Important Announcement
PubHTML5 Scheduled Server Maintenance on (GMT) Sunday, June 26th, 2:00 am - 8:00 am.
PubHTML5 site will be inoperative during the times indicated!

Home Explore Ջահակիր, Յաւելուած Ծ. - Tchahagir, Supplement No. 50

Ջահակիր, Յաւելուած Ծ. - Tchahagir, Supplement No. 50

Published by Haig Avakian, 2022-05-14 22:20:10

Description: Հայկ Աւագեան, Մառի Պէյլէրեանի Եգիպտոսի տարիները (1896-1909) եւ ընկերվարական ֆեմինիզմը, Գահիրէ, 2022

Keywords: Tchahagir,Ջահակիր,Beylerian,Պէյլէրեան

Search

Read the Text Version

ցեղերը, որոնք կը սպաննեն աղջիկները, ծայրայեղ աղքատութեան պատճառաւ. վասնզի այր մարդը հազիւ հազ կրնայ չարքաշ աշխատութեան մը բեռին տակ իր գոյութիւնը քարշ տալ. հետեւաբար եւ անկարող կը զգայ ինքզինքը սնուցանելու աղջիկը, որը թոյլ է. եւ չկրնար դիմանալ աշխատութեան. հապա հարսանեաց ծանր ծախսերը՜... որոնք ուղղակի կը փճացնեն ծնողքին բոլոր կարողութիւնը։ Մեր հայերուս մէջն ալ նոյն բանը չէ՞. արդեօք այդ տեսակէտով ի՞նչ տարբե- րութիւն ունինք հնդիկներէն։ Դեռ մինչեւ այսօր մեր է՛ն աղքատ դասակարգի ծնողքները կը ջանան փառաւոր ընել իրենց աղջկայ հարսնիքը, ճոխ սեղան կը սարքեն, կը սիրեն գինին եւ արաղը աղբիւրի պէս վազցնել բոլոր գիշերը, եւ դեռ կարգ մը աւելորդ ծախսեր աղքատիկ քսակներու համար, որոնք այնքան սուղ կը նստին ապագայ նորակազմ ընտանիքին արդէն նեղ պիւտճէին վրայ. եւ շատ անգամ ծնողքներու օջախն ալ կը մարեն վերջնականապէս։ Ահա թէ ի՛նչ մտածումներով կը տագնապի հայրը իր նորածին աղջկան սնարին վերեւ. ահա՛ թէ ինչո՞ւ գաղտնի գոհունակութիւն մը կը զգայ ան երբ կը մեռնի մանուկ աղջիկը. ահա՛ թէ ինչո՞ւ կը սպաննեն նորածին աղջիկը, մինչեւ իսկ երբեմն գաւառներուն մէջ...։ Իսկ արու երեխա՜ն... դա ուրիշ բան է. ան՝ տաս-տասներեք տարուան հասա- կին մէջ արդէն իր հօրը աջ թեւն է. աղջկայ պէս իրեններուն վրայ այնքան թանգ նստելէ ետքը չի թողուր ու երթար օտարին տունը շէնցնելու. հայրենական օջա- խը վառ պահողն է ան. տունը սնուցանողը։ Ինչո՞ւ արդեօք վիճակուեր է դարերէ ի վեր անարգանքի այս տխուր ճակա- տագիրը մեր դժբաղդ սեռին համար, որոյ վրայ ծնողք իսկ երբեմն գութ չեն ունենար. անողորմաբար կը սպաննեն աւելորդ բեռէ մը ազատելու համար սոսկ...։ Վասնզի չենք աշխատիր... ահա՛ գաղտնիքը։ Աշխատութիւնն է կին սեռին միակ փրկիչը. զայս լաւ ըմբռնենք. նա՝ ո՛չ միայն մեզ կը պահպանէ պիղծ անկումներէ, այլ եւ մեր անարգուած ծնունդը կը բարձրացնէ, յարգանքի նշաւակ կ’ընէ։ Եթէ մենք ալ գիտնանք աշխատիլ, մասնակցիլ հաւասարապէս ընտանիքի տնտեսական հոգերուն, այն ատեն պիտի տեսնենք որ մեր ծնունդն ալ փոխանակ տան մէջ տխրութիւն ու սուգ բերելու, հրճուանօք ու ցնծութեամբ, խաղով ու խինդով պիտի ողջունուի, ինչպէս արու երեխայինը։ Ալ դրացի կիները չպիտի գան մխիթարելու մեր մայրերը, շուտով արու զաւակ մը ծնանելու քաղցրիկ յոյսը ներշնչելով անոնց. ո՛չ ալ պիտի արտաքսուին տունէն մեր այն գաւառացի մայրերը, որոնք իրարու վրայ քանի մը անգամներ աղջիկ ծնելու դժբաղդութիւնը կ’ունենան։ Ո՛չ ալ դրամօժիտ պիտի պահանջեն փեսացուները մեր ծնողքներէն, ինչ որ ատեն մը իրենց սրբազան իրաւունքը կը համարէին, նկատի ունենալով որ անգործ նստողներ էինք մենք, եւ իրենք միայն աշխատողներ. հետեւաբար ե՛ւ 199

ստիպուած իրենց աշխատութեամբ մի՛սմինակ գոցելու ե՛ւ մեր անձնական ծախսերը։ Հիմա պիտի ըմբռնեն թէ՝ մեր ապահովագոյն դրամօժիտը մեր սեփական աշխատութիւնն է, որով այլեւս իբրեւ բեռ մը չենք ծանրանար իրենց վրայ, այլ կրնանք ազատ ապրիլ՝ պատուաւոր, անկախ իրենցմէ եւ ուրիշներէն։ Սակայն արդեօ՞ք մենք անգործ նստողներ եղած ենք միշտ մեր տան մէջ։ Կերակուրի, մաքրութեան, լուացքի, կարկտուքի, խնայողութեան հոգ տանի- լը, մայրութեան վսեմ պարտականութիւնները կատարելը, զաւակներ ծնիլ, դիեցնել, մեծցնել, անոնց վրայ գիշեր ցերեկ անքուն հսկել՝ ասոնք միթէ գործեր չե՞ն, տունը շինելու բնութիւնը ունեցող վե՜հ աշխատութիւններ չե՞ն, որոնք սակայն դժբաղդաբար չեն գնահատուած մեր այր ընկերներէն, վասնզի նիւթա- կան անմիջական շօշափելի բարւոքում մը, ուրիշ բառով դրամ չեն բերած տուն։ Այդ աշխատութիւնները շատ շատ «տան սպասուհի»ի տիտղոսին արժանացու- ցած են մեզի, գէթ ոչ իսկ քիչ մը յարգանք մեր ցաւատանջ կեանքին, մեր լռիկ զրկանքներուն, ու խորունկ անձնուիրութիւններուն փոխարէն։ Հին յոյները եւ հռովմայեցիները այդպէս չէին մտածեր սակայն։ Ինչպէս կը յիշեցնէ մեզ բժշկապետ պ. Վահան Արծրունի, անոնք կատարե- լապէս կ’ըմբռնէին կնոջ դերին նշանակութիւնն ու բարձրութիւնը, եւ ամենախո- րունկ յարգանօք կը վերաբերուէին դէպի կիները. վասնզի գիտակցութիւնը ունէին թէ՝ անոնք պիտի ծնանին ապագայ կտրիճ ու քաջ զինուորները ազգին։ «Տան սպասուհի»ի ստոր դիրքէն բարձրանալու համար անհրաժեշտ է մեզ հայ կանանցս համար գործի սկսիլ վճռականօրէն, որոշ գործունէութիւն ցոյց տալ միեւնոյն ժամանակ ե՛ւ հասարակական կեանքի մէջ, ուր մեր ներկայութիւնը այնքան փրկարար ազդեցութիւն կը գործէ, եւ ուր այնքա՜ն մեծ դեր ունինք կատարելու։ Վերջին ժամանակներս օրուայ լրագիրները ու պարբերական հանդէսները հեռուէն հեռու մեր ականջին կը հասցնեն հայ կնոջ առաջին քայլերուն արձա- գանքը յառաջդիմութեան ճամբուն մէջ։ Կը տեսնենք զայն երբեմն համալսա- րանական ուսանող, մանկավարժ, ուսուցիչ, հրապարակախօս, բժիշկ, գրչի մշակ, արուեստաւոր։ Այս երեւոյթները, թէպէտ ցանցառ ներկային մէջ, միթէ համոզիչ ապացոյցներ չե՞ն հայ կնոջ մտքի կարողութեան, կամքի տոկունութեան ու վճռական ոգիին։ Հայ կինը կը ձգտի տակաւ առ տակաւ իր ճակատագրին տէրը դառնալու։ Սա վերին աստիճանի մխիթարական երեւոյթ է մեզ համար։ Արտէմիս, Մայիս-Յունիս 1902, Ա. տարի, թիւ 5-6, էջ 130-133։ 200

ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔ ՄԵԶ ԼԱՒ ՉԸՄԲՌՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՄԱՌԻ Երբ հայ կանանց համար ազնիւ միջոցներով ազնիւ աշխատութիւններ ստանձնելու հարկը մենք շեշտեցինք, շատեր գուցէ զարմացան թէ արդեօ՞ք ինչ որ արդիւնք է ճակտի քրտինքին, ազնիւ չէ՛, արդեօ՞ք մարդը չէ որ կը բարձրացնէ աշխատութեան տեսակը, ինչքան ալ ստոր ըլլայ ան. չէ՞...։ Կան աշխատութիւններ՝ որ կինը կը ձգեն, ինչքան ալ նա չուզէ իյնալ, վասնզի միջավայրը խորապէս կ’ազդէ է՛ն երկաթի պէս դարբնուած կամքերու, է՛ն հաստատուն բնաւորութիւններու վրայ։ Նախ ուրեմն ջանալու է միջավայրը ազնուացնել՝ եւ ապա կինը ազատ թողնել ամեն ասպարէզի մէջ համարձակ իջնելու։ Ապականուած միջավայր մը ունինք հիմա, ոչ միայն մեր ազգային կեանքին՝ այլ եւ մեր շրջապատին մէջ առհասարակ։ Ցաւով պիտի խոստովանինք զայն, քանի որ ճշմարտութիւն մըն է։ Ապականուած է երիտասարդութիւնը, (յարգելով անշուշտ բացառութիւն- ները). ապականուած են խիղճը, բարոյականը. ապականուած են մեծաւ մասամբ գրչի մշակները, անոնք՝ որ ժողովուրդի բարոյական կեանքի ռահվիրաներն ըլլալու սահմանուած են։ Այս մասին՝ արդէն երկար խօսած ըլլալով մեր «Մեր մամուլը եւ մեր բարքերը» յօդուածին մէջ (Արտէմիս, թիւ 2), միտքերնիս չէ՛ ծանրանալ ատոր վրայ։ Գռեհիկ, հետեւաբար եւ ծաղրելի նկատուած են հիմա մաքուր բարքերն ու սովորութիւնները։ Միակ բան մը դեռ մաքուր մնացած է ազգերու մեծամաս- նութեանց մէջ. այն է՝ ընտանեկան կեանքը, որուն խանդաղատանքով պէտք է նայիլ, ու գուրգուրանքով պահպանել, վասնզի ան պիտի ազնուացնէ օր մը ներկայ տխուր միջավայրը, եւ պիտի բարձրացնէ ինկած մարդկութիւնը։ Ապա- գայ սերունդները պիտի փրկուին ընտանեկան առողջ կազմակերպութիւնով միայն, որուն սակայն սարսափելի փտութիւնը կը սպառնայ այսօր դարձեալ...։ Չէ՞ք դիտած, ժամանակէ մը ի վեր ամեն սրբութիւն ծաղրող, արհամարհող պիղծ շունչ մը կը տքնի խամրել, ոչնչացնել ինչ որ Բարի, Ճշմարիտ ու Գեղեցիկ մնացած է դեռ մեր զուտ ազգային ինքնուրոյն բարքերուն, նկարագրին ու բնաւորութեանը մէջ։ Ընտանիքը անկերպարան քաշկռտուքի մը վերածելու վնասակար բրօբա- կանդն է որ տակաւ առ տակաւ աւելի՛ ուժեղ թափով մը յառաջ կ’երթայ...։ Մենք կը հաւատանք սակայն թէ՝ մեր ցեղին մէջ դեռ ընտանեկան կեանքի սրբութիւնը իր պաշտելի բարձրութեան վրայ կը կենայ, եւ մեր նպատակն է պահպանել զայդ, ինչ որ ալ ըսեն, ի՛նչ անուններով ալ որակեն զմեզ՝ ու Հայ 201

կանանց օրգանը։ Շատ բնական է արդէն թէ՝ երբ ընտանիքին մէջ սէր, յարգանք, փոխադարձ վստահութիւն եւ բնաւորութիւններու համաձայնութիւնը կը պակսի, ընտանիքը ինքնին քայքայուած, լուծուած է, նոյն իսկ երբ այր ու կին բնակին դարձեալ միեւնոյն յարկին տակ, ինչ որ հրէշային կեղծիք մըն է լոկ, աւելի մեծ անբարո- յականութիւն մը եւ մենք՝ ամենէն աւելի հակառակ ենք կեղծիքի։ Ահա այդպիսի- ներուն համար է որ Վեհ. Հայրապետը թոյլատրեց ամուսնալուծումը, եւ սա ինքնին շատ օրինաւոր, շատ բարոյալից քայլ մըն էր։ Իսկ միթէ՞ ամենքն ալ այդ կենսական պատճառները միայն ի նկատի ունենա- լով, ապագայ սերունդներու բաղդաւորութիւնը իբր թէ ապահովցնելու համար ամուսնալուծումը ընդհանրացնելու, եւ առ հասարակ սովորական պարագայ մը դարձնելու կը ճգնին... արդեօ՞ք զգայնութիւնը, մարմնական միշտ թարմ շնորհ- ներու, միշտ նոր հրապոյրներու վայելման ակնկալութիւնը չէ՞ որ զիրենք կը մղէ գլխաւորաբար այդ բրօբականդին...։ Կ’ըսեն թէ՝ սէրը տեւական զգացում մը չէ՛. սխա՛լ է... այս գաղափարը ծնուած է մտքերուն մէջ անոնց՝ որոնք երջանկութիւնը վայրկեաններու մէջ կ’ըմբռնեն. վաղանցիկ հաճոյքներու վայրկենական վայելման մէջ կը փնտռեն։ Սէրը կրնայ փոխել միայն իր վիճակը. բայց երբէ՛ք կը չքանայ։ Անկեղծ եւ անձնուէր ամուսին- ներու համար առաջին տարիներու խանդոտ ու հրայրքոտ սէրը տակաւ առ տակաւ կը մտնէ բարեկամական անուշ ու հանդարտ շրջանակին մէջ, եւ այս փոխադարձ ջերմիկ, վստահելի, տեւական եւ ամուր յարաբերութեան մէջն է որ կայ ու կը մնայ միշտ երջանկութիւնը...։ Անփորձ ու միամիտ հայ կինը՝ որը ճակատագրին մէկ անգութ խաղովը յեղակարծօրէն բաժնուած իր բնաշխարհէն, իր սիրական օջախէն, ինկեր է անհիւրընկալ օտար ափեր, ուր ամեն ինչ խոժոռ կը նայի իր երեսին, օդը, հողը, ջուրը, բարքերը, սովորութիւնները, լեզուն, մտքով ու հոգւով դեռ բոլորովին անպատրաստ, հետեւաբար եւ անկարող մարսելու իր հասկացողութենէն բացարձակապէս դուրս գաղափարներ, անկարող ուղիղ կշռելու, որոշ տեսնելու, շիտակ դատելու, հակամէտ իսկոյն խաբուելու անուշ խօսքէ մը, գորովալի նայուածքէ մը, հասկնալի է որ չպիտի կրնայ առանց բարոյապէս տուժելու ամեն աշխատութիւն անխտիր յանձն առնել, եւ մենք կը հաւատանք թէ նա ամենէն աւելի պէտքը ունի, գէթ առ այժմ, սահմանափակ միջավայրի մը որոշակի գծուած ասպարէզի մը մէջ գործելու։ Օրինակի համար, մենք չէինք ցանկանար բնաւ որ մեր պարզուկ ու անմեղուկ հայ աղջիկները ճաշարաններու, գինետուններու, սրճարաններու եւ պառերու մէջ ծառայէին իբրեւ սպասարկող, երգէին ու պարէին իբրեւ երգիչ ու պարուհի...։ Մեր աչքերը տեսան սակայն հայուհիներ հոդ. բարեբաղդաբար քիչ թուով (թէպէտ ոչինչ կրնայ վստահեցնել մեզ որ այդ քիչը՝ ստուար թիւ մը չպիտի կազմէ 202

վաղը) եւ արիւն քամեց մեր սրտերէն...։ Պառերու կեանքը յայտնի է ամեն անոնց՝ որոնք քիչ շատ ուսումնասիրած են աշխարհիկ կեանքը. դա՛ ինկած կեանքի նախաբանն է։ Հոն՝ քօղարկուած հաճոյախօսութիւններու անուշ ժպիտներու եւ անմեղունակ երեւնալու ճգնող նայուածքներու ետեւ կը պահուըտին, մտածումներու է՛ն սեւը, զգացումներու է՛ն կեղտոտը, առաջարկներու է՛ն լրբենին...։ Այդպիսի վայրեր՝ ուր սերունդներ կը փճանան ու կը կորսուին, մենք չենք ուզեր տեսնել Հայ աղջիկը կամ Հայ կինը, որոնք դեռ հազիւ դուրս եկած նահապետական բարքերէն, աչքերնին մեծ մեծ պիտի բանային իրենց համար այս բոլորովին նոր, օտարոտի եւ տարօրինակօրէն լպիրշ միջավայրին մէջ, եւ ինչպէս վերը կրկնեցինք, ատիկայ խորապէս պիտի ազդէր պարզ հոգիներուն վրայ անոնց՝ որոնք դեռ ինքնագիտակցութեան, Արժա- նապատուութեան, Բարոյականի, Չարին ու Բարւոյն շա՜տ տարտամ, շա՜տ թերի, շատ առերեւոյթ հասկացողութիւնը ունին...։ Հա՛րկ է ըսել թէ՝ դժբաղդաբար չարը շա՜տ աւելի հրապուրիչ երեւոյթ մը կը ներկայանայ քան բարին ամեն անոնց որոնք խորապէս չեն թափանցած բարւոյն վսեմ սկզբունքներուն ու իրենց Հաւատքն ու դաւանանքը չեն դարձուցած զանոնք. այդպիսի մարդիկ, բնական է որ աւելի տրամադիր ըլլան յարելու չարին։ Մենք չպիտի ուզէինք բնաւ մեր անփորձ աղջիկները ենթարկել չարին սոսկալի փորձութեան, թէպէտ մաքուր ու սուրբ դիտումներով եւ զգացումներով վառուած, չարին դէմ կուրծք կուրծքի կռիւ մղելու եւ յաղթանակը տանելու ազնիւ փառասի- րութեամբն ալ սպառազինուած ըլլային, վասնզի յաղթելու համար միայն բարի կամեցողութիւնը բաւական չէ՛, պէտք է եւ կռուիլ գիտնալ։ Եւ անխոհեմութիւն չէ՞ դարձեալ ղրկել մեր Հայ աղջիկները Բարիզ իբրեւ ուսանողուհի։ Արտէմիսի 5-6 թիւերուն մէջ հրատարակուած Քնարիկի Բարիզէն թղթակցութիւնը, ուրիշ շարք մը նամակներու ու վկայութիւններու հետ կուգայ անգամ մըն ալ հաստատել թէ՝ մեր Բարիզ գնացող ուսանողուհիները (որոնք թէպէտ ստուար թիւ մըն ալ չեն կազմեր) ինչքա՜ն տուժեցին դեռ անժամանակ առնելով քայլ մը՝ որը կորստաբեր եղաւ իրենցմէ շատերուն համար...։ Դեռ մտքով, սրտով, նկարագրով չկազմակերպուա՜ծ, պատանեկութեան է՛ն միամիտ, է՛ն դիւրաբեկ, է՛ն վստահ, է՛ն վառվռուն տարիներուն մէջ նետել Հայ աղջիկը Բարիզ, կեդրոնը այն Բաբելոնեան խառնակութեան, ուր ամենէն ամուր նկարա- գիրները կը թուլնան, եւ է՛ն հաստատուն բարոյականները կը խախտին երբեմն...։ Եթէ կ’ուզենք անպատճառ արտասահման գնալ ուսանելու համար, ինչո՞ւ չընտրել գոնէ Զուիցերիան, Գերմանիան, Պելճիգան, որոնք լրջօրէն եւ հանդար- տօրէն զբաղուելու այնքա՜ն յարմար կեդրոններ են։ Մէկէ աւելի տխուր դէպքեր, մեր աչքերով ու մեր քիչ շատ անձնական փորձառութեամբը նկատած կարգ մը երեւոյթներ, մեզի առաջին օրէն բռնել տուին գուցէ շատ զգուշաւոր ընթացք մը ազատ գաղափարներու բրօբականտին 203

մէջ. եւ այս պատճառով խմբագրութեանս ուղղուեցան կարգ մը դիտողութիւններ թէ՝ մենք կ’ուզենք կինը միա՛յն ընտանեկան կեանքի մէջ սահմանափակել, զայն միայն զաւակով, խոհանոցով ու տնական հոգերով զգաղեցնել, ինչ որ յետադի- մութիւն կ’ըլլայ, թէ՝ ֆէմինիզմի ծրագիրը իր ամբողջական առումով պէտք է գործադրել եւ Հայ կանանց համար եւլն եւլն։ Նախ, մենք կնոջ դերը բոլորովին չենք սահմանափակած միմիայն ընտանե- կան կեանքի մէջ (կարդալ՝ Արտէմիսի No 1էն մինչեւ ցարդ երեւցած թիւերուն նախայօդուածները)։ Երկրորդ՝ գործելու անսահմանօրէն լայն ասպարէզ եւ բոլորովին ազատ միջավայր մենք չուզեցինք դեռ բանալ Հայ կնոջ առջեւ։ Պատճառները վերը բացատրած ըլլալով աւելորդ կ’ըլլայ հոս դարձեալ կրկնելը։ Եւ մենք նախամեծար կը համարինք որ իր ներկայ վիճակին մէջ՝ Հայ կինը զբաղի միայն իր օջախով ու զաւակով եւ հայ աղջիկը իր համեստ դպրոցով ու կարով, քան լաւ չմարսուած գաղափարներով եւ ատոր հետեւանօք անժամանակ յան- դուգն քայլեր առնելով քայքայէ իր հոգին, եւ այդպէս փճացնէ իր եւ իր կազմելիք սերունդին բարոյականը։ «Իսկ անոնք որ չեն ամուսնանալո՞ւ», կը հարցնեն, անոնք ինչո՞վ պէտք է զբաղին... միթէ գործել ուզող մարդուն համար գործունէութի՞ւն կը պակսի. թո՛ղ կարդան Մշակի Լէօի կիրակնօրեայ զրոյցները։ Հոն շա՜տ գործեր մատնանիշ եղած են իրենց։ Կազմակերպել Տիկնանց Ընկերութիւններ. վարժարաններու վրայ հսկող, դժբաղդներու ու տառապեալներու օգնող մարմիններ ստեղծել, որբանոցներ հիմնել եւլն եւլն, մի՞թէ ասոնք թեթեւ աշխատութիւններ են, նե՞ղ ասպարէզներ են գործունէութեան։ Իսկ եթէ մեր աչքերուն առջեւ պիտի ցցուի գոյութեան կռիւը, մենք ուրախ ենք որ Հայ կինը բարեբաղդաբար դեռ չէ հասեր այն ճակագրային ժամանակին, յորում ապրելու համար անխտիր ամեն քայլ առնելը՝ պարտաւորիչ ու ստիպողական ըլլայ իրեն համար։ Աստիճանաւորումով գործել, աստիճանաւորումով յառաջ երթալ ու զարգա- նալ, ա՛յս պէտք է ըլլայ մեր ուղղութիւնն ու նշանաբանը։ Մենք պիտի զբաղինք ուրեմն ներկայով։ Ներկայիս մէջ Հայ կինը աշխատութեան տեսակը ընտրանօք պէտք է յանձն առնէ եւ կրնայ նոյն իսկ համեստ վարձքով մը բաւականանալ եթէ չափաւորէ կարգ մը անօգուտ պահանջներ, որոնք օրը օրին տիրող հանգամանք մը կ’առնեն։ Այդ անհեթեթ պահանջներուն գլխաւորներէն մին է նորաձեւութեան քմածին փոփոխութիւնները, որոնք այնքա՜ն քսակներ կը դատարկեն յումպէտս, եւ որը մուտ գտած է նաեւ մեր մէջ։ Ուրիշ առթիւ ըսած ենք որ թանկագին ժանեակները, մետաքսները, սնդուս- ները, հոյակապ գլխարկներն ու շքեղ հագուստները չեն որ սիրուն ու գրաւիչ պիտի դարձնեն կինը, այլ ընդհակառակը, սիրուն կինը միշտ եւ աւելի սիրուն է վայելուչ պարզութեան մը մէջ, իսկ տգեղ կինը միշտ աւելի՛ այլանդակ սեթեւեթի 204

ու զարդերու մէջ։ Պարզ ու վայելուչ, ա՛յս պէտք է ըլլայ Հայ կնոջ նշանաբանը, ու միեւնոյն ժամանակ եթէ ինքը խնայող է ու հաշուագէտ, իր աշխատութեան համեստ վարձքը միացած իր այր ընկերոջ ամսական կամ շաբաթական հասոյթին, բաւական կ’ըլլայ գոցելու ընտանիքին ամեն ծախսերը։ Մենք յառաջիկայիւ պիտի առաջարկենք ընտրանօք աշխատութեան մի քանի տեսակները, ցոյց տալով որ այդ աշխատութիւնները կինը չնուաստացնելէ զատ անոր բարոյական վարկը կը բարձրացնեն ու միտքը եւ դատողութիւնը կը զօրացնեն։ Արտէմիս, Յուլիս-Օգոստոս 1902, Ա. տարի, թիւ 7-8, էջ 193-197։ 205

ԿԱՆԱՑԻ ԱՇԽԱՏՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԱԿՆԵՐ ՄԱՌԻ Քանի որ աշխատութիւնը տիեզերքի է՛ն ազնիւ եւ է՛ն բարձր օրէնքներէն մէկն է, պարտաւոր է ամեն ոք հպատակիլ այդ օրէնքին, ըլլա՛յ այր, ըլլա՛յ կին։ Բնութիւնը ամեն սեռի ու տեսակի արարածներուն համար, առանց բացառու- թեան, ընդհանուր օրէնք է դրեր աշխատութիւնը։ Տեսե՞ր էք օրինակի համար որ արու թռչունը միս մինակ թափառի անդին ասդին որոնելու իր եւ իրեններուն սնունդին համար հացի փշրանքը, կամ հողին տակ սողացող որդը, մինչ անդին իր էգ ընկերը անհոգ, անտարբեր ծառէ ծառ, ծաղիկէ ծաղիկ թռչկոտի՝ նպատակ ունենալով միայն մաքուր օդ շնչել եւ ծաղիկներու անուշ բոյրովը զուարճանալ։ Տեսե՞ր էք որ արու մրջիւնը միս մինակ շալակէ՛ ծանր բեռը, հազար տառա- պանքներով չարչրկուի իր եւ իրեններուն գոյութիւնը պահպանելու համար, իսկ անդին էգ մրջիւնը հանգիստ նստի իր տեղը, առանց իր բաժինը վերցնելու ընդհանուր յոգնութենէն։ Ուրեմն երբ բնութեան է՛ն անկատար եւ ստոր համարուած արարածներն անգամ (արու թէ էգ) առնաբար կուրծք կուտան կեանքի դժուարութիւններուն դէմ, ամօթ չէ՞ մեզ, բանաւոր, կատարելագործեալ արարածներուս համար, վա- տաբար կռնակ դարձնել գոյութեան ճակատագրային կռիւին, եւ դասալիք քաշուիլ անկիւն մը գլխիկոր եւ ամօթահար, սպասելով նուաստօրէն որ արուն պատառ մը հաց նետէ մեր բերանը եւ կանգուն մը կտաւ մեր ուսերուն վրայ։ Թողլով սակայն արժանապատուութեան այս աւագ հարցը, ուրիշ շատ աւելի կենսական պատճառներ կը ստիպեն մեզ՝ կիներս, աշխատութիւնը ընդգրկել իբրեւ միակ միջոցը անկախ, ազատ ու անվախ կեանք մը ապրելու։ Կեանքի մէջ անանկ պարագաներ կան, ուր կնոջ աշխատութիւնը անհրա- ժեշտ, նոյն իսկ պարտաւորիչ կը դառնայ։ Կնոջ չի կրնար վիճակուած ըլլալ յաւիտենապէս արական սեռի հովանոյն տակ ապրիլ ու անոր պաշտպանու- թիւնը վայելել, քանի որ կրնայ օր մը՝ ըլլա՛յ իր խնամակալին մահուամբ, ըլլա՛յ իր եղբօր հիւանդութեան, կամ իր ամուսնոյն գործին անյաջողութեան պատճա- ռով տան հոգը ամբողջովին իր վրայ մնալ։ Այդ պարագային ի՞նչ ընէ որբեւայրի կինը, ծնողազուրկ որբուհին, ամուսինէն լքուած թշուառուհին։ Ի՞նչ ընեն այր մարդոց ամուրի ապրելնուն պատճառով տունը մնալու պարտաւորուած խե՜ղճ աղջիկները, եթէ անոնք անընդունակ ու անվարժ են ո՛եւէ աշխատութեան, որով միայն պիտի կրնային իրենք զիրենք, եւ շատ անգամ իրենցիններն ալ կերակրել։ Իր սեպհական աշխատութեամբ ապրելու սովորած կինը՝ ինքնավստահ եւ արի կ’ապրի, աշխարհի վրայ բանէ մը չվախնար, կեանքի բոլոր տխուր պատա- 206

հարներուն դէմ դիւցազնաբար կը մաքառի. մինչ նա՝ որ վարժուեր էր իր այր պաշտպանին շնորհիւը ապրելու, կրնայ կեանքի անսպասելի փորձութիւն- ներուն առջեւ դիւրաւ խոնարհիլ, ու նոյն իսկ իյնալ։ Եւ եթէ օր մը հասնի, մեզ հայերուս համար ալ, այն ճակատագրային ժամա- նակը, յորում կեանքի հետզհետէ դժուարացող պայմանները կնճռոտ հանգոյցով մը սեղմեն, պրկեն մեր պարանոցը, օձի նման գալարուին, պլլուին ու խեղդել ջանան մեր ընտանիքներուն իւրաքանչիւր անդամին կոկորդը, այն ատեն դարձեալ կնոջ աշխատութեան գեղեցիկ սկզբունքն է որ պիտի յաղթանակէ եւ պիտի յաջողի քակել խեղդող հանգոյցը։ Արդէն սկսեր ենք ապրիլ սոսկալի դար մը – որը աւելի ճիշտ է որակել «մեքենաներու դար» անունով, ուր մեքենաներու տարամերժ գործածութիւնը, դրամատէրերու ագահութիւնը, իրական արժանիքներու բոլորովին ոտնակոխ փշրուիլը, եւ ատոնց հետեւանօք այր մարդոց չարաչար աշխատութեան փոխա- րէն՝ ողորմութեան մը պէս երեսնուն նետուած շատ չնչին վարձատրութիւնը, միացած մէկ կողմէն՝ հետզհետէ նրբացող քաղաքակրթութեան մը պահանջող, ու բազմապատկող ծախսերուն՝ անբաւարար կը դառնայ տան մը գոյութիւնը լիովին ապահովելու։ Ուրեմն ձեռքերնիս ծալլած, բոլորովին անպատրաստ չսպասենք գալիք անխուսափելի օրերուն, թերահաւատօրէն ծիծաղելով գուցէ ենթադրուած ու քարոզուած այդ ապագայ արհաւիրքներուն վրայ, որոնք սակայն պայծառ ու որոշ ճշմարտութիւններ են դժբաղդաբար։ Չե՞նք տեսներ արդեօք... ընկերական աղէտքները կ’աճին օրէ օր, երէկը կը փնտռենք այսօր, եւ այս օրերն ալ պիտի փնտռենք վաղը. բաւական է որ դիտելու աչք ունենանք, ու դատելու միտք։ Սթափի՛նք ուրեմն։ Ըսեր ենք ուրիշ անգամներ թէ՝ մենք հայ կիներս անգործ նստողներ չենք եղեր բոլորովին։ Տան մէջ մեր յանձն առած աշխատութիւնները (մաքրութեան հսկել, կերակուր եփել, լուալ, մանուկներ մեծցնել եւլն. եւլն.) են գուցէ շա՜տ տաժանելի եւ յոգնեցուցիչ, բայց ատիկայ մեզի «տան սպասուհի»ի դիրքին մէջ պահեր է միայն։ Ատոնք իրաւ է թէ գուցէ ունեցեր են տուն շինելու՝ բայց ո՛չ տունը բարոյա- կան որոշ բարձրութեան վրայ ու նիւթական շեշտուող բարեկեցութեան մէջ պահող բնութիւն։ Ատոնք գուցէ մարմնաւոր հանգիստ տուեր են մեր ընտանիքի անդամներուն, բայց ո՛չ ցանկալի կազդուրում անոնց հոգիին, եւ մեր բարոյական կեանքի մակարդակը պահեր են շատ ինկած աստիճանի մը վրայ։ Մենք մնացեր ենք կեանքն ու իր բարձր նշանակութիւնը չըմբռնող, առանց ո՛եւէ հեղինակաւորութեան, երկչոտ, գռեհիկ ու նախապաշարեալ մտքով աւելի՛ ստուերներ, որոնք մեքենաբար կը շարժին, կ’երթան կուգան, կը ծնին մանուկներ, կը մեծցնեն, ծնելու ու մեծցնելու համար միայն, վասնզի այդպէ՛ս ենք տեսեր մեր 207

մայրերէն, եւ այդպէս կ’ընենք ե՛ւ մենք. «Աստուծոյ կամքն է». երբէ՛ք «ինչո՞ւն» չէ ցնցեր մեր միտքը. երբէ՛ք կեանքի որոշ ուղղութիւն, որոշ նպատակ չենք գծեր մենք մեզ համար. սպասեր ենք, ու դեռ եւս կը սպասենք ոչխարի պէս որ մեզ քշեն տանին, ուր որ ուզեն։ Ասիկայ ամօթալի է սակայն։ Տունը շինելու բնութիւնը ունեցող աշխատութիւններու հետ ստանձնենք նաեւ այնպիսի աշխատութիւններ՝ որոնք կրնան դնել մեր բեռը բարոյական ճշմարիտ ու գիտակից բարձրութեան վրայ, եւ մեր առջեւ կը բանան նոր, գնահատելի, պատուաբեր ուղի մը, որը մեզի կրնայ առաջնորդել նաեւ դէպ ի նիւթական աւելի բարեկեցիկ վիճակ մը։ Բոլոր բանաւոր էակներու մէջ նկատուած է թէ՝ մրցումը եւ խելացի ինքնա- պաշտպանութեան ձգտումները ամենամեծ դերը կը խաղան կեանքը յառաջադէմ եւ ապահով վիճակի մէջ պահելու՝ ինչո՞ւ մենք, կիներս ալ չըմբռնենք ասիկայ ու չգիտնանք մրցիլ։ Եթէ կ’ուզենք անպատճառ որ մեր իրաւունքները հաւասարին այրերու իրա- ւունքներուն, պէտք է որ մեր պարտքերն ալ հաւասարին անոնց պարտքերուն։ Կինը իր ձեռներէց աշխատութեան արդիւնքովը միայն իրեն համար կրնայ բանալ արդարութեան, իրաւունքի եւ ազնիւ ազատութեան ճամբան. իսկ եթէ նա կ’ուզէ որ իր կեանքը թաւալի մեղմօրէն անուշ եւ հեշտ մեղկանքի մը հանգստա- ւէտութեանը մէջ՝ այն ատեն ինքն է որ կը նպաստէ օրէ օր իր անկումին եւ կը մնայ մի՛շտ թոյլ, մի՛շտ թերի, մի՛շտ հաճոյքի առարկայ միայն։ Այսօր մխիթարական երեւոյթ մըն է մեզ համար որ հայ աղջիկներէն ոմանք եւրոպական համալսարաններու մէջ իբրեւ ուսանող կը հետեւին արուեստներու, գեղարուեստներու, կը պատրաստուին իբրեւ բժիշկ, փաստաբան, մանկավարժ, եւ կը ձգտին որոշ դիրք մը ստեղծել իրենց համար հասարակական կեանքի մէջ. բայց ցանկալի չէ՞ր արդեօք որ անոնց քովիկը երեւնային նաեւ հայ աղջիկներ՝ որոնք հետեւէին գիւղատնտեսական մասնագիտութիւններու, կաթնագործու- թեան, պանրագործութեան, մեղուաբուծութեան, շերամապահութեան եւ այդ կարգի բոլոր աշխատութիւններու, որոնք կարող էին մեր բնաշխարհը շէնցնել, եւ նոր զարկ տալ կարգ մը զբաղումներու, որոնց անմշակ տարերքը նահապե- տական օրերէն սկսած մինչեւ մեր օրերը դեռ եւս նոյնութեամբ կը շարունակուին։ Ցանկալի չէ՞ր արդեօք որ հայ աղջիկը մեր երկիրները մտցնէր վերեւ յիշուած աշխատութիւնները դիւրացնող, ազնուացնող, նորագոյն մէթօտով կատարելա- գործուած մեքենաներ եւ գործիքներ։ Աւելի որոշ խօսինք։ Գաւառացի հայ կինը այսօր ալ կտաւ կը գործէ այն դրութեամբ՝ ինչպէս որ գուցէ քսան դար առաջ իր քոյրերէն մէկը. նոյն յաւիտենական հորը, ասպը, տֆան, փառշփատը, մաքօքը, սալմինը, կաժն ու կաժառը, նոյն անփառունակ 208

ջահրան, իլիկը, մասուրան, քրմանը, սանդերքը, անեղն ու գզիչը այսօր ալ անփոփոխելի դրօշմով իր ձեռքին մէջ կը գործեն, գուցէ այն տխուր նախապա- շարումով թէ՝ ատոնցմէ լաւագոյնը եւ յարմարը չէ՛ կարելի ստեղծել կամ ընդունիլ։ Մենք կրնանք դեռ շատ մը այդ կարգի օրինակներ թուել, ապացուցանելու համար թէ՝ նոյն իսկ մեր ընթացիկ աշխատութիւններուն մէջ մենք չենք փորձած նորութիւններ ու դիւրութիւններ մտցնել։ Ի՞նչ նորութիւններ ունինք ձեռագործներու, գործուածքներու ու բանուածք- ներու մէջ։ Մեր աղջկանց վարժարանները տարամերժ հակում մը ցոյց կուտան առ հասարակ դէպի լեզուագիտութիւնները, դէպի դաշնակը, դէպի սալօնի զարդերու միայն վերաբերող ձեռագործները։ Շատ աւելի օգտակար չըլլա՞ր արդեօք դնել հոն գործնական արուեստներուն նախատարերքը եւ հետզհետէ մասնագիտա- կան բաժին մը բանալ, կարող մասնագէտներու օժանդակութեամբ. օրինակ կանացի զգեստներու, փեղոյրներու, ասեղնագործուած ճերմակեղէններու, կեղծ ծաղիկներու, սիւզէնիի, ոսկեթել բանուածքի եւլն եւլն ճիւղեր՝ ուր կը մարզուի հայ աղջիկը, եւ վարժարանը թողնելէ ետքը տիրականօրէն տէրը կը դառնայ իր ճակատագրին ու սրտին, եւ ամուսին մը ընտրելու պահուն՝ կրնայ ազատօրէն աւելի՛ իր սրտին ձայնին մտիկ ընել, քան մտքին՝ որը իր առջեւ կը դնէ այդ վճռական պահուն սարսափելի հարցը թէ՝ «արդեօք պիտի կրնա՞յ ինծի հաց կերցնել, նիւթական ամեն պէտքերս պիտի կրնա՞յ լիովին բաւարարութիւն տալ»։ Պէտք է մտածել թէ՝ ինչպէս այր մարդիկ այնպէս եւ կանայք ամենքն ալ չեն կրնար մտաւորական կամ գեղարուեստական զբաղումներով ապրիլ. ամեն կին, վարժուհի, բժիշկ, փաստաբան, երաժիշտ, գրագէտ, նկարիչ չկրնար պատ- րաստուիլ. ամեն աղջկայ չէ՛ տրուած Եւրոպա երթալու եւ հոն իր մտաւորական կարողութիւնները մշակելու ու զարգացնելու հազուագիւտ բաղդաւորութիւնը։ Անդին կը մնայ բանւորական կեանքը, մարդկութեան հսկայ եւ կարեւոր մեծամասնութիւնը կազմող բանւոր դասակարգը, եւ այդ կեանքին համար մեր վարժարանները պէտք է պատրաստեն ե՛ւ մեր աղջիկները։ Եւրոպայի մէջ կանայք դիւրութիւն ունին ո՛եւէ աշխատանք գտնելու, օրի- նակի համար մեր գործածած ասեղը, թելը, կեղծ ծաղիկները, ձեռնոցները, յարդեայ հիւսուածեղէնները, ժանեակները ու դեռ շատ ու շատ բաներ անոնց մատներուն արդիւնքն են. թուղթ շինելու գործարաններուն մէջ մեծաւ մասամբ կիներն են աշխատողները, անոնք են բուրդի, բամպակի, մետաքսեղէններու ոստայնանկները. մանուկներու բոլոր խաղալիքները ընդհանրապէս կիներու ձեռքէն կ’ելլեն։ Մեր մէջ ալ պէտք է ստեղծել կանացի աշխատութիւններ, բայց ո՛չ միայն բարձրագոյն նկատուածները, այլ եւ գործեր՝ որոնք համապատասխանեն մեր 209

բնական միջավայրին, մեր պէտքերուն, մեր ընդունակութիւններուն ու ձգտում- ներուն։ Մենք պէտք է հետամուտ ըլլանք այնպիսի զբաղումներու՝ որոնք կը պահան- ջեն փափկութիւն, նրբութիւն, խելք, ճաշակ, որպէսզի գործնապէս ջրենք դեռ տիրող անիրաւ կարծիքը՝ որը կինը կը դնէ կատարելութեամբ ու խելքով այրերէն շատ վար աստիճանի մը վրայ։ Մենք սակայն այդ կարծիքը հրաւիրեր ենք մեր վրայ՝ անոր համար որ չենք մղեր մրցումի կեանքը, մենք կրնանք մի՛շտ ապացուցանել թէ հայ կինը՝ ո՛չ թէ անընդունակ է՝ այլ բթացած ու ընդասուն դերի մը մէջ ջլախտաւորուած։ Ինչո՞ւ գոնէ մեր հայրերու, եղբայրներու, ամուսիններու գործին մէջ օգնականներ չըլլանք. յոյն կիներու օրինակը ամենէն գործնականն է, իրենց տուներուն մէջ կ’աշխատին իրենց ամուսիններու գործին այն մասերուն՝ զորս կրնան ընել իրենք, կը դիւրացնեն ու կը թեթեւցնեն գործը, եւ ատով օգնած կ’ըլլան միեւնոյն ժամանակ անոնց։ Իսկ ի՞նչ կ’ընենք մենք։ Գորգագործութիւնը Տաճկաստանի մէջ մեծաւ մասամբ հայ կանանց եւ նոյն իսկ գիւղացի աղջիկներու գործն է, բայց եւրոպական ո՞ր շահաստան հրապա- րակին վրայ անոնք մեծաքանակ կը վաճառուին։ Շերամի գործերով կը զբաղին մեր Պրուսացի կանայք. բայց անոնցմէ ո՞րը այդ շահաբեր արուեստին տիրած է կատարելապէս մասնագիտական հեինակաւո- րութեամբ։ Կիները միթէ չե՞ն կարող օգնականներ ըլլալ իրենց կազմարար ամուսնոյն, ժամագործ հօրը, լուսանկարիչ եղբօրը, կօշկարար տղուն, այդ արուեստներուն մէջ բնականաբար ընտրելով այն մասերը, որոնք յարմար կուգան իրենց ճաշա- կին ու կարողութեանը։ Բաւական է որ հայ կինը աշխատանքի սկզբունքին համար սթափի, այն ատեն ինքը կրնայ ստեղծել ո՛եւէ պատուաբեր զբաղում, որը կրնայ շահաւէտ ըլլալ։ Ըսողներ ըլլան թերեւս որ ինչո՞ւ մենք աշխատութեան տեսակներուն մէջ զգուշաւոր եւ վերապահելի դիրք մը կը բռնենք եւ անխտիր ամեն աշխատութեան համար կոչ չենք ըներ հայ կնոջ։ Մենք նախորդ խմբագրականով տուեր էինք արդէն այդ «ինչո՞ւ»ին պատաս- խանը, ուրեմն աւելորդ կը համարինք հոս կրկնել դարձեալ. թո՛ղ որ կնոջ համար՝ առ հասարակ սանձարձակ բնոյթ ունեցող ամեն աշխատութիւններու մենք հակառակ ենք բացարձակապէս, իսկ ատկից դուրս, չենք ալ հանդուրժեր որ հայ կինը «արդեօք ի՞նչ պիտի ըսեն»ի ծթռած մտածումներովը կաշկանդուի, եւ հին յետամնացութենէն դուրս չգայ, բայց չենք ալ ցանկար օրինակի համար որ կին մը ծախէ ոգելից ըմպելիներ, կամ այդ կարգի խանութի մը մէջ սպասարկէ։ Ահռելիօրէն տգեղ չէ՞ տեսնելը կին մը սափրիչի մը խանութին անկիւնը որ բռնած 210

այր մարդուն երեսը կ’ածիլէ անոր թուշը, ծիծաղելի չէ՞ նոյնպէս տեսնել այր մարդուն ժանեակ շինելը, գուլպայ հիւսելը, կանանց մազերը յարդարելը, կնոջա- կան հագուստներու չափն առնելը։ Որքա՜ն ցաւալի կ’ըլլար տեսնել կինը՝ կառա- պան, որմնադիր, քարակոփ, դարբին, ատաղձագործ եւ այլն։ Ուրեմն աշխատու- թեան սկզբունքը ընդունած ատեննիս՝ անհրաժեշտ է ի նկատի ունենալ սեռային յարմարութիւնները եւ ֆիզիքականը։ Ինքնավստահ կնոջ մը չպէտք է արգիլել ո՛եւէ զբաղման հետեւելու, բացի կարգ մը աշխատութիւններէ որոնք, կ’ըսենք, իր ոյժերէն վեր են, ֆիզիքականը չի ներեր եւ բարոյականը չի թոյլատրեր։ Երբ կանացի աշխատութեան տեսակները կ’որոշուին, եւ խնդիրը իգական սեռի կողմէ կը նետուի հրապարակ, բնական է թէ՝ այրերը մինչեւ աստիճան մը ասպետական ոգի կրելու են անոնց չառաջարկելու համար կարգ մը աշխատու- թիւններ՝ որոնք կինը նուաստացնելու ու չարչարելու բնութիւնը ունին... թող իրենք, իրենց ամուր կազմին ու ֆիզիքական յարմարութիւններուն շնորհիւ դարբնեն երկաթը, վառեն հնոցները, նաւարկեն ծովերուն լայնքն ու երկայնքը, շոգեկառքերը թող մղեն, քարահանքերը ծածկեն, բանակները յառաջ վարեն, եւ թողուն կիներուն ընել այն՝ ինչ որ կը յարմարի իրենց կարողութիւններուն, այն ատեն հաւանականաբար ներդաշնակութիւնը կը տիրէ երկու սեռին մէջն ալ, եւ մէկէ աւելի ընտանեկան բարդ երեւցող հարցեր խաղաղօրէն գուցէ ինքնին կը լուծուին։ Արտէմիս, Յունուար 1903, Բ. տարի, թիւ 1, էջ 3-8։ 211

Ի՞ՆՉ ԸՆԵԼ ՊԷՏՔ Է ՄԱՌԻ Զարմանալի կամ մեղադրելի երեւոյթ մը չէ՛ անշուշտ, երբ մեր ծնողքներէն շատերը նիւթական անձուկ պայմաններու պատճառաւ միայն, ցաւալիօրէն ստիպուած կ’ըլլան յաճախ չափաւորութիւն մտցնելու իրենց զաւակներուն մտքի զարգացման ու դաստիարակութեան գործին մէջ, նոյն իսկ եթէ անոնք դպրոցա- կան գրասեղաններու վրայէն ցոյց տուած ըլլան արտաքոյ կարգի ընդունակու- թիւն եւ յարմարութիւն ուսման ո՛եւէ ճիւղի, ըլլա՛յ գիտութեան, գրականութեան կամ գեղարուեստի։ Այս տեսակ մը դառն ու անիրաւ զրկանքը, միացած երբեմն ալ մարմնական է՛ն դժնդակ զրկանքներու, մէկ կողմէն կը բոցավառեն ահռելիօրէն վրէժխնդիր հոգիներ մարդկութեան այն դասակարգին դէմ, որը ամեն ճոխութիւններու մէջ յղփացած, կեանքի ամեն վայելքներէ յափրացած, կը զլանայ սակայն իր լուման, մատակարարելու համար մտքի սնունդը անոնց՝ որոնք այդ սնունդով զօրացած՝ պիտի կարենային համարձակ որոշ դեր մը ստանձնել հասարակական շարժում- ներու մէջ, իրագործել կարգ մը փայփայուած նպատակներ, եւ ստեղծել պատուաւոր, անկախ դիրք մը այն ընկերութեան մէջ, որուն անդամներն են եւ իրենք։ Երբ քիչ շատ ամուր բնաւորութիւն ունեցողները համբերութեամբ կը մղեն յամր կռիւը կեանքին, ու կը ջանան խորտակել փշրել երկաթէ գիրը, զոր անգութ բաղդը այնքան անիրաւաբար դարբներ ու դրօշմեր է իրենց ճակտին ցանկալի նպատակին հասնելու համար. ասդին աւելի թոյլերը, որոնք մեծամասնութիւնը կը կազմեն դժբաղդաբար մարդկութեան, յոռետես, դժգոհ իրենցմէ եւ ուրիշներէն, օր ըստ օրէ աւելի հիւանդոտ հասկացողութեամբ ըմբռնելով կեանքն ու իր բարձր նշանակութիւնը, վատուժ գաղափարներով ու ջլատուած մտքերով կը թեւաթա- փեն իրենցիններուն ու իրենց շրջապատի կորովն ալ (եթէ ունին)։ Բնական է ուրեմն որ զայրոյթէ ու նախանձէ թունաւորուած, դառնացած ջլատուած այդ հոգիներէն ոչ մի յառաջդիմութիւն, ոչ մի նկարագրի բարձրութիւն, ոչ մի վեհ ու գեղեցիկ թռիչք չէ կարելի սպասել։ Ի՞նչ ընել պէտք է ուրեմն։ Ամեն ձգտում, ըլլա՛յ այդ նշանաւոր գիտնական մը, բժիշկ մը, երաժիշտ մը կամ նկարիչ մը ըլլալու ձգտումը շատ անգամ ուսուցիչ- ները իրենք են որ կը ներշնչեն իրենց աշակերտներուն, այդ ճիւղերուն մէջ անոնց ցոյց տուած առաւել կամ նուազ ընդունակութիւնները տարփողելով եւ խրատա- կաններով ու քաջալերականներով մղելով զանոնք դէպի այդ ասպարէզները։ Հա՞րկ է ուրեմն որ ուսուցչուհին կամ դաստիարակուհին իր ներշնչած ձգտումնե- րուն ուղղութիւնը տայ բոլորովին համապատասխան իր սանուհիներու կեանքին 212

հանգամանքներուն ու նիւթական կարողութեանը. ուրիշ բառերով, պէ՞տք է որ ուսուցչուհին իր հարուստ սանուհիին որոշ մէկ ձիրքը քաջալերէ, իսկ իր աղքատ սանուհիին հոգւոյն մէջ խեղդել ջանայ տաղանդի առաջին կայծը, նկատի ունե- նալով որ նա անկարող է բացարձակապէս մշակելու իր ձիրքերն ու ընդունակու- թիւնները։ Ո՛չ, ատիկայ անխղճութիւն, եւ որ աւելին է, յետադիմութիւն կ’ըլլայ։ Ուրեմն ի՞նչ պէտք է ընել։ Բարեգործական կարգ մը հաստատութիւններ եւ ընկերութիւններ ունեցեր ենք եւ ունեցանք վերջերս ալ. հիւանդանոցներ, որբանոցներ, աղքատախնամ մարմիններ եւայլն եւայլն։ Ատոնք՝ մարդկութեան ֆիզիքական ցաւերը դարմա- նելու եւ պէտքերը հոգալու համար ստեղծուեցան ու կազմակերպուեցան. օրհնեալ ըլլան հիմնադիրները, նիւթապէս ու բարոյապէս այդ հիմնարկութիւն- ներուն օգնողներն ու նպաստողները. բայց երբ մարմնական պէտքերը հոգալու համար ջանք ու զոհողութիւն չի՛ խնայուիր, ինչո՞ւ մոռնալ մտաւոր եւ հոգեկան պէտքերն ալ, որոնք ոչ նուազ եւ գուցէ աւելի կարեւորներն են... «Բայց մէկէ՜ աւելի դպրոցներ ունինք» պօռան գուցէ մեր երեսին. այո՜... ունինք շէնքեր դպրոց անունին տակ, բայց ա՞րդեօք այդ դպրոցները մեր բարոյական շեշտուող պէտքերուն լիովին գոհացում տալու կոչումը ունեցեր են երբէք... մեր խօսքը մասնաւորապէս աղջկանց վարժարաններու մասին է։ Արդեօք անոնք կրցե՞ր են ու կրնա՞ն մտաւոր եւ հոգեկան առողջ զարգացումը տալ մեր աղջիկներուն, պատրաստել լուրջ, խորհող աղջիկներ, ազնիւ ու պարտաճանաչ մայրեր, տուե՞ր են երբէք մինչեւ ցարդ իրենց պաշտօնին վեհութեանն ու սրբութեանը գիտակից սրտի ու մտքի տէր դաստիարակուհիներ. ո՛չ. մենք աղջկանց համար բարեկարգ դպրոցներ չունինք ու չենք ունեցեր վասնզի դաստիարակուհիներ չունինք կամ շատ քիչ ունինք...։ Մեր հիմակուայ ինքնակոչ դաստիարակուհիներէն շատերը, աննշան բացա- ռութեամբ խանութներու մէջ ցուցադրուած զարդարուն պուպրիկներէն չեն զանազանուիր, շարժո՜ւն պուպրիկներ, որոնց միակ հոգն ու մտածումը իրենց հագուստը կապուստը զարդն ու զարդարանքն են...։ Մենք պէտքը ունինք սակայն աղջկանց համար բարեկարգ վարժարաններու. ուրեմն պէտքը ունինք լուրջ ու կարող դաստիարակուհիներու. ի՞նչ ընելու ենք...։ Բարեգործական ընկերութեան մը պէտքը զգալի է դարձեալ, որուն նպատակը ըլլայ մատակարարել մտքի եւ հոգւոյ առողջ սնունդ այն հայ կարօտ աղջիկներուն՝ որոնք ընդունակութիւն եւ յարմարութիւն ցոյց կուտան պատ- րաստուելու իբրեւ դաստիարակուհի, մանկավարժուհի եւ նիւթական միջոցներէ զրկուած ըլլալնուն համար միայն կը ստիպուին խեղդել իրենց մէջ այդ ընդունա- կութիւնները։ Անոնց ձեռք բռնելու ենք, եթէ կ’ուզենք լաւ եւ օգտակար վարժարաններ 213

ունենալ։ Այս պարտականութիւնը մեզ կանանցս վրայ կ’իյնայ, մենք պէտք է ձեռնար- կենք կազմակերպելու այդ ընկերութիւնը, վասնզի մեր սեռին դաստիարա- կութեան աւագ հոգը աւելի քան երբէք մեր վրայ կը ծանրանայ. մենք պէտք է ծեծենք այդ հարցը. բաւական է ինչքան սպասեցինք որ այրերը հոգային մեր մարմնական պէտքերուն հետ եւ մեր հոգեկան ու մտաւոր պէտքերը, դպրոցներ բանային մեզի համար, մեր ուսուցիչները, դաստիարակները առաջնորդողները ըլլային. ատիկայ եթէ ոչ անպատուաբեր, գէթ նուաստացուցիչ համարելու ենք ալ եւս մեզի համար, քանի որ ինքնագիտակցութեան մէջ կ’արթննանք օրէ օր. հետեւաբար եւ մենք կարող ըլլալու ենք ըմբռնել մեր պէտքերը, եւ խորհիլ միջոցներ մեր սեռին զարգացմանն ու յառաջդիմութեանը համար առանց սպասելու ալ եւս այր սեռին միջամտութեան։ Ինչպէս ուրիշ անգամներ ըսած ենք, Գերմանիա կամ Զուիցերիա ուսանելու է՛ն լուրջ եւ յարմար վայրերն են, ղրկել այդ տեղերը մեր աղջիկներէն անոնք՝ որոնք մասնաւոր ընդունակութիւն ցոյց կուտան դաստիարակուհի կամ մանկա- վարժուհի պատրաստուելու, ինչպէս ըսինք, ապահովաբար է՛ն առողջ միջոցն է մեր աղջկանց վարժարանները փրկելէ հիմակուայ խաղքութիւններէն, եւ դնել զանոնք իրենց կոչման բարձրութեանը վրայ։ Պիտի առարկուի անշուշտ թէ շա՜տ դժուարութիւններ կը կենան մէջտեղ իրագործելու համար այդ նպատակը։ Ոչինչ. թող ընդունուի սկզբունքը, թող բարի կամեցողութիւնը չպակսի մեզ. թող քիչ շատ զոհողութիւններու, ջանքերու եւ աշխատութեան ընդունակ ըլլանք, եւ դժուարութիւնները հարթուելու միջոցներուն վրայ կը խորհուին. խնդիրը սկսելուն վրայ է, հաւատքով ու սիրով. եւ արդէն գործը ինքնին յառաջ կ’երթայ։ Արտէմիս, Փետրուար-Մարտ 1903, Բ. տարի, թիւ 2-3, էջ 49-51։ 214

ԸՆՏՐԵԼ ԳԻՏՆԱՆՔ ՄԱՌԻ Ըսինք թէ՝ կանոնաւոր վարժարաններ չունինք աղջկանց համար, վասնզի դաստիարակուհիներ չունինք. ասի իրականութիւն մըն է դժբաղդաբար, նոյն իսկ եթէ արժանապատուութիւններ վիրաւորելու բնութիւնը ունենայ եւ որու վրայ պիտի անդրադառնանք դարձեալ։ Ամեն տեղ, արական սեռին մէջ, մենք յաճախ կը հանդիպինք մէկէ աւելի մտքի ու սրտի տէր երիտասարդներու, մինչ մատներու վրայ կը համրուին քիչ շատ գաղափարական ու զարգացած կիներն ու աղջիկները. հսկայ ապացոյց մը ահա՛ թէ անոնք չեն եղեր դեռ եւս գաղափարական եւ դաստիարակութեան գործին կատարելապէս հմուտ դաստիարակուհիներու ձեռքին տակ, չի մոռնանք նաեւ կնոջական կաշկանդուած կեանքի սեղմ պայմանները, որոնք ոչ նուազ վիթխարի արգելքներ են անոր յառաջդիմութեան գործին։ Աղջիկներու տալ այր դաստիարակներ սխալ մըն է դաստիարակութեան գործին համար, եւ միեւնոյն ժամանակ բացարձակապէս անբնական քայլ մը. միտքը գուցէ շահի հոդ, բայց սիրտը երբէք. եւ սակայն հոգեկան բարձր դաստիա- րակութիւնը պէտք է ըլլայ գլխաւորաբար մեր է՛ն գգուելի բաղձանքը կնոջ համար, վասնզի կինն է մարդուն առաջին բնական դաստիարակը, ա՛ն կը տեսնէ մանկան առաջին զգացումներուն ծնունդը, ա՛ն է տղան ազնիւ ու վսեմ կոչում- ներու համար պատրաստողը, պարզ է ուրեմն թէ՝ այն ատեն միայն պիտի կարենայ իր մատաղ զաւակներուն ներշնչել այդ ձգտումները, երբ ինքը բարձր իտէալներով եւ վսեմ ներշնչումներով լեցուն կեանք մը կ’ապրի։ Թէ ինչո՞ւ այր դաստիարակին ջանքերը պիտի վիժեն գուցէ հոն՝ ուր կին դաստիարակը սքանչելապէս պիտի յաջողի. պատճառը շատ պարզ է։ Այր ու կին բոլորովին տարբեր շինուածքներ են ե՛ւ հոգեպէս, ինչ որ ալ ըսեն, ի՛նչ փաստերով ալ որ ճգնին ապացուցանել ատոր հակառակը։ Կեանքի մէջ, – ըլլա՛յ ընտանեկան, ըլլա՛յ ընկերական – իւրաքանչիւր դէպք, իւրաքանչիւր երեւոյթ պէտք եղածէն աւելի բացորոշ կերպիւ կը շեշտէ այդ ճշմարտութիւնը, շատ բնական է ուրեմն որ այր դաստիարակը չկրնալով ըմբռնել կնոջ սիրտը ա՛յն խորութեամբ ինչպէս կին մը կրնայ ըմբռնել, ու քրքրել անոր հոգւոյն է՛ն թագուն ծալքերը ա՛յն դիւրութեամբ եւ յստակութեամբ ինչպէս կին մը պիտի կրնար ընել, անյաջողութեան մատնուի։ Կնոջ հոգին խիստ քնքոյշ է, դաստիարակութեան ամբողջ շրջանին մէջ անոր մա՛յր պէտք է, քո՛յր պէտք է, բարեկամուհի՛ պէտք է, եւ այր մարդը ինչքան ալ ըլլայ զգոյշ ու քնքոյշ, երբէք կրնայ այնքան քնքուշանալ մինչեւ կնոջ մը սրտովը զգալու եւ անոր հոգւովը շարժելու սկսի։ 215

Սպասելով ուրեմն որ օր մը ունենանք մեր բաղձացած դաստիարա- կուհիները, անցնինք ներկային։ Ներկային մէջ ստիպուած ենք գտնուածներուն մէջէն ընտրութիւն ընելու. ի՞նչը ուրեմն ամեն բանէ առաջ պէտք է շահագրգռէ մեզ ընտրութիւն մը ըրած պահերնուս։ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆԸ Մեզնէ շատերը բարոյականի սահմանը չափազանց նեղ կ’ըմբռնեն... Տարամերժօրէն անբարոյական կ’ընդունուին միայն այն կիները, որոնք կ’ապրին ամուսնական օրինաւոր յարկէն դուրս, ազատ ու դիւրաբեկ կապերով, կամ թեթեւ բարքերով։ Անոնք կը վտարուին ընտանեկան մաքուր յարկերէն, եւ անոնց բարեւ տալն անգամ անպատուաբեր կը համարուի պատուասէր անձերէ. եւ սակայն կան այնպիսի անբարոյականութիւններ՝ որոնք շա՜տ աւելի ծանր եւ վնասակար ազդեցութիւն ունին դեռ չկազմուած նկարագիրներու վրայ մա՛նա- ւանդ. ատոնք չեն տեսնուիր գուցէ, չեն քննուիր, կարեւորութիւն իսկ չեն տրուիր. մինչեւ իսկ երբեմն վարժարանական յարկերէն ներս կը յաջողին սողոսկիլ այդ կարգի անբարոյականներ «դաստիարակուհի» նուիրական անունին տակ։ Վիթխարի անբարոյականութիւն չե՞ն միթէ նախանձի թոյնով վարակուած ստել, խառնակել, չարաչար բամբասել, ստոր շարժառիթներով պաշտօնակիցներ իրարու դէմ լարել, աշակերտուհիներու մէջ հակառակութեան ոգի արթնցնել, խօսուածքի, շարժուածքի, կեցուածքի անօրինակ լրբութիւնով գայթակղեցնել մատաղ միտքեր։ Հազար անգամ աւելի գարշելի անբարոյականութիւններ չե՞ն միթէ ջլդիկ «ըսի ըսաւներով» եւ վարնոց չարախօսութիւններով վարժարանը պղծել...։ Գիտենք որ տղաք կը սիրեն նմանիլ, եւ անզգալաբար կ’ընդօրինակեն ու կ’իւրացնեն այն ինչ որ կը տեսնեն իրենց ուսուցիչներու վրայ, կ’իւրացնեն անոր շարժուձեւերը, խօսուածքը, մինչեւ իսկ հագնուելու կերպը. չէ՞ որ մանուկ հոգի- ները միշտ աւելի տրամադիր են անմիջապէս ընդունելու ամեն տպաւորութիւն- ներ, որոնք եթէ փճացնող հանգամանքներ ունին, շատ դժուարին է աւելի հասուն տարիքի մէջ աւերել ջնջել...։ Կրնանք ուրեմն ասկէ հետեւցնել թէ՝ ի՞նչ ահռելի աղէտքներ կը գործեն «դաստիարակուհի» կոչուած այդ վիժածները մեր մատաղ աղջիկ սերունդին ճակատագրին վրայ...։ Ուրեմն դաստիարակուհի ընտրելու պահերնուս՝ սրտի ազնուութիւնը, բարեկիրթ ու շնորհալի բնաւորութիւնը մեր է՛ն աւագ պահանջը թող ըլլայ։ Եթէ մտքով հասունները ու կատարեալ զարգացածները կը պակսին մեր սեռին մէջ՝ չեն պակսիր բարեբաղդաբար ազնիւ եւ բարեկիրթ աղջիկներ, բաւա- կան է որ տեսնող աչք ու դատող միտք ունենանք։ Շատ շիտակ դիտողութիւն մըն է թէ՝ վերեւ յիշուած տգեղ երեւոյթները, 216

այսինքն բամբասանքը, չարախօսութիւնը, խառնակչութիւնը, աւելի կին սեռին մէջ երեւան կուգան, ինչո՞ւ... միթէ՞ կիներու բնաւորութեան մէջ խմորուած են ատոնք ճակատագրականօրէն, ո՛չ. ատոր չենք կրնար հաւատալ։ Կինը սկիզբէն ի վեր ապրած ըլլալով շատ սահմանափակ կեանք մը, չունե- նալով բնաւ շփում դուրսի աշխարհին հետ, մեքենական աշխատութիւններով միայն զբաղուած, անծանօթ՝ մտաւոր աշխատութիւններու եւ ընթերցման առթած անզուգական հաճոյքին, ձանձրոյթէ մղուած, կը գտնէ թերեւս ժամանց մը բամբասանքի ու չարախօսութիւններու մէջ։ Այդ տխուր ժամանցը սակայն ներելի չէ՛ բնաւ ամեն այն աղջիկներուն ու կիներուն որոնք քիչ շատ կարդալու եւ կարդացածնին հասկնալու կարողութիւնը ունին։ Ինչ չափով որ զարգանայ ընթերցման սէրն ու ճաշակը մեր սեռին մէջ, այնքան աւելի պիտի պակսին այդ կարգ մը տխուր երեւոյթները, եւ պիտի ունենանք լուրջ, ընտանիքին ու ցեղին յառաջդիմութիւնը միայն ի նկատի ունե- ցող կին սերունդ մը։ Արտէմիս, Ապրիլ-Մայիս 1903, Բ. տարի, թիւ 4-5, էջ 97-99։ 217

ԱՌԱՋԱՐԿ ՄԸ ՄԱՌԻ Քանի մը անգամներ խօսելով մեր ազգային աղջկանց վարժարաններու ուսմանց ծրագիրներու մասին՝ մենք մատնանիշ ըրեր էինք կարգ մը երկրոր- դական կարեւորութիւն ունեցող ուսումներ, որոնք աշակերտին ժամանակին մէկ կարեւոր մասը կը գրաւեն. մինչ այդ ժամանակը կարելի է գերազանցօրէն աւելի օգտակար կերպով գործածել տալ, առաջնորդելով մեր աղջիկներուն՝ նիւթական բարւոք պայմաններ ու միջոցներ ստեղծելու գլխաւոր ու անհրաժեշտ գործին մէջ։ Երբ մեր մանչ զաւակը դպրոցական գրասեղաններու վրայէն կը ջանանք դաստիարակելու եւ պատրաստելու դրական որոշ ուղղութեամբ մը, սա անվի- ճելի ճշմարտութեան վրայ հիմնուած թէ՝ անիկայ պիտի ըլլայ կեանքի մարդը, ու եռանդով կը մղենք զայն իրեն համար՝ բարոյական ու նիւթական փայլուն ապա- գայ մը շինելու ճամբուն վրայ, ինչո՞ւ նոյն բանը չի կամենանք ե՛ւ մեր աղջիկ զաւկին, եւ չի բաղձանք որ ան ալ իր կարգին ձեռնհասութիւնը ունենայ մի՛ս մինակ շինելու իր դիրքն ու ապագան...։ Թողնելո՞ւ ենք դեռ, որ անիկայ լռիկ ու գլխիկոր սպասէ, մինչեւ օտար տղայ մը բարեհաճի վերջապէս մօտենալ, մասնա- կից ընելու զինքը իր շինած աղէկ կամ գէշ բաղդին...։ Չէ՛ անշուշտ։ Միայն մտաւորական կարողութիւններու զարգացումը միշտ բաւական չէ մեր աղջիկներուն ապագայ կեանքի բարօրութեանն ու երջանկութեանը համար. մենք ըսեր ենք ու կը կրկնենք, նիւթական հանգստութիւնն ու ապահովութիւնը զօրաւոր ազդակ մըն է այդ կարողութիւններուն ուժը պահպանելու ու սրելու միեւնոյն ժամանակ։ Այսօրուայ անօթութիւնը, եւ վաղուայ հացը ունենալու անապահովութիւնը չի կրնար անշուշտ աշակերտին միտքը պահել ուշադիր ու լարուած վիճակի մէջ դէպի իր դասն ու պարտականութիւնները, եւ ցրուած միտքով տղեկէ մը չէ կարելի ձեւել տիպար ուսանող։ Այս բոլորին վրայ մէկէ աւելի անգամներ ակնարկներ նետեր ենք եւ ուսման հետ միաժամանակ արուեստ մը անոնց սովրեցնելու անհրաժեշտութիւնը շեշ- տեր ենք յաճախ։ Մենք մատնանիշ ըրեր ենք նաեւ այն բոլոր անպատեհու- թիւնները եւ վտանգները որոնց պիտի ենթարկուին մեր մատաղ, անփորձ, կեանքը չճանչցող աղջիկները աշխատելով ամեն գործատուններու մէջ անխտրաբար։ Ուստի եւ չէ՞ր կարելի եւ օգտակարագոյն գործը չէ՞ր ըլլար արդեօք, մեր ազգային աղջկանց վարժարաններու ծրագիրները այնպէս մը կազմել՝ ուր մտաւոր պէտքերուն քով խոշոր տեղ մըն ալ տրուէին մարմնաւոր պէտքերու գոհացումին միջոցներուն...։ Արդեօք չէ՞ր կարելի առաւօտէն մինչեւ կէս օր յատկացնել աշակերտուհիներու մտքի՝ ու կէս օրէն ետքը մատներու 218

մարզանքին։ Ուրիշ խօսքերով չէ՞ր կարելի որ աղջկանց ուսումնարանները ըլլային միեւնոյն ժամանակ եւ արուեստանոցներ, ուր արուեստի մէջ ըստ բաւականին մարզուելէ ետքը, վարձատրութեան անուշ օրէնքով աշխատէին իրենց ծանօթ ու սիրելի յարկին տակ, փոխանակ օտարին քով չարչարուելու եւ անորմէ անգթաբար շահագործուելու ու խաբուելու։ Մենք տեսանք անձնական փորձառութեամբ թէ՝ ատենօք նմանօրինակ ձեռնարկ մը գործնական հողի վրայ դրուելով ի՜նչ փայլուն յաջողութիւններով պսակուեցաւ, քանի՜ քանի՜ հայ աղջիկներ օրհնեցին այն հաստատութիւնը՝ որը մտքի առողջ եւ հաստատուն սնունդի հետ՝ գիտցեր էր եւ ցուցնել իրենց մարմնոյ սնունդն ալ հայթայթելու ազնիւ ճամբան։ Կարելի է շարունակել նոյն ձեռնարկը եւ ամեն տեղ, միա՛կ օգտակարագոյն եւ ազդեցիկ միջոցն է դա՛ աշխատութեան մէջ վարժեցնելու, աշխատութիւնը սիրցնելու հայ աղջկան։ Մինչեւ ցարդ դեռ հայ ժողովրդին համար օտարոտի ու նուաստացուցիչ բան մը համարուած է աղջիկներու ու կիներու աշխատութիւնը։ Գրեթէ արմատացած նախապաշարում մըն է ատի, այնպէս որ կարգ մը մարդիկ նախամեծար կը համարին անօթի տեսնել իրենց ընտանիքը՝ քան թողուլ որ իրենց կինն ու աղջիկը դուրսը աշխատին. ատի՝ մեծագոյն ամօթն ու նախատինքը կը կարծեն իրենց առնականութեան համար...։ Ուրեմն վարժարանական գրասեղաններու վրայէն գործնական միջոցներով այդ տխուր նախապաշարումը պէտք է թօթուել տղուն մտքէն ու սրտէն, տգէտ ու նեղ գաղափարներու կործանիչ ազդեցութենէն ազատել անոր մատղաշ ուղեղը, եւ լա՜յն գաղափարներ ու ազա՜տ մտածումներ ներշնչել անոր, մի՛շտ գործնա- կան օրինակներով անշուշտ։ Վերը յիշեցինք կարգ մը երկրորդական ուսումներ՝ որոնք կարելի է զեղչել կէս օրերէն ետքի ժամերը ամբողջովին նուիրելու համար արուեստի։ Օրինակի համար՝ կարելի է զանց առնել գեղագրութեան դասը, ատի բոլորովին աւելորդ է. բաւական է որ աշակերտը կարդացուելու չափ մաքուր ու կանոնաւոր գիր ունե- նայ, կրնան դասի ատեն Հայերէնի ու Ֆրանսերէնի ուսուցիչները տղուն ուշադրութիւնը հրաւիրել գիրին վրայ, եթէ շատ անմաքուր կամ անկանոն տեսնեն։ Զանց առնել եւ ձեռագործներու այն տեսակները՝ որոնք նիւթական շօշափելի արդիւնք մը չեն կրնար տալ, օրինակ, գռօշէ, գանավա, շիշով տանթէլ- ներ եւն. եւն.։ Գալով գծագրութեան՝ ընդունիլ միայն այն ճիւղը՝ որը կը պատկանի արուեստին, եւ ատիկայ կարելի է շատ քիչ ժամանակուայ մէջ սովրեցնել։ Զանց առնել երգ ու դաշնակ, ատոնք ալ բոլորովին երկրորդական կարեւորութիւն ունեցող բաներ են, եւ տղուն միտքն ու սիրտը շինելու հետ շատ մեծ կապ մը չունին։ Աշխարհի մեծ մարդիկը՝ որոնք կը պաշտուին այսօր ոմանք իրենց հանճարին եւ ոմանք իրենց դիւցազնութեանն ու վեհ նկարագրին համար, միշտ երաժիշտներ ու երգիչներ չեն եղած։ 219

Իսկ անհրաժեշտ ուսումներու համար առաւօտէն մինչեւ կէս օրուայ երեք ժամերու միջոցը եթէ բաւական չի համարուի՝ ժամ մըն ալ կարելի է աւելցնել, այսպէս չորս ժամեր յատկացուած կ’ըլլան ուսման։ Թէ արդեօք բաւականաչափ գործ պիտի ունենա՞ն դպրոց-արուեստանոցները ծախսերը գոցելու եւ աշակերտուհի-գործաւորուհիները վարձատրելու համար. ինչո՞ւ չէ...։ Մենք բաւական թուով գաղթականներ ունինք ցրուած քիչ մը աշխարհիս ամեն կողմերը, ատոնց մէջ հարուստներն ալ չեն պակսիր բարեբաղդաբար. արուեստանոցները ուրեմն կրնան ապրիլ հարուստ ընտանիքներու գործերը, օրինակ, օժիտներ, ճերմակեղէններ եւ զգեստեղէններ վերցնելով չափաւոր գինե- րով, ու եթէ վարիչները գիտնան հաշուագիտութեամբ շարժիլ, ամեն ծախսերը գոցելէ ետքը՝ կրնան պզտիկ բան մըն ալ մէկ կողմ դնել դպրոց-արուեստա- նոցներու ճոխացմանն ու յառաջդիմութեանը համար։ Եւ ինչո՞ւ Եւրոպական արուեստանոցներու հետ գործ չունենալ... Ապացուցուած ճշմարտութիւն մըն է այսօր թէ՝ հայերը ամեն ճիւղի մէջ – ըլլա՛յ վաճառականութիւն ըլլա՛յ արուեստ – իրենց ցոյց տուած արտաքոյ կարգի ընդունակութեամբը կրցած են ամեն յառաջադէմ ազգերու հետ եթէ ոչ հաւասար՝ գէթ մօտիկ աստիճանի մը վրայ կենալ, ինչո՞ւ ուրեմն օտար վաճառատուններէ աւելի համեստ պայմաններով ուրիշներէ քիչ մը աւելի աժան աշխատելով գործ չվերցնել, ինչո՞ւ Եւրոպացի ընտանիքներու մէջ մուտ չի գտնել, մանաւանդ երբ բարեբաղդաբար ամեն տեղ ունինք Հայ պատուաւոր ազգայիններ՝ որոնք մուտք եւ ազդեցութիւն ունին եւրոպական բարձր շրջանակներու մէջ եւ կրնան ներկա- յացնել ու յանձնարարել անոնց շատ դիւրութեամբ իրենց ցեղին ճարպիկ արուեստաւորները։ Ասոնք բոլորը կարելի են, միայն կամք, կորով, ձեռնհասութիւն, հաշուա- գիտութիւն եւ մա՛նաւանդ աշխատասիրութիւն է՛ն աւագ ու կարեւոր պայման- ներն են յաջողութեան. եթէ այս պայմանները ամենքն ալ իրենց վրայ միացնող գործիչներ ունինք, կ’ունենանք ե՛ւ արուեստանոց-դպրոցներ. ու կը տեսնենք մեր հայ աղջիկները, հայ արուեստագիտուհիները, եւ օր մը ջանասէր, կարող ու գործնական մայրեր։ Արտէմիս, Յունիս-Յուլիս 1903, թիւ 6-7, էջ 145-148։ 220

ԻՏԷԱԼԻ ԿԻՆԵՐԸ ՄԱՌԻ Արտէմիսի No 6-7ի մէջ հրճուանքով կը հրատարակէինք, Ուոմէնս ժուռնալէն առնելով, երկու հայուհիներու բժշկական վկայական ստանալը, մին՝ Պալթիմօրի՝ միւսը Չիքակօի բժշկական համալսարաններէն։ Ինչ որ աւելի խանդաղատանքով կը լեցնէ մեր սրտերը դէպի այդ երկու հայ օրիորդները, այն է թէ՝ անոնք պիտի երթան իրենց Հայրենիքը – Թուրքիոյ երկու համեստ գաւառները – հոն իրենց բժշկական արուեստը ի գործ դնելու իրենց հայրենակից խեղճուկ կիներու վրայ, որոնք, ինչպէս կ’ըսէ Ուոմէնս ժուռնալ մինչեւ ցարդ դեռ նէնէական խրատներով ու միջոցներով կ’առաջնորդուին իրենց է՛ն լուրջ հիւանդութիւններու ատեններն ալ։ Ահաւասիկ իրապէս օգտակար ըլլալու ձգտումը, որը բացայայտօրէն կը տեսնուի այդ երկու հայ բժշկուհիներուն մէջ։ Ապրած ըլլալով աշխարհի է՛ն լուսաւորեալ մէկ կեդրոնը, գուցէ վարժուած երկրին բարքերուն, սովորութիւններուն, կը թողուն կամովին բոլոր իրենց վար- ժութիւնները, սովորութիւնները, կը զրկեն իրենք զիրենք քաղաքակրթեալ աշխարհի մէջ ապրելու հաճոյքներէն եւ կ’երթան նետուիլ բաղդատաբար խուլ գաւառներու խորերը, որպէսզի չի՛ տառապին, չի՛ մեռնին իրենց հայրենակից քոյրերը բժշկական խնամքներէ զրկուած, միս մինակ, անօգնական...։ Ահաւասիկ իտէալի կիները...։ Ո՞վ արդեօք ցարդ մտածեց այսպէս։ Մեր Եւրոպա գնացող հայ օրիորդներէն ո՞րը իր հայրենիքը շէնցնելու իր սովրածը իր քոյրերուն օգտակար դարձնելու վրայ խորհեցաւ։ Անոնցմէ շատերը նախամեծար համարեցին քաշկռտել իրենց կեանքը լուսա- ւորեալ աշխարհներու մէջ, ուր ոեւէ օգտակարութիւն չունենալէ զատ՝ իրենց գոյութիւնն ալ բացարձակապէս աննշմարելի էր, քանի որ իրենց պէս, կամ իրենցմէ անհունապէս աւելի կարողներ ու ճանչցուածներ շա՜տ շա՜տ կան, մինչ հայրենիքի խեղճուկ գիւղերուն մէջ իրենք միակը պիտի ըլլային վերածնութիւն տուող մեր ուսման, խնամքի, մխիթարութեան ծարաւ հայուհիներուն, եւ պիտի պաշտուէին ու օրհնութեամբ յիշատակուէին շատ շատերէ։ Ուրիշ բարի լուր մըն ալ որ ուրախութեամբ լեցուց մեզի։ Երկու ուրիշ հայուհիներ, Օրիորդ Մալէզեանները, որոնք ժամանակէ մը ի վեր Եւրոպա, կը հետեւէին մին՝ գլխարկ շինելու իսկ միւսը ձեւ ու կարի ճիւղին, կատարելագործած ըլլալով արուեստը մօտերս պիտի ժամանեն Եգիպտոս, ուր պիտի հաստատեն իրենց արուեստանոցը։ Թէ ի՞նչ օգտակարութիւններ պիտի ունենայ եգիպտահայուհիներուն համար 221

այդ հայ արուեստանոցը, յայտնի է, նախ՝ շատ գործ պիտի բացուի արուեստասէր հայուհիներուն համար որոնք անշուշտ օտար արուեստանոցներու մէջ աշխա- տելէ աւելի նախամեծար եւ օգտակար պիտի համարին ծանօթ եւ սրտի մօտիկ յարկի մը տակ աշխատիլը, եւ ատով շատ մը անպատեհութիւններու առաջքը գուցէ պիտի առնուին։ Երկրորդ՝ աւելի մեծ դիւրութիւն մը մեզի համար, երբ գլխարկի եւ զգեստե- ղէնի պէտքը ունեցած ատեննիս, փոխանակ օտար վաճառատուններու դիմելու ու չարաչար խաբուելու, կը դիմենք հայուհիներու որոնք մեր լեզուէն ալ կը հասկնան մեր ճաշակէն ալ, եւ նոյն իսկ ճաշակ ալ կրնան տալ այն պարագային՝ երբ ատի մեզ կը պակսի. միայն մենք գիտնանք բարձր բռնել ազգայնութեան սէրը, եւ խորշիլ օտարէն երբ մերինը նոյն շնորհքը կը ցուցադրէ եւ նոյն պայման- ները կ’առաջարկէ մեզի։ Մեր ջերմ շնորհաւորութիւնները յիշեալ արի հայուհիներուն, որոնք գացեր են Եւրոպա կամ Ամերիկայի համալսարանները բան մը ըլլալու եւ իտէալի մը ծառայելու համար. անոնք մեզի կը մոռցնեն բան մը ըլլալու համար գնացող եւ բան մը չըլլալէ զատ՝ բան մըն ալ վրայ տուողներու տխուր ընթացքը. կը հաւատանք թէ՝ անոնք կ’ունենան շուտով իրենց լուրջ հետեւողները, եւ մենք կ’երթանք Եւրոպա, ոչ թէ Եւրոպան գացած ըլլալու եւ ատով յիմարօրէն պարծե- նալու, եւ կամ մի քանի ամիսներ հոդ քաշկռտուելով ծաղրելի յաւակնոտութեամբ մը ուրիշներուն չի հաւնելու հովեր առնելու համար, այլ լուրջ ու գործնական ուղղութեան մը վրայ դրած մեր ջանքերը, յամառօրէն աշխատելու, նպատակի մը հասնելու, եւ իտէալի մը ծառայելու համար։ Արտէմիս, Օգոստոս 1903, թիւ 8, էջ 193-194։ 222

ԹԷ ԻՆՉՊԷՍ ՊԷՏՔ Է ԸՄԲՌՆԵԼ ԱԶԱՏԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՌԻ Շատ ժամանակ չէ որ հայ իգական սեռը լուսաւորութեան այս դարուն մէջ կրցաւ քիչ թէ շատ թօթուել հին նախապաշարումներու լուծը եւ մտածել երկար ատեններէ ի վեր անտեսուած ու կոխկրտուած իր սեփական իրաւունքներուն վրայ։ Դեռ հազիւ նա լսեց հաւասարութեան, իբրեւ մարդ ազատ մտածելու, անկախ ապրելու ու գործելու գաղափարի մասին. ուստի զարմանալի չէ՛ երբ իրեն համար բացարձակապէս դեռ նոր կեանքի մը սեմին առջեւ՝ ինքը սայթաքէր եւ սխալ ըմբռնելով ճշմարիտ ազատամտութիւնը իյնար այնպիսի ճամբաներու մէջ, որոնք կին-մարդը կ’առաջնորդեն ապահովաբար դէպի անբարոյականութիւն, հետեւաբար դէպի կորուստ։ Նա դեռ անկարող որոշելու ազնիւը՝ անազնիւէն, ճշմարիտը՝ կեղծէն իր մտքի զարգացման սահմանափակ վիճակին պատճառաւ, բնական է պէտքը ունէր ուղիղ ճամբան իրեն ցոյց տուող անշահախնդիր, ազնիւ առաջնորդներու, եւ շատեր, առաջնորդ անունին տակ եղան կինը կորուստին անդունդը նետող ճիւաղներ, միմիայն իրենց սանձարձակ հաճոյքներէն բան մը չկորսնցնելու համար։ Հիմա որ բաւական փորձառու եղանք ալ, բաւական ճանչցանք աշխարհն ու մարդիկը, պէտք չէ՛ բացարձակապէս մեր ճակատագիրը վստահինք զօրաւոր սեռին, արդէն ատի նախ ամօթ է մեզի համար եւ կը նշանակէ անկարողութիւն եւ տկարութիւն, հապա մենք անձամբ պէտք է ձեռք առնենք մեր կեանքի ղեկը, եւ վարենք մենք զմեզ մեր մտքի ու սրտի սեփական ուժերով. մենք մեզէն պէտք է փնտռենք ու գտնենք ազնիւ ու օգտակար ճամբան, որը պիտի բարձրացնէ մեր հոգիները, եւ ատի դժուար չէ՛ քանի որ մենք ալ ունինք խորհող միտք մը, զգացող սիրտ մը եւ մա՛նաւանդ զօրաւոր խիղճ։ Ժամանակէ մը ի վեր ազատամտութիւն անունին տակ գործուեցան ու կը գործուին դեռ եւս այնպիսի վիթխարի տգեղութիւններ, որոնք պարզապէս վիրաւորանքներ են ազատամտութեան գաղափարին դէմ, եւ ատոր պատճառը ոչ այլ ինչ էր եթէ ոչ սխալ ըմբռնումը այդ գաղափարին։ Եւ որպէսզի չի՛ շարունակուի այդ սխալը, եւ ազատամտութիւնը վայրենի ախորժակներու գոհացումին մէջ չի՛ տեսնուի, կամ զանոնք ծածկող դիմակ մը չ’ըմբռնուի, մենք պիտի փորձենք կրցածնուս չափ որոշակի ճշդել անոր սահմա- նը, ատկէ դուրս՝ ազատամիտ անունին տակ ապրողը կոչելով խարդախ ու կեղծ։ Առաջին օրէն երբ կը սկսի մանուկ-աղջկայ դաստիարակութիւնը, պէտք է սկսի նաեւ ազատամիտ ներշնչումները անոր համար. չի՛ կաշկանդել զինքը իր 223

ճաշակներուն, իր մտածումներուն ու զգացումներուն մէջ, ջանալով ուղղել անշուշտ ինչ որ կը տեսնուի բուռն ու վնասակար անոր բնաւորութեանը մէջ, վասնզի ատի կրնայ դժբաղդացնել եւ փճացնել անոր ապագան, այնպէս որ երբ նա արդէն կը հասնի քիչ թէ շատ հասկնալու ու դատելու տարիքին, կարենայ մաքառիլ իր ծնողացը դէմ եթէ նախ՝ անոնք ուզեն ուսման քաղցրութենէն զրկել զինքը։ Երկրորդ՝ իր կեանքի նպատակը չընել միմիայն ամուսին մը գտնելը – թէպէտ դա՛ առաջին տեղերէն մէկը բռնէ կնոջ կեանքին մէջ, քանի որ առանց կենաց ընկերի մը կեանքը կը դառնայ շատ չոր ու տխուր – այլ ջանալ իտէալ մը ստեղծելու իրեն համար. եւ բարձրութեամբ ու սրբութեամբ փարած իր իտէալին, մտքի տակ առնելով կարգ մը ծթռած նախապաշարումները, «ի՞նչ պիտի ըսեն»ի «ի՞նչ պիտի մտածեն»ի ապուշ երկիւղները հաստատամտօրէն աշխատիլ անոր իրագործմանը համար, նոյն իսկ եթէ աշխարհ մը հակառակելու ըլլայ իրեն. եւ եթէ բաղդը իրեն դէմ հանէ իր բնաւորութիւնը, զգացումները, գաղափարները բաժնող սրտի ընկերը, որուն կը սպասէր, կապուիլ անոր հաւատարմօրէն հոգւով, եւ աշխատիլ միասին, ապրելու օգտակար կեանք մը, գաղափարի կեանք մը. եւ թո՛ղ վստահ ըլլան թէ՝ ամենէն դժուարին ճամբաները կը հարթուին իրենց առջեւ, եւ փուշերը վարդերու կը փոխուին եթէ միայն կը սիրեն զիրար ու կը քաջալերեն զիրար նեղութեան ու տառապանքի ժամանակներուն մէջ որոնք պիտի գան ու անցնին ապահովաբար իրենց գլխէն երջանկութեան եւ ուրախու- թեան օրերուն հետ։ Հակառակիլ ծախու ապրանք ըլլալու ստոր վիճակին դէմ, որը ստեղծեր են ծնողք, եւ դեռ կը շարունակուի մա՛նաւանդ գաւառներու մէջ, ատի ամենէն անվայել եւ անբարոյական կեանքն է որմէ պէտք է զզուանօք երես դարձնել։ Ասով սակայն ըսել չենք ուզեր որ ծնողաց համաձայնութիւնը կամ անոնց խորհուրդը բացարձակապէս պէտք է անկարեւոր նկատել կամ արհամարհել ամուսնութեան ծանր խնդրոյ մէջ. քա՛ւ լիցի։ Երիտասարդուհի մը որքան ալ ըլլայ շիտակ դատող, փորձառու, մարդ ճանչցող, կրնայ ընտրութեան պարագային սխալիլ, շատ անգամ ճաշակաւոր հագնուածք մը, սիրուն եւ հրապուրիչ դէմք մը կրնան կուրցնել ամենէն տեսնող աչքերը, ուստի ծնողք իբրեւ աւելի շատ ապրած, փորձառու, լուրջ եւ պաղարեամբ քննող, կրնան շատ աւելի երիտասարդի մը բարոյական կեանքը քննել, սերտել։ Այն ատեն միայն ծնողքի չանսալուն մէջ իրաւունք մը կը կենայ, երբ անոնք կ’ուզեն իրենց աղջիկ զաւակներու երջանկու- թիւնը անձնական շահերու ու նկատումներու հետ կապել, կամ դրամի համար անոնց մատաղ կեանքերը կաշկանդել չսիրուած ու արհամարհուած փեսաներու հետ։ Ամուսնութենէն ետքը, երբ ատի կատարուած է ու պէտք է կատարուած ըլլար փոխադարձ սիրով ու համաձայնութեամբ, իրար խաբելը, իրարու դաւաճանելը, 224

իրար թողուլը անբարոյականութիւն է։ Այն պարագային միայն ազատամտութիւնը պիտի թոյլատրէր երկու կեանքի ընկերներու իրարմէ զատուիլը, երբ իրարու համար չար, անտանելի ըլլային, բացարձակապէս անհամաձայն բնաւորութիւններով, բայց ատի բնա՜ւ ներելի չէ ամուսնութենէն ետքը տեսնել, քանի որ նշանածութեան շրջանը կայ, որուն մէջ անոնք պարտական էին զիրար ուսումնասիրելու, իրարու բնաւորութիւնը քննելու, քրքրելու, եւ համաձայնութեան չգալու պարագային իրարմէ բաժնուելու։ Երբէք արդարացում չի կրնար նկատուիլ այն սկզբունքը թէ՝ «Սէրը տեւական զգացում մը չէ»։ Անասնական կեանքով ապրողներուն, անասնական ախորժակները փոփո- խութեան պէտքը զգան գուցէ, բայց մարդ-էակը կոչուած է սրտի հոգւոյ, մտքի կեանքովը ապրելու գլխաւորաբար, եւ այն ամուսինները երբ պիտի չապրին սրտի կեանքով, անոնց ամուսնութիւնը կը նկատուի իրաւամբ անասնական միութիւն մը, որը կրնայ հազար անգամ քակուիլ ու կապուիլ հանդիպողին հետ, ինչ որ ազատամտութիւն անունին տակ երբէք չի՛ կրնար իյնալ։ Առն ու կնոջ հաւասարութեան սկզբունքը, երկու սեռերու համար ալ հաւա- սարապէս աշխատութեան իրաւունքը, ճշմարիտ ազատամտութեան է՛ն գլխա- ւոր, է՛ն շեշտուող մէկ պահանջն է, որը անտեսուած է դժբաղդաբար դեռ մեր մէջ դարաւոր նախապաշարումներու հիմնովին ջախջախուած չըլլալուն պատճա- ռաւ, եւ շատ զարմանալի է որ զօրաւոր սեռը աւելի հակամէտ է սանձարձակ սէրերու, եւ անառակ միութիւններու բրօբականդը յառաջ տանելու տարօրինակ եռանդով, քան երկու սեռերու հաւասարութեան, եւ աշխատութեան սկզբունքը գործնական հողի վրայ դնելու։ Երբ գործը հասնի ցանկալի կէտին, արդէն անոնք ամեն ջանք ի գործ կը դնեն որ կինը միշտ մնայ իրենց լուծին տակ, իրենց երեսէն վար կախուած, իրենց հաճոյքներուն գերի, անկախ, ազատ, իր սեփական ճակա- տագրին տէր ըլլալու փառքէն եւ ուրախութենէն յաւէտ զրկուած։ Ուրեմն ազատամտութիւնը չի՛ ներեր որ իր անուամբ վերեւ յիշուած անբարո- յականութիւնները գործուին։ Ազատամտութիւնը երբէք իրաւունք չի տար սանձարձակ քալելու չարին ճամբուն մէջ։ Ազատամտութիւնը երբէք չի ընդունիր շիլ միջոցներ վատ նպատակներու հասնելու համար։ Ստոր կիրքերու գոհացում տալը, սանձարձակ անառակութեան կեանքը՝ ազատամտութեան անունով, պղծե՜լ աղտոտել է զԱյն։ Ազատամտութիւնը կը կայանայ բարոյականութեան սահմանին մէջ ազատ ապրիլ, ազատ մտածել եւ ազատ գործել։ Ազատամտութիւնը կը վռնտէ դարաւոր նախապաշարումները, սրտի իրա- ւունքները կը հաստատէ, եւ իբրեւ մարդ-էակ ապրելու օրէնքը կը նուիրագործէ։ 225

Այն կիները միայն իրաւունք կ’ունենան «ազատամիտ» անունի, երբ լուրջ զարգացում ստացած լայն գաղափարներով օժտուած, եւ հաստատուն կամքով մը սպառազինուած են իրենց ընդունած սկզբունքները պաշտպանելու համար եթէ անոնք ուղիղ դատողութեան եւ զուտ ճշմարտութեան վրայ հիմնուած են. շապիկ փոխելու պէս դիւրութեամբ սկզբունք փոխելը՝ թեթեւամտութեան եւ ոչնչութեան ապացոյց են։ Թէ ի՞նչպէս ըմբռնած են ազատամտութիւնը ցարդ մեր քիչ շատ զարգացած համարուած ու Եւրոպան տեսած հայ կիները, այդ ուրիշ անգամ։ Արտէմիս, Սեպտեմբեր 1903, թիւ 9, էջ 226-229։ 226

ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՅ ԿԱՆԱՆՑ ՄԷՋ ՄԱՌԻ Կնոջ մտքին ու սրտին մէջ անբարոյականութեան ծնունդ տուողը՝ ոչ այլ ինչ է եթէ ոչ անգործ ու մեղկ կեանքը։ Չկայ բան մը այնքան վնասակար որչափ մարդուն՝ նոյնքան եւ կնոջ համար որքան անգործութիւնը, ուր երեւակայութիւնը սնոտի ու շատ անգամ վտանգա- ւոր երազներով կը սնանի եւ կը տեսնէ հաճոյք, ցնծութիւն, ուրախութիւն հոն՝ ուրկէ պէտք էր փախչէր սարսափահար աւելի առողջ մտածողութեան ու տեսո- ղութեան ժամանակին մէջ։ Հայ կիները ընդհանրապէս անգործ են. բացի այն մի քանի ժամերէն զորս անոնք տան կարգաւորման, կերակուրի եւ կամ տնարարական զբաղումներու կը նուիրեն, մնացեալ ժամանակը կ’անցնեն պարապ. եւ ահա ճիշտ այդ պարապ ժամանակամիջոցին է որ կինը յաճախ ձանձրոյթէ մղուած՝ կը մտածէ այն ամեն ոչնչութիւններուն վրայ՝ որոնք կրնան լուրջ վտանգներ դառնալ ապագային իր գլխուն։ Ի՞նչ ընելու են...։ Ընթերցումը՝ որ ամենէն սիրելի ու բաղձալի զբաղումը պէտք էր ըլլար իրենց անգործ ժամերուն՝ բացարձակապէս անտեսուած ու անպէտք բան մը նկատուած է. ընթերցանութեան ճաշակ չկայ բոլորովին, եւ նախամեծար կը համարուի անպէտք քուրջի կտորներով զբաղուիլ, կամ ժամերով քիթը պատուհանին փակցուցած անցորդները դիտել, քան լրջօրէն միտքը մշակող եւ հոգին զօրացնող ընթերցանութիւններով պարապիլ, ապա ճիշտ այդ պատճառով է որ մեր հայ կանայք մեծաւ մասամբ տգէտ են։ Սխալ է այն կարծիքը թէ՝ կանոնաւոր վարժարան տեսնողը միայն կրնայ զարգացած համարուիլ։ Կան այնպիսիներ՝ որոնք սոսկ լուրջ ու յամառ ընթեր- ցումներու շնորհիւ այնպէս գաղափարուած, այնպէս սրած են իրենց մտաւոր կարողութիւնները, որոնք շատ մը դպրոց տեսնողներէ հազար անգամ աւելի կ’արժեն։ Երբ միտքը կը զարգանայ, դատողութիւնը կը զօրանայ եւ գաղափարները կը հասուննան, այն ատեն ընկերային հաւաքումները՝ ուր կիները այնքան կարեւոր տեղ կը բռնեն, կ’ունենան իրենց համն ու հոտը, փոխանակուած առողջ մտածում- ները, լուրջ կարծիքները ոչ միայն հաճելի՝ այլ եւ օգտակար ժամանակ անցնել կուտան ամենուն ալ։ Առ հասարակ, հիմա մեր հայ կանանց խօսակցութեան նիւթը օդէն, կերակու- րէն, յարմար սպասուհի գտնելու խնդիրէն, արդուզարդէն կամ բամբասանքէն անդին չանցնիր. այնքա՜ն սնոտի, այնքա՜ն ձանձրանալի խօսակցութիւն մը՝ որ 227

քիչ շատ ընկերական հաւաքումներու մէջ մտքի հաճոյք փնտռող մարդը յուսահատութեամբ պիտի հեռանայ աւելի քան երբէք ձանձրացած. այդ ոչնչաբա- նութիւնները զինքը չեն շահագրգռեր անշուշտ. աւելի հաճոյալի ու քաղցր պիտի ըլլար իրեն համար լսել քիչ շատ գաղափարական խօսակցութիւն մը, լուրջ վիճաբանութիւն մը, համով տեսութիւններ կեանքի վրայ եւ ատոնք որքա՜ն պիտի վայլէին մեր փափկասուն տիկնանց բուստէ շրթունքներուն։ Բայց կան կիներ՝ որոնք շատ աւելի տգեղ տպաւորութիւն կը թողուն զիրենք լսողներուն վրայ քան առաջինները։ Ատոնք՝ ինքնակոչ զարգացածներ, երբէք լրջօրէն հետեւած մտքի մշակութեան, անդիէն ասդիէն գողցուած մի քանի գեղեցիկ ֆրազներ թութա- կօրէն կրկնելով կամ առանց լուրջ ու կատարեալ համոզման, առանց մարսած ըլլալու ամեն նոր դաւանանքներու արձագանգը միայն դառնալով կ’ուզեն զարգացած ու լուսաւորեալ երեւնալ։ Ատոնք պարզապէս ծաղրելի են։ Ամեն մարդ ունենալով որոշ անհատականութիւն, սեփական միտք ու դատողութիւն, պարտաւոր է ատոնք զօրացնել, ինքնուրոյնութիւն ձեռք բերել եւ ամեն բան իր դիտելու որոշ կերպովը դիտել եւ իր մտածելու եղանակովը մտածել։ Ընթերցանութիւնը ոչ միայն միտքն ու սիրտը զօրացնող ոյժն է, այլ մա՛նա- ւանդ օգտակարագոյն զբօսանքը, այնպիսի մաքուր ու վճիտ հաճոյքներու աղբիւր մը՝ որուն նմանը չէ կարելի վայելել։ Սակայն անշուշտ ընթերցման գրքերը պէտք է ընտրանօք տրուին ամենուն ձեռքը, եթէ ընտրութեամբ ընթերցումը օգտակարագոյն զբաղմունքն է, ինչպէս ըսինք, վատառողջ եւ ապականող գրուածքներն ալ կրնան խորապէս վտանգա- ւոր ազդեցութիւն ունենալ մա՛նաւանդ մատաղ տարիքներու եւ դեռ չկազմուած նկարագիրներու վրայ. այդ պարագային դաստիարակները մեծ դեր կրնան կատարել իրենց աշակերտներուն համար, իսկ անոնք որ հասուն տարիքին մէջն են, ո՛չ դպրոցական, կարող են լուրջ ու զարգացած անձնաւորութիւններու կարծիքներովը առաջնորդուիլ։ Արտէմիս, Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր 1903, թիւ 10-11, էջ 258-259։ 228

ՀԱ՞Յ ԿՆՈՋ ՀԱՐՑ ՄԱՍՆԱՒՈՐԱՊԷՍ ԹԷ «ՖԷՄԻՆԻԶՄԻ» ՀԱՐՑ ՄԱՌԻ Կանանց ազատագրութեան հարցը սկսեր է բաժնել մարդկանց, իրենց հայեացքներու տեսակէտէն քննելով, զանազան խումբերու։ Այդ հայեացքներու շուրջը սկսեր են գոյանալ եւ առաջանալ տարբեր ուղղութեամբ կարծիքներ, որոնք կը հիմնուին դիտելու տարբեր կէտերու եւ դատելու տարբեր եղանակ- ներու վրայ։ Մեր մէջ ալ ժամանակէ մ’ի վեր սկսեր է ծնունդ առնել հայ կանանց բարօրու- թեան եւ բարեշրջութեան հարցը։ Կարճ ժամանակի մը ընթացքին մէջ ծնած այդ հարցին շուրջը մենք տեսանք արդէն հայ կանանց մասին յայտնուած կարծիք- ներու տարբեր ուղղութիւններ։ Այդ չափազանց ուրախալի է. այդ կը նշանակէ արդէն մեր ցեղի զրկուած կէսին վրայ ալ ուշադրութիւն դարձնել, զայն փրկե՜լ։ Այսպէս խումբ մը մարդիկ կը դիտեն «Կանանց հարցը» զայն ուղղակի կապակցելով եւ հաշտեցնելով ազգայնական տեսակէտներու հետ, եւ կը ցանկան որ հայ կինը իր ազատագրական ձգտումները ուղղէ իր ազգայնական դրութեան անմիջական արդիւնք եղող պարագաներուն եւ բերումներուն, ու իրականանալի սահմանի մը մէջ, առանց մեր ոյժի տարողութենէն վեր ոստումներու, հաստա- տուն ու աստիճանաւոր յառաջխաղացումով իր ճակատագրին տէր ըլլայ, եւ, գոնէ ներկայիս, ձեռք ձգէ իր սահմանափակ ազատութիւններու կարելիութիւն- ները, աւելի հեռաւոր ապագային, պարագաներուն եւ պէտքերուն թողլով աւելի հեռաւոր ու լայն ազատագրութեան ու բաւականացման ծրագիրը։ Ուրիշներ, թերեւս ծայրայեղ ազատախոհներ, որոնք միջազգային մարդկու- թիւն մը կ’ընդունին եւ զիրենք կ’որդեգրեն անոր, կը դիտեն հայ կանանց հարցը միջազգային իրաւաբանական օրէնքներու հպատակութեամբ, եւ, թէեւ լուռ, բայց գործնական հետեւողութեամբ կը ջնջեն ցեղական եւ ազգայնական բոլոր կապերը եւ կը ջանան որ անպլօկ, միանուագ համաշխարհային կնոջական հարց մը դառնայ իւրաքանչիւր ազգի մէջ ծնունդ առած Կնոջական հարցը, եւ աշխար- հի բոլոր կիները ձեռք ձգեն միեւնոյն ուղղութեամբ միեւնոյն ազատական իրաւունքները եւ բաւարարութիւնները. որու հետեւանքով «Հայ-կանանց հարց»ի պահանջն ալ մեզմէ ոմանք կը ջանան մտցնել եւրոպացի կանանց խնդրին՝ ֆէմինիզմին յարակից փուլի մը մէջ. կամ նոյն հիմքին վրայ դնել։ Արդ ի՞նչ ուղղութեամբ պարտաւոր է հետեւիլ հայ կինը, եւ ի՞նչ ուղղութեամբ կարելի է յառաջ վարել «հայ կնոջ հարցը», քանի որ մեր մէջն ալ ժամանակէ մ’ի վեր սկսեր է ծնունդ առնել Հայ կնոջական հարցի պահանջը։ Հայը կարո՞ղ է, գոնէ ներկայիս, կնոջական հարցին տալ պահանջի 229

«ամբողջական» ձեւ, միջազգային կանանց հարցի՝ «ֆէմինիզմի» բնաւորութեան ձեւ. պարտաւո՞ր է քայլ առ քայլ հետեւիլ եւ ձգտիլ որ եւրոպացի կանանց հարցի լուծման մէջ լուծուի ե՛ւ «հայ կնոջական հարցի» պահանջը, քանի որ այդ համայնական կանանց հարցի լուծումին հետ անմիջական կապ ունին ազգերու քաղաքական դիրքը, ընկերական կազմութեան ձեւը, կառավարական օրէնք- ներու իրաւաբանական գործադրութիւնները, մէկ խօսքով «միջազգային կիներու դատին» հետ կապ ունեցող ազատ ազգերու ներկայացուցիչ կանանց քաղաքա- կան հեղինակաւորութեան եւ բացարձակ ազատութեան անհուն տարբերու- թիւնը մերինէն, որը կը դիւրացնէ եւ կը նպաստաւորէ անոնց ազատագրութեան դատին պատշաճաւոր ելքը վաւերականութեան դրոշմով։ Մենք նախքան համայնական ըլլալու դրութիւնը ընդգրկելը, գոնէ ժամանա- կաւոր կերպով անհատական, կամ աւելի ճիշդ կ’ըլլայ ըսել, ազգայնական հաւաքականութիւնը զօրացնող տարր մը ստեղծելու, հայ-կնոջական բարեշրջու- թեան հիմքերը դնող տարր մը գոյացնելու ենք մեր կարողութեանց եւ ոյժերուն տարողութեան սահմանին մէջ, որը ըլլայ հիմնական եւ մեզի սեպհական։ Վճռապէս համաշխարհային կանանց ազատագրութեան դատին՝ ֆէմինիզմին յարիլը մեր ներկայ պատրաստականութեամբ մեզի ոչ միայն առաջադրուած մեր նպատակին չի հասցներ, այլ եւ իբրեւ խակ, իբրեւ անժամանակ հրամցուած պտուղ մեր կոկորդը կարող է մնալ եւ ժամավաճառ ընել մեզ աւելի նպաստաւոր յառաջխաղացումներու ալ արգել հանդիսանալով։ Լա՜ւ հասկնանք։ Մենք ֆէմինիզմին հակառակ չենք. բայց վաղահաս կը նկա- տենք մենք մեզ մտցնել այն բարդ հարցին մէջ, որուն որդեգրուած ազգերու կիները արդէն դարերէ ի վեր ունեցած են իրենց այսօրուան լայն ծրագրին երբեմնի աղքատ նախատարերքը, կրցած են աստիճանաւորել իրենց պահանջ- ները եւ պատմական խոշոր փաստերով հասունցուցած են խմորը եւ պատրաս- տած են իրենց կռուելու հողն ու հաստատուն կռուանը։ Իսկ ի՞նչ է ունեցած դեռ երէկուան քնէածութենէն հազիւ նոր զարթումի նշան- ներ ցոյց տուող հայուհին. մտքի, ընդունակութեան, զարգացումի, կարողութեան, քաղաքացիական շահերու, քաղաքական կամ պետական վայելքներու դեռ ո՞ր նպաստաւոր ժպիտին արժանացած է հայ ազգը ընդհանրապէս եւ հայ կինը մասնաւորապէս, որ ելլենք եւ դեռ մեզ համար բոլորովին աննպաստ ու արիւն արցունք քրտնելու այս սեւ օրերուն մէջ համաշխարհային ընկերական վայելք- ներու բացարձակ տիրապետումին համար երկնցնենք մեր բազուկները, կե- րակրուելու համար հասարակաց այն կոչունքի սեղանէն, որուն վրայ հրամցուած քաղցրաւենիքներու ճաշակելն անգամ պիտի մենք նմանեցնենք մանուկին ձեռքը դէպի լուսնեակին երկնցուելուն, իբր թէ բռնել ուզէր. հէ՜գ տղայ։ Հէ՜գ Հայ կին, այդ չի՛ նմանիր այն խիստ պահանջին, որ եթէ հարեւանի հաւը ոսկէ ձու կ’ածէ, մենք ալ մեր հաւէն պահանջենք որ անպատճառ նոյնը ընէ, 230

մինչդեռ մերը սովորական ձուն անգամ մեզ ընծայելու համար բաւականաչափ տկար է ու վատուժացած։ Չշփոթե՜նք «հայ կնոջական հարցի» պահանջը եւրոպացի «կանանց ազատա- գրութեան» դատին հետ, անոնք հիմնովին կը տարբերին իրարմէ. մէկը ընկերա- բանական իրաւունքներու եւ քաղաքացիական հաւասարութիւններու բացար- ձակ տիրապետումը կը պահանջէ արդէն ճանչցուցած ըլլալով իր ալ ազատ էակ մը ըլլալու բոլոր պայմանները. մինչդեռ միւսը իր ընտանեկան եւ անհատական ստրկութիւնը կ’ուզէ ճանչցնել եւ հաւասարիլ իր այր ընկերին՝ անկէ պահանջելով իր բնական իրաւունքները1։ Ինչո՞ւ կապել «հայ կնոջական հարցի» բնական պահանջը եւրոպացի կնոջ «ազատագրութեան հարցին» հետ։ Այստեղ մեզի շատ բնական հարց մը կը ներկայանայ, որը կը հիմնենք ցեղականութիւնը ի նկատի ունենալու հիմքին վրայ։ Մարդիկ համայնական ըլլալէ առաջ ա՞րդեօք անհատական չեն. եւ ջոկ ջոկ ազգերու իրարու հետ ունենալիք յարաբերական վերաբերութիւնները ա՞րդեօք նոյն օրէնքին տակ չեն ընկնիր. անհատականութիւնը, մենք կը կարծենք, բնական օրէնքն է աշխարհին։ Ահա այս հիմքը մեզ համար դառնալու է վերաբերական տեսակէտով գլխաւոր տեղը բռնող առաջնորդ եւ հիմք երբ հայ կնոջ հարցին շուրջը կը պտտինք. կամ գոնէ երբ կ’ուզենք հայ կնոջական հարցը մշակել եւրոպացի կանանց առողջ սկզբունքներու պատուաստումով, չըլլանք բացարձա- կապէս անոնց բոլոր պահանջներուն անձնատուր, քանի որ անոնք մեզի չեն յարմարիր, կամ մենք դեռ անոնց բոլոր պահանջներուն պէտքն իսկ զգալու ամենահաւանական կարելիութիւնն անգամ չենք կարող երազել։ Հայ կնոջ հարցը, գոնէ առ այժմ, յանձնարարելի չէ որ յարուցուի իտէալական շարք մը վարդապետութիւններու եւ ընկերաբանական ու օրէնսդրական գիտու- թիւններու բացարձակ ըմբռնումին մէջ։ Զայն պէտք է իր մասնաւոր եւ քառաքթէռիսթիք շրջաններուն վերածել եւ դնել պահանջուող աստիճանաւո- րումներ։ Ի նկատի պէտք է ունենալ թէ մեր ցեղի քաղաքական դիրքին հետ մեծ առնչութիւն ունի հայ կնոջ հարցի անսահմանօրէն լայն կամ սահմանափակ կերպով լուծուելու գործը։ Հայ կինը տակաւին ունեցած չէ բան մը. գրեթէ իր նախկին ու աւանդական վիճակին մէջ քարացած է, եւ գոնէ ամենատարրական բարեշրջութեան ֆազի մը մէջն անգամ չէ փորձած մտցնել իր կեանքը. կազմած է բարեշրջութեան կեղեւը, առանց միջուկի. զարգացում, մտքի յեղաշրջում, կամքը զօրացումներու վարժու- թիւններ երբէք ըրած է, առողջ սկզբունքներու վրայ գրուած հիմնական ոչ մի գիծ 1. Այս մասին կարդալ Արտէմիսի 1902 թ. No. 4ի մէջ Ավօի «Բարեշրջութեան զգալի պէտքը ունի հայ կինը» յօդուածի վերջին մասը էջ 137 (Մ.Պ.)։ 231

չունի եւ ունենալու ամենափոքր տրամադրութիւններն անգամ չի ցոյց տար. ահա իրեն ընելիքներ. եւրոպացի կինը անհատականութեան զարգացումով սկսաւ եւ հասաւ իր այսօրուան համայնական լայն շարժումներուն. նա ամեն ազատու- թեան արժանի է, որովհետեւ պատրաստուած է այդ կեանքը ընդգրկելու։ Իսկ ի՞նչ ունի հայ կինը. անսահման ազատութեան տենչ ունենալը լոկ չի բաւեր. տուր կոյրին ձեռքը զէնք, եւ ահա ինքզինք կը սպաննէ. ազատութիւնը երբեմն այն առատ լոյսն է, որ կը կուրացնէ մութէն յանկարծ լոյսն ընկնող աչքը. այն կրակն է որ կոյրին, տգէտին ձեռք կը դառնայ լոկ վառելանիւթ մը իր տունը կրակելու. ազատութեան արժանի եղողները միայն իրաւունք ունին ազատա- գրութեան։ Մենք Արտէմիսի երկու տարուան գոյութեան շրջանին մէջ ցաւօք սրտի նկատեցինք այս ու այն անկիւններէն կանացի խլրտումներ դէպի եւրոպացի կիներու ֆէմինիզմի ձգտող, տեսանք եւրոպացի ֆէմինիստներէ աւելի թունդ հայ ֆէմինիստներ ալ, որոնք թղթի վրայ, կամ իրենց կարդացած այս ու այն ընկերա- բան հեղինակներու գրուածքներէն ներշնչուած ջանացած էին այդ վարդապե- տութիւնները հայ կնոջն ալ յարմարցնել. մինչդեռ հայ կինը ո՜ւր եւրոպուհին ուր։ Ազատութիւնը ամենէն քաղցր բանն է, այո՛, բայց ազատագրութեան պատ- րաստուիլ գիտնալն ալ ամենէն դժուարին բանն է։ Պատրաստուի՜նք գոնէ առ այժմ։ Բաւական չէ՛ որ քանի մը Եւրոպայ այցելող, քանի մը համալսարանաւարտ մեր հայ քոյրերու վրայ, որոնց արժանաւորները մեր մատներու թիւին վրայ ալ դժուար կը համրենք, կայացնենք վճիռ, թէ հայ կինը արժանի է ազատա- գրութեան, թէ հայ կինը արդէն լուսաւորուած՝ ամեն ասպարէզի վրայ պէտք է գործէ. ո՛չ. ինքնախաբէութիւնը կը կասեցնէ յառաջդիմութեան ձգտումները. հայ կիներուս ընդհանրութեան վիճակը պարզ է եւ հարկ չկայ ներկայացնել։ Հայ կանանց հարցի պահանջը պէտք է զանազանել գիտնալ եւրոպացի կանանց պահանջէն։ Մենք յաճախ այս էջերուն մէջ խօսած ենք թէ հայ կինը՝ ամեն գնով պէտք է իր ճակատագրային սառոյցը հալեցնէ, ճակտի դարեւոր աղտը մաքրէ. սակայն այդ ընել միմիայն կարելի է ցեղի հաւաքական միացեալ ոյժերով. աղտի շերտը թանձր է, սառոյցը կարծես յաւերժական ըլլայ. օտարի բահն ու բրիչը կարող չէ այդ հաստաղանդ աղտի կոյտը պեղել. եւ օտարի այրող արեգակը հայ կնոջ ճակատը նսեմացնող այդ յաւերժական սառնամանիքը հալեցնելու մէջ տկար ճառագայթի մը դերն անգամ անզօր է կատարելու, եթէ չգոռայ հայ կնոջ հարազատ ձայնը, եթէ հայ կնոջ սիրտը չթնդայ եւ իր սեպհական ձեռքը չի փութայ իր վիրաւոր սրտին վրայ կապելու փրկարար բալասանը, կորա՜ծ ենք. եւ ի զո՜ւր կ’ըլլայ այն ատեն օգնութեան կանչել «ֆէմինիզմը»։ Արտէմիս, Դեկտեմբեր 1903, թիւ 12, էջ 305-309։ 232

ԿՆՈՋ ԴԵՐԸ ԿՐԹԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋ1 ՄԱՌԻ ՊԷՅԼԷՐԵԱՆ Չկա՛յ ասպարէզ մը կեանքի մէջ, որը ապահովաբար աւելի յարմարի կնոջ բնաւորութեան, կազմուածքին ու խառնուածքին՝ ինչպէս կրթական ասպարէզը։ Դաստիարակութիւնը գործ2 մըն է, որուն յաջողութեան գլխաւոր ազդակներն են սիրող, գորովալի սիրտ, համբերող ու քաղցր հոգի, նախազգացողութիւն, որը արդիւնք է չափազանց զգայնութեան, ամենասուր հոտառութիւն (flair), նուրբ բնական դատողութիւն (tact) եւ կարգ մը ուրիշ բնաւորանիշեր, օրինակի համար կասկածոտութիւն, հետաքրքրութիւն, մտքի փոփոխականութիւն, այսինքն միշտ նորը, հետաքրքրականը դիւրութեամբ որդեգրելու ընդունակութիւն, մինչեւ իսկ լաւ ու զուարթ հագնուելու տարամերժ փափաք որոնք կնոջ նկարագրին տկարա- գոյն կողմերը կը նկատուին, եւ որոնք սակայն պիտի ըսեմ եւ պիտի հաստատեմ թէ՝ անհրաժեշտ են դաստիարակութեան եւ մանաւանդ բարոյական դաստիա- րակութեան գործին մէջ կատարեալ յաջողութեան իբրեւ պայմաններ, եթէ ատոնք չափաւորուին, ազնուացուին ու նպատակին համար միայն ի սպաս դրուին։ Կինը մարդուն առաջին բնական դաստիարակն է արդէն. բնութիւնը այդ պաշտօնին կոչած է զինքը աշխարհի սկիզբէն, անոր թեւերուն մէջ դնելով մանու- կը. կինը՝ ի բնէ աւելի կը սիրէ մանուկները. ապագայ մայրութեան բնազդը իր մէջը կը խօսի մանկութեան առաջին տարիներէն եւ Հիւկօ շատ գեղեցիկ կերպով կը հաստատէ ատի, այնքան կենդանի նկարագրելով գերազանց հաճոյքը զոր կը զգայ մանուկ աղջիկը համբուրելով, գգուելով, կուրծքին վրայ սեղմելով, օրօրելով, քնացնելով իր պէպէքը, էգ մանուկին այդ անհրաժեշտ պէտքը. մինչ արու մանու- կը ընդհակառակը անտարբեր է պէպէքին համար եւ նախամեծար կը համարի սրընթաց վազող կառք մը, ձի մը, ատրճանակ մը եւ մէկ խօսքով այն ամենը որ պիտի պատշաճի իր ապագայ հասունութեան տարիներուն ճաշակին ու բնաւո- րութեանը։ Եւ արդէն կինը իր բնական կոչումին, այսինքն՝ մայրութեան, եւ դարձեալ ոչ նուազ բնական իր դաստիարակի պաշտօնին մարդը չէր կրնար ըլլալ, եթէ մանուկները չի սիրէր, եթէ անոնց համար չի զգար այն գորովագին խանդաղա- տանքը, որը իր մէջը անդիմադրելիօրէն կը յաղթէ յոգնութիւնը, ձանձրոյթը, վհատութիւնը եւ կ’ոգեւորէ զինքը նո՛ր ուժով, նո՛ր եռանդով շարունակելու այդ դժուարին ու փափուկ գործը։ 1. «Կինը կրթական գործին մէջ», Դէպի վեր, էջ 93։ 2. «Դաստիարակութիւնը այնպիսի գործ», Դէպի վեր, էջ 93։ 233

Սէրը բնականաբար իրեն կը ներշնչէ յարատեւող համբերութիւն ու քաղցրու- թիւն, համբերութիւն՝ մանուկ1 բնաւորութիւններու մէջ շարունակաբար երեւցող չարութիւններու ու խեռութիւններու դէմ եւ զանոնք ուղղելու համար անայլայլ քաղցրութիւն. վասնզի նկատուած է որ առ հասարակ քաղցրութեան ազդեցու- թիւնը անդիմադրելի է է՛ն խեռ ու անուղղայ բնաւորութիւններու վրայ. «աւելի շատ ճանճ կը բռնուի մեղրով քան թէ քացախով» կ’ըսէ առածը եւ բարոյական դաստիարակութեան յաջողութեան մէջ մա՛նաւանդ քաղցրութիւնը առաջին ու միակ պայմանն է, վասնզի անի կը շինէ զգայուն, փափուկ, սիրող հոգիներ. անի կ’օգնէ գլխաւորաբար խիղճը զարգացնելու ու կազմակերպելու եւ մանուկ սրտերու մէջ քիչ քիչ տեղ կը բանայ ամէն այն2 ազնիւ ու առաքինի զգացում- ներուն, որոնք անհրաժեշտ են իբրեւ ճշմարիտ բարոյական մարդ ապրելու համար աշխարհի վրայ։ Իսկ խստութիւնն ու սպառնալիքը, կրկնուող պատիժները կը չորցնեն մանուկ սիրտերը, անգութ եւ անխիղճ բնաւորութիւններ կը շինեն. խստութիւնն ու սպառնալիքները3 շատ շատ կրնան խրտչեցնել մանուկները եւ առանց հիմնա- պէս ուղղելու երեւցող թերութիւնները կրնան գուցէ ժամանակաւորապէս զսպել զանոնք եւ այդ դրութիւնը ուրիշ արդիւնք չունենար ուրեմն, բայց միայն տղան կեղծիքի վարժեցնել4, որը իր դաստիարակին կամ դաստիարակուհւոյն ներկա- յութեանը երկիւղի ազդեցութեան տակ ուղղուած կը ձեւացնէ ինքզինքը, եւ այդ ազդեցութենէն դուրս՝ կը դառնայ նոյն մարդը եւ գուցէ աւելի վատը, իւրացուցած ըլլալով նաեւ կեղծաւորութիւնը։ Խստութիւնը սրտի հետ չի՛ կրնար խօսիլ, մինչ անպատճառ սրտի լեզուն խօսելու է բարոյական դաստիարակութեան գործին մէջ։ Հազար պատիժ չի կրնար քաղել5 այն բաղձացուած արդիւնքը ինչ որ տխուր նայուածք մը, թեթեւա- կի այլայլուն ձայն մը եւ երբեմն ցաւի արցունք մը կրնայ կորզել6։ Քաղցրութիւն ըսելով սակայն մենք չենք ուզեր սանձարձակ ներողամտութիւն հասկցնել, ատի թուլութիւն կ’ըլլայ, ինչ որ նոյնքան վտանգաւոր է դաստիարակութեան գործին։ Քաղցրութիւնը ինչպէս նաեւ դաստիարակութեան գործին յաջողութեանը հա- մար վերեւ յիշուած իւրաքանչիւր պայմանները պէտք է դնել որոշ ուղղութեան մը վրայ։ Առ հասարակ կինը բնաւորութեամբ զգայուն ու փափուկ, արցունքի ու հեծկլտանքներու դէմ տկար՝ չի կրնար չափ մը, սահման մը դնել 1. «Սէրը իրեն կը ներշնչէ համբերութիւն, մանուկ», Դէպի վեր, էջ 94։ 2. «այն ամեն,», Դէպի վեր, էջ 94։ 3. «սպառնալիքը», Դէպի վեր, էջ 95։ 4. «չունենար բայց եթէ կեղծիքի վարժեցնել տղան,», Դէպի վեր, էջ 95։ 5. «տալ», Դէպի վեր, էջ 95։ 6. «քաղել», Դէպի վեր, էջ 95։ 234

ներողամտութեան, բայց պարտաւոր է հարկը պահանջած ժամանակ, քիչ մը առնական խստութիւն խառնելով իր այդ կարգի զգացումներուն, չափաւորել զանոնք եթէ կ’ուզէ շիտակ նպատակին հասնիլ։ Խստութիւն կայ սակայն եւ խստութիւն ալ կայ, կը կրկնեմ. կայ՝ վշտագին խստութիւն մը, որ տղուն կը զգացնէ բուռն ցաւը՝ զոր կը զգայ դաստիարակ կինը կամ տղամարդը1 զինքը յանդիմանելով կամ պատժելով, ինչ որ խորունկ զղջումի արցունքներով շատ անգամ տղան կը նետէ ուղղութեան ճամբուն վրայ, եւ կա՛յ խստութիւն մըն ալ, պաղ, անկարեկիր եւ բռնաւորական, ինչ որ տղան պաղ ու անզիղջ կը թողու իր կարգին, նոյն իսկ տեսակ մը տգեղ վրէժխնդրութիւն ալ վառելով անոր սրտին մէջ, եւ կ’առաջնորդէ զանի պաղ յամառութեամբ մը կրկնելու իր յանցանքները պարզապէս իր դաստիարակը աւելի զայրացնելու, տանջելու դիտումով։ Տղան շատ շուտով կրնայ զանազանել այդ երկու խստութիւններուն մէջ եղած տարբերութիւնը, վասնզի մանուկները ամենամեծ հոգեբաններն են, եւ ոչ ոք կրնայ անոնցմէ աւելի ուղիղ ըմբռնել մարդոց սրտերուն մէջ անցածը...։ *** Կնոջ բնական հոտառութիւնն ու նախազգացումը, որը առնական պաղ ու լուրջ դատողութենէն աւելի անսխալական է, իր հաւատարմագոյն առաջնորդը կարելի է նկատել ապահովաբար, մանուկներու բնաւորութիւնները, միտումներն ու ճաշակները տեսնելու, զգալու եւ ըստ այնմ իր բռնելիք ուղղութիւնը որոշելու համար. վասն զի սխալ է կարծել թէ՝ մէկ ընդհանուր ուղղութիւնը բաւ է մանա- ւանդ բարոյական դաստիարակութեան գործին մէջ, քանի որ մանուկներն ալ, ինչպէս եւ չափահասները առանձին բնաւորութիւններ են, զորս կրթելու համար պէտք է ստեղծել առանձին ուղղութիւններ։ Առարկուի գուցէ թէ՝ մանուկներու բնաւորութիւններուն մէջ երեւցող թերու- թիւնները միեւնոյն հանգամանքը ունին կամ միեւնոյն երեւոյթը կը կրեն, մինչեւ մէկ աստիճան սխալ չէ՛ ասիկայ, բայց այդ հանգամանքներուն կամ երեւոյթ- ներուն մէջ այնպիսի նուրբ զանազանութիւններ ու բարդութիւններ կան, զորս պէտք է ուսումնասիրել եւ ուշադրութիւն դարձնել անոնց վրայ, վասն զի այդ աննշան երեւցող զանազանութիւնները ժամանակի ընթացքին հետ կրնան զարգանալով նկարագրի2 թերութիւններ դառնալ։ Այդ ուղղութիւնները ի՞նչ ըլլալու են... դժուար է, կամ աւելի ճիշտը՝ կարելի չէ ընդհանուր օրէնքի մը կամ կանոնի մը տակ դնել զանոնք, եւ պէտք է գիտնալ որ դաստիարակութեան օրէնքները ինչքան ալ մանրամասնուած ըլլան 1. «մարդը», Դէպի վեր, էջ 95։ 2. «զարգանալ, նկարագրի», Դէպի վեր, էջ 96։ 235

մանկավարժական դասախօսութիւններու, գրքերու կամ ծրագիրներու մէջ, դարձեալ Գործին խոշոր գիծերն են ատոնք ու կը մնան, վասնզի երբեմն նայուածքի մը, շարժումի մը, խօսքի մը մէջ է որ կը բովանդակուին ամբողջ ուղղութիւններ, զորս չէ կարելի բացատրել, կը կրկնեմ, եւ ատոնք ստեղծողը կ’ըլլայ թաքթը, կնոջական այդ թանկագին յատկութիւնը։ Եթէ նախազգացումն ու հոտառութիւնը իրեն կը զգացնեն մանկական բնաւորութիւններու նրբին զանազանութիւններն ու թերութիւնները, թաքթը զանոնք ուղղելու միջոցներն ու կերպերը իրեն ցոյց կուտայ անվրէպ։ Ահա կը տեսնենք թէ՝ ինչքա՜ն դժուարին ու տաժանելի է դաստիարակու- թեան գործը՝ պարտաճանաչ դաստիարակին համար անշուշտ, եւ թէ ինչպէս խստօրէն կը պահանջէ միշտ եւ հանապազ ամփոփ միտք, լարուած ուշադրու- թիւն «Ես»ի բացարձակ մոռացում, սուր դիտողութիւն, քանի որ մէկ վայրկենի1 մտացիր վիճակը երբեմն կրնայ մեծ սխալներու պատճառ դառնալ եւ նոր դժուարութիւններ ստեղծել Գործին ճամբուն վրայ։ Հետաքրքրութիւնը, կասկածոտութիւնն ու նախանձը ինքն ըստ ինքեան ընկերական ու ընտանեկան կեանքի մէջ դատապարտելի թերութիւններն են կնոջ, եւ շատ անգամ անոր դժբաղդութեան գլխաւոր պատճառները կը հա- մարուին2, բայց այդ թերութիւնները տարամերժօրէն դաստիարակութեան գործին համար մշակելով ու մարզելով, թանկագին յատկութիւններ կը դառնան, ինչպէս ըսինք։ Տղուն իւրաքանչիւր զբաղումներուն վրայ ‒ ըլլա՛յ այդ աշխատու- թեան թէ զբօսանքի ժամերուն ‒ կասկածանօք հսկել, անոր իւրաքանչիւր մտածումներուն հետաքրքրութեամբ հետեւիլ, անոր բարոյական առաջին3 նորածիլ զգացումներուն, մանուկ սէրերուն ու ատելութիւններուն վրայ նախան- ձոտ գորովով մը հսկել որ չըլլայ թէ քարուտ ու փշոտ ճամբաներու վրայ ցանցնուին այդ թարմ ու թանկագին սերմերը, կը նշանակէ մէկէ աւելի ապահով ու անվրէպ միջոցներ ունենալ մանուկ բնաւորութիւններու ու նկարագիրներու մէջ թափանցելու եւ նկատուած թերութիւններն ու մոլութիւնները ուղղելու։ Հագուելու խնդիրն ալ ոչ նուազ անհրաժեշտ է բարոյական դաստիարակու- թեան գործին մէջ։ Նկատուած է որ մանուկ՝ ինչպէս նաեւ հասուն երեւակայու- թիւններու ու բնաւորութիւններու վրայ գոյները մեծ ազդեցութիւն ունին. սեւ ու մթին գոյները տխուր ու մելամաղձոտ տրամադրութիւններու ու մտածումներու կ’առաջնորդեն, դիւրագրգիռ ու զայրացկոտ միտումներ կը ստեղծեն, մինչդեռ զուարթ գոյները աչքերը կը զուարճացնեն, միտքն ու սիրտը կը լուսաւորեն կը զուարթացնեն, եւ ըմբռնողութեան կարողութիւնները կարծես կը սիրեն, եւ ահա ճիշդ այդ պատճառով է որ կ’ըսէի թէ՝ դաստիարակուհիները պէտք է զուարթ ու 1. «քանի որ մէկ քանի վայրկեանի», Դէպի վեր, էջ 97։ 2. «կը նկատուին», Դէպի վեր, էջ 97։ 3. «անոր առաջին», Դէպի վեր, էջ 97։ 236

աղւոր գոյներ ընտրեն իրենց զգեստներուն համար, ճաշակաւոր ու սիրուն հագուին, հոգ տանելով բարեձեւ ու հաճելի երեւնալու իրենց սաներուն, վասնզի մանուկները մասնաւոր սէր մը, յարում մը կ’ունենան իրենց այն դաստիարակու- հիներուն համար, որոնք լաւ հագուած են, եւ կարծես կը խորշին իրենց շատ մութ ու չոր1 հագուած դաստիարակուհիէն, եւ սակայն պէտք է ամէն գնով նախ շահիլ մանուկ համակրութիւնները, եթէ կ’ուզուի իսկապէս օգտակար դառնալ դաս- տիարակութեան գործին։ Ասկից զատ սիրուն հագուստները, ինչպէս նաեւ լաւ ու մաքուր կարասիներով ու գեղեցիկ պատկերներով զարդարուած սենեակները մանուկ ճաշակները կը կրթեն, կ’ազնուացնեն ու կը բարձրացնեն։ Սակայն լաւ հագուիլ ըսելով չեմ ուզեր երբէք պճնասիրութիւն հասկցնել, այսինքն այն հազար ու մէկ ոչինչները, որոնք արդի նորաձեւութեան անհրաժեշտ լրացուցիչներն են, ինչ որ մտքի ու սրտի բացարձակ դատարկութիւն ցոյց կուտայ. բայց ներելի ալ չէ՛ երբէք որ դաստիարակուհին սեւերու մէջ փաթթուի, առանց ո՛ եւ իցէ վայելչութեան, ձեւաւորութեան ու ճաշակի. ներելի չէ՛ որ իր մազերը անշնորհք, տափակ, անխնամ ու թափթփած պահէ։ Մեր մէջ դեռ եւս սա զարմանալի հասկացողութիւնը կամ ըմբռնումը2 կը տիրապետէ թէ՝ դաստիարակուհին պէտք է խիստ եւ չոր հագուի այն միակ պատճառով որ իր պաշտօնը այդպէս կը պահանջէ։ Ասի բացարձակօրէն3 արդի մանկավարժական սկզբունքներուն ու օրէնքներուն հակառակ ըլլալէ զատ՝ ամենամեծ յանցանք է նաեւ բնութեան դէմ, վասնզի երբ բնութիւնը շնորհքը ըրած է քիչ շատ սիրուն եւ հրապուրիչ դէմքով եւ ֆիզիգական վայելուչ կազմով օժտել կին մը, կնոջ պարտականութիւնն է զայն դնել պատշաճ շրջանակի մը մէջ։ *** Բարոյական դաստիարակութեան ապահով ու անսայթաք4 յառաջացմանը համար անհրաժեշտ է որ վարժարանի շէնքը ըլլայ փառաւոր եւ գեղեցիկ, սրահ- ները ընդարձակ ու օդասուն, դասարանները՝ կանոնաւոր, վայելուչ ու մաքուր. տղուն աչքերը միշտ պէտք է գեղեցիկը, վայելուչը տեսնեն, ատով կը կազմա- կերպուի ճաշակը, ատով է որ ան կը սկսի սիրել Գեղեցիկը, Ազնիւը, Բարին5։ Երաժշտութեան ազդեցութիւնն ալ ահագին նշանակութիւն ունի բարոյական դաստիարակութեան գործին մէջ, վասնզի երաժշտութիւնը կը փափկացնէ, կ’ազնուացնէ մանուկ սիրտերը, անուշ եւ շիտակ հոգիներ կը պատրաստէ։ Եթէ 1. «տխուր», Դէպի վեր, էջ 98։ 2. «հասկացողութիւնը», Դէպի վեր, էջ 98։ 3. «բացարձակապէս», Դէպի վեր, էջ 98։ 4. «եւ յաղթական», Դէպի վեր, էջ 99։ 5. «գեղեցիկը եւ ազնիւը։», Դէպի վեր, էջ 99։ 237

դաստիարակուհին երաժիշտ է քիչ շատ, միջոց մը աւելի ունի հրապուրելու համար մանուկները, որոնք երգի ու պարի խենդ են։ Անհրաժեշտ է օրուան գոնէ մէկ ժամը տալ երաժշտութեան. բայց միայն երգեր սորվեցնել բաւական չէ՛, այլ երբեմն աշակերտներու տարիքին ու երաժշտական հասկացողութեան յարմար կտորներ ալ առանձին նուագելու է, վասնզի ամեն բանի մէջ միօրինակութիւնը1 ձանձրոյթ կը պատճառէ, եւ փոփոխութիւն մտցնելով է որ հաճելի ու օգտակար կ’ըլլայ բան մը։ Մտաւոր դաստիարակութեան համար կարելի է սահմաններ որոշել եւ ընդունակութիւններու ու յարմարութիւններու համեմատ կարգադրութիւններ ու ընտրութիւններ ընել։ Ամենուն տրուած չէ՛ անշուշտ սուր ու կարող միտք. իմաս- տասէր մը, գիտուն մը կամ գրագէտ մը ըլլալու ջերմ ցանկութեան հետ նաեւ տաղանդ, բայց բարոյական դաստիարակութիւնը իր ամբողջական առումով պարտաւորիչ է եւ պէ՛տք է ըլլայ ամենուն համար ալ առ հասարակ։ Ամեն մանուկի մէջ ‒ ըլլա՛յ այն փարթամ կամ անշուք տան զաւակ ‒ պէտք է սրտի մարդը պատրաստուի անպատճառ եւ դպրոցին է՛ն առաջին ու սրբազնագոյն կոչումը արդէն ատիկայ է։ Կնոջ վերեւ յիշուած բնական յատկութիւնները բաւական չեն կրնար ըլլալ անշուշտ բացարձակապէս կրթական գործին համար, եթէ անոնց չի միանան նաեւ մտաւոր ճոխ զարգացման հետ դասաւանդութեան նոր եղանակներու կատարեալ տիրացումը։ Ներելի չի կրնար ըլլալ դաստիարակուհիի մը, ինչքան ալ ան օժտուած ըլլայ բարոյապէս ու զարգացած մտաւորապէս՝ եթէ շարունակէ իր դաստիարակչական կամ ուսուցման եղանակը այնպէս՝ ինչպէս ինքը տեսեր է իր ժամանակի դպրոցէն եւ ուսուցիչներէն։ Ժամանակները կ’անցնին, նոր ուղեղներ, նոր մտքեր կը ծնին. դիտողութեան ոգին, մանուկները ճանչնալու կարողութիւնը հետզհետէ կը զարգանայ ու կը նրբանայ եւ ահա՛ երեւան կուգան Բէստալօցցիներ, Ֆրէօպէլներ, Պէռլիցներ, որոնք օր մը պիտի հիննան գուցէ2, եւ տարիներ ետքը նոր Ֆրէօպէլներ կամ Բէստալօցցիներ պիտի երեւան կրթական ու դաստիարակչական հորիզոնին վրայ, որոնք անշուշտ պիտի յաջողին աւելի կատարեալ ու դիւրամատչելի ուղղութիւններ ստեղծելու։ Կեանքի մէջ ամէն բան այսպէ՛ս է, նորը կը յաջորդէ հինին եւ կեանքի օրէնքին համաձայն հինը տեղի պիտի տայ նորին առջեւ, եւ դաստիարակուհին պէտք է քալէ ժամանակին հետ, պէտք է թօթուէ՛ վրայէն հին ուղղութիւնները, ընդունուած հին գաղափարներն ու սկզբունքները, պէտք է հետեւի, քալէ, կ’ըսեմ, նորին հետքերուն վրայէն եթէ կ’ուզէ դաստիարակութեան գործին իսկապէս օգտակար դառնալ, վասնզի դաստիարակութիւնը իր նպատակին այն ատեն միայն կը 1. «վասն զի միօրինակութիւնը», Դէպի վեր, էջ 99։ 2. «որոնք ալ իրենց կարգին օր մը պիտի հիննան», Դէպի վեր, էջ 100։ 238

հասնի երբ ժամանակի ոգիին ու պահանջումներուն համեմատ մարդիկ կը պատրաստէ։ Մտքի փոփոխականութիւնը, այսինքն մի՛շտ նորը ընդունելու հակամիտու- թիւնը ա՛յս պարագային կնոջ ամենէն մեծ զօրավիգը կը դառնայ։ Ան առանց ոեւիցէ վարանքի, ըսեմ նոյն իսկ տեսակ մը խղճմտանքի, շատ աւելի դիւրաւ կրնայ թօթուել հինին ազդեցութիւնը վրայէն, մինչ այր մարդուն դժուարին կուգայ գուցէ մէկդի նետել իր սիրած, վարժուած ուղղութիւնները1, իրեն կը թուի թէ տեսակ մը ուրացում կայ ըրածին մէջ, թողո՜ւլ, մոռնալ վաղուց ի վեր իր որդեգրած2 սկզբունքները՝ նոր, խորթ մտքեր ընդունելու, նոր անծանօթ ուղիէ մը քալելու համար...։ Բարոյական դաստիարակութեան գործին մէջ, ուր որ յաղթուած է այր մարդը, հո՛ն կինը յաղթանակած է շատ անգամ, իսկ մտաւորական դաստիարակութեան մէջ այր մարդը աւելի յաջողութիւններ ձեռք բերած է։ Վասնզի մտաւորական դաստիարակութիւնը կը պահանջէ տեսակ մը ուժով խօսուածք, ազդու շարժուածք3, որմէ զուրկ է կինը՝ բնութենէն, բնութիւնը կնոջ տուած է սիրոյ ու քաղցրութեան անդիմադրելի հրապոյրը, իսկ այր մարդուն՝ այն տեսակ մը խրոխտ4 առնականութիւնը, որ իր ուժին եւ ազդեցութեան միակ գաղտնիքն է։ Բայց մտաւորական դաստիարակութիւնն ալ սերտ կապակցութիւն ունի բարոյական դաստիարակութեան հետ։ Եթէ դաստիարակուհին իր սաներուն հետ ըրած ընթերցանութիւններուն եւ խօսակցութիւններուն մէջէն բարոյական դասեր հանելու պատեհութիւնը ունի, իւրաքանչիւր նիւթերու դասաւանդութեան մէջ ալ կրնան հանդիպիլ առիթներ, որոնցմէ ուսուցիչը կրնայ օգտուիլ բարոյա- կան դաս մը հանելու համար իր կարգին։ Ասկից զատ եթէ ուսուցչին վարուելու կերպերը՝ աշակերտներու հետ՝ ներդաշնակ չըլլան դաստիարակուհւոյն վարուելու կերպերուն5 հետ, եթէ երկուքին ուղղութիւնները իրարու համերաշխ չըլլան, գործը անպատճառ կը վնասուի։ Դաստիարակութեան գործին յաջողութեան գլխաւոր մէկ պայմանն ալ վերեւ յիշուածներէն զատ, աշակերտին վրայ ազդել գիտնալն է, ազդելու գաղտնիքն ալ աշակերտին բացարձակ հաւատք ու պատկառանք ներշնչելու կարող ըլլալն է։ Հաւատք՝ դէպի իր բարոյական ու մտաւորական կարողութիւնները, եւ պատկա- ռանք՝ դէպի իր անձնաւորութիւնը։ Աշակերտը խորապէս հաւատալու է թէ՝ իր դաստիարակուհին կամ ուսուցիչը ամէն բանի կարող է, ամէն բան գիտէ, ան 1. «իր սիրած ուղղութիւնները, որոնց վարժուած է վաղուց։», Դէպի վեր, էջ 101։ 2. «ըրածին մէջ. ինչպէ՜ս թողուլ, մոռնալ իր որդեգրած», Դէպի վեր, էջ 101։ 3. «տեսակ մը խիստ ու տպաւորիչ խօսուածք, տիրական շարժուածք,», Դէպի վեր, էջ 101 4. «այն խրոխտ», Դէպի վեր, էջ 101։ 5. «վարուելակերպերուն», Դէպի վեր, էջ 101։ 239

գրեթէ անսխալական է, եւ այդ հաւատքէն արդէն ծնունդ կ’առնէ պատկառանքը1։ Բայց վա՜յ եթէ ուսուցիչը կամ դաստիարակուհին ոեւիցէ առիթով մը դժբաղ- դութիւնը ունեցած են անգամ մը խախտելու աշակերտին այդ երկիւղած հաւատքը, այն ատեն իսպառ կորսնցնելու է զայն ուղղութեան բերելու, անոր բան սորվեցնելու յոյսը։ *** Դաստիարակ կինը կամ ուսուցիչը ջանադիր ըլլալու է նաեւ, որ իրեն յանձնուած մանուկները ապագային համար վերացական մարդիկ չի պատ- րաստուին, այլ դրական ըլլան ու միեւնոյն ժամանակ՝ գաղափարական2։ Տղայ մը վերացական կը դառնայ այն ատեն՝ երբ դպրոցին մէջ հոգ չի տարուիր իրեն ճանչցնելու կեանքի իրականութիւնը եւ օր մը իր բոլոր յղացում- ները, բոլոր մտածումները անիրականալի երազներ, ցնորածի ձափռտուքներ մնալու դատապարտուած կ’ըլլան լոկ։ Մինչ ճշմարիտ գաղափարական մարդը շատ կանուխէն պատրաստուած պիտի ըլլայ դիտելու, սերտելու կեանքը, մերկ՝ իր տգեղութիւններուն3՝ ինչպէս նաեւ իր գեղեցկութիւններուն մէջ, իր բարութիւն- ներուն՝ ինչպէս նաեւ իր չարութիւններուն մէջ, կազմ ու պատրաստ, սպառա- զինուած կեանքի կռիւին համար, այնպէս որ ան դեռ կեանքի մէջ չի մտած, խորապէս համոզուած ըլլալու է թէ իբրեւ ճշմարիտ մարդ ապրելու համար ինչքա՜ն ահագին գործեր, ինչքա՜ն հսկայ պարտականութիւններ կան կատա- րելիք, ու երբ օր մը նետուի կեանքի ասպարէզը, դրականօրէն խորհելով ու գործելով կատարէ իր պարտականութիւնները, վեհանձնաբար ու առնակա- նօրէն։ Բարոյական դաստիարակութիւնը իրեն նպատակ պիտի ունենայ ուրեմն, ինչպէս ըսինք, կեանքի դասը խօսիլ մանուկներուն, հետզհետէ անոնց տարիքին ու հասկացողութեան չափովը ընթանալով, զգուշանալ մանաւանդ, կեանքի գեղեցիկ կողմերը4 միայն ցոյց տալէ, ատի շատ վնասակար կ’ըլլայ տղուն ապա- գային համար, թող չի հաւատայ բնաւ թէ՝ կեանքը վարդերով ծածկուած ճամբայ մըն է, որուն վրայէն ինքը պիտի քալէ անվրդով, անոր պէտք է ցոյց տալ թէ՝ ի՜նչ փուշեր կան ծածկուած այդ վարդերուն տակ, որոնք օր մը կրնան իր ոտքերը վիրաւորել եւ արիւնել։ 1. «ան անսխալական է, եւ ամէն մարդէ գերիվեր, այդ հաւատքէն ահա արդէն ծնունդ կ’առնէ պատկառանքը։», Դէպի վեր, էջ 102։ 2. «վերացական էակներ չի պատրաստուին, այլ դրական-գաղափարական մարդիկ ըլլան անոնք։», Դէպի վեր, էջ 102։ 3. «սերտելու կեանքը մես-մերկ իր տգեղութիւններուն», Դէպի վեր, էջ 102։ 4. «գեղեցիկ ու զուարթ կողմերը», Դէպի վեր, էջ 102։ 240

Ըսելու չէ՛ բնաւ. «Թո՛ղ կեանքի մէջ մտնեն, փորձառութիւնը իրենց ցոյց կուտայ կեանքի իրականութիւնը». չէ՛, եթէ կեանքի իրականութիւնը կանուխէն նշմարել չի տանք, օր մը յանկարծ անոր հետ դէմ առ դէմ եկած ատեննին կ’ընկճուին, կը վհատին, եւ տանջող յոռետեսութիւնը բոյն կը դնէ անոնց նկա- րագրին մէջ1. եւ արդէն յոռետես բնաւորութեանց մեր մէջ բազմանալը՝ կեանքի իրականութիւնը կանուխէն ըմբռնուած չըլլալուն արդիւնքը չէ՞...։ Կեանքի փորձառութիւնը, շատ շատ կը զօրացնէ երիտասարդը կեանքի կռիւին մէջ, բայց երբէք չի կրնար իրեն արիութիւն տալ, զինքը քաջալերել, եթէ առաջուց2 առողջ դաստիարակութեան մը հզօր ներշնչումը իր մէջը չէ արմա- տացուցեր կեանքի գիտակցութեան սկզբունքները։ Ըսել չեմ ուզեր սակայն թէ՝ կեանքի դասը խօսելու ատեն՝ ոչ մէկ պատրանք թողելու չենք տղուն քով. կան պատրանքներ՝ որոնք գերազանցօրէն քաղցր են, ատոնք թողունք, վասն զի պատանեկութիւնը կը բանաստեղծեն, եւ այդ երազներուն ետքի ցրուումը կենսա- կան վնաս մը չի կրնար պատճառել անոր ապագային։ Մենք ծանրացանք աւելի բարոյական դաստիարակութեան վրայ, առաջին տեղը տալով անոր, վասն զի մտքի մարդէն աւելի՝ սրտի մարդերու պէտքը ունի կեանքը. մեր նպատակը չէ՛ ուրեմն մտաւորական դաստիարակութեան վրայ ալ երկարօրէն խօսիլ, եւ արդէն այդ մասին կան մէկէ աւելի նոր ու ծանօթ որոշ հեղինակութիւններ, որոնցմէ ուսուցիչը կրնայ դիւրաւ առաջնորդուիլ՝ իր դասա- ւանդութիւններուն մէջ, եւ գոհացուցիչ արդիւնքներ ձեռք բերել3։ Միայն հոս տեղն է նկատելու թէ՝ մենք ունինք մէկէ աւելի այր դաստիարակ- ներ4, որոնք Եւրոպայի լուսաւորեալ կեդրոններուն մէջ կանոնաւոր մանկավար- ժական ընթացք մը աւարտած կը ներկայանան, եւ որոնց կրնանք վստահօրէն յանձնել կրթական գործը։ Իսկ չունինք, գոնէ տաճկահայերուս5 մէջ, կին դաս- տիարակներ որոնք լրջօրէն հետեւած ըլլան մանկավարժական նորագոյն ուղղութիւններու կամ եւրոպական6 համալսարաններու մէջ լսած ըլլան ծանօթ 1. «ատեն՝ կ’ընկճուի, կը վհատի եւ տանջող յոռետեսութիւնը բոյն կը դնէ տղուն նկա- րագրին մէջ,», Դէպի վեր, էջ 103։ 2. «զինքը քաջալերել, զինքը առաջնորդել վեհագոյն ձգտումներու, եթէ առաջուց», Դէպի վեր, էջ 103։ 3. «Մենք այս անգամ ծանրացանք աւելի բարոյական դաստիարակութեան վրայ, առաջին տեղը տալով անոր, վասն զի մտքի մարդէն աւելի՛ սրտի մարդերու պէտքը ունի կեանքը իր նպատակին հասնելու համար, ուրիշ առթիւ պիտի խօսինք մտաւորական դաստիա- րակութեան եւ ուսուցման եղանակներու վրայ, միայն հոս տեղն է», Դէպի վեր, էջ 103։ 4. «մենք ունինք, մանաւա՛նդ կովկասահայերու մէջ, մէկէ աւելի այր դաստիարակներ եւ դաստիարակուհիներ, որոնք», Դէպի վեր, էջ 103։ 5. «չունինք, տաճկահայերուս», Դէպի վեր, էջ 103։ 6. «կամ գոնէ եւրոպական», Դէպի վեր, էջ 104։ 241

բռօֆէսէօռներու դասախօսութիւնները։ Անշուշտ կամքը չէ՛ որ պակսած է իրենց, եւ ոչ ալ կրթական գործին համար իրենց ունեցած բնական յարմարութիւնները զարգացնելու եւ դաստիարակչական արուեստին ամենանուրբ գաղտնիքներուն տիրանալու փափաքը, այլ միջոցներն են որ իրենց պակսած են ու ցարդ կը պակ- սին։ Մեր մէջ կը գտնուին մեկենասներ1, որոնք աղքատիկ ուսանողներ Եւրոպա ղրկելու պատրաստակամութիւնը կ’ունենան որպէսզի անոնք իրենց սիրած ո՛եւէ մէկ ճիւղը մշակեն ու կատարելագործեն, բայց գոնէ ցարդ2 չէ՛ տեսնուած հայ հարուստ մը, որ մտածէր աղքատիկ ուսանողուհիներու վրայ ալ. անոնց վրայ մանաւանդ, որոնք ուսման մէջ իրենց նշանակիչ3 յարմարութեամբն ու յառաջդի- մութեամբը մեծ յոյսեր կը ներշնչեն, եւ մասնաւոր հակում մը ցոյց կուտան կրթական գործին համար։ Կը սիրենք հաւատալ թէ՝ պիտի երեւնան օր մը հայ հարուստներ ալ, որոնք ըմբռնելով գործին պահանջը, իրենց ոսկիներէն մաս մը պիտի տրամադրեն անոր համար, եւ փոխանակ օր մը4 վարպետ-տուտուներու՝ կամ ինչ որ աւելի գէշն է՝ օտար դաստիարակուհիներու ձեռքով կառավարուելու հայ աղջկանց վարժարանները, եւ այսպէս օտար միջավայր մը ստեղծուելու դպրոցին շուրջը, հայ իսկական դաստիարակուհիներու ձեռքով կառավարուին, հա՛յ զգացումով, հա՛յ ներշնչումով, հա՛յ բարքերով ու սովորութիւններով, միայն եւրոպական դաստիարակութեամբ, եւրոպական քաղաքակրթութեամբ ազնուա- ցած, նրբացած, ու կարգ մը տգեղ նախապաշարումներէ սրբացած5։ *** Քանի որ օտար դաստիարակութեան միջոցաւ, օտար, խորթ ապրելակերպ մը մեր ազգայնական կեանքին ու բարքերուն մէջ սպրդելու կարելիութիւնը մեզ կը սպառնայ, կը կարծենք թէ՝ հոս տեղն է, մեր տեսութիւնը վերջացնելէ առաջ, արագ ակնարկ մը նետել մեր վարժարանական ծրագիրներուն վրայ ալ, քանի որ ատոնցմէ կախումն պիտի ունենայ գլխաւորաբար մանաւա՛նդ արտասահ- մանի Հայ գաղութներուն մէջ, ազգայնական ոգիին անաղարտ պահպանութիւնը։ Այդ ծրագիրը կազմելը՝ իրաւ որ դժուար է, վասն զի գործին մէջ գերազանց 1. «կը գտնուին ցանցառ մեկենասներ», Դէպի վեր, էջ 104։ 2. «բայց ‒ ի բաց առեալ Իզմիրցի բարեհամբաւ Պաքրճեան հանգուցեալ Նազարէթ Էֆէնտիէն ‒ ցարդ», Դէպի վեր, էջ 104։ 3. «ցայտուն», Դէպի վեր, էջ 104։ 4. «ոսկիներէն մաս մը տրամադրեն ճշմարիտ ուսուցչուհիներ, գիտակից դաստիարա- կուհիներ հասցնելու համար, որպէս զի փոխանակ օր մը», Դէպի վեր, էջ 104։ 5. «ազատագրուած», Դէպի վեր, էջ 104։ Այստեղ կը վերջանայ Ազատ բեմի յօդուածաշարը։ Դէպի վերին մէջ Պէյլէրեան գրած է շարունակութիւն մը (էջ 104-108), զոր կ’ընդօրինակեմ նոյնութեամբ։ 242

ձեռնհասութիւն մը ունենալը չի բաւեր, պէտք է նաեւ խորապէս ուսումնասիրած ըլլալ տեղւոյն կեանքը, պահանջքները, յաջողութեան գաղտնիքը, եւ ծրագիրը մասամբ յարմարեցնել այդ պահանջքներուն, քանի որ առանց ատոնց՝ նիւթական ապահովութիւն ու յառաջդիմութիւն չէ՛ կարելի ձեռք բերել այդ անհիւրընկալ երկիրներուն մէջ։ Ի՞նչ պէտք է ընել...։ Հիւսել ազգային դաստիարակութիւնը օտար դաստիարակութեան հետ։ Առ հասարակ արտասահմանի հայ վարժարանները կ’որդեգրեն տեղւոյն կառավարութենէն վաւերացուած ծրագիրները, բայց ատոնց բացարձակ կիրա- ռութիւնը չի կրնար ճշմարիտ հայ սերունդ պատրաստել։ Բացատրենք։ Ֆրանսական, անգլիական կամ գերմանական դաստիարակութիւնները իրենց ուղղութիւնը կը գծեն իրենց ազգային կեանքին պայմաններուն ու միջա- վայրին համեմատ, անոնք կը կրեն ազգային սեփական բնաւորանիշ, շատ բնական է ուրեմն որ այդ ուղղութիւնները չի կրնան բացարձակապէս յարմարիլ մեր հայ ազգային կեանքին, քանի որ մերն ալ ունի իր որոշ բնաւորանիշը, եթէ զանո՛նք չի պատուաստենք հայ սեփական դաստիարակութեան մէջ։ Հայ ցեղը բաժան բաժան ցրուած օտար աշխարհներ, թէպէտ տեղական, օտար դաստիարակութիւն մը ընդգրկելու ստիպուած՝ պիտի չմոռնայ նաեւ զարգացնել ազգայնական յատկութիւնները, զօրացնել հայ նկարագիրը, պիտի պահէ ցեղին որոշ գոյնը եւ պիտի չթողու որ անիկայ աղօտանայ, ջնջուի ժամա- նակի, տեղի, պարագայի, միջավայրի այլազան ազդեցութեանց տակ։ Այն ազգը որ իր ծնող ցեղը պահպանելու մարդավայել հպարտութիւնը չունի, ապրելու արժանի չէ՛։ Ա՛յդ պարագային ան իրաւամբ կը ճանչցուի իբր պիտակ ժողովուրդ մը, ամօթապարտ յանցանքի մը պտուղը կարծես, ճամբաներուն անկիւնը նետուած, օտարներէ որդեգրուած եւ օտարին կաթովը սնած ու մեծցած։ Դարերէ ի վեր, յորում հայ ցեղը ստրուկ է եւ աքսորական, հայ մանուկին վրայ դրուած է նուիրական պարտականութիւնը՝ իր ցեղը ճանչնալու, զայն գուրգուրա- նօք սիրելու ու պահպանելու, եւ այսօր դարձեալ իր հայրերուն, մայրերուն, քոյրերուն ու եղբայրներուն դեռ եւս մխացող տաք տաք արիւնը սրբազան կտակ կը թողու իրեն նուիրուիլ ազգային վերածնութեան գործին, քալելով հետքերուն վրայէն անոնց՝ որոնք այդ նպատակին համար դիւցազնաբար ցմահ կռուեցան։ Եւ այդ սրբազան կտակին ամբողջական գործադրութեանը վրայ խղճամիտ խստութեամբ մը հսկելու ծանր պատասխանատուութիւնը մեր դաստիարակ- ներուն եւ դաստիարակուհիներուն վրայ կը ծանրանայ մեծ մասամբ, քանի որ անոնք պիտի ըլլան պահպանողն ու զարգացնողը ազգային ոգին մատաղ սրտե- րու ու մտքերու մէջ, անո՛նք պիտի ըլլան հայ նոր սերունդը առաջնորդողը դէպի 243

պարտականութիւն եւ ցոյց պիտի տան ճշմարիտ ազատութեան ճանապարհը։ Մայր Երկրին մէջ ազգայնական ոգին կը պահուի շատ բնականօրէն, քանի որ օտար ազդեցութիւններ շատ չեն սպառնար զանի ջնջելու, եւ ինչ որ աւելին է, Հայ Տառապանքը կայ ու կը մնայ հոն ցցուած, բնիկ հայութեան աչքերուն ու սրտերուն այնքան մօտիկ։ Բայց օտար հողերու վրայ, ուր կը պանդխտի հայ ցեղը հարիւրներով ու հազարներով, պէտք է ջանալ որ Հայրենիքն ու Հայ տառապանքը ըլլան նաեւ նոյնքան մօտիկ անոնց աչքերուն ու սրտերուն։ Ի՞նչ ընել պէտք է։ Միթէ վարժարանին մէջ հայ լեզուն եւ հայ հին պատմութիւնը որոշ ժամերու մէջ իբրեւ դաս աւանդելը բաւակա՞ն է հայ մանուկը պարտականութեան ու զոհողութեան մարդը ընելու համար. բաւակա՞ն է անոր սիրտը խանդավառելու եւ զանի նետելու դիւցազնօրէն անձնուիրութեան ճանապարհին վրայ...։ Չէ՛... մէկէ աւելի Հայ երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ ունինք, որոնց համար հայ լեզուն ոչ մէկ գաղտնիք չունի, անոնք հայ հին պատմութիւնը լաւ սերտած են, ոչ մէկ անուն, ոչ մէկ դէպք, ոչ մէկ թուական չեն մոռցած, անոնց միտքը լաւ մշակուած է, դրամ վաստկելու ճամբան լաւ գիտեն, եւ իբրեւ galant մարդ կը յարգուին ամենէն, եւ սակայն ի՜նչ օգուտ երբ ցեղին ձայնը լուռ է անոնց սրտերուն մէջ, եւ իրենց մազերէն մէկ թել, եւ իրենց դրամէն մէկ միլիմ չեն զոհեր ազգային վերածնութեան գործին համար։ Հայ լեզուի գոհարները մեզ կը սքանչացնեն, մեր աչքերը կը շլացնեն, հայ հին պատմութիւնը մեզ կը հիացնէ, պղատոնական հիացում մը սակայն, շատ հանդարտ ձգելով մեր սիրտերը։ Ան ալ եւս չի կրնար ոգեւորել, խանդավառել զմեզ այնպէս՝ որ մոռցած բացարձակապէս մեր «Ես»ը մեր միակ ու տարամերժ սէրը, բաղձանքը ընենք Հայրենիքը ու ցեղին փրկութիւնը։ Արտասահմանի հայ վարժարանաց ծրագիրներուն մէջ ուրեմն, առաջին տեղը տալու է հայ լեզուին, հայ ընկերականութեան ու նկարագրին ուսումնասի- րութեանը եւ հին պատմութենէն զատ ու նոյն իսկ աւելի՛ հայ նոր պատմութեան դրուագները ծանօթացնել հայ պատանեկութեան եւ անոր ցոյց տալ նոր հայ հերոսներն ու հերոսուհիները։ Միթէ հին Հայկերու, Արամներու, թէպէտ սիրելի բայց շատ առասպելական պատմութիւններէն աւելի նոր ու իրական Հայկեր Արամներ չունի՞նք... նոր Տիգրաններ, Արտաշէսներ եւ Այծեմնիկներ որոնք ժամանակակից հայութիւնը փառաւորեցին։ Հինը չի՛ կրնար ալ եւս ոգեւորել, խանդավառել, կը կրկնեմ, այլ նոր, օրը օրին ապրուած հայ կեանքն է որ թեւ ու թռիչք պիտի տայ հայ մանուկ մտքերու ու սրտերու ու պիտի մղէ զանոնք դիւցազնական գործերու։ Հինը՝ նուիրական, վեհապանծ յիշատակարան մըն է, որուն մարդ կը 244

մերձենայ երկիւղած յարգանքով մը միայն, իսկ նորը, կենդանի աչքերուդ առջեւ կատարուած գործն է որ արիւնիդ մէջ կը վառէ սրբազան կրակը ու սիրտդ թունդ կը հանէ։ Թող չառարկուի թէ՝ Հայոց ժամանակակից պատմութիւնը դեռ լուսա- բանուած չէ՛, թէ պատմութիւնը դեռ իր վերջին խօսքը չէ՛ ըսած ներկայ ժամանակ- ներու գործերուն ու գործիչներուն վրայ։ Ի՞նչ փոյթ մեզ։ Միթէ պէտք եղածին չափ դատողութիւն չունի՞նք լաւը՝ վատէն զանազանելու, ճշմարիտը՝ սուտէն, իրական հերոսը՝ սուտ հերոսէն տարբերելու։ Միթէ աչքեր չունի՞նք տեսնելու համար դիւցազնութիւնը եւ ականջներ՝ լսելու համար ճշմարտութիւնը։ Միթէ հայ տառապանքը եւ անոր պատճառները հայ նոր սերունդին ճանչցնե- լու համար պիտի սպասե՞նք, որ ո՞վ գիտէ քանի տարիներ ետքը, գրուած պատ- մութիւն մը երեւան գայ...։ Անձնուիրութեան, զոհողութեան, քաջութեան գործերը ինքնին չե՞ն խօսիր արդէն մեր սրտին ու մտքին։ Ազատ բեմ, 28 Յունիս 1906, Դ. տարի, թիւ 28, էջ 2։ Ազատ բեմ, 1 Օգոստոս 1906, Դ. տարի, թիւ 29, էջ 1-2։ Ազատ բեմ, 4 Օգոստոս 1906, Դ. տարի, թիւ 30, էջ 2։ Ազատ բեմ, 11 Օգոստոս 1906, Դ. տարի, թիւ 32, էջ 2։ Վերատպուած՝ Մառի Պէյլէրեան, Դէպի վեր, Իզմիր, Տպագր. Մամուրեան, 1914, էջ 93-108։ 245

ԿՆՈՋ ԴԵՐԸ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՄԱՌԻ ՊԷՅԼԷՐԵԱՆ Յեղափոխութիւնը դաւանանք մըն է, կրօնք մըն է, եւ այն միակ խօսքը՝ որուն միշտ կոյր ու մոլեռանդ պաշտումով պիտի երկրպագէ մարդկութիւնը, եւ որուն մէջ՝ դարերու ընթացքը, զարգացումը, քաղաքակրթութիւնը, նորանոր գիւտերը բան մը չպիտի կրնան փոխել։ Անիկայ պիտի մնայ յաւիտենական նորը, մի՛շտ ճշմարիտը, մի՛շտ ստիպողականը եւ միակ տիեզերականը։ Յեղափոխութեան կրօնին պաշտամունքին մէջ սակայն, քանի կինը հետզհե- տէ տեղ ու դիրք կը բռնէ, հաւատքը աւելի կ’ամրապնդունի եւ կրօնքը կ’աստուա- ծանայ ու կը մշտնջենաւորուի։ Եւ ասի թող զարմանալի չի թուի, վասնզի մենք պատմութենէն գիտենք՝ այն ամէն գաղափարները, դաւանանքներն ու շարժում- ները, որոնք կնոջ մասնակցութեամբն ու աջակցութեամբը, մէկ խօսքով, կնոջ շունչով են ոգեւորուեր, որոնք միշտ մե՛ծ, հերոսակա՛ն ու տիրակա՛ն եղեր են։ Քրիստոնէական կրօնը պիտի չգտնէր ապահովաբար այն գրեթէ տիեզե- րական ընդունելութիւնը եւ պաշտումը, եթէ կին մարտիրոսուհիներ իրենց դիւցազնական արիութեամբ չի խանդավառէին ժողովուրդը, եւ իրենց աննկուն հաւատքով անոր չի ներշնչէին Հաւասարութեան, Եղբայրութեան ու Սիրոյ խորհուրդին մեծութիւնն ու սրբութիւնը։ Եւ դարձեալ քրիստոնէութիւնը գուցէ երկար չապրէր, եթէ կին մը՝ Սրբուհի Հեղինէ իր ազդեցութեամբ չի յաջողէր ձեռք բերել այդ նո՛յն կրօնքին ազատ պաշտաման իրաւունքը։ Եւ նոյն իսկ այսօ՛ր քրիստոնէութիւնը իր բացարձակ հոգեւարքին մէջը կ’ըլլար, եթէ կինը չի պահպանէր զայն նախանձոտ երկիւղածութեամբ իր ընտանեկան յարկին ու ապրած միջավայրին մէջ։ Կնոջ ազդեցութիւնը գէշ թէ լաւ, – ոչ միայն այսօր՝ ուր կինը յառաջդիմած, զարգացած եւ իբրեւ մարդ-էակ իր զօրաւոր եւ արդարացի իրաւունքները ձեռք բերած է, այլ նախնական դարերու մէջ ալ, երբ անիկա իբրեւ գերի, ստրուկ էր նկատուած – մի՛շտ մեծ ու տիրական եղեր է ընտանեկան կեանքին վրայ, ընկե- րական կեանքին վրայ, ինչպէս նաեւ իր ապրած միջավայրին վրայ։ Մեր նախամայրը՝ Եւա իր ազդեցութեամբ կրցաւ խախտել Ադամի կամքը, եւ անոր կերցնել տալ արգիլեալ պտուղը. եւ Սառա, Աբրահամու կինը կրցաւ ազդել իր ամուսնոյն վրայ եւ յաջողեցաւ վռնտել տալ անոր սիրելի հարճը, Հագարը եւ որդին Իսմայէլը։ Եսթէր, հրէա գերուհի մը, կրցաւ ազդել զօրաւոր Ասուերոսի վրայ եւ ազատել իր ցեղը անխուսափելի աղէտքէն։ Ալանաց գեղեցիկ օրիորդը՝ Սաթենիկ, յաջողեցաւ իր անոյշ լեզուին 246

ազդեցութեամբ համոզել հպարտ Արտաշէսը որ ազատէ իր եղբայրը գերութենէ. եւ Խոսրովիդուխտ հայ իշխանուհին կրցաւ վերջապէս համոզել պալատական իշխաններն ու նախարարները որ երթան վիրապին մէջ փնտռեն կենդանի Ս. Գրիգորը, որուն երեւումը բոլորովին յեղաշրջեց այն ատենուան հայ կեանքը... Եւ կիները ըմբռնած ըլլալու էին իրենց այդ խորունկ եւ անդիմադրելի ազդե- ցութիւնը, քանի որ իրենք կ’ոգեւորէին, կը խրախուսէին իրենց ամուսինները, եղբայրները, զաւակները պատերազմի ատեն։ Ո՞վ չի յիշեր սպարտացի այն դիւցազն կիները, որ իրենց սիրելիները պատե- րազմ ղրկած պահուն վահանը ցոյց տալով կ’ըսէին. «կա՛մ տակը՝ կա՛մ վրան»։ Ո՞վ չի յափշտակուիր յիշելով Հոռվմայեցի այն սքանչելի մայրը, Կոռնելիան, որ իր զաւակները ժողովուրդի բարօրութեան ու երջանկութեան համար զոհուելու ու մեռնելու յորդորած ատեն կ’ըսէր անոնց թէ՝ իր միակ տենչալի բաղձանքն էր գերեզմանին վրայ իբրեւ տապանագիր ունենալ՝ «Կրաքիաններու մայրը»։ Շա՜տ համառօտ ու միեւնոյն ժամանակ շա՜տ պերճախօս տապանագիր մը, որը իր մէջ կը բովանդակէ հայրենիքի, ցեղի սիրոյն գերազանց բարձրութիւնը, ու միանգամայն փառասիրութիւններու ամենէն ազնիւը ու ամենէն սուրբը... Ո՞վ չի յիշեր պատմութիւնը ասպետական դարերու, երբ ասպետը իրական կամ նոյն իսկ երեւակայական գեղուհւոյ մը սիրով ոգեւորուած՝ անոր սիրոյն արժանի ըլլալու համար կ’երթար հերոսական արկածներ փնտռելու, եւ շատ անգամ իրօք հերոս կը դառնար մի՛շտ այդ ներշնչող ազդեցութեան խթանին տակ։ Ուրեմն կինը ամէն դարերու եւ ամէն ժամանակներու մէջ սիրեր է արին, կտրիճը եւ անոր դիւցազնական գործերը վարձատրեր է ամենէն բարձր շնորհ- ներով։ Եւ այսօր ալ նոյն բանը չէ՞ դարձեալ... Ո՞ր սրտով ու հոգւով ճշմարիտ հայ աղջիկը իր անտիական հասակին երազները չոսկեզօծեր հայ կտրիճին իտէալ պատկերով. հայ կտրիճը՝ սուրը մէջքին, ատրճանակը ձեռքին, որ սէգօրէն առիւծի մը պէս կ’երթայ իր հայրենի երկրին փրկութիւնը ապահովելու. եւ ո՞ր լուրջ ճշմարտապէս զարգացած հայ աղջիկը զզուանօք երես չի դարձներ այն փափկասուն ինքնակոչ-կենցաղագէտ երիտասարդներէն, ծիծաղելի՜ խամաճիկ- ներ, որոնք արժանիքը կը տեսնեն միայն իրենց վայելուչ սմօքինկներուն եւ կամ մի քանի արուեստական նրբացած ծեքծեքումներու մէջ...։ *** Ամէն ժամանակներու մէջ կիները գնահատուէր, կիներու գովեստը մեծապէս փնտռուած եւ անհունապէս ազդեցիկ էր, ըլլա՛յ պատերազմական, ըլլայ հասա- րակական գործերու մէջ. անիկա խթանը եղած է ամէն յառաջդիմութեան, ամէ՛ն 247

յաջողութեան։ Հրէից պատմութենէն գիտենք որ երբ Սաւուղ եւ Դաւիթ յաղթական կը վերա- դառնային Փղշտացւոց դէմ մղուած պատերազմէն, կիները ծնծղաներով ու երգերով դիմաւորեցին զանոնք գոչելով. «Սաւուղ հազարաւորները զարկաւ, իսկ Դաւիթ՝ բիւրաւորները»։ Սաւուղ սաստիկ նախանձեցաւ եւ խորապէս տխրեցաւ. գուցէ անտարբեր մնար եթէ այդ գովեստները այր մարդոցմէ հասած ըլլային, եւ այն օրէն թշնա- մացաւ Դաւիթի հետ, իսկ Դաւիթ բարձրացաւ եւ հետզհետէ մեծցաւ։ Կինը՝ պաշտելով հանդերձ դիւցազնը, քաջը, ինք անձամբ ալ դիւցազնական գործեր կատարելու ընդունակութիւնն ու կարողութիւնը մի՛շտ ցոյց է տուեր։ Հակառակ իր փափուկ եւ երկչոտ երեւցող բնաւորութեանը։ Յուդիթ, փափկասուն հրէուհին, բեհեզներու ու սնդուսներու մէջ սնած ու ապրած, կրցաւ սակայն իր սիրտը պնդացնել այր մարդու յատուկ վճռողականու- թեամբ, երբ հարկ եղաւ իր ցեղի փրկութեան համար դանակը մխել Հողեփեռնէսի կոկորդը։ Եւ Հարաւային Ամերիկա, Մարանիոնի (Ամազոն) եզերքներուն վրայ եղան կիներ՝ որոնք այրերու հաւասար քաջութեամբ գիտցան պատերազմիլ, եւ որոնք կոչուեցան Ամազոն, հին առասպելական անունով։ Ամէնէն հին դարերու եւ նոյն իսկ ներկայ ժամանակակից պատմութիւնը մեզ կուտայ անհերքելի ապացոյցները կնոջ մարտական ճաշակին եւ հերոսական հոգիին։ Դեռ շատ հեռու չէ այն ժամանակը երբ նշանաւոր իտալացի հայրենասէր Կարիպալտիի կինը՝ Անիթա, իր ամուսնոյն հետ կողք կողքի պատերազմելով անոր գլխուն վրայ կախուած հազարաւոր վտանգները բաժնելով ապրեցաւ։ Ան՝ մխիթարիչ հրեշտակը կ’ըլլար պատերազմի մէջ մեռնողներուն, քրոջ մը գուրգու- րանքով կը դարմանէր վիրաւորեալները, ամենո՛ւն եւ ամէ՛ն տեղ կը հասնէր, եւ ինքն ալ մեռաւ վերջապէս յոգնութենէ ու զրկանքէ։ Հանրի Դ.-ի օրով, Ֆալէզի պատերազմին, մատաղատի աղջիկ մը իր նշանածին՝ զօրավար Լաշէսնէի հետ մտաւ կռուին մէջ եւ երկուքն ալ ինկան քաղաքը պաշտպանելով։ Հապա Պարսատիկի (La Fronde) ատե՞ն... ո՞վ կրնայ առանց հիացումի յիշել անունները այն ամէն կիներուն որոնք այդ յեղափոխութեան շրջանին մէջ մէկէ աւելի անգամներ արիութեան եւ անձնուիրութեան այնքա՜ն գերազանց օրինակ- ներ տուին։ Երկար կ’ըլլայ դեռ եւս մի առ մի թուելը կին սեռին այդ պանծալի ներկայա- ցուցիչներուն իւրաքանչիւրին անունները, բայց չենք ուզեր փակել յիշատակու- թիւններու այս էջը, առանց հայ անցեալ ու ներկայ պատմութենէն ալ տալու մի քանի նմուշներ միայն, որոնք կ’ապացուցանեն թէ՝ հայ կինն ալ հերոսութեան մէջ կրնայ յաջողութեամբ մրցիլ իր օտարազգի քոյրերուն հետ։ 248


Like this book? You can publish your book online for free in a few minutes!
Create your own flipbook