ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ ՄԱՌԻ ՊԷՅԼԷՐԵԱՆԻ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՏԱՐԻՆԵՐԸ (1896-1909) ԵՒ ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆ ՖԵՄԻՆԻԶՄԸ ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ Ծ. (50) ԳԱՀԻՐԷ 2022
ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ ՄԱՌԻ ՊԷՅԼԷՐԵԱՆԻ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՏԱՐԻՆԵՐԸ (1896-1909) ԵՒ ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆ ՖԵՄԻՆԻԶՄԸ ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ Ծ. (50) ԳԱՀԻՐԷ 2022
Ջահակիր շաբաթաթերթ Տնօրէն եւ խմբագիր` Մարտիրոս Պալաեան Խմբագրական խորհրդատու` Հայկ Աւագեան Այս գիրքը հրատարակուած է սահմանափակ տպաքանակով։ Ան չէ նախատեսուած վաճառքի համար։ Անվճար կը տրամադրուի գրադարաններուն եւ նիւթով հետաքրքրուողներուն։ Ստանալու համար դիմել` [email protected]
ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔ Մառի Պէյլէրեան՝ բազմաթիւ այլ մտաւորականներու նման, Պոլիսէն Եգիպտոս եկած է 1896-ի յայտնի դէպքերէն ետք, եւ Իզմիր մեկնած 1909-ի վերջերը՝ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն աւելի քան մէկ տարի ետք։ Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ վարած է մանկավարժական, գրական, հրա- պարակագրական եւ հասարակական բեղուն գործունէութիւն։ Ներկայ հատորը փորձ մըն է ներկայացնելու Պէյլէրեանի Եգիպտոսի շրջանի գործունէութեան ընդհանուր գիծերը։ Այս փորձը հանդիպեցաւ լուրջ խոչընդոտի՝ մամուլի հաւաքածոներու բացա- կայութեան պատճառով։ Եգիպտահայ մամուլի մեծաքանակ թիւեր կը պակսին թէ՛ տեղւոյն եւ թէ՛ Հայաստանի գրադարաններուն մէջ, որ անկարելի կը դարձնէ Պէյլէրեանի (ինչպէս նաեւ ուրիշներու) ամբողջական գրութիւններուն հաւաքա- գրութիւնը եւ գործունէութեան բոլոր արձանագրուած տեղեկութիւններուն միա- տեղումը։ Իր կենսագրութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի եղաւ գտնել նաեւ Հնչակեան Կուսակցութեան Գահիրէի մասնաճիւղի արխիւային նիւթերուն մէջ։ Հատորիս առաջին մասը կ’ուրուագծէ Պէյլէրեանի կենսագրութիւնը եւ գաղա- փարական համոզումներն ու ուղղութիւնները։ Երկրորդ մասը կ’ամփոփէ եգիպտահայ մամուլին մէջ ստորագրած յօդուած- ներն ու գրական արձակ ու չափածոյ գործերը։ Անոնց մէկ մասը վերահրա- տարակուած է Դէպի վեր հատորին մէջ (Իզմիր, 1914), ուր կարելի է գտնել տարբեր չափի փոփոխութիւններ։ Ներկայ հրատարակութեան համար հիմք ընդունեցի եգիպտական մամուլի տարբերակները, տողատակին աւելցնելով Դէպի վերին մէջ տեղ գտած հիմնական փոփոխութիւնները, զանց առնելով կէտադրական եւ այլ փոքր փոփոխութիւնները՝ որոնք դուրս են հատորիս հետապնդած նպատակէն։ Անկասկած, նոր նիւթերու յայտնաբերումի լոյսին տակ, հատորը կարիք պիտի ունենայ յետագայ համալրումներու։ 3
ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՆԱԽԱԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ (1877-1896) Ծնած է 1877 Մարտ 10-ին, Պոլիս (Պէշիկթաշ)։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Բերայի Եսայեան Վարժարանը, ապա՝ Բերայի Արուեստանոցը։ Ուսանողական շրջանին արդէն հրապարակ իջած է իբրեւ գրող՝ Արեւելքի մէջ Կալիպսօ ծածկանունով ստորագրելով յօդուածներ, «որոնցմէ «Հայ աղջկանց կեանքէն»ը մեծ աղմուկ կը հանէ եւ կ’արտատպուի Թիֆլիսի Արձագանգին մէջ գնահատական տողերով։ Իր «Նարեկն ու Նարեկացին» գրավէճի մը դուռ կը բանայ Գ. Նեմցէի եւ Միհրդ. Նորատունկեանի միջեւ»1։ Գարեգին Սրուանձտեանց սրբազանի կարգադրութեամբ, ուսանողութեան տարիներէն ուսուցիչ կը նշանակուի հայ լեզուի եւ պատմութեան։ Կը սկսի հետաքրքրուիլ հայ ազատագրական շարժումներով, գաղտնաբար կը կարդայ Արմէնիա, Հայաստան եւ Հնչակ։ 5
Կը մօտենայ Հնչակեաններուն, բայց իր մատաղ տարիքին պատճառով կու- սակցութիւնը կը բաւականանայ զինք նշանակելով Հնչակի Պոլսոյ թղթակից։ Իր առաջին թղթակցութիւնը կ’ըլլայ Հնչակեան Կուսակցութեան 1890 թուականի Գում-Գաբուի ցոյցին նկարագրականը։ Կուսակցական գաղտնի գործունէութենէ ետք, 1895-ին աշխոյժ մասնակցու- թիւն կ’ունենայ Հնչակեաններու Պապը Ալիի ցոյցի կազմակերպչական աշխա- տանքներուն, ցոյցին օրը գտնուելով առաջին շարքերը եւ արտասանելով Իզմիրլեանին ուղղուած ճառը։ Ցոյցէն ետք կը ստիպուի շրջան մը անհետանալ հանրութեան աչքէն, ապա կը վերադառնայ ուսուցչութեան Եսայեան Վարժարանի մէջ, առանց մոռնալու գործողութիւններ կատարել հայկական շարժումին համար։ Կու գայ 1896-ի Պանքայի դէպքը եւ կը պաշարուի իր տունը։ Հրաշքով դուրս սպրդելով, նոյն տարուայ աշնան կ’ապաստանի Եգիպտոս, ուր պիտի մնար մինչեւ 1909 թուական2։ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՇՐՋԱՆ (1896-1909) ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ Պէյլէրեան Պոլիսէն Աղեքսանդրիա կը հասնի 1896-ի աշնան, երբ 19 տարե- կան էր3։ Ապրուստը կ’ապահովէ Աղեքսանդրիոյ Պօղոսեան Ազգային Վարժարանի եւ Գահիրէի Գալուստեան Ազգային Վարժարանի մէջ վարելով ուսուցչական պաշ- տօններ։ Եգիպտահայ մամուլին մէջ կը հրատարակէ արձակ եւ չափածոյ գործեր, կը ստորագրէ յօդուածներ կնոջական եւ ընդհանուր հարցերու մասին՝ կրթութիւն, մամուլ, յեղափոխութիւն, եւ այլն, կը քննախօսէ թատերական ներկայացումներ եւ նկարչական ցուցահանդէսներ, կ’արտայայտուի ժամանակակից դէմքերու մասին՝ Թովմաս Ֆասուլեաճեան, Եզնիկ Արք. Ապահունի, Մխօ Շահէն, Բագրատ Վարդապետ Թաւաքալեան։ Կ’աշխատակցի Եղիշէ Թորոսեանի Արշալոյսին (1899-1900), Սմբատ Բիւ- րատի Փիւնիկին (1900-1903), Բարսեղ Օհանեանի Ազատ բեմին (1906-1907), Երուանդ Օտեանի Արեւին (1908), չմոռնալով իր խմբագրած Արտէմիսը (1902- 1903)։ Կու տայ քանի մը բանախօսութիւններ։ Ելոյթ կ’ունենայ դաշնակահարութեամբ՝ իբրեւ երգերու նուագակցող։ 6
1907-էն սկսեալ տարբեր առիթներով կը համագործակցի Հնչակեան Կուսակցութեան Գահիրէի մասնաճիւղին։ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆ 1897-1899-ի տարեշրջանի համար Պէյլէրեան եղած է Աղեքսանդրիոյ Պօղոս- եան Ազգային Վարժարանի ուսուցիչ4։ 1901-1902 տարեշրջան՝ ուսուցիչ Գահիրէի Գալուստեան Ազգային Վարժա- րանի, դասաւանդումը սկսելով 1901 Սեպտեմբերէն։ Ըստ երեւոյթին, իր կամքէն անկախ, ան կը գրաւէր արդէն հինգ տարի այնտեղ պաշտօնավարող Օր. Սօֆի Մանիսալեանի տեղը։ Մանիսալեանի հեռացումը որոշ քննադատութեան տեղիք կու տայ մամուլին մէջ5։ 1902-1905՝ ուսուցիչ Աղեքսանդրիոյ Պօղոսեան Վարժարանի6։ 1905 Ապրիլին, գալիք դպրոցական տարեշրջանին համար Պէյլէրեան արդէն նշանակուած էր Գահիրէի Գալուստեան Վարժարանի աղջիկներու բաժինի հայերէնի ուսուցչուհի, ճակատագիրի բերումով կրկին փոխարինելով Սօֆի Մանիսալեանին7։ 1905 Սեպտեմբեր 11-ին Աղեքսադրիայէն կը փոխադրուի Գահիրէ, ստանձնելու համար պաշտօնը8։ Հոկտեմբեր 26-ին կը սկսի դասաւան- դութիւնը9։ Գարտաշեան տեղ մը կը նշէ՝ որ 1905 Մայիս 5-էն արդէն կը դասաւան- դէր այնտեղ10, ուրիշ տեղ մըն ալ սկզբնաւորութեան թուականը կը նշէ՝ Սեպտեմ- բեր 911։ Գալուստեանի մէջ Պէյլէրեան զգացնել կու տայ իր ներկայութիւնը։ 1906 Յունուար 1/14-ին կը տօնակատարուի Կաղանդը, միաժամանակ կայանալով վարժարանի հիմնադիր Կարապետ աղա Գալուստեանի անուան յիշատակու- թիւնը։ Յետ եկեղեցական արարողութեան տեղի ունեցած հանդէսին, «[ա]ղջկանց վարժարանէն սանուհիի մը կարդացած ուղերձը ցոյց տուաւ թէ այժմու դաստիա- րակուհի տիկին Մառի Պէյլէրեան շատ արդիւնաւոր գործունէութիւն մը ունեցած է վարժարանին մէջ»12։ Գարտաշեան կ’արձանագրէ՝ որ Պէյլէրեան շարունակած է Գալուստեանի հայերէնի ուսուցչութիւնը մինչեւ 1908 Յունիս13։ Կը յիշատակէ նաեւ՝ որ 1908- 1909-ի համար նշանակուած է Գալուստեանի ձեռագործի ուսուցիչ14։ ԿԻՊՐՈՍ Պօղոսեանի մէջ շրջան մը անցընելէ ետք, Պէյլէրեան ուսուցչական պաշտօ- նով կը մեկնի Կիպրոս15, ուր իբրեւ աւագ ուսուցչուհի կը գործէ Աղջկանց 7
Վարժարանին մէջ16։ Ասիկա ըլլալու է 1900 Մարտ – 1901 Մայիսի ընթացքին։ 1899-1901-ը այն շրջանն է՝ երբ յիշատակութիւն չկայ Պէյլէրեանի ուսուցչական գործունէութեան մասին Եգիպտոսի մէջ (տես վերը)։ 1900 Փետրուարին լոյս տեսած է իր բանաս- տեղծութիւնը Արշալոյսի մէջ, իսկ 1901 Յունիս-Յուլիսին Գահիրէի մէջ հրատա- րակած է Խրիմեան Հայրիկի բանաստեղծութիւնները, որուն համար գոնէ մէկ ամիս առաջ պէտք է Եգիպտոս գտնուած ըլլար՝ պատրաստութիւններուն հա- մար։ Բաց աստի, Թէոդիկ ուրիշ տեղեկութիւն մը եւս կը հաղորդէ, ըսելով որ նոյն ժամանակ, Պէյլէրեանի թելադրութեամբ, իր մտերիմ ու գաղափարակից ընկերը Ավօ «կը մեկնէր Էջմիածին, կանանց յատուկ օրգան մը հիմնելու համար Ս. Հայրապետին աջակցութիւն խնդրելու։ Խրիմեան Հայրիկ այդ գաղափարին հաւնելով՝ կը նուիրէ տպագրական նորաձոյլ տառեր, նաեւ իր անտիպ քերթուածները, հրատարակութենէն գոյանալիք հասոյթը թերթին յատկացուելու համար»17։ ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿ ԵՒ ՎԵՐՋԱԼՈՅՍԻ ՁԱՅՆԵՐԸ 1901 Յունիս-Յուլիսին, Պէյլէրեանի ջանքերով կը հրատարակուի Խրիմեան Հայրիկի Վերջալոյսի ձայներ բանաստեղծական ժողովածուն (Գահիրէ, Տպագր. Ե. Թորոսեան)։ Պէյլէրեան իրաւամբ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ գիրքին հրատարակիչը18։ Խրիմեան յատուկ Պէյլէրեանին ղրկած էր իր անտիպ բանաստեղծութիւնները Եգիպտոսի մէջ հրատարակուելու համար։ Ղրկած էր նաեւ Արտէմիս ամսագիրի տպագրութեան համար նորաձոյլ տառեր, իսկ գիրքի յետագայ վաճառքէն գալիք հասոյթը տրամադրած ամսագիրին (Արտէսմիսի առաջին թիւը լոյս պիտի տես- նէր 1902 Յունուարին)։ Այս տեղեկութիւնները Պէյլէրեան կը հաղորդէ Խրիմեա- նին ուղղուած գրականախառն ուղերձի մը ընդմէջէն՝ զոր տեղադրած է գիրքին սկիզբը փոխան նախաբանի (ստորագրուած՝ Գահիրէ, 2/15 Յունիս 1901). Ժամանակի արագընթաց հոսանքին մէջ ի՜նչ է կեանքը մարդուն. մանկութենէ մինչեւ երիտասարդութիւն քայլ մ’է միայն։ Ու երբ ես այդ քայլը կ’ընեմ, այսօր Հայ կանանց համար իմ նախաձեռնութեամբ Արտէմիս անունով հանդէսիս հրատարակութեան առթի՛ւ ալ՝ ինձ կը նուիրէք տպագրական նորաձոյլ տառերու հետ մի ուրիշ մեծագին Մարգարիտ եւս. Ձերդ Վեհափառութեան այս անտիպ երկասիրութիւնը՝ Վերջալոյսի ձայներ՝ Ձեր Բարձր կարգադրութեան համեմատ ինձ կը շնորհէք, եւ անոր հասոյթը կը տրամադրէք սկսելիք հանրային ձեռնարկիս ի նպաստ19։ 8
1885-1890-ին Խրիմեան կը գտնուէր Պոլիս՝ Բարձր Դրան հսկողութեան տակ, ստանձնելով նաեւ Կրօնական Ժողովի ատենապետութիւնը։ Այդ ժամանակ էր երբ Պէյլէրեան կ’աշակերտէր Եսայեան Վարժարան։ Ան իր կապը Խրիմեանի հետ կը տանի մինչեւ այդ տարիները, բացատրելով նաեւ թէ ինչ բան է վերո- յիշեալ Մարգարիտը. Մանուկ էի դեռ, երբ վարժարանական սեղաններուն վրայ, օր մը, Ձեր Բարձր ներկայու- թեամբ անցուցած քննութիւններէս մէկուն մէջ, զիս կը քաջալերէիք նուիրելով ինձ Ձեր սրբատառ ձեռագիրը վեհօրէն ճակտին դրօշմած, Ձեր Մարգարիտ արքայութեան երկնից մակագրեալ գրքոյկէն մէկ օրինակ։ Սակաւաթիւ զարդերուս իբրեւ ամենէն թանկագինը, մինչեւ այսօր պահած եմ այդ անըսգիւտ Մարգարիտը։ Կեանքիս մէջ թերեւս ունեցայ ուրիշ իսկական գոհար ու մարգարիտ- ներ. բայց, չգիտեմ ինչո՞ւ, չկարողացայ հաշտուիլ անոնց հետ, ու մինչեւ վերջը պահել. ա՞րդեօք ամեն ինչ ծախող ու սպառող ժամանակը եղծե՞ց ու աչքէս հանե՞ց մարգրիտներու ծովէն քաղուած, նոյն իսկ այդ ամենէն անեղծ կարծած գոհար ու մարգարիտներուս փայլն ու գեղը։ Չգիտե՜մ։ Տարիներ անցան. բայց Ձեր ինձ նուէր ըրած մեծագին Մարգարիտին փայլը մնաց անե՜ղծ, անմե՜ռ. ու ես կը պահեմ զայն տակաւին ու պիտի պահեմ, ո՜վ գիտէ քանի՜ տարիներ եւս, մինչեւ գերեզմա՜ն...։ Ձեր Մարգարիտը, Վեհափառ Տէր, մի գանձ է թանկագին. գիտե՜մ. անոր փայլն ու գեղը չեն մեռնիր, որովհետեւ Երկնքէն քաղուած է20։ Հայրենասիրութեամբ հռչակուած Կաթողիկոսի հետ յարաբերութիւններու առանձնաշնորհեալ վիճակի ստեղծումը՝ իրական թէ երեւակայական, կարեւոր էր Պէյլէրեանի համար։ Եւ ան պիտի չթոյլատրէր այս առանձնաշնորհութեան պղտորումը։ Այսպէս, Արշալոյսի մէջ Պ. ստորագրութեամբ լոյս կը տեսնէ առաջնորդող յօդուած մը, ուր հեղինակը գիրքի հրատարակութեան բեռը կը դնէ տպագրիչ Եղիշէ Թորոսեանի ուսերուն. Յօդուածս չկնքած պարտք կը համարիմ շնորհաւորելու Արշալոյսի տնօրէն եւ գործոյս տպագրիչ, Տիար Ե. Թորոսեանը, որ իր թերթովը ծանրապէս զբաղեալ լինելով հանդերձ, ըստ կարելւոյն փոյթ եւ խնամք չէ զլացած ընթերցողին ձեռքը տալու սահուն եւ փայլուն հատորիկ մը մեծ ճաշակով տպագրուած, եւ ինչ որ անգնահատելի ծառայութիւն մ’է ամբողջ ազգութեան, Հայրիկին փառաւոր կենդանագրով պճնազարդուած21։ Չմոռնանք՝ որ Թորոսեան Արշալոյսի խմբագիրն էր, եւ յօդուածը կը միտէր գովերգել խմբագիրը։ Պէյլէրեանի համար ասիկա արդէն սահմանազանց արտօ- նութիւն մըն էր։ Ան պիտի առարկէր ուժեղօրէն. 9
Կ’երեւի թէ ազնիւ յօդուածագիրը տեղեակ չէ մօտէն Վերջալոյսի ձայներուն հրատա- րակման պատմութեանը, որովհետեւ այնքան ազնուօրէն գործի մը կամ գաղափարի մը մեծութիւն ըմբռնող անձնաւորութիւն մը՝ գիտակցօրէն սխալ մը իբրեւ ուղիղ չպիտի հրատարակէր եւ այն ալ՝ ազգային թերթի մը մէջ...22 Պէյլէրեան ինքն էր որ հայթայթած էր Եղիշէ Թորոսեանի տպարանին ծախ- սերը. Տիար Ե. Թորոսեանը Վերջալոյսի ձայներուն հրատարակման խնդրոյն մէջ ունեցած է այն դերը՝ ինչ որ պիտի ունենար սովորական տպարանատէր մը։ [...] Թուղթի եւ տպագրու- թեան ծախսերը [...] եղած են մեր միջոցներով, եւ եթէ այդ միջոցները ստեղծուելուն մէջ դեր մը ունեցած է Պ. Թորոսեանը, այդ ալ սոսկ վաճառականական հաշիւներու բնութիւնը ունի, որոնք պիտի տեսնուին որոշեալ ժամանակամիջոցին մէջ23։ Կենդանագիրը պատրաստած էր գերմանացի մը, նոյնպէս Պէյլէրեանի ծախ- սով. Վեհ. Հայրիկի փառաւոր կենդանագիրը որ ինչպէս կ’ըսէ Պարոն Պ. «անգնահատելի ծառայութիւն մ’է ազգութեան» պատրաստած է գերմանացի վարպետը, մեր ծախքով24։ Եթէ նուիրեալ մը կայ այս աշխատանքին մէջ, ան գրաշարն է՝ որ աշխատան- քը ստանձնած էր անվճար. Գալով գրքի շարուելու՝ այդ գործը յանձն առած էր, մեր ամենէն մօտիկ բարեկամ, Պ. Կարապետ Այվազեանց, եւ եթէ կայ մէկը՝ զոր պէտք է իրաւամբ շնորհաւորել հրապարակաւ, դա՛ այդ երիտասարդն է, որ առանց ո եւ է նկատումի, առանց ո եւ է նիւթական կամ բարո- յական ակնկալութեան, այդ գործը յանձն առաւ անձնուիրաբար, հազար չարչարանքներով, զորս չեմ ուզեր հոս մի առ մի թուել չվիրաւորելու համար իր համեստութիւնը25։ Խրիմեան-Պէյլէրեան յարաբերութիւնը յետագային պիտի չվրիպէր Յակոբ Օշականի նրբանկատ ուշադրութենէն. [Հ]ազիւ կը կենամ, յիշատակելու պարտքով մը միայն, հատորին առջեւ որ կը կոչուի Վերջալոյսի ձայներ, գիտէք՝ տպուած Գահիրէ, 1901ին։ Ի վերջոյ դժուարութեան մէջ չեմ Կապոյտ Գուլպայ (Bas-Bleu) վերադիրով ծանօթ կիներու փառասիրութիւնը ըստ արժան- ւոյն դատելու: Մարի Պէյլէրեան էր անունը այդ կնոջ որ քառորդ դար առաջուան նուէր մը (Մարգարիտ արքայութեան երկնից) խելքով պիտի օգտագործէր հայոց հայրապետին համբաւը իր ձեռնարկին (Արտեմիս անունով կանանց հանդէս մը) հովանաւոր ընծայելու ու պիտի առնէր արտօնութիւնը Հայրիկին քերթուածները տպագրելու, ծանօթ պիտակին 10
տակ։ Ասկէ անդի՞ն։ Տիկինը հասկնալի։ Հայոց Հայրի՞կը։ Ան ալ հասկնալի անշուշտ` երբ ակնարկ մը նետէք անոր ծննդեան թուականին (1820)։ Ունիք` առեղծուածին լուծումը։ Կ’անցնիմ26։ Bas-bleu կը նշանակէ գրական յաւակնութիւններ ունեցող զաւեշտական իմաստակութեամբ կին... ԱՌԱՋԻՆ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ 1901 Յունիս 30-ին, Աղեքսանդրիոյ Էտէն Թատրոնին մէջ, խումբ մը երիտա- սարդներ կը նախաձեռնեն ժողովրդական լսարան, ուր ելոյթ կ’ունենան Մառի Պէյլէրեան՝ Հայ կինը արդի ընկերութեան մէջ, եւ Զարեհ Գոչեան՝ Հայը ներկային մէջ ու ապագային27։ Ձեռնարկը կը նախագահէ Սրբազան Առաջնորդը։ Բացումի խօսքը կը կատարէ Թաղական Խորհուրդի քարտուղար Լեւոն Մկրտիչեան՝ որ հանդէս կու գայ Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնի անդամի հանգամանքով։ Ան կը ներկայացնէ Զարեհ Գոչեանը՝ իբրեւ նոյն կուսակցութեան Եգիպտոսի ընդհանուր ներկայացուցիչ։ Եթէ աւելցնենք, որ Պէյլէրեան եղած է Հնչակեան (ոչ Վերակազմեալ), ուրեմն ձեռնարկը, ընդհանուր առմամբ, կ’ունենայ Հնչակեան կողմնորոշում։ Առաջին խօսողը կ’ըլլայ Պէյլէրեան։ Ասիկա իր առաջին հրապարակային ելոյթն էր Եգիպտոս գալէն ի վեր։ «Արտասահման ելնելէս ի վեր, առաջին անգամն է որ հրապարակաւ խօսելու պատեհութիւնն կ’ունենամ», կը շեշտէ բանախօսուհին28։ Սմբատ Բիւրատ իր Փիւնիկին մէջ կ’արձագանգէ. Օր. Մարի Պէյլէրեան, մեր գեղեցիկ սեռի նոր գրագէտներուն գրեթէ ամենէն համակրելին, որ ծանօթ է արդէն իր զգայնիկ բանաստեղծութիւններով, արձակ ու ոտանաւոր, առաջին անգամ ելաւ բեմ ու խօսեցաւ Հայ կինը արդի ընկերութեան մէջ շահեկան նիւթին վրայ։ Սոյն բանախօսութիւնը կը հրատարակենք ստորեւ։ Օր. Մարի բանախօսութիւնն աւարտեց ծափերու որոտներու միջեւ29։ Պէյլէրեանի խօսքը Փիւնիկ կը հրատարակէ երկու յաջորդական թիւերու մէջ։ Ան բանախօսութիւնը յառաջ կը տանի երեք փուլերով։ Նախ կը խօսի կիներու ազատ արտայայտութեան սահմանափակութեան մասին, յատկապէս ընկերային եւ հանրային խնդիրներու առնչութեամբ, որոնք 11
առանցքային նշանակութիւն ունին մարդու կեանքի համար։ Այսինքն, առանց- քայինը դուրս կը մնայ կիներու իրաւասութենէն։ Կնոջ դերը սահմանափակուած կը մնայ ընտանիքի մէջ, ուր եւս ան ազատ չէ գործելու, այլ ենթարկուած է տղամարդու հրամաններուն։ Յետոյ կ’անցնի պատմական հռետորաբանութեան՝ Փափկասուն տիկնայք հայոց աշխարհին, Եսթեր, Յուդիթ, Սանդուխտ, Հռիփսիմէ, Ժան տ’Արք, Շարլոթ Քորտէ, Հարիէթ Պիչըր Սթօու, եւ նոր ժամանակներուն՝ Կիւլիւզար, Շաքէ, Սօսի։ Եւ անշուշտ պիտի չնշէր իր անունը՝ 1895-ի Պապը Ալիի ցոյցին համար։ Թէեւ հռետորութիւնը Պէյլէրեանի ոճին անծանօթ տարր մը չէ, բայց այստեղ, յեղափոխական պատումով համակուած Հնչակեան շրջանակի բանախօսութեան համար, նման մօտեցումը աւելի քան ըմբռնելի է։ Կենդանի օրինակներէն ետք, բանախօսը կը վերականգնէ գաղափարի առաջին փուլը՝ շատ աւելի կտրուկ շեշտերով։ Պատմութեան ընթացքին կնոջ համար ստեղծուած գերութեան ստորնացող վիճակը զինքը այսօր հասցուցած է այն կէտին՝ ուր արդէն ինքն է որ չի ձգտիր ազատութեան։ Ընդունած է իր կացութիւնը իբրեւ բնութեան օրէնք։ Իր մէջ սպաննուած է կամքը։ Լուծո՞ւմը։ Առողջ եւ հիմնական դաստիարկութիւնը՝ որ զօրութեամբ պիտի լեցնէ կինը եւ ճամբայ բանայ կոտրելու շղթաները։ ԵՐԿՐՈՐԴ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ 1901 Նոյեմբեր 3-ին, Գահիրէի Լսարան-Ընթերցատան մէջ տեղի կ’ունենայ Պէյլէրեանի երկրորդ բնախօսութիւնը Եգիպտոսի մէջ՝ առաջինը Գահիրէի մէջ, նիւթ ունենալով՝ Ինքնագիտակցութիւնը՝ ժողովուրդին համար։ Դարձեալ Փիւնիկ զայն կը տպագրէ ամբողջութեամբ30։ Ինքնագիտակցութեան եւ արժանապատուութեան զգացումը կը մշակուի զարգացումի շնորհիւ, բայց ոչ մակերեսային ու թութակի նման կրկնող զարգա- ցում մը, այլ խորքային ու լուրջ։ Եւ միայն ինքնագիտակցութեան պարագային է՝ որ մարդ ինքզինք կ’ազատէ իր վրայ պարտադրուած կաշկանդումներէն։ Իրական զարգացումը կ’առաջնորդէ դէպի լիակատար ինքնագիտակցութիւն։ Եւ եթէ այսօր բանուոր դասակարգը կը տառապի գործարանատիրոջ շահագործութենէն, կը նշանակէ որ ան անգիտակից է տակաւին իր իրաւունք- ներուն նկատմամբ։ Թէեւ կան ինքնագիտակից բանուորական խումբեր՝ որոնք կը պահանջեն իրենց իրաւունքները, բայց անոնք փոքրամասնութիւն են եւ անկարող արդիւնքի հասնիլ համատարած տգիտութեան մէջ։ Քաղաքակիրթ ժողովուրդներուն ամենէն աւելի տգէտ մնացածներէն մէկն է հայ ժողովուրդը։ Ասիկա կատարուած է իր կամքէն անկախ, քանի որ դարեր 12
շարունակ ապրած է ստրուկ ու տառապեալ։ Հետեւաբար, այսօրուայ ընդվզում- ները չեն հիմնուած ինքնագիտակցութեան վրայ եւ ենթարկուած են թուլացումի, կասեցումի եւ խաբուելու։ Այսօրուայ հայկական ընդվզումներ ըսելով այնքան ալ յստակ չէ Պէյլէրեանի միտքը, արդեօք ան նկատի ունի հայկական բանուորութի՞ւնը, թէ ազատագրա- կան շարժումները, թէ բոլորը միասին, թէեւ բանախօսութեան մէջ ազատագրա- կան շարժումի մասին յիշատակութիւն չկայ։ Բանախօսութիւնը կ’աւարտէ լաւատեսական տրամադրութեամբ, նշելով՝ որ արտասահմանը ունի վարժարաններ, թերթեր եւ լսարաններ, որոնց միջոցով սկսած է կազմուիլ ինքնագիտակից երիտասարդութիւն մը։ Ի տարբերութիւն առաջին բանախօսութենէն՝ որ հասցէագրուած էր Հնչակ- եան լսարանի, այստեղ հռետորաբանութիւնը կը գտնուի անհամեմատօրէն նուազ աստիճանի վրայ։ ԱՐՏԷՄԻՍ 1902 Յունուարին Գահիրէի մէջ լոյս կը տեսնէ Արտէմիս հանդէսի առաջին թիւը, հիմնադիր, տէր եւ տնօրէն-խմբագիր՝ Մառի Պէյլէրեան։ Կը շարունակուի մինչեւ 1903 Դեկտեմբեր։ Ենթախորագիրն է. «Ամսահանդէս ընտանեկան եւ գրական. օրգան քսանե- րորդ դարու հայ կանանց»։ Լոյս կը տեսնեն հետեւեալ թիւերը. Ա. ՏԱՐԻ Յունուար 1902, թիւ 1, էջ 1-32։ Փետրուար 1902, թիւ 2, էջ 33-64։ Մարտ 1902, թիւ 3, էջ 65-96։ Ապրիլ 1902, թիւ 4, էջ 97-128։ Մայիս-Յունիս 1902, թիւ 5-6, էջ 129-192։ Յուլիս-Օգոստոս 1902, Ա. տարի, թիւ 7-8, էջ 193-256։ Բ. ՏԱՐԻ Յունուար 1903, թիւ 1, էջ 1-48։ Փետրուար-Մարտ 1903, թիւ 2-3, էջ 49-96։ Ապրիլ-Մայիս 1903, թիւ 4-5, էջ 97-144։ Յունիս-Յուլիս 1903, թիւ 6-7, էջ 145-192։ Օգոստոս 1903, թիւ 8, էջ 193-224։ 13
Սեպտեմբեր 1903, թիւ 9, էջ 225-256։ Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր 1903, թիւ 10-11, էջ 257-304։ Դեկտեմբեր 1903, թիւ 12, էջ 305-338։ Ա. տարի, թիւ 1-4 լոյս կը տեսնէ Գահիրէ, Արտէմիսի Տպարան (Գանթարա- Կէտիտ)։ Ա. տարի, թիւ 5-6, Բ. տարի, թիւ 1-12՝ Աղեքսանդրիա։ Ա. տարուայ թիւ 5-6-էն (Աղեքսանդրիոյ առաջին թիւէն) սկսեալ կողքը կը հրատարակուի Երուանդ Տէմիրճեանի յատուկ նկարած զարդարանքով31։ Տէմիրճեան այդ ժամանակուայ եգիպտահայ վաւերական նկարիչն էր։ Արտէմիսի հիմնադրութեան եւ հրատարակութեան մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ Պէյլէրեանի գաղափարական ընկերը Ավօ (Ավօ Նագըշճեան), որուն մասին ան այսպէս կ’արտայայտուի հանդէսի անդրանիկ թիւի առաջնորդող խօսքին մէջ. Մոլեռանդ երկրպագու վեհ գաղափարներու, խանդոտ սիրահար մեծ գործերու, անվեհեր կռուող ամեն տգեղ նախապաշարումներու դէմ, եւ արհամարհոտ ու անտարբեր ամեն չարամիտ պարսաւանքներու հանդէպ, նա՝ ուխտեց իդէալիս իրագործմանը համար աշխա- տիլ իր բոլոր ուժերով. եւ կը կարծեմ արդարութեան ու ճշմարտութեան տուրքը տալ, հրապարակաւ յայտնելով իմ շնորհակալութիւնս անոր՝ որ գործին հոգին՝ եւ իմ աջ թեւս եղաւ32։ Ավօի մասնակցութիւնը նաեւ կը բացայայտուի իր իսկ ստորագրած «Մեր ուղեգիծը» յօդուածին մէջ, ուր առաջ կը քաշէ հանդէսին նպատակները33։ Պէյլէրեան կը գրէ զանազան հարցերու մասին, մեծ մասամբ կնոջական հենք ունեցող, բայց նաեւ բոլորին վերաբերող։ Բանաստեղծութիւններ կը հրատարակեն ինքը, Ավօ (նաեւ՝ Տէրվիշ ծածկա- նունով), եգիպտահայ գրողներ՝ Յովհաննէս Սեթեան (Յ. Ս.), Քիուսան, Նշիկ-Երեց (Աւետիս քահ. Շաղոյեան), Գասպար (Գասպար Իփէքեան), եւ ուրիշներ։ Կը գտնուին պատմուածքներ եւ թարգմանութիւններ։ Վահան Թէքէեան Մարսէյլէն կը ղրկէ պատմուածք մը։ Վիքթորիա Ռօու դիտել կու տայ անծանօթ կին գրողներու նամակներուն եւ յօդուածներուն առատութիւնը այնտեղ. Արտէմիսի էջերուն մէջ երեւան կու գան հայ կիներու նամակներ եւ յօդուածներ՝ ղրկուած Կարսէն, Նոր Ջուղայէն, Թիֆլիսէն, Մոսկուայէն, Փարիզէն եւ Նիւ Եորքէն։ Ի տարբերութիւն ուրիշ հանդէսներէ, այսպիսի լայն տարողութեամբ կնոջական յօդուածներ հրատարակելու սովորութիւնը՝ ստորագրուած ոչ յայտնի կին գրողներու կողմէ, կը հանդիսանար Մառի Պէյլէրեանի հանդէսին եզակի յատկանիշը։ Այսպէս, Արտէմիս կը փորձէր 14
ներկայացնել ողջ երկրագունդի հայ կիներու ձայնը34։ Արդեօ՞ք Արտէմիս կնոջական հանդէս մըն է, կը հարցնէ Լեռնա Էքմէք- ճիօղլու, քանի որ սովորաբար «կնոջական հանդէս» կ’անուանուին անոնք՝ որոնք կը ձգտին կին ընթերցողներու եւ կը կեդրոնանան գլխաւորաբար կիներու հետաքրքրող հարցերու վրայ։ Կը պատասխանէ. Արտէմիսի պարագային սահմանումը խուսափողական է. հանդէսը ունի բազմաթիւ տղամարդ աշխատակիցներ եւ երբեմն ինքզինք կը հասցէագրէ տղամարդ լսարանին35։ Կին-տղամարդ հարցերը ներկապակցուած են Արտէմիսի մէջ։ Ինչպէս Էքմէքճիօղլու դիտել կու տայ. Գրելով ինչպէս վարուիլ իբրեւ պատշաճ մայր, կին կամ դուստր, Արտէմիս միաժամանակ ստեղծած է նաեւ տրամասացային (discursive) արականութիւն՝ ինչպէս ըլլալ պատշաճ հայր, ամուսին կամ որդի36։ Արտէմիս կը հանդիպի դժուարութիւններու եւ չի կրնար ժամանակին հասցնել հրատարակութիւնը։ 1903 Յունիսի թիւը լոյս կը տեսնէ Օգոստոսին, 1903 Դեկտեմբերը՝ 1904 Մարտին, եւ Բ. տարին կը հրատարակուի նախատեսուած ծաւալէն 48 էջ պակաս37։ Պատճառը նիւթականն է, կը նշէ խմբագրութիւնը ամե- նավերջին թիւին մէջ. Պարզութեամբ ըսենք. ՄԻՋՈՑԸ մեզի կը պակսէր, դրամը մեզ զլացուեցա՜ւ, ու, ըսենք, մեր ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ անխղճութեամբ բռնաբարուեցաւ ու կը բռնաբարուի անխիղճ բաժանորդ- ներու քարացած ձեռքերուն մէջ։ Մեր ճակատը հպարտ է այսօր, մեր լեզուն կրնայ իրաւունքով պոռչտալ մեր հարիւրաւոր անպարտաճանաչ բաժանորդներու ճակտին. «անխիղճնե՜ր». «ամենալաւ ձգտումներու սպաննիչնե՜ր»38։ Կովկասի բաժանորդներէն, օրինակ, աւելի քան 2000 րուպլիի (մօտ 5000 ֆրանք) գանձելիք գումար կայ, կը տեղեկացնէ խմբագրութիւնը։ Կը խոստանայ՝ որ Ավօ շուտով պիտի մեկնի Կովկաս այդ գումաները տնօրինելու համար, եւ վերադարձին պիտի վերսկսի Արտէմիսի Գ. տարին, այս անգամ իբրեւ 15-օրեայ հանդէս39։ Արտէմիս երբեք չի վերսկսիր։ 15
ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ 1903 Օգոստոս 11-ին, Աղեքսանդրիոյ մէջ տեղի կ’ունենայ Մառի Պէյլէրեանի եւ Ավօ Նագըշճեանի պսակադրութեան հանդէսը, կնքահայրութեամբ Միհրան Տամատեանի, որուն «[ն]երկայ էին Աղէքսանդրիոյ ամբողջ հոգեւորական դասը, իմացական երիտասարդութեան ներկայացուցիչներ, եւ ընտրեալ երկսեռ բազ- մութիւն մը»40։ Ավօ Նագըշճեան կ’ընդունի յետ այսու կոչուիլ կնոջ անունով՝ Ավօ Պէյլէր- եան41, թէեւ իր գրութիւնները կը շարունակէ ստորագրել Ավօ եւ Տէրվիշ անուն- ներով։ ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐՈՒԹԻՒՆ Մենակատար դաշնակար մը չէր Պէյլէրեան, բայց նուագարանին կը տիրա- պետէր այնքան՝ որ կրնար կատարել երգերու նուագակցութիւնը հայկական ձեռնարկներու մէջ։ 1906 Յունուար 1-ին, Գահիրէի Լսարան-Ընթերցատունը կը կազմակերպէ տարեկան բացումի հանդէսը։ Քննախօսը կը տեղեկացնէ. Տիար Մ. Աբգարեան բացաւ հանդէսը, յետոյ օրիորդներու եւ երգեցիկ տղոց կողմէ քանի մը երգեցողութիւններ կատարուեցան առաջնորդութեամբ Տիկին Մառի Պէյլէրեանի, որ միանգամայն դաշնակ ալ ածեց, եւ Տիար [Յակոբ] Մարզպանեանի42։ 1906 Յունիս 9, Գահիրէի Լսարան-Ընթերցատուն, հանդէս նուիրուած Ազգա- յին Սահմանադրութեան 46-րդ տարեդարձին, նախաձեռնութեամբ Գահիրէի Հնչակեան մասնաճիւղին։ Մառի Պէյլէրեան դաշնակով կը նուագակցի Արիք հայկազունք խմբերգին43։ 1907 Յուլիս 14, Գահիրէի Գալուստեան Վարժարանի աշակերտներուն մրցա- նակաբաշխութեան հանդէս։ Նախակրթարանի աշակերտներու երգերուն դաշ- նակով կը նուագակցի Մառի Պէյլէրեան44։ 1908 Ապրիլ 12, Գահիրէի Վերտի թատրոն, Հնչակեան Կուսակցութեան 20- ամեայ յոբելեան, կազմակերպութեամբ Հնչակեան եւ Վերակազմեալ Հնչակեան մասնաճիւղերուն։ Երգերուն դաշնակով կը նուագակցի Մառի Պէյլէրեան45։ 16
ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԷՐ ԱՐՄԵՆՈՒՀԵԱՑ ՍԱՆԴՈՒԽՏ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ Խումբ մը օրիորդներ կը հիմնեն Ուսումնասէր Արմենուհեաց Սանդուխտ Ընկերութիւնը, որուն նպատակն էր նպաստներ հասցնել Հայաստանի կարօտ դպրոցներուն եւ աշակերտուհիներուն։ Կիրակի, 1906 Սեպտեմբեր 24-ին, Գահիրէի Մանկապարտէզի սրահին մէջ տեղի կ’ունենայ ընկերութեան անդրանիկ նիստը նախագահութեամբ Մառի Պէյլէրեանի։ Անոր ներկայութիւնը առաջին նիստին կարեւոր էր թափ տալու ընկերութեան գործունէութեան։ Պէյլէրեան չի փափաքիր մաս կազմել վարչական մարմինին եւ կը բաւարարուի առաջին նիստի նախագահութեամբ46։ ՓՈՐՁ ԵՌԱՁԱՅՆ ՊԱՏԱՐԱԳԻ 1906-ին, Գահիրէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը եւ դպրա- պետ Յակոբ Մարզպանեան փորձ կը կատարեն առաջին անգամ պատարագը դարձնել բազմաձայն, այդ ժամանակուայ տարածուած եռաձայն պատարագ հասկացողութեան տակ։ Պէյլէրեան կը ստանձնէ դիմումներու ընդունումի աշխատանքը։ Մամուլին ղրկուած պաշտօնական յայտարարութեան մէջ նշուած է. Արդ, խմբի կազմութիւնը որոշուած ըլլալով արդէն, հրապարակաւ կը խնդրենք Գալստեան Ազգային վարժարանի նախկին ուսանողուհիներէ ինչպէս նաեւ ձայն ու յարմարութիւն ունեցող օրիորդներէ եւ պարոններէ որպէսզի սոյն նուիրական գործին մասնակցիլ փափագին ու գրաւոր կամ բերանացի դիմեն Հոգաբարձութեանս, կամ դպրապետին եւ կամ դաստիարակուհի Ազն. Տիկին Մառի Պէյլէրեանի47։ Ծրագիրը չի յաջողիր։ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ 1902-ին համեստօրէն եւ դանդաղօրէն կը սկսէր կազմաւորուիլ Հնչակեան Կուսակցութեան Գահիրէի մասնաճիւղը։ Չշփոթել Վերակազմեալ Հնչակեաննե- րուն հետ, որոնք բաւական տարածուած էին Եգիպտոսի մէջ ԺԹ. դարու վերջաւորութեան։ Գահիրէի մասնաճիւղի ժողովներուն ձեռագիր ատենագրութիւնները որոշ նիւթ կը տրամադրեն Պէյլէրեանի եւ մասնաճիւղի յարաբերութիւններուն 17
մասին48։ Անոնց մէջ Մառի Պէյլէրեանի անունը պարբերաբար կարելի է հանդիպիլ 1907 Նոյեմբերէն սկսեալ։ Ասիկա այն ամիսն է՝ երբ Տրիպոլիսի բանտէն նոր փոխուստ տուած Մուրատ (Համբարձում Պօյաճեան), իբրեւ Կեդրոնի լիազօր ներկայացուցիչ, կարճ ժամանակի համար կը ժամանէր Եգիպտոս եւ իր անձնա- կան քարիզմայով կը յաջողէր աշխուժութիւն ու նոր կեանք մտցնել որոշ ժամանակէ ի վեր թմրած մասնաճիւղին, ինչպէս նաեւ իր ելոյթներով եւ հանդի- պումներով խանդավառել Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ հայութիւնը։ Ինչպէս կ’երեւի Նոյեմբեր 16-ի նիստի արձանագրութենէն, Մուրատ եւ Պէյ- լէրեան հանդիպած են Գահիրէի մէջ, թէեւ կը պակսին մանրամասնութիւնները. ԺՈՂՈՎ Գ. 16 Նոյեմբեր 1907 Գ. վարչական ժողովը տեղի ունեցաւ ընկեր Կարապետ Սուքիասեանի բնակարանին մէջ Շաբաթ Նոյեմբեր 16-ին, ըստ հրաւիրաց ընկեր Մուրատի։ [...] Ժողովը զբաղուեցաւ նաեւ նախընթաց ժողովի մէջ խորհրդածութեան նիւթ եղող քանի մը անդամներու անդամակցութեան հարցը. ընկերներու երկուքի վկայութեամբ մասնաճիւ- ղիս անդամ ընդունուեցաւ Սուրէն Բրուտեան (Երամեանի եւ Հապէշեանի լաւախօսութիւն- ներուն հաստատութեամբ) նաեւ ընդունուեցաւ Պ. Ավօ Պէյլէրեան, որի մասին ընկեր Սուքիասեան յայտնեց թէ իւր տիկնոջ [իմա՝ Մառի Պէյլէրեանի, Հ.Ա.] ընտանեկան երկպառակութիւններու տեղի չտալու համար, Ավօն մինչեւ այսօր ո՛չ մի կուսակցութեան պաշտօնապէս չէ անդամակցած։ Որին պատասխան ընկեր Մուրատ ապահովեց թէ տիկնոջ հայեացքները բոլորովին փոխուած են եւ նոյն իսկ տիկինն Մուրատին ալ յօժարութիւն յայտնած է իւր ուժերուն չափով օժանդակել մեզ։ Այս յայտարարութենէն վերջ խնդիրը երբ արդէն լուսաբանուեցաւ, որոշուեցաւ ընդունիլ Ավօն անդամ (վարչութեանս) մասնաճիւղիս, ինչպէս նաեւ իւր տիկինը։ 1908 Ապրիլ 12-ին, Գահիրէի Վերտի թատրոնին մէջ կը կայանայ Հնչակեան Կուսակցութեան 20-ամեայ յոբելեանը, կազմակերպութեամբ Հնչակեան եւ Վերակազմեալ Հնչակեան մասնաճիւղերուն։ Գեղարուեստական բաժինի կազմակերպութիւնն ու մարզումը ստանձնած էր Պէյլէրեան, այնտեղ դնելով իր ամբողջ սիրտն ու կարողութիւնները, ինչպէս կը նկարագրէ Երուանդ Միրիճանեան մամուլի երկար քննախօսականին մէջ. Հանդէսին այսքան շքեղ, փայլուն եւ յաջող անցնիլը կը պարտինք ընկերուհի Տիկին Մառի Պէյլէրեանի, որ անդադար աշխատեցաւ երգերու եւ արտասանութիւններու վարժութեանց, որոնք այնքան յաջող անցան ի պատիւ եւ ի վարձատրութիւն մեր յարգելի ընկերուհւոյն49։ 18
Ան կը մասնակցէր նաեւ դաշնակի նուագակցութեամբ. Երգերուն կը մասնակցէին տիկին Մառի Պէյլէրեան դաշնակով եւ պր. Գարեգին Գասպար- եան սրինգով, որոնք այնքան գեղեցիկ կերպով նուագեցին, որ վայրկեան մը անգամ ներդաշ- նակութիւնը չխանգարուեցաւ50։ Պէյլէրեան նաեւ հեղինակն էր կեդրոնական Մայր Հայաստան պատկերին՝ յիշողութեան, տառապանքի եւ պայքարի պատումներու համադրում մը, յարիր իր հիմնական գաղափարներուն. Հանդէսին Բ. մասը սկսելուն վարագոյրը բացուեցաւ եւ բեմին վրայ տեսանք սեւեր հագած կին մը, որ աւերակներուն մէջ անկիւն մը նստած գլխիկոր կ’ողբար իր անցեալ փառաւոր կեանքը։ Տխո՜ւր էր, շա՜տ տխուր այդ տեսարանը – Մայր Հայաստանն էր դա, որ իր աչքին առջեւ բերելով անցեալ փառքն ու ներկայ վշտերը, երբեմնի շէն-շէն քաղաքները եւ ներկայ աւերակներու կոյտը, չէր կարող որեւէ ելք մը գտնել, երեսը մեռելի գոյն ստացած՝ հետզհետէ հալ ու մաշ կ’ըլլար։ Օր. Պօնճուգճեան Մայր Հայաստանի դէմը կեցած՝ աղերսար- կու ձայնով մը կ’երգէր Չօպանեանի Օրօրը, որը կարծես յօրինուած ըլլար միայն արտա- սուքներ խլելու համար։ Նազելի օրիորդին ձայնը այնպիսի շեշտ ունէր, որ արդէն բաւական էր արցունք հոսեցնել ներկաներու աչքերէն։ Եւ երբ օրիորդը իր երգը աւարտեց, Մայր Հայաստանի ոգին յանկարծ ոտքի ելաւ եւ խելակորոյս չորս կողմ կը խարխաբէր բայց ամայութիւն կը գտնէր։ Ոգին ապա սկսեց իր մենախօսութիւնը, որը բողոք մըն էր մարդկութեան, քաղաքակրթութեան, Ազգին եւ Աստուծոյ դէմ։ Մեռելային լռութիւն կը տիրէր թատրոնին մէջ, ժողովուրդը՝ ընկճուած այս ահեղ իրականութեան առաջ՝ սրտի խորէն ա՜խ կը քաշէր. այդ ա՜խը շատ բան կը հասկցնէր, այդ ա՜խի մէջ մարդ կը կարդար համակ բողոք եւ վրէժխնդրութիւն. ընդվզումի գաղափարն էր դա, որ տիրապետած էր ամենուն վրայ, եւ ամէնքն ալ կ’ուզէին Հայաստանի Ոգւոյն ծանր հոգսերուն, խոր վշտերու եւ տառապանաց մասնակից ըլլալով՝ դարման խորհիլ անոնց բուժումին համար։ Մինչ ժողովուրդը յափշտակուած էր տակաւին այդ տեսարանէն, Հայաստանի Ոգին յոգնած եւ ուժասպառ վիճակ մը կը ներկայացնէր եւ վարագոյրը կամաց կամաց կ’իջնէր։ Ելեկտրականացած հանդիսականները մարտագոռ ծափահարութեամբ ստիպեցին որ Հայաստանի Ոգին ներկայացնող օրիորդ Սաթինիկ Հապէշեանը երկու անգամ երեւայ բեմին վրայ. ծափահարութիւնները չդադրեցան մինչեւ որ յարգելի օրիորդը ի նշան շնորհակա- լութեան գլուխը խոնարհեցնելով հեռացաւ։ Շնորհաւորելի է օրիորդ Հապէշեանը իր դերը այնքան յաջող եւ անթերի կատարելուն համար։ Իր ծնողքը իրաւամբ կարող են պարծենալ այդպիսի եւ տաղանդաւոր դուստր մը ունենալուն համար։ Ոգի Հայաստանին գլուխ գործոցն էր յարգելի տիկին Մառի Պէյլէրեան, որ իր ամբողջ հմտութիւնը թափած եւ ոչ մի զոհողութիւն չէր խնայած ներկայացման յաջող անցնելուն համար51։ 19
1908 Յունիս 14-ի Ընդհանուր Անդամական Ժողովին, ձայներու մեծամասնու- թեամբ Պէյլէրեան կ’ընտրուի Գահիրէի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ, ինչպէս ցոյց կու տայ ձեռագիր ատենագրութիւնը։ Իր հետ կ’ընտրուի նաեւ Ավօ Պէյլէրեան. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ 14 Յունիս 1908 Վարչութեան լրացուցիչ անդամներու ընտրութիւնը։ Ընկեր գործիչ [Ռուբէն Կարա- պետեան, Հ.Ա.] բացատրեց թէ՝ ինչպէս մասնաճիւղիս վարչութիւնը թէեւ կը բաղկանար հինգ անդամներէ, բայց անոնցմէ մին՝ Միհրան Հապէշեան արդէն հրաժարած է, ու Սեդրակ Կիրակոսեան իրեն հիւանդութեան պատճառաւ չի կրնար յաճախել ժողովներու, որով ըսելէ վարչութեան երեք անդամները կան մէջտեղ, եւ անոնցմէ ալ մին կամ միւսը բացակայելու պարագային գործերը կը մնան առկախ վիճակի մէջ, ուստի ինք կ’առաջարկէ որ ընկերները փոխանակ 5-ի վարչութեան տան 7 անդամներ, եւ ուրեմն ընտրեն մնացած 3 անդամները, ընտրելու համար ձեռնարկել քուէարկութեան։ Ընկերք, ընկեր գործիչի առաջարկը յարմար դատեցին եւ ուրեմն ձեռնարկուեցաւ քուէի, ուրկէ հետեւեալ արդիւնքը գոյացաւ. Տիկին Մառի Պէյլէրեան շահեցաւ 14 քուէ, Օրիորդ Արաքսի Գէորգեան՝ 11 քուէ, Ավօ Պէյլէրեան՝ 8 քուէ, Քեռի՝ 7 քուէ, Կարապետ Վարդանեան՝ 6 քուէ, Գէորգ Սիմոնօֆ՝ 6 քուէ, եւ Բենիամին Պետեւեան՝ 2 քուէ։ Որով առաջին երեքը ընտրուեցան իբրեւ վարչութեան լրացուցիչ անդամ։ Մառի եւ Ավօ Պէյլէրեաններ, անձնական պատճառներով, կը հրաժարին պաշտօնէն. ԺՈՂՈՎ ԼԱ. 18 Յունիս 1908 Ըստ Ընդհանուր Ժողովի քուէի արդիւնքին, թէեւ վարչութեանս իբրեւ լրացուցիչ անդամք ընտրուած էին ընկերուհի Տիկին Մառի Պէյլէրեան, Ավօ Պէյլէրեան եւ Օր. Արաքսի Գէորգեան, եւ նոյն օրը որոշուած էր Յունիսի 16-ի Երեքշաբթի երեկոյեան մեր առաջին ժողովը գումարել, եւ նոյն օր թէեւ ժողովը գումարուած բայց որեւէ գործ մը տեսնուած չէր, որովհետեւ նոյն օրը ընկերուհի Մառի եւ Ավօ Պէյլէրեանք իրենց անձնական ինչ ինչ պատճառներով չկրնալ ընդունելնին յայտնեցին որ եւ իցէ պաշտօն, որով հարկ եղաւ համեմատականի կարգաւ հրաւիրել ընկերներ Սիմոնօֆ եւ Քեռի։ Միհրան Հապէշեան, խնդիրներ ունենալով մասնաճիւղին հետ, կը ներկա- յացնէ հրաժարականը եւ Մառի Պէյլէրեանին հասցէագրուած պարսաւական նամակ մը գրելով կ’ուզէ զայն ղրկել վարչութեան միջոցով։ Ժողովը կը մերժէ նամակը յանձնել հասցէատիրոջ. 20
ԽԱՌՆ ԺՈՂՈՎ 28 Յունիս 1908 Կարդացուեցաւ Մ. Հապէշեանի առ Տիկ. Մառի Պէյլէրեանի ղրկած մի պառակտիչ նամակը, որուն մէջ պարսաւած էր Հնչակեան Կուսակցութիւնը եւ ի մասնաւորի տեղւոյս մասնաճիւղի վարչութիւնը։ Այս նամակին մէջ նշանակուած մի քանի մասերը լուսա- բանուեցան։ Գալով ընկ. գործիչի գործունէութեան մասին բացատրութիւն պահանջելու գործը, սա մասը բոլորովին սխալ առաջարկ մըն էր, ամբողջ ընկերներու միահամուռ որոշմամբ աւելորդ նկատուեցաւ այս նամակիս խմբագրութիւնը ու Տիկ. Մառիի յղուիլը։ Ընդհանուրի դիտողութեամբ որոշուեցաւ չյանձնել վերոյիշեալ նամակը Տիկ. Մառի Պէյլէրեանի։ Նկատի ունենալով Պէյլէրեանի հրաժարականը, 1908 Յուլիս 29-ին վարչու- թիւնը կը փափաքի իմանալ անոր դիրքը կուսակցութեան հանդէպ եւ կ’որոշէ տեսակցութիւն ունենալ հետը։ Տեսակցութեան համար կ’ընտրուին՝ Սարգիս Երամեան (Բ. Իշխան), Սարգիս Պալաեան (Քեռի) եւ դերասան Գէորգ Սիմոնօֆ. ԺՈՂՈՎ 35 (ԼԵ.) 29 Յուլիս 1908 Որոշուեցաւ ներկայանալ Տիկ. Մառի Պէյլէրեանի, եւ տեղեկանալ որոշապէս իւր դիրքը հանդէպ Հնչակեան Կուսակցութեան ծրագրոյն։ Ընկ. Երամեան, Քեռի եւ Սիմոնօֆ որոշեցին երթալ իրեն հետ տեսակցելու։ Տեսակցութիւնը տեղի կ’ունենայ եւ Պէյլէրեան կը հաստատէ իր դրական համոզումը եւ դիրքը կուսակցութեան նկատմամբ, մնալով կուսակցական ընկե- րուհի. ԺՈՂՈՎ 38 (ԼԸ.) 27 Օգոստոս 1908 Ըստ 35-րդ ժողովի որոշման ընկերք Երամեան, Քեռի եւ Սիմոնօֆ, Տիկ. Մառի Պէյլէրեանի հետ տեսնուած էին որուն արդիւնքը յատուկ տեղեկագրով մը վարչութեանս ներկայացուցին, ուրկէ կը տեսնուի թէ Տիկ. Մառի համակիր է մեզ եւ կ’ընդունի կուսակցութեանս ղեկավարող սկզբունքները եւ ուրեմն կը մնայ մեզ իբրեւ ընկերուհի։ 1908 Սեպտեմբեր 13-ի Ընդհանուր Անդամական Ժողովին կ’ընտրուի մաս- նաճիւղի խմբապետ. ՉՈՐՐՈՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ 13 Սեպտեմբեր 1908 Մասնաճիւղի խմբապետ ընտրուեցան Աբրահամ Սարգիսեան, Սուրէն Բրուտեան, Օննիկ 21
Թիւլպէնտճեան, Տէրէնց եւ տիկիններ Ռ. Թնկրեան եւ Մառի Պէյլէրեան։ Նորընտիր խմբապետական խումբը չի յաջողիր գործունէութիւն ծաւալել եւ այդտեղ կը վերջանայ իր գոյութիւնը։ 1908 Նոյեմբեր 27-ի նիստին կ’որոշուի մասնաճիւղի նիւթական եւ բարոյա- կան հարցերու մասին խորհրդակցութիւն անցընել ձեռնհաս ընկերներու հետ եւ այս նպատակով Պէյլէրեան կը հրաւիրուի ներկայ գտնուելու յաջորդ ժողովին. ԺՈՂՈՎ 3 27 Նոյեմբեր 1908 Մասնաճիւղիս նիւթականին եւ բարոյականին մասին խորհիլ, ուր կարգ մը երկար խորհրդակցութիւններէ վերջ ընկերք միաձայնութեամբ որոշեցին հրաւիրել մի քանի ձեռնհաս ընկերներ Խառն Ժողովի մը, միասին խորհրդակցելու համար սոյն օրակարգի մասին, եւ հարկ տեսնուեցաւ հրաւիրել հետեւեալները յատուկ հրաւիրագրերով. ընկերք Սարգիս Միրանեան, Աբրահամ Սարգիսեան, Յարութ Տուրսունեան, Յակոբ Կոկիկեան, Նշան Բրուտեան, Սուրէն Բրուտեան, տիկին Մառի Պէյլէրեան, Յովհաննէս Քիւրքճեան եւ Վահրամ Գրիգորեան։ Սոյն ժողովի օրը որոշուեցաւ (Դեկտեմբեր 6, 1908) Կիւրակէ կէս օրէ վերջ ժամը ճիշդ 1-ին։ Ընդառաջելով հրաւէրը, Պէյլէրեան ներկայ կը գտնուի 1908 Դեկտեմբեր 6-ի Խառն Ժողովին. ԽԱՌՆ ԺՈՂՈՎ 1 6 Դեկտեմբեր 1908 Ժողովը տեղի ունեցաւ (Դեկտեմբեր 6, 1908) Կիւրակէ կէս օրէ վերջ ժամը 1-ին, ի ներկա- յութեան վարչութեան անդամներու, ինչպէս նաեւ ընկերուհի Մառի Պէյլէրեանի եւ ընկ. Վահրամ Գրիգորեանի (թէեւ վարչութիւնը ուրիշ վեց ընկերներու եւս յատուկ հրաւիրագրեր ղրկած էր բայց անոնցմէ յիշեալ երկուքը միայն պատասխանած էին եւ ներկայացած)։ Ժողովի օրակարգն էր խորհրդակցութիւն մը թէ ի՞նչ կրնանք ընել մասնաճիւղի բարոյական եւ նիւթական նպաստաւորումին համար։ Տեղի ունեցած են Ատանայի ջարդերը։ Կուսակցութեան Գահիրէի մասնա- ճիւղը կ’որոշէ թռուցիկով մը արթուն պահել հասարակութիւնը։ Թռուցիկի գրութիւնը կը յանձնուի Պէյլէրեանին, որ ներկայանալով 1909 Ապրիլ 29-ի ժողովին, զայն կը կարդայ վարչականներուն առջեւ. ԺՈՂՈՎ 31 29 Ապրիլ 1909 Ժողովը տեղի ունեցաւ 1909 Ապրիլ 29-ին երեկոյեան ժամը 8½-ին ի ներկայութեան 22
ընկերուհի Մառի Պէյլէրեանի եւ ընկերց Երամեանի, Քեռիի, Սուքիասեանի, Վանեանի, Միրիճանեանի եւ Թիւլպէնտճեանի։ Ատանայի վերջին ջարդերու առթիւ նպատակայարմար դատուեցաւ թռուցիկով մը կոչ ընել ժողովուրդին որ յեղափոխութեան փարելով ինքնապաշտպանութեան պատրաստուի եւ միանգամայն զգուշացնել ժողովուրդը Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան ներկայ կացութեան բոլորովին անհամաձայն բռնած դիրքէն։ Ընկերուհի Մ. Պէյլէրեան արդէն պատրաստած ըլլալով թռուցիկի նիւթը, կարդաց եւ որուն մի քանի կէտերու վրայօք ընկերներու կողմէ պէտք եղած դիտողութիւնը եւ փոփոխու- թիւնը եղաւ եւ որոշուեցաւ տպագրել տալ, որը յանձնուեցաւ ընկերք Օ. Թիւլպէնտճեանի եւ Ս. Երամեանի։ Կ’որոշուի Ատանայի ջարդերուն նուիրուած սգահանդէս սարքել եւ խորհուր- դի համար ժողովի հրաւիրել Պէյլէրեան. ԺՈՂՈՎ 35 20 Մայիս 1909 Վարչութիւնս [...] որոշեց [...] սգահանդէս մը սարքել Վերտի թատրոնին մէջ, որուն կազմակերպութեան մասին ալ որոշուեցաւ յառաջիկայ Շաբաթ երեկոյեան 22 Մայիս 1909 ընկերուհի Մառի Պէյլէրեանի հետ միասին խորհրդակցութիւն մը կատարել։ Ատանայի սգահանդէսի նախապատրաստութեան յատկացուած ժողովը տեղի կ’ունենայ 1909 Մայիս 22-ին, Մառի Պէյլէրեանի բնակարանը։ Նկատի պիտի առնել, որ այդ ժամանակ տակաւին նստավայր չունենալով, մասնաճիւղը իր ժողովները կը գումարէր ընկերներու բնակարանները։ Կ’որոշուի հանդէսի թուականն ու վայրը՝ Յունիս 13, Գահիրէի Վերտի թատրոն։ Պէյլէրեան կ’ընդունի ստանձնել գեղարուեստական յայտագիրի պատրաս- տութիւնը եւ մասնակցիլ դաշնակի նուագակցութեամբ. ԺՈՂՈՎ 36 22 Մայիս 1909 Ժողովը տեղի ունեցաւ 22 Մայիս 1909 Շաբաթ երեկոյեան ժամը 9-ին Տիկին Մ. Պէյլէրեանի բնակարանը, ի ներկայութեան ընկերց Երամեանի, Քեռիի, Միրիճանեանի, Վարդանեանի, Սուքիասեանի, Թիւլպէնտճեանի եւ ընկերուհի Պէյլէրեանի։ 1. Ընկերք խորհրդակցելով սգահանդէսի կազմակերպութեան մասին, որոշեցին հանդէսը լոկ երաժշտական եւ գրական ընել։ 2. Երգերը մարզելու համար որոշուեցաւ հրաւիրել Տիար Յակոբ Մարզպանեան, այդ մասին պաշտօն տրուեցաւ ընկեր Սուքիասեանի։ 3. Որոշուեցաւ Ազգային Վարժարանի երգեցիկ խումբը հրաւիրել, որու մասին ալ պաշտօն 23
տրուեցաւ ընկերք Միրիճանեանի եւ Թիւլպէնտճեանի։ 4. Սոյն ժողովին մէջ առաջարկուեցաւ ընկերուհի Պէյլէրեանի որ դաշնակով մասնակցի երգերուն որը սիրով ընդունեց։ Յայտագրի պատրաստութիւնը յանձնուեցաւ Տիկին Պէյլէր- եանի։ 5. Հանդէսի օրը որոշուեցաւ Յունիս 13-ին Կիրակի ժամը 2½-ին։ Հանդէսի մասին մանրամասնութիւններ կը պակսին։ 1909 Սեպտեմբեր 25-ի ժողովին կը կարդացուի Պէյլէրեանի հրաժարականը. ԺՈՂՈՎ 55 25 Սեպտեմբեր 1909 Ատեանը բացուելով կարդացուեցաւ երեք հրաժարական նամակներ որոնք գրուած էին մասնաճիւղիս ընկերներէն Օննիկ Թիւլպէնտճեանի, Տիկին Մառի Պէյլէրեանի եւ Օր. Արաքսի Գէորգեանի կողմէ։ Պէյլէրեանի անունը այլեւս չենք հանդիպիր ատենագրութիւններուն մէջ։ Ան վերջնականապէս մեկնած է Եգիպտոսէն։ ՄԵԿՆՈՒՄ ԵԳԻՊՏՈՍԷՆ Պէյլէրեան Եգիպտոսէն վերջնականապէս մեկնած ըլլալու է 1909 Սեպտեմբերէն ետք։ 1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութենէն ետք, Պէյլէրեան եղած է Եգիպտոսէն մեկնող մտաւորականներուն վերջիններէն մէկը։ ՅԵՏԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ (1909-1915) Եգիպտոսէն ետք կը մեկնի Իզմիր, ուր չորս տարի կը վարէ Հռիփսիմեանց Վարժարանի տեսչութիւնը, միաժամանակ աշխատակցելով Դաշինքին։ Իզմիրի մէջ 1914-ին Մամուրեան Տպարանէն լոյս կ’ընծայուի իր հատորը՝ Դէպի վեր, որ կը բովանդակէ արձակ եւ չափածոյ երկերը, ինչպէս նաեւ գաղա- փարական յօդուածները։ Անոնց մէկ մասը եգիպտահայ մամուլի մէջ հրատարա- կած գործերուն վերահրատարակութիւնն է, տարբեր չափի սրբագրութիւններով եւ յաւելումներով։ 1913-ին կը մեկնի Եւդոկիա, տեղւոյն աղջիկներու վարժարանի տեսչութեան պաշտօնով, ուր երկու տարի մնալէ ետք, 1915-ին կը տարագրուի եւ կը նահա- տակուի52։ 24
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 1. «Մառի Պէյլէրեան», Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը 1921, Կ. Պոլիս, ԺԵ. տարի, էջ 169։ 2. Կենսագրական յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար տես՝ անդ, էջ 169-170։ 3. 1906 Փետրուարին Պէյլէրեան պիտի գրէր. «Շուրջ 9 տարի է յորմէ հետէ Եգիպտոս ոտք եմ կոխեր» (Մառի Պէյլէրեան, «Եկեղեցական դէմքեր. Եզնիկ Արք. Ապահունի», Ազատ բեմ, Աղեքսանդրիա, 3 Փետրուար 1906, Գ. տարի, թիւ 42, էջ 2)։ Կը նշանակէ՝ Եգիպտոս հասած է 1897-ի սկիզբները կամ 1896-ի վերջերը։ Թէոդիկ կը հաստատէ՝ որ ան Աղեքսանդրիա եկած է 1896-ի աշնան («Մառի Պէյլէրեան», Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը 1921, Կ. Պոլիս, ԺԵ. տարի, էջ 170)։ 4. Արտաշէս Հ. Գարտաշեան, Նիւթեր Եգիպտոսի հայոց պատմութեան համար, հա- տոր Բ., Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1986, էջ 659։ 5. Փիւնիկ, Աղեքսանդրիա, 26 Հոկտեմբեր 1901, Բ. տարի, թիւ 24, էջ 269-270։ Փիւնիկ, 2 Նոյեմբեր 1901, Բ. տարի, թիւ 25, էջ 284-287։ Փիւնիկ, 25 Յունուար 1902, Բ. տարի, թիւ 36, էջ 397-398։ Փիւնիկ, 1 Փետրուար 1902, Բ. տարի, թիւ 37, էջ 405-406։ Արտաշէս Հ. Գարտաշեան, նշ. աշխ.ը, էջ 424։ 6. Փիւնիկ, 21 Հոկտեմբեր 1902, Գ. տարի, թիւ 16, էջ 124։ Արտաշէս Հ. Գարտաշեան, Նիւթեր Եգիպտոսի հայոց պատմութեան համար, հատոր Գ., Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1987, էջ 74։ 7. «Ազգային լուրեր», Լուսաբեր, Գահիրէ, 13 Ապրիլ 1905, Ա. տարի, թիւ 55, էջ 2։ 8. «Գալստեան Վարժարանը», Ազատ բեմ, Աղեքսանդրիա, 9 Սեպտեմբեր 1905, Գ. տարի, թիւ 21, էջ 3։ 9. «Ազգային լուրեր», Լուսաբեր, 28 Հոկտեմբեր 1905, Ա. տարի, թիւ 138, էջ 3։ 10. Արտաշէս Հ. Գարտաշեան, Նիւթեր Եգիպտոսի հայոց պատմութեան համար, հա- տոր Բ., Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1986, էջ 444։ 11. Անդ, էջ 463։ 12. Գ. Տամկաճեան, «Նամակ Գահիրէէն. Գալստեան Վարժարանի հանդէսը», Ազատ բեմ, Աղեքսանդրիա, 18 Յունուար 1906, Գ. տարի, թիւ 40, էջ 3։ 13. Արտաշէս Հ. Գարտաշեան, նշ. աշխ.ը, էջ 463։ 14. Անդ, էջ 425։ 15. «Մառի Պէյլէրեան», Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը 1921, Կ. Պոլիս, ԺԵ. տարի, էջ 170։ 16. Յրթ. Ասատուրեան, «Ի խաչ տան զդա», Լուսաբեր, 23 Յուլիս 1907, Գ. տարի, թիւ 396, էջ 2։ 17. «Մառի Պէյլէրեան», Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը 1921, Կ. Պոլիս, ԺԵ. տարի, էջ 170։ 18. Վերջալոյսի ձայներ, ողբագրեց եւ հոգեգրեց Խրիմեան Հայրիկ, Գահիրէ, Տպագր. Ե. Թորոսեան, 1901, էջ IV։ 19. Անդ, էջ II։ 20. Անդ, էջ I-II։ 21. Արտատպած եմ հետեւեալ յօդուածէն՝ Մառի (Աղեքսանդրիա, 10 Յուլիս), «Սխալի մ’առթիւ», Փիւնիկ, 13 Յուլիս 1901, Բ. տարի, թիւ 6, էջ 42։ 22. Անդ, էջ 42։ 25
23. Անդ, էջ 42։ 24. Անդ, էջ 42։ 25. Անդ, էջ 42։ 26. Յ. Օշական, Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, չորրորդ հատոր, Դէպի իրապաշտներ, Երուսաղէմ, Տպարան Սրբոց Յակոբեանց, 1956, էջ 264։ 27. «Հրաւէր», Փիւնիկ, 29 Յունիս 1901, Բ. տարի, թիւ 4, էջ 31։ 28. Մառի, «Հայ կինը արդի ընկերութեան մէջ», Փիւնիկ, 6 Յուլիս 1901, Բ. տարի, թիւ 5, էջ 34։ 29. «Կիրակի օրուան լսարանը», Փիւնիկ, 6 Յուլիս 1901, Բ. տարի, թիւ 5, էջ 33։ 30. Մառի, «Ինքնագիտակցութիւնը՝ ժողովուրդին համար», Փիւնիկ, 9 Նոյեմբեր 1901, Բ. տարի, թիւ 26, էջ 290-294։ 31. «Արտէմիսի կողքը», Արտէմիս, Մայիս-Յունիս 1902, Ա. տարի, թիւ 5-6, էջ 192։ 32. Մառի, «Թէ ինչո՞ւ այս թերթն ալ», Արտէմիս, Յունուար 1902, Ա. տարի, թիւ 1, էջ 1-2։ 33. Ավօ, «Մեր ուղեգիծը», Արտէմիս, Յունուար 1902, Ա. տարի, թիւ 1, էջ 3-7։ 34. Victoria Rowe, A History of Armenian Women’s Writing: 1880-1922, London: Cam- bridge Scholars Press Ltd., 2003, p. 135. 35. Lerna Ekmekçioğlu, ‘Ardēmis: An Armenian Women’s Journal Published in Egypt, 1902- 1904,’ Journal of Armenian Studies (VIII, 1), Fall-Winter 2004, p. 25. 36. Անդ, էջ 26։ 37. Խմբ. Արտէմիսի, «Բաց նամակ. կարդացէ՛ք անպատճառ», Արտէմիս, Դեկտեմբեր 1903, թիւ 12, էջ 337։ 38. Անդ, էջ 337-338։ 39. Անդ, էջ 338։ 40. «Այլ եւ այլք», Ժողովուրդ, Գահիրէ, Հոկտեմբեր 1903, Ա. տարի, թիւ 10, էջ 168։ 41. Անդ, էջ 168։ 42. Քարոլին, «Նամակ Գահիրէէն», Ազատ բեմ, 27 Յունուար 1906, Գ. տարի, թիւ 41, էջ 2։ 43. «Ազգային», Ազատ բեմ, 6 Յունիս 1906, Դ. տարի, թիւ 13, էջ 3։ Հանդիսատես, «Հնչակ- եան հրապարակային հանդէսը», Ազատ բեմ, 13 Յունիս 1906, Դ. տարի, թիւ 15, էջ 3։ 44. Ե. Քէրէստէճեան, «Մրցանակաբաշխի հանդէսը», Լուսաբեր, 18 Յուլիս 1907, Գ. տարի, թիւ 394, էջ 2։ 45. Արսլան [Երուանդ Միրիճանեան] (Գահիրէ 20 Ապրիլ 1908), «Եգիպտոս. նամակ Գահիրէէն», Երիտասարդ Հայաստան, Նիւ Եորք, 20 Մայիս 1908, Ե. տարի, թիւ 46, էջ 2։ 46. «Նոր շարժում մը», Լուսաբեր, 22 Սեպտեմբեր 1906, Բ. տարի, թիւ 269, էջ 3։ «Ուսումնասէր Արմենուհեաց Սանդուխտ Ընկերութիւնը», Ազատ բեմ, 26 Սեպտեմբեր 1906, Դ. տարի, թիւ 45, էջ 3։ «Ուսումնասէր Ընկերութիւն», Լուսաբեր, 27 Սեպտեմբեր 1906, Բ. տարի, թիւ 271, էջ 2։ «Սանդուխտ Ընկերութեան Ընդհ. Ժողովը», Լուսաբեր, 2 Հոկտեմբեր 1906, Բ. տարի, թիւ 273, էջ 3։ Մառի Պէյլէրեան, «Յայտարարութիւն», Ազատ բեմ, 3 Հոկտեմբեր 1906, Դ. տարի, թիւ 47, էջ 3։ Մառի Պէյլէրեան, «Յայտարարութիւն», Լուսաբեր, 4 Հոկտեմբեր 1906, Բ. տարի, թիւ 274, էջ 2-3։ 47. «Յայտարարութիւն Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ ի Գահիրէ», Ազատ բեմ, 24 Հոկտեմբեր 1906, Դ. տարի, թիւ 53, էջ 2։ «Հոգաբարձութիւն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ի Գահիրէ», Լուսաբեր, 25 Հոկտեմբեր 1906, Բ. տարի, թիւ 283, էջ 3։ 26
48. Կը գտնուի Հնչակեան Կուսակցութեան Գահիրէի մասնաճիւղի ատենագրութեան առաջին տետրակը խորագրուած՝ Տետր արձանագրութեան սկսեալ 1902 Օգոստոս 1-էն։ Մեծադիր ու ծաւալուն ձեռագիր տետրակ մըն է, որ կը բովանդակէ 1902-1911 թուականներու մասնաճիւղի վարչական ժողովներու, ընդհանուր անդամական ժողով- ներու եւ խառն ժողովներու ամբողջ ատենագրութիւնները։ Բնագիրը ղրկուած է Պէյրութ՝ Հնչակեան արխիւ։ Պատճէնը (photocopy) կը պահուի Մարտիրոս Պալաեանի մօտ, որմէ օգտուած եմ եւ կատարած ստորեւ բերուած քաղուածքները։ 49. Արսլան [Երուանդ Միրիճանեան] (Գահիրէ 20 Ապրիլ 1908), «Եգիպտոս. նամակ Գահիրէէն», Երիտասարդ Հայաստան, 20 Մայիս 1908, Ե. տարի, թիւ 46, էջ 2։ 50. Անդ, էջ 2։ 51. Անդ, էջ 2։ 52. «Մառի Պէյլէրեան», Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը 1921, Կ. Պոլիս, ԺԵ. տարի, էջ 171։ 27
ՖԵՄԻՆԻԶՄ, ԸՆԿԵՐՎԱՐՈՒԹԻՒՆ, ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ԱԿՆԱՐԿ Մառի Պէյլէրեան Եգիպտոսի մէջ անցուցած է իր երիտասարդութեան ամբողջ շրջանը՝ 19-32 տարեկան։ Ասիկա նաեւ այն շրջանն է՝ երբ Եգիպտոս ապաստանեցան 1896-ի աղէտէն փախուստ տուած մտաւորական ու ժողովրդական զանգուած մը, սկիզբ դնելով եգիպտահայ նոր շրջանի պատմութեան։ Միտքերու ազատութիւն մը կար այդ ժամանակ, մամուլի առատութիւն մը՝ ուր գրողները յաճախ կրնային արտայայտել բաւական յառաջադէմ գաղափար- ներ։ Կարեւոր գրողներ կրցան ստեղծել նաեւ իրենց անձնական մամուլը՝ սեփա- կան գաղափարները ազատօրէն արտայայտելու համար, հոգ չէ թէ այդ մամուլը երբեմն տեւած է շատ կարճ։ Բայց բազմակարծութիւնը, ճիշդ այդ կարճատեւ մամուլներուն շնորհիւ, եղած է տիրապետող։ Իր միտքերով արդէն կազմաւորուած մտաւորական մըն էր Պէյլէրեան՝ երբ կու գար Եգիպտոս։ 29
Գրիչով պայքարեցաւ ֆեմինիզիմի, ընկերվարութեան, յեղափոխութեան հիմնանիւթերուն շուրջ, բնագաւառներ ունենալով կրթութիւնը, աշխատանքը, մամուլը, արուեստը։ Արծարծեց ոչ միայն կնոջական հարցեր՝ ինչպէս յաճախ կը ներկայացուի, այլ ներկայացուց ընդհանուր հայկական խնդիրներ, քանզի կը ջանար կնոջական հարցերը դիտել ընդհանուրին մէջ։ Առանց մինչեւ վերջ ուշադրութիւն դարձնելու լեզուական անարատութեան եւ ոճական բիւրեղութեան վրայ, Պէյլէրեան իր գաղափարները արտայայտած է ուղղակի կերպով, երբեմն ինքնաբուխ, բայց միշտ կշռադատուած ու պատճառա- բանուած։ Մանաւանդ՝ խօսքի ու միտքի համարձակ տիրապետութեամբ։ Խաղաղապաշտ մը չէր ան։ Ոճը յաճախ ըմբոստ է, առանց վարանելու դիմելու արիւնալի պատկերներու իր գրական արձակին եւ չափածոյին մէջ։ Ստորեւ փորձ մըն է կարդալու Պէյլէրեանի Եգիպտոսի շրջանի գաղափար- ները՝ հիմնուելով Արշալոյսի, Փիւնիկի, Արտէմիսի եւ Ազատ բեմի գրութիւն- ներուն վրայ1։ Դասակարգումի համար չհետեւեցայ յատուկ կանոններու՝ բովանդակու- թիւնները իրենք թելադրեցին ենթախորագիրները։ ՖԵՄԻՆԻԶՄ Պէյլէրեանի համար ի՞նչ պահանջներ կրնայ ունենալ հայ կինը կամ հայկա- կան ֆեմինիզմը. 1. Մաքառիլ նախապաշարումներուն դէմ, որոնք դարեր շարունակ դժբախ- տացուցեր են կիները եւ այսօր սպառնալիք են կեանքի բաղդաւորութեան համար։ 2. Պահանջել բացարձակ եւ համարձակ սիրոյ իրաւունքը, իրաւունք՝ անկաշ- կանդօրէն ընտրելու կեանքի ընկերը։ 3. Պահանջել ազատ խօսելու եւ համարձակ կարծիք յայտնելու իրաւունքը բոլոր հասարակական խնդիրներուն շուրջ եւ պահանջել նկատի առնել իրենց կարծիքները։ 4. Պահանջել նախապաշարումներէ զերծ ազատ ու մաքուր բարոյական մը, ընտանեկան կեանքի, գործելու եւ մտածելու եղանակի ազատութիւն՝ սիրելի նպատակի հետապնդումի մէջ2։ Հայերուն համար վտանգաւոր է ֆեմինիզմը ընդգրկել «իր ամբողջական լայն ծրագրով եւ ուղղութեամբ», մանաւանդ երբ ան «կ’ուզէ սեռի ֆիզիքական տարբե- րութիւնը տեսնել միայն առն ու կնոջ մէջ»3։ Կը մերժէ ֆեմինիզմը դիտել իբրեւ զինուորագրեալ վիճակ՝ ծայրայեղութիւն- 30
ներու տանող ճամբայ, ինչպէս նաեւ իբրեւ տղամարդէն վրէժ լուծելու միջոց։ Կարեւոր է ֆեմինիզմը դնել այն ճամբուն վրայ՝ որ կը տանի դէպի օգտակար լուծումներու. Մենք՝ «ֆէմինիզմ»ի ներկայ սանձարձակ ուղղութեան մէջ կնոջական ոտնակոխ եղած իրաւունքները ձեռք բերելու եռանդէն ու տենչէն աւելի՝ այր մարդէն վրէժ լուծելու, անոր դարաւոր անիրաւութիւնները իրեն յիշեցնելու, անոր անձնասիրութիւնը քաւել տալու անորոշ, գուցէ եւ անգիտակից ձգտում մը կը տեսնենք։ Ֆէմինիզմը կ’ուզէ ֆիզիքական տարբերութիւնը միայն տեսնել առն եւ կնոջ մէջ, ուրիշ ոչինչ. ճիշտ է որ ասիկայ արդարացի պահանջ մըն է, բայց խնդիր է թէ իր այդ ձգտումներուն լիակատար յաղթանակը օգտակա՞ր ազդեցութիւն պիտի ունենայ ապագայ մարդկութեան վրայ թէ վնասակար. ահա այս կէտը պէտք է ըլլայ մեր ուշադրութեան գլխաւոր առարկան4։ Պէյլէրեան ամբողջապէս համամիտ է միջազգային ֆեմինիզմին։ Բայց համա- ձայն չէ զայն ամբողջապէս կիրարկել հայ կնոջ նկատմամբ, այն պարզ պատճա- ռով՝ որ հայը տակաւին պատրաստ չէ անոր։ Եւրոպացի կինը անցած է ազա- տագրութեան երկար ճամբայ, մինչդեռ հայը տակաւին նոր կը սկսի գիտակցիլ. Մենք ֆէմինիզմին հակառակ չենք. բայց վաղահաս կը նկատենք մենք մեզ մտցնել այն բարդ հարցին մէջ, որուն որդեգրուած ազգերու կիները արդէն դարերէ ի վեր ունեցած են իրենց այսօրուան լայն ծրագրին երբեմնի աղքատ նախատարերքը, կրցած են աստիճանա- ւորել իրենց պահանջները եւ պատմական խոշոր փաստերով հասունցուցած են խմորը եւ պատրաստած են իրենց կռուելու հողն ու հաստատուն կռուանը։ Իսկ ի՞նչ է ունեցած դեռ երէկուան քնէածութենէն հազիւ նոր զարթումի նշաններ ցոյց տուող հայուհին. մտքի, ընդունակութեան, զարգացումի, կարողութեան, քաղաքացիական շահերու, քաղաքական կամ պետական վայելքներու դեռ ո՞ր նպաստաւոր ժպիտին արժանացած է հայ ազգը ընդհանրապէս եւ հայ կինը մասնաւորապէս, որ ելլենք եւ դեռ մեզ համար բոլորովին աննպաստ ու արիւն արցունք քրտնելու այս սեւ օրերուն մէջ համաշխար- հային ընկերական վայելքներու բացարձակ տիրապետումին համար երկնցնենք մեր բազուկները, կերակրուելու համար հասարակաց այն կոչունքի սեղանէն, որուն վրայ հրամցուած քաղցրաւենիքներու ճաշակելն անգամ պիտի մենք նմանեցնենք մանուկին ձեռքը դէպի լուսնեակին երկնցուելուն, իբր թէ բռնել ուզէր. հէ՜գ տղայ5։ Ուրեմն, տակաւին երկար ժամանակ է պէտք որպէսզի հայերս հասնինք եւրոպական ազատագրուած մակարդակին։ Մինչ եւրոպացին արդէն ճանչցած է կնոջ ազատ ըլլալու պայմանները՝ անկէ անցնելով լիակատար հաւասարութեան պահանջին ընկերաբանական եւ քաղա- քացիական առումներով, հայ կինը տակաւին ճանչցնել տալ կ’ուզէ իր ընտա- նեկան եւ անհատական ստրկութիւնը՝ հասնելու համար ամուսինին հետ 31
հաւասար իրաւունքներ ունեցող ազատ կնոջ պայմանին։ Տակաւին կանուխ է ընկերաբանական եւ քաղացիական իրաւունքներուն համար. Չշփոթե՜նք «հայ կնոջական հարցի» պահանջը եւրոպացի «կանանց ազատագրութեան» դատին հետ, անոնք հիմնովին կը տարբերին իրարմէ. մէկը ընկերաբանական իրաւունքներու եւ քաղաքացիական հաւասարութիւններու բացարձակ տիրապետումը կը պահանջէ արդէն ճանչցուցած ըլլալով իր ալ ազատ էակ մը ըլլալու բոլոր պայմանները. մինչդեռ միւսը իր ընտանեկան եւ անհատական ստրկութիւնը կ’ուզէ ճանչցնել եւ հաւասարիլ իր այր ընկերին՝ անկէ պահանջելով իր բնական իրաւունքները6։ Ներկայ կարողութենէն աւելի պահանջելը կրնայ նոյնիսկ վնասել ինքզինքը. [Ա]նսահման ազատութեան տենչ ունենալը լոկ չի բաւեր. տուր կոյրին ձեռքը զէնք, եւ ահա ինքզինք կը սպաննէ. ազատութիւնը երբեմն այն առատ լոյսն է, որ կը կուրացնէ մութէն յանկարծ լոյսն ընկնող աչքը. այն կրակն է որ կոյրին, տգէտին ձեռք կը դառնայ լոկ վառելանիւթ մը իր տունը կրակելու. ազատութեան արժանի եղողները միայն իրաւունք ունին ազատագրութեան7։ Գիտնալով ինքզինքի սահմանը, հայ կինը կրնայ պայքարիլ այդ սահմանը աստիճանաբար ընդլայներու համար, մինչեւ հասնի եւրոպական ազատագրու- թեան աստիճանին, երբ արդէն կրնայ մասնակցիլ միջազգային ֆեմինիզմի պահանջներուն։ ԵՐԿՈՒ ՍԵՌԵՐՈՒ ՆՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Կինն ու տղամարդը հաւասար են կատարելութեամբ ու խելքով. Մենք պէտք է [...] ջրենք դեռ տիրող անիրաւ կարծիքը՝ որը կինը կը դնէ կատարելու- թեամբ ու խելքով այրերէն շատ վար աստիճանի մը վրայ8։ Բայց տարբեր են սեռային յարմարութիւններու եւ ֆիզիքական տեսանկիւն- ներէն9։ Տարբեր են նաեւ իրենց ներքին խառնուածքով. Այր ու կին բոլորովին տարբեր շինուածքներ են ե՛ւ հոգեպէս, ինչ որ ալ ըսեն, ի՛նչ փաստերով ալ որ ճգնին ապացուցանել ատոր հակառակը10։ 32
Խառնուածքի թերեւս ամենէն բացայայտ տարբերութիւնը կնոջ քնքշութիւնն է. Կնոջ հոգին խիստ քնքոյշ է11։ Սէր ու քաղցրութիւն է կինը, խրոխտ առնականութիւն՝ տղամարդը. [Բ]նութիւնը կնոջ տուած է սիրոյ ու քաղցրութեան անդիմադրելի հրապոյրը, իսկ այր մարդուն՝ այն տեսակ մը խրոխտ առնականութիւնը, որ իր ուժին եւ ազդեցութեան միակ գաղտնիքն է12։ Կինն ունի բնազդական զգացողութիւն՝ զոր այլապէս Պէյլէրեան անուանած է անոր սիրտը, մինչ տղամարդը՝ սառնասիրտ դատողութիւն։ Առաջինն է որ անսխալական է, քանի որ սիրտը չի կրնար սխալիլ. Կնոջ բնական հոտառութիւնն ու նախազգացումը, որը առնական պաղ ու լուրջ դատողութենէն աւելի անսխալական է13։ Հակառակ այս բոլորին, Պէյլէրեան լաւ բան մը համարած է կնոջական առնա- կանութիւնը (չշփոթել արականութեան հետ). Առնական ձեռնարկող, յանդուգն ոգւով դաստիարակենք մեր աղջիկը14։ Կամ, մարդը՝ տղամարդ թէ կին, պէտք է պատրաստ ըլլայ նետուելու կեանքի ասպարէզ՝ «վեհանձնաբար ու առնականօրէն»15։ Տեղի ունեցածը «առնական» բառի շերտաւորումն է։ Առաջին պարագային առնականը կը հաւասարի յանդգնութեան, երկրորդ պարագային՝ վեհանձնու- թեան։ Երկուքն ալ՝ մարդկութեան ազնիւ յատկանիշեր։ ՄԱՅՐ, ԶԱՒԱԿ, ԸՆՏԱՆԻՔ Պէյլէրեան կնոջ ազատութիւնը կը տեսնէ ընտանիքէն ներս։ Կը բաւէ որ Արտէմիսի ենթախորագիրն է՝ «Ամսահանդէս ընտանեկան եւ գրական»։ Ան կը պատճառաբանէ. Իրենց ընտանեկան յարկին համոզմամբ ու եռանդով նուիրուած, պարկեշտ, խոհուն, եւ իրենց պարտականութիւններուն կատարելապէս գիտակից մայրերն են որ տուեր են աշխարհին պարկեշտ, խոհուն եւ պարտաճանաչ ազգեր։ Օրինակները չեն որ կը պակսին16։ 33
Ընտանիքի կեդրոնը կը դնէ մայրութիւնը։ Իսկ մայրը հիմքն է ազգին. «Մայրերն են որ ազգեր կուտան», կը քաղէ յայտնի նշանաբանը, եւ ասիկա տեղի կ’ուենայ զաւակներու ճիշդ դաստիարակութեան միջոցով, «մի՛շտ լաւը, գեղե- ցիկը, օգտակարը» ներշնչելով անոնց17։ Մայրերը նոյնիսկ պէտք է զոհեն որոշ կնոջական իրաւունքներ՝ եթէ ասիկա պիտի նպաստէ զաւակի աւելի լաւ դաստիարակութեան. [Ա]մենէն թունդ ֆէմինիստները այսօր, նախամեծար կը համարին գուցէ զոհել իրենց ամբողջ դաւանանքը, քան իրենց զաւկին մազերուն մէկ թելէն անցնիլ18։ Պէտք չէ կնոջական իրաւունքները հասցնել ծայրագոյն աստիճանի, եթէ ան պիտի խանգարէ սերունդի ազնուացումը. Մենք այնքան բարձր ըլլալու ենք որ գիտնալու ենք զոհել մեր նոյնիսկ կարգ մը խոշոր իրաւունքներն ալ մեծ նպատակին, այսինքն սերունդի ազնուացման ու բարձրացման համար19։ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ Կրթութեան մասին Պէյլէրեան բազմիցս արտայայտուած է, արծարծելով թէ՛ կիներուն վերաբերող եւ թէ՛ ընդհանուր հայկական հարցեր։ Նոյնիսկ երբ խօսքը կը կեդրոնացնէ կնոջ վրայ, իր ուշադրութեան կեդրոնն է հայկականը՝ իր լայն գիծերուն մէջ։ 1. Կրթութիւնը՝ իբրեւ ինքնագիտակցութեան հենք Հայ կնոջ կրթութիւնը շատ կարեւոր է՝ դառնալու համար ինքնուրոյն մտածող ու գործող էակ, փոխանակ ուրիշին ձեռքը խաղալիք ապրանք մը ըլլալու։ Այս է Պէյլէրեանի ըմբռնումին հիմքը կնոջ կրթութեան նկատմամբ։ Հիմնականը՝ ինքնուրոյնութիւնն է։ Հայ կնոջ դիրքի փոփոխութիւնը ապրանքէ դէպի բանաւոր էակ կայացաւ դպրոցի շնորհիւ։ Դպրոցը անոր տուաւ սեփական միտք, ազատ սիրտ, անկախ կամք, արժանապատուութիւն, ինքնագիտակցութիւն եւ զայն ընդունակ դարձուց խորհիլ, զզալ ու գործել արտաքին ճնշումէ եւ ազդեցութենէ հեռու։ Դպրոցը նաեւ փրկիչը կրնայ ըլլալ ճնշուածներուն, զրկուածներուն եւ տառապողներուն20։ Հայ կինը մտահոգուած է ուրիշին, հասարակութեան արձագանգով՝ անոր կարծիքով։ Միայն լուսաւորեալ կրթութեամբ կրնայ կինը տիրապետել իր սեփա- կան միտքի իրաւունքներուն վրայ, իր ինքզինքին վրայ, եւ իր ինքնուրոյնութիւնը 34
պարտադրելով կոտրել հասարակական նախապաշարումները. Հանրութեան կարծիքը Տամոքլէսի սուրն է, որ սպառնալից կախուած է միշտ իր գլխուն վերեւ։ Սակայն պիտի ծագի ցանկալի օրը՝ յորում կինը վերջապէս առողջ եւ հիմնական դաստիարակութեամբ լուսաւորուած ու զօրացած, պիտի կոտրտէ այն անտանելի շղթաները՝ որով նախապաշարեալ հանրութիւն մը կը կաշկանդէ իր ամեն նուիրական ու սուրբ իրաւունքները, այն ատեն ցոյց պիտի տայ իր մտքի, սրտի, հոգւոյ բոլոր թագուն իրաւունք- ները...21։ Ընդհանուր առմամբ, բոլորի համար, մակերեսային կրթութիւնը՝ որ չի զարգացներ սեփական մտածողութիւնը, այլ հիմնուած է մեքենայական կրկնու- թեան վրայ, աւելի վտանգաւոր է քան ոչ-կրթութիւնը, քանի որ այդ կիսատ կրթութիւնը փայլեցնելու համար մարդը վաստակած կ’ըլլայ կեղծիքի յատկա- նիշը. Զարգացում ըսելով սակայն, պէտք չէ՛ հասկնալ այն երեւութական խաբուսիկ փայլը, մի քանի օտար լեզուներ թութակի պէս խօսելու, հոյակապ հեղինակներէ գողցուած մի քանի հարեւանցի տեսութիւններ ու լաւ չմարսուած գաղափարներ ըստ պատշաճին պարզելու դիւրութիւնը. ընդհակառակը շա՜տ աւելի վնասակար եւ աւերիչ են ադոնք, վասն զի ինչ որ թեթեւ բնութիւն մը ունի, երեւնալու, փայլելու համար միայն ընդունուած եւ ընդօրի- նակուած կեղծիք մը, աւելի ճիշդը, կանկռէնը կը դառնայ ժողովուրդի մը բարքին...։ Իմ խօսքս խորունկ ու լուրջ, պարզ բայց հաստատ զարգացման վրայ է, որը միայն կարող է առողջ ու կենսալից պահել ժողովուրդի մը բարոյական ուժերը22։ Իրական կրթութիւնը շատ կարեւոր է բարձրացնելու համար բոլոր ժողո- վուրդներու ճնշուած դասակարգերուն ինքնագիտակցութիւնը։ Բանուոր դասա- կարգը, օրինակ, տակաւին անկարող է իր իրաւունքները պահանջել գործարա- նատէրէն, քանի որ իր ինքնագիտակցութիւնը տակաւին չէ զարգացած։ Միայն կրթութիւն-զարգացումը կրնայ անոր տալ ինքնագիտակցութեան բարձր մակար- դակ23։ Այս առումով, կրթութիւնը ունի իր թշնամիները, յանձին դրամատիրոջ, որ կ’ուզէ արգիլել լուսաւորութեան մուտքը բանուորական դասակարգէն ներս՝ զայն իր տիրապետութեան տակ պահելու համար. Եւ տնտեսական ճնշումը, մարդ էակին հոգւոյն ու սրտին մէջ ինքնագիտակցութեան եւ արժանապատուութեան զգացումները խեղդող է՛ն հզօր եւ կարող միջոցն է դժբաղդաբար, զայդ գիտեն անօրէնները, որոց բնաւ գործին չգար զարգացման ու լուսաւորութեան յաղթական մուտքը գործաւորական խաւերուն մէջ...24 35
Հայերը, այսօր, հեռու են ինքնագիտակից ըլլալէ, քանի որ դարեր շարունակ ապրելով ստրուկ ու տառապեալ վիճակի մէջ, չեն կրցած ինքնազարգանալ, հետեւաբար, անոնց ներկայ ընդվզումները (բանուորակա՞ն, ազգային ազատա- գրակա՞ն) ենթարկուած են խարխափումներու25։ 2. Կրթութեան բնագաւառը՝ կեանքի համար 1902-1903՝ Արտէմիս 1903-ին, կնոջական Արտէմիսի մէջ Պէյլէրեան զանազան առիթներով կը կարեւորէ կրթութիւնը՝ իբրեւ կիները դէպի փաստական կեանք տանող ճամբայ։ Կրթութեան նպատակն է պատրաստել կեանքը դիմագրաւելու ընդունակ կիներ, զանոնք դարձնել իրական կեանքին մաս կազմող էակներ, եւ ասոր համար պէտք է հրաժարիլ վերացական գաղափարներէ եւ յենուիլ կեանքի փորձառութենէն բխած գիտելիքներու վրայ։ Աղջիկներու դպրոցները պէտք է առաջնորդուին ոչ թէ «տեսական, վերացական, կեանքի վարդագոյն կողմերուն միայն համապատասխանող ծրագիրներով ու սկզբունքներով», այլ գործնական դասերու եւ կենդանի օրինակներու վրայ, պայմանով որ այդ գործնականը ներ- դաշնակուի բարիի, գեղեցիկի եւ ճշմարիտի սկզբունքներուն հետ26։ Այսինքն, Պէյլէրեան գործնական կեանքը չի դիտեր իբրեւ միջոցները արդա- րացնելու ճամբայ, այլ ճամբայ մը՝ որ հիմնուած է բարձրութեան ու արդարու- թեան վրայ։ Գործնականը եւ արժէքային համակարգը անբաժանելի են։ Այն սահմանափակ քանակութեամբ տաճկահայ կիները՝ որոնք նիւթական կարողութիւն կ’ունենան ուսումի համար մեկնիլ Եւրոպա, հիմնականապէս կ’ընտրեն արուեստներու եւ գեղարուեստներու բնագաւառները։ Պէյլէրեան համոզուած է՝ որ նախընտրելի պիտի ըլլար ընտրէին այնպիսի մասնագիտու- թիւններ, որոնցմով կարողանային օգտակար ըլլալ իրենց բնաշխարհին՝ երբ ուսումէն ետք վերադառնային այնտեղ. [Բ]այց ցանկալի չէ՞ր արդեօք որ անոնց քովիկը երեւնային նաեւ հայ աղջիկներ՝ որոնք հետեւէին գիւղատնտեսական մասնագիտութիւններու, կաթնագործութեան, պանրագոր- ծութեան, մեղուաբուծութեան, շերամապահութեան եւ այդ կարգի բոլոր աշխատութիւն- ներու, որոնք կարող էին մեր բնաշխարհը շէնցնել, եւ նոր զարկ տալ կարգ մը զբաղումներու, որոնց անմշակ տարերքը նահապետական օրերէն սկսած մինչեւ մեր օրերը դեռ եւս նոյնութեամբ կը շարունակուին27։ Այս փոքրաթիւ դասակարգէն զատ, Տաճկաստանի մէջ կը մնայ ստուար բանուորական դասակարգը, «եւ այդ կեանքին համար մեր վարժարանները պէտք է պատրաստեն ե՛ւ մեր աղջիկները»28։ Այս վարժարանները շատ բան կրնան տալ աղջիկներուն, եթէ անոնց 36
սորվեցնեն կեանքի հետ կապուած արհեստներ ու արուեստներ, փոխանակ վերացական դասընթացքներու եւ կինը սալոնին զարդը դարձնող ուսումի. Մեր աղջկանց վարժարանները տարամերժ հակում մը ցոյց կուտան առ հասարակ դէպի լեզուագիտութիւնները, դէպի դաշնակը, դէպի սալօնի զարդերու միայն վերաբերող ձեռա- գործները։ Շատ աւելի օգտակար չըլլա՞ր արդեօք դնել հոն գործնական արուեստներուն նախատարերքը եւ հետզհետէ մասնագիտական բաժին մը բանալ, կարող մասնագէտներու օժանդակութեամբ. օրինակ կանացի զգեստներու, փեղոյրներու, ասեղնագործուած ճերմակեղէններու, կեղծ ծաղիկներու, սիւզէնիի, ոսկեթել բանուածքի եւլն եւլն ճիւղեր՝ ուր կը մարզուի հայ աղջիկը, եւ վարժարանը թողնելէ ետքը տիրականօրէն տէրը կը դառնայ իր ճակատագրին ու սրտին29։ Կրթութեամբ պէտք է ձեւաւորել «կեանքի մարդը» եւ ասոր համար նախընտրելի պիտի ըլլար աղջիկներու ուսումնարանները վերածել ուսումնա- րան-արհեստանոցներու30։ Կարելի է զանց առնել գեղագրութիւնը՝ որ «բոլորովին աւելորդ է» (Պէյլէրեան դէմ չէ գեղեցիկ գրելուն, այլ դէմ է գեղեցիկ գրելը դարձնելու ինքնավար ճիւղ, քանի որ ուսուցիչը կրնայ աշակերտի գեղեցիկ գիրին հետեւիլ հայերէնի եւ ֆրանսերէնի դասընթացքներուն ընդմէջէն), «ձեռագործներու այն տեսակները՝ որոնք նիւթական շօշափելի արդիւնք մը չեն կրնար տալ» (գռօշէ, գանավա, շիշով տանթէլներ), գծագրութենէն ընդունիլ «միայն այն ճիւղը՝ որը կը պատկանի արուեստին» (նկատի ունի արհեստին), երգ ու դաշնակը՝ որոնք «տղուն միտքն ու սիրտը շինելու հետ շատ մեծ կապ մը չունին», եւ անոնց ժամերը յատկացնել արհեստանոցին, արտադրելով, օրինակ՝ օժիտներ, ճերմակեղէններ, զգեստեղէն- ներ, զորս կարելի է վաճառել հարուստներուն եւ եկած հասոյթով վարձատրել աշակերտուհիները՝ խթան յառաջացնելու համար անոնց մօտ31։ Ըլլայ եւրոպական համալսարանական թէ տեղական դպրոցական կրթու- թիւններուն մէջ Պէյլէրեան կը փնտռէ ոչ միայն այն՝ որ տնտեսապէս օգտակար կրնայ ըլլալ կիներուն, այլ այն՝ որ կապուած է կեանքի կենդանի փորձառութեան հետ, այսպէս, աւելցնելով անոնց կարողականութիւնը եւ ինքնավստահութիւնը։ Տնտեսական հենքն է որ կ’որոշէ մտաւորական կացութիւնը։ Տնտեսական ապահովութիւնը կարեւոր ազդակ մըն է պահպանելու ու զարգացնելու աղջիկ- ներուն մտաւորական կարողութիւնները. Միայն մտաւորական կարողութիւններու զարգացումը միշտ բաւական չէ մեր աղջիկ- ներուն ապագայ կեանքի բարօրութեանն ու երջանկութեանը համար. մենք ըսեր ենք ու կը կրկնենք, նիւթական հանգստութիւնն ու ապահովութիւնը զօրաւոր ազդակ մըն է այդ կարողութիւններուն ուժը պահպանելու ու սրելու միեւնոյն ժամանակ32։ 37
1906՝ Ազատ բեմ Երեք տարի ետք՝ 1906-ին, երբ արդէն չկար Արտէմիսը, Աղեքսանդրիոյ Ազատ բեմի յօդուածաշարին մէջ Պէյլէրեան կ’անդրադառնայ արդէն բոլորի կրթութեան մասին՝ աղջիկ եւ տղայ։ Այնտեղ կը խօսի բարոյական կրթութեան մասին՝ զայն զանազանելով մտա- ւորական կրթութենէն։ Բարոյականութիւնը Պէյլէրեանի հիմնական գաղափար- ներէն մէկն է՝ որ կարմիր թելի նման կ’անցնի իր ողջ գրութիւններուն ընդմէջէն, անոր տալով զանազան իմաստներ, ըստ նիւթի բովանդակութեան։ Այստեղ ան կը փորձէ ցոյց տալ բարոյական դաստիարակութիւն մը՝ որ աշակերտը կը պատրաստէ կեանքի փորձառութեան։ Եթէ Արտէմիսի ժամանակ կեանքի փորձառութիւնը կապուած էր ճշգրիտ արհեստներու հետ, այստեղ անոր կ’աւելնայ նաեւ բարոյական դաստիարակութիւնը։ Բարոյական դաստիարակութիւնը կը դիտէ քանի մը կողմերով. 1. Տեսողական գեղեցկութիւնն ու մաքրութիւնը կը կազմաւորեն ճաշակը, որ իր կարգին կը տանի դէպի գեղեցիկը, ազնիւը եւ բարին՝ իբրեւ բարոյականու- թեան գերագոյն նպատակ. Բարոյական դաստիարակութեան ապահով ու անսայթաք յառաջացմանը համար անհրաժեշտ է որ վարժարանի շէնքը ըլլայ փառաւոր եւ գեղեցիկ, սրահները ընդարձակ ու օդասուն, դասարանները՝ կանոնաւոր, վայելուչ ու մաքուր. տղուն աչքերը միշտ պէտք է գեղեցիկը, վայելուչը տեսնեն, ատով կը կազմակերպուի ճաշակը, ատով է որ ան կը սկսի սիրել Գեղեցիկը, Ազնիւը, Բարին33։ 2. Սիրտերու փափկացումն ու ազնուացումը, հոգիներու անուշութիւնն ու շիտակութիւնը այն բարոյական յատկանիշերն են՝ որոնց աշակերտը կրնայ հասնիլ, օրինակ, երաժշտութեան միջոցով. Երաժշտութեան ազդեցութիւնն ալ ահագին նշանակութիւն ունի բարոյական դաստիարակութեան գործին մէջ, վասնզի երաժշտութիւնը կը փափկացնէ, կ’ազնուացնէ մանուկ սիրտերը, անուշ եւ շիտակ հոգիներ կը պատրաստէ։ Եթէ դաստիարակուհին երաժիշտ է քիչ շատ, միջոց մը աւելի ունի հրապուրելու համար մանուկները, որոնք երգի ու պարի խենդ են։ Անհրաժեշտ է օրուան գոնէ մէկ ժամը տալ երաժշտութեան. բայց միայն երգեր սորվեցնել բաւական չէ՛, այլ երբեմն աշակերտներու տարիքին ու երաժշտական հասկացո- ղութեան յարմար կտորներ ալ առանձին նուագելու է34։ Երգ ու նուագը՝ իբրեւ այս տեսակ բարոյական դաստիարկութեան միջոց։ Անմիջապէս պիտի մտաբերել երգ ու դաշնակի մասին արտայայտած 1903 թուականի կարծիքը (տես վերը), ուր երաժշտութեան դասաւանդութիւնը չէր ընդուներ իբրեւ աղջիկը կեանքի մարդ դարձնելու միջոց եւ կ’առաջարկէր այս 38
դասընթացքը փոխարինել գործնական արհեստներու դասաւանդութեամբ։ Իսկ հիմա, հաւասարապէս տղոց եւ աղջիկներուն համար զայն կարեւոր կը համարէ բարոյականութիւնը մշակելու համար։ Միտքի զարգացում-փոփոխութի՞ւն, թէ գաղափարական օղակի մը պակաս։ Կարելի է ըսել՝ երկուքը։ Նոր օղակը բարոյականութիւնն է, բարոյականութեան հասնիլը։ Բարոյակա- նութիւնը՝ զանազան դրսեւորումներով, անպակաս է Պէյլէրեանի մօտ, բայց բարոյականութիւնը՝ իբրեւ դաստիարակութեան միաւոր, կարծէք նոր կը հասուննայ իր մօտ։ 1906-ի յօդուածաշարին մէջ, չենք կրնար ըսել որ այս կէտի շուրջ Պէյլէրեանի գաղափարները յստակ են մինչեւ վերջ, քանի որ քիչ մը վարը կ’անցնի բարոյական դաստիարակութեան ուրիշ շերտի մը, ուր ան կը դրուի իբրեւ միջանկեալ օղակ պատրաստուելու դիմագրաւել յետաշակերտական կեանքի դառն իրականութիւնները։ Պէյլէրեան իր միտքը կը բացատրէ նաեւ նմանացում- ներու, տարբերակումներու եւ հակադրութիւներու միջոցով։ Նախ կը նշէ կրթութեան բարոյական եւ մտաւորական կողմերը։ Բարոյա- կանը կը պատրաստէ սիրտի մարդ, մտաւորականը՝ միտքի, եւ ասոնք տարբեր բաներ են։ Առաջնայինը բարոյականն է. Մենք ծանրացանք աւելի բարոյական դաստիարակութեան վրայ, առաջին տեղը տալով անոր, վասն զի մտքի մարդէն աւելի՝ սրտի մարդերու պէտքը ունի կեանքը35։ Սիրտի մարդ, այսինքն՝ մարդ որ ներքին մղում ունի շարժելու, գործելու, պայքարելու, մարդ՝ որուն յուզական աշխարհը զինք կ’առաջնորդէ գործողու- թիւնը կատարելու համոզումով, նուիրուածութեամբ, թափով եւ մեծ ներշնչումով։ Բարոյական դաստիարակութիւնը նաեւ կը նշանակէ հզօր ներշնչում. Կեանքի փորձառութիւնը, շատ շատ կը զօրացնէ երիտասարդը կեանքի կռիւին մէջ, բայց երբէք չի կրնար իրեն արիութիւն տալ, զինքը քաջալերել, եթէ առաջուց առողջ դաստիարա- կութեան մը հզօր ներշնչումը իր մէջը չէ արմատացուցեր կեանքի գիտակցութեան սկզբունքները36։ Բարոյական դաստիարակութեան նպատակն է աշակերտին ցոյց տալ իրա- կան կեանքի դժուարութիւնները՝ ինչպէս որ կան, որպէսզի ան պատրաստ ըլլայ նետուիլ անոնց մէջ, ճակատել զանոնք եւ տոկալ անոնց դժուարութիւններուն. Բարոյական դաստիարակութիւնը իրեն նպատակ պիտի ունենայ ուրեմն, ինչպէս ըսինք, կեանքի դասը խօսիլ մանուկներուն, հետզհետէ անոնց տարիքին ու հասկացողութեան չափովը ընթանալով, զգուշանալ մանաւանդ, կեանքի գեղեցիկ կողմերը միայն ցոյց տալէ, ատի շատ վնասակար կ’ըլլայ տղուն ապագային համար, թող չի հաւատայ բնաւ թէ՝ կեանքը 39
վարդերով ծածկուած ճամբայ մըն է, որուն վրայէն ինքը պիտի քալէ անվրդով, անոր պէտք է ցոյց տալ թէ՝ ի՜նչ փուշեր կան ծածկուած այդ վարդերուն տակ, որոնք օր մը կրնան իր ոտքերը վիրաւորել եւ արիւնել37։ Բարոյական դաստիարակութեան նպատակն է պատրաստել դրական գաղափարականութեամբ մարդիկ, բայց ոչ վերացական։ Պէյլէրեան վերացակա- նութիւնը կը հակադրէ դրական գաղափարականին. Դաստիարակ կինը կամ ուսուցիչը ջանադիր ըլլալու է նաեւ, որ իրեն յանձնուած մանուկները ապագային համար վերացական մարդիկ չի պատրաստուին, այլ դրական ըլլան ու միեւնոյն ժամանակ՝ գաղափարական38։ Այս նպատակին հասնելու համար, բարոյական դաստիարակութեան միջո- ցով աշակերտին պիտի ներկայացնել աշխարի լաւութիւնն ու չարութիւնը հաւասարապէս, կոփել անոր. Տղայ մը վերացական կը դառնայ այն ատեն՝ երբ դպրոցին մէջ հոգ չի տարուիր իրեն ճանչցնելու կեանքի իրականութիւնը եւ օր մը իր բոլոր յղացումները, բոլոր մտածումները անիրականալի երազներ, ցնորածի ձափռտուքներ մնալու դատապարտուած կ’ըլլան լոկ։ Մինչ ճշմարիտ գաղափարական մարդը շատ կանուխէն պատրաստուած պիտի ըլլայ դիտե- լու, սերտելու կեանքը, մերկ՝ իր տգեղութիւններուն՝ ինչպէս նաեւ իր գեղեցկութիւններուն մէջ, իր բարութիւններուն՝ ինչպէս նաեւ իր չարութիւններուն մէջ, կազմ ու պատրաստ, սպառազինուած կեանքի կռիւին համար, այնպէս որ ան դեռ կեանքի մէջ չի մտած, խորապէս համոզուած ըլլալու է թէ իբրեւ ճշմարիտ մարդ ապրելու համար ինչքա՜ն ահագին գործեր, ինչքա՜ն հսկայ պարտականութիւններ կան կատարելիք, ու երբ օր մը նետուի կեանքի ասպարէզը, դրականօրէն խորհելով ու գործելով կատարէ իր պարտականութիւն- ները, վեհանձնաբար ու առնականօրէն39։ Հետեւաբար, բարոյական դաստիարակութեան երկրորդ շերտը ուղղուած է մշակելու դրական գաղափարականութիւնը, ուր դրականը կեանքի իրականու- թիւնն է՝ իր լաւով եւ վատով։ Դրական գաղափարականութեան հակառակն է վերացականութիւնը, որմէ պէտք է խուսափիլ դաստիարակութեան ընթացքին։ Ունեցանք երկու բարոյականութիւններ։ Մէկը՝ դէպի գեղեցիկը, ազնիւը, բարին, սիրտերու փափկացումն ու ազնուացումը, հոգիներու անուշութիւնն ու շիտակութիւնը։ Միւսը՝ դէպի կեանքի լաւ ու վատ իրականութիւնները։ Հակասութի՞ւն։ Հազիւ թէ։ Առաջինը պայքար մըն է երկրորդի վատ կողմին դէմ։ Կեանքի վատը՝ թէեւ իրականութիւն մըն է, բայց կրնայ վերանալ, եթէ դպրոցին մէջ գեղեցիկի ուսումը ըլլայ գերակշռական ու առաջնային։ Այս երկուքին համատեղումը կարելի է նկատել Պէյլէրեանի հիմնական 40
համոզումներէն մէկը։ Որուն մէջ երգ-դաշնակի կարեւորութիւն-անկարեւորու- թեան հարցը արդէն կը մնայ երկրորդական։ 3. Դաստիարակուհի 1903՝ Արտէմիս 1903-ին, Արտէմիսի մէջ Պէյլէրեան որոշ շեշտադրումներ կը կատարէ դաստիարակուհիի անհրաժեշտութեան մասին աղջիկներու կրթութեան մէջ։ Աղջկան կրթութեան գործին մէջ կեդրոնական դերակատարութիւն ունի դաստիարակուհին՝ աւելի կարեւոր քան ուսուցիչ-ուսուցչուհին, կը գրէ։ Աղջկան համար անհրաժեշտ է կին դաստիարակուհի, քանի որ միայն ան կրնայ խօսիլ իր սիրտով, նկատի առնելով որ կինն է առաջին իրազեկը մանկա- կան զգացումներուն. Աղջիկներու տալ այր դաստիարակներ սխալ մըն է դաստիարակութեան գործին համար, եւ միեւնոյն ժամանակ բացարձակապէս անբնական քայլ մը. միտքը գուցէ շահի հոդ, բայց սիրտը երբէք. եւ սակայն հոգեկան բարձր դաստիարակութիւնը պէտք է ըլլայ գլխաւորաբար մեր է՛ն գգուելի բաղձանքը կնոջ համար, վասնզի կինն է մարդուն առաջին բնական դաստիարակը, ա՛ն կը տեսնէ մանկան առաջին զգացումներուն ծնունդը, ա՛ն է տղան ազնիւ ու վսեմ կոչումներու համար պատրաստողը, պարզ է ուրեմն թէ՝ այն ատեն միայն պիտի կարենայ իր մատաղ զաւակներուն ներշնչել այդ ձգտումները, երբ ինքը բարձր իտէալներով եւ վսեմ ներշնչումներով լեցուն կեանք մը կ’ապրի40։ Սիրտի միջոցով ան կրնայ յառաջացնել փոխադարձ եւ ամենատարած սէր՝ մէկը դաստիարակութեան ամենակարեւոր գործօններէն։ Դաստիարակուհիին տրուած է աշակերտուհիներուն սիրելի դարձնել ուսումը՝ սիրելով զանոնք եւ զանոնք սիրցնել տալով իրեն։ Սիրոյ միջոցով կարելի է ձեւաւորել միտքեր եւ բնաւորութիւններ. Նա հմուտ պէտք է ըլլայ կատարելապէս իր պաշտօնին. նա՝ պիտի գիտնայ վարել իրեն յանձնուած մատաղ աղջիկներուն միտքը, սիրտը, տրամադրութիւնները։ Նա պիտի տեսնէ անոնց հոգւոյն ու սրտին մինչեւ խորքերը։ Նա ամեն բանէ առաջ պիտի գիտնայ գրաւել անոնց սիրտերը, վասն զի այդ մանուկները սիրելով եւ անոնցմէ սիրուելով է որ փորձ դաստիարակուհին պիտի կարենայ ուղղել, եւ իր ուզած կաղապարով ձեւել անոնց բնաւորութիւնները41։ 1906՝ Ազատ բեմ 1906-ի Ազատ բեմի յօդուածաշարին մէջ Պէյլէրեան կը շեշտէ կին դաստիա- րակուհիի անհրաժեշտութիւնը արդէն բոլոր աշակերտներուն համար՝ աղջիկ եւ տղայ։ Նոյն պատճառներն են՝ աւելի ընդարձակուած։ 41
Սէրը կնոջ բնական կոչումն է մայրութեան ընդմէջէն, իսկ սէրը կը յառաջացնէ քաղցրութիւն կնոջ մէջ, որ կ’օգնէ գլխաւորաբար խիղճը զարգացնելու ու կազմակերպելու եւ մանուկ սրտերու մէջ քիչ քիչ տեղ կը բանայ ամէն այն ազնիւ ու առաքինի զգացումներուն, որոնք անհրաժեշտ են իբրեւ ճշմարիտ բարոյական մարդ ապրելու համար աշխարհի վրայ42։ Խստութիւններն ու պատիժները չեն կրնար ընել այն՝ ինչ կ’ընեն սէրն ու քաղցրութիւնը։ Մանուկները, բոլոր չափահաս մարդոց նման, ունին իրարմէ տարբեր եւ այլազանուած բնաւորութիւններ ու ճաշակներ, բան մը՝ որ անբաւարար կը դարձնէ կանխորոշուած մէկ ուղղութեան կիրարկումը։ Կնոջ բնազդական զգացողութիւնը կարողութիւն ունի զանազանելու այդ տարբերութիւնները, զգալու իւրաքանչիւր մանուկի բնաւորութիւնը, եւ ըստ այնմ վարուելու ամէն մէկուն հետ՝ ստեղծելով առանձին ուղղութիւններ։ Այս յատկութիւնը կը պակսի տղամարդոց մօտ՝ որոնք լուրջ դատողութենէն անդին չեն սիրեր անցնիլ43։ Այդ ուղղութիւնները կարելի չէ սահմանել եւ օրէնքի վերածել, այլ պիտի բխեցնել կացութենէն եւ անհրաժեշտութենէն։ Նոյնիսկ ամենափոքր շարժուձեւ մը, դիմաշարժում մը կրնայ իր ներգործութիւնը ունենալ աշակերտին վրայ։ Բնազդականութեան վերածումը գործողութեան տեղի կ’ունենայ շնորհիւ կնոջա- կան թաքթին. Եթէ նախազգացումն ու հոտառութիւնը իրեն կը զգացնեն մանկական բնաւորութիւն- ներու նրբին զանազանութիւններն ու թերութիւնները, թաքթը զանոնք ուղղելու միջոցներն ու կերպերը իրեն ցոյց կուտայ անվրէպ44։ Խորքային ըմբռնում մըն է ասիկա, այսինքն՝ բնազդական մանրազննումը բնաւորութիւններու անսահման այլազանութեան եւ ապա մանրազննումին վրայ հիմնուած նրբամիտ հնարագործութիւնը (թաքթը)։ Ասիկա կրթութիւնը դուրս կը հանէ զանգուածային միանուագութենէն՝ որ ուղղուած է համահարթելու զանա- զանութիւնները եւ յառաջացնելու միատարր սերունդներ։ Մանկավարժական ճկունութիւն մը, որ կը պակսի տղամարդոց մօտ, ըսել կ’ուզէ Պէյլէրեան։ Կինը նաեւ ընդունակ է փոխելու իր սեփական միտքերը՝ համապատասխան նոր զարգացումներու, մինչդեռ տղամարդը կը միտի կառչիլ իր գիտցածներուն վրայ։ Փոխուելու կարողութիւնը կնոջ առիթ կու տայ առնչուիլ նորամուտ մանկավարժական գաղափարներու հետ, որոնց կիրարկումը կարեւոր է նոր սերունդներու դաստիարակութեան համար. 42
Կեանքի մէջ ամէն բան այսպէ՛ս է, նորը կը յաջորդէ հինին եւ կեանքի օրէնքին համաձայն հինը տեղի պիտի տայ նորին առջեւ, եւ դաստիարակուհին պէտք է քալէ ժամանակին հետ, պէտք է թօթուէ՛ վրայէն հին ուղղութիւնները, ընդունուած հին գաղափարներն ու սկզբունքները, պէտք է հետեւի, քալէ, կ’ըսեմ, նորին հետքերուն վրայէն եթէ կ’ուզէ դաստիարակութեան գործին իսկապէս օգտակար դառնալ, վասնզի դաստիարակութիւնը իր նպատակին այն ատեն միայն կը հասնի երբ ժամանակի ոգիին ու պահանջումներուն համեմատ մարդիկ կը պատրաստէ։ Մտքի փոփոխականութիւնը, այսինքն մի՛շտ նորը ընդունելու հակամիտութիւնը ա՛յս պարագային կնոջ ամենէն մեծ զօրավիգը կը դառնայ։ Ան առանց ոեւիցէ վարանքի, ըսեմ նոյն իսկ տեսակ մը խղճմտանքի, շատ աւելի դիւրաւ կրնայ թօթուել հինին ազդեցութիւնը վրայէն, մինչ այր մարդուն դժուարին կուգայ գուցէ մէկդի նետել իր սիրած, վարժուած ուղղութիւնները, իրեն կը թուի թէ տեսակ մը ուրացում կայ ըրածին մէջ, թողո՜ւլ, մոռնալ վաղուց ի վեր իր որդեգրած սկզբունքները՝ նոր, խորթ մտքեր ընդունելու, նոր անծանօթ ուղիէ մը քալելու համար...45։ Հայերը քիչ ունին մասնագէտ ու նուիրեալ դաստիարակուհիներ, մեծամաս- նութիւնը պաշտօնը դարձուցած է լոկ ապրուստի միջոց. [Ա]նոնք մասնագէտներ չեն ընդհանրապէս։ Առանց մազի չափ ուսումնասիրած ըլլալու թէ ի՞նչ է դաստիարակելը, այսինքն ի՞նչ է միտք, սիրտ, հոգի շինելը, դարձած են բաղդին բերմամբ վարժուհի. միայն ապրելու համար շատ անգամ. մինչ դաստիարակութեան գործին օգտակար դառնալու համար հարկաւոր է սիրել գործը, հոգեւին նուիրուիլ անոր...46։ Անոնք՝ աննշան բացառութեամբ խանութներու մէջ ցուցադրուած զարդարուն պուպրիկներէն չեն զանազանուիր, շարժո՜ւն պուպրիկներ, որոնց միակ հոգն ու մտածումը իրենց հագուստը կապուստը զարդն ու զարդարանքն են...47։ Անոնք աղքատ են եւ չեն կրնար ուսումի համար Եւրոպա երթալ, բայց կրնան «ինքնօգնութեամբ թափանցե[լ] դաստիարակութեան այնքան փափուկ, այնքան դժուարին գործին»48։ Թէեւ, լաւագոյն լուծումը կը մնայ եւրոպական ուսումը։ Եւ ասոր համար անհրաժեշտ է հիմնել բարեգործական ընկերութիւն մը, որուն նպատակը ըլլայ ընդունակ աղջիկները Գերմանիա կամ Զուիցերիա ղրկել մանկավարժական ճիւղին հետեւելու համար49։ Իսկ այնքան ժամանակ որ չունինք մասնագէտ մանկավարժուհիներ, գոնէ եղածներուն մէջէն պէտք է փորձենք գտնել յարմարագոյնը, հիմք ընդունելով բարոյականը՝ սրտի ազնուութիւն, բարեկիրթ ու շնորհալի բնաւորութիւն50։ 43
4. Ինքնակրթութիւն՝ ընթերցանութեան միջոցով Ընթերցանութիւնը ուժ է, զօրութիւն. Ընթերցանութիւնը ոչ միայն միտքն ու սիրտը զօրացնող ոյժն է, այլ մա՛նաւանդ օգտա- կարագոյն զբօսանքը, այնպիսի մաքուր ու վճիտ հաճոյքներու աղբիւր մը՝ որուն նմանը չէ կարելի վայելել51։ Իսկ երբ կինը զարգանայ, ընկերային հաւաքոյթները կ’ունենան ուրիշ մակարդակ, դառնալով աւելի հաճելի ու օգտակար։ Պէյլէրեան չի մոռնար նշել օգտակարութեան հարցը՝ որ հիմքը կը կազմէ իր համոզումներուն։ Օգտակար՝ բայց ոչ օգտապաշտ (թէեւ վերջին բառը Պէյլէրեան երբեք չէ գործածած), այսինքն՝ օգտակարութիւն մը որ իր հետ կը կրէ նաեւ հաճոյքը, մտաւոր բարձրութիւնը, բարոյականութիւնը եւ ինքնավարութիւնը, փոխանակ ծառայելու ուրիշ բանի մը եւ ըլլալու ենթակայ. Երբ միտքը կը զարգանայ, դատողութիւնը կը զօրանայ եւ գաղափարները կը հասուննան, այն ատեն ընկերային հաւաքումները՝ ուր կիները այնքան կարեւոր տեղ կը բռնեն, կ’ունենան իրենց համն ու հոտը, փոխանակուած առողջ մտածումները, լուրջ կարծիքները ոչ միայն հաճելի՝ այլ եւ օգտակար ժամանակ անցնել կուտան ամենուն ալ52։ Հակառակ ասոր՝ ընթերցանութիւնը անտեսուած է այսօր. Ընթերցումը՝ որ ամենէն սիրելի ու բաղձալի զբաղումը պէտք էր ըլլար իրենց [կիներու, Հ.Ա.] անգործ ժամերուն՝ բացարձակապէս անտեսուած ու անպէտք բան մը նկատուած է. ընթերցանութեան ճաշակ չկայ բոլորովին53։ Յամառ ընթերցող մը կրնայ հասնիլ մտային զարգացումի նոյն մակարդակին՝ ինչ վարժարան աւարտող մը. Սխալ է այն կարծիքը թէ՝ կանոնաւոր վարժարան տեսնողը միայն կրնայ զարգացած համարուիլ։ Կան այնպիսիներ՝ որոնք սոսկ լուրջ ու յամառ ընթերցումներու շնորհիւ այնպէս գաղափարուած, այնպէս սրած են իրենց մտաւոր կարողութիւնները, որոնք շատ մը դպրոց տեսնողներէ հազար անգամ աւելի կ’արժեն54։ Պայմանով՝ որ ընթերցանութեան համար ընտրուին պատշաճ նիւթեր, որոնք ըլլան նաեւ բարոյականի սահմաններուն մէջ. Սակայն անշուշտ ընթերցման գրքերը պէտք է ընտրանօք տրուին ամենուն ձեռքը, եթէ ընտրութեամբ ընթերցումը օգտակարագոյն զբաղմունքն է, ինչպէս ըսինք, վատառողջ եւ 44
ապականող գրուածքներն ալ կրնան խորապէս վտանգաւոր ազդեցութիւն ունենալ մա՛նաւանդ մատաղ տարիքներու եւ դեռ չկազմուած նկարագիրներու վրայ. այդ պարագա- յին դաստիարակները մեծ դեր կրնան կատարել իրենց աշակերտներուն համար, իսկ անոնք որ հասուն տարիքին մէջն են, ո՛չ դպրոցական, կարող են լուրջ ու զարգացած անձնաւո- րութիւններու կարծիքներովը առաջնորդուիլ55։ ԿՆՈՋ ԱՇԽԱՏԱՆՔ 1. Աշխատանքը՝ իբրեւ տնտեսական գործօն եւ ինքնուրոյնութեան դրսեւորում Կինը դրամապէս ոչ-արտադրող տարր մըն է, ըլլայ գաւառի թէ քաղաքի մէջ։ Գաւառի մէջ աղջկայ ծնունդը աղբիւր է սուգի. Յայտնի է, մանաւանդ գաւառներու մէջ թէ աղջիկ ծնանող հարսները ի՜նչ կծու պարսա- ւանքներու, դառն նախատինքներու, եւ անէծքներու նշաւակ կ’ըլլան...։ Սուգ կը տիրէ այն տան մէջ՝ ուր աղջիկ երախայ է ծներ. մինչ խաղ ու խնդում է հոն՝ ուր արու է երախան. տան հարազատն է նա... հաւատարիմը. տան սիւնը, հօրենական օջաղը վառ պահողը...56 Պէյլէրեան Կեսուրը խորագիրով ամբողջ պատմուածք մը հիւսէ՝ գիւղին մէջ աղջիկ ծնելու խնդիրը պատմող57։ Տաճկաստանի քաղաքներուն մէջ ալ կացութիւնը նոյնն է, այն տարբերու- թեամբ՝ որ «շատ հայրեր կը զգուշանան բացարձակ յայտարարելէ իրենց այս ներքին անբաւականութիւնը, ամչնալով անշուշտ քաղաքակրթեալի անունէն»։ Այս ծիրին մէջ, աղջիկը աւելորդ բեռ մըն է, քանի որ հայրը ստիպուած է հոգալ անոր ապրուստի ծախսերը՝ ուտելիք, խմելիք, հագուստ եւ արդուզարդ, իսկ ամուսնութեան համար հաւաքել դրամօժիտ։ Ասիկա, բացի «խաւարամիտ ասիացու» (արտայայտութիւնը Պէյլէրեան կը վերցնէ չակերտներու մէջ) տգիտութիւն ըլլալէ, ունի իր տնտեսական պատճառ- ները որովհետեւ բազմաթիւ ծնողքներ պարզապէս անկարող են հոգալ այս ծախսերը58։ Լուծումը կնոջ աշխատանքն է. Եթէ մենք ալ գիտնանք աշխատիլ, մասնակցիլ հաւասարապէս ընտանիքի տնտեսական հոգերուն, այն ատեն պիտի տեսնենք որ մեր ծնունդն ալ փոխանակ տան մէջ տխրութիւն ու սուգ բերելու, հրճուանօք ու ցնծութեամբ, խաղով ու խինդով պիտի ողջունուի, ինչպէս արու երեխայինը59։ Բայց այս յարաբերութիւնը քիչ մը շատ ուղղակի է Պէյլէրեանի համար. 45
աշխատիլ՝ լոկ ընտանեկան ծախսերուն մասնակցելու եւ տանը մէջ սուգ չյառա- ջացնելու համար։ Գրողին համար կնոջ աշխատանքը կը մտնէ աւելի լայն գաղա- փարներու համոզումի մէջ, այն է՝ կնոջ ինքնուրոյնութիւնը։ Եւ ասիկա կ’երեւայ հետեւեալ արտայայտութեան մէջ, ուր աշխատանքը կը համարէ համազօր յարգանքի. Աշխատութիւնն է կին սեռին միակ փրկիչը. զայս լաւ ըմբռնենք. նա՝ ո՛չ միայն մեզ կը պահպանէ պիղծ անկումներէ, այլ եւ մեր անարգուած ծնունդը կը բարձրացնէ, յարգանքի նշաւակ կ’ընէ60։ Աշխատանքի միջոցով կնոջ ինքնուրոյնութեան հարցը կը ներկայացնէ Զաւակը պատմուածքին մէջ, երբ Ֆաթիմէ կ’որոշէ աշխատիլ ու վաստակիլ իր ապրուստը։ Պէյլէրեան կը նկարագրէ Ֆաթիմէի հոգեկան վիճակը որոշումի պահուն. Ապրի՜լ իր աշխատութեամբը... ի՜նչ անուշ պիտի ըլլար այն ատեն հացը՝ որը պիտի ուտէր ու կերցնէր զաւկին։ Առաջին անգամն էր որ այս գաղափարը կ’արթննար իր մտքին մէջ։ Զգաց թէ՝ գեղեցիկ ու վեհ բան մը ըլլալու էր սեփական աշխատութեամբ պահպանելը իր գոյու- թիւնը, ինքը որ ցարդ ծոյլ մը, թոյլ ձրիակեր մը եղած էր միայն։ Աշխատութեան մէջ նա գտաւ պատուաւոր անկախութիւն, կեանքի ահարկու կռիւներու դէմ նոր անյաղթելի ուժ. եւ իր մէջ զգալով կոչումը մղելու այդ կռիւը, ազնիւ հպարտութեամբ ժպտեցաւ61։ Ինքնուրոյնութեան համատեղ, աշխատանքը կնոջ կը պարգեւէ ինքնավստա- հութիւն՝ դիմանալու ու դիմադրելու կեանքի փորձութիւնները. Իր սեպհական աշխատութեամբ ապրելու սովորած կինը՝ ինքնավստահ եւ արի կ’ապրի, աշխարհի վրայ բանէ մը չվախնար, կեանքի բոլոր տխուր պատահարներուն դէմ դիւցազնա- բար կը մաքառի. մինչ նա՝ որ վարժուեր էր իր այր պաշտպանին շնորհիւը ապրելու, կրնայ կեանքի անսպասելի փորձութիւններուն առջեւ դիւրաւ խոնարհիլ, ու նոյն իսկ իյնալ62։ 2. Աշխատանքի տեսակներ Կինը չպիտի հրաժարի տուն շինելու յատկութիւն ունեցող աշխատանքէն (լուալ, եփել, երեխայ մեծցնել, եւլն.), բայց, եթէ մինչեւ վերջերս այդ աշխատանքը իրեն դրեր էր սպասուհիի կարգավիճակի մէջ, արդէն ժամանակն է որ ոչ-տնային աշխատանքի միջոցով բարձրացնէ թէ՛ իր բարոյական դիրքը եւ թէ՛ նիւթական վիճակը63։ Ոչ-տնայինին մաս կը կազմէ մտաւորական եւ գեղարուեստական աշխա- տանքը, որուն դիւրին չէ տիրապետել, քանի որ բազմաթիւ հայերու համար դժուար է Եւրոպա մեկնիլ եւ ուսանիլ. 46
Պէտք է մտածել թէ՝ ինչպէս այր մարդիկ այնպէս եւ կանայք ամենքն ալ չեն կրնար մտաւորական կամ գեղարուեստական զգաղումներով ապրիլ. ամեն կին, վարժուհի, բժիշկ, փաստաբան, երաժիշտ, գրագէտ, նկարիչ չկրնար պատրաստուիլ. ամեն աղջկայ չէ՛ տրուած Եւրոպա երթալու եւ հոն իր մտաւորական կարողութիւնները մշակելու ու զարգացնելու հազուագիւտ բաղդաւորութիւնը64։ Բայց նոյնիսկ եւրոպական ուսումին համար հայ կինը ինքզինքը կը սահմա- նափակէ արուեստներու եւ գեղարուեստներու բնագաւառներուն մէջ, կը նախընտրէ բժշկութիւն, փաստաբանութիւն, մանկավարժութիւն, մոռնալով իր սեփական միջավայրի կարիքները՝ գիւղատնտեսութիւն, կաթնագործութիւն, պանրագործութիւն, մեղուաբուծութիւն, շերամապահութիւն, «որոնք կարող էին մեր բնաշխարհը շէնցնել, եւ նոր զարկ տալ կարգ մը զբաղումներու, որոնց անմշակ տարերքը նահապետական օրերէն սկսած մինչեւ մեր օրերը դեռ եւս նոյնութեամբ կը շարունակուին»65։ Եւրոպա ուսանած փոքրակազմ դասակարգէն անդին կը մնայ հայ կիներու բանուորական դասակարգը՝ որ կը կազմէ մեծամասնութիւն66։ Այս դասակարգին աշխատանքը պէտք է համապատասխանէ տեղագրական, անձնական եւ կնոջական հետեւեալ հանգամանքներուն. ա. Միջավայրին եւ պէտքերուն67։ բ. Տուեալ կնոջ ընդունակութիւններուն եւ ձգտումներուն68։ գ. Կնոջ ֆիզիքական յարմարութիւններուն69, առաջնութիւնը դնելով փափկու- թեան, նրբութեան, խելքի եւ ճաշակի վրայ70։ Օրինակ, կիները կրնան աշխատիլ զգեստներու, փեղոյրներու, ասեղնա- գործուած ճերմակեղէններու, կեղծ ծաղիկներու, սիւզէնիի, ոսկեթել բանուածքի եւ բազմաթիւ այլ ճիւղերու մէջ71։ Կամ կարող են օգտակար ըլլալ իրենց ընտանեկան արհեստներուն՝ իրենց կազմարար ամուսնոյն, ժամագործ հօրը, լուսանկարիչ եղբօրը, կօշկարար տղուն, այդ արուեստներուն մէջ բնականաբար ընտրելով այն մասերը, որոնք յարմար կուգան իրենց ճաշակին ու կարողութեանը։ Բաւական է որ հայ կինը աշխատանքի սկզբունքին համար սթափի, այն ատեն ինքը կրնայ ստեղծել ո՛եւէ պատուաբեր զբաղում, որը կրնայ շահաւէտ ըլլալ72։ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՐԾԻՔԸ՝ ԻԲՐԵՒ ԿՆՈՋ ԿԱՇԿԱՆԴԻՉ ԳՈՐԾՕՆ Հանրային կարծիքը կ’արգիլէ կիներուն ազատ թռիչք տալ իրենց միտքերուն եւ զգացումներուն, մեծապէս սահմանափակելով արտայայտութեան կարողու- թիւնները. 47
[Ա]նոր սիրտը վառուող կրակ մ’է, ուր կը տաքնան ու կը բռնկին ամենէն նուիրական ու սուրբ զգացումները, սակայն ատոնք իրենց մէջ կ’այրուին, մոխիր կը դառնան, որովհետեւ հայ կինը ազատ չէ՛ ազատ հոսանք մը տալով իր զգացումներուն, վառել ու մաքրել նաեւ սիրտերն անոնց՝ որոնք իրեն շուրջը կը գտնուին, այդ բանը կ’արգիլէ իրեն հանրային կարծիքը...73 Հանրային կարծիքի սարսափը դամոկլեան սուրի նման կախուած է կնոջ վիզին. «Ի՞նչ պիտի ըսեն»ի մտածումը կնոջ ամենէն մեծ սարսափն ու արհաւիրքը եղած է միշտ. նա կը սոսկայ հանրային կարծիքէն, ինչպէս մարդ կը սոսկայ կախաղանէն74։ Պատճառը յետամնացութիւնն է. [Չ]ենք ալ հանդուրժեր որ հայ կինը «արդեօք ի՞նչ պիտի ըսեն»ի ծթռած մտածումնե- րովը կաշկանդուի, եւ հին յետամնացութենէն դուրս չգայ75։ Ասիկա կը վերաբերի նաեւ կին գրողին, որ նոյնպէս մտահոգուած է հասարա- կութեան արձագանգով. Հայ կինը ազատ չէ՛ գրելու անխտիր ամեն նիւթերու վրայ. «ի՞նչ պիտի ըսեն»ի մտածումը շա՜տ անգամներ կը խեղդէ իր մտքին ու սրտին խորերէն թռչող ամենէն վեհ ձայնը, կը ջլատէ իր հոգւոյն ամենէն բարձր ձգտումները, եւ հետեւաբար կը կաշկանդէ իր գրիչն ալ...76։ ԱԶԱՏԱՄՏՈՒԹԻՒՆ՝ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐՈՎ Կնոջ ազատամտութիւն չի նշանակեր արտաընտանեկան կեանք կամ սեռա- կան ազատութիւն, քանի որ Պէյլէրեանի համար ընտանիքը եւ մայրութիւնը կեդրոնական տեղ կը գրաւեն աղջիկներու ինքնութեան կոփումի գործընթացքին մէջ։ Ազատութիւնը կնոջ կամքի ազատագրութիւնն է։ Կիները իրաւունք ունին ազատամիտ կոչուելու՝ երբ լուրջ զարգացում ստացած լայն գաղափարներով օժտուած, եւ հաստատուն կամքով մը սպառազինուած են իրենց ընդունած սկզբունքները պաշտպանելու համար եթէ անոնք ուղիղ դատողութեան եւ զուտ ճշմարտութեան վրայ հիմնուած են. շապիկ փոխելու պէս դիւրու- թեամբ սկզբունք փոխելը՝ թեթեւամտութեան եւ ոչնչութեան ապացոյց են77։ 48
Search
Read the Text Version
- 1
- 2
- 3
- 4
- 5
- 6
- 7
- 8
- 9
- 10
- 11
- 12
- 13
- 14
- 15
- 16
- 17
- 18
- 19
- 20
- 21
- 22
- 23
- 24
- 25
- 26
- 27
- 28
- 29
- 30
- 31
- 32
- 33
- 34
- 35
- 36
- 37
- 38
- 39
- 40
- 41
- 42
- 43
- 44
- 45
- 46
- 47
- 48
- 49
- 50
- 51
- 52
- 53
- 54
- 55
- 56
- 57
- 58
- 59
- 60
- 61
- 62
- 63
- 64
- 65
- 66
- 67
- 68
- 69
- 70
- 71
- 72
- 73
- 74
- 75
- 76
- 77
- 78
- 79
- 80
- 81
- 82
- 83
- 84
- 85
- 86
- 87
- 88
- 89
- 90
- 91
- 92
- 93
- 94
- 95
- 96
- 97
- 98
- 99
- 100
- 101
- 102
- 103
- 104
- 105
- 106
- 107
- 108
- 109
- 110
- 111
- 112
- 113
- 114
- 115
- 116
- 117
- 118
- 119
- 120
- 121
- 122
- 123
- 124
- 125
- 126
- 127
- 128
- 129
- 130
- 131
- 132
- 133
- 134
- 135
- 136
- 137
- 138
- 139
- 140
- 141
- 142
- 143
- 144
- 145
- 146
- 147
- 148
- 149
- 150
- 151
- 152
- 153
- 154
- 155
- 156
- 157
- 158
- 159
- 160
- 161
- 162
- 163
- 164
- 165
- 166
- 167
- 168
- 169
- 170
- 171
- 172
- 173
- 174
- 175
- 176
- 177
- 178
- 179
- 180
- 181
- 182
- 183
- 184
- 185
- 186
- 187
- 188
- 189
- 190
- 191
- 192
- 193
- 194
- 195
- 196
- 197
- 198
- 199
- 200
- 201
- 202
- 203
- 204
- 205
- 206
- 207
- 208
- 209
- 210
- 211
- 212
- 213
- 214
- 215
- 216
- 217
- 218
- 219
- 220
- 221
- 222
- 223
- 224
- 225
- 226
- 227
- 228
- 229
- 230
- 231
- 232
- 233
- 234
- 235
- 236
- 237
- 238
- 239
- 240
- 241
- 242
- 243
- 244
- 245
- 246
- 247
- 248
- 249
- 250
- 251
- 252
- 253
- 254
- 255
- 256
- 257
- 258
- 259
- 260
- 261
- 262
- 263
- 264
- 265
- 266
- 267
- 268
- 269
- 270
- 271
- 272
- 273
- 274
- 275
- 276
- 277
- 278
- 279
- 280
- 281
- 282
- 283
- 284
- 285
- 286
- 287
- 288
- 289
- 290
- 291
- 292
- 293
- 294
- 295
- 296
- 297
- 298
- 299
- 300
- 301
- 302
- 303
- 304
- 305
- 306
- 307
- 308
- 309
- 310
- 311
- 312
- 313
- 314
- 315
- 316
- 317
- 318
- 319
- 320