ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ԵՐԿԵՐ ԵՐԵՔ ՀԱՏՈՐՈՎ Ա. ՀԱՏՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց` ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ ԼԱ. ԳԱՀԻՐԷ 2020
ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ԵՐԿԵՐ ԵՐԵՔ ՀԱՏՈՐՈՎ Ա. ՀԱՏՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց` ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ ԼԱ. ԳԱՀԻՐԷ 2020
Ջահակիր շաբաթաթերթ Տնօրէն եւ խմբագիր` Մարտիրոս Պալաեան Խմբագրական խորհրդատու` Հայկ Աւագեան Այս գիրքը հրատարակուած է սահմանափակ տպաքանակով։ Ան չէ նախատեսուած վաճառքի համար։ Անվճար կը տրամադրուի գրադարաններուն եւ նիւթով հետաքրքրուողներուն։ Ստանալու համար դիմել` [email protected]
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ Կու գամ անկեղծ երախտագիտութիւնս յայտնելու Գահիրէի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի վար- չութեան ատենապետ Վիգէն Ճիզմէճեանին եւ գրադարանավարուհի Սիլվա Ղազէլեանին, որոնց բարեհաճ արտօնութեամբ առիթ ունեցայ ծանօթանալու մասնաճիւղին մէջ պահուող Տիգրան Գէորգեանի անձնական գրադարանին եւ դիւանին նիւթերուն։ Շնորհակալութիւն Ջահակիրի խմբագիր Մարտիրոս Պալաեանին, որ տրա- մադրեց իր մօտ պահուող Գէորգեանի անտիպ աշխատութեան մը բնագիրը եւ այլ յարակից նիւթեր, եւ ամբողջ աշխատանքի ընթացքին թիկունք կանգնեցաւ յաղթահարելու թեքնիքական ու հրատարակչական խնդիրներ։ Հ. Ա. 3
ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ` ԵԳԻՊՏԱՀԱՅ ՎԵՐՋԻՆ ԲԱՆԱՍԷՐԸ Բանասէր եւ մատենագէտ Տիգրան Գէորգեան կը պատկանի եգիպտահայ մտաւորականներու անհետացող սերունդին, սերունդ մը` որ չունեցաւ իր յաջորդը։ Զաւակը Գէորգ եւ Նուարդ Գէորգեաններու` ծնած է 1936 Յունուար 6-ին, Գահիրէ։ 1941-1950-ին կը յաճախէ Գահիրէի Գալուստեան Ազգային Վարժարանը, ուսուցիչներ ունենալով` Լեւոն Աճէմեան, Յովսէփ Թիւթիւնճեան, Երուանդ Չերքէզեան եւ ուրիշներ։ 1950-1951-ին կ’ուսանի իտալական Տոն-Պոսքօ արհեստագիտական վարժա- րանը։ Այնտեղէն ստացած միակ օգուտը կ’ըլլայ իտալերէն լեզուի իմացութիւնը, որ մեծապէս օգտակար պիտի ըլլար յետագայ տարիներուն։ Իբրեւ գիշերօթիկ սան, 1951-1955-ին կ’ուսանի Վենետիկի վերաբացուած Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարանը, ուսուցիչներ ունենալով` Հ. Մեսրոպ Ճանաշեան, Հ. Եղիա Փէչիկեան եւ ուրիշներ։ Յետագային, Գէորգեան պիտի յիշէր վենետիկեան տարիները. Գիտա-մանկավարժական հարուստ փորձ ունէր, երբ 1951 թ. Հայր Մեսրոպ Վրդ. կը ստանձնէր նոր վերաբացուած Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարանին տեսչութիւնը։ Սփիւռ- քահայ գլխաւոր գաղթօճախներէն ուսանողներ հաւաքուած էին այնտեղ եւ օրէ օր նորեր կը հասնէին։ Ակադեմական առաջին տարեշրջանին` Մերձաւոր Արեւելքէն կային միայն հինգ ուսանողներ, որոնցմէ երեքը կարճ ժամանակ ետք վերադարձան իրենց տեղերը։ Նոյն տարուան Հոկտեմբերի 16-ին, աշնանային պայծառ օր մը, Արեւելքէն ժամանող պատանիները ներկայացան տեսչարան եւ արժանացան հայրական սիրալիր ընդունե- լութեան։ Տղոցմէ չորսը` «Մխիթարեան Վարժարան»ներէ կու գային. միայն մէկը ազգային վարժարանէ էր` անընտել կրօնական դաստիարակութեան։ Առաջին սրտբաց խօսակցու- թիւնը եւ Տեսուչ Հօր ակներեւ համեստութիւնը` պատկառանք ներշնչեցին Հ. Մեսրոպ Վրդ.ին նկատմամբ։ Այդ տպաւորութիւնը խորացաւ եւ հաստատուեցաւ յաջորդական քանի մը տարիներու ընթացքին1։ Կրօնական դաստիարակութեան «անընտել»-ը ինքն էր։ Վերադառնալով Գահիրէ, իր նպատակն էր ուսումը կատարելագործել 5
Եւրոպա, ինչպէս կը բացատրէ Աւետիս Եափուճեան. 1955 թուականին, վերադառնալով Գահիրէ` զինուած հայագիտական նիւթերով, որոնք իր առջեւ կը սահմանափակէին ասպարէզի ընտրութիւնը, թէեւ պատանին երկու տարի կ’ապրէր այն յոյսով, որ Եւրոպայի մէջ պիտի կարենար գրական ճիւղին մէջ բարձրագոյն ուսում մը ստանալ։ Սակայն, կրթաթոշակները ապրուստի բաւարարութիւն չէին տար, իսկ իր ծնողքին նիւթական միջոցները այնքան լայն չէին, որ կարենային այսպիսի շքեղութիւն մը թոյլ տալ իրենց2։ 1957-1959-ին կը վարէ Արեւ օրաթերթի օգնական խմբագիրի պաշտօնը, Նուպար Պէրպէրեանի խմբագրապետութեան շրջանին։ 1960-ին կը սկսի իր մանկավարժական ասպարէզը Գալուստեան Ազգային Վարժարանին մէջ` իբրեւ հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ։ Դպրոցա- կան մանկավարժութիւնը կը դառնայ ողջ յետագայ կեանքի ապրուստի միակ միջոցը, ապահովելով ամսական մնայուն, թէեւ կենցաղը հազիւ բաւարարող եկամուտ մը։ 1962 Յունիսին Գահիրէի մէջ կը մահանայ Արշակ Ալպօյաճեան։ Յետագային, Գէորգեան պիտի յիշէր. Հաւանաբար Հայաստան այցելութեան առիթով` Ալպօյաճեան կարգադրած ըլլայ յետ մահու իր անձնական գրադարանը եւ արխիւային ճոխ նիւթերը նուիրել Հայկական ՍՍՌ Գիտութիւնների Ակադեմիայի Ֆունդամենտալ Գրադարանին։ Որպէս իրատես եւ գործնա- կան մարդ, ան կտակը պատրաստած եւ կտակակատար կարգած էր իր ձեռնասուններէն` Պ. Արտաշէս Գարտաշեանը։ Կարգադրութիւնը` նախատեսուածին պէս, ճիշտ եղած էր։ Մահէն ետք, օրինական բոլոր ձեւակերպութիւնները վերջացնելով, կտակակատարը յաջողեցաւ գիրքերու ամբողջ հաւաքածոն ու ձեռագիրներու տրցակները 24 սնտուկներու մէջ տեղա- ւորել եւ ապահով Հայաստան փոխադրել տալ 1965ին, շնորհիւ Գահիրէի Ազգ. Իշխանութեան նիւթական աջակցութեան։ Պ. Գարտաշեանի անխոնջ ջանքերուն մասնակից եղաւ Արեւի նախկին խմբագիրը` Պ. Էտմոն Կոտալազեան (Երուանդ Ազատեան)3։ Միայն կը մոռնայ յիշելու, որ ցուցակագրութեան եւ նիւթերու դասաւորու- թեան ամբողջ աշխատանքին ինք եւս կը բերէ իր անխոնջ մասնակցութիւնը, միաժամանակ, ականատես ըլլալով նիւթերու «թալան»-ին, օգտագործած ըլլալու համար իր արտայայտութիւնը` զոր անձամբ լսած եմ իրմէ։ 1969 Ապրիլ 27-ին, Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ տեղի կ’ունենայ իր պսակադրութիւնը ասմունքողուհի Սեդա Ճիզմէճեանի հետ, դուստրը Արեւի աշխատակից` ատամնաբոյժ Եդուարդ Ճիզմէճեանի4։ 1970-ին կը ծնի իրենց անդրանիկ որդին` Արա (այժմ բնակութիւն հաստա- տած Իտալիա)։ 6
1971-1972 տարեշրջանին իր խմբագրութեամբ լոյս կ’ընծայուի Գալուստեան Ազգային Վարժարանի աշակերտութեան Ուղի կիսամեայ հանդէսին երկու համարները (իւրաքանչիւրը` 20 էջ)։ 1972 Սեպտեմբեր – 1973 Յունիսին կը գտնուի Երեւան` իբրեւ Երեւանի Պետական Համալսարանի Արսէն Տէրտէրեանի անուան Հայ Գրականութեան Ամբիոնի սթաժէօր: Այս շրջանին առիթ կ’ունենայ հետազօտութիւններ կատարել Մաշտոցի անուան Մատենադարանին, Ակադեմիայի գրադարանին, Միասնիկ- եանի անուան հանրային գրադարանին եւ Համալսարանի գիտական գրադարա- նին մէջ եւ նոր ատաղձով վերադառնալ Գահիրէ։ Կը շարունակէ դասաւանդութիւնը Գալուստեանի մէջ։ Լոյս կ’ընծայէ աշակերտութեան Ուղի պարբերական հանդէսի 1973-1974 տարեշրջանի համա- րը (68 էջ), որ կ’ըլլայ վերջինը։ 1974-ին կը ծնի երկրորդ (վերջին) զաւակը` Արմէն։ 1978 Յուլիս 16-ին, Հելիոպոլսոյ Կոկանեան Սրահին մէջ տեղի կ’ունենայ տա- րեկան պաղպաղակասեղան` ի պատիւ հայ շրջանաւարտներուն։ Օրուան նա- խագահութիւնը կը յանձնուի Գէորգեանին, իբրեւ հայերէն լեզուի աւագ ուսուցիչ5։ Նկատի ունենալով իր բնակավայրը Հելիոպոլիս, 1978-ին կը յաջողի ուսուցչական պաշտօնը փոխադրել Նուպարեան Ազգային Վարժարան, ուր կը մնայ մինչեւ 1996։ Այնտեղ` 1978-1980-ին, բարեբախտութիւն ունեցած եմ Պատրաստականի (Է’տատէյա) վերջին երկու տարիներուն (մինչեւ իմ մուտքս Գահիրէի Երաժըշ- տանոցը) աշակերտել իրեն։ Ոչ մէկ կերպով ան կը նմանէր ուրիշներու։ Ունէր բամբ ու զօրեղ ձայն մը` տառերու կշռուած արտասանութեամբ եւ շեշտուած արտաբերումով։ Հայերէն լեզուի առոգանութիւնը մեծապէս ազդած էր վրաս։ Ծանրաքայլ, պատկառազդու անձնաւորութիւն մը` ոչ այնքան հաղորդական, բայց պարտադրող անհատականութեամբ, ան յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած էր ինծի։ Կը քաջալերէր ինծի գրել արտադասարանային նիւթեր, զորս մանրա- մասնօրէն կը սրբագրէր։ Նուպարեանի շրջանին լոյս ընծայած է աշակերտական Արեգ պարբերական տեղեկատուի 1978-1979 եւ 1979-1980 տարեշրջաններու երկու համարները։ 1981-ին կը հրատարակէ իր առաջին գիրքը` Հ.Բ.Ը.Մ. Պատմական ակնարկ իր ադամանդեայ յոբելեանին առիթով (Հրատարակութիւն Հ.Բ.Ը.Մ.ի Եգիպտոսի Շրջանակին)։ Նոյն տարին կը ստանձնէ Գահիրէի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Եգիպտոսի շրջանի պաշտօ- նաթերթ` Տեղեկատու եռամսեայի խմբագիրի պաշտօնը։ Կը յաջողի լոյս ընծայել ընդամէնը մէկ թիւ (Մայիս-Դեկտեմբեր 1981, ԻԴ. տարի), քանի որ պետական ձեւակերպումները պիտի խոչընդոտէին անոր հրապարակումը։ Ինչպէս 15 տարի ետք պիտի տեղեկացուէր` 7
àõÕÇ« ÏÇë³Ù»³Û ѳݹ¿ë ¶³Éáõëï»³Ý ²½·³ÛÇÝ ì³ñųñ³ÝÇ ³ß³Ï»ñïáõû³Ý« 1971-1972 ï³ñ»ßñç³Ý« ¿ç 1-20 8
àõÕÇ« ÏÇë³Ù»³Û ѳݹ¿ë ¶³Éáõëï»³Ý ²½·³ÛÇÝ ì³ñųñ³ÝÇ ³ß³Ï»ñïáõû³Ý« 1972-1973 ï³ñ»ßñç³Ý« ¿ç 21-40 9
àõÕÇ« ÏÇë³Ù»³Û ѳݹ¿ë ¶³Éáõëï»³Ý ²½·³ÛÇÝ ì³ñųñ³ÝÇ ³ß³Ï»ñïáõû³Ý« 1973-1974 ï³ñ»ßñç³Ý 10
²ñ»·« å³ñµ»ñ³Ï³Ý ï»Õ»Ï³ïáõ Üáõå³ñ»³Ý ²½·³ÛÇÝ ì³ñųñ³ÝÇ ³ß³Ï»ñïáõû³Ý« 1978-1979 ï³ñ»ßñç³Ý« ÃÇõ 1 11
²ñ»·« å³ñµ»ñ³Ï³Ý ï»Õ»Ï³ïáõ Üáõå³ñ»³Ý ²½·³ÛÇÝ ì³ñųñ³ÝÇ ³ß³Ï»ñïáõû³Ý« 1979-1980 ï³ñ»ßñç³Ý« ÃÇõ 1 12
Щ´©À©Ø© ä³ïÙ³Ï³Ý ³ÏݳñÏ Çñ ³¹³Ù³Ý¹»³Û Ûᵻɻ³ÝÇÝ ³éÇÃáí« 1981 13
Տեղեկատուն 15 տարի առաջ կը դադրէր, պետական միջամտութեամբ, քանի որ շրջանէ մը ի վեր, տպագրական թէ խմբագրական դժուարութիւններու պատճառով, թերթը կանոնաւոր պարբերականութեամբ լոյս չէր տեսներ6։ 1982-ին կը հրապարակէ Արեւ օրաթերթի վերջին յօդուածը։ Այս լրագիրին մէջ ան սիրայօժար (սիրայօժար կը նշանակէ` անվճար) հրատարակած էր իր կարեւորագոյն ուսումնասիրութիւնները։ Շուրջ 15 տարի` 1967-1982, այնտեղ ստորագրած էր աւելի քան 40 ուսումնասիրութիւններ, մատենագիտական ցան- կեր, գրախօսականներ եւ քննախօսականներ։ Այնտեղ կը գտնենք հետազօտու- թիւններ նուիրուած` մամուլին (եգիպտահայ մամուլ, Արաքս կիսամսեայ, հայ ձեռագիր մամուլ), Սասունցի Դաւիթ էպոսին, Մխիթարեաններուն, Խորհրդահայ գրականութեան, Նուպար փաշային, Մխիթար Սեբաստացիին, Կոլոտ Յովհան- նէս Պատրիարքին, միջնադարեան զանազան նիւթերու եւ այլն։ Աւետիս Եափուճեանի խմբագրապետութեան աշխոյժ տարիներն էին։ Ան իր էջերը բացած էր Գէորգեանի առջեւ, քաջ իմանալով, որ լուրջ յօդուածներու ընդգրկումը առաւելութիւն մըն էր նախ եւ առաջ լրագիրին համար։ Վարչական խզումի մը պատճառով (Եափուճեանի տնօրինութենէն անդին գտնուող), 1982-էն ետք վերջնականապէս կը դադրին Գէորգեանի գրութիւնները Արեւի մէջ։ Այսպէս, 1983 Փետրուար 13-ին, Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանի մեծ դահլիճին կը կայանայ Շնորհալի Երգչախումբի խմբավար Եդուարդ Յակոբ- եանին եւ անդամներուն ի պատիւ պատուասիրութիւն, ուր Գէորգեան կը կար- դայ իր խօսքը։ Արեւի վարչութիւնը (ոչ խմբագրութիւնը) կը մերժէ զայն տպագրել։ Պատճառը ՌԱԿ-ի ղեկավարութեան եւ Յակոբեանի միջեւ վերջերս տեղի ունեցած խոր անհամաձայնութիւնն էր։ Արեւ` որ բանիմաց խմբագրապետ Աւե- տիս Եափուճեանի ջանքերով ստանձնած էր եգիպտական ֆրանսերէն լրագիր- ներուն մէջ հայերուն մասին լոյս տեսած բոլոր գրութիւներուն եւ քննախօ- սականներուն թարգմանութիւնը, կը մերժէ Յակոբեանի վերջին համերգին թարգմանութիւնները կատարել։ Բացի հակիրճ տեղեկատուութենէ7, Արեւ չի գրեր իր սովորական մանրամասն քննախօսականը։ Այս պարտականութիւնները կը փոխադրուին Ջահակիրին8, իսկ Գէորգեանի խօսքը` հինգ յաջորդական թիւերու մէջ, կը տպագրէ Յուսաբեր9։ Թէեւ ասիկա սկիզբ մը չէր ելոյթ ունենալու Յուսաբեր լրագիրին մէջ, բայց վերջնական խզում մըն էր Արեւի հետ։ Կ’անգիտանամ, եթէ եղած են նաեւ խզումի այլ պատճառներ։ Աւելի քան 15 տարի (1983-1998) Գէորգեանի ստորագրութեամբ յօդուած լոյս չի տեսներ եգիպտահայ մամուլին մէջ։ Այս շրջանը, արդարեւ, կը պսակուի երկու հիմնարար հատորներու հրատա- 14
րակութեամբ։ 1985-ին, Արմենական Կուսակցութեան 100-ամեակին առիթով, տպագրու- թեան պատրաստած էր կուսակցութեան նուիրուած Միքայէլ Նաթանեանի ան- տիպ աշխատութիւնը, զոր կարելի կ’ըլլայ տպագրել հինգ տարի ետք` 1990-ին։ Հրատարակութեան հովանաւոր Հայ Ազգային Հիմնադրամի ստորագրած «Յառաջաբան»-ին մէջ կը կարդանք. Յայտնենք նաեւ, որ Նաթանեանի մենագրութիւնը ծրագրուած էր հրատարակել Արմենական Կուսակցութեան հարիւրամեակին` 1985-ին։ Դժբախտաբար աննախատեսելի դժուարութիւններ պատճառ եղան հրատարակութեան յետաձգումին10։ 1992 Մայիս 23-ին, Պըլըքտանեան Սրահին մէջ կը կայանայ` Մեծարանքի երեկոյ վաստակաշատ գործօն ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու, կազմակերպութեամբ Գահիրէի Ազգային Առաջնոդարանին11։ «Գործօն» բառը առաջարկած էր Գէ- որգեան` հայ ուսուցիչի կրաւորականութիւնը մերժելու միտումով։ Իր ելոյթին մէջ ըսաւ` որ եգիպտահայ ուսուցիչը, համեստ ըլլալուն, ամպիոն չէ ունեցած եւ չէ կրցած ինքզինք ճանչցնել12։ Ելոյթը, արդարեւ, զայրոյթի եւ յուզումի իրական արտայայտութիւն մըն էր։ Եգիպտահայ բեմերուն համար անսպասելի բռնկումով ան մեղադրեց պատաս- խանատու մարմինները հայ ուսուցիչը անտեսելու համար։ Յուզումէն նոյնիսկ կանգ առաւ եւ դժուարութեամբ վերսկսաւ իր խօսքը։ Յառաջացած մթնոլորտը խիստ լարուած էր։ Նման հրապարակային ցնցումներու չէ վարժուած եգիպտա- հայութիւնը։ 1994 թուականը հայ պարբերական մամուլի 200-ամեակն էր։ Նոյեմբեր 3-ին, Գահիրէի Ալ-Հանակէր արուեստի կեդրոնին մէջ տեղի կ’ունենայ մամուլի մեծ ցուցահանդէս, որուն նախնական գաղափարը կը պատկանէր Գէորգեանին։ Պերճ Թէրզեան կը տեղեկացնէ. 1991-ի աշնանամուտին օր մը եգիպտահայ մտաւորական, ուսուցիչ եւ մատենագէտ տիար Տիգրան Գէորգեան ուրբաթօրեայ իր հերթական այցելութիւններէն մէկը տուաւ ինծի։ Տիար Գէորգեան այդ օր սովորականէն լաւ տրամադրութեան մէջ էր։ [...] Խօսակցու- թեան ընթացքին ան դիտել տուաւ թէ երեք տարի յետոյ` 1994-ին, պիտի լրանար հայ պարբերական մամուլի անդրանիկ օրկանին` Ազդարարի հրատարակութեան 200-ամեակը եւ յարմար պիտի ըլլար որ եգիպտահայ գաղութը պատշաճօրէն նշէ այդ եղելութեան երկրորդ դարադարձը13։ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Եգիպտոսի Շրջանակային Յանձնաժողովի կազմակերպութեամբ կը կազմուի նախաձեռնող յանձնախումբ, որուն կը մասնակցին` Հ.Բ.Ը.Մ.-էն 15
ØÇù³Û¿É ܳóݻ³Ý« ²ñÙ»Ý³Ï³Ý Ïáõë³ÏóáõÃÇõÝÁ© ͳ·áõÙ¿Ý ëÏë»³É ÙÇÝã»õ ê³Ñٳݳ¹ñ³Ï³Ý è³Ùϳí³ñ Îáõë³Ïóáõû³Ý ϳ½ÙáõÃÇõÝÁ« 1990 16
զատ, Հայ Ազգային Հիմնադրամը, Յուսաբեր Մշակութային Ընկերակցութիւնը, Հայկական Ընթերցասրահը եւ Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Մարմինը։ Անոնց կը միանայ Գէորգեան` անկախ մասնագէտի հանգամանքով։ Մինչ այդ, նորանկախ Հայաստանը կ’ունենայ դեսպանատուն Եգիպտոսի մէջ։ Դեսպան Էդուարդ Նալբանդեանին կը յանձնարարուի կատարել ցուցահան- դէսին բացումը, որ, իր կարգին, կը հրաւիրէ Հնդկաստանի դեսպան Արունտ- հատի Կոշը, այն հիման վրայ` որ հայերէն առաջին պարբերականը` Ազդարար, լոյս տեսած է Մատրասի (Հնդկաստան) մէջ։ Ցուցահանդէսի նմոյշներուն հիմնական մասը կազմուած էր Սուրէն Պայրամ- եանի հաւաքածոյէն։ Գէորգեան իր անձնական հաւաքածոյէն կատարած էր լրացումներ։ Կային նաեւ այլ անհատներու սեփական ցուցանմոյշներ։ Պատ- րաստուած էին լուսաբանական եւ տեղեկատուական տախտակներ, հայ թերթե- րու քարտէս` 200 տարուայ թաւալումով (պատրաստութիւն Սուրէն Պայրամեա- նի)։ Կը հրատարակուին նաեւ 16 էջէ բաղկացած գրքոյկներ հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով, խմբագրութեամբ Գէորգեանի14։ Դէպք մը, սակայն, կը զայրացնէ Գէորգեանը։ Նալբանդեան` իր սովորական ինքնակոչ խոյանքներով, վերջին պահուն կ’որոշէ Յանձնախումբին պատրաս- տած գրքոյկները` որոնց խմբագրութեան համար կեդրոնական դեր խաղացած էր Գէորգեան, փոխարինել դեսպանատան կողմէ վերաշարադրուած հակիրճ թերթիկով մը, յառաջացնելով Գէորգեանի արդար զայրոյթը։ Թէրզեան կու տայ մանրամասնութիւններ. [...] Ցուցահանդէսին առիթով պատրաստուած էին հայ մամուլին մասին յատուկ պրակներ (փոքրադիր 16 էջ) հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով։ Այս պրակները ունէին համանման բովանդակութիւն։ Ցուցահանդէսին օրը, բացումէն առաջ, ՀՀ-ի դեսպանը ինծի տեղեկացուց, թէ ինք յարմար չէր դատած պատրաստուած պրակներուն մէջ, Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի վերաբերեալ կենսագրական կարգ մը ողբերգական մանրամասնութիւներու յիշատակումը15։ Հետեւաբար, դեսպանութիւնը պատրաստած էր անգլերէն պրակէն քաղուած տուեալներով աւելի ամփոփ (մեքենագիր 2 էջ) տարբերակ մը, որմէ զեղչուած էին յարմար չնկատուած բաժինները։ ՀՀ-ի դեսպանը թելադրեց Յանձնախումբին պատրաստած անգլերէն պրակները, գէթ Ցուցահանդէսին առաջին օրը, այցելուներուն չբաժնել եւ անոնց փոխարէն բաժնել դեսպանատան պատրաստած տարերակը։ Երբ տիար Գէորգեան տեղեկացաւ վերջին պահուն կատարուած այս կարգադրութեան, չափազանց սրդողեցաւ եւ եղածը «բանագողութիւն» հռչակեց։ Զինք հանդարտեցնելու փորձերս եւ իրեն տուած բացատրութիւններս, չկրցան զինք տարհամոզել։ Տիար Գէորգեան այդ երեկոն անցուց թունաւորուած տրամադրութեամբ առանց կարենալ լիովին ըմ- բոշխնելու երկար ամիսներու իր տքնաջան աշխատանքին արդար արդիւնքը։ ՀՀ-ի դեսպա- նութեան դիւանագիտական նկատումները եւ տիար Գէորգեանի բանասիրական բծախնդիր 17
եւ անհպելի ճշգրտութիւնը, այս պարագային իրարու ներհակ բեւեռներու վրայ կը գտնուէին16։ Գէորգեան տարիներ շարունակ չկրցաւ մարսել այս արարքը։ Ցուցահանդէսին զուգահեռ, Գէորգեան կը փորձէ կազմել Եգիպտոսի մէջ գտնուող հայկական մամուլի ամբողջական ցանկ մը։ Այս նպատակով Հ.Բ.Ը.Մ.- ն կը տպագրէ մատենագիտական թերթիկներ, որոնք կը բաժնուին եգիպտահայ գրադարաններու եւ զանազան անհատներու, զանոնք լրացնելու համար։ Թէեւ ծրագիրը կ’ունենայ քանի մը անհատներու դրական ու գործնական արձագանգը, բայց, ընդհանուր առմամբ, անկարելի կ’ըլլայ գրադարաններուն եւ մեծ հաւաքա- ծոներուն ցանկերը ստանալ, աշխատանքի ծաւալին պատճառով։ 1995-ին հրապարակ կու գայ Գէորգեանի երրորդ գիրքը, որ ծաւալուն մատե- նագիտութիւն մըն է նուիրուած հայկական հարցին եւ հայկական կոտորած- ներուն («Հայկական հարց»-ը եւ հայկական կոտորածները. համապարփակ մատենագիտութեան փորձ), համահեղինակ ունենալով Յակոբ Անասեան։ 1996-ին կը բոլորէ իր վաթսունամեակը եւ ըստ պետական սահմանակարգի կ’անցնի թոշակի` դադրելով դասաւանդել Նուպարեան Վարժարանին մէջ։ Պե- տական թոշակառուին արտօնուած է զբաղիլ ժամավճարային աշխատանքով։ Գալուստեան եւ Նուպարեան վարժարաններու բազմաթիւ հայ ուսուցիչներ` պետականօրէն թոշակի անցնելէ ետք, շարունակած են դասաւանդել` կրկնա- պատկելով իրենց ամսական եկամուտը։ Գէորգեանի պարագային, սակայն, եգիպտահայ պատկան մարմինները կը վերջացնեն համագործակցութիւնը իր հետ, հակառակ մասնագէտ հայագէտ մանկավարժի անվիճելի կարիքին։ 1998-ին կը վերսկսի համագործակցութիւնը եգիպտահայ մամուլին հետ, Ջահակիրի մէջ տպագրելով իր առաջին յօդուածը։ Մինչեւ 2002 թուական այնտեղ կը հրատարակէ 10 յօդուածներ, մեծ մասամբ գրախօսականներ։ Յօդուածներէն մէկը` 1915-1920 թթ. երկու վաւերագրեր` Մարտինի պատա- հարներուն մասին եւ Սէֆէր Պիրլիքը Հալէպի մէջ, 1998-ին Ջահակիր կը հրատա- րակէ առանձին գիրքով։ 1996 Հոկտեմբերին կը վերականգնուի Տեղեկատուի հրատարակութիւնը (նոր շրջան, թիւ 1)։ 1999 Յունուարին (նոր շրջան, թիւ 10) Գէորգեան կը ստանձնէ խմբագրութիւնը, զոր կը վարէ մինչեւ 2002 Ապրիլ (նոր շրջան, թիւ 23)։ Ըլլալով մտաւորական-բանասէր, իր ուսումնասիրութիւններով եւ գրախօսա- կաններով Տեղեկատուն դուրս կը հանէ տեղեկատուական պաշտօնաթերթի ինքնասահմանուած շրջագիծէն։ Այնտեղ, բացի անստորագիր գրութիւններէ, կը հրատարակէ 17 ծանրակշիռ յօդուածներ, որոնք կը պարփակեն` գրախօսականներ-քննախօսականներ, հրապարակումներ (Ագաթանգեղոսի բնագիրներու արեւմտահայերէն 18
19 سï»Ý³·Çï³Ï³Ý ûñÃÇÏ` ݳ˳ï»ëáõ³Í »·Çåï³Ñ³Û ·ñ³¹³ñ³ÝÝ»ñáõ »õ ³ÝѳïÝ»ñáõ ѳõ³ù³ÍáÝ»ñáõ ѳٳñ« å³ïñ³ëïáõ³Í Ñ³Û Ù³ÙáõÉÇ 200-³Ù»³ÏÇÝ ³éÇÃáí£
§Ð³ÛÏ³Ï³Ý Ñ³ñó¦-Á »õ ѳÛÏ³Ï³Ý Ïáïáñ³ÍÝ»ñÁ© ѳٳå³ñ÷³Ï Ù³ï»Ý³·Çïáõû³Ý ÷áñÓ« 1995 20
1915-1920 Ãé »ñÏáõ í³õ»ñ³·ñ»ñ` سñïÇÝÇ å³ï³Ñ³ñÝ»ñáõÝ Ù³ëÇÝ »õ ê¿ý¿ñ äÇñÉÇùÁ гɿåÇ Ù¿ç« 1998 21
փոխադրութիւններ, եգիպտահայ գրականութեան անյայտ էջեր, եւ այլն), ինչպէս նաեւ եգիպտահայ Կաթողիկէ համայնքի համապարփակ պատմականը (լոյս կը տեսնէ նաեւ առանձին գիրքով` Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ համայնքը. անցեալը եւ ներկան իր բոլոր կառոյցներով եւ կարկառուն դէմքերով, Գահիրէ, Հ.Բ.Ը.Մ.- Գահիրէ Սաթենիկ Ճ. Չագըր Հիմնադրամի Հրատարակութիւն, 2001)։ 2000 եւ 2003-ին երկու յօդուածներ կը ստորագրէ Պէյրութի Հայկազեան հայագիտական հանդէսին մէջ։ Առաջինը հրապարակում մըն է Լեւոն Բաշալ- եանի անտիպ նամակի մը, երկրորդը` անդրանիկ ուսումնասիրութիւն մը Ար- փիար Արփիարեանի մահափորձերուն եւ սպանութեան մասին։ Տեղեկատուի խմբագրապետութենէն հեռանալէն ետք, կը շարունակէ գրախօ- սականներով աշխատակցիլ պաշտօնաթերթին։ 2007 Հոկտեմբերին, այնտեղ ստորագրած վերջին գրախօսականէ մը ետք, այլեւս իր գրութիւններուն չենք հանդիպիր մամուլին մէջ։ 2008-ին, անձնական հարուստ գրադարանը (աւելի քան 5000 գիրք) եւ իր սեփական դիւանը կը նուիրէ Հելիոպոլսոյ Հ.Բ.Ը.Միութեան։ Կը նշանակէ, արդէն որոշած էր հրաժարիլ գրական կեանքէ։ Դիւանին մէջ կը գտնուին իր ձեռագիր ու մեքենագիր անաւարտ գրութիւնները, ինչպէս նաեւ նամակներու սահմանա- փակ հաւաքածոյ մը։ Գրադարանի նուիրաբերումին անմիջապէս կը յաջորդէ գիրքերուն ցուցակա- գրութիւնը գրադարանավարուհի Սիլվա Ղազէլեանի կողմէ` Գէորգեանի համա- գործակցութեամբ։ Բանասէրի հիւանդութենէն ետք (2012), Ղազէլեան միայնակ կը շարունակէ աշխատանքը։ Յոյսով եմ, գիրքերուն վերջնական դասակար- գումէն ետք կը հրապարակուի ամբողջական ցուցակը, կը բացուի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «Ընթերցանութեան սրահ»-ը` որուն ծրագիրը վարչութիւնը պաշտօնապէս յայ- տարարած էր 2001 թուականին17 եւ ընթերցողներուն ազատօրէն մատչելի կը դառնան ընդհանրապէս Հ.Բ.Ը.Մ.-ի գրադարանային հաւաքածոները։ Ուղեղի արիւնահոսութեան հետեւանքով, 2012 Սեպտեմբեր 18-ին Գէորգեան կը փոխադրուի Հելիոպոլիս Հիւանդանոց18։ Քանի մը շաբաթ այնտեղ մնալէ ետք, երկարատեւ բուժումի համար կը տեղափոխուի Իտալական Հիւանդանոց, ուր գրեթէ լքուած վիճակի մէջ կ’ապաստանի մինչեւ վերջ։ 2018 Դեկտեմբեր 27-ին, թոքի սուր բորբոքումի ախտորոշումով կը փո- խադրուի նոյն հիւանդանոցին յատուկ բաժինը, ուր կը վախճանի 2019 Յունուար 19-ին, 83 տարեկան հասակին։ Յունուար 20-ին, Հելիոպոլսոյ Ամենայն Հայոց Գերեզմանատան մէջ տեղի կ’ունենայ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը` սահմանափակ վշտակից- ներու ներկայութեամբ։ Դամբանականներ չեն կարդացուիր... բարեբախտաբար։ Պատկանելիութեան հարց մը կար19։ 22
º·ÇåïáëÇ Ñ³Û Ï³ÃáÕÇÏ¿ ѳٳÛÝùÁ© ³Ýó»³ÉÁ »õ Ý»ñÏ³Ý Çñ µáÉáñ ϳéáÛóÝ»ñáí »õ ϳñϳéáõÝ ¹¿Ùù»ñáí« 2001 23
ՑԱՆԿ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ ԳՈՐԾԵՐՈՒՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ 1. «Օգտակար ձեռնարկ (Ֆրանչիսկեան Հայրերու հայկական մատենագիտու- թիւնը)», Արեւ, 9 Օգոստոս 1967, ԾԳ. տարի, թիւ 14.793։ 2. «Մխիթարեաններու գրական վաստակը», Արեւ, 8 Ապրիլ 1968, ԾԳ. տարի, թիւ 14.994 - 11 Ապրիլ 1968, ԾԳ. տարի, թիւ 14.997։ 3. «Մեմլուքեան շրջանէն նշանաւոր հայ ընտանիք մը», Արեւ, 4 Հոկտեմբեր 1969, ԾԳ. տարի, թիւ 15.442։ 4. «Հայ մամուլը Գահիրէի մէջ», Արեւ, 4 Հոկտեմբեր 1969, ԾԳ. տարի, թիւ 15.442. 6 Հոկտեմբեր 1969, ԾԳ. տարի, թիւ 15.443։ 5. «Ֆրանչիսկեան Հայրերու հայկական մատենագիտութիւնը», Արեւ, 6 Ապրիլ 1970, ԾԴ. տարի, թիւ 15.591։ 6. «Ժամանակագրութիւն Եգիպտոսի հայ լրագրութեան 1865-1966», Արեւ, 11 Մայիս 1970, ԾԵ. տարի, թիւ 15.619 - 19 Մայիս 1970, ԾԵ. տարի, թիւ 15.625։ 7. «Հայ գրականութիւնը օտար լեզուներով», Արեւ, 1 Հոկտեմբեր 1970, ԾԵ. տարի, թիւ 15.748 - 9 Դեկտեմբեր 1970, ԾԵ. տարի, թիւ 15.797։ 8. «Հայագիտական ամենահին հանդէսը նոր տարազով», Արեւ, 14 Յունիս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.248։ 9. «Ալպօյաճեանի պատմական եւ բանասիրական գնահատելի ժառանգու- թիւնը», Արեւ, 24 Յունիս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.256 - 29 Յունիս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.260։ 10. «Տիեզերալոյս Գէորգ Սկեւռացիի երեք վարքերը ֆրանսերէն թարգմանու- թեամբ», Արեւ, 31 Յուլիս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.285 - 3 Օգոստոս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.288։ 11. «Արշակ Չօպանեանի հասարակական-քաղաքական հայեացքները քանի մը անտիպ նամակներու մէջ», Արեւ, 7 Օգոստոս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.291 - 12 Օգոստոս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.296։ 12. «Արեւմտեան գրական հայերէնի կազմաւորումի եւ զարգացումի պատ- մութիւնը», Արեւ, 21 Օգոստոս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.303 - 23 Օգոստոս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.305։ 13. «Ե.-ԺԷ. դարերու հայ մատենագիրները», Արեւ, 25 Օգոստոս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.307։ 14. «Ներսէս Շնորհալի` եկեղեց. միութեան ռահվիրան եւ երգաստեղծ (Ն. Շնորհալիի նուիրուած սրբազան համերգին առիթով)», Արեւ, 23 Մարտ 1974, ԾԸ. տարի, թիւ 16.777։ 15. «Պատմաբան Աւետիս Եափուճեան. պատմական գիտութիւններու թեկ- նածու առաջին սփիւռքահայը», Արեւ, 27 Յուլիս 1974, ԾԹ. տարի, թիւ 16.880։ 24
16. ««Նանսէնեան անձնագիր»ը եւ «Նանսէնեան ծրագիր»ը. Ֆրիտեոֆ Նանսէ- նի նուիրուած յիշատակի երեկոյին առիթով», Արեւ, 11 Դեկտեմբեր 1974, ԾԹ. տարի, թիւ 16.988։ 17. «Ժողովրդական պայքարի էպոսը` Սասունցի Դաւիթ», Արեւ, 17 Մարտ 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.063 - 26 Մարտ 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.070։ 18. «Կեանք մը բեղուն` հայ մշակոյթին եւ սերունդներու դաստիարակութեան նուիրաբերուած (Հայր Մեսրոպ վրդ. Ճանաշեանի մահուան Ա. տարելիցին առի- թով)», Արեւ, 19 Ապրիլ 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.090։ 19. «Ակնարկ մը Եգիպտոսի մէջ հայ լրագրութեան սկզբնաւորութեան մա- սին», Արեւ, 10 Մայիս 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.0105 - 12 Մայիս 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.0106։ 20. «Նիւթեր հայ ձեռագիր պարբերական մամուլի պատմութեան համար. Ա. Պատանի խմբագիր եղբայրներ եւ Հայ պատանի հանդէսը», Արեւ, 11 Օգոստոս 1975, Կ. տարի, թիւ 17.181 - 12 Օգոստոս 1975, Կ. տարի, թիւ 17.182։ 21. «Կեանք մը արգասաւոր` մայրենի հնչիւններու ոգեշունչ լեզուով», Յուսա- բեր, 23, 25, 26, 29, 30 Դեկտեմբեր 1975։ 22. «Նուպար փաշա. պետական մարդը եւ արդարութեան ռահվիրան», Արեւ, 29 Մարտ 1976, Կ. տարի, թիւ 17.364 - 5 Ապրիլ 1976, Կ. տարի, թիւ 17.370։ 23. «ԺԸ. դարու լուսաւորիչը` Մխիթար Սեբաստացի. ծննդեան Գ. դարա- դարձին առիթով», Արեւ, 24 Յունիս 1976, 61-րդ տարի, թիւ 17.432 - 28 Յունիս 1976, 61-րդ տարի, թիւ 17.435։ 24. «Նիւթեր հայ ձեռագիր պարբերական մամուլի պատմութեան համար. Բ. Ղուղիկօ կամ Մանկական փունջ շաբաթաթերթը», Արեւ, 10 Օգոստոս 1976, 61-րդ տարի, թիւ 17.470։ 25. «Միջնադարեան հայ պատմագիրներու վերջին ներկայացուցիչներէն` Յովհաննէս Արք. Սեբաստացի», Արեւ, 22 Նոյեմբեր 1976, 61-րդ տարի, թիւ 17.551 - 23 Նոյեմբեր 1976, 61-րդ տարի, թիւ 17.552։ 26. «Նոր յայտնաբերուած հնատիպ գիրքեր», Արեւ, 24 Փետրուար 1977, 61-րդ տարի, թիւ 17.622 - 25 Փետրուար 1977, 61-րդ տարի, թիւ 17.623։ 27. «Նոր Ջուղայի Ամենափրկիչ վանքի դիւանին ուղեցոյց գրքոյկը», Արեւ, 23 Մայիս 1977, 63-րդ տարի, թիւ 17.692։ 28. «Արշակ Ալպօյաճեանի գիտական արխիւը համալրող նորայայտ նիւթեր», Արեւ, 27 Յունիս 1977, 63-րդ տարի, թիւ 17.720 - 29 Յունիս 1977, 63-րդ տարի, թիւ 17.722։ 29. ««Հետախոյզ հայ մարդը». Իսթանպուլցի Կարպիս Ե. Մուրատեան», Արեւ, 2 Օգոստոս 1977, 63-րդ տարի, թիւ, 17.750։ 30. «Արաքս կիսամսեան` Աղեքսանդրիոյ «Հայուհեաց»ին գրական ձեռնարկը. անծանօթ էջ մը եգիպտահայ մամուլի պատմութենէն», Արեւ, 4 Փետրուար 1978, 25
63-րդ տարի, թիւ 17.893 - 15 Փետրուար 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.902։ 31. «Հայերէն լեզուի գիտական քերականութեան նախաձեռնակ Յովհաննէս վրդ. Քռնեցի», Արեւ, 8 Մայիս 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.966 - 20 Մայիս 1978, 63- րդ տարի, թիւ 17.975։ 32. «Շրջանաւարտներու աւանդական պաղպաղակասեղանը. օրուան նա- խագահ Պր. Տիգրան Գէորգեանի խօսքը», Արեւ, 31 Յուլիս 1978, 64-րդ տարի, թիւ 18.034։ 33. «Սայիտեան բարբառով աւետարանական պապիրոսներ», Արեւ, 4 Մայիս 1979, 65-րդ տարի, թիւ 18.254։ 34. «Յապաղած ձեռնարկի մը նախաքայլը` ՌԱԿ-ի կազմութեան համառօտ պատմութիւնը», Արեւ, 28 Մայիս 1979, 64-րդ տարի, թիւ 18.274 - 29 Մայիս 1979, 64-րդ տարի, թիւ 18.275։ 35. «Կրօնական աշխարհայեացքը եւ կրօնական շարժումները ԺԸ. դարու առաջին կիսուն. Կոլոտ Յովհաննէս պատրիարքի ծննդեան Գ. դարադարձին առիթով», Արեւ, 4 Փետրուար 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.472 - 8 Փետրուար 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.475։ 36. «Պատմական անդրադարձում` ճնշուած ազգերու հակասուլթանական եւ ազգային-ազատագրական պայքարին մասին. Ապրիլեան Եղեռնի 65-ամեակին առիթով», Արեւ, 19 Մայիս 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.556 - 21 Մայիս 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.558։ 37. «Համառօտ մատենագիտութիւն Մեծ Եղեռնի մասին», Արեւ, 17 Յուլիս 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.606 - 5 Օգոստոս 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.621։ (Մատե- նագիտութիւնը վերամշակուելով ընդելուզուած է հետեւեալ հատորին մէջ` «Հայկական հարց»-ը եւ հայկական կոտորածները. համապարփակ մատենագի- տութեան փորձ, Գահիրէ, 1995, 300 էջ)։ 38. «Սովետական գրականութեան զարգացումի հանգրուանները», Արեւ, 2 Փետրուար 1981, 65-րդ տարի, թիւ 18.765 - 11 Փետրուար 1981, 65-րդ տարի, թիւ 18.773։ 39. «Տոքթ. Ա. Եափուճեանի յոբելեանը. Պր. Տիգրան Գէորգեանի խօսքը», Արեւ, 15 Մայիս 1981, 65-րդ տարի, թիւ 18.850։ 40. «Բժիշկ Ֆարաճի ձիու բժշկարանը», Արեւ, 4 Օգոստոս 1981, 66-րդ տարի, թիւ 18.915։ 41. «Գրիգոր Նարեկացիի երգագրութիւնը` գանձեր եւ տաղեր», Արեւ, 20 Փետրուար 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19078 - 23 Փետրուար 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19080։ 42. «Հայ ձեռագիր պարբերականները», Արեւ, 29 Ապրիլ 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19133 - 21 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19151։ 43. «Բացման խօսք Նուպարեան Ազգային Վարժարանի ամավերջի հանդէ- 26
սին», Յուսաբեր, 2 Յուլիս 1982. Արեւ, 7 Յուլիս 1982. Ջահակիր, 8 Յուլիս 1982։ 44. «Խօսեցան լեզուով անհուն գեղեցիկի», Յուսաբեր, 2, 3, 8, 9, 10 Մարտ 1983։ 45. «1915-1920 թթ. երկու վաւերագրեր` Մարտինի պատահարներուն մասին եւ Սէֆէր Պիրլիքը Հալէպի մէջ», Ջահակիր, 10 Սեպտեմբեր 1998, թիւ 1387 - 12 Նոյեմբեր 1998, թիւ 1391։ (Նոյն տարին կը հրատարակուի իբրեւ առանձին գիրք)։ 46. «Հայոց արքաները եւ դժխոները», Ջահակիր, 4 Փետրուար 1999, թիւ 1395։ 47. «Հայոց արքաները եւ դժխոները», Ջահակիր, 4 Մարտ 1999, թիւ 1397 - 25 Մարտ 1999, թիւ 1399։ 48. «Համատեղ ջանքերով... հայկական պատմամշակութային անշարժ ժա- ռանգութեան ուսումնասիրութեան առիթով», Տեղեկատու, Ապրիլ 1999, թիւ 11։ 49. «Դրոշմագիտական հետաքրքրական աշխատութիւն մը», Տեղեկատու, Ապրիլ 1999, թիւ 11։ 50. Ագաթանգեղոս, «Քրիստոսի խոստովանողը եւ ճշմարտութեան վկան», քաղեց, համադրեց եւ արեւմտահայերէնի վերածեց` Տիգրան Գէորգեան. Տիգրան Գէորգեան, ««Ագաթանգեղոս գրիչ»-ը», Տեղեկատու, Յուլիս 1999, թիւ 12։ 51. «Թ.-ԺԹ. դարերու հայ մանրանկարիչներու մատենագիտութիւնը», Ջահա- կիր, 15 Յուլիս 1999, թիւ 1407։ 52. «Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ համայնքը. անցեալը եւ ներկան իր բոլոր կա- ռոյցներով եւ կարկառուն դէմքերով», Տեղեկատու, Հոկտեմբեր 1999, նոր շրջան, թիւ 13 - Յունուար 2000, նոր շրջան, թիւ 14։ (Իբրեւ առանձին գիրք կը տպագրուի 2001-ին)։ 53. «Իւրօրինակ հրատարակութիւն մը», Ջահակիր, 21 Հոկտեմբեր 1999, թիւ 1413։ 54. «Նորանուն պարբերականներու մատենագիտութիւն», Ջահակիր, 6 Յուն- ւար 2000, թիւ 1417։ 55. «Անյայտ մնացած եգիպտահայ արձակագիր մը», Տեղեկատու, Ապրիլ 2000, թիւ 15։ 56. «Փրոֆ. Տոքթ. Վահագն Տատրեանի դասախօսութիւնը ՀՀ Դեսպանատան մէջ», Տեղեկատու, Յուլիս 2000, թիւ 16։ 57. «Ակադեմիկոս Գրիգոր Խանջեան 1926-2000», Տեղեկատու, Յուլիս 2000, թիւ 16։ 58. «ՀՀ Ազգային Տօնի 9-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւն Աղեքսանդրիա եւ Գահիրէ», Տեղեկատու, Հոկտեմբեր 2000, թիւ 17։ 59. Եղիվարդ, «Նեղոսի ափին»։ Տիգրան Գէորգեան, «Քերթուածին եւ բանաս- տեղծին մասին». «Հեղինակային համառօտ բառացանկ պատկերաշարքի դժուա- րիմաց բառերուն», պատրաստեց` Տիգրան Գէորգեան, Տեղեկատու, Հոկտեմբեր 2000, թիւ 17։ 60. «Carzou ուրուատեսիլ տիեզերքի նկարիչը», Տեղեկատու, Հոկտեմբեր 2000, 27
թիւ 17։ 61. «Հարիւրամեայ հնութեամբ նամակ մը Լեւոն Բաշալեանէն», Հայկազեան հայագիտական հանդէս, Պէյրութ, 2000, հատոր Ի., էջ 431-438։ 62. «Դէպի հազարամեակներ... աւետարանելու ուղին` կը մեկնի Տարսոնէն», պատրաստուած` հետեւողութեամբ Calendario Salesiano Giubilare-ի, Տեղեկատու, Յունուար 2001, թիւ 18։ 63. «Լատինագէտ վարդապետը պարգեւատրուած», Տեղեկատու, Յունուար 2001, թիւ 18։ 64. Ագաթանգեղոս, «Պարկեշտագեղ Հռիփսիմէի վկայաբանութիւնը», համա- դրեց եւ արեւմտեան հայերէնի վերածեց` Տիգրան Գէորգեան, Տեղեկատու, Ապրիլ 2001, թիւ 19։ 65. «Քրիստոսի խաչազգեաց վկաները», Տեղեկատու, Ապրիլ 2001, թիւ 19։ 66. «Է. դարու հայկական ճարտարապետութեան յուշարձաններ», Տեղեկա- տու, Յուլիս 2001, թիւ 20։ 67. «Փարաւոնական Եգիպտոսի գրական նմոյշներ», Տեղեկատու, Յուլիս 2001, նոր շրջան, թիւ 20։ 68. «Հալէպի հայերուն սպանդը 28 Փետրուար 1919», Ջահակիր, 30 Օգոստոս 2001, թիւ 1456 - 13 Սեպտեմբեր 2001, թիւ 1457։ 69. «Կենդանազարդերը հայ մանրանկարչութեան մէջ», Ջահակիր, 29 Նոյեմ- բեր 2001, թիւ 1462։ 70. «Եգիպտահայ դիմաստուերներ. ծանօթ եւ անծանօթ գորգանկարիչը», Տեղեկատու, Յունուար 2002, թիւ 22։ 71. «Եսայի` Իսրայէլի մխիթարութեան մարգարէն», Ջահակիր, 20 Յունիս 2002, թիւ 1476։ 72. «Գէորգ վրդ. Սկեւռացիի Եսայի մարգարէի մեկնութեան աղբիւրներու որոնում», Ջահակիր, 4 Յուլիս 2002, թիւ 1477։ 73. «Գաղափարի զոհը` Արփիար Արփիարեան», Հայկազեան հայագիտական հանդէս, Պէյրութ, 2003, հատոր ԻԳ., էջ 9-57։ (Յօդուածին կրճատուած տարբե- րակը)։ 74. «Գրիգոր Լուսաւորիչ ներկայացուած` իր սրբութեան եւ արուեստներու մէջ», Տեղեկատու, Յուլիս 2005, թիւ 36։ 75. «Թ.-ԺԷ. դարերու անանուն հայ մանրանկարիչներու մատենագիտու- թիւնը», Տեղեկատու, Յուլիս 2005, թիւ 36։ 76. «Հայ պարբերական մամուլի պատմութիւն. համադրական նոր փորձ մը», Տեղեկատու, Հոկտեմբեր 2007, թիւ 45։ 28
ԳԻՐՔԵՐ 1. Տիգրան Գէորգեան, Հ.Բ.Ը.Մ.. Պատմական ակնարկ իր ադամանդեայ յոբելեանին առիթով, Գահիրէ, Հրատարակութիւն Հ.Բ.Ը.Մ.ի Եգիպտոսի Շրջանակին, 1981, 32 էջ։ 2. Միքայէլ Նաթանեան, Արմենական կուսակցութիւնը. ծագումէն սկսեալ մինչեւ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան կազմութիւնը, խմբա- գրութիւն եւ ներածութիւն Տիգրան Գէորգեանի, Գահիրէ, Հայ Ազգային Հիմնադրամ, 1990, 106 էջ։ 3. Տիգրան Գէորգեան, Յակոբ Ս. Անասեան, «Հայկական հարց»-ը եւ հայկական կոտորածները. համապարփակ մատենագիտութեան փորձ, Գահիրէ, Հրատարակութիւն Հ. Բ. Ը. Միութեան Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնա- դրամի, 1995, 300 էջ։ 4. Տիգրան Գէորգեան, 1915-1920 թթ. երկու վաւերագրեր` Մարտինի պատա- հարներուն մասին եւ Սէֆէր Պիրլիքը Հալէպի մէջ, Գահիրէ, Ջահակիր, 1998, 22 էջ։ (Նախապէս հրատարակուած Ջահակիր շաբաթաթերթի մէջ)։ 5. Տիգրան Գէորգեան, Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ համայնքը. անցեալը եւ ներկան իր բոլոր կառոյցներով եւ կարկառուն դէմքերով, Գահիրէ, Հ.Բ.Ը.Մ.- Գահիրէ Սաթենիկ Ճ. Չագըր Հիմնադրամի Հրատարակութիւն, 2001, 52 էջ։ (Նախապէս հրատարակուած Տեղեկատու պարբերաթերթին մէջ)։ ԽՄԲԱԳՐԱԾ ԳԻՐՔԵՐ ԵՒ ՊՐԱԿՆԵՐ 1. Եդուարդ Յակոբեան, Գարեգին Պէշկէօթիւրեան. բանաստեղծ-երաժիշտ, խմբագիր` Տիգրան Գէորգեան, Գահիրէ, Հրատարակութիւն Եգիպտահայ Երգչա- խումբի, 1979, 20 էջ։ 2. Ալեքսանդր Սարուխան. երգիծանկարիչ (արաբերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ հայերէն), գեղարուեստական խմբագիր` Եդուարդ Յակոբեան, հայե- րէն գրութիւններու խմբագիր` Տիգրան Գէորգեան, Գահիրէ, 1985, 120 էջ։ 3. Ժագ Յակոբեան, Հոգին հայկական, կազմեց, յառաջաբան գրեց եւ հրատա- րակութեան պատրաստեց Եդուարդ Յակոբեան, հեղինակին համառօտ բառա- րանը կազմեց Տիգրան Գէորգեան, Գահիրէ, հրատ. եւ տպագր. Նուպար եւ Հրաչ Սիմոնեան Եղբ., 1987, 112 էջ։ 4. Հայ պարբերական մամուլի 200-ամեակի ցուցահանդէս, [խմբագիր` Տիգ- րան Գէորգեան], Գահիրէ, 1994, 16 էջ։ 5. Աստղիկ Գէորգեան, Ծաղկաքաղ սաղմոսներ, հրատարակութեան խոր- հըրդատու Տիգրան Գէորգեան, Գահիրէ, տպարան Աֆրիքըն Փրէս, 2001, 38 էջ։ 6. Կրօնքի եւ եկեղեցիի մասին ամփոփ գիտելիքներ հարցում-պատասխանով, խմբագրութեան եւ հրատարակութեան խորհրդատու` Տիգրան Գէորգեան, Գահիրէ, Սաթենիկ Չագըր Հիմնադրամ, 2003, 36 էջ։ 29
ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Գէորգեան հրաւիրուած է կարդալու սահմանափակ քանակութեամբ բանա- խօսութիւններ Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ. 1. Մխիթարեաններու գրական վաստակը, հանդիսութիւն Վենետիկի Ս. Ղազար վանքի հիմնադրութեան 250-րդ տարեդարձին առիթով (կազմակեր- պութեամբ Գահիրէի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի), Նայլ Հոլ սրահ, 21 Փետրուար 1968։ 2. Ժողովրդական պայքարի էպոսը` Սասունցի Դաւիթ, Հայ Գեղարուես- տասիրաց Միութեան Թէքէեան սրահ, 29 Յունուար 1975։ 3. Նուպար փաշա. պետական մարդը եւ արդարութեան ռահվիրան, Հայկա- կան Ընթերցասրահ, 18 Դեկտեմբեր 1975։ 4. Մխիթար Սեբաստացի` ԺԸ. դարու լուսաւորիչը, Հայ Գեղարուեստասիրաց Միութեան Թէքէեան սրահ, 27 Մայիս 1976։ 5. Մխիթար Սեբաստացի` ԺԸ. դարու լուսաւորիչը, Տիգրան Երկաթ հայ մշա- կութային միութեան Տիգրան Ալեքսանեան հանդիսասրահ, 12 Յունիս 1976։ 6. Կրօնական աշխարհայեացքը եւ կրօնական շարժումները ԺԸ. դարու առա- ջին կիսուն. Կոլոտ Յովհաննէս պատրիարքի ծննդեան Գ. դարադարձին առիթով, Կոկանեան Սրահ, 25 Հոկտեմբեր 1979։ 7. Պատմական անդրադարձում` ճնշուած ազգերու հակասուլթանական եւ ազգային-ազատագրական պայքարին մասին (Ապրիլեան Եղեռնի 65-ամեակին առիթով), Կոկանեան Սրահ, 23 Ապրիլ 1980։ 8. Սովետական գրականութեան զարգացումի հանգրուանները, Կոկանեան Սրահ, 4 Դեկտեմբեր 1980։ 9. Եգիպտահայ մամուլը, Հայ Գեղարուեստասիրաց Միութիւն, 28 Մարտ 1985։ Բացի վերջինէն, բոլոր բանախօսութիւնները հրատարակուած են Արեւի մէջ։ ԱՆՏԻՊ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ինչպէս ոեւէ խոհուն ու մշտապէս արտադրող մտաւորական` Տիգրան Գէորգեան պիտի թողուր անտիպ կամ անաւարտ աշխատութիւններ։ 1975-ին, Արեւի մէջ հրատարակած է «Նիւթեր հայ ձեռագիր պարբերական պատմութեան համար» յօդուածաշարքին Ա. եւ Բ. մասերը` «Պատանի խմբագիր եղբայրներ եւ Հայ պատանի հանդէսը»20 եւ «Ղուղիկօ կամ Մանկական փունջ շաբաթաթերթը»21։ 1982-ին, յօդուածի մը ծանօթագրութեան մէջ կը յիշատակէ, որ անտիպ կը մնայ Գ. մասը` «Ալպօյաճեանի Գեղօն ժողովածուները»22։ Այս յօդուա- ծը կարելի չեղաւ յայտնաբերել։ Անոր ձեռագիրը չի գտնուիր Հ.Բ.Ը.Մ.-ի անձնա- 30
կան դիւանին մէջ։ Աւետիս Եափուճեան 1986-ին կը յիշատակէ Գէորգեանի երեք անտիպ ծաւա- լուն աշխատութիւններ. Սակայն, մատենագիտական իր գլխաւոր եւ ստուար, մանաւանդ արժէքաւոր երեք գործերը, որոնք պատրաստ են, եւ սակայն, տարիներէ ի վեր դժբախտաբար հրատարակութեան կը սպասեն։ Անոնք են. Ա) Հայ գրականութեան ժամանակագրական համայնապատկերը, որուն համար օգտա- գործած է բանասիրական, գրականագիտական եւ պատմագիտական բազմաթիւ աղբիւրներ։ Այս աշխատութեան համար դրուատական տողերով արտայայտուած են Հ. Մես- րոպ Ճանաշեան եւ պատմաբան Արշակ Ալպօյաճեան։ Բ) Հայ գրականութիւնը օտար լեզուներով մատենագիտական փորձը, որուն մէկ մասը լոյս տեսած է Արեւի մէջ։ Այս աշխատասիրութիւնը գնահատած են Դոկտ. Փրոֆ. Ռուբէն Զարեան եւ Դոկտ. Գուրգէն Յովնան։ Գ) Մատենագիտական փորձ հայկական հարցի եւ հայկական կոտորածներու մասին, երկհատոր` հայերէն եւ եւրոպական լեզուներով։ Վերոյիշեալ երեք աշխատասիրութիւններուն համար, Երեւանի Պետական Համալսա- րանի Բանասիրական Ֆակուլտէտի «Հայ Գրականութեան ամբիոնը քննարկելով Դոցենտ Ա. Բաբայեանի եզրակացութիւնները` արձանագրում է Տիգրան Գէորգեանի կատարած մատենագիտական աշխատանքների արդիւնաւէտութիւնը, ինքնատիպութիւնը եւ գիտական խոշոր արժէքն ու նշանակութիւնը։ Ամբիոնը գտնում է, որ Տիգրան Գէորգեանը ամէն տեսակէտից արժանի է խրախուսանքի եւ օժանդակութեան, իր մատենագիտական աշխատանքները շարունակելու եւ աւարտելու համար23։ Ինչպէս Եափուճեան կը նշէ, Բ.-ին առաջին մասը` որ կը բովանդակէ Ա.-Թ. տառերը, իբրեւ յօդուածաշարք 1970-ին հրատարակուած է Արեւի մէջ24։ Մնացած մասերուն ձեռագիրները չյայտնաբերուեցան։ Գ.-ը կը հրատարակուի 1995-ին25։ Ա.-ի ամբողջական ձեռագիրները պահպանուած են` Ժամանակագրական համայնապատկեր հայ գրականութեան պատմութեան ընդհանուր խորագիրով։ Ասիկա եղած էր իր ամենասիրելի աշխատութիւններէն մէկը։ 1978-1980 թուա- կաններուն` երբ Նուպարեան Ազգային Վարժարանի աշակերտ էի, Գէորգեան անձամբ ինծի ցոյց տուած էր զանոնք։ Երբ 1991-1993-ին վերադարձայ նոյն դպրոցը` արդէն իբրեւ ուսուցիչ, ան դարձեալ ինծի ցոյց տուաւ նոյն աշխատու- թիւնը, նշելով` որ կատարած է կարեւոր յաւելագրութիւններ։ Անոր ամբողջու- թիւնը կը գտնուի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի դիւանը, որ բաղկացած է յաջորդական հատորներէ եւ կ’ընդգրկէ 1701-1964 ժամանակաշրջանը։ Դարձեալ զանոնք թերթելով դիւա- նին մէջ, նկատելի էր` որ ի տարբերութիւն նախորդ տարբերակներէն, մեծադիր էջերը արդէն խճողուած էին սեղմիչներով ամրացուած հարիւրաւոր մանր 31
ijٳݳϳ·ñ³Ï³Ý ѳٳÛݳå³ïÏ»ñ Ñ³Û ·ñ³Ï³Ýáõû³Ý å³ïÙáõû³Ý ³ß˳ïáõû³Ý ³é³çÇÝ ¿çÁ£ 32
ներդիրներով` որոնք իրենց տեղը պէտք է գտնէին բնագիրին մէջ։ Այդ տեղերուն միայն ինքն էր տեղեակ։ Չըսելու համար, որ փոխադրութեան ընթացքին ակամա- յաբար տեղի ունեցած էին ներդիրներու խառնաշփոթութիւն։ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Գէորգեանի դիւանին մէջ, արդարեւ, յայտնաբերուեցաւ Մասիս Պետրոսեանի ինքնագիր ձեռագիրներուն ամբողջական տետրակները` Ապահ Պետրոսեան. կեանքը` յեղափոխական-հասարակական գործունէութեան ընդմէ- ջէն խորագիրով։ Տասնըմէկ գլուխներէ կազմուած յուշ-պատմութեան առաջին տասը գլուխները Գէորգեան վերծանած ու մեքենագրած է 1998-1999 թուական- ներուն։ Անյայտ պատճառներով վերջին գլուխը չէ մեքենագրած26։ Իր անտիպ գործերէն մէկն է նաեւ Արփիար Արփիարեանի սպանութեան նուիրուած յօդուած մը, որ ունի իր պատմութիւնը։ Անիկա 2002 թուականին յատուկ գրուած էր Պէյրութի Հայկազեան հայագիտական հանդէսին համար։ Գէորգեան` տարիքի բերումով, հեռու էր համարգիչի թեքնոլոժիէն, հետեւաբար, այս յօդուածը` ինչպէս իր բոլոր յօդուածները, մեքենագրած էր գրամեքենայով։ Ապա, Մարտիրոս Պալաեան զայն վերամեքենագրած էր համակարգիչով եւ ղրկած Հայկազեանի ել-հասցէին։ Հայկազեանի խմբագրութիւնը կատարած էր կրճատումներ եւ փոփոխութիւններ, եւ Պալաեանի միջոցով խնդրած հեղինակին արտօնութիւնը։ Հակառակ Գէորգեանի մերժումին, յօդուածը կը տպագրուի խմբագիրի փոփոխութիւններով27։ Գրամեքենայով եւ համակարգիչով շարուած յօդուածին միակ բնագիրները մնացած են Պալաեանի մօտ։ Երբ 2007 թուականին իր ամբողջ գրադարանը կը փոխադրէր Գահիրէի Հ.Բ.Ը.Մ., Գէորգեան քանիցս այցելած է Պալաեանի գրասենեակը եւ տրամադրած չորս անտիպ աշխատութիւններ։ Պալաեան անմիջապէս պատճէնահանած է զանոնք եւ վերադարձուցած բնագիրները։ Այսօր, բնագիրները կը գտնուին Հ.Բ.Ը.Մ.ի Գէորգեանի դիւանը. անձամբ ստուգած եմ անոնց գոյութիւնը այնտեղ։ Այսպէս, Գէորգեանի անտիպ աշխատութիւններուն ցանկը կ’ըլլայ հետեւ- եալը. 1. Տոհմագրութիւն Խամսայի մելիքութիւններու։ Ձեռագիր եւ մեքենագիր, անաւարտ, առաջին խմբագրութիւն` 17-19 Յուլիս 1962, երկրորդ խմբագրութիւն` 5-7 Հոկտեմբեր 1985։ Բնագիրը կը գտնուի Հ.Բ.Ը.Մ.ի դիւանը, պատճէնը` Մ. Պալաեանի մօտ (տե՛ս Գ. հատոր)։ 2. Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ. աթոռանիստ եկեղեցի Եգիպտոսի Հայոց Առաջնոր- դութեան։ Մեքենագիր եւ ձեռագիր, անաւարտ, 1989։ Բնագիրը կը գտնուի Հ.Բ.Ը.Մ.ի դիւանը, պատճէնը` Մ. Պալաեանի մօտ (տե՛ս Գ. հատոր)։ 3. Ֆրանչիսկեան միաբանութեան նպաստը հայ ժողովուրդին եւ հայագիտու- թեան ուսումնասիրութեան։ Ձեռագիր եւ մեքենագիր, անաւարտ, 1998։ Բնագիրը կը գտնուի Հ.Բ.Ը.Մ.ի դիւանը, պատճէնը` Մ. Պալաեանի մօտ (տե՛ս Գ. հատոր)։ 4. Մասիս Պետրոսեան, Ապահ Պետրոսեան. կեանքը` յեղափոխական- 33
հասարակական գործունէութեան ընդմէջէն, խմբագրեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց` Տիգրան Գէորգեան։ Մեքենագիր, անաւարտ, 1998։ Մասիս Պետ- րոսեանի ձեռագիրը եւ Գէորգեանի անաւարտ մեքենագրութիւնը կը գտնուին Հ.Բ.Ը.Մ.ի դիւանը (տե՛ս Ջահակիր, Յաւելուած ԼԴ.)։ 5. Նկատողութիւններ Արեւի արաբատառ ամսօրեայ յաւելուածի Ա. տարուան 12 համարներուն մասին։ Մեքենագիր, աւարտուն, 19 Ապրիլ 1999։ Բնագիրը կը գտնուի Հ.Բ.Ը.Մ.ի դիւանը, պատճէնը` Մ. Պալաեանի մօտ (տե՛ս Գ. հատոր)։ 6. Գաղափարի զոհը` Արփիար Արփիարեան։ Մեքենագիր, աւարտուն, 2002։ (Համառօտ տարբերակը` Հայկազեան հայագիտական հանդէս, Պէյրութ, 2003, հատոր ԻԳ., էջ 9-57։) Բնագիրը կը գտնուի Մ. Պալաեանի մօտ (տե՛ս Ա. հատոր)։ 7. Հայ գրականութեան ժամանակագրական համայնապատկեր։ Ձեռագիր, անաւարտ։ Բնագիրը կը գտնուի Հ.Բ.Ը.Մ.ի դիւանը։ 8. Ալպօյաճեանի Գեղօն ժողովածուները։ Չյայտնաբերուած։ Աղբիւր` Տիգրան Գէորգեան, «Հայ ձեռագիր պարբերականները», Արեւ, 14 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19145։ 9. Հայ գրականութիւնը օտար լեզուներով (Ժ.-Ֆ.)։ Չյայտնաբերուած։ Աղբիւր` Աւետիս Եափուճեան, «Դաստիարակ բանասէրը. Տիգրան Գէորգեանի ծննդեան 50-ամեակին ու ուսուցչութեան 25-ամեակին առթիւ», Արեւ, 2 Յուլիս 1986, 70-րդ տարի, թիւ 20352, էջ 3։ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Իր գրութիւններուն ընդմէջէն դժուար չէ որսալ որոշ նախասիրութիւններ։ Առաջնային հետաքրքրութիւններէն մէկը եղած է մամուլը` եգիպտահայ մամուլի երկու մատենագիտութիւններ, հայ ձեռագիր մամուլի ուսումնասիրու- թիւններ (ներառեալ` չյայտնաբերուած անտիպ մը), Աղեքսանդրիոյ Արաքս կիսամսեայի յայտնաբերում, ինչպէս նաեւ մամուլին նուիրուած գիրքերու գրախօսականներ։ Մամուլի հանդէպ իր բուռն սէրը գործնականօրէն արտայայտուեցաւ 1991- 1994-ին, կազմակերպելով 200-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսը Ալ-Հանա- կէրի մէջ, եւ այս առիթով անյաջող փորձ մը կատարելով կազմելու Եգիպտոսի մէջ գտնուող հայկական մամուլին ամբողջական ցանկը (տե՛ս վերը)։ Մամուլէն զատ, Գէորգեանի ուշադրութեան կեդրոնը եղած են կաթողիկէ հայերը։ Հայ Կաթողիկէ համայնքները յաճախ անտեսուած են հայ մեծամաս- նական լուսաւորչականներուն կողմէ։ Կարելի է ըսել, անոնք կը կազմեն հիմնա- հոսանքային հայութեան բազում Այլերէն մէկը։ Եգիպտահայ Կաթողիկէ համայն- քին մասին մանրամասն ու համակողմանի հետազօտութիւն մը լոյս ընծայելով, 34
Գէորգեան կարեւոր բաց մը լրացուցած է հայութեան անտեսուած այս համայնքին մասին։ Մխիթարեան հայրերու գրական վաստակին նկատմամբ ունեցած է յարատեւ յարգանք` յաճախ ստորագրելով բացայայտիչ գրութիւններ։ Վերջապէս, անընդհատ հետեւած է Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան Քրիստո- նէական Արեւելագիտութեան Կեդրոնի տնօրէն Հայր Վենսան Մուսթարիհի գիտական արտադրութեան, եգիպտահայ բանասէր մը` որ դուրս ըլլալով «համայնքային» կոչուած պաշտօնական կառոյցներէն, ոչ մէկ անդրադաձի արժանացած է եգիպտահայ մամուլին մէջ։ Գէորգեան հանգիստ կը զգար մատենագիտական ցանկերու ոլորտին մէջ` եգիպտահայ մամուլ, հայ գրականութիւնը օտար լեզուներով, հայկական հարցը եւ հայկական կոտորածները (նախ` յօդուածաշարք, ապա` գիրք)։ Իսկ ամբողջ կեանք մը նուիրած է պատրաստելու հայ գրականութեան ժամանակագրական համայնապատկերի բազմահատորները (ինքնին համապարփակ մատենագի- տութիւն մը), որոնք այնպէս ալ չհասան իրենց վերջնական աւարտին։ Միջնադարը եղած է իր հետաքրքրութիւններուն կեդրոնը` Յովհաննէս արք. Սեբաստացի, Յովհաննէս վրդ. Քռնեցի, Կոլոտ Յովհաննէս Պատրիարք, Ագա- թանգեղոս, Է. դարու հայկական ճարտարապետութիւն եւ միջնադարեան նիւթերու գրախօսականներ։ Գէորգեանի բազմաթիւ գրախօսականները ունին ուսումնասիրութեան մը համազօր տարողութիւն։ Բանասէրին համար գրախօսականը եղած է յետնա- խորք մը` արտայայտելու իր անձնական գաղափարները եւ կատարելու զուգա- հեռ հետազօտութիւններ։ Բնականաբար, ան պիտի ունենար նաեւ որոշ սահմանափակումներ։ Խորհրդահայ գրականութեան զարգացումի հանգրուաններուն յատկացուած 1981 թուականի բանախօսութիւն-ուսումնասիրութիւնը կը վերարտադրէ այդ ժամանակուայ խորհրդային պաշտօնական ինքնապատումը։ Տողատակային արտայայտութիւններով չէ խուսափած եգիպտահայութիւնը վերափոխելու անհրաժեշտութիւնը նշելէ։ Օրինակ, 1978 Յուլիս 16-ին, Հելիոպոլ- սոյ Կոկանեան Սրահին մէջ շրջանաւարտներուն ուղղուած խօսքին մէջ կը բարձրաձայնէ. Համակրելի երիտասարդներուն կողմէ մեզի ընծայուած պատիւէն օգտուելով, ազգային զոյգ վարժարաններու մեր հայ պաշտօնակիցներուն անունով` սրտանց կը շնորհաւորենք հայ թէ օտար դպրոցներէ շրջանաւարտ մեր տղաքն ու աղջիկները, համալսարանաւարտ մեր երիտասարդները, բոլորին մաղթելով` որ ներկայի եւ յառաջիկային ձեռք բերուելիք յաջողու- թիւններէն խթանուած, լծուին մարդկային գիտակցական գործունէութեան` գոնէ մասամբ վերափոխելու համար եգիպտահայ հասարակական կեանքը (ընդգծումը իմս է, Հ.Ա.)28։ 35
«Վերափոխելու», այլ ոչ «նուիրուելու», «ծառայելու», «նպաստելու հայապահ- պանումի գործին», ինչպէս գրեթէ պարտադիր կերպով ընդունուած է կրկնել։ Վերջապէս, ի տես իր անձնական գործունէութեան հանդէպ գոյութիւն ունեցող համատարած անտարբերութեան, կ’արտայայտուի անուղղակի զուգա- հեռականով։ 2001-ին, յօդուած մը կը ստորագրէ Հայր Վենսան Մուսթարիհի պարգեւատրութեան առիթով, զոր կ’աւարտէ այսպէս. Գիտութեան եւ միտքի աշխատաւորի մը համար հոգեկան կազդոյր է հրապարակով գնահատանքի արժանանալը29։ «Հոգեկան կազդոյր» արտայայտութեան մէջ դժուար չէ տեսնել Գէորգեանի անձը, որ երբեք չէ ապրած այդ «կազդոյր»-ը։ ԵՐԿԵՐՈՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ Ներկայ հատորներու հրատարակութեան գաղափարը ծագեցաւ 2016 թուա- կանին։ Գլխաւոր դժուարութիւնը նիւթերու հաւաքագրութիւնն էր։ Գէորգեանի գրութիւններուն մեծագոյն եւ ամենակշռական մասը տարածուած է եգիպտահայ մամուլին մէջ, յատկապէս` Արեւ օրաթերթին։ Անհրաժեշտ էր թերթել մամուլի հազարաւոր էջեր։ Այս աշխատանքը ստանձնելով ես ինքս, բնաւ չեն բացառուած ակամայ բացթողումները։ 2016-ին, փափաքելով արձանագրել իր ծննդեան 80-ամեակը, գրեցի իր մասին յօդուած մը` որ կը բովանդակէր կենսագրական եւ ստեղծագործական ոչ- ամբողջական տեղեկութիւններ30։ Մարտիրոս Պալաեան` որ սովորութիւն ունէր մէկ-երկու ամիսը անգամ մը այցելել Հիւանդանոց եւ հանդիպիլ Գէորգեանին, յօդուածը ցոյց կու տայ անոր։ Համաձայն Պալաեանի նկարագրութեան, Գէորգեան, որ այլեւս անկարող էր կարդալ, կը յուզուի եւ կ’արտասուէ։ Լքուա- ծութեան եւ անտեսուածութեան ճնշող զգացումը բաւական ուժեղ էր իր մէջ։ Քանի մը ամիս ետք, երբ ամբողջական գործերու հրատարակութեան գաղա- փարը արդէն հասունցած էր, կ’որոշեմ Պալաեանի հետ վերջապէս այցելել իրեն։ Անունս տալէս ետք անմիջապէս Ճանչցաւ ինծի, յիշեց յօդուածս եւ լայն ժպիտ մը գծագրուեցաւ դէմքին։ Այցելութիւնը, սակայն, ծանր տպաւորութիւն թողուց վրաս։ Այս հսկան` որ իր ուղեղին մէջ ունէր եգիպտահայ ամբողջ շրջանի մը պատմութիւնը եւ ամբարած էր լայնածաւալ փորձառութիւն, այլեւս շատ քիչ բան կը յիշէր։ Կը խօսէր կմկմալով, բառերուն միջեւ դադարներով, միտքի երկար ընդհատումներով եւ յաճախ անկապ արտայայտութիւններով։ Ըսի` որ պիտի նախաձեռնեմ իր ամբողջական գործերուն հրատարակու- 36
թիւնը։ Չհասկցաւ։ Փորձելով գրգռել յիշողութիւնը, հարցուցի. «Ո՞ւր տպագրուած են Ձեր ուսումնասիրութիւնները»։ Պատասխանեց. «Չեմ յիշեր»։ Շարունակեցի. «Կարծեմ Արեւի մէջ բաւական յօդուածներ գրած էք»։ Նոյն պատասխանը. «Չեմ յիշեր»։ Չյիշելով հանդերձ իր բանասիրական արտադրութիւնը, ինքն իր կողմէն սկսաւ կցկտուր կերպով խօսիլ Հայր Վենսան Մուսթարիհի եւ Գահիրէ Ֆրանչիս- կեան Միաբանութեան Քրիստոնէական Արեւելագիտութեան Կեդրոնին մասին` խորհուրդ տալով ինծի այցելել այնտեղ։ Յիշեց Եդուարդ Յակոբեանը եւ ուրիշ ազգային մը (անունը առայժմ չեմ կրնար յիշել)` բաւական բացասական ածա- կաններով (նշեմ, որ 1990-ականներուն, Յակոբեանի հետ յարաբերութիւնները խզուած էին, անձնական նկատառումներով)։ Ըսի` որ ես, իբրեւ իր աշակերտը, շատ բան կը պարտիմ իրեն։ Ուրախացաւ եւ աւելցուց` որ ինք ամէն ջանք գործադրած է աշակերտներուն տալ հայեցի կրթութիւն եւ պատրաստել երիտասարդներ։ Կը նշանակէ, որ ի տարբերութիւն իր գիտական գործունէութենէն, ան չէր մոռցած մակավարժական ասպարէզը իբրեւ կեանքի կենդանի փորձառութիւն։ Ընդհանուր առմամբ, հանդիպումը հանդիսացաւ մոռացումներու եւ մկրատ- ւած յիշողութիւններու ամբողջականութիւն մը։ Ցաւօք, անկարելի եղաւ յօդուած- ներուն մասին տեղեկութիւններ քաղել, որոնք կրնային կարեւոր օգտակարութիւն ունենալ ներկայ հրատարակութեան համար։ Այսպիսի մտաւոր տխուր վիճակի մէջ կը գտնուէր Գէորգեան 2016 թուա- կանին։ Կը մնար, որ իր գրութիւններուն հաւաքագրութիւնը կատարէի ինքնուրոյ- նաբար, որուն հետեւանքով, բոլոր բացթողումներուն ու վրիպակներուն պա- տասխանատուութիւնը կը կրեմ անձնապէս։ Երկերու երեք հատորները եւ յաջորդող հրապարակումը (Ջահակիր, Յաւելուած ԼԴ.) կը բովանդակեն Գէորգեանի ինծի մատչելի (վերոյիշեալ ցանկե- րուն մէջ յիշատակուած) բոլոր տպագիր եւ աւարտուն ու անաւարտ ձեռագիր գրութիւնները, բացի երեք ծաւալուն աշխատութիւններէ. 1. «Հայկական հարց»-ը եւ հայկական կոտորածները. համապարփակ մատե- նագիտութեան փորձ, Գահիրէ, 1995, 300 էջ։ Անիկա հրատարակուած ըլլալով իբրեւ առանձին հատոր, անտեղի նկատեցի վերատպութիւնը։ Բնականաբար, դուրս պիտի ձգէի նաեւ այդ հատորին նախնական տարբերակը հանդիսացող յօդուածաշարքը` «Համառօտ մատենագիտութիւն Մեծ Եղեռնի մասին» (Արեւ, 17 Յուլիս 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.606 - 5 Օգոստոս 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.621)։ 2. Միքայէլ Նաթանեան, Արմենական կուսակցութիւնը. ծագումէն սկսեալ մինչեւ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան կազմութիւնը, խմբա- գրութիւն եւ ներածութիւն Տիգրան Գէորգեանի, Գահիրէ, Հայ Ազգային 37
Հիմնադրամ, 1990, 106 էջ։ Դարձեալ անյարմար նկատեցի ամբողջ հատորին վերատպութիւնը։ 3. Հայ գրականութեան ժամանակագրական համայնապատկեր, ձեռագիր, անաւարտ։ Անկարելի եղաւ այս բազմահատոր ու ծաւալուն ձեռագիրին ներդիր- ները տեղաւորել իրենց տեղերը։ ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 1. «Կեանք մը բեղուն` հայ մշակոյթին եւ սերունդներու դաստիարակութեան նուիրա- բերուած (Հայր Մեսրոպ վրդ. Ճանաշեանի մահուան Ա. տարելիցին առիթով)», Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ, 19 Ապրիլ 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.090։ 2. Աւետիս Եափուճեան, «Դաստիարակ բանասէրը. Տիգրան Գէորգեանի ծննդեան 50- ամեակին եւ ուսուցչութեան 25-ամեակին առթիւ», Արեւ, 2 Յուլիս 1986, 70-րդ տարի, թիւ 20352, էջ 2։ 3. «Ալպօյաճեանի պատմական եւ բանասիրական գնահատելի ժառանգութիւնը»։ Արեւ, 24 Յունիս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.256, էջ 2։ 4. «Ամուսնութիւն», Արեւ, 28 Ապրիլ 1969, ԾԳ. տարի, թիւ 15.309, էջ 4։ 5. Ա[ւետիս] Ե[ափուճեան], «Շրջանաւարտներու աւանդական պաղպաղակասե- ղանը», Արեւ, 31 Յուլիս 1978, 64-րդ տարի, թիւ 18.034, էջ 2։ 6. «Տեղեկատուն դարձեալ պատնէշի վրայ», Տեղեկատու, Գահիրէ, Հոկտեմբեր 1996, նոր շրջան, թիւ 1, էջ 1։ 7. «Համերգ Շնորհալի երգչախումբին 55ամեակին առթիւ», Արեւ, 14 Փետրուար 1983, 67րդ տարի, թիւ 19366, էջ 1։ 8. «Համերգ Շնորհալի երգչախումբին 55ամեակին առթիւ», Արեւ, 14 Փետրուար 1983, 67րդ տարի, թիւ 19366, էջ 1։ Զ[աւէն] Պ[ալաեան], «Համերգ եւ ընդունելութիւն Շնորհալի երգչախումբի հիմնա- դրման 55-ամեակին առթիւ», Ջահակիր, 24 Փետրուար 1983, նոր շրջան, թիւ 922, էջ 1-2։ Ժան Պոննոր, «Լը Փրոկրէ էժիփսիէն օրաթերթը Շնորհալի երգչախումբի համերգին մասին», Ջահակիր, 3 Մարտ 1983, թիւ 923, էջ 2։ «Շնորհալի երգչախումբի հիմնադրման 55-ամեակին առթիւ Գահիրէի Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետ տիար Վահան Չէչճէնեանի խօսքը», Ջահակիր, 10 Մարտ 1983, թիւ 924, էջ 2։ Անթուան Ճէննաուի, «Լը Ժուրնալ տ’Էժիփթ օրաթերթը Շնորհալի երգչախումբի համերգին մասին», թրգմ. Զ. Պ., Ջահակիր, 17 Մարտ 1983, նոր շրջան, թիւ 925, էջ 2։ 9. Տիգրան Գէորգեան, «Խօսեցան լեզուով անհուն գեղեցիկի», Յուսաբեր, օրաթերթ, Գահիրէ, 2, 3, 8, 9, 10 Մարտ 1983։ 10. Միքայէլ Նաթանեան, Արմենական կուսակցութիւնը. ծագումէն սկսեալ մինչեւ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան կազմութիւնը, խմբագրութիւն եւ ներածութիւն Տիգրան Գէորգեանի, Գահիրէ, Հայ Ազգային Հիմնադրամ, 1990, էջադրումէ 38
դուրս։ 11. Արեւ, 22 Մայիս 1992, 77-րդ տարի, թիւ 22065, էջ 4։ 12. Տե՛ս` Յ[ովհաննէս] Տ[էր] Պ[ետրոսեան], «Մեծարանքի երեկոյ նուիրուած վաստա- կաւոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն», Արեւ, 29 Մայիս 1992, 77-րդ տարի, թիւ 22071, էջ 2։ 13. Պերճ Թէրզեան, Ինչպէ՞ս տօնուեցաւ հայ պարբերական մամուլի 200-ամեակը Գահիրէի մէջ, Գահիրէ, Հոկտեմբեր 2009, էջ 3։ 14. Ցուցահանդէսին պատմականը տե՛ս` Պերճ Թէրզեան, նշ. աշխ.ը։ 15. Ահաւասիկ Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանին նուիրուած գրութիւնը ամբողջու- թեամբ. Մատրասի մէջ սկիզբ առած մշակութային գործունէութեան մասնակից դարձած է նաեւ Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանը, որ այնտեղ գտնուած է շատ դժբախտ պարագաներու բերումով։ Շմաւոնի որդի Յարութիւն քահանայ ծնած է 1750 թ., Պարսկաստանի Շիրազ քաղաքը. իր մասին սակաւ տեղեկութիւններէ գիտենք` թէ մէկ շաբթուան ընթացքին դժբախտութիւնը կ’ունենայ կորսնցնելու իր երկու որդիները, եւ այդ խոր վիշտը ամոքելու համար, եօթը տարի մեկուսացած կ’ապրի պարսիկ տերվիշներու հետ։ Առանձնութեան տարիներուն` ան խորապէս կը տիրապետէ պարսկերէն ծաղկուն լեզուին, ինչ որ յետագային իր օգտակարութիւնը կ’ունենայ Մատրասի մէջ։ Անսալով իր սիրելիներուն թախանձանքներուն` կը վերադառնայ Շիրազ, ապա կ’անցնի Մատրաս` ստանձնելու համար տեղւոյն բուռ մը առեւտրական հայերուն հոգեւոր հովուութիւնը։ Անձնական միջոցներով կը կազմակերպէ Մատրասի երկրորդ հայկական տպարանը եւ լոյս կ’ընծայէ հայագիտական կարեւոր գիրքեր։ Իր համբաւը տարածուելուն` Մատրասի նաւաբէն ալ մասնաւոր արտօնութիւն կը ստանայ արաբերէն եւ պարսկերէն գիրքեր ալ տպագրելու։ Շմաւոնեան քահանային վշտալի կեանքը վերջ կը գտնէ 1824-ին, Մատրասի մէջ։ 16. Պերճ Թէրզեան, նշ. աշխ.ը, էջ 19-20։ Դժուար չէ ենթադրել, որ Էդուարդ Նալբանդեան վերոբերեալ գրութեան մէջ չէ կրցած գտնել հայութեան պանծալի պատկերի բացարձակացուած ցուցադրութիւնը։ Աւելին։ Ամբողջ կեանքը ռուսական-խորհրդային դիւանագիտութեան մէջ անցուցած, հայկական իրականութիւններէն մեծապէս օտարացած ու խորհրդային հանդիսաւոր-լաւատեսա- կան կարգախօսներէն սնուած դիւանագէտին համար արտասովոր էր հայ առաջին պարբերականին հնարողը ներկայացնել մռայլ իրականութեան հովանիին տակ։ Նախաձեռնող Յանձնախումբը, արդարեւ, առանց հակաճառութեան տեղի կու տայ դեսպանի նախաձեռնութեան։ Գէորգեան միակն էր բացայայտօրէն բողոքողը։ 17. Տե՛ս` «Հ.Բ.Ը.Մ.-Գահիրէ «Սաթենիկ Ճ. Չագըր» մշակութային եւ վարչական կեդրո- նը յատակագիծերով», Տեղեկատու, Յունուար 2001, թիւ 18, էջ 17։ 18. «Եգիպտահայ բանասէր Տիգրան Գէորգեան հիւանդացած», Ջահակիր, 4 Հոկտեմ- բեր 2012, թիւ 1691, էջ 3։ 19. Հ. Ա., «Կը վախճանի եգիպտահայ անուանի բանասէր եւ մատենագէտ Տիգրան Գէորգեան», Ջահակիր, 24 Յունուար 2019, նոր շրջան, թիւ 1833։ 20. Արեւ, 11 Օգոստոս 1975, Կ. տարի, թիւ 17.181 - 12 Օգոստոս 1975, Կ. տարի, թիւ 17.182։ 21. Արեւ, 10 Օգոստոս 1976, 61-րդ տարի, թիւ 17.470։ 22. Տիգրան Գէորգեան, «Հայ ձեռագիր պարբերականները», Արեւ, 14 Մայիս 1982, 66-րդ 39
տարի, թիւ 19145։ 23. Աւետիս Եափուճեան, «Դաստիարակ բանասէրը. Տիգրան Գէորգեանի ծննդեան 50-ամեակին ու ուսուցչութեան 25-ամեակին առթիւ», Արեւ, 2 Յուլիս 1986, 70-րդ տարի, թիւ 20352, էջ 3։ 24. Տիգրան Գէորգեան, «Հայ գրականութիւնը օտար լեզուներով», Արեւ, 1 Հոկտեմբեր 1970, ԾԵ. տարի, թիւ 15.748-էն մինչեւ 9 Դեկտեմբեր 1970, ԾԵ. տարի, թիւ 15.797։ Տե՛ս Բ. հատոր։ 25. Տիգրան Գէորգեան, Յակոբ Ս. Անասեան, «Հայկական հարց»-ը եւ հայկական կոտորածները. համապարփակ մատենագիտութեան փորձ, Գահիրէ, Հրատարակութիւն Հ. Բ. Ը. Միութեան Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի, 1995։ 26. Քանի որ այս աշխատութիւնը հրապարակում մըն է եւ ոչ ինքնուրոյն ուսումնասի- րութիւն, նախընտրեցի հրատարակել առանձին հատորով` անկախ իր աշխատութիւն- ներու եռհատորեակէն (տե՛ս Ջահակիր, Յաւելուած ԼԴ.)։ 27. Հայկազեան հայագիտական հանդէս, Պէյրութ, 2003, հատոր ԻԳ., էջ 9-57։ 28. «Շրջանաւարտներու աւանդական պաղպաղակասեղանը. օրուան նախագահ Պր. Տիգրան Գէորգեանի խօսքը», Արեւ, 31 Յուլիս 1978, 64-րդ տարի, թիւ 18.034։ 29. «Լատինագէտ վարդապետը պարգեւատրուած», Տեղեկատու, Յունուար 2001, թիւ 18, էջ 11։ 30. Հ. Ա., «Տիգրան Գէորգեան` համակողմանի բանասէրը», Ջահակիր, 14 Յունուար 2016, թիւ 1758. 28 Յունուար 2016, նոր շրջան, թիւ 1759։ 40
ՆԱԽԱԲԱՆ Ա. ՀԱՏՈՐԻ Ներկայ հատորը կը բովանդակէ Տիգրան Գէորգեանի 21 աւարտուն ուսում- նասիրութիւնները, որոնցմէ 14-ը տպագրուած են Արեւ օրաթերթին մէջ (1968- 1982), 5-ը` Տեղեկատու եռամսեային (1999-2001), մէկ հատը լոյս տեսած է իբրեւ գիրք (Հ.Բ.Ը.Մ. Պատմական ակնարկ, 1981), իսկ մէկը մնացած է անտիպ («Գաղա- փարի զոհը` Արփիար Արփիարեան», 2002)։ Ասոնցմէ զատ տեղ գտած է Արեւի յօդուած մը (««Հետախոյզ հայ մարդը». իսթանպուլցի Կարպիս Ե. Մուրատեան», 1977), որ կը բացայայտէ իր նախորդ յօդուածի մը («Մխիթարեաններու գրական վաստակը», 1968) բառացի բանագո- ղութիւնը։ Արփիար Արփիարեանի սպանութեան յատկացուած անտիպ աշխատու- թեան հանգամանքներուն մասին յիշատակած եմ Ա. հատորին մէջ։ Ներկայ հրատարակութիւնը հիմնուած է Մարտիրոս Պալաեանի մօտ գտնուող բնագիր- ներուն վրայ։ 41
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՆԵՐՈՒ ԳՐԱԿԱՆ ՎԱՍՏԱԿԸ ´³Ý³ËûëáõÃÇõÝ` ܳÛÉ ÐáÉ ëñ³Ñ« 21 ö»ïñáõ³ñ 1968£ гݹÇëáõÃÇõÝ ØËÇóñ ²µµ³Ñûñ ê© Ô³½³ñ ÏÕ½ÇÇÝ ÙáõïùÇ 250-³Ù»³ÏÇÝ ³éÇÃáí£ «Մխիթարեանները սկզբից եւ եթ, համակրութիւն գտան ազգի մէջ, – կը հաս- տատէ պատմաբան Լէօ, – եւ թէ այդ միաբանութեան կատարած դերը հայոց պատմութեան մէջ անհունապէս մեծ է»։ Մօտաւորապէս այսպիսի հիացումով եւ երախտագիտութեամբ արտա- յայտուած են բոլոր անոնք, որոնք հայ մշակոյթի պատմութեան այս կամ այն մարզը ուսումնասիրելով, դէմ յանդիման գտնուած են Մխիթար Սեբաստացիի եւ անոր յաջորդներուն կատարած մեծ աշխատանքին եւ հայ ազգին մատուցած անոնց անգնահատելի ծառայութիւններուն։ Թէեւ ուրիշներ ալ այդ դարաւոր միաբանութեան նկատմամբ ցուցաբերած են շեշտուած հակակրութիւն մը եւ վերապահութիւն մը. ահա այդպիսիներուն համար է` որ կարծէք ըսած է եգիպտահայ գրական-քննադատ մը. Մխիթարեաններու գործը հրաշքի պէս բան մըն է, ինչ վարագոյր ալ ձգենք մեր աչքերուն ու մտքերուն վրայ։ *** Հայ ժողովուրդի իմացական շարժումի պատմութեամբ զբաղող հեղինակ- ներու վկայութեամբ, ԺԸ. դարը նախորդող երկու դարերուն` հայ վանքերն ու վանականութիւնը մատնուած էին անշուք վիճակի մը, երկրին մէջ գոյութիւն առած համաճարակներու, սովերու եւ մասնաւորաբար Հայաստանի տիրապե- տութեան համար` պարսկական եւ օսմանեան «դժպետութիւններու» միջեւ մղուած յաճախակի պատերազմներուն պատճառով։ Այդ շրջանի իմացական կեանքի պատկերը տալով, Առաքել Դաւրիժեցի պատմագիրը կ’ըսէ, թէ գիրք կարդացող չկար, որովհետեւ «անպիտանացեալ էր գիրքն յաչս մարդկան»։ Գիրքերը փակուած կը մնային հողի եւ մոխիրի տակ թաղուած։ Հակառակ տիրող դժուարին պայմաններուն, նոյն ժամանակներուն մերթ ընդ մերթ ասպարէզ եկած են լուսամիտ եւ ուսումնասէր դէմքեր, որոնք ջանացած են 43
վերականգնել հին դարերու հայ վանականութեան փառքը` հիմը դնելով Սիւնեաց Անապատի, Էջմիածնի, Նոր Ջուղայի նման վանքերու, ուր բեղուն գործունէութեամբ` քանի մը արժանաւորներ կրցած են դասուիլ անմահներու շարքը։ *** ԺԸ. դարու սկիզբը` երկու «հոյակապ անձնաւորութիւններ» ձեռք առած են հայ ժողովուրդի վերածնութեան գործը։ Առաջինը` Իսրայէլ Օրին, Ղարաբաղի ազատատենչ ժողովուրդին հետ ծնունդ տուած է Հայաստանի ազատագրութեան գաղափարին։ Ղարաբաղը ապստամբած է եւ Դաւիթ Բէկ հիմնած է անկախ իշխանութիւն մը։ Երկրորդը` Մխիթար Աբբայ, Սեբաստիայէն Պոլիս, եւ ապա Եւրոպա անցնելով, Վենետիկի Ս. Ղազար կղզեակին մէջ վերստին ծնունդ տուած է հայ գրականութեան եւ նախնեաց լեզուին։ Գրականութեան պատմաբանները` հայկական վերածնունդի սկզբնաւորու- թիւնը կապած են Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնադրութեան, 1701 Սեպ- տեմբեր 8։ «Հայկական Վեստայի պաշտամունքին նուիրուած կամաւորներու բանակը» Մ. Սեբաստացիի գլխաւորութեամբ, վտարանդի եւ հալածական կեանք մը վարելէ ետք, 1717 Սեպտեմբերի 8-ին հաստատուած է Ս. Ղազար կղզին, ուր տասնամեակներու ընթացքին` վանք, եկեղեցի, դպրոց, թանգարան եւ տպարան կառուցանելէ ետք, դարձած է` Աճառեանի հաստատումով` «հայոց ամենա- բարձր ուսումնական հիմնարկութիւնը» եւ պարծանքը ամբողջ հայութեան։ Աճառեան` Ս. Ղազարը բաղդատութեան դնելով նախորդ դարու լուսաւորչա- կան կրթական կեդրոններուն հետ, անաչառօրէն կ’ըսէ, թէ` Բաղէշի, Տաթեւի, Էջմիածնի եւ Նոր Ջուղայի դպրոցները տեւական չէին եղել. նոքա շատ կարճ կեանք էին ունեցել եւ մի փոքր ժամանակ փայլելուց յետոյ` հանգել էին։ Մխիթարը այնպիսի հիմքերի վրայ է դնում գործը, որ նա օրից օր զարգանում է եւ իբրեւ մի լուսաւոր աստղ փայլում է` հայկական խաւար հորիզոնի վրայ։ Մխիթարի ժամանակակից հայ վանականութեան պատկերը տալով, պատ- մաբան Լէօ ամբողջացնելով Աճառեանի դատումը, կը վկայէ, թէ` 18րդ դարի սկզբում հայ լուսաւորչական վարդապետները գրական աղքատ գործունէ- ութիւն են ցոյց տալիս, եւ այս երեւոյթը անշուշտ, ուղղակի կախում ունի այն հանգամանքից, որ զարգացողութիւնն այդ ժամանակ շատ թոյլ էր առհասարակ։ Հայ վարդապետները ոչ միայն շատ բան չգիտէին, որ տան ընթերցողներին, այլ ամէն 44
տեղ միատեսակ հմտութիւն չէին ցոյց տալիս հայերէն լեզուի գրութեան մէջ։ Ասոր հակադրելով, կը գրէ, թէ` Կաթոլիկ վանականութիւնը, ինչ ասել կ’ուզի, աւելի շատ էր զարգացած, քան հայ լուսաւորչական վանականութիւնը, եւ այս ամէնից առաջ հէնց այն պատճառով, որ նա լեզուներ գիտէր, նրա առջեւ բացուած էր մի չափազանց հարուստ գրականութիւն եւրոպա- կան զանազան լեզուներով, հետեւաբար եւ կարող էր մտցնել հայերի մէջ մի բարձր գիտու- թիւն։ Եւ իրաւ 18րդ դարի սկզբից կաթոլիկ հայ վանականութիւնը գլխաւորապէս թարգմանու- թիւնների, բայց մասամբ նաեւ ինքնուրոյն մշակումների միջոցով, աշխատում է հարստացնել իր սովորած գիտութիւնը, որ աշխարհայեցողութիւններ էր պարզաբանում, ըմբռնումներ եւ հայեցակէտեր էր դարբնում։ Այս գիտութիւնը մեր լեզուով կոչւում է իմաստասիրութիւն։ Այս վերջին խումբի զարգացած վանականներուն ջանքերով է, որ կը սկսին ազգային վերածնունդի աշխատանքները, դարաւոր լքումէ ետք, կրկին լոյս աշխարհ բերելով մեր նախնեաց գրականութիւնը։ *** Այդ վանականներուն աննկուն առաջնորդն էր Մխիթար։ Չօպանեան հետեւ- եալ տողերով կը յաջողի պատկերացնել անոր եզական նկարագիրը. Կեանքը զոր վարեց Մխիթար, նկարագրի ոյժը զոր ցոյց տուաւ իր նպատակին հասնելու համար, այնքան մեծ են եւ գեղեցիկ` որքան գործը, որ իրմէ հիմնուած, ի կատար հանուեցաւ իր հանճարեղ յաջորդներուն ձեռքովը։ Ու զայն կը նկատէ Արժանաւոր յաջորդը Սահակի եւ Մեսրոպի, անոնց պէս հիմնադիր ամբողջ լոյսով զինուած գործի մը, որ անջնջելի է։ Լէօն ալ հիացումով կը գոչէ. Իսկապէս մեծ մարդ, որը մի ամբողջ դարագլուխ է կազմում մեր մտաւոր զարգացման պատմութեան մէջ եւ տարբերւում է իրենց առաջ եղած բոլոր հայ մեծ մարդկանցից։ Իսկ Թէոդիկ կը յայտարարէ, որ 45
Համօրէն հայերս կոչելու ենք զինք` ոչ միայն համանուան Ուխտին` այլ եւ հայ գրակա- նութեան վերածնունդի հիմնադիրը, առանց այլ եւ այլի մեր երկրորդ Լուսաւորիչը։ Մխիթար իր ուժերը կը սպառէ վերածնունդը յառաջ բերելու համար նախա- նիւթեր հաւաքելով, եւ այդ շարժումը շարունակելու համար գործիչներ պատ- րաստելով։ Իր հոգւոյն մէջ ծրարած անբաւ սէրն եւ նուիրումը իր ցեղին յարութեան, – կը գրէ միաբան մը, – խռովքոտ Արեւելքէն թռաւ Արեւմուտք, եւ պանդուխտ ծիծեռնակի պէս նոր բոյն շինեց, նոր տաճար կերտեց, եւ իր հանճարին թափով յստակ ու վճռական գծեց բովանդակ ծրագիրը հայ վերածնունդի շէնքին` որ կը բովանդակէր հայ լեզուն` իր հինա- ւուրց շնորհին ու գեղեցկութեան մէջ, հայուն անցեալը իր փառապանծ դրուագներով, մեր հնութեան անգին յուշարձանները, մեր հաւատքը, մեր ցեղին երգը, եւ վերջապէս գիտութիւն ու գեղարուեստ, որով վերստին լոյս աշխարհ պիտի դիմէր ծաւարամած հայութիւնը։ Լէոյի հաստատումով` Մխիթար Սեբաստացիի հիմնած դպրոցը միայն գրագիտական դպրոց չէր, այլ մանաւանդ գրական մի մեծ դպրոց։ Վստահ կարելի է ասել, որ մի ամբողջ դար, գրեթէ մինչեւ 19-րդ դարի կէսը, այս դպրոցը միակ առաջաւոր հիմնարկութիւնն էր, որ գիտութիւն եւ լոյս էր մատակարարում հայերին, այնպէս որ այդ դարը մեր մտաւոր զարգացման պատմութեան մէջ կարելի է եւ պէտք է անուանել Մխիթարեան դար։ Գործունեայ աշխատանոց մը դառնալէ ետք, Մխիթարեան վարդապետները մեղուի նման շրջած են Հայաստանի զանազան անկիւնները հաւաքելով եւ կորուստէ փրկելով «ազգային մշակոյթի ծաղկահիւթերը», որոնք խնամքով տարուած են վենետիկեան լճակին վրայ հաստատուած մանրանկար Հայաս- տանը` «որ աւերակների ու ստրկութեան հայրենիք չէր, այլ գրքերի հայրենիք»։ Աճառեան կը բնորոշէ, թէ ինչ աշխատանք կատարեցին վենետիկեան դպրոցի հիմնադիրը եւ նոյն դպրոցին պատկանող տիտանները։ Մխիթարի կարեւոր դերը մեր գրականութեան մէջ` հայերէն լեզուի նախկին վիճակին վերականգնումն է։ Ինչպէս գիտենք, – կը շարունակէ ան, – ԺԴ. դարէն յետոյ մինչեւ Մխիթարի ժամանակը մեր լեզուն հասած էր ծայրագոյն անկեալ վիճակի. լատինաբանու- թիւնը` զոր մտցուցած էին ԺԴ. դարէն ետք, «Միաբանող» կոչուած թարգմանիչ- ները եւ հեղինակները, գրաբարի տգիտութիւնը եւ կրթութեան պակասութիւնը ստեղծած էին ամենագռեհիկ գրականութիւն մը։ Մխիթար մտադիր եղաւ նախ մաքրել այդ լեզուն իր բոլոր գռեհկութիւններէն եւ հայերէնի նախնական վիճակը վերականգնել ըստ կարելւոյն։ 46
Մխիթար ինք ալ ժամանակ մը գործածելով այդ «անհեթեթ լեզուն», յետոյ քիչ քիչ աշխատած է մաքրել զայն իր յետնադարեան կեղտերէն, եւ իր աշակերտ- ներուն պատուիրած է որ շարունակեն սկսուած աշխատանքը։ Հետզհետէ մաքրուելով այլանդակուած լեզուն, կրնանք ըսել, թէ ԺԸ. դարու վերջը` Հ. Վրթանէս Ասկերեանի եւ Հ. Միքայէլ Չամչեանի ժամանակ այլեւս լատինաբանութիւն չկայ։ Եւրոպական ընտիր երկերու թարգմանութիւններով եւ բազմաթիւ գիտական եւ հայագիտական աշխատութիւններով, անոնք կը ճոխացնեն այդ շրջանի հայ աղքատիկ գրականութիւնը։ «Հայ գրական վերածնութիւնը արդէն կատարուած փաստ է, – կ’եզրակացնէ Աճառեան, – եւ այստեղէն կը սկսի հայոց նոր գրականութիւնը»։ *** Ս. Ղազարի մէջ սկսած վերանորոգչական աշխատանքները տարածուած են հայաբնակ այլ եւ այլ վայրերու մէջ ալ. այս է պատճառը, որ այդ դարուն գրի առնուած են 530 անուն գիրք, մինչդեռ ԺԷ. դարուն` 130 անուն եղած է, իսկ ԺԶ.ին` միայն 20։ Որպէս օրինակելի հիմնարկութիւն` Լէօ կը հաստատէ, որ Արղութեան Սրբազանը Նոր Նախիջեւանի Ս. Խաչ վանքը հիմնելով, «մտածեց դարձնել այն մի գրական-հրատարակչական հիմնարկութիւն, Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան պէս եւ հէնց այդ միաբանութեան դէմ մրցելու համար»։ Այս իրողութիւնը հաստատած է նաեւ ուրիշ հեղինակութիւն մը. Մխիթարեաններու անուան փայլը գնալով աճում է, – կը գրէ Աբեղեան, – 19-րդ դարու առաջին կէսը մի բուռն գործունէութեան շրջան է նրանց համար, երբ նրանք հրապարակը լցնում են իրենց գրական աշխատանքներով եւ թարգմանութիւններով, աւելի շատ գրքերով, քան կարդացողներ կային եւ շատ շատ աւելի, քան հասկացողներ։ Այսպիսով Մխիթարեանները գլուխ են բերում այն, որ երկու հարիւրից աւելի տարիներ առաջ ձեռնարկել էին հայ վարդապետներն Արեւելքում, բայց բուն երկրի մէջ մեծամեծ դժուարութիւնների եւ քաղաքական դժբախտ պատահարների հետ կապուած լինելով` գլուխ չէր գալիս այնպէս, ինչպէս կը ցանկանային կատարած լինել այդ գործի համար աշխատող- ները։ Մխիթարեանները իրենց ձեռքն են առնում գրականութեան վերածնութիւնը եւ վայելե- լով եւրոպական յարմարութիւնները, խաղաղ ու անվտանգ կեանքի դիւրութիւնը` անընդ- հատ առաջ են տանում։ *** 47
Գրական վերածնունդ մը յառաջ բերելու համար անհրաժեշտ էր լեզուի կանոնաւորութիւնը, եւ Մխիթար Աբբայ հայերէն լեզուն անաղարտ աւանդելու համար նախ կը հրատարակէ գրաբար քերականութիւն մը, ուր սակայն չէր կրցած բոլորովին ձերբազատուիլ Միաբաններու լատինական ձեւերէն։ Մխիթարի պէս կանխատես միտք մը, բնականաբար պիտի չարհամարհէր աշխարհաբար լեզուն, եւ անոր հետագայ զարգացումը գուշակելով է, որ պատ- րաստած է երկու քերականութիւններ. մէկը` ընդարձակ, անտիպ մնացած, իսկ միւսը` տպագրուած։ Այս մասին փարիզահայ ուսումնասէր մը կը գրէ. Մխիթարեանները որոնք պաշտամունք ունին մեր սուրբ լեզուին, չվախցան սակայն գործածելէ ռամկօրէնը, այն լեզուն` զոր կը խօսէր կորստեան դռները հասած մեր ժողո- վուրդը։ Եւ Մխիթարեանները խօսեցան այդ լեզուով, բայց հետզհետէ մաքրելով, ստկելով, զտելով ու յղկելով։ Արդի աշխարհաբարին առաջին ուսուցիչներն են Մխիթարեանները։ *** Մխիթարի հսկայական գործն է Բառգիրք հայկական լեզուին, լոյս տեսած 1749 Մայիսի 17-ին, հեղինակին մահէն 22 օր ետք։ Այդ «Բացատրական հարուստ բառարանը» Լէոյի վկայութեամբ «դարագլուխ» մը կը կազմէ մեր գրականութեան մէջ, որուն յատկութիւնները անգնահատելի են։ Հայերէն բառարանի առաջին ընդարձակ փորձն է ասիկա, սկսած 1727-ին, երկար ժամանակ ընդհատելէ ետք, վերսկսուած 1742-ին։ Աշխատութիւնը երկար տարիներու պտուղ է ոչ միայն Մխիթարի, այլ եւ իր աշակերտներուն տքնութեամբը հասունցած։ Հայկազեան բառարանի նշանակութիւնը չափազանց մեծ է եղել հայ բառարանա- գրութեան պատմութեան մէջ, – կը կարդանք այդ մասին նորագոյն ուսումնասիրու- թեան մը մէջ։ – Այդ գործը գրեթէ մէկ հարիւրամեակի ընթացքում անվերապահօրէն ճանաչուել է որպէս հայերէնի միակ լաւագոյն բառարանը, որ ընդգրկում է հայերէնի բառային կազմը համեմատաբար լրիւ ծաւալով։ Բառարանը հիմք է ծառայել, մօտ հարիւր տարի յետոյ հրատարակուած Նոր Հայկազեան բառարանին` Երից Վարդապետաց անունով ալ ծանօթ, որ իբրեւ բառարանա- գրական աշխատանք, ըստ ամենայնի չգերազանցուած է մնում առ այսօր։ Մխիթարէն ետք, հայերէն լեզուի կոկումը կատարած են Հ. Միքայէլ Չամչեան եւ Հ. Գաբրիէլ Աւետիքեան. իսկ ամէնէն կատարելագործուած քերականութիւնը պատրաստած է Ի պետս զարգացելոցի անգերազանցելի հեղինակը` Հ. Արսէն 48
Search
Read the Text Version
- 1
- 2
- 3
- 4
- 5
- 6
- 7
- 8
- 9
- 10
- 11
- 12
- 13
- 14
- 15
- 16
- 17
- 18
- 19
- 20
- 21
- 22
- 23
- 24
- 25
- 26
- 27
- 28
- 29
- 30
- 31
- 32
- 33
- 34
- 35
- 36
- 37
- 38
- 39
- 40
- 41
- 42
- 43
- 44
- 45
- 46
- 47
- 48
- 49
- 50
- 51
- 52
- 53
- 54
- 55
- 56
- 57
- 58
- 59
- 60
- 61
- 62
- 63
- 64
- 65
- 66
- 67
- 68
- 69
- 70
- 71
- 72
- 73
- 74
- 75
- 76
- 77
- 78
- 79
- 80
- 81
- 82
- 83
- 84
- 85
- 86
- 87
- 88
- 89
- 90
- 91
- 92
- 93
- 94
- 95
- 96
- 97
- 98
- 99
- 100
- 101
- 102
- 103
- 104
- 105
- 106
- 107
- 108
- 109
- 110
- 111
- 112
- 113
- 114
- 115
- 116
- 117
- 118
- 119
- 120
- 121
- 122
- 123
- 124
- 125
- 126
- 127
- 128
- 129
- 130
- 131
- 132
- 133
- 134
- 135
- 136
- 137
- 138
- 139
- 140
- 141
- 142
- 143
- 144
- 145
- 146
- 147
- 148
- 149
- 150
- 151
- 152
- 153
- 154
- 155
- 156
- 157
- 158
- 159
- 160
- 161
- 162
- 163
- 164
- 165
- 166
- 167
- 168
- 169
- 170
- 171
- 172
- 173
- 174
- 175
- 176
- 177
- 178
- 179
- 180
- 181
- 182
- 183
- 184
- 185
- 186
- 187
- 188
- 189
- 190
- 191
- 192
- 193
- 194
- 195
- 196
- 197
- 198
- 199
- 200
- 201
- 202
- 203
- 204
- 205
- 206
- 207
- 208
- 209
- 210
- 211
- 212
- 213
- 214
- 215
- 216
- 217
- 218
- 219
- 220
- 221
- 222
- 223
- 224
- 225
- 226
- 227
- 228
- 229
- 230
- 231
- 232
- 233
- 234
- 235
- 236
- 237
- 238
- 239
- 240
- 241
- 242
- 243
- 244
- 245
- 246
- 247
- 248
- 249
- 250
- 251
- 252
- 253
- 254
- 255
- 256
- 257
- 258
- 259
- 260
- 261
- 262
- 263
- 264
- 265
- 266
- 267
- 268
- 269
- 270
- 271
- 272
- 273
- 274
- 275
- 276
- 277
- 278
- 279
- 280
- 281
- 282
- 283
- 284
- 285
- 286
- 287
- 288
- 289
- 290
- 291
- 292
- 293
- 294
- 295
- 296
- 297
- 298
- 299
- 300
- 301
- 302
- 303
- 304
- 305
- 306
- 307
- 308
- 309
- 310
- 311
- 312
- 313
- 314
- 315
- 316
- 317
- 318
- 319
- 320
- 321
- 322
- 323
- 324
- 325
- 326
- 327
- 328
- 329
- 330
- 331
- 332
- 333
- 334
- 335
- 336
- 337
- 338
- 339
- 340
- 341
- 342
- 343
- 344
- 345
- 346
- 347
- 348
- 349
- 350
- 351
- 352
- 353
- 354
- 355
- 356
- 357
- 358
- 359
- 360
- 361
- 362
- 363
- 364
- 365
- 366
- 367
- 368
- 369
- 370
- 371
- 372