Important Announcement
PubHTML5 Scheduled Server Maintenance on (GMT) Sunday, June 26th, 2:00 am - 8:00 am.
PubHTML5 site will be inoperative during the times indicated!

Home Explore Ջահակիր, Յաւելուած ԼԱ. - Tchahagir, Supplement No. 31

Ջահակիր, Յաւելուած ԼԱ. - Tchahagir, Supplement No. 31

Published by Haig Avakian, 2020-01-13 15:39:30

Description: Տիգրան Գէորգեան, Երկեր երեք հատորով, Ա. հատոր, Ուսումնասիրութիւններ, հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց` Հայկ Աւագեան
Գահիրէ, 2020

Keywords: Ջահակիր, Armenian,Գէորգեան,Tchahagir

Search

Read the Text Version

ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԱՆՑԵԱԼԸ ԵՒ ՆԵՐԿԱՆ ԻՐ ԲՈԼՈՐ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՎ ԵՒ ԿԱՐԿԱՌՈՒՆ ԴԷՄՔԵՐՈՎ ՄՈՒՏՔ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հաւատացեալները ցրուած են աշխարհի չորս կողմերը եւ կազմած են հետեւեալ թեմերը1 եւ առաքելավայրերը. Լիբանանի, Պոլսոյ, Հալէպի, Աղեքսանդրիոյ (Եգիպտոս եւ Սուտան), Պաղտատի, Բարձր Ճեզիրէի, Սպահանի, Ֆրանսայի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանա- տայի, Արժանթինի, Պրազիլիոյ եւ Ուրուկուայի, Հայաստանի (Վրաստան, Ուք- րաինա եւ Ռուսաստան), Դամասկոսի, Երուսաղէմի եւ Յորդանանի, Յունաս- տանի, Ռումանիոյ, Լեհաստանի, Հռոմի։ Ա. ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻՈՅ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԹԵՄԻՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՔԱՅԼԵՐԸ Այս բոլոր թեմերէն, Եգիպտոս` Իր կաթողիկէ հայերը ունէր, երբ ասոնք մասնաւոր պաշտօնական աղօթատեղի մը չունէին տակաւին, լատին կրօնաւորներու միջոցով կը մատակարարուէին2։ Դիւանական տուեալներու համաձայն, 1730 թ., Կղեմէս ԺԲ. Պապը յորդորած է Հալէպի առաջնորդ Աբրահամ Եպս. Արծիւեանը` որ Եգիպտոսի կաթողիկէ հայերու հոգեւոր կարիքներով ալ զբաղի։ 1734 թ., Հալէպի կաթողիկէ հայերը միաձայնութեամբ կ’որոշեն իրենց յատուկ կաթողիկոս մը ունենալ եւ առանձին հասարակութիւն կազմել. կղեր եւ ժողո- վուրդ` խորհրդակցաբար, կաթողիկոս կ’ընտրեն Աբրահամ Եպս.ը, որ այդ ժամանակ Լիբանանի Քրէյմի վանքը կը գտնուէր։ Անմիջապէս ետք, Հալէպի Եպիսկոպոսական Փոխանորդ Նիկողայոս Վրդ.ը 249

Գահիրէ կու գայ, որպէսզի Եգիպտոսի կաթողիկէ հայերն ալ հաճութիւն եւ հաւանութիւն տան կաթողիկոսին ընտրութեան համար։ Գահիրէ հասնելուն` 29 Հոկտեմբեր 1734-ին, Նիկողայոս Վրդ.ը ժողով կը գումարէ Հաւատոյ Սուրբ Ժողովին կողմէ Եգիպտոսի Առաքելութիւններու Վերակացուին` Հ. Իլտեֆոնսոյ տի Փալերմոյի նախագահութեամբ եւ 31 ազգային երեւելիներու մասնակցութեամբ։ Իր կարգին, Հաւատոյ Սուրբ Ժողովին կողմէ Եգիպտոսի Առաքելութիւններու Վերակացուն կը վկայէ` թէ Գահիրէի կաթողիկէ հայերուն ամէնէն ազնիւ անդամները, որոնց անուններն ու կնիքներն հոս դրուած են, ընտրեցին իրենց ազգին Պատրիարք, Հալէպի Աբրահամ Արքեպիսկոպոսը, եւ իրենց ընտրութեան թուղթը յանձնեցին Հ. Նիկողայոս Վրդ.ին3։ Այդ ժամանակները, Եգիպտոս բնակող կաթողիկէ հայերը բաղկացած են շուրջ քառասուն ընտանիքէ, կազմած են ուրոյն հասարակութիւն մը` իրենց առանձին քահանայով, իրենց հոգեւոր պահանջներուն համար։ Յիշեալ քահա- նաներէն մէկն է` Հռոմի Ուրբանեան դպրոցի աշակերտներէն, կիպրացի Յակոբ Վրդ.ը, որ 1736թ. առաջ գտնուած է Գահիրէ, եւ յանուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի նուիրեալ առանձնական մատուռի մը մէջ` աստուածային պաշտամունք կատա- րած է։ Նոյնպէս` 1737թ., Գրիգոր անունով ուրիշ վարդապետ մըն ալ յիշուած է Մկրտութեան եւ Պսակի տոմարներուն մէջ։ Եգիպտոսի կաթողիկէ հայերը առաջնորդելու համար, Աբրահամ-Պետրոս Ա. 1743-ին ղրկած է Յովսէփ Վրդ.ը, 1744-ին` Մատթէոս Վրդ.ը, 1745-ին` Գէորգ Վրդ. Միքմէլճեանը, 1746-ին` Գաբրիէլ Վրդ.ը, 1749-ին` Գէորգ Վրդ.ը, եւ Քրէյմի վան- քին կառուցումին հանգանակութիւն կատարելու համար` Յովսէփ Եպս.ը։ Այսպէս շարունակուած է Արծիւեանի յաջորդներուն կողմէ ալ. Բարսեղ- Պետրոս Դ., 14 Օգոստոս 1733 թուակրով հովուական թուղթ մը ղրկած է Եգիպ- տոսի հաւատացեալներուն։ Գրիգոր-Պետրոս Ե. ալ առաքելական հովիւներ ղրկած է, որոնցմէ մէկն է Ճոհարճի Վրդ. Ադամեանը։ Գրիգոր-Պետրոս Զ. Գահիրէ կը ղրկէ Յովհաննէս Վրդ. Թօփուզեանը։ 1801թ., Նափոլէոն Պոնափարթի գրաւեալ ֆրանսական բանակին 40,000 զօրքի մեկնումէն ետք, Գահիրէի կառավարիչը` Նասիֆ փաշա, ֆրանսացիներէն վրէժ լուծելու նպատակով` իր զինուորներուն կը հրահանգէ անխնայ ջարդել քաղաքին մէջ գտնուած բոլոր քրիստոնեաները. հրամանը կը կատարուի բացառիկ խստութեամբ։ Այս աղէտալի սրածայրութենէն մազապուրծ ազատած հայ կաթողիկէ ժողովուրդը` բնակութիւն կը հաստատէ Հին Գահիրէ, որ ընդհանուր կոտորած- ներէն զերծ մնացած շրջան մըն էր. անոնց ապաստանարանը կ’ըլլայ` իր անմատչելի դիրքերով եւ անառիկ ամրութեամբ, յոյներուն Ս. Գէորգ վանքը։ Երկրին խառնակ եւ շփոթ վիճակը կը պարզուի` երբ կառավարութեան ղեկը 250

ձեռք կ’առնէ ալպանացի Մոհամմէտ Ալի փաշա, եւ 1811 թ. մամլուքներու բնաջնջումով, կը վերահաստատէ խաղաղութիւնը երկրին մէջ, միաժամանակ կը ձեռնարկէ ժողովուրդը խաղաղ պահելու գործին։ 1820 թ. սկսեալ, հայ կաթողիկէ կաթողիկոսները` քաղաքական այս բարւոքումէն քաջալերուած, Լիբանանէն Եգիպտոս կը ղրկեն անձնուէր քահա- նաներ` որոնք ժողովուրդին հաստատուն կացութիւն տալու մտահոգութեամբ, հետամուտ կ’ըլլան Հին Գահիրէի մէջ գնելու յարմար հողամաս մը` վրան եկե- ղեցի կառուցելու ջանադրութեամբ։ Բ. ՀԻՆ ԳԱՀԻՐԷԻ ՏԻՐԱՄՕՐ Ս. ԿՈՒՍԻՆ ՄԱՏՈՒՌԸ Այս աստուածահաճոյ նպատակին համար ոգեւին կ’աշխատին Սերովբէ Այվազեան եւ Պետրոս Ահարոնեան վարդապետները, որոնք Սանաճըգ հողա- մասերը գնելով` կը ցանկապատեն քարաշէն որմով, եւ յանուն Տիրամօր Ս. Կուսին կը կանգնեն մատուռ մը` ուր տեղի կ’ունենան աստուածային պաշտա- մունքները։ Ճարտարապետական հայեացքով` այս գողտրիկ մատուռը, 11,50 մ. երկայն- քով, 7,50 մ. լայնքով եւ 12 մ. բարձրութեամբ, նմանութիւններ ունի Անիի Կուսա- նաց վանքին եւ Դեկորի տաճարին հետ։ Ú³ñáõó»³É øñÇëïáëÇ Ø³ïáõéÁ 251

ÚÇß³ï³Ï³ñ³ÝÝ»ñ 1921 թ., այս մատուռը վերակառուցուած է Արթին Պէյ Չրաքեանի դուստր` Կատարինէ Աննայի սրտաբուխ նուիրատուութեամբ, եւ այս առիթով` նուիրուած է Յարուցեալ Քրիստոսի։ Նախկին մատուռին ետեւի մասը կը կառուցուի երկյարկանի շէնք մը` որուն մէկ յարկը վարձքով կու տան` հասոյթի համար, միւսն ալ կը տրամադրեն քահանաներու բնակութեան։ Իսկ մատուռին յառաջամասը եւ երկու կողմերը կը թաղուին ննջեցեալները, որ մինչեւ այսօր ալ կը շարունակուի։ Գ. ՏԱՐՊ ԷԼ ԿԻՆԵՆԱՅԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ Մոհամմէտ Ալի փաշայի օրով, Եգիպտոսի մէջ համատարած աշխարհաշի- նութեան շրջանին` բոլոր քրիստոնեաներուն ազատութիւն շնորհուած էր եկեղե- ցիներ կառուցելու եւ ուսումնարաններ հաստատելու։ Այդ կերպով, կաթողիկէ հայերն ալ կը փափաքին մայրաքաղաքին Տարպ Էլ Կինենա թաղին մէջ աղօթա- տեղի մը կառուցանել։ 1837-1838 թթ. Պետրոս Վրդ. Ահարոնեան` 25312 ղրուշ վճարելով, տէր կը դառնայ իրարու կից երեք բաժին հողամասի, եւ մասնաւոր արտօնագրով կը ձեռնարկէ եկեղեցիի շինութեան։ 20 մ. երկարութեամբ, 10 մ. լայնութեամբ եւ 18 մ. բարձրութեամբ եկեղեցին կը նուիրուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անուան։ Նորակերտ խորանին վրայ առաջին պատարագը չմատուցած` ժանտախտէն վարակուած, Պետրոս Վրդ. կը վախճանի 1841 Ապրիլ 3-ին։ Այն ատեն, եկեղեցին օծելու կը հրաւիրուի Հալէպի եպիսկոպոս Սերովբէ Այվազեանը` որ նախապէս արդիւնաւէտ գործունէութիւն ունեցած էր Գահիրէի մէջ։ 252

Նորակերտ եկեղեցիին օծումը կը կատարուի Ամենայն Սրբոց տօնին օրը` 1841 Նոյեմբեր 1-ին, Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Աւստրիոյ հիւպատոսներուն, կաթո- ղիկէ յարանուանութիւններու բազմամբոխ եկեղեցականներու եւ ժողովուրդի ներկայութեան։ «Օսմանեան ոճի նորաձեւութեամբ4» կառուցուած այս եկեղեցին, երկար տարիներ` որպէս աղօթատեղի անգործածելի մնալէ ետք, 1975 թ. վերջնակա- նապէս ծախուած է։ Դ. ՇՈՒՊՐԱ ԹԱՂԱՄԱՍԻՆ ԱՂՕԹԱՏԵՂԻՆ Շուպրա թաղամասի հայ կաթողիկէ ընտանիքներուն համար, 1886 Նոյեմբեր 21-ին, Սուրբ Աստուածածնի Ընծայման տօնին` Արհի. Տ. Բառնաբաս Եպս. Ագշէհիրլեան կ’օծէ մատուռ մը, ուր անխափան, Կիրակի եւ տօն օրերուն սուրբ պատարագ կը մատուցուի շուրջ երկու տարի, ապա կը փակուի ազգայիններուն արաբախօս ըլլալուն պատճառով. անոնք կը նախընտրեն մելքիթներուն եւ մարոնիներուն եկեղեցիները յաճախել։ Ե. ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՏԱՀԷՐԻ ՄԱՏՈՒՌԸ Արհի. Տ. Յովնան Եպս. Գուզեանի առաջնորդութեան ժամանակ, Տահէր թա- ղամասի` Տահէր փողոցին վրայ, թիւ 66 շէնքին մէջ յարկաբաժին մը վարձուած է, եւ սենեակներէն մէկը` Աստուածամօր նուիրուած մատուռ յարդարած են 15 Հոկտեմբեր 1917-ին։ Իսկ մնացեալ սենեակները գործածուած են քահանաներուն բնակութեան համար, մինչեւ 20 Ապրիլ 1926։ Զ. ԱՒԵՏՈՒՄՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ Մայրաքաղաքին կեդրոնական թաղամասերէն մէկուն մէջ, 1926 Մայիս 9-ին, Արհի. Տ. Յովհան Եպս. Գուզեանի նախաձեռնութեամբ, ասպետ Կարապետ պէյ Մաթոսեանի բարերարութեամբ, եւ Կարօ Պալեանի ճարտարապետութեամբ կը բարձրանայ Ս. Աստուածածնի Աւետումին նուիրուած` «Հայկական դասական 253

եկեղեցիի համաչափութիւններու վրայ հիմնուած» գեղակերտ տաճարը, 25 մ. երկարութեամբ, 12 մ. լայնութեամբ եւ 18 մ. բարձրութեամբ։ î³×³ñ Û³ÝáõÝ ²õ»ïÙ³Ý êñµáÛ ÎáõëÇÝ Ø³ñdzÙáõ 254

êáõñµ ÎáõëÇÝ ²õ»ïáõÙÇÝ ÝáõÇñáõ³Í ²õ³· Êáñ³ÝÁ Եկեղեցւոյ մուտքի շատ նուրբ Յիսուսի խճանկարէն զատ, գմբեթին ստորեւ, կեդրոնական չորս սիւներու վերեւ` կան չորս Աւետարանիչներուն մանրակերտ խճանկարները։ Արհի. Տ. Յակոբ Արք. Նեսիմեանի առաջնորդութեան շրջանին, 1944 թ., Գրի- գոր Պետրոս ԺԵ. Կաթողիկոս-Պատրիարքի հովուական առաջին այցելութեան առիթով կառուցուած է վերնատունը` Կարօ Պալեանի ճարտարապետութեամբ եւ Յովսէփ Մաթոսեանի նուիրատուութեամբ։ ê© ¶ñÇ·áñ Èáõë³õáñÇ㠻ϻջóÇÇÝ ßÇÝáõû³Ý ÛÇß³ï³Ï³ñ³ÝÁ Եկեղեցիէն դէպի Պատրիարքարան մուտքի սեմին վերեւ ագուցուած է «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցիէն մնացած, ոսկեզօծուած տառերով շինութեան յիշատակարանը։ 255

Է. ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԸ Եկեղեցիին շարունակութիւնը կը կազմէ Պատրիարքարանը` որուն առաջին յարկը կը գտնուի ընդունելութիւններու դահլիճը. այս դահլիճին աջակողմեան պատին վրայ` ոսկեզօծ շրջանակներու մէջ կան Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետու- թեան գահակալները։ Նոյն յարկին վրայ են քարտուղարին սենեակը, վիճակաւոր եպիսկոպոսին եւ ժողովրդապետին աշխատասենեակները, ճաշասենեակը։ ä³ïñdzñù³ñ³ÝÁ Վերի յարկը` եպիսկոպոսին եւ վարդապետներուն ննջասենեակները, եւ Պատրիարքարանի Դիւանը։ Երրորդ յարկը` Պատրիարքարանին Գրադարանը, եւ հիւր եկեղեցական- ներու յատկացուող սենեակներ։ Իսկ գետնափոր յարկը կը պարունակէ մառանը, խոհանոցը եւ ժողովասրահ մը։ Ը. ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ՎՐԱՆԱԾԱԾԿ ՍՐԱՀԸ Արդի ժամանակներուն` անհրաժեշտութիւն կը նկատուի եկեղեցիի մը շուրջ կամ կից, հաւատացեալներուն համար հաւաքատեղի մը ունենալը։ Այս առաջա- 256

դրութեամբ, օրինական երկարատեւ հետապնդումներէ ետք, Պատրիարքարանի յառաջամասի բակին մէջ, 1998 Մայիսին բացումը կատարուած է Ժողովրդապե- տական Սրահին։ 104 քառ. մ. տարածութիւն գրաւող սրահը` կէս քարաշէն է, ձողերու վրայ ամրացուած` վրանածածկ։ Արդիական կահաւորումով եւ ներքին յարմարութիւններով օժտուած սրահը բաց է Հինգշաբթի, Ուրբաթ, Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը` ընտանեկան եւ ընկերային հաւաքոյթներու համար։ ÄáÕáíñ¹³å»ï³Ï³Ý íñ³Ý³Í³ÍÏ ëñ³ÑÁ »õ Ý»ñùݳٳëÁ Թ. ՀԵԼԻՈՊՈԼՍՈՅ Ս. ԹԵՐԵԶԱ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅ ՀԱՄԱԼԻՐԸ Հելիոպոլսոյ նորակերտ արուարձանին եւ շրջակայ շրջաններուն հայերուն հոգեւոր մխիթարութեան համար` Արհի. Տ. Յովհան Եպս. Գուզեան Հելիոպոլսոյ Ընկերութենէն կը գնէ 1487,80 քառ. մ. հողամաս մը, վրան բարձրացնելու համար Ս. Թերեզա Յիսուս Մանկան նուիրուած եկեղեցին` դարձեալ Կարօ Պալեանի ճարտարապետութեամբ, Կամսարական իշխաններուն Անիի եկեղեցիին նմանո- ղութեամբ։ Կառուցումի բոլոր ծախքերը կը հոգացուին հաւատացեալներու սրտաբուխ նուիրատուութեամբ եւ թեմին կալուածներուն եկամուտներէն։ Այս նորակառոյց եկեղեցիին` 25,50 մ. երկայնքով, 11 մ. լայնքով եւ 12,50 մ. բարձրութեամբ, օծումը տեղի կ’ունենայ 1932 Փետրուար 7-ին, եկեղեցական ու քաղաքական անձնաւորութիւններու եւ հոծ թիւով հաւատացեալներու ներկա- յութեան։ Շատ տարիներ ետք, 1977 թ., ճարտարապետին տղուն` Հրազդան Պալ- եանի նախագծով կը կցուի զանգակատունը։ Նոյն ժամանակ, եկեղեցիին կից կառուցուած է երեք յարկանի ժողովրդապե- 257

տարանը` դահլիճով, ժողովրդապետին գրասենեակով, ննջասենեակով եւ այլ յարմարութիւններով։ î³×³ñ Û³ÝáõÝ êñµáõÑõáÛ Â¿ñ¿½³ÛÇ – ÏÇó` ½³Ý·³Ï³ïáõÝÁ »õ ï³×³ñÇÝ Ý»ñùݳٳëÁ Ժողովրդապետարանի յառաջամասի շատ գողտրիկ պարտէզին մէջ` 1936 թ. կանգնուած է Ս. Թերեզայի մէկ գեղակերտ արձանը։ Պարտէզին աջակողմը, եկեղեցիին արտաքին պատին վրայ` 1975 թ., զետեղ- ւած է նահատակաց Յուշատախտակը` ճարտարապետ Հրազդան Պալեանի նախագծումով։ Դարձեալ նոյն պարտէզին անկիւնը` 1985 թ., Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթո- ղիկոս-Պատրիարքը բացումը կատարեց ամբողջ սփիւռքի տարածքին, միակ Թարգմանչաց Յուշարձանին` որ գեղարուեստական յղացումն է ճարտարապետ Հրազդան Պալեանի։ Úáõß³ñÓ³Ý Û³ÝáõÝ ê© ê³Ñ³Ï³Û »õ ê© Ø»ëñáå³Û ܳѳï³Ï³ó Úáõß³ñÓ³ÝÁ 258

Նոյն պարտէզին` գրեթէ կեդրոնական մասին մէջ, ներկայիս ընթացքի մէջ է կառուցումը` գետնայարկէն զատ, երեք յարկանի նոր շէնքի մը, որ պիտի պար- փակէ ժողովասրահներ` հոգեւոր, հովուական, մանկական, երիտասարդական եւ ընտանեկան այլազան գործունէութիւններու յատկացուելու նպատակով, շեշ- տակի դարձնելու համար աշխարհականներու առաքելութիւնն ալ։ Շէնքին ճար- տարապետն է Հաննա Շաուքի. շինութեան բոլոր ծախքերը կը մատակարարուին հաւատացեալներուն նուիրատուութիւններով։ Եկեղեցիին աջակողմեան հողի տարածութեան վրայ, ճարտարապետ Ան- թուան Պազերկիի յատակագիծով` 1967 թ., կառուցուած է երկյարկանի ժո- ղովրդապետական Հանդիսասրահը, որուն շինութեան ծախքերուն մասնակցած են համայնքին ընտանիքները, ժողովրդապետ Պօղոս Վրդ. Բապուճեանի ընտա- նեկան անդամները, եւ մաս մըն ալ հոգացուած է թեմին կալուածներուն եկա- մուտներէն։ Ժողովրդապետական Ակումբը կը կառավարուի յատուկ կանոնագրութեամբ, յառաջ բերելով գործադիր, երիտասարդական եւ տիկնանց յանձնախումբերու սերտ գործակցութեամբ` հոգեւոր, ընկերային, մարզական եւ մշակութային աշխոյժ գործունէութիւն։ ÄáÕáíñ¹³å»ï³Ï³Ý гݹÇë³ëñ³Ñ – Û³é³ç³Ù³ëÇ Ù³ñ½³Ï³Ý ¹³ßïáí Սրահին յառաջամասին վրայ յարդարուած է մարզական դաշտը` ուր տեղի կ’ունենան պարբերական մարզումները եւ խանդավառ մրցումները։ 259

Ժ. Ս. ԹԵՐԵԶԱ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՆԵՐԸ Հելիոպոլսոյ արուարձանէն զատ, Ս. Թերեզա Եկեղեցւոյ ժողովրդապետու- թիւնը կազմակերպած է նաեւ Գուպպէ, Զէյթուն, Հելմիէ, Մաթարիա, Այն Շամս եւ Էզպէթ Էլ Նախլ թաղամասերու հայ կաթողիկէ ընտանիքներու հոգեւոր կեանքն ալ։ Այսպէս, բոլորանուէր ծառայած են` Ներսէս Վրդ. Թայրոյեան, 1931-1934։ Յովսէփ Վրդ. Քաջունի, 1934-1935։ Պօղոս Վրդ. Շիրիքճեան, 1935-1947։ Յովսէփ Վրդ. Սապ, 1947-1949։ Պօղոս Վրդ. Բապուճեան, 1949-1968։ Պետրոս Վրդ. Թարմունի, 1968-1990։ Պետրոս Եպս. Թարմունի, 1990-1998։ Ժիրայր Քհնյ. Անանեան, 1993- ԺԱ. ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻՈՅ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱՅՆՔԸ 1744 Սեպտեմբեր 19-ին, խաղաղ նաւարկութեամբ` Լիվոռնոյէն Աղեք- սանդրիա կը հասնի Աբրահամ-Պետրոս Ա. Արծիւեան Կաթողիկոսը։ Հայրապե- տին նաւահանգիստ ժամանումը իմանալով, գործով առժամաբար այնտեղ գտնուող հայ կաթողիկէ անձնաւորութիւններ կը փութան տեսնել զինք, եւ կը հրաւիրեն` որ ցամաք իջնէ։ Սակայն զգուշութեան համար, Արծիւեան չ’ուզեր նաւէն իջնել, եւ կը բաւարարուի օրհնութեան գիր մը ղրկելով անոնց։ Աղեքսանդրիա հաւատարմագրուած եւրոպացի հիւպատոսներու պաշտպա- նութեան շնորհիւ, ի վերջոյ, Արծիւեան կը հաւանի նաւէն իջնել, ու զինք դիմաւո- րողներուն ծափողջոյններով եւ ուրախութեան աղաղակներով կը մտնէ քաղաք, ուր մեծ պատիւներով կը հիւրընկալուի քանի մը օր։ Գահիրէի համայնքն ալ, անասելի խնդութեամբ, 20 կաթողիկէ երեւելի հայե- րու ստորագրութեամբ, Հ. Մատթէոս եւ Հ. Յովսէփ վարդապետներու գրաւոր դիմումով` Հայրապետը կը հրաւիրէ մայրաքաղաք այցելել, հոգեւոր մխիթարու- թեան համար։ Այս պարագային ալ, դարձեալ իր թշնամիներուն ձեռքը չիյնալու նախզգու- շութեամբ, Արծիւեան կը խուսափի եղած հրաւէրին դրական հետեւանք տալէ, եւ յաջող նաւարկութեամբ կը հասնի Պէյրութ, շուտով միանալու համար իր միաբանակիցներուն5։ 260

1801 թ. տեղի ունեցած կոտորածներուն հետեւանքով, կաթողիկէ հայերէն մաս մըն ալ Աղեքսանդրիա կը հաստատուի, եւ մինչեւ 1825 թ., համայնքը կարեւոր թիւ մը կը կազմէ։ Երբ անգլիական երկաթուղիի ընկերութեան մը շնորհիւ` երթեւեկութիւնը կը դիւրանայ Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ միջեւ, Յովհաննէս Վրդ. Թօփուզեան եւ ուրիշ քահանաներ կ’երթան մկրտութիւն, պսակադրութիւն եւ այլ հոգեւոր պար- տականութիւններ կատարելու։ Սեփական աղօթատեղի չունենալով, իրենց հոգեւոր պաշտամունքը կը կատարեն լատիններու եկեղեցին, եւ ննջեցեալներն ալ կը թաղեն անոնց գերեզ- մաննոցը։ Համայնքին կողմէ` սեփական եկեղեցի ունենալու բոլոր փորձերը ի զուր կ’անցնին, մինչեւ որ Ագշէհիրլեան Եպս.ին ջանքերով կը վարձուի տուն մը` որ յարմարութիւն ունէր թէ փոքրիկ մատուռ մը հաստատելու, եւ թէ քահանայի մը բնակութեան համար։ Աղեքսանդրիոյ Առաջին մատուռը նուիրուած է Ս. Աստուածածնի Անարատ Յղութեան. տեառնագրութեան հանդէսը կատարուած է 1890 Մայիս 25-ին, Գահի- րէի եկեղեցիին երգեցիկ մանուկներուն սպասարկութեամբ, հանդիսաւոր պա- տարագը մատուցած է Ագշէհիրլեան Եպիսկոպոսը` ընթերկայութեամբ չորս հայ կաթողիկէ քահանաներու։ Ներկայ եղած են կաթողիկէ յարանուանութիւններէ բազմաթիւ եկեղեցականներ, Ֆրանսայի հիւպատոսը, Աղեքսանդրիոյ քաղաքա- պետը` իրենց պաշտօնատարներով։ Նորակառոյց մատուռին շէնքը` ճարտարապետական մասնաւոր ձեւ մը չունէր, շատ պարզ էր` առանց սեթեւեթի։ Մատուռին պատերը քարուկիր էին, իսկ առաստաղը` փայտաշէն. երկարութիւնը` 14 մ., լայնութիւնը` 7 մ., բարձրու- թիւնը` 10 մ.։ Աւագ խորանը` հիւսիսային-արեւմտեան կողմն էր, առջեւը` փոք- րիկ դասով մը։ Դասէն դուրս, մէկ կողմը` մկրտարանը, միւս կողմը, Լուրտի Աստուածամօր խորանը` գեղաքանդակ արձանով։ 1894 թ. ամրան սկիզբները` այս մատուռը կը քանդուի եւ Խալիլ Խայեաթ փաշայի 35,000 ֆրանք նուիրատուութեամբ կը կառուցուի 20 մ. երկարութեամբ, 10 մ. լայնքով եւ 13 մ. բարձրութեամբ, նոր եկեղեցի մը` որ դարձեալ հոյակապ ճարտարապետական ձեւ մը չունէր6, կը նշուի պատմագրին կողմէ։ 1895 Մարտ 24-ին, օծման սուրբ հանդէսով` կրկին անգամ, եկեղեցին կը նուիրուի Սուրբ Աստուածածնի Անարատ Յղութեան։ Հանդիսութեան ներկայ եղած են` Ֆրանսայի հիւպատոսը, Մատրիտի դուքսը` որ այցելութեամբ Աղեք- սանդրիա կը գտնուէր, Աղեքսանդրիոյ քաղաքապետը, Անգլիական Զօրքերու Բանակին սպարապետը, կաթողիկէ յարանուանութիւններու երեւելիներ։ 1899 Յունուար 6-ին, բազմաթիւ դժուարութիւններէ ետք, Աղեքսանդրիոյ հայերը կ’ունենան իրենց սեփական գերեզմաննոցն ալ. 1905 Փետրուար 19-ին կը 261

կատարուի շքեղ տեառնագրութիւնը` Արհի. Տ. Սերովբէ Եպս. Դաւթեանի կողմէ, ամէն դասակարգի բազմաթիւ ազգայիններու ներկայութեան։ ԺԲ. ՆՈՒԻՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅԵՐՈՒ Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութիւնը կը հաստատուի Գրիգոր- Պետրոս Ը. Կաթողիկոսին կողմէ` տեղւոյն ազգայիններուն թախանձանքով։ Լիբանանի Զմմառ վանքին մէջ, 1849 Օգոստոս 26-ին, Եգիպտոսի վիճակին եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի Բարսեղ Վրդ. Աքթարեանը` Պօղոս անուանակոչու- թեամբ։ Ան` իր արդիւնաշատ կեանքը կը կնքէ 1866 Յունիս 2-ին, քսանեօթը տարի անխոնջ եւ նուիրեալ ծառայելէ ետք իր հօտին։ Որպէս կաթողիկոսական հողամաս, նուիրապետութիւնը կը հաստատուի Հռոմի Ս. Աթոռին կողմէ` 1867 թ., իբր ուրոյն թեմ։ ԺԳ. ԳԱՒԱԶԱՆԱԳԻՐ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅԵՐՈՒ ՎԻՃԱԿԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ 1. ԱՌԱՋԻՆ ՀՈՎԻՒՆԵՐ Յակոբ Վրդ. Կիպրացի, 1736 թ.։ Գրիգոր Վրդ., 1737 թ.։ Յովսէփ Վրդ., 1743 թ.։ Մատթէոս Վրդ., 1744 թ.։ Գէորգ Վրդ. Միքմէլճեան, 1745 թ.։ Գաբրիէլ Վրդ., 1746 թ.։ Գէորգ Վրդ., 1749 թ.։ Յովսէփ Եպս., 1749 թ.։ Գասպար Վրդ., 1785-1788 թթ.։ Մատթէոս Վրդ., 1788 թ.։ Ճոհարճի Վրդ. Ադամեան, 1788 թ.։ Յովհաննէս Վրդ. Վլանկացի, 1792-1796 թթ.։ Պետրոս Վրդ. Գաղատացի, 1795 թ.։ Գէորգ Վրդ. Բերիացի, 1795 թ.։ Յովհաննէս Վրդ. Թօփուզեան։ 262

2. ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴՆԵՐ Սերովբէ Վրդ. Այվազեան, 1820 - 25.11.1837։ Պօղոս Վրդ. Ահարոնեան, 1837 - 3.4.1841։ Բարսեղ Վրդ. Աքթարեան, 3.8.1841 - 25.8.1849։ Արհի. Տ. Պօղոս Եպս. Աքթարեան, 26.8.1849 - 2.6.1866։ Ստեփան Վրդ. Անուանեան, 1866 - 2.5.1870։ Պօղոս Վրդ. Սապպաղեան, 1874-1880։ Աւետիս Վրդ. Թուրքեան, 1880-1886։ 3. ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐ Արհի. Տ. Բառնաբաս Եպս. Ագշէհիրլեան, 2.5.1886 - 16.5.1898։ Պօղոս Վրդ. Սապպաղեան, 1898 - 9.11.1901, իբր Պատրիարքական Փոխանորդ։ Արհի. Տ. Պօղոս Եպս. Սապպաղեան, 10.11.1901 - 4.8.1904։ Արհի. Տ. Սերովբէ Եպս. Դաւթեան, 1904-1907, իբր Պատրիարքական Փոխանորդ։ Արհի. Տ. Պետրոս Եպս. Գոյունեան, 7.7.1907 - 14.3.1911։ Արհի. Տ. Յովհան Եպս. Գուզեան, 22.10.1911 - 6.5.1933։ Արհի. Տ. Յակոբ Արքեպս. Նեսիմեան, 5.8.1933 - 2.7.1960։ Արհի. Տ. Ռափայէլ Եպս. Պայեան, 6.1.1959-ին` օգնական Եպս. Նեսիմեան Գերապայծառին, յաջորդութեան իրաւունքով։ Արհի. Տ. Ռափայէլ Եպս. Պայեան, 2.7.1960 - 9.3.1989։ Պետրոս Վրդ. Թարմունի, 5.6.1989 - 18.2.1990, Պատրիարքական Կառավարիչ։ Արհի. Տ. Պետրոս Եպս. Թարմունի, 18.2.1990 - 7.10.1999։ ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻՈՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐ ¶»ñå© ´³éݳµ³ë ºåë© ¶»ñå© äûÕáë ºåë© ¶»ñå© ä»ïñáë ºåë© ²·ß¿ÑÇñÉ»³Ý ê³åå³Õ»³Ý ¶áÛáõÝ»³Ý 1886-1898 1901-1904 1907-1911 263

¶»ñå© ÚáíÝ³Ý ºåë© ¶áõ½»³Ý ¶»ñå© Ú³Ïáµ ²ñù© Ü»ëÇÙ»³Ý 1911-1933 1933-1960 ԺԴ. ԱՐՀԻ. Տ. ՌԱՓԱՅԷԼ ԵՊՍ. ՊԱՅԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ ՎԻՃԱԿԱՒՈՐԸ Վիճակաւոր Արհի. Տ. Յակոբ Արք. Նեսիմեանին յաջորդեց Արհի. Տ. Ռափայէլ Եպս. Պայեան, որ նոր պաշտօնը հազիւ ստանձնած, գրեթէ առաջին օրէն իսկ` եռանդագին գործունէութեան լծուեցաւ, կրթական եւ ընկերային կառոյցներով շէնցնելով համայնքային կեանքը։ ¶»ñå© è³÷³Û¿É ºåë© ä³Û»³Ý Հովուական առաջին այցելութեամբ Խարթում գտնուած օրերուն, Գերապա- տիւ Գրիգոր Վրդ. Կէրկէրեանի հետ, Գերապայծառ Պայեան յաջողած էր տեղւոյն լատին առաջնորդին հաւանութիւնը ստանալ` քաղաքին մանչերու եւ աղջիկ- ներու կաթողիկէ վարժարաններուն հայ տղոց եւ աղջիկներուն համար, հայերէն լեզուի մասնաւոր դասընթացք հաստատելու` շաբաթական դրութեամբ։ Այս որոշումը` իր ատենին չգործադրուեցաւ, գաղութին բաղկացուցիչ 264

տարրերու խափանարար աշխատանքին պատճառով։ Յետագային, այս որոշու- մին կիրարկութենէն կրցան օգուտ քաղել ուրիշներ` որոնք ժամանակաւոր պաշտօնով այդտեղ կը գտնուէին։ Աղեքսանդրիոյ թեմը նուիրումով կառավարելէ ետք, իր մօտալուտ մեկնումին առիթով, Գերպ. Ռափայէլ Եպս. Պայեանի ի պատիւ` Կիրակի, 28 Յունուար 1990- ին, երեկոյեան ժամը 6.30-ին, մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, ապա, Արհիապատիւ Պետրոս Եպս. Թարմունիի, Կղերին եւ Գահիրէի Պատրիարքա- կան Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ողջերթի հիւրասիրութիւն։ Կարճ ժամանակ մը Պրազիլիա գտնուող իր հարազատներուն մօտ մնալէ ետք, Գերպ. Պայեան շրջան մըն ալ մնացած է Զմմառի Միաբանութեան Փոխման Կուսին վանքը, ապա` իր վաստակած կեանքը անցուց Պէյրութի մերձակայքը գտնուող «Քրիստոս Թագաւոր» քահանաներու յատուկ հանգստարան տունին մէջ, ուր մահկանացուն կնքեց 30 Սեպտեմբեր 1999-ին, լի հոգեւոր մխիթարու- թիւններով։ ԺԵ. ԱՐՀԻ. Տ. ՊԵՏՐՈՍ ԵՊՍ. ԹԱՐՄՈՒՆԻ ՎԻՃԱԿԱՒՈՐ ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻՈՅ Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան մէջ, Արհի. Տ. Պետրոս Եպս. Թարմունի միակն է` որ ծնած է Գահիրէ։ Ան` իր աչքերը բացած է Էլիաս եւ Ժոզեֆին Թազայի օրհնեալ ընտանիքին մէջ, Մաթարիա` 17 Յունուար 1940-ին. Պետրոս` ութ զաւակներէն, հինգերորդն է։ Թազա ընտանիքը բնիկ Մարտինցի է, որ 1915 թ. սպանդէն մազապուրծ ճողոպրելով` 1924 թ. ապաստան գտած է Փոր Սայիտի մէջ, հազարաւոր տարագիրներու կարգին։ Պետրոսի ուսումնառութիւնը` մանկութենէն պատանեկութիւն, տեղի ունե- ցած է ֆրանսացի ֆրերներու վարժարաններուն մէջ, դաստիարակուած է անոնց ջամբած ոգիով. այսպէս` նախ Զէյթուն արուարձանի, յետոյ Խորոնֆիշի եւ ապա Տահէր թաղամասի Collège de la Salle-ին մէջ։ Ընտանեկան բարեպաշտ կենցաղը, եւ յատկապէս` Ս. Թերեզա եկեղեցւոյ բոլորանուէր ժողովրդապետ Պօղոս Վրդ. Բապուճեանի խրախուսանքը, առիթ կու տան` որ երիտասարդ Պետրոս, իր զգացած կոչումին համաձայն, իր ուսումը ամբողջացնէ Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Վարժարանին մէջ, 1958- 1965 տարիներու ընթացքին։ Միաժամանակ, ան յաճախած է Յիսուսեան Հայրերու Գրիգորան Համալսա- րանը` իմաստասիրութիւն եւ աստուածաբանութիւն ուսանելու համար։ Այսպէս, Պետրոս Վրդ. Թարմունի քահանայական սուրբ կարգը կ’ընդունի 15 265

²ñÑÇ© î© ä»ïñáë ºåë© Â³ñÙáõÝÇ Օգոստոս 1965-ին` Վերափոխումի տօնին, Աթոռանիստ Աւետումն Ս. Աստուա- ծածին Եկեղեցւոյ մէջ, Աղեքսանդրիոյ Վիճակաւոր` Արհի. Տ. Ռափայէլ Եպս. Պայեանի ձեռնադրութեամբ։ Բազմահարիւր ներկաներուն մէջ, Գերպ. Թարմու- նի յուզումով կը յիշէ` Եգիպտոսի Հայոց Թեմի շինարար առաջնորդ, հոգելոյս Մամբրէ Արքեպիսկոպոս Սիրունեանի ներկայութիւնը։ Այնուհետեւ, Պետրոս Վրդ.ին եկեղեցանուէր կեանքը ընթացած է ժողովրդա- պետական ժրաջան գործունէութեամբ, ամէն տեղ շէնցնելով եւ ծաղկեցնելով իր շրջապատը` 1965-1968 տարիներուն, Աւետումն Ս. Աստուածածին Եկեղեցիին մէջ, իսկ 1968-1998 թուականներուն` Հելիոպոլսոյ Ս. Թերեզա Եկեղեցիին մէջ։ Իր ծառայասիրութիւնը արժանացած է Հոգեւոր Տիրոջ ուշադրութեան, եւ 1985 թ., քահանայութեան քսանամեակին առիթով, բարձրացած է ծայրագոյն Վարդա- պետութեան աստիճանի։ Վիճակաւոր Արհի. Տ. Ռափայէլ Եպս. Պայեանի հանգստեան կոչուելուն 266

պատճառով, 1989 Օգոստոս 21-ին, Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսը` յաջորդ Վիճա- կաւոր նշանակած էր Գերյարգելի Պետրոս Ծ. Վ. Թարմունին։ Այս առիթով, Եպիսկոպոսական օծումը կատարուեցաւ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին կողմէ, 18 Փետրուար 1990-ին, Աթոռանիստ Եկեղեցիին մէջ. խարտաւիլակութիւնը կատարեց Գերապայծառ Պայեան Եպս., ձեռնադրակից եպիսկոպոսները եղան` Անդրէաս Պետօղլեան եւ Վարդան Աշքարեան, երկուքն ալ` Կաթողիկոս-Պատրիարքին օգնական եպիսկոպոսներ։ Բազմահարիւր հաւատացեալներու ներկայութեան տեղի ունեցած հոգեպարար արարողութեան, պատուոյ տեղերը գրաւած էին եկեղեցական պետերը եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւնները։ Միջ-եկեղեցական հերթական հաւաքոյթներու ընթացքին` իր արտայայտիչ ելոյթներով, գերապայծառ Թարմունի ապահոված է մասնաւորաբար, պատանի- ներու եւ երիտասարդներու համակրութիւնը։ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայերու Գերերջանիկ Տ.Տ. Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ., իր պաշտօնէն հրաժարիլը` 25 Նոյեմբեր 1998 թուակիր նամակով ներկայա- ցուցած էր Ն. Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. Ս. Պապին, որ ընդունած է 1999 Յունիսին։ Սիւնհոդոսական Հայրերու որոշումով` 1999 Հոկտեմբեր 2-7-ին ընթացքին, Զմմառու Փոխման Կուսին վանքին մէջ, Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը Կաթո- ղիկոս-Պատրիարք ընտրած է Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ` Արհի. Տ. Պետրոս Եպս. Թարմունին, որ ստացած է Ներսէս Պետրոս ԺԹ. անունը։ ԺԶ. ԳԵՐ. ՄԽԻԹԱՐ ՔԱՐԵՄ ՎՐԴ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉ ԵԳԻՊՏՈՍԻ Արհի. Տ. Պետրոս Եպս. Թարմունիի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայերու Կաթողիկոս-Պատրիարք ընտրութեամբ, Աղեքսանդրիոյ Եպիսկոպոսական Աթոռը թափուր մնաց պահ մը. սակայն, անմիջական կարգադրութեամբ, ամե- նապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ., Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ թեմին Պատրիարքական կառավարիչ անուանեց Հայր Մխիթար Քարեմ Պօղոս- եանը, անոր շնորհելով Վարդապետական աստիճան։ Աւետման Մայր Եկեղեցիին մէջ` Կիրակի, 14 Նոյեմբեր 1999-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, եկեղեցական արարողութեան նախագահեց եւ Ս. Պատարագ մատու- ցանեց Պատրիարքական Փոխանորդ` Արհի. Տ. Մանուէլ Եպս. Պաթագեան։ 267

¶»ñ© ØËÇóñ ø³ñ»Ù ìñ¹© äûÕá뻳Ý` í³ñ¹³å»ï³Ï³Ý ³ëïÇ×³Ý ëï³Ý³É¿ ³é³ç ԺԷ. Տ. ԺԻՐԱՅՐ ՔՀՆՅ. ԱՆԱՆԵԱՆ ՀԵԼԻՈՊՈԼՍՈՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏԸ Բոլոր եկեղեցիներուն նման` Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին ալ կը դիմագրաւէ քահանայական եւ կրօնաւորական կոչումներու սակաւութեան տագնապը։ Սակայն, հաւատաւոր եկեղեցականը անսալով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի թելադրանքին (Մատթէոս Թ. 37, 38 եւ Ղուկաս Ժ. 2), թէ` «հունձքը առատ է, բայց մշակները քիչ. ուստի աղաչեցէք հունձքի տիրոջ` որ մշակներ ղրկէ իր հունձքին համար», Արհիապատիւ Պետրոս Եպիսկոպոս, արդարեւ, յաջողած է գտնել իր ձեռնասունը` Ժիրայր Անանեանը, եւ հոգեւոր պատրաստութեամբ հասցնել քահանայական աստիճանի։ Տեղւոյն վրայ` աստուածաբանական եւ սուրբ գրական գիտութիւններու մէջ պատրաստուելէ ետք, շատ կարճ ժամանակով ալ ղրկուած է Վիեննայի 268

Մխիթարեան Միաբանութեան Մայրավանքը` ամբողջացնելու համար հայերէն լեզուի նախագիտելիքները։ Հոգեւոր չափաւոր պատրաստութենէ ետք, Աւետման Աթոռանիստ Եկեղե- ցիին մէջ` 2 Փետրուար 1993-ին, Արհի. Տ. Պետրոս Եպս. Թարմունիի ձեռնադրու- թեամբ, Տ. Ժիրայր Քհնյ. Անանեան դարձաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին` արդի ժամանակներուն մէջ գործող առաջին ամուսնացեալ քահանան։ Այդ թուականէն սկսեալ, Տ. Ժիրայր քահանայ որպէս ժողովրդապետ կը ծառայէ Ս. Թերեզա Եկեղեցիին մէջ, բոլորանուէր հասնելով իր բազմանդամ հօտին բազմապիսի պահանջներուն։ Տէր Ժիրայր` Don Bosco արհեստագիտական վարժարանի շրջանաւարտ- ներէն է, կեանքի ասպարէզին մէջ եղած է յաջողակ անձ մը, ամուսնացած է` կազմելով երեք զաւակներով ընտանիք մը։ ²ñÅ© î© ÄÇñ³Ûñ øÑÝÛ© ²Ý³Ý»³Ý` ù³Ñ³Ý³Û³Ï³Ý Ó»éݳ¹ñáõÃ»Ý¿Ý í»ñç 269

ԺԸ. ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ Պատմական առաջին տուեալներուն համաձայն, ԺԸ. դարու կէսին` հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը հաշուած է քառասուն ընտանիք, միայն մայրաքա- ղաքին մէջ։ 1885 թ. կատարուած մանրազնին «Ազգահամար»-ին մէջ, «թիւ համօրէն ընտանեաց` որք գտանին ըստ ամենայն սահմանս Եգիպտոսի, է (228) երկերիւր քսանեւութ7»։ «Ազգահամար»-ներ կազմուած են նաեւ` 1896, 1897, 1898 տարիներուն8։ 1914 թ. տուեալներով` Գահիրէ գտնուած են 300 ընտանիք, իսկ Աղեք- սանդրիա` 120 ընտանիք։ 1915-1935 քսանամեակին` Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ գտնուած են երկու հազարէ աւելի հայ կաթողիկէ անդամներ, Մեծ Եղեռնէն եւ յաջորդական կոտորածներէն ճողոպրած նոր գաղթականներու հետեւանքով։ 1941 թ., Գահիրէի համայնքը հաշուած է 800 ընտանիք։ Միայն, 1943-1945 թթ., Աղեքսանդրիոյ համայնքին թիւը եղած է 400 ընտանիք։ Աւելի մանրամասնեալ վիճակագրութիւն մը գոյութիւն ունի Հելիոպոլսոյ, Քուպպէյի, Զէյթունի, Հիլմիէի, Մաթարիէի, Այն Շամսի, Էզպէթ Էլ Նախլի միաց- եալ ժողովրդապետութեան մասին. այսպէս, 1939 թ.` 184 ընտանիք, 1945 թ.` 246, 1949 թ.` 367, 1971 թ.` 219, 1973, թ.` 209։ Ներկայիս` վերջին տուեալներով, հայ կաթողիկէ համայնքին անդամները կը հաշուեն, Գահիրէ` 146 ընտանիք, Հելիոպոլիս` 195, Աղեքսանդրիա` 75, գաւառ- ներու մէջ` Թանթա, Զիֆթա, Մանսուրա, 10. իսկ Սուտան` Խարթում եւ շրջա- կայքը` 70։ ԺԹ. ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐ Առաջին երեսփոխանական ժողովը կը հաստատուի 1869 Փետրուար ամսուն, Անտոն Հասունեան Կաթողիկոսին Եգիպտոս այցելութեան ժամանակ։ Կաթողի- կոսը` «առանց կանոն մը եւ սահմանադրութիւն մը օրինագրելու` կը կարգէ երեսփոխանական ժողով մը եւ կ’որոշէ անոր անդամները9»։ Երեսփոխանական ժողովը իր գոյութիւնը պահպանած է մինչեւ 1905 թ., Պատրիարքական Փոխանորդ Արհի. Տ. Սերովբէ Եպս. Դաւթեանի թելադրու- թեամբ եւ կազմակերպութեամբ, Տիրան Փիլիպպոսեանի աջակցութեամբ, Բիւ- զանդ Մասրաֆ` իր օրէնսդրական հմտութեամբ, կը ջանայ ծրագրել հիմնական 270

կանոնագիրը` որ 27 յօդուածներով կը ներկայացուի եգիպտական կառավարու- թեան. երկարատեւ քննութենէ ետք, կը վաւերացուի Նորին Բարձրութիւն Խտիւին կողմէ` 1905 Նոյեմբեր 18-ին, արտօնելով անոր կիրարկութիւնը։ 1906 Մարտ 30-ին` տեղի ունեցած է առաջին նիստը. որոշումները` մասնակից ժողո- վականներուն ստորագրութեամբ, արձանագրուած են առանձին տոմարի մը մէջ։ Աղեքսանրդիոյ համայնքը իր սեփական վարչութիւնը կ’ունենայ 1909 Մայիս 9-ին։ Ներկայիս, Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ համայնքները կը կառավարուին Պատրիարքարանի Վարչական Մարմիններու (Մակլիս իտարաթ էլ պաթրիար- քէյա) կողմէ` բաղկացած տասնմէկ անդամներէ, վերընտրելի` երեք տարին անգամ մը. Մարմինին նախագահը` Եպիսկոպոսն է, որ կ’անուանէ եկեղեցական ներկայացուցիչը, Գահիրէի պարագային` Տ. Ժիրայր Քհնյ. Անանեանն է։ Աշխար- հական ինը անդամները կ’ընտրուին հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ` եթէ լրացնեն հետեւեալ պայմանները. ըլլան` Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետու- թեան հպատակ, հայ կաթողիկէ, լրացուած` քսանմէկ տարիքը, վճարեն` անդա- մական տարեկան տուրքը, անուանարկիչ դատապարտութիւն կրած չըլլան, եւ արձանագրուած ըլլան երկու տարիէ ի վեր։ Ի. ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՀԻՆ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐ Եկեղեցին տակաւին եկամուտէ զուրկ ըլլալուն, քահանաները յաճախ ստիպուած եղած են ժողովուրդին նուիրատուութեան դիմելու. Բարսեղ Վրդ. Աքթարեանի առաջին հոգը կ’ըլլայ եկեղեցիին տնտեսական աննախանձելի վիճակը բարւոքել։ Իրմէ ետք, Ստեփան Վրդ. Անուանեանն ալ` անշարժ կալուածներով օժտած է եկեղեցին։ Զակազիկի կողմերը` Պորտէն գիւղին մէջ, Արհի. Տ. Սերովբէ Եպս. Դաւթեան գնած է 25 ֆետտան տարածութեամբ փոքրիկ ագարակ մը, որ տարեկան 100 ոսկի եկամուտ ապահոված է այն ժամանակ։ Գերապայծառ Դաւթեան` 17 ֆետտան տարածութեամբ ուրիշ ագարակ մըն ալ գնած է Թելլէն Շարքիէ գիւղին մէջ։ Նոյն վայրին մէջ բարեպաշտ անձ մը` 29 ֆետտանի չափ տարածութեամբ ագարակ մըն ալ նուիրած է։ Նախկին բոլոր կալուածները վաճառուած ըլլալով, ներկայիս` հայ կաթողիկէ համայնքը կը մատակարարուի այլ հասութաբեր կալուածներու եկամուտներով եւ բարեպաշտ անդամներու նուիրատուութիւններով։ 271

ԻԱ. Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԻ ԱՆՈՒԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ Առաջին անգամ, Բարսեղ Վրդ. Աքթարեան կազմակերպած է եղբայրութիւն մը` յանուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի։ Տասնեակ մը բարեգութ անձնաւորութիւններ` Եագուպ Արթին փաշայի, իր հօրաքրոջ` Թագուհի Հէքէքեանի, Հէքէքեան Թիթօ փաշայի, Պետրոս եւ Շիւքրի Մարտիրոսներու, Յովսէփ Կիւզէլի, Պազըրճեանց ընտանիքի եւ Մաթոսեան տոհմի զանազան անդամներուն նման` մշտնջենաւոր հրիտակներով ջանացած են մխիթարել բախտազուրկները։ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան մէջ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անուան Բարեգործական Ընկերութիւն մը հաստատելու համար` 1890 թ., Յակովբ Ֆէրահ- եան` Ժորժ Օղիայի, Ամին Հինտիէի եւ Կրէկուար Ֆէրահեանի աջակցութեամբ, ջանադիր կ’ըլլայ 54 յօդուածներէ բաղկացեալ կանոնագրութիւն մը պատրաս- տելու։ Արաբերէն լեզուով խմբագրուած այդ կանոնագրութիւնը` 1890 թ. Մայիսին, տպագրել տալով` կը ցրուեն։ Նախաձեռնութիւնը լաւ ընդունելութիւն կը գտնէ` քառասունի չափ անդամներ մէկտեղելով. անոնք անձնուէր սիրով հոգ կը տանին ազգին կարօտեալները խնամելու` հաց, ալիւր, կտաւ եւ հանդերձեղէն բաշխելով։ 1906 թ. սկիզբը, Առաջնորդական Խորհուրդի Աղքատախնամին հսկողու- թեամբ` կը խմբագրուի նոր կանոնագրութիւն մը եւ կը հաստատուի Ազգային Ժողովէն եւ կառավարական իշխանութենէն 25.6.1906 թ. պաշտօնագրով։ Իսկ 1965-ին` կը վաւերացուի Ընկերային Գործոց Նախարարութեան կողմէ։ Այդ թուականէն սկսեալ, Բարեգործականը յարատեւած է իր նախախնամական առաքելութեան մէջ` մինչեւ այսօր։ Անցեալին, Աղեքսանդրիա ալ ունեցած է Աղքատախնամ Ընկերութիւն մը, որուն գործունէութիւնը դադրած է 1965-ին։ Նոյն նպատակով, բայց տարբեր անունով` St. Vincent de Paul-ը գործած է նաեւ Աղեքսանդրիոյ մէջ։ Յետագային, այս երեք մասնաճիւղերը ձուլուելով` կը կազմեն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը, որ ժամանակի ընթացքին կը փակուի այս վերջինն ալ։ Ներկայիս, Գահիրէի Աղքատախնման Մարմինը կը գործէ տասներկու անդամներով, որոնք կը վերընտրուին ամէն տարի` Ընկերային Գործոց Նախա- րարութեան հսկողութեան ներքեւ։ 272

ԻԲ. ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ համայնքին մէջ, 1882 Օգոստոս 15-ին` Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխումի տօնին, կը սկսի Գրիգորեան տոմարի գործա- ծութիւնը` Պօղոս Վրդ. Սապպաղի նախաձեռնութեամբ եւ Ազարեան Կաթողի- կոսին թելադրութեամբ։ Արհի. Տ. Սերովբէ Եպս. Դաւթեանի հոգածութեամբ կը կարգաւորուի Պատրի- արքարանի Դիւանը` որ իր մէջ կը պարփակէ 1736 թ. սկսեալ պսակի արձանա- գրութեան, եւ 1737 թ. սկսեալ մկրտութեան արձանագրութեան տոմարները։ ա. Մատեան Պսակի կամ Արձանագրութիւնք Եղեալ Ամուսնութեանց յԱզգի Հայոց Ուղղափառաց, որ յԵգիպտոս։ Սկսեալ ի 1736 ամէ թուականի Քրիստոսի10։ բ. Ընդհանուր Արձանագրութիւն Եղեալ Մկրտութեանց յԱզգի Հայոց Ուղղա- փառաց, Եգիպտոս։ Սկսեալ ի 1737 ամէ թուականին Քրիստոսի11։ Երեքդարեայ հոգեւոր-մշակութային գանձերը` որոնք ի պահ կը մնան Եկե- ղեցիին եւ Պատրիարքարանին մէջ զանազան անկիւններ, զանոնք ապահով վիճակի մէջ տեսնելու բուռն տենչով, Գերապայծառ Թարմունի կը ծրագրէ ար- դիական կահաւորումով թանգարան մը հիմնել` անոնց ցուցադրութեան համար յարմարագոյն վայրը ապահովելէ ետք։ Պատրիարքարանի ճոխ գրադարանը` որ կը գրաւէ երրորդ յարկի սենեակ- ներէն մէկը, ներկայիս, ֆրանչիսկեան Հ. Վենսան Մուսթարիհի հոգածութեամբ կը կազմակերպուի, յատկապէս` ուսումնասէր անձերու, եւ ընդհանրապէս` հետաքրքիր ընթերցողներու մատչելի դառնալու համար։ ԻԳ. ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԱԿԱՆԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԴԷՄՔԵՐ Եկեղեցական եւ հասարակական կեանքի մէջ` բազմաթիւ նուիրեալներու կարգին, իրենց վաստակով մասնաւոր յիշատակութեան արժանացած են` Պօղոս Վրդ. Սապպաղեանը, որ Աղեքսանդրիոյ Վիճակաւորի պաշտօնը արդիւնաշատ կերպով վարելէ ետք, արժանավայել կերպով բազմած է Պոլսոյ պատրիարքական գահին վրայ։ Երկու ժողովրդապետներ` Ալոզիոս Վրդ. Պաթանեան եւ Յովհան- նէս Վրդ. Գասպարեան հասած են նուիրապետական` կաթողիկոսութեան բարձրագոյն աստիճանի. առաջինը` Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ., իսկ երկրորդը` հրաժարեալ Կաթողիկոս-Պատրիարք Յովհաննէս 273

Պետրոս ԺԸ.12 է։ Ուրիշ վաստակաշատ ժողովրդապետ մըն ալ եղաւ Արհի. Տ. Իգնատիոս Արք. Մալոյեան, որ 1915 թ., իր քահանաներու խումբով եւ Մարտինի հայ կաթողիկէ համայնքին հաւատացեալներուն հետ` արժանացած է նահատակի լուսա- պսակին13։ Այս խումբի նահատակներէն` Սիմոն Վրդ. Պայեան ժամանակ մը գործած է Եգիպտոսի թեմին մէջ։ 1. Հովուական առաքելութեան առընթեր, մտաւորական արժանիքներ ցուցա- բերած է Արհի. Տ. Սերովբէ Եպս. Դաւթեան, բեղուն գրիչի տէր եկեղեցականը, որուն հրատարակուած երկերը կը ներկայացուին այստեղ. - Serafino Davidian, Biografia di sua beatitudine Abramo Pietro I. patriarca di Cilicia e Catolicos degli Armeni, Cairo: Tipografia Cambo, 1861, 192 p. - Serafino Davidian, Biografia di sua beatitudine Gregorio Pietro VIII. patriarca di Cilicia e Catolicos degli Armeni, Torino, 20 Agosto 1866. Seconda edizione, Cairo, 1914. - S. Davidian, Cause della questione armeno-cattolica, Costantinopoli, 1870. - S. G. Mgr. Séraphin Davidian, Aperçu historique sur la situation des arméniens catholiques en Egypte, Cairo: Tipografia F. Votta, 1910, 17 p. - Յովսէփ Գեղեցիկ. Պետրոսի Աբբայի Մէթասթազիօ, թարգմանաբար շարա- գրեաց Գեր. Սիրովբէ Դաւթեան, Եպս. Հայ Ուղղափառ ի Գահիրէ, Վենետիկ, Տպ. Ս. Ղազար, 1913, 43 էջ։ - Աքաաբ թագաւոր. Տ. Յովհաննու Ռազի, թարգմանաբար շարագրեաց Գեր. Սիրովբէ Դաւթեան, Եպս. Հայ Ուղղափառ ի Գահիրէ, Վենետիկ, Տպ. Ս. Ղազար, 1913, 43 էջ։ - Պատմական տեսութիւն Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, գրեց Գեր. Սերովբէ Եպիսկոպոս Դաւթեան, ի Գահիրէ, ի հազար ինն հարիւր տասնըմէկ թուականին, Գահիրէ, Տպագր. Զ. Ն. Պէրպէրեան, 1914, 158 էջ։ - Mgr. Sépaphin Davidian, Généalogie et biographie de S. E. Yacoub Artin Pacha, Le Caire, 1917. 2e édition, Le Caire, 1917. 2. Ֆրանսերէն լեզուով պատմական կարեւոր հետազօտութիւն մը կատարած է Պօղոս Վրդ. Շիրիքճեան։ - Abbé Paul Chirikjian, L’Église arménienne catholique et le Saint-Siège de Rome, Alexandrie, 1949, 240 p. 3. Գերագոյն արժանիքներով օժտուած եկեղեցական մը եղած է Խաչիկ Վրդ. Աթանասեան, որուն գլխաւոր աշխատութիւնն է` - Վարք Աբրահամ-Պետրոս Ա. Արծիւեան Կաթողիկոսի, աշխատասիրեց Խա- չիկ Վ. Աթանասեան, Զմմառեան Միաբանութենէն, Պէյրութ, Հայ Կաթողիկէ Տպարան, 1959, 382 էջ։ 4. Գրիգոր Վրդ. Կէրկէրեան` անխոնջ հետազօտող մը եղաւ, յայտնաբերելու համար Մեծ Եղեռնի վերաբերող վաւերագրերու բնագիրները. Այսպէս, Ամենա- 274

պատիւ Տ. Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանի բարեհաճ թոյլտուութեամբ, Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց վանքին դիւաններէն կրցած էր 5000 վաւերաթուղթ լուսանկարել տալով` պատճէնները ունենալ։ Ապա, ամէն տարուան ամառուան ամիսներու ընթացքին, կարգով այցելած է Հռոմի, Փարիզի, Վիեննայի, Լոնտոնի Արտաքին Գործոց նախարարութիւններու դիւանները, ինչպէս նաեւ ԱՄՆի մասնաւոր դիւաններ։ Այս նիւթին շուրջ կազմուած անթիւ թղթածրարները` իրենց բացառիկ բովանդակութեամբ, իր մահէն ամիսներ առաջ, մանրամասն ցուցակագրուած են ԱՄՆի Հայկական Համագումարին կողմէ14։ Գերապատիւ Վարդապետին աշխատութեան ծրագիրը շատ ընդարձակ էր, իւրաքանչիւր շրջանի տարագրութեան եւ ջարդերուն մասին մենագրութիւն մը կը պատրաստէր` բնագրէն զատ, եւրոպական չորս լեզուներու թարգմանու- թեամբ։ Աշխատասիրութիւնը` մեթոտիկ կերպով կը յառաջանար, ափսոս, որ թերաւարտ մնաց։ Այդ շարքէն լոյս տեսաւ միայն` - Գրիկէր, Եոզղատի հայասպանութեան վաւերագրական պատմութիւնը, Նիւ Եորք, 1980, 468 էջ։ - Իր երիտասարդութեան տարիներուն, Կէրկէրեան Վրդ. յատկապէս հետա- քրքրուած է Հ. Արսէն Բագրատունիի Հայկ դիւցազն դիւցազնավէպով. համբերա- տար կերպով` արեւմտեան աշխարհաբարի վերածած էր 20,000 տողերը...։ Նիւթական պատճառներով` չկրցաւ գրական այս անզուգական գոհարը տպա- գրութեան յանձնել։ - Անտիպ մնացած ուրիշ մեքենագիր աշխատութիւն մըն ալ` Սիմէոն Դպիր Լեհացիի Ուղեգրութիւնն է, Itinéraire de Siméon Lecteur Polonais ֆրանսերէն շատ գեղեցիկ թարգմանութեամբ եւ ուսումնասիրութեամբ։ 5. Տակաւին` 1911 թ., Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսին կողմէ յայտնուած փափա- քին արդիւնքն է` - Նոր Կտակարան, չորս աւետարաններ եւ Գործք Առաքելոց, գրաբարէ աշ- խարհաբար թարգմանեց եւ մեկնաբանեց Հ. Գարեգին Վրդ. Գարանֆիլեան, Մխիթարեան Ուխտէ, Գահիրէ, Տպարան Նոր Աստղ, 1950, 594 էջ։ Եգիպտահայ տպագրական արուեստին պատիւ բերող հրատարակութիւն մըն է` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս-Պատրիարք Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի հայրական գնահատանքի թուղթով։ 6. Ամէն առիթի` Գահիրէի թէ Աղեքսանդրիոյ մէջ, եկեղեցական բոլոր ձեռ- նարկներուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ֆրանչիսկեան Հայրերու Քրիստո- նէական Արեւելագիտութեան ուսումնասիրութեան Կեդրոնի ժրաջան տնօրէն, Հ. Վենսան Մուսթարիհ, արեւելագէտ հայագէտ Վարդապետը։ 275

Щ ì»Ýë³Ý ØáõëóñÇÑ - üñ³ÝãÇëÏ»³Ý ԻԴ. ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐ Իրենց անթիւ բարեգործութիւններով եւ առատաբուխ նուիրատուութիւն- ներով յաւերժ յիշատակելի կը մնան, Գահիրէէն` Միքայէլ Այվազեան, Մաննա Գարգուր, Արթին պէյ Չրաքեան, Սուսան Տաուտ Էլ Հալապի եւ դուստրը` Ռոզա, Բէմպէ Հէքիքեան, Սոֆիա Մելքոն, Մարտիրոս եղբայրները, Թիթօ փաշա Հէքէք- եան, Եագուպ Արթին փաշա, Նասրի Տատուր, Ժագ Եուսուֆեան, ասպետ Կարա- պետ պէյ Մաթոսեան, Արհի. Տ. Յովհան Եպս. Գուզեան, Կատարինէ Լիմոնճելլի, Յարութիւն Արբաճեան, Արաքսի Ամպարեան, Ժագ Պաղտեան եւ ուրիշներ։ ²ëå»ï γñ³å»ï سÃáë»³Ý 276

Իսկ Աղեքսանդրիայէն` դարձեալ Եագուպ Արթին փաշա, Խալիլ փաշա Խայեաթ եւ եղբայրը` Նասրի պէյ, Յովհաննէս պէյ Մաթոսեան, Մանինա Գար- գուր, Պետրոս Տեմիրճեան, Մարի Պօյաճեան, Յակոբ Պօտուրեան, Սիմա Մաք- սուտ, ծնեալ` Զերբճի, Մարի Կոհարկի եւ ուրիշներ։ ԻԵ. ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԿԱՐԿԱՌՈՒՆ ԴԷՄՔԵՐ Հայ կաթողիկէ համայնքային կեանքին սատարած կարկառուն դէմքերը բազմաթիւ են. այսպէս, պետական բարձր պաշտօններուն հասած, Չրաքեան ընտանիքի անդամներէն` Արթին, Խոսրով եւ Եուսէֆ պէյերը, Եագուպ Արթին փաշան։ Հէքէքեան ընտանիքէն` Եուսուֆ պէյը եւ Թիթօ փաշան։ Դատական քննիչ Պետրոս պէյ Կորկին, Խանքի ընտանիքէն` դատաւոր Եուսէֆ պէյ Ազիզ, Քամէլ Եուսէֆ եւ Ազիզ պէյերը. բոլորն ալ մտաւորական ձիրքերով օժտուած անձեր` քանի մը հատորներու հեղինակ։ Օղիա ընտանիքէն` բժիշկ Լաթիֆը, Ժորժ եւ Էմիլ պէյերը։ Մըսաուար ընտանիքէն` Ժոզէֆ, Քամէլ եւ Ժորժ պէյերը։ Արաբական գրականութեան մէջ անուանի գրող եւ հրապարակագիր Ատիպ Իսհաքը, լրագրող Օննիկ Փիլիպպոսեանը, շերամաբան Բիւզանդ Մասրաֆը։ Ֆարահեաններէն` Յակոբ եւ Կրեկուար պէյերը։ Մաթոսեաններէն` Կարապետ պէյը եւ Ժոզէֆ։ Ճարտարապետական կառոյցներով անուանի Լեւոն Նաֆիլեանը, երկաթե- ղէնի գործարանատէր Ա. Ֆէնտեանը, Հեռաձայնի Վարչութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն` Աւետիս Պալեանը եւ Սեդրաք Օտապաշեանը, եգիպտա- կան երգիծանկարչութեան ռահվիրայ Ալ. Սարուխանը, հիւսուածեղէնի ճարտա- րարուեստագէտ Պետրոս Պետիկեանը։ Միքայէլեաններէն` Ժորժ, եւ իր զաւակները` Հրաչ եւ Քրիս։ Սայիտ ընտանիքներէն` Էլի, Միշէլ, Լէյլա, Նակիպ, Լորիս։ Պազերկի ընտանիքէն` Ժոզէֆ եւ Էմիլ, Տէր Մարգար ընտանիքէն` Մաթիէօ, Ժոզէֆ եւ Սայիտ. Ռաֆայէլ Աթալլա, Ռուբէն Նալպանտեան, Ժոզէֆ Տիլիմեթին- եան, Ալպէր Աշպա եւ ուրիշներ15։ Աղեքսանդրիոյ հայ Կաթողիկէ համայնքն ալ, իր թիւին համապատասխան հաշուած է կարկառուն դէմքեր, ինչպէս` Եագուպ Արթին փաշա, Խայեաթ եղբայրներէն` Խալիլ փաշա եւ Նասրի պէյ, Հէքէքեան Թիթօ փաշա, Մաթոսեան Յովհաննէս պէյ, Էմիլ Շամէ’, Ժորժ Սայէղ, Տոքթ. Արթին Խաչերեան, Անթուան Աշպա, Տոքթ. Կարապետ Անսուրեան, Ռոպէր Պալեան, Ժան Քէսթանեան։ 277

àÕµ© ÄáñÅ ØÇù³Û¿É»³Ý ԻԶ. ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՐԱՏԱՐԱԿԱԾ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆՆԵՐԸ Հոգեւոր դաստիարակութեան եւ առաջնորդութեան համար` աշխարհի տա- րածքին, բազմաթիւ եկեղեցիներու հովիւներ` բարի սովորութեամբ կը հրատա- րակեն իրենց եկեղեցական գործունէութեան առընչուող շատ կոկիկ պարբե- րական տեղեկատուներ։ Այսպիսի ջանադրութեամբ, Հելիոպոլսոյ եռանդուն ժողովրդապետը` Պօղոս Վրդ. Շիրիքճեան, 1934 թ. յունիսէն սկսեալ մինչեւ 1939 թ., ձեռնարկած է Bulletin mensuel de l’église arménienne catholique Sainte Thérèse de l’Enfant Jésus ամսա- թերթին հրատարակութեան։ Նոյն եկեղեցիին ժողովրդապետութեան շրջանին, Պետրոս Վրդ. Թարմունի հրատարակած է La Vie paroissiale-ը, իսկ աթոռանիստ եկեղեցիին ժողովրդապե- տութեան շրջանին, Թարմունի Վրդ. երեք լեզուով հրատարակած է Bulletin diocésain-ը։ Դարձեալ Հելիոպոլսոյ Ժողովրդապետութեան Սրահին կողմէ հրատա- րակուած է Սրահի կեանքը ամսաթերթը` 1973 թ. Փետրուարէն սկսեալ, եւ բաշխուած է համայնքին բոլոր անդամներուն։ Հետաքրքրական եղած է նաեւ Պետրոս Վրդ. Թարմունիի երեք լեզուով հրա- տարակած Կապը` որուն 0-10 թիւերը լոյս տեսան միայն։ Վիեննայի Մխիթարեան հայրերն ալ, տեսուչ Հ. Բարսեղ Վրդ. Ֆերհաթեանի խմբագրութեամբ` 1957, 1959-1960 եւ 1961 տարիներուն հրատարակած են Ուսումնարան տարեգիրքը։ 278

ԻԷ. ԿՐԹԱԿԱՆ-ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ համայնքին կրթական-դաստիարակչական գոր- ծունէութիւնը կը սկսի 1849-1855 թթ., Արհի. Տ. Պօղոս Եպս. Աքթարեանի բացած փոքրիկ նախակրթարանով` ուր մանուկներուն կ’ուսուցանեն մայրենի լեզուն եւ հայոց պատմութիւնը։ Յետագային, Արհի. Տ. Սերովբէ Եպս. Դաւթեան` իր առաջնորդութեան շրջա- նին, համայնքի զաւակներէն տասնեակ մը տղոց հայերէն լեզու դասաւանդած է։ Գահիրէի Ֆակկալա թաղամասը գտնուող` Պատրիարքարանին պատկանող թիւ 35 շէնքին մէջ, Արհի. Տ. Յովհան Գուզեանի ջանքերով, 1919-1920 տարե- շրջանին` Ալոզիոս Վրդ. Պաթանեանի տեսչութեամբ, բացուած է մանչերու յատուկ դպրոց մը` «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» անունով, ուր դասաւանդած են նաեւ Վարդան Խաչերեան, Արսէն Խորասանճեան եւ Միքայէլ Մերզիպեան վարդա- պետները։ Այս վարժարանը գործած է չորս ուսումնական տարեշրջան եւ փակուած է եկամուտի անբաւարարութեան պատճառով։ Նոյն շէնքին մէջ` Արհի. Տ. Յակոբ Արք. Նեսիմեանի հրաւէրով, 1937 Սեպտեմ- բեր 1-ին կը հաստատուի Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Վարժարանը։ Իսկ 1952-ին, Հելիոպոլսոյ մէջ կը գնուի ընդարձակ հողամաս մը` որուն վրայ կը կառուցուի երկյարկանի արդիական շէնք մը, ուր` 1953-1954 տարեշրջանէն սկսեալ կը գործէ որպէս օրինակելի կրթական հաստատութիւն` միշտ առաջին դիրքերը գրաւելով պետական քննութիւններու բոլոր հանգրուաններուն։ Ð³Û Ï³ÃáÕÇÏ¿ í³ñųñ³Ý ²Ý³ñ³ï ÚÕáõû³Ý øáÛñ»ñáõ£ سëݳ߿Ýù»ñ¿Ý Ù³ë ÙÁ »õ 18 ÇÝùݳ߳ñÅ»ñ¿Ý ù³ÝÇ ÙÁ ѳïÁ£ 279

Աղեքսանդրիոյ Նապի Տանիէլ փողոցին վրայ, 1914 Սեպտեմբեր 21-ին բացու- մը կատարուած է Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Վարժարանին։ Յաջորդ տարեշրջանին` գերմանացի քոյրերուն հեռացումին պատճառով, Անարատ Յղութեան Քոյրերը ժամանակաւորապէս կը հաստատուին Սէն Շարլ Պորրոմէ Վարժարանը, ապա, տարեշրջան մըն ալ` անոնք կը փոխադրուին «Ազիլ Ռուտոլֆ»-ի միջազգային ապաստարանի շէնքը. հուսկ, 1922 Սեպտեմբեր 2-ին կայք կը հաստատեն Շիւցի արուարձանը, եւ 1938-ին` Գան տը Սեզարի մէջ կը բանան իրենց Վարժարանին մասնաճիւղը։ Աղեքսանդրիոյ Իպրահիմիէ թաղին վարձու շէնքի մը մէջ, բարերար Յովհան- նէս պէյ Մաթոսեանի հոգածութեամբ, տասնամեակ մը` 1924-1934 թթ., գործած է Մաթոսեան Որբանոցը` որ ձեռնհասօրէն վարած են Անարատ Յղութեան Քոյ- րերը, դաստիարակելով եւ կեանքի պատրաստելով 62 անչափահաս աղջիկներ։ Դարձեալ Աղեքսանդրիոյ մէջ, 1933 Սեպտեմբեր 2-ին, 60 աշակերտի հայերէն սորվեցնելու համար` Գերապատիւ Պօղոս Վրդ. Շիրիքճեան բացած է ամենօր- եայ, սակայն մասնակի ժամանակով «Սենթ Անթուան» դպրոցը։ 1933 թ. Յունուարին, Աղեքսանդրիոյ մէջ ծնունդ կ’առնէ «Հայր Ալիշան» Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդաց Միութիւնը, որ խանդավառ քանի մը ձեռնարկներէ ետք, 1935-1936 տարեշրջանին, իր հաւաքավայրին մէջ կը բանայ երկսեռ դպրոց մը` նախակրթարանի չորս դասարանով։ Յաջորդ տարուան Սեպտեմբերին, այդ դպրոցը կը փոխանցուի Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան տնօրինու- թեան։ Հ. Քերովբէ Վրդ. Չրաքեանի տեսչութեամբ` տարեշրջան մըն ալ «Վարժա- րան Հ. Ղեւոնդ Ալիշան» անունով գործելէ ետք, յաջորդ տարիէն սկսեալ կոչուած է «Մխիթարեան Վարժարան», Գան տը Սեզար թաղամասին մէջ։ Տասնամեակ մը ետք, Վարժարանը արդէն փոխադրուած է Շիւց, ընդարձակ պարտէզով, երկյարկանի շէնքի մը մէջ։ Այդտեղ, խաղաղ միջավայրի մէջ դաս- տիարակուած են յաջորդական սերունդներ, երբ 1964 թ. Վարժարանը իր դռները ընդմիշտ փակեց` աշակերտութեան թիւին զգալի նուազումին պատճառով։ Այս ընդարձակ, գեղեցիկ կառոյցներով կալուածը` այլեւս դադրած է Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան սեփականութիւնը ըլլալէ։ Վիեննական Մխիթարեան հայրերն ալ գործած են Գահիրէի եւ Հելիոպոլսոյ մէջ։ 1934 թ., Տարպ Էլ Կինենայի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» Եկեղեցիի շրջափակին մէջ, Կարօ Պալեանի ճարտարապետութեամբ կառուցուած է եռայարկ դպրոցա- կան արդիական շէնք մը։ 1955 թ., ժամանակաւոր կերպով, Վարժարանը փոխա- դրուած է Հելիոպոլսոյ Գլէոփաթրա փողոցի առանձնատուներէն մէկը։ Իսկ 1959-ին հանդիսաւոր կերպով կատարուած է ճարտարապետ Հրազդան Պալեա- նի յատակագծով պատրաստուած արդիական շէնքին հիմնարկէքը։ Ափսո՛ս, սակայն, որ բոլոր նիւթական եւ բարոյական զոհողութիւնները` քանի մը տարուան համար եղան միայն. այս նորակերտ Մխիթարեան Վարժարանն ալ` 280

1964-1965 տարեշրջանին ձուլուեցաւ ղպտի կաթողիկէ համայնքի վարժարանին աշակերտութեան հետ, դառնալով անոր մասնաճիւղը։ Այդ թուականէն սկսեալ, ղպտի կաթողիկէ համայնքը կը պահպանէ վարձակալութիւնը։ Ժամանակի պահանջներէն հարկադրուած, յիշուած վարժարանները ծախ- ւած կամ փակուած են։ Հակառակ բազմապիսի դժուարութիւններու, Անարատ Յղութեան Միաբանութեան առաքինազարդ քոյրերը կրցան պահպանել միայն Հելիոպոլսոյ տիպար վարժարանը` ուր այսօր ալ, անոնք նոյն նուիրումով կը շարունակեն իրենց օրինակելի դաստիարակութիւնը` սակայն այլ թեքումով։ Ներկայիս Վարժարանը կը գործէ մօտաւորապէս 3000 աշակերտուհիներով, գլխաւորութեամբ Քոյր Թէոտորա Մուրատեանի եւ չորս քոյրերու գործակցու- թեամբ։ î»ëã³Ï³Ý ϳ½Ù£ Ò³Ë¿Ý ³ç` øáÛñ Üáõ³ñ¹ êáõÙ³ù»³Ý` Ù³Ýϳå³ñï¿½Ç í³ñãáõÑÇ« øáÛñ ä³ÛÍ³é ²ýý¿« øáÛñ سÃÇÉï ü³ñáõ³ÅÇ« øáÛñ ¿áïáñ³ Øáõñ³ï` ïÝûñ¿ÝáõÑÇ« øáÛñ èÇó ¼³å³ñ»³Ý` ÷áË-ïÝûñ¿ÝáõÑÇ£ 1985-1987 տարիներուն, ամառնային շրջանին, կանոնաւոր հետեւողականու- թեամբ, Հելիոպոլսոյ Ս. Թերեզա Ժողովրդապետական սրահին մէջ, ժողովրդա- պետ Պետրոս Վրդ. Թարմունիի կողմէ հայերէն խօսակցական լեզու եւ հայոց պատմութեան դրուագներ ուսուցուած է մայրենի լեզուին անտեղեակ անձերուն։ 281

ԻԸ. 2000-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Բովանդակ քրիստոնեայ աշխարհը` արդէն երեք տարիէ ի վեր, տենդագին նախապատրաստութեան մէջ է` Քրիստոսի ծննդեան 2000-ամեակը փառաւորա- պէս նշելու համար։ Նախապատրաստութեան մէջ են նաեւ աւետումն Ս. Աստուածածին Եկեղե- ցիին բարեպաշտ անդամները. արդարեւ, իրենց առաջնորդը` Արհի. Տ. Պետրոս Եպս. Թարմունի, Ուրբաթ երեկոներու հոգեշունչ քարոզներով կը վերապատ- րաստէ զիրենք։ Հելիոպոլսոյ Ս. Թերեզա Եկեղեցիին մէջ ալ` հոգեւոր հանդի- պումները իրենց Եպիսկոպոսին հետ տեղի կ’ունենան Չորեքշաբթի եւ Շաբաթ երեկոները։ Իր հոգեւոր առաքելութիւնը աւելի արդիւնալից դարձնելու ջանադրութեամբ, Գերապայծառը` Յունուարին Սուրբ Երկիր կատարած այցելութենէն վերադար- ձած է հոգեպարար տպաւորութիւններով։ Արդէն երեսուներեք տարի առաջ, ուխտաւորաբար Սուրբ Վայրերը այցելելէ ետք, Երուսաղէմի եւ Յորդանանի Պատրիարքական Փոխանորդ Արհի. Տ. Անդրէաս Եպս. Պետողլեանի եղբայրական հրաւէրով, Գերապայծառը կրկին առիթ կ’ունենայ նոյն վայրերը ծունկի գալու ջերմեռանդօրէն աղօթելու բոլոր հոգիներուն փրկութեան համար։ Սակայն, իր հոգին պարուրող գլխաւոր երեւոյ- թը կ’ըլլայ Քրիստոսի գերեզմանին վրայ մատուցած Սուրբ Պատարագը. ահա, անջնջելի յիշատակ մը...։ Գալով Երուսաղէմի հայ կաթողիկէ համայնքին կացութեան մասին, Գերապայծառը կը յայտնէ` թէ ներկայիս շատ նօսրացած է, միայն թէ` տակաւին իրաւասու է 3-րդ եւ 4-րդ Խաչի ճանապարհին հոգեւոր հսկողութիւնը կատա- րելու։ Հետաքրքրական է յայտնել, թէ Երուսաղէմի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին կառուցուած է 1885 թ., Արհի. Տ. Սերովբէ Եպս. Դաւթեանի ջանքերով։ Համայնքային կեանքէն զատ, Պատրիարքական մակարդակով ալ, հայ կաթո- ղիկէ կղերը ներուժ գործունէութեան լծուած է. այսպէս, Զմմառի Տիրամօր Վանքին մէջ տեղի ունեցող Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսին` քննութեան առարկայ դարձած են շատ կարեւոր հարցեր, որոնք դրական արդիւնքի հասցնելու համար` հոգեւին աշխատանք կը կատարուի։ Շատ մեծ աշխատանք պահանջող հարցերէն մէկն է, Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին` Տիեզերական Եկեղեցւոյ կողմէ, «Եկեղեցւոյ Վարդապետ» հռչա- կումը. մինչեւ հիմա երեսուներեք սրբասուն դէմքեր արժանի եղած են մեծ կոչու- մին, վերջինը` Մանուկ Յիսուսին Սրբուհի Թերեզան էր։ 282

Աշխատանք պահանջող երկրորդ հարցն է` նահատակ Իգնատիոս Մալոյեան Արքեպիսկոպոսին երանացումը։ Նահատակ Մալոյեան` ժամանակ մը, որպէս ժողովրդապետ գործած է առաւելաբար Աղեքսանդրիոյ համայնքին մէջ։ Դարձեալ 2000-ամեակի Մեծ Յոբելեանի առիթով, Ի. դարու նոր Մարտիրոս- ներուն մէջ` պահանջուած է, որ յատուկ յիշատակութիւն կատարուի Մեծ Եղեռնի Զոհերուն մասին ալ։ Այս աշխատանքը կը գլխաւորէ Դամասկոսի Պատրիարքա- կան Առաջնորդ Արհի. Տ. Յովսէփ Եպս. Առնաութեան։ Հոգեւոր կրթութիւնը աւելի հաստատ հիմերու վրայ դնելու մտահոգութեամբ` ձեռնարկուած է «Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական»-ի թարգմանութեան։ Այս օգտաշատ աշխատանքը` ֆրանսերէն բնագիրէն, արեւմտեան հայերէնի կը թարգմանէ, ապա, արեւելեան հայերէնի կը վերածէ` Զմմառու միաբաններէն, Հ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Ճուրեան։ Մասնաւոր Յանձնախումբի մը կողմէ պիտի հրատարակուի դպրոցական դասագիրքերու ամբողջական շարք մը` պարփակելու համար հայկական ծէսը, հայաբանութիւնը եւ քրիստոնէական վարդապետութիւնը։ Պարբերաբար կը քննարկուի նաեւ Հայաստանի Մկրտութեան 1700-ամեակի տօնակատարութիւններուն հարցն ալ, հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին արժա- նավայել կերպով նշելու համար։ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցական կեանքին մէջ, ուշադրութեան արժանի մասնա- ւոր պարագայ մը պիտի ըլլար անշուշտ, անցեալ տարուան ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան այցելութիւնը` ՀՀ Նախագահին եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հրաւէրներով։ Այսպէս, Եգիպտոսի երեքդարեայ Հայ Կաթողիկէ Համայնքը` իր բաղկացու- ցիչ բոլոր անդամներով, բարեկարգ եւ շէն եկեղեցիներով, ցնծութեամբ կը պատրաստուի նշել Փրկիչին աշխարհ գալուն 2000-րդ տարեդարձը։ Տեղեկատու, Գահիրէ Հոկտեմբեր 1999, նոր շրջան, թիւ 13, էջ 4-6 Յունուար 2000, նոր շրջան, թիւ 14, էջ 5-16 Ðñ³ï³ñ³Ïáõ³Í ¿ ǵñ»õ ³é³ÝÓÇÝ ·Çñù` ¶³ÑÇñ¿« Щ´©À©Ø©-¶³ÑÇñ¿ ê³Ã»ÝÇÏ Ö© â³·Áñ ÐÇÙݳ¹ñ³ÙÇ Ðñ³ï³ñ³ÏáõÃÇõÝ« 2001« 52 ¿ç£ ¶ÇñùÇÝ Ù¿ç ÏÁ ·ïÝáõÇÝ Û³õ»É»³É Éáõë³ÝϳñÝ»ñ` áñáÝù µáÉáñÝ ³É Áݹ·ñÏáõ³Í »Ý Ý»ñÏ³Û Ññ³ï³ñ³Ïáõû³Ý Ù¿ç£ 283

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 1. Թեմերու առաջին տարատեսակները ձեւաւորուած են քրիստոնէական համայնք- ներու հիման վրայ։ Թեմեր անուանումը յառաջացած է Է. դարուն, Բիւզանդական Կայսրութեան արեւելեան նահանգներու վարչական միաւորներու` թեմերու անունէն։ Խ. Պալեան, Զ. Յարութիւնեան, «Թեմ», Հայկական Սովետական հանրագիտարան, հատոր 4, Երեւան, 1978, էջ 165։ 2. Գեր. Սերովբէ Եպիսկոպոս Դաւթեան, Պատմական տեսութիւն Եգիպտոսի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Գահիրէ, 1914, էջ 14։ Այստեղ պէտք է աւելցնել, թէ` 1742 թ., Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան` Լիբանանի մէջ հաստատումէն առաջ, Օսմանեան Կայսրութեան կաթողիկէ հայերը կը գտնուէին Կ. Պոլսոյ Լատին Պատրիարքական Փոխանորդին իրաւասութեան ներքեւ։ Այդ ժամանակ` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքին բաժին կ’իյնայ Կիլիկիան եւ Փոքր Հայքը, 1759- ին` Սուրիան, եւ 1760-ին` Միջագետքը։ Եգիպտոս ենթակայ եղած է Հալէպի Առաքելա- կան Փոխանորդութեան։ Մանրամասնութիւններու համար, տեսնել` P. Vartan Tekeyan, Le Patriarcat arménien catholique de Cilicie au temps de Grégoire Pierre VI (1812-1840), Beyrouth: Imp. Armén. Catholique, 1954, pp. 76-80. 3. Խաչիկ Վ. Աթանասեան, Վարք Աբրահամ-Պետրոս Ա. Կաթողիկոսի, Պէյրութ, 1959, էջ 161-162։ 4. Ճարտարապետ Հրազդան Պալեան, «Ներկայ ժամանակաշրջանի հայ ճարտարա- պետութիւնը Գահիրէի մէջ», զեկուցում` կարդացուած 1978 Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ կայացած Հայկական արուեստի միջազգային երկրորդ գիտաժողովին։ 5. Խաչիկ Վ. Աթանասեան, Վարք Աբրահամ-Պետրոս Ա. Կաթողիկոսի, Պէյրութ, 1959, էջ 258-261։ 6. Գեր. Սերովբէ Եպիսկոպոս Դաւթեան, Պատմական տեսութիւն Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Գահիրէ, 1914, էջ 59։ 7. Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի, Գահիրէ, Ազգահամար հայոց ուղղա- փառաց որ իր Գահիրէ, 1885, արարեալ ’ի Գեր. Սերովբէ Եպ.է Դաւթեան, առթիւ ընտրու- թեան նորոգ վիճակաւորի վասն թեմի Աղեքսանդրիոյ Եգիպտոսի։ 8. Նոյն տեղը, Ազգահամար կաթողիկեայ հայ ժողովրդեան բնակելոյ ի Գահիրէ եւ գաւառս Եգիպտոսի բաց յԱղեքսանդրիոյ, յօրինեալ ի 1896 ամի։ ...յօրիեալ ի 1897 ամի։ ...յօրինեալ ի 1898 ամի։ 9. Գեր. Սերովբէ Եպիսկոպոս Դաւթեան, Պատմական տեսութիւն Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Գահիրէ, 1914, էջ 34։ 10. Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի, Գահիրէ, Ամուսնութիւնք, 1736-1945, 1941-1981։ Microfilm, պատրաստուած ձեռամբ Օր. Օտրի Մկրեանի, ԱՄՆ-ի Utah նահան- գի հայկական Genealogical Society-ի կողմէ։ 11. Նոյն տեղը, Մկրտելոց Տոմար, 1737-1989, 1931-1972, 1972-1981։ Microfilm, պատ- րաստուած ձեռամբ Օր. Օտրի Մկրեանի, ԱՄՆ-ի Utah նահանգի հայկական Genealogical Society-ի կողմէ։ Դիւանը կը պահուին նաեւ` Ննջեցելոց, 1737-1944, Գերեզմանատան` 1939-1981, եւ Աղեքսանդրիա` 3 Microfilm-երը։ 12. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայերու Կաթողիկոս-Պատրիարք` Ամենապատիւ եւ 284

Գերերջանիկ Տ.Տ. Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ., 25 Նոյեմբեր 1998 թուակիր նամակով իր հրաժարականը ներկայացուցած է Սրբազան Պապին` որ ընդունած է 1999 Յունիսին։ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական Հայրերը` Կաթողիկոսական Աթոռին մօտ հաւաքուած, ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ խնդրանքին ընդառաջելով` հրաժարա- կանը ի զօրու դարձուցած են 3 Սեպտեմբեր 1999-ին։ Քաղուած` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Հաղորդագրութիւնէն, 8 Սեպտեմբեր 1999։ 13. Մարտինի կոտորածներուն եւ նահատակներուն մասին` շահեկան են հետեւեալ աղբիւրները. - Եղբայր Եասենթ Սիմոն, Մարտին` հերոս քաղաք. խորան եւ շիրիմ Հայաստանի 1915-ի ջարդերուն ընթացքին, ներածութիւն` Գէորգ Վրդ. Եղիայեան, հայացուց` Անդրանիկ Վրդ. Կռանեան, Ճունիէ, Լիբանան, 1991, 210 էջ։ - Դոկտ. Ա. Պէյլերեան, «Դոմինիկեան միսիոնարի մը անտիպ մէկ վկայութիւնը 1915- ի Մարտինի կոտորածներու մասին», Հայկազեան հայագիտական հանդէս, հատոր ԺԷ., Պէյրութ, 1977, էջ 81-83, 83-103, 103-106։ - P.V.M., ‘Documents sur les événements de Mardine (1915-1920)’ (offprint from SOC-Col- lectanea 29-30, 1996-1997). Նահատակութեան լուսապսակին արժանացողներու մասին կը խօսուի այլ եւ այլ էջերու մէջ, յատկապէս` էջ 207, կը ներկայացուի Մարտինի նահատակուած հայ կաթողի- կէ կղերին ամբողջացուած ցանկը։ - Ara Sarafian, ‘The Question of Mardin During the Persecutions of the Christians, Especially the Armenians, 1915’, Հայկազեան հայագիտական հանդէս, հատոր ԺԸ., Պէյրութ, 1998, էջ 261-262, 263-269, արաբերէն բնագիր` էջ 272-291։ 14. Dr. Rouben Adalian, ‘Father Krikor Guerguerian: the Scribe of the Armenian Genocide,’ Journal, Armenian Assembly of America, Spring 1989, Vol. 16, No. 1, pp. 5, 10, 16. 15. Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Դիւանը կը գտնուի հինգ թերթէ բաղկացած ձեռագիր ցուցակ մը` ուր դասաւորուած կը գտնենք նախարարութիւններու, պետական վարչութիւններու, դարմատուներու, ընկերութիւններու եւ ազատ ասպարէզներու մէջ գործող երեւելի անձերու անունները։ 285

ՊԱՐԿԵՇՏԱԳԵՂ ՀՌԻՓՍԻՄԷԻ ՎԿԱՅԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱԳԱԹԱՆԳԵՂՈՍ Համադրեց եւ արեւմտեան հայերէնի վերածեց` ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ԴԻՈԿՂԵՏԻԱՆՈՍԻ ԿԱՄՔԸ Այդ ժամանակները պատահեցաւ, որ Դիոկղետիանոս կայսրը կամեցաւ իրեն համար կին առնել. իր տէրութեան բոլոր կողմերը սկսան շրջիլ նմանահան ճար- տար նկարիչներ` որոնք դէմքի գեղեցկութիւնը, մրազարդ յօնքերը` ճշգրտօրէն, հասակին յարմար, համապատասխան ներկերով կը նկարէին տախտակներու վրայ, որպէսզի թագաւորին ցոյց տան` անոր ի հաճոյս։ Հռոմ քաղաքը գալով, անոնք գտան վանք մը կոյսերու` որոնք լեռներու մէջ մեկուսացած, բուսակներ, ժուժկալ, պարկեշտ եւ սրբանուէր կիներ էին, քրիստո- նէական հաւատքով լի, գիշեր եւ ցորեկ փառաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ իրենց աղօթքը առ Աստուած կ’ուղէին։ Անոնց գլխաւորին անունը` Գայիանէ1 էր, որ սան մը ունէր, թագաւորական տոհմէ` աստուածապաշտ մարդու դուստրերէն, Հռիփսիմէ2 անունով։ Երբ եկան հասան, բռնութեամբ մտան առաքինի կիներուն սուրբ կայանը, տեսնելով պարկեշտագեղ Հռիփսիմէն` ապշած սքանչելի տեսիլքով, զարմացած` նկարը տախտակի վրայ նկարեցին եւ թագաւորին հասցուցին։ Թագաւորը երբ տեսաւ Հռիփսիմէի կերպարանքի նկարին հիասքանչ վայել- չութիւնը` կատաղի ցանկութեան տոփանքով լեցուեցաւ, որովհետեւ յիմար, մոլեգին, անկարգ ցանկութիւնը կը ստիպէր. եւ ան հարսնիքի ուրախութեան ժամ որոշելով, տագնապով շտապեց հարսանեկան ուրախութիւնը ընել։ Շուտափոյթ պատուիրակներ ուղարկեց բոլոր երկիրները, որպէսզի ամէնքը օժիտ եւ ընծաներ բերէին մեծ հարսնիքին, եւ մեծ ուրախութեամբ ամէնքը գային արքայական փեսային կարգը կատարելու` ըստ թագաւորական օրէնքներուն։ Առաքինի կոյսերը երբ տեսան թշնամիին գաղտնաձիգ նետերը` որով սովոր 286

էր քրիստոսասէր սուրբերուն հարուածել, հասկցան որ թագաւորը չարի գործիք դարձած է։ Որոգայթադիր թշնամին` հպարտացնելով թագաւորը, ամբարտաւանացնե- լով, կը գրգռէր զինք հալածանք յարուցելու Աստուծոյ եկեղեցիներուն դէմ, խելացնորեցնելով զինք` ստիպելով երկրպագել մեռելոտի ուրուականներուն ոսկեղէն ու արծաթեղէն, փայտեղէն, քարեղէն եւ պղնձակերտ արձաններուն պիղծ պաշտամունք կատարել։ Ամբարտաւանօրէն կը բարձրանար եկեղեցւոյ հաւատքի հաստատուն վէմը հարուածելու, սակայն վէմին չկրնալով բան մը ընել, վէմին վրայ ինք կը խոր- տակուի։ Այնուհետեւ ապաւինելով մոլեգին ամբարտաւանութեան` բազում եւ անչափ վնասներ կը հասցնէ Աստուծոյ եկեղեցիներուն։ Բայց երանելի, պարկեշտասէր Գայիանէն` սրբասնեալ Հռիփսիմէի եւ իրենց միւս ընկերուհիներուն հետ, սուրբ ուխտը յիշելով` իրենց ընտրած օրինաւոր կրօնքին զգաստութեան սրբութիւնը, կ’ողբային իրենց անձերը` նկարացոյց հրամանին պատճառով, որովհետեւ պիղծ եւ անօրէն թագաւորը պիտի տեսնէր իրենց պատկերները։ Ճգնութեամբ աղօթք մատուցեցին, բազումողորմ Տիրոջմէ օգնութիւն խնդրե- լով` փրկելու այն փորձութենէն, որ հասած էր իրենց։ Եւ անոնք` իրենց աղաչանքին մէջ այսպէս կ’ըսէին. Տէր տէրերու, աստուած աստուածներու, յաւիտենական Աստուած, Աստուած անճառ լոյսի` որ ամէն ինչ հաստատեցիր քու խօսքերովդ, ստեղծեցիր երկինքն ու երկիրը` անոնց բոլոր զարդերով, մարդը կերտեցիր հողէն եւ իմաստուն դարձուցիր, բազմացուցիր զայն երկրի վրայ, բոլոր դարերուն օգնական եղար անոնց` որ յուսացին քեզ։ Արդ, մեզի ալ օգնէ` Տէր, այն պատերազմին մէջ, որով կը նեղես մեզ` որպէսզի յաղթենք սատանայի նենգութիւններուն, որոգայթներուն եւ փառաւոր թող ըլլայ անունդ, Տէր, եւ եկեղեցիիդ զօրութիւնը բարձրանայ, որպէսզի մենք ալ արժանի ըլլանք պատուիրաններդ պահողներուն արքայութեան օթեւանները հասնելու։ Մեր լապտերներուն մէջ թող ձէթի պակաս չըլլայ եւ մեր սուրբ ուխտի հաւատքին ճրագները չհանգին։ Մեր ոտքերը չշեղին լուսագնաց շաւիղներէդ եւ մեր աչքերուն բիբերը չկուրնան ճշմար- տութեան զուարթարար ճառագայթներէդ։ Տէր Աստուած մեր` որ առաքեցիր միածին Որդիդ, որ եկաւ ամբողջ աշխարհը լեցուց իմաստուն հոգիովդ, որպէսզի Իսրայէլի մէջ բոլորին աստուածատես դարձնէ։ Մենք լսեցինք` որ Ան ըսած է. «Երբ այս քաղաքին մէջ ձեզ հալածեն, ուրիշ քաղաք մը փախէք. եթէ այնտեղէն ալ հալածեն` փախէք ուրիշ տեղ մը։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, պիտի չկրնաք սպառել Իսրայէլի քաղաքները` մինչեւ որ գայ Որդին մարդոյ»։ Արդ խնայէ Տէր, մեր անձերուն` որ ապաւինեցանք սուրբ անունիդ, որպէսզի 287

չխայտառակուինք հեթանոսներուն պղծութեան անարգանքով, մեր սուրբ զգաստութիւնը մի յանձներ անոնց վաւաշոտ, անօրէն ու շնաբարոյ լկտիութեան։ Արդ` Տէր, նայէ երկինքէն` քու սրբութենէդ, որպէսզի չըլլանք աւազի վրայ շինուած այն տունին նման, որ խարխլեցին պէս-պէս փորձութիւններու նեղիչ խռովութիւնները, այլ հաստատէ մեզ խաղաղութեան Աւետարանի ճշմարտութեամբ եւ առաջնորդէ մեզ քու կամքիդ համաձայն։ Մեզի հնարաւորութիւն տուր նահատակութեան բաժակը խմելու, որպէսզի` փոխարէնը առնենք պսակը, արդար դատաստանին օրը, երբ փառքդ յայտնուի։ Ատկէ ետք, սուրբ Գայիեանէն` Հռիփսիմէ սանով եւ միւս պարկեշտ ընկերու- հիներով միասին գացին, հեռացան` փախուստ տալով, որպէսզի իրենց անձերը սրբութեամբ պահպանեն մեղսաթաթաւ, մեղանչական, անօրէն ու դիւական մարդոց խառնակութենէն եւ արժանի ըլլան յոյսի կենդանութեան, լոյսի յարու- թեան լիութեան հասնելու։ Անոնք ոչ թէ ժամանակաւոր մահէն կը փախչէին, այլ անտանելի կատաղի եւ անօրէն ցանկութիւններէն կը ճողոպրէին։ Տիրոջ անուան համար սահմանուած` իրենց անձերը պատրաստած էին բան- տի կապանքներուն ու պատիժներուն, մահուան եւ սաստիկ նեղութիւններուն։ ԳԱՅԻԱՆԷ ԵՒ ՀՌԻՓՍԻՄԷ ՀՌՈՄԷԱՑԻՆԵՐՈՒ ՔԱՂԱՔԷՆ ԿԸ ՓԱԽՉԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Այն ժամանակ անոնք եկան հասան Հայոց երկիրը` Այրարատ գաւառը, Վաղարշապատ քաղաքը` որ Նորաքաղաք3 ալ կը կոչուի, հայոց թագաւորներուն նստավայրը։ Այնուհետեւ մտան այգեստաններուն հնձանները` որոնք կը գտնուէին հիւսիս-արեւելեան կողմը։ Կը սնէին իրենց ունեցածը քաղաքը վաճառելով. իրենց հետ ապրուստի միջոցներ չունէին։ Իրենցմէ մէկը գիտէր ապակեգործութեան արհեստը` ապակ- եայ ուլունքներ կը պատրաստէր, որով իրենց օրական ապրուստի եւ պարէնի դրամը կը ճարէին։ Յունաց աշխարհին մէջ այն ժամանակ քիչ խռովութիւն չբարձրացաւ. ամէն կողմ լարուած կ’որոնէին, սուրհանդակներ կ’ուղարկէին` որ թերեւս կարենան գտնել զանոնք։ Մեծ Հայքի Տրդատ արքայի մօտ պատուիրակ եկաւ եւ Վաղարշապատ քաղա- քին մէջ ներկայացաւ անոր, եւ Դիոկղետիանոսի հրովարտակը մատուցեց։ 288

ԴԻՈԿՂԵՏԻԱՆՈՍ ԿԱՅՍՐԻՆ ՀՐՈՎԱՐՏԱԿԸ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒ ԴԷՄ Հրովարտակին պատճէնը այս էր. Ինքնակալ կայսր Դիոկղետիանոսը` մեր սիրելի եղբօր եւ աթոռակից Տրդատին, ողջոյն։ Եղբայրութեանդ եւ մեր նիզակակիցին ի գիտութիւն` այն չարիքներուն մասին, որ ամէն օր մեզի կը հասնի քրիստոնեաներու խաբեբայ աղանդէն, որովհետեւ ամէն բանի մէջ կ’անարգուի մեր տէրութիւնը անոնց ուխտին կողմէ, մեր թագաւորութիւնը կ’արհամարհուի անոնցմէ, ոմն խաչեալ մեռեալ մը կը պաշտեն, փայտին կ’երկրպագեն, իրենց Աստուծոյ սիրոյն, մահը` փառք ու պատիւ կը համարեն։ Մեր արդար օրէնքներով կը դատապարտուին, որովհետեւ մեր նախնիներուն դառնացնե- լով ձանձրացուցին. մեր սուրերը բթացան, իսկ անոնք չզարհուրեցան մեռնելէ, որովհետեւ մոլորած են` խաչեալ հրեայի մը հետեւելով։ Կ’ուսուցանեն անպատուել թագաւորները, իսկ բուն աստուածներուն կուռքերը` անարգել։ Թէեւ տեսակ-տեսակ տանջանքներ տուինք իրենց, առաւել եւս բորբոքեցաւ եւ տարած- ւեցաւ անոնց աղանդը, անոնց արեան հեղումէն առաւել եւս ծաղկեցաւ ու բազմացաւ անոնց աղանդը։ Պատահեցաւ` որ անոնց ուսմունքին աղանդէն գեղեցիկ օրիորդ մը տեսնեմ. կամեցայ կնութեան առնել զինք, սակայն յանդգնեցան զայն եւս ինձմէ խորամանկօրէն հեռացնել։ Իբրեւ թագաւոր` անոնք ցանկութեամբ չփափաքեցան ինծի, ոչ ալ` իմ սաստիկ սպառ- նալիքներէս որեւէ վախ ունեցան, այլ` իրենց աղանդին պատճառով, աւելի աղտետի, պիղծ ու գարշելի համարեցին զիս, եւ սնուցիչ դայեակին միջոցով` թաքուն, անոր ուղարկեցին ձեր տէրութեան կողմերը։ Փութաջան եղիր եղբայր մեր, որպէսզի ուր ալ ըլլան այդ կողմերը, կարենաս գտնել անոնց հետքը, եւ անոր հետ եղողները` դայեակով հանդերձ, վրիժառութեամբ` մահուան արժա- նացնես, իսկ չքնաղագեղ կողմն ալ, այստեղ ինծի ուղարկես։ Իսկ եթէ անոր գեղեցկութիւնը քեզի հաճոյ թուի, այդտեղ մօտդ պահէ, որովհետեւ անոր նման մէկը չգտնուեցաւ մեր Յունաց աշխարհին մէջ։ Ողջ եղիր աստուածներու պաշտամունքով` ամենայն պատուով։ Սոյն հրովարտակին թուղթը երբ կարդացին, արքան խիստ հրաման տուաւ, պատուիրելով` որ իր իշխանութեան բոլոր վայրերը մանրակրկիտ խուզարկու- մով փութաջան որոնեն։ Տարբեր կողմեր շուտափոյթ սուրհանդակներ ուղարկեց, որպէսզի ուր ալ գտնեն` անմիջապէս մէջտեղ բերեն. իսկ ով որ գտնէր անոնց` կը խոստանար մեծամեծ պարգեւներով հատուցել։ Մինչդեռ Հայոց աշխարհին սահմաններուն քննութեան իրարանցումին մէջ 289

էին, այն սուրբ վկաները եկան թաքնուեցան արքայական նստավայրին մօտ, նոյն թագաւորական Վաղարշապատ քաղաքին մէջ։ Այն օրէն քիչ անց, որոնումներով` շուտով մէջտեղ բերուելով, յայտնի դար- ձան։ Սակայն` ճշմարտութիւնը եւ առաքինութեան նահատակները երբեք չէին կրնար թաքնուած մնալ, իրենք իրենց աղօթքներուն մէջ կ’աղաչէին, ինչպէս որ Տէրը ըսած էր իր սիրելիներուն, թէ «Ձեր բարի գործերը տեսնեն` որպէսզի ձեր Հայրը փառաբանեն, որ երկինքն է»։ Անոնք կը գտնուէին հնձաններուն մէջ` երբ յունաց մեծ թագաւորին հրովարտակը հասաւ Մեծ Հայքի արքայ Տրդատին, պակաս խռովութիւն չեղաւ Հայոց աշխարհին մէջ, որովհետեւ կը պահպանէին պողոտաներուն եւ գաւառնե- րուն բոլոր անցքերը, եւ տարբեր կողմեր ելլելով` իրարանցումի մէջ կը փնտռէին. մէկը` տեսնելով զանոնք, կը պատմէ անոնց մասին։ Անոնց մասին երբ իրողութիւնը յայտնի դարձաւ, երկու օր վահանափակ շրջապատեցին զանոնք, հետեւակ զօրքի լեգէոնի մը յանձնարարելով` այնտեղ պահել անոնց` ուր որ կը գտնուէին։ Ապա, երկու օր յետոյ, Հռիփսիմէի պարկեշտութեան ու չքնաղ գեղեցկութեան համբաւը հռչակուելով` բազմամբոխ հրապարակներու մէջ կը տարածուի եւ ամէն մէկը միւսին իր զարմանքը կը յայտնէ։ Իսկ անոր գեղեցկութիւնը տեսնելու համար, խուռներամ բազմութիւնը կուտակուած-դիզուած կը հաւաքուի, նաեւ նախարարները եւ աւագանիին մեծամեծները անոր տեսութեան գալով` իրարու վրայ կը թափուին։ Ազնուական մարդիկ` խառնիճաղանճ ամբոխին հետ մէկտեղ կը դիզուին իրարու վրայ, իրենց վաւաշոտ, յիմար, ցոփ բարքերուն, այլանդակ միտքերուն, զեխ, հեթանոսական անառակ սովորութիւններուն պատճառով։ Իսկ երանելիները` երբ հասկցան անմիտ եւ վայրենաբարոյ մարդոց մտա- դրութիւնը, ողբաձայն արտասուքով ձեռքերը երկինք բարձրացուցին` ամենազօր եւ ամենակալ Տիրոջմէ փրկութիւն խնդրելու, որ առաջին անգամ փրկեց անոնց` չար, զազրելի հեթանոսներուն անօրէն պղծութենէն, որպէսզի այս մարտին ալ անոնց յաղթութիւն տայ եւ հաւատքի լուսաւորութիւն։ Երեսները ծածկելով` ինկած էին գետին եւ պառկած, ամչնալով լկտի ականատեսներէն, որոնք հաւաքուած էին զիրենք դիտելու։ Ատկէ ետք, թագաւորը զարմացուցին բազմաթիւ մտերիմ ականատեսները` որոնք եկած էին անոր գեղեցկութիւնը տեսնելու եւ թագաւորին պատմելու։ Միւս օրը` այգաբացին եւ նոյնիսկ աւելի կանուխ, թագաւորէն հրաման եկաւ` որ երանելի Հռիփսիմէն արքունիք տանին, իսկ սուրբ Գայիանէն այնտեղ պահեն` պարկեշտ ընկերուհիներուն հետ։ Արքունիքէն` շուտափոյթ, ոսկեպատ գահաւորակներ հասցուցին իսկոյն, 290

սպասաւորներով միասին, հնձանին դուռը` քաղաքէն դուրս, ուր անոնց կացա- րանն էր։ Արքունիքէն` ընտիր, գեղեցիկ, փափուկ եւ վառ զգեստներ, աչքառու զարդարանքներ մատուցեցին անոր, որպէսզի զարդարուի` շուքով ու պատուով մտնէ քաղաք, ներկայանայ թագաւորին. թէեւ ան չէր տեսած զինք, սակայն` համաձայն իրեն պատմուածներուն, մտածեց կնութեան առնել։ Սուրբ Գայիանէն երբ տեսաւ, իր սանին հետ սկսաւ խօսիլ եւ այսպէս ըսաւ. Յիշէ որդեակ իմ, որ ձգեցիր, լքեցիր հայրենի մեծապատիւ, շքեղաշուք, ոսկեկուռ գահդ, թագաւորական ծիրանիները, եւ ձգտեցար Քրիստոսի թագաւորութեան անանց ճառագայ- թարձակ լոյսին` որ արարիչն է, կեցուցիչ ու վերակենդանացնող, իրեն լուսացողներուն խոստացած անպատում բարիքները կը պահէ։ Եւ դուն` որդեակ, որ անարգեցիր անցաւոր կեանքիդ ծիրանին, արդ` ի՞նչպէս զգաստութեանդ սրբութիւնը կերակուր կու տաս շունե- րուն, այս օտար երկրին մէջ։ Սուրբ Հռիփսիմէն երբ տեսաւ չարերուն ամբոխը, եւ ինչ որ լսեց իր դայեակէն, հոգիի զէնքով զինավառուեցաւ` իր Տիրոջ զօրութեամբ։ Մեծաձայն ուժով ճչաց, եւ բազուկները խաչի նման տարածելով` սկսաւ բարձրաձայն ըսել. Ամենակալ Տէր Աստուած, որ արարածներդ ստեղծեցիր սիրելի եւ միածին Որդիիդ ձեռքով, երեւելի եւ աներեւոյթ արարածներու յօրինուածքներ կազմեցիր Սուրբ Հոգիի միջոցով։ Եթէ այն ատեն խաչին օրինակով փրկութիւն տուիր, ապա` հիմա ալ ըրէ նոյնը ճշմար- տութեամբ խաչիդ` որուն վրայ բարձրացար եւ արիւնդ թափեցիր մեր ցաւերուն ի բժշկու- թիւն։ Թէպէտ մենք տկար եւ անարժան ենք, սակայն դուն, Տէր` պահէ մեր անձերը անվայել խայտառակութենէ։ Մարդասէր եւ քաղցր, որ մեզի օգնեցիր այս փորձութեան մէջ, զօրութեամբդ օգնէ մեզի յաղթելու, որովհետեւ քուկդ է յաղթութիւնը եւ անունդ կը յաղթէ` մեզի պահելու զգաստու- թեան յոյսով։ Ասով` մենք կը մտնենք արդարներուդ խումբերու թիւին մէջ եւ կ’առնենք վաստակներու վարձքը` որ պիտի տաս եւ հատուցես իւրաքանչիւրին, որ երկիւղիդ մէջ կը մնայ եւ կը պահ- պանէ հրամաններդ։ Արդ` երբ այս բոլորը եղաւ, ամբոխին բազմութիւնը աւելի կուտակուեցաւ. շատերը արքունի սպասաւորներ էին` որոնք եկած էին զինք արքունիք տանելու, նախարարներ եւ աւագանիի մեծամեծներ` որոնք եկած էին անոր շքադիր պատիւ տալու եւ հետը արքունիք երթալու, որպէսզի Տրդատ թագաւորին կնու- թեան տանին` Հայոց տիկինութեան համար։ Իսկ անոնք` արտասուագոչ, ձեռքերը ողորմագին երկինք բարձրացնելով` 291

կամակարար Տիրոջմէ կը խնդրէին փրկել զիրենք անօրէն, անարժան հարսնիքի պղծութենէն։ Բարձր աղաղակով, մեծաձայն կը ճչային եւ կ’ըսէին. Քաւութիւն ըլլայ մեզի, եթէ հարստութիւնը խաբէ մեզ, կամ հաճոյքը մեզ գայթակղեցնէ, հալածանքը նեղէ մեզ, եւ կամ ալ` հարուածներուն տանջանքը փորձութեան ենթարկէ, նոյնիսկ եթէ բիւր ձեւով տանջէք մեզ։ Արդեօք կը վախնա՞նք ահաւոր մահէն` որ պիտի բերէք մեզի. քաւութիւն ըլլայ` եթէ անցաւոր կեանքը փոխանակենք յաւիտենականին հետ, որ անանց է, եթէ ուրանանք Է-ին, Աստուծոյ` ամենաստեղծիչին, որուն տէրութիւնը` էութենէն հաստատուած է։ Ոչ խորութիւնները եւ ոչ բարձրութիւնները, ոչ վիշտերը եւ ոչ չարչարանքը, ոչ հուրը, ոչ ջուրը եւ ոչ սուրը, ոչ հարստութիւնները եւ ոչ աղքատութիւնը, ոչ կեանքը եւ ոչ ալ մահը, ոչ ոք չի կրնար հեռացնել մեզ Քրիստոսի սէրէն` որովհետեւ Անոր նուիրեցինք մեր կուսութիւնը, Անոր աւանդեցինք մեր սրբութիւնները, կը մնանք Անոր եւ Անոր ձգտելով կը սպասենք` մինչեւ որ կանգնինք Անոր գովութեան փառքին առջեւ, առանց ամօթի ու վախի։ Սաստիկ որոտում եղաւ երկինքը, ամբոխը ահաբեկեցաւ, լսուեցաւ ձայն մը` որ անոնց ըսաւ. Զօրացէք, քաջալերուեցէք` որովհետեւ ես ձեզի հետ եմ, անարատ վիճակի մէջ ձեզի հետ եմ. բոլոր ճանապարհներուն վրայ պահեցի ձեզ, անարատ վիճակի մէջ ձեզի հասցուցի մինչեւ այս տեղերը, որպէսզի այստեղ ալ` հիւսիսային կողմերու հեթանոսներուն առջեւ փառա- ւորուի իմ անունս։ Մանաւանդ դուն` Հռիփսիմէ, ըստ անունիդ նշանակութեան, մահէն դէպի կեանք նետուեցար4, Գայիանէի ու քու սիրելիներուդ հետ։ Մի վախնաք, կու գաք այն տեղը` ուր ես եւ իմ Հայրս պատրաստած ենք, ուրախութեան անքննելի տեղը, ձեզի եւ անոնց համար` որոնք ձեզի նման կ’ըլլան։ Այնպէս երկար որոտաց` մինչեւ որ մարդիկ անոր ահէն թմրեցան։ Իրարու վրայ դիզուած բազմութենէն շատեր, զիրար տրորելով` սպանեցին։ Երբ այս խառնաշփոթութիւնը եղաւ, արքունի մեծամեծ սպասաւորներէն ոմանք գացին թագաւորին պատմելու այս մասին, որովհետեւ այնտեղ կային գրագիրներ` որոնք գրի առին ամէն ինչ եւ կարդացին թագաւորին առջեւ։ Այս ատեն թագաւորը ըսաւ. Քանի որ իր կամքով չկամեցաւ գալ` պատիւով ու շքեղութեամբ, թող բռնի բերեն մինչեւ ապարանք եւ մտցնեն արքունի սենեակը։ Մերթ բարձրացուցած եւ մերթ քարշ տալով, սպասաւորները բռնի տարին սուրբ Հռիփսիմէն` որ աղաղակելով, կ’ըսէր. 292

Տէր Յիսուս Քրիստոս, օգնէ ինծի։ Անոր ետեւէն` ամբոխը փող կը հնչեցնէր, եւ այդ բազմութենէն` երկիրը կը թնդար։ Հռիփսիմէն տարին մտցուցին թագաւորին ապարանքը, իսկ երբ արգելա- փակեցին զինք թագաւորին սենեակին մէջ, Տիրոջմէ խնդրեց եւ ըսաւ. Տէր զօրութեանց, ճշմարիտ Աստուածը Դուն ես։ Կրկին անգամ Դուն ապրեցուցիր Քու աղախինիդ` Շուշանին5։ Դուն կրնաս զիս փրկել այս պղծութենէն, որպէսզի կարենամ վախճանիլ Քու մեծ անունիդ համար։ Մինչդեռ սուրբ Հռիփսիմէն այս աղօթքը Աստուծոյ կը մատուցանէր, Տրդատ թագաւորը եկաւ եւ սենեակ մտաւ. այն ատեն, բոլոր մարդիկ` ապարանքէն ներս եւ հեռաւոր փողոցներու մէջ, վեր-վեր թռչելով` սկսան միասին պարել եւ երգել։ Իսկ Տէր Աստուած լսեց Հռիփսիմէի աղօթքը, ուշադրութիւն դարձուց անոր վրայ, որպէսզի չկորսուի այն աւանդը` որ զգուշութեամբ պահած էր։ Երբ թագաւորը ներս մտաւ եւ փորձեց բռնի միջոցներով ստիպել զինք` իր ցանկութիւնը կատարելու, ան` զօրացած Սուրբ Հոգիով, գազանաբար ոգորելով` առնաբար կը մարտնչէր, ժամը երեքէն մինչեւ տասը մաքառելով. թագաւորը` որ շատ ուժեղ համարուած էր, կը պարտուի։ Ան` որ ամէն ինչով հռչակուած էր, այժմ` աղջիկէ մը պարտուեցաւ, յաղթուեցաւ Քրիստոսի կամքով եւ զօրութեամբ։ Պարտուած, յոգնած եւ թուլցած` դուրս եկաւ սենեակէն, վիզը պարան ձգուած` բերել տուաւ երանելի Գայիանէին, որպէսզի դուրսէն համոզէ Հռիփսիմէն, թէ` «կատարէ անոր կամքը, որպէսզի ապրինք` դուն եւ մենք»։ Գայիանէն յանձն առնելով խօսիլ իր սանին հետ, կը մօտենայ դրան եւ կը խօսի ներսը գտնուող Հռիփսիմէին. Որդեակ, Քրիստոս թող պահէ քեզ պղծութենէ եւ զօրավիգ ըլլայ. եթէ Աստուծոյ կեանքի ժառանգութենէն դուրս գաս` ժառանգելու համար անցաւոր աշխարհը, որ ոչինչ է, այսօր կայ եւ վաղը կը կորսուի։ Երբ իմացան` թէ Գայիանէ ինչպիսի խրատ տուաւ, քարերով հարուածեցին բերնին, մինչեւ որ ակռաները թափեցան, եւ կը ստիպէին որ թագաւորին կամքը կատարէ։ Իսկ ան` աւելի կը պնդէր, ըսելով. Քաջալերուէ, հաստատ կեցիր, որովհետեւ հիմա կը տեսնես Քրիստոսը` որուն կը փափա- քէիր. որդեակ, յիշէ աստուածային խրատը` որով դաստիարակեցի քեզ։ Յիշէ երկնային խօսքը` որ այսօր իսկ լսեցիր, որ արժանի պիտի դարձնէ իր խոստացած պսակին։ 293

Մինչդեռ թագաւորը Հռիփսիմէի հետ կը պայքարէր, Գայիանէ իր սանին հետ խօսեցաւ հռոմէացիներու լեզուով։ Ժամը տասնէն մինչեւ գիշերուան առաջին ժամը մարտնչելով, Հռիփսիմէ յաղթեց թագաւորին` Սուրբ Հոգիով զօրացած. թագաւորը թուլցած վար ինկաւ` իր արքայական զգեստներէն մերկացած։ Թէեւ Հռիփսիմէի զգեստն ալ բզիկ-բզիկ պատռտած էր, սակայն ան իր անձը յաղթող պահեց սրբութեամբ։ Դռները ուժով բանալով, Հռիփսիմէ դուրս եկաւ, մարդոց ամբոխը ճեղքեց, ոչ ոք կրցաւ յաղթահարել իրեն։ Քաղաքին մէջէն ընթանալով, արեւելեան կողմի Արեգ դռնէն ելաւ, գնաց հնձանին մօտ` ուր իրենց կացարանն էր, ընկերուհի- ներուն ողջունեց, եւ ինք գնաց քաղաքին հիւսիս-արեւելեան կողմը` աւազուտ վայր մը, պողոտային մօտիկ, որ Արտաշատ քաղաքը կը տանէր։ Երբ այստեղ հասաւ, Հռիփսիմէ ծունր դրաւ, սկսաւ աղօթել եւ ըսաւ. Տէր ամենայնի, ո՞վ կրնայ հատուցել Քեզի` մեզի շնորհած բարիքներուդ դիմաց, որովհետեւ հաստատ պահեցիր Քեզի նկատմամբ ունեցած մեր գազանին պիղծ ժանիքներէն` որ կ’ապականէր մեզ. փոխարէն` ինչ կրնանք հատուցել, եթէ ոչ մեր անձերը, որովհետեւ Դուն ինքդ արժանի ըրիր մեզ Քու ծառայութեանդ, Քու անունդ կրելու, որով ապրեցուցիր մեզ, քանի որ բացի Քեզմէ` Տէր, ուրիշ ոչ ոք կը ճանչնանք եւ Քու անունդ կ’արտասանենք շարունակ։ Արդարեւ, Տէր, ցնծացինք եւ ուրախ եղանք այս պատերազմին համար` որ մեզի վիճակուեցաւ Քու սիրովդ մարտնչելու, որովհետեւ յաղթեց ամենայաղթ զօրութիւնդ եւ մեզի ալ յաղթել տուաւ։ Տէր, նայէ ժառանգութեանդ եւ ձեռքի գործերուդ, առաջնորդէ մեզ վերին քաղաքդ` ուր պիտի հաւաքես բոլոր արդարները, սուրբերը եւ անունդ սիրողները։ Թող Տէր Աստուծոյ լոյսը մեր վրայ ըլլայ։ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԵՒ ԳԱՅԻԱՆԵԱՆՑ ՍՈՒՐԲ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ Նոյն գիշերը շուտափոյթ այնտեղ հասան` վառուած ջահերով, իշխանները, դահճապետը` դահիճներով միասին. իսկոյն մօտեցան Հռիփսիմէին` ձեռքերը ետեւ կապեցին, կ’ուզէին լեզուն կտրել, իսկ ան` կամովին, լեզուն անոնց մեկնեց։ Ապա, անոր պատառոտուն հանդերձները հանեցին, գետինը` չորս ցից զարնե- լով, երկուքը` ոտքերէն, միւս երկուքն ալ` ձեռքերէն կապելով` պրկեցին զինք. կանթեղները մօտեցուցին` ժամերով այրեցին ու խորովեցին անոր մարմինը։ Անոր գոգը քարեր լեցուցին, աղիքները դուրս թափեցին, եւ երբ տակաւին կենդանի էր` երանելիին աչքերը փորեցին։ Ապա, մաս-մաս յօշոտեցին զինք, ըսելով. 294

Ով որ կը համարձակի արհամարհել եւ անարգել թագաւորին հրամանները` ասոր նման կը կորսուի։ Աւելի քան եօթանասուն մարդ` այրեր եւ կիներ, այնտեղ հասան, անոր մար- մինին մասերը հաւաքելու եւ թաղելու մտադրութեամբ, սակայն, անոնց ալ սուրի քաշելով` կոտորեցին երեսուն-երկու հոգի։ Կոյսերը միաբերան աղօթելով, կ’ըսէին. Փառք քեզ, Տէր, որ չզրկեցիր մեր անարժանութիւնը Քու բարիքներէդ. ով մարդասէր` որ պահեցիր մեզ աչքի բիբի նման եւ թեւերուդ հովանիին տակ ազատեցանք բազմութեան անօրէնութենէն։ Ահա կը մեռնինք փառաւորեալ անունիդ համար։ Բոլորը միաժամանակ կոտորուեցան, իսկ մէկը` հնձանի ներսը սպանեցին, որ կեանքէն հրաժարելու պահուն ըսաւ. Գոհանամ Քեզմէ, Տէր բարերար, որ զիս ալ չզրկեցիր որովհետեւ հիւանդ էի չկրցայ քալել եւ ընկերներուս հետ ըլլալ։ Սակայն Դուն` մարդասէր եւ քաղցր Տէր, իմ հոգիս ալ ընդունէ եւ խառնէ սուրբ վկաներուդ գունդին, ընկերուհիներուս ու քոյրերուս բանակին, աղախինիդ եւ մեր մայր Գայիանէ գլխաւորին, եւ Քեզ սիրող ու մեր որդեակ Հռիփսիմէի մօտ։ Այսպէս խօսելով` ան վախճանեցաւ։ Անոնց բոլորին մարմինները` դուրս քաշելով, ձգեցին` որպէսզի կեր դառնան քաղաքին շուներուն, գազաններուն եւ երկինքի թռչուններուն։ Իսկ թագաւորը մոռցած էր նուաստացումը` որուն համար պէտք է ամչնար. Աստուծոյ կամքով` աղջիկէ մը պարտուեցաւ, սակայն, ան չէր մտածեր ամօթալի անպատուութիւններուն մասին, այլ միայն անոր գեղեցկութիւնը տեսնելու ցան- կութեամբ վառուած, տրտմած էր աղջկան մահուան համար եւ տխուր` կը սգար։ Տեսէք, - կ’ըսէր ան, - ինչպէս քրիստոնեաներու կախարդական աղանդը մարդկային բազմաթիւ կեանքեր կը խլէ` զանոնք հեռացնելով աստուածներու պաշտամունքէն։ Անոնք կ’արգիլեն երկրաւոր կեանքի վայելքները եւ մահէն չեն դողար. ասիկա կ’ըսեմ` մանաւանդ սքանչելի Հռիփսիմէին համար, որ աշխարհի մէջ իր նմանը չունէր, սիրտս անոր հետ է եւ ամենեւին միտքէս դուրս չի գար` քանի ես կենդանի եմ։ Ոչ մէկ տեղ տեսած եմ նմանութիւնը այսպիսի գեղեցկութեան` որ կորսնցուցին այդ կախարդները, որովհետեւ այնպէս զօրացան կախարդանքները` մինչեւ որ ինծի ալ յաղթեցին։ Վաղ առաւօտեան թագաւորին մօտ եկաւ դահճապետը` Գայիանէի սպանու- թեան համար հրաման առնելու. իսկ ան` սիրոյ պատճառով յուզուած, յիմարա- ցած եւ ապշած ըլլալով, չյիշեց սուրբ Հռիփսիմէի մահը` կարծելով թէ կենդանի է 295

տակաւին։ Թագաւորը` աւագութեան, բարձր ու պատիւի պարգեւներ կը խոս- տանար անոր` որ կարենար հնար գտնել աղջիկը համոզելու, որպէսզի իր մօտ գայ։ Դահճապետը այսպէս կը պատասխանէ անոր. Արքայ` աստուածներուն եւ թագաւորներուն հրամանները անարգողները այդպէս կը կորսուին. սակայն, դեռ կայ այն կախարդը` որ ապականելով կորսնցուց չքնաղագեղ աղջիկը, կան նաեւ իր երկու ընկերուհիները։ Թագաւորը երբ լսեց սուրբ Հռիփսիմէին մեռած ըլլալը` տրտմութեան մէջ խորասուզուեցաւ եւ գահէն իջնելով` գետինը նստաւ, կու լար եւ կը սգար։ Ապա, հրաման տուաւ առաքինի Գայիանէին մասին` նախ լեզուն ծոծրակէն հանել, յետոյ սպանել, քանի որ համարձակած էր իր վնասակար խորհուրդներով կորստեան մատնել այն կոյսը` որ աստուածներու գեղեցկութիւնը ունէր մարդոց մէջ. ասոր համար անհրաժեշտ նկատեց տանջամահ ընել։ Հարաւային դրան մօտ` որ դէպի Մեծամօրի կամուրջը կը տանի, ուր սովո- րաբար տեղի կ’ունենան մահապատիժները, չորսական ցից տնկեցին, եւ շղթայակապ բերին Գայիանէն` ընկերուհիներուն հետ որ այսպէս խօսեցաւ. Տէր, մեզի արժանի դարձուցիր անուանդ համար մեռնելու, յարգեցիր մեր հողեղէն էութիւնը` որպէսզի արժանի ըլլանք աստուածութեանդ, եւ ինծի ալ մասնակից դարձուցիր սուրբ նահատակներուդ` Հռիփսիմէի եւ անոր ընկերուհիներու մահուան. արդ, կը շտապեմ եւ կը փափաքիմ հասնիլ անոնց` որոնք սիրեցին Քեզ։ Ուրախ եմ` որ կը հասնիմ իմ դուստր եւ որդեակ Հռիփսիմէին, քոյրերուս եւ ընկերուհիներուս ետեւէն։ Յաղթութիւնդ մեզի տուր, իսկ չարը` իր գործակիցներով միասին, կ’ընկճուի փառքիդ ահէն։ Մօտեցան եւ պատառոտեցին անոնց հանդերձները, եւ իւրաքանչիւրը` չորս ցիցի վրայ պրկեցին. մորթերը ծակեցին, ոտքերուն կողմէ խողովակներ խրեցին եւ փչելով` ողջ-ողջ մորթազերծ ըրին մինչեւ ստինքները. ապա, ծոծրակները ծակելով` լեզուները այնտեղէն դուրս քաշեցին։ Քարեր լեցուցին անոնց գոգերը, եւ աղիքները` որովայնէն դուրս թափեցին, եւ որովհետեւ դեռ կենդանի էին` սուրով կտրեցին անոնց գլուխները։ Հռովմէացիներու երկրէն անոնց հետ Հայաստան եկած անձերը` բոլորը միասին եօթանասուն հոգի էին. իսկ նահատակներու թիւը` սուրբ տիկիններ Գայիանէի եւ Հռիփսիմէի հետ, ընդամէնը երեսունեօթը հոգի։ Սուրբ Հռիփսիմէն նահատակուեցաւ Հոռի ամսուան քսանվեցին, նահատա- կակից երեսուն երեք ընկերուհիներով. իսկ Հոռի ամսուան քսանեօթնին` սուրբ Գայիանէն իր երկու ընկերուհիներով, որոնք իրեն հետ մարտնչեցան, պսակներ ընդունեցին եւ առին յաղթութեան թագը։ Տեղեկատու, Գահիրէ, Ապրիլ 2001, նոր շրջան, թիւ 19, էջ 8-13 296

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆԵՐ 1. Լատինական ծագումով իգական այս անձնանունին մասին` բանասիրական գրա- կանութեան մէջ կը հանդիպինք հետեւեալ բացատրութիւններուն. ա. Հայոց անձնանունները ստուգաբանող մեծագոյն լեզուաբանը` Հրաչեայ Աճառեան կը յայտնէ` թէ «յունալատինական անուն է, որ անշուշտ լատիներէն Gaïanus անուան իգական ձեւն է»։ Տես` Հայոց անձնանունների բառարան, Երևան, Պետական Համալսարանի Հրատա- րակչություն, 1942, հատոր Ա., էջ 443։ բ. Լատինագէտ Վենետիկեան Մխիթարեան մը աւելի մանրամասն կը ներկայացնէ այս անունին ծագումը. ԳԱՅԻԱՆԷ բնիկ հռոմէական անուն է։ Հեթանոս Հռոմի մէջ երբ երախայ մը ուրիշին որդեգիր կ’ըլլար, իր անունին վրայ կ’աւելցնէին իան մասնիկը, այսպէս` Յուլիոս-Յուլիանոս, Մարկոս- Մարկիանոս, Փլաւիոս-Փլաւիանոս, Մաքսիմոս-Մաքսիմիանոս, Գայիոս-Գայիանոս։ Վերջին անունին իգականն էր` Գայիա, որուն որդեգրական ձեւն է` Գայիանա։ Բնական է յիշեալ որդեգրական անունները` վերջերը սկսան իբր պարզ անուն գործածուիլ։ Թերեւս Հայոցս մականուններուն եան վերջաւորութիւնը եւս այսպիսի ծագում ունի, զի հայը եւ լատինը հնդեւրոպական արմատէ սերող երկու եղբայր ժողովուրդներ են։ Տես` Յարութիւն Աստուրեան, Դոկտոր Դպրութեանց, Պատմութիւն հայոց. սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը. քննական հիմով, (Պէյրութ), 1963, էջ 64։ գ. Ուրիշ լատինագէտ Վիեննական Մխիթարեան վարդապետ մը` լեզուականօրէն աւելի կը մանրամասնէ յիշեալ անունին ծագումը. Աւանդութիւնը հռոմայեցի գիտէ Հռիփսիմէն եւ Գայիանէն. վերջինս հաւանօրէն լատիներէն Cajus, Gaïus, իգական Gaïa անունն է, -էն յաւելուածով (հմմտ. նաեւ լատիներէն Gaïanus, Cajanus ածական ձեւը)։ Տես` Հ. Ն. Ակինեան, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ. 219-249 (մահուան 1700 ամեակի առիթով)», Հանդէս ամսօրեայ, 1949, թիւ 4-12, էջ 34։ դ. Վարքագրական աւելի նոր հրատարակութեան մը մէջ, ուրիշ Մխիթարեան վար- դապետ մը` կը կրկնէ նոյն կարծիքը, թէ Gaiana վստահաբար Gaia անունին նուազականն է։ Տես` Paolo Ananian, Bibliotheca Sanctorum, Città Nuova Editrice, v. XI, 1968, p. 210։ 2. Դարձեալ բանասիրական գրականութեան ապաւինած` կը ներկայացնենք հետեւ- եալ բացատրութիւնները. ա. Հրաչեայ Աճառեանին կարծիքով` «անշուշտ օտար լեզուէ փոխառեալ բառ է, բայց աղբիւրը անյայտ է»։ Տես` Հայոց անձնանունների բառարան, Երևան, Պետական Համալսարանի Հրատարակչություն, 1946, հատոր Գ., էջ 100։ բ. ՀՌԻՓՍԻՄԷ անունը կը գործածուէր Գոթաց մէջ, որոնք հռոմէական պետութեան ամէն կողմ տարածուած էին այդ դարուն։ Տես` Յարութիւն Աստուրեան, Դոկտոր Դպրութեանց, Պատմութիւն հայոց. սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը. քննական հիմով, (Պէյրութ), 1963, էջ 64։ գ. Միայն հետաքրքրութեան համար, այստեղ կը նշենք նաեւ գիտնական վարդապե- տին հաղորդած տեղեկութիւնը` թէ Ղփտիք զՀռիփսիմէ գրեն Արփիսիմա, զԳայիանէ` Աղաթա։ Տես` Հ. Ղ. Ալիշան, Արշալոյս քրիստոնէութեան հայոց, Վենետիկ, ի Սուրբ Ղազար, 1901, էջ 136։ 297

3. Վրացական աղբիւրի մը մէջ, յիշեալ քաղաքին մասին կը կարդանք հետեւեալ տեղեկութիւնը. Նոր-Քաղաք (Ախալքալաք) կոչուած տեղն փառակերտ, որ է Դուին, հայոց թագաւորի աթոռանիստը։ Տես` Պրոֆ. Դր. Լ. Մելիքսեթ-Բեկ, Վրաց աղբյուրները Հայաստանի յեվ հայերի մասին (Ե-ԺԲ դար), Յերեվան, Հրատարակություն Մելքոնյան Ֆոնդի, 1934, հատոր Ա., էջ 170։ 4. ՀՌԻՓՍԻՄԷ անձնանունին բացատրութեան համար, այստեղ կը մէջբերենք Ագա- թանգեղոսի Հայոց պատմութիւնէն համապատասխան հատուածը. Եղեալ որոտումն յերկնից... եւ ձայն զի ասէր առ նոսա, թէ Զօրացարուք... մանաւանդ դու, Հռիփսիմէ, ըստ անուանդ քում արդարեւ «ընկեցեալ» եղեր... ի մահուանէ ի կեանս։ 5. Շուշանի պատմութեամբ հետաքրքրուողները կրնան կարդալ Մարգարէութիւն Դանիէլի գիրքին` ԺԳ. գլխուն, 1-64 համարները։ 298


Like this book? You can publish your book online for free in a few minutes!
Create your own flipbook