յատուկ Աղաչեմք զքեզ Աստուածածին, որ ես տաճար անեղ Բանին տաղը։ Գերաշնորհ Սրբազան Հայր, Գերապատիւ Հայր Սուրբ, Գերյարգելի Հայրեր, Յարգելի ներկաներ, Ձեր թոյլտուութեամբ` պահիկ մը մենք ալ խոնարհաբար ձայնակցինք Մխի- թարեան մեծարգոյ հայրերուն աղաչանքին, միաժամանակ բաղձալով որ այսօրուան փլատակներուն տեղ վերակառուցուող մայրավանքը` համապա- տասխանէ մերօրեայ պահանջներուն, որպէսզի դարձեալ անշեղօրէն շարու- նակուի` 275 տարիներու փորձով ամրապնդուած, Մխիթարեաններու մշակու- թային առաքելութիւնը։ Հետաքրքրական` բայց ոչ ուրախալի իրադարձութիւններով ուշագրաւ է, մեր ժողովուրդի պատմութեան ԺԷ. դարու վերջին քառորդէն մինչեւ ԺԸ. դարու առաջին կէսը երկարաձգուող ժամանակահատուածը։ Հաճելի պիտի ըլլար` պատմական տուեալներու ճոխութենէն օգտուելով, ընդհանուր համայնապատկերի մը վրայ ներկայացնել` կրօնական-մշակու- թային միջավայրի մէջ նշանաւոր հանդիսացած բոլոր դէմքերուն ստուերները, որոնցմէ ամէնէն ցայտունը, այդ ժամանակաշրջանին համար իրապէս առաջաւոր մտածող դէմքը` Մխիթար Սեբաստացին բարձրաքանդակ ներկա- յացնել, դրուագելով անոր ձեռնարկած գրական-լուսաւորական եզակի շարժու- մը` իր զարգացումի ուղիներով եւ հանգրուաններով։ Սակայն, մշակութային արժէքները վերագնահատելու այս փորձը` պիտի սահմանափակենք միայն կարեւորագոյն երեւոյթներու մատնանշումով։ Մխիթարեանները սկիզբէն իսկ համակրութիւն գտան մեր ազգին մէջ, – կը հաստատէ պատմաբան Լէօ, – եւ այդ միաբանութեան կատարած դերը հայոց պատմութեան մէջ անհունապէս մեծ է։ Մօտաւորապէս այսպիսի հիացական երախտագիտութեամբ արտա- յայտուած են բոլոր անոնք, որոնք հայ մշակոյթի պատմութեան որեւէ մարզ ուսումնասիրելով, դէմ յանդիման գտնուած են Մխիթար Սեբաստացիի կամ անոր յաջորդներուն կատարած աշխատանքին, որով անգնահատելի ծառայու- թիւն մատուցած են հայ ազգին։ Թէեւ պատմութեան ընթացքը այլ կերպով ըմբռնող քննադատներու ուրիշ խումբ մըն ալ` այդ դարաւոր եւ վաստակաւոր միաբանութեան նկատմամբ ցուցաբերած է շեշտուած հակակրութիւն մը կամ քօղարկուած վերապահութիւն մը. կարծէք այդպէս մտածողներուն համար է, որ ծանօթ հրապարակագիր մը անվերապահօրէն ըսած է` թէ Մխիթարեաններու գործը հրաշքի պէս բան մըն է, 99
ինչ վարագոյր ալ ձգենք մեր աչքերուն եւ մտքերուն առջեւ։ *** Հայ ժողովուրդի մտաւոր մշակոյթի զարգացումը հետազօտող հեղինակներու հաստատումով` ԺԸ. դարը նախորդող դարերուն, հայկական վանքերն ու վանա- կանութիւնը մատնուած էին անշուք վիճակի մը, հայրենի աշխարհին մէջ գոյութիւն առած յաճախակի համաճարակներուն, շարունակական սովերուն եւ մասնաւորաբար, արամեան ցեղին մնացորդները մաշելու եւ մարելու նպատա- կով` թուրքմէն ցեղախումբերու, պարսկական եւ օսմանեան դժպետութիւններու արիւնալի եւ աւերասփիւռ անվերջանալի արշաւանքներուն պատճառով, որոնց նմանը ոչ մէկ հողածին կրնայ տեսած ըլլալ։ Առաքել Դաւրիժեցի` ԺԷ. դարու պատմագիրը, ԺԵ. եւ ԺԶ. դարերու իմացա- կան կեանքի անկումը պատկերելով` յուզումնախառն կ’ըսէ, թէ գիրք կարդացող չկար եւ թէ գիրքերը թաղուած կը մնային հողի կամ մոխիրի տակ։ Շահ Աբբասի արշաւանքէն ետք, բազմահազար հայերու բռնագաղթով համա- տարած կը դառնայ աւերածութիւնը, եւ այդ պատճառով` թանձր տգիտութիւնը։ Երբ Արեւելքի երկու հզօր պետութիւններուն միջեւ մրցակցութիւնը կը դադրի, Հայաստանի մէջ կը ստեղծուին քաղաքական եւ տնտեսական աւելի նպաստաւոր պայմաններ։ ԺԷ. դարը մշակութային վերելքի նոր շրջան մը կը սկզբնաւորէ. մերթ ընդ մերթ ասպարէզ կու գան ուսումնատենչ եւ լուսամիտ դէմքեր, որոնք դարձեալ կը զբաղին հուրէ կամ թալանէ փրկուած հայերէն ձեռագիր մատեաններու ուսումնասիրութեամբ, կը փորձեն վերականգնել հին դարերու հայ վանականութեան փառքը` հիմը դնելով Սիւնեաց Մեծ Անապատի կամ Հարանց Անապատի, Էջմիածնի, Բաղէշի Ամրտոլի, Լիմի եւ Նոր Ջուղայի նման վանական հռչակաւոր դպրոցներու` ուր ձեռնարկուած բեղուն գործու- նէութեամբ` քանի մը արժանաւոր վանականներ կրնան դասուիլ հայ մշակոյթի երախտաւորներուն շարքը։ ԺԸ. դարու սեմին` ազգային վերածնութեան գործը ձեռք առած են հայ ժողո- վուրդի ծոցէն ելած երկու հոյակապ անձնաւորութիւններ, որոնցմէ առաջինը` Իսրայէլ Օրին, Ղարաբաղի ազատատենչ ժողովուրդին մասնակցութեամբ, ծնունդ տուած է հայաշխարհի ազատագրական գաղափարին։ Ղարաբաղ` Դաւիթ Բէկի գլխաւորութեամբ, հերոսական պայքարներով հիմը դրած է անկախ իշխանութեան մը։ Այդ հոյակապ անձերէն երկրորդը` Մխիթար Աբբան, Սեբաստիայէն Պոլիս եւ ապա Եւրոպա անցնելով, Վենետիկի լճակին Սուրբ Ղազար կղզեակին վրայ, նոր կեանք տուած է անցեալի հայ միտքին եւ Ե. դարու գրական լեզուին։ Մխիթար Սեբաստացիի եւ իր աշակերտներուն տքնութեամբ` Սուրբ Ղազար 100
կը դառնայ հայ հին գրականութեան ասպնջարանը, եւ հոն է` որ կը բողբոջի հայ նոր գրականութիւնը։ *** Մխիթար Րաբունապետին կեանքին մանրամասնութիւնները` հաւաստի ստուգութեամբ, առաջին անգամ ի գիր արձանացուցած է իր նախապատիւ աշակերտներէն` Հ. Մատթէոս Եւդոկիացին։ Աբբահօր խորհրդական եւ միաբա- նութեան քարտուղար Հ. Մատթէոս Եւդոկիացիի վարքէն օգտուելով, յետագային պատրաստուած են քանի մը ընդարձակ եւ համառօտ կենսագրութիւններ, որոնցմէ մէկը կամ միւսը` վստահաբար կարդալու առիթը ունցած է ամէն բանիմաց հայ։ Իմաստուն, առաքինի եւ քաղցրաբարոյ նկարագրով գերապատիւ րաբունա- պետը աշխարհ եկած է 300 տարի առաջ, Փետրուարի 7-ին, Փոքր Ասիոյ մայրա- քաղաք Սեբաստիոյ Հողդար թաղամասը բնակող հանդերձարար Պետրոսի եւ Շահրիստանի համեստ` այլ բարեպաշտ ընտանիքին մէջ, եւ իր մեծ հօր անունով մկրտուած է Մանուկ։ Հայաշխարհի ժողովուրդին բարքերուն լաւատեղեակ մարդիկ կը հաւաստեն, թէ չափազանց կրօնասիրութիւնը եղած է Սեբաստիոյ հայերուն յատկանիշը։ Ճգնասէր հոգիներ` առանձնանալով ճգնարաններու, անապատներու կամ վան- քերու մէջ, Աստուծոյ սիրոյն համար, կամաւորապէս իրենց անձը ենթարկած են մարմնական ամէն տեսակի զրկանքներու։ Կարելի չէ զարմանալ` որ կրօնա- մոլութիւնը համարուած է մեծագոյն առաքինութիւնը։ Անշուշտ այդ ընդհանուր հոգեվիճակն է, որ ներգործած է փոքրիկն Մանուկի վրայ։ Մանկութեան եւ պատանեկութեան առաջին տարիները` նախ քահանայի մը, ապա ճգնասուն երկու քոյրերու մօտ դաստիարակուելէ ետք, Մանուկ մտած է Սեբաստիայէն կէս ժամ հեռու` դէպի հիւսիս արեւելք, վայելչատիպ եւ մեծա- հռչակ մենաստանը, որ կառուցուած է յանուն արփիափայլ Սրբոյ Նշանի Տեառն, Արծրունիներու Սենեքերիմ բարեպաշտ արքայէն։ Դեռ տասնհինգամեայ պատանի` արքայակառոյց մեծ եկեղեցիին մէջ, Մանուկ կը ստանայ սարկաւա- գութեան աստիճան, եւ իր պապին անունով` կը վերակոչուի Մխիթար։ Ժամանակաշրջանին յատուկ երեւոյթ էր ուսման համար տուայտիլը։ ԺԸ. դարու ինքնուս գիտնական Աւետիք Տիգրանակերտցին, իր յուշերուն մէջ կը պատմէ` թէ դեգերեալ մաշէի ի դրունս ուսուցիչ իմաստասիրաց..., շատ նախա- տինք լսէի որովայնամոլ եւ արբշիռ ուսումնատեաց եկեղեցականաց...։ Թաքուն մնացած գիտութեան գաղտնիքներուն հետամուտ` միտքով պայծառ պատանի Մխիթարն ալ կը դեգերի վանքէ վանք, կ’ապրի լուսապայծառ Էջմիածնի աստ- ւածարեալ օրհնութեան յարկին տակ, Սեւանայ վանքին մէջ` ներանձնացած 101
պահու մը իրեն կը յայտնուի Տիրամայրը, որ կը խրախուսէ զինք զօրանալ եւ քաջ ըլլալ որովհետեւ բոլոր վիշտերուն եւ նեղութեան ժամանակ միշտ օգնական պիտի ըլլայ իրեն։ Որոնումներու մէջ էր Մխիթար. առ ոտս վարդապետի մը ուսանելու տենչով` կը հանդիպի Բասենի վանքը, որուն վանահայրը համակրանքով կ’ընդունի զինք, եւ իրեն տարեկից պատանիներու խումբ մը յանձնելով, կը խնդրէ` որ անոնց ուսման հոգը ստանձնէ։ Տարի մը ետք կը վերադառնայ հրաշափառ Սուրբ Նշան վանքը` ուսուցիչի եւ քարոզիչի պաշտօններով։ Հռոմի համբաւէն հմայուած` կ’ուղեւորի նախ Հալէպ, ապա Կիպրոս։ Հինգ տարուան շրջագայութիւններէ ետք, իր ծննդավայրը վերադարձին` երրորդ անգամ կը մտնէ չքնաղատիպ Սուրբ Նշան վանքը, ուր քահանայ կը ձեռնադրուի իր տիրացած վարկին շնորհիւ։ Մխիթար վարդապետ Պոլիս կ’անցնի դաւանական հակամարտութիւններու ամէնէն եռուն շրջանին։ Տակաւին ԺԷ. դարուն, հայ հաւատացեալները ուղղա- փառ կամ այլափառ, ինչպէս սովորաբար կ’անուանեն այդ շրջանի կրօնական հոսանքները, նոյն եկեղեցին յաճախելուն եւ նոյն հոգեւոր պետերուն իշխանու- թեան ներքեւ գտնուելուն, ինչպէս նաեւ այդ եկեղեցական ղեկավարներուն ընդգրկած տարբեր ուղղութիւններուն պատճառով, Հռոմի եկեղեցիին կողմէ Արեւելք ուղարկուած Կղեմէս Կալանոս չէ կրցած ճշգրիտ կերպով ճշտել հայ եկեղեցիին հետեւած ուղին։ Հայ եկեղեցական եւ միաժամանակ հայ հասարակական կեանքին մէջ մեծ հեղինակութիւն վայելող Կ. Պոլսոյ պատրիարքութիւնը` ԺԷ. դարու առաջին տասնամեակներէն սկսելով, մինչեւ նոյն դարուն վերջը, երբեմն ղեկավարած են հռոմէական եկեղեցիին հաւատակից հայ բարձրաստիճան եկեղեցականներ։ Այսպէս` յաջորդաբար կամ ընդմիջումներով, գահակալած են եօթը պատրի- արքներ (Յովհաննէս Խուլը, Զաքարիա Վանեցին, Կիրակոս Երեւանցին, Խաչա- տուր Սեբաստացին, Թովմաս Բերիացին` որ յաջողած է ժամանակ մը նոյնիսկ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը իր իրաւասութեան ենթարկել, Մելքիսեթեկ Սուպհին եւ Մխիթար Կորդուացին), որոնց ընդգրկած դաւանական ուղղութիւնը հաստատուած է պատմական վկայութիւններով։ Պոլսոյ մէջ` դաւանական իրերամերժութիւնը հասած էր ծայրայեղ աստի- ճանի։ Ծիսական փոփոխութիւններ կատարելու եւ անկախ համայնք մը կազմե- լու փորձերը յաջողութիւն չէին գտած։ Եւրոպացիներու հետ յարաբերութեան մէջ գտնուելով` կաթողիկէ հայերը կ’ամբաստանուէին որպէս ֆրանկ եւ կը նկատ- ւէին պետութեան թշնամի հպատակներ, յաճախ անոնց նկատմամբ ձեռք կը ձգուէին բանտի, աքսորի կամ թիապարտութեան վճիռներ։ Դիւանական տուեալ- ներու համաձայն` դաւանական անպատմելի հալածանքներ տեղի ունեցած են հայաբնակ այլ քաղաքներու մէջ ալ, մանաւանդ էնկիւրիի, Հալէպի, Կարինի, Թոքաթի, Սեբաստիոյ, Մերտինի, Վրաստանի եւ Խրիմի մէջ։ Հալածանքի եւ 102
ներումի Ֆերմաններ ձեռք բերելու համար մեծ գումարներ կը վատնուէին։ Հալածանքներու ժամանակ` մահէն սարսափելով, եղած են ուրացումներ. իսկ նահատակութիւններէն` յիշատակելի են 1707 թ. Երանելի Տէր Կոմիտասինը, 1708 թ. Միքայէլ Սեբաստացիինը եւ 1716 թ. Մելքոն արք. Թազպազեանինը։ Կաթողիկէ հայերը կ’ապաւինէին քրիստոնեայ դեսպաններուն պաշտպանու- թեան, մասնաւորապէս Ֆրանսայի եւ Աւստրիոյ, որոնք իրենց հովանաւորու- թիւնը տարածած էին Արեւելքի քրիստոնեաներուն վրայ։ Այդ շրջանին ծաւալած տեսական եւ գործնական պայքարը` այսօր կը գնահատեն որպէս ազգային ինքնուրոյնութեան համար մղուած պայքարի ձեւերէն մէկը։ Թէոդիկ` այդ օրերուն համար, Մխիթար վարդապետը կը նկատէ պառակտեալ հայութեան գերագոյն մխիթարութիւնը։ Պոլսոյ մէջ` Մխիթար Սեբաստացի կը հանդիպի Հաւատքի Տարածման Ս. Ժողովէն ղրկուած Խաչատուր Վրդ. Էրզրումցիին, որուն կ’առաջարկէ ստանձնել նոր կազմուելիք միաբանութեան մը ղեկավարութիւնը։ Խաչատուր Վրդ. նիւթա- կան դժուարութիւններ առարկելով կը հրաժարի այդ առաջարկէն, սակայն` հոգեւին կը կապուի այդ երիտասարդ հոգեւորականին, որուն եռանդը գնահա- տելով` տասնհինգ օրուան ընթացքին կ’ուսուցանէ գրաբարի քերականական կանոնները, ապա լատիներէն եւ իտալերէն լեզուները։ Խաչատուր Վրդ. դարուն գիտուն եկեղեցականներէն ըլլալուն` Մխիթար հասնելու եւ անցնելու ձգումով, լրիւ տեղեկութիւններ քաղած է ըլլայ իմաստասիրութեան թէ աստուածա- բանութեան կամ զանազան գիտութիւններու մասին։ Յետագային` Խաչատուր Վրդ. հպարտութեամբ յայտնած է, թէ այդ դասերուն շնորհիւ` Մխիթար հմտալից ծանօթագրութիւններով օժտած է Մեծն Ալպերթի աստուածաբանութիւնը։ Այլեւս անյետաձգելի նկատելով միաբանութեան մը կազմութիւնը` Մխիթար Սեբաստացի իր աշակերտներուն հաւանութեամբ, անմիջապէս գործնական կարգադրութեան կը յանգի։ Այսօր այլեւս գիտական հիմնաւորում ստացած է այն տեսակէտը` թէ հայ գրականութեան վերածնութեան նոր շրջանի սկիզբը պէտք է ընդունիլ ԺԸ. դարու երկրորդ կէսէն սկսող ժամանակահատուածը. սակայն անցեալին, պատմաբան- ները հայ գրականութեան վերածնունդի սկզբնաւորութիւնը կապած են Մխի- թարեան Միաբանութեան հիմնադրութեան, 1701 թ. Սեպտեմբերի 8-ին։ Միայն Յունաստանի Մեթոն ծովահայեաց բերդաքաղաքին մէջ է, որ Մխի- թար Սեբաստացի կը յաջողի հիմնել վանք եւ կազմակերպել միաբանական կեանքը, շնորհիւ երկրին իշխանութիւններուն կողմէ սիրայօժար նուիրուած հողամասերու եւ եկամտաբեր գիւղերու։ Շինարարական աշխատանքները դեռ չէին աւարտած` երբ օսմանցիները կը ներխուժեն, եւ Մխիթար իր աշակերտ- ներով միասին կը հարկադրուի փախուստի դիմել։ Հայկական վեստայի պաշտամունքին նուիրուած կամաւորներու բանակը` 103
այլուր հնարաւորութիւն չգտնելով հայ մշակոյթը զարգացնելու համար, Մխիթար Սեբաստացիի գլխաւորութեամբ, հալածական եւ վարատական կեանք մը վարելէ ետք, 1717 թ. Սեպտեմբերի 8-ին, Վենետիկի Հասարակապետութեան կարգադրութեամբ, հաստատուած է Սուրբ Ղազար կղզին, ուր տասնամ- եակներու ընթացքին վանք, եկեղեցի, դպրոց, թանգարան եւ տպարան կառուցելէ ետք, դարձած է Հրաչեայ Աճառեանի հաստատումով` հայոց ամենաբարձր ուսումնական հիմնարկութիւնը եւ պարծանքը ամբողջ հայութեան։ Աճառեան` Սուրբ Ղազարը բաղդատութեան դնելով նախորդ դարերու գրա- կան-կրթական կեդրոններուն հետ, անաչառօրէն կ’ըսէ, թէ Բաղէշի, Տաթեւի, Էջմիածնի եւ Նոր Ջուղայի դպրոցները տեւական չէին եղած. անոնք շատ կարճ կեանք մը ունեցած էին եւ ժամանակ մը փայլելէ ետք` հանգած էին։ Մխիթար Սեբաստացի այնպիսի հիմերու վրայ կը դնէ իր միաբանութիւնը, որ օրէ օր կը զարգանայ եւ իբրեւ լուսաւոր աստղ մը` երկար ժամանակ կը փայլի հայկական կիսախաւար հորիզոնին վրայ։ Նոյն ժամանակաշրջանի հայ վանականութեան պատկերը վերակազմելով, պատմաբան Լէօ կ’ամբողջացնէ Աճառեանի դատու- մը եւ կը վկայէ, թէ ԺԸ. դարու սկիզբը հայ լուսաւորչական վարդապետները գրական աղքատ գործունէութիւն ցոյց կու տան, եւ այս երեւոյթը կախում ունէր այն հանգամանքէն` որ զարգացումը այդ ժամանակ շատ թոյլ էր առհասարակ։ Հայ վարդապետները ոչ միայն շատ բան չէին գիտեր, որ ընթերցողներուն տան, այլ ամէն տեղ միատեսակ հմտութիւն ցոյց չէին տար հայերէն լեզուի գիտութեան մէջ։ Այդ խումբին վանականներու հակադրելով` Լէօ հիասքանչ կը շարունակէ. կաթողիկէ վանականութիւնը, ի՛նչ կ’ուզէք ըսէք, աւելի շատ զարգացած էր, քան հայ լուսաւորչական վանականութիւնը, եւ ասիկա ամէնէն առաջ այն պատճա- ռով որ ան լեզուներ գիտէր, անոր առջեւ բացուած էր շատ հարուստ գրականու- թիւն եւրոպական զանազան լեզուներով, հետեւաբար հայերուն մէջ կրնար բարձր գիտութիւն մտցնել։ Եւ իրապէս, ԺԸ. դարու սկիզբէն կաթողիկէ հայ վանա- կանութիւնը, գլխաւորաբար թարգմանութիւններու, մասամբ նաեւ ինքնուրոյն մշակումներու միջոցով կ’աշխատի հայացնել իր սորված գիտութիւնը` որ աշխարհայեցողութիւններ կը պարզաբանէր, ըմբռնումներ եւ հայեցակէտեր կը դարբնէր։ Նոյն դարուն սկիզբը կը հրատարակուի իմացական վերածնութեան շարժու- մը խթանող երկ մը` Խաչատուր Վրդ. Էրզրումցիի հեղինակած համառօտ իմաս- տասիրութիւնը, ուր հանրագիտական տեղեկութիւններով բացատրուած է այդ շրջանի գիտութեան եւ իմաստասիրութեան զանազան ճիւղերը, ինչպէս նաեւ գրականութեան եւ արուեստի տեսութիւնները։ Հայ գրականագիտական եւ քննադատական միտքի ամենահին արտայայտութիւններէն մէկը համարուող այս հետաքրքրական աշխատութիւնը մշակութային հին արժէքները իմաստա- ւորող եւ ժողովուրդին լայն խաւերուն մէջ լուսաւորութիւն տարածելու ձգտող 104
սերունդին համար, օգտակար ձեռնարկ մը կը հանդիսանայ այդ օրերուն։ Զարգացած վանականութեան աննկուն առաջնորդն էր Մխիթար Սեբաստա- ցին։ Արշակ Չօպանեան` հայ տաղանդը գնահատելու իւրայատուկ նախանձա- խնդրութեամբ, այսպիսի տողերով կը յաջողի քանդակել անոր եզական նկարագիրը. Կեանքը զոր վարեց Մխիթար, նկարագրի ոյժը զոր ցոյց տուաւ իր նպատակին հասնելու համար, այնքան մեծ են ու գեղեցիկ` որքան գործը, որ իրմէ հիմնուած, ի կատար հանուեցաւ իր հանճարեղ յաջորդներուն ձեռքով։ Եւ Մխիթար Սեբաստացին կը նկատէ` արժանաւոր յաջորդը Սահակի եւ Մեսրոպի, անոնց պէս հիմնադիր ամբողջ լոյսով շինուած գործի մը, որ անջնջելի է։ Իր կարգին, Լէօ հիացումով կը գոչէ. Իսկապէս մեծ մարդ` որ ամբողջ դարագլուխ մը կը կազմէ մեր մտաւոր զարգացումի պատմութեան մէջ, եւ կը տարբերի` իրմէ առաջ եղած բոլոր հայ մեծ մարդերէն։ Իսկ Թէոդիկ կը յայտարարէ, որ համօրէն հայերս կոչելու ենք Մխիթարը, ոչ միայն համանուն Ուխտին` այլ եւ հայ գրականութեան վերածնունդի հիմնադիրը առանց այլի` ՄԵՐ ԵՐԿՐՈՐԴ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԸ։ Մխիթար Սեբաստացի իր հոգեկան կորովը կը սպառէ` ծրագրած իմացական վերածնունդը յառաջ բերելու համար նախանիւթեր հաւաքելով, եւ այդ շարժումը գոյատեւելու համար` գործիչներ պատրաստելով։ Լէոյի հաստատումով Մխի- թար Սեբաստացիի հիմնած դպրոցը միայն գրագիտական դպրոց չէր, այլ մանաւանդ ԳՐԱԿԱՆ ՄԵԾ ԴՊՐՈՑ ՄԸ։ Վստահ կարելի է ըսել` դար մը ամբողջ, այդ դպրոցը միակ առաջաւոր հիմնարկութիւնն էր, որ հայերուն գիտութիւն եւ լոյս կը մատակարարէր. այնպէս որ, այդ դարը` մեր մտաւոր զարգացումի պատմութեան մէջ, կարելի է եւ պէտք է անուանել` ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԴԱՐ։ Սուրբ Ղազարը գործունեայ աշխատանոց մը դառնալէ ետք, Մխիթարեան վարդապետները մեղուի նման շրջած են Հայաստանի զանազան անկիւնները` հաւաքելով եւ փրկելով ազգային մշակոյթի ծաղկահիւթերը, որոնք խնամքով տարուած են վենետիկեան լճակին վրայ հաստատուած մանրանկար Հայաս- տանը` որ աւերակներու եւ ստրկութեան հայրենիք չէր, այլ գիրքերու հայրենիք։ Եւրոպական աստուածաբանական գրականութեան ամէնէն կարեւոր գործե- րու թարգմանութիւններով, ինչպէս նաեւ մեկնողական եւ կրօնաշունչ աշխա- տութիւններով, աստուածաշնչական գիրքերու հրատարակութեամբ եւ Աստուա- ծային հոգւոյն քաղցրախօս քնարերգութեամբ` Մխիթար Սեբաստացի առանձին կրնայ ճոխացնել այդ շրջանի գրականութիւնը։ Հայ գրական վերածնութիւնը արդէն կատարուած փաստ է, – կ’եզրակացնէ Աճառեան, – եւ այստեղէն կը սկսի հայ նոր գրականութիւնը։ ԺԷ.-ԺԸ. դարերուն` Եւրոպայի մէջ կը հրատարակուին, արեւելեան կարգ մը լեզուներու շարքին, հայերէնի նուիրուած քերականական-բառարանագրական աշխատութիւններ, որոնց երեւան գալը կը բացատրուի կաթողիկէ եկեղեցիին 105
ծաւալողական ձգտումներով, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի բնագիրը քննա- կանօրէն ուսումնասիրելու պահանջով։ Տեղական բարբառներու եւ մանաւանդ լատինատիպ քերականութիւններու ազդեցութեամբ` գրաբարը մեծ փոփոխութիւններ կրած էր։ Մխիթար Սեբաս- տացին եւ ուրիշներ ալ իրենց կարգին, կը ձգտին վերականգնել գրաբարը իր նախկին մաքրութեամբ, կը նպատակադրեն ժողովուրդին մօտեցնել` ժողովուր- դէն հեռացած գրաբարը։ Գրաբարը վերականգնելու ձգտումը դրական դեր կը կատարէ, առաջին առիթով` օտարաբանութիւնները հայերէն լեզուէն անջա- տելու առընչութեամբ։ Գրական վերածնունդ մը յառաջ բերելու համար` անհրաժեշտ էր հայերէնի քերականական կանոնաւորութիւնը։ Մայրենի լեզուն անաղարտ աւանդելու մտադրութեամբ, Մխիթար Սեբաստացի` իր ձեռնասուններուն աջակցութեամբ, կը ձեռնարկէ լեզուաբանական ընդարձակ աշխատութիւններու։ Հայ լեզուաբա- նութեան հսկան` Հրաչեայ Աճառեան կը բնորոշէ, թէ ինչ աշխատանք կատա- րեցին վենետիկեան դպրոցի հիմնադիրը եւ նոյն դպրոցին պատկանող տիտան- ները։ Մխիթարի կարեւոր դերը մեր գրականութեան մէջ` հայերէն լեզուի նախկին վիճակին վերականգնումն է։ ԺԴ. դարէն սկսելով` մինչեւ Մխիթարի ժամանակը, հայերէնը հասած էր անկումի ծայրագոյն վիճակին. լատինաբանութիւնը` զոր մտցուցած էին միաբանող կոչուած թարգմանիչները եւ հեղինակները, գրաբարի տգիտութիւնը եւ կրթութեան պակասութիւնը ստեղծած էին ամենագռեհիկ գրականութիւնը։ Մխիթար մտադիր եղաւ` նախ մաքրել այդ լեզուն իր բոլոր գռեհկութիւններէն եւ հայերէնի նախնական վիճակը վերականգնել ըստ կարելւոյն։ Փոքր Ասիա ապրող բազմաթիւ թրքախօս հայերու հասկնալի ըլլալու նպատակով եւ անոնցմէ շատերուն խնդրանքով` 1727 թ. Մխիթար Սեբաստացի կը հրատարակէ իր պատրաստած աշխարհաբար լեզուի առաջին քերականու- թիւնը։ Ատկէ ետք, 1730 թ. լոյս կ’ընծայէ Գրաբարի Լեզուի Հայկազեան Սեռի մեծածաւալ քերականութիւնը, կամենալով գրաբարի նախկին ուղղախօսութիւնը վերականգնել, առանց նոր հեղինակներու ներհակ երեւելու, ինչպէս բացատրած է ուրիշ մեծ քերականագէտ մը` Հ. Միքայէլ Չամչեան։ Այդ շրջանի քերականա- կան կանոններուն մէջ իշխող դիրք կը գրաւէր լատինաբանութիւնը` որ Հռոմի եկեղեցիին պաշտպանութիւնը կը վայելէր։ Մխիթար Սեբաստացի` կաթողիկէ գաղափարաբանութեան ոլորտի մէջ գործելուն, խոհեմ վերաբերում ցոյց կու տայ, իրեն դէմ նախանձաշշուկ նոր խօսքերու առիթ չտալու համար, լատինաբան այդ անհեթեթ լեզուն ժամանակ մը ինքն ալ գործածելով։ Մեր օրերու հայ լեզուաբաններու միահամուռ կարծիքով` գրաբարի լիակա- տար եւ օտարաբանութիւններէ զերծ քերականութիւն մը կազմելու այս փորձը յաջող կը նկատուի։ Հայ լեզուաբանութեան պատմութեան ականաւոր հեղինակ` 106
Էդուարդ Աղայեան կ’եզրակացնէ, որ այդ քերականութիւնը նոր աստիճանի մը կը հասցնէ գրաբարի քերականական ուսումնասիրութիւնը։ Հայերէն լեզուի ուսումնասիրութեան համար ունեցած կարեւոր նշանակու- թենէն զատ, Մխիթար Սեբաստացիի քերականութիւնը հանդիսացած է վրացե- րէնի քերականութեան հիմքը։ 1753 թ. այդ քերականութեան հետեւողութեամբ` վրացիներու Անտոն կաթողիկոսը Փիլիպպոս Ղայթմազաշվիլի հայ քահանային աջակցութեամբ կազմած է վրացերէն լեզուի առաջին քերականութիւնը. ըստ համեմատական ուսումնասիրութեան մը` նոյնիսկ բառացի թարգմանած է։ Գրաբարը օտարաբանութիւններէ քիչ առ քիչ մաքրելէ ետք, Մխիթար Սեբաս- տացի իր աշակերտներուն պատուիրած է, որ շարունակեն սկսուած աշխա- տանքը։ Արդէն ԺԸ. դարը չվերջացած, Մխիթարեան հեղինակներու երկերուն մէջ լատինաբանութեան հետք գրեթէ չէ մնացած։ Լատինաբանութեան վերջնական յաղթահարումը տեղի կ’ունենայ` 1778 թ. երբ լոյս կը տեսնէ Հ. Միքայէլ Չամչեանի Հայկազեան Լեզուի քերականութիւնը։ Մխիթար Սեբաստացիի գիտական ժառանգութեան գլուխ գործոցը եւ հայ բառարանագրութեան լաւագոյն գործերէն մէկը կը նկատուի Հայկազեան Լեզուի բառգիրքը` ուր առաջին անգամ մէկտեղուած է հին հայերէնի բառային դարձուածաբանական կազմը, համեմատաբար լրիւ ծաւալով։ Թուելէ ետք Բառարանին ուշագրաւ կողմերը, գիտութիւններու ակադեմիայի թղթակից անդամ` Էդուարդ Աղայեան կ’եզրակացնէ, որ Մխիթար Սեբաստացին առաջին անգամ ուշադրութիւն դարձուց աշխարհաբար հայերէնին, կազմեց այդ լեզուին առաջին քերականութիւնը եւ առաջին բառարանը։ Ատոր արդիւնքը եղաւ այն` որ քննութեան առաւ գրաբարի եւ աշխարհաբարի յարաբերութեան հարցը եւ ճիշտ կերպով որոշեց բարբառներու յառաջացումի խնդիրը։ Նկատի ունենալով այս բոլորը, – կը շարունակէ ականաւոր լեզուաբանը, – առանց վարանելու կը գտնենք, որ Մխիթար Սեբաստացին իրեն նախորդող ամբողջ շրջանին գագաթը կը հանդիսանայ, իր քերականութիւններով եւ յատկապէս իր բառարանով մէկ կողմէ կը փակէ հին շրջանը, միւս կողմէ կը բանայ նոր շրջան` գիտական լեզուաբանութեան երախայրիքի շրջանը։ Հայ բառարանագրութեան պատմու- թիւնը հետազօտող Դոկտ. Գասպար Գասպարեանի նորագոյն ուսումնասի- րութեան մէջ կը կարդանք. Հին Հայկազեան Բառարանը փաստօրէն հանդիսացաւ հայ բառարանագրութեան այն հիմնաքարը որուն վրայ յետագային կազմուեցան հայերէն բացատրական, թարգմանական եւ այլ բառարաններ, միաժամանակ անիկա դարձաւ հայերէն լեզուի բառային կազմի, քերականական ուսումնասի- րութիւններու աղբիւր։ Դառնկսկիծ եւ խստագոյն երկունք կրելով, հեղեղանման քրտնելով սաստկագոյն աստիճանի ջերմութեան մէջ անցած են Մխիթար Սեբաստացիի կեանքին վերջին տասը տարիները։ Հ. Ատեփան Եւդոկիացի` որ Աբբահօր 107
խոստովանահայրը եւ գլխաւոր հիւանդապահը եղած է, իր օրագրութեան մէջ մանրամասն պատմած է` թէ Մխիթար Աբբահօր մարմինը ամբողջ հիւծեցաւ, երեսին գեղեցկութիւնը կորսնցուց, պայծառագոյն աչքերը` դեղնութեամբ լեցուեցան, բազուկները եւ ծունկերը այնքան հիւծեցան` որ փոքր մանուկի մը կը նմանէին, բացի ոսկորներէն, ջիղերէն եւ մորթէն` ոչինչ կ’երեւէր։ Գերյարգելի Աբբային մահը տեղի ունեցած է 1749 թ. Ապրիլի 27-ին, գիշերուան եօթներորդ ժամուն, իր ապրած տարիներուն համապատասխան եօթանասունչորս օր սոսկալի տառապելէ ետք։ Սուրբ Ղազարի մէջ սկսած լուսաւորական աշխատանքները տարածուած են հայաբնակ ուրիշ վայրերու մէջ ալ. Պոլսոյ մէջ, Յովհաննէս Կոլոտ պատրիարքը` Մխիթար Սեբաստացիի օրինակէն թելադրուած, հայ ազգը տպագրութեան արուեստին մասնակից ընելու խորհուրդով, տպագրել տուած է շատ գիրքեր, որոնցմէ շատերը իր ծախքով լոյս տեսած են։ Սուրբ Ղազարը որպէս վանական- գիտական հաստատութեան տիպար ընդունելով` Մխիթարեաններու գործին ջերմ համակիր Լէօ կը շեշտէ, որ Յովսէփ Երկայնաբազուկ Արղութեան սրբա- զանը Նոր Նախիջեւանի Սուրբ Խաչ վանքը հիմնելով, մտածած է զայն դարձնել գրական-հրատարակչական հիմնարկութիւն մը, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան պէս, եւ նոյնիսկ այդ միաբանութեան դէմ մրցելու նպատակով։ Հայ իրականութեան մէջ լուսաւորական շարժումի նախաքայլերը հետազօ- տող հայրենաբնակ բանասէր մը նշանակալից եւ ժամանակին համար ողջունելի կը գտնէ այն լայնախոհութիւնը, որ հանդէս կը բերէին հայ յառաջադէմ գործիչ- ները` մերժելով կրօնական խտրականութիւնը եւ դաւաճական իրերամերժու- թիւնը։ Ըլլալով լուսաւորչադաւան` անոնք կ’ըմբռնէին եւ կը գնահատէին մշակոյթի զարգացումին համար Մխիթարեաններուն ծաւալած ազգանուէր գոր- ծունէութիւնը։ Մատենագիտական մանրախոյզ ուսումնասիրութեան մը համաձայն` ԺԸ. դարու լուսաւորական շարժումին չափանիշ կարելի է նկատել հրատարակուած 530 անուն գիրքերը, մինչդեռ ԺԷ. դարուն` 130 անուն եղած է, իսկ ԺԶ. դարուն միայն 20 անուն։ Մխիթարեաններու անունին փայլը երթալով կ’աճէր, – հաստատած է հայ գրականութեան պատմութեան մեծագոյն պատմաբանը` Մանուկ Աբեղեան, – անոնք յաջողցուցին այն` ինչ որ երկուհարիւր տարի առաջ հայ վանականներ ձեռնարկած էին Արեւելքի մէջ, բայց մեծ դժուարութիւններէ զատ, քաղաքական դժբախտ պատահարներու հետ կապուած ըլլալով` չէին յաջողած այնպէս ինչպէս կը փափաքէին կատարել այդ գործին համար աշխատողները։ Մխիթար- եանները իրենք ձեռք կ’առնեն հայ գրականութեան վերածնութիւնը եւ այդ աշխատանքը անընդհատ յառաջ կը տանին Եւրոպայի անվտանգ եւ խաղաղ կեանքի յարմարութիւնները օգտագործելով։0 108
ԺԹ. դարու երկրորդ տասնամեակին, անգլիացի ռոմանթիք մեծ բանաս- տեղծը` Լորտ Պայրըն, Սուրբ Ղազարի մէջ հայերէն լեզուն ուսումնասիրած օրերուն` իր բարեկամներէն մէկուն կը գրէ. կը թուի միաբանական հաստա- տութեան մը բոլոր առաւելութիւնները միացուցած ըլլալ, անոր թերութիւններէն ոչ մէկը իւրացնելով։ Բնակարանի մաքրութիւն եւ հանգստաւէտութիւն, աբեղա- ներու անկեղծ բարեպաշտութիւն, տաղանդ եւ առաքինութիւն` անտարակոյս պէտք է համոզեն աշխարհի մարդը, թէ նոյնիսկ այս կեանքին մէջ կայ ուրիշ մը եւ լաւագոյն մը։ Ազգայնականութեամբ տոգորուած ֆրանսացի ակադեմական Մօրիս Պա- րէս` Սուրբ Ղազարի վանքը նկատած է աշխարհի ամէնէն հետաքրքրաշարժ վայրերէն մէկը, որովհետեւ հոն ճշգրտօրէն ու շօշափելի կերպով սա ճշմար- տութեան կը համոզուիս թէ ազգ մը` հասարակաց դաստիարակութեան մը արգասիքն է։ Դասարանի բեմով մը ու գերեզմանատունով մը` մարդ հարկ եղածը ունի հայրենիք կազմելու համար։ Այսպէս` սերունդներ հերթագայելով, մեր դիւցազուններու լեզուն` գրաբարը նկատած են իրենց լեզուին դայեակը, – ինչպէս համոզումով կը յայտնէ Ռափայէլեան Վարժարանի անուանի աշակերտներէն` Արփիար Արփիարեան, – մեր պատմութիւնը նկատած են իրենց սիրտին դաստիարակը, իսկ Սուրբ Ղազարը` բացակայ հայրենիքին յիշատակարանը։ *** Ազգայնութեան գաղափարախօս ըլլալը` Մխիթար Սեբաստացի հաստա- տած էր իր հասարակական գործունէութեամբ եւ գիտական վաստակով։ Խոնար- համիտ սրտիւ ընծայեմ քեզ, – կը կարդանք Հայկազեան Բառարանի յառաջա- բանին մէջ, – զպտուղ բազմամեայ աշխատութեանս` նուէր սիրոյ, զի ցանկալի է ինձ` յինէն առնուլ եւ քեզ տալ. վասն զի որ ինչ իմ է, քո է, եւ որ ինչ քո` իմ։ Վասն որոյ եւ ծառայելս իմ քեզ` պարծանք են ինձ, մանաւանդ թէ եւ լրումն պաշտաման իմոյ եւ իմոցս, վասն զի ի սկզբանէ անտի որպէս ես, նոյնպէս եւ միաբանութիւնս մեր կարգեալ կայ ի սպասաւորութիւն բանի հայկազեան տոհմի։ Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 24 Յունիս 1976, 61-րդ տարի, թիւ 17.432 25 Յունիս 1976, 61-րդ տարի, թիւ 17.433 26 Յունիս 1976, 61-րդ տարի, թիւ 17.434 28 Յունիս 1976, 61-րդ տարի, թիւ 17.435 109
ՄԻՋՆԱԴԱՐԵԱՆ ՀԱՅ ՊԱՏՄԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՎԵՐՋԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԷՆ` ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՐՔ. ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ Հայ պատմագիրներու ամրակուռ շղթան` օղակուելով վաղ միջնադարէն, երկարաձգուած է մինչեւ ԺԹ. դարու սկիզբը, դառնալով համաշխարհային պատ- մագրութեան ոսկեայ Ֆոնտին ամէնէն տիրական մասերէն մէկը։ Յովհաննէս արք. Սեբաստացին` այդ շղթան համալրող վերջին օղակը պէտք է նկատել։ Յովհաննէս Սեբաստացիի ծննդեան թուականը յայտնի չէ. կ’ենթադրուի թէ ծնած պէտք է ըլլայ մօտաւորապէս ԺԸ. դարու 60-ական թուականներու վերջին տարիներուն։ Աւազանի անունով կոչուած է Յովնան։ Խոհական մտքով տղայ մը ըլլալուն` մանուկ հասակէն ուսման տենչացող եղած է, աշակերտելով Սեբաս- տիոյ ընդհանրական տեսուչ` վեհանձն եւ ազատաբարոյ արմտանցի Յակոբ արքեպիսկոպոսին, որմէ բազմակողմանի եւ խոր գիտելիքներ ամբարելէ ետք, ստացած է վարդապետական աստիճան` 1797 թ. Գիւտ Խաչի տօնին, իր սննդա- կից Կարապետ աբեղային հետ։ Մէկուկէս տասնամեակ ետք, 1812 թ. սրբոց մարտիրոսացն Գուրիասանց տօնին, Էջմիածնի իջման ահեղ սուրբ սեղանին առջեւ` ամենայն հայոց ծայրագոյն քահանայապետ Եփրեմ սրբազան կաթողի- կոսէն արքեպիսկոպոս ձեռնադրուած է Սեբաստիոյ նահանգին վրայ։ Իրեն օծակից Կարապետ վարդապետին հետ` 1807 թ. մինչեւ 1809 թ., համե- րաշխաբար վարած է Սեբաստիոյ առաջնորդական տեղապահութեան պաշ- տօնը։ Քաղաքական, տնտեսական եւ եկեղեցական յոգնավրդով իրադրութեան մէջ անցած են Յովհաննէս արքեպիսկոպոսի Սեբաստիոյ տիրախնամ քաղաքին եւ համայն վիճակին առաջնորդութեան քսաներեք տարիները, սակայն պէս պէս փորձութիւններուն եւ բազմավիշտ տառապակրութեան կրցած է արիաբար դէմ դնել։ Եղած է այն սակաւաթիւ եկեղեցականներէն` որոնք սխրաջան ճիգով, իրենց կեանքը արդիւնաւորած են շինարարական աշխատանքներով, մակավարժա- կան գործունէութեամբ եւ գրական վաստակով։ Անստգիւտ կենցաղով բոլորելէ ետք իր կեանքը` հաւանաբար Յովհաննէս Սեբաստացիի ձեռնասուն աշակերտներէն մէկը, իր տապանին վրայ արձանա- գրած է. 110
Գերազանց ցուցեալ վարուք սրբութեան, Փոխեցաւ առ Տէր արդեամբ բարութեան։ Յովհաննէս Սեբաստացիի մահուան թուականը երկու տարբեր տարեթիւե- րով տրուած է. տապանագիրին օրինակութիւնը` ՌՄՀԹ-1830 է, իսկ նոյն տա- պանագրութեան ձեռագիրի մը մէջ յիշատակուած թուականը` 1829 թ. Նոյեմբեր 26 է։ Յովհաննէս Սեբաստացիի գրական ժառանգութեան մասին երկու տող յիշա- տակութիւն կը գտնենք իր չափածոյ տապանագիրին մէջ. Տուեալ գանձն իւր անխոնջ տքնութեան, Յօրինեաց բազում հոգելից մատեան։ Անխոնջ տքնութիւններով յօրինուած բազմաթիւ հոգելից մատեաններէն` այսօր ծանօթ են միայն երեք աշխատութիւններ։ Տարիներու ընթացքին խօսած հոգեշահ քարոզները` մահուան աղէտալի դառնութեան, դատաստանին սարսա- փելի ահարկութեան, դժոխքին զարհուրելի թշուառութեան եւ մարդուն համար` երկինքի արքայութեան զուարճալի փառքին մասին, 1820 թ. ամփոփած է Չորից վերջնոց խորագրով հատորին մէջ։ Իր գրական աշխատութիւններէն` շնորհիւ Ներսէս Աշտարակեցիի հետ ունեցած մտերմութեան, Յովհաննէս Սեբաստացի տպագրուած տեսած է միայն Ներբողական նուագերգութիւնքը, որ լոյս տեսած է 1825 թ. Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցի նորահաստատ տպարանէն։ Քսանմէկ էջերէ բաղկացած փոքրադիր պրակին միակ օրինակը կը գտնուի Էջմիածնի Ճեմարանի գրադարանը։ Հաւա- քածոյին տասնմէկ1 բանաստեղծութիւնները` կը ներբողեն սուրբ Էջմիածինը, Եփրեմ կաթողիկոսը, Երուսաղէմի սուրբ աթոռը, Սեբաստիոյ սուրբ Նշան վանքը, սուրբ Կոյսին աւետումը եւ յղութիւնը, կամ Փրկիչէն օգնութիւն կ’աղեր- սեն։ Ասոնց կարգին, աշխարհիկ բովանդակութեամբ երկու բանաստեղծութիւն- ներ ալ կը պարունակէ` հայերէն գիրերու գիւտին եւ Սեբաստիոյ նոր դպրատան մասին։ Սակայն, այս ոտանաւորները առանձնապէս գեղարուեստական մեծ արժէք չեն ներկայացներ, կը շեշտէ Յովհաննէս Սեբաստացիի գրական վաս- տակին նուիրուած նորագոյն ուսումնասիրութեան մը մէջ` բանասէր Բաբգէն Չուգասզեան2։ Յովհաննէս Սեբաստացիի եզակի նկատուող գործը` որ արդէն հարիւր տարիէ ի վեր բանասէրներու ուշադրութիւնը գրաւած է, Սեբաստիոյ սուրբ Նշան հրաշափառ վանքին մէջ տեղի ունեցած ինչ ինչ երեւելի անցքերուն մասնաւոր պատմագրութիւնն է, համառօտակի հաւաքուած եւ մէկտեղուած հին եւ նոր պատմագիրներէ, գաւազանագիրքերէ, կոնդակներէ, տապանագրերէ, գիրքերու 111
յիշատակարաններէ, եւ խաչերու, զարդերու, կահ-կարասիներու վրայ եղած արձանագրութիւններէն։ Այս պատմութեան ձեռագիրներէն հինգ օրինակ` երկու տարբեր խմբագրութիւններով, կարելի է գտնել Երուսաղէմի, Վենետիկի եւ Երեւանի ձեռագրական հաւաքածոներուն մէջ։ Սեբաստիոյ պատմութիւնը հանրութեան ծանօթացնելու առաջին փորձը կատարողը եղած է հայ մշակոյթի երախտաւորներէն` Պօղոս վրդ. Նաթանեան։ Բանասէրներէն այս պատմութեամբ հետաքրքրուած են մասնաւորաբար Ղեւոնդ վրդ. Փիրղալէմեանը, Անդրէաս վրդ. Աղեքսանդրեանը, Հ. Համազասպ Ոսկեանը եւ Հայկ Պէրպէրեանը։ Պատմութիւնը` ամբողջական բնագրով եւ տարընթերցումներով, առաջին անգամ հրապարակ կու գայ Հայկական ՍՍՀ Մինիստրներու Սովետին առընթեր Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու ինստիտուտի փոխտնօրէն` Բաբգէն Չու- գասզեանի աշխատասիրութեամբ եւ գիտական քարտուղար փայլակ Անթապ- եանի խմբագրութեամբ։ Նախքան այդ հատորին հրապարակումը` Բ. Չուգասզեան ամփոփ ուսում- նասիրութեամբ մը3 բանասէրներու ուշադրութիւնը կը սեւեռէր Յովհաննէս Սեբաստացիի օգտաւէտ գործունէութեան եւ անոր պատմութեան անծանօթ մնացած հետաքրքրական բովանդակութեան մասին։ Պատմութիւն Ս. Նշանի առաջնորդաց Սեբաստիոյ հեղինակային խորագրով աշխատութիւնը` հրատարակիչը նպատակայարմար համարած է զայն հրատա- րակել պատմագրական գրականութեան մէջ քաղաքացիութիւն ստացած Պատմութիւն Սեբաստիոյ անունով։ Ներկայ հրատարակութեան համար, մեծարգոյ բանասէրը գիտնականի բարեխղճութեամբ օգտագործելով առկայ բոլոր տուեալները` գրած է շահեկան առաջաբան մը (էջ 5-25), պատմութեան բնագիրը լուսաբանած է հմտալից ծանօթագրութիւններով (էջ 199-206) եւ կազմած է անհրաժեշտ բառարաններ (էջ 207-220, 221-225)։ Մանրամասնեալ անուանացանկը (էջ 226-236) մեծապէս կը դիւրացնէ պատմութեան օգտագործումը։ Մասնաւոր ուշադրութեան արժանի պարագայ մըն է, որ Սեբաստիոյ պատ- մութիւնը լոյս տեսած է առանց երկար ժամկէտով հերթի սպասելու. հրատա- րակչական նշումներուն համաձայն` շարուածքի յանձնումին եւ տպագրութեան ստորագրումին միջեւ երկարաձգուող ժամանակահատուածը եղած է միայն չորս ամիս։ Այս շտապողականութեան մէջ դեր կատարած է հաւանաբար` ԺԷ. եւ ԺԸ. դարերուն հայ ժողովուրդի արեւմտեան հատուածի պատմութեան վերաբերեալ նոր փաստեր շուտով շրջանառութեան մէջ դնելու ձգտումը։ Յովհաննէս Սեբաստացի դոյզն ինչ նախաբանութեան մէջ կը նախագծէ իր ներկայացնելիք պատմութեան ընթացքը։ Արծրունիներու Յովհաննէս արքան` որ Սենեքարիմ ալ կը կոչուէր, սկիւթացի թաթարներէն շատ նեղուելով, Վասպու- 112
րական աշխարհի չորս հազար ընդարձակ եւ արդիւնարար գիւղերը, եօթանասու- ներկու բերդերը եւ տասը քաղաքները` հաստատուն յետկարով մը կու տայ Վասիլ կայսեր, փոխարէնը` հաստատուն նամակով ստանալով Սեբաստիան, իր գաւառներով միասին, մինչեւ Եփրատի սահմանները։ 1021 թ. Սենեքարիմ արքան` իր զաւակներով, եղբօրորդիներով, ազատագունդ զօրքով եւ ռամիկին զանգուածով, ընդամէնը չորսհարիւր հազար հոգի, կ’երթայ բնակութիւն հաստա- տելու Սեբաստիա քաղաքը։ Այնտեղ, բարեպաշտ արքան հետը տարած Վարագայ սուրբ Խաչին համար կը կառուցանէ չքնաղատիպ վանք մը` ուր կը զետեղէ տէրունական սուրբ Նշանը։ Յանուն արփիասփիւռ սրբոյ Նշանի Տեառն կառուց- ւած գերապանծ տաճարը` հոգեւոր եւ մարմնաւոր վայելչութեամբ զարդարուած, անճառահրաշ սքանչելիներով, երեւելի եւ փառաւոր սուրբ հայրապետներով, ներհուն եւ բանիբուն վարդապետներով, հռչակաւոր եւ ազնիւ նահատակներով, անուանի եւ մեծագործ թագաւորներով ու իշխաններով, շքեղազարդ եւ գեղեցկա- տես յօրինուածով, պէս պէս պանծալի ձիրքերով պճնուած` կը պերճանար երբեմն։ Եւ մերթ` յոգնադիմի վտանգալիր եւ վնասակար դէպքերով կը շուրջ- փակուէր, վայրենամիտ եւ կամակոր մարդերով կը պաշարուէր, արիւնռուշտ, դժնդակ եւ գազանաբարոյ բռնաւորներէ կը կեղեքուէր, յետին տնանկութեան, անշքութեան եւ ամայութեան վիճակը կը վերերեւէր։ Յ. Սեբաստացիի պատմական աղբիւրներ օգտագործելու գիտական մօտե- ցումը եւ վկայակոչումներու ճշգրտութիւնը` Չուգասզեանի ըսել կու տայ թէ Սեբաստիոյ պատմութիւնը ժամանակագրական խիստ կարգով գրուած հաւաս- տի աշխատութիւն մըն է եւ օգտակար աղբիւր մը։ Մանրաքնին ուսումնասիրութեամբ` Չուգասզեան կը հաստատէ, թէ Յ. Սեբաստացի «ձեռքի տակ ունենալով Չամչեանի պատմութիւնը` հատուածա- բար բառացի մեծ քաղուածքներ է կատարել»4։ Նոյն տեսակէտը աւելի մանրա- մասնելով, կը շեշտէ` թէ «Յովհ. Սեբաստացին իր պատմութեան սկզբի հատուած- ներում Սեբաստիայի քաղաքական պատմութեան տեղեկութիւնները յաճախ էջերով բառացի քաղում է Մ. Չամչեանի Պատմութիւն հայոցից եւ համադրելով երբեմն սկզբնաղբիւրների հետ` ագուցում է քաղաքի առաջնորդ եպիսկոպոսների պատմութեանը»5։ Զարմանքով կ’անդրադառնանք, որ հայոց գերագոյն եւ իսկագոյն պատմիչէն բառացի քաղուածքներ կատարող Յ. Սեբաստացի` իր ժամանակագրութեան մէջ մոռցած է յիշատակելու, թէ Մխիթար Սեբաստացի 1691 թ. «եմուտ ի վանս սուրբ Նշանու եւ զգեցաւ զզգեստ կրօնաւորական, ձեռնադրեցաւ կիսասարկաւագ եւ սարկաւագ միանգամայն ըստ սովորութեան հայկազնոյն, յԱնանիա եպիսկոպո- սէն` յառաջնորդէն նոյն վանացն»6, թէ «զայսու ժամանակաւ շարադրեաց Մխի- թար սարկաւագն զերգն զայն Աղաչեմք զքեզ Աստուածածին, եւ ի վերջն տանց երեք Տէր ողորմեա։ Եւ կղերիկոսաց անգիտացեալ թէ նորա էր, երգէին զայն 113
փոխանակ երգոյն Աստուածածին մայր Քրիստոսի։ Արար եւ զերգս չորս` ի չորս մեծ տօնս երգելոյ որոնց առաջինն է ի վերայ սրբոց գլխաւոր առաքելոցն Պետ- րոսի եւ Պօղոսի, երկրորդն` ի վերայ սրբոյն Ստեփանոսի, երրորդն` Յակովբայ եւ Յովհաննու, չորրորդն` ի վերայ Եղբօր Տեառն եւ Դաւթի մարգարէի»7։ Նոյնպէս մոռցած է` թէ 1696 թ. Մայիսի 7-ին, «քահանայից եւ ժողովրդոց, իշխանաց եւ տօլւաթաւորաց վկայութեամբ», կիւրինցի Կարապետ պարոն տէր եպիսկոպոս աբեղայ կ’օրհնէ Մխիթար սարկաւագը, «որ կեցեալ է ի դուռն սուրբ Նշանու մենաստանիս ամս հինգ. վարժելով ի տառս հնոց եւ նորոց կտակարանաց Աստուածաշունչ մատենից»8։ Պատմագրութեան եւ բանասիրական գրականութեան մէջ Պետրոս Գետա- դարձի մահուան տարին նշանակուած է 1056, 1057, 1058, 1059 թուականներով. Չուգասզեան նշած է այդ բոլորը։ Յ. Սեբաստացիի նկարագրութեամբ` «եւ հաս- եալ յաւուրս ծերութեան Պետրոս կաթողիկոս Գետադարձն կոչեցեալ` եղբայր Խաչկայ առաջնոյ, վախճանեալ ի Սեբաստիա ի վանս սուրբ Նշանի (Շէ - 1058) եւ թաղեցաւ անդ` արտաքոյ եկեղեցւոյն, յետ կոյս սրբոյ սեղանոյն, ի կողմն յարեւելից, պատեալ պարսպաւ մաքուր շիրիմ նորա»9։ Կրկին շօշափելով նոյն նիւթը` Յ. Սեբաստացի կը գրէ. Է հասարակաց գերեզմանատունն սրբոյ ուխտիս, որ ի բոլոր բնակչաց վիճակին կոչի Գետարգել, ի սակս անդր գոլոյ դամբարանի սրբոյն Պետրոսի Գետադարձին, ուր եւ թաղեալ կան մարմինք առաջնորդաց...։ Աստ է... դամբարան սրբոյն Պետրոսի կաթողիկոսի Գետադարձին...։ Սա եկն ի սուրբ մենաստանս յաւուրս Ատովմայ արքայի Արծրունւոյ եւ եկաց ամս 7 եւ փոխեցաւ առ Քրիստոս (Շէ - 1058) եւ թաղեցաւ աստ։ Եւ պատուի գերեզման նորին յաճախեալ ի ջերմեռանդ ուխտաւորաց մինչեւ ցայսօր ժամանակի10։ Իր ժողովուրդին ջերմ սիրոյն եւ պատուին արժանացած սուրբ հայրապետը` մահուան տարբեր տարեթիւեր ունենալէ զատ առեղծուածային կերպով` երկու տապանաքար ունի։ Վարագայ վանքին սուրբ Գէորգ եկեղեցիին մէջ «կը ցուցուին գերեզմանները կաթողիկոսի մը թագուհիի մը եւ թագաւորի մը Կաթողիկոսն է Պետրոս Գետադարձ, որուն տապանագիրն է` թվին ԴՃՀԱ (1022)։ Այս է հանգիստ Տեառն Պետրոսի կաթողիկոսին, որ ի Տրապիզոն զգետն ճորոխ արգելեաց առաջի Վասիլ արքային»11։ Ծանօթ է սեբաստացիներու բարեպաշտ հոգին. դարերու ընթացքին իրենց երկրին մէջ տեղի ունեցած են տասնեակէ մը աւելի խշխշալի նահատակումներ։ Գոհարինեանց նահատակներու նշխարներու մասին կարեւոր տեղեկութիւններ կը գտնենք` հայկական ոգեկան արժէքներու խուզարկու Տրդատ Եպս. Պալեանի մէկ ընդարձակ աշխատասիրութեան ամփոփումին մէջ։ Երախտաշատ սրբազա- նը նկարագրելով նոյն վիճակին Ս. Հրեշտակապետի վանքը, կը գրէ` թէ 114
Սեբաստիայէն հինգ կամ վեց ժամու չափ հեռաւորութեամբ, Աղտու կամ Տուղասար կամ Թուղլասար անուն գիւղի մը մօտ, բարձր բլուրի մը կամ լեռնակի մը լայնափոր բարձրաւան- դակին վրայ շինուած է, որուն կ’ըսուի նաեւ Յաղթու Ս. Հրեշտակապետի վանք. ունի սքանչելի եւ ակնպարար տեսարան, կը տիրէ Ալիս գետին եւ շրջակայ լեռներուն որոնց գեղեցկութիւնը աննկարագրելի է։ Վանքին միակ տաճարը նուիրուած է յանուն Ս. Հրեշտակապետի. փոքրիկ բայց շատ գեղեցիկ շէնք մըն է։ Վանքին մօտ գերեզմաննոց մը կայ, որ կ’անուանի Խաչ-բլուր։ Այս գերեզմանատան մէջէն` 1871 թ. գտնուեցաւ Սրբոց Գոհարինեանց նշխարները, արկղաձեւ շարուածքի մը մէջ զետեղուած, որոնց վրայ իբրեւ կափարիչ կը գտնուէր սպիտակ կճեայ քար մը, որուն երեսներն ալ փորագրուած էին հայերէն յիշատակարաններով։ Առաջին երեսին վրայ գրուած էր. – Այս նահատակք որ կատարեցան... վասն Քրիստոսի, Ռատիոս եւ Գոհարինէ, Տնկիկ եւ Ծամիտէս։ Երկրորդ երեսին վրայ. – Եւ եդան յայս տեղւոջ ի ձեռն Ս. Վարդապետի Բարսղի, թվին ՈԼԶ (636-551=1187). Այս սուրբերու նշխարքը` փոխադրուելով իրենց այս տեղէն, ամփոփուեցան այն թուականին վանւոյս տաճարին մէջ, յաջակողմեան պատին Ս. Հրեշտակապետին մեծ պատկերին տակը, ուր հաստատուն կերպով զետեղուեցաւ նաեւ յիշատակարանով եղած սպիտակ կճեայ կափարիչ քարը12։ Գոհարինէի որդի Թէոդորոսի վկայութեան մասին տարբեր տարեթիւեր տալէ զատ, Յ. Սեբաստացի կ’ըսէ թէ նահատակին տապանաքարը կը գտնուի Ս. Կարապետ եկեղեցիին մէջ, մինչ Տրդատ Եպս. Պալեան կը յիշատակէ, թէ «յանուն Ս. Աստուածածնի եկեղեցին թէեւ փոքր է, բայց շատ սիրուն եւ գմբեթաւոր. այս եկեղեցւոյն մէջ են Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոսի եւ Թէոդորոս աբեղայի գերեզմանները»13։ Ամբողջացնելու համար Տրդատ Եպս.ի հաղորդած տեղեկութիւնները, այս- տեղ կու տանք նաեւ Անանիա կաթողիկոսին տապանաքարին արձանագրու- թիւնը. Յայս դամբարանիս եդին զմարմին Տեառն Անանիա կաթուղիկոսին, որ օծեալ նստաւ... ի գերահռչակ մենաստանիս։ Սա էր ազգական Պետրոսի մեծին, Գետադարձ կոչեալ սուրբ հայրապետին, ժամանեաց վախճան սուրբ կենաց նորին, թուին վեցհարիւր-յիսուն եւ վեցին (1207)14։ Վաթսունմէկ տարիէ վեր, չքնաղատիպ սուրբ Նշան վանքը` որուն արքայա- կան դռնէն «երբեմն մուտ եւ ելս առնէին մեծազօր թագաւորք եւ պերճափառ իշխանքն մեր», դատարկուած է իր հայկական սրբութիւններէն. հաւանաբար` ցամքած են Լուսաղբիւր կոչուող բարեհամ ջուրի կարկաջահոս, մշտահեղ եւ առատազեղ աղբիւրները, անտարակոյս` խոպանացած են անուշահոտ ծաղիկ- ներու ոսկենշոյլ պարտէզները, արօրադրեալ եւ մշակուած անդաստանները` որոնք բոլորն ալ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Սեբաստացի արքեպիսկո- 115
պոսին գուրգուրանքին առարկայ եղած են երբեմն... Բաբգէն Չուգասզեան` անհետացած սրբութիւններու յիշատակին նոր կոթող մը կը կանգնէ։ Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 22 Նոյեմբեր 1976, 61-րդ տարի, թիւ 17.551 23 Նոյեմբեր 1976, 61-րդ տարի, թիւ 17.552 ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 1. Մատենագիտական երկու աշխատութիւններու մէջ նշուած է` թէ բանաս- տեղծութիւններու այս ժողովածոն կը վերջանայ 9-րդ տաղով. տես Հայկ Դաւթեան, Հայ գիրքը 1801-1850 թուականներին. մատենագիտութիւն, խմբագրու- թեամբ Յ. Ա. Անասեանի, Երեւան, Ա. Ֆ. Մեասնիկեանի անուան հանրապետա- կան գրադարան, 1967, էջ 129։ Ս. Ա. Շտիկեան, Հայ նոր գրականութեան ժամանակագրութիւն. 1801-1850, Երեւան, Հայկական ՍՍՀ ԳԱ Հրատա- րակչութիւն, 1973, էջ 139։ 2. Յովհաննէս Սեբաստացի, Պատմութիւն Սեբաստիոյ, աշխատասիրու- թեամբ Բ. Լ. Չուգասզեանի, Երեւան, Հայկական ՍՍՀ ԳԱ Հրատարակչութիւն, 1974, էջ 199։ 3. Բ. Չուգասզեան, «Յովհաննէս Սեբաստացու Պատմութիւնը», Հայրենիքի ձայն, 17 Հոկտեմբեր 1973, էջ 6-7։ 4. Պատմութիւն Սեբաստիոյ, էջ 12։ 5. Նոյն տեղը, էջ 200։ 6. «Համառօտութիւն վարուց Մխիթարայ մեծի աբբայի», Մխիթար տօնագիրք, Վիեննա, 1940, էջ 326։ 7. Նոյն տեղը, էջ 331։ 8. Նոյն տեղը, էջ 336-337։ 9. Պատմութիւն Սեբաստիոյ, էջ 40։ 10. Նոյն տեղը, էջ 164-165։ 11. Դկտ. Հ. Համազասպ Ոսկեան, Վասպուրական-Վանի վանքերը, Ա. մաս, Վիեննա, 1940, էջ 273։ 12. Տ. Տրդատ եպ. Պալեան, Հայ վանօրայք, (Ձեռագիր, 37, չհամարակալուած, էջ 10 լուսանկար)։ Տես` Ա. Ալպօյաճեանի արխիւը համալրող նորայայտ նիւթեր, որոնք առժամաբար ի պահ կը մնան Մօ. Եդուարդ Յակոբեանի մօտ։ Հաւանաբար այս տեղեկութիւնները կարելի է գտնել նաեւ նոյն հեղինակին Հայ վանօրայք ի Թուրքիա (Իզմիր, 1904) աշխատութեան մէջ։ 13. Նոյն տեղը։ 14. Նոյն տեղը։ 116
«ՀԵՏԱԽՈՅԶ ՀԱՅ ՄԱՐԴԸ» ԻՍԹԱՆՊՈՒԼՑԻ ԿԱՐՊԻՍ Ե. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ Argumenta ponderantur, non numerantur. Պատահականութեան մեղսակցութեամբ միայն յայտնաբերեցինք «հետախոյզ հայ մարդը»` իսթանպուլցի Կարպիս Ե. Մուրատեանը, որ հաւանաբար մեր յարգելի ընթերցողներէն շատերուն համար ալ անծանօթ անուն մը կը մնայ տակաւին։ Կարպիս Ե. Մուրատեան` որ Սուրբ Փրկիչ Հայոց Հիւանդանոցի «Հրատարա- կութեանց պատասխանատու տնօրէն»ն է1, մերօրեայ Իսթանպուլի ժրաջան «մտաւորական»ներէն մէկը նկատուելուն` իրեն վստահած են Մխիթարի 300 ամեակին նուիրուած ակադեմական ու գեղարուեստական երեկոյթը բացուած յայտարարելու պարտականութիւնը։ Ան` 1976 թ. Դեկտեմբեր 15-ի իրիկունը, «մշակութասէր ընտրանի բազմութիւնը» ողջունած է «այս խորհրդածութիւն- ներով». Չենք անգիտանար, որ Մխիթարի եւ իր Միաբանութեան երկու հարիւր տարիներու մատենագրական, լեզուական, պատմական, թարգմանական, կրթական ընդհանուր բնորոշումով մը – մտաւոր վաստակը կարելի չէ ամբողջական սեւեռումի տակ բերել ակադե- մական երեկոյթներով կամ պարբերական անդրադարձումներով։ ... Եթէ պայմանները կը հարկադրեն եղածով գոհանալ կամ կարելին միայն փորձել, հետախոյզ հայ մարդը կրնայ սակայն դիմել անսպառ այն աղբիւրներուն` որոնք թաւալող երկու հարիւր ամեակներու ընթացքին դիզուած են մատենադարանային կեդրոններու եւ գրադարաններու մէջ, վկայելու համար հայ մտքի նախազարթօնքեան ճառագայթումին, ապա նաեւ մինչեւ մեր օրերու Մխիթարեան հերկին եւ հունձքին մասին2։ Իսթանպուլցի հետախոյզ հայ մարդը` «Մխիթարեան հերկին եւ հունձքին մասին» իւրովսանն վկայելու համար, «եղածով գոհանալ»ով եւ իր «կարելին միայն փորձել»ով` պատրաստած է «Մխիթարեանները հայ մշակոյթի պատմու- թեան մէջ» ակնարկը, զոր հիւրընկալուած գտանք Հայկական Սփիւռքի համար ամսօրեայ պարբերաթերթ Հայ ընտանիքի մէջ3։ Մեր մտացի ընթերցողներուն համար` թերեւս բնական թուի, թէ «ակադեմա- կան երեկոյթ»ի մը բացման խօսքը կատարողը` անշուշտ թէ ատակ կրնայ 117
նկատուիլ հայ մշակոյթի զարգացումին համար Մխիթարեաններու բերած նպաստին մասին արտայայտուելու։ Պիտի խնդրենք սակայն` որ կատարուած իրողութիւնը բացայայտելէ առաջ, պահ մը յամենանք հայերէն լեզուի հարուստ գանձարանին շուրջ եւ քանի մը ծանօթութիւններ քաղենք մեզ հետաքրքրող նիւթին առընչութեամբ։ Մեր լեզուի բառագանձին մաս կը կազմեն «բանագող» եւ «բանաքաղ» բառե- րը` որոնք երբեմն նոյն նշանակութեամբ կը գործածեն կամ կը բացատրեն բառա- րանագիրները4։ Բանաքաղը հին բառ մըն է` որ գործածուած է «բան գողցող ի սուրբ գրոց»5, կամ «ուրիշի բերնէն կամ գրքէն բան գողցող»6 իմաստով։ Աւելի նոր է բանագող բառը` որ մեզի ծանօթ է Հ. Մատաթիա Պետրոսեանի աշխատութենէն։ Մալխասեանց` տարբեր բացատրութիւններ կու տայ այդ երկու բառերուն մասին. ԲԱՆԱԳՈՂ. հեղինակ` որ ուրիշ հեղինակներից քաղած հաւաքածը ներկա- յացնում է իբրեւ իրը. «պլագիատոր»7։ ԲԱՆԱՔԱՂ. նա որ զանազան հեղինակներից քաղուածքներ է անում եւ նրանց հիման վրայ ամբողջական շարադրութիւն գրում։ Բանաքաղը ցոյց է տալիս իր աղբիւրները, բանագողը թաքցնում է։ Ամբողջացնելու համար սահմանումը` կը ներկայացնենք նաեւ «բանաքաղու- թիւն» բառայօդուածը. ԲԱՆԱՔԱՂՈՒԹԻՒՆ. գրուածք` որ յօրինուած է քաղուածաբար, օգտուելով ուրիշ գրական աղբիւրներից. «կոմպիլացիա»։ Բանաքաղութիւնը անպատիւ կամ յանցաւոր բան չէ8։ Ժամանակակից հայերէն լեզուին մէջ` անգլերէն literary theft-ին նմանողու- թեամբ, կը գործածուի նաեւ «գրագողութիւն» բառը9։ Եւրոպական կարգ մը լեզուներ որդեգրած են լատիներէն plagiarius բառը` որ մարդելոյզ, մարդագող, մանկագող, գող ստրկաց նշանակութեամբ գործածած են լատին դասական հեղինակները. միայն Valerius Martialis սպանացի բանաս- տեղծն է` որ տուեալ բառը փոխաբերաբար գործածած է «բանագող» իմաստով10։ Բառագիտական մեր ծանօթութիւնները կարելի է համալրել գրականագի- տական երկու սահմանումներով։ Ամերիկացի գրականագէտներուն համար` Բանագողութիւնը «as a legal term, plagiarism has very sharp limits and is considered to be a clearly demonstrable use of material plainly taken from another without credit»11, մինչ սովետահայ գրականագէտները` «գրական բարոյականութեան ամենակոպիտ խախտումներից մէկը» կը համարեն12։ Իսկ Յակոբ Պարոնեանի հոգեբանական վերլուծումը` արդեօք չի՞ գերա- զանցեր բոլոր ըսուածները. 118
Ուրիշի մը մտքի ծնունդն սեպհականելն` լռելեայն իր անկարողութիւնն խոստովանիլ ըսել է, ուստի եւ անկարողներն են` որ միշտ գողութեամբ կը զբաղին...։ Քիչ մը երկար թուացող բացատրողական այս աշխատանքը կատարեցինք` լաւագոյնս ըմբռնելու համար իսթանպուլցի Կարպիս Ե. Մուրատեանին «հետա- խուզական» ձեռնարկը։ Տակաւին յիշողներ կան` տասնամեակ մը առաջ, այս սիւնակին մէջ լոյս տեսած «Մխիթարեաններու գրական վաստակը» խորագրով յօդուածը, որուն` պատուարժան խմբագրութիւնը կցած էր հետեւեալ ծանօթութիւնը. Չորեքշաբթի, 21 Փետրուար 1968-ի երեկոյեան, ինչպէս որ կը յիշեն մեր ընթերցողները, Գահիրէի մէջ նշուեցաւ Մխիթար Աբբահօր Ս. Ղազար կղզիին մուտքի 250 ամեակը։ Այդ հանդիսութեան օրուան բանախօսներէն մէկն էր մեր աշխատակիցներէն Մխիթարեան Սան Պր. Տիգրան Գէորգեանը։ Ստորեւ կուտանք իր խօսքը, որ փաստացի տուեալներով լի, մասնաւոր շահեկանութիւն մը կը ներկայացնէ13։ «Հետախոյզ հայ մարդ»ուն կատարած աշխատանքը առարկայապէս ապա- ցուցանելու համար, հանդիպակաց սիւնակներուն մէջ կը ներկայացնենք միայն քանի մը հատուածներ, նախապէս լոյս տեսածը` երկիցս արտատպելը հնա- րաւոր չըլլալուն...։ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՆԵՐՈՒ ԳՐԱԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՆԵՐԸ ՀԱՅ ՎԱՍՏԱԿԸ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ Կ. Ե. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ Հայ ժողովուրդի իմացական շար- Հայ ժողովուրդի իմացական շար- ժումի պատմութեամբ զբաղող հեղի- ժումի պատմութիւնով զբաղող հեղի- նակներու վկայութեամբ, ԺԸ. դարը նակներու վկայութեամբ, ԺԸ. դարը նախորդող երկու դարերուն` հայ վան- կանխող երկու դարերուն, հայ վան- քերն ու վանականութիւնը մատնուած քերն ու վանականութիւնը մատնուած էին անշուք վիճակի մը, երկրին մէջ էին անշուք վիճակի մը, երկիրին մէջ գոյութիւն առած համաճարակներու, գոյութիւն առած համաճարակներու, սովերու եւ մասնաւորաբար Հայաս- սովերու եւ մասնաւորաբար Հայաս- տանի տիրապետութեան համար` տանի տիրապետութեան համար պարսկական եւ օսմանեան «դժպետու- պարսկական եւ օսմանեան պետու- թիւններու» միջեւ մղուած յաճախակի թիւններու միջեւ մղուած յաճախակի պատերազմներուն պատճառով։ պատերազմներուն պատճառով։ 119
Այդ շրջանի իմացական կեանքի Այդ շրջանի իմացական կեանքին պատկերը տալով, Առաքել Դաւրիժեցի պատկերը տալով, Առաքել Դաւրիժեցի պատմագիրը կ’ըսէ, թէ գիրք կարդա- պատմագիրը կ’ըսէ` թէ գիրք կարդա- ցող չկար, որովհետեւ «անպիտանաց- ցող չկար, որովհետեւ «անպիտանաց- եալ էր գիրքն յաչս մարդկան»։ Գիրքերը եալ էր գիրքն յաչս մարդկան»։ Գիրքերը փակուած կը մնային հողի եւ մոխիրի փակուած կը մնային հողի եւ մոխիրի տակ թաղուած։ տակ թաղուած։ Հակառակ տիրող դժուարին պայ- Հակառակ տիրող դժուարին պայ- մաններուն, նոյն ժամանակներուն մաններուն, նոյն ժամանակներուն մերթ ընդ մերթ ասպարէզ եկած են մերթ ընդ մերթ ասպարէզ եկած են լուսամիտ եւ ուսումնասէր դէմքեր, լուսամիտ եւ ուսումնասէր դէմքեր, որոնք ջանացած են վերականգնել հին որոնք ջանացած են վերականգնել հին դարերու հայ վանականութեան փառ- դարերու հայ վանականութեան փառ- քը` հիմը դնելով Սիւնեաց Անապատի, քը, հիմը դնելով Սիւնեաց Անապատի, Էջմիածնի, Նոր Ջուղայի նման վանքե- Էջմիածնի, Նոր Ջուղայի նման վանքե- րու, ուր բեղուն գործունէութեամբ` րու, ուր բեղուն գործունէութեամբ քանի մը արժանաւորներ կրցած են քանի մը արժանաւորներ կրցած են դասուիլ անմահներու շարքը։ դասուիլ անմահներու շարքը։ ԺԸ. դարու սկիզբը` երկու «հոյա- ԺԸ. դարուն սկիզբը երկու հոյա- կապ անձնաւորութիւններ» ձեռք առած կապ անձնաւորութիւններ ձեռք առած են հայ ժողովուրդի վերածնութեան են հայ ժողովուրդի վերածնութեան գործը։ գործը։ Առաջինը` Իսրայէլ Օրին, Ղարա- Առաջինը` Իսրայէլ Օրին, Ղարա- բաղի ազատատենչ ժողովուրդին հետ բաղի ազատատենչ ժողովուրդին հետ ծնունդ տուած է Հայաստանի ազատա- ծնունդ տուած է Հայաստանի ազատա- գրութեան գաղափարին։ Ղարաբաղը գրութեան գաղափարին։ Ղարաբաղը ապստամբած է եւ Դաւիթ Բէկ հիմնած ապստամբած է եւ Դաւիթ Բէկ հիմնած է անկախ իշխանութիւն մը։ անկախ իշխանութիւն մը։ Երկրորդը` Մխիթար Աբբայ, Սե- Երկրորդը` Մխիթար Աբբայ, Սե- բաստիայէն Պոլիս եւ ապա Եւրոպա բաստիայէն Պոլիս, եւ ապա Եւրոպա անցնելով, Վենետիկի Ս. Ղազար անցնելով, Վենետիկի Ս. Ղազար կղզեակին մէջ վերստին ծնունդ տուած կղզեակին մէջ վերստին ծնունդ տուած է հայ գրականութեան եւ նախնեաց է հայ գրականութեան եւ նախնեաց լեզուին։ լեզուին։ 120
Գրականութեան պատմաբաննե- Գրականութեան պատմաբանները րը` հայկական վերածնունդի սկզբնա- հայկական վերածնունդի սկզբնաւո- ւորութիւնը կապած են Մխիթարեան րութիւնը կապած են Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնադրութեան, Միաբանութեան հիմնադրութեան, 1701 Սեպտեմբեր 8։ 1701 Սեպտեմբեր 8ին։ «Հայկական Վեստայի պաշտա- Հայկական Վեստայի պաշտա- մունքին նուիրուած կամաւորներու մունքին նուիրուած կամաւորներու բանակը» Մ. Սեբաստացիի գլխա- բանակը Մխիթար Սեբաստացիի ւորութեամբ, վտարանդի եւ հալածա- գլխաւորութեամբ, վտարանդի եւ հա- կան կեանք մը վարելէ ետք, 1717 լածական կեանք մը վարելէ ետք, 1717 Սեպտեմբերի 8ին հաստատուած է Ս. Սեպտեմբերի 8ին, հաստատուած է Ս. Ղազար կղզին, ուր տասնամեակներու Ղազար կղզին, ուր տասնամեակներու ընթացքին` վանք, եկեղեցի, դպրոց, ընթացքին վանք, եկեղեցի, դպրոց, թանգարան եւ տպարան կառուցանելէ թանգարան եւ տպարան կառուցանելէ ետք, դարձած է` Աճառեանի հաստա- ետք` դարձած է, Աճառեանի հաստա- տումով` «հայոց ամենաբարձր ուսում- տումով Հայոց ամենաբարձր ուսում- նական հիմնարկութիւնը» եւ պարծան- նական հիմնարկութիւնը եւ պարծան- քը ամբողջ հայութեան։ քը ամբողջ հայութեան։ Մխիթարէն ետք, հայերէն լեզուի Մխիթարէն ետք, հայերէն լեզուի կոկումը կատարած են Հ. Միքայէլ կոկումը կատարած են Հ. Միքայէլ Չամչեան եւ Հ. Գաբրիէլ Աւետիքեան. Չամչեան եւ Հ. Գաբրիէլ Աւետիքեան. իսկ ամէնէն կատարելագործուած քե- իսկ ամէնէն կատարելագործուած քե- րականութիւնը պատրաստած է Ի րականութիւնը պատրաստած է Ի պէտս զարգացելոցի անգերազանցելի պէտս զարգացելոցի անգերազանցելի հեղինակը` Հ. Արսէն Բագրատունին։ հեղինակը` Հ. Արսէն Բագրատունին։ ԺԸ. դարու երկրորդ կիսուն եւ ԺԹ. ԺԸ. դարու երկրորդ կէսին եւ ԺԹ. դարու առաջին քառորդին, հայ միտ- դարու առաջին քառորդին, հայ միտ- քին վրայ տիրապետող դէմքը կը հան- քին վրայ տիրապետող դէմքը կը հան- դիսանար Հ. Միքայէլ Չամչեան, ազգա- դիսանար Հ. Միքայէլ Չամչեան, ազգա- յիններու կողմէ ճանչցուած «Երկրորդ յիններու կողմէ ճանչցուած «Երկրորդ պատմահայր Հայոց» եւ Հռոմի գիտա- պատմահայր Հայոց», որ Հռոմի գիտա- կան շրջանակներուն մօտ ալ ծանօթ կան շրջանակներուն մօտ ալ ծանօթ եղած է որպէս «սարսափելի աստուա- եղած է որպէս «սարսափելի աստուա- ծաբան»։ ծաբան»։ 121
Մխիթարեաններու գրական վաս- Մխիթարեաններու գրական վաս- տակին մէկ կարեւոր մասը կը կազմէ տակին կարեւոր մէկ մասը կը կազմեն դասական գլուխ-գործոցներու բնա- դասական գլուխ-գործոցներու բնա- գրէն թարգմանութիւնները։ Այդ մար- գրէն թարգմանութիւնները։ Այդ մար- զին մեծագոյն վարպետն է Հ. Արսէն զին մեծագոյն վարպետն է Հ. Արսէն Բագրատունին, եւ իր երկու աշա- Բագրատունին, որուն կը հետեւին իր կերտները` Գէորգ եւ Եդուարդ Հիւր- երկու աշակերտները` Գէորգ եւ միւզ եղբայրները, որոնք իրեն նման Եդուարդ Հիւրմիւզ եղբայրները, իրեն եղած են ճարտար թարգմանիչներ, մեր նման ճարտար թարգմանիչներ, մեր գրականութիւնը ճոխացնելով գեղեց- գրականութիւնը ճոխացնելով գեղեց- կագոյն գործերով։ կագոյն գործերով։ Ժողովրդական զանգուածին Մխի- Ժողովրդական զանգուածին Մխի- թարեան ամէնէն ծանօթ դէմքն է Հ. թարեան ամէնէն ծանօթ դէմքն է Հ. Ղեւոնդ Ալիշանը` բանաստեղծ, գիտ- Ղեւոնդ Ալիշանը` բանաստեղծ, գիտ- նական եւ դաստիարակ, որ տիրապե- նական եւ դաստիարակ, որ տիրապե- տած է ԺԹ. դարու երկրորդ կիսուն տած է ԺԹ. դարու երկրորդ կիսուն գրագէտներուն վրայ։ գրական ասպարէզը։ Անոր շունչով դաստիարակուած Անոր շունչով դաստիարակուած աշակերտները` ըլլայ Փարիզ թէ Վենե- աշակերտները` ըլլայ Փարիզ թէ Վենե- տիկ, հետագային տիրական դէմքերը տիկ, յետագային տիրական դէմքերը դարձած են արդի հայ գրականութեան։ դարձած են արդի հայ գրականութեան։ Ալիշան իր հայրենասիրութեամբ Ալիշան իր հայրենասիրութեամբ եւ գիտութեամբ դարձած է հայութեան եւ գիտութեամբ, դարձած է հայութեան կուռքը, եւ երբ մեռած է «մահը ազգա- կուռքը եւ երբ մեռած է, «մահը ազգա- յին սուգի մը համեմատութիւնները յին սուգի մը համեմատութիւնները առաւ. ու պէտք էր որ այդպէս ըլլար», առաւ. ու պէտք էր որ այդպէս ըլլար», գրած է Սուրէն Պարթեւեան։ գրած է Սուրէն Պարթեւեան։ Չօպանեան հիացումով կը գրէ, թէ Չօպանեան հիացումով կը գրէ, թէ «Ալիշանի բանաստեղծութեանց մէջ «Ալիշանի բանաստեղծութեանց մէջ կան էջեր, որ մտածումին խորու- կան էջեր, որ մտածումին խորու- թեամբն ու ձեւին բարդ ու նուրբ գեղեց- թեամբն ու ձեւին բարդ ու նուրբ գեղեց- կութեամբը` Հիւկոյի կամ Պայրընի կութեամբը` Հիւկոյի կամ Պայրընի հաւաքածոյի մը մէջ պիտի կրնային հաւաքածոյի մը մէջ պիտի կրնային տեղ ունենալ»։ Իսկ անցեալ դարու տեղ ունենալ»։ Իսկ անցեալ դարու 122
կարեւոր դէմքերէն` Մ. Չերազ, «հին ու կարեւոր դէմքերէն` Մինաս Չերազ, նոր հայերին առաջին քերթողը» նկա- «հին ու նոր հայերին առաջին քերթո- տած է զայն։ ղը» նկատած է զայն։ Ոսկի տառերով արձանագրելու է Ոսկի տառերով արձանագրելու է նաեւ Լորտ Ճէյմս Պրայսի այն նկա- նաեւ Լորտ Ճէյմս Պրայսի այն նկա- տումը, թէ մարդկային ոչ մէկ հաւաքա- տումը, թէ մարդկային ոչ մէկ հաւաքա- կանութիւն այնքան աշխատեր է հե- կանութիւն այնքան աշխատեր է հե- տախուզել ու ծանօթացնել հայ ազգին տախուզելու ծանօթացնելու հայ ազգին պատմութիւնը, որքան ըրած է Վենե- պատմութիւնը, որքան ըրած է Մխի- տիկի Մխիթարեան Տունը իր յարատեւ թարեան Տունը իր յարատեւ ջանքերով ջանքերով ու հմտութեամբ։ ու հմտութեամբ։ Հակառակ ժամանակաւոր նուա- Հակառակ ժամանակաւոր նուա- ղումներու, Հայկական ճեմարանը իր ղումներու, Հայկական Ճեմարանը իր գոյութիւնը եւ կենսունակութիւնը պա- գոյութիւնը եւ կենսունակութիւնը պա- հած է մինչեւ այսօր։ Համեստ պայման- հած է մինչեւ այսօր։ Համեստ պայման- ներու մէջ կատարած է այն դերը` ինչ ներու մէջ կատարած է այն դերը` ինչ որ կը կատարէ այսօր Հայաստանի որ կը կատարէ այսօր Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիան, պետա- Գիտութիւններու Ակադեմիան, պետա- կան հովանաւորութեամբ։ կան հովանաւորութեամբ։ «Մխիթարեաններու գործը, – ըսած «Մխիթարեաններու գործը, – ըսած է եգիպտահայ մտաւորական մը, – է եգիպտահայ մտաւորական մը, – նախատեսուածէն շատ աւելի, մեզի կը նախատեսուածէն շատ աւելի, մեզի կը ներկայանայ փարոսի պատկերով, որ ներկայանայ փարոսի պատկերով, որ հեռաւոր խաղաղ կղզիէ մը կը ճառա- հեռաւոր խաղաղ կղզիէ մը կը ճառա- գայթէ, ուղեցոյց ըլլալով մեր մտքի գայթէ, ուղեցոյց ըլլալով մեր մտքի նաւերէն շատերուն, որոնք մութին ու նաւերէն շատերուն, որոնք մութին ու մշուշին մէջ կը խարխափին, շրջա- մշուշին մէջ կը խարխափին, շրջա- պատուած բազմազան խարակներէ, պատուած բազմազան խարակներէ, հին ու նոր դարերէն։ հին ու նոր դարերէն։ Կրնա՞նք չդիմել անոր, երբ մթու- Կրնա՞նք, չդիմել անոր, երբ մթու- թեան ու շփոթի առջեւ գտնենք մենք թեան ու շփոթի առջեւ գտնենք մենք մեզ»։ Ապա կը յաւելու. «Ով աւելի շատ մեզ»։ Ապա կ’աւելցնէ. «Ով աւելի շատ իրաւունք պիտի ունենայ հայ միտքն ու իրաւունք պիտի ունենայ հայ միտքն ու մշակոյթը ներկայացնելու պատուով ու մշակոյթը ներկայացնելու պատուով ու 123
ամբողջական կերպով, քան Մխիթար- ամբողջական կերպով, քան Մխիթար- եանները, համաշխարհային մշակու- եանները, համաշխարհային մշակու- թային շքահանդէսի մը մէջ»։ թային շքահանդէսի մը մէջ»։ Կրնա՞նք հպարտ չըլլալ իրենց երկ- Կրնա՞նք հպարտ չըլլալ իրենց դա- հարիւրամեայ փառահեղ գործովը։ րաւոր` այլ փառահեղ գործովը։ Կրնա՞նք մանաւանդ երախտա- Կրնա՞նք մանաւանդ երախտա- պարտ չըլլալ»։ պարտ չըլլալ»։ Երկուքուկէս դարու գրական վաս- Երկուքուկէս դարու գրական վաս- տակ մը` հաշուըուած վայրկեաններու տակ մը` հաշւըւած վայրկեաններու ընթացքին, կարելի էր ներկայացնել ընթացքին, կարելի՞ էր ներկայացնել միայն թռչնաթիռ ակնարկով մը։ միայն թռչնաթիռ ակնարկով մը։ Վերջացնելու համար զայն, ան- Ի՞նչ կ’ըսէ Էմըրսըն. պայման պէտք է ըսել ամերիկացի խորհող Էմըրսընի սա բնորոշ խօսքը, թէ` Գործը աւելի կ’արժէ, քան այդ գոր- - Գործը աւելի կ’արժէ, քան այդ ծին մասին ըսուած խօսքերը։ գործին մասին ըսուած խօսքերը...։ Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ, 2 Օգոստոս 1977, 63-րդ տարի, թիւ, 17.750 ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 1. Տես` Սուրբ Փրկիչ, ամսաթերթ Հայոց Հիւանդանոցի, 1977 Ապրիլ, թիւ 330։ 2. «Բացման խօսք Տիար Կարպիս Մուրատեանի», Հայ ընտանիք, 1977 Յունուար- Փետրուար, էջ 43։ 3. Հայ ընտանիք, 1977 Մարտ-Ապրիլ, էջ 17-21։ - Հ. Մատաթիա Վ. Պետրոսեան, Նոր բառգիրք հայ-անգղիարէն, Վենետիկ, 1875-1879, էջ 90, 91։ - Նորայր Բիւզանդացի, Բառագիրք ի գաղղիերէն լեզուէ ի հայերէն, Կոստանդնու- պոլիս, 1884, էջ 948։ - Ա. Մ. Սուքիասեան, Հայոց լեզուի հոմանիշների բառարան, Երեւան, 1967, էջ 112։ - Ժամանակակից հայոց լեզուի բացատրական բառարան, Երեւան, 1969, հատոր առաջին, էջ 281։ 4. P. Emmanuel Ciakciak, Nuovo Dizionario Italiano-Armeno-Turco, Venezia, 1829, p. 588. 124
5. Հ. Մկրտիչ վրդ. Աւգերեան, Առձեռն բառարան հայկազնեան լեզուի, Վենետիկ, 1846, էջ 149։ Նոյնը` երկրորդ տպագրութիւն, 1865, էջ 168։ 6. Համառօտ բառարան ի պէտս նորավարժից, Վենետիկ, 1859, էջ 25։ 7. Ստ. Մալխասեանց, Հայերէն բացատրական բառարան, երկրորդ տպագրութիւն, Պէյրութ, 1955, հատոր առաջին, էջ 325։ 8. Նոյն տեղը, էջ 328։ 9. Ժամանակակից հայոց լեզուի բացատրական բառարան, հատոր առաջին, էջ 445։ 10. L. Quicherat et A. Daveluy, Dictionnaire latin-français, nouvelle édition, revisée, corrigée et augmentée par Emile Chatelain, Paris, 1892 p. 1035. 11. C. Hugh Holman, A Handbook to Literature, New York: The Odyssey Press, 3-rd edition, 1972. 12. Էդ. Ջրբաշեան, Հ. Մախչանեան, Գրականագիտական բառարան, Երեւան, 1972, էջ 43։ 13. Արեւ, 1968 Ապրիլ 8, 9, 10, 11։ 125
ԱՐԱՔՍ ԿԻՍԱՄՍԵԱՆ` ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻՈՅ «ՀԱՅՈՒՀԵԱՑ»ԻՆ ԳՐԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ ԱՆԾԱՆՕԹ ԷՋ ՄԸ ԵԳԻՊՏԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵՆԷՆ Ա. Հայ մշակութային ընկերութիւններու առաջին համապարփակ ուսումնասի- րութեան մէջ, հետազօտողը` նկատի ունենալով դարերու ընթացքին մշակու- թային ընկերութիւններու յորջորջումը, կատարած է հետեւեալ պարբերացումը` երեք շրջափուլերով. 1. Հին շրջան` մինչեւ 1810թ., ընկերութիւնները «Եղբայրութիւն» կոչուած են սովորաբար։ 2. Միջին շրջան` 1810-1908 թ., անոնք «Ընկերութիւն» անուանուած են ընդ- հանրապէս։ 3. Նոր շրջան` 1908 թ. ետք, ընկերութիւնները մեծ մասով «Միութիւն» տիտ- ղոսը կը կրեն1։ Նոյն հեղինակը` «Մշակոյթ» բառը կ’իմաստաբանէ, որպէս «մարդուն ազնը- ւացումն ու կատարելութիւնը` մտաւոր, բարոյական եւ ճաշակագիտական տեսակէտով»2։ Մօտաւորապէս այս գաղափարը եղած է բոլոր շրջաններու մշա- կութային միութիւններուն առաջադրանքը։ Մասնաւորաբար Կ. Պոլսոյ եւ հայաբնակ այլ վայրերու հետեւողութեամբ` ժամանակի պահանջներէն թելադրուած, եգիպտահայ գաղթօճախին մէջ ալ ծնունդ առած են հասարակական կեանքը աշխուժացնող քանի մը հարիւրեակ ընկերութիւններ, որոնք` համաձայն վերոյիշեալ պարբերացումին, հիմնուած են մասամբ միջին շրջանին եւ առաւելաբար նոր շրջանին։ Մեզի ուղեցոյց ընտրած պարբերացումի ծիրին մէջ` նախ կ’ուզենք ուրուա- գծել միայն եգիպտահայ իգական մշակութային միութիւններու ծնունդն ու կատարած կամ կատարելիք դերը, մինչեւ 1917 թուականը, եւ ապա ներկա- յացնել` Աղեքսանդրիոյ «Հայուհեաց Գրասէր եւ Գեղարուեստասէր Միութեան» կողմէ հրատարակուած Արաքս կիսամսեայ հանդէսին առաջին համարը, որ մինչեւ այսօր անծանօթ մնացած էր բանասիրութեան։ *** 126
Հայ մշակութային իգական առաջին ընկերութիւնը կը հիմնուի Կ. Պոլսոյ մէջ` 1847 թ.։ Յետագային, «սատարելու համար կրթական գործին կամ ամոքելու համար աղքատին ու թշուառին կարօտութիւնը»` 1859, 1861 եւ 1864 թուական- ներուն կը կազմուին նոր ընկերութիւններ3։ Աւելի ուշ` 1879 թ., դարձեալ օսման- եան մայրաքաղաքին մէջ հիմնուած «Ազգանուէր Հայուհեաց» եւ «Դպրոցասէր Տիկնանց» ընկերութիւններուն նուիրաբերումը` նոր նուաճումներ արձանագրած է հայ դպրոցի պատմութեան մէջ։ Իգական սեռի յատուկ մշակութային միութեան մը` Եգիպտոսի մէջ առաջին անգամ կը հանդիպինք անցնող դարավերջին։ 1894 թ., մայրաքաղաքին հայ տիկինները կը կազմեն ընկերութիւն մը` որուն անդամուհիները կ’այցելեն Խորէնեան վարժարան եւ «աղքատ սանուհիներու համար զգեստներ շինելով երախտապարտ ոգեւորութիւն մը կը բերեն այդ դասակարգին մէջ»4։ Տեղին է նշել` թէ հայ մշակութային ընկերութիւնները «իրենց ծագումէն սկսած, եղած են օժանդակ հայ դպրոցին»5։ Դարուս առաջին տասնամեակին, Եգիպտոսի երկու գլխաւոր քաղաքներուն` Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ, ուր հայ գաղութը եկուորներով կը ստուարա- նար, հետզհետէ հիմը կը դրուին իգական չորս միութիւններու։ 1906թ. Սեպտեմ- բեր 9-ին, Գահիրէի մէջ կը հիմնուի Ուսումնասէր Արմենուհեաց Սանդուխտ Ընկերութիւնը։ «Ընկերութեանս անդամ կ’ընդունուին Հայ օրիորդները, – կը սահմանէ կանոնագրութեան երկրորդ յօդուածը, – իսկ իբր համակիր կ’ըն- դունուին Հայ տիկինները` վճարելով ամսական երեք ղուրուշ»6։ Նոյն տարին` դարձեալ մայրաքաղաքին մէջ կը կազմուի Հայրենասէր Հայուհեաց Ընկերու- թիւնը, որուն նպատակը կ’ըլլայ «Նիւթապէս եւ բարոյապէս օգնել Հայ յեղափո- խութեան, առանց կուսակցութեան խտրութեան»7։ 1908թ., Աղեքսանդրիոյ մէջ հիմնուած է Հայուհեաց Ընկերութիւնը, իսկ Գահիրէի մէջ Հայուհեաց Միութիւնը, «Հայաստանի հայ իգական սեռի դաստիարակութեան նուիրական գործին աջակցելու» նպատակով8։ 1913թ. Ասիութ հաստատեալ Հայուհեաց Ընկերութիւնը կը գտնենք` Նուրիցա Քէշիշեանի ատենապետութեամբ եւ Գայեանէ Նուրեանի ատենադպրութեամբ9։ Աղեքսանդրիոյ Հայուհեաց Կարմիր Խաչի Յանձնաժողովը կը վերակազմուի 1915թ. Օգոստոսի 22-ին. դիւանին մաս կը կազմեն տիկիններ Գ. Կամսարական` ատենապետուհի, Հ. Սէֆէրեան` ատենադպիր, Մ. Իփէկեան` գանձապետ, Զ. Արապեան` մթերապահ10։ Յանձնաժողովին առաջին ձեռնարկը կ’ըլլայ Փոր Սայիտ ապաստանած կիլիկեցի գաղթականներուն բաշխուելու համար, երեք հակ զգեստեղէն եւ մէկ պարկ օճառ առաքել։ Այս միութիւններու շարքին պէտք է թուել նաեւ երիտասարդական այն կազմակերպութիւնները` որոնք իրենց հիմնադրութեան օրէն եղած են երկսեռ եւ կամ յետագային միաձուլուած են իգական միութեան մը հետ։ 127
Աղեքսանդրիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը ներկայացնելով` քրոնի- կագիր մը կը խորհրդածէ. ... [Ա]ռիթ կ’ունենանք մէկ քանի խօսք խօսելու այս հաստատութեան վրայ, որ ժամա- նակէ մ’ի վեր իր վրայ խօսիլ չի տար, որովհետեւ, ինչպէս իր պաշտօնական Ազդը կ’ըսէ, «ներկայ ծանօթ հանգամանքներու եւ ազգային աղէտներու բերմամբ` հարկ դատած է ատեն մը սքօղուած մնալ եւ լռիկ ամփոփուիլ իր ընթերցասրահի համեստ այլ շինիչ գործին մէջ»։ Այս բանը պատճառ մը չէ սակայն, որ անտեսուի եւ մոռացութեան դատապարտուի այս հաստատութիւնը` որուն Աղեքսանդրիոյ համայնքին մէջ ստանձնած օգտակար դերը կասկածի ներքեւ չէ11։ Ամիսներ ետք, Վ. Թէքէեանի եւ Մ. Ոսկեանի տեղեկատուութեամբ կը կար- դանք` թէ Կատարուեցաւ նոր Տնօրէն Ժողովոյ ընտրութիւնը. բացարձակ մեծամասնութեամբ ընտրուեցան Պ. Պ. Վ. Աբրահամեան, Է. Փափազեան, Շ. Իմիրզեան, Յ. Իսպէնճեան եւ Հրանտ Տիլէկեան։ ... Ընդհ. Ժողովը, ի վերջոյ, Միութեան պատուոյ անդամ հռչակեց Եգիպտոսի Առաջնորդ Գեր. Տ. Թորգոմ Ս. եպս.ը, ինչպէս նաեւ Տ. Յ. Մութաֆեանցն ու Տ. Տիգրան Կամսարականը, վերջացող շրջանին մէջ Միութեան իրենց մատուցած բարոյական եւ նիւթական թանկագին աջակցութիւններուն համար։ - Ամենամեծ ապշութեամբ տեսանք թռուցիկ թուղթի վրայ տպագրուած Ազդ մը, 3 փետր. թուականով եւ ստորագրուած «Առժամեայ Վարչութեան Անդամներ» Պ.Պ. Մելքի Գըլըճեանէ, Արամ Անլեանէ, Մատթէոս Փափազեանէ, Լեւոն Ազնաւորեանէ եւ Կարապետ Աշըգեանէ, որոնք կը յայտարարեն թէ «Հիմնուած է ճշմարիտ Հայ Երիտասարդաց Միութիւն մը, նպատակ ունենալով ամէն կարգի միջոցներով սատարել երիտասարդութեան մտաւորա- կան եւ բարոյական զարգացման»12։ Յաջորդող օրերուն, խմբագրական սիւնակին մէջ Վահան Թէքէեան կը գրէ. Քանի մը տարի առաջ, Աղեքսանդրիոյ մէջ ընկերութիւն մը կը կազմուի, որ իր անունը կ’ընտրէ` «Հայ Երիտասարդաց Միութիւն»։ ... Ընկերութիւնը, կազմուած պահուն, ժառանգած է լուծուած ընկերութեան մը` «Տիգրան Երկաթ Միութեան» մատենադարանը, որ, համաձայն այդ Միութեան Հիմնագրին, անոր լուծուելէն ի վեր կը մնար Առաջնորդարանի տրամադրութեան տակ` յանձնուելու համար – միշտ նոյն Հիմնագրին համաձայն – նոյն նպատակով Աղեքսանդրիոյ մէջ կազմուելիք ուրիշ ընկերութեան մը13։ ՀԵՄ-ը ունեցած է իր կեդրոնատեղին, որուն բացումին տեղեկատուութիւնը` 128
Արեւ հաղորդած է 1916 Ապրիլ 7-ի համարով։ 1916ի վերջին ամիսներուն, ՀԵՄ-ը հրատարակած է ֆրանսացի բանաստեղծ Անտրէ Ռիվուարի Դոյզն ձօն (L’Humble offrande) մէկ արարնոց թատերախաղը Միհրան Տամատեանի կողմէ հայկական տաղաչափութեամբ թարգմանուած։ 1915թ. հասարակական իրենց գործունէութեամբ ծանօթ տիկիններ` Զարուհի Արապեան, Զարուհի Տամատեան, Զարուհի Փափազեան, Կատարինէ Դամիկ- եան, Մարոյ Բաբազեան, Օր. Վարսենիկ Վարդերեսեան եւ ուրիշներ Աղեք- սանդրիոյ մէջ կը հիմնեն Գեղարուեստասէր Հայուհեաց Միութիւնը14։ Տիգրան Երկաթի կողքին` իբր աջակից քոյր Միութիւն, իր համընթաց ու բեղուն գործու- նէութեամբ, երբ Գեղարուեստասէր Հայուհեացն ալ աչքի զարնող դիրք մը սկսաւ գրաւել Աղեքսանդրիոյ մէջ, անդամուհիներու թիւը ստուարանալով, հետզհետէ կը համախմբէր իր շուրջ նաեւ գաղութիս ընտրանի հասարակութեան պատկանող տիկիններն ու օրիորդները, որոնք մէկ սիրտ-մէկ հոգի, իրենց մեղուաջան ու անխոնջ աշխատանքով կը թեթեւցնէին այն ծանր բեռը, զոր ստանձնած էր Տիգրան Երկաթը, իրենք ալ իրենց կարգին կազմակերպելով գրական-գեղարուեստական զանազան հաւաքոյթներ, թատերական ներկայացումներ, նուագահանդէսներ, եւայլն, որոնցմէ գոյացած հասոյթով կը պահէին սաներ կամ կ’օժան- դակէին կարիքաւորներուն15։ Միութիւնը` Տիգրան Երկաթի հետ իր համատեղ գործունէութիւնը շարունա- կած է մինչեւ 1945 թ., երբ Ընկերային-գործոց նախարարութեան նոր պահանջ- ներուն համաձայն` կը միաձուլուին Տիգրան Երկաթ Մշակութային Միութիւն անունով։ Նոյն շրջանին գործած է Աղեքսանդրիոյ Արուեստասէր Օրիորդաց Միու- թիւնը, որուն հիմնադիր-տեսչուհին եղած է Աննա Ենովքեան, անոր գործակից- ները եղած են` Օր. Արուսեակ Մութաֆեան, Օլկա եւ Ակլայէ Մաթոսեան։ Միութիւնը նախաձեռնած է վիճակահանութեան մը` «ի նպաստ Պօղոսեան Ազգ. Վարժարանաց կարօտ աշակերտաց ճաշի ֆօնտին». գոյացած է 2500 ղրուշ16։ Նոյն տարին` հակիրճ տեղեկատուութեան մը մէջ կը կարդանք. Երէկ, կիրակի, տեղի ունեցաւ հիմնարկութիւնը Աղեքսանդրիոյ Հայ Ակումբին` իր ընդարձակ եւ վայելչօրէն զարդարուած սրահներուն մէջ, որոնք կը գտնուին Մահմուտ- փաշա-էլ-Ֆալաքի փողոց, թիւ 3, րիւ Շէրիֆի վրայ։ Բաժնետէրերու անդրանիկ ժողովը, ընդհանուր ոգեւորութեան մէջ, վաւերացուց իրեն ներկայացուած կանոնագիրը եւ ընտրեց Ակումբին Վարիչ Մարմինը, անոր նախագահ տալով Տ. Ալիքսան պէյ Ճէվահիրճեանը17։ Ակումբին բացման հանդիսութեան նկարագրութիւնը` Արեւ հրատարակած է 8 Ապրիլ 1916ի համարով։ Դարձեալ նոյն թուականին է, որ 129
Քանի մը ուշիմ եւ ապագայ խոստացող պատանիներու նախաձեռնութեամբ Աղեք- սանդրիոյ մէջ կազմուած է Հայ Ուսանողական Միութիւն մը, որ իր նախաքայլերուն մէջ ցոյց տուած խանդավառութեամբը, մեզի յոյս կը ներշնչէ թէ` անիկա պիտի ունենայ արդիւնաւոր գործունէութիւն մը, սա եղբայրատեցութեան մոլուցքովը թունաւոր մեր կեանքին մէջ ստեղծելով առողջ, մաքուր եւ կենսազեղ մթնոլորտ մը...18։ ՀՈՄ-ի դիւանին անդամները եղած են` Աղասի Իփէքեան (ատենապետ), Հրանտ Սէքսէնեան (ատենադպիր), Հրանտ Աճէմեան (գանձապետ), Վահրամ Չպուգճեան, Յ. Չէրքէզեան (խորհրդականներ)։ Հ.Ե.Ք. Ընկերակցութիւնը ունեցած է երկարատեւ գործունէութիւն` որուն մաս կազմած է նաեւ Ովասիս ամսագրին հրատարակութիւնը։ Ժամանակի ընթաց- քին, Ընկերակցութեան ջանքերով լոյս տեսած են` Կրօնական եւ ազգային երգարանը, Տոքթ. Մ. Շամլեանի Մանուկներու առողջապահութիւնը եւ Պատուե- լի Տ. Անդրէասեանի Սուէտիոյ ինքնապաշտպանութիւնը։ Մայրաքաղաքին հասարակական կեանքին ուշագրաւ ձեռնարկներէն են Գալուստեան Վարժարանի ուսուցիչներէն յղացուած հետեւեալ երկու միութիւն- ները։ Լուրջ առաջադրութեամբ հիմնուած է Եգիպտահայ Գրական Գեղարուես- տական Միութիւնը` որուն մասին գոյութիւն ունեցող տեղեկութիւնները շահե- կան են. ՆՊԱՏԱԿ Միութեան նպատակն է հայ գրականութեան եւ գեղարուեստներու ծնունդին սատարել թէ Եգիպտոսի եւ թէ հայրենիքի մէջ։ ՄԻՋՈՑՆԵՐ 1. Հայ միտքը ներկայացնել օտար ազգերու, եւ անոնց գրական ու գեղարուես- տական գլուխ-գործոցները ծանօթացնել Հայերուն։ 2. Գրական ու գեղարուեստական ազգային լաւագոյն արտադրութիւնները քաջալերել նիւթապէս կամ բարոյապէս։ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Միութեան անդամ կ’անուանուին Վարչական Մարմնոյն առաջարկութեամբ եւ Ընդհ. Ժողովոյ հաւանութեամբ, երկու սեռէ ամէն ազգայիններ, որ գրական կամ գեղարուեստական արժանիք մը կը ներկայացնեն։ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ Նախագահ` Գեր. Թորգոմ Եպս. Գուշակեան, Ատենապետ` Տիար Յովհաննէս Սեթեան, 130
Ա. Ատենադպիր` Փրոֆ. Յ. Թ. Գայաեան, Բ. Ատենադպիր` Տ. Միհրան Յ. Աժտէրեան, Գանձապետ` Տ. Կարօ Պալեան, Խորհրդականք` Տեարք Ս. Սապահ-Գիւլեան, Սուրէն Պարթեւեան, Երուանդ Օգոստինոսեան, Արտաւազդ Հանըմեան19։ Գահիրէի Հայ Երիտասարդութեան ուղղուած կոչին մէջ` Վ. Գէորգեան (Ատենապետ) եւ Յ. Հ. Թըգըրեան (Ատենադպիր) կը յայտնեն. ... Զուտ հայկական ըլլալով, Գահիրէի մէջ գտնուող Կարմիր Խաչի, Արարատի, Միաց. Որբախնամի նման էն ազգօգուտ ընկերակցութեանց կողքին բացարձակապէս երիտասար- դական ընկերակցութեան մը պէտքը հրամայական պահանջ մըն էր։ Երիտասարդական Միութիւն մը` որ հրապարակ իջնէր ժամանակի ոգիին ու պահանջքին առողջ եւ ներուժ գիտակցութեամբ, որ, մէկ կողմէ ձեռք կարկառէր մտաւոր այլասերումի եւ հոգեկան ախտաւորումի գռիհներուն մէջ հիւանդկախօրէն խարխափող կարգ մը երիտասարդներուն, միւս կողմէ փարիլ յառաջդիմութեան գործին...։ Ահա թէ ի՜նչ մտածումներ, ի՜նչ հոգեցունց ձայներ ու գալարումներ ծնունդ տուած են Գահիրէի նորակազմ Հայ Երիտասարդաց Միութեան...։ Միութիւնս` համակիր կամաւորական շարժումին եւ կարեկիր հայ տառապանքին` առանց կուսակցական եւ հոսանքի խտրութեան պիտի ջանայ միջոցներ ստեղծել սատարելու հայ տառապանքին եւ Հայ Կամաւորական շարժումին։ Միութեանս կրնան անդամակցիլ բոլոր 18-էն վեր հայ երիտասարդներ առանց սեռի խտրութեան20։ Միութեան հասցէ նշանակուած է` Գալուստեան Վարժարանը։ ՀԵՄ-ի գոր- ծունէութենէն յիշատակելի կը մնայ Նշոյլներ խորագրով գրական հաւաքածոն։ ՀԵՄ-ի կողքին կը կազմուի Հայ Երիտասարդ Տիկնանց Եւ Օրիորդաց Միութիւնը, որուն Ա. Ատենապետը կ’ըլլայ Տիկ. Էօժէնի Եալտըզճեան, Բ. Ատե- նապետը` Տիկ. Բէշտիմալճեան, Գանձապետը` Տիկ. Ասլանեան, անդամ` Տիկ. Թ. Պարոնիկ, Ա. Ատենադպիրը` Օր. Ա. Գէորգեան, փոխ ատենադպիրը` Օր. Ա. Մըսըրլեան, անդամ` Օր. Մ. Թաշճեան21։ Ժամանակաշրջանին մշակութային կեանքին պատկերը կ’ուզենք ամբող- ջացնել 1917 թ. առաջին եռամսեայի ընթացքին ծնունդ առած երեք միութիւններու յիշատակութեամբ։ Հայրենատենչ Միութիւնը կեանքի կոչուելուն առիթով` սիւնակագիր մը կը գրէ. Առտուն կանուխ արթնցողը Միութիւն մը կամ Ընկերութիւն մը կը կազմէ մեր մէջ, առանց նկատի ունենալու որ այդպիսի կազմակերպութեան մը պէտքը կա՞յ իրապէս եւ կամ իր նպատակը շօշափող արդէն կազմուած ուրիշ ընկերութիւններ գոյութիւն չունի՞ն։ 131
Հայրենատենչ Միութեան կանոնագիրը, որմէ կը տեղեկանանք թէ անոր նպատակն է եղեր «սատարել մեր Հայրենիքին տառապեալ, տարագիր, գաղթական, որբ եւ կռուող քաջ կամաւորներուն» ... կը ստիպուինք դիտել տալ մեր եռանդուն երիտասարդներուն թէ «Միութիւն»ներու այսպէս անհարկի կերպով բազմապատկուիլը մեր մէջ ճշմարիտ «միութեան» պակասը կը մատնանշէ22։ Հաւանաբար նոյն սիւնակագիրն է, որ կը գրէ. Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք թէ Ասիութի փոքրաթիւ հայ երիտասարդութիւնն ալ, ներկայիս ամբողջ եգիպտահայ ժողովուրդը կենդանացնող համերաշխական ոգիով լեցուած եւ լսելով ազգային պարտականութեան հրամայողական ձայնը, յաջողած է խմբուիլ եւ կազմել Հայ Երիտ. Միութիւն մը, որուն գլխաւոր նպատակներէն մէկն ալ է «ջանալ ըստ կարի օգնել մեր տարաբախտ հայրենիքին անհուն կարիքներուն»23։ Զակազիկի համայնքն ալ կ’ունենայ իր Հայ Երիտ. Միութիւնը` որուն ղեկա- վարները կ’ըլլան Գրիգոր Համբիկեանը եւ Արմենակ Սանտալճեանը։ Հայ ընկերութիւններու մեծագոյն մասին կարճատեւութեան պարագան «ցաւալի կէտ մը համարուած» ըլլալը նշելէ առաջ24, պատմութեան անմշակ մէկ մարզը հետազօտողին եզրակացութիւնը եղած է հետեւեալը. Մշակութային Ընկերութիւնները մեծապէս օգտակար եղած են մեր ազգին համար ոչ միայն նիւթապէս, այլեւ բարոյապէս։ Անոնք ապացուցած են` թէ Հայը ոչ միայն ատակ է հաւաքական գործունէութեան, այլեւ հրաշալի արդիւնք յառաջ կը բերեն անոր միութենա- կան աշխատանքները։ Անոնք ամրապնդած են փոխադարձ վստահութիւնն ու ընկերական կապը մեր մէջ25։ Բ. Ընդհանրապէս` մշակութային ընկերութիւններուն կամ միութիւններուն «գլխաւոր նպատակը» եղած է մեր ժողովուրդին «մտաւոր զարգացումը եւ կրթական վերելքը։ Այդ նպատակին հասնելու համար, բացի դպրոցներէ, անոնք հիմնած են նաեւ հրատարակչականներ` գիրքերու եւ թերթերու տպագրութեան համար, բացած են լսարաններ` ճառախօսութեան եւ թանգարաններ ու գրադա- րաններ` ընթերցումը քաջալերելու համար26։ Անցողակի տեսանք` մշակութային ընկերութիւններուն եւ միութիւններուն սատարը եգիպտահայ հասարակական կեանքին մէջ։ Անոնցմէ մէկը` Աղեք- սանդրիոյ Հայուհեաց Գրասէր ու Գեղարուեստասէր Միութիւնը, իր հիմնա- դրութեան յաջորդ տարին կը ձեռնարկէ Արաքս կիսամսեային հրատարա- 132
կութեան` նուիրուելու համար միայն իգական սեռի յառաջդիմութեան եւ զարգացումի գործին, ենթադրելով թէ մինչ այդ «անտեսուած է» կարեւոր կէտ մը` «իգական սեռի յատուկ թերթի մը» լոյս ընծայումը27։ Որպէս իգական սեռի յատուկ թերթ` Արաքսի պատասխանատու խմբագրու- հին ծանօթ է միայն Հայկանոյշ Մառքի խմբագրած Ծաղիկ հանդէսին, որ «ծաղիկի մը չափ ապրեցաւ առանց ծլարձակելու», մինչ զարմանալիօրէն կ’անգիտանայ, արդէն կէս դար առաջ` դարձեալ Կ. Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած Կիթառ ամսօրեայ հանդէսը, եւ դեռ մէկուկէս տասնամեակ առաջ` ժամանակ մը Գահիրէի մէջ լոյս տեսնելէ ետք, Աղեքսանդրիա փոխադրուած, «եգիպտահայ լաւագոյն թերթերէն»` Արտէմիսը, որ կը հրատարակուէր Գալուստեան Վարժարանի ուսուցչուհի- ներէն` Մառի Պէյլէրեանի կողմէ։ Սակայն բնաւ մեղադրելի չէ նորավարժ խմբա- գրուհին` իր սեռին վերազարթնումը բացայայտող փուլերուն անտեղեակ մնա- ցած ըլլալուն համար, երբ ԺԹ. դարու արեւմտահայ գրականութեան առաջին պատմագիրն ալ` իր քննական տեսութեան եւ ակնարկներուն մէջ չէ յիշատակած Օր. Էլպիս Կեսարացեանի ձեռնարկը, այլ միայն յիշած է` թէ «Հայ կինը տիկին Մարի Պէյլէրեանին նախաձեռնութեամբը իր առաջին «պաշտօնաթերթ»ը կ’ունե- նար` Արտէմիսը, Եգիպտոս»28։ Հայ խմբագրուհիներու կեանքն ու գործը ուսումնասիրող մը հետաքրքրուած է` թէ «ե՞րբ եղած է Հայուհիին գրական կեանքի վերազարթնումը»։ Բանասէրը այդ հարցադրումին կրցած է պատասխանել պրպտելով Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան անդուլ ճիգերով կազմուած հայ պարբերական մամուլի ամենա- ճոխ հաւաքածոները։ 1847 թուականէն սկսեալ` հետազօտողը նշմարած է «հայ իգական սեռի մէջ որոշ շարժում մը գրական կեանքի ասպարէզին վրայ», որ «մերթ հոն երեւան կ’ելլեն գրական ճաշակ ունեցող հայ տիկիններ ու օրիորդներ»։ Սակայն կատարուած փորձերը «ընդհանուր եւ համատարած շարժում» չի նկատեր։ «Հայուհիին գրական կեանքի զարթնումի իսկական թուական պէտք է որոնել, ըստ մեզ, 1860-ի շուրջ»29, կ’եզրակացնէ ուսումնասիրողը եւ կ’աւելցէ. 1860 թուականը կրնանք սկզբնակէտ նկատել Հայուհիին գրական գործունէութեան ընդհանուր շարժման։ Ստուգիւ ալ կը տեսնենք` որ 1860-ական թուականէն սկսած, Հայու- հին կ’աշխատակցի հայ մամուլին եւ կամ ինք կը փորձէ ձեռնամուխ ըլլալ հայերէն թերթ հրատարակելու30։ «Խելայեղ հայրենասեւեռումի օրերու» կը զուգադիպի Արաքսի հրատարա- կութիւնը։ Եգիպտահայ լրագրութեան իր մեծ նպաստը բերած հրապարակագիր մը` այդ օրերուն համար այսպէս կ’արտայայտուի. Ի՞նչ կերպարանք կը պարզէր Եգիպտահայը...։ Պիտի փափաքէի որ ուրիշ մը ուրուագծէր 133
հանրային-հոգեբանական այդ բնորոշ պատկերը, բայց ի՜նչ օգուտ որ այդ ուրիշը կը պակսի...31։ Որպէսզի վեց տասնամեակներու հեռաւորութենէն դիտելով` այսօր ճշգրտօ- րէն լուսաբանուինք «հանրային հոգեբանական» իրավիճակին մասին, իրատես հրապարակախօսին կատարած վերլուծումներէն` հարկ կը նկատենք ամփոփել քանի մը հատուածներ. Եւրոպական համաբախումին մէջ` իրաւասպան զոյգ պետութեանց կողքին, Թուրքիոյ դիւահար խիզախումը` Հայ Ազգը կը դնէր իր գոյութեան մեծագոյն ճգնաժամին առջեւ։ Արտասահմանի Հայութիւնը` բնականաբար պիտի անդոհուէր, շղթայափակ Հայրենիքին սպառնացող վտանգներու մղձաւանջէն, զանոնք կանխելու եւ դիմագրաւելու իր յանցա- պարտ անպատրաստութեան մէջ յանկարծակի եկած։ Եգիպտահայուն հոգեբանական պարագան, այս վերջին տեսակէտով, ամէնէն աւելի դառն ու հիասթափ բնոյթ մը պիտի ունենար32։ Ներքին ուծացումի ու տարամէտ հոսանքաւորումներու այս շրջանին` Եգիպտահայուն սթափումն ու զգայացնցումը շփոթ ու շուարուն նկարագիր մը ունեցան, քաղաքական հսկայ իրադարձութիւններու յեղակարծ ու հրամայական բռնադատումին տակ։ Անտարբեր հանդի- սատեսի կրաւորական դիրքին մէջ մնալ չէր ըլլար, երբ անդին ցեղին բախտն էր որ կը դրուէր ռազմի որոտով դղրդացող հայկական սահմանագլուխներու վրայ33։ Որքան ալ պատրանքի դառնագոյն բաժակներ պարպած, որքան ալ հմայաթափ ու սկեպտիկ դարձած ըլլար իր գոյութեան վերջին քսանամեակին, Մօտաւոր-Արեւելքի ամէնէն տեսլապաշտ ու քաղաքակիրթ ցեղը գիտէր թէ ինչ ահաւոր ու անվերջ մարտիրոսացում արժած էր իրեն Պիսմարքի բացած իրաւամերժ, ուժապաշտ ու շահամոլ դարագլուխը...34։ [Հ]արցը ո՛չ քաղաքական հաշիւի մը ձեւին տակ եւ ոչ ալ միջազգային բարոյական նախընտրութիւններու կամ համակրութիւններու տեսակէտէն էր որ կը ներկայանար մեզի, որպէսզի կախում ունենար մեր ազգովին հետեւելիք ուղեգիծն ամենանուազ վտանգաւոր ուղղութեամբ որոշել35։ Օսմանեան Սահմանադրութեան վերահաստատումէն ասդին` Հայոց հանդէպ «երիտա- սարդ-թուրք» քաղաքականութեան ուշադիր հետեւող ու իրազեկ ո՛չ մէկուն համար գաղտնիք մըն էր, թէ Իթթիհատը Սելանիկէն վճռած էր «հայկական հարցը» լուծել Հայերուն բնաջնջումովը, եւ թէ իր այս ծրագիրը գործադրութեան փառաւոր սկիզբ մը ունեցած էր արդէն 1909-ի կիլիկեան արհաւիրքներով։ Պալքանեան պատերազմին հետեւանքով Րումէլիի կորուստին վրայ` Անատոլուի «արեւելեան նահանգներուն» մէջ «հայկական րէֆորմներու» նուազագոյն ծրագրի մը հարկադրումը, եւ եւրոպացի երկու Ընդհանուր Քննիչներու` Հոֆ 134
եւ Վեսթենենկ պէյերու անուանումն ու առաքումը պէտք եղածէն շա՜տ աւելին էին Իթթիհատին կատաղութիւնը յորդեցնելու Հայութեան դէմ։ Թուրք այլամերժ ազգայնամո- լութիւնն` ակռաները կրճտեցնելով, պատեհ առիթին կը սպասէր, Հայուն արիւնով միան- գամընդմիշտ մաքրելու համար «հայկական րէֆորմներուն» հաշիւը։ Ու երազուած ու չգտնուած այդ առիթը` յանկարծ կու գար, կը մերկանար, իր անդիմադրելի հրապոյրներն ինքնամատոյց կը փռէր Իթթիհատի հայախանձ մոլուցքին առջեւ, համեւրոպական պոռթ- կումին առաջին վայրկեանէն իսկ...36։ [Կը խորհինք թէ բաւարարութեամբ նշուեցան այն շարժառիթները` որոնք եկան] թունդ հանելու համար եգիպտահայ հոգեկան լճացումը, եւ այս փաթամ գաղութը մղելու` պարագաներուն ծանրակշռութեան ու վճռականութեան համապատասխան, զգաստ, զոհաբեր ու տենդային գործունէութեան մը37։ «1900էն ետք երեւան եկած հայ արուեստագէտ գրողներու կողմէ հիմնուած կամ հովանաւորուած» եգիպտահայ թերթերու մասին թռուցիկ տեսութեան մը մէջ, այս ժամանակահատուածին համար «արուեստագէտ սերունդի շրջան» բնոմոշումը եղած է38։ Բայց, կարելի չէ հաստատել` թէ այդ սերունդին գրողները կամ հրապարակագիրները դրապէս ներգործած ըլլան Արաքսի աշխատակից- ներուն աշխարհայեացքին եւ գեղագիտական ճաշակին ձեւաւորումին վրայ։ Սակայն, պէտք է ընդունիլ, որ գրասէր եւ գեղարուեստասէր հայուհիներու մեծա- գոյն արժանիքը` ճակատագրական այդ օրերուն համար, լաւատեսութեամբ տոգորուած ըլլալն է։ Արաքս կիսամսեայ հանդէսին հրատարակութիւնը անծանօթ մնացած է հայ պարբերական մամուլի, ինչպէս եւ եգիպտահայ լրագրութեան մատենագի- տութիւն կազմողներուն։ Տակաւին երկար ժամանակ կրնայինք անտեղեակ ըլլալ Արաքսի գոյութեան, եթէ մեր գաղութին ամենաճոխ անձնական արխիւին մէջ չպարզուէր հաճելի անակնկալը...։ Հայ անցեալ կեանքի հետքերը քրքրելու մեր ճիգերուն իրազեկ` Մօ. Եդուարդ Յակոբեան յօժարակամ մեզի տրամադրեց առ այժմ հանդէսին միակ օրինակը նկատուող համարը, որուն համար հրապա- րակով շնորհակալութիւն յայտնուելուն` կը խնդրենք իր ներողամտութիւնը։ Անտարակոյս` իր ժամանակի չափանիշով, «տենդային գործունէութեան» վկայութիւն մըն է Աղեքսանդրիոյ Հայուհեացին գրական այս ձեռնարկը, որ իրագործուած է շատ սահմանափակ հնարաւորութիւններով։ Արաքսի առաջին եւ հաւանաբար միակ համարը լոյս տեսած է Աղեք- սանդրիա` 25 Օգոստոս 1916-ին։ Վիմատիպ այս հանդէսը` 21.7x33 սմ. ծաւալով, պատրաստուած է բաւական համբակ գեղագիրի մը կողմէ։ Հայ լրագրութեան ապագայ պատմաբանին օգտակար ատաղձ հայթայթելու մտադրութեամբ` կը ներկայացնենք Արաքսի բովանդակութենէն ընդարձակ հատուածներ, 135
սրբագրելով «ժամանակի սղութեան պատճառով սպրդած քանի մը սխալներ», որոնց համար խմբագրութիւնը խոստացած է յաջորդին «անոնց կրկնութենէն խուսափիլ»39։ Անուանաթերթը` ԱՐԱՔՍ Կիսամսեայ Հանդէս Գեղարուեստա կան եւ Տնտեսագիտական Հրատարակութիւն Հայուհեաց Գրասէր ու Գեղարուեստասէր Միութեան Առաջին Տարի Թիւ 1 Բովանդակութիւն Նպատակ եւ ուղղութիւն Խմբագրական Տերեւաթափը Օր. Եւտոք Թուլումճեան Աւերակներու մէջ (ոտանաւոր) Լիլա Ալիքներու մրմունջը Օր. Մարի Նալչաճեան Կինը Կ-Բ. Նամակ Տիկին Մաքրուհի Յ. Վարպետ Մեռնողներու ետեւէն Օր. Վարսենիկ Վարդերեսեան Կարեւոր գիտելիք Ծանօթութիւն Աղեքսանդրիա 25 Օգոստ. 1916 ՆՊԱՏԱԿ ԵՒ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ Մեր մէջ թէեւ կէս դարէ իվեր իգական սեռի դաստիարակութեան զարկ տալ սկսուած ու այդ նպատակով ալ վարժարաններ բացուած են այլ եւ այլ վայրերու մէջ, սակայն դժբախտաբար ցարդ ակնկալուած արդիւնքը ձեռք բերուած չէ եւ կամ օր ըստ օրէ ծաւալումի եւ յառաջդիմելու պէտքը ա՛լ աւելի շեշտուած է, այնպէս որ այսօր իգական սեռի դաստիարակութիւնը այր մարդոց դաստիարա- կութեան չափ կարեւոր եւ անհրաժեշտ դարձած է բոլոր զարգացեալ ազգերու համար եւ ամենուրեք։ 136
²ñ³ùë ÏÇë³Ùë»³Û Ñ³Ý¹¿ëÇÝ ³Ýáõ³Ý³Ã»ñÃÁ 137
Կարի մխիթարական է տեսնել` որ իգական սեռը իր վերազարթնումի օրէն սկսեալ գիտցած է, իր կարողութեան ներած չափով, օժանդակութիւնն ու մաս- նակցութիւնը բերել շատ մը բարեգործական ու մարդասիրական ձեռնարկներու մերթ այր մարդոց հետ զոյգ ընթացաբար եւ մերթ առանձինն ու անջատ գործելով։ Կ. Պոլսոյ մէջ Հայ Տիկիններէ եւ Օրիորդներէ կազմուած Հայուհեաց եւ Դպրո- ցասէր Տիկնանց Ընկերութիւնները իրենց բացած աղջկանց վարժարաններով քիչ ծառայութիւն չեն մատուցած իգական սեռի դաստիարակութեան եւ զարգացման գործին. եւ այսօր, թէեւ սակաւաթիւ, սակայն մեր սեռին ու ազգին պատիւ բերող գրագիտուհիներ ու բանաստեղծուհիներ ունինք, նոյնիսկ եւրոպացիներէն գնա- հատուած (էջ 1)։ Այս ամենուն հետ միակ կարեւոր կէտը որ անտեսուած է, ցարդ իգական սեռի յատուկ թերթի մը չգոյութիւնն է եղած։ Թէեւ ժամանակին Պոլսոյ Ծաղիկը ունե- ցանք, սակայն այն ալ ծաղիկի մը չափ ապրեցաւ առանց ծլարձակելու։ Եւ արդ, ուրախ ենք որ Հայուհեաց Գրասէր ու Գեղարուեստասէր Միութիւնը իր հիմնած դասախօսութեանց շարքերէն զատ այս կարեւորագոյն թերին եւս լրացնելու նախաձեռնարկ կ’ըլլայ, հրատարակելով Արաքսը` նուիրուած միայն իգական սեռի յառաջդիմութեան ու զարգացման, եւ այժմէն կը յուսայ թէ ո՛չ միայն մեր քոյրերը պարտք պիտի համարին քաջալերել իր այս ձեռնարկը, այլ եւ մեր հայրերն ու եղբայրներն ալ տեսնելով` թէ ինչ բարերար յեղաշրջում կարելի է սպասել մամուլէն ու զարգացումէն, եւ որպիսի բարեշրջում առաջ կը բերեն անոնք փափուկ սեռի սրտին ու մտքին մէջ եւ վարք ու բարքին վրայ։ Նպատակ. – Արաքսի նպատակն է ծառայել ՀԱՅՈՒՀԵԱՑ ԳՐԱԿ. – ԳԵՂ. ՄԻՈՒԹԵԱՆ ընդգրկած ուղղութեան, այսինքն, տարածել ընթերցանութեան սէրը հայուհիներու մէջ եւ սատարել անոնց մտաւոր զարգացման ու յառաջդիմութեան գործին։ Քաջալերել սկսնակ գրագիտուհիները Արաքսի մէջ ամփոփելով իրենց գրութիւնները նոյնութեամբ կամ ի հարկին փոքր ինչ փոփոխութեամբ։ Այս կերպով կը յուսայ վարժեցնել զանոնք աստիճանաբար դէպի լաւագոյնն ու կատարեալը։ Ուղղութիւն. – Արաքս երբեք չէ ու չըպիտի ըլլայ Ազգ. եւ Քաղաք. կուսակցու- թեան մը օրկանը, եւ այս իսկ պատճառաւ ալ միշտ իր սիւնակները գոց պիտի պահէ այդ նպատակը շօշափող խնդիրներու շուրջ։ Պիտի պարունակէ Դասական, Գրական, Գեղարուեստական եւ Տնտեսագի- տական յօդուածներ ու մանրավէպեր, միշտ նախապատուութիւն տալով իգա- կան սեռի գրողներուն եւ անոր զարգացման սատարող գրութիւններուն։ Արդ վստահ ըլլալով որ այս նպատակով եւ ուղղութեամբ գործելով պիտի յաջողինք օր մը կինը իր արժանավայել դիրքին տիրացած տեսնել, կը նուիրուինք այս կարեւոր ձեռնարկին (էջ 2)։ 138
ՏԵՐԵՒԱԹԱՓԸ. – «Սենեակին առանձութեան մէջ» ծրարուած` «Եւտոք Թուլումճեան կը մտածէ «հեռո՜ւն... հայրենի հորիզոններուն տակ մահուան խորշակէն զարնուած բիւրաւոր եղբայրներու, քոյրերու, հայրերու ու մայրերու վրայ, որոնք ցեղին մեծ ծառին վրայէն կ’իյնան...»։ Մութ է արդէն շուրջս, ձայն չկայ։ Պատուհանիս առջեւ անշարժ` գիշերին մէջ երկարող ծառերը կը դիտեմ ու տերեւները` որ կ’իյնան դեռ...։ Ալ չեմ յուզուիր անոնց վրայ ու արցունք մը չը կախուիր թարթիչներէս վար, զի Աշունէն վերջ ձմեռուան քունը կայ, որուն մէջ գարունը կը ծլի...։ Գարնան հետ` ինկող տերեւները դարձեալ պիտի գան մեր ծառերը գարդարել, մինչ հեռուն ու մեր շուրջը այսօր սա տերեւներուն հետ ինկող մարդկային կեանքերը վերադարձ չունին...։ Ու ահա ես անոնց վրայ կու լամ դառնօրէն (էջ 3, վերջին մասը)։ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ. – Լիլա կը բանաստեղծէ` Ես ալ այնտեղ ուրուական մ’եմ Լքուած, մոլար, դալկահար Կու լամ, կ’երգեմ ու կ’սպասեմ Արշալոյսի մ’արփավառ։ (էջ 4, 10րդ` վերջին տունը )։ ԱԼԻՔՆԵՐՈՒ ՄՐՄՈՒՆՋԸ. – Մարի Նալչաճեանի բարառնութենէն` ... կռունկները ա՛լ չեն գար Տաւրոսէն կամ Սիփանէն... Սիհունի ափերէն մեզ խապրիկ մը բերելու. մթնոլորտը չի շարժիր եւ օդի հոսանք մը չի թրթռար, որուն մէջ բաղձայի լսել հայրենի զեփիւռին ցաւոտ մրմունջը... (էջ 4-5)։ ... Լուր մը. ու ալիքները գիշերին մէջ աւելի համարձակ, աւելի յստակ կու գան կ’իյնան աւազին վրայ, երկար երկար մրմնջելով ցաւագին...։ Անոնց մրմունջին մէջ աղէտին եղերավէպը կայ։ Մտիկ կ’ընեմ. փոքրիկ ալիք մը կու գայ։ – «Ես մանկան մը դիակը գրկեցի, հոն ձեր հայրենի ափերուն մօտ. անոր վէրքերը լուացի եւ իմ շրթներուս զովութիւնը անոր շրթունքին վրայ պտտցուցի, բայց ան հեռացաւ ինձմէ, աւելի զօրաւոր ալիքի յանձնուած...»։ Ուրիշ ալիք մը. – «Մայր մը ինկաւ կուրծքիս վրայ... ես գրկեցի զայն. իր զաւակը դեռ կը ճուար գրկին մէջ. լռէ, – ըսի – թշնամիները կը լսեն, լռէ՛ կը մատնուիս...։ Բայց ան լացաւ..., ու նաւակի մը մէջ... գազանի դէմքով մարդիկ եկան խլել իմ պաշտպանեալս իմ գրկէս»։ Ուրիշ ալիք մ’ալ. – «Սեւ ծովու խորքէն փրթած Կիլիկիոյ ափերը այցելելէն կու գամ... դիակներ, դիակներ. արիւն արցունք կայ ծոցիս մէջ... սիրտս լեցուն է անհուն ցաւերով. կուրծքս ուռած է յուզումով, մի խօսեցներ զիս...»։ ... Խոշոր ալիք մը ուժգնօրէն կու գայ բաղխիլ եզերքին... ես անոր մռմռացող ձայնին մէջէն կը լսեմ սա խօսքերը (էջ 5). «Կոտորա՜ծ, աւերա՜կ, եւ արիւն... բայց 139
հեռացիր ասկէ...։ Մի սգար...։ Արշալոյսը մօտ է, Կիլիկիոյ աղջիկ, թշուառ հեգ որբ. հեռացիր ասկէ եւ ըսէ տենչացող ու տառապողներուն թէ Արշալոյսին կ’ընկե- րանայ Յաղթանակն ու Ազատութիւնը» (էջ 6)։ ԿԻՆԸ. – Կ-Բ. շատ ամփոփ եւ իմաստալից ներկայացուցած է կին «առեղծուածը» (էջ 6)։ ՆԱՄԱԿ. – Մաքրուհի Յ. Վարպետեան` ընդունելով իրեն ուղղուած աշխա- տակցութեան հրաւէրը, կը գրէ. «Սրտի անհուն ցնծութեամբ կու գամ շնորհաւո- րել Միութեան այդ յոյժ կարեւոր ու Եգիպտոսի համար աննախընթաց որոշումը եւ անհամբեր կը սպասեմ իրագործումին։ Վսեմ նպատակ եւ օգտակար ձեռնարկ, որ կը ձգտի իգական սեռը բարձրացնել եւ մարդկութեան մէջ տալ անոր իր արժանավայել դիրքը։ Իրաւի՜, մեր սեռը դեռ շատ պէտք ունի ուսանելու, որպէս զի կարենայ ճանչնալ ու կատարել իր պարտականութիւնները, որոնք այնքան բազմաճիւղ են եւ հոգածութեան կարօտ» (էջ 6)։ ՄԵՌՆՈՂՆԵՐՈՒ ԵՏԵՒԷՆ. – Վարսենիկ Վարդերեսեան` աննկուն հայուհի մը, կը խորհրդածէ. Օր մը` սա ճամբաներուն երկայնքն ի վար, ես դիտեցի զանոնք որ կ’անցնէին շարան շարան եւ ռազմադղորդ քայլերով, Անցքը Յաղթանակին անցքն էր ժպտալի ու խրոխտ։ Մարդկային հեղեղ մը` որ կը վազէր։ Պարմանիներ սեւա- գանգուր, հրաչուի, եւ ծերեր իրենց ճերմակ մազերուն տակ հսկայի պէս ծառա- ցած, հայ կոյսեր, մաքրասարսուռ երազկոտ, դրօշակներ են դարձեր։ Դէպի ո՞ւր... զուարճութեան ո՞ր ափերը. անմահական ո՞ր դալարիքներու մէջ դդջող աղբիւրներու քով` դիւրին վաստկուած յաղթանակներ տօնելու. ընկեր- նե՜ր, ընկերուհինե՜ր, ծերուկ հայրե՜ր ու մայրե՜ր... Ու ծփանուտ ամբոխը «Դէպի հայրենի երկի՜ր, դէպի Հայաստա՜ն» մռնչեց որոտագին։ Հայրենի երկի՜ր...։ Բոց ու հրդեհ, արիւն ու դիակ, եւ գազանային զարհու- րանք... Հայաստան` որուն ծոցին մէջ տիեզերքի ամենամեծ ու սոսկալի եղեռնը դարբնուեցաւ, ուր դժոխքին դեւեր իրենց աչքերը գոցեցին, խուժդուժ մարդը ոճիրին մէջ տեսնելով, ուր ջուրերը արիւն հոսեցին եւ գետերը դիակ, հոն հողը մերժեց իր կուրծքին վրայ ինկողներուն տեղ տալ, ուր վերջապէս, քաջե՜ր, ձեր ցեղը խողխողուեցաւ...։ Անոնց վրէժը մեզ կանչ է... կռի՜ւ...։ Ու սուրերը շողացին, հրացանները մխացին եւ կուրծքերը վահանացած յառաջ քալեցին, եւ ես անոնց անցքը դիտեցի շարան շարան, ռազմատրոփ քայլերով... դէպի սահմանները հայրենի։ *** 140
Գիշերին մէջէն... փողերու ձայներ կ’առնեմ... որոտում, աղաղակ, հաւար... կռիւն է. շարքերը կը նօսրանան, դիակները կը դիզուին, արիւնը կը յորդի. բայց հերոսներու կատաղանքը երկիրը կը դողացնէ։ Օրհասներու հառաչին խառնը- ւած վրէժի երգը կը լսեմ... կ’երկաթանան, հոգիները կը հսկայանան եւ Յաղթա- նակին հաւատքը ինկողներու արիւնին մէջ մկրտուած` ամեհօրէն կը կանգնի։ Յառա՛ջ, ո՜վ իմ դիւցազնական եղբայրներս. Յառա՜ջ, ահա թշնամիին հոծ զանգուածը կը սասանի եւ վհատութիւնը զանոնք իրենց սրտէն կը զարնէ, աչքերը դէպի ետ կը նային (էջ 7)։ Զարկէ՛ք` խուճապը մօտ է, վատերու բանակ- ները արիւնի կարմիրէն վախցած` ձեռքերնին վեր կը վերցնեն։ Զարկէ՛ք, մի՛ խնայէք, գթութիւն չկայ, անոնք չխնայեցին մեզ, չգթացին։ Զար- կէ՛ք, հայ քաջե՜ր, հայրենիքը զայդ կը պահանջէ, անոր կողերը զրահապատող յաւիտենական ապառաժները զայդ կը հրամայեն։ Զարկէ՛ք, շունչ չի մնայ թող, եւ ոչ ստուեր մը թուրք յիշատակը կրող...։ Զարկէ՛ք, ատելութիւնը սուրբ է, ներու- մը տկար հոգիներու ախտը։ Զարկէ՛ք քաջե՜ր, ձեր մահացնող բազուկներուն ես ղուրպան (էջ 8)։ ԿԱՐԵՒՈՐ ԳԻՏԵԼԻՔ. – Թուղթի կտոր մը չվառելու կերպ։ Ձմրան ընթացքին թարմ ծաղիկներ ունենալու մասին թելադրութիւններ։ *** Հայուհեաց Գր. – Գեղարուեստասէր Միութիւնը իր իսկական նպատակը իրագործելու համար առաջին քայլերուն իսկ նիւթական ու բարոյական մեծկակ զոհողութեան դիմագրաւելով, հաստատած է հայ. ֆրանս. անգղիերէն, ձեռագործ եւ գծագրութեան դասընթացքներ որ կ’աւանդուին կարող մասնագէտներու կողմէ, անխտիր իգական սեռի բոլոր փափաքողաց ձրիապէս։ *** Յաջորդ թուով պիտի սկսինք հրատարակել մեր տաղանդաւոր աշխատակ- ցուհի Լիլայի մէկ նորավէպը` Բամբ որոտան (էջ 8)։ Կողքին կռնակը` Գին 1 Եգ. Ողջ Հասցէ Rédaction du journal arménien «Arax» Rue Mahmoud Pacha Falaki No. 3 Alexandrie (Egypte) *** 141
Վեց տասնամեակէ ի վեր` թէկուզ նոյնքան համեստ, Արաքսի նման գրական ճիգ մը չենք նկատած եգիպտաբնակ ուսումնական հայուհիներուն մօտ։ Աղեքսանդրիոյ Հայուհեացին նախաձեռնութիւնը` եզական երեւոյթ մը կը մնայ այդ մարզին մէջ։ Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 4 Փետրուար 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.893 6 Փետրուար 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.894 7 Փետրուար 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.895 8 Փետրուար 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.896 9 Փետրուար 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.897 10 Փետրուար 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.898 11 Փետրուար 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.899 13 Փետրուար 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.900 14 Փետրուար 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.901 15 Փետրուար 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.902 ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 1. Հ. Ե. Պօղոսեան, «Պատմութիւն հայ մշակութային ընկերութիւններու», Հանդէս ամսօրեայ, 1951, թիւ 11-12, էջ 538։ 2. Նոյն տեղը, էջ 537։ 3. Հ. Եփրեմ Վ. Պօղոսեան, Հայ խմբագրուհիներ. ուսումնասիրութիւն իրենց կեանքի եւ գործի մասին, Վիեննա, 1953, էջ 7-8։ 4. Հ. Եփրեմ Պօղոսեան, «Եգիպտահայ մշակութային ընկերութիւնները», Ուսումնա- րան տարեգիրք, Գահիրէ, 1959-1960, Գ. տարի, էջ 18։ 5. Հ. Ե. Պօղոսեան, «Պատմութիւն հայ մշակութային ընկերութիւններու», էջ 538։ 6. Հ. Եփրեմ Պօղոսեան, «Եգիպտահայ մշակութային ընկերութիւնները», էջ 24։ 7. Նոյն տեղը, էջ 24։ 8. Նոյն տեղը, էջ 25։ 9. Արեւ, 27 Մարտ 1916։ 10. Արեւ, 24 Սեպտեմբեր 1915։ 11. Արեւ, 17 Սեպտեմբեր 1915։ 12. Արեւ, 7 Փետրուար 1916։ 13. Արեւ, 11 Փետրուար 1916։ 14. «Տիգրան Երկաթ» Հայ Մշակ. Միութիւն. Ոսկեմատեան-Յիշատակարան, Աղեք- սանդրիա, 1902-1952, էջ 29-30։ 15. Նոյն տեղը, էջ 30։ 16. Արեւ, 27 Մարտ 1916։ 17. Արեւ, 27 Մարտ 1916։ 142
18. Արեւ, 30 Հոկտեմբեր 1916։ 19. Արեւ, 3 Յուլիս 1916։ 20. Արեւ, 12 Յուլիս 1916։ 21. Արեւ, 5 Նոյեմբեր 1916։ 22. Արեւ, 1 Յունուար 1917։ 23. Արեւ, 2 Փետրուար 1917։ 24. Հ. Ե. Պօղոսեան, «Պատմութիւն հայ մշակութային ընկերութիւններու», էջ 543։ 25. Նոյն տեղը, էջ 540։ 26. Նոյն տեղը։ 27. Արաքս, Ա. տարի, թիւ 1, էջ 2։ 28. Արփիար Արփիարեան, Պատմութիւն ԺԹ. դարու Թուրքիոյ հայոց գրականու- թեան, Գահիրէ, 1943, էջ 188։ 29. Հ. Եփրեմ Վ. Պօղոսեան, Հայ խմբագրուհիներ, էջ 6-7։ 30. Նոյն տեղը, էջ 9։ 31. Սուրէն Պարթեւեան, «Եգիպտահայ տարին», Եգիպտահայ տարեցոյցը, Գահիրէ 1916, Գ. տարի, էջ 10։ 32. Նոյն տեղը, էջ 5։ 33. Նոյն տեղը, էջ 6։ 34. Նոյն տեղը, էջ 7։ 35. Նոյն տեղը, էջ 7-9։ 36. Նոյն տեղը, էջ 9։ 37. Նոյն տեղը, էջ 11։ 38. Հ. Ժ., «Եգիպտահայ մամուլը արուեստագէտ սերունդի շրջանին», Ջահակիր, 19 Դեկտեմբեր 1963։ 39. Արաքս, Ա. տարի, թիւ 1, էջ 8։ 143
ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻ ԳԻՏԱԿԱՆ ՔԵՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ՔՌՆԵՑԻ Ա. Հայ քերականական միտքի զարգացումի ընթացքին պարբերացումը` ժամա- նակակից լեզուաբանութեան հեղինակաւոր դէմքերէն ակադեմիկոս Գէորգ Ջահուկեանի ուսումնասիրութեամբ, կը ներկայացնէր հետեւեալ պատկերը. Առաջին շրջան` յունատիպ քերականութիւններ, որոնք սկիզբ առած են Ե. դարուն` Դիոնիսիոս Թրակացիի Արուեստ քերականի թարգմանութեամբ եւ անոր հայ մեկնիչներու երկերով. այս երկարատեւ ժամանակաշրջանը շարու- նակուած է մինչեւ ԺԷ. դարու վերջերը։ Երկրորդ շրջան` լատինատիպ քերականութիւններ, որոնք սկսած են երկա- սիրուիլ ԺԷ. դարու սկիզբէն մինչեւ ԺԸ. դարու երկրորդ քառորդը։ Երրորդ շրջան` ինքնատիպ քերականութիւններ, որոնք հեղինակուած են ԺԸ. դարու վերջին քառորդէն սկսելով եւ կը հասնին մինչեւ մեր օրերը։ Հ. Աճառեանի անուան Լեզուի Ինստիտուտի տնօրէնին քերականագիտական բազմամեայ հետազօտութիւններուն գիտական արդիւնքները ամփոփող այս պարբերացումը` հիմնական գիծերուն մէջ ճիշտ պատկերացում տալով հան- դերձ, «իր որոշ հատուածներում (մասնաւորապէս ենթաշրջանների բնորոշման մասերում) կարիք է զգում բարեշտկումների», կը նկատէ ակադեմիկոս Լեւոն Խաչիկեանը` նոյն բնագաւառին մէջ կատարուած անդրագոյն ուսումնասիրու- թեամբ մը1։ «Հարկ է նախ նշել, – կը յայտնէ մեծարգոյ ակադեմիկոսը, – որ վերոյիշեալ երեք շրջանները` գիտելիքների այդ բնագաւառի օրինաչափ զարգացման ար- դիւնք լինելով հանդերձ, միշտ չէ, որ յաջորդել են միմեանց` որպէս ընդհանուր շղթայի իրար կապող օղակներ, մէկի վախճանով պայմանաւորուելով միւսի սկիզբը»։ «Տուեալները վկայում են, – կը հիմնաւորէ իր տեսակէտը երախտաշատ գիտ- նականը, – որ առանձին ժամանակահատուածներում կեանքի են կոչուել ու զուգահեռաբար գոյատեւել տարբեր ուղղութիւնների պատկանող քերականագի- տական երկեր, որոնց հեղինակները յաճախ բախուել են միմեանց` կանգնած 144
լինելով գաղափարական տարբեր դիրքերի վրայ եւ առաջնորդուելով գիտական տարբեր սկզբունքներով»։ Հայ քերականագիտութեան պատմութեան մասին գրուած աշխատութիւննե- րուն մէջ` այս եւ յարակից հարցերու դեռ բաւարար ծաւալով եւ խորութեամբ ուսումնասիրուած չըլլալը, ակադեմիկոս Խաչիկեան կը բացատրէ այն իրողու- թեամբ` որ տակաւին գիտական շրջանառութեան մէջ չեն դրուած կարեւոր նշանակութիւն ունեցող որոշ սկզբնաղբիւրներ, ինչպէս նաեւ մենագրական ուսումնասիրութիւններ չեն կատարուած միջին դարերու ուշ շրջանի այն քերականագէտներուն մասին` որոնք նոր ուղիներ որոնած են հայ քերականու- թեան յետագայ զարգացումին համար։ Միջնադարեան այդ հեղինակներէն մէկն է Յովհաննէս վարդապետ Քռնեցին, որուն Համառօտ հաւաքումն յաղագս քերականին աշխատութիւնը` դարաւոր անտեսումէ ետք, գիտական պատուանդանի վրայ կը հաստատուի եւ մասնա- գէտներու ուշադրութեան կը յանձնուի Լ. Ս. Խաչիկեանի2 եւ Ս. Ա. Աւագեանի3 հոգածութեամբ։ *** Յովհաննէս Քռնեցիի համառօտ հաւաքումը` «որու հայ քերականագիտական միտքը մի նոր առաջընթաց քայլ կատարեց հայերէնի ինքնուրոյն գիտական նկարագրութեան ճանապարհին», երկասիրուած է դաւանական հակամարտու- թիւններու եւ ազգային երկպառակութեան տասնամեակներ տեւող ժամանակա- շրջանի մը որուն մասին ընդհանրապէս խիստ ոճով արտայայտուած են հեղի- նակութիւն վայելող ուսումնասէրները։ Անտարակոյս, անոնց վկայութիւններով ընդելուզուած պատմական համայնապատկեր մը` պիտի թարմացնէ մեր ընթերցողներուն ծանօթութիւնները տուեալ դարաշրջանի քաղաքական եւ կրօնական իրադարձութիւններուն մասին։ Լատինականութիւնը` Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան մէջ տարած- ւելուն մեծ միջնորդը, կ’ըլլան Ֆրանչիսկեան կրօնաւորները, որոնք արքունիքին մէջ պաշտօն ստանձնելով` եւ միաժամանակ օգտուելով լատին իշխանական ընտանիքներու հետ հաստատուած խնամութիւններէն, լատինասիրութիւնը հետզհետէ կ’աճեցնեն պալատական շրջանակին, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին մէջ` «վերջէն ուղղակի հայ եկեղեցիին մէջ մտնելու համար»4։ Արդի պատմագիտութեան տուած բացատրութիւնը` աւելի կը յստակացնէ նոյն իրողութիւնը։ Մինչեւ ԺԳ. դարու երկրորդ տասնամեակին վերջերը` Մեր- ձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ կաթողիկէ եկեղեցիին ծաւալած քարոզչական աշխատանքին հիմնական ծանրութիւնը ինկած էր վերոյիշեալ միաբանութեան անդամներուն վրայ։ Ֆրանչիսկեան միաբանները կը յատնուէին եւ յենակներ կը 145
ստեղծէին միջազգային տարանցիկ առեւտուրի հիմնական մայրուղիներու վրայ գտնուող այն վայրերուն մէջ` որոնք նշանակալից դեր կը կատարէին որպէս ապրանքափոխանակութեան կեդրոններ եւ կարաւանային երթեւեկի կանգառ- ներ։ Այդ պատճառով ալ` անոնց կը յարէին հասարակական այն շերտերը, որոնք ներգրաւուած ըլլալով միջազգային առեւտուրին մէջ, անմիջական շահ ունէին եւրոպական պետութիւններու հետ տնտեսական եւ քաղաքական կապերու ամրապնդումէն։ Այսպէս` Կիլիկեան Հայաստանի աշխարհիկ եւ հոգեւոր աւատատէրերէն շատերը իրենց ազդեցութեան տակ առնելէ ետք, Ֆրանչիսկեանները դէպի արեւելք շարժելով, քայլ առ քայլ կը ներթափանցեն եւ նոր յենակէտեր կը ստեղ- ծեն Հայաստանի առեւտրա-արհեստագործական նշանաւոր կեդրոններու, ինչպէս նաեւ Անդրկովկասի եւ Իրանի հայաշատ քաղաքներուն մէջ5։ Դոմինիկեան միաբաններն ալ կը սկսին դէպի Հայաստան ուղղել իրենց կրօնական արշաւանքը, մինչեւ որ 1318 թ. պապական կոնդակով մը, լատին արքեպիսկոպոս մը կը հաստատուի Արեւելեան գաւառներուն մէջ` վեց ենթարկեալ եպիսկոպոսներով, որոնցմէ Մարաղայի եպիսկոպոսը` Բարթուղի- մէոս Պոլոնիացին կամ Բոտիոցին կ’ըլլայ գլխաւոր գործիչը, որուն միջոցով կը սկսի Հայաստանի Ունիթորներու կամ Միաբանողներու գործունէութիւնը6։ Այդ միաբանութեան հիմնադիրը կ’ըլլայ Յովհաննէս վրդ. Քռնեցին` «որուն նպատակն էր կենդանացնել նախնեաց կաթողիկէ հաւատքը Հռոմի հետ միանա- լով»7։ Նորակազմ միաբանութիւնը` զինուած «շարք մը պիտակ հեղինակութիւն- ներով եւ իմաստակ պատճառաբանութիւններով», կը ձեռնարկէ բուռն գործունէ- ութեան` «անարգելով ինչ որ հայածէս սովորութիւն էր, մոլորութիւն համարելով` ինչ որ հայադաւան վարդապետութիւն էր, մինչեւ իսկ անվաւեր ու չեղեալ նկատելով ինչ որ Հայ եկեղեցիէն պաշտուած խորհուրդ էր։ Բարթուղիմէոս եղաւ այդ սկզբունքներուն հիմնադիրը8։ Ահա թէ ինչու կ’ընդունուի նաեւ` որ «անուրա- նալի են գործուած սխալները»9։ Լատին եկեղեցիին մերձենալու ջատագովները, Կիլիկիոյ մէջ` թագաւորը եւ կաթողիկոսը, Մեծ Հայքի մէջ` Արտազի եպիսկոպոսը «դաւանաբանական եւ ծիսական տարբերութիւնները վերացնելու իրենց պահանջը հիմնաւորում էին տեսական այն դրոյթով, որ իբր հայոց եկեղեցին ի սկզբանէ անտի կաթոլիկ եկեղեցու մասն է կազմել, ուստի յետագայում առաջացած տարբերութիւնները վերացնելով` եկեղեցին վերականգնում է իր անաղարտ վիճակը։ Սակայն, ընդու- նելով Հռոմի պապի գերիշխանութիւնը` լատինամէտ հայ գործիչները հեռու էին այն մտքից, թէ այդ քայլերով ոտք են դնում ինքնալուծարքի ճանապարհի վրայ»10։ [Բազմերախտ եւ երանաշնորհ հայոց վարդապետները`] որոնց համար նուիրա- կան էր իրենց հայադաւան ու հայածէս եկեղեցին եւ խիղճի պարտաւորութիւն կը զգային 146
անոր պաշտպանութեան աշխատիլ, կարեւոր տեսան հակառակորդներուն աղբիւրները ճանչնալ, անոնց լեզուին հմտանալ, անոնց գիրքերուն ծանօթանալ, անոնց պատճառաբա- նելու ձեւերը որդեգրել, որպէսզի կարենան հաւասար զէնքերով անոնց դէմ պայքարիլ։ Այս կերպը ոմանց համար իբրեւ ազդու միջոց կը ծառայէր իրենց վարդապետութիւնը, ծէսն ու կանոնները հակառակորդներուն զրաբանութեանց դէմ պաշտպանելու, բայց ոմանց ալ գայթակղութեան առիթ կ’ըլլար, արուեստակեալ ձեւերէն հրապուրուելով ունիթորներու կողմը անցնելու, եւ իրենց օրինակով` ժողովուրդն ալ գայթակղեցնելու11։ Ընդարձակելով իրենց ազդեցութիւնը` դոմինիկեանները «օտար լեզուի հետ Արեւելքի անծանօթ դպրոցական ուսմանց ասպարէզը կը բանային հայերուն առջեւ, եւ ատոնք ալ իրենց բնական անյագ տենչանքով` համարձակ կը մտնէին որեւէ զարգացման օգնող դուռնէն ներս, նոյն իսկ շատ անգամ առանց դիտելու` թէ ուր պիտի տանէր զիրենք ընդգրկած ճամբանին»12։ Վայոց ձոր գաւառի Գլաձոր անուանեալ գերահռչակ ուխտին երջանիկ վարդապետը Եսայի Նշեցին, որ մեծ համբաւ ստացած էր իբրեւ վարդապետաց վարդապետ, 1328 թ., իր ձեռնասուններէն Քռնեցի Յովհաննէս վարդապետին կը յանձնարարէ երթալ Մարաղայի Բարթուղիմէոս եպիսկոպոսին մօտ` պարզելու համար, թէ «որպիսի իցէ վարդապետութիւն նորին»։ Պատմական իրողութիւնը հարազատօրէն իմանալու համար, թողունք որ Յովհաննէս Քռնեցի ինք պատմէ իր վարդապետական կեանքին գլխաւոր դրուագները` մասնաւորաբար Մարաղա կատարած առաքելութիւնը եւ յետա- գային հիմնած դպրոցին մանրամասնութիւնները13. Ես` Յովհաննէս Քռնեցի, ուսած ըլլալով Հայաստանի շատ նշանաւոր Եսայի մեծ Վարդա- պետին դպրոցը, իր ձեռքէն գաւազան ստանալէ ետք, լսեցի հայ ազգին անթիւ սխալներու մէջ մխրճուած ըլլալուն մասին։ Անդադար խոկացի անոնց մասին, որովհետեւ մեծ փափաքով մը բոցավառ` կ’ուզէի իրական փրկութեան դարձած տեսնել ազգն։ Նպատակս իրագործելու համար, Հռոմի սուրբ եկեղեցիին միանալու փափաքը յղացայ` լատիններու օգնութիւնը հայցելով։ Առանց յապաղելու սկսայ փնտռել առաքելական քարոզիչներէն մէկը։ Դիպուածով հասայ Մարաղա քաղաքը` Դաւրէժ մեծ քաղաքէն 36 ասպարէզ հեռու։ Հոն հասնելով` գտայ Սուրբ Դոմինիկոսի կարգէն Տէր Բարթուղիմէոսը, խոհեմ եւ սրբութեամբ լի մարդ մը. իմաստութեան այս աղբիւրէն իբրեւ պապակած եղջերու մը յագեցայ, մէկուկէս տարի մնալով անոր մօտ։ Պարսիկ թարգմանի մը միջոցով` նոյն ժամանակամիջոցին, մենք լատիներէնէ հայերէնի թարգմանեցինք Եօթը խորհուրդներու գիրքը14 եւ ուրիշ շատ գիրքեր։ Այս բոլորէն վերջ, աւելի խոր համոզում գոյացնելով` վճռեցի վերջնականապէս յարիլ հռոմէական սուրբ եկեղեցիին։ Սակայն հոգիս կը կսկծար տակաւին, որովհետեւ կը գիտակցէի` թէ ոչ միայն անձիս փրկութեան պատասխանատու էի, այլ նաեւ բոլոր մերին- ներուն։ Ասոր համար հետս բերի Տէր Բարթուղիմէոսը եւ զինք առաջնորդեցի Քռնա աւանը` 147
ուր կը գտնուէին դասընկերներէս քանի մը վարդապետներ, որոնք հետեւեալներն են. Օծոպ գիւղէն` Մարգարէ վրդ., Քռնա գիւղէն` Յակոբ վրդ., Եօթնաղբիւր գիւղէն` Հայրապետ վրդ., Բասեն գիւղէն` Սիմէոն վրդ., Տարսոն նահանգէն` Ներսէս վրդ., Արտազ գաւառէն` Առաքել եւ Լալ վարդապետներ, Ապրակունեաց գիւղէն` Գրիգոր վրդ., Կաղզուան նահանգէն` Կոստանդին եւ Յովհաննէս վարդապետներ, Խաչ նահանգէն` Սիմէոն վրդ., եւ ուրիշներ` որոնց անունները գրուած են Կեանքի գիրքին մէջ։ Ասոնք բոլորը` որոնցմէ շատերը եպիսկոպոսական աստիճանի բարձրացան վերջը, Հռոմի քահանայապետին հնազանդութիւն խոստացան ոչ միայն իրենց անձին` այլ նաեւ իրենց վանքերուն եւ վիճակներուն համար։ Որով` այս սինոտէն վերջ, բոլորս սկսանք քարոզել Հայաստանի տարածքին, Հռոմի եկեղեցիին միանալու անհրաժեշտութեան մասին` հոգիներու փրկութեան համար։ Արդիւնքը եղաւ այն` որ Ունիթոռներու մեր միաբանութիւնը օր ըստ օրէ ծաւալեցաւ, մինչ Տիրոջ օգնականութեամբ` հաւատացեալներու թիւը կ’աճէր։ Որքան հաւատքի մէջ հաստատուեցանք եւ լատիներէնէ գիրքեր թարգմանեցինք, այնքան աւելի մեր հոգիները լուսաւորուեցան եւ աւելի ցայտուն կերպով երեւցան մեր ազգին սխալները։ Միութեան իրագործումին յաջորդող երրորդ տարին` 1333 թ. Աստուծոյ երանելի մար- դը` աստուածաբան եւ բարի հովիւ Բարթուղիմէոս, իմաստութեամբ եւ սրբութեամբ լի, մեծ ու պարտադրող ճիգերէ ետք, վերացաւ առ Քրիստոս։ Իր մահէն յետոյ, միութեան հաւատարիմներուն թիւը աւելի եւս շատցաւ, բայց նոյն չափով ալ բազմապատկուեցան հալածանքներու եւ ճնշումներու փորձութիւնները։ Այն ատեն էր, որ յանձն առի ճամբորդութիւնը դէպի հռոմէական մայրաքաղաքը։ Հոն տեսայ եւ լսեցի այնքան եւ այնպիսի բաներ, որ հարիւր անգամ աւելի համոզուեցայ մեր հաւատքի ուղղափառութեան վրայ։ Համոզուեցայ` որ մեր ազգը Քրիստոսի ուղիղ ճամբան ձգած է, եւ մեր վանական եկեղեցականներն ալ` սուրբ հայրերուն կանոնները։ Անոնց քով գոյութիւն չունէր ո՛չ կարգ եւ ոչ ալ կանոն. չկար աղքատութեան եւ հնազանդութեան ուխտ, այլ իւրաքանչիւրը կը զբաղէր վաճառականական եւ վաշխառուական գործերով։ Նկատելով որ լատինները այս բոլորը ունէին, փափաքեցայ սրբագրել մեր եկեղեցականներուն թերու- թիւնները։ Տիւ եւ գիշեր կը մտածէի` ի՞նչպէս կրնայի վերահաստատել վանքերն ու անոնց կանոնները։ Ահա թէ ինչու` արեւելք վերադարձէս ետք, ընկերներուս հետ փափաք յայտնեցի ընդգրկելու կրօնական կեանքը` ըստ Ս. Օգոստինոսի կանոնին եւ Դոմինիկոսի կազմակեր- պութեան, զոր որոշած էինք ընդունիլ իբր հայր, հիմ եւ սկիզբ մեր միաբանութեան։ Մեր ուխտադրութեան առիթով` ի ձեռն լատին Տէր Յովհաննէսի, որ իբր Թիֆլիսի եպիսկոպոս` լիազօրուած էր Հռոմի պապէն, ես ընտրուեցայ նահանգային մեծաւոր մեր ունիթոր միաբանութեան։ Որովհետեւ Ս. Դոմինիկոսի կարգին Քարոզիչ Եղբայրները եղած էին առաջին պատճառ եւ սկիզբ մեր ճշմարիտ հաւատքի դարձին ու մեր եկեղեցականներու բարեկարգութեան, այդ պատճառով ալ` մեր ընկերութիւնը հիմնուեցաւ իրենցինին վրայ։ 148
Search
Read the Text Version
- 1
- 2
- 3
- 4
- 5
- 6
- 7
- 8
- 9
- 10
- 11
- 12
- 13
- 14
- 15
- 16
- 17
- 18
- 19
- 20
- 21
- 22
- 23
- 24
- 25
- 26
- 27
- 28
- 29
- 30
- 31
- 32
- 33
- 34
- 35
- 36
- 37
- 38
- 39
- 40
- 41
- 42
- 43
- 44
- 45
- 46
- 47
- 48
- 49
- 50
- 51
- 52
- 53
- 54
- 55
- 56
- 57
- 58
- 59
- 60
- 61
- 62
- 63
- 64
- 65
- 66
- 67
- 68
- 69
- 70
- 71
- 72
- 73
- 74
- 75
- 76
- 77
- 78
- 79
- 80
- 81
- 82
- 83
- 84
- 85
- 86
- 87
- 88
- 89
- 90
- 91
- 92
- 93
- 94
- 95
- 96
- 97
- 98
- 99
- 100
- 101
- 102
- 103
- 104
- 105
- 106
- 107
- 108
- 109
- 110
- 111
- 112
- 113
- 114
- 115
- 116
- 117
- 118
- 119
- 120
- 121
- 122
- 123
- 124
- 125
- 126
- 127
- 128
- 129
- 130
- 131
- 132
- 133
- 134
- 135
- 136
- 137
- 138
- 139
- 140
- 141
- 142
- 143
- 144
- 145
- 146
- 147
- 148
- 149
- 150
- 151
- 152
- 153
- 154
- 155
- 156
- 157
- 158
- 159
- 160
- 161
- 162
- 163
- 164
- 165
- 166
- 167
- 168
- 169
- 170
- 171
- 172
- 173
- 174
- 175
- 176
- 177
- 178
- 179
- 180
- 181
- 182
- 183
- 184
- 185
- 186
- 187
- 188
- 189
- 190
- 191
- 192
- 193
- 194
- 195
- 196
- 197
- 198
- 199
- 200
- 201
- 202
- 203
- 204
- 205
- 206
- 207
- 208
- 209
- 210
- 211
- 212
- 213
- 214
- 215
- 216
- 217
- 218
- 219
- 220
- 221
- 222
- 223
- 224
- 225
- 226
- 227
- 228
- 229
- 230
- 231
- 232
- 233
- 234
- 235
- 236
- 237
- 238
- 239
- 240
- 241
- 242
- 243
- 244
- 245
- 246
- 247
- 248
- 249
- 250
- 251
- 252
- 253
- 254
- 255
- 256
- 257
- 258
- 259
- 260
- 261
- 262
- 263
- 264
- 265
- 266
- 267
- 268
- 269
- 270
- 271
- 272
- 273
- 274
- 275
- 276
- 277
- 278
- 279
- 280
- 281
- 282
- 283
- 284
- 285
- 286
- 287
- 288
- 289
- 290
- 291
- 292
- 293
- 294
- 295
- 296
- 297
- 298
- 299
- 300
- 301
- 302
- 303
- 304
- 305
- 306
- 307
- 308
- 309
- 310
- 311
- 312
- 313
- 314
- 315
- 316
- 317
- 318
- 319
- 320
- 321
- 322
- 323
- 324
- 325
- 326
- 327
- 328
- 329
- 330
- 331
- 332
- 333
- 334
- 335
- 336
- 337
- 338
- 339
- 340
- 341
- 342
- 343
- 344
- 345
- 346
- 347
- 348
- 349
- 350
- 351
- 352
- 353
- 354
- 355
- 356
- 357
- 358
- 359
- 360
- 361
- 362
- 363
- 364
- 365
- 366
- 367
- 368
- 369
- 370
- 371
- 372