Վարդանանց պատերազմին հայ փափկասուն տիկինները երեսի վրայ թողած տուն տեղ, իրենց ամուսիններուն, եղբայրներուն, զաւակներուն օգնա- կանը, մխիթարողը, խրախուսողը կ’ըլլային եւ միանգամայն վիրակապներ կը շինէին պատերազմին մէջ վիրաւորուողներուն համար։ Աւելի ուշ, Թաթարաց արշաւանքներէն առաջ, երբ Բագրատունեաց Անի փառաւոր մայրաքաղաքը այլազգիներու կողմէն պաշարուեցաւ, Անեցի կիները իրենց ներկայութեամբ կը խրախուսէին իրենց ամուսինները, եւ քաջասիրտ կին մը՝ Այծեամն անունով, պարսպին վրայ կեցած քարերով կը հալածէր թշնամի- ները եւ անոնց արձակած նետերը վերքերէն հանելով նորէն անոնց կը նետէր։ Լանկթիմուրի օրով մշեցի կին մը թշնամիներուն ձեռքը չիյնալու եւ իր պատիւը, ազգութիւնն ու կրօնը պահպանելու համար չի վարանեցաւ անոնց աչքին առջեւ սուրը ցցել իր եօթնամսեայ որդւոյն սիրտը, եւ ինքն ալ ժայռի մը վրայ բարձրանալով ինքզինքը վար գլորեց եւ մեռաւ քաջերու մահովը։ Ու դեռ երէկ չէ՞ր հերոսական Շաքէն, այդ նոր մշեցի քաջուհին, որ պատուա- ւոր մահը՝ անպատիւ կեանքէն նախադաս համարելով իր հերոս ընկերուհի- ներուն հետ ինքզինքը նետեց Սասունի հպարտ լեռներն ի վար. եւ Սերոբ փաշայի կինը՝ Սօսին եւ մեր Զէյթունի եւ Սասունի քաջամարտակ կիները, որոնք իրենց ամուսիններու կողքին առիւծի պէս կռուեցան, եւ Կ. Պօլսոյ փափկասուն հայու- հիներէն շատեր, որոնցմէ ոմանք ռումբեր ու ատրճանակներ փոխադրելու պահուն ձերբակալուեցան, եւ ոմանք յեղափոխականներ եւ զէնքեր պահելու ոճիրովը բանտարկուեցան ու չարչարուեցան... Վերջապէս, դեռ մէկ քանի շաբաթ առաջ, անգլիական թերթերը չէի՞ն ծանու- ցաներ մեզ թէ, կովկասեան Զին անուն գիւղակին մէջ եօթը հայ կիներ պաշտպանած են իրենց գիւղը, ընդդէմ 20 զինեալ թաթարներու յարձակման, մինչ իրենց ամուսինները դրացի գիւղացւոց օգնութեան գացած էին։ Այս հարեւանցի թռուցիկ ակնարկը՝ Հին եւ Նոր պատմութեան վրայ, կնոջ բարոյական ու գործնական ազդեցութեան ու կարողութեան մասին մեզ մտածել կուտայ իրաւամբ թէ՝ ի՜նչ ահագին նշանակութիւն կրնայ ունենալ նաեւ իր ազդեցութիւնը յեղափոխութիւններու ճակատագրին վրայ ալ, եւ ի՛նչ գերազանց դեր կրնայ խաղալ ան անձամբ, յեղափոխութիւններու մէջ։ *** Քիչ անգամներ անբարոյականութիւնը, ստութիւնը, մատնութիւնը սպրդեր է յեղափոխութեան մէջ երբ կինը ներկայ եղեր է հոն։ Քիչ անգամներ յեղափո- խական զինուորը կռնակը դարձուցեր է թշնամիին՝ երբ կնոջ աչքերը տեսեր է իր վրայ սեւեռուած։ Քիչ անգամներ հարուստը մերժեր է իր դրամը, շատ թէ քիչ, երբ կին մը ներկայացեր է իրեն։ Քիչ անգամներ, պիտի ըսեմ գրեթէ երբէք, 249
յեղափոխութիւնը բացարձակապէս վիճեր է, երբ կինը հոգւով մարմնով մասնակցեր է գործին։ Ֆրանսայի մեծ յեղափոխութիւնը յաղթանակեց գլխաւորաբար իր Տիկին Ռօլաններով։ Կիւլիւզարի մը դիւցազնական արիութիւնը բռնկցուց հայ յեղափո- խութիւնը, եւ Զէյթունի ու Սասունի յեղափոխութիւնը բարոյական ահագին յաղթանակներ տարաւ իր կռուող յեղափոխական կիներով, եւ քաղաքակիրթ աշխարհներու ուշադրութիւնը դարձուց մինչեւ ցարդ անտեսուած հայ ցեղին վրայ, որ այդպիսի հերոսներ ու մանաւանդ հերոսուհիներ կրնար ծնիլ դեռ եւս, իր այս տանջուած, ընկճուած վիճակին մէջ... Պօէր կիներու դիւցազնութիւնը յաւերժացուց. եւ ահա այսօր Մարիա Սպիրի- տօնօվաներ եւ Զինիադա Քօնօպլինիքովաներ, այդ գերազանցօրէն բարձր հերո- սուհիները, այդ նոր Շարլօթ Քօրտէները եւ Ժան տ’Արքերը Ռուս յեղափոխու- թեան յաղթանակը կ’ապահովեն հանուր աշխարհի հիացումը, պաշտումը, օրհնութիւնը ընդունելով, իրենց գացած աքսորի ու մահուան ճամբաներուն վրայ։ Ո՞վ կրնայ չի պաշտել այդ հրաշալի աղջիկները, տասնեւհինգամեայ պատա- նուհիներ շատ անգամ, որոնք յեղափոխութեան գաղափարը ամբողջովին ըմբռնած եւ անոր հաւատքովը գերազանցօրէն զօրացած, չի վարանեցան ու չեն վարանիր հրապարակաւ իրենց դաշոյնները մխելու վատերու սիրտը, կամ իրենց ատրճանակները պարպելու անօրէններու ճակտին. եւ մահէն աւելի սոսկալի տանջանքներ կամովին կը կրեն իրենց որդեգրած գաղափարին տարածմանը համար, եւ ահա այսօր, յեղափոխական Ռուսիան իր կիներու գործունէութեան եւ գլխաւորաբար անոնց ազդեցութեան կը պարտի իր մօտալուտ երեւցող յաղթանակը։ Անոնք գիտցան ազդել մինչեւ իսկ ամէնէն տգէտ ու մոլեռանդ մուժիկներուն վրայ, ամէն գնով գիտցան խանդավառել Ձարին ամէնէն հաւատարիմ զինուոր- ները՝ ազատութեան գաղափարով եւ ապստամբական շարժումներ պատրաս- տել Ռուսաստանի ամէն անկիւնները, ծովու թէ ցամաքի վրայ։ Եւ ինչե՞ր չի կրնար ընել այսօր յեղափոխական հայուհին, եթէ իսկապէս Մարիա Սպիրիտօնօվաներու հաւատքովը փարի գործին։ Անհերքելի իրակա- նութիւն մըն է թէ այն օրը՝ յորում հայ կինը հաւաքական ուժերով ուզէ մաս- նակցիլ հայ յեղափոխութեան, այն օրը, կ’ըսեմ, ամէն ոք նոր հաւատքով մը գործի պիտի սկսի։ Արդէն եթէ նա պատկառելի մեծամասնութիւն կազմած՝ հայ յեղափոխութեան մէջ բռնէր իր որոշ տեղը՝ ժամանակին, հայ յեղափոխութեան ճակատագիրը այլապէս վճռուած կ’ըլլար գուցէ։ Սակայն հայ կիներէն շատ աննշան մաս մը բախտատաբար խանդավառուեցաւ ազատութեան սիրովը։ Եւ սակայն պարտա- կանութեան ձայնը ամենուս ալ կը խօսի բարձրագոչ. ո՛վ որ ականջ ունի՝ թող լսէ... 250
Հերի՛ք արեւելեան կակուղ բազմոցներու անկիւնը թոյլօրէն ընկողմանած՝ մետաքսի կամ թաւիշի կտոր մը երազելով անցնենք թանկագին ժամանակը, կամ ադամանդեայ մատնիի մը կամ քայռի մը տիրացմանը մէջ ապուշօրէն երջան- կացած, մոռացութեան տանք հայ տառապանքը։ Հերի՛ք չնչին միտումներ, տգեղ նախապաշարումներ մեզի առաջնորդեն կեանքի մէջ. պարտականութեան ձայնը կը խօսի մեզի։ Լսենք անոր։ Ժողովուրդ մը յարուցանելու, ժողովուրդ մը փրկելու, նորոգելու պարտականութիւնը դրուած է մեր վրայ եւ մենք կարող ենք այդ բանը ընելու։ Թող մեր սրտերը ուռենան ազնուական հպարտութեամբ այն փրկարար ազդեցութեան եւ գերազանց կարողութեանը համար, որով բնութիւնը օժտեր է մեր սեռը ի բնէ։ Յիշենք որ մե՛նք պիտի ըլլանք ազգը մեծցնողը, կամ ձգողը, քանի որ ազգերը իրենց կիներով կը բարձրանան ու դարձեալ իրենց կիներով կ’իյնան։ Հայ ցեղը իր այսօրուայ սարսափելի ճգնաժամին մէջ ուժով եւ յաղթական մնալու համար մեր օգնութեան կը կարօտի. նա մեզնէ կը սպասէ Կուռնելիաներ, Կօրիօլաններ, Մարիա Սպիրիտօնօվաներ։ Պէտք է որ գործենք եւ ասի՛ բնական է եւ իրաւացի. անբնական է միայն ճահի- ճի ջուրերուն պէս անշարժութեան մէջ մնալ, ուր մեր բոլոր բնածին կարողու- թիւններն ու յատկութիւնները կը նեխին, կը փտին ու կ’ոչնչանան։ Ի՞նչ պէտք է ընել։ Մենք կրկին դեր ունինք կատարելու հայ յեղափոխութեան մէջ, 1. Բարոյական. 2. Գործնական. Մեր բարոյական դերն է, քաջալերել, խրախուսել, խրատել, սիրել, գթալ, օգնել, խնամել. իսկ գործնական դերը՝ դժուարին է ու պահանջող։ Եթէ մենք արտասահմանի հայուհիներս չենք կրնար Մարիա Սպիրիտօնօ- վաներ ըլլալ, Մայր երկրէն հեռու ըլլալով, կամ աւելի ճիշտը ա՛յն ոգիով, այն շունչով դեռ եւս պատրաստուած չըլլալով, կրնանք այլապէս օգտակար ըլլալ Հայ Յեղափոխութեան գործնապէս. կրնանք դրամ հասցնել, ինչ որ յեղափոխութիւն- ներու ջիղն է, կրնանք զէնք, հաց, զգեստ հասցնել հեռուն մեր կռուող եղբայր- ներուն։ Ահա կը հիմնուի Հայրենասէր Հայուհեաց Ընկերութիւնը որ տարամերժօրէն նուիրուած պիտի ըլլայ Հայ Յեղափոխութեան գործին։ Միակ Տիկնանց ընկերու- թիւնը, որուն համար հաւասարապէս սիրելի պիտի ըլլան բոլոր յեղափոխական կուսակցութիւններն ալ, բաւական է որ անոնք ազնուօրէն եւ անկեղծօրէն նուիրուած ըլլան հայ ժողովուրդի ազատագրութեան դատին։ Պարտականութեան ձայնը թող համախմբէ ուրեմն բոլո՛ր հայուհիները՝ այս ընկերութեան շուրջը։ Ցեղի գոյութեան կռիւը պիտի ապահովենք. բնաջնջումի դէմ պիտի մաքառինք. ասի՛ բնական է եւ օրինաւոր։ Կեանքի մէջ մեր խեղճուկ անձը պահելու համար ամէ՛ն օր հազար դժուարութիւններու դէմ կը կռուինք, 251
որչա՞փ աւելի ուրեմն պարտաւոր ենք պահպանելու համար այն ցեղը՝ որ մեզի ծնունդ տուած է եւ որմէ կը քաղենք մեր կեանքի ամենէն անուշ ու ամենէն բարձր ոգեւորութիւնները։ Զարգացած միտք ունեցողը՝ իր զարգացումը թող ծառայեցնէ անոր օգտին, տաղանդ ունեցողը՝ իր տաղանդը, իսկ անոնք որ բան մը չունին եւ գուցէ այդ պատճառով ալ կը վարանին գործին մասնակցելու, անոնց ալ կ’ըսենք, թող իրենց ազնիւ ու շիտակ սիրտը տան գործին։ Անկեղծ եւ զօրաւոր սիրտերու բանակը շա՛տ աւելի տիրական գործեր կարող է կատարել յեղափոխութեան մէջ, քան մեծամեծ տաղանդներն ու հսկայ հանճարները։ Ո՜վ դուք որ գործին մեծութեան առջեւ տկար, տգէտ եւ անկարող կը զգաք ինքզինքնիդ, յիշեցէք որ Ժան տ’Արգ նոյնպէս տկար ու տգէտ աղջիկ մըն էր, եւ սակայն Ֆրանսա՜ն փրկեց... Ազատ բեմ, 10 Նոյեմբեր 1906, Դ. տարի, թիւ 58, էջ 1-2։ Ազատ բեմ, 14 Նոյեմբեր 1906, Դ. տարի, թիւ 59, էջ 1-2։ Ազատ բեմ, 17 Նոյեմբեր 1906, Դ. տարի, թիւ 60, էջ 1։ 252
ԹԱՏՐՈՆ ՀԻՆ ԴԷՄՔԵՐ ՖԱՍՈՒԼԵԱՃԵԱՆ1 ՄԱՌԻ Ոչինչ աւելի տխուր, աւելի՜ յուզիչ տպաւորութիւն կը թողու մեր սրտին ու մտքին վրայ, որքան երբ աննշան, ցուրտ, անշշուկ ներկայի մը ետին, շա՜տ հեռուն թագնուած, կը նշմարենք հրավառ փառաւոր անցեալի մը աւերակները. ըլլայ այդ՝ ժողովուրդի մը, ազգի մը, հայրենիքի մը՝ նոյն իսկ անհատի մը անցեալը... 1. Պոլսահայ յայտնի դերասան Թովմաս Ֆասուլեաճեան 1899 Նոյեմբերին կը հասնի Գահիրէ, երկիրի բարենպաստ կլիմային շնորհիւ հիւանդութեան դարմանում մը գտնելու յոյսով։ Կը խաղայ սակաւաթիւ ներկայացումներու մէջ։ 1901-ին Աղեքսանդրիոյ մէջ կը յաջողի տպագրել Տայը Միրիկ անդէնը մէկ արար կատակերգութիւնը (Տպարան Արաքս)։ Կը մահանայ Աղեքսանդրիա, 1901 Սեպտեմբեր 15-ին։ 253
Մէկ երկու շաբաթ առաջ տեսայ Ֆասուլեաճեանը. եւ ահա Հայ թատրոնի եւ Հայ արուեստագէտներու երբեմի փայլուն անցեալը, այնքա՜ն կենդանի, այնքա՜ն վառ գոյներով պատկերացաւ աչքերուս առջեւ, որ սիրտս դողաց կուրծքիս տակ հին յիշատակներու յուզող սարսուռներով...։ Ֆասուլեաճեանը մի՛շտ գեղեցիկ իր երկար մազերով, մի՛շտ վսեմ իր բարձր հասակով, աւելի քան երբէք եռանդուն սիրահար արուեստին, չը ներկայացնե՞ր մեզ արդեօք իր հիւծուած մաշուած անձին վրայ, մեր ալ արդի կէս մը քայքայուած, կմախք դարձած թատրոնը. անցեալի յիշատակներով սակայն մի՛շտ գեղեցիկ, մի՛շտ հրապուրիչ. անցեալ յաղթանակներու դափնիներով զար- դարուն, ժպտուն թատրոնը, որ մի առ մի զինքը պաշտող արուեստագէտներէն որբանալով, եւ իր հարազատ զաւակներէն ինքզինքը լքուած զգալով հանդերձ չ’յուսահատուիր, եւ շարունակ դէպ ի ոգեւորութիւն, դէպ ի փառք, դէպ ի յաղթանակ ձգտելու տենչանք մը ունի... Հայ թատրոնի հիմնադիրներէն եւ Հայ անդրանիկ արուեստագէտներէն մեզի կը մնան այսօր Պէնլեան, Մնակեան, Ֆասուլեաճեան վերջին կայծերը՝ որ կը հրդեհեն, կը վառեն երբեմն Հայ բեմը...։ Եւ ի՞նչ բան աւելի մեզ կ’ոգեւորէ ու կը բռնկցնէ, կը վերացնէ մեր մտքերը իրական այս տգեղ աշխարհէն դէպ ի աննիւթական, գեղեցիկ իտէալական աշխարհ մը... ի՞նչ բան աւելի մատչելի կ’ընէ մեր հոգիները ազնուագոյն զգա- ցումներու, վսեմ զոհաբերութիւններու, քան թատրոնը...։ Բեմը՝ ուր կը յուզուին, կը քրքրուին արձակ համարձակ ամեն զգացումներ, ուր մերկապարանոց դուրս կուգան Վսեմն ու Ցածը, Բարին ու Չարը, Տգեղն ու Գեղեցիկը. ուր եռ ու եփ կուգան կիրքերու ամենէն ուժովները եւ անզուսպները, Սէրը, Ատելութիւնը, Նախանձը, Բարկութիւնը...։ Եւ որքա՜ն աւելի մեծ է Նա, Դերասանը, որ գիտէ այնքա՜ն բնական, այնքա՜ն իսկական, այնքա՜ն կենդանի ներկայացնել իր հերոսը, իւրացնել խորունկ զգացումով եւ արուեստի նրբութեամբ անոր կիրքերը, զգացումները, մտածում- ները...։ Արդարեւ որքա՜ն կը զգայ նա... համակ զգացում կը դառնայ բեմին վրայ... աւա՜ղ.... այդ բուռն եւ սպառող զգայնութիւնն էր արդէն որ խենդեցուց Արուս- եակը, հալեցուց հատցուց Գարագաշեանները, Թոսպադեանը, Ադամեանը եւ գուցէ Դրեանցն ալ...։ Երկու մեծ պաշտօններ կան, զորս եթէ դատենք իրենց տուած արդիւնքէն, պիտի տեսնենք որ բոլորովին յար եւ նման են իրարու, թէպէտ արտաքուստ կը տարբերին ե՛ւ ձեւով ե՛ւ ուղղութեամբ։ Այն է՝ Ուսուցչին պաշտօնը եւ Դերասանին պաշտօնը...։ Որքան վսեմ է խղճամիտ ուսուցչին գործը, նոյնքան եւ վսեմ է խղճամիտ դերասանինը. վասնզի երկուքն ալ միեւնոյն նպատակին կը ձգտին. այն է՝ մարդկութեան բարոյական կեանքի ստեղծագործութեան Բարձր Նպատակին։ 254
Ասկէ կրնանք հետեւցնել ուրեմն թէ որքան լայն, ընդարձակ, պիտի ըսեմ նոյն իսկ անհուն է իրենց ընտրած գործի ասպարէզը, նոյնքան ալ ծանր անհուն է իրենց ինկած պատասխանատուութեան բաժինը։ Մտածել թէ հոգւո՜յ ծնողներ են իրենք... ուսուցիչը՝ մանկան, իսկ դերասանը՝ ժողովուրդին. այն մեծ տղային՝ որ շատ բաներու մէջ աւելի միամիտ է քան տաս- նամեայ մանուկը։ Եթէ մենք երախտապարտ ենք մե՜ր ծնողաց, մեզի ֆիզիքական կեանք տուած ըլլալնուն համար, քանիպատի՜կ աւելի երախտապարտ պէտք է ըլլանք ուսուց- չին եւ դերասանին, որ մեզ կուտան սրտի՜, մտքի՜ կեանք, բանականութի՜ւն, մաշեցնելով անտրտունջ իրենց երիտասարդութեան առոյգ ու գեղեցիկ տարի- ները, եւ շատ անգամ ժամանակէն առաջ իրենց թանկագին կեանքն ալ վրայ տալով...։ Սակայն վա՜յ անոնց, որ այդ մեծ պաշտօնին գիտակցութեանն անտեղեակ, իրենց յանձնուած հոգիները կը փճացնեն, կ’ոչնչացնեն, անհոգ եւ անփոյթ դէպ ի Սուրբ Գործը...։ Որոնք դասարաններու մէջ կ’երեւան՝ սոսկ ամսաթոշակ մը ստանալու համար. կամ բեմերու վրայ՝ նիւթական շահու, ճոխ եւ հարուստ ապրելու նպատակով միայն...։ Հոգեսպաններ են ատոնք, ոճիր մը՝ որ անուն չ’ունի, որ քաւութիւն, թողութիւն չ’ունի...։ Իրական ոճրագործները ահա ատոնք են, որ սպաննելով հոգին ու միտքը, բանականութիւնը, կը թողուն միայն անասնական, հրէշային բնազդներու ենթակայ մարմինը, որ շատ անգամ ահա- ւոր պատուհաս մը կը դառնայ մարդկութեան գլխին...։ Բայց խնդիր է թէ՝ մենք ալ մեր կողմէն կատարելապէս ըմբռնա՞ծ ենք արդեօք մեր ուսուցիչներուն ու դերասաններուն կոչման բարձրութիւնը...։ Գիտե՞նք, կամ գիտցե՞ր ենք երբէք գնահատել պէտք եղածին պէս անոնց արժանիքը։ Եթէ հրապարակաւ կը գրենք, կը խօսինք ու կը գոռանք անոնց դէմ՝ որոնք պարտ- քերնին չեն ճանչցեր, եթէ անաչառ ենք զանոնք քննելու, դատելու եւ դատա- պարտելու մէջ, միթէ – արդար ըլլալու համար – նոյնքան ալ անաչառ պէտք չէ՞ ըլլանք եւ այն անհատներու դէմ, որոնք այդ պաշտօններու սրբութեան ու վսեմութեան վայել՝ Պատիւը, Յարգանքն ու Ակնածանքը չգիտեն տալ պաշտօն- եաներուն...։ Ի՞նչ աչքով կը նային, խնդրեմ, մեզնէ շատերը առ հասարակ ուսուցչին ու դերասանին վրայ...։ Տեսակ մը արհամարհանք չ’կա՞յ արդեօք թաղականի մը շարժուածքին, խօսուածքին ու շեշտերուն մէջ՝ երբ ուսուցչին հետ ոեւէ խնդրոյ մը մասին գործ կ’ունենայ...։ Անպատկառ ըլլալու չափ յառաջ չ’ե՞րթար շատ անգամ, իր անոր հետ ունեցած յարաբերութիւններուն մէջ...։ Չ’նկատե՞ր զայն իբրեւ վարձկան մարդ մը՝ որ պէտք է իր եւ իրեններուն քմահաճոյից խաղալիք դառնայ. իրենց աչքերով տեսնէ, իրենց ականջներով լսէ, իրենց դատողութեամբ դատէ...։ Դպրոցին դուռը ցոյց չ’տրուի՞ր անոր յետին ստրուկի մը կամ ծառայի մը 255
պէս, երբ խղճամիտ է եւ կը մերժէ իր խղճին ու համոզման հակառակը խօսիլ ու գործել...։ Ինչպէ՞ս ըմբռնած ենք նաեւ դերասանն ալ...։ Ճանչցե՞ր ենք արդեօք անոր արուեստին բուռն հոգին. չէ՞ որ մեր հասկացողութեամբ խեղճ ու կրակ մարդ մըն է նա, որ բեմին վրայ կտոր կտոր կ’ըլլայ, կուլայ, կը խնդայ, ժողովուրդը կը զուարճացնէ, օրապահիկ մը հայթայթելու համար...։ Ի՛նչ յարգանք արժէ տալ արդարեւ մարդու մը՝ որ կենդանի խաղցող պաճուճապատանք մըն է միայն, ժողովուրդին հաճոյքներուն ու զուարճութիւններուն ծառայող բանաւոր մեքենայ մը։ Ահա սահմանը երկու մե՜ծ գործիչներու – ուսուցչին եւ դերասանին – կեանքի ու գործունէութեան, զոր կը գծեն ցարդ մեզմէ շատերը...։ Եւ սարսափելի՜ վախճանը՝ որ կը վերապահուի շատ անգամ մարդկութեան այս երկու մե՜ծ դաստիարակներուն...։ Հիւանդանոցը՝ ուր կը նահատակուին վարձկան ձեռքերու տակ. չկա՛յ բարեկամ մը սնարին մօտ որ քաջալերէ, մխի- թարէ, խօսքով մը, ժպիտով մը, արցունքով մը գէթ փոքր ինչ քաղցրացնէ ստեղծուած վիճակին դառնութիւնը... եւ մահը՝ զգալով այդ դժբաղդները առան- ձին, լքեալ, իր բոլոր զարհուրելի արհաւիրքները հագած, մանգաղը սրած, աւելի՜ համարձակ, աւելի՜ սոսկալի կը մօտենայ անոնց...։ Վարձկան ձեռքեր վերջին պահուն կը գոցեն այն աչքերը՝ որոնք գիշեր ցերեկ թուղթերու ու գրքերու վրայ հալեցուցեր են իրենց լոյսը... այն աչքերը՝ որոնք այնքա՜ն սիրով ու գուրգու- րանքով հանգչեր են տարիներէ ի վեր իրենց թանկագին սրտի՛ զաւակներուն վրայ...։ Սակայն այս չէ՞ միթէ ճակատագիրը ամեն անոնց՝ որ իրենց անձը նուիրեր են ոեւէ վսեմ նպատակի... որ իրենց համար ապրելէ շա՜տ աւելի ուրիշներու համար ապրեր են...։ Ո՛չ ապաքէն տանջանք, հալածանք, զոհողութեան փոխա- րէն ապերախտութիւն եղեր է իրենց բաժինը, ամեն դարերու եւ ամեն ժամա- նակներու մէջ...։ Տխուր է ասոնք մտածելը... եւ աւելի՜ տխուր է մանաւանդ հրապարակաւ այս մեզի ոչ-պատուաբեր ճշմարտութիւնները խօսիլ...։ Ահա ե՛ւ Ֆասուլեաճեանը վերեւ նկարագրուած զոհերու շարքին մէջ...։ Ահա՛ արուեստագէտ մըն ալ որ տարիներ Հայ բեմը ոգեւորեր, Հայ բեմին վրայ մազերը ճերմկցուցեր է...։ Ներկայացնելով կեանքը այնպէս՝ ինչպէս որ պէտք էր եղած ըլլար, արդի իրական տգեղ կեանքի դէմ տարիներով յամառ կռիւ է մղեր, եւ այսօր՝ այդ երկար ու ցաւալի պայքարէն մարմինը տկար, թէպէտ հոգին մի՛շտ յօժար, կուրծքը ջախջախուած, նիւթական ու բարոյական օգնութեան կարօտ, կը դառնայ գիրկը այն հայութեան՝ որու գեղարուեստի նեղ երկնքին վրայ փայլող սակաւաթիւ աստղերէն մին եղած է...։ Ի՞նչ ընդունելութիւն ըրինք իրեն...։ 256
Ցաւալի է յիշել թէ Աղէքսանդրիոյ Հայ երիտասարդութիւնը չ’ճանչցաւ, կամ չ’գիտցաւ ճանչնալ մե՜ծ ողբերգուին արժանիքը։ Ալ ի՞նչ ըսել... երբ մեր նոր կոչուած սերունդը՝ որոյ վրայ կը հանգչին մեր ամենաքաղցր յոյսերը, անտարբեր կը կենայ հանդէպ մեծ տաղանդի մը՝ զոր պէտք էր յարգանօք ողջունած ըլլար...։ Աւա՜ղ, անցեալներս Արշալոյսի մէջ կարդացի յօդուած մը որ Պէնլեանի տուած մէկ ներկայացման վրայ խօսելով, կը յաւելուր թէ՝ ամբողջ թատրոնի սրահը գրեթէ պարապ էր այդ իրիկուն. մինչդեռ անդին օտարներու թատրոնները լի էին հայերով!!!։ Տխո՞ւր երեւոյթ...։ Ժամանակ մը այսպէս չէր սակայն։ Պօլիս, հոծ հայութիւն մը կը վխտար այն թատրոններուն մէջ՝ ուր Հայ խումբերը ներկայացում կուտային։ Այսօր՝ նոյն Հայութիւնն է դարձեալ որ կը լքանէ իր թատրոնը. այսօր՝ որ ամեն ժամանակներէ աւելի պէտք ունինք զիրար քաջալերելու, մեր արուեստագէտներուն ուժ ու եռանդ ներշնչելու, որպէսզի ծլին, ուռճանան, ծաղկին մեր տաղանդները, ծնի՜ն եւ ապրի՜ն անոնք մէկ խօսքով։ Այդ երջանիկ ժամանակներուն մէջ բաւական թուով արուեստագէտներ ալ ունէինք. ի՞նչ էր պատճառը... Վասնզի Հայ հասարակութիւնը իր թէ՛ բարոյական եւ թէ՛ նիւթական ուժերովը ձեռնտու կ’ըլլար անոնց, կը քաջալերէր, կը ծափա- հարէր, կը գնահատէր եւ միեւնոյն ժամանակ առատ առատ կը վարձատրէր։ Պէտք է խոստովանիլ թէ՝ միայն գովեստն ու ծափահարութիւնը չեն բաւեր տաղանդ մը կատարելագործելու։ Նիւթական ուժը այն ամենակարող զսպանակն է որ գլխաւորաբար կը նպաստէ բարոյական ուժերու լարումին։ Դժբաղդաբար շատ անգամներ փորձով կը տեսնենք թէ՝ առանց նիւթականի, բարոյականը չէ՛ եւ չէ՛ կարող իր որոշ բարձրութեանը հասնիլ...։ Վերջերս օրըստօրէ մեր արուեստագէտները կը նուազին. գնացողներուն տեղ նորեր չեն երեւար ասպարէզի վրայ. ո՞ւր են Գարագաշեաններու, Արուսեակի, Ադամեանի, Դրեանցի յաջորդները...։ Ո՞վ է մեղաւորը երբ այսօր կ’իմանանք թէ թատրոնի սիրով ջերմապէս վառուած հայ երիտասարդ մը գնացեր մտեր է Եւրոպական նշանաւոր խումբի մը մէջ...։ Այդ երիտասարդը մեղադրելու պատ- րաստ ենք, իր ազգային արժանապատուութիւնը քիչ ճանչցած ըլլալուն համար. իսկ մենք զմեզ օր մը մեղադրե՞ր ենք արդեօք այնքան քիչ գնահատելնուս համար մերինները...։ Օտարին ամենէն աննշան խաղերը, իսկապէս ներկայացումներու թափթը- փուքներ շատ անգամ, մի՛շտ մերիններէն աւելի լաւ ու կատարեալ գտնելու տեսակ մը նախապաշարումով, կ’որբացնենք մեր սեփական թատրոնը։ Օտարը կը քաջալերենք, կը գովենք ու կը վարձատրենք, եւ այսու՝ կը ջլատենք մեր ազգային դերասաններու կորովը, եռանդը, աւիւնը եւ տաղանդն ալ...։ Օտարասիրութիւնը մեր տունը քանդեց, տակաւին սիրե՞նք օտարը, ան մեր մուխը մարեց... ի՞նչ օգուտ ունի մեզի. չէ՞ որ օր մը մեր քթին խնդալով պիտի 257
թողու հեռանայ, մեր ծափահարութիւններուն հետ՝ դրամնիս ալ խլելով...։ Եւ մարդ բնութեան օրէնքով առաջնորդուած, զո՞վ աւելի պարտաւորուած է սիրելու, իրմէ՞ ծնած զաւակը, թէ ուրիշինը...։ Ի հարկէ շատ աւելի պիտի սիրէ, հոգ ու խնամ պիտի տանի իրենին, քան օտարի զաւակին. դա՛ բնական է։ Քիչ մը անձնասէր ըլլանք։ Անձնասիրութիւնը գեղեցիկ յատկութիւն մըն է, երբ անհա- տական կեանքէ դուրս՝ ազգայնութեան կեանքի շուրջը կը դառնայ։ Մե՛րը սիրենք, մե՛րը յարգենք, մե՛րը պատուենք, առանց սակայն ուրիշինը ատելու...։ Մերը միայն մեզի կը մնայ, վասնզի մեր արիւնէն, մեր մամինէն է նա...։ Այս մտածումները յուզեցին ուղեղս Ֆասուլեաճեանի հետ ունեցած տե- սակցութեանս միջոցին։ Համակրելի ողբերգուն քաղաքակրթուած Եւրոպայի ափունքէն կը հասնի Ափրիկեան աւազուտ կէս-վայրենի ցամաքը, իր հիւանդ, մաշուած կուրծքին դարման փնտռելու։ Աշխատի՛նք մեր նիւթական ու բարո- յական միջոցներուն ներածին չափ օգտակար ըլլալ անոր, որպէսզի ժամ առաջ վերականգնէ իր քայքայուած առողջութիւնը...։ Աշխատի՛նք քանի դեռ ժամանակ կայ... ցորչափ մեր ձեռքն է դեռ իր կեանքը փրկել...։ «Գնա՛ մեռիր, եկո՛ւր սիրեմ»ի ընթացքը չունենանք անոր ալ նկատմամբ, ինչ- պէս ունեցեր ենք շատերու համար։ Անուշահոտ ծաղկէ պսակները, արծաթա- պատ փառաւոր դագաղները, հոծ բազմութիւնը, շողշողուն դամբանականները օգուտ չունենալէ զատ՝ աւելորդ ալ են։ Ատոնք կենդանութիւն չեն տար դագաղին մէջ ոչնչացած տաղանդին եւ մաղթենք որ քիչ օրերով մեր սեփական բեմին վրայ դեռ շատ ու շատ անգամներ տեսնենք ու վայելենք մեր սիրելի վարպետը, առողջութեամբ, կեանքով զեղուն, խանդով ու եռանդով մշտավառ։ Աղէքսանդրիա Արշալոյս, 18/30 Դեկտեմբեր 1899, Ա. տարի, թիւ 44, էջ 2։ Արշալոյս, 22 Դեկտեմբեր 1899 / 3 Յունուար 1900, Ա. տարի, թիւ 45, էջ 1-2։ 258
ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՔՐՈՆԻԿ ԲԻՐԱՄԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐԸ Մ. Ժամանակակից հայկական կեանքէ առնուած բիէսը, որը ներկայացուց մեր հայ դերասանական խումբը տեղւոյս Բիրամիտ թատրոնին մէջ, անշուշտ զուրկ էր բեմական ամեն յարմարութիւններէ եւ արժանաւորութիւններէ. բայց մեր նպատակէն դուրս է այս անգամ խորամխուիլ բիէսին մանրամասն քննադատու- թեան մէջ, մենք կ’ուզենք խօսիլ աւելի մեր դերասաններուն վրայ։ Հայերէն լեզուով սիրուն ներկայացումներ կ’ուզենք մեր դերասաններէն, եւ հայերէն լեզւով գրուած, հայկական կեանքէ, բարքերէ, սովորութիւններէ առնուած ինքնատիպ շնորհքով բիէսներ շատ չունինք. մեր գրագէտները չգիտենք ինչու բարձի թողի ըրեր են այս շա՜տ կարեւոր ճիւղը։ Մի քանի թարգմանութիւններ միայն կան, օրինակի համար Օթէլլօ, Համլէտ, Քին եւայլն, որոնք սակայն բեմական հսկայ ուժերու կը կարօտին ներկայանալի ըլլալու համար։ Որպէսզի ժողովուրդ մը իրաւունք ունենայ պահանջելու իր դերասաններէն շնորհալի, մտածուած խաղ, պարտաւոր է ամեն միջոցներով մղելու զանոնք դէպ ի արուեստին կատարելագործումը։ Մեր ժողովուրդը ի՞նչ իրաւունք ունի պահանջելու օրինակի համար Պարոն Շաւարշէն որ Համլէդը մեզի ներկայացնէ անոր հոգեբանական ամեն նուրբ կողմերովն ու կնճիռներովը, կամ Պարոն Շիշմանեանէն որ մեզ պատկերացնէ Իակօն իր հոգւոյն ամբողջ սեւութեանը մէջ, կամ Տիկին Մարիէն որ Տէզտէմոնայի ոչ մէկ շնորհքը կորսնցնէ։ Ի՞նչ ըրեր ենք անոնց համար, կ’աղաչեմ...։ Թէ որչա՜փ դժուարաւ կը հանենք մեր գրպանէն այն 5 կամ 10 ողորմելի ղրուշները իբրեւ թատրոնի մուտք, այդ միայն Աստուած գիտէ. եւ օթեակներու, ֆօթէօյլներու, քանաբէներու տխուր ամայութիւնը յաճախ ցաւալիօրէն կը պարզուին մեր հէ՜ք դերասաններուն աչքերուն առջեւ եւ կը կոտրտեն թեւերը իրենց թռիչներուն։ Մենք գիտենք թէ՝ ամենէն շատ բազմութիւն երեւցող գիշերները ապահո- վաբար ձրի տեսակէն բազմութիւն է. այն ինչը՝ այս ինչ նորավարժ դերասանին մայրը. այս ինչը՝ այն ինչ դերասանին քոյրը, մայրը, բարեկամուհին, բարեկամին բարեկամը։ Մոռնալու չենք որ այդ հինգ կամ տասը ղրուշներով է որ պիտի ապրին մեր դերասանները, պիտի ապրի հայ բեմը, պիտի կանգուն մնայ ժողովուրդին, այդ 259
մեծ տղային դպրոցը։ Անիրաւութիւն է պարզապէս քննադատական ուժգին հարուածներ տե- ղացնել մեր դերասաններու գլխուն, երբ մեր անպարտաճանաչութիւնը եւ անտարբերութիւնն է գլխաւոր պատճառը գուցէ անոնց թերութիւններուն։ Մենք կը պահանջենք որ մեր դերասանները եւրոպական թատրոնները ուսումնասի- րեն, մեծ վարպետներ տեսնեն, անոնց ձեւերը, ձայնը, զգացմանց խորութիւնը արտայայտելու կերպը իւրացնեն, բայց կուտանք անոնց միջոցներ որ անցնին Եւրոպա, կամ գէթ տեղւոյն եւրոպական թատրոնները տեսնեն, ուր երբեմն բեմա- կան փայլուն աստղեր կուգան կ’երեւան։ Անխղճութիւն չէ՞ պահանջելը որ իրենց նիհար քսակէն ֆրանքներ տրամա- դրեն այդ բանին համար երբ գիտենք թէ՝ օրը օրին կեանքին հետ դառնօրէն կռուելու պարտաւոր են «պատառ մը հացի, կայծ մը կրակի համար»։ Աղէքսանդրիոյ ներկայ հայ դերասանական խումբին մէջ Պարոն Շիշմանեան գլխաւոր տեղերէն մէկը կը բռնէ. նա՝ կարող դերասան մըն է, որ մե՜ծ ապագայ կը խոստանայ։ Իր ստանձնած ամեն դերերուն մէջ տեսանք զինքը կատարելու- թեան մօտիկ։ Նոյն բանը պիտի ըսէինք Պարոն Շաւարշի համար եթէ քիչ մը նուազ չափա- զանցութիւն դնէր իր շարժուձեւերուն, ձայնին, նայուածքին մեմիքային մէջ, ատոնք սակայն դիւրաւ կրնայ ուղղել, քանի որ իրեն կամքը եւ բեմին համար ունեցած տարամերժ պաշտումը շատ ուժով են։ Տիկին Մարի, տեղւոյս մեր միակ դերասանուհին, շա՜տ աւելի փայլուն յաջո- ղութիւններ ձեռք պիտի բերէ անշուշտ եթէ իր ստանձնած դերերուն մէջ քիչ աւելի բնականութիւն դնէ։ Փափաքելի էր նաեւ Հայերէն լեզուի մաքուր առոգանութիւնը, եւ շեշտերու պատշաճ գործածութիւնը, որը քիչ բացառութեամբ կը պակսէր առ հասարակ մեր դերասաններուն։ Իսկ Պարոն Ղազիկեան, որը առաջին անգամ ըլլալով բեմ դուրս կուգար, Ավօի դերին մէջ, պարզապէս հիանալի էր, եւ այնքան բնական՝ որ վայրկեան մը փորձուեցանք հաւատալու թէ արդեօք իրա՛ւ սա խեղճուկ տառապած գաւառացի հայրը չէ՞ որ կ’իյնար իր որդւոյն վրայ աղիողորմ ճիչերով անոր մահը ողբալու։ Մեր անկեղծ շնորհաւորութիւնները Պարոն Ղազիկեանին իր մտածուած ու յաջող խաղին համար։ Արտէմիս, Յունիս-Յուլիս 1903, թիւ 6-7, էջ 184-185։ 260
ՔԱՆԻ ՄԸ ՆԿԱՏՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Գ. ՆԵՐԿԱՅԱՑՄԱՆ ԱՌԹԻՒ ՄԱՌԻ ՊԷՅԼԷՐԵԱՆ Ճիրանները որը գուցէ ամենէն քիչ ճաշակուեցաւ անցեալ գիշեր Վէրտի ժամադրուող հայ հասարակութենէն, գերազանցօրէն կը շօշափէ հասարակա- կան հարց մը՝ որը այսօր վերին աստիճանի կը զբաղեցնէ Եւրոպայի լուսաւորեալ մտքերը։ Սա՝ կնոջական ազատագրութեան հարցն է, ամենակենսական հարց մը, որուն յաջող լուծումը իրաւունքի եւ արդարութեան յաղթանակը անգամ մըն ալ պիտի ապահովէ տիեզերքի վրայ։ Ո՞վ չի գիտեր թէ կինը, մինչեւ այսօր ազատութեան եւ լուսաւորութեան ա՛յս դարուն մէջ դեռ եւս կը հեծէ ստրուկ, կաշկանդուած մի՛շտ եւ ամեն տեղ, սխալ օրէնքներու եւ հասարակական դարաւոր նախապաշարումներու շղթաներով։ Ո՞վ չի գիտեր որ նա դեռ մինչեւ այսօր առանձին քայլ մը ընելու իրաւունքը չունի իրեն համար գծուած ճամբէն դուրս. մա՛նաւանդ մօր հասարակութեան մէջ չէ՞ որ հայ աղջիկը իրաւունք չունի իր սրտին մարդուն հետ միանալու, եւ չէ՞ որ մեր հասարակութենէն դուրս ալ, տիեզերքի ամենէն լուսաւորեալ կեդրոններու մէջն իսկ կինը իրաւունք չունի բաժնուելու իր ամուսինէն երբ դադրած է այլ եւս զանի սիրելէ, երբ ներքին անհամաձայնութիւններ, զգացումներու փոխադարձ խոր- թութիւններ այլ եւս անհանդուրժելի կ’ընեն ընտանեկան կեանքը։ Այո՛, նաեւ չի կրնար առանց տղամարդուն համաձայնութեանը թողուլ, հեռանալ այդ դժողքը, օրէնքին մատնանշած որոշ պարագաներէն դուրս, կարծես կնոջ մը կեանքը թունաւորողը միմիայն իր ամուսնոյն անառակ կեանքը, գինեմոլութիւնը կամ անձնական ոեւէ մէկ թերութիւնը ըլլար։ Ճիրանները մեր աչքերուն առջեւ շատ յստակօրէն կը պատկերացնէ ամուս- նութեան այն տխուր պարագան, ուր կնոջ սրբազան իրաւունքներուն բռնաբա- րումը ամենէն աւելի մերկապարանոց դուրս կը ցայտէ։ Թատերական այս ընտիր կտորը շատ ալ մարսելի չէր գուցէ մեր հասարա- կութեան համար, որը դեռ եւս հասած չըլլալով զարգացման, լուսաւորութեան եւ ազատամտութեան որոշ աստիճանին, անբարոյականութիւն տեսաւ հոն՝ ուր ամենէն բարձր բարոյականը քարոզուեցաւ բիէսին հերոսուհւոյն Իրէնի բերնով. թէ՝ առանց սիրոյ ամուսնութիւնը անբարոյականութիւն է։ Թէ՝ սէրը միայն կը նուիրագործէ եւ կը սրբացնէ առն ու կնոջ կենակցութիւնը. թէ՝ այն վայրկենին երբ սէրը դադրած է գոյութիւն ունենալէ երկու ամուսիններու մէջ, այլ եւս անոնց կենակցութիւնը բնութեան օրէնքին ալ հակառակ է... Արմենեան ամոլները յաջող էին իրենց ստանձնած դերերուն մէջ։ Շնորհաւո- րութեան արժանի են անոնք մա՛նաւանդ անոր համար որ առաջին անգամը 261
ըլլալով իրենք Եգիպտոսի հայ հասարակութեան առջեւ պարզեցին իրական կեանքէ տեսարաններ, եւ յուզեցին այնպիսի կենսական հարցեր, որոնք կը յուսանք թէ մտածել պիտի տան մեր հասարակութիւնը։ Մի թեթեւ նկատողութիւն միայն եթէ ներելի է։ Տիկին Արմենեան, ցաւի ու տառապանքի իր արտայայտութիւններուն ու շարժումներուն մէջ մի քիչ միօրի- նակ կ’երեւէր։ Ցաւն ու տառապանքն ալ իրենց nuanceներն ունին, զորս յարգելի Տիկինը շատ լաւ կը ճանչնայ անշուշտ, եւ զորս պէտք է որոշակի շեշտել, եթէ կ’ուզուի խաղը աւելի յուզիչ ու բնական դարձնել։ Ազատ բեմ, 23 Մարտ 1907, Դ. տարի, թիւ 94, էջ 3։ 262
ԱՐՄԵՆԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ Մ. Ուրբաթ գիշեր Վէրտի թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Արմենեան վերջին ներկայացումը, ի նպաստ Սեբաստիոյ Որբասիրաց Ընկերութեան։ Թատրոնը լեփլեցուն էր՝ շնորհիւ կարգադիր մասնախումբին։ Այս անգամուան ներկայացումը յաջողագոյնը եղաւ։ Արմենեան ամէն անգա- մէ աւելի յայտնապէս մէջտեղ բերաւ իր կարողութիւնը Շիլլէրի Աւազակներուն մէջ։ Ֆրանցի դերը, զոր առաջին անգամ կատարեց եւ զոր հազիւ ժամանակ ունեցաւ պատրաստելու, կրնանք ըսել թէ իր լաւագոյն դերը եղաւ. եւ աս կը բաւէ արդէն, որովհետեւ թատրոնի էն դժուարակնճիռ եւ էն դասական դերերէն մէկն է ան։ Շատ լաւ արտաբերեց առաջին արարին մենախօսութիւնը, յետոյ հօրը մահուընէն վերջ մեռա՜ւ...։ Բայց վերջին արարին մէջ՝ հիանալի էր մանաւանդ, խղճի խայթի գալարումները եւ մահուան ուրուատեսիլին սարսափները բացատրեց մեզի շատ հասկացողաբար եւ շատ ալ զգացողաբար։ Մենք կը կար- ծենք թէ Արմենեան, բաց ի սալօնական կամ գաղափարական բիէսաներէն, շատ լաւ պէտք է որ խաղայ Համլէդը եւ Քինը։ Թատերասրահը մեծ ուշով հետեւեցաւ այս հոյակապ խաղին, զոր դժբախ- տաբար շատ փոփոխած ու կրճատած էին՝ դերակատարներու անբաւականու- թեան պատճառաւ, եւ խանդավառ ծափերով գնահատեց Արմենեանները։ Տիկին Դուրեան-Արմենեան Ամալիայի դերին մէջ յայտ եկաւ. շատ տրամադրուած չէր երեւեր անցած գիշեր։ Արմենեանի համակրողները սիրուն գաղափարը ունեցած էին իրեն մատուցանելու պահարանի մը մէջ զետեղուած գնահատումի ուղերձ մը՝ զոր ծանօթ գրագէտներ եւ անձնաւորութիւններ ստորագրած էին։ Յուսանք թէ օր մը կրկին բախտ կ’ունենանք մեր մէջ տեսնելու այս արուեստագէտները՝ որ թատրոնի լաւ եղանակ մը անցընել տուին մեզի. ասոր պակասութիւնը՝ կարճ եւ արդէն լմնցած ըլլալն է միայն։ Ազատ բեմ, 1 Մայիս 1907, Ե. տարի, թիւ 5, էջ 2։ 263
ՆԱՄԱԿ ԳԱՀԻՐԷԷՆ ՄԱՌԻ ՊԷՅԼԷՐԵԱՆ Գահիրէի Աղքատախնամ Ընկերութեան Պատ. Հոգաբարձութիւնը յիշելով անշուշտ Քրիստոսի սա խօսքը թէ՝ «Ոչ միայն հացիւ կեցցէ մարդ» սրտայոյզ հոգածութիւնը ունեցեր էր Նոյ. 15-ի կիրակի առաւօտուն Մարմինայի Ս. Մինաս մատրան մէջ ազգային բարերար աղա Կարապետ Գալստեանի թանկագին յիշատակին հետ խառնելու նաեւ աղքատ ննջեցեալներու յիշատակը, եւ օրհնել տալու անոնց գերեզմանները. մասնաւոր հրաւէրներ ուղղած էր նաեւ ծանօթ ազգայիններու որպէսզի իրենց ներկայութեամբ շէնցնեն ու պատուեն կեանքի մէջ այնքա՜ն զրկուած ու լքուած թշուառներու հանգստարանը։ Ահա՛ բոլորովին նոր ու գերազանցօրէն բարոյական միտք մը, որուն համար կ’արժէ ջերմապէս շնորհաւորել Աղքատախնամ Ընկերութեան Պատ. Հոգաբար- ձութիւնը։ Որոշեալ ժամուն արդէն ստուար բազմութիւն մը հաւաքուած էր Մարմինայի ազգ. գերեզմանատունը։ Ներկաներուն մէջ կը նշմարուէին Քաղ. Ժողովոյ անդամներէն այնքա՛ն սիրուած ու յարգուած Սեդրակ էֆ. Դաւթեանը, Տ. Սարգիս Մաճառեան, Գալստեան երկսեռ վարժարաններու յարգելի տնօրէնը, Ուսուցչա- կան Մարմինը եւ երկսեռ ուսանողներու պատգամաւորութիւն մը, ծանօթ պարոններ տիկիններ եւ օրիորդներ, կը հիւրասիրուէին մասնաւորապէս Աղքա- տախնամ Ընկերութեան Հոգաբարձու անդամներու խնամքով պատրաստուած սիրուն վրանի մը տակ։ Հոգեհանգստի հանդիսաւոր արարողութեան աւարտումէն ետքը, խօսք առաւ Արժ. Տէր Աւետիս աւագ քհնյ. Շաղոյեան։ Իր պերճախօսութիւնը արդէն յայտնի է ամենուն։ Ներկաներուն աւետելէ ետքը Կաթողիկոսական ընտրութեանց ուրա- խալի արդիւնքը, խօսեցաւ ինչպէս միշտ՝ ժողովուրդի ցաւերէն, Հայրենիքի տառապանքներէն եւ օգնութեան ստիպողականութիւնը շեշտեց յուզիչ բառերով։ Իրեն յաջորդեց Յ. Սեթեան, նկարագեղ սիրուն ոճով նա յիշատակեց մասնա- ւորապէս աղա Կարապետ Գալստեանը որուն գերեզմանին վրայ իր հիմնական ու ապահոված վարժարանին ուսանողները ծաղկեպսակ մը դրեր էին արդէն, դրուատեց մեծ բարերարին ազգասիրական վառ ոգին եւ վսեմ ձեռնարկը, եւ օրհնութեան բառերով վերջացուց իր խօսքը։ Իւրաքանչիւր բանախօսութեան ընդ մէջ, Գալստեան վարժարանի երկսեռ ուսանողները քաղցրօրէն կ’երգէին հայրենասիրական մաղթանքներ առ Աստուած եւ ձօներգ մը Գալստեանի յիշատակին առաջնորդութեամբ Տիար Յ. Մարզպանեանի։ Հանդէսը աւարտեցաւ կէս օրին եւ ժողովուրդը տխրանոյշ տպաւորութեան 264
մը տակ մեկնեցաւ գերեզմանատունէն։ *** Նոյն օրուան երեկոյին ոչ նուազ նուիրական պարտականութիւն մը ժողո- վուրդը կը համախմբէր Վէրտի թատրոնին մէջ։ Հայուհեաց նորակազմ Յանձնախումբը ի նպաստ Հայաստանի սովելոց թատերական ներկայացում մը կուտար անձնուէր մասնակցութեամբ Տիկին Մառի Առաքելեանի (Պէնլեան) եւ սիրողներուն ընտիր խումբի մը։ Ներկա- յացուած խաղն էր Օտեան-Կիւրճեանի ծանօթ Ֆրանքօ-Թրքական պատերազմը։ Ժամը 9-ին թատրոնը արդէն լեփ լեցուն էր, օթեակները գրեթէ ամբող- ջութեամբ գրաւուած։ Գնահատելի էր մասնաւորապէս Յանձնախումբի անդա- մուհիներէն Ազնուափայլ Տիկնայք Ա. Ղ. Բօլատի, Թէրճիմանեանի եւ Օր. Զարուհին Եալտըզճեանի անձնուէր ու եռանդուն ջանքերը տոմսակները տեղաւորելու ու վաճառելու դժուարին գործին մէջ։ Գնահատումին շնորհակա- լութեան արժանի էին նաեւ օժանդակ Մասնախմբի Պատ. անդամները որոնք ջանք չէին խնայած երեկոյթին յաջողութեանն ու շքեղութեանը համար։ Դերակատար Պարոնները ոչ իբրեւ սիրող՝ այլ անվիճելիօրէն արուեստա- գէտներ հանդիսացան իրենց դերերուն մէջ, մասնաւորապէս յիշատակութեան արժանի է Տիար Օ. Չայեան որ քանիցս ծափահարուեցաւ ջերմօրէն, իսկ Տ. Մառի իբրեւ կարող դերասանուհի արդէն ծանօթ է ամենուս։ Իւրաքանչիւր միջնարարներու շնորհալի օրիորդներ «ի նպաստ սովելոց» վերտառութեամբ կարմիր ժապաւէններ ուսընդանութ անցուցած, ծաղիկներ կը բաժնէին ժողովուրդին։ Ժողովուրդի զուարթութիւնը չափ չունէր, եւ ամենքն ալ առանց բացառու- թեան մեկնեցան թատրոնէն շատ գոհ տրամադրութեամբ, որովհետեւ մէկ քարով երկու թռչուն զարկին, այսինքն թէ՛ իրենց Հայաստանի եղբայրներուն պատառ մը հաց հասցնելու եւ թէ հաճելի ժամանց մը վայելելու առիթը ունեցեր էին։ Կ’ենթադրուի թէ մօտաւորապէս 100 ոսկիի հասոյթ մը գոյացած է ներկայա- ցումէն։ Արեւ, 21 Նոյեմբեր 1908, Ա. տարի, թիւ 160, էջ 2։ 265
ԳԵՂԱՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ՏԱՌԱՊԱՆՔԻՆ ՆԿԱՐԸ (Վ. Մախոխեանի նկարահանդէսին առթիւ1) ՄԱՌԻ ՊԷՅԼԷՐԵԱՆ Գեղարուեստի ծանօթ ըլլալու, կամ արուեստէն քիչ շատ հասկնալու պէտքն ալ չկայ, ըմբռնելու համար պարոն Վարդան Մախոխեանի վերջերս ցուցադրած նկարներուն աննման գեղեցկութիւնը։ Անոնք, այն գերազանց ստեղծագործութիւններէն են, որոնք սահմանուած են հասկցուելու հմտագոյն արուեստագէտէն սկսեալ, մինչեւ ժողովրդի ամենայե- տին ռամիկը, եւ ասի բաւական է բացատրելու համար Պարոն Մախոխեանի տի- րական կարողութիւնը։ 1. Ծովանկարիչ Վարդան Մախոխեան (1869, Տրապիզոն - 1937, Նիս), Եգիպտոսի մէջ տուած է հետեւեալ ցուցահանդէսները. Ա. Մարտ 1902, Սերքլ Արթիսթիքի սրահ, Գահիրէ, անհատական ցուցահանդէս (82 իւղաներկ) («Հայ արուեստագէտի մը յաջողութիւնը», Արեւելք, Պոլիս, 12 Ապրիլ / 30 267
Պարոն Վ. Մախոխեան բնութեան ծոցէն քաղած է իր ներշնչումները։ Մերթ կը տեսնես վերջալոյսի նուաղ ցոլքերով հազիւ լուսաւորուած ծովը, տրտմօրէն օրօրուելով անհունութեան գիրկը։ Մերթ, նոյն ծովը դարձեալ, բայց այս անգամ արշալոյսի առաջին շողերովը զուարթօրէն շառագնած։ Ահա՛, ծովը դա՛րձեալ, կատաղութենէ փրփրած, արհաւիրքներով լեցուն ծովը, որ կը մռնչէ, կը գոռայ սեբ սեւ երկնքի մը տակ...։ Աչքերդ սարսափով կը դարձնես այդ ահեղ տեսարա- նէն։ Ճիշդ անոր քովիկը կը տեսնես գեղածիծաղ հովիտ մը, տերեւախիտ ցածուկ ծառերով, աչքերդ բերկրանօք կը հանգչին այդ աղուոր կանաչութեան վրայ եւ թօթուելով քիչ առաջ կրած դժնդակ տպաւորութիւնդ, սրտով ու մտքով թարմա- ցած՝ կ’ուզես երկննալ բարձր խոտերուն վրայ, կամ ծաղկէ ծաղիկ թռչտող թիթեռ- նիկի մը ետեւէն վազել, ինչպէս երբեմն՝ մինչ մանուկ էիր։ Անդին ստուերախիտ անտառի մը խորհրդաւոր մթութեան մէջ կը կորսուի նայուածքդ, եւ այս ամենը այնքա՜ն ապշեցուցիչ կերպով բնական ու կենդանի, որ մարդ կը փորձուի երթալ մատներով շօշափել պատկերը, ինքզինքին կարծես ապացուցանելու համար թէ՝ դա՛ ներկ ու կտաւ է միայն...։ Արդարեւ կը հաւատամ թէ մեր ցեղը չի՛ մեռնիր քանի որ Մախոխեանի պէս տաղանդներ դեռ կրնայ կոր դուրս տալ իր յօշոտուած արիւնոտ ծոցէն։ *** Մայիս 1902, ԺԹ. տարի, թիւ 4908, էջ 3։ Ատոլֆ Սքառսէլլի, «Գահիրէի նկարահանդէսը», Արեւելք, 23 Ապրիլ / 6 Մայիս 1902, ԺԹ. տարի, թիւ 4927, էջ 1)։ Բ. Փետրուար 1904, Գահիրէ, անհատական ցուցահանդէս (60 նկար) («Եգիպտահայ քրօնիկ», Արտէմիս, Դեկտեմբեր 1903, Բ. տարի, թիւ 12, էջ 336։ «Ազգային», Ժողովուրդ, Գահիրէ, 20 Փետրուար 1904, Բ. տարի, թիւ 4, էջ 62-63։ Ն. Կ., «Վարդան Մախոխեան», Ժողովուրդ, 15 Մարտ 1904, Բ. տարի, թիւ 5, էջ 73-75)։ Գ. Ցուցահանդէսը կրկնուած՝ Աղեքսանդրիա։ Դ. 23 Դեկտեմբեր 1905, Պիթթառի տուն, Օփերայի հրապարակ, Գահիրէ, անհատա- կան ցուցահանդէս (113 ծովային եւ դաշտային) («Նկարահանդէս», Լուսաբեր, 23 Դեկտեմ- բեր 1905, Բ. տարի, թիւ 161, էջ 3։ Ե. Տէմիրճեան, «Մախոխեան նկարահանդէսը», Լուսաբեր, 26 Դեկտեմբեր 1905, Բ. տարի, թիւ 162, էջ 2։ Յրթ. Ասատուրեան, «Վարդան Մախոխեան եւ իր նկարները», Լուսաբեր, 4 Յունուար 1906, Բ. տարի, թիւ 166, էջ 1-2։ «Հայ նկարիչներ. Վարդան Մախոխեան», Լուսաբեր, 9 Յունուար 1906, Բ. տարի, թիւ 168, էջ 1- 2։ Յ. Սեթեան, «Արուեստին առջեւ», Լուսաբեր, 16 Յունուար 1906, Բ. տարի, թիւ 171, էջ 1- 2։ Մառի Պէյլէրեան, «Հայ տառապանքին նկարը (Վ. Մախոխեանի նկարահանդէսին առթիւ)», Ազատ բեմ, 10 Փետրուար 1906, Գ. տարի, թիւ 43, էջ 1)։ Ե. Փետրուար 1930, ֆրանսական արուեստի գործերու ցուցահանդէս, Գահիրէ, Մախոխեան, Ադամեան եւ Շապանեան (Մախոխեան՝ 6 նկարներ) (Գ. Մ., «Նկարչական ցուցահանդէսներ եւ հայ նկարիչներ», Յուսաբեր, 15 Մարտ 1930, ԺԵ. տարի, թիւ 292, էջ 3)։ 268
Արդեօք պիտի տեսնե՞նք օր մը, համաշխարհային նոր հանճար մըն ալ, որ գեղարուեստական ուրիշ հրաշալիքներու քովիկը մեզի ներկայացնէր Հայոց արիւնոտ աշխարհին մէկ անկիւնը. հոս ու հոն ցանուցիր ինկած, ահռելիօրէն այլանդակուած մեռելներ... եւ լուսնի մէկ աղօտ ճառագայթը՝ որ այս բոլոր արհաւիրքը վախնիվախը կը լուսաւորէ։ Կամ ռուսական Հայաստանի մէկ գերեզ- մաննոցը, ուր մարդասպանները խորունկ փոսերու մէջ իրենց զոհերուն դիակ- ները խառնիխուռն կը նետեն, այլանդակ քրքիջով մը խնդալով... եւ տրտում նոճիները որ իրենց բարձր գլուխները սպառնալից տնկած դէպի երկինք, կարծես Արարչին ցոյց կուտան Մեծ Եղեռնը. եւ այն ահաւո՛ր սուգը որ գիշերուան խորունկ լռութեան մէջ կը փռուի Աստուծոյ անհուն նայուածքին առջեւ...։ Օ՜հ, այս ամէնը ինչպէ՜ս ուժգին պիտի ցնցէին արդեօք մեր թմրած, անաս- նական ու անհոգ կեանքով մը բթացած ջիղերը. ասոնք Հայ Տառապանքը նկա- րագրող խօսքեր չպիտի ըլլան այլեւս որոնց կրնայինք կամ վարժուեր էինք սուտ խուլ ըլլալու. ասոնք Հայ Տառապանքին ահռելի իրականութիւնը պիտի ըլլային, մեր սարսափած աչքերուն առջեւ մէկէնիմէկ ցցուած...։ Եւ այն ատեն, ապահո՛վ եմ, ճշմարիտ արցունքներ, եղբայրական գթութիւն ու սիրոյ արցունքներ պիտի կաթկթէին մեր ամենուս աչքերէն եւ պղատոնական ցաւակցութիւններէն աւելին ընէինք գուցէ, գործնական միջոցներ ձեռք առնելով որդեգրելու համար մեր մեռելներուն որբերն ու այրիները, ի Կովկաս կամ այլուր։ Այդ տեսակ նկարներու առջեւ մանաւանդ մեր վրէժի ու զայրոյթի զգացումները պիտի պոռթկային, եւ մենք, բռունցքնիս ամրօրէն սեղմած, պիտի վազէինք բռնաւորին դէմ, արիւնի գի՛նը պահանջելու մեր նահատակուած հայրերուն, քոյրերուն, զաւակներուն...։ Եւ այն ձեռքը որ մէկ երկու վրձինի հարուածով պիտի կատարէր ճշմարիտ գթութեան ու հայրենասիրութեան այս գործը, օրհնուած ձեռք մը պիտի ըլլար։ Գահիրէ Ազատ բեմ, 10 Փետրուար 1906, Գ. տարի, թիւ 43, էջ 1։ 269
ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿ ՈՒՂԵՐՁ ԱՌ ՆՈՐԻՆ Ս. ՕԾՈՒԹԻՒՆ ՆՈՐԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌՈՒԹԵԱՆ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԵՒ ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ԿԱԹՈՒՂԻԿՈՍԻ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ Տ. Տ. ՄԿՐՏՉԻ Ա. Վեհափառ Հայրիկ, Մանուկ էի դեռ, երբ վարժարանական սեղաններուն վրայ, օր մը, Ձեր Բարձր ներկայութեամբ անցուցած քննութիւններէս մէկուն մէջ, զիս կը քաջալերէիք նուիրելով ինձ Ձեր սրբատառ ձեռագիրը վեհօրէն ճակտին դրօշմած, Ձեր Մարգարիտ արքայութեան երկնից մակագրեալ գրքոյկէն մէկ օրինակ։ Սակաւաթիւ զարդերուս իբրեւ ամենէն թանկագինը, մինչեւ այսօր պահած եմ այդ անըսգիւտ Մարգարիտը։ Կեանքիս մէջ թերեւս ունեցայ ուրիշ իսկական գոհար ու մարգարիտներ. բայց, չգիտեմ ինչո՞ւ, չկարողացայ հաշտուիլ անոնց հետ, ու մինչեւ վերջը պահել. ա՞րդեօք ամեն ինչ ծախող ու սպառող ժամանակը եղծե՞ց ու աչքէս հանե՞ց մարգրիտներու ծովէն քաղուած, նոյն իսկ այդ ամենէն անեղծ կարծած գոհար ու մարգարիտներուս փայլն ու գեղը։ Չգիտե՜մ։ 271
Տարիներ անցան. բայց Ձեր ինձ նուէր ըրած մեծագին Մարգարիտին փայլը մնաց անե՜ղծ, անմե՜ռ. ու ես կը պահեմ զայն տակաւին ու պիտի պահեմ, ո՜վ գիտէ քանի՜ տարիներ եւս, մինչեւ գերեզմա՜ն...։ Ձեր Մարգարիտը, Վեհափառ Տէր, մի գանձ է թանկագին. գիտե՜մ. անոր փայլն ու գեղը չեն մեռնիր, որովհետեւ Երկնքէն քաղուած է։ Ժամանակի արագընթաց հոսանքին մէջ ի՜նչ է կեանքը մարդուն. մանկու- թենէ մինչեւ երիտասարդութիւն քայլ մ’է միայն։ Ու երբ ես այդ քայլը կ’ընեմ, այսօր Հայ կանանց համար իմ նախաձեռնու- թեամբ Արտէմիս անունով հանդէսիս հրատարակութեան առթի՛ւ ալ՝ ինձ կը նուիրէք տպագրական նորաձոյլ տառերու հետ մի ուրիշ մեծագին Մարգարիտ եւս. Ձերդ Վեհափառութեան այս անտիպ երկասիրութիւնը՝ Վերջալոյսի ձայներ՝ Ձեր Բարձր կարգադրութեան համեմատ ինձ կը շնորհէք, եւ անոր հասոյթը կը տրամադրէք սկսելիք հանրային ձեռնարկիս ի նպաստ։ Բարեբաղդ ու երջանիկ կը զգամ զինքս, Վեհափառ Տէր, երբ Ձեր այդ Բարձր շնորհին արժանանալէ վերջ այսօր կը յաջողիմ մամուլին յանձնելու Ձեր Վերջա- լոյսի ձայներ յորջորջուած ընտիր մարգարիտներն եւս։ Բարեբաղդ եմ, այո՛, այնո՛ւ, որ այդ Բարձր շնորհին կ’արժանանամ ուղղակի իմ սկսելիք գործովս. երջանիկ եմ այնու, որ ես կը դառնամ անուղղակի միջնորդը Ձեր սրբազան Քնարին Այրարատեան վերջալոյսներով ներշնչուած ու գունագեղուած ողբ- երգերուն հրատարակութիւնը իմ սիրելի Ազգիս ներկայացնելով։ Վաղուց կարօտը կը քաշէր արդէն Հայը Ձեր սրբազան Քնարին հայրենաշունչ աղիներու ներդաշնակութիւնն ունկնդրելու. թուլացած չեն դեռ կորովի լարերը Մասեաց Գուսան Ծեր Մովսէսին. վեհափառ Արարատի ու սպիտակազգեստ Արագածի ոտքերուն վրայ անտես յածող մեր հին Գողթնի Մուսաները իրենց սուրբ տաւիղով իջեր ու մրմնջեր են երգերը Երիքովի ճամբու վրայ վիրաւոր ընկած Հայ Սամարացւոյն։ Հայոց հրեշտակի թեւերուն վրայ վերացուած այդ Ոգին, երբեմն մտքի աչքերով կը յածի, կը սաւառնի «Մեռելոց դաշտը», Արեան դաշտը, ուր լճացած արեան ճապաղիք, դիզացած սրբազան ոսկերոտիք, լալա- հառաչ մայրերու ու ծերերու ողբն, ու մայրակորոյս որբերու աղեխորով ճիչը կը խռովեն ու կարեվեր կը խոցեն Իր մեծ սիրտը։ Ու կ’առնէ Իր քնարը լալկան ուռիներէն կախուած, Ինքն ալ կուլայ դառնագին, կը պնդէ արցունքով անոր թուլացած լարերը, ու կորովի կը հնչեցնէ երգը «Արեան դաշտի խոնջեալ» ու յաւիտենական հանգստով նիրհող նահատակներուն։ «Ո՜ տայր, Օծեալ Տէր, որ հանուրց հիւսիսականաց վեհագոյն Սարի ստորո- տէն թռչող ու սլացող Ձեր այդ բողոքի արդար աղաղակները հասնէին մինչեւ Ամենակալի աթոռին առջեւ, եւ Հայոց Հրեշտակը իր փրկարար բալասանը բերէր, կտաւատով եւ ձէթով շաղախէր, ու դնէր Երիքովի ճամբուն վրայ վիրաւոր ընկած Հայու սրտին, որու բոլոր վէրքերը Ձեր անձին վրայ մարմնաւորած, կը սպասէք 272
«աւուր հայցելութեան»։ Տա՛յր Երկինք, որ որպէս Ծերունին Սիմէօն ի Տաճարին, Ձեր Ս. Օծութիւնն եւս «Իջման Քարին» վրայ ողջագուրէր Հայու արիւնէն վերածնած առողջ ու կայտառ մանուկն Ազատութիւն»։ Սրտագին երախտագիտութեամբ առլցեալ Ձերդ Վեհափառ Օծութեան Սրբազան Աջոյն մատչելով ի համբոյր, Մնամ Ձերդ Վեհափառ Սրբութեան ամենաերախտագէտ աղախին Հրատարակիչ ՄԱՌԻ ՊԷՅԼԷՐԵԱՆ (ՍՕՆԷ) 2/15 Յունիս 1901 Գահիրէ Վերջալոյսի ձայներ, ողբագրեց եւ հոգեգրեց Խրիմեան Հայրիկ, Գահիրէ, Տպագր. Ե. Թորոսեան, 1901, էջ I-IV։ 273
ՍԽԱԼԻ Մ’ԱՌԹԻՒ ՄԱՌԻ Կեանքի մէջ շատ մը տխուր երեւոյթներ կան, որոնք անհունապէս կ’ազդեն ոչ միայն ժողովուրդի մը սրտին՝ այլ եւ անոր բնաւորութեանը վրայ։ Յուսախա- բութիւնը մեծ է այդ տխուր երեւոյթներէն, եւ չկայ կեանքի մէջ այնքան ծայրայե- ղօրէն դառն տանջանք, մանաւա՛նդ զգայուն բնաւորութիւններու համար՝ որքան յուսախաբութենէ յառաջ եկած տանջանքը։ Գերագոյն հաւատքի անկումը, այդ Սրբութեան՝ ցեխերու մէջ այնքան վայրե- նօրէն լլկուիլը, շատ անգամ չմահացներ գուցէ ժողովուրդ մը ֆիզիքապէս. բայց Սրտի մահը, բարոյական կեանքի մահը կուտայ անոր անվրէպ։ Որքան բարձր ըլլայ ժողովուրդ մը, որքան ազնիւ նկարագրի տէր, երբ ամեն անգամ իր մեծ հաւատքին մէջ կը խաբուի՝ տակաւ առ տակաւ, անգիտակցօրէն գուցէ կը կորսնցունէ մասնիկ առ մասնիկ այն ազնիւ յատկութիւններէն՝ որոնք անսահ- ման յարգանք, պիտի ըսեմ նոյն իսկ պաշտումի մօտ հիացում ներշնչած էին ատեն մը։ Նա ժամանակի ընթացքին մէջ, հետզհետէ օր մ’ալ կը տեսնես ցած ինկած իր բարոյական բարձրութենէն, դարձած հասարակ, անզգալաբար, եւ իր անկման պատճառը ուրիշ բան չէ՛ բայց եթէ պղծուիլը՝ իր մե՜ծ Հաւատքին...։ Միջավայրը կը փոխէ զմարդիկ, կամ եթէ չյաջողի փոխել իսկ, խորապէս կ’ազդէ մեր մտքին ու սրտին վրայ. ասիկայ տխո՜ւր ճշմարտութիւն մ’է, եւ միջավայրը՝ որ այսօր կը շրջապատէ հայ ժողովուրդը, բոլորովին ինկած ու փճացած բնութիւն մը ունի. հոն կը տիրապետեն սանձարձակ Ստութիւնը, Կեղծաւորութիւնը, Խարդախութիւնը, Ցածութիւնը...։ Այս տխուր խորհրդածութիւնները ընելու առիթ տուաւ ինձ Արշալոյսի 23/6 Յուլիս ամսաթուոյն մէջ Վերջալոյսի ձայներուն համար կարդացած մէկ առաջ- նորդող յօդուածս Պ. ստորագրութեամբ։ Այդ յօդուածը գրուած այնքա՜ն զգացմամբ եւ վառ շեշտերով, իրեն անուշ ու հաճոյալի տպաւորութիւնը թողուց եւ ի՛մ վրայ, բայց պարտք կը համարիմ յօդուածին վերջին մասին համար իմ դիտողութիւններս յայտնել, վասն զի մենք՝ խմբագիրներս, յօդուածագիրներս, որ կոչուած ենք ժողովուրդի մը բարոյական կեանքի առաջնորդներն ըլլալու ճշմարիտն ու սուտը իրենց իսկական գոյներով անոր ճանչցնելու, մեր ամենէն նուիրական ու սուրբ պարտականութիւնն է ուրեմն. ուղիղ, արդար եւ անաչառ ըլլալ...։ Քաջ ըմբռնել մեր բարձր կոչման եւ ստանձնած ահաւոր պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, եւ չարաչար չգործածել ժողովուրդին այն միամտօրէն գեղեցիկ ու վեհ Հաւատքը՝ որ ունի դէպի մեզ. վասն զի եթէ նա յուսախաբ ըլլայ՝ յոռետես կը դառնայ, յոռետեսութենէ քայլ մը անդին անհաւատութիւն է, եւ ժողովուրդ մը երբ կը կորսնցունէ Մեծ ու 274
Սուրբ բաներու հաւատքը, ինկած ժողովուրդ մ’է արդէն, եւ ո՞վ է պատասխա- նատուն...։ «Յօդուածս» չկնքած - կ’ըսէ յարգելի յօդուածագիրը - պարտք կը համարիմ շնորհաւորելու Արշալոյսի տնօրէն եւ գործոյս տպագրիչ, Տիար Ե. Թորոսեանը, որ իր թերթովը ծանրապէս զբաղեալ լինելով հանդերձ, ըստ կարելւոյն փոյթ եւ խնամք չէ զլացած ընթերցողին ձեռքը տալու սահուն եւ փայլուն հատորիկ մը մեծ ճաշակով տպագրուած, եւ ինչ որ անգնահատելի ծառայութիւն մ’է ամբողջ ազգութեան, Հայրիկին փառաւոր կենդանագրով պճնազարդուած»։ Կ’երեւի թէ ազնիւ յօդուածագիրը տեղեակ չէ մօտէն Վերջալոյսի ձայներուն հրատարակման պատմութեանը, որովհետեւ այնքան ազնուօրէն գործի մը կամ գաղափարի մը մեծութիւն ըմբռնող անձնաւորութիւն մը՝ գիտակցօրէն սխալ մը իբրեւ ուղիղ չպիտի հրատարակէր եւ այն ալ՝ ազգային թերթի մը մէջ... Տիար Ե. Թորոսեանը Վերջալոյսի ձայներուն հրատարակման խնդրոյն մէջ ունեցած է այն դերը՝ ինչ որ պիտի ունենար սովորական տպարանատէր մը։ Վեհ. Հայրիկի փառաւոր կենդանագիրը որ ինչպէս կ’ըսէ Պարոն Պ. «անգնահատելի ծառայութիւն մ’է ազգութեան» պատրաստած է գերմանացի վարպետը, մեր ծախ- քով. թուղթի եւ տպագրութեան ծախսերը դարձեալ եղած են մեր միջոցներով, եւ եթէ այդ միջոցները ստեղծուելուն մէջ դեր մը ունեցած է Պ. Թորոսեանը, այդ ալ սոսկ վաճառականական հաշիւներու բնութիւնը ունի, որոնք պիտի տեսնուին որոշեալ ժամանակամիջոցին մէջ։ Գալով գրքի շարուելու՝ այդ գործը յանձն առած էր, մեր ամենէն մօտիկ բարեկամ, Պ. Կարապետ Այվազեանց, եւ եթէ կայ մէկը՝ զոր պէտք է իրաւամբ շնորհաւորել հրապարակաւ, դա՛ այդ երիտասարդն է, որ առանց ո եւ է նկատումի, առանց ո եւ է նիւթական կամ բարոյական ակնկա- լութեան, այդ գործը յանձն առաւ անձնուիրաբար, հազար չարչարանքներով, զորս չեմ ուզեր հոս մի առ մի թուել չվիրաւորելու համար իր համեստութիւնը։ Սոսկ ի սէր Գործին, որոյ բարձրութիւնը եւ օգտակարութիւնը ըմբռնողներէն առաջինը եղած էր, եւ ինքզինքը նուիրած Անոր, նա՝ թողած արդէն գրաշարական արուեստը, կը պատրաստուէր արդէն նոր արուեստի մը պարապիլ, երբ Արտէ- միսի հրատարակման լուրը առաւ։ Այդ պահուն նա իր անձնական ծրագիրները ետ թողուց, ժամանակի մը համար, եւ ուզեց ինքը շարել ե՛ւ Արտէմիսը...։ Այս պատմութիւնը գուցէ աւելորդ էր. բայց կ’ուզեմ ցոյց տալ թէ՝ «անգնա- հատելի» ածականը աւելի յարմար էր Պարոն Այվազեանի գործին...։ Արդար ըլլալու համար պէտք է դարձեալ խոստովանիլ թէ՝ Պարոն Կարապետ Այվազ- եանց Վերջալոյսի ձայներուն գործը կրնար տաս կամ տասնուհինգ օրէն վեր- ջացնել։ Սխալ է ըսել թէ՝ Պ. Ե. Թորոսեան իր Արշալոյսի զբաղումներէն բան մը զոհած էր մեզի. ընդհակառակը, Պ. Այվազեանցն էր որ շատ անգամ իր գործը թողած դարձեալ անձնուիրաբար, եւ այս՝ ի սէր մեզ համար բարձր բարեկամու- թեան, կ’օգնէր եւ Արշալոյսին շարուելուն. եւ այդ պատճառաւ ալ հազիւ գիրքը 275
աւարտեցաւ 25 օրէն...։ Եթէ Պարոն Պ. առիթ տուած չըլլար, այս տողերը աւելորդ պիտի համարէի գրել, բայց ուրախ եմ որ տրուեցաւ այդ առիթը, որով ես ալ կուգամ Փիւնիկի միջոցաւ հրապարակաւ յայտնել մեր սրտագին շնորհակալութիւնները իր ան- խոնջ ջանքերուն եւ զոհողութիւններուն համար բարեկամներու է՛ն ազնիւին եւ է՛ն անձնուէրին։ Աղեքսանդրիա, 10 Յուլիս Փիւնիկ, 13 Յուլիս 1901, Բ. տարի, թիւ 6, էջ 41-43։ 276
ՈՒՂԵՐՁ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԻԿԻՆ ՄԱՌԻ ՊԷՅԼԷՐԵԱՆ (ՍՕՆԷ) Գաղափար մը, որ լոյս աշխարհ գալու համար տաժանելի երկունքի մէջ յուսահատ ճիգերով կը տապլտկէր... Գաղափար մը, որ գուցէ մեռնէր՝ չկրնալով տոկալ երկունքին ահռելի ցաւերուն... ահա՛ Վասպուրականի Արծուին սուր նայուածքը տեսաւ մարտիրոսութիւնը անոր, եւ սպիտակափառ Արարատի կշտին՝ նոյնքան սպիտակափառ ու Վեհ Հայոց ՀԱՅՐԻԿԸ իր ձեռքը մեկնեց։ *** Տխուր ու բազմահոգ տարիներ ձիւներ են Հայոց Վեհին գլխուն վրայ. բայց չէ՛ սառչեր Անոր բոց ուղեղը, ան կը վառի արծարծուն, լուսափայլ ձիւնակոյտին տակ եւ մի՛շտ վառ պիտի մնայ, ստեղծելու համար ինչ որ բարի է, ինչ որ վեհ, օգտակար ու գեղեցիկ է։ Եւ այդ տարիներու ու վշտերու ծանր բեռին տակ, դեռ տոկուն, պարթեւ հասակը ուղիղ տնկած, հին աւուրց հսկայ կաղնին վայրագ հով ու մրրիկներու դէմ անսասան, իր խիտ հովանին կը տարածէ մինչեւ հեռուները, բուքին ու քամիին դէմ պաշտպանելու համար ե՛ւ տառապողները, զրկուածները ու դժբաղդները։ *** Ժամանակ մը երբ սոխակը վարդի թուփին տակ Սէր եւ Հայրենիք կ’երգէր, ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆԻ ԱՐԾԻՒը, օտար ափերու վերայ սգաւոր նոճիներու բարձրէն «Հայ-գոյժ»ը եւ «Վան-գոյժ»ը կ’եղերերգէր։ Մեզ կը պատմէր տառապանքն ու ցաւերն անոնց՝ որոնք մղոններով մեզնէ հեռու, բայց մեր արի՜ւնն... մեր կեա՜նքն... մեր հոգիներն էին։ Եւ այսօր դարձեալ Ինքն է, որ արգահատանքով լեցուն աչքերը կը դարձնէ Հայ կնոջ, եւ մա՛նաւանդ գաւառացի դժբաղդ հայուհւոյն վրայ, որը տակաւին տգիտութեան թանձր խաւարին մէջ առ խարխափ կրկին անգամ ստրուկ ու տանջուած կեանքը կը քաշկռտէ ինքնագիտակցութենէ զուրկ, անգիտելով իր պահանջքներն ու իրաւունքները, եւ որ կարգ մը ծանր պարտականութիւններու տաժանելի բեռին տակ կորաքամակ կը տքայ։ Հայոց Վեհը կեանք տալով Գաղափարին, մտածեց կեանք տալ եւ անոր։ *** 277
Ահա թէ ինչու տանջանքի այն ձիգ օրերէն ետքը երբ Գաղափարը կենդանու- թեան առաջին ճիչը կ’արձակէ, իր առաջին թոթովանքը ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԻԿԻՆ անունը կ’ըլլայ։ Բարիներու անունը թող օրհնութեամբ յիշատակուի։ Արտէմիս, Յունուար 1902, Ա. տարի, թիւ 1։ 278
ԶԱՆԱԶԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ ԵՒ ՄԵՐ ԲԱՐՔԵՐԸ ՄԱՌԻ Կ’ըսեն թէ զարգացումն ու յառաջդիմութիւնը կը նպաստեն բարքերու ազնուացման ու բարձրացման, թէ իրերը ուղիղ, որոշ եւ իրենց իսկական գոյնով տեսնելու կարողութեամբ կ’օժտեն մեզի, թէ այդու մեր սրբացած հոգիներուն մէջ մուտ չեն կրնար գտնել ինկած զգացումներ, եւ մաքրութեան, պայծառութեան ու վեհութեան մթնոլորտի մը մէջ սաւառնող մեր միտքերը՝ չեն կրնար ըմբռնել ամպամած խորհուրդներ եւ յղանալ մթին ծրագիրներ։ Լո՛յս տալ, լուսաւորե՛լ խաւարը, ազնուացնե՜լ, բարձրացնե՜լ մարդկութիւնը, ա՛յս պիտի ըլլայ անշուշտ զարգացման եւ յառաջդիմութեան խաղալիք դերը ժողովուրդներու ճակա- տագրին վրայ։ Մեր մէջ բաւական երկար ժամանակէ ի վեր մուտ գործած է զարգացումը. նշանաւոր անձնաւորութիւններ ունեցեր ենք եւ ունինք ցայսօր, գրագէտներ, վիպասաններ, խմբագիրներ, բաւական լայն կեդրոն ու միջավայր գործօն 279
ուղեղներու, ժողովրդեան հասկցող դասակարգ մը, գնահատող տարր մը։ Եւ սակայն կը տեսնենք թէ՝ մեր այսօրուան լուսոյ դրօշակակիրները, գրագէտները եւ մա՛նաւանդ խմբագիրները, ցանցառ բացառութեամբ, շա՛տ հեռու են Ուղիղ, Արդար եւ Անաչառ ըլլալէ. մեծաւ մասամբ ինկած նկարագիրներ, անազնիւ ու գծուծ զգացումներով շաղախուած հոգիներ են անոնք, որ դաւանելով լոյսը խօսքով՝ խաւարի զաւակներ են գործքով...։ Տխուր ճշմարտութիւն մըն է ասիկայ, որը ստիպուած ենք սակայն խօսելու, եթէ խօսուած չէ՛ արդէն։ Այսօր յաճախ կիրքն է որ կը վարէ մեր ներկայ զարգացած դասակարգին գոր- ծերը, որ անոր ուղիղ տեսողութիւնը կը շփոթէ, դատողութիւնը կը խանգարէ, եւ որ կը դարձնէ զայն ուղղակի իրեն կոյր ոգւոյն գործիքը։ Կիրքը, որ ճշմարտութիւն բառը իրեն անպատկառօրէն դիմակ ըրած, ստել կուտայ, խաբել կուտայ, որը պատժել կուտայ յանիրաւի, եւ կը վարձատրէ անար- ժանը։ Կիրքը՝ որ կը տապալէ անմեղը, որ կը բարձրացնէ մեղաւորը, որ իրաւուն- քի սուրբ անուան ետեւ օձի պէս կծկտուած, անիրաւութեան թոյնը կը ժայթքէ։ Կիրքը՝ մէկ խօսքով, որ ամեն սուրբ ու նուիրական բաներու ճակտին կը դրօշմէ իր աղտոտ, պի՜ղծ կնիքը...։ Ասիկայ սակայն լոկ մեր ազգին յատուկ երեւոյթ մը չէ՛. բայց չկարծուի թէ ուրիշ ազգերու մօտ նոյն թերութիւնը շեշտելով մխիթարութիւն մը կամ արդա- րացում մը կ’ուզեմ փնտռել մեր ազգին համար, քա՛ւ լիցի. ճշմարիտ է որ կիրքն է դարձեալ ու մի՛շտ սանձարձակ տիրապետողը նոյն իսկ է՛ն ազատ, քաղա- քակրթեալ, է՛ն լուսամիտ կարծուած ժողովուրդներու մէջ։ Ու եթէ մենք մեր ազգը միայն ինկատի կ’ունենանք յաճախ, ամեն մի նոր հոգեբանական հարցի ու երեւոյթի առջեւ – ըլլա՛յ լաւ, ըլլա՛յ վատ – պատճառն այն է որ մենք՝ մարմնապէս ու հոգեպէս կապուած ենք անոր հետ։ Ցեղի հզօր եսն է որ կը գոռայ մեր մէջ իսկոյն ու մեզի կը թելադրէ զբաղիլ ամեն բանէ առաջ իրմով եւ ընել այն՝ ինչ որ կապ ունի միայն ու միայն իրեն հետ։ Եթէ ուշադրութեան առնենք մեր ամբողջ ներկայ լրագրութիւնը, մամուլը, որ է՛ն սուրբ ու վսեմ բանն է աշխարհի վրայ, քանի որ կոչուած է տգիտութեան դարաւոր խաւարին մէջ խարխափող մարդկութիւնը դէպի գիտութեան փրկա- րար լոյսը առաջնորդելու, մամուլը՝ որ պիտի մնար իր ա՛յն բարձրութեան վրայ, ուր մինչեւ իրեն չպիտի հասնէին գետնաքարշ աղտետութիւններն ու պղծութիւն- ները, մամուլը՝ որ պիտի արտայայտէր միայն ինչ որ բարի, ճշմարիտ ու գեղեցիկ էր, այդ մամուլը այսօր երկպառակութեան, անձնական լղրճուկ վէճերու, անար- ժան կռիւներու, կարգ մը պզտիկ, ըսեմ, անարգ եսականութիւններու շուրջը դարձող ստրուկ գործիք մը դարձած է։ Դարձեալ կիրքն է վարողը եւ մամուլը։ Ո՞վ է մեղաւորը։ 280
Ո՞վ է մեղաւորը, երբ այսօր ան իր կոչմանը անարժան՝ անարգ կիրքերու գոհացում տալու կը ծառայէ միայն։ Ո՞վ է մեղաւորը երբ ինքը, միակ անկեղծն ու ճշմարիտը, կեղծիք ու ստութիւն կը հագնի, չարութեան, զրպարտութեան, բանսարկութեան թոյնով կը խմորուի հետզհետէ։ Ո՞վ է մեղաւորը, երբ այդ սրբութիւններուն սրբութիւնը իր խորանէն վար ինկած՝ ցեխերուն մէջ կը տապլտկի այսօր։ Օ՜, մամուլի գործի՜չներ։ Օ՜ անոնք, որ կրակէ տողերով հաւատքը, պաշտումը կը քարոզեն մեզ ամեն գեղեցիկ բաներու, որ յորդոր կը կարդան ու մա՛նաւանդ նուիրական պարտակա- նութիւն կը դնեն մեր վզին, յարգելու մամուլի սրբութիւնը։ Օ՜ անոնք, որ կը սովրեցնեն մեզ արհամարհել անհատական պզտիկ հաշիւները, մոռնալ Եսը, ձգտիլ դէպի իտէալը, ունենալ մեր մտքին ու սրտին մօտիկ ընդհանուրին լուսա- ւորութեան, բարօրութեան ու երջանկութեան գաղափարը միայն։ Բայց երբ կարգը իրենց անձնականին կուգայ, երբ իրենց եսը թեթեւ մը կը վիրաւորուի, ու անհատական հաշիւները իրենց հաւասարակշռութիւնը կը կորսնցունեն, այն ատեն փոխանակ գործնականապէս ապացուցանելու մեզ թէ՝ իրենք սկզբունքի հաւատքի մարդիկներն են, ժողովուրդի բարոյական արժանաւոր առաջնորդ- ները, կոչուած ու ընտրուած յղկելու համար անտաշ միտքեր, եւ նրբացնելու կոշտ զգացումներ. վայրկենապէս կարծես մոռցած քիչ մը առաջուայ այն փայլուն, պերճախօս քարոզները ու գեղեցիկ դասերը, կ’ելնեն իրենց մաղձը թափելու իրարու վրայ, իրարու անձնականութիւններ կը քաշկռտեն, զիրար կը խածնեն, կը բզքտեն, իրե՛նք՝ մամուլի սուտ մարտիրոսները, կեղծ երկրպագուները, իտէալի ինքնակոչ զոհերը։ Ի՞նչ բարքեր ուրեմն կրնանք սպասել եւ յուսալ ժողովրդէ մը, որոյ առաջնորդ- ները իրենք ուղղուելու, բարձրանալու եւ ազնուանալու պէտքն ունին դեռ։ Եւ ի՞նչ իրաւունքով մտրակել, դառնօրէն նախատել տգեղ բարքերը անոր՝ երբ իրենք են զայնս մշակողները՝ տալով անձամբ գործնական տխուր օրինակներ. տեղը չէ՞ հիմա յիշելու ժողովրդային սա առածը թէ «ձուկը գլխէն կը նեխի»։ Եւ ինչո՞ւ մեղադրել դարձեալ ժողովուրդը, որ թերթ չկարդար առ հասարակ, որը լրագրու- թեան դէմ բացարձակ անտարբերութիւն ցոյց կուտայ։ Ջանացի՞նք արդեօք մինչեւ այսօր արտասահմանի ընձեռած ազատ պայման- ներէն օգտուելով ստեղծելու առողջ ու մաքուր լրագրութիւն մը ժողովուրդին համար միայն, որպէսզի արթննայ ու կազմակերպուի անոր մէջ ընթերցասիրու- թեան ու զարգացման պէտքն ու փափաքը։ Անկեղծ ըլլալու համար խոստովանինք. ձանձրոյթէ ու զզուանքէ զատ ի՞նչ կ’առթէ մեզի մեր այսօրուան լրագրութիւնը մեծաւ մասամբ։ Հոն՝ ուր ժողովուրդը կը փնտռէ իր մտքին ու սրտին սնունդը, կը գտնէ աւելի յաճախ նախատինքներու տարափ մը իրարու հասցէի. կամ ճղճիմ խնդիրներով զբաղող երկար ու բարակ 281
յօդուածներ, կամ շարք մը սուտեր ու զրպարտութիւններ, խենդ ու մենդ անի- մաստ ֆանթէզիներ, ինչ որ իր հոգեկան ու մտային պէտքերուն գոհացում տալու տեղ՝ կը գայթակղեցնէ իր ուղեղը եւ կը յոգնեցնէ կը ջլատէ իր մնացած քիչ մը կորովն ալ։ Սակայն մխիթարական երեւոյթ մը ի յայտ կուգայ այսօր. ազնիւ շարժում մը ժողովուրդին հասկցող ու ինքնագիտակից խաւերուն մէջ։ Ժողովուրդը կը զգայ վերջապէս, կ’ըմբռնէ ներկայ բոլոր լրագրական խաղքութիւններուն անբարոյա- կանացնող ու փճացնող հանգամանքը իր նկարագրին վրայ. եւ ահա՛ առաջին անգամ ի՛նքն է որ կը բողոքէ մամուլի հանդէպ գործուած սրբապղծութիւններուն հանդէպ. կը պոռթկայ համարձակ իր զայրոյթն ու զզուանքը անարժան գործիչ- ներու դէմ, եւ իր խորունկ արհամարհանքը կը թքնէ երեսին ամեն անոնց՝ որոնք ելեր անամօթաբար իրենց աչքին գերանը թողած՝ ուրիշներու աչքին մէջ շիւղ կը փնտռեն։ Ամօ՛թ է... Ամօ՛թ է, հիմա մանաւանդ որ ամեն ժամանակներէ աւելի պէտքը ունինք ամփոփուելու, իրարու ձեռք տալու, զիրար սիրելու, ելնել եւ զիրար բզքտելը։ Ամօ՛թ է գաղափարական բարձր հարցերը յուզելէ դադրած, օգտակար եւ հրա- հանգիչ վիճաբանութիւնները բարձի թողի ըրած, անհատական վարնոց խնդիր- ներով եւ ջլդիկ «ըսի, ըսաւ»ներով զբաղիլը։ Ամօ՛թ է դարձնելը մեր ուշադրութիւնը ներկայ հասարակական ու ընկերա- կան տխուր երեւոյթներէն, որոնք կրնան վաղը դառնալ ընդհանրական, եւ հետեւաբար կորստաբեր մեր ցեղին, ու ելնել պզտիկ փառասիրութիւններու համար իրարու հետ գզուըտիլ։ Ամօ՛թ է անձնական շատ անգամ չունեցած արժանիք մը փայլեցնելու համար ուրիշին իսկական արժանիքը կոխոտել, ոչնչացնել փորձելը։ Ամօ՛թ է դրամի համար մինչեւ եօթերորդ երկինքը բարձրացնել մէկին, որուն բարեւ տալու կը վարանի պարկեշտ մարդը շատ անգամ. եւ գետնէ գետին զարնել ուրի՜շ մը՝ որուն հետ անձնական նոր հաշիւ մը կայ կարգադրելիք, կամ հին մոռցուած թշնամանքի մը վրէժ կայ լուծելիք։ Ամօ՛թ է ուրիշին ձեռքէն հացը գողնալու համար, կամ ո՛եւէ պաշտօնէութեան մը աչք տնկելով, անոր տիրանալու տենչէն մղուած՝ ելնել անոր պաշտօնեաները մամուլի միջոցաւ անխղճաբար եւ զզուելի թափով մը անպատուելը։ Ամօ՛թ է կարգ մը տխուր անձնաւորութիւններու դիրքէն, ազդեցութենէն կամ դրամէն օգտուելու համար, թերթ մը օրգանը դարձնել անոնց մանուածապատ էնթրիքներուն՝ որոնք անյապաղ օր մը ժողովուրդին գլխուն կը բերեն մեծագոյն փորձանքներ...։ Ամօ՛թ է վերջապէս ամեն ինչ իրեն եսին, շահուն ու հաշւոյն համեմատ ձեւել եւ կարգ մը պաշտելի սրբութիւններ, որոց մին եւ ամենագլխաւորն է մամուլը, 282
այդ անարգութիւններուն պիղծ գործիքը շինել։ Եւ սակայն ներկայ անգոյն, ըսեմ, ամեն հովերու դէմ դարձող լրագրութեան վերջ մը կրնայ դնել միայն ժողովուրդը։ Առողջ մտաւորական հոսանք մը՝ ինքն իր ձեռքով միայն պիտի կրնայ ստեղ- ծել։ Անէծք ու յիշոց արձակելը, ասդին անդին գոռալն ու պոռչտալը բաւական չէ՜. գործնական պայքար պէտք է մղել, սանձ մը դնելու համար այդ բոլոր խաղքու- թիւններուն, որոնք օրը օրին կը ստորնացնեն, կը փճացնեն մեր բարքերը։ Չէ՞ որ իր կամքն է մի՛շտ վերջին յաղթողը, ըլլա՛յ այդ նոյն իսկ ժամանակի ընթացքին մէջ։ Ինքը պէտք է տայ մամուլի ուղղութիւնը, մերժելով ու վռնտելով այն, ինչ որ եսական ու գծուծ բնութիւն մ’ունի. ընդունելով ու սիրելով այն, ինչ որ կը շօշափէ միմիայն հանրութեան օգուտը, եւ քաջալերելով ամեն անոնք՝ որ անկեղծօրէն ծառայելու եւ օգտակար ըլլալու համար իջեր են ասպարէզ։ Չպէտք է խաբուիլ գառի մորթի տակ թագնուող գայլերէն. ա՛լ բաւական է։ Բանանք աչքերնիս ու գիտնանք զանազանել օգտակարը՝ վնասակարէն, ճշմարիտը՝ սուտէն, անկեղծը՝ կեղծաւորէն։ Ինչքան ալ լուսաւորուած, զարգացած ու նրբացած դաւանինք մենք զմեզ սակայն չպէտք է մոռնալ թէ՝ մարդ ենք վերջապէս։ Դժբաղդաբար զարգացումը չի կրնար եթերացնել բոլորովին միսն ու ոսկորը, եւ թողուլ հոգին զուտ՝ միսին փորձութիւններէն ազատ։ Մարդը՝ այդ մեծ տղան՝ կ’ունենայ անպատճառ իր տկարութիւնները, իր մաքուր ու բարձր սէրերը, նոյնքան եւ խորունկ ու բուռն ատելութիւնները։ Մարդը կ’ունենայ իր անիրաւութիւնները մարդուն դէմ, եւ կը տեսնէ փոխադարձաբար ե՛ւ իր իրաւունքները լլկուած ու կոխոտուած դարձեալ մարդէն։ Կ’ունենայ իր գաճաճ փառասիրութիւնները, մեծ ու պզտիկ անձնասի- րութիւնները որոնց վիրաւորանքին չներեր։ Բայց այս շատ բնական երեւոյթները մարդուն հոգեկան աշխարհին մէջ արդարանալի պատճառներ չեն բնաւ, որ մարդը, եւ մա՛նաւանդ զարգացած համարուող մարդը, փափկանկատութեան, պատշաճութեան ու խղճի սահման- ներէն անպատկառօրէն անդին անցնելով, մասն ու բաժին հանէ ե՛ւ ժողովուրդին այդ ոչնչութիւններէն՝ որոնք բնա՛ւ չեն հետաքրքրեր զինքը, այլ ընդհակառակը աւելի կը նեղացնեն, կը դառնացնեն իր հոգին։ Վիրաւորուած մարդը իրաւունք կրնայ ունենալ վէրքը տուող մարդուն հետ միայն կարգադրել ու փակել ամեն հաշիւ։ Սակայն ինչո՞ւ մեր զարգացած դասակարգը, լեզուագէտ, դիւանագէտ, գրա- գէտ, խմբագիր, եւլն եւլն, որոնք այնքան ուղիղ կը մտածեն՝ եւ յօդուածներով, վիպակներով ու պատկերներով մեզ այնքան սուր եւ որոշ ցոյց կուտան բոլոր այդ վերեւ յիշուած տգեղութիւններուն գիծերը, ինչո՞ւ իրենք չեն հետեւիր գործնապէս 283
գեղեցկին, ճշմարտին, բարւոյն ճանապարհին. ուրեմն իրաւացի՞ է սա ճշմար- տութիւնը թէ՝ Սկզբունք մը դաւանիլը շատ հեշտ է, դժուարագոյնն է զայն գործադրելը...։ Ասկից զատ զարգացումը չէ՞ միշտ որ նկարագիրներուն կուտայ ազնուութիւն ու բարձրութիւն. մենք մէկէ աւելի զարգացածներ ունինք մեր աչքերուն առջեւ, որոնք առաքինութեան ու ազնուութեան տիպարներ չեն դժբաղդաբար, բացա- ռութիւնները յարգելով, ցաւօք պիտի խոստովանինք թէ՝ տգեղ հոգիները աւելի մեր զարգացած դասակարգին մէջ երեւան կուգան կոր։ Դէպքերը, պարագաներն ու փորձառութիւնները մէկէ աւելի անգամներ շեշտեցին մեզ այս տխուր ճշմարտութիւնը եւ կը շեշտեն ալ ցայսօր։ Զարգացումը, բարոյականութեան վսեմ դասեր պարունակող վէպերու ու երեւելի մարդոց կենսագրականներու ընթեր- ցումը, կրնան, իրաւ է, բաւական բարերար ազդեցութիւն ունենալ նկարագիր- ներու վրայ, բայց այդ ազդեցութիւնը ժամանակաւոր է, ու մանաւանդ տեսական բնութիւն մը կ’ունենայ լոկ, որը գործնականին գալուն պէս կը դժուարի եւ հետզհետէ, ինչպէս ըսինք, կեանքի փոփոխութիւններուն մէջ այդ ալ կը մարի ու կը ջնջուի։ Մեր կարծիքով, նկարագիրներուն վրայ կ’ազդեն հզօրապէս եւ արմատապէս միջավայրը, շրջապատը, ընկերականութիւնը, տնտեսական պայմաններն ու կլիման։ Եթէ առողջ է միջավայրը, ազնիւ է շրջապատը, դիւրին ու լայն են տնտեսա- կան պայմաններն, ազատ է տեղը, ներշնչող է կլիման, նկարագիրները կ’ըլլան առողջ, ամուր, անկաշկանդ եւ ասպետական։ Քանի որ մենք մեր ազգը ունինք միշտ ու միայն ի նկատի, վերեւ յիշուած պատճառներով, երբ կը սուզենք մեր աչքերը անոր հոգւոյն մինչեւ խորքերը, եւ կը տեսնենք զայն զուրկ նկարագրի բարձրութենէ, հասարակ, ցած բարքերով, իսկոյն յախուռն ու անիրաւ դատաստանով մը կը դատապարտենք այս երեւոյթը, որը ունի սակայն իր մասնաւոր, մասամբ արդարանալի պատճառները։ Դարերէ ի վեր ստրուկ ապրած, կարգ մը տգեղ նախապաշարումներով կուրցած, տնտեսական ծանր ճնշումի եւ ուրիշ դեռ շա՜տ աւելի դառն տանջանք- ներու տակ տքացող ազգութենէ մը ի՞նչ բարձրութիւն կարելի է սպասել, թէպէտ ներկայ ազատ ու համեմատաբար բաղդաւոր համարուած ազգերն ալ մերինէն աւելի չեն արժեր։ Անցե՜ր են այն երանելի դարերը Յունաց եւ Հռովմայեցւոյ ժամանակները, ուր բարութիւնը, ուղղամտութիւնը, արդարութիւնը բառեր չէին լոկ, այլ ժողովուրդ- ներու հոգիներուն մէջ արմատացած ու մարմնաւորուած իսկութիւններ։ Վասնզի այն ատեն մեծ ու սուրբ բաներու հաւատքը դեռ իր խորանին մէջ գերագոյն բարձրութեան վրայ կանգնած՝ երկիւղած յարգանքով մը կը պաշտուէր։ Վասնզի գալիք սերունդներուն յարգելի ու պաշտելի յիշատակ մը թողելու եռանդն ու 284
փափաքը մարդ էակին է՛ն տարրական պարտականութիւնը կը համարուէր։ Վասնզի անունը, տոհմը դարերու ընթացքին մէջ բարի համբաւով ու փառաւոր մեծագործութիւններով անմահ պահելու սկզբունքը, ընդունուած ու յարգուած ճշմարտութիւն մըն էր, ու մահուանէ ետքը արդար նախատինքներու նշաւակ ըլլալու երկիւղը՝ մէկէ աւելի չարիքներ ու մոլութիւններ կը խեղդէր, դեռ իրենց սաղմին մէջն իսկ։ Ասկի՛ց զատ կռապաշտական ժամանակներու մէջ, հաւատքը Ելիսեան դաշտերու գոյութեան՝ ուր վեհ ու բարի հոգիները պիտի ցնծային երջանիկ, յաւիտենական խնդութեան մէջ, ու ետքը՝ քրիստոնէական դարերու սկիզբները, խոստումն ու յոյսը Երկնից Արքայութեան, ուր բարին պիտի առնուր իր արժա- նաւոր վարձքը եւ չարը պիտի տանջուէր հոն՝ զոր «լալ եւ կրճտել ատամանց»ը այնքան ահռելիօրէն կենդանի կը նկարագրէ, մէկէ աւելի զօրաւոր պատճառներ էին ժողովուրդները պահելու արդարութեան ու բարութեան պատուանդանին վրայ։ Ըսե՛նք թէ տգէտ էին անոնք դեռ այն ատեն, եւ պէտք էր ամեն օր եւ ամեն վայրկեան տանջող ուրուականներով լեցուն, մշտաբորբոք կրակներով բոցավառ անդրգերեզմանային ահռելի կեանքի մը արհաւիրք պատկերացնել անոնց աչքերուն առջեւ, զսպելու համար անասնական հակումներն ու ձգտումները դէպի չարը։ Իսկ հիմա, լուսաւորութեան այս աղւոր դարուն մէջ, ուր ճշմարիտ գիտակցու- թիւնը միայն պիտի ըլլայ մեր կեանքի ղեկավարը, ա՛ն պիտի դնէ մե՛զ մեր ուղիղ ու ազնիւ ճամբուն վրայ, ա՛ն պիտի ճանչցնէ մեզ մեր մարդկային սուրբ պարտա- կանութիւնները, զորս անթերի կատարելով միայն կրնանք տարբերիլ անասուն- ներէն, հարկ է որ իյնանք օրէ օր աւելի ցածը, աւելի վարը... հարկ է որ պղտորուինք մտքով ու սրտով ներկայ ընթացիկ տխուր սկզբունքներով, որոնք կ’արհամարհեն իտէալը, յիշատակի սրբութիւնը, անունի փառքը, եւ ադոնք բոլորը կը դաւանին ծիծաղելի ոչնչութիւններ...։ Հարկ է որ այսօրը միայն նշանակութիւն ունենայ մեզ համար, ու կենդանու- թեան օրերու համար միայն փնտռենք ե՛ւ փառք, ե՛ւ համբաւ, եւ պատիւ։ Հարկ է որ միշտ եւ բացարձակ վայելքը դարձնենք մեր միակ օրէնքը եւ յիմարութիւն դաւանինք գերեզմանէն անդին խորհիլը։ Մտածելու այս եղանակը անբարոյականացնող հանգամանք մը ունի իր մէջ։ Գաղափարի այս հոսանքը՝ որը տակաւ առ տակաւ կը հեղեղէ հանուր ազգերն եւ սկսեր է մեր ազգն ալ քշել յառաջ, կորստաբեր եւ փճացնող մղում մըն է, որուն առաջքը պէտք է կտրել ժամանակին։ Կ’արժէ որ առաձին յօդուածով մը մենք անդրադառնանք այս երեւոյթին վրայ եւ քննենք ու քրքրենք մանրազննին անոր ամեն մէկ վնասակար կողմերը։ Արտէմիս, Փետրուար 1902, Ա. տարի, թիւ 2, էջ 54-59։ 285
ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐ Մխօի (Շահէն) յիշատակին1 ՄԱՌԻ Մերուժաններու, Վասակներու, Պապերու պատմութիւնն է որ ցաւալի նոյնու- թեամբ կը կրկնուի այսօր դարձեալ մեր ազգային արդէն ինքնին շա՜տ տխուր կեանքին մէջ։ Երբեմն մէկ դրօշակի տակ իրարու ականջի այնքան խանդաղատանքով, «տո՛ւր ինձ քու ձեռքդ, եղբա՜յր ենք մենք» մրմնջող զինակից ընկերներ ահա կը դաւաճանեն իրարու վատաբար. եղբայրը՝ վայրագօրէն իր եղբօր արեան մէջ կը թաթխէ իր ձեռքերը...։ Օ՜ ահռելի ճակատագիրը հայուն, որը դարերու եւ ժամանակներու ընթացքը չէ՛ փոխեր բնաւին։ *** Դեռ երէկ թաղեցինք Վասպուրականի ձագ-արծիւ Ոսկանը. ճշմարտութեան եւ արդարութեան յաղթանակին համար դիւցազնօրէն մեռնող այն սէգ եւ վսե՜մ տղան։ Անոր կսկծալի յիշատակը վա՜ռ կը մնայ դեռ հոգիներուն մէջ ամէն անոնց՝ որով գուրգուրանքով կը դողդղան ամեն այն թանկագին կեանքերուն վրայ՝ որոնք կոչուած են հայութեան յոյսն ու լոյսն ըլլալու։ Անոր գերեզմանը նոր փակուած՝ քու գերեզմանդ ահա՛ կը բացուի խորո՜ւնկ ու պա՜ղ մեր զարհուրած նայուածքին առջեւ, անզուգակա՜ն Մխօ, եւ անփոխարի- նելի կորուստդ՝ անդարմանելի ցաւերու կսկիծովը կը գալարէ, կը խարկէ քեզ սիրողներուն հոգիները։ *** Դաւաճան ձեռքեր պիղծ սուրով մը ծածկեցին այն սիրտը՝ որը միայն Մեծ ու Ճշմարիտ բաներու համար կը բաբախէր... եղբայրասպան ձեռքեր մարեցին արեւը Մխօին, որը այնքա՜ն սիրեց արեւը հայուն։ Ա՞յս պիտի ըլլար լռիկ անձնուիրութիւններուդ ու անհուն զոհողութիւններուդ վարձատրութիւնը, ո՜վ Մխօ...։ Ինչո՞ւ արդեօք ճշմարիտ մեծութիւնը դատապարտուած ըլլայ յաղթուելու Ստութեան ու կեղծի՛քի դեւերէն։ 1. Գրուած է Հնչակեան հայդուկ (յետագային՝ Վերակազմեալ Հնչակեան) Մխօ Շահէնի սպանութեան առիթով, որ տեղի ունեցաւ 1903 Ապրիլին, Պաթում, Հնչակեաններու ձեռքով (Հ.Ա.)։ 286
Օ՜ դուն մահուանէ չէիր վախնար, մենք գիտե՛նք այդ, մահը դիմաւորելու կ’երթայիր արդէն. ահռելի հոգեվարքի մը տանջանքները չէին կրնար ո՛չ իսկ հառաչանք մը փրցնել քու արի կուրծքէդ, մենք գիտենք այդ. բայց ինչքա՛ն դառնութեամբ լացիր ու հառաչեցիր արդեօք, ինչքա՜ն դաժանօրէն տառապեցաւ վեհ հոգիդ, երբ տեսար վիթխարի վատութիւնը անոնց՝ որոնք առնաբար քեզի կուրծք տալէ վախնալով՝ Յուդայի համբոյրովը մօտեցան քեզի ու կռնակէդ զարկին մութին մէջ...։ Հազար անգամ չմեռա՞ր արդեօք այն վայրկենին մտածելով որ հա՛յ կը կոչուէին ատոնք...։ *** Ի՛նչ անհուն տրտմտութեամբ փակեցիր արդեօք աչքերդ, բարեկամ, երբ կռւոյ դաշտին վրայ, թշնամիին սուրովը մեռնելու տենչալի Փառքը երազած տեղդ՝ տեսար ընկերներուդ սուրը վրադ բարձրացած...։ Երջանի՛կ Ժիրայր, որ կրցաւ արհամարհանօք նայիլ գոնէ իր սպաննիչներուն վրայ. իսկ դուն այդ մխիթարութիւնն ալ չունեցար, վասնզի քու սպաննիչներդ հա՛յու... եւ մանաւանդ յեղափոխակա՛ն հայու անունը կը կրէին աւա՜ղ...։ *** Քանի՛ քանի՛ անգամներ երբ աչքերուս առջեւ ցաւալիօրէն կը պատկերանար Ժիրայրներ մեղմօրօր իրենց կախաղանին վրայ, Մուրատներ, անգոյն՝ բանտերու մթին կամարներուն տակ, երբ միտքս՝ մոլորուն կ’երթար թափառիլ անցեալի սեւ դէպքերուն վերյուշումին մէջ, քու մտածումդ պայծառ ճառագայթի մը պէս կուգար փարատելու յուշերուս գիշերը. «Մխօն ունինք դեռ..., եւ այս անունը սիրելի էր մեզի այն օրէն՝ երբ Չօք Մարզուանի արեւը փրկեցիր, եւ ամեն մի հսկայ աղէտքէ, ամեն մի դառն կորուստէ ետքը, քաղցր էր մեզի այն յոյսը թէ՝ ուրիշ շա՛տ Չօք Մարզուաններու արեւը դուն կարո՛ղ էիր փրկել դեռ եւս։ Ո՞ւր է գերեզմանդ հիմա, ո՛վ Մխօ, ո՛վ գիտէ ո՞ւր թափեցին հերոսի արիւնդ, ո՞ւր նետեցին թանկագին մարմինդ... քեզ պաշտող ընկերներդ քու դագաղդ գրկելու, քեզ քու վերջին բնակարանդ առաջնորդելու սփոփանքն ալ չունենան. եւ սակայն հայ ժողովուրդը իր անկեղծ ու անձնուէր բարեկամին անմահ յիշա- տակին փառաւոր շիրիմը կանգնեց արդէն իր սրտին խորքերը եւ իր թափած արիւնէն ու արցունքէն ծլած ու սնած անթառամ ծաղիկներով ծածկեց զայն...։ Թող հայուն ապագայ պատմութիւնը այնքան ահեղ ոճիրներու ու սեւ մատ- նութիւններու շարքին մէջ, պանծանօք յիշատակէ քու ու քեզիպէսներու անունը որոնք իրենց հերոսի կեանքովը փառաւորեցին անունը հայուն։ Հանգի՛ստ ոսկորներուդ, Տարօնի՛ առիւծ։ Փիւնիկ, 17 Մայիս 1903, Գ. Տարի, թիւ 36, էջ 284-285։ 287
ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐ Օր. Հերմինէ Մկրտիչեանի յիշատակին ՄԱՌԻ Սիրելիս, խուսափուկ ասուպի մը պէս երեւցար դուն մեր երկրին վրայ. եւ քեզ սիրողներուն աչքերը հազիւ հանգչած քու տրտմօրէն տժգոյն աղւորութեանդ վրայ՝ սրացա՛ր դուն խօլ թռիչքով մը այնքա՜ն արագ, այնքա՜ն արագ, թողլով հրեղէն հետք մը ետեւէդ անհունօրէն երկարաձգուած...։ Ու մեր անձկագին նայուածքները փնտռեցին քեզ ու չգտան... փնտռեցին քեզ, ու միայն թողած հրեղէն հետքդ տեսան...։ *** Դառնութեան բաժակը խմցուցին քեզի, սիրելի՜ս, ու դուն աղւոր սե՜ւ նայուածքդ ի զուր պաղատագին դարձուցիր դահիճներուդ, որ եթէ հնար է անցնեն քեզմէ այդ բաժակը։ Անոնք դիւական քրքիջով մը խնդացին երեսիդ, ու բաժակը բրտօրէն սեղմե- ցին շրթունքներուդ պօռալով «խմէ՛, խմէ՛...»։ Ու խմեցիր դուն, սիրելի՛ս, եւ լուռ ու վսեմ պառկեցար ճերմակ դագաղիդ վրայ, երկար մազերուդ սեւ մետաքսին մէջ շքեղօրէն փաթթուած։ Անոնք տեսան քեզի ճերմակ դագաղիդ վրայ, դիւցազնօրէն գրկած մահուանդ փառքին մէջ խորհրդաւոր ու հանդարտ, եւ նախանձէն իրենց ակռաները կրճտելով, եւ կատաղութենէն բերաններնէն վար լորձունքներ թափելով սուլեցին իրարու. «Տե՛ս... ինչքա՜ն գեղեցկացուցեր է մահը զանի»։ Եւ ուզեցին դեռ փեթթել մազերդ, փրցնել յօնքերդ, հանել աչքերդ, տգեղցնել քեզի, սիրելի՛ս, ու չի՛ յաջողեցան. մահը քեզի պաշտպանեց։ Այն ատեն մութ անկիւններէ սեւ հոգիներ, պիղծ սրտեր, զզուելի լեզուներ իրարու օգնութեան հասան, գուրգուրանքով սիրուած ու ջերմօրէն պաշտուած յիշատակդ պղծելու, մրոտելու համար, ու չի՛ յաջողեցան. մահը քեզի պաշտպանեց։ Ու դուն մնացիր մի՜շտ ճերմակ ու գեղեցիկ, սիրելի՜ս, դուն որ շա՜տ սիրելուդ համար մեռա՜ր...։ *** Քրիստոսի պէս խաչուեցար, սիրելի՜ս, եւ անոնք որ քուկիններդ կը կարծէիր անոնցմէ՛ վատօրէն, գազանօրէն խաչուեցար...։ 288
Փուշէ պսակ դրին գլխուդ, ու երեսիդ ապտակներ զարկին խաչիդ վրան։ Ու երբ տեսան չարչարանքներուդ արիւն-քրտինքները ճակտիդ ու երեսիդ վրայ ոլոռն ոլոռն թափուած, մարմինդ կաս կարմիր ներկուած քու արիւնովդ, անո՛նք, քեզ խաչող Պիղատոսները իրենց պիղծ ձեռքերը լուացին, իրենք զիրենք քու արիւնէդ անպարտ հռչակելով։ Քու սիրտդ, ինչպէս նաեւ բերանդ անէծքը չի՛ ճանչցաւ երբէք. եւ խաչիդ վրայ ներելով ու սիրելով մեռար, ես գիտեմ... ես՝ որ քու է՛ն խորունկ մտածումներդ է՛ն թագուն զգացումներդ կը ճանչնամ...։ Չի՛ լսեցի բերնէդ բառ մը որ տրտունջ մը ըլլար, չի՛ լսեցի խօսք մը որ յանդիմանութիւն մը ըլլար, դէպի քեզ չարչրկողներն ու տանջողները։ *** Չի՛ ճանչցար աշխարհը... չի՛ ճանչցար մարդիկը... ա՛յս եղաւ քու միա՛կ տկարութիւնդ, սիրելի՜ս. իտէալ բարձրութիւն մը երեւակայեցիր այն հոգիներուն մէջ որոնք հասարակ ու գծուծ ըլլալէ աւելի՜ն էին... եւ քու անհունօրէն սիրող ու բարձր հոգիդ զօդեցիր ատոնց. ու երբ յուսախաբութիւնն ու պատրանքը եկան դառնօրէն բանալու աչքերդ, ու տեսար վարդ յոյսերուդ փլուզումը ահռելի աղէտ- քին առջեւ, ուզեցիր մեռնիլ. ու մեռար։ *** Սիրելի՛ս, խուսափուկ ասուպի մը պէս երեւցար դուն մեր երկրին վրայ, եւ քեզ սիրողներուն աչքերը հազիւ հանգչած քու տրտմօրէն տժգոյն աղւորութեանդ վրայ, սրացա՛ր խօլ թռիչքով մը այնքա՜ն արագ, այնքա՜ն արագ, թողլով հրեղէն հետք մը ետեւէդ անհունօրէն երկարաձգուած։ Ու մեր անձկագին նայուածքները փնտռեցին քեզ ու չգտան...։ Փնտռեցին քեզ, ու միայն թողած հրեղէն հետքդ տեսան։ Եւ այդ հետքը կը մնայ ու պիտի մնայ մինչեւ այն օրը երբ քու արեանդ ձայնը ա՛լ եւս չի բողոքէ երկրի վրայէն։ Արտէմիս, Օգոստոս 1903, թիւ 8, էջ 223-224։ 289
ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԴԷՄՔԵՐ ԵԶՆԻԿ ԱՐՔ. ԱՊԱՀՈՒՆԻ1 ՄԱՌԻ ՊԷՅԼԷՐԵԱՆ Եզնիկ արքեպիսկոպոս Ապահունի մին է ապահովաբար եկեղեցական այն խիզախ դէմքերէն՝ որոնք այնքան կենդանի օրինակներով մեզ կը յիշեցնեն հին դարերու Ղեւոնդեաններն ու նոր ժամանակներու «Երկաթէ Պատրիարք»ը, եւ որոնք գուրգուրանքով կը սիրուին ժողովուրդի այն բոլոր մաքուր զաւակներէն՝ որոնց կուրծքին տակ կը բաբախէ տաք ու կտրիճ սիրտ մը, ազգային մեծ ճգնա- ժամին այս դառն ու տանջանալից օրերուն։ Նախնական դարերէն սկսած՝ ամէն ազգեր ու ժողովուրդներ իրենց պաշտած աստուածը կամ սիրած հերոսը երգերով են փառաբաներ։ Կը տեսնենք, օրինակի համար, մեր նախահայրերը որ ազգային դիւցազն եւ աստուած Վահագնը կ’եր- գեն հռչակաւոր Երկնէր երկինք ու երկիրով։ Քրիստոնէական դարերու մէջ քրիս- տոնեայ հօտը ժողովներու ու եկեղեցիներու մէջ երգեր է ու կ’երգէ աշխարհի Փրկչին փառքը։ Կը տեսնենք այսօր հայ ժողովուրդը դարձեալ, որ իր ցաւերուն ցաւակից եւ իր իրաւունքներուն պաշտպանութեանը համար իրեն հետ ընդվզող անձնուրաց զինուորներուն ի պատիւ, ըլլա՛ն անոնք աշխարհական կամ կղերա- կան, երգեր կը հիւսէ եւ զանոնք կը ձայնագրէ իր սեփական երաժշտութեամբ, երգեր՝ որոնք գերազանց անկեղծութեան դրոշմը կը կրեն, երգեր՝ որոնց բառերն ու նօթերը թէեւ անարուեստ ու զուրկ ո՛րեւէ գեղարուեստական բարձրութենէ՝ ազնուապետական ականջներու համար, բայց եւ այնպէս պաշտելի, անուշ ու սրտաշարժ են միշտ, ու չէ՛ կարելի չազդուիլ, չարտասուել այնքա՜ն բիւրեղի յստակութիւն եւ այնքա՜ն մաքուր կրակ տեսնելով այդ առանց քօղի ու շպարի մերկ սրտերուն մէջ...։ 1. Աշխարհական անունով Նիկանովր Իւսլիւքճեան, ծնած է Պոլիս, 1843-ին։ Նախնա- կան կրթութիւնը ստացած է Նուպար Շահնազարեան վարժարանը։ Իբրեւ դեպասան մասնակցած է թատերական Արտաւազդեան ընկերութեան։ 1868-ին՝ վարդապետ ձեռնադրուած Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանէ։ 1872-76-ին՝ Ռոտոսթոյի Առաջնորդական Տեղապահ։ 1878-91-ին՝ Արաբկիրի Առաջնորդ։ Այստեղ է, ուր 1888-ին, Արաբկիրի Ս. Թարգմանչաց Բարձրագոյն Ուսումնարանին մէջ, տեսնելով ուսանող Աւետիս Պետրոսեանի ուշի- մութիւնը, իր անունով կը մկրտէ զինք։ Ան պիտի դառնար Զէյթունի 1895-ի ապստամբու- թեան յետագայ յայտնի հերոս Ապահը։ Իբրեւ կասկածեալ անձ երկու անգամ տարուած է Պոլիս (1882-87 եւ 1890) եւ երկու անգամն ալ Արաբկիր վերադարձած Պոլսոյ Պատրիարքարանի ջանքերով։ 1891-ին կը տարագրուի Երուսաղէմ։ Ընդհանուր ներումով, 1895-ին կը վերադառնայ Պոլիս եւ Իզմիրլեանէ կը կարգուի Հասքէօյի քարոզիչ։ 290
Այսպէս նաեւ հայ ժողովուրդը իր սիրական հովուապետին, «Հայոց Հայ- րիկ»ին ձօնած երգով մրմնջեր է աղերսանօք եւ քաղցրօրէն. Մեր սիրտն ու հոգին քու հոգւոյդ ղուրպան, Հրեշտակ հայ ազգիս, հայրիկ ջան դարձիր դէպի Վան։ Նոյն ժողովուրդն է որ Իզմիրլեան Սրբազանը մկրտեր է «Երկաթէ Պատ- րիարք» մակդիրով, եւ նոյն ժողովուրդն է դարձեալ որ իր չարչրկուած հովիւը՝ Եզնիկ արքեպիսկոպոս Ապահունին կը կոչէ եռանդագին դարձեա՛լ երգի մը մէջ. Արի՛ Եզնիկ, ա՜յ քաջ Եզնիկ։ Պարագաները՝ որոնք այնքա՜ն յեղակարծօրէն նետեցին այս եկեղեցականը՝ Նեղոսի ափանց վրայ, պէտք էր որ եռանդը ներշնչէին Եգիպտահայերուս, մեր համակրանքովը տաքցնելու համար անոր վշտաբեկ սիրտը, բայց աւա՜ղ... գրեթէ աննշմարելի մնաց ան, հայու անուն միայն կրող Հայերու աչքերէն, որոնք կ’ապ- րին միայն ոսկիներու փայլը դիտելու եւ անո՛վ շլանալու համար։ Ինչքա՜ն մեծ եղաւ ուրեմն զարմանքս եւ ուրախութիւնս երբ ե՛ս ինքս լսեցի Գահիրէի Ազգ. վարժարանին մէջ պարզուկ ու անմեղ մանկուհիներու բերնէն՝ Եզնիկ Սրբազանի ձօնուած այդ երգը։ 1896-ի Պանքայի դէպքէն ետք իր խուցը կը խուզարկուի, կը յայտնաբերուի հրազէն եւ կը դատապարտուի մահուան։ Օրմանեան Սրբազանի պաշտօնավարութեան սկիզբը եղած ընդհանուր ներումին շնորհիւ ազատ կ’արձակուի եւ քարոզիչ կը կարգուի Գում- Գաբուի վարժարանին։ («Եզնիկ Եպսկ. Ապահունի», Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը, 1914, Պոլիս, 8-րդ տարի, էջ 392-393։ Մասիս Պետրոսեան, Կենսագրութիւն Ապահ Պետրոսեանի եւ քննական պատ- մութիւն Զէյթունի 1895ի պատմական մեծ ապստամբութեան, հրատարակութեան պատ- րաստեցին` Տիգրան Գէորգեան եւ Հայկ Աւագեան, Ջահակիր, Յաւելուած ԼԴ., 2020, էջ 30-31, 354-355։) Չկրնալով հանդուրժել ոստիկանական հսկողութիւնը, Պոլիսէն Աղեքսանդրիա կը հասնի 1905 Ապրիլ 1-ին («Ազգային լուրեր», Լուսաբեր, 4 Ապրիլ 1905, Ա. տարի, թիւ 51, էջ 2) եւ Ապրիլ 9-ին կը ժամանէ Գահիրէ։ Երկաթուղիի կայարանը զինքը կը դիմաւորեն շուրջ երկու հարիւր ազգայիններ, եւ վաթսունէ աւելի կառքերու հետեւութեամբ կ’առաջ- նորդուի եկեղեցի ու Առաջնորդարան («Ազգային լուրեր. Գեր. Ապահունի Սրբազան ի Գահիրէ», Լուսաբեր, 11 Ապրիլ 1905, Ա. տարի, թիւ 54, էջ 2)։ Ապրիլ 14-ի նիստին, Գահիրէի Քաղաքական Ժողովը կ’որոշէ Եզնիկ Սրբազանը պատշաճօրէն հիւրասիրել Առաջնորդարանին մէջ եւ հրաւիրել հոգեւորական պաշտօն- ներ կատարելու («Գահիրէի Քաղաքական Ժողովը», Լուսաբեր, 18 Ապրիլ 1905, Ա. տարի, թիւ 57, էջ 2)։ 291
Արի՛ Եզնիկ, ա՜յ քաջ Եզնիկ։ Սա՝ անակնկալ յայտնութիւն մըն էր, յայտնութիւն մը թէ՝ Եգիպտոս, երբ սիրտ ու հոգի մեռա՜ծ են մեծ մասամբ եւ միայն միտքը կ’ապրի ու կը բաբախէ նիւթին շուրջը, երբ անձնազոհութիւնը, տառապանքը, սէրը անգթօրէն կը մոռցուին, դեռ կան եղեր սիրտեր ու հոգիներ, որոնք իրենց զաւակներուն սովրե- ցուցեր են յիշել ու սիրել Ազգին ու Ուխտին հաւատարիմ եկեղեցականի մը անունը...։ *** Եզնիկ արքեպիսկոպոս Ապահունի, այն անբասիր եւ պարտաճանաչ եկեղե- ցականն է որ «դնէ զանձն ի վերայ ոչխարաց» եւ ճի՛շդ այդ բանին համար իրեն վիճակուած տեսաւ բանտ, տանջանք, աքսոր։ Հայաստանի մէջ կը գործէր ան, այնպիսի ժամանակ մը երբ սուր ու կրակ գերեզմաննոց ու աւերակ կը դարձնէին Հայոց աշխարհը։ Բայց բաղդը ուզեր էր որ նա ապրի, բռնի աքսորէն ազատուի կամաւոր աքսորական մը ըլլալու համար, եւ որպէս թէ ասի բաւական չըլլար, իր զգայուն սրտին վիճակեր էր կրելու լքման դառնութիւնն ալ...։ Բարեբաղդաբար Եզնիկ Սրբազան մին է այն սրտերէ՝ որոնք շա՛տ մեծ են տեղ տալու համար յարգ մը՝ պզտիկ զգացումներու, եւ եթէ այդ սիրտը կը տառապի, ապահովաբար չէ՛ այնքան մարդոց ապերախտութեան պատճառաւ, որը շատ Կիրակի, Ապրիլ 16-ին, Գահիրի Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մէջ կու տայ իր առա- ջին քարոզը՝ երեք քառորդ ժամ տեւողութեամբ։ Անոր «ազդու խօսքերը խոր տպաւո- րութիւն թողուցին ունկնդիրներուն վրայ» («Ազգային լուրեր», Լուսաբեր, 18 Ապրիլ 1905, Ա. տարի, թիւ 57, էջ 2)։ Կը պատարագէ ու կը քարոզէ Գահիրէ եւ Աղեքսանդրիա։ Կը հրաւիրուի նախագա- հելու հանդէսներու։ 1906 Օգոստոսի վերջ կը մեկնի Աղեքսանդրիա, ուրկէ Օգոստոս 28-ին կ’ուղեւորուի դէպի Էջմիածին, ընդառաջելով Կաթողիկոսի հրաւէրը («Տ. Եզնիկ Սրբազան», Լուսաբեր, 25 Օգոստոս 1906, Բ. տարի, թիւ 257, էջ 3։ «Եզնիկ Սրբազան», Ազատ խօսք, 29 Օգոստոս 1906, տետր 17, էջ 268)։ Խրիմեանէ կը կարգուի Ատրպատականի Առաջնորդ։ 1907-ին՝ Առաջնորդ Ամերիկայի։ 1908-ին՝ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումով կը վերադառնայ Պոլիս, ուր, սակայն կաթուածահարութեան հետեւանքով կը քաշուի գործօն կեանքէ։ Կը վախճանի Պոլիս, Եէտիգուլէի Ազգային Հիւանդանոցին մէջ, 1913 Փետրուար 25- ին («Եզնիկ Եպսկ. Ապահունի», Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը, 1914, Պոլիս, 8-րդ տարի, էջ 392-393։ Մասիս Պետրոսեան, նշ. աշխ.ը, էջ 354-355)։ 292
սովորական երեւոյթ է ամէն դարերու եւ ամէն ժամանակներու հայ պատմու- թեան մէջ՝ հանդէպ հանրային գործիչներու, մա՛նաւանդ անոնց կենդանութեան ատեն, այլ Եզնիկ Սրբազան կը տառապի աւելի՛ իր վառ յոյսերուն ոչնչացման, իր մեծ Սիրոյն խորտակուելուն ի տես։ Ի՜նքը որ երազեր էր իր ազգը տեսնել ազատ եւ իր հօտը՝ երջանիկ, տեսնել հալածանքն ու բռնութիւնը ի սպառ վերցուած Հայոց աշխարհէն։ Եւ թերեւս հիմա «աղօտ լոյսով մը միայն լուսա- ւորուած իր սենեկին մէջ առանց ունենալու մէկը որ իրեն սուրճը կամ ծխամորճը պատրաստէ», նա կը խոկայ տխուր անցեալին վրայ, եւ աչքերը յառած ապագայի մթին երկնքին, կ’աղօթէ, կը պաղատի, «Տէ՜ր, Տէ՜ր... տեսնեմ փրկութեան լոյսը եւ ապա մեռնիմ»։ *** Մէկ անգամ միայն պատեհութիւնը ունեցայ լսելու Եզնիկ Սրբազանի քարոզը։ Շուրջ 9 տարի է յորմէ հետէ Եգիպտոս ոտք եմ կոխեր, կարօտը կը քաշէի այդպիսի ուժով, առնական խօսքերու, խօսքեր՝ որոնք եկեղեցականի մը բերնին մէջ անհամեմատ աւելի հրապոյր եւ արժանիք կը ստանան եւ յիշեցի իսկոյն Գահիրէէն Ազատ բեմի ղրկուած տխուր թղթակցութիւնը։ Դպրոցական եւ ազգային հանդէսներու օրերուն մէջ ի զուր մեր աչքերը փնտռեցին Եզնիկ Սրբազանը, եւ սական քանի՜ քաղցր պիտի ըլլար մեզ՝ լսել իր ոգեւորիչ խօսքերը, որոնք պայմանադրական ձեւակերպութիւններէ եւ ոճերէ ազատ՝ պիտի գային ուղիղ խօսիլ մեր մտքին ու սրտին, մեր սրտին, կ’ըսեմ, որը թէ՛եւ բիւրաւոր վէրքերէ խոցոտուած ու արիւնած, միշտ խորան մը ունի սակայն կանգուն, արժանաւոր հայրենասէրներու նուիրուած։ Ի՞նչ փոյթ ուրեմն եթէ Եզնիկ Սրբազանի սենեակը «աղօտ լոյսով մը միայն լուսաւորուած է, եւ ան մէկը չունի որ իրեն սուրճ ու ծխամորճ պատրաստէ». սրտերու խորանին մէջ շա՜տ փայլուն ճրագներ կը վառին ի պատիւ իրեն. եւ զինքը սիրող հոգիներ հոն իրեն կը սպասաւորեն։ Ազատ բեմ, 3 Փետրուար 1906, Գ. տարի, թիւ 42, էջ 1-2։ 293
ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ՄԱՌԻ ՊԷՅԼԷՐԵԱՆ Աշխարհի սկիզբէն կար յեղափոխութիւնը։ Տիեզերքը իր սկզբնական անորոշ վիճակէն՝ լաւագոյն ու կատարեալ վիճակի մը վերածուելու համար հազարաւոր տարիներու աշխատութեամբը քրտնեցաւ։ Կենդանականութիւնն ու բուսականութիւնը սկիզբէն ճղճիմ ու տկար, անհամար տարիներու ընթացքին մէջ փոխեցին իրենց ձեւերն ու կազմութիւնները եւ հետզհետէ զօրացան ու գեղեցկացան։ Արդ, երբ բնութեան մէջ կը տեսնենք դէպի լաւագոյնը, դէպի կատարեալը ձգտելու ոգին, ինչո՞ւ մարդ արարածը, բնութեան ստեղծագործութեանց մէջ է՛ն կարողն ու մտացին, որ ֆիզիքական ու նիւթական կեանքէն զատ բարոյական կեանք մըն ալ կ’ապրի, իր մէջ չի կրէ այդ նոյն ոգին, եւ լաւագոյն վիճակ մը ստեղծելու համար չի գործածէ իր ուժերն ու կարողութիւնները. չէ՞ որ սերտ կապ մը կայ ֆիզիքական ու բարոյական կեանքին մէջ, ու եթէ ֆիզիքականը դէպի կատարեալը կը ձգտի՝ մտածող, խօսող ու զգացող էակին, այսինքն մարդուն մէջ ինչո՞ւ բարոյականն ալ չձգտի դէպի կատարեալը...։ Եւ եթէ ան ուզէր իսկ մնալ իր նախնական կեանքին մէջ, պիտի կարենա՞ր, քանի որ բնութեան անդիմադրելի օրէնքներուն, որոնց ենթակայ է ամենուն պէս ինքն ալ, անոր մղիչ ոգւոյն հետ մտքի լոյսը կը ծագէր, գիտակցութեան ուժը կ’արթննար իր ուղեղին մէջ, եւ զայն կը մղէր յառաջ, մի՛շտ յառաջ, անդիմադրելի ուժգնութեամբ։ Բնութեան մէջ կատարուող փոփոխութիւնները կը կոչենք յեղաշրջում, իսկ մարդ արարածին նիւթական ու բարոյական կեանքին մէջ կատարուող փոփո- խութիւնները՝ յեղափոխութիւն։ Անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր մարդ արարածը դադրած էր սոսկ անաս- նական էակ մը ըլլալէ։ Եթէ աւանդութեան նայինք, պիտի տեսնենք որ նոյնիսկ առաջին մարդուն մէջ կար յեղափոխական ոգին։ Մեր նախահայրն ու նախա- մայրն Աստուծոյ բացարձակ պատուիրանին դէմ ապստամբելով կերան արգիլ- եալ պտուղը իրենց համար աւելի՛ բարձր կեանք մը ստեղծելու, այսինքն աստուածանալու համար։ Հայկ, Հայոց նահապետը, յեղափոխեցաւ ու յեղափոխե- ցուց իրենները՝ Բաբելոնեան հսկայ բռնաւորին դէմ, ազատ եւ անկախ կեանք մը ապրելու համար. ու եթէ թղթատենք հին եւ նոր ժամանակներու պատմութիւն- ները, ամէն մէկ էջին պիտի հանդիպինք յեղափոխական պայքարներու, զորս մարդիկ մղեր են լաւագոյն կեանք մը ձեռք բերելու համար։ Նախնական դարերէն սկսելով մինչեւ մեր օրերը յեղափոխութիւնը շատ մը վիճակներէ ու երեւոյթներէ անցաւ, նայելով ազգերու լուսաւորութեան ու 294
զարգացման աստիճանին, իսկ ուր որ տգիտութիւնն ու խաւարը դեռ եւս կը տիրապետեն, մնաց ու կը մնայ բիրտ ուժը, որ է ժողովուրդներու յեղափոխու- թեան սկզբնական պատճառը. եւ այդ բիրտ ուժին դէմ դեռ եւս կը կռուին այն ամէն ժողովուրդները՝ որոնք դժբաղդութիւնը ունեցեր են իյնալու տգէտ, մոլեռանդ ու բռնաւոր կառավարութիւններու լուծին տակ. այս կառավարութիւն- ներն իրենց փտած ու որդնոտած գոյութիւնը այդ հարստահարեալ ժողովուրդ- ներու արիւնը խմելով կը ճգնին զօրացնել...։ Յեղափոխական կռիւը կը մղենք եւ մենք, Հայերս։ Կը չարչարուինք յուսահատօրէն դեռ եւս անյաջող ու պարտուած1, մինչ մեզի բաղդակից՝ բայց մեզնէ աւելի բաղդաւոր ազգեր արդէն տարին որոշ չափով յաղթանակներ։ Բաւական է յիշել Յոյներն ու Պուլկարները, Կրետէն ու Մակեդոնիան։ Քաղաքակրթուած ազգերու մէջ, ուր կեանքի, պատուոյ եւ ինչքի ապահովու- թիւնը, այսինքն նիւթական կեանքի ամէն անհրաժեշտ պայմաններուն վայելքը երկար ժամանակներէ ի վեր նուիրագործուած իրաւունք մը դարձեր էր, բարձրա- ցան սակայն ուրիշ ոչ նուազ օրինաւոր եւ ստիպողական կռիւներ ‒ Հաւասարու- թեան, եղբայրութեան, սիրոյ, ազատ խօսքի եւ ազատ մամուլի որդեգրման կռիւները. վասն զի լուսամիտ համարուող կառավարութիւններու տուած պատուոյ, կեանքի եւ ինչքի ապահովութիւնը՝ լաւ տեսնողի մը համար իրօք սոսկ անուանական ու երեւութական հանգամանք մը ունէր. ատի փոշի փչել էր ազգերու աչքին՝ անոնց նշմարել չի տալու համար ոչ նուազ սոսկալի եւ թաքուն բռնակալութիւն մը, ուր պատուոյ, ինչքի եւ կեանքի բռնաբարութիւն մը նո՛յնքան եւ գուցէ աւելի սանձարձակ կը տիրապետէր՝ երկրին տիրող օրէնքներուն տակ հովանաւորուած ըլլալով։ Այս անգամ սուրը, հուրը կամ բիրտ ուժը չէ՛ր նախճիր- ներ գործողը՝ ժողովուրդներու կեանքին մէջ, այլ գաբիթալիսթներու լկտի ու գազանական՝ շահագործումը գործաւորներու ֆիզիքական ուժերուն։ Արդարեւ, կա՞յ աւելի հակամարդկային վայրագ գործ քան աշխատցնել բիւրաւոր մարդիկ չարաչար, միլիոններ վաստկիլ անոնց քրտինքով եւ զանոնք այնքան քիչ վարձատրել, որ չի կարենան մարդավայել կեանք մը ապրիլ, անօդ, անլոյս տեղեր շնթռկելով եւ չոր հաց ու պանիր հազիւ ուտելով կորսնցնեն իրենց մարմնական ուժն ու կորովը, մտքի ու հոգւոյ կենսունակութիւնը եւ դառնան կենդանի դիակներ... կամ թշուառութեան հետեւանօք թոքախտի ու նմանօրինակ հիւանդութիւններէ վարակուելով մեռնին երիտասարդ, անօգնական թողլով մանկամարդ այրիներ ու մանրիկ որբեր...։ Դժուարին չէ՛ երեւակայել թէ ի՛նչ կ’ըլլայ անոնց ալ ապագան... հանրակիներն ու դիւրամատոյց աղջիկները շատ անգամ գաբիթալիսթներու անխղճութեան զոհերը չե՞ն միթէ։ Իսկ անոնք որ հակառակ այնքան զրկանքներու եւ չարչարանքներու մինչեւ 1. «Չարչարուեցանք յուսահատօրէն անյաջող ու պարտուած», Դէպի վեր, էջ 180։ 295
ծերութիւն կը հասնին, աշխատելու անկարող ըլլալնուն պէս՝ կ’իյնան ճամբանե- րուն վրայ յոգնութենէ ճաթած, մեռած գրաստներու նման, եւ կը տանին զիրենք կը նետեն հիւանդանոցի մը անկիւնը՝ ուր կը մեռնին ինչպէս որ ապրեր էին...։ Ուրեմն պարզ է որ սուրը չէ՛ միայն կեանքը գրաւողը, այլ սուրէն աւելի սոսկալի ու անվրէպ մահացնող զէնք մը կայ, այն է՝ անբաւական սնունդը եւ օդի ու լոյսի զրկանքը։ Բիրտ ուժը չէ՛ ստացուածքը քաշող տանողը, բայց անկէ ոչ նուազ լիրբ ու մերկապարանոց գողութիւն մը կայ օրէնքի պաշտպանութեան տակ, այն է՝ առանց օրինաւոր ու բաւականաչափ վարձատրութեան անխղճօրէն շահագործել աշխատաւորին ֆիզիքական ուժը, անոր միակ ինչքը։ Բռնի միջոցները չեն միայն կանանց եւ օրիորդներու պատիւը լղրճողները, բայց ասոնցմէ աւելի դառն անհրաժեշտութիւն մը փոսը կը գլտորէ զիրենք՝ այն է անօթութիւնը։ Ի զուր Տիկին Հէնրի Պիչըր Սթօու իր գերազանց հանճարին եւ անյողդողդ կամքին ուժովը տապալեց գերեվաճառութեան հակաբնական օրէնքը. հիմա մարդիկ իրենք զիրենք, իրենց երիտասարդութիւնը կը ստիպուին կոր վաճառել պատառ մը հացի համար...։ Ինչքա՜ն սխալ հիմերու վրայ դրուած են ընկերական կազմա- կերպութիւնները։ *** Դարերու ընթացքին մէջ, քաղաքակրթութիւնն ու զարգացումը ստեղծեցին այնպիսի հոյակապ ուղեղներ, որոնք ըմբռնեցին տիրող ընկերական սխալ կարգը, մտածեցին զայն յեղաշրջել եւ Ազատութեան, Հաւասարութեան ու Սիրոյ վսեմ իտէալը գործնական հողի վրայ դնել։ Անոնք ազատ մտածումի եւ ազատ մամուլի իրաւունքը խիզախօրէն պահանջեցին եւ կառավարութիւններէն ոմանք ստիպուած տեղի տուին։ Եւ ահա, երիտասարդ եռանդուն ուժեր սկսան խմբա- գրել ազատ թերթեր, հոն խանդավառօրէն տարփողելով ազգերու Հաւասարու- թեան, Սիրոյ ու Եղբայրութեան սկզբունքը։ Ուրիշներ խօսեցան բեմերու վրայէն, համարձակ մատնանշելով գաբիթա- լիսթներու անպատկառ անիրաւութիւնները՝ հանդէպ հարստահարեալ ժո- ղովրդոց, նկարագրեցին ամենավսեմ եւ յուզիչ շեշտերով այն խոնաւ, անօդ, անլոյս բնակարանները, անօթութենէ եւ զրկանքներէն առաջ եկած ֆիզիքական ու բարոյական անտանելի ցաւերը, որոնք շատ աւելի արմատական կոտորած- ներ սկսեր էին ընել ազգերու եւ ժողովուրդներու մէջ՝ որքանը գուցէ չէին ըրած պատերազմը կամ ժանտախտը...։ Արիւնոտ եղան ու կ’ըլլան դեռ եւս մարդկային կեանքի բարենորոգման ճամբուն վրայ առնուած առաջին քայլերը։ Շա՜տ զոհեր փռուեցան այդ ճամբուն երկայնքը, շա՜տ սրտեր արիւնեցան, շա՜տ արցունքներ թափուեցան ու թրջեցին ուղին... եւ այս պահուս Ռուսաստանն ու Կովկասը դեռ եւս արիւնի ու արցունքի 296
մէջ թաթխուած են...։ Բայց սերմը արգաւանդ հողի վրայ ինկած է, եւ մարգարիտ- ները չեն թափուած խոզերուն առջեւ. այդ արիւնի ու արցունքի մէջէն շուտով կը ծագի յուսոյ արշալոյսը, եւ յաջորդ սերունդները կը քաղեն ապահովաբար այդ ծլելու մօտիկ սերմերուն պտուղները։ Մենք պատմութենէն գիտենք որ այն ամէն դատերը՝ որոնք վերջնապէս տարեր են յաղթանակը, ունեցեր են ասանկ տագնապալի, արիւնալի շրջաններ. երբէք խաղաղութեամբ, առանց արիւն արցունք թափուելու, սկզբունք մը չէ՛ տիրապետած։ Հաւասարութեան ու Եղբայրութեան սկզբունքը, այն՝ զոր Քրիս- տոս քարոզած է ու նուիրագործած իր արիւնով, մին է այն սկզբունքներէն որ եկած է երկիր, նախապէս հուր եւ սուր շողացնելով, բայց ի վերջոյ Խաղաղու- թիւնն ու Սէրը թագաւորեցնելու համար ընդհանուր աշխարհի եւ ընդհանուր մարդկութեան վրայ։ Մասնաւորենք հիմա մեր խօսքը մեզ՝ Հայերուս վրայ, եւ հարցնենք թէ ի՞նչ ըրինք մենք ալ մեր աչքերուն առջեւ կատարուող այս վիթխարի շարժումներուն առջեւ։ Սուրբ սարսուռով մը համակուեցանք, ազնիւ ոգեւորութեամբ մը ցնցուե- ցանք եւ արիութեան ու անձնուիրութեան այդ սքանչելի օրինակները ներշնչեցին զմեզ ալ, խօսող, խորհող ու զգացող էակներուս, խորտակելու, փշրելու համար զմեզ դարերէ ի վեր կաշկանդող բռնաւոր ուժը...։ Մենք, Հայերս, յեղափոխութեան սկզբնական պատճառին դէմ կը կռուինք դեռ եւս1։ Մեր եւ մերիններուն կաշիին անմիջական ապահովութիւնը մեզ2 կը բռնա- դատէ սահման մը դնել մեր բացարձակօրէն ազատական ձգտումներուն. անշուշտ եթէ այդ պատճառը գոյութիւն չունենար, մենք ալ, իբրեւ արեւելքի ժողովուրդներուն է՛ն լուսաւորեալը, խանդավառութեամբ պիտի ընդգրկէինք համամարդկային սիրոյ գաղափարը։ Այդ տիեզերական խլրտումներուն առջեւ, յառաջդիմութեան եւ իրաւունքի ճամբուն մէջ, կը գտնուին սակայն հայ ժողովուրդէն անհատներ ‒ եւ բարեբաղ- դաբար ատոնք աննշան բացառութիւն կը կազմեն, համեմատելով հայ յեղափո- խական ուժեղ տարրին հետ ‒ որ կը մեղադրեն հայ յեղափոխականները եւ զանոնք պատճառ կը բռնեն Հայ Տառապանքին։ Ժամանակը չէր, կ’ըսեն, խոհե- մութիւն չէր, եւրոպական քաղաքականութիւնը մեզի նպաստաւոր չէր, լաւ պատրաստուած չէինք, եւլն. եւլն...։ Անոնք կը մոռնան թէ Հայ Յեղափոխութիւնը ստեղծողը՝ հայ յեղափոխական- ները չէին, այլ դարուն ոգին, ժամանակը եւ ինչ որ ամենակարեւորն է՝ դէպքերը, այսինքն Տաճկահայաստանի մէջ կատարուող վայրագ բարբարոսութիւնները եւ բռնակալութեան տարապայման ճնշումը՝ հայ ժողովուրդին վրայ։ 1. «դէմ կռուեցանք։», Դէպի վեր, էջ 184։ 2. «ապահովութիւնը դեռ եւս մեզ», Դէպի վեր, էջ 184։ 297
Առանց ատոնց, գուցէ դեռ եւս Հայ Յեղափոխութիւնը սպասէր իր հասուն- նալուն. չեմ ըսեր՝ սպասէր եւրոպական քաղաքականութեան նպաստաւոր դառնալուն, որովհետեւ եւրոպական քաղաքականութիւնը կը նմանի այն դիւրամատոյց կնոջ, որ այսօր երեսիդ կը խնդայ, քեզ կը խաբէ հրապուրիչ խոստումներով եւ վաղը այդ խոստումները արդէն մոռցած՝ լրբօրէն քթիդ խնդալով ուրիշի մը գիրկը կը նետուի...։ Ի սկզբան, մենք եւրոպական հայանպաստ քաղաքականութեան մը կրնայինք հաւատալ միամտօրէն, քանի որ յեղափոխական բաղխումներու արիւնոտ վաղորդայնի մը՝ անոր ուղղակի միջամտութեանը դիմելու առիթը չէինք ունեցեր դեռ։ Իրա՛ւ, տարիներ առաջ, Սուլթան Ազիզի օրով խլրտում մը երեւցաւ Լուսա- ւորեալներու ու Խաւարեալներու, այսինքն Ազատական ու Պահպանողական կուսակցութեանց միջեւ, բայց ատի ազգայնական ներքին բարեկարգում մըն էր սոսկ. եւ այն ատենուան զարգացած ազատամիտ երիտասարդութիւնը՝ ժողո- վուրդին գլուխը անցած՝ յաջողեցաւ վերջապէս Սահմանադրութեան Օրէնքին հաստատութեամբը տապալել Ամիրաներու բռնապետական սիսդէմը եւ ժողո- վուրդին տալ ազատ ձայն, ազատ քուէ, եւ իր նիւթական, բարոյական ու կրթական շահերը կառավարելու համար արժանաւոր գործիչներ ընտրելու իրաւունքը։ Բայց սա՝ ինչպէս ըսինք, ազգայնական ներքին յեղափոխութիւն մըն էր լոկ, եւ պէտքը չունէինք մեր գործունէութիւնը ծածկելու տիրող կառավարու- թենէն եւ դիմելու օտար միջամտութիւններու։ Հետզհետէ սակայն արիւնոտ շրջաններ բացուեցան, եւ տառապող հայերը սկսան Եւրոպայի աջակցութեան վրայ յոյսեր դնել։ Օր մը լսեցինք թէ՝ Վիքթօրիա թագուհին լացե՜ր է Հայ Տառապանքին պատմութիւնը լսելով... եւ ահա՛ խանդա- վառօրէն յուսացինք...։ Օր մ’ալ լսեցինք, Կ. Պոլսոյ ջարդերուն ատեն, թէ անգլիական ֆրանսական ու ռուսական մարտանաւերը մտեր են Տարտանէլ, Պերլինի Դաշնագիրը յարգել տալու համար, եւ ահա, նոր ոյժ, նոր սիրտ առինք ու մեր թանկագին կորուստները մոռցած՝ հայ ազգին համար ժպտուն ապագայ մը ապահովուած տեսնելու յոյսովը մխիթարուեցանք. բայց քիչ վերջ, անգամ մըն ալ յուսախաբ եղանք...։ Եւրոպական քաղաքականութիւնը հայ յեղափոխութեան կը ժպտէր եւ զանի կը քաջալերէր այնքան ատեն միայն՝ որքան պահանջք մը կ’ունենար փրցնելիք Սուլթանէն. իսկ փափաքածը ստանալուն պէս՝ ըլլա՛յ այդ երկաթուղիի մենա- շնորհ մը կամ քաղաքական շահերու հետ անմիջական առնչութիւն ունեցող խնդրի մը կարգադրութիւնը, անմիջապէս երես կը դարձնէր մեզմէ։ Ուրեմն ի՞նչպէս կարելի էր սպասել եւրոպական յեղյեղուկ քաղաքականութենէն որ մեզի նպաստաւոր դառնայ, ու այնպէս սկսիլ ապստամբական շարժումի, երբ հոն, Տաճկահայաստանի խորերը հայ ընտանեկան յարկի սրբութիւնը կը պղծուի... հայ քրիստոնէական կրօնն ու եկեղեցին կը բռնաբարուին... հայ կոյսերը 298
Search
Read the Text Version
- 1
- 2
- 3
- 4
- 5
- 6
- 7
- 8
- 9
- 10
- 11
- 12
- 13
- 14
- 15
- 16
- 17
- 18
- 19
- 20
- 21
- 22
- 23
- 24
- 25
- 26
- 27
- 28
- 29
- 30
- 31
- 32
- 33
- 34
- 35
- 36
- 37
- 38
- 39
- 40
- 41
- 42
- 43
- 44
- 45
- 46
- 47
- 48
- 49
- 50
- 51
- 52
- 53
- 54
- 55
- 56
- 57
- 58
- 59
- 60
- 61
- 62
- 63
- 64
- 65
- 66
- 67
- 68
- 69
- 70
- 71
- 72
- 73
- 74
- 75
- 76
- 77
- 78
- 79
- 80
- 81
- 82
- 83
- 84
- 85
- 86
- 87
- 88
- 89
- 90
- 91
- 92
- 93
- 94
- 95
- 96
- 97
- 98
- 99
- 100
- 101
- 102
- 103
- 104
- 105
- 106
- 107
- 108
- 109
- 110
- 111
- 112
- 113
- 114
- 115
- 116
- 117
- 118
- 119
- 120
- 121
- 122
- 123
- 124
- 125
- 126
- 127
- 128
- 129
- 130
- 131
- 132
- 133
- 134
- 135
- 136
- 137
- 138
- 139
- 140
- 141
- 142
- 143
- 144
- 145
- 146
- 147
- 148
- 149
- 150
- 151
- 152
- 153
- 154
- 155
- 156
- 157
- 158
- 159
- 160
- 161
- 162
- 163
- 164
- 165
- 166
- 167
- 168
- 169
- 170
- 171
- 172
- 173
- 174
- 175
- 176
- 177
- 178
- 179
- 180
- 181
- 182
- 183
- 184
- 185
- 186
- 187
- 188
- 189
- 190
- 191
- 192
- 193
- 194
- 195
- 196
- 197
- 198
- 199
- 200
- 201
- 202
- 203
- 204
- 205
- 206
- 207
- 208
- 209
- 210
- 211
- 212
- 213
- 214
- 215
- 216
- 217
- 218
- 219
- 220
- 221
- 222
- 223
- 224
- 225
- 226
- 227
- 228
- 229
- 230
- 231
- 232
- 233
- 234
- 235
- 236
- 237
- 238
- 239
- 240
- 241
- 242
- 243
- 244
- 245
- 246
- 247
- 248
- 249
- 250
- 251
- 252
- 253
- 254
- 255
- 256
- 257
- 258
- 259
- 260
- 261
- 262
- 263
- 264
- 265
- 266
- 267
- 268
- 269
- 270
- 271
- 272
- 273
- 274
- 275
- 276
- 277
- 278
- 279
- 280
- 281
- 282
- 283
- 284
- 285
- 286
- 287
- 288
- 289
- 290
- 291
- 292
- 293
- 294
- 295
- 296
- 297
- 298
- 299
- 300
- 301
- 302
- 303
- 304
- 305
- 306
- 307
- 308
- 309
- 310
- 311
- 312
- 313
- 314
- 315
- 316
- 317
- 318
- 319
- 320