տասնամեակ է միայն հուր ու հնոց կը տեսնէ, բազմաթիւ գործարաններու շչակներու կանչերով կ’ողողուի։ Հնոց մագաղաթներու եւ գիրքերու այն երկիրն է Հայաստան, որ իր երեսու- նութ խիզախ տառերու ջոկատով` տասնվեց դար դիմադրած է, զինք ձուլել ու ոչնչացնել կամեցող բոլոր ոսոխներուն։ Կոտորածի եւ գաղթի, լաց ու կոծի փոխարէն` այժմ խաղաղ կեանքի եւ աշխատանքի կանչեր կը լսուին, եւ երբեմնի աւեր ու աւար ճամբաներուն վրայ կը շատնան կոթողներն ու շէնքերը, երգն ու ծիծաղը։ Այն երկիրն է Հայաստան, որուն կռունկի պէս թեւածող երգը` հայրենի լեռնե- րէն սկսելով, կը հասնի աշխարհի բոլոր ծագերը1։ *** Գերաշնորհ Սրբազան Հայր, Մեծարգոյ Նախագահ հայ Աւետարանական համայնքի, Կազմակերպիչ միութիւններու մեծարգոյ ներկայացուցիչներ, Յարգելի ներկաներ, Վեց տասնամեակի ժամանակաշրջան մը բոլորած սովետահայ գրականու- թիւնը` պիտի ջանանք ներկայացնել հպանցիկ ակնարկով մը, ամենասեղմ գիծերու մէջ, յիշատակութիւնը կատարելով միայն քանի մը գեղարուեստական երկերու` որոնք երկնուած են սովետահայ գրականութեան չորս շրջափուլերու ատեն տեղի ունեցած պատմական մեծ վերափոխումներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ վերածնունդի շրջանը թեւակոխելու պայքարի ժամանակ։ Թող ներողամիտ գտնուին ուրեմն, յարգելի ներկաները` եթէ իրենց ծանօթ բոլոր անուններուն յիշատակութիւնը չկատարուի, կամ գրական վերջին նորու- թիւնները չներկայացուին, որովհետեւ` ինչպէս շատ դիպուկ բնորոշած է բանաս- տեղծ մը, մինչեւ գրասեղանիդ մօտենաս` արդէն շատ բան փոխուած կ’ըլլայ այնտեղ...։ *** Ամէնէն առաջ պէտք է յայտնել, թէ սովետահայ գրականութիւնը` իր պատ- մական ակունքներով խորապէս կապուած է անցեալի հայ գրականութեան եւ կը շարունակէ անոր լաւագոյն աւանդոյթները։ Սովետահայ առաջին գրականագէտներէն մէկը կը բացատրէ` թէ սովե- տահայ գրականութեան ստացած դասական ժառանգութիւնը հարուստ է։ Դասական ժառանգութեան աւանդոյթներէն առաջինը` ջերմ հայրենասիրու- թիւնն է։ Հայրենասիրութիւնը մեր դասական ժառանգութեան մէջ սերտօրէն 199
զուգորդուած է մեր ժողովուրդին մէկ այլ աւանդոյթին` ազատասիրութեան հետ։ Իսկ հայրենասիրութեան եւ ազատասիրութեան միահիւսուած է մեր ժողովուր- դին մէկ ուրիշ աւանդոյթը` պայծառատեսութիւնը։ Այդ աւանդոյթներն են, որոնք ժառանգած է մեր սովետահայ ժողովուրդը եւ արտայայտած է ու կ’արտայայտէ արմատապէս վերափոխուած կերպով։ Այդ աւանդոյթներն են, որ սոցիալական բոլորովին նոր լիցքով շարունակած է եւ աւելի ցայտունօրէն կը շարունակէ սովետահայ գրականութիւնը2։ Սովետահայ գրականութեան կազմաւորումին եւ զարգացումին համար մեծ նշանակութիւն կ’ունենան ռուսական գրականութիւնը, ռուսական սովետական գրականութիւնը, եւ յատկապէս անոր հիմնադիր` «ռեւոլեուցիայի մրրկահաւը» նկատուող Ալեքսէյ Մաքսիմովիչ Կորքիի ազդեցութիւնը։ Մաքսիմ Կորքին եղած է մեծագոյն պրոլետարական գրողը եւ միաժամանակ պրոլետարիատի ամենա- սիրելի գրողը, որ առաջին անգամ համաշխարհային գրականութեան մէջ ստեղ- ծած է յեղափոխական բանուորներու սքանչելի կերպարներ3։ Սովետական գրականութիւնը իր պատմական ակունքներով կապուած է բանուորական շարժումներուն հետ։ Իր կարգին` սովետահայ գրականութիւնը սկիզբ կ’առնէ Ի. դարու առաջին տասնամեակի պրոլետարական գրականու- թենէն։ Հայ պրոլետարական գրողներու դերը մեծ է սոցիալիստական գրականու- թիւն ստեղծելու մէջ4։ Պուրժուական-ազգայնական գրականութեան առընթեր ռուսական առաջին յեղափոխութեան փոթորիկներուն մէջ ծնունդ կ’առնէ ու կը ձեւաւորուի հայ պրոլետարական գրականութիւնը եւ գրական շարժումը, որուն հիմնադիրը եւ ամենամեծ ներկայացուցիչը բանաստեղծ Յակոբ Յակոբեանն էր5։ Յակոբեանի շուրջ կը հաւաքուին շուտով բանուոր գրողներու խումբ մը6։ Նոյն ժամանակ բանուոր դասակարգին եւ յեղափոխութեան կողմը կ’անցնի բանաստեղծուհի Շուշանիկ Կուրղինեանը. անոր սիրոյ եւ վիշտի երգերը կը փո- խարինուին մարտական երգերով։ Կուրղինեանի Արշալոյսի ղօղանջներ շարքին լաւագոյն երգերն են «Բանուորները», «Յետ տար քո խաչը», «Հանգցրէք ջահերը»։ «Բանուորները» բանաստեղծութիւնը` բանուորական ցոյցին նուիրուած առաջին գեղարուեստական ստեղծագործութիւնն է։ Բանաստեղծուհին մասնակցած է ցոյցին եւ անոր անմիջական տպաւորութեան տակ գրած է բանուոր դասակար- գին պայքարի նպատակը. Կրծքով փշրելու փառքը տիրողին. Գահը բռնութեան – ստրուկի շղթան, Նոր ուղի հարթել մեր նմաններին, Արժանի կոչման – հաւասարութեան Այդպէս ենք գալիս։ 200
Ռուսական առաջին յեղափոխութիւնը թէեւ չի խորտակեր ցարիզմը, սակայն խորապէս կը ցնցէ անոր հիմերը։ Անիկա Ռուսաստանի բանուորներուն եւ գիւղացիներուն համար կ’ըլլայ քաղաքական պայքարի մեծ դպրոց մը` որ կը բարձրացնէ աշխատաւոր զանգուածներուն գիտակցութիւնը7։ Յեղափոխութիւնը հիմը կը դնէ բանուոր դասակարգի եւ գիւղացիութեան դաշինքին` որ կը հանդի- սանայ հասարակական գլխաւոր ոյժը, իսկ յետագային կը տապալէ ցարիզմի, կալուածատէրերուն եւ դրամատէրերու իշխանութիւնը ու կ’ապահովէ սոցիա- լիզմի յաղթանակը8։ Ռուսական առաջին յեղափոխութիւնը կ’ոգեշնչէ հայ բանաստեղծներէն Յովհաննէս Թումանեանին, Աւետիք Իսահակեանին, Դանիէլ Վարուժանին եւ ուրիշներու։ Նշանակալից են Մովսէս Արազիի այդ շրջանի երկերը. անոր լաւագոյն պատմուածքներէն է Արեւը, որ հռչակ կ’ապահովէ հեղինակին։ Այդ պատմուածքին մէջ Արազին կը նկարագրէ խոնաւ նկուղի մը մէջ ապրող ընտա- նիք մը, որուն հիւանդ աղջկան բժիշկ մը կ’այցելէ եւ կը կարգադրէ` որ արեւոտ սենեակ մը փոխադրեն փոքրիկը, սակայն հայրը այդ հնարաւորութիւնը չունի, եւ ոսկեհեր աղջիկը կը մեռնի։ Պատմուածքին մէջ արեւը մարդկային ազատու- թեան եւ երջանիկ կեանքի խորհրդանշանն է։ Հեղինակը այլաբանօրէն կ’արտա- յայտէ իր յեղափոխական աշխարհայեացքը։ Պատմութեան մէջ ծանօթ են քանի մը յեղափոխութիւններ, որոնք երկար ժամանակով տնօրինած են ժողովուրդին պատմական վիճակը։ Այդ յեղափոխու- թիւններուն մէջ մասնաւոր սեփականութեան մէկ ձեւը կը փոխարինուէր ուրիշ ձեւով մը, շահագործողներուն իշխանութիւնը կը փոխարինուէր ուրիշ իշխանու- թեամբ9։ Սոցիալիստական յեղափոխութիւնը արմատական կերպով կը տարբերի նախորդ յեղափոխութիւններէն, որ նպատակ ընտրած էր մասնաւոր սեփակա- նութիւնը փոխարինել արմատական միջոցներու հասարակական սեփականա- տիրութեամբ, եւ ջնջել մարդու կողմէ` մարդու ամէն տեսակ շահագործում։ Մարդկային բազմադարեան պատմութեան մէջ, առաջին անգամ հասարակու- թեան պետական ղեկավարութիւնը հաստատ կերպով կ’անցնի բանուոր դասա- կարգին ձեռքը10։ Հոկտեմբերեան Սոցիալիստական Մեծ Յեղափոխութիւնը` ոտքի վրայ, հարեւանցիօրէն կ’աւարտէ պուրժուական-դեմոկրատական յեղա- փոխութեան խնդիրները եւ միաժամանակ առաջին քայլերը կ’առնէ դէպի սոցիալիզմ11։ Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւնը նոր ուղի կը բանայ` ինչպէս հայ ժողո- վուրդին, նոյնպէս ալ հայ գրողներուն առջեւ։ Հայ դասական գրականութեան ականաւոր ներկայացուցիչներէն կարեւոր մաս մը կ’անցնի յեղափոխութեան կողմը։ Նոր` սոցիալիստական հայրենիքի առաջին հայ երգիչները կ’ըլլան հայ պրոլետարական գրականութիւնը սկզբնաւորող Յակոբ Յակոբեանը, Վահան Տէրեանը եւ երիտասարդ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցը12։ 201
1917 թ., առաջին անգամ յեղափոխութեան յաղթանակը կ’երգէ աշնան ու տրտմութեան երգիչը` Վահան Տէրեան։ Գրականագէտներու ոչ միահամուռ կարծիքով, Տէրեանի Երկիր Նաիրի բանաստեղծութիւններու շարքով` կարծէք կը վերջանայ հայ դասական բանաստեղծութեան շրջանը, եւ նոր յեղափոխական բանաստեղծութիւններով` կը սկսի սովետական շրջանի հայ բանաստեղծու- թիւնը։ Մեծ քաղաքի երգիչին բանաստեղծութիւնը` իր գաղափարական խոր բովանդակութեամբ ու կատարեալ արուեստով կը դառնայ սովետահայ բանաս- տեղծութեան զարգացումի կենսունակ գործօններէն մէկը13։ Տէրեանի օրինակին կը հետեւի «յեղափոխութեան մրրկաշունչ Նարեկացին»` Եղիշէ Չարենց։ Հայաստանի մէջ սովետական կարգերու հաստատումը կ’ողջունէ եւ յեղափոխութեան կողմը կ’անցնի Լոռիի բարձրաբերձ լեռներու եւ հայոց վիշ- տի խոր անդունդներու երգիչը` Յովհաննէս Թումանեան, որ իր ձեռքով չէր գրեր, այլ` իր ձեռքով կը գրէին հայոց լեռներն ու ձորերը, հայոց վիշտն ու տառա- պանքը. ժողովուրդն էր` որ կը գրէր դարեր շարունակ կողոպտուած կարաւանի մասին, որ անհատնելի գանձեր կը բերէ դարերու խորերէն։ Ապա, Աւետիք Իսահակեան Աբու-Լալայի կարաւանն առած, օտար ափեր թափառելով, աչքերը կարօտով յառած հայրենի հողին, մինչեւ որ անոր վերածնութեան կանչերը զինք տուն կանչեցին, եւ յաւերժական հանգիստ ու անմահութիւն գտաւ հայրենի հողին վրայ։ Անոնց միացան արձակագիրներ Նար-Դոսն ու Շիրվանզադէն, Աթաբէկ Խնկոյեանը, Դերենիկ Դեմիրճեանը, Ստեփան Զօրեանը եւ Վահան Թոթովենցը։ Թոթովենց անցեալէն եկած այն հեղինակներէն է, որոնք սովետական իրակա- նութեան մէջ դարձան աւելի արգասաբեր, որովհետեւ պրոլետարիատը կրցաւ անցեալի արժէքաւոր եւ ազնուագոյն տարրերը դնել աշխատանքի ու ստեղծա- գործութեան բնական հունի մէջ14։ Սովետական գրականութեան մէջ` 1920-ական թուականներուն գոյութիւն ունեցած են բազմաթիւ խմբաւորումներ։ Այդ խմբաւորումներէն մէկը եղած է Պրոլետկուլտը, որուն անդամները կը ժխտէին անցեալի մշակութային եւ գրա- կան ժառանգութիւնը, եւ իրենք զիրենք կը նկատէին նոր արուեստ ստեղծողներ։ Դասական գրականութեան նկատմամբ նոյն վերաբերումը ունեցած է նաեւ ԼԵՖ- ը արուեստի ձախ ճակատը, որ գրական-գեղարուեստական միաւորում մը եղած է. հիմնուած է Մոսկուայի մէջ. 1922 թ.։ ԼԵՖ-ի մաս կը կազմէին բանաստեղծներ, քննադատներ, արուեստի տեսաբաններ։ Միաւորումը կը գլխաւորէր Վլատիմիր Մայակովսկին։ ԼԵՖ-ի տեսաբանները ներկայացուցած են արուեստը իբրեւ «կենսակառուցուածք», «սոցիալական պատուէր» (արուեստագէտը իր դասա- կարգի առաջադրանքը կատարող «վարպետ» է միայն), ինչպէս նաեւ «ձեւի յեղափոխութիւն» տեսութիւնները (ասկէ ալ` արուեստի գեղարուեստական - ճանաչողական դերերուն ժխտումը, դասական ժառանգութեան թերգնահա- 202
տումը, Ֆորմալիստական որոնումները)։ ԼԵՖ-ը կոչ կ’ուղղէր ստեղծել որոշակի դեր ունեցող պիտանի գործեր։ ԼԵՖ- ականները կը ժխտէին գեղարուեստական ստեղծագործութեան աւանդական շատ տեսակներ` ատոնց հակադրելով «փաստի գրականութիւնը», 1923-1925 թուականներուն խումբը հրատարակած է ԼԵՖ ամսագիրը, իսկ 1927-1928 թուականներուն ամսագիրը լոյս կը տեսնէ Նոր ԼԵՖ անունով։ 1928-ին Մայա- կովսկին կ’անջատուի խմբաւորումէն, որուն գոյութիւնը դեռ տարի մըն ալ կը պահպանուի։ Նոյն ժամանակաշրջանին` ԼԵՖ-ի օրինակով համանման խմբաւո- րումներ կազմուած են Փարիզի, Փրակայի, Լենինկրատի եւ Թիֆլիսի մէջ15։ Հայաստանի մէջ` որպէս նման կազմակերպութիւն կը յիշատակուի Ստան- դարտը։ Սակայն նոր բողբոջող սովետահայ գրականութեան մէջ կը նկատուին ռուսական խմբաւորումներու ազդեցութեան հետքերը. այսպէս, բանաստեղծ- ներ` Եղիշէ Չարենց, Ազատ Վշտունի եւ Գէորգ Աբով անցեալի հայ բանաս- տեղծութիւնը որակած են թոքախտաւոր, իսկ իրենք զիրենք ալ նկատած են ախտահանողներ16։ Այդ թուականներուն սովետահայ բանաստեղծութեան հիմնական նիւթը եղած է Հոկտեմբերեան սոցիալիստական յեղափոխութիւնը եւ հայ ժողովուրդին ազատագրութիւնը։ Որովհետեւ այդ օրերուն, արդէն` ... Արաքսը հինը չէ, Ուրիշ են Արաքսը, աշխարհը...։ Սովետական բանաստեղծութիւնը նոր հանգրուան մըն է, նոր որակ մը գեղարուեստական միտքի պատմութեան մէջ` ոչ միայն իր բովանդակութեամբ, այլ եւ ձեւով։ Այս բանաստեղծութիւնը անցած է փառաւոր ուղի, կուտակած է գեղարուեստական ստեղծագործութեան հսկայական փորձ։ Այդ յաջողութիւնը ձեռք բերած է դասական բանաստեղծութեան լաւագոյն աւանդները օգտագործե- լով։ Մայակովսկին, Չարենցը ժառանգած են Պուշկինի եւ Թումանեանի բանաս- տեղծութեան աւանդոյթները. գաղափարական խորութիւն, ժողովրդայնութիւն, իրապաշտական ճշմարտացիութիւն, գեղարուեստական պարզութիւն17։ Նոր, սովետական բանաստեղծութիւն ստեղծել վիճակուեցաւ այն սերուն- դին` որուն մէկ փոքր մասը տեսած էր անցեալի իրականութիւնը։ Բանաս- տեղծներու այդ մասը` սոցիալիստական իրաւակարգի ժամանակաշրջանին, ծառայեց մէկ նպատակի` ստեղծել մեր վեհ իրականութեան արժանի բանաս- տեղծութիւն, պատկերել սովետական մարդու ներաշխարհը, անոր զգացումները եւ խոհերը18։ 1920-ական թուականներու բեկման ժամանակաշրջանին` երիտասարդ սերունդը գաղափարապէս կը կողմնորոշուի եւ հաստատ կերպով կը կանգնի 203
սովետական հասարակութեան դիրքերուն վրայ։ Այդ սերունդի ներկայացու- ցիչներէն` Գուրգէն Մահարին յեղափոխութեան կողմը կ’անցնի գրական ուրոյն ուղիով։ Մահարիին առաջին շրջանի բանաստեղծութիւններուն գլխաւոր նիւթը` իր պատանեկութեան տխուր յուշերը եղած են։ Բանաստեղծը հետզհետէ հեռա- նալով անցեալի մռայլ յիշատակներէն, ջերմ քնարականութեամբ կ’ողջունէ աւերուած երկրին վերշինութիւնը եւ իր ժողովուրդին վերածնունդը19։ Վաղարշակ Նորենցի 1917 թ. տպագրուած առաջին բանաստեղծութիւնը կ’արժանանայ Յովհաննէս Թումանեանի ուշադրութեան։ Սակայն որպէս բա- նաստեղծ` Նորենց գրական ասպարեզ կու գայ 1925 թ., երբ լոյս կը տեսնէ իր Օրերի ճամփին ժողովածոն, որուն հիմնական նիւթը նոյնպէս անցեալի դառն յիշատակներ էին։ Սովետահայ քնարական բանաստեղծութեան շրջադարձի տեսակէտէն ուշագրաւ է Նորենցի Լիրիկական ֆրոնտ ժողովածոն, որ կ’ամփոփէ սոցիալիստական շինարարութեան նուիրուած բանաստեղծութիւնները։ 1920-ական թուականներուն բանուորական միջավայրէ գրական ասպարէզ կու գան նոր գրողներ։ Վահրամ Ալազանը գրաշար բանուոր էր. Երգեր կառուց- ման եւ յաղթանակի եւ Մաքառումներ ժողովածոներու բանաստեղծութիւն- ներով` Ալազան կը պատկերացնէ վերափոխուող Սովետական Հայաստանը։ Ալազան այն գրողներէն էր` «որուն ստեղծագործական զարկերակը կը բաբախէ կեանքի կշռոյթին համընթաց»։ 1920-ական թուականներուն նշանակալից բեկում տեղի կ’ունենայ նաեւ արձակագրութեան մէջ. լոյս կը տեսնեն ականաւոր գրող Ստեփան Զօրեանի Յեղկոմի նախագահը եւ Գրադարանի աղջիկը վիպակները, որոնց նիւթը առնուած է Մայիսեան ապստամբութեան եւ քաղաքացիական կռիւներու ժա- մանակէն։ Ծանօթներ եւ Նրանց ժպիտը պատմուածքներուն մէջ Դերենիկ Դեմիրճեան կը նկարագրէ հասարակ մարդոց վերափոխումը սովետական հասարակութեան մէջ։ Նոյն ժամանակաշրջանին` իր գրական գործունէութիւնը կը սկսի իրապաշտ գրող Ակսել Բակունցը, որուն ստեղծագործութիւնները կարեւոր դեր կը կատարեն սոցիալիստական իրապաշտութեան նոր ուղղու- թեան հիմնաւորումի աշխատանքին մէջ20։ Սովետական գրականութեան իրապաշտական ուղղութիւնը կը կոչուի սոցիալիստական իրապաշտութիւն, որուն ելակէտը` իրապաշտութեան ճշմար- տացի արտացոլումն է, որ կը բացայայտէ հինի եւ նորի պայքարը, ու նորին յաղթանակը հինին դէմ21։ Իր դրական հերոսներուն ու վառ բնաւորութիւններուն միջոցով, սովետական գրականութիւնը կը հաղորդէ հայրենասիրութիւն, մար- դասիրութիւն, ժողովուրդներու բարեկամութիւն, աշխատաւորներու շահերուն անձնուիրաբար ծառայելու գաղափարներ, որոնք հարազատ են աշխարհի բոլոր աշխատաւորներուն22։ Երբ կը խօսուի սոցիալիստական իրապաշտութեան յեղափոխական ոյժի ու 204
բովանդակութեան մասին, պէտք է ընբռնել` թէ ատիկա կը ստեղծուի կեանքի երեւոյթները հարազատօրէն արտացոլելու, բնաւորութիւններու եւ գործողու- թիւններու մէջ մարմնաւորելու, հոգեբանութիւն ստեղծելու միջոցով։ Սոցիալիս- տական եւ ընդհանրապէս իրապաշտութեան միջեւ կան մեծ, էական տարբերու- թիւններ, որովհետեւ իսկական գրականութիւնը հասարակական կեանքի բոլոր շրջաններուն ունեցած է եւ կը պահպանէ իր գլխաւոր յատկանիշը` կեանքի արտացոլումը գործողութիւններու, կերպարներու, զգացումներու եւ խոհերու միջոցով։ Սոցիալիստական իրապաշտութեան տարբերութիւնը եւ էական առաւելութիւնը այն է, որ կը պահանջէ այդ բոլորը տեսնել եւ մարմնաւորել այնքան, որ գեղարուեստական պատկերին մէջ արտացոլայ նաեւ հասարա- կական կեանքի զարգացումին օրինաչափութիւնները եւ հեռանկարները23։ Սովետահայ գրականութեան մէջ սոցիալիստական իրապաշտութեան յաղ- թանակը եւ արմատաւորումը կախում ունէին սոցիալիզմի կառուցումի յաղ- թանակէն։ Սոցիալիստական ճարտարարուեստականացումը եւ գիւղի համայ- նականացումը կը հաստատեն հանրային սեփականացումը ժողովրդական տնտեսութեան բոլոր ճիւղերուն մէջ։ Սովետական հասարակութեան արմատական փոփոխութիւնները իրենց արտայայտութիւնը կը գտնեն գեղարուեստական գրականութեան մէջ. լոյս կը տեսնեն Եղիշէ Չարենցի Էպիքական լուսաբաց ժողովածոն, Ստեփան Զօրեանի Մի կեանքի պատմութիւն վէպը, պոէտ-քաղաքացի կամ պոէտ-տրիբուն ճանչցուած Նաիրի Զարեանի Ռուշանի քարափը պոէմը եւ Հայաստան վէպը։ Այս երկերով կը կատարուի սովետահայ գրականութեան շրջադարձը դէպի սոցիա- լիստական իրապաշտութիւն։ Նշանակալից են Սարմենի հայրենասիրական բանաստեղծութիւնները, ան կ’երգէ հայրենիքի մեծ առօրեան` համայնական հանդն ու դաշտը, քաղաքի սոցիալիստական շինարարութիւնը, մարդը` իր կեանքով եւ ստեղծագործական աշխատանքով։ Բանաստեղծ Սողոմոն Տարօնցին կ’երգէ հայրենիքին եւ ժողո- վուրդին մեծութիւնը։ Երգերի գիրքը կ’ըլլայ Խաչիկ Դաշտենցի բանաստեղծութիւններուն առաջին ժողովածոն, որով կը ճանչցուի իբրեւ անկեղծ յոյզերու, սրտալի հնչերանգի բանաստեղծ, որ վարակիչ շունչով կ’երգէր վերածնունդ ապրող ժողովուրդին խնդութիւնը, նոր կեանքին կառուցումը։ Առաջին համաշխարհային պատերազմը` հայ մարդուն հայեացքով դիտուած, սովետահայ պատմուածքին մէջ տեղ կը գրաւէ 1920-30-ական թուականներուն եւ այդ ժամանակաշրջանին գրականութիւնը կը ճոխացնէ առաւել մարդասիրական բովանդակութեամբ։ Հայ գրողները պատերազմի դէպքերուն մօտեցած են` այն բոլոր պա- տերազմներէն բխած եզրակացութիւններով, որոնք ժողովուրդը վարած էր 205
դաշտերու մէջ ու լեռներու վրայ, հին դարերուն ու նոր ժամանակներուն, այսինքն մեծագոյն արհաւիրքը կը քննուէր հազարամեայ պատմութիւն ունեցող ժողո- վուրդի մը իմաստնացած հայեացքով24։ Մարդկային հոգիներու մէջ` պատերազմին կատարած ահռելի աւերածու- թիւնը Դերենիկ Դեմիրճեան «անգերազանցելի ոյժով եւ արտակարգ պարզու- թեամբ» ներկայացուցած է Աւելորդը պատմուածքին մէջ։ Մարդկային հոգիներուն մէջ պատերազմին յառաջ բերած ծանր հետեւանքները` նոյն հեղինակը կը շարունակէ քննութեան առնել Ընկերները, Նրանց ուղին, Էշելոն, Հայրենի կտուրի տակ, Անխուսափելին, Խոշտանգուածի աւանդը, Վերադարձ պատմուածքներուն մէջ, իսկ մարդու եւ պատերազմի մասին իր խոհերը կը խտացնէ Միայն մէկը պատմուածքին մէջ25։ Ժամանակաշրջանի սովետահայ պատմուածքին մէջ, մարդուն եւ պատե- րազմին յարաբերութիւնը կը քննուի հիմնաւորապէս` գաղափարական խորու- թեամբ ու գեղարուեստական կատարելութեամբ, որովհետեւ ատիկա ուղղակի կերպով կ’առընչուէր ժողովուրդի կեանքին ու երկրին ճակատագրին հետ։ Այդ կեանքն ու ճակատագիրը կը բեւեռէին անցեալն ու ներկան, ուրախութիւնն ու վիշտը, զգացմունքն ու երազանքը, եւ գեղարուեստական պատկերը կը դառնայ ալ աւելի շօշափելի, ալ աւելի նպատակային26։ Ստեփան Զօրեան ունի Պատերազմը խորագրով հետաքրքրական եւ իմաս- տալից պատմուածքներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը խորապէս ապրուած եղելու- թիւն է, պատերազմի մասին խոհ մը27։ Սովետահայ պատմուածքին մէջ մեծարժէք ստեղծագործութիւն մըն է Ակսել Բակունցի Սպիտակ ձին, ուր կը բացուին հասարակական ու անձնական հոգեբանութեան նոր ծալքեր, ուր մարդիկ խորա- պէս կը տառապին համաշխարհային գործողութեան յարուցած սարսափներէն28։ Վրաստանի սովետահայ արձակագիրներէն` Ծերուն Թորգոմեան պատե- րազմի սարսափներու եւ յետագայ զարհուրելի հետեւանքներէն ստացած իր տպաւորութիւնները խտացուցած է Լաջակս գլխիդ եւ Սոլկար Մինասը գողտրիկ պատմուածքներուն մէջ, դատապարտելով իմպերիալիստական պատերազմը` որ նորանոր չարիքներ կը ծնի29։ *** Քաղաքի եւ գիւղի սոցիալիստական շինարարութիւնը, սովետական հասա- րակութեան կենցաղը լայն արտայայտութիւն կը գտնեն 1930-ական թուական- ներու արձակագրութեան մէջ։ Սակայն, նոր շրջանի գրականութեան տարբերիչ գիծը կ’ըլլայ այն, որ մարդը ներկայացուի իր հասարակական գործունէութեան եւ անձնական կեանքի բոլոր կողմերով։ Նշանակալից են` Ստեփան Զօրեանի Մի կեանքի պատմութիւն վէպը եւ Գուրգէն Մահարիի Մանկութիւն, Պատանե- 206
կութիւն եւ Երիտասարդութեան սեմին եռագրութիւնը30։ Անցած կեանքի ինքնա- տիպ աշխարհ մը կը բանայ նաեւ Վահան Թոթովենցի Կեանքը հին հռովմէական ճանապարհի վրայ վիպակը, որ Աւետիք Իսահակեանի բնորոշումով «հիանալի գործ է եւ մնայուն»։ Մկրտիչ Արմէն Հեղնար աղբիւր վիպակով կը վերակենդանացնէ հին, արհես- տաւորական Գիւմրին` իր բարքերով եւ նահապետական աւանդութիւններով31։ Հմայեակ Սիրաս Անահիտ վէպով կը նկարագրէ ընտանիքի եւ կնոջ ճակա- տագիրը սովետական հասարակութեան մէջ։ Վէպին հերոսուհին կ’ուզէ դուրս գալ ընտանեկան նեղ միջավայրէն եւ ապրիլ հասարակական կեանքով։ Ռաֆայէլը` որ հասարակական որոշ դիրք մը գրաւած է, Անահիտին կը պատկերանայ իբրեւ նոր մարդ, սակայն անոր յոյսերը կը խորտակուին եւ իր երազած ներդաշնակ ընտանիքը չի կազմուիր։ Սիրաս ուզած է փաստել` որ սովետական ընտանիքը պէտք է կազմուի սիրոյ եւ հասարա- կական ձգտումներուն ընդհանրութիւններու հիման վրայ32։ Նաիրի Զարեան Հացաւան վէպին մէջ կը նկարագրէ կոլտնտեսութիւններու ամրապնդումի շրջանը` մարդկային նոր յարաբերութիւններով33։ Հացաւանէն ետք` հայ գրականութիւնը չէ ստեղծած սովետական իրականութիւնը պատկե- րող այնպիսի կենսական ուժեղ բախումով երկ, որուն մէջ զգացուէր մեր կեանքի զարգացումին ներքին, բնական ոյժը, ամբողջ սրութեամբ արտայայտուէր մեր ժամանակին մեծ հերոսը34։ Կոլտնտեսական գիւղը նկարագրուած է նաեւ Քրիս- տափոր Թափալցեանի Կեանքի արշալոյսը վէպին մէջ։ Վիպագիրը գիւղին համայնականացումը կը համարէ հայ գիւղացիութեան կեանքի նոր արշալոյսը։ 1934 թուականի Օգոստոսի 1-5, Կուլտուրայի տան մէջ կը կայանայ Հայաս- տանի գրողներու առաջին համագումարը։ Նախահամագումարեան շրջանին տեղի կ’ունենան ստեղծագործական շարք մը ասուլիսներ` սովետական գրակա- նութեան մեթոտի, նոր մարդու պատկերումի եղանակներուն, դասական ժառան- գութեան օգտագործումին, սոցիալիստական բովանդակութեան ու ազգային ձեւի յարաբերութեան, գրական լեզուի շինարարութեան եւ ուրիշ տեսական խնդիր- ներու շուրջ35։ Հայաստանի գրողներու համագումարէն քանի մը օր ետք, Մոսկուայի մէջ կը կայանայ Սովետական գրողներու համամիութենական առաջին համագումարը` որուն սովետահայ գրողները կը մասնակցին գեղարուեստական գրականութեան բոլոր սեռերուն մէջ ձեռք բերուած ստեղծագործական լուրջ նուաճումներով։ Համամիութենական առաջին համագումարը արդիւնաւէտ նշանակութիւն կ’ու- նենայ ազգային գրականութիւններու զարգացումին համար։ Գրողներու ստեղ- ծագործական նշանաբանը կը դառնայ սոցիալիզմի գործին, ժողովուրդի գործին ծառայելու պատրաստակամութիւնը36։ Ստեղծագործական աշխատանքի վերել- քի եւ ոգեւորութեան շրջան մը կը սկսի, սակայն շուտով կը խաթարուի «անձի 207
պաշտամունքի» կամայականութիւններուն պատճառով։ Հայաստանի մէջ վերստին կը սկսի մոլեգնիլ խմբակային անառողջ պայքարը։ 1937 թ. Սեպտեմբերին, կամայականութիւններուն զոհ կը դառնան նշանաւոր գրողներ եւ գրականագէտներ։ Հակառակ այս հարուածին` գրական ստեղծագոր- ծական կեանքը կանգ չ’առներ, արդիականութեան երեւոյթներուն եւ պատմա- կան անցեալի մասին արժէքաւոր գիրքեր կը գրուին37։ *** Հայրենական Մեծ Պատերազմին սովետական բազմազգ ժողովուրդը ոտքի կը կանգնի թշնամիին դիմադրելու համար։ Սովետական գրականութիւնն ալ պայքարի առաջին դիրքերը կը գրաւէ։ Հայրենական Մեծ Պատերազմը` որ կը պահանջէր ոյժերու գերլարում, անձնուրացութիւն, բոլոր հնարաւորութիւններու գործադրում, միայն ռազմական բախում չէր. այն միաժամանակ երկու թշնա- մական դրութիւններու, «հակառակ դաւանանքներու վճռական գոյամարտ էր»38։ Այս տարիներուն` լաւագոյն բանաստեղծութիւններով եւ պոէմներով հանդէս կու գան Աւետիք Իսահակեանը39, Նաիրի Զարեանը, Գեղամ Սարեանը։ Իր բա- նաստեղծական պատկերներով եւ ուրոյն ոճով` Յովհաննէս Շիրազի բանաս- տեղծութիւնը նոր երեւոյթ էր։ Անոր հայրենասիրական վառ արտայայտու- թիւններէն է «Մենք խաղաղ էինք մեր լեռների պէս» բանաստեղծութիւնը, որ գրուած է Հայրենական Մեծ Պատերազմի մասին։ Բանաստեղծը ցոյց կու տայ մեր ժողովուրդին անսասանութիւնը եւ յաղթահարելու կամքը։ Թշնամին հողմերու պէս կ’արշաւէ մեր երկրին վրայ. մեր ժողովուրդը` մեր լեռներուն պէս կը մնայ անսասան։ Թշնամին կը ջարդուի եւ կ’անցնի վայրագ հողմերու պէս40։ Սիրոյ եւ հայրենիքի երգչուհին` Սիլվա Կապուտիկեան, Խօսք իմ որդուն բանաս- տեղծութեամբ հայոց հազարագանձ լեզուն կը կտակէ նոր թոթովել սկսող իր զաւակին։ Ընդհանուր առումով, հայրենական պատերազմի տարիներուն Հայաստանի բանաստեղծները պատուով կը կատարեն իրենց հայրենասիրական պարտքը, շիկացած խօսքերով կը դատապարտեն թշնամին, կ’երգեն ռազմաճակատի եւ թիկունքի հերոսութիւնները ընթերցողներուն ներշնչելով կորով եւ յաղթանակի հաւատք41։ Հայրենական Մեծ Պատերազմը ծնունդ կու տայ իր գրողներուն` որոնք անձամբ կը մասնակցէին մարտերուն։ Այդ շրջանի բանաստեղծութեան ցայտուն դէմքերէն կը դառնան Թաթուլ Հուրեանը եւ Գուրգէն Բորեանը։ Բորեանի բանաս- տեղծութիւնները զինուորի խոհերուն սրտառուչ արտայայտութիւններն են, հայրենի երկրին եւ հարազատ տունին կարօտը կ’արտայայտեն։ Վահագն Դաւթեանի առաջին բանաստեղծութիւնները գրուած են խրամատին մէջ. 208
բանաստեղծը իրաւացիօրէն կ’ըսէ` թէ ինք եւ իր սերնդակիցները հասունցան եւ առնականացան խիզախ մարտերու ժամանակ, պատերազմի դաշտին մէջ։ Շատ գրողներ` պատերազմի դաշտէն ուղղակի գրական ասպարէզ մտնելով, նոր շունչ եւ թարմութիւն կը բերեն իրենց հետ։ Անոնցմէ մէկը եղած է Համոյ Սահեանը, որ կը ճանչցուի ռազմաճակատը գրած Նաիրեան դալար բարդի անզուգական բանաստեղծութեամբ։ Հայաստանի մէջ ամենուր աճած այդ սլացիկ ծառը` մեր ժողովուրդին վեհութեան խորհրդանիշն է։ Պատերազմի շրջանին լոյս կը տեսնեն Դերենիկ Դեմիրճեանի Վարդանանք42 եւ Ստեփան Զօրեանի Պապ թագաւոր43 հայրենասիրական վէպերը։ Սովետա- կան ժողովուրդներու մարտական եղբայրակցութիւնը` յուզիչ պատմուածքներով ներկայացուցած է Հրաչեայ Քոչարը, որուն լաւագոյն պատմուածքներէն են` Սրբազան ուխտը եւ Որդու վերադարձը։ Հայրենական Մեծ Պատերազմին աւարտը` ցնցող, անմոռանալի պահ մը եղած է միութենական ժողովուրդներու կեանքին մէջ, երբ ամբողջ երկիրը վայե- լած է մեծագոյն յաղթանակին հաճոյքը։ Այդ օրերուն լոյս տեսած գրութիւնները` մեծ մասամբ պատերազմին անմիջական մասնակից` վառօդին հոտը տակաւին զինուորական համազգեստին ծալքերուն մէջ պահպանուած հեղինակներու գործեր են, որոնց նիւթը մօտէն ծանօթ է, շատ հարազատ, տպաւորութիւնները տակաւին թարմ, ուստի չէին ուզեր, որ թարմութիւնը վաղեմիութեան գիրկը անցնի44։ Հայրենական Մեծ Պատերազմի մասին` մեծածաւալ վէպեր գրուած են միայն պատերազմէն վերջ։ Հրաչեայ Քոչարի Մեծ տան զաւակները լոյս տեսած է երկու գիրքով. վէպը կ’ընդգրկէ պատերազմի սկիզբէն մինչեւ գերմանական բանակին ջախջախումը Ստալինկրատի մէջ։ Յաղթանակը ձեռք բերուած է մեծ տան զաւակներուն հերոսութեամբ։ Քոչարի այս երկը` պատերազմի մասին գրուած լաւագոյն վէպերէն մէկը կը համարուի45։ Նոյն ժամանակաշրջանին գրուած է Սերոյ Խանզադեանի Մեր գնդի մարդիկ, ինչպէս նաեւ Հողը վէպը, որ սովետահայ արձակի նշանակալի երկերէն մէկը կը համարուի46։ Աղաւնիի Շիրակ վէպի հերոսուհի Արծուընակին տիպարը` հեղի- նակը ինքն է։ Հեղինակին նկարագրութենէն կ’երեւի` թէ ինչպէս գիւղացիներուն դժգոհութիւնը հետզհետէ կը վերածուի յեղափոխական պայքարի47։ Յետպատերազմեան սովետահայ գրականութեան մէջ մասնաւոր տեղ կը գրաւէ Վախտանգ Անանեանի Սեւանի ափին վիպակը, որ կ’արժանանայ մանկական գրականութեան համամիութենական մրցանակի եւ կը թարգմանուի բազմաթիւ լեզուներու։ Դէպքերը տեղի կ’ունենան Լճաւան գիւղին մէջ, ուր դաշտերը ոռոգելու համար ջուր չկայ եւ երաշտը մեծ վնասներ կը գործէ։ Պատա- նի բնասէրները կը յուզուին այս խնդիրէն եւ կ’երազեն ջուր գտնել։ Լիճին մօտիկը վիշապ մը կ’որոտար` ահ ու սարսափ տարածելով սնահաւատ գիւղացիներուն 209
վրայ։ Բնագիտութեան ուսուցիչ Արամ Յակոբեանը կ’ենթադրէ` որ ատիկա ստորերկրեայ ջուր մըն է։ Խիզախ պատանիները` ծերունի որսորդ Ասատուրի օգնութեամբ, բազմաթիւ որոնումներէ ետք կը գտնեն վիշապը` որ ստորերկրեայ գետ մըն է եւ սկիզբ կ’առնէ լեռնային լիճէն։ Պատանի բնասէրները լոյս աշխարհ կը հանեն փրկարար ջուրը։ Հեղինակին նպատակը եղած է ցոյց տալ, որ նոր գիւղին ապագան պիտի ստեղծէ մատաղ սերունդը։ Պատանի Արմէնին, Գրիգո- րին, Կամոյին, Յասմիկին խիզախութիւնն ու հնարամտութիւնը, կամքը եւ նպա- տակին հասնելու յամառութիւնը հեղինակը կը բացատրէ հետաքրքրական արկածներու միջոցով48։ Վախտանգ Անանեան իրաւամբ նկատուած է հայրենի բնութեան լաւագոյն երգիչը։ Հայաստանի բնութեան գրաւչութիւնը զգալու համար` պէտք է կարդալ հեղինակին որսորդական պատմուածքները, որոնք ամփոփուած են Լեռնային կածաններով հատորին մէջ։ Հայրենի երկիրը կը պատկերանայ իր դաշտերով, բարձրաբերձ լեռներով։ Ընթերցողին առջեւ կը բացուի վայրի ու գրաւիչ աշխարհ մը` իր ուրոյն կեանքով։ 1946թ. Սեպտեմբերի 26-ին, Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի պետական թատրոնին մէջ կը բացուի Հայաստանի գրողներու երկրորդ համա- գումարը։ Եղբայրական ժողովուրդներու գրականութեան ներկայացուցիչներէն զատ, համագումարի աշխատանքներուն կը մասնակցին նաեւ սփիւռքահայ գրականութեան քանի մը ներկայացուցիչներ։ Համագումարին որոշումները զգաստացնող նշանակութիւն կ’ունենան` գրողներուն հնարաւորութիւն տալով վերանայելու իրենց ստեղծագործական յղացումները49։ «Շեշտուած պոէտական անհատականութիւն» ունեցող բանաստեղծներու երիտասարդ սերունդը` Յովհաննէս Շիրազ, Սիլվա Կապուտիկեան, Գէորգ Էմին, Պարոյր Սեւակ, Մարոյ Մարգարեան, թէ արուեստով եւ թէ պատկերաւոր լեզուի զարգացումով, նոր աստիճանի կը բարձրացնէ սովետահայ բանաստեղծու- թիւնը` որ կը գրաւէ համամիութենական խստապահանջ ընթերցողներու ուշա- դրութիւնը50։ Այդ սերունդին լաւագոյն ներկայացուցիչներէն է նաեւ Հրաչեայ Յովհաննիսեանը, որուն սիրած հերոսը մարդն է, «որ քայլել է ասպետաբար», «քարը փշրել, արել է հող» եւ «մահ է տեսել ու յաղթել նրան»։ Այս ժամանակաշրջանին Մ. Վեսպերի հրատարակած բանաստեղծական ժողովածոներուն յատուկ է ջերմ ու անկաշառ հայրենասիրութիւնը։ Բանաս- տեղծը կը վերարտադրէ իր ապրումներն ու խոհերը, որոնք շնչաւորուած են Հայրենիքի մեծ սիրով, ժողովուրդին կատարած պատմական գործին խոր գիտակցութեամբ։ Ան կ’երգէ մեր Հայրենիքին պայքարը Ֆաշիզմի դէմ, սուրբ հողին համար ինկած հերոսները, կը փառաբանէ աշխատանքի մարդուն շինա- րար բազուկը, ժողովուրդներուն եղբայրութիւնը։ Բանաստեղծին համար` իր Հայրենիքին հզօրութիւնն ու բարօրութիւնն է ստեղծագործական ներշնչանքին 210
ակունքը51։ Ամբողջ երեսնամեակ մը` Վահագն Կարենցի քանի մը ժողովածոներուն մէջ ամփոփուած բանաստեղծութիւնները ուշադրութիւն գրաւած են իրենց քնարա- կան շունչով եւ յուզականութեամբ։ Ան քաղաքացի բանաստեղծ էր` ժամանակի տագնապներով եւ հայրենասիրութեամբ համակուած, Կանտատ վերածննդի քնարական պոէմին մէջ կ’արտացոլայ հայ ժողովուրդին մաքառումներով անցած ճանապարհը։ Բանաստեղծը կը նկարագրէ վերածնած հայ ժողովուրդին ներ- կան` եղբայրական ժողովուրդներու ընտանիքին մէջ։ Յետպատերազմեան սովետահայ բանաստեղծութեան հիմնական նիւթերէն մէկը` խաղաղութեան պաշտպանութիւնն է, որուն նուիրուած է Աշոտ Գրաշիի Խաղաղութեան զինուորները ժողովածոն։ Ժամանակաշրջանի սովետական բանաստեղծութեան գլխաւոր առարկան` արդիական, կարեւոր, հրատապ խնդիրներն են։ Իւրաքանչիւր բանաստեղծ` որ կ’ուզէ ժամանակին շունչը ըլլալ, չի կրնար ատոնց քովէն անցնիլ52։ Սովետահայ բանաստեղծութիւնն ալ ետ չէ մնացած սովետական գրականութեան առաջըն- թաց զարգացումէն, համաքայլ կ’ընթանայ անոր հետ, կ’ապրի մեծ կեանքով, կը ներշնչուի միեւնոյն նպատակներէն ու գաղափարականէն, զբաղած է պատմա- կան միեւնոյն խնդիրներու լուծումով, ինչ խնդիրներ` որ գրուած են ամբողջ սովետական գրականութեան եւ արուեստին առջեւ, ի հարկէ պահպանելով իր ինքնուրոյնութիւնը, ազգային ինքնատիպութիւնը, հոգեկան կերտուածքի ուրոյն երանգները, ազգային կեանքէն, կենցաղէն, լեզուէն բխող առանձնայատկու- թիւններն ու արտայայտչական եղանակները53։ Յետպատերազմեան ժամանակաշրջանին հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ տեղի ունեցած շատ կարեւոր իրադարձութիւնը պէտք է համարել զանգուածային հայրենադարձութիւնը, որ կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի երկու հատուած- ներու միաւորումին պատմական մեծ գործին նախաքայլը54։ Հեռաւոր ափեր նետուած հայութենէն փոքր մաս մը` կը վերադառնայ հայրենի երկիր, բուռն թափով կը լծուի կատարուող շինարարական աշխատանքին, սովետահայ գրականութիւնը կը հարստանայ սփիւռքէն եկած երիտասարդ հեղինակներու գործերով։ Այդ երկերու շարքին կը դասուին Աբիգ Աւագեանի Շիկացած հող եւ Ստեփան Ալաջաջեանի Անապատում վիպակները։ Երկու հեղինակները կը մերկացնեն իրենց քաջածանօթ դրամատիրական աշխարհի անմարդկային բարքերն ու օրէնքները, սոցիալական ու ազգային ահաւոր հակասութիւնները, ազգայնամոլութեան ու ցեղապաշտութեան մոլի գաղափարախօսութիւնը55։ Վրաստանի սովետահայ արձակագիրներէն Բենիկ Սէյրանեանի Աղբիւրներ պատմուածքներու ժողովածուին մէջ բացայայտուած են գիւղի եւ քաղաքի մար- դոց կեանքն ու աշխատանքային սխրանքները56։ Այդ շրջանի գրականութեան մէջ կարելի է հանդիպիլ միջազգային 211
իրադարձութիւններու արձագանգներուն։ Այդ նիւթին նուիրուած վէպ մըն է Գարեգին Սեւունցի Թեհրանը։ Հեղինակը կը նկարագրէ Իրանի քաղաքական կեանքը` Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմի սկիզբէն մինչեւ երեք տէրու- թիւններու ղեկավարներուն միջեւ տեղի ունեցած Թեհրանի խորհրդաժողովը։ Սեւունց կը դիմակազերծէ կայսերապաշտական պետութիւններու քաղաքական սադրանքները եւ երկիրը կառավարողներուն դաւաճանական քաղաքականու- թիւնը, ցոյց կու տայ Իրանի աշխատաւորութեան աղքատութիւնը, յետամնա- ցութիւնը57։ Ընդհանուր առումով, յետպատերազմեան շրջանի գրականութիւնը ուշա- գրաւ է ընդգրկած նիւթերու բազմազանութեամբ եւ բարձր արուեստով` որ վկայութիւնն է սոցիալիստական իրապաշտ գրականութեան նոր վերելքին։ Յետպատերազմեան շրջանի սովետահայ գրականութեան մէջ նոր փուլ մը կը սկսի 1953 թուականէն, երբ կը ցրուի ստալինեան դաժան մռայլը, կը տապալի այն ահեղ գերմարդը` որ այնքան մեծ աւերածութիւններ ըրած էր ժողովուրդի կեանքին բոլոր բնագաւառներուն մէջ, ինչպէս նաեւ գրականութեան եւ արուես- տի մարզերուն մէջ58։ Ատիկա եղաւ մեծ խիզախում մը, փրկարար միջոցառում մը, որ գրականութիւնը փրկեց կաշկանդումներէ, գրողները` մտավախութիւն- ներէ։ Անհատի պաշտամունքին ժամանակ եղած փականքները բացուեցան, պահուած խոհերը սկսան ազատօրէն պոռթկալ, վերջապէս մարդիկ սկսան ըսել իրենց սիրտի ձայնը, խորհիլ սեփական խելքով եւ կեանքի երեւոյթներու մասին կազմել սեփական կարծիք։ Ատիկա մեծ ազդակ մըն էր գրականութեան յետագայ զարգացումին եւ վերելքին համար59։ 1954 թ. Յուլիսի 21-27 տեղի կ’ունենայ Հայաստանի սովետական գրողներու երրորդ համագումարը, որ կ’ամփոփէ անցնող ութ տարիներու գրականութեան զարգացումի արդիւնքները60։ Այն հեղինակները` որոնք տարիներ շարունակ կ’աշխատին մեր իրականու- թիւնը արտացոլելու ուղղութեամբ, լուրջ երկեր ստեղծելով, միաժամանակ զուգահեռաբար կը գրեն հիանալի երկեր` պատմական թեմայով, – կը գրէ սովետահայ գրականագէտ-քննադատ մը։ Այդ ուղղութեամբ առաջին օրինակը տուած է Պարոյր Սեւակը. Անլռելի զանգակատուն պոէմին բովանդակութիւնը նոր է, հայ ժողովուրդին պատմական ճակատագիրը` 1915 թ., ոչ մէկ երկի մէջ չէ արտացոլած այդ ծաւալով եւ այդ խորութեամբ։ Տաղանդաւոր բանաստեղծը` յեղափոխութեան ոյժով փրկուած հայրենի երկրին ու ժողովուրդին հայեցակէտէն նայած է անցեալին, ցոյց տալով փոքրաթիւ ժողովուրդի մը ողբերգութիւնը` կայսերապաշտական տէրութիւններու խարդաւանքի ու բարբարոս բռնակալու- թեան կրունկին տակ, ատով ալ իր երկին տուած է սոցիալական մեծ բովանդա- կութիւն61։ Ինքնատիպ բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանի Թոնդրակեցիներ պոէմը 212
բերած է այլ նորութիւն մը. նիւթը` միջնադարի աղանդաւորական շարժումն է, աշխատաւորութեան սոցիալական պայքարի ողբերգական շրջանը, երբ ժողո- վուրդը ոտքի ելած էր արդար պահանջներով ու մեծ երազանքներով, բայց ժամանակը հնարաւորութիւն չէր տար ատոնց իրականացումին համար62։ Պատմական թեմատիկան արգասաւոր եղած է նաեւ գեղարուեստական արձակին մէջ։ Զարզանդ Դարեան` Սայաթ-Նովա պատմական վէպին մէջ հրա- շալի պատկերած է հին Թիֆլիսը, ժողովուրդներուն համատեղ կեանքը եւ ճշմա- րիտ եղբայրութիւնը63։ Լայն տարածում գտած եւ ձեռքէ ձեռք անցնող «ուղենշային երկ» է Սերոյ Խանզադեանի Մխիթար սպարապետ վէպը64։ Վիգէն Խեչումեանի արձակին առանձնայատկութիւնները բնորոշելով, Պա- րոյր Սեւակ կը գրէ` թէ արձակագրին չի հետաքրքրեր պատմական որեւէ հաւաստի դէմք կամ դէպք։ Ան որեւէ պատմական նիւթ գեղարուեստական մշակումի չ’ենթարկեր. ան կը ստեղծէ այդ նիւթը` մնալով պատմական հողի վրայ եւ պատմութեան շրջանակին մէջ։ Այդ իմաստով` ան կը ջանայ լեցնել այն բացերը, որոնք ձգած են մեր պատմիչները եւ մեր քննական պատմագիրներուն դժգոհութիւն յարուցած։ Մեր դասական վիպագիրները պատմութեան մոխիրին վերադարձուցած են անոր բոցը` ամէն մէկը իրովի, բայց բոլորն ալ մէկ սկզբուն- քով` մշակելիք նիւթին տալով շունչ ու հոգի, պարգեւելով օդ ու լոյս։ Վիգէն Խեչումեան բոլորովին այլ միջոցով կը հասնի այդ արդիւնքին. ան պատմութենէն չ’առներ նոյնիսկ անոր պատրաստի մոխիրը. ինք կը պատրաստէ փոքրիկ խարոյկ մը` այնպիսի վառելանիւթէ մը, որ մինչեւ Խեչումեան ոեւէ մէկէն չէ նկատուած65։ *** Երկու տասնամեակ առաջ, բանաստեղծ Գէորգ Էմին ակնարկի մը մէջ կը գրէր` թէ հինէն ի վեր Հայաստան եղած է գիւղատնտեսական երկիր, կալի, կամի, մաճկալի ու հորովելի երկիր։ Հայ գիւղացին եղած է մեր բազմաթիւ գիրքերուն հերոսը, ընթերցողը, յաճախ նաեւ հեղինակը, մեր գրականութեան վրայ դնելով թէ իր ճաշակը եւ թէ իր կնիքը։ Արդիւնաբերութիւնը` որ շատոնց կայ Հայաստանի մէջ, դեռ միս ու մարմին չէ դարձած, չէ մտած գրականութեան մէջ, աւանդութիւն չունի, եւ տակաւին այսօր ալ, աւելի դիւրին է ծերունի հայ հովիւին մասին երգել, քան քիմիական կոմբինատի երիտասարդ հայ բանուորին մասին։ Այսօրուան Հայաստանի մէջ ամէն տեղ գործարաններ կան` բացի սովետահայ գրողներու գիրքերէն։ Մեր գրողներէն ոմանք նոյնիսկ այսօր ալ կը շարունակեն կարծել` թէ հովիւը հայ գրականութեան թեմա է, իսկ ելեքտրոնային հաշուիչ մեքենայ ստեղծող հայ գիտնականը` պրոզայիկ եւ գրականութեան ոչ արժանի66։ 213
Քսանական-երեսնական թուականներու շատ հովուերգուներ կը խրտչէին նոյնիսկ... գործարաններու տեսքէն։ Անոնց կը թուէր` թէ գործարանները «չեն սազիր» մեր երկրին, թէ ան եղած է եւ պիտի մնայ հորովելի եւ բարդիներու երկիր67։ Բայց թող չվշտանան այդ ծոյլ հովուերգուները` որոնցմէ շատերը գիւղա- տնտեսութիւն եւ անասնապահութիւն ըսելով, ամէնէն առաջ կը հասկնան իրենց հովուերգութիւններուն պատուովճարով ճաշակած խորովածը, – կ’եզրակացնէ սրամիտ գրողը68։ *** Սովետահայ գրականութիւնը շատոնց դուրս եկած է մեր հանրապետութեան սահմաններէն, ստացած է համամիութենական հնչեղութիւն. ասոր մէջ մեծ դեր կը կատարէ ռուսերէն լեզուն` որուն միջոցով հայ գրողներուն երկերը կը դառ- նան բազմազգ ընթերցողներուն սեփականութիւնը։ Չկայ ոեւէ հայ արձակագիր կամ բանաստեղծ, որուն գործերը թարգմանուած չըլլան թէ ռուսերէնի եւ թէ եղբայրական ժողովուրդներու լեզուներուն։ «Այդ բոլորը ցոյց կու տան` թէ ժամանակակից հայ գրականութիւնը կղզիացած չէ, կ’ապրի լայն կապերով, կերտելով մնայուն արժէքներ, հարստացնելով ազգային գրական մշակոյթը` ատով իսկ կը հարստացնէ սովետական ընդհանուր գրական մշակոյթը»69։ Մենք փոքր ենք, Սակայն համեմունք ենք մենք։ Աղն այն մի պտղունց, Որ համ է տալիս մի ամբողջ ճաշի։ *** Գերաշնորհ Սրբազան Հայր, Հայրենակարօտ ներկաներ, Վստահաբար` այս պահուն բոլորիս ալ համոզումը նոյնն է, որ մեր «յամառ երկիրը» եւ հազարամեակներու ընթացքին իր պատմութիւնը կերտած` նոյնքան «յամառ» ժողովուրդը պիտի յարատեւէ, այնքան ատեն` որ մեզի կտակուած երեսունութ տառերը հեգեն...։ Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 2 Փետրուար 1981, 65-րդ տարի, թիւ 18.765 3 Փետրուար 1981, 65-րդ տարի, թիւ 18.766 4 Փետրուար 1981, 65-րդ տարի, թիւ 18.767 5 Փետրուար 1981, 65-րդ տարի, թիւ 18.768 6 Փետրուար 1981, 65-րդ տարի, թիւ 18.769 9 Փետրուար 1981, 65-րդ տարի, թիւ 18.771 10 Փետրուար 1981, 65-րդ տարի, թիւ 18.772 11 Փետրուար 1981, 65-րդ տարի, թիւ 18.773 214
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 1. Գէորգ Էմին, Հայկական սիմֆոնիա, Երեւան, 1969։ Եօթ երգ, Երեւան, 1962։ 2. Հայկ Գիւլի-Քեվխեան, Քննադատական յօդուածներ, Երեւան, 1955, էջ 356-357։ 3. Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, առաջին հատոր (1917-1945), Երեւան, 1961, էջ 97։ 4. Հր. Թամրազեան, Գրական ուղիներում, Երեւան, 1962, էջ 116։ 5. Արտաշէս Ոսկերչեան, Հայ մարքսիստական քննադատութեան հիմնադիրները, Երեւան, 1962, էջ 232։ 6. Վ. Մկրտչեան, «Պրոլետարական գրականութեան առաջացման պատմական ընթացքը», Գրական թերթ, 13 Հոկտեմբեր 1967։ 7. ՍՍՌՄ պատմութիւն, ակադեմիկոս Ա. Մ. Պանկրատովայի խմբագրութեամբ, Երեւան, 1960, էջ 55։ 8. Նշ. աշխ., էջ 56։ 9. Նշ. աշխ., էջ 133։ 10. Նշ. աշխ., էջ 134։ 11. Նշ. աշխ., էջ 135-136։ 12. Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, առաջին հատոր, էջ 37։ Յովհ. Ղազարեան, Հայ պոէզիան 1917-1920 թուականներին, Երեւան, 1958։ 13. Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, առաջին հատոր, էջ 87։ 14. Սեւակ Արզումանեան, Վահան Թոթովենց, Երեւան, 1961, էջ 24։ Ս. Մանուկեան, Վահան Թոթովենց, Երեւան, 1959, էջ 40։ 15. Եու. Փանեան, Հայկական Սովետական հանրագիտարան, հատոր 4, Երեւան, 1978, էջ 594։ 16. Սովետահայ գրականութեան տարեգրութիւն, Երեւան, 1957, էջ 59։ Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, առաջին հատոր, էջ 65-66։ Յովհ. Ղազարեան, Ազատ Վշտունի, Երեւան, 1959, էջ 47-49։ 17. Ս. Սողոմոնեան, Արդի պոէզիայի մի քանի հարցերը, Երեւան, 1960, էջ 185։ 18. Ռոբերտ Վարդազարեան, Գրականութեան մասին, Երեւան, 1959, էջ 84։ 19. Ս. Աղաբաբեան, Գուրգէն Մահարի, Երեւան, 1959, էջ 25-31։ 20. Հ. Մկրտչեան, Ակսել Բակունց, Երեւան, 1958։ Սուրէն Աղաբաբեան, Ակսել Բակունց, Երեւան, 1959, 1963։ 21. Հ. Մկրտչեան, Սովետահայ գրականութիւն, չորրորդ հրատարակութիւն, Երեւան, 1960, էջ 239։ Էդ. Մ. Ջրբաշեան, Գրականութեան տեսութիւն, երկրորդ հրատարակութիւն, Երեւան, 1962, էջ 319-322։ 22. Հ. Մկրտչեան, Սովետահայ գրականութիւն, էջ 242։ 23. Հր. Թամրազեան, նշ. աշխ., էջ 11։ 24. Ն. Մ. Ադալեան, «Առաջին համաշխարհային պատերազմի արտացոլումը սովե- տահայ պատմուածքում», ՀՍՍՌ ԳԱ Տեղեկագիր հասարակական գիտութիւնների, 1965, թիւ 8, էջ 53։ 25. Նշ. աշխ., էջ 54, 55։ 26. Նշ. աշխ., էջ 56։ 27. Նշ. աշխ., էջ 56-59։ 215
28. Նշ. աշխ., էջ 59։ 29. Աշոտ Հայրապետեան, Գրական եւ թատերական դէմքեր, Թբիլիսի, 1958, էջ 13-16։ 30. Ս. Աղաբաբեան, Գուրգէն Մահարի, Երեւան, 1959, էջ 90-129։ 31. Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, առաջին հատոր, էջ 786-792։ 32. 1936 թ. լոյս տեսած Չգրուած օրէնք վէպի 2-րդ վերամշակուած հրատարակութիւնն է. տե՛ս` Սովետահայ գեղարուեստական գրականութեան բիբլիոգրաֆիա, կազմեց Յովհ. Պետրոսեան, Երեւան, 1949, էջ 648։ Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, առաջին հատոր, էջ 596։ 33. Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, երկրորդ հատոր (1941-1964), Երեւան, 1965, էջ 187-197։ 34. Խաչիկ Պօղոսեան, Վէպեր եւ կերպարներ, Երեւան, 1961, էջ 15։ 35. Հայ ժողովրդի պատմութիւն, հատոր 7, Երեւան, 1967, էջ 489։ Սովետահայ գրականութեան տարեգրութիւն, Երեւան, 1957, էջ 243։ Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, առաջին հատոր, էջ 519-522։ 36. Հայ ժողովրդի պատմութիւն, հատոր 7, էջ 489։ Սովետահայ գրականութեան տարեգրութիւն, էջ 245-262։ Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, առաջին հատոր, էջ 523-528։ 37. Հայ ժողովրդի պատմութիւն, հատոր 7, էջ 490։ Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, առաջին հատոր, էջ 528-529։ 38. Սողոմոն Սողոմոնեան, Ժամանակակից հայ բանաստեղծներ, գիրք առաջին, Երեւան, 1965, էջ 9։ 39. Ա. Ինճիկեան, Աւետիք Իսահակեան, Երեւան, 1955, էջ 188-193։ 40. Հայկազ Մուրադեան, Յովհաննէս Շիրազ, Երեւան, 1975, էջ 15-16։ 41. Ս. Սողոմոնեան, Արդի պոէզիայի մի քանի հարցերը, էջ 3։ Սուրէն Աղաբաբեան, «Հայրենական Մեծ Պատերազմը եւ գրականութիւնը», Գրական թերթ, 11 Ապրիլ 1975։ 42. Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, երկրորդ հատոր, էջ 160-165։ 43. Մ. Մկրեան, Էջեր հայ վիպասանութեան պատմութիւնից, Երեւան, 1957, էջ 143- 152։ Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, առաջին հատոր, էջ 699-704։ 44. Սողոմոն Սողոմոնեան, Ժամանակակից հայ բանաստեղծներ, էջ 14։ 45. Խաչիկ Պօղոսեան, նշ. աշխ., էջ 27-53։ Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, երկրորդ հատոր, էջ 272-286։ 46. Հր. Թամրազեան, նշ. աշխ., էջ 57-59, 63-79։ Խաչիկ Պօղոսեան, նշ. աշխ., էջ 106- 111։ Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, երկրորդ հատոր, էջ 674-682։ 47. Վ. Մնացականեան, Գրական հարցեր, Երեւան, 1958, էջ 115-122։ 48. Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, երկրորդ հատոր, էջ 609-614։ Խաչիկ Պօղոսեան, նշ. աշխ., էջ 70-71։ 49. Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, երկրորդ հատոր, էջ 334-356։ Սովե- տահայ գրականութեան տարեգրութիւն, էջ 514-521։ 50. Սողոմոն Սողոմոնեան, Ժամանակակից հայ բանաստեղծներ, էջ 3։ Արդի պոէզիայի մի քանի հարցերը, էջ 4։ 51. Հ. Ֆելեքեան, «Մ. Վեսպերի ստեղծագործութիւնը», տե՛ս` Մ. Վեսպեր, Արձակ էջեր, Երեւան, 1963, էջ 7։ 216
52. Սողոմոն Սողոմոնեան, Ժամանակակից հայ բանաստեղծներ, էջ 7։ 53. Սողոմոն Սողոմոնեան, նշ. աշխ., էջ 25։ 54. Շ. Ռ. Յարութիւնեան, Սովետական Հայաստանը 40 տարում. տարեգրութիւն. համառօտ քաղուածքներով եւ բիբլիոգրաֆիական տուեալներով, Երեւան, 1960, էջ 299։ Հայ ժողովրդի պատմութիւն, հատոր 8, Երեւան, 1970, էջ 247-255։ Հայ ժողովրդի պատմու- թիւն, հնագոյն ժամանակներից մինչեւ մեր օրերը, խմբագրութեամբ Պրոֆ. Մ. Գ. Ներսիս- եանի, Երեւան, 1972, էջ 534-536։ 55. Ս. Մանուկեան, «Գրականութեան մի քանի աւանդների եւ խնդիրների մասին», տե՛ս` Ժամանակակից գրականութեան հարցեր, Երեւան, 1963, էջ 72։ 56. Աշոտ Հայրապետեան, նշ. աշխ., էջ 62-67։ 57. Խաչիկ Պօղոսեան, նշ. աշխ., էջ 54-56։ Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, երկրորդ հատոր, էջ 621-632։ 58. Richard Nixon, The Real War, New York: Warner Books, 1980, pp. 60-62. 59. Սողոմոն Սողոմոնեան, Ժամանակակից հայ բանաստեղծներ, էջ 45, 67։ Հր. Թամ- րազեան, նշ. աշխ., էջ 178-179։ Ս. Աղաբաբեան, «Գրականութիւնը եւ մեր ժամանակի հերոսները», տե՛ս` Ժամանակակից գրականութեան հարցեր, էջ 5-18։ Վ. Մնացականեան, «Սովետական հումանիզմի մասին», տե՛ս` Ժամանակակից գրականութեան հարցեր, էջ 16-45։ Ս. Մ. Սարեան, Սովետահայ արդի պատմուածքը, Երեւան, 1959։ 60. Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, երկրորդ հատոր, էջ 638-639։ Սովետահայ գրականութեան տարեգրութիւն, էջ 667-673։ 61. Հր. Թամրազեան, նշ. աշխ., էջ 259-260։ 62. Նոյն տեղը, էջ 260։ 63. Նոյն տեղը, էջ 261։ 64. Նոյն տեղը, էջ 261-277։ Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, երկրորդ հատոր, էջ 692-704։ 65. Պարոյր Սեւակ, Երկերի ժողովածու, հատոր 5, Գրականագիտութիւն-քննադա- տութիւն, Երեւան, 1974, էջ 47։ 66. Գէորգ Էմին, Եօթ երգ, Երեւան, 1962, էջ 61։ 67. Նոյն տեղը, էջ 61։ 68. Նոյն տեղը, էջ 66։ 69. Սողոմոն Սողոմոնեան, Ժամանակակից հայ բանաստեղծներ, էջ 23։ Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, երկրորդ հատոր, էջ 348։ Զ. Տ. Գրիգորեան, Հայ եւ ռուս ժողովուրդների դարաւոր բարեկամութիւնը, Երեւան, 1960, էջ 530։ 217
ՀԱՅ ՁԵՌԱԳԻՐ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆՆԵՐԸ Հայ մամուլի երախտաւոր Տոքթ. Նուպար Պէրպէրեանին Իր 40-ամեայ Յոբելեանին առիթով Հայ պարբերական մումուլի «անդաստանը հսկայածաւալ ու բարդ աշխարհ մըն է»։ Մամուլի պատմութիւնը շատ սերտ կերպով կապուած է հասարակական միտքի պատմութեան հետ, ահա թէ ինչու մամուլին պատմական «էվոլիուցիան ուսումնասիրող բանասէրին համար իսկական եւ հիմնական սկզբնաղբիւրները` առաջին հերթին այդ պարբերական օրկաններն են»1։ Մամուլի պատմութեան ակնարկագիրը հաստատած է, որ նոյնիսկ այսօր` միայն անորոշ տեղեկութիւններ ունինք վիմատիպ, խմորատիպ եւ դպրոցական- աշակերտական ձեռագիր ամսագրերու մասին2։ Այլապէս մօտենալով հարցին, մամուլի մատենագիտական ցուցակներու կազմութեամբ զբաղող բանասէր մը կը խորհի` թէ «Ճիշտ չէ ձեռագիր (չբազմացուած) թերթերը պարբերական մամու- լի օրկաններ համարելը»3։ Դպրոցական-աշակերտական ձեռագիր թերթերու պատմութիւնը ուրուա- գրելու մասնակի փորձերէն` մեզի ծանօթ են Լեւոն Քիրիշճեանի եւ Արշակ Ալպօ- յաճեանի անտիպ հաղորդումները4, եւ Աւ. Ջանջուղազեանի ուսումնասիրու- թիւնը, ինչպէս նաեւ բանասիրական փշրանքներ։ *** Հայ պարբերական մամուլի պատմութեան մէջ` ԺԹ. դարու 40-ական թուա- կանները կը յատկանշեն նոր շրջան մը, երբ մէկը միւսին ետեւէն բազմաթիւ պարբերականներ կը սկսին հրատարակուիլ հայկական գաղթավայրերուն մէջ5։ Արեւմտահայ գրականութեան առաջին պատմագիրը` ԺԹ. դարու Թուրքիոյ հայոց գրականութեան պատմութիւնը ուրուագրելով, կը գրէ. Երբ Պոլիս` այդ գաղթավայրը, պարագաներու անդիմադրելի բերմամբ Թուրքիոյ հայոց քաղաքական եւ տնտեսական կեանքին, ինչպէս եւ ազգային միութեան ալ կեդրոնը կը հանդիսանար, բնական էր որ մեր մտաւոր զարգացմանն ալ կեդրոնավայրը դառնար, ու հոն ծնէր մեր նոր գրականութիւնը։ Կ. Պոլսոյ գրականութեան յատկանիշը հրապարակագրու- թիւնը եղաւ, վասն զի պոլսեցիները կռուի կեանքով մը ապրեցան։ Մեր աւանդական 218
գաղափարները այդ ատենները սկսան իրենց դէմը նոր գաղափարներ գտնել։ Կռիւները վերջացան Սահմանադրութեան հաստատութեամբ։ Բայց ալ շարժումը սկսած էր. ընդհանրութիւնը հանրային կեանքի խնդիրներով կը զբաղէր շատ ընդարձակածաւալ սահմաններու մէջ։ Օրագրութիւնը հաստատապէս հիմնուած էր, ու հայ տաղանդները զանազան ձեւերու ներքեւ կը նուիրուէին հրապարակագրութեան։ Հրապարակագրութիւնը աւելի լայն առումով մը հասկնալու ենք։ Պարզ յօդուածին հետ թատրերգութիւնն ալ, ոտանաւորն ալ անմիջական նպատակի մը կը ծառայեն։ Տակաւին ոչ ոք մտքէն կ’անցընէ արուեստը արուեստին համար գրականութիւն մը։ Սահմանադրական ժամանակին հոգին հրապարակագրութիւնը եղաւ։ Գրողներուն թիւը անհուն է, բայց շատ քիչեր կը գտնուին, որոնք հրապարակագրութեան մէջ գրական տաղանդ կը փայլեցնեն։ Օրագրութիւնը իրեն քաշեց գրողներու խումբեր, վասն զի մաքառումի տարիներ էին։ Ու յետոյ, օրագրութիւնը մարզարան մըն է եւ նախադուռ մը գրականութեան6։ Ֆրանսացի հայերէնագէտ Էտուար Տիւլօրիէ` ԺԹ. դարու հայ հասարա- կական կեանքին նուիրուած ուսումնասիրութեան մէջ, հետեւեալ անդրադար- ձութիւնները ըրած է ընդհանուր հայ լրագրութեան մասին. Բաւական թուով հայազգի բնակիչ ունեցող քաղաք մը չկայ` որ գէթ փորձ մը փորձած չըլլայ` լրագիր կամ ուսումնական հանդէս հրատարակելու։ Այս նկատմամբ արեւելեան ուրիշ ամէն ազգերէն աւելի յառաջադէմ են, եւ իրենք եղան առաջին` քաղաքական եւ բանասիրական օրագրաց գաղափարը տարածող եւ ծաւալող յարեւելս7։ Հարեւանցի ակնարկով մըն ալ կարելի է հաստատել` որ նոյնիսկ ձեռագիր թերթերը եղած են հայկական գաղթօճախներու կազմակերպուած կեանքին բաղկացուցիչ մասը, ցոլացնելով հասարակական կեանքը` երբեմն ալ դառնալով անոր պայքարի հատու զէնքերէն մէկը։ Ուշագրաւ է` – կը գրէ ձեռագիր քանի մը թերթեր խմբագրած բանասէր մը, – որ հայաբնակ շատ մը քաղաքներու մէջ, տպարաններու հաստատութենէն առաջ հրատա- րակուած են ձեռագիր կամ խմորատիպ թերթեր, որոնք սահմանափակ շրջանակի մէջ գործօն դեր կատարած են8։ 1840-1850 թուականը նշանաւոր ժամանակամիջոց մը եղած է թրքահայոց համար կրթական-ուսումնական շարժման տեսակէտով։ Այդ թուականներուն Կ. Պոլսոյ թաղային վարժարաններու օժանդակ ընկերութիւններ կազմուած են։ Այս շարժումը իր արձագանգը գտած է Իզմիրի, Նիկոմիդիոյ, Պրուսայի եւ այլ վիճակներու մէջ ալ9։ Բանասիրական տուեալներու համաձայն, ձեռագիր թերթերու ամենահին շրջանը ԺԹ. դարու առաջին կիսուն վերջին տարիներն են. 219
1840-ական թուականներուն Նիկոմիդիոյ եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ ձեռագիր մէկէ աւելի թերթեր խմբագրուած են եռանդուն երիտասարդներու ձեռքով10։ Այլուր` հեղինակը գտած է Նիկոմիդիոյ այդ թերթին անունը եւ կու տայ յարա- կից մանրամասնութիւններ. Կ. Պոլսոյ օրինակին վրայ, առաջին հայ լրագիրին հոն հրատարակութենէն հազիւ եօթը- ութ տարիներ յետոյ, Նիկոմիդիոյ եւ Պարտիզակի մէջ լրագիր հրատարակելու փորձեր կ’ըլլան` եթէ ոչ տպագիր, գէթ ձեռագիր։ Վիքթոր Լանկլուա կը վկայէ` թէ Կ. Պոլսեցի Համբարձում Քերովբեան անուն երիտասարդ մը, որ Տատեաններու կողմէ Նիկոմիդիոյ ասուեղինաց գործարանին մէջ պաշտօն ունէր եւ Մուրատ վարժապետի Ընդհանուր Տնօրէ- նութեան ատեն Նիկոմիդիոյ վարժարաններուն հոգաբարձու էր, կը հրատարակէր Սուրհան- դակ անուն զաւեշտաթերթ մը, որ կ’ընդօրինակէին աշակերտները։ Քերովբեան զայն կը ղրկէր Կ. Պոլիս` ամիրաներուն, որպէսզի զուարճանան։ Այս թերթը այն ատեն մեծ համբաւ ունէր եւ ձեռքէ ձեռք կը խլուէր11։ «Պարտիզակ` որ ոչ մէկ բանի մէջ ետ կը մնար գաւառի կեդրոնէն, 1848 թ. ունէր իր ձեռագիր հանդէսը` Բանբեր Պարտիզական, որուն խմբագիրն էր Յով- հաննէս Մկրեան, գիւղին ամէնէն ազդեցիկ աղային` Կարապետ Մկրեանի զաւակը», որ յետագային Բերայի ծանօթ աւագերէցը եղաւ12։ Ֆրանսացի նոյն հայագէտին ծանօթ եղած է նաեւ 1848 թ. Տրապիզոնի մէջ հրատարակուած Հայաստան ձեռագիր թերթը13։ Յաջորդ տասնամեակին վերջերը, Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցի աշակերտ- ներէն «Գրիգոր Ադիբեգեանցը եւ ընկերները միտք են յղանում հիմնելու աշակեր- տական պարբերաթերթ, որ խմբագրում է Միհրդատ Ամիրբեկեանցը։ Այդ ձեռագիր փոքրիկ թերթի էջերում փայլատակում է Մշակ լրագրի տաղանդաւոր աշխատակից Ամիրբեկեանցի գրական շնորհքը։ Նա գրում է բազմաթիւ սրամիտ ֆելիետոններ Չաքուճ կեղծանունով»14։ Մի անգամ, 1895 թ. աշնանը Ստեփանը ինձ մօտ եկաւ, երբ ես հայրիկիս արշիւն էի նայում։ Ես նրան ցոյց տուեցի 1850-ական թուականներից պահպանուած «Սիրագումար ժողով» երիտասարդական խմբակի արձանագրութիւնները։ Այն հիմնադրուել էր հօրս սովորելու տարիներին։ Պահպանուել էին ձեռագիր ժուռնալներ, որոնց մէջ զետեղուած էին խմբակի անդամների յօդուածներն ու բանաստեղծութիւնները15։ Ձեռագիր թերթերու հրատարակութեան պարագաները ուսումնասիրողին հաստատ համոզումով` Ամենամեծ հաւանականութեամբ նոյնը պատահած է նաեւ ուրիշ գաւառներու մէջ, ուր 220
փորձեր եղած են այս տեսակ ձեռագիր թերթերու հրատարակութեան, որոնք տպագիր հրատարակութեանց առաջապահները ըլլալու կոչուած էին։ Սակայն այդ բարեշրջումը առանց ողջունելու հասած են Համիտեան ռէժիմի հալածանքները եւ խստութիւնները եւ կասեցուցած այդ շարժումը որուն գլխաւոր օրօրանը դպրոցն էր եւ մշակողները` դպրոցա- կան պատանիներ, որոնք Կ. Պոլսոյ երիտասարդ-ուսումնականներու ընդօրինակիչները կը հանդիսանային իրենց սահմանափակ միջոցներովը մամուլի ասպարէզ նետուելով։ Արդարեւ գաւառներու մէջ այս տեսակ հանդէսներ – մեծ մասամբ տղայական – խիստ շատ եղած են։ Կեսարիոյ մէջ ալ ապահովաբար անոնցմէ որոշ թուով պէտք է խմբագրուած ըլլայ, սակայն ինչպէս բոլոր միւս քաղաքներու նոյնպէս Կեսարիոյ մէջ անոնց գոյութիւնը մոռցուած է։ Բիւզանդ Քէչեան` ապագայ մեծ հրապարակագիրը, իր յիշատակներուն մէջ կ’ըսէ թէ տակաւին մանուկ, Կեսարիոյ վարժարանին մէջ այսպիսի ձեռագիր լրագիր մը հրատարա- կելու նախափորձը ըրած է։ Անշուշտ իրմէ առաջ եւ իրմէ յետոյ ուրիշներ նմանօրինակ փորձեր ըրած են16։ Վիեննայի Մխիթարեան Մատենադարանի լրագիրներու լիակատար ցուցակին մէջ յիշուած է 1860-1863 թթ. Իզմիր հրատարակուած Աստղ ամսա- տետրը17։ Փրոֆ. Աբրահամ Տէր Յակոբեան մատաղ հասակին (1870-ական թթ.) «խմբա- գիրը կ’ըլլայ Սոխակ ձեռագիր թերթի մը, այն ատենի հայ լրագիրներէն համա- կրանօք ողջունուած»18։ Կիլիկիոյ Գիշերօթիկ վարժարանի կրտսեր դասարանէն` Ներսէսեան Նազա- րէթ, Մինասեան Ռաֆայէլ եւ Քիւրքճեան Մովսէս 1874-ին «գաղափարը կ’ունե- նան ընկերակցութիւն մը հիմնելու Եդեմեան անունով, նպատակադրելով տպարան մը հաստատել Այնթապ եւ ազգը փրկել. Եդեմ անունով ձեռագիր թերթ մըն ալ կը հրատարակեն, անկախ Գիշերօթիկին Բիւրակնէն` որ տասնեակ մը օրինակներով կը ձեռագրուէր»19։ Երուանդ Օտեանի գրական-հրապարակախօսական ձիրքերը երեւան կու գան 1880 թ., Ռումանիոյ Ճուրճեւոյ քաղաքին մէջ. Հազիւ թէ բաւական գրել-կարդալ սորվեցայ, – կը գրէ ան «գրական յիշատակներ»- ուն մէջ, – առաջին գործս եղաւ տան մէջ ձեռագիր թերթ մը հրատարակել, որուն մէջ համառօտ կերպով կ’արձանագրէի խոհարարին եւ սպասուհիին միջեւ տեղի ունեցած կռիւները, օրուան ճաշացուցակը, այցելութիւնները, պտոյտները եւ այլն։ Թերթը երեք ընթերցող ունէր միայն, հայրս, մայրս եւ հօքրիկս, այսուհանդերձ հրատարակութեան ծախքը այնքա՜ն աննշան էր որ կրցայ ուզածիս չափ շարունակել։ Այս առաջին գրական փորձիս գլխաւոր յատկանիշն էր տառասխալներու անսովոր առատութիւնը20։ [1880 թ. հիմնուած Վանի որբանոցին] անդրանիկ սաներէն` Մարտիրոս Նալ- պանտեան եւ Մամբրէ Մկրեան, դեռ ուսանող, 1881-1883 թուականներուն կը խմբագրէին 221
տասնհինգօրեայ ձեռագիր գրական պարբերական մը` զոր յետոյ խմորատիպի վերածեցին ռուսաց փոխ-հիւպատոս Կամսարականի նուիրած փոլիկրաֆ գործիքով (նորութիւն մը այն ատենուան Վանի համար), մինչեւ հարիւր օրինակ կը հանէին եւ ունեցած թղթակիցներով21։ Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցի չորրորդ դասարանի աշակերտները` 1881 թ. կը խմբագրեն Աշակերտական թերթը. Հայ գրականութեան ուսուցիչ Պալեանի եւ դպրոցի տեսուչ Արշակ Նահապետեանի հաւանութեամբ լոյս տեսնող երկշաբաթաթերթն իր առջեւ նպատակ է դնում բարձրացնել աշակերտների առաջադիմութիւնը մայրենի լեզուի մէջ, վարժեցնել աշխարհաբարին իրենց գրաւոր աշխատասիրութիւններով` բարոյական, բանասիրական եւ ստեղծագործական բնոյթի ինքնուրոյն եւ թարգմանական գործերով22։ Կ. Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանին մէջ` 1882 թ., Երուանդ Օտեան կը շարունակէ իր հրապարակախօսական գործունէութիւնը` հրատարակելով Վառարան ձեռագիր թերթը, որուն մէջ ընդհանրապէս կը յարձակէի մենէ բարձր կարգերու աշակերտներուն վրայ, – կը պատմէ ան «գրական յիշատակներ»-ուն մէջ։ – Այս յարձակումները այնքան գրգռեցին կրտսեր կարգի աշակերտները որ ինծի դէմ պայքար մղելու համար սկսան իրենք ալ թերթ մը հրատարակել Պօղոս Քօլօլեանի խմբագրապետութեամբ։ Վառարան իր քննադատութիւններու շրջանակը հետզհետէ ընդարձակեց եւ սկսաւ կծու ակնարկութիւններ ընել վարժարանի կերակուրներու մասին, այն աստիճան որ օր մը, տնօրէնը Ռ. Յ. Պէրպէրեան դասարան գալով, պաշտօնապէս յայտարարեց թէ Վառարանի հրատարակութիւնը արգիլուած է։ Յաջորդ շաբթուն. – Թերթս շաբաթը մէկ անգամ լոյս տեսնէր։ – Անհաշտ անունով նոր թերթ մը հրապարակ հանեցի։ Պէրպէրեան իսկոյն լուր ղրկեց եւ զիս իր քովը հրաւիրեց. - Պարոն, ըսաւ խստօրէն, ես քեզի չարգիլեցի՞ թերթ հրատարակելը։ - Այո էֆէնտի, պատասխանեցի, Վառարանի հրատարակութիւնը արգիլեցիք, բայց ասիկա տարբեր թերթ է...։ - Ասոր արտօնութիւնը ուրկէ՞ առիր հարցուց։ Այս հարցումը զիս շփոթեցուց եւ չկրցայ պատասխանել23։ Գնալը կղզիի «Հայկական կրթարան»-ի հիմնադիր Գրիգոր Ոսկեան` 1883- 1884 թթ. կը հրատարակէ Լոյս անունով ձեռագիր ընտանեկան թերթը24։ Գաղա- փար մը տալու համար այդ ամսօրեայ թերթին բովանդակութեան վրայ` «յիշենք քանի մը նիւթերու խորագիրներ. Ընտանիք, Պատանեակ եւ վարդ, Առ սիրեցեալ մայրն իմ, Եղբայր եւ քոյր, Ի յիշատակ սգալի մահուան հօր մերոյ, Ի ծնունդ Յիսուսի, Նոր տարի 1884, Փունջն իմ, Ձայն խղճի, Բարեգործութիւն»25։ 1885 թ. սկիզբը` Գրիգոր Ոսկեան «պետական պաշտօնի կոչուելով կը 222
ստիպուի ցորեկները բացակայիլ ընտանիքէն։ Այդ միջոցին եղբայրները կը շարունակեն իր սկսած գործը։ Յարութիւն, Կարապետ եւ Յովհաննէս կը սկսին հրատարակել ձեռագիր հանդէս մը` Ծաղիկ, որուն Գրիգոր ալ կ’աշխատակցի»26։ Այնթապի Վարդանեան Կրթարանի Մենտոր (1886 Յունուար-Դեկտեմբեր) հայատառ թրքերէն կիսամսեայ հանդէսէն զատ, «մենք` դասարանի ընկերներով, ետքը առանձին պարբերական հրատարակութիւն մը ունեցանք բազմագրու- թեամբ, մեր Յոյսն էր այդ պարբերականը, իսկ ես առանձինն Վարժարան մը ունէի ինծի համար, մեր տան մէջ հրապարակագրական վարժութեան ձեռնարկ մը», կը գրէ Բաբգէն Ծ. Վ. Կիւլէսէրեան27։ Սամաթիացի մեծ լեզուաբանը յուշերուն մէջ կը պատմէ. Ամէն սկսնակ պատանու նման ես էլ սկսեցի «հրատարակել» մի պարբերական հանդէս Ասպարէզ անունով, ուր գրում էի ոտանաւորներ եւ ստուգաբանական յօդուածներ. օրինակ` թէ աղ եւ հող նոյնարմատ են, ինչպէս ֆրանսերէն ՍԷԼ եւ ՍՕԼ կամ պարսկերէն նեմէք եւ սեմէք։ Յիշելու արժանի է նաեւ կապիկներու աստուածաշունչը եւ նման երախայական բաներ։ Առիթով մը, այդ ամսագրին երկու-երեք համարները` Աճառեան ցոյց տուած է Գաբրիէլ Էֆէնտի Նորատունկեանին28։ Պոլսահայ անուանի հրատարակիչ-գրավաճառ Վահան Զարդարեան «յաճա- խած է Մայր-Վարժարան` ուր քանի մը տարի հրատարակած է Իրաւունք ուսա- նողական ձեռագիր թերթը29։ 1889-1890 թթ., Նոր Նախիջեւանի մէջ` Ռուբէն Բերբերեանի խմբագրութեամբ կը հրատարակուի Տարերք ձեռագիր շաբաթաթերթը, երկու համար30։ 1890 թ. Կ. Պոլսոյ ձեռագիր թերթերէն եղած է Բոյրը31։ 1890-էն առաջ` Երբ Հաճնոյ մէջ տպարան գոյութիւն չունէր եւ խմորատիպի դրութիւնն ալ անծանօթ էր, Մարտիրոս Սէքսէնեան Ծաղիկ անունով գրական, գիտական եւ առողջապահական խնդիրներու յատկացուած ձեռագիր շաբաթաթերթ մը սկսաւ հրատարակել, եւ անոր մէկ մասն ալ ժողովուրդին հասկնալի ընելու համար կը հրատարակէր հայատառ թուրքերէնով։ Դժբախտաբար այս թերթը հազիւ թէ ինը-տասը ամսուան կեանք ունեցաւ32։ Ձեռագիր թերթերու խմբագրութեան գործօն մասնակից եւ ժամանակի գրեթէ բոլոր անցքերուն իրազեկ բանասէրը կը գրէ. Համիտեան խստութիւնները ջնջեցին ինչ որ դպրոցէն դուրս ալ կը վերընձիւղէր եւ ծիլեր կ’արձակէր։ Սակայն դպրոցական պատանիներ – երազող հոգիներ – առանց նկատի առնելու ժամանակը եւ կացութիւնը, շարունակեցին ինչ որ արդէն իրենց նախորդները ըրած էին, միայն այս անգամ դպրոցին չորս պատերուն մէջ սահմանափակուած մնալու պայմանով։ 223
Դպրոցական պատանիներու խմբագրութեամբ լոյս տեսած հանդէսները` կոչուած էին դպրոցէն դուրս ալ դեր մը կատարելու եթէ Համիտեան ռէժիմը իր ճիրանները ցոյց չի տար գաւառներու մէջ կրթական լուրջ շարժում մը սկսելէն անմիջապէս յետոյ33։ Իրազեկ բանասէրը կ’եզրակացնէ` որ Ամերիկեան Գոլէճներու հիմնադրութենէն եւ Միացեալ Ընկերութեան ոգեւորեալ գործու- նէութեան արգասիքները տեսնուելէն յետոյ էր որ կարելի պիտի ըլլար գաւառներէն սպասել լուրջ շարժում մը, որ սակայն չկրցաւ մարմին առնել, վասնզի ճիշդ այդ պահուն կառավա- րութեան խստութիւնները արգելք ըլլալ սկսան ոեւէ մտաւորական-գրական գործունէու- թեան։ Այսպէս, հազիւ թէ գաւառներու մէջ կրթական շարժումը սկսած եւ անոր արդիւնքները զգալի ըլլալու օրերը եկած էին երբ հարուածը հասաւ եւ սպաննեց ամէն շարժում։ Միայն օտար դրօշի տակ ապաստանած մի քանի կրթական հաստատութիւններու մէջ, մասնաւորապէս Ամերիկեան Գոլէճներու մէջ, հայ ուսանողներ իրենց բացառիկ դիրքին առաւելութենէն օգտուելով, կրցած են յանդգնիլ շարունակել ձեռագիր կամ խմորատիպ պարբերականներու խմբագրութիւնը34։ Անտիպ ուսումնասիրութենէ մը կատարուած ընդարձակ քաղուածքները կը հաստատեն վերոյիշեալ կարծիքը։ Կ. Պոլսոյ համբաւաւոր Ռոպըրթ Գոլէճի աշա- կերտական հայերէն թերթերուն պատմութիւնը գրի առնողը կը խոստովանի, թէ Գրական թաքուն սքանչելիքներ կամ բանաստեղծական հրաշակերտներ երեւան հանե- լու դիտումով չէ անշուշտ` որ ձեռնարկած եմ մեր Գոլէճին հայ լրագրութեան պատմութիւնը գրելու։ Ինչ որ զիս մղած է աւելի այս գործին, հետաքրքրութիւնն է այն` տեղեկանալու մեր նախորդներուն նկարագրին, գործունէութեան, զարգացման աստիճանին եւ գրական ճաշա- կին35։ Գոլէճիս հայ լրագրութիւնը երկար տարիներէ ի վեր հազիւ արտադրած է իրապէս գրական մէկ-երկու կտոր, համեղ ու (սանկ ըսենք) մամուլի յանձնուելու արժանի։ Անշուշտ այդ մասին պահանջ մը ընելը անտեղի պիտի ըլլար, քանի որ մեծ մասամբ սկսնակներու գրչի զբօսանքները եղած է եւ է անոր բովանդակութիւնը36։ Ուրիշ վարժարաններ` իմ տեսածներուս եւ լսածներուս մէջ, արդարեւ կը հրատա- րակուէին թերթեր. օրինակի համար` Միրիճանեանի մէջ հանդէս մը, Պէրպէրեանի մէջ` Գարուն, Զեփիւռ, եւ այլն, Կեդրոնականի մէջ` Հայ, Ծիծաղ, եւ այլն. բայց չեմ գիտեր դպրոց մը` ուր աշակերտներու կողմէ խմբագրուած թերթերը ըլլան անչափ ընդհանրական եւ պաշտօնապէս թոյլատրուած, որչափ են Ռոպըրթ Գոլէճին մէջ։ Այս առանձնաշնորհումը` կրնանք առանց վարանումի վերագրել մեր հովանիին, որ օտար կ’անուանուի, ու կը պարտինք զայն մեր պատուարժան ուսուցչապետին37։ Գոլէճը ունի Հայ Սանուց Գրական Միութիւնը որ հիմնուած է 1871 Հոկտ. 20-ին։ Այդ Միութիւնը թէպէտ չի բովանդակեր Գոլէճին ամբողջ հայութիւնը, սակայն արդար պատիւ ըրած պիտի ըլլանք իրեն, եթէ յիշենք` թէ Յ. Մոստիչեանի, Մ. Ծալեանի, ողբացեալ Մ. 224
Շահնազարեանի, Ս. Քարբութլըեանի, Յ. Չայեանի պէս անդամներ ունեցած է։ Ինչպէս սովորութիւն է` որ գրական որեւէ ակումբ իր օրկանը կ’ունենայ, Հայ Ուսանողաց Ընկերու- թիւնն ալ տասնեօթը տարիներ առանց թերթի մնալէ ետք, վերջապէս 1888 թ. կը սկսի ունենալ սեպհական թերթ մը` Միութիւն անունով, որ պիտի յարատեւէ այնքան ատեն` որ Ընկերութիւնը ապրի38։ Սանուցի որոշումով` 1888 Նոյ. 15-ին, Ընկերութեան դիւանը կը հրատարակէ դպրոցական նոր շաբաթաթերթին առաջին համարը, Վ. Թօփհանէլեանի խմբա- գրութեամբ։ Յաջորդաբար` ամէն Հինգշարթի լոյս կը տեսնեն վեց թիւեր։ Այս առաջին շրջանի Միութիւնները` որոնք անկողք են եւ չորս էջերով, բաւական խնամուած գիր մը կը ներկայացնեն, յօդուածները` բացի մէկ փոքր մասէն, շահեկան են, գրութիւնները ընդհանրապէս անստորագիր, աստղանիշներ կը ցուցնեն միայն իրենց տակ39։ Դիւանի նոր ընտրութեամբ, վարիչ կը նշանակուի Վարդան Ճինիշեան` որուն օրով լոյս տեսած թիւերը աւելի անշահեկան են, լեզուն գրաբարախառն, գիրը անխնամ40։ Անցնելով Բ. տարիին` նոր բան մը չ’երեւիր դժբախտաբար. Բենիամին Վարժապետեանի վարչութեան տակ ունինք եօթը թիւեր, նոյն անճա- շակ ձեւով ու անխնամ գիրով41։ Յ. Յովակիմեան եւ Ապաճեան ալ կը հրատարա- կեն եօթը համար, որոնց ընդհանուրին մասին պատմագիրը կը գրէ. Եզրակացնենք` թէ իր առաջին երկու տարիներուն մէջ մեր դպրոցական շաբաթաթերթը չէ հասած փափաքելի վիճակի մը42։ Իսկ երրորդ տարեշրջանը բոլորուած է առանց թիւի մը հրատարակման։ Գ. տարուան վարիչը կ’ըլլայ Յովհաննէս Չայեան։ 1892-1893 տարեշրջանի սկիզբէն` ընդհանուր ժողովի որոշումով, շաբաթաթերթ Միու- թիւնը կիսամեայի եւ աւելի մեծ ծաւալի կը վերածուի43։ Անկախաբար Ընկերութեան անդամ- ներուն թերթը ըլլալուն, աժեմը չաժեմը անոր մէջ բան մը գրելու մարմաջը կ’ունենայ` այլաբանական, բանաստեղծական44։ Եգիպտահայ ազգային ղեկավար Ճանիկ Չագըրի մասին կը կարդանք. Ռոպըրթ Գոլէճի մէջ արդէն իր մէջ կ’երեւին ազգային զգացումներու արտայայտութիւնը. ինք Հայ Ուսանողական Միութեան մէջ գործօն դեր մը կ’ունենայ եւ երկար տարիներ կը վարէ ատենապետութիւնը, ինչպէս նաեւ խմբագրութիւնը Միութիւն եւ Քնար անուն ձեռագիր թերթերուն45։ Ռոպըրթ Գոլէճին մէջ նախապէս հրատարակուած են` Սէր եւ Յոյս անհատական թերթերը, իսկ Միութիւն թերթի ժամանակ լոյս տեսած է նաեւ Մանչ տարօրինակ անունով «բանաստեղծական, ազգային, գոլէճական, 225
տնկագործական, բժշկական եւ առեւտրական թերթը»46։ Կ. Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանի աշակերտական ձեռագիր թերթերուն մասին շահեկան մանրամասնութիւններ կը հաղորդէ Ա. Ալպօյաճեան` որուն անտիպ յուշերէն կը քաղենք հետեւեալը. 1889-ին կամ առ առաւելն 1890-ին` այսինքն ինը-տասը տարեկան եղած ատենս է, որ առաջին անգամ շարադրութենէ տարբեր բան մը գրեցի. եւ ի՞նչ կը կարծէք` որ գրած ըլլամ, 90 տոկոսով խմբագրական մը, Լուսին անունով թերթի մը` որուն խմբագրապետն էի։ Կը յիշեմ` թէ Պէրպէրեան վարժարանի մէջ այն ատեն կը հրատարակուէին զանազան ձեռագիր լրագիրներ եւ ամէն կարգ իր լրագիրը ունէր եւ կ’երեւի թէ մենք երախաներս այդ պատիւէն չզրկուելու համար ունեցանք մեր Լուսինը, որուն թիւերէն մէկ հատ չկրցայ գտնել գոհացում տալու համար անձիս հետաքրքրութեան, թէ այն ատենուան ոճին եւ թէ մտածելու եղանակին վրայ։ Սաչափը աղէկ կը յիշեմ` թէ Լուսին մինչեւ աւագ Զ. կամ բարձրագոյն կարգ կ’երթար եւ կը կարդացուէր. երիցագոյններէն Վահան Թէքէեան` ծանօթ գրող, իր յօդուած- ներով պատուած էր զմեզ։ Նոյնպէս կը յիշեմ, թէ ընկերս Հրանտ Էսաեան խիստ մաքուր եւ անգիծ թուղթի վրայ կը գրէր զայն, շատ անգամ ալ տպադիր։ Տարի մը շարունակեց ասիկա։ Երկրորդ տարին` կրտսերագոյն (Բ. կարգ), Էսաեան կը կրկնէր, ուստի Լուսին կը խաբանուի մինչեւ կրտսեր (Գ. կարգ), ուր ես կը կրկնէի եւ Էսաեան եկաւ հասնիլ ինծի. դարձեալ դասընկեր եղանք։ Հոս նոր գործունէութիւն մը կը սկսի. Զարդարեան Պիմէն կը հրատարակէ թերթ մը` Ընտանիքը, Մանաւազեան Զարեհ ուրիշ մը` Գարուն անունով, եւ Էսաեանի Լուսինը` որուն միայն աշխատակցեցայ, զի կարգս կրկնած ըլլալով չէի ուզեր ատոնցմով զբաղիլ։ Յաջորդ տարին Էսաեան դպրոցը կը փոխէր եւ ես Երէց կարգ կը փոխադրուէի։ Լուսին, որ կրտսեր կարգին մէջ արդէն խիստ անկանոն կ’երթար, Երէցին մէջ պիտի չկրնար շարունակուիլ, մինչ դեռ Մանաւազեան զօրաւոր խմբակի մը գլուխ անցած, օրէ օր իր թերթը առաջ կը տանէր եւ արդէն Կրտսերին մէջ խաւարեցուցած էր Զարդարեանի թերթը, որ իր տիրոջ դպրոցէն մեկնելով` ինքնին կը դադրէր, ասպարէզը թողլով Մանաւազեանի, որուն ուղղութեան հաւնողներէն չէի, բայց իմ խօսքս չէր անցներ։ Երէցի մէջ Մանաւազեան անմրցակից էր, եւ անոր անմրցակից մնալը չուզողներ կային, ուստի ինծի յորդորեցին թերթ մը հանել. որովհետեւ գիրս անխնամ էր` Սարգիս Պօհճալըեան ստանձնեց գրել, իսկ ես դարձեալ խմբագրապետ եղայ։ Թերթը մկրտեցինք Լուսին, եւ պատկառելի հնութիւն մը տալու համար ըսինք` Դ. տարի, թիւ 4։ Լուսին բաւական յաջող էր եւ կարող մրցակից հանդիսանալու Գարունին, որուն տէրը նոր ոյժ մը երեւան հանելու համար դարձեալ սկսաւ փոլիկրաֆիով բազմաթիւ օրինակներ հանել, որով Լուսին սկսաւ սայթաքիլ։ Վերջերը, անհամաձայնութեան մը հետեւանօք ես թողուցի Լուսինը որ արդէն դադրեցաւ ինքնին, նոյնիսկ Գարունին հետ, որուն տէրը դպրոցը թողուց47։ [Տիրան Չրաքեան] ի Պէրպէրեան, Կրտսեր կարգէն` հրատարակած է Սոխակ ձեռագիր պատկերազարդ շաբաթաթերթը։ Դարձեալ հոն, Թէոդիկէ քսան թիւ հրատարակուած Բոյր 226
հանդէսին գլխաւոր աշխատակիցն եղած է եւ բոլոր պատկերները գծողը։ Նոյնին գործակցութեամբ դպրոցէն դուրս ալ լոյս ընծայած Ժամը 12 պարբերականը` զոր վերի կարգի սաներ կ’ընթեռնուին48։ Վահան Թէքէեան կը յայտնէ, թէ Պէրպէրեանի մէջ հրատարակած եմ ձեռագիր թերթ մը` Սիւգը, որուն ո՜տայր ինձ հիմա թարմ շունչը եւ կորսուած ամբողջ թիւերը49։ Եդուարդ Գոլանճեան` Պէրպէրեան վարժարանին մէջ կազմած է Պսակ եւ Դերասան ձեռագիր հանդէսները, որոնցմէ «վերջինը լի պատմական թատրեր- գութիւններով, որոնք արձակուրդների ժամանակ նա ներկայացնում է իր դասըն- կերների հետ այդ նպատակով սարքուած մի թատերաբեմի վրայ»50։ Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցին մէջ` 1892-1894 թթ., Պալասանեանի օժանդա- կութեամբ կը հրատարակուի Աստղ պատկերազարդ թերթը51։ ՀՍՍՀ ժողովրդական արտիստ Վարդան Միրզոյեան` իր յուշերուն մէջ կը գրէ, թէ Ներսիսեան դպրոցին մէջ կը գործէր աշակերտական «անլեգալ» խմբակ մը` որ կը հրատարակէր Աստղ առաւօտու անունով շաբաթաթերթը, զոր կը նկարազարդէր ինքը` Վ. Միրզոյեանը։ Շաբաթաթերթին թ. 3 համարը, 1892 թ. կը նուիրուի նոր մահացած Գրիգոր Արծրունիի յիշատակին։ Աշակերտական այդ միութիւնը կը ղեկավարէին` Սերգոյ Խանոյեանը, Յակոբ Աղաբաբը, Գրիգոր Սարեանը, Արշակ Ղազարեանը եւ Ալեքսանդր Աղաբաբեանը52։ Դիտակ Բիւզանդեան կիսամսեայ հանդէսը մէկն է այն բազմաթիւ թերթերէն, որոնք հրատարակուած են ու կը հրատարակուին Ռոպըրթ Գոլէճի զանազան կարգերու կողմէ, մասնաւոր խնամքով մը։ Իր կեանքը մէկ տարի միայն տեւած է` սկսելով 1893 Նոյ. 15-էն եւ տեւելով մինչեւ 1894-ի Մայիսը, ընդամէնը ինը թիւ։ Թերթին խմբագիրը` ինչպէս կ’երեւի «Նամակ կամ որեւէ գրութիւն ուղղել»-էն, Յ. Կ. Թիրեաքեանն է, ծաւալը Միութիւնի չափ, իսկ գիրը բաւական խնամուած է։ Յօդուածները մեծ մասամբ ժամանակին կարող գրիչներէն արտագրուած են. կը յիշատակենք «Պուրակայ աղջիկը», որ Ս. Քարբութլըեանի բանաստեղ- ծական ոտանաւորներուն նախափորձերէն մէկն է, նաեւ Վահան Զարդարեանի «Անձնաս- պան»-ը, որուն մէջ հեղինակը զգայնիկ շեշտերով կը ներկայացնէ ամենատխուր պատկեր մը53։ Դիտակ Բիւզանդեանէ կը տեղեկանանք, թէ այդ ժամանակ ունեցած ենք երեք ուրիշ թերթեր ալ` Փարոս, Պաղպաղակ, որոնցմէ առաջինը կը հրատարակուէր ձեռամբ Շմաւոն- եանի, երկրորդը` Դիտակի նման Ֆրեշմէն կարգին կողմէ, իսկ երկրորդը` որ խիստ կարճ տեւողութիւն ունեցած է, ժամանակին սըպֆրեշմէն կարգը լոյս կ’ընծայէր իբր զաւեշտական թերթ։ Եւ սակայն, միանգամայն հինգ թերթերու գոյութիւնը երբեք առաջադիմութեան 227
նշան չենք ենթադրեր, ընդհակառակը, կ’եզրակացնէ պատմագիրը, որ «հինէն նորէն բոլոր թերթերուն ամենակարեւոր եւ յիշատակելի մանրամասնութեանց պատ- մութիւնը» գրի առնել յանձն առած է54։ Վահան Մալէզեան կը պատմէ. Կը յիշեմ քմծիծաղով որ (1897 թ.) Մերսինի բանտին մէջ Պետրոս Ուրֆալեանի հետ կը հրատարակէինք ձեռագիր Զնտանը, որ աւելի զաւեշտաթերթ մը մեր բանտի կեանքին շուրջ55։ 1898 թ. Թիֆլիսի մէջ բանուորներէ կը կազմուի առաջին մարքսիստական խմբակը` Ա. Կախոյեանի, Մ. Մելիքեանի, Հ. Փիլոսեանի եւ ուրիշներու մաս- նակցութեամբ, «որն իր ընդյատակեայ ձեռագիր Բանուոր թերթով եւ այլ ճանապարհներով մարքսիզմի տարածման գործում շօշափելի աշխատանք կա- տարեց»56։ [Պարտիզակի Բարձրագոյն Վարժարանը] վեց դասարան ունէր։ Առաջին երկուքը նախապատրաստական, իսկ վերջին չորսը` կանոնաւոր բարձր վարժարանի դասարաններ էին։ 1898-1899 շրջանին, երբ երիցագոյն` այսինքն աւարտական կարգին մէջ էի, Կրտսեր դասարաններու մէջ աչքի զարնող երեք ուսանողներ կային` Երուանդ Մեսիաեան, Վաղարշակ Քէօլէեան եւ Անդրանիկ Պետիկեան։ Այս երեքը` մանուկ հասակէն նկատելի յատկութիւններ ցոյց կու տային։ Անդրանիկ իր սրտի բարութեան եւ օրինակելի վարք ու բարքով, Երուանդ ու Վաղարշակ` իրենց գրական ու բանաստեղծական հակումներով, որոնց նախափորձերը կ’ընէին դպրոցին Կայծ ձեռագիր շաբաթաթերթին մէջ57։ [Կ. Պոլսոյ Կեդրոնական Վարժարանին մէջ,] 1989 Փետր. 16-ին կ’երեւի Հաւաքա- ծոյ անունով տետրակի մը առաջին թիւը, որուն գրելը յանձն առնողն էր Լէօն Կամացուկեան, իսկ պատասխանատուն` Բ. կարգը հաւաքաբար, որուն կողմէ քննիչ կարգուած էինք Յովսէփ Կիւմիւշեան եւ ես։ Այդ շրջանին խմբագրականներ գրելը ինծի վիճակեցաւ եւ որոնք գրեթէ կը կազմեն ամբողջութեամբ դպրոցական քրոնիկներու շարք մը։ Խմբագրի պաշտօնս թողուցի Սիմոն Կօշկարեանի, որմէ անցաւ Զարդարեանի։ 1898-1899 տարեշրջանին` Գ. կարգ կ’ըլլանք եւ Հաւաքածոյ հրատարակելու համար կարգադրութիւն մը կ’ըլլայ։ Ողբացեալ Վահան Զիրէքեան կը ստանձնէ գրելը, բայց մէկ թիւ հանելէ յետոյ կը հիւանդանայ ու կը մեռնի։ Այս շրջանին կը հրատարակուէր նաեւ յանուն Ա. կարգին, Արմենակ Խելատուփեանի խմբագրապետութեամբ Լուսատուն` որուն աշխատակցած եմ կեղծ անուններով։ Նոյն շրջանին վերջը` Ծիծաղ անունով ծաղրաթերթ մըն ալ երեւաց Սիմոն Կօշկարեանի խմբա- գրապետութեամբ, իսկ յաջորդ տարեշրջանին, Արմենակ Խելատուփեանի ջանադրութեամբ, Բ. կարգին մէջ կը հրատարակուի Վարժարանը` ուր կը գրեմ գրեթէ կանոնաւորապէս, շատ անգամ պատիւը վայելելով խմբագրական տեսնելու գրութիւններս։ Բայց ասով հանդերձ 228
կ’աշխատակցէի դպրոցէն դուրս ձեռնարկուած նմանօրինակ գործի մը, որուն ամէնէն շատ գրողներէն մէկը եղայ։ 1899-ին` դպրոցական տարեշրջանին վերջը, ամէն բան կը լմննար, դպրոցը կը ձգէինք, իսկ միւս կողմէ անկարելի կ’ըլլար դպրոցէն դուրս կազմուածը շարունակել։ Նոյեմբեր 1-ին, Յակոբ Տէր Յակոբեան կը ձեռնարկէ Արօրի հրատարակութեան, փափաք յայտնելով` որ ստանձնեմ խմբագրութիւնը։ Այլեւս բուն տպագիր լրագրութեան մէջ յօդուածներ տուած ըլլալով, ձեռագրին ալ ոյժ տալ` իրաւ է թէ աւելորդ է, բայց մարդ շատ անգամ զգացումներ ունի, որոնց կը հպատակի առանց իր կամքին։ Արօրի խմբագրութիւնը անոնցմէ էր, իսկ Գեղօնի երեւումը` պարզապէս անձնական հաճոյք մը58։ 1899-1900 թթ., Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցի Գ. դասարանի աշակերտու- թեան կողմէ` Սիմոն Մկրտչեանի խմբագրութեամբ կը հրատարակուի Ուսանող ձեռագիր ամսաթերթը. քսանչորս համար, սկիզբը փոքրածաւալ` 4-8 էջ, իսկ վերջին համարները կը հասնին 20-24 էջի։ Թերթին շուրջ խմբուած էին Արամ Սահակեան, Աշխարհբեկ Քալանթարեան, Յակոբ Ապրեսեան` որ իր գեղեցիկ ձեռագրով կ’օրինակէր. Թերթի էջերում գլխաւորապէս արծարծւում էր դպրոցական կեանքը, լոյս էին տեսնում ոտանաւորներ, յօգուածներ` Շամշադինի եւ այլ շրջանների գիւղացիների վիճակի մասին։ Թերթին Էջմիածնի Ճեմարանից մասնակցում էր Գուրգէն էդիլեանը, յօդուածներ էր գրում աշակերտական եւ դպրոցական կեանքից59։ Թիֆլիսի մէջ` 1900 թ., Ասատուր Կախոյեանի «ակտիւ մասնակցութեամբ լոյս է տեսնում Բանուոր ձեռագիր թերթը, որը հայ իրականութեան մէջ սոցիալիզմը բանուորական շարժման հետ միաւորելու ուղղութեամբ կատարուած առաջին կարեւոր քայլերից էր։ Թերթը Պրոլետարիատի արժանաւոր նախորդն էր»60։ 1900 թ., Կ. Պոլսոյ մէջ Արշակ Ալպօյաճեան կը խմբագրէ Գեղօն ժողովածու- ները` որոնց Ա. մասը բաղկացած է 386 էջէ, իսկ Բ. մասը` 478 էջէ։ Գեղօնները գրական եւ բանասիրական ճոխ ժողովածուներ են` կազմուած աշխատակցու- թեամբ Երուանդ Սրմաքէշխանլեանի, Պիմէն Գ. Զարդարեանի, Սիմոն Կօշկար- եանի, Յովսէփ Կիւմիւշեանի, Վահան Թէքէեանի, Կարապետ Ոսկանի, Հրանտ Անդրէասեանի, Տիրան Չրաքեանի, Ռուբէն Զարդարեանի, Գեղամ Բարսեղեանի, Յակոբ Տէր Յակոբեանի, Վ. Գ. Զարդարեանի, Լեւոն Քիրիշճեանի, եւ ուրիշներու գեղարուեստական աջակցութեամբ61։ Գէորգեան Ճեմարանի Ա. լսարանի աշակերտները` 1901 թ. «գաղտնի կը հրատարակէին Նաւակ անունով մեծածաւալ ամսաթերթ մը»62։ Ծիածան աշակերտական թերթի ազդեցութեան տակ, 1901 թ. Ներսիսեան դպրոցում առաջ եկաւ որոշ խմորում եւ որպէս յաւելուած Ուսանողի, նոյն խմբագրութեամբ լոյս է 229
տեսնում Սլաք թերթը, որի գոյութիւնը տեւում է շատ կարճ, ընդամէնը չորս-հինգ համար։ Սլաքի էջերում լոյս են տեսնում նիւթեր սոցիալիզմի, բանուորական կեանքի մասին։ Թերթը խիստ անլեգալ էր պահւում, գրւում էր մէկ օրինակ, գաղտնի անցնում էր ձեռքից-ձեռք63։ 1902 թ., Նոր Նախիջեւանի թեմական դպրանոցի աշակերտական թերթը կ’ըլլայ Լուսաբերը, որուն հրատարակութիւնը խստիւ կ’արգիլէ տեսուչ Գալուստ Կարպովիչ Չարիխեանը64։ Գաւառական գրականութեան առաջատար դէմքերէն` Թլկատինցին, իր աշակերտներէն Հրաչ Երուանդի կը վստահի Մրջիւններ աշակերտական ձեռա- գիր հանդէսին խմբագրութիւնը։ Պոլսահայ հրապարակագիրներէն` Վ. Ս. Ծովակ, Պէրպէրեան Վարժարանի Երէց կարգի հրատարակած Արտոյտ ձեռագիր ամսաթերթին մասին կը պատմէ. Կը յիշեմ օժտուած ընկերներ` հազիւ 16-18 տարու պատանիներ, որոնք իրենց առօրեայ պարտականութիւններէն դուրս, իրար կու գային խմբագրական գործերով զբաղելու համար։ Արտոյտ էր մեր թերթին անունը, ամսական մէկ թիւ հրապարակ կու գար ձեռագիր, շատ խնամուած ու գեղարուեստական բաժիններով։ Վարդան Սարգսեան (Կոմիտասեան սան) առաջնորդողներ կը գրէր ու կ’եղանակաւորէր ծանօթ քերթուածէ տուն մը65։ Յիշատակագիր մը կը վկայէ` թէ Կարելի չէ սեւ օրերու Պոլիսն ըմբռնել առանց այն կրթական օճախներուն, որոնք շնչեցին Համիտի դաժան լուծին տակ։ Այդ օճախներէն շարունակեց նոր սերունդ դուրս գալ։ Նման օճախներ կը հանդիսանային Պէրպէրեանը, զոյգ Մխիթարեանց վարժարանները, բայց բոլորէն աւելի Ղալաթիոյ Կեդրոնականը։ Յեղափոխական բջիջ մը եղած էր Կեդրոնականը, սկսեալ Մինաս Չերազի տեսչութեան օրերէն։ Անոր սաները թրծուեր էին հայրենա- սիրութեամբ, եւ այդ սաներէն շատեր զինուորագրուեր էին հայ յեղափոխութեան` անոր Պոլիս թափանցած օրէն։ Բաւական է յիշել անունները այն խիզախ տղոց` որոնք Կեդրո- նականի գրասեղաններէն գացին յարիլ յեղափոխական կուսակցութիւններուն եւ հերոսացան անոնց ծոցին մէջ։ Յիշենք` օրինակ, Զէյթունի Աղասին, Վահէ Արզուեանը, բայց մանաւանդ Պետրոս Փարեանը (Բաբգէն Սիւնի), որ Օսմանեան Դրամատան դուռներուն առջեւ ինկեր էր 1896-ին։ Կեդրոնականը կու տար կեանքին միտքի ու արուեստի տեսիլքներով կախարդուած տղաք։ Ո՜րքան անոյշ աւանդութիւններ կը շնչէինք մենք այդ գրասեղաններուն վրայ, հպարտ այն անուններով` որոնք նոյնպէս անցեր էին այդ գրասեղաններէն։ Հպարտ էինք որ անոնց վրայ հակեր էին մեզ պէս` Արշակ Չօպանեաններն ու Հրաչեայ Աճառեանները66։ Ահա այդ «միտքի եւ արուեստի տեսիլքներով կախարդուած» տղոցմէ` Միսաք Մեծարենց Գ. դասարանին աշակերտած ատեն, երբ կ’աշխատակցէր գրական հանդէսներու, Քահ-քահ անուն երգիծաթերթ մը հրատարակել սկսաւ դպրոցին մէջ։ 230
Խմբագիրն ինք էր, իր ծրագիրով կը պատրաստէր, եւ օրինակն լոյս կը տեսնէր։ Երգիծական նկարները կը գծէր Ռաֆայէլ Շիշմանեան, գլխաւոր աջակիցն էր Գառնիկ Թուղլաճեան, որ Սանասարեանէն եկած էր։ Երգիծաթերթը ամէն մարզի յատուկ նիւթեր կը պարունակէր։ Գլխաւոր աշխատակիցը ինքն էր Շաւասպ Ծիածան ծածկանունով եւ իր ստորագրութեամբ։ Հոն կ’երեւնային ոտանաւորներ եւ արձակ գրութիւններ։ Ամէն բանէ կը հասկնար եւ ամէն բանէ հաճոյք կը զգար։ Զաւեշտաթերթը ձեռքէ ձեռք կը շրջագայէր։ Մէկէ աւելի թիւեր խմբագրած ըլլալը կը յիշեմ67։ Ուրիշ դասընկերոջ մը` Վահրամ Պէրպէրեանի յուշերու գրառումներէն է հետեւեալ հատուածը. Քահ-քահ երգիծաթերթը Մեծարենցի նախաձեռնութեամբ (միայն մէկ օրինակ)` ամիսը անգամ մը հրապարակ կ’ելլէր, Գ. դասարանին թերթն էր։ Աշխատակիցները` որոնք իր դասակիցներն էին (իրմէ զատ 12 աշակերտ), օր առաջ իրենց գրութիւնները կը յանձնէին Սիսաքի, որ կ’ընդօրինակէր, կը դասաւորէր ու լոյս կ’ընծայէր։ Ան հոն կը կիրարկէր տաղաչափական նոր դրութիւն մը, զոր սրբագրեց յետոյ իր քերթուածներուն մէջ68։ Այս թերթին մասին այլ տեղեկութիւն մըն ալ կը գտնենք. [Դասակից տղոցմէ Կ. Քիւրքճեանի] լաւագոյն դասընկերը կ’ըլլայ Միսաք Մեծա- րենց, որուն հետ Կեդրոնական Վարժարանին մէջ Քահ-քահ անունով զաւեշտաթերթ մը կը խմբագրէ69։ Դարձեալ Կեդրոնականէն, Պօղոս Գէորգեան կը պատմէ իր դասընկերոջ` Վահան Չերազի մասին. Օր մըն ալ նոր գաղափարով եկաւ դպրոց. – Տղաք, եկէք թերթ մը հրատարակենք։ Աւելորդ է ըսել` առաջինը եղայ խանդավառօրէն համամիտ գտնուող։ Վահան անմիջա- պէս շեշտեց որ թերթը խիստ համեստ յաւակնութիւններ պիտի ունենար, որուն յարմարա- գոյն անունն ալ ընտրած էր արդէն, Մանիշակ։ Առաջին թիւին խմբագրականովը թերթին նպատակը, ուղղութիւնը եւ յարակից ուրիշ բաներ բացատրեց։ Երկրորդ թիւին խմբագրա- կանը ֆրանսերէն գրած էր. այդ թիւը վերջինը եղաւ։ Ընդհանուր հսկող Գառնիկ Բարունակ- եան կանչեց զինք եւ դիտել տալով որ թերթը վտանգաւոր բնոյթ առած էր թէ հրատարա- կողներուն եւ թէ մանաւանդ դպրոցին համար, զայն դադրած յայտարարեց70։ Մխիթարեան միաբաններէն` Հ. Մկրտիչ Պոտուքեան կը պատմէ, թէ 1904 թ., օր մը Դանիէլ Վարուժանին կ’առաջարկէ. Դանիէլ, եկուր դպրոցական ձեռագիր թերթ մը հրատարակենք։ 231
- Ի՞նչ անունով, - հարցուց։ - Անունը դուն դիր։ - Թող Եղի ըլլայ, դեռ չհասունցած ցորեն կը նշանակէ։ Դանիէլ ամէն թիւի մէջ գեղեցիկ ստանաւոր մը կը ստորագրէր։ Այդ ոտանաւորները գրեթէ ամէնքն ալ Հացին երգը հատորին մէջ լոյս տեսան71։ Խարբերդի վիլայէթի Մեզրէ քաղաքին Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտ եղած ժամանակ` 1907 թ., Վահան Թոթո- վենցը կը հրատարակէ Աստղիկ ձեռագիր ամսաթերթը, ուր լոյս կը տեսնեն իր ոտանաւորները72։ Այս մասին` իր ինքնակենսագրութեան մէջ բանաստեղծը կը գրէ. Ես վաղուց էի յափշտակուել բանաստեղծութեամբ, կարդում էի եւ գրում մեր դպրոցի ձեռագիր եւ խմորատիպ թերթերում ինքս էլ խմբագրել էի մէկ-երկու ձեռագիր ամսաթերթ73։ Թիֆլիսի Յովհանեան Վարժարանի աշակերտուհիները խմբագրած են Քայլք թերթը։ 1909-1910 թթ. Վանի մէջ կը խմբագրուին` հասարակական, գրական եւ քաղաքական Յորձանք կիսամսեան (28 էջ), նախ ձեռագիր ապա խմորատիպ, եւ Ե.Ք.Ը.-ի ամսաթերթը 22 էջով74։ 1910 թ., Կեսարիոյ մէջ կը խմբագրուի Շեփոր ձեռագիր պարբերաթերթը75։ Նոյն տարին Մուշի մէջ խմբագրուած է Տարօնը, որուն առաջին երկու համար- ները կը պահուին Վիեննայի Մխիթարեան Մատենադարանին մէջ76։ Պաթումաբնակ Սարուխան ընտանիքը տնտեսական պատճառներով Կ. Պոլիս հաստատուելէ ետք, Ալեքսանդր եւ Լեւոն եղբայրները` 1910-1912 թթ., հրապարակագրութեան հանդէպ ունեցած իրենց հակումը կը դրսեւորեն տունը խմբագրուած Ղուղիկօ կամ Մանկական փունջ երգիծաթերթով, որ շաբաթական երկու օրինակով կը հրատարակուէր, մէկը` անեցիներուն համար, իսկ միւսը` իրենց կնքահօր Յակոբ Գազանճեանին, որ թերթին հրատարակութեան մեկենա- սութիւնը ստանձնած էր` տարեկան թուղթին համար պահանջուած հինգ թրքա- կան ղրուշը վճարելով։ Տարօրինակ կը թուի թերթին առաջին անունը։ Այդ շրջանին լոյս տեսնող Կիկօ երգիծաթերթին նմանողութեամբ` խմբագիր եղբայրները իրենց շաբաթա- թերթը մկրտած են Ղուղիկօ մտացածին անունով։ Երգիծաթերթը բաղկացած է տպագիրի ձեւով յօրինուած ձեռագիր չորս էջէ, որոնք լեցուած են առաւելաբար Լեւոնի, եւ մասամբ նաեւ Ալեքսանդրի գրութիւն- ներով։ Ալեքսանդրին վերապահուած էր քաղաքական երգիծանկարներուն պատրաստութիւնը։ 232
Օր մըն ալ` մշտական սարսափի հետեւանքով, տարիներու իրենց վաստակը ամբողջութեամբ կրակի տուած են։ Բարեբախտ պատահար մը սակայն, իսպառ կորուստէ փրկած է Մանկական փունջին միակ համարը։ Անգամ մը` թերթին հերթական համարը հազիւ աւարտած, խմբագիրը դասարանին մէջ զայն աչքէ անցուցած պահուն` կը բռնագրաւուի Մխիթարեան Վարժարանի տեսուչ հօր կողմէ77։ Շաբաթաթերթին այդ միակ նմոյշը մաս կը կազմէ Վիեննայի Մխիթար- եան Մատենադարանի թերթերու հաւաքածոյին78։ Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցին մէջ` 1910 թ., Արտիկ եւ Համլիկ Թումանեան եղբայրներու խմբագրութեամբ կը հրատարակուէր Թոթովանք հանդէսը79։ 1911-1921 թթ., Վիեննայի Մխիթարեան Վարժարանի աշակերտները խմբա- գրած են Փունջ ամսաթերթը80։ 1912-1913 թթ., Ներսիսեան Դպրոցի աշակերտնե- րուն կողմէ 6-7 համար կը հրատարակուի Առաջին քայլ հանդէս-ամսագիրը` Ռուբէն Ղազարեանի խմբագրութեամբ. կ’աշխատակցէին Արմենակ Թոքմաջ- եանը, Արտոյ Եղիազարեանը, Աւետիս Ղուրբանեանը, Գէորգ Քացախեանը, Ռուբէն Յարութիւնեանը եւ ուրիշներ81։ 1913-1914 թթ., Աւետիս Ղուրբանեանի խմբագրութեամբ լոյս կը տեսնէ Փարոս պատկերազարդ ամսագիրը. նիւթերը մեծ մասամբ կը շօշափէին հասարա- կական եւ պատմական հարցեր եւ կը նկարազարդուէին մանրանկարչութեամբ82։ Նոյն տարիներուն, երեք համար լոյս տեսած է Շաբալակ երգիծաթերթը` Ծիծաղ Քրքիջեանի (Պահարէ, Հայկ Պետրոսեան) խմբագրութեամբ83։ Հօտաղական Միութիւնը 1913-1914 թթ., Գաւաշ-Վանի մէջ կը հրատարակէ համանուն հանդէս, Օ. Կարոյի խմբագրութեամբ84։ Սեբաստիոյ մէջ 1914 թ. կը խմբագրուի Ամանորը, որուն առաջին երկու համարները պահուած են Վիեննայի Մխիթարեան Մատենադարանը85։ Ներսիսեան Դպրոցին մէջ լոյս տեսած են նաեւ աշակերտական այլ ձեռագիր թերթեր ալ. աշակերտները` առանձին կամ ընկերովի կը փորձէին ունենալ իրենց թերթը, որոնք սովորաբար, 1-2 թիւէ ետք կը դադրէին։ Անոնցմէ համեմատաբար ամէնէն յարատեւը կ’ըլլայ Ցաւոտ ծիծաղներ երգիծական թերթը 1913-1917 թթ.։ Թերթին հիմնադիրը եւ մշտական խմբագիրն էր Յարութիւն Յարութիւնեանը, որ յետագային բազմավաստակ թարգմանիչ մը եղաւ։ Աշխատակիցներուն մէջ յատկապէս ուշադրութիւն կը գրաւէ Հեթում Բարլումեանը` իր երգիծական ոտանաւորներով եւ ֆելիետոններով։ Թերթը անվախ եւ համարձակ կը խարա- զանէր դպրոցական կեանքին մէջ տեղ գտած անհանդուրժելի երեւոյթները, ծաղր ու ծանակի կ’ենթարկէր դպրոցի դաժան ու սխոլաստիկ կարգ ու կանոնը, անարժան` կողմնապահ ուսուցիչները, անխնայ կը հարուածէ մեծախօս եւ մեծամիտ աշակերտները։ Ցաւոտ ծիծաղներու յօդուածները յաճախ կը զարդարուէին ծաղրանկար- ներով, որոնց հեղինակներն էին` Միքայէլ Մազմանեանը, Կարոյ Հալաբեանը, 233
Երուանդ Քոչարը, Համոյ Բաղդասարեանը։ 1917 թ. կը նշուի թերթին խմբագրին հնգամեայ յոբելեանը. Հաւլաբարի Արաքսեանի թատրոնին մէջ կը ներկայացուի Համլիկ Դմրոյեան թատրերկը եւ այդ առիթով կը կարդացուին շնորհաւորական հեռագրեր եւ ներբողներ86։ Ներսիսեանի աշակերտներէն` Գէորգ Աբովեան եւ Հայկ Պետրոսեան (Պա- հարէ), 1916 թ. կը խմբագրեն Տենչ ալմանախը87։ Դարձեալ երեք Ներսիսեան- ցիներու խմբագրութեամբ, 1916-1917 թթ. լոյս կը տեսնեն` Յարութիւն Թուրշեանի Աշակերտ ամսաթերթը, Վահրամ Կաքաւեանի (ֆրանսագիր հեղինակ Վիքթոր Կարտոն) Արագած ամսաթերթը եւ Մարտին Մազմանեանի Մասխարա ամսա- թերթը88։ Խարբերդի Փերչէնճ գիւղացի Բենիամին Նուրիկեան կը պատմէ` թէ Ամիսն անգամ մը կը հրատարակէինք «Ինքնակրթաց» անունով տետրակ մը, որուն խմբագիրն էր այս գեղեցիկ տղան, իսկ գրաշարը – ըսել կ’ուզեմ գրաշարը - դասընկերներէս` Սէրայցի Ասատուր Մանուկեանն էր, որ ունէր մարգարիտի պէս մաքուր եւ գեղեցիկ գիր։ Աշխատակիցներէն կը յիշեմ Սարգիս Թաշճեանը եւ իր ազգականը` Յովսէփ Մկրտիչեանը։ Մեր թերթին նիւթերը խմբագրելու համար, ամառը մանաւանդ, խմբագիրն ու աշխա- տակիցները կը հաւաքուէին մեր տան առջեւ տարածուած գերեզմանոցը, կռնակի վրայ պառկած մէկ-երկու տապանաքարերու վրայ նստած։ Գրութիւնները սկսնակի գործեր անշուշտ – կը կարդացուէին, ի հարկին, կը սրբագրուէին, եւ խմբագրուելով կը յանձնուէին գրագիր Ասատուրին։ Եւ թերթերնիս լոյս կը տեսնէր քանի մը օրէն ու ձեռքէ ձեռք շրջան ընելէ ետքը կու գար հանգչիլ մեր տունը, գրքերուս եւ դպրոցական տետրակներուս քով։ Գիտեմ, հիմա պիտի հարցնէք թերթին բովանդակութեան մասին։ Պատասխանը – գիւղին կեանքէն կամ անձնական կեանքէ առնուած սկսնակի փորձեր – ոտանաւոր կամ արձակ – ինչպէս նաեւ տեղական լուրեր89։ Կարսի ռէալական դպրոցում սովորելիս, բարձր դասարանցիների ուժերով, լոյս էինք ընծայում Գարուն ձեռագիր հանդէսը։ Մեր դասարանից նիւթեր էինք տալիս ես ու Չարենցը, խմբագրում էր Գուրգէն Փորսուղեանը (Վանանդեցին)։ Ստորագրում էինք մեր անուն-ազգա- նուններով, կը պատմէ Աշոտ Փալանջեանը90։ 1915-1916 թթ., Նոր Նախիջեւանի մէջ կը հրատարակուի Դասընկեր աշակեր- տական, գրական եւ գեղարուեստական շաբաթաթերթը, որուն հրատարակիչը կ’ըլլայ Վ. Սարաֆեան, իսկ խմբագիրը` Կ. Շահնազարեան։ Այս ձեռագիր շաբաթաթերթը` որ 16 էջէ բաղկացած է, յաջորդաբար լոյս տեսած է 25 համար91։ Ներսիսեան Դպրոցի աշակերտներէն Միքայէլ Մազմանեանի խմբագրու- թեամբ, 1916-1917 թթ., ընդամէնը երկու համար լոյս կը տեսնէ Երգ ու ներկ գեղարուեստական հանդէսը` ուր կան Յովհաննէս Ագուլեանի կողմէ ձայնա- գրուած ժողովրդական երեք երգեր, «որոնք լսել է նա Արեւմտեան Հայաստանից 234
գաղթած հայ երախաների որբանոցներում։ Ագուլեանը կորստից փրկել է այդ երգերը»92։ Հռոմի Մխիթարեան Վանատան ուսանողները կը հիմնեն «Թարգմանչաց Կաճառ» անունով միութիւն մը` իր տարեկան պարբերաթերթով, 1916-1921 թթ., նախ Աշտարակին կանթեղը, ապա Քնար ոսկեդարեան տիտղոսով93։ Յիշատակութեան արժանի է Ներսիսեան Դպրոցի Կայծ գրական, գեղար- ւեստական, գիտական, երգիծական ալմանախը, «որի խմբագիր-հրատարա- կիչներն էին Էդուարդ Խոջիկը, Գէորգ Քացախեանը, Գրիգոր Շահսուվարեանը. մասնակցել են նաեւ Աղասի Նալբանդեանը, Գէորգ Էլբակեանը, Գուրգէն Ոսկան- եանը եւ ուրիշներ»94։ Ներսիսեան Դպրոցէն խումբ մը աշակերտներ Վահրամ Դարեան, Պետրոս Գասպարեան, Գրիգոր Պարոնիկեան, Գեղամ Աֆրիկեան, Սամուէլ Աբրահամ- եան, 1917 թ. կը հրատարակեն Ճաճանչ ամսագիրը, որուն առաջին էջը նկարա- զարդած է շնորհալի աշակերտ Գէորգ Քոչարը։ Ամսագրին մէջ լոյս տեսած են գլխաւորաբար բանաստեղծութիւններ եւ գրական-գեղարուեստական նիւթեր95։ 1918 թ., Պուլկարիոյ հայաշատ քաղաքի մը մէջ կը հրատարակուի Ապագայ թերթը, որուն մասին գտած ենք տարբեր տեղեկութիւններ։ Շանթի խմբագրու- թիւնը կը հաղորդէ. Կը լսենք թէ Պուլկարիայի մէջ քանի մը հայ մտաւորականներու կողմէ Ապագայ անուն տասնըհինգօրեայ թերթ մը կը հրատարակուի, ձեռագիր. երկու օրինակ միայն տպուելով ձեռքէ ձեռք կը կարդացուի։ Այդ հանդէսին կ’աշխատակցին Արամ Չարըք, Յակոբ Քիւֆէճեան, Տիգրան Չիթունի, Յ. Տէվէճեան, եւ Քուրդեան անուն երիտասարդ նկարիչ մը կը պատկերազարդէ զայն96։ Մեր միւս տեղեկութեան համաձայն, խմբագիրը Յարութիւն Քիւրտեանն է, որ իր մէկ զարմուհիին հետ (մօրաքրոջ դուստր) կը հրատարակէ ձեռագիր ամսաթերթ մը Ապագայ, ուր յօդուածներ կը ստորագրեն Յովհ. Տէվէճեան, Վահրամ Արծրունի, Յ. Պապիկեան, Սարգիսեան, Չիթունի, Արամ Չարըգ, Գոհարիկ Ազարեան97։ Հրանտ Բալուեան կը պատմէ. Կեդրոնական Վարժարանը հազիւ տասնեւչորս տարեկան աշակերտ` երբ ձեռնարկեցի Աստղիկ անունով ձեռագիր պարբերաթերթի մը հրատարակութեան։ Կ’երեւի պզտիկ տարիքէս նման ձեռնարկներու հանդէպ ունեցած գուրգուրանքս ուշադրութիւնն էր գրաւած կարգ մը ուսուցիչներուս (Եղիշէ Արք. Դուրեան, Հ. Արսէն Ղազիկեան, Գ. Գավաֆեան, Լ. Թաշճեան եւ ուրիշներ), որոնք կը քաջալերէին իմ առաջին գրական հակումներս։ Պատահ- մամբ օր մըն ալ յիշեալ ձեռագիր թերթս Թէոդիկը տեսաւ եւ նոյն օրն իսկ ինծի գրեց հետեւեալ նամակը. «Աստղիկը, թուղթէ Աստղիկը զոր ահա ձեռքերուս մէջ ունիմ, ապրեցուց 235
զիս` անուշ վայրկեաններ մը պատանութեանս տարիներէն, երբ Պէրպէեան դպրոցը դեռ եւս ուսանող` այսպէս տպագիրի ձեւով հանդէսի մը լոյս ընծայումին ձեռնամուխ եղայ, Բոյր անունով, Տիրան Չրաքեանէ եւ Գ. Սիրաքեանէ պատկերազարդուած եւ ապահոված աշխա- տակցութիւնն ինէ վերի կարգերու դպրոցակիցներուս։ Կանուխէն զգացած այս հակումներս ուր ուրեմն նետեցին զիս գրական ասպարէզ` որուն ապերախտութիւնը հանրածանօթ է մանաւանդ մեր ցեղին զաւակներուն։ Գրականութիւնը Հայուն համար պահած է դեռ... անօթութեան տարիներ։ Երնէ՜կ գրչի այն մշակին որ զայն ընելու փորձութիւնը կ’ունենայ` նիւթապէս ապահով պայմաններու մէջ։ Ահա ինչ որ տարուեցայ խորհիլ Հ. Բալուեանի կազմած ձեռագիր այս «պարբերագիր»- ը թղթատած պահուս, որուն ջանք թափած էր` շնորհալի տարազով մը ցուցնելու համար զայն։ Գալով մէջի գեղարուեստական նկարներուն եւ զարդերուն, բոլորն ալ լաւ էին ընտրուած եւ վայելուչ, բովանդակութիւնը համապատասխան արտաքինին։ Այժմէն իսկ դեռատի «խմբագրապետ»-ը կը մատնէ մասնաւոր հոգածութիւն նման ձեռնարկներու հանդէպ։ Բերա, 9 Սեպտ. 191898։ Ներսիսեան Դպրոցին մէջ` 1919 թ., Տիրան Ղազանչեանը խմբագրած է Արտիստ գրական-գեղարուեստական պատկերազարդ թերթը99։ Գաղափարապաշտ եղբայրներու ձգտումներուն պտուղն է Հայ պատանին, որ յղացուած եւ իրագործուած է պատմական արհաւրալից շրջանի մը Պոլսոյ Վիեննական Մխիթարեան Վարժարանին մէջ։ Հայ պատանի ամսաթերթին թիւ 1 (Նմոյշ թիւ)-ը` հրատարակուած է 1919 1-ին։ Շնորհիւ յարատեւ ճիգերու` թեքնիք աշխատանքը կատարուած է տպա- գրականին նմանողութեամբ, գծափակ էջերով, խորագիրներու համար գեղար- ւեստական այլաձեւ տառանմոյշներով եւ բոլոր գրութիւններուն համար` 10 կէտաչափ պարզ ձեռագրով։ Հանդէսին բոլոր յօդուածները անստորագիր ըլլալուն` դժուար է գուշակել խմբագիր եղբայրներուն համատեղ աշխատանքին սահմանները։ Սակայն, երէց եղբայրը կը ճշտէ իրողութիւնը. Ամէնէն աւելի, – կը խոստովանի ան, – եղբօրս Լեւոնին միտքի արգասիքն է այս թերթը` իր բաժանումներով, ձեւաւորումով, նորավէպերով, բանաստեղծութեամբ։ Թերթը` իր ձեռքով եւ ձեռագրով մէջտեղ ելած է։ Նիւթերուն ընտրութիւնը` գիտական, մարզական, բոլորը իր կողմէ հաւաքուած, ամփոփուած, ձեւաւորուած են։ Ինծի վիճակուած էր խորհրդակցութիւն, թելադրութիւններ, կողքի եւ ներքին նկարազարդումները։ Իրն են նաեւ զարդանկարները։ Վերյիշելով խանդավառութեան օրերը, Հայ պատանիի խմբագրին խորհրդա- կից Ալ. Սարուխան կ’ամբողջացնէ այդ մասին իրմէ խնդրուած մանրամաս- նութիւնները. 236
Այս նմոյշ-մաքէթը մնաց նմոյշ-մաքէթի վիճակին մէջ եւ մեր երազները յօդս ցնդեցան, որովհետեւ Հայաստան չձեւաւորուեցաւ մեր ակնկալած ձեւով...։ Առանց նկատի առնելու հոլովական կամ ուղղագրական կարգ մը հինցած ձեւերը, նշելի պարագայ մըն է, որ հանդէսին մէջ ներկայացուած բոլոր գրութիւն- ները շարարադրուած են արեւմտեան յստակ հայերէնով, ինչ որ խմբագիր եղ- բայրներուն հայերէնագիտութեան մակարդակին ապացոյցը պէտք է նկատել100։ Հայաստանի որբանոցներէն մէկուն մէջ կը հրատարակուէր Աշակերտ անու- նով ձեռագիր թերթը, որուն կ’աշխատակցէին Գուրգէն Մահարիի եւ Խաչիկ Հայկազեանի պէս նորաբոյս գրողներ101։ Մէյնի Ռիչըր Համալսարանի տնօրէնութեան կողմէ Լրագրութեան Տոքթորա շնորհուած պահուն` համալսարանի նախագահը կ’ըսէ լրագրող Լեւոն Քէշիշ- եանին. Դուք Մամլոյ նուիրեալ մը եղած էք Ձեր հինգ տարեկանին, երբ առաջին անգամ լոյս ըն- ծայեցիք մէկ օրինակով հրատարակութիւն մը, որուն միակ ընթերցողը Ձեր մեծ հայրն էր102։ Ճունիի որբանոցին մէջ 1922-1923 թթ. կը հրատարակուի Այգ ձեռագիր թերթը։ Այս մասին կը կարդանք. Տասնվեց որբանոցներու պատսպարած մեր ծնողազուրկ եւ հայրենազուրկ հայորդիներն էին, որոնք պիտի փորձէին լիբանանահայ մամուլին առաջին սերմերը ցանել103։ Գորֆուի Լորտ Մէյըրզ Ֆընտի որբանոց-վարժարանին մէջ` 1923-ին Պրիսմակ տիտղոսով դպրոցական պարբերական մը սկսեր էր հրատարակել Գեղամ Աթմաճեան, որուն ամէնէն խանդավառ աշխատակիցը եղեր էր Ղազար Հաճեանը...104։ Լառնաքայի Ամերիկեան Վարժարանի հայ ուսանողութիւնը իրենց ուսուցիչ Պ. Մանուէլ Քասունիի առաջնորդութեամբ եւ նախագահութեամբ, 1923-ին հիմ- նեցին Հայախօս միութիւնը, որուն նպատակն էր հայախօսութիւնը տարածել հայ պատա- նիներու միջեւ։ Այս նպատակով կոկիկ գրադարան մը կազմուեցաւ եւ ապա փափաք յայտնուեցաւ թերթ մը ունենալ։ 1925-ին Լուսարփի անունով ձեռագիր ամսաթերթ մը սկսան խմբագրել. թերթը մէկ օրինակ կը գրուէր ու ամսագլխին բոլոր անդամներ կը հաւաքուէին ու կը կարդային զայն։ Հետզհետէ եռանդը այնքան սաստկացաւ տղոց մէջ, որ Պ. Քասունի միջոցներ գտաւ եւ Գերմանիայէն փոքրիկ, տասը ոսկինոց ձեռնամամուլ մը բերել տուաւ, ու Վիեննայէն ալ քիչ մը տառեր եւ հետեւեալ տարին Լուսարփի լոյս տեսաւ տպագիր եւ տեւեց երեք տարի105։ 237
1925-1926 թթ., Թաւրիզի Աշակերտական Միութեան ձեռագիր օրկանը կ’ըլլայ Կեանք կիսամսեան106։ Գահիրէի Պէրպէրեան Վարժարանի աշակերտները 1928-ին երկու համար հրատարակած են Վահագն ձեռագիր հանդէսը107։ Յովհաննէս Գույումճեանի խմբագրութեամբ եւ Ա. Տումանեանի ձեռագրով, 1930-ին լոյս կը տեսնէ Պէզազեան Սանուց Մատենադարանական Միութեան օրկանը` Արձագանգ108։ Հալէպի Ջանից Ընկերակցութիւնը 1930-ական թթ. կը հրատարակէ Լոյս ձեռագիր պարբերաթերթը109։ Հալէպի Զաւարեան Վարժարանի Շրջանաւարտից Միութիւնը` 1944-1945 թթ., նախ ձեռագիր ապա խմորատիպ` 21 համար հրատարակած է Ծաղկեփունջ ամսաթերթը110։ Գալուստեան Ազգ. Վարժարանի մեր աշակերտներէն` Կորկիսեան եղբայր- ները հրատարակեցին Մշակ հանդէսը, որուն առաջին թիւը լոյս տեսաւ 29 Մայիս 1972-ին։ *** Հիմնուելով մեզի ծանօթ տեղեկութիւններուն վրայ, կարելի է ըսել` թէ ԺԹ. դարու 40-ական թուականներէն սկսեալ, մշակութային-լուսաւորական շարժու- մին մէջ` հայ ձեռագիր պարբերական մամուլին կատարած դերը բնաւ անգոս- նելի չէ. Արփիարեանի հաստատումով` օրագրութիւնը իրապէս եղաւ մարզարան մը եւ նախադուռ մը գրականութեան։ Հայ պարբերական մամուլի լրիւ ցուցակը` «նոյնիսկ տասնեակ տարիներով պրպտումներ կատարողներին չի յաջողւում», իրաւամբ կը խոստովանի մատե- նագիտութեան վաստակաւոր մը111։ Յետագային յայտնաբերուելիք նոր նիւթերով է` որ կարելի պիտի ըլլայ համալրել հայ ձեռագիր պարբերական մամուլի պատ- մութեան այս համառօտ ուրուագիծը։ Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 29 Ապրիլ 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19133 30 Ապրիլ 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19134 4 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19136 5 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19137 6 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19138 7 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19139 11 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19142 12 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19143 13 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19144 238
14 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19145 15 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19146 17 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19147 18 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19148 19 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19149 20 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19150 21 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19151 ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 1. Ա. Բ. Կարինեան, Ակնարկներ հայ պարբերական մամուլի պատմութեան, հատոր 1, Երեւան, 1956, էջ 8, 7։ 2. Նոյն տեղը, էջ 8։ 3. Մ. Բաբլոյեան, «Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտական ցուցակների մի քանի հարցերի մասին», Բանբեր Երեւանի Համալսարանի, 1977, թիւ 2, էջ 263։ 4. Տիգրան Գէորգեան, «Արշակ Ալպօյաճեանի գիտական արխիւը համալրող նորա- յայտ նիւթեր, որոնք առժամաբար ի պահ կը մնան Մօ. Եդուարդ Յակոբեանի մօտ», Արեւ, օրաթերթ, 27 Յունիս 1977։ 5. Հայ նոր գրականութեան պատմութիւն, հատոր առաջին, Երեւան, 1962, էջ 56։ 6. Արփիար Արփիարեան, Պատմութիւն ԺԹ. դարու Թուրքիոյ հայոց գրականութեան, Գահիրէ, 1944, էջ 14, 19, 20, 28, 36-37։ 7. Հ. Գարեգին Զարբհանալեան, Պատմութիւն հայերէն դպրութեան. Բ. Նոր մատենա- գրութիւն, Բ. տպագր. յաւելուածովք, Վենետիկ, 1905, էջ 382։ 8. Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ, Ա. հատոր, Գահիրէ, 1937, էջ 1286։ 9. Արշակ Ալպօյաճեան, Յուշամատեան Կուտինահայերու, Պէյրութ, 1961, էջ 74։ 10. Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ, էջ 1286։ 11. Արշակ Ա. Ալպօյաճեան, Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան, Գահիրէ, 1940, էջ 29- 30։ Հ. Գրիգորիս Վ. Գալէմքեարեան, Պատմութիւն հայ լրագրութեան. ի սկզբանէ մինչեւ մեր ժամանակը, հատոր Ա., Ա. շրջան. ի սկզբանէ հայ լրագրութեան (1794) մինչեւ 1840։ Բ. շրջան. 1840-էն մինչեւ 1860։ Վիեննա, 1893, էջ 223. «Վիկտոր Լանկլուա, անշուշտ Փարիզ լրագրոյ խմբագիր Ա. Մուրատեանէ լսելով` կ’աւանդէ թէ 1848-ին ի Նիկոմիդիա Սուրհանդակ անուամբ ձեռագիր թերթ մը հրատարակուած է քիչ ժամանակ»։ 12. Արշակ Ա. Ալպօյաճեան, Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան, էջ 30։ Հայ պարբերա- կան մամուլի բիբլիոգրաֆիա (1794-1900), առաջաբանով եւ ծանօթագրութիւններով, կազմեց Յովհ. Պետրոսեան, Երեւան, Հայկական ՍՍՌ Գրապալատ, 1956, էջ 136։ Այս մասին ճշտում կատարելով, պարբերական մամուլի պատմութեան գիտակ բանասէր մը կը գրէ` թէ այդ երկիջեան շաբաթաթերթը խմբագրուած է Պաղչեճիկի մէջ, 1847 թ., Յով- հաննէս Սուրէն Մկրեանի կողմէ, եւ լոյս տեսած է 6 թիւի չափ. տե՛ս` Ներսէս Գասապեան, Պատմա-բանասիրական հանդէս, 1961, թիւ 3-4, էջ 309։ Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն (1794-1967), համահաւաք ցանկ, կազմեց` Ա. Կիրակոսեան, 239
խմբագրութիւն եւ առաջաբան` Հ. Կոստիկեանի եւ Հ. Սիլվանեանի, Երեւան, 1970, էջ 60։ Հ. Գրիգորիս Վ. Գալէմքեարեան, նշ. աշխ., էջ 223։ 13. Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ, էջ 1286։ Հ. Գրիգորիս Վ. Գալէմքեարեան, նշ. աշխ., էջ 223։ 14. Աւ. Ջանջուղազեան, «Ներսիսեան դպրոցի աշակերտական մամուլը», Նիւթեր Ներսիսեան դպրոցի պատմութիւնից, Երեւան, 1967, էջ 67։ 15. Գարեգին Երիցեան, Յուշեր Ստեփան Շահումեանի կեանքից, տե՛ս Խ. Հ. Բարսեղ- եան, Ստեփան Շահումեան. կեանքի եւ գործունէութեան վաւերագրական տարեգրու- թիւն, 1878-1918, առաջաբան` Ա. Ի. Միկոյեանի, Երեւան, 1968, էջ 25։ 16. Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ, էջ 1286։ 17. Հ. Ռափայէլ Կարապետեան, Լիակատար ցուցակ հայերէն լրագիրներու որոնք կը գտնուին Մխիթարեան Մատենադարանին մէջ ի Վիեննա.1794-1921, Վիեննա, 1924, էջ 8։ 18. Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը, Կ. Պոլիս, 1921, էջ 188-189։ 19. Գրիգոր Պօղարեան, ««Կիլիկիոյ գիշերօթիկ վարժարան»-ը, Այնթապ (1873-1877)», Սփիւռք, շբթ., 10-6-1973, էջ 7։ Բիւրակնի մասին` Թորոս Ազատեան կը հաղորդէ հետեւեալը. «1876-1877 Միսաք Գօչունեան կարգ մը ուշիմ պատանիներու գործակցու- թեամբ հիմնադիր-խմբագիրը կ’ըլլայ Բիւրակն անուն խմորատիպ պարբերաթերթի մը, որ իբր ուսանողական օռկան տարի մը կը շարունակուի», Ժամանակ, Քառասնամեայ յիշատակարան, 1908-1948, էջ 51։ 20. Երուանդ Օտեան, «Գրական յիշատակներ, 1894-1914», Ոստան, Կ. Պոլիս, 1920, Գ. տարի, թիւ 11-13, էջ 470։ 21. Համբարձում Երամեան, Յուշարձան, հատոր Բ., Աղեքսանդրիա, 1929, էջ 123։ 22. Աւ. Ջանջուղազեան, նշ. աշխ., էջ 67։ 23. Ոստան, թիւ 11-13, էջ 471։ 24. Հ. Եփրեմ Վ. Պօղոսեան, Ոսկեան եւ Մըսըրլեան գերդաստանները, Վիեննա, 1953, էջ 29, 54։ 25. Նոյն տեղը, էջ 54-55։ 26. Նոյն տեղը, էջ 29։ 27. Լոյս, 1906, թիւ 33։ Արտատպուած` Հայ Անթէպ, Թ. տարի, 1968, թիւ 4, էջ 17։ 28. Հր. Աճառեան, Կեանքիս յուշերից, Երեւան, 1967, էջ 108, 137։ 29. Թէոդիկ, Տիպ ու տառ, Կոստանդնուպօլիս, ՌՅԿԱ, էջ 32։ 30. Վէմ, Փարիզ, Ե. տարի, 1937, թիւ 3, Յուլիս-Հոկտեմբեր, էջ 13-16։ Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն, էջ 454։ 31. Հ. Ռափայէլ Կարապետեան, նշ. աշխ., էջ 17։ 32. Յ. Պ. Պօղոսեան, Հաճընի ընդհանուր պատմութիւնը եւ շրջակայ Գօզան-Տաղի հայ գիւղերը, Լոս Անճէլըս, Քալիֆօրնիա, 1942, էջ 483-484։ 33. Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ, էջ 1286։ 34. Նոյն տեղը, էջ 1286-1287։ 35. Լեւոն Քիրիշճեան, «Հայ լրագրութեան պատմութիւնը ի Ռոպըրերթ Քոլէժ», Գեղօն, Բ. մաս, Կ. Պոլիս, 1990, էջ 281 (ձեռագիր)։ 36. Նոյն տեղը, էջ 282։ 37. Նոյն տեղը, էջ 282-283։ 240
38. Նոյն տեղը, էջ 284-285։ 39. Նոյն տեղը, էջ 286։ 40. Նոյն տեղը, էջ 287։ 41. Նոյն տեղը, էջ 288։ 42. Նոյն տեղը, էջ 289։ 43. Նոյն տեղը, էջ 294։ 44. Նոյն տեղը, էջ 295։ 45. Վահան Զարդարեան, Յիշատակարան 1512-1940. տարեգիրք 1941 տարւոյ, Գահիրէ, 1940, էջ 44։ 46. Լեւոն Քիրիշճեան, նշ. աշխ., էջ 285։ 47. Արշակ Ա. Ալպօյաճեան, Անցեալի յիշատակներ. առ Պարոյր Բ. Քէչեան, 1900 Մայիս 3-16, Գում-Գաբու (ձեռագիր, 14 էջ), էջ 1-4։ 48. Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը, Կ. Պոլիս, 1911, էջ 279-280։ 49. Վահան Թէքէեան, «Ինքնակենսագրութիւն», Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը, Կ. Պոլիս, 1912, էջ 388։ 50. Սուրէն Քոլանջեան, «Եդուարդ Գոլանճեան. գրող ծննդեան 100-ամեակի առթիւ», Նոր կեանք, շբթ., 19 Դեկտեմբեր 1980։ 51. Աւ. Ջանջուղազեան, նշ. աշխ., էջ 68։ 52. Նոյն տեղը։ 53. Լեւոն Քիրիշճեան, նշ. աշխ., էջ 296-297։ 54. Նոյն տեղը, էջ 297։ 55. Վահան Մալէզեան, Ճամբուս ծայրը, Ա. հատոր, Բարիզ, 1954, էջ 228։ Վահան Զարդարեան յօդուածի մը մէջ կը յայտնէ` «որմէ օրինակ մը» ունենալը։ 56. Հենրի Գաբրիէլեան, Հայ փիլիսոփայական մտքի պատմութիւն, հատոր 4, Երեւան, 1965, էջ 30-31։ 57. Կ. Կիւլպէնկեան, «Յուշեր եւ նօթեր Երուանդ Մեսիաեանի յիշատակին», Պայքար, օրաթերթ, 10 Յուն. 1956։ 58. Արշակ Ա. Ալպօյաճեան, Անցեալի յիշատակներ, էջ 5-6։ 59. Աւ. Ջանջուղազեան, նշ. աշխ., էջ 70։ 60. Նախապէս Բանուորը յիշատակեցինք 1898 թ. հրատարակուած թերթերուն շարքին, սակայն մեր ունեցած տուեալներով չկրցանք ճշտել երկու տարեթիւերէն ընդու- նելին։ Հ. Մելիքեան, «Ժողովուրդի զաւակը. Ասատուր Կախոյեանի ծննդեան 100-ամեակի առթիւ», Սովետական Հայաստան, օրաթերթ, 20 Մարտ 1974։ 61. Տիգրան Գէորգեան, Նիւթեր հայ ձեռագիր պարբերական մամուլի պատմութեան համար. Գ., Ալպօյաճեանի Գեղօն ժողովածուները (Անտիպ)։ 62. Գաբրիէլ Լազեան, Դէմքեր հայ ազատագրական շարժումէն, Գահիրէ, 1949, էջ 288։ 63. Աւ. Ջանջուղազեան, նշ. աշխ., էջ 70։ 64. Խ. Ա. Փորքշէեան, «Նոր Նախիջեւանի հայ ժողովրդական բանահիւսութիւնը», Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն. նիւթեր եւ ուսումնասիրութիւններ, 2, Երեւան, 1971, էջ 76։ 65. Սան, ամսագիր, Իսթանպուլ, թիւ 35-36, էջ 51. հմմտ. Քուլիս, թիւ 753, էջ 8։ 66. Յ. Ճ. Սիրունի, «Այս հիւանդ, հանճարեղ պատանին», Նայիրի, շաբաթաթերթ, 241
Պէյրութ, 29 Սեպտեմբեր 1968, էջ 2։ 67. Ալբերտ Շարուրեան, «Մեծարենցեան երկու նորայայտ էջ», Հայրենիքի ձայն, շաբաթաթերթ, 30 Նոյեմբեր 1977։ 68. Նոյն տեղը։ 69. «Կենսագրական գծեր Յոբելեար Կ. Քիւրքճեանի (Տնօրէն Վիեննական Մխիթար- եան լիսէի)», Ուսումնարան, տարեգիրք, Գահիրէ, 1962, էջ 149։ 70. Պ. Գէորգեան, «Վահան Չերազ», Յառաջ, օրաթերթ, 31 Մարտ 1979։ 71. Հ. Մկրտիչ Վ. Պոտուրեան, «Դանիէլ Վարուժան (Յուշեր)», Էջմիածին, Օգոստոս 1958։ 72. Ս. Մանուկեան, Վահան Թոթովենց, Երեւան, 1959, էջ 10։ Սեւակ Արզումանեան, Վահան Թոթովենց, Երեւան, 1961, էջ 11։ Մեր անուանի դասախօսները, առաջին մաս, Երեւան, 1970, էջ 92։ 73. Ս. Մանուկեան, նշ. աշխ., էջ 10։ 74. Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն, էջ 371, 260։ 75. Գ. Փափազեան, Հայ Յեղ. Դաշնակցութեան 60-ամեայ մամուլը. 1890-1950, Թեհ- րան, 1950 (էջերը համարակալուած չեն)։ 76. Հ. Ռափայէլ Կարապետեան, նշ. աշխ., էջ 68։ 77. Տիգրան Գէորգեան, «Նիւթեր հայ ձեռագիր մամուլի պատմութեան համար. Բ., Ղուղիկօ կամ Մանկական փունջ շաբաթաթերթը», Արեւ, օրաթերթ, 10 Օգոստոս 1976։ 78. Հ. Ռափայէլ Կարապետեան, նշ. աշխ., էջ 50։ Յովհ. Պետրոսեան, նշ. աշխ., էջ 380։ 79. Աւ. Ջանջուղազեան, նշ. աշխ., էջ 77։ 80. Հ. Ռափայէլ Կարապետեան, նշ. աշխ., էջ 72։ 81. Աւ. Ջանջուղազեան, նշ. աշխ., էջ 77։ 82. Նոյն տեղը։ 83. Նոյն տեղը։ 84. Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն, էջ 375։ 85. Հ. Ռափայէլ Կարապետեան, նշ. աշխ., էջ 5։ 86. Աւ. Ջանջուղազեան, նշ. աշխ., էջ 76։ 87. Նոյն տեղը, էջ 77։ 88. Նոյն տեղը, էջ 78։ 89. Բենիամին Նուրիկեան, «Երբ պատանի էինք», Պայքար, օրաթերթ, 21 Յունուար 1975։ 90. Աշփալ (Աշոտ Փալանջեան), Գրքերի աշխարհ, 1975, թիւ 11 (87), էջ 8։ 91. Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն, էջ 256։ 92. Աւ. Ջանջուղազեան, նշ. աշխ., էջ 78։ Խմբագրին դասընկերներէն Արտաշէս Վրոյր, այս հանդէսը նկատած է «ալմանախ» եւ «տարեգիրք». տե՛ս` Անիում, Երեւան, 1964, էջ 55, 56, 79-80։ 93. Հ. Ներսէս Տէր-Ներսէսեան, «Հ. Վահան Վրդ. Յովհաննէսեան», Բազմավէպ, 1979, թիւ 1-4, էջ 358-359։ 94. Աւ. Ջանջուղազեան, նշ. աշխ., էջ 79։ 95. Նոյն տեղը։ 96. Շանթ, Կ. Պոլիս, 1918, թիւ 3, էջ 36։ 242
97. Հ. Ներսէս Տէր-Ներսէսեան, «Բանասէր եւ հնագէտ Յարութիւն Քիւրտեան անդամ Ս. Ղազարի Հայկական Կաճառին», Բազմավէպ, 1975, թիւ 3-4, էջ 427։ 98. Զուարթնոց տարեգիրք, գրականութեան եւ արուեստներու, Ա. տարի, Փարիզ, 1937, էջ 13։ 99. Աւ. Ջանջուղազեան, նշ. աշխ., էջ 79։ 100. Տիգրան Գէորգեան, «Նիւթեր հայ ձեռագիր մամուլի պատմութեան համար. Ա. Պատանի խմբագիր եղբայրներ եւ Հայ պատանի հանդէսը», Արեւ, օրաթերթ, 11, 12 Օգոստոս 1975։ 101. Պ. Գէորգեան, «Վահան Չերազ», Յառաջ, օրաթերթ, 31 Մարտ 1979։ 102. «Լեւոն Քէշիշեանը լրագրութեան դոկտոր», Նոր սերունդ, Սեպտեմբեր 1976, էջ 2։ 103. Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, «Լիբանանահայ մամուլի յիսուն տարին, 1921- 1971 թթ.», Հայկազեան հայագիտական հանդէս, Պէյրութ, 1971, էջ 264։ 104. Մառի Աթմաճեան, «Քիչ մը խօսինք Ղազար Հաճեանի մասին», Պայքար տարեգիրք, 19-րդ հատոր, 1960, էջ 241։ 105. ԲԱԿ, Հայ-Կիպրոս, Անթիլիաս, 1936, էջ 117։ 106. Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն, էջ 316։ 107. Վահան Զարդարեան, «Հայ լրագրութիւնը Եգիպտոսի մէջ, 1865-1933», Յիշատա- կարան, Ա. հատոր, 1933, էջ 4։ 108. Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն, էջ 223։ 109. Պարգեւ Միսիրեան, «Հալեպահայ պարբերական մամուլի ցուցահանդէս», Ազ- դակ, օրաթերթ, 1 Յունիս 1978։ Լիւսի Ա. Սիւլահեան, «Ցուցահանդէս հալէպահայ պարբե- րական մամուլի», Հայ ընտանիք, Վենետիկ, 1978. թիւ 11-12, էջ 28։ 110. Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն, էջ 305։ 111. Հայ պարբերական մամուլի բիբլիոգրաֆիա, Երեւան, 1956, էջ Զ։ 243
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՂԸ ԵՒ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՎԿԱՆ ԱԳԱԹԱՆԳԵՂՈՍ Քաղեց, համադրեց եւ արեւմտահայերէնի վերածեց` ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ Հայրենի գիտութեամբ կրթուած Ագաթանգեղոս պատմիչը` որ ականատես եղած է Տրդատ մեծ արքայի ժամանակ պատահած հոգեւոր գործերուն եւ լուսա- ւոր շնորհապատում վարդապետութեան, թագաւորական հրամանը ստանալէ ետք` կը հեծնէ միտքի երիվարը եւ կ’անցնի հանճարի ասպարէզը, հաստատօրէն կարգաւորելով իր ծրագիրը` կը դարձնէ խօսքերու պատմութեան անիւը, որպէս- զի տիրաբար նաւարկէ ժամանակագրութեան ծովուն ալիքներուն վրայ։ Թէ ինչպէս կամ որու կողմէ քարոզուեցաւ Թորգոմեան ազգին ու Հայաստան աշխարհին մէջ Աւետարանի աստուածապարգեւ աւետիսները եւ կենաց խօսքը, կամ ո՞վ էր ան, որ այս նորոգատուր առաքելական շնորհները իր վրայ վերցնե- լով` երեւան եկաւ այնպիսի աստուածեղէն շնորհով. հետեւինք Տրդատի յաջող քարտուղար Ագաթանգեղոսի հրաշապատում պատմութեան, ըմբռնելու համար անոր լուսաւոր վարդապետութիւնը, հրեշտակակրօն` առաքինի վարք ու բարքը, ազնուական համբերութիւնը այն շնորհալի մեծազօր նահատակին` որ Քրիստո- սի խոստովանողը եղաւ եւ ճշմարտութեան վկան։ Թէ ինչպէս ատկէ ետք, առաքելանման նահատակին աղօթքներով` շէնութիւն ու խաղաղութիւն, լիութիւն, պտղաբերութիւն ու բժշկութիւն շնորհեց Աստուած։ Թէ ինչպէս հայոց առաքեալին աստուածասիրութեան եւ Քրիստոսի պար- գեւած զօրութեան շնորհիւ` ինկաւ, փշրուեցաւ ունայնութեան պաշտամունքը եւ աստուածապաշտութիւնը տարածուեցաւ մեր ամբողջ երկրին մէջ։ Կամ թէ ինչպէս եկեղեցիներ շինուեցան մեր Հայաստան աշխարհին մէջ եւ ջնջուեցան սնոտի պաշտամունքները` որոնք մեր նախնեաց սովորական մոլութեան հետեւանքով, ի զուր ընդունուած եւ մոլորեցուցիչ, կեղծ եւ փայտերու յիմարու- թիւններն էին։ Իսկ Քրիստոսի երանելի նահատակը եւ մեր հայրը սուրբ Գրիգոր` Քրիստոսի կամքով մեր ամբողջ Հայաստան աշխարհին արդարուսոյց քարոզեց, որպէսզի 244
չկապուին մեղքերու գարշապարին, այլ հասցնելով Աստուածահօր հողմախա- ղաղ անդորր նաւահանգիստը` անոնց համար այնտեղ մշտնջենական կեանքի օթեւաններ պատրաստեց։ Երիցս երանեալ, սուրբ, քաջ եւ անզանգիտող Նահատակը` Տէր Գրիգոր, բազ- մամբոխ աշխարհաժողովի մը առջեւ կը պատմէ իր տեսիլքը` ըսելով. - Արդ` եկէք եղբայրներ, ձեզի պատմեմ Արարիչին ձեր նկատմամբ սիրոյ ապացոյցը` որ ինծի երեւաց ահաւոր տեսիլքով։ Տեսայ Աստուծոյ իջնելը իր սուրբ նահատակներուն մօտ եւ անոնց անհամե- մատ բարձրանալը, անպատում վերացումը երկինքի արքայութեան անզուգա- կանութեան մէջ։ Ան ինծի յայտնեց գալիք կենսաբեր պարգեւը` որ պիտի շնորհուի ձեզի, եւ ինծի երեւաց աստուածակերպ սքանչելի անպատում տեսիլք մը, որ հանգա- մանօրէն կը պատմեմ։ Այս գիշերուան կէսին, երբ դուք աշխատութեան ծանրութենէն եւ տքնութենէն խոնջած քուն մտած էիք, ես դեռ արթուն էի եւ մտախոհ` աստուածային ողորմու- թեան անքնին հրաշքներու յանկարծակի կատարուելու, Անոր այցին եւ աստուա- ծագէտ վարդապետութեան իմաստուն խրատներուն բովին մէջ ձեզ ներգրաւելու մասին։ Յանկարծակի սաստիկ ձայն եղաւ, որոտումի բոմբիւն, ահաւոր թնդիւն, ծովու խռովեալ ալիքներու սաստիկ ձայնին նման։ Բացուեցաւ երկինքի հաստատութեան խորանաշէն ծածկը, եւ իջաւ այր մը լոյսի կերպարանքով, կանչեց անունս եւ ըսաւ. «Գրիգոր»։ Նայեցայ, տեսայ Անոր կերպարանքը եւ զարհուրած` դողալով գետին ինկայ։ Ըսաւ ինծի. «Վեր նայէ՛ եւ տե՛ս հրաշքները` որոնք ցոյց պիտի տամ քեզի»։ Եւ ես` նայելով տեսայ երկինքի հաստատութիւնը բացուած, իսկ լոյսը` հոսելով մինչեւ երկիր կը հասնէր, եւ ես լոյսին մէջ տեսայ մարդկային կերպա- րանքով, լուսեղէն, երկթեւ անչափ զօրք` թեւերը կրակի նման։ Տեսայ մարդկային ահաւոր կերպարանք մը` բարձր ու ահեղ, որ ձեռքին մէջ ունէր ոսկեայ մեծ կռան մը, սլանալով, խոյանալով արագաթռիչ արծիւի նման, իջաւ հասաւ մինչեւ երկրին յատակը, քաղաքին մէջտեղը, զարկաւ լայնատարած գետնին եւ մեծ ու անչափ թնդիւններ հնչեցին անդունդներու սանդարամետէն։ Ես տեսայ քաղաքին մէջ` արքունի ապարանքին մօտ, ճախարակաձեւ ոսկիէ խարիսխ, վրան շատ բարձր հրեղէն սիւն, իսկ անոր վրան ամպէ խոյակ` լուսե- ղէն խաչով։ Նայեցայ եւ տեսայ ուրիշ երեք խարիսխներ` արիւնի գոյնով կարմիր, ամպե- ղէն սիւներով եւ լուսեղէն սիւնի խոյակին` որ անոնցմէ բարձր էր։ Յորս սիւնե- րուն խաչերուն վրայ զարմանատես կամարներ իրարու կապուեցան եւ վրան 245
գմբեթաձեւ խորանազարդ ու աստուածակերտ, զարմանալի ամպեղէն շինուածք մը տեսայ։ Շինուածքի կատարին տեսայ զարմանալի, աստուածակերտ, սքանչելի հրեղէն աթոռ մը` որուն վրայ կար տէրունական խաչը։ Համատարած լոյսը անոր պարուրելով` խառնուեցաւ խաչի ճառագայթներուն եւ կպչելով միաձուլուեցաւ։ Շողացող լոյսը սիւն դառնալով` ցայտեց խարիսխներու ներքին սիւներուն մէջ։ Իսկ ես նայելով կը զարմանայի. այն այրը` որ իմ անունս կանչած էր, ինծի ըսաւ` թէ «Ով մարդ, ինչո՞ւ զարմացած ես եւ չես ըմբռներ Աստուածոյ մեծամեծ գործերը»։ Պատասխանեցի. «Ինչպէս, Տէր»։ Ըսաւ ինծի. «Այս տեսիլքը քեզի ցոյց տրուեցաւ, որպէսզի ըմբռնես։ Ահաւասիկ բացուած է երկինքը, գիտցիր` որ բացուած են Քրիստոսի մարդասիրութեան դռները իր արարածներուն համար։ Իմացիր, որոտումի հնչող ձայնը այն է, որ Աստուծոյ գթութեան ու ողորմութեան անձրեւը կ’իջնէ։ Այս սուրբ նահատակները` որոնք այստեղ նահատակուեցան, հիւսիսային կողմերը ճամբայ բացին, որովհետեւ իրենք ուրիշներու շաւիղները ուղղեցին։ Իսկ հրեղէն սիւնը` որուն խարիսխը ոսկի է եւ խոյակը ամպեղէն եւ վրան լուսեղէն խաչ, ապա այդ ոսկի խարիսխը հաստատութեան անշարժ վէմն է, հրեղէն սիւնը` կաթողիկէ եկեղեցին է, որ իր թեւերուն տակ կը հաւաքէ բոլոր ժողովուրդները` հաւատքի մէկ միութեան մէջ։ Անոր վրայի լուսաւոր խաչը` մեծ քահանայապետութիւնն է ժողովուրդ- ներուն մէջ, օրինակն է Քրիստոսի մարմնացեալ պատկերին, Աստուածորդիին քահանայապետութեան օծութեան։ Այդտեղ թող Աստուծոյ տաճարը ըլլայ, բոլոր հաւատացեալներուն աղօթքի ու խնդրանքներուն տունը եւ քահանայապետութեան աթոռը։ *** Երանելի Գրիգոր` թագաւորին եւ ամբողջ ժողովուրդին հետ մէկտեղ իսկոյն գնաց այնտեղ, ուր իրեն ցոյց տրուած էր հրեղէն սիւնը` ոսկեայ խարիսխի վրայ, տեղը շրջափակեց բարձր պարիսպով, դռներով ու փականքով ամրացուց եւ այնտեղ կանգնեց փրկչական խաչին նշանը, որպէսզի ամէն ոք որ այնտեղ հաս- նի, ամենազօր Արարչին երկրպագելով ծունկ դնէ։ Ապա նշանակուած տեղը` որ նախապէս իր կողմէ կնքուած էր, կանգնեց Քրիստոսի Եկեղեցին։ Այսպէս` քարոզութեամբ, լուսաւորելով ժողովուրդին սիրտն ու հոգին, Քրիստոսի խոստովանող Գրիգոր` աստուածային աղով աղեց, համեմեց, եւ ժողովուրդը լքելով սնոտի, ձեռագործ կուռքերուն ունայն պաշտամունքը` մար- դասէր Աստուծոյ պաշտամունքին դարձաւ։ Այնուհետեւ, Հայաստանի մէջ սրտալիր ուրախութիւն էր եւ ինչ հաճելի 246
տեսարան աչքի համար։ Որովհետեւ երկիր մը` որ անունն անգամ չէր լսած այն կողմերուն, ուր աստուածային սքանչելի բոլոր գործերը կատարուեցան, շատ շուտով իմացաւ եղած բաները, այլ եւ յաւիտենապէս նախասահմանուածները, յետոյ եկածները, սկիզբն ու վերջը եւ բոլոր աստուածատուր աւանդութիւնները։ «ԱԳԱԹԱՆԳԵՂՈՍ ԳՐԻՉ»-Ը ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ Ե. դարուն, երբ առաջին անգամ երջանկացաւ հայը գրականութեան բարի- քով, երբ կարդաց Եկեղեցւոյ Սուրբերու եւ անյաղթ նահատակներու վկայաբա- նութիւնները, ցանկացաւ ունենալ նաեւ իր Լուսաւորիչին` Գրիգոր Վարքը։ Գոհացնելու համար ժողովուրդին հետաքրքրութիւնը, յօրինուեցաւ` նախ, Գրի- գորի Խոստովանութիւնը եւ ապա` Գրիգորիսի գիրքը, ծանօթ Ագաթանգեղոս անունով։ Ագաթանգեղոս անունով ներկայացող հեղինակը` կամ յոյն, կամ հռոմայեցի կը նկատուի. այդ բառը` իր կրկին նշանակութիւններով, շատ յարմար էր պատմութեան բովանդակութեան, կազմուած` յունարէն, «բարի» եւ «լրաբեր, տեղեկատու, աւետաւոր, դեսպան, հրեշտակ» բառերէն, որ նաեւ «բարի, աւետիք» իմաստն ալ ունի։ Սակայն, աւանդութեան համաձայն, Ագաթանգեղոս Դ. դարու մատենագիր է, եղած է քարտուղարը Տրդատ թագաւորին` որուն հրամանով ալ գրի առած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական դէպքերը, սկսելով Խոսրով Մեծի օրերէն, հայոց` ազգովին քրիստոնէութեան դարձի պատմութիւնը, Տրդատի օրով եւ Գրիգոր Լուսաւորիչի ձեռքով։ Ղազար Փարպեցի եւ Սեբէոս պատմիչները` այս երկը կոչած են Գրիգորիսի գիրք, Գրիգոր Լուսաւորիչի գործունէութիւնը նկարագրելուն պատճառով։ Յետագային կոչուած է Հայոց պատմութիւն, որ աղբիւրագիտական բացառիկ արժէք կը ներկայացնէ։ Պատմութիւնը մեզի հասած է բազմալեզու խմբագրու- թիւններով եւ տարբերակներով` միջնադարէն սկսելով. այսպէս, Ագաթանգե- ղոսի Հայոց պատմութեան բազմաթիւ օրինակներ կան` յունարէն, ասորերէն, արաբերէն, եթովպերէն, վրացերէն, սլաւերէն, լատիներէն, շուէտերէն, իտալերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով։ Մեծ Սուրբին «համաշխարհայնական» համբաւը տարածուած ըլլալուն, իր վարքը եւ տօնը յիշուած են ասորիներու, յոյներու, լատիններու եւ ղպտիներու Յայսմաւուրքին եւ Տօնացոյցին մէջ։ Ժամանակակից ագաթանգեղոսագիտութիւնը հասած է այն եզրակացու- 247
թեան, թէ Ագաթանգեղոս իրական անձ չէ եղած, եւ թէ իր անունով հասած երկը` Ե. դարու խմբագրութիւն է։ Հայերու քրիստոնէութեան դարձի 1700-ամեակի կապակցութեամբ, Տեղեկա- տուի յարգելի ընթերցողներու ուշադրութեան կ’ուզենք ներկայացնել Աստուծոյ երանելի այրին` Մեծն Գրիգորիսի վարքին քանի մը դրուագները, քաղուած, համադրուած եւ արեւմտեան հայերէնի վերածուած Ագաթանգեղոսի Հայոց պատմութեան հատորէն։ Տեղեկատու, Գահիրէ, Յուլիս 1999, նոր շրջան, թիւ 12, էջ 9-10 ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ Ագաթանգեղոս, Պատմություն հայոց, աշխարհաբար թարգմանություն ներածությունով ու ծանօթագրություններով Արամ Տեր Ղևոնդյանի, Երևան, 1977, էջ 29, 30, 106, 107, 108, 109, 110, 118, 119, 139։ Հ. Ղ. Ալիշան, Արշալոյս քրիստոնէութեան հայոց, Վենետիկ, ի Սուրբ Ղազար, 1901, էջ 231։ Հ. Ն. Ակինեան, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ 219-249 (մահուան 1700 ամեակի առիթով», Հանդէս ամսօրեայ, 1949, թիւ 4-12, էջ 3, 10, 11։ Հ. Ս. Անասյան, Հայկական մատենագիտություն, Ե-ԺԸ դդ, հատոր Ա., Ա- Առաքել Սալաձորեցի, Երևան, Հայկական ՍՍՌ ԳԱ Հրատարակչություն, 1959, ս. 151-152։ Աշոտ Մկրտչյան, Հինգերորդ դարի հայ դպրություն, Երևան, Հայաստան Հրատարակչություն, 1968, «Դրվագ երրորդ. Ագաթանգեղոս պատմիչ և գրող», էջ 175-238։ Հայ գրական քննադատության քրեստոմատիա, կազմեց և ծանոթագրեց` բանաս. գիտ. թեկն. դոց. Ժ. Ա. Քալանթարյան, խմբագրումը և առաջաբանը պրոֆ. Հ. Ս. Թամրազյանի, Երևան, Երևանի Համալսարանի Հրատարակչություն, 1981, էջ 507։ Հայոց հին և միջնադարյան արձակի քրեստոմատիա, կազմեցին Վարագ Ներսիսյանը և Արշակ Մադոյանը, Երևան, Երևանի Համալսարանի Հրատա- րակչություն, 1981, էջ 608։ 248
Search
Read the Text Version
- 1
- 2
- 3
- 4
- 5
- 6
- 7
- 8
- 9
- 10
- 11
- 12
- 13
- 14
- 15
- 16
- 17
- 18
- 19
- 20
- 21
- 22
- 23
- 24
- 25
- 26
- 27
- 28
- 29
- 30
- 31
- 32
- 33
- 34
- 35
- 36
- 37
- 38
- 39
- 40
- 41
- 42
- 43
- 44
- 45
- 46
- 47
- 48
- 49
- 50
- 51
- 52
- 53
- 54
- 55
- 56
- 57
- 58
- 59
- 60
- 61
- 62
- 63
- 64
- 65
- 66
- 67
- 68
- 69
- 70
- 71
- 72
- 73
- 74
- 75
- 76
- 77
- 78
- 79
- 80
- 81
- 82
- 83
- 84
- 85
- 86
- 87
- 88
- 89
- 90
- 91
- 92
- 93
- 94
- 95
- 96
- 97
- 98
- 99
- 100
- 101
- 102
- 103
- 104
- 105
- 106
- 107
- 108
- 109
- 110
- 111
- 112
- 113
- 114
- 115
- 116
- 117
- 118
- 119
- 120
- 121
- 122
- 123
- 124
- 125
- 126
- 127
- 128
- 129
- 130
- 131
- 132
- 133
- 134
- 135
- 136
- 137
- 138
- 139
- 140
- 141
- 142
- 143
- 144
- 145
- 146
- 147
- 148
- 149
- 150
- 151
- 152
- 153
- 154
- 155
- 156
- 157
- 158
- 159
- 160
- 161
- 162
- 163
- 164
- 165
- 166
- 167
- 168
- 169
- 170
- 171
- 172
- 173
- 174
- 175
- 176
- 177
- 178
- 179
- 180
- 181
- 182
- 183
- 184
- 185
- 186
- 187
- 188
- 189
- 190
- 191
- 192
- 193
- 194
- 195
- 196
- 197
- 198
- 199
- 200
- 201
- 202
- 203
- 204
- 205
- 206
- 207
- 208
- 209
- 210
- 211
- 212
- 213
- 214
- 215
- 216
- 217
- 218
- 219
- 220
- 221
- 222
- 223
- 224
- 225
- 226
- 227
- 228
- 229
- 230
- 231
- 232
- 233
- 234
- 235
- 236
- 237
- 238
- 239
- 240
- 241
- 242
- 243
- 244
- 245
- 246
- 247
- 248
- 249
- 250
- 251
- 252
- 253
- 254
- 255
- 256
- 257
- 258
- 259
- 260
- 261
- 262
- 263
- 264
- 265
- 266
- 267
- 268
- 269
- 270
- 271
- 272
- 273
- 274
- 275
- 276
- 277
- 278
- 279
- 280
- 281
- 282
- 283
- 284
- 285
- 286
- 287
- 288
- 289
- 290
- 291
- 292
- 293
- 294
- 295
- 296
- 297
- 298
- 299
- 300
- 301
- 302
- 303
- 304
- 305
- 306
- 307
- 308
- 309
- 310
- 311
- 312
- 313
- 314
- 315
- 316
- 317
- 318
- 319
- 320
- 321
- 322
- 323
- 324
- 325
- 326
- 327
- 328
- 329
- 330
- 331
- 332
- 333
- 334
- 335
- 336
- 337
- 338
- 339
- 340
- 341
- 342
- 343
- 344
- 345
- 346
- 347
- 348
- 349
- 350
- 351
- 352
- 353
- 354
- 355
- 356
- 357
- 358
- 359
- 360
- 361
- 362
- 363
- 364
- 365
- 366
- 367
- 368
- 369
- 370
- 371
- 372