըրի ստուերը դառնալ այդ կնոջ, դիտել, քննել իր ամեն մէկ վարմունքը, ամեն մէկ ընթացքը, ապահով ըլլալու համար թէ՝ գոնէ արժանի՞ էր այն կոյր սիրոյն զոր ի՛մ հայրս նուիրեր էր իրեն. ցորեկները հետեւեցայ իրեն գաղտնապէս, գիշերները չքնացայ ու լրտեսեցի, ինչպէս կը լրտեսէի պատերազմի ատեն մեր թշնամի բանակները, որոնք սակայն նուազ վտանգաւոր էին քան այդ իժը, եւ մարգարէն վկա՜յ... տեսա՜յ զինքը հա՛յր... տեսա՜յ զինքը այդ ստրուկին գիրկը...։ Ցեղապետը երկու ձեռքերովը երեսը ծածկեց։ ‒ Սուտ կ’ըսես, գոչեց յուսահատաբար, ըսէ՛ ինծի թէ սուտ կ’ըսես։ ‒ Այդ կինը կը խաբէ իմ տէրս, կրկնեց երիտասարդը անողոք, եւ ես՝ կրնամ ապացուցանել իրեն. թո՛ղ իմ հայրս առնու ինձմէ այս կեանքը եթէ ըսածներուս մէջ սուտ կամ սխալ կէտ մը տեսնէ, միայն խոհեմութեամբ եւ անվրդով թող սպասէ մինչեւ որ արեւը քուն մտնէ, եւ ինքը արթուն մնայ խորունկ քուն կեղծե- լով, եւ պիտի տեսնէ իր աչքերով...։ Սէլիմ չկրցաւ խօսքը լմնցնել, այս միջոցին մօտեցաւ Զիւպէյտան. անոր կը հետեւէր Ալին, իշխանին անձնական սպասաւորը, որը գերի ինկած էր Զիւպէյ- տային հետ վերջին պատերազմի ատեն։ Արծաթէ խոշոր մատուցարանի մը վրայ սուրճ կը բերէր իր տէրերուն։ Զիւպէյտայի աչքերուն մէջ տարօրինակ բոց մը կ’այրէր։ Երբ սուրճը խմեցին, Ալի ժողվեց գաւաթները մատուցարանին մէջ, եւ դուրս ելնելու պահուն՝ երկա՜ր նայուածք մը նետեց Զիւպէյտային, աննշմարելի կերպիւ բարձրացնելով աջ ձեռքին ցուցամատը։ Սէլիմ որ վայրկեան մ’իսկ աչքէ չէր փախցուցեր անոր ոչ մէկ շարժումը, տեսաւ այդ, եւ շրթունքները բացուեցան լայն ժպտի մը մէջ...։ Ոտքի ելաւ ու խոնարհեցաւ մինչեւ գետին։ ‒ Այս գիշեր, մրմնջեց հօրը ականջին ու մեկնեցաւ։ *** 1. «երբէք սուտ չէ խօսեր», Դէպի վեր, էջ 58։ 155
Ու գիշեր էր, աղւոր լիալուսին մը մեղմօրէն կը լուսաւորէր ընդարձակ, մերկ տարածութիւնը. հոս ու հոն ցանցնուած ճերմակ վրաններուն տակ խոր լռութիւն կը տիրէր. օրուան կեանքէն յոգնած այդ մարդիկը կը քնանային աշխատողներու հանդարտ ու խորունկ քունով։ Յանկարծ ցեղապետին վրանը կամացուկ մը բացուեցաւ. դեռատի կի՜ն մը զգուշութեամբ դուրս հանեց գլուխը... եւ իր անհանգիստ նայուածքը գնաց թափառիլ ճամբուն է՛ն հեռաւոր անկիւնները։ Եւ ահա բուի երկա՜ր ու սուր վայիւն մը խռովեց անապատին հանգիստը։ ‒ Ա՜ն է, մրմնջեց դեռատի կինը, ու աճապարանօք դուրս նետուեցաւ վրանէն։ Քանի մը քայլ անդին, լուսնի շողերուն տակ որոշակի կը գծագրուէր մարդու մը հսկայ սիլուէթը։ Կինը մօտեցաւ։ ‒ Ալի՛, մրմնջեց մեղմիւ։ ‒ Զիւպէյտա՛, կանչեց միւսը։ Եւ երկուքը իրարու գիրկ նետուեցան։ ‒ Եկա՜ր վերջապէս, ըսաւ Ալի, նստեցնելով Զիւպէյտան իր քովը աւազին վրայ, ուրեմն քնացա՞ւ քաւթառը։ ‒ Այո՜... քնացա՜ւ. եթէ գիտնայի՜ր ինչ անհամբերութեամբ կը սպասեմ գի- շերուան, որպէսզի կարենամ սրտիդ վրայ իյնալ։ ‒ Խե՜ղճ Զիւպէյտա։ ‒ Ի՜նչ երջանիկ էինք հոն, մեր ովասիսներուն մէջ, ո՜վ Ալի, կը յիշե՞ս, ինչքա՜ն անուշ էր կեանքը հոն մեզի համար. խե՜ղճ հայրս դեռ կ’ապրէր, ու մենք վարդ յոյսերով կը սպասէինք այն օրուան՝ ուր նիքեահը պիտի նուիրագործէր մեր Սէրը... եւ ահա՛, սեւ օր մը անապատին գազանները յարձակեցան մեր վրայ, սպաննեցին իմ խեղճ հայրս, սպաննեցին, հալածեցին, ցրուեցին մեր ցեղը, եւ մեզ բռնի բերին ձգեցին այս դժոխքը, եթէ գիտնային որ նշանածս էիր, Ալի՛, քեզի ալ անշուշտ սպաննած կ’ըլլային. ու ես՝ չէի ապրեր քու մահուանէդ ետքը։ ‒ Այո՛, բարեբաղդաբար Ապտիւլ Քէրիմի ստրուկը կարծեցին զիս. յուսա՛ Զիւպէյտա՛, դեռ ամէն բան կորսուած չէ. երէկ լուր առի աղա Ապտուլլահէն։ ‒ Հօրեղբօրմէ՜ս...։ ‒ Կ’ըսէ թէ քիչ օրէն ամէն բան պատրաստ կ’ըլլայ, եւ թէ՝ զարհուրելի կերպով պիտի լուծուի Ապտիւլ Քէրիմի վրէժը, արեան հեղեղներ պիտի թրջեն անապա- տին աւազները, Զիւպէյտա՛, եւ դուն քու ձեռքերդ պիտի լուաս հօրդ դահճին արեանը մէջ...։ Վայրենի ցոլք մը վառեցաւ դեռատի կնոջ աչքերուն մէջ։ ‒ Երդում ըրի, մրմնջեց, ես իմ ձեռքերովս մխել դաշոյնը Մալտարի սիրտը, ինծի կ’իյնայ իմ հօրս վրէժը լուծել. ո՜վ հայր իմ, երբէք պիտի չմոռնամ թէ ինչպէ՜ս մեռար դուն...։ 156
Երիտասարդը պուրնուզին տակէն հանեց արծաթէ կոթով կարճ ու կեռ դաշոյն մը, եւ երկնցուց Զիւպէյտային. ‒ Ա՛ռ, ըսաւ, հօրդ դաշոյնն է ասի, հազիւ յաջողեցայ մէջքէն քաշել առնել երբ իր արեանը մէջ կը լողար իմ մօտս, ա՛յս դաշոյնով պէտք է մեռնի իր սպաննիչը...։ Զիւպէյտա համբուրեց դաշոյնը։ ‒ Թո՛ղ Ալլահը ինծի ոյժ եւ քաջութիւն տայ արդարութեան այս մե՛ծ գործին մէջ։ ‒ Վաղ գիշեր կը լմնցնես այդ քաւթառին գործը, եւ կուգաս հոս, ես ամեն բան պատրաստեր եմ, կը փախչինք մեկտեղ մեր ովասիսները. պատերազմը պիտի հրատարակուի մեր փախուստէն ետքը որպէս զի մեզի վտանգ մը չհասնի հոս։ ‒ Ի՜նչ երջանկութիւն... յարեց Զիւպէյտա ցնծուն. տեսնե՜լ մեր հայրենիքը, մեր վրանները... Ու սեղմուելով սիրելւոյն կուրծքին. ‒ Հապա մեր հարսանիքը՜... մրմնջեց։ ‒ Փառաւո՜ր պիտի ըլլայ յաղթանակէն ետքը, պատասխանեց երիտասարդը, համբուրելով անոր աչքերը։ Յանկարծ չորս երկաթեայ ձեռքեր լախտի պէս իջան սիրահար զոյգին վրայ, եւ ձայն մը հանել, կամ շարժում մը ընել կարենալէ առաջ, ակնթարթի մը մէջ կապեցին անոնց ձեռքերն ու ոտքերը, ու ծրարի մը պէս վերցնելով տարին...։ *** Արշալոյսը նոր կը ծագէր, խաւարին ստուերները հետզհետէ իրարու ետեւէ կը փախչէին, կը չքանային հեռուն, լեռներուն ետին, եւ անապատին վրայ սփռուած ճերմակ վրանները կը դողդղային առաւօտեան մեղմ հովուն հպումէն։ Այս պահուն ահա՛, ուժեղ ձայն մը դաշնակաւոր ոլորումներով կը բարձրա- նար փլփլկած մինարէթի մը գագաթէն։ ‒ Ալլա՜հ... Ալլա՜հ... Եւ հաւատացեալները քնաթաթախ աչքերով կ’երեւէին իրենց վրաններուն առջեւ մէկիկ մէկիկ, փաթթուած ճերմակ պուրնուզներուն մէջ, ու երեսի վրայ ինկած՝ երերալով աջէն ձախ, ետեւէն դէպի առաջ այլանդակ շարժումներով ու գլխու խորհրդաւոր ճօճումներով կը կրկնէին միւէզզինին հետ. ‒ Ալլա՜հ... Ալլա՜հ...։ Փառաբանութեան երգին վերջին նօթերը դեռ առկախ օդին մէջ, ‒ Հո՛ս բերուին ամբարիշտներն ու շնացողները, գոռաց Մալտարի ուժեղ ձայնը։ Եւ այնքա՜ն ահարկու էր շեշտը այս ձայնին՝ որ ժողովուրդը սահմռկած մնաց չհամարձակելով աչք բարձրացնել իշխանին վրայ։ 157
Երկու սեւեր1 երեւցան հրելով Ալին ու Զիւպէյտան կապուած։ Խորունկ սարսուռ մը կը ցնցէր դեռատի կնոջ ամբողջ մարմինը, եւ սարսա- փէն լայնցած բիբերը խենդի նայուածքներ կը նետէին իր շուրջը։ ‒ Քաջութի՛ւն, Զիւպէյտա՛, կը մրմնջէր Ալի անոր ականջին։ Երբ յանցաւոր կինը տեսաւ իշխանը, յոյսի աղօտ ճառագայթ մը լուսաւորեց թեթեւակի իր ճակատը. եւ իյնալով ծունկի վրայ անոր ոտքերուն տակ. ‒ Տէ՛ր... գոչեց, Տէ՜ր... շնո՜րհ... Մալտար հրեց զայն ոտքովը, եւ երեսը անդին դարձուց։ Քրտինքի խոշոր կայլակներ մարգարտի պէս կը շարուէին իշխանին ճակտին վրայ, զոր կը սրբէր իր ձեռքին յետնակողմովը։ Այս միջոցին Սէլիմ կը մօտենար ծանր ծանր, անոր կը հետեւէին իշխանական ընտանիքը, պատերազմիկները, սպասաւորները, ստրուկները եւ կուգային շարուիլ իրենց տիրոջը քովը։ Խորունկ լռութիւն կը տիրէր խռնուած ամբոխին մէջ։ ‒ Լսեցէք, պօռաց Մալտար իր բարձր ու ազդու ձայնով, պիղծ շնութիւն մը կը մրոտէ այսօր իշխանական անարատ պատիւը, ու սեւ մատնութիւն մը կը վտանգէ ցեղին անդորրութիւնն ու ապահովութիւնը. ուզեցի որ իմ ժողովուրդս տեսնէ թէ ի՞նչպէս կը պատժէ Մալտար շնացողներն ու մատնիչները...։ Ու նայելով իր ոտքերուն տակ աղերսող Զիւպէյտային. ‒ Ուրախացի՛ր, ըսաւ, սիրահարիդ հետ պիտի մեռնիս։ Նշան ըրաւ դահիճներուն. անոնք բերին հսկայ կոճղ մը, դրին գետին, ու սկսան սրել տապարը։ ‒ Շնո՜րհ Տէ՜ր, գթութի՜ւն... կը պօռար արաբուհին, սարսափելով մահուան այս ահեղ պատրաստութիւններէն, ու տեսնելով իշխանը անողոք, քաշկռտուե- ցաւ ծունկերուն վրայ դէպի Սէլիմը. ‒ Անյիշաչար եղի՛ր, կը պաղատիմ, ըսաւ, ներեցէ՛ք ինծի։ ‒ Չի՛ք թողութիւն պոռնիկին, մռնչեց Սէլիմ։ ‒ Օ՜հ գթա՛...։ ‒ Չի՛ք գթութիւն ամբարշտին։ ‒ Մա՜հ պոռնիկին... մա՜հ մատնիչին գոռաց ամբոխը։ Արաբուհին երկու ձեռքերովը երեսը ծածկեց ու սկսաւ դառնապէս լալ...։ ‒ Զիւպէյտա՜... հնչեց յանկարծ Ալիի ձայնը։ Ամենքը զարմացմամբ դարձան դէպի դատապարտեալը։ ‒ Զիւպէյտա՛, կրկնեց երիտասարդը, անհուն տխրութեամբ, ստրուկի մը պէս կը մեռնիս... Ապտիւլ Քէրիմի դուստրը չե՛ս դուն։ ‒ Կը վախնա՜մ... կը վախնա՜մ... մրմնջեց դեռատի կինը...։ 1. «ստրուկներ», Դէպի վեր, էջ 62։ 158
‒ Վա՜տ... թքաւ Ալի անոր երեսին. եւ ծնրադրելով իսկոյն, գլուխը դրաւ կոճղին վրայ. ‒ Օ՜ն, վերջացուցէք, ըսաւ դահիճներուն։ Ակնթարթի մէջ տապարը իջաւ զոհին վզին։ Արեան հեղեղ մը պոռթկաց կտրուած վիզէն, ու կարմիր ներկեց դահիճներուն ձեռքերը։ Տապարի երկրորդ աւելի ուժգին հարուած մը բաժնեց գլուխը մարմինէն։ Այն ատեն դահիճները մօտեցան Զիւպէյտային որը արդէն ինքզինքը կորսնցուցեր էր, ու գրեթէ գրկած տարին մինչեւ կոճղը։ Իր աղւոր գլուխը գլորեցաւ Ալիին գլխուն քով։ Դահիճները գագաթի մազերէն բռնեցին երկու գլուխները, ու բարձրացուցին վեր...։ ‒ Այսպէ՛ս կը պատժուին ահա՛, գոռաց Մալտարի ահեղ ձայնը, ցեղին թշնամիներն ու ամբարիշտները...։ Արտէմիս, Փետրուար-Մարտ 1903, Բ. տարի, թիւ 2-3, էջ 88-94։ Վերատպուած՝ Մառի Պէյլէրեան, Դէպի վեր, Իզմիր, Տպագր. Մամուրեան, 1914, էջ 53-63։ 159
ՍԷԼԻՄ ԱՂԱՆ (Պատկեր արաբական կեանքէ) ՄԱՌԻ Հեռուէն, շա՜տ հեռուէն, աւազի ու արեւի խորհրդաւոր աշխարհներէն անցեր եկեր էր մեր երկիրը այդ բարձրահասակ, խոր ու անուշ աչքերով ծերունին։ Փաթթուած իր արաբական պուրնուզին մէջ, պատուհանին առջեւ ծալլապատիկ նստած, նարկիլէին փողը բերնին, մտախոհ ու թախծալից, նա կը մարմնաւորէր իր անձին վրայ անապատի ժողովուրդներուն յատուկ այն մեղկ ու տխուր կեր- պարանքը, որ, չգիտեմ, ի՜նչ անուշ, երազուն ու բանաստեղծական բան մը ունի իր մէջ։ Իր ներքին-մարդը այդ չէր եղած սակայն. իր բոլոր կեանքը շարք մըն էր ահարկու կռիւներու եւ փառաւոր յաղթանակներու։ Հզօր ցեղապետ եւ ազդեցիկ իշխան, ահ ու սարսափն էր արաբական այն բոլոր վայրենի ցեղերուն՝ որոնք իրարու դէմ մղած մշտական գազանային կռիւ- ներով արեան ու կոտորածի թատր մը դարձուցեր էին Արաբիան...։ Իր օրով արդարութիւնը գեղեցիկ բառ մը չէր լոկ։ Հաւատարիմ ու եռանդուն հետեւող Մեծ Մարգարէին քարոզած սկզբունքներուն, երբէք չէր ներեր ոեւէ անիրաւութեան, եւ երկա՜ր տարիներու արիւնէ ու արցունքէ ետքը՝ իր տէրութեան ընդարձակ սահմաններուն մէջ Խաղաղութիւնն ու Սէրը պայծառ եւ անուշ շողերով կը ճառագայթէին զրկուածներուն, տկարներուն ու դժբաղդներուն վրայ։ *** Եղաւ սակայն օր մը որ, Սէլիմ աղան կռիւներու ամենէն սոսկալին, ամենէն արիւնահեղը, եւ ամենէն եղերականը մղեց իր կեանքի այն տարիներուն մէջ՝ յորս անհունապէս գոհ, եւ իր ժողովուրդին երջանկութեամբը լիովին երջանիկ՝ կը հաւատար թէ արժանաւոր եւ արդար հանգիստ մը ա՛լ վերջապէս կը սկսէր իր ծերութեան օրերուն համար։ Այդ օրը ամբողջ Արաբիան դողաց...։ Դաշտերն ու անապատները արեամբ կարմրեցան...։ Օ՜... մէկէ աւելի բանաստեղծներ մելամաղձիկ ու խորհրդաւոր «եա՜ լէյլի»նե- րու մէջ երգեցին այդ կռիւը, եւ մէկէ աւելի «մէտտահ»ներ արաբական նեղ ու տխուր սրճարաններու մէջ, ծխախոտի եւ հաշիշի ամպերով վերացած՝ պատմեցին հէքեաթը այդ տխո՜ւր անցքերուն...։ *** 160
Սոսկ նախանձն էր պատճառ պատերազմին, նախանձն ու ատելութիւնը որ տարիներէ ի վեր կը կրծէին Սէլիմ աղայի վայրագ հակառակորդին՝ Սիտի- Իպրահիմի սեւ սիրտը։ Իր ցեղը կ’ատէր զինքը, վասնզի բարբարոս եւ անգութ էր, բայց կը վախնար իրմէ, եւ կ’ակնածէր, մանաւանդ այնու՝ զի1 ցեղապետի տիտղոսին կը միացնէր եւ շէյխի նուիրական պաշտօնը։ Բնականէն նրբամիտ ու խորամանկ՝ Սիտի-Իպրահիմ կը պահէր ժողովուրդը կրօնական ծայրայեղ մոլեռանդութեան մէջ, վասնզի հոդ կը գտնէր իր ուժին գաղտնիքը, եւ ատով միայն հաստատուն եւ տեւական կը զգար իր իշխանութիւ- նը։ Ըմբռնելով միեւնոյն ժամանակ նկարագրին գերազանցութիւնն ու բարձրու- թիւնը Սէլիմ աղայի, որ կը պաշտուէր իր ժողովուրդէն իբրեւ հայր գորովագութ, եւ որը իր ներշնչած խորունկ ու անկեղծ սիրոյն մէջ միայն կը փնտռէր ուժ, մեծութիւն եւ փառք, Սիտի-Իպրահիմ կը տանջուէր հոգւով... վրէժխնդրութեան խօլ իղձեր կը բռնկէին կուրծքին տակ, մէկէ աւելի վայրագ խորհուրդներ կ’որո- ճար, ծրագիրներ կը յղանար տապալելու համար իր վեհոգի թշնամին, յարմար առիթին կը սպասէր զայնս2 իրագործելու համար, եւ առիթը ինքը ստեղծեց. այդ եղաւ պատերազմը...։ *** Կտրուած գլուխներ նիզակներու ծայր անցած իբրեւ յաղթութեան նշան, ջարդ ու փշուր եղած մարմիններ ցիրուցան դաշտերուն վրայ, ջախջախուած կուրծքերէ դուրս թափուած թոքեր ու սիրտեր արեւուն տակ. օ՜, սարսափելի՜ անգթութիւնը բարբարոս ժողովուրդներու...։ Արեան գետեր կը վազէին, ու գազան-մարդուն ծարաւը չէր յագենար... կատաղելով կը տեսնէր դիւցազնական դիմադրութիւնը Սէլիմ աղայի պատերազմիկներուն, որոնց կ’առաջնորդէր քաջարի Ալին, իր հակառակորդին անդրանիկ տղան, իր հօրը աչքին լոյսն ու բոլոր ցեղին պար- ծանքը... զայն սպաննե՜լ... այդ էր իր երազը... իր տենչանքը, եւ ատկէ աւելի դժոխային վրէժխնդրութիւն մը չէր կարելի երեւակայել, վասն զի Սէլիմ աղան այդ տղուն կեանքովը կ’ապրէր, անո՜վ երջանիկ, անո՜վ հպարտ, հետեւաբար եւ զայն կորսնցնելով ջախջախուած կ’ըլլար իր ծնողական սիրոյն եւ տոհմային հպարտութեանը մէջ...։ Գեղեցիկ, շատ գեղեցիկ էր այդ պատանին կրակոտ, խոշոր աչքերով, հոյա- կապ հասակով, լայն կուրծքով, արի պատերազմիկ, արժանաւոր յաջորդ իր վեհանձն հօր։ Մէկէ աւելի շէյխեր կ’անուանէին զայն Արաբիոյ ամենէն աղւոր ծաղիկը։ 1. «մանաւանդ անոր համար որ», Դէպի վեր, էջ 29։ 2. «ատոնք», Դէպի վեր, էջ 30։ 161
Եւ ահա, ո՜վ տխուր յաղթանակ չարին... կռւոյն ամենատաք միջոցին1, երբ Ալի մոռնալով խոհեմութեան յորդորները աւելի՜ եւ աւելի՜ կը մօտենար թշնամի բանակին, Սէլիմ աղա տեսաւ զայն, իր Բենիամինը, Արաբիոյ ծաղիկը, ինկած անագորոյն թշնամիին ճիրաններուն տակ... ըմբռնեց այդ թանկագին գլխուն սպառնացող ահռելի վտանգը, մինչեւ ոսկորներուն ծուծը դողաց. եւ այդ հզօր մարդը ինքզինքը մոռնալով, իր հպատակներուն առջեւ ինկաւ գետին ու լացա՜ւ...։ Մէկ կողմէն ծնողական սէրը, իսկ միւս կողմէն2 տոհմային արժանա- պատուութիւնը եւ իշխանական հպարտութիւնը ամենէն բուռն պայքարը կը մղէին Սէլիմ աղայի սրտին մէջ։ Ծնողական սէրը յաղթանակը տարաւ սակայն, ու ոտքի տակ առնելով ե՛ւ արժանապատուութիւն, ե՛ւ հպարտութիւն, զիջողու- թեան եւ աղաչանքի թուղթ գրեց թշնամիներու է՛ն վատին, եւ շնորհ խնդրեց իր զաւակին համար...։ Հեռուն՝ իր արծուի նայուածքը յառած անքթիթ թշնամի բանակին, Սէլիմ աղա անձկութեամբ դողդղացող կուրծքովը կը սպասէր...։ Կեանք թէ մահ վճռուած էր արդեօք իր որդւոյն...։ Մէկ ալ3 ամրոցին վրայ երեւաց Սիտի-Իպրահիմի բարձր ու չոր հասակը՝ տնկուած մերկ ծառի մը պէս։ Պաղ քրտինք մը ողողեց Սէլիմ աղայի ճակատը։ Քանի մը վայրկեաններ եւս սահեցան դարերու չափ երկար... ու մէկէն թշնա- մի բանակը պարզեց կարմիր դրօշակ մը խորհրդաւոր գրերով ծածկուած, դա՛ հաշտութեան նշան էր...։ Սէլիմ աղա խնդութենէն գինով, յառաջ վազեց, թեւաբաց, իր որդին գրկելու տենչովը բոցավառ4։ Սիտի-Իպրահիմ ամրոցին վրայ լուռ ու անշարժ կը կենար արձանի պէս...։ ‒ Զաւա՜կս... գոչեց Սէլիմ, տո՛ւր զաւակս...։ Սիտի-Իպրահիմ ծռեցաւ, պուրնուզի մէջ փաթթուած մարդկային կերպա- րանք մը վերցուց։ ‒ Ահա՛ զաւակդ, ըսաւ, եւ նետեց զայն անոր գիրկը...։ Անկման ցնցումէն, պուրնուզը բացուեր էր... տարաբաղդ հայրը քստմնեցաւ ու մազերը ցցուեցան գլխուն վրայ, իր որդւոյն խաշուած ու քրքրուած դիակը կը սեղմէր իր թեւերուն մէջ...։ Լի կատաղութեամբ ու յուսահատութեամբ աչքերը դէպի ամրոց վերցուց։ Սիտի-Իպրահիմ, յագեցած վրէժխնդրութեան գազանային գոհունակութեամբ, դիւական քրքիչով մը կը խնդար...։ 1. «Եւ ահա, կռւոյն ամենատաք միջոցին,», Դէպի վեր, էջ 30։ 2. «սէրը, միւս կողմէն», Դէպի վեր, էջ 31։ 3. «Մէյ մ’ալ», Դէպի վեր, էջ 31։ 4. «վառուած», Դէպի վեր, էջ 31։ 162
Սէլիմ աղա ջղային տագնապ մը ունեցաւ եւ նուաղած ինկաւ Ալիի դիակին վրայ։ *** Օ՜, հանդիսաւոր1 եղաւ թաղումը Ալիին... ամբողջ Արաբիան ոտքի վրայ էր, շէյխերու ամենէն յարգելիները կ’առաջնորդէին դագաղին, սեւագլուխ լալկան կիներու2 գունդեր կ’ողբային մահը Արաբիոյ ծաղիկին, լաց ու կոծ մինչեւ երկինք կը բարձրանար, եւ արձագանգը կը կրկնուէր դաշտերուն ու անապատներուն խորերը...։ Սէլիմ աղա չլացաւ, այլ նա աւելի՛ ահարկու եղաւ քան դժոխքը. երդուընցաւ Ալլահին անունովը իսպառ ջնջել Սիտի-Իպրահիմի ցեղը, եւ իր երդումը պահեց, աւա՜ղ, գուցէ չափազանց խղճմտութեամբ...։ Արեան գետեր անգամ մըն ալ ողողեցին Արաբիան եւ այն ազնիւ ու բարի իշխանը վշտէն ու զայրոյթէն յիմար դարձած, Լէնկթիմուրի պէս վայրագ, արեան լոգանքներ ըրաւ, իր թշնամւոյն արիւնը խմեց, ձեռքերովը շօշափեց զայն, տարօ- րինակ գազանային հեշտութեամբ մը, կարմիր կաթիլները մի առ մի վազցնելով մատերուն ծայրերէն. այնքա՜ն ահարկու եղաւ ան իր ցաւին ու վրէժխնդրու- թեանը մէջ...։ *** Օրին մէկը Սուլթանը զինքը հրաւիրեց Պօլիս իր մայրաքաղաքը եւ անոր նուիրեց սքանչելի չէրքէզուհի մը։ Ժամանակէ մը ետքը՝ նա ունեցաւ իր այդ նոր ամուսնութենէն մանչ տղայ մը՝ զոր Թալաթ անուանեց։ Շուշանի պէս սպիտակ մօրմէ ու գիշերուան պէս սեւ հօրմէ ծնած այդ թխա- թոյր գանգրահեր մանուկը հրեշտակի պէս գեղեցիկ էր սակայն։ Շատ անգամ Սէլիմ աղան, զայն առած իր ծունկերուն վրայ, կը խօսէր անոր իր երկրին խորհրդաւոր ու անուշ բարբառովը, եւ տղան առանց հասկնալու թէպէտ, մտիկ կ’ընէր, հօրը դէմքին լուրջ ու տխուր արտայայտութենէն կարծես ազդուած։ Սէլիմ աղան կը պատմէր փոքրիկ Թալաթին՝ Ալիի եղերական մահը, եւ օրրանէն կը սովրեցնէր տղուն վրէժխնդիր ըլլալ իր եղբօր արեանը...։ *** 1. «Հանդիսաւոր», Դէպի վեր, էջ 32։ 2. «սեւագլուխ եղերամայրերու», Դէպի վեր, էջ 32։ 163
Չմխիթարուեցաւ երբէք ան իր ծերութեան օրերուն մէջ, ո՛չ իր Թալաթովը՝ զոր կը պաշտէր սակայն, եւ ոչ իր նորածին Ապտուլլահովը։ Կարօտ՝ հայրենի երկրին, ուր Ալիի մարմինը կը հանգչի, մտախոհ ու թախ- ծալից, նարկիլէին փողը բերնին, պատուհանին առջեւ ծալլապատիկ նստած, երազուն աչքերով կը նայի հեռո՜ւն, մտքովը սուրալով դէպի աւազի ու արեւի այն խորհրդաւոր աշխարհները՝ զորս բռնի թողեր եկեր էր մեր երկիրը, որը սառուցիկ ու տխուր կը գտնէր իր սգաւոր սրտին պէս...։ Արտէմիս, Ապրիլ-Մայիս 1903, Բ. տարի, թիւ 4-5, էջ 129-131։ Վերատպուած՝ Մառի Պէյլէրեան, Դէպի վեր, Իզմիր, Տպագր. Մամուրեան, 1914, էջ 28-33։ 164
ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՀԱՐՑԵՐ ՀԱՅ ԿԻՆԸ ԱՐԴԻ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ1 ՄԱՌԻ Արտասահման ելնելէս ի վեր, առաջին անգամն է որ հրապարակաւ խօսելու պատեհութիւնն կ’ունենամ. ուստի եւ դիտաւորութիւնը չունիմ այսօր, ընկերա- կան, հասարակական կամ բարոյախօսական նիւթեր քրքրելու. ասոնք այնպիսի հարցեր են, որոնք առաւել կամ նուազ ամեն օր կը ծեծուին, ըլլա՛յ թերթերու մէջ, ըլլայ կարող ատենաբաններու կողմէ զանազան բեմերու վրայ։ Ըլլալով կին, ես ինձ նիւթ ընտրեր եմ կինը, անոր ներկայ դրութիւնը, հանրու- թեան կարծիքը եւ վերաբերմունքը դէպ ի նա, անոր կատարած ու կատարելիք դերը ընտանեկան, ընկերական եւ ազգային կեանքի մէջ։ Ասոնց վրայ սակայն, իրա՛ւ է թէ շատ անգամներ խօսեր, գրեր ու կրկներ եմ. նորութիւններ մը չպիտի 1. Բանախօսութիւն՝ կարդացուած 1901 Յունիս 30-ին, Աղեքսանդրիոյ Էտէն Թատրոնին մէջ (Հ.Ա.)։ 165
լսէք. բայց ճշմարտութիւնները որչափ անգամներ ալ որ խօսուին, միշտ քիչ խօսուած են... Պէտք է կրկնուին անոնք, մինչեւ այն ցանկալի օրը յորում պիտի տանին փառաւոր յաղթանակը վերջնականապէս։ Կը տեսնենք դժբաղդաբար թէ՝ կնոջ մասին բնաւ մտածող, խօսող ու գործող չկայ, կամ եղածներն ալ այնքա՜ն ցանցառ են որ արդէն մեծամասնութեան անտարբերութեանը մէջ կը խեղդուին։ Մեր կանանցս պարտքն է ուրեմն ձայն բարձրացնել. զգացնել մեր կարեւորութիւնը, հանրութեան ուշադրութիւնը դարձնել մեր վրայ. մեր իրաւունքն է ցոյց տալ վերջապէս թէ՝ մենք ալ ազատ սրտի, ազատ մտքի, ազա՜տ զգացման տէր էակներ ենք, եւ բողոքել ուժգին հանդէպ այն զրկանքներուն եւ անիրաւութեանց որ դարերէ՜ ի վեր կաշկանդեր են մեր մտքին ու սրտին ամենէն ազնիւ թռիչները։ Մենք կը տեսնենք թէ՝ ամեն դարերու եւ ամեն ժամանակներու մէջ մի՛շտ ազատ, մի՛շտ ընդարձակ ասպարէզ ունեցեր են այր մարդիկ. ասպարէզ՝ խօսելու, խորհելու, գրելու եւ գործելու. մինչդեռ կանանց համար – մասնաւորապէս հայ կանանց համար ըսել կ’ուզեմ – ստեղծուեր է շատ սահմանափակ վիճակ մը, շատ կաշկանդուած կեանք մը։ Հայ կինը ազատ չէ՛ գրելու անխտիր ամեն նիւթերու վրայ. «ի՞նչ պիտի ըսեն»ի մտածումը շա՜տ անգամներ կը խեղդէ իր մտքին ու սրտին խորերէն թռչող ամենէն վեհ ձայնը, կը ջլատէ իր հոգւոյն ամենէն բարձր ձգտումները, եւ հետեւա- բար կը կաշկանդէ իր գրիչն ալ...։ Եթէ գրէ իսկ, որոշ նիւթերու վրայ կը գրէ զորս գրեթէ կը նշանակէ իրեն համար հանրային կարծիքը, եւ այդ պատճառաւ, բռնա- դատուած, սեղմուած բան մը, որոշ չափէն դուրս չելնելու ջանք մը կամ աւելի ճիշդը, վախ մը կայ առ հասարակ իր բոլոր գրուածներուն մէջ։ Ազատ չէ՛ կարծիք յայտնելու համարձակ եւ անկեղծ այն ամեն հարցերու մա- սին, որոց խառնուիլ անպատշաճ նկատեր է իրեն համար հանրային կարծիքը...։ Շատ անգամներ ընկերութեան մէջ՝ երբ խօսակցութիւնը կը դառնայ ընկերային եւ հանրային խնդիրներու առանցքին վրայ եւ կը ծեծուին այնպիսի հարցեր՝ որոնք կենսական կը նկատուին, զգուշաւոր ու երկչոտ կը տեսնես զինքը միշտ. սակայն նա կը զգայ. համակ զգացում է ինքը արդէն, Սէր եւ Գութ է միանգամայն. անոր սիրտը վառուող կրակ մ’է, ուր կը տաքնան ու կը բռնկին ամենէն նուիրա- կան ու սուրբ զգացումները, սակայն ատոնք իրենց մէջ կ’այրուին, մոխիր կը դառնան, որովհետեւ հայ կինը ազատ չէ՛ ազատ հոսանք մը տալով իր զգացում- ներուն, վառել ու մաքրել նաեւ սիրտերն անոնց՝ որոնք իրեն շուրջը կը գտնուին, այդ բանը կ’արգիլէ իրեն հանրային կարծիքը... Եւ ոչ միայն հայ ազգին, ամեն ազգերու մէջ ալ առ հասարակ կինը միեւնոյն տխուր ու կաշկանդուած կեանքն ունի, հազիւ ուրեմն իբրեւ բացառութիւն կրնանք յիշել մէկ քանի ցանցառ ազգեր՝ ուր կինը քիչ թէ շատ կ’ապրի իբրեւ ազատ խղճի, ազատ համոզման, եւ ազատ գաղափարի տէր էակ։ Շատ անգամ խորհեր եմ ինքնին թէ՝ երբ մեր երկիրը դուրս եկեր է վերջապէս 166
անծանօթ խաւարներէ, թօթափեր է իր դարաւոր քունը, եւ ծներ՝ մարդկութիւնը, ո՞վ արդեօք առաջին անգամ յղացեր է գծել կնոջ համար կեանքի այսքան նեղ սահման մը. նա ինչո՞վ է պակաս «հզօր» կոչուած սեռէն...։ Առարկուի գուցէ թէ նա պակաս է խելքով, խորհելու եւ գործելու կարողութիւններով, թէ զուրկ է այն որոշ տրամադրութիւններէն՝ որոնք բացարձակ ազատութեան իրաւունքն կուտան այր մարդուն. եւ սակայն ո՞ւր է ապացոյցը։ Միթէ օր մը ուզեցի՞ն քննել կնոջ մտային ու բարոյական ընդունակութիւն- ներն։ Շատ հեղինակներ կնոջ հոգեբանութիւնն ըրին, բայց խնդիր է թէ յաջողե- ցա՞ն արդեօք, դարձան ու դարձան անոր հոգւոյն ու սրտին շուրջը, իսկ մինչեւ խորերը կա՛մ չկրցին, կամ աւելորդ համարեցին թափանցել։ Ե՞րբ արդեօք տրուեցաւ կնոջ այն պայմանները կամ այն տեղը՝ ուր նա մերկապարանոց ցոյց պիտի տար իր բոլոր կարողութիւններն եւ տրամադրութիւնները. ըլլա՛յ հանրա- յին, ըլլա՛յ ընկերային, ըլլա՛յ նոյն իսկ ազգային խնդիրներու մէջ։ Կնոջ ըսին. «Դուն պիտի ծնիս, ամուսնանաս, քու կարգիդ ծնունդ պիտի տաս զաւակներու, ու պիտի մեռնիս խոտի պէս, բոյսի պէս աննշան եւ անշշուկ անցնե- լով աշխարհի վրայէն։ Ուրիշ կոչում չունիս դուն. ընտանեկան յարկի մէջ է քեզի համար բացուած ասպարէզը, հոն ալ սակայն ազատ չես ուզածիդ պէս գործելու, հրամաններ պիտի ընդունիս եւ անոնց համեմատ շարժիս. դուն իրաւունք չունիս քեզի աւելի լաւ ու նպաստաւոր երեւցած կերպովը գործելու»։ Ահա այսպէս որոշեցին, դատեցին եւ վճռեցին։ Տեսակ մը մեքենայ, տեսակ մը գործիք, տեսակ մը խաղալիք դարձուցին կինը, առանց նկատողութեան առնելու թէ նա եւս կը ձգտի դէպի աւելի լայն ու աւելի բարձր գործունէութիւն մը. իր խորհելու, զգալու, սիրելու, տառապելու, յուսալու բոլոր տրամադրութիւններովը, պիտի ըսեմ նաեւ բոլո՜ր իրաւունքներովը...։ Անուրանալի է թէ՝ կինը ունի իր նկարագրին մէջ զոհուելու բնական ընդու- նակութիւն մը ո եւ է նպատակի համար, միայն թէ այդ նպատակը կապ ունենայ աւելի՛ իր սրտին հետ։ Նա պատրաստ է զոհուելու ի՛ր ծնողքին, ի՛ր ամուսնոյն, ի՛ր զաւակներուն համար, եւ այդ խիստ մօտիկ շրջանէն դուրս ալ – վկա՜յ մեր յեղափոխական կեանքի պատմութիւնը –, դէպ ի Հայրենիքի ազատութեան Ս. Գործը, նա ցոյց տուաւ անհուն անձնուիրութիւն վսեմ քաջասրտութիւն եւ հերոսական զոհողութիւններ...։ Եւ ոչ միայն վերջերս, ներկային, այլ եւ անցեալին մէջ, եթէ ուզենք ակնարկ մը նետել դէպ ի ետեւ, դէպ ի հեռաւոր անցեալը, մտնել Հայաստան ճիշդ այն ժամանակներուն մէջ՝ յորս Վարդանանք իրենց դիւցազնի կուրծքերը թշնամւոյն սուրին տուած առիւծի պէս կը կռուին, պիտի տեսնենք «փափկասուն Տիկնայք Հայոց աշխարհին», որ իշխանական փառքը, պերճանքն ու հանգիստն արհա- մարհելով կը թողուն որ սարդերը հանդարտօրէն ոստայններ կախեն իրենց շքեղ ապարանաց պատերէն վար, աղտոտեն պերճ սենեակներուն կահն ու կարասին. 167
եւ իրենք զոր գետնին վրայ ծնրադիր՝ կ’աղօթեն առ Աստուած պատերազմին յաջողութեան համար։ Արի՛ կիներ որոնք կը քաջալերեն, կ’ոգեւորեն, կռուի կը պատրաստեն իրենց ամուսինները, զաւակները, եղբայրները... մէկ կողմէն արիւնոտ կուրծքերու վրայ վիրակապեր կը դնեն, միւս կողմէն հոգեւարներու վերջին շունչը կ’ընդունին, անդին իրենց ձեռքերով պատերազմի, այսինքն մահուան կը ղրկեն իրենց սիրե- լիները, եւ արտասուք չունին, վասն զի անոնք մեզնէ շատ աւելի քաջ ըմբռնած են մահուան գիտակցութիւնը, եւ համոզուած են թէ՝ գիտակցօրէն ընդունուած մահը՝ խոստացուած Անմահութիւն է... ըսել է ուրեմն թէ՝ ամեն դարերու եւ ամեն ժամանակներու մէջ երբ առիթը ներկայացեր է, կամ աւելի ճիշդը, ներկայացու- ցեր են, կինը ունեցեր է որոշ եւ նշանակիչ դեր, ոչ միայն ընտանեկան կեանքի սահմանին մէջ՝ որը այնքա՜ն անձուկ է, այլ եւ դուրսը՜... կրօնական, պատերազ- մական, քաղաքական, ընկերական, յեղափոխական. մէկ խօսքով այն ամեն կնճռոտ, դժուարին խորհրդաւոր հարցերու, խնդիրներու, եւ գործերու առթիւ, որոնք շատ անգամ ամբողջ ազգերու եւ ժողովուրդներու ճակատագիրը կը վճռեն...։ Դարձեալ եթէ թղթատենք հին եւ նոր ժամանակներու պատմութիւնները, պիտի տեսնենք որ ամեն անգամ երբ կինը ո եւ է կերպով դեր ունեցեր է աշխարհի վրայ անցած դարձած դէպքերու եւ պարագաներու մէջ, անոր մասնակցութիւնը եւ գործունէութիւնը, միշտ փրկարար արդիւնք մը դուրս բերած է։ Հրէից պատմու- թիւնը ի միջի այլոց մեզ կը ներկայացնէ Եսթեր մը, որ Ասուերոսի վրայ իր ազդեցութեամբ ժայռէ սիրտ մը ի գութ շարժած, հանուր ազգը անիրաւ եւ սարսա- փելի մահուանէ մը փրկած, եւ չարին՝ իր արժանաւոր պատիժը կրել տուած է։ Կը տեսնենք Յուդիթ մը, որ դարձեալ իր ազգին սիրոյն, Հողեփեռնէս մը իր ազդեցութեան տակ առած, ապա իր ձեռքերով գլխատած է զայն եւ իրեն շնորհիւ Հրէայ ժողովուրդը անգամ մ’ալ ազատած է բռնաւորներու ճանկերէն...։ Մեր Ազգ. Պատմութեան մէջ Սանատրկոյ օրերը մղուած կրօնական ամենա- խիստ հալածանքներու ատեն, կը տեսնենք տկար կոյս մը, Սանդուխտը, որ ինքը մի՛ս մինակ իր փառաւոր նահատակութեամբ ըրաւ՝ թերեւս ինչ որ հարիւրաւոր նահատակներ չկրցան ընել, այսինքն հիմն ի վեր յեղաշրջել հանուր Հայաստանի կրօնական գաղափարները եւ միայն իր դաւանած Քրիստոնէական կրօնը յաղ- թող հանդիսացնել երկրին վրայ։ Տրդատի օրերը դարձեալ կը տեսնենք տկար կոյս մը, Հռիփսիմէն, որ իր անմեղութենէն ուրիշ զէնք չունէր, եւ սակայն խորտա- կեց փշրեց անպարտելի թագաւորին կամքը... փճացուց ոչնչացուց, մինչեւ անաս- նութեան կարգը իջեցուց այն դիւցազնը որը Հռչէի պէս հսկաներ իր ոտքերուն տակ տապալեր էր...։ Օրինակները այնքան շատ են զորս մի առ մի հոս թուելը երկար կ’ըլլայ։ Մէկդի թողլով ուրեմն Ժան տ’Առքերը, Շառլօթ Քօռտայերը, պիտի յիշեմ 168
միայն Ամերիկացի Տիկին Հէնրի [Հարիէթ, Հ.Ա.] Պիչըր Սթօն, որը իր «Աղբար Թովմաս»ի տնակով, գութէ ու ցաւէ դողացուց ամբողջ քաղաքակրթեալ մարդկու- թիւնը եւ գերեվաճառութիւնը վերցուց։ Արդեօք քանինե՜ր իրմէ առաջ աշխատած, գրած խօսած էին այդ հրէշային արարքին դէմ, եւ սակայն կնոջ մ’զգայուն գրիչը յաղթանակը տարաւ վերջապէս... եւ ո՞վ կրնայ ուրանալ... կինը այն հրաշալի զսպանակն է, որը կը մղէ յառաջ. նա գերագոյն զօրութիւնն է, որը կը դնէ զմարդիկ բարոյական այնպիսի բարձրութեան վրայ, զոր չեն համարձակիր յուսալ իսկ...։ Այս վերեւ յիշուած օրինակները հին են. սակայն կնոջ հզօր ազդեցութիւնը չերեւցա՞ւ միթէ նոյնիսկ վերջի ժամանակներու մէջ։ Կիւլիւզարի մը դիւցազնա- կան դիմադրութիւնը եւ կրած սարսափելի չարչարանքները ազգային յեղափո- խութեան առաջին կայծը եղան, որը տակաւ առ տակաւ վառեց հրդեհեց հանուր ազգը։ Սասնոյ մէջ Շաքէ մը իր հերոսական մահուամբ իր եւ իրեններուն արեան վրէժը կտակեց հայ ժողովուրդին... ասդին՝ Վասպուրականի մէջ Սերոբ բաշայի մը կինը իր կորիւնները չորս կողմը առած, առիւծ էրկանը կողքին զէն ի ձեռին կռուեցաւ... Սերոբ ինկաւ, ինքը շարունակեց դիւցազնի կռիւը, մինչեւ վերջը...։ Շատե՜ր մեռան... շատե՜ր սպաննուեցան փառաւոր կռիւներու մէջ, սակայն ատոնց մահը չունեցաւ այն ազդեցութիւնը ինչ որ, Շաքէներու մահը, Կիւլիւզար- ներու եւ Սօսիներու դիւցազնութիւնը ըրաւ հայ ժողովուրդին մտքին ու սրտին վրայ...։ Սակայն եթէ կնոջ բացարձակ ազդեցութիւնը կ’ընդունինք, անկախ ըլլալու համար պէտք է խոստովանինք նաեւ թէ, ինչքան բարի, նոյնքան ալ վնասակար հետեւութիւններ կրնայ ունենալ ատիկայ եթէ ի չարին գործածուի...։ Ամուր բարոյական մը, առողջ դաստիարակութիւն մը բաւ է տալու կնոջ ազդեցութեան այն բարի եւ ազնիւ յատկութիւնները, որոնք մարդկային ընկերու- թեան վրայ պիտի ունենան բարերար ներգործութիւն...։ Այսու հանդերձ եթէ դարձեալ երբեմն թուլութիւններ կ’երեւան իր վրայ, եթէ զուրկ է ամուր նկարագրէ եւ առողջ կամքէ, ատոր մէջ ինքը, իր խառնուածքը կամ իր բնութիւնը չէ՛ յանցաւորը...։ Ստեղծելով կնոջ համար գերութեան ստորնացնող կեանքը, կոյր հպատակու- թեան եւ բռնի հնազանդութեան փճացնող վիճակը եւ նկատելով զանիկայ իբրեւ շնչաւոր առարկայ մը սոսկ մարդոց հաճոյքին ու պէտքերուն համար ստեղծուած, անոր հոգւոյն մէջ մեռցուցին ինքնաճանաչութեան, իր անձի գիտակցութեան եւ արժանապատուութեան վսեմ զգացումները. եւ կինը մի՛շտ ենթակայ դարաւոր ճնշումներու, սկսաւ ինքն ալ կամաց կամաց հաւատալ թէ՝ բնութիւնը կամ արարչութիւնը զինքը ստրուկ է ստեղծեր, թէ՝ ինքը դատապարտուած է յաւիտ- եան ստրուկ ապրելու։ Հին անծանօթ ժամանակներէ ի վեր ուրիշներու կամքին ու քմահաճոյքներուն տեղի տալու վարժուած՝ իր հոգւոյն մէջը չէ կրցեր բոյն դնել կամքի այն սքանչելի ուժը՝ որ վսեմ նկարագրի մը խմորը կը կազմէ եւ որոյ դէմ ամենէն անյաղթելի 169
կարծուած արգելքները եւ ամենէն ամուր ենթադրուած ուժերը ապակիի պէս կը փշրուին. այդ է ահա՛ իսկական պատճառը որ նա յողդողդ, վարանոտ, փոփոխա- միտ կ’ըլլայ շատ անգամ զանազան խնդիրներու մէջ։ Ուրիշներու կարծիքները ու գաղափարները ընդունելու եւ իւրացնելու սովո- րած՝ ինքը անկախ միտք, ազատ մտածումներ, եւ ինքնուրոյն գաղափարներ չէ ունեցեր մինչեւ ցարդ եւ այսպէս հանրային կարծիքը կաշկանդելով կինը իր մտածումներուն եւ զգացումներուն մէջ՝ անոր բարոյական կեանքի մակարդակը զգալի կերպով ցածցուց։ Նա սովրեցաւ կեղծել եւ սքանչելապէս յաջողեցաւ։ Եթէ կը սիրէր՝ այդ սէրը թաղեց իր հոգւոյն ու սրտին՝ ամենէն խորունկ ծալքերուն տակ իբրեւ արատ մը բարոյականի դէմ, իբրեւ դաւաճանութիւն մը պատուոյ սկզբունքներուն դէմ, իբրեւ ընդունուած սրբապղծութիւն մը, ոճիր մը վերջապէս։ «Ի՞նչ պիտի ըսեն»ի մտածումը կնոջ ամենէն մեծ սարսափն ու արհաւիրքը եղած է միշտ. նա կը սոսկայ հանրային կարծիքէն, ինչպէս մարդ կը սոսկայ կախաղանէն։ Երբեմն կը տեսնես աչքերը կը փայլին, սիրտը կը բաբախէ, բերանը կէս մը կը բացուի խօսելու, ազատ ասպարէզ տալու իր ներքին հոգեկան աշխարհին մէջ յուզուող ու եռացող զգացումներու բուռն հոսանքին, եւ սակայն ինքզինքը կը զսպէ. հո՛ն է հանրութիւնը որ լարուած ուշադրութեամբ մէկիկ մէկիկ կը կշռէ, կը վերլուծէ իր իւրաքանչիւր խօսքը, աչքերը չորս բացած կը քննէ իր ամեն մէկ արարքը, ամեն մէկ շարժումը, դէմքին խաղերն իսկ կը զննէ, կ’ուզէ թափանցել անոր մտածումներուն մինչեւ խորերը. եւ շատ անգամ ինչ որ չտեսներ կը կարծէ գուշակել, եւ այդ առանց կարմրելու իբրեւ ճշմարտութիւն հրապարակ կը հանէ։ Անպատկառ հետաքրքրութեամբ կ’ուզէ կամ աւելի ճիշդը կը տենչայ անոր հոգւոյն ու սրտին ամենէն գաղտուկ խորշերն ալ քրքրել զննել, եւ վա՜յ այն կնոջ որ անխոհեմ քայլ մ’առնելով կասկածանքի տեղի կուտայ. նա դատապարտուած է արդէն անողոք ու սարսափելի վճռով։ Հանրութեան կարծիքը Տամոքլէսի սուրն է, որ սպառնալից կախուած է միշտ իր գլխուն վերեւ։ Սակայն պիտի ծագի ցանկալի օրը՝ յորում կինը վերջապէս առողջ եւ հիմնական դաստիարակութեամբ լուսաւորուած ու զօրացած, պիտի կոտրտէ այն անտանելի շղթաները՝ որով նախապաշարեալ հանրութիւն մը կը կաշկանդէ իր ամեն նուիրական ու սուրբ իրաւունքները, այն ատեն ցոյց պիտի տայ իր մտքի, սրտի, հոգւոյ բոլոր թագուն իրաւունքները...։ Ֆլամարիօն կ’ըսէ թէ մեր երկրին դրացի «Մարս» մոլորակին մէջ ապրող մարդկութիւնը, ամեն բանի մէջ նախապատուութիւնը տուած է կնոջ, թէ հոն՝ կինը շատ աւելի գերազանց կը նկատուի այր մարդէն ամեն տեսակէտներով։ Ի հարկէ չգիտենք թէ ո՛ր աստիճան ստոյգ է այդ ենթադրութիւնը, միայն թէ մեզ համար ուրախալի է որ Ֆլամարիօնի պէս մարդ մը արդէն համոզում գոյացուցեր է կնոջ կոչման բարձրութեանը վրայ, ճանչցեր ու գնահատեր է անոր արժանիք- 170
ները, եւ «Մարս»ի երեւակայական մարդկութեան մէջ տուեր է անոր այն տեղը՝ զոր չունի հոս՝ երկրի վրայ...։ Սակայն «Մարս»ը մեր երկրէն շատ աւելի ծեր, փորձառու, զարգացած ու նրբացած կ’ենթադրուի. ո՞վ գիտէ, երբ մեր երկիրն ալ հասնի անոր տարիքին, ի՞նչ ճակատագիր կը վիճարկուի մեզ՝ կանանցս համար. բայց այդ՝ ապագան որքան յանկուցիչ այնքան ալ հեռաւոր է դժբաղդաբար, ատիկայ՝ մեզի յաջորդող բաղդաւոր սերունդներուն վերապահուած է։ Մենք ջանա՛նք ցորչափ կ’ապրինք՝ մեր ներկայ այս անտանելի դրութիւնը բարւոքելու, որը շատ ալ դժուար չէ՛։ Լսենք միայն մեր խղճի ձայնին, նոյն իսկ եթէ աշխարհ մը բամբասանք ու մեղադրանք թափեն մեր վրայ արհամարհե՛նք չարամիտ պարսաւանքները՝ որ մեր ականջները կը վիրաւորեն. խիղճը մի՛շտ Ճշմարիտը, Գեղեցիկը, Բարին կը թելադրէ մարդս։ Բարոյականի որոշ ու ճշմարիտ օրէնքները, սկզբունքները ծանօթ են մեզի. ատոնք նուիրական են ու սուրբ պէտք է մնան յաւէ՜տ մեզի համար։ Բարձրացնենք մեր սեռը այն ստոր վիճակէն՝ որոյ ենթարկուած է դարերէ ի վեր, հզօր զարկ մը տալով մասնաւորապէս մեր սեռին դաստիարակու- թեան, որ դժբաղդաբար շա՜տ թերի է, եւ աւելի երեւութական քան իրական բնութիւն մը ունի։ Ճանչնա՛նք մեր արժանապատուութիւնը, քա՛ջ ընբռնենք մեր բարձր կոչման գիտակցութիւնը, գործե՛նք առողջ եւ ամուր համոզումներէ առաջնորդուած միայն, եւ մոռնա՛նք հանրութեան կարծիքը։ Փիւնիկ, 6 Յուլիս 1901, Բ. տարի, թիւ 5, էջ 34-36. 13 Յուլիս 1901, Բ. տարի, թիւ 6, էջ 43-46։ 171
ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՂԹՈՂԸ ՄԱՌԻ Պատմութիւնը կ’աւանդէ մեզ թէ՝ ամեն երկիրներու ժողովուրդները երբեմն կը բաժնուէին երեք գլխաւոր դասակարգերու. 1. Ազնուական 2. Կղերական 3. Պուռժուա, Անդին կը մնար հասարակ կամ ռամիկ կոչուած դասակարգը, որոյ բաժինն էր անտարբերութիւն ու արհամարհանք դէպ ի իրեն գոյութիւնը...։ Այդ խեղճերը կամք չունէին, ձայն չունէին, այլ լուռ՝ ստիպուած էին համա- կերպիլ իրենց վրայ դրուած խիստ օրէնքներուն, ճիւաղային բռնութիւններուն եւ անտանելի զրկանքներուն...։ Մարդկային էակներ էին սակայն, զգալու, սիրելու, հասկնալու, խորհելու տրամադրութիւններով օժտուած, որոնք կարծես չարչրկուելու, թշուառութեան մէջ տապկուելու համար միայն աշխարհ եկած ըլլային. փողոցներու սալայատակները ամայի չթողնելու համար ծնած – ինչպէս կ’ըսեն –. մինչ անդին՝ բաղդին երես տուած, շոյած կղերականը, ազնուականը ու պուռժուան, կարծես ապրելու իրաւունքին միակ օրինաւոր տէրերը, հարուստ, ազատ, երջանիկ, պերճութեան ու շքեղութեան մէջ, անուշ երազի մը պէս կ’անցնէին իրենց օրերը...։ Այսօր՝ յորմէ հետէ զարգացումն ու լուսաւորութիւնը հասած են որոշ բարձրութեան մը, ռամիկ ժողովուրդը ճանչցուած է իբրեւ մարդ, եւ տիրացած՝ իր մարդկաին իրաւունքներուն, կրնայ վերջնապէս ձայն բարձրացնել իրեն շուրջը յուզուող խնդիրներու առթիւ, պաշտպանել իր գոյութիւնը, խօսիլ, բողոքել, ու կռուիլ եթէ հարկ ըլլայ, հանդէպ վայրագ բռնաբարմանը իր սուրբ եւ պաշտելի իրաւունքներուն...։ Այդ իրաւունքները սակայն իրենց լայն նշանակութեամբ եւ գործնական առմամբ աւելի՛ ազատօրէն կը վայելեն գուցէ Ամերիկայի, Զուիցեր- իայի, Ֆրանսայի ժողովուրդները. իսկ ուրիշ տեղեր՝ անուանական կամ տեսա- կան բնութիւն մը ունին դեռ անոնք դժբաղդաբար. փորձը ամէն օր մեզ ցոյց կուտայ այս տխո՜ւր ճշմարտութիւնը...։ Կը տեսնենք թէ՝ ժողովուրդին աչքին թօզ փչելու համար երբեմն փողով – թմբուկով անոր իրաւունքներ տրուած կը հռչակեն հրապարակաւ. եւ ներքնա- պէս, գաղտնի, մաքիավէլական միջոցներով, այդ իրաւունքները բռնաբարելու կ’ելնե՜ն...։ Մէկուն հացը կտրել կը սպառնան, միւսը իր պաշտօնէն զրկելու ետեւէ կ’ըլ- լան, անդին խեղճ խանութպանի մը խանութը գոցելու միջոցները կը փնտռեն... եւ հացի ահարկու խնդիրը՝ Տամոկլէսի սուրին պէս կախելով խեղճ մարդոց 172
գլխին, լռելու, ճշմարտութեան ձայնը խեղդելու կը դատապարտեն զանոնք... մինչ թշուառներուն միտքը, սիրտը, խիղճը կ’որոտա՜յ... եւ զայրոյթի ու կատաղութեան կրակը կը բռնկի մէկէ աւելի կուրծքերու խորերը...։ Ըսել է, անցեալի այդ յիշեալ երեք մենաշնորհեալ դասակարգերը գոյութիւն ունին եղեր տակաւին մինչեւ այսօր իրապէս!!! մինչ ժողովուրդը սոսկ անուանա- կան կը կարծէր այլ եւս այդ գոյութիւնը... իրենց մահաբեր ազդեցութիւնը կայ ու կը մնայ եղեր տակաւին, մինչ մենք կը կարծէինք թէ քանդող ժամանակը վաղո՜ւց փշրած էր եւ ատիկայ... եւ կը շարունակեն եղեր, այս անգամ աւելի՜ հրէշային միջոցներ, այսինքն տնտեսական ճնշում ի գործ դնել հասարակ կամ ռամիկ ժողովրդին վրայ. ինչ որ աւելի՜ վնասակար, ծեծէ, բանտէ, աքսորէ շատ աւելի դառն ու սոսկալի է... դա՝ գիտակցութիւնն ու արժանապատուութիւնը խորտակել է մարդ-էակին հոգւոյն ու սրտին մէջ... կենդանի դիակ մը դարձնել է զայն... ոճրագործութիւններու է՛ն ահռելին. միա՛կ աններելին...։ Կեղծի՜ք են եղեր ուրեմն տակաւին դրուած նոր օրէնքները...։ Դրամը դեռ կը յաղթանակէ. եւ ամեն նուիրական ու վեհ բան առաթուր կոխելով կ’ուզէ անցնիլ յառաջ...։ Եւ սակայն հաւատա՞նք այսպէս. ո՞վ է արդեօք զօրաւորը... իրա՞ւ է թէ ուր որ դրամ կայ, հոն ուժ կայ, ուր որ ցեղի ազնուականութիւն կայ, հոն՝ ազդեցութիւն կայ. որո՛ւ ձեռքն որ խաչ կայ՝ հոն՝ բացարձակ տիրապետութիւն կայ...։ Հին եւ նոր պատմութիւնները, դէպքերը եւ պարագաներն ալ շատ անգամ մեր այս կարծիքը կը հերքեն, այս հաւատքը կը խախտեն, եւ բոլորովին հակառակը կ’ապացուցանեն. «Հզօրագոյնը հասարակ ժողովուրդն է, ռամիկ դասակա՜րգն է...» կը գոռան մեզի...։ Ռամիկ ժողովուրդը ոչխարի համակերպութիւնը ունի, կը ծռէ գլուխը հարուածներու տակ, կը տանի լռիկ որքան բեռ որ ծանրացնեն իր ուսերուն, նա համբերող է, գուցէ ծայրայեղօրէն համբերող... սակայն երբ այդ համբերութիւնը սահմանը կ’անցնի, օ՜հ այն ատեն ահռելի՜ է... այն ատեն վա՜յ այդ համբերու- թիւնը փորձողներուն...։ Կը յարձակի, կը տապալէ. տեսակ մը կատաղի մոլեգնու- թեան թափով իրեն դէմ ելնող ամեն պատուար որքան ալ ամուր որ ըլլայ. կը կոխկրտէ ամեն արգելք, որքան ալ անկոխոտելի ըլլայ. անոր բարկութիւնը ահարկու հրդեհի մը կը նմանի որ կ’այրէ, կը լափէ ինչ որ իր դէմը կ’ելնէ. եւ կը հանգչի միայն այն ատեն՝ երբ ալ այրուելու նիւթ չգտներ իր առջեւ...։ Յիշենք Լուի ԺԶի դարը, Ֆրանսայի յեղափոխութեան պատմութիւնը... յիշենք միայն Պասթիյլի առումը. եւ այդ բաւական է...։ Ովքե՞ր էին արդեօք այդ մթին գերեզմանին դռները խորտակողները... ամենէն ամուր կարծուած պարիսպները փշրողները, աջ ու ձախ ահ ու սարսափ, մահ ու աւեր սփռողները...։ Չէ՞ որ կօշկակար Սիմոններ... վարսայարդար Լըռուներ, ներկարար Բիէռներն էին... եւ աւելի՜ն... կինե՜ր... անօթութենէ կատաղած, դալկացած մանուկներ սեղմած իրենց կուրծքին, թշուառութենէ, զրկանքէ, յուսահատութենէ մոլեգնած կիներ... 173
մէկը իր էրկան սակրը, միւսը իր եղբօր մուրճը, անդին ուրիշներ՝ քարեր ու փայտեր զէնք ըրած, արդար եւ ահաւոր զայրոյթի մը խենդութեամբ գինովցած՝ կը յարձակէին զիրենք կեղեքողներուն, զրկողներուն եւ չարչարողներուն դէմ...։ Այդ զայրացած կատաղի առիւծին առջեւ, որը վերջապէս իր ոտնակոխ եղած իրաւունքները կը պաշտպանէր, տեղի տուին ե՛ւ կղերականը, ե՛ւ ազնուականը, ե՛ւ պուռժուան... զօրաւորը ռամիկն էր...։ Եւ սակայն ինչի՞ մէջ արդեօք կը գտնէ այդ հէ՜գ ռամիկը՝ իր ուժը... նա դրամ չունի, զէնք չունի, բաւականաչափ զարգացում իսկ չունի...։ Նա՝ հզօր է իր կրած տառապանքներով, նա՝ իր զայրութի ամեհի կատաղու- թիւնը կը գտնէ իր կրած զրկանքներուն մէջ. եւ ցոյց կուտայ ուշ կամ կանուխ, վերջապէս, թէ՝ ինքն ալ մարդ է, եւ իրաւունք ունի ապրելու իբրեւ մարդ...։ Ամենէն մեծ բաները կը բղխին ռամիկէն, ամենէն մեծ գաղափարները, ամենէն վեհ հանճարները, ամենէն վսեմ ու մեծահոգի մարդիկը կը ծնին անոր ծոցէն. ամենէն բարձր եւ հրաշալի գործերը անորն են... ինչո՞ւ... որովհետեւ տառապանքը, զրկանքը զմարդ կը բարձրացնէ, վսեմախոհ կ’ընէ, անձնուէր կ’ընէ, գթացող կ’ընէ, մե՜ծ կ’ընէ մէկ խօսքով։ Եւ ով որ չէ՛ տառապեր, անօթի չէ՛ մնացեր, զրկանք, կեղեքումն, անիրաւութիւն, բռնութիւն չէ տեսեր, մարդկութեան խորունկ վէրքերը մատովը չէ՛ շօշափեր, այլ ծնած վայրկենէն՝ բաղդը ժպտեր է երեսին. պերճութեան, շքեղութեան, շռայլութեան մէջ յղփացեր է, – ցանցառ բացառութիւնները յարգելով – կ’ըսեմ թէ՝ ադոնք չե՛ն ապրիր...։ Այդ դասակարգը կ’ընդունիմ թէ՝ կրնայ տալ գուցէ մե՜ծ դիւանագէտներ, լեզուագէտներ, զարգացածներ. բայց սրտի՜ մարդիկ, վե՜հ մարդիկ... օ՜հ քիչ անգամներ կը ծնի...։ Նա՝ ճոխութեան մէջ, իր հրամաններուն տակ պահելով բազմաթիւ ծառաներ, վարժուած մի՛շտ հրամաններ եւ հրահանգներ տալու եւ հնազանդութիւն տեսնե- լու, երբ հանրային գործ մը վարել կը ստանձնէ, կը կարծէ թէ հանրութիւնն ալ իր ծառան է, որուն պէտք է հրամայէ ինք. եւ ան պէտք է հնազանդի եւ երբ օրին մէկն ալ անոր կողմէ ըմբոստութիւն կը տեսնէ, – արդար պահանջքը իր արդար եւ սուրբ իրաւունքներուն –, նախ տեսակ մը կը զարմանայ, ի՜նչ... այդ կօշկակարի չրախը, ո՞վ է որ ելեր իր բարձր կամքին դէմ կ’ըմբոստանայ, կամ այդ խոհարարի կտորը ո՞վ է որ կը յանդգնի բարձրապատիւ եւ կարող անձնաւորութեան մը դէմ գրիչ շարժել...։ Օ՜հ... սակայն այդ խոհարարի կտո՛րն էր որ Ոսկան-Նազարի պէս ժողովրդին մէկ պանծալի զաւկին վերջին դառն ամիսները քաղցրացուց թէ՛ նիւթապէս – ինչ որ գուցէ չէր ներեր իր համեստ քսակը – եւ թէ՛ բարոյապէս, օրինակելի անձնուիրութեամբ մը...։ Եւ այսօր՝ այդ խոհարարի կտո՛րն է դարձեալ, որ օտար հիւանդանոցի մը մէջ պատն երեսին պառկող ազգային նշանաւոր դերասանի մը երկար եւ տաժանելի ոդեւարը մեղմացուց նիւթապէս եւ բարոյապէս, անոր 174
կտակարանը եղաւ, խոստացաւ երկիւղածութեամբ կատարել անոր վերջին կամքը, եւ մեծ վարպետին վերջին շունչին հետ ընդունեցաւ եւ անոր թանկագին օրհնութիւնները...։ Եւ երբ ընդվզումը կը շարունակուի, բիրտ ուժը պատրաստ է... ոստիկանները հո՛ն են ձերբակալելու համար բողոքողները, կամ վարժարանէն կը հրամայուի արտաքսել այն արի պատանին՝ որ համարձակեր էր վարժարանին մէջ, այսինքն ամենէն սրբազան յարկի մը տակ տեղի ունեցած անպատշաճ ու անպատկառ վարմունքներ հրապարակաւ քննադատել...։ Բայց չէ՞ որ հալածումը տարածում է... երբ բռնութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի՝ կրնանք ըսել թէ՝ ազատու- թիւնը, այսինքն ճշմարտութեան յաղթանակը մօտի՜կ է...։ Վերեւ ըսի թէ՝ տառապիլը բարձրանալ է, եւ տառապանքը՝ փառապանծ ու լուսաւոր պսակն է հասարակ ժողովուրդին, որը պէտք է յարգել երկիւղածու- թեամբ...։ Անոր կամքը Սրբութիւն է, պէ՛տք է խոնարհիլ անոր առջեւ, որովհետեւ այդ Սրբութիւնը նուիրագործեր են տառապանքը, չարչարանքը եւ արի՜ւնը...։ Թողունք Ամերիկան, Ֆրանսան, եւ առնունք մեր սեփական ժողովուրդը, հայ ժողովուրդը։ Ովքե՞ր արդեօք մեր սիրուն Մայր Հայրենիքին պաշտելի հողերը թրջեր են իրենց կարմի՜ր արիւնով...։ Ովքե՞ր արդեօք մինչեւ այսօր տակաւին կը տքան ժանտ թուրքին եաթաղանին տակ...։ Չէ՞ որ հողագործ Մրտօները, բեռնակիր Մկրօները, կօշկակար Կարօները, դերձակ Սագօներն են ատոնք... Քանի՞ ազգա- յին ջոջերու անուններ կան արդեօք մեր նահատակ եղբայրներուն պաշտելի անուանց ցանկին մէջ...։ Կը կրկնեմ. անո՛նցն է ուրեմն կամքը, որը իրենց տանջանքներով ու արեամբ սրբագործեցին. անոնց արդար պահանջքներուն պէտք է գոհացում տալ. եւ մեր կղերական, ազնուական ու պուռժուա դասակարգը ուրիշ պարտականութիւն չունի՝ եթէ ոչ խոնարհիլ անոնց արդար իրաւունքներուն առջեւ...։ Այս գիտնանք որ հասարակ կամ ռամիկ ժողովուրդը միակն է որ կը ճանչնայ իր իսկական արժանիքով իրեն դատին կամ շահերուն օգտակար ո եւ է անձնա- ւորութիւն, որովհետեւ կուրցած չէ՛ նա անհատական նկատումներով. նոյնքան դիւրութեամբ կը զանազանէ դարձեալ գառի մորթի տակ թագնուող եւ իր միամտութենէն օգտուիլ ուզող գայլը. նա գիտէ որոշել մաքուր զուտ ոսկին անարգ պղինձէն. այդ փորձառութիւնը դարձեալ նա ստացեր է տառապանք- ներու մէջ. յարգե՛նք իր դատողութիւնը։ Ամեն ինչ պիտի անցնի, ամեն ինչ պիտի ոչնչանայ ժամանակի ընթացքին հետ. ե՛ւ ազնուականութիւն, ե՛ւ մեծութիւն ե՛ւ հարստութիւն, բայց ժողովուրդը կա՛յ ու պիտի մնայ յաւիտեան. ժողովուրդը, օր մը այնքա՜ն երջանիկ, որքան այսօր թշուառ, իբրեւ մէկ ընտանիքի, մէկ ցեղի, միեւնոյն ժառանգութեան վրայ հաւասար իրաւունք ունեցող զաւակ, մի՛շտ երջանիկ, մի՛շտ պանծալի, 175
հետեւաբար եւ նա՛ է ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ՅԱՂԹՈՂԸ...։ 20 Սեպտեմբեր 1901 Աղեքսանդրիա Փիւնիկ, 28 Սեպտեմբեր 1901, Բ. տարի, թիւ 20, էջ 204-207։ 176
ԻՆՔՆԱԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ1 ՄԱՌԻ Ամենուս ծանօթ ճշմարտութիւն մըն է որ ժողովուրդի մը մտքին ու սրտին մէջ ինքնագիտակցութեան եւ արժանապատուութեան զգացումը արթնցնողը՝ միայն ու միայն զարգացումն է։ Զայս փաստելու համար ինչո՞ւ հեռուները երթանք. ահա՛ մեր աչքին տակն ունինք ֆէլլահ ժողովուրդը։ Շունէ մը աւելի զրկուած եւ անարգուած այդ խեղճե- րը, անգիտակից իրենց սեփական իրաւունքներուն իբրեւ մարդ, հետեւաբար եւ անկարող բողոքելու, կ’ապրին, կամ աւելի ճիշդը կեանքը կը քաշկռտեն իրենց նմաններէն արհամարհանք ու նողկանք տեսնելով միայն...։ Եւ այս տխուր վիճա- կը պիտի տեւէ ցորչափ տգէտ մնան անոնք, անկարող ըմբռնելու թէ՝ ի՞նչ է իրենց գոյութեան նպատակը, ի՞նչ պարտականութիւններու փոխարէն ի՞նչ պահանջք- ներ ունին ազատ, յարգուած, ու պատուաւոր ապրելու համար իբրեւ մարդ ե՛ւ իրենք աշխարհի վրայ։ Զարգացում ըսելով սակայն, պէտք չէ՛ հասկնալ այն երեւութական խաբուսիկ փայլը, մի քանի օտար լեզուներ թութակի պէս խօսելու, հոյակապ հեղինակներէ գողցուած մի քանի հարեւանցի տեսութիւններ ու լաւ չմարսուած գաղափարներ ըստ պատշաճին պարզելու դիւրութիւնը. ընդհակա- ռակը շա՜տ աւելի վնասակար եւ աւերիչ են ադոնք, վասն զի ինչ որ թեթեւ բնութիւն մը ունի, երեւնալու, փայլելու համար միայն ընդունուած եւ ընդօրի- նակուած կեղծիք մը, աւելի ճիշդը, կանկռէնը կը դառնայ ժողովուրդի մը բար- քին...։ Իմ խօսքս խորունկ ու լուրջ, պարզ բայց հաստատ զարգացման վրայ է, որը միայն կարող է առողջ ու կենսալից պահել ժողովուրդի մը բարոյական ուժերը։ Եւ այն ատեն միայն ժողովուրդ մը մեծ է իսկապէս, երբ կատարեալ տէր ու գիտակից իր անձին՝ բարձր կը պահէ իր արժանապատուութիւնը։ Զարգացումը ոչ միայն բարոյապէս բարձրանալու եւ ազնուանալու միջոցն է, այլ միեւնոյն ժամանակ մեր նիւթական շահերուն, ապրելու կենսական պայման- ներուն համար անհրաժեշտ պէտք մըն է, քանի որ նա՛ կ’արթնցնէ մեր ներքին – մարդուն մէջ ինքնագիտակցութիւնը. եւ առանց ինքնագիտակցութեան ըսինք արդէն թէ՝ անկախ, պատուաւոր, ու երջանիկ կեանք չկայ...։ Եթէ այսօր բանւոր դասակարգը, որ ժողովուրդի մը մեծամասնութիւնը կը կազմէ, զրկանքի ու թշուառութեան մէջ կը տապկուի, իր չարաչար աշխատու- թեան փոխարէն գրեթէ ոչինչ ստանալով իբրեւ վարձք, զո՜հ անխիղճ գործարանատիրոջ անյագ շահասիրութեան, պատճառը իր արդար իրաւունքնե- րուն անգիտակից ըլլալը չէ՞ արդեօք...։ 1. Բանախօսութիւն՝ կարդացուած 1901 Նոյեմբեր 3-ին, Գահիրէի Լսարան-Ընթերցատան մէջ (Հ.Ա.)։ 177
Այդ դասակարգին մէջն ալ խլրտումները սկսեր են սակայն... բանւորական ժողովներ կը սարքուին, իրաւանց ու պարտուց վրայ ազատ ու կրակոտ ճառեր կը խօսուին, գործադուլ տեղի կ’ունենայ, ուժգին բողոքներ կը պայթին երբեմն գործարանատէրերու բացարձակ ու լիրբ գողութեան դէմ, գողութիւն մը՝ որ անպատիժ կը մնա՜յ...։ Ի՜նչ մտածել ուրեմն տիրող օրէնքներուն վրայ... երբ կը տեսնենք երբեմն թշուառ մը, որ անօթութեան տանջանքէն, կշտանալու պէտքէն մղուած հաց մը կը գողնայ. եւ ահա՛ ընկերութիւնը կ’անուանարկէ, խստիւ կը պատժէ, կը բանտարկէ, կը չարչարէ զայն, իբրեւ մարդկութեան մէկ վնասակար տարրը...։ Մինչ անդին ամեն օր մեր աչքին տակ ունինք ճոխութեան ու շռայլու- թեան մէջ յղփացած հարուստը, որ աղքատին ճակտին քրտինքը, արեան գինը կը շահագործէ իր արդէն լեցուն քսակը լաւ եւս պարարելու համար, անոր արդար իրաւունքը կ’իւրացնէ անխղճաբար... եւ հրէշ-մարդուն համար պատիժ չէ՛ սահմանուած... տխո՜ւր երեւոյթ...։ Բայց հակառակ այդ երբեմն բաւական զօրաւոր շարժումներուն, գործաւոր- ներու ինքնագիտակից խումբերը տակաւին իրենց յարուցած արդար դատին ո եւ է նպաստաւոր լուծում չեն ստացած, որովհետեւ անոնք փոքրամասնութիւնը կը կազմեն... ի՜նչ նշանակութիւն ունին քանի մը խմբակներ՝ անխիղճ գործարա- նատէրերու մօտ, երբ անդին ահագին մեծամասնութիւնը կայ, որ տակաւին տգիտութեան թանձր խաւարին մէջ առ խարխափ կուրօրէն կը քալէ կեանքի մէջ, ենթակայ ամենէն անտանելի զրկանքներուն։ Եւ տնտեսական ճնշումը, մարդ էակին հոգւոյն ու սրտին մէջ ինքնագի- տակցութեան եւ արժանապատուութեան զգացումները խեղդող է՛ն հզօր եւ կարող միջոցն է դժբաղդաբար, զայդ գիտեն անօրէնները, որոց բնաւ գործին չգար զարգացման ու լուսաւորութեան յաղթական մուտքը գործաւորական խաւերուն մէջ... եւ գուցէ ճիշդ այդ պատճառաւ կը ճնշեն ու կը ճզմեն տնտեսապէս խեղճերը, որպէսզի միջոց չունենան անոնք ուշադրութիւն դարձնելու իրենց բարոյական ներքին մարդուն վրայ...։ Ինքնագիտակցութիւնը կը սորվեցնէ ուրեմն ժողովուրդի մը արհամարհել բռնութիւնը, ուժով մաքառիլ ամեն անոնց դէմ, որոնք կ’աշխատին գողնալ իր սրբազան իրաւունքները...։ Արդար օրէնքը նուիրական է, եւ ով որ չհպատակիր արդար օրէնքին, նա անարժան է պատուաւոր քաղաքացիի անունը կրելու։ Բայց երբեմն օրէնքէ դուրս՝ քմահաճ օրէնքներ ալ կան, զօրաւորին օրէնքը, եւ ահա՛ ատոր դէմ միայն ժողովուրդ մը ոգի բռին մաքառելու, ազնուօրէն, դիւցազնօրէն, վեհօրէն կռիւ մղելու սուրբ եւ անբռնաբարելի իրաւունքը ունի վերջնականապէս ձեռք բերելու համար արդարութիւնը... որը երեւակայական աշխարհներու մէջ միայն գոյութիւն ունի կ’ըսենք, շատ անգամ, գուցէ գեղեցիկ բառ մը այսօր՝ որ վաղուան շօշափելի ու դրական իրականութիւնն է սակայն։ Իրաւունք մը պաշտպանե՜լ... դա վսե՜մ գործ է. բայց գաղափարին վսեմու- 178
թեան համահաւասար վսեմ պէտք է ըլլայ եւ անոր պաշտպանութիւնը։ Ո՛չ քսութեամբ, ո՛չ մեքենայութեամբ, ո՛չ ստոր եւ անուանարկիչ միջոցներով որոց քաղաքականութիւն անունը կուտանք։ Ատոնք կը նուաստացնեն գաղափարին մեծութիւնն ու բարձրութիւնը։ Չհետեւինք ճէզուիթներու առածին թէ՝ «նպատա- կը՝ զմիջոցները կ’արդարացնէ». ատիկայ ամեն բանի չյարմարիր...։ Մաքուր, վսեմ ու սուրբ բաներու հետ, մաքրութեամբ, վսեմութեամբ, սրբութեամբ պէտք է վերաբերուիլ...։ Գիտնանք քաջաբար, բաց կուրծքով, ճշմարտութիւնը իր փառա- ւոր մերկութեան մէջ պարզօրէն պաշտպանել։ Պարզութիւնը պաշտելի է։ Չտանք վսեմ ու ինքնին արդէն շա՜տ գեղեցիկ ճշմարտութեան՝ քաղաքականութեան կեղծ շպարը. այն ատեն նա պիտի նմանի այն գեղեցիկ կնոջ որ իր բնական վիճակին մէջ հրաշալի էր, համակ շող ու բոյր. եւ ահա, արուեստական շպարով, սնգոյրով ու ծարիրով կը ծեփէ իր դէմքն ու աչքերը, եւ կը կորսնցնէ այդու իր բնական անուշ ու գողտրիկ հրապոյրները։ Գուցէ դարուս պահանջքը տարբեր ըլլայ. ուղիղ ճամբան չէ՛ շատ անգամ որ նպատակին կը տանի. ընդհակառակն ուղղութիւնը գուցէ նպատակէն շեղեցնէ, մոլորեցնէ, հեռացնէ զմեզ. գուցէ իյնանք, առանց յաղթանակել տալու գաղափա- րը. ոչի՛նչ, այդ իյնալը արդէն բարձրանալ է, եւ յաղթուիլը՝ յաղթանակել. որովհե- տեւ ժողովուրդի մը վրայ ոչինչ այնքան խորունկ տպաւորութիւն կրնայ գործել, որքան գեղեցիկ ու բարձր դասերու գործնական օրինակը...։ Եւ եթէ անկարող ըլլանք մենք մեր ձեռքով անոր երջանիկ կեանք մը ապահովելու, գէթ ազնիւ նկարագիր մը տուած կ’ըլլանք անոր, որով կրնայ օրին մէկը մեծ ժողովուրդ մը ըլլալ, եւ ինքն իրմով պաշտպանել իր դատն ու իրաւունքը։ Այսօր գոյութիւն ունի ընկերվարականութեան պաշտելի գաղափարը, անհա- ւասարութեան ու զրկանքի դէմ մղուած կռիւ մը դարձեալ. խուլ կռիւ մը սակայն առանց ձայնի, առանց աղմուկի, առանց արեան ու կոտորածի. բայց ոչ նուազ ահարկու եւ սպառնալից նոյն իսկ այն հանդարտութեամբ որով կը գործէ...։ Սա կը նմանի ամպոտ երկնքի մը ուր երբեմն կայծակներ լռին կը փայլատակեն, եւ հուսկ յետոյ ամպերը յանկարծ կը պատռին, կայծակները կ’որոտան, երկինք ու գետին իրար կ’անցնին, անձրեւ ու կարկուտ իրարու կը յաջորդեն, սարսափ եւ արհաւիրք ամէն կողմ... եւ ահա տարերքի կատաղութիւնը տակաւ առ տակաւ կը հանդարտի, կը մարի, ամպերը կը պարզուին, ու երկինքը կը ժպտի մեզ իր անուշ կապուտին մէջ արեւուն շողշողուն ճառագայթներով պճնուած։ Հաւասարութեան գաղափարին յաղթանակը գուցէ դարերու գործ է, բայց անվրէպ է, որովհետեւ դա՛ արդիւնք է լուրջ ու երկար խորհրդածութեանց, հաս- տատուն ու տոկուն համոզման։ Քաղաքակրթեալ ժողովուրդներու մէջ, հայ ժողովուրդը գուցէ ամենէն աւելի մնացած ըլլայ տգէտ. եւ յանցանքը իրը չէ՛... Դարերէ ի վեր կրելով ստրկութեան շղթան, տառապանքի մարտիրոսութիւնը, երբէ՛ք միջոց ունեցած է իր բարքերուն 179
ազնուացման ու նկարագրին բարձրացման վրայ ուշ դարձնելու։ Ընդհակառակն ստրկութիւնը զմարդ կը ձգէ։ Ի՞նչ իրաւամբ անկախ եւ ազատ նկարագիր, ինքնա- գիտակցութեան ոգի փնտռել ստրուկ ժողովուրդի մը մօտ՝ որ մէկ կողմէն սուր ու կրակ, միւս կողմէն տնտեսական տխուր պայմաններ կը ճզմեն ու կը ճնշեն. հապա գաղթականութեան ահռելի ցաւե՜րը... մոռցա՞նք արդեօք...։ Իրա՛ւ է, այսօր մեր ժողովուրդն ալ կը խլրտի, կ’ընդվզի... բայց միթէ ինքնագի- տակցութեան ու խորունկ համոզման վրայ կռթնած շարժո՞ւմ մըն է դա... չէ՛... հոտ՝ միսն է որ կը բողոքէ, ոչ թէ՛ հոգին։ Չարչարանքի եւ ճնշումներու չափազան- ցութիւնն է որ կը մղէ զինքը կատաղի զայրութի մը բուռն ու անխորհուրդ յարձա- կումներով բողոքելու բռնութեան եւ հարստահարութեան դէմ։ Թող փոքր ինչ հանգիստ տան իրեն, թող ներկայ տխուր պայմանները փոխուին, եւ ահա պիտի տեսնենք ժամանակի ընթացքին հետ անցեալի դառն յիշատակները ջնջուած, այն վառվռուն զգացումները թմրած, եւ մեր ազգը դար- ձած՝ ամենէն գոհ եւ ամենէն հանդարտ ժողովուրդը...։ Միթէ խնդիրը վերջացա՞ծ է սակայն... ինքը ստրուկ ըլլալէ դադրա՞ծ է, ազա՞տ է ալ բոլորովին... չէ՞ որ բռնակալ իշխանութեան մը լուծին տակն է դարձեալ, որ օձի պէս խորամանկ, անոր միամտութենէն օգտուելու եւ զինքը խաբելու համար սանձը քիչ մը թոյլ կուտայ, ժամանակէ մը աւելի պինդ սեղմելու համար...։ Կը կրկնեմ, համոզմամբ չէ որ մեր ժողովուրդը մեծաւ մասամբ կը կռուի, վասնզի ով որ համոզման վրայ կռթնած կը գործէ, երբէ՛ք կը թուլանայ, երբէ՛ք կը կասի, երբէ՛ք կը խաբուի, այլ կը յառաջանայ անյողդողդ աչքերը անքթիթ յառած նպատակին։ Փոյթ չէ՛ թէ ճանապարհի դժուարութիւններէն, քարերէն ու փուշերէն վիրաւորուի նա. օր մը անվրէպ կը հասնի նպատակին. վասն զի համոզում եւ կամք, ահա ժողովուրդի մը համար յաջողելու միակ գաղտնիքը...։ Ըսի վերը թէ՝ մեր ազգին ներկայ այս տխուր ճգնաժամին մէջ, բնական է որ Մայր-Հայրենիքէն մեծ բան մը չենք կրնար սպասել, եւ իրաւունք ալ չունինք սպասելու, բայց Արտասահմանի հայութիւնը մանաւանդ, անհուն ազատութիւն եւ մէկէ աւելի միջոցներ ունի զարգանալու եւ յառաջդիմելու համար. վարժարաններ, թերթե՜ր, ընթերցարաննե՜ր, լսարան- նե՜ր... ի՞նչ կ’ուզենք տակաւին...։ Եւ այսօր՝ յորում պատիւը կ’ունենամ խօսելու սոյն լսարանին մէջ, ինձ քաղցր պարտականութիւն կը համարիմ իբրեւ ժողո- վուրդի մէկ զաւակը, իմ անկեղծ շնորհակալիքս յայտնել այն ազնիւ երիտա- սարդներուն, որոնք յառաջդիմութեան սիրովն ու ոգւովը վառուած՝ իրենց անձնական զբաղումներն ու հանգիստը կը զոհեն շատ անգամ գործը շարունա- կելու եւ հասցնելու համար իր արժանաւոր բարձրութեան եւ այդու՝ նոր զարկ մը կուտան ժողովուրդին զարգացման. ինչ որ պիտի արթնցնէ, ինչպէս ըսի, ինքնա- գիտակցութիւնը անոր մտքին ու սրտին մէջ, եւ այդու պիտի բարեփոխէ ներկայ դառն վիճակը...։ Եւ այս արեան ու սուգի տարիներուն մէջ մեր ազգային աննկուն կորովին մէկ 180
գլխաւոր յատկանիշը չէ՞ արդեօք մտածել դարձեալ բարոյական սնունդի մասին, մինչ մեզմէ շատերը նիւթական սնունդէ ալ գուցէ զրկուած են...։ Ահա՛ Եգիպտոսը, Պուլկարիան, Ֆրանսան եւ Ամերիկա՜ն...։ Ի՜նչքան տխուր են ներկայ ցաւերուն ու դառնութիւններուն մէջ մեր ուրիշ Հայ կեդրոններու ներքին երկպառակու- թիւններն ու կռիւները, որոնք մեր արդէն սպառուած ուժերը բոլորովին ջլատելու հանգամանքն ունին, այնքան ալ մխիթարական ու կազդուրիչ է տեսնել Ամերիկայի արի Հայ ժողովուրդին միութեան եւ համերաշխութեան ոգին մի՛շտ եւ ամեն բանի մէջ, անոր զարգացման եւ յառաջդիմութեան սէրը։ Հպարտ եւ երջանիկ արդէն իրենց անձին գիտակցութեամբ, անոնք համոզուած են թէ հզօրագոյն ձայնը ժողովուրդինն է օր մը. թէ ամեն բան կ’անցնի, կ’ոչնչանայ, միայն ժողովուրդը չմեռնի՜ր, նա կ’ապրի երջանիկ երբ հասցնէ իր ինքնագի- տակցութիւնը եւ արժանապատուութիւնը արժանաւոր բարձութեան։ Գուցէ ատիկայ դարերու գործը պիտի ըլլայ. ամբողջ ժողովուրդներու զարգացման եւ լուսաւորութեան խնդիրը թեթեւ ու հեշտ բան մը չէ՛ հարկաւ, բայց ոչի՜նչ, յաղթանակը ապահով է. ժողովուրդներ պիտի յաջորդեն իրարու, եւ մենք՝ այսօրուայ զրկուածներս ու դժբաղդներս՝ պիտի ապրինք մեր երջանիկ սերունդներուն մէջ, ճաշակելով գերագոյն վայելքը Հաւասարութեան, Եղբայրու- թեան ու Սիրոյ։ Փիւնիկ, 9 Նոյեմբեր 1901, Բ. տարի, թիւ 26, էջ 290-294։ 181
ԹԷ ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՍ ԹԵՐԹՆ ԱԼ1 ՄԱՌԻ Երկար ժամանակներէ ի վեր, դպրոցական գրասեղաններու վրայէն իսկ, ամենէն քնքուշ երազս, ամենէն գգուելի իդէալս եղած էր հիմնել Հայ իգական սեռին համար սեփական անկախ թերթ մը, որ ըլլար իրեն օրգանը, իրեն ազատ ձայնը։ Ատով հայ կինը ցոյց պիտի տար թէ՝ ինքն ալ ունի մտային ընդունակու- թիւն ըմբռնելու եւ շօշափելու համար այն ամեն ընկերային ու հանրային կարեւոր հարցերը՝ որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կապ ունին իր կնոջական պարտականութիւններուն, իրաւունքներուն ու պահանջքներուն հետ. տեսնելու ու դատելու կարողութիւն՝ քրքրելով ու ծեծելով իր թերթին մէջ կնոջական այն կարգ մը խնդիրները՝ որոնք դեռ մութի մէջ կը մնան, եւ բարոյական կորով՝ շարունակելու, պաշտպանելու եւ իր արժանաւոր ազնուութեանն ու բարձրու- թեանը հասցնելու իրեն ի նպաստ սկսուած ոեւէ ձեռնարկ, ոեւէ գործ։ Յանդուգն գաղափար մը՝ որը գուցէ յաւիտենական երազ, յաւիտենական իդէալ մնար ինձ համար, առանց անձնուէր, պիտի ըսեմ իսկ հերոսական ճիգե- րուն այն անձին՝ որը ուզեց բաղդակից ըլլալ ինձ։ Մոլեռանդ երկրպագու վեհ գաղափարներու, խանդոտ սիրահար մեծ գործե- րու, անվեհեր կռուող ամեն տգեղ նախապաշարումներու դէմ, եւ արհամարհոտ ու անտարբեր ամեն չարամիտ պարսաւանքներու հանդէպ, նա՝ ուխտեց իդէալիս իրագործմանը համար աշխատիլ իր բոլոր ուժերով. եւ կը կարծեմ արդարութեան ու ճշմարտութեան տուրքը տալ, հրապարակաւ յայտնելով իմ շնորհակալու- թիւնս անոր՝ որ գործին հոգին՝ եւ իմ աջ թեւս եղաւ2։ Այսօր՝ պարտականութիւն մը կատարած ըլլալուս անուշ գոհունակութեամբը երջանիկ՝ Արտէմիսը կը նուիրեմ իմ քոյրերուս, արդիւնք երկա՜ր տքնութիւն- ներու ծանր զոհողութիւններու եւ չարաչար զրկանքներու...։ Ասոնք կը յիշեմ, որպէս զի իմ սեռս գիտակից ըլլայ երկունքի այն սոսկալի տագնապներուն՝ որմէ մազապուր պրծաւ գործը, եւ այդու սիրէ, գուրգուրայ անոր վրայ իբրեւ իր աչքին լոյսը, եւ իր ջանքերը, բարոյական ու նիւթական թանկագին ուժերը միացնէ իմիններուս, որպէսզի տեւական, ամուր եւ հաստատուն ըլլայ անոր հիմը, տո- կուն ու անվեհեր կանգնած ամենէն ահարկու փոթորիկներու, ամենէն կատաղի քամիներու դիմաց։ Ամեն անոնք, որոնք կը կարծեն թէ Արտէմիսը իգական սեռին խնկարկուն պիտի ըլլայ, անոր առաւելութիւններուն եւ յատկութիւններուն ովսաննան պիտի կարդայ միայն, անտեսելով վատ եւ յոռի կողմերը, չարաչար կը սխալին։ 1. Արտէմիսի առաջին յօդուածը (Հ.Ա.)։ 2. Խօսքը Ավօի (Ավօ Նագըշճեան) մասին է (Հ.Ա.)։ 182
Արտէմիս ուղիղ եւ անաչառ պիտի ձաղկէ եւ թերութիւններն անոր՝ որուն օրգանն ու պաշտպանն է միանգամայն. քննադատութեան բովէն պիտի անցնէ մանրազննին, անոր ներկայ բարքերուն ամենէն հասարակ, ամենէն սովորական, եւ սակայն ոչ նուազ վտանգաւոր երեւոյթներն, որոնք կրնան նետել օր մը կինը՝ կորստեան խորխորատը։ Արտէմիս պիտի հանդիսանայ խորհող եւ լուրջ մայրը, իմաստուն եւ պար- տաճանաչ դաստիարակը, որ խանդագին պաշտելով հանդերձ մին իր զաւակը, միւսն՝ իր աշակերտը, խստիւ կը յանդիմանէ, եւ շատ անգամ գուցէ չարաչար կը ծեծէ զայն, ուղղելու համար ոեւէ թերութիւն, կամ մոլութիւն, եւ չ’թողուր ու չ’ներեր սակայն որ ուրիշ մը զարնէ անոր, ըլլայ այդ՝ վարդով մը։ Արտէմիս պիտի զբաղի գաւառացի կնոջ ներկայ տխո՜ւր կեանքով, նա պիտի ջանայ արթնցնել անոր նախապաշարումներով թմրած հոգւոյն, ու տգիտու- թեամբ քնած մտքին մէջ գիտակցութիւնը իր թշուա՜ռ վիճակին։ Մեր բարեկամներէն շատեր կը կարծեն թէ մենք Արտէմիսով պիտի քարո- զենք կնոջ սանձարձակ ազատութիւն...։ Արտէմիս մօտակայ թիւով արդէն պիտի յայտնէ մանրամասն թէ ինչպէ՞ս կը դաւանի ինքը կնոջ ազատագրութեան հարցը, եւ ի՛նչ տեսակէտներով պիտի շօշափէ զայն։ Մենք չպիտի քարոզենք սանձարձակ ազատութիւն կնոջ, չէ թէ որովհետեւ կինը իրաւունք չունի զայդ ձեռք բերելու, այլ վասնզի մենք համոզուած ենք թէ՝ ընտանեկան յարկն է մասնաւորապէս կնոջ վայել պատշաճ տեղը, եւ այդ գուցէ շատ նե՜ղ երեւցած սահմանին մէջ ամփոփուելով է որ անսահմանօրէն բարձր է նա, կատարելով իր երկնային դերը, որուն համար ընտրած ու կոչած է զինքը բնութիւնը. այն է՝ ստեղծել ու կատարելագործել մարդը, մարդով՝ մարդկութիւնը, եւ մարդկութիւնով՝ ազգերն ու ժողովուրդները։ Իրենց ընտանեկան յարկին համոզմամբ ու եռանդով նուիրուած, պարկեշտ, խոհուն, եւ իրենց պարտականութիւններուն կատարելապէս գիտակից մայրերն են որ տուեր են աշխարհին պարկեշտ, խոհուն եւ պարտաճանաչ ազգեր։ Օրի- նակները չեն որ կը պակսին։ Եւ քանի անցեր են դարերն ու ժամանակները, փոխուեր են բարքերն ու սովորութիւնները, տրուեր է կնոջ պարագաներու բերմամբ, եւ առնական բաժի- նը, արտաքին տգեղ աշխարհին հետ շփուեր է կինը, եւ այդու՝ կոխկռտուեր ու փշրուեր է կեանքի նկատմամբ սնուցած բարձր իդէալները... – սիրո՜ւն պատ- րանքնե՜ր թէպէտ, որոնք ունին սակայն իրենց մե՜ծ նշանակութիւնը ազգերու նկարագրին վրայ – ցեխոտուեր է իր միամտօրէն գեղեցիկ ու սուրբ հաւատքը դուրսի ապականութեան ու փտութեան աշխարհին մէջ, այնքա՜ն աւելի ցածցեր, պզտիկցեր են ազգերը, նիւթին գերի, իդէալէ զուրկ, գաղափարը հեգնող, եւ դարձեր միսի ու ոսկորի զանգուած մը, կենդանի՝ անասնական բնազդներով 183
միայն, եւ որուն խանդ ու հոգի կը պակսի։ Չէ՛... արտաքին աշխարհի մէջ չէ որ նա պիտի մղէ կռիւ. կռիւ մը՝ որ ինչքան տգեղ եւ ստոր, նոյնքան ալ բուռն ու կատաղի է. հոն կ’իյնայ ան ու կը մեռնի, վասնզի բնութիւնը զինքը ստեղծեր է փափուկ հոգւով, սրտով, ու մարմնով, այն համեմատութեամբ՝ որով փափուկ է եւ իր դերը։ Մայրեր տուէք ինձ, եւ ազգեր տամ ձեզ, ըսեր է մեծ խորհող մը։ Արտէմիսի նպատակը պիտի ըլլայ ուրեմն պատրաստել օրիորդներ, ամու- սիններ, մայրեր, որպէսզի օր մը հպարտութեամբ կարենայ ըսել, ահա՛ ձեզ մայրեր, տուէ՛ք ազգը։ Արտէմիս, Յունուար 1902, Ա. տարի, թիւ 1, էջ 1-3։ 184
ԶԱՒԱԿԸ ՄԱՌԻ Մենք նախորդ խմբագրականով խոստացանք շուտով պարզել մեր դաւա- նանքը՝ կնոջ ազատագրութեան հարցի մասին։ Ամեն մի նոր յեղաշրջում, որը կը կատարուի հասարակութեան կեանքին մէջ, բնականաբար իրեն նպատակ կ’ունենայ հասարակութեան բաղդաւորութիւնը. առանց ատոր չարժեն այն եռանդուն պրօպականտները, այն տաժանելի յոգնու- թիւնները, չարաչար զրկանքներն ու տառապանքները, զորս մէկէ աւելի ընկերա- բաններ ու դաւանանքի մարդիկ կուտան իրենք իրենց, մի որեւէ մեծ օգտակար սկզբունքի սերմը դնելու համար մարդկութեան, ըսեմ, ապերախտ հողին վրայ, որը մինչեւ ընդունի զայն իր անհիւրընկալ ծոցին մէջ կը քամէ ու կը ծծէ անյագ ընկերաբան, խմբագիր, վարժապետ-մշակին ե՛ւ քրտինքը, ե՛ւ արիւնը ե՛ւ կեանքը շատ անգամ. սա՝ այնքան պայծառ ու որոշ ճշմարտութիւն է ինչպէս արեւուն լոյսը։ Արդ՝ կնոջ ազատագրութեան հարցը, որ ժամանակէ մը ի վեր հզօր արձա- գանգ գտած է Եւրոպայի է՛ն պատկառելի մտաւորական կեդրոններու ու շրջա- նակներու մէջ, եւ որը վիթխարի քայլեր առնելու վրայ է դէպի վերջնական լուծումը, մին է անշուշտ այն մեծ յեղաշրջումներէն, որոնք մարդկութեան ճակա- տագրին վրայ կ’ունենան խորունկ ազդեցութիւն, եթէ սակայն ատիկայ հիմնաւոր ու օգտակար նպատակի մը կռթնած կը յառաջանայ. հակառակ պարագային այդ պիտի նմանի տաշեղի բոցին որ ակնթարթի մէջ կը բռնկի, կը բարձրանայ մինչեւ երկինք ու կը հանգչի իսկոյն, բուռ մը մոխիր միայն թողլով աշխարհային փոփո- խական հովերու քմահաճոյքին, որը կը ցրուէ կը տարտղնէ զայն եւ տեղն իսկ կը թողու անյայտ։ Մենք՝ «ֆէմինիզմ»ի ներկայ սանձարձակ ուղղութեան մէջ կնոջական ոտնա- կոխ եղած իրաւունքները ձեռք բերելու եռանդէն ու տենչէն աւելի՝ այր մարդէն վրէժ լուծելու, անոր դարաւոր անիրաւութիւնները իրեն յիշեցնելու, անոր անձնասիրութիւնը քաւել տալու անորոշ, գուցէ եւ անգիտակից ձգտում մը կը տեսնենք։ Ֆէմինիզմը կ’ուզէ ֆիզիքական տարբերութիւնը միայն տեսնել առն եւ կնոջ մէջ, ուրիշ ոչինչ. ճիշտ է որ ասիկայ արդարացի պահանջ մըն է, բայց խնդիր է թէ իր այդ ձգտումներուն լիակատար յաղթանակը օգտակա՞ր ազդեցութիւն պիտի ունենայ ապագայ մարդկութեան վրայ թէ վնասակար. ահա այս կէտը պէտք է ըլլայ մեր ուշադրութեան գլխաւոր առարկան։ Անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է թէ այսօր այր մարդը բարոյապէս հազար անգամ աւելի ինկած է քան կին-մարդը. եւ ադոր պատճառը դարերէ իվեր իր վայելած սանձարձակ ազատութիւնն է. եթէ կնոջ ալ իր այր ընկերոջ կողքին 185
կեանքի ամեն ճամբաներուն մէջ հաւասարապէս քալելու իրաւունքները լիովին տրուած ըլլային, այսօր՝ ինչպէս ուրիշ անգամներ ալ ըսած ենք, կիրքերու գերի, անասնական բնազդներով միայն ապրող մարդկութիւն մը գոյութիւն պիտի ունենար աշխարհի վրայ։ Սակայն բնութիւնը անհունապէս բարձր, անհունապէս իմաստուն, ընտրելով կինը իբրեւ վստահելի, ապահով պահապան մարդուն բանականութեանը, ինքը առաջինն մերժեր է անոր տալ նոյն հաւասար ազատութիւնը։ Ճակատագրելով կնոջ մայրութեան վիճակը, կաշկանդեր է նախ անոր այն ամեն ձգտումները՝ որոնք անբարոյական բնութիւն մը կը թագցնեն. եւ որպէսզի այդ լուծը դարձնէ անոր քաղցր ու բեռը թեթեւ, եւ պաշտպանելու համար զայն պիղծ անկումներէ, անոր ծոցին ու գրկին մէջ դրեր է Զաւա՜կը...։ Զաւա՜կը... ու միեւնոյն ատեն բռնկցուցեր է կնոջ սրտին մէջ որդիական գերա- գոյն Սէրը... միակ անփոփոխելին, այդ մահուան պէս հզօր սէրը, սրբագոյն սէրը, որոյ վրայ չի կրնար ազդել տարիներու ընթացքը, որոյ համար ո՛չ երիտասար- դութիւն կայ, ո՛չ ծերութիւն, ո՛չ գեղեցկութիւն, ո՛չ տգեղութիւն. մայրութեան վիճակն է, այո՛, որ սուրբ պահած է կինը. առանց ատոր նա գուցէ ինկած պիտի ըլլար այն գետնաքարշ պղծութիւններուն մէջ, ուր թաթախուած է այսօր այր մարդը։ Այդ անսահման, ըսեմ անբացատրելի սէրը սրտին մէջ, անբնական չէ՞ արդեօք կնոջ համար հետեւիլ ուզելը կեանքի այն ամեն պայմաններուն ու պարագաներուն, որոնց անձնատուր կ’ըլլայ այր մարդը անտարբեր ու անհոգ. վասնզի զաւակի սէրը նոյն բարձրութեամբ ու նոյն խորութեամբ չէ զարգացած անոր սրտին մէջ։ Ազգային բանաստեղծ մը սապէս կը բացատրէ որդիական սիրոյ զգացման տարբերութիւնը հօր եւ մօր միջեւ. «Երբ որդին մեռնի՝ հայրը կուլայ ծանրաթա- խիծ. բայց ժամանակը անոր այս վիշտը միւս վշտերէն աւելի չ’յարգեր. բայց տարիներէ ետքը տե՛ս մօր սիրտը, դեռ նոյն վէրքը արիւնահոս է»։ Անասուններուն մէջն ալ նոյն կարգը դրած է բնութիւնը. ո՞վ է որ կը հսկէ ձագուկներուն վրայ. ո՞վ է որ կը պաշտպանէ զանոնք քաջաբար թշնամիներու դէմ. ո՞վ է որ սիրով ու գուրգուրանքով կը դիեցնէ զանոնք իր կաթով. չէ՞ որ էգն է դարձեալ...։ Մարդկութեան մէջ գիտակցութիւնը շա՜տ աւելի զարգացած է. եւ հայրը բաղդատմամբ մօր՝ թէպէտ անհոգ ու անտարբեր, եւ սակայն որոշ սէր, որոշ խնամք կը տածէ իր զաւկին համար։ Իսկ անասուններուն մէջ այդ չկայ. արուն արդէն մոռցած անոնք՝ որ իր ալ ձագերն են, կը հեռանայ ամեն հոգ թողլով էգին վրայ։ Կը հարցնենք. ի՞նչպէս եւ որո՞ւ թողուլ զաւակը, սրտի այդ հատորը, որուն համար կրած զրկանքը մայր մը կը դաւանի վայելք, եւ ընել այն՝ ինչ որ իրաւունքը կը թոյլատրէ մեզի...։ Օրինակի համար, կրնանք թողուլ զաւակը անկիւն մը, 186
երեսի վրայ, կամ յանձնել զայն օտար, վարձկան ձեռքերու, ու երթալ հոն՝ ուր կը կոչէ մեզ իրաւունքը, կանգնիլ հոն՝ ուր կեցած է այր մարդը, եւ ընել այն՝ ինչ որ կ’ընէ ան, մեր սիրտը արդեօք կը թոյլատրէ՞ մեզի այդ բանը... չէ՛ անշուշտ. եւ ամենէն թունդ ֆէմինիստները այսօր, նախամեծար կը համարին գուցէ զոհել իրենց ամբողջ դաւանանքը, քան իրենց զաւկին մազերուն մէկ թելէն անցնիլ։ Նոյն իսկ վայրկեան մը ենթադրենք թէ՝ իրաւունքէ դուրս բան մը ճանչնալ չուզեն, ուրանան զաւակը, ատիկայ հրէշային բան մը կ’ըլլայ որ զզուանքէ ուրիշ զգացում չ’կրնան առթել։ Բնութիւնը լաւ է կարգադրեր ամեն բան. ու ելնել բնութեան այս իմաստուն կարգադրութիւններուն հակառակ պահանջներ ունե- նալը՝ նախատել է զայն, թքնե՜լ անոր երեսին...։ Ենթադրենք դարձեալ պահ մը որ «ֆէմինիզմ»ը կը յաղթանակէ շուտով։ Վնասէ դուրս ուրիշ ի՜նչ օգուտ կայ ադոր մէջ մարդկութեան համար։ Ելնելով բնական ճամբէն դուրս, մեր սուրբ ու փափուկ պաշտօնը առնելով ոտքի տակ, նետելով մեր վզէն զաւակին մտքին ու սրտին վրայ հսկելու բնական պարտականութիւնը, ամբարտաւանօրէն փքանալով մեր անձնասիրութեան գոհացումովը եւ յղփանալով այն կարգ մը հաճոյքներուն մէջ, որոնք մեզի ձգելու ու մեր մաքրութիւնը արատաւորելու բնութիւնը ունին. այդ բոլորին համար կ’ըսեմ, նախ պիտի տուժէ զաւակը, անմեղը, որուն գոնէ կեանք տալու չէինք, եւ յետոյ ապագայ սերունդներուն բարոյական փճացումը մեր վրայ պիտի ծանրա- նայ. վասնզի «Մայրերն են որ ազգեր կուտան»։ Մենք այնքան բարձր ըլլալու ենք որ գիտնալու ենք զոհել մեր նոյնիսկ կարգ մը խոշոր իրաւունքներն ալ մեծ նպատակին, այսինքն սերունդի ազնուացման ու բարձրացման համար։ Ուրիշ առթիւ ըսած ենք թէ մօր ազդեցութիւնը անջնջե- լիօրէն կը մնայ տղուն հոգւոյն ու սրտին վրայ, գիտնանք ուրեմն մի՛շտ լաւը, գեղեցիկը, օգտակարը ներշնչել անոնց։ Մտածենք թէ ամբողջ սերունդներ մեզի պիտի պարտին իրենց մեծութիւնը. եւ այս գիտակցութիւնը շատ մը ազատու- թիւններէ ու վայելքներէ աւելի մեզ չի՞ վարձատրեր, չ’ե՞րջանկացներ արդեօք։ Մենք հայ կանայքս, համեմատաբար, ամենէն աւելի զրկանք ու բռնութիւն տեսեր ենք։ Քաղաքակրթութիւնը հազիւ այսօր քիչ մը թուլցուցած է մեր ստրկու- թեան շղթաները։ Իսկ գաւառացի խեղճուկ հայուհին դեռ նոյն զրկանքներուն տակ կը հեծէ։ Այսու հանդերձ, այդ պատճառ մը չէ՛ որ մենք բոլորովին անձնատուր ըլլանք «ֆէմինիզմ»ի ուղղութեան, դաւանելով զայն իբրեւ մեր ազատարարը, մեր բռնա- բարուած իրաւունքներուն փրկիչը...։ Ատիկայ կորստաբեր կ’ըլլայ մեր արդէն խախուտ ցեղին։ Կամովին զոհելով մեր իրաւունքներէն շատ մը բաներ, պահպանելու համար ընտանիքը, սերունդը, ազգը՝ գիտնանք միեւնոյն ժամանակ քաջաբար պաշտպա- նել ա՛յն, ինչ որ անհրաժեշտ է ապրելու համար իբրեւ մարդ, իբրեւ բանաւոր 187
էակ...։ Այր մարդուն համահաւասար ազատութիւն վայելել՝ չըլլայ թող մեր միակ նպատակը. ատիկայ շատ հասարակ ձգտում մըն է, որը ծայրայեղ անձնասի- րութիւն կը բուրէ լոկ. այլ մեր սկզբունքը թող ըլլայ գլխաւորաբար ազգութեան բարձրացումը, մեր այն խեղճ ազգութեան՝ որոյ կը սպառնայ միշտ աւելի՛ մեծին, աւելի՛ հզօրին մէջ ձուլուելու ահարկու վտանգը...։ Գիտնանք որ գաղափարի մը կամ սկզբունքի մը կռիւը երբէ՛ք կրնայ միշտ միեւնոյն թափով յառաջ մղուիլ՝ եթէ սահմանեալ բարձր տեղ մը, ազնիւ նպատակ մը չունենայ իրեն յենակէտ. ուստի մեր յաղթանակը ապահով է, վասնզի մեր սկզբունքը վեհ՝ ու նպատակը ազնիւ պիտի ըլլայ։ Չափաւորենք մեր պահանջները, զգացնելով սակայն թէ՝ գիտակցութեամբ, եւ մեր իրաւունքներուն հաւասարութիւնը լիովին ըմբռնելով՝ ետ կը քաշուինք։ Բայց ուժգին մաքառինք այն կարգ մը նախապաշարումներուն դէմ, որոնք մեզի դժբաղդացուցեր են դարերէ ի վեր, եւ ցայսօր կը սպառնան մեր կեանքի բաղդա- ւորութեան։ Պահանջենք որ իրաւունք ունենանք սիրելու բացարձակ եւ համարձակ, իրա- ւունք ունենանք ընտրելու առանց ո՛ եւ է թելադրանքի ու ստիպումի, ազա՛տ կամքով, մեր կեանքի ընկեր այն՝ որուն սրտին հետ կապուած է եւ մե՛ր սիրտը։ Իրաւունք ունենանք ազատ խօսելու եւ համարձակ կարծիք յայտնելու այն ամեն խնդիրներու մասին՝ որոնք կը շօշափեն հասարակական կեանքը, եւ պահանջենք որ մե՛ր ալ կարծիքները նկատողութեան առնուին ու գաղափար- ները յարգուին։ Ազա՛տ ըլլանք մեր ընտանեկան կեանքին մէջ, ազա՛տ եւ անկա՛խ մեր գործե- լու ու մտածելու եղանակին մէջ. ազա՛տ հետեւելու ո՛ եւ է պաշտուած գաղափա- րի կամ մեզ համար սիրելի մի նպատակի, մէկ խօսքով ազա՛տ այն ամեն բանի մէջ՝ որը մաքուր եւ նախապաշարումներէ բոլորովին ազատ բարոյական մը կը թոյլատրէ ու ո՛ եւ է կերպով չի վնասեր սերունդի ազնուացման գործին։ Այս սահմանէն անդին չանցնինք, կամովին ու սիրով մնանք մեր սրբազան դերին մէջ, յիշելով թէ՝ ամենէն բարձր գոհունակութիւնը, ամենէն մեծ երջանկու- թիւնը պարտականութեան անթերի կատարման մէջ կը կայանայ։ Արտէմիս, Փետրուար 1902, Ա. տարի, թիւ 2, էջ 32-37։ Վերատպուած՝ Մառի Պէյլէրեան, Դէպի վեր, Իզմիր, Տպագր. Մամուրեան, 1914, էջ 234-239։ 188
ԱԿՆԱՐԿ ՄԸ ՀԱՅ ԿՆՈՋ ԱՆՑԵԱԼԻՆ ՎՐԱՅ ՄԱՌԻ Համառօտիւ բացատրելէ ետքը թէ ինչո՞ւ եւ թէ ի՞նչ գլխաւոր պատճառներով մեզ՝ հայ կանանցս համար վտանգաւոր է ընդգրկել «ֆէմինիզմ»ը իր ամբողջա- կան լայն ծրագրով եւ ուղղութեամբ – ծրագիր մը՝ որը մենք խտացուցինք՝ սա մէկ խօսքին մէջ թէ՝ «ֆէմինիզմ»ը կ’ուզէ սեռի ֆիզիքական տարբերութիւնը տեսնել միայն առն ու կնոջ մէջ. ուրիշ առթիւ աւելի ընդարձակօրէն ու աւելի մանրամաս- նօրէն պարզելու պայմանաւ զայն մեր քոյրերուն – մենք աւելորդ չենք համարիր թռուցիկ ակնարկ մը նետել դէպ ի ետեւ, դէպ ի հայ կնոջ անցեալը, համոզուած ըլլալով թէ անցեալին մէջ մխրճուելով, շատ անգամ անոր դարաւոր խաւարին մէջ խարխափելէ ու զայն թափանցելէ ետքն է որ կը հասնինք վերջապէս որոշա- կի տեսնելու այսօրուայ լոյսը, եւ ըմբռնելու տարբերութիւնը ընդ մէջ երէկուայ եւ այսօրուայ տիրող կեանքին. վասն զի ճշմարտութեան եւ փորձառութեան վրայ հիմնուած առողջ տեսութիւններով, եւ ուղիղ համեմատութիւններով կարելի է միայն մարդուս մտքին ու սրտին աստիճանական զարգացման պատմութիւնը որոշ հիւսել։ Արդ, ի՞նչ էր հայ կինը, եւ ի՞նչ եղած են առ հասարակ բոլոր կիները հեռաւոր անցեալին մէջ։ Վաճառքի սոսկական առարկաներ...։ Եղած են ատեններ՝ յորս հայ կինն ալ հաւանականաբար, գերմանական, կելտական, սլաւոն կանանց պէս դրամով կը ծախուէր իր ապագայ ամուսնոյն։ Այդ տեւած է մինչեւ Քրիստոնէական դարերու սկիզբները, յորս Քրիստոնէու- թիւնը սրբագործելով ամուսնութիւնը եւ կնոջ տալով նշանակութիւն ու համեմա- տական բարձրութիւն, վերջապէս յաջողած է մասամբ բացարձակ առեւտուրի գէթ այդ ամօթալի տեսակէն ազատել զայն...։ Եղած են ատեններ, յորս հայ կինը իր պապերէն, ծնողքէն, ու եղբայրներէն մնացած ժառանգութեան վրայ իրաւունք չունէր, նա արհամարհուած էակ մըն էր, հրաժարեցուցուած մարդկային նոյն իսկ է՛ն տարրական իրաւունքներէն, կարծես նա բանաւոր, զգացող, խորհող ու գործող էակ մը եղած չըլլար...։ Մեր պատմագիրներէն շատերը Եղիշէ, Խորենացի, Մխիթար Գոշ ամենախո- րին յարգանօք կը յիշատակեն իրենց ժամանակակից հայ կիները. որմէ շատերը կը հետեւցնեն թէ այնքան արհամարհուած չէ եղեր հայ կինը անցեալին մէջ, թէ չափազանցուած են արդի տխուր կարծիքները անոր հին վիճակին մասին։ Բայց մեր պատմագիրները կը խօսին առ հասարակ արքայազն բամբիշներու, նախարարներու, եւ իշխաններու տիկնանց եւ մի քանի կրօնական դիւցազնուհի- ներու մասին որոնց ազնուական եւ բարձր դիրքը ի հարկէ չպիտի թողուր որ 189
անոնց ճակատագրուէր այն վիճակը՝ ուր ինկած էին ժողովուրդի համեստ դասակարգի կիները առ հասարակ։ Իսկ ժողովրդային դասակարգի կանանց վրայ լուռ մնացած են գրեթէ։ Վիճելի է ուրեմն թէ՝ մեր պատմիչներու այդ յարգական տողերը հայ կնոջ մասին հարկ է ընդունիլ իբրեւ զօրաւոր փաստեր կին սեռին այդ ատենուայ ընդհանուր բարձրութեան։ Եթէ իրօք այդ դարերու մէջ կանայք իրենց այրերուն կողքին բարոյական հաւասար բարձրութեան վրայ էին կանգնած, եթէ իրօք անոնք տէրն էին մասամբ իրենց իրաւունքներուն ու պահանջներուն, ըսել է մութէն դէպ ի լոյսը քայլ են առեր արդէն. ինչպէ՞ս կ’ըլլայ հապա, որ ետքերը փոխանակ ա՛լ աւելի յառաջա- նալու, ինքնագիտակցութեան ճամբուն մէջ, սկսին դարձեալ դէպ ի ետ երթալ...։ Չէ՞ որ ճշմարտութեան ու արդարութեան վրայ հիմնուած լուսաւոր գաղափար- ները կը յառաջդիմեն միշտ, ու կը յաղթանակեն ապահովաբար, նոյն իսկ եթէ գիտութիւնը, բռնութիւնը, հալածանքը տքնին խորտակել, փշրել, ոչնչացնել զանոնք։ Կարելի՞ բան է որ մարդ անգամ մը լոյսը տեսնելէ ետքը կարենայ խաւարը ընդգրկել...։ Ուրեմն հայ կինը երբէ՛ք տէրը չէ եղեր իր իրաւունքներուն։ Ահա՛ նոյն իսկ մօտաւոր անցեալին մէջ մենք կը տեսնենք զայն ստրուկ, գործիք, վաճառք։ Այրերը կը մկրտէին զայն, «մեր տան սպասուհին» կամ «ձեր աղախինը» անուններով. ուրիշ անուն չունէր ան երբ հարկ ըլլար յիշուելու խօսակցութեան մէջ։ Այդ պարզ բայց անգութ խօսքը ինքնին չի՞ սահմաներ միթէ կնոջ ինկած, անարգ նշանակութիւնը ե՛ւ ընտանեկան յարկին մէջ ուր ամենէն բարձր տեղը պիտի ունենար ան։ Ըսած ենք ուրիշ առթիւ թէ կնոջ համար ստեղծուած էր սա՛ տխուր վիճակը. «ծնիլ», ամուսնանալ, զաւակներ ծնիլ իր կարգին, տան սպասուհին մնալ, եւ մեռնիլ անասունի պէս, բոյսի պէս, խոտի պէս, աննշան անցնելով աշխարհի վրայէն, առանց որոշ գործունէութեան, առանց նպատակի, առանց ձգտմամբ, առանց իտէալի...։ Սա՝ նախնական շրջանն էր հայ կնոջ կեանքին։ Կուգայ երկրորդ շրջանը։ Մեծ փոփոխութիւն մը չտեսնուիր դեռ անոր կեանքին մէջ։ Նա դարձեալ մշտական վաճառքն է, առաջինէն ոչ նուազ պժգալի առեւտուրի մը, որը ցարդ կը տեւէ աւելի մեղմացած, նրբացած, կերպարանափոխուած ձեւերու տակ...։ Նախ- նական դարերու մէջ նա կը ծախուէր ընթացիկ դրամով, յետոյ տակաւ առ տակաւ սկսաւ ծախուիլ, դիրքի, վիճակի, եւ մա՛նաւանդ նիւթական բարւոք կացութեան փոխարէն։ 190
«Աղջիկը լաւ տեղ ձգել» ա՛յս անուամբ ահա մկրտուեցաւ սոյն նորօրինակ առեւտուրը։ Չի լսուեցաւ հոդ Սրտի ձայնը, նկատողութեան չառնուեցաւ գաղափարներու, բնաւորութիւններու, զգացումներու, կազմուածքներու, տարիքներու ներդաշնա- կաւորութիւնը. ատոնք բոլորը անկարեւոր ոչնչութիւններ համարուեցան։ Տիրապետող ուժը դրամն էր. ու դրամը մնաց մինչեւ հիմա։ Տգէտ մայրերը աչքերնին չորս բացած, եւ իրենց օգնական ու զօրավիգ առած «ղլավուզ» կիները, կը փնտռէին լաւ փեսացուներ իրենց աղջիկներուն՝ ինչպէս նաեւ լաւ հարսնցուներ իրենց տղաներուն համար։ Եւ այդ բոլոր էնթրիկներուն մէջ «ղլավուզ կիներ»ը՝ զորս չպիտի վարանիմ կեանքի պոռնկացածները, անբա- րոյական փճացած տարրը կոչել, խորապէս ըմբռնած իրենց զզուելի դերին ուժը այդ խեղճ տգէտ ծնողքներուն վրայ, իրենց այդ գծուծ եւ ստոր գործունէութիւնը կը ծախէին, ու կը ծախեն դեռ եւս կրցածնուն չափ սուղ. գտած փեսացունուն կամ հարսնցունուն ֆիզիքական, բարոյական եւ մանաւանդ նիւթական արժանիքին համեմատ։ Այդ «ղլավուզ» կիները մեր սեռին ցեցն ու աղտը, որոնց մասին պիտի խօսինք օր մը, վասն զի դեռ բոլորովին ու վերջնականապէս քաշուած չեն ասպարէզէն, իրենց անամօթ ու լիրբ սուտերով եռապատկելով ու քառապատկելով շատ անգամ բոլորովին գոյութիւն չունեցող երեւակայական արժանիքներ, ի շահ իրենց քսակին, երկու կողմերն ալ խաբած, եւ պատճառ դարձած են մէկէ աւելի սոսկալի դժբաղդութիւններու եւ եղերական դէպքերու։ Բոլոր այս գործողութիւններու ժամանակամիջոցին մէջ փեսացու տղան ու մանաւանդ հարսնցու աղջիկը կրաւորական դիրք պինի բռնէին։ Աղջիկը չէր ճանչեր այն մարդը՝ որուն պիտի միանար յաւիտենական կապե- րով եւ ոչ ալ փեսացուն տեսեր էր այն աղջիկը, որը իր կինը պիտի ըլլար շուտով։ Հարսանիքէն ետքը միայն կը տեսնէին զիրար։ Եթէ իրարու դուրեկան չեկան, եթէ բնաւորութիւնները իրարու չյարմարեցան, աւելի գէշ. լռութեամբ պիտի համակերպէին ստեղծուած վիճակին. «Աստուծոյ կամքը այս էր». «Իրենց բաղդն էր, ճակատագիրն էր»։ Այրը գոնէ ազատ էր պոռալու, գոռալու, իր սրտին աղին ու լեղին թափելու կնոջը վրայ. իսկ կինը՞... եթէ յանդգնէր դիտողութիւն մըն ալ ինք ընելու, աւան- դական պարկեշտութիւնը վիրաւորող լկրտուած մը կը համարուէր, տունէն ներս առնելու անարժան էակ մը, որը ամօթի քօղը շատո՜նց երեսէն սրբեր սկրդեր է...։ Այս ամուսնութիւններուն մէջ, ինչպէս ըսինք, գրեթէ ամենէն վերջին տեղը տրուած էր ֆիզիքական ու բարոյական արժանիքներուն. թող որ հասկացո- ղութիւնը ու դատողութիւնը այնքան ալ զարգացած չէր մեր հայերուս մէջ։ Նշանտուք մը, հարսնիք մը ըլլալուն պէս, գլխաւոր ու նշանակիչ հարցը այն էր թէ՝ փեսացուն ի՞նչ նշան բերաւ. երես տեսէ ի՞նչ տուաւ. քանի՞ ոսկի կ’արժէ 191
բերած մատնին կամ ապարանջանը, եւ ով որ կարող էր բազմաթիւ ու սուղ ադամանդեղէն զարդերով պճնել իր հարսնցուն, ան կը համարուէր տիպար փեսացուն. փոյթ չէր թէ նա ըլլար ծեր, տգեղ, տխեղծ, դաժան, անսիրտ։ Իսկ հարսնցուն պիտի ըլլար տարիքով շատ մատաղ, գեղեցիկ, կերակուր եփելէ, աւանդական անուշներ պատրաստելէ, լաթ լուալէ քաջ հասկցող. բերանը խուփ. ամեն բանի լռիկ համակերպող, ըլլայ նոյն իսկ ծեծի, նախատինքի, հայհոյանքի, մէկ խօսքով ան պիտի ըլլար հլու գործիքը, ստրուկ հպատակը իր ամուսնոյն։ Սի՜րտ, մի՜տք, դաստիարակութի՜ւն, ադոնց մասին գաղափար իսկ չկար. ամօ՛թ էր նոյն իսկ ուսման ու զարգացման խօսք ընել կնոջ համար, եւ գրող կարդացող կինը կը համարուէր տեսակ մը նոր օրինակ, իր դերէն ու սեռէն դուրս, կէս մը այր դարձած անբնական էակ, որուն խեթիւ ու գայթակղութեամբ կը նայէին ուրիշ կիները։ Անցեալի հայ կնոջ համար ընտանեկան կեանքը դժոխք մըն էր. նա՝ ստուեր մը պէտք էր ըլլայ. ուրիշ ոչի՛նչ։ Ամօ՜թ էր կտրիճ տղամարդուն համար իր կնոջ հետ սրտաբաց, ընկերաբար, սիրով խօսիլը. կնաբարոյ կը կոչուէր ան այդ պարագային իր շրջանակէն. եւ կը մեղադրուէր ու կը նախատուէր իրեններէն։ Եթէ ըսելիք մը ունէր, պարտաւոր էր խօսիլ խստադէմ գրեթէ առանց կնոջը երեսը նայելու։ Այս շրջանէն ալ կ’անցնի հայ կինը. եւ կը հասնի, ըսենք քիչ մը աւելի բաղդաւոր ժամանակներու։ Տակաւ առ տակաւ դպրոցներ կը բացուին աղջկանց համար ալ. ուսանելու փափաքը քիչ քիչ կ’արթննայ եւ անոնց մէջ։ Ամուսնութիւն- ները նախնական տարիներու հետ համեմատած, իրենց խուժդուժ բնաւորու- թիւնը կը կորսնցունեն։ «Աղջիկտես»ի սովորութիւնը եթէ ո՛չ աւելի լաւ, գէթ տարբեր հանգամանք մը կ’առնէ. այսինքն փեսացուն փոխանակ իր մօրը կամ ազգականներուն աչքերովը տեսնելու իր հարսնացուն, կ’երթայ անձամբ ինքը իր աչքերովը տեսնելու զայն։ Եւ ահա, աղջիկը հագուած շքուած, նման այն ապրանքներուն՝ որ փայլուն ապակիներու ետեւ, զարդարուն ու գունագեղ թուղթերու վրայ կը ցուցադրուին, աւելի ճոխ, գեղեցիկ ու փայլուն երեւցնելու համար յաճախորդին, կուգայ, աւանդական անուշը ու ջուրը տալու փեսա- ցուին...։ Եթէ այդ մի քանի վայրկեանի հապճեպ տեսութեան, գողունի իրարու վրայ նետուած ակնարկներու միջոցին, իրարու դուր եկան, նշանտուքը տեղի կ’ունե- նայ։ Տգեղ սովորութիւն մըն է սա դարձեալ, որը միեւնոյն ժամանակ արժանա- պատուութիւնը վիրաւորող բնութիւն մը ունի... Կը պատահի յաճախ որ փեսա- ցուն չհաւնիր հարսնցուին. հասակը կամ շատ կարճ կը գտնէ, կամ շատ երկար. մազերը կամ շատ թուխ կամ շատ դեղին...։ Աղջկան ականջը կը հասնի ատիկայ. 192
եւ ահա՛ սուր ցաւ մը անոր սրտին...։ Դժբաղդաբար դեռ այդ սովորութիւնը կը տիրէ Տաճկաստանի նոյնիսկ է՛ն լուսաւորեալ համարուած քաղաքներուն մէջ։ «Աջղիկտես»ը դեռ տիրող երեւոյթ մըն է։ Այսու հանդերձ հիմա՛ աստիճանական յառաջդիմութիւն կը տեսնուի մա՛նա- ւանդ քաղաքացի հայ կնոջ կեանքին մէջ։ Զարգացումը ընդհանրացած է աղջկանց համար. հիմա բացառութիւններ են այն մայրերը, որոնք կը զրկեն իրենց աղջիկները դաստիարակութեան եւ ուսման բարիքներէն։ Ինքնաճանաչութեան զգացումը կ’արթննայ տակաւ առ տակաւ նոր կին սերունդին մէջ. ալ եւս չեն ուզեր ծախուիլ... Մէկէ աւելի օրինակներ ունինք այս ուրախալի երեւոյթը ապացուցանող։ Ազատ նշանտուութիւնները, ազատ ամուսնութիւնները ընդհանրանալու վրայ են։ Աշխատելու կամք կը տեսնուի անոր մէջ, աշխատելու՝ եւ իրեն հացը իր ճակ- տին քրտինքովը վաստկելու... Նա կ’ըմբռնէ թէ աշխատութեամբ պիտի բարձրանայ ինքը... ձրիակեր ըլլալէ դադրելով՝ նա տէր պիտի ըլլայ լիուլի իր իրաւունքներուն։ Իր ամուսնոյն տնտեսական տագնապներու միջոցին՝ անոր օգնութեան հասնելով է որ պիտի հաւասարի անոր... Մխիթարական չէ՞ տեսնելը թէ վերջնապէս հայ կինը իր փրկութեան ու բարձրութեան ճամբան կը փնտռէ ազնիւ պայմաններու տակ ազնիւ աշխատութիւններու մէջ...։ Արտէմիս, Մարտ 1902, Ա. տարի, թիւ 3, էջ 65-69։ 193
ԴՊՐՈՑԸ ՄԱՌԻ Արժանապատուութիւնը եւ ինքնագիտակցութիւնը մարդ-էակին բանակա- նութիւնը շեշտող է՛ն գերագոյն զգացումներն են։ Ո՛վ որ ինքզինքը չճանչնար, եւ դէպ ի իր անձն ու դէպ ի ուրիշները ունեցած պարտականութիւններուն գիտակցութիւնը չ’ըմբռներ՝ նա՛ արժանի չէ մարդ՝ այսինքն բանաւոր-էակ կոչուելու։ Ո՞վ պիտի ծնունդ տայ եւ զարգացնէ սակայն մարդ-էակին հոգւոյն ու սրտին մէջ այդ զգացումները իրենց բո՛ւն նշանակութեամբ, իրենց մաքուր ու վեհ ոգիովը։ - Դպրոցը...։ Մենք, հայ կանայքս, դեռ երէկ՝ առաւել կամ նուազ շահաւոր ապրանք մը, սիրուն խաղալիք մըն էինք լոկ. այսօր՝ որ դպրոցը իր լուսաւոր գիրկը բացաւ եւ մեզ, զրկուածներուս համար, այսօր՝ սկսանք տակաւ առ տակաւ զգալ թէ՝ մարդ ենք եղեր ե՛ւ մենք. սեպհական մտքով, ազատ սրտով, անկախ կամքով էակներ, որ կրնանք մենք մեզէն առանց ո՛ եւ է արտաքին ճնշման ու ազդեցութեան խոր- հիլ, զգալ ու գործել։ Դպրոցը եղաւ ընդհանուր կին սեռին անիրաւ ճակատագիրը փշրել խորտա- կել ուզող զօրաւոր ձեռքը։ Դպրոցը եղաւ հայ կնոջ արժանապատուութեան եւ ինքնագիտակցութեան թմրած, քնած զգացումները ցնցող արթնցնող ուժը։ Դպրոցը պիտի ըլլայ դարձեալ բոլոր ճնշուածներուն, զրկուածներուն եւ տառապողներուն փրկիչը։ Օրհնեա՛լ ըլլայ Դպրոցը։ Որքա՜ն ուրեմն մենք պէտք է գուրգուրանք, եւ մեր ամենէն լուրջ ուշադրու- թիւնը դարձնենք այն յարկերուն վրայ՝ ուր մեր մանուկ աղջիկները պիտի սովրին մտնել կեանքի կռուին մէջ, զօրացած՝ մտքի ու սրտի առողջ մարզանքով մը, եւ բարձրացած՝ ինքնագիտակցութեան եւ արժանապատուութեան ուղիղ ըմբռնու- մովը։ Մինչեւ ցարդ սակայն, մեր աղջկանց վարժարանները տեսական, վերացա- կան, կեանքի վարդագոյն կողմերուն միայն համապատասխանող ծրագիրներով ու սկզբունքներով կ’առաջնորդուին, եւ սակայն կեանքը միշտ շող ու բոյր չի մնար։ Իր է՛ն գգուելի ժպիտներուն հետ երբեմն ալ ցոյց կուտայ իր է՛ն ահաւոր ժանիքները, որոնց յաճախ մահացու խածուածքը արհամարհելու համար հարկ է ամրապնդել, պնդացնել մեր հոգին։ Վերջին տխուր դէպքերը, գաղթականու- թեան աղէտները պէտք եղածէն աւելի փաստեցին մեզ այս ճշմարտութիւնը։ 194
Ուրեմն ժամանակն է հաստատուն դաստիարակութեամբ զօրացնել մեր աղջիկներուն միտքն ու սիրտը, գործնական դասերով, կենդանի օրինակներով պատրաստել, գօտեպնդել զանոնք եւ այնպէս դնել կեանքի ճամբուն վրայ, որպէս զի փչող քամին չտանի իր ուզած կողմը, եւ հասնող դէպքն ու աղէտքը օգտուելով անոնց թուլութենէն, գետին չտապալեն։ Վերջին տաս-տասնեւհինգ տարուայ ընթացքին մէջ, Կ. Պօլսոյ Բերայի աղջկանց Արուեստանոց-Ուսումնարանը առաջինը եւ միակը եղաւ Տաճկաս- տանի մէջ, որ դաստիարակութեան տեսական մասին միացուց եւ հաստատուն, գործնական ոգին, ներդաշնակաւորուած Բարւոյն, Գեղեցկին ու Ճշմարտին սկզբունքներովը։ Վարժարանին խնամակալութիւնը եւ ուսուցչական մարմինը չի բաւականա- ցան օրինակի համար միայն չոր չոր քարոզելով թէ՝ ազնուօրէն ու պատուաւոր կերպիւ մարդ պէտք է իր գոյութիւնը պահպանէ, ըլլա՛յ այր, ըլլայ կին, այլ եւ այդ գոյութիւնը անկախ ու բարձր պահելու դրական միջոցը ցոյց տուին, աշխատի՜լ սովրեցուցին մեր աղջիկներուն։ Անոնք գոհ չեղան միայն քարոզելով թէ՝ կնոջ բարոյական անկումը ազգերու եւ ժողովուրդներու մահը կը փութացնէ. գոհ չեղան ցոյց տալով միայն անդունդին սարսափելի խորութիւնը, այլ քաշեցին, ասդին առին զայն վհին եզերքէն, տալով միեւնոյն ժամանակ անոր ձեռքը ինքնապաշտպանութեան յաղթող զէնքը, աշխատութիւնը, նուաստացումը, անկումը փշրող գերագոյն ուժը, համոզուած ըլլալով թէ յաճախ նիւթական անձուկ պայմանները, անօթութեան սպառնալիքն է կինը իրաւազուրկ ընողը, կինը բարոյապէս ձգողը։ Այս փրկարար սկզբունքներուն վրայ դրած վարժարանին հիմքերը, հոգա- բարձու, եւ ուսուցչական մարմին համերաշխաբար, միացած ուժերով, սկսան մտքերու հետ միաժամանակ մարզել եւ մատները, պէս պէս արուեստներու, կար ու ձեւի, ասղանկարի եւլն. ճիւղերու մէջ։ Գիտցան վարձատրութեան անուշ օրէնքով աշխատութիւնը սիրելի դարձնելու գաղտնիքը. ներշնչելով միեւնոյն ժամանակ սա անվիճելի ճշմարտութիւնը թէ՝ ինքնագիտակից, եւ արժանա- պատուութեան տէր աղջիկ մը, երբէք ինքզինքին չի պիտի ներէ ձրիակեր ըլլալ. բեռ մը դառնալ իրեններուն. այլ մանաւանդ պարտաւոր է չափահասութեան տարիքին մէջ օգնութեան հասնիլ իր չքաւոր ծնողացը, կամ բաղդի ձախող հարուածէ մը անյաջողութեան մատնուած ամուսնոյն եւ կամ որբ մնացած մատաղ զաւակներուն։ Վեհ էր այս ուղղութեան ոգին եւ տակաւ առ տակաւ Արուեստանոց-Ուսում- նարանը իբրեւ տիպար հաստատութիւն մը հռչակուեցաւ ամեն կողմեր։ Դժբաղդաբար հազիւ հինգ-վեց տարուայ փայլուն շրջան մը բոլորելէ ետքը, այդ հաստատութիւնն ալ, ինչպէս ուրիշ կարգ մը գեղեցիկ հաստատութիւններ, մեր ազգին կարծես ճակատագրականօրէն յատուկ կամքի ու կորովի 195
բացակայութեան պատճառաւ, տակաւ առ տակաւ ինկաւ, եւ անունն իսկ գուցէ մոռցուեցաւ...։ Եւ սակայն Արուեստանոց-Ուսումնարանի նախկին աշակերտու- հիները խորունկ երախտագիտութեամբ կը յիշեն, ու պիտի յիշեն ցորչափ ապրին, այն օրհնեալ յարկը՝ ուր սովրեցան սիրել, ապրիլ ու մաքառիլ...։ Անոնցմէ ոմանք ընտանիքի տիպար մայրեր են դարձած, եւ ոմանք վարժուհի, գործաւորուհի, դերձակուհի, մեծաւ մասամբ ինքնօգնութեամբ ու պատուաւոր աշխատութեամբ իրենց ճակտին քրտինքովը կ’ապրին այսօր։ Երբ շա՜տ աղջիկներ, շա՜տ կիներ, գաղթականութեան հոսանքէն մղուած, կեանքի յանկարծական, բուռն փոթորիկներուն դէմ անպատրաստ, օտար եւ անհիւրընկալ երկիրներու մէջ շուարած ու տատամսոտ ինկան գուցէ իրենց արժանապատուութեան բարձրութենէն, քաշկռտուեցաւ գուցէ իրենց պատիւը ցեխերու մէջ, անոնք, աշխատիլ գիտցող, աշխատելու վարժուած տոկուն աղջիկ- ները, երկրի ամեն կողմերը ուր որ ալ ինկան, կրցան գտնել պատուաւոր աշխատութիւններ, ու կ’ապրին բարձր եւ ազնիւ կեանքով։ Ուրեմն կեանքի այսքան դառն փորձութիւններէ ետքը, եւ մանաւա՛նդ ի նկատի ունենալով օրուայ հրատապ հարցը, կնոջ ազատագրութեան խնդիրը, սուրբ Իրաւունք մը՝ որը անվիճելիօրէն ձեռք պիտի բերէ նա միայն ու միայն իր այր ընկերոջ ճակտին քրտինքին խառնելով եւ իրենը, անոր հետ համահաւասար ճիգերով եւ համերաշխաբար տնտեսական պայմաններու ծանրութիւնը վերցնե- լով, մեր այսօրուայ աղջկանց վարժարաններու հոգաբարձութիւնները եւ ուսուց- չական մարմինները լաւ կ’ընեն կրճատելով ուսման ծրագիրներուն մէջէն այն կարգ մը եթէ ոչ աւելորդ, գէթ երկրորդական«ութիւն»ները որոնք աւելի մեր աղջիկները «սալօն»ի զարդ շինելու բնութիւնը ունին, քան իսկական մայրեր, ընտանեկան օջախը շէն պահող կիներ։ Ադոնց տեղ թո՛ղ ուժ տրուին հոգեկան առողջ ու հիմնաւոր դաստիարակութեան։ Օրինակի համար դաշնակէն ու երգէն առաջ սովրեցնենք մեր աղջիկներուն թէ ի՞նչ պարտաւորութիւններ ունին հանդէպ իրենց ծնողաց, ազգին ու հայրենի- քին։ Սենեակներու պատերը միայն զարդարելու ծառայող այլազան ձեռագործ- ներու տեղ, հիմնական արուեստ մը տանք անոնց ձեռքը. օրինակ, կար ու ձեւ, ասղանկար, ոսկեթել բանուածք. բայց լա՛ւը, կատարեա՛լը, հիմնակա՛նը, եւ ո՛չ առերեւոյթը. որպէս զի վաղը կարենան առանց շուարելու, վճռականօրէն եւ վստահ՝ իրենց ուժերուն վրայ, գործի սկսիլ։ Կանուխէն աշխատութեան ճաշակը, սէրը տանք անոնց, շեշտելով աշխա- տութեան նպատակին բարձրութիւնը։ Առնական ձեռնարկող, յանդուգն ոգւով դաստիարակենք մեր աղջիկը, ներշնչելով հաւատք իր կարողութիւններուն վրայ, որպէս զի կարենայ համար- ձակ եւ յաջողութեամբ վարել իր ձեռնարկած գործը։ 196
Այս դժուարին գործին մէջ ուսուցիչներէն աւելի գլխաւոր դեր ու պատասխա- նատուութեան խոշոր բաժին ունի անշուշտ դաստիարակուհին։ Նա հմուտ պէտք է ըլլայ կատարելապէս իր պաշտօնին. նա՝ պիտի գիտնայ վարել իրեն յանձնուած մատաղ աղջիկներուն միտքը, սիրտը, տրամադրու- թիւնները։ Նա պիտի տեսնէ անոնց հոգւոյն ու սրտին մինչեւ խորքերը։ Նա ամեն բանէ առաջ պիտի գիտնայ գրաւել անոնց սիրտերը, վասն զի այդ մանուկները սիրելով եւ անոնցմէ սիրուելով է որ փորձ դաստիարակուհին պիտի կարենայ ուղղել, եւ իր ուզած կաղապարով ձեւել անոնց բնաւորութիւնները։ Քիչ ունինք, ցաւալի է ըսել, իրենց դերին ու պաշտօնին գիտակից վարժուհի- ներ, անոնք մասնագէտներ չեն ընդհանրապէս։ Առանց մազի չափ ուսումնասի- րած ըլլալու թէ ի՞նչ է դաստիարակելը, այսինքն ի՞նչ է միտք, սիրտ, հոգի շինելը, դարձած են բաղդին բերմամբ վարժուհի. միայն ապրելու համար շատ անգամ. մինչ դաստիարակութեան գործին օգտակար դառնալու համար հարկաւոր է սիրել գործը, հոգեւին նուիրուիլ անոր...։ Անշուշտ մենք չենք կրնար պահանջել մեր վարժուհիներէն որ Եւրոպա երթան մասնագէտ դառնալու, քանի որ առ հասարակ աղքատ աղջիկներ են ամենքն ալ, բայց գոնէ իրաւունք ունինք խնդրելու որ ինքնօգնութեամբ թափան- ցեն դաստիարակութեան այնքան փափուկ, այնքան դժուարին գործին։ Ընթերցումը, ուսումնասիրութիւնը միացած անխոնջ ջանքերու եւ անդուլ աշխատութեան, մեծապէս կը նպաստեն ինքնազարգացման, հետեւաբար եւ յառաջդիմութեան, եւ այդ պարագային կարելի կ’ըլլայ օգտակար դառնալ իրենց յանձնուած մատաղ սերունդին։ Արտէմիս, Ապրիլ 1902, Ա. տարի, թիւ 4, էջ 97-100։ 197
ԱՇԽԱՏԵԼՈՒ ՊԷՏՔԸ ԿՆՈՋ ՀԱՄԱՐ ՄԱՌԻ Մեր նախորդ խմբագրականով կնոջ աշխատութեան մասին խօսեր էինք անցողակի. սա՝ այնքան կարեւոր մի հարց է, որուն վրայ արժէ դառնալ դարձեալ։ Դեռ շատ մօտիկ անցեալի մը մէջ, ի՛նչ կ’ըսեմ, դեռ մինչեւ այսօր ալ, Տաճ- կաստանի է՛ն քաղաքակրթեալ հայ կեդրոններու մէջ – թողունք գաւառները – աղջիկ ծնող մայրերը տեսակ մը անարգանքի կ’ենթարկուին իրենց ամուսին- ներէն կամ անոնց պարագաներէն, թէպէտ շատ հայրեր կը զգուշանան բացար- ձակ յայտարարելէ իրենց այս ներքին անբաւականութիւնը, ամչնալով անշուշտ քաղաքակրթեալի անունէն։ Գաւառներու մէջ սակայն, այդ դժգոհութիւնը ծածկելու փոյթ չեն տանիր հայրերը, վասն զի դեռ «խաւարամիտ ասիացի»ներ են անոնք. եւ վա՜յ այն հար- սին գլխին, որ աղջիկ ծնելու դժբաղդութիւնը կ’ունենայ... ալ ի՜նչ անէծքներ, ի՜նչ յանիրաւի նախատինքներ կը ստիպուի կուլ տալու, միայն Աստուա՜ծ գիտէ... Սա անշուշտ արդիւնք է, ըսինք, «խաւարամիտ ասիացու» տգիտութեան, որը ունի սակայն մասամբ իր արդարանալի պատճառները նկատի ունենալով ներկայ տնտեսական տագնապալի կացութեան ճնշող ու տապկող պայմանները. զօրաւորին ու տկարին, ըսեմ, գոյութեան կռուին հետզհետէ կատաղի, աւելի՛ գազանային, բզքտող բնազդներու մղումը։ Կեանքի այս տխուր հանգամանքներուն տակ, աղջիկը որ առհասարակ աւելորդ ուտող բերան մըն է դեռ մեր մէջ, բնական է որ փորձանք մը նկատուի մա՛նաւանդ աղքատ հօր մը գլխին, քանի որ ան պիտի աշխատի մի՛ս մինակ, անոր կերցնելու, հագցնելու, երբ դեռ մանուկ է. թանկագին հագուստներով ու զարդերով լեցնելու անոր սնտուկը երբ չափահաս է. եւ ասոնցմէ զատ պարտա- ւորուած է կլորիկ գումար մըն ալ մէկ կողմ դնելու, իբրեւ իր աղջկան դրամօժիտ. վասնզի ադով միայն կը յաջողի փեսացու մը որսալ անոր համար. իսկ առանց ադոր աղջիկը արդէն անպէտք ապրանք մըն է հիմա, եւ տակաւ առ տակաւ բացառութիւններ կը կազմեն առանց դրամօժիտի ամուսնացող աղջիկները։ Վա՜յ այն ծնողքին որ աղջիկը ծախող այդ անհրաժեշտ պայմաններէն զուրկ է, նա դատապարտուած է վայրկեան առ վայրկեան ականատես ըլլալու իր աղջկան թոռմելուն պառաւելուն տան մէջ, իսպառ զրկուած կնոջ փառքն ու պարծանքն եղող ամուսին ու մայր սրբազան անուններէն։ Միայն հայ ցեղը չէ՛ սակայն որ կը տածէ սոյն անբնական դժգոհութիւնը աղջիկ սեռին համար. ասիական համարեա բոլոր ցեղերն ալ կ’ատեն աղջիկ երեխան։ Բժշկապետ պ. Վահան Արծրունին մեզ կը յիշատակէ Հնդկաստանի մի քանի 198
Search
Read the Text Version
- 1
- 2
- 3
- 4
- 5
- 6
- 7
- 8
- 9
- 10
- 11
- 12
- 13
- 14
- 15
- 16
- 17
- 18
- 19
- 20
- 21
- 22
- 23
- 24
- 25
- 26
- 27
- 28
- 29
- 30
- 31
- 32
- 33
- 34
- 35
- 36
- 37
- 38
- 39
- 40
- 41
- 42
- 43
- 44
- 45
- 46
- 47
- 48
- 49
- 50
- 51
- 52
- 53
- 54
- 55
- 56
- 57
- 58
- 59
- 60
- 61
- 62
- 63
- 64
- 65
- 66
- 67
- 68
- 69
- 70
- 71
- 72
- 73
- 74
- 75
- 76
- 77
- 78
- 79
- 80
- 81
- 82
- 83
- 84
- 85
- 86
- 87
- 88
- 89
- 90
- 91
- 92
- 93
- 94
- 95
- 96
- 97
- 98
- 99
- 100
- 101
- 102
- 103
- 104
- 105
- 106
- 107
- 108
- 109
- 110
- 111
- 112
- 113
- 114
- 115
- 116
- 117
- 118
- 119
- 120
- 121
- 122
- 123
- 124
- 125
- 126
- 127
- 128
- 129
- 130
- 131
- 132
- 133
- 134
- 135
- 136
- 137
- 138
- 139
- 140
- 141
- 142
- 143
- 144
- 145
- 146
- 147
- 148
- 149
- 150
- 151
- 152
- 153
- 154
- 155
- 156
- 157
- 158
- 159
- 160
- 161
- 162
- 163
- 164
- 165
- 166
- 167
- 168
- 169
- 170
- 171
- 172
- 173
- 174
- 175
- 176
- 177
- 178
- 179
- 180
- 181
- 182
- 183
- 184
- 185
- 186
- 187
- 188
- 189
- 190
- 191
- 192
- 193
- 194
- 195
- 196
- 197
- 198
- 199
- 200
- 201
- 202
- 203
- 204
- 205
- 206
- 207
- 208
- 209
- 210
- 211
- 212
- 213
- 214
- 215
- 216
- 217
- 218
- 219
- 220
- 221
- 222
- 223
- 224
- 225
- 226
- 227
- 228
- 229
- 230
- 231
- 232
- 233
- 234
- 235
- 236
- 237
- 238
- 239
- 240
- 241
- 242
- 243
- 244
- 245
- 246
- 247
- 248
- 249
- 250
- 251
- 252
- 253
- 254
- 255
- 256
- 257
- 258
- 259
- 260
- 261
- 262
- 263
- 264
- 265
- 266
- 267
- 268
- 269
- 270
- 271
- 272
- 273
- 274
- 275
- 276
- 277
- 278
- 279
- 280
- 281
- 282
- 283
- 284
- 285
- 286
- 287
- 288
- 289
- 290
- 291
- 292
- 293
- 294
- 295
- 296
- 297
- 298
- 299
- 300
- 301
- 302
- 303
- 304
- 305
- 306
- 307
- 308
- 309
- 310
- 311
- 312
- 313
- 314
- 315
- 316
- 317
- 318
- 319
- 320