ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԽԱՉԱԶԳԵԱՑ ՎԿԱՆԵՐԸ Հայերու Քրիստոնէութեան Դարձի 1700-ամեակին կապակցութեամբ, արդէն Տեղեկատուի ընթերցողներուն ներկայացուցած էինք Աստուծոյ երանելի այրին` Մեծն Գրիգորիոսի վարքին քանի մը դրուագները, քաղուած, համադրուած եւ արեւմտեան հայերէնի վերածուած Ագաթանգեղոսի Հայոց պատմութիւն հատո- րէն1, նոյն առիթով` ծանօթացուցած էինք նաեւ վարքին անզուգական հեղինակը2։ Ներկայացուող վկայաբանութիւնը` թէեւ պատերազմայաղթ Հռիփսիմէի անունով կոչեցինք, սակայն` այստեղ ամփոփեցինք նաեւ Գայիանէի եւ միւս երանելի կիներուն պսակումն ալ։ Քանի որ մեր խօսքը վարքի եւ վկայաբանութեան մասին եղաւ, ուրեմն, պահ մը կանգ պիտի առնենք` միջնադարեան գրական այդ տեսակներուն տիպաբա- նական բնութագրումը տալու համար։ Գրականագէտները` սրբախօսական գրականութիւն անունի տակ խմբաւո- րած են վարքերը, վկայաբանութիւնները եւ ներբողեանները։ Վկայաբանութիւնը եւ վարքը` քրիստոնէութեան հետ ծնունդ առած են միա- ժամանակ։ Վկայաբանութիւնները երեւան եկած են քրիստոնեաներու դէմ յարուցուած մեծ հալածանքներու շրջանին, որոնք քրիստոնեայ նահատակնե- րուն նուիրուած պատումներ էին. իսկ վարքերը` պատումներ են կեանքը խաղաղ աւարտած եկեղեցական հայրերու, կամ բարեպաշտ մարդոց մասին3։ Քրիստոնէութիւնը ընդունած առաջին պետութիւններէն էր Հայաստան` որ շատ կանուխ որդեգրած է սրբախօսական այս երկու սեռերը, որոնց առաջին յուշարձանները երեւան եկած են հայ ինքնուրոյն գրականութեան սկզբնաւո- րումի շրջանին, մեծ նպաստ բերելով գեղարուեստական արձակի ձեւաւորումին։ Ասորական եւ յունական սրբախօսութիւններու հարիւրամեայ զարգացումի փորձը իւրացնելով, սրբախօսական հայերէն յուշարձանները` սկիզբէն իսկ, ազգային երանգ ստացած են, եւ ձեռք բերած են որոշակի իւրայատկութիւններ4։ Հայ վկայաբանութեան ամենահին յուշարձանները` հերոսի կերպաւորումի առումով, իրենց վրայ կը կրեն ասորա-յունական յուշարձաններուն ուժեղ ազդե- ցութիւնը։ Անոնց, ինչպէս նաեւ նոյն տիպի թարգմանական յուշարձաններուն դերը եղաւ այն, որ այդ բոլորին շնորհիւ, Ե. դարէն սկսեալ, արդէն հայ գրակա- նութիւնը ունեցաւ յուզականութեամբ յագեցած ստեղծագործութիւններ5։ Որպէս իսկական սրտաշարժ ստեղծագործութիւն, իր թատերայնութեամբ ուշադրութիւն կը գրաւէ հայ վկայագրութեան լաւագոյն յուշարձաններէն մէկը` 299
ê© ÐéÇ÷ëÇÙ¿Ç ï³×³ñÁ« î³×³ñÇÝ ³ñï³ùÇÝ »ñ»õáÛÃÁ« ¾çÙdzÍÝÇ ßñç³Ý ¶Í³Ýϳñ` Kenneth J© Conant-Ç 3© î³×³ñÇÝ Û³ï³Ï³·ÇÍÁ« ä³ïñ³ëï»ó ²© ʳã³ïñ»³Ý£ 300
Ագաթանգեղոսի Հռիփսիմեանց վկայաբանութիւնը. հերոսի կերպարը ձեռք կը բերէ` շրջանին համար բնորոշ, «մոնումենտալութիւն» եւ ամբողջականութիւն. ան իսկական հերոսական կերպար է։ Հռիփսիմէ պատրաստ է զոհուելու յանուն իր հաւատքին` որ զինք օժտած է գերբնական ոյժով։ Ագաթանգեղոս` այդ պահանջը կրցած է ներկայացնել այնպէս, որ Հռիփսիմ- եանց վկայաբանութիւնը կ’ընկալուի որպէս վիպական սրտաշարժ պատում։ Հռիփսիմէի յայտնաբերումի տեսարանէն սկսելով, մինչեւ անոր վկայութիւնը` զիրար փոխարինող գործողութիւններու եւ գունագեղ տեսարաններու շարան մըն է. ժողովուրդի եւ նախարարներու իրարանցում երբ Հռիփսիմէի գեղեցկու- թեան համբաւը իրենց կը հասնի, երկինքի որոտ եւ ժողովուրդի ահաբեկուածու- թիւն, Աստուծմէ զօրութիւն խնդրող եւ աղաղակող Հռիփսիմէն` որ բռնի պալատ կը տանին, Հռիփսիմէի եւ Տրդատի միջեւ սկիզբ առած պայքարը` Հռիփսիմէի յաղթանակը եւ վկայութիւնը, ամէն ինչ պատկերուած շարժումի` գործողութեան մէջ։ Ագաթանգեղոսի Հռիփսիմեանց վկայութիւնը` «իր հիւթեղ եւ պատկերաւոր լեզուով, վիպական ոճի օգտագործմամբ, գործողութեան դրամատիզմով եւ սուր զգացմամբ, յոյզերի առարկայական պատկերմամբ, պատումի սխեմատիզմի բացակայութեամբ` հայ վկայաբանութեան մէջ իր հաւասարը չունի»6։ Հայ-վրացական եղբայրական դարաւոր յարաբերութիւններուն շնորհիւ, վրացական պատմական եւ վարքագրական գրականութեան մէջ ալ կարելի է գտնել մեզ հետաքրքրող նիւթին մասին ակնարկութիւններ. այսպէս, հմուտ վրացագէտ Լ. Մելիքսեթ-Բեկի ջանասիրութեամբ` հետաքրքրական հատուած- ներ հայերէնի թարգմանուած են Վրաց դարձի պատմութիւնէն7, եւ ԺԱ. դարու վրացի հեղինակի մը աշխատութենէն8։ Վաստակաշատ թարգմանիչը կը նշէ` թէ Վրաց դարձի պատմութիւնէն զատ, Հռիփսիմեանց եւ Գայիանեանց պատմու- թիւնը գոյութիւն ունի վրացերէն զանազան «վերսիաներով». ա. իբրեւ մասն Գրիգոր Պարթեւի վարուց։ բ. իբրեւ ուրոյն վկայաբանութիւն Հռիփսիմէի, Գայիանէի եւ այլոց9։ Տրդատի, Գրիգորի եւ Հռիփսիմէի մարտիրոսութեան մասին` ուղղակի Ագա- թանգեղոսի բնագրէն քաղուած, շատ գեղեցիկ նկարագրութեան մը կը հանդի- պինք` ժամանակ մը նոր Ջուղայի մէջ գործած անգլիացի միսիոնարի մը հետա- զօտութեան մէջ10։ Պատմական մատեաններու մէջ թափառայած շրջագայելու տեղ, այստեղ կը բաւականանանք միայն Սեբէոս պատմիչին նկարագրութեամբ` Սրբուհի Հռիփ- սիմէի տաճարի շինութեան11, եւ Սրբուհի Հռիփսիմէի նշխարներուն գտնուելուն մասին. Եւ եղաւ Քսաներորդի ութերորդի Ապրուէզ Խոսրովու քակեաց կաթողիկոսն Կոմիտաս 301
զմատուռն սրբոյն Հռիփսիմէի ի Վաղարշապատ քաղաքի, զի կարի ցած էր եւ մթին շինուածն որ շինեալ էր ի Սահակայ կաթողիկոսէն։ ...մինչդեռ քակէին զորմն մատրանն հանդիպեալ պատահեցան... գանձ բոլորասեր, լուսաւորիչ, չքնաղագեղ, արքայական մարգարտին, այսինքն կուսական մարմնոյն, սրբոյ տիկնոջն Հռիփսիմեայ։ Եւ քանզի անդամ անդամ յաւշեցին զնա յաւդեալ ի միմեանս զյաշուած անդամոցն մեծի ճարտարապետին, երանելոյ քահանայապետի սրբոյն Գրիգորի մերոյ Լուսաւորիչի։ Եւ կայր գլուխն հերովն հանդերձ ի վերայ պարանոցի պնդեալ եւ եդեալ։ Նոյնպէս եւ զբազուկն ուսովքն հանդերձ, եւ զբարձսն, եւ բոլորովին իսկ զամենայն փորոտին ի ներքոյ կողիցն ամփոփեալ, եւ յարմարեալ զամենայն անդամսն զաւդուածացն ըստ կարգի իւրում...։ Եւ կային թաթք ձեռացն եւ մատունքն ի վերայ լանջացն զաւրէն մեռելոյ։ Նոյնպէս եւ ծունկք սրբոյն եւ ոտքն եւ մատունք ոտիցն եւ զամենայն մարմին երիզապատեալ կտաւաւք հանդերձ նորուն պատառոտուն հանդերձիւն...»12։ Հռիփսիմեանց պատկերագրութեամբ հետաքրքրուողներուն համար, կ’արժէ յիշատակել միջնադարեան Վրաստանի համբաւաւոր վանքերէն` Դաւիթգարե- ջայ մայրավանքին վիմափոր մեծ սեղանատան, հիւսիսային պատին վրայ եղող ուշագրաւ fresco-ն, ուր ներկայացուած են երկու աղջիկներ, վրաց եկեղեցական երկաթագիր` համապատասխան մակագրութիւններով. «ծյ. Րիփս իմե» եւ «մոցի- քուլի քարթ...»13։ Վրացագէտ Լ. Մելիքսեթ-Բեկ` 1921 եւ 1929 թուականներու այցելութեան ընթացքին տեսած է այդ անծանօթ մնացած fresco-ն եւ կրցած է վերծանել մակա- գրութիւնները. «ծմիդայ Ռիփսիմէ», սուրբ Հռիփսիմէ, եւ «մոցիքուլի քարթուելթա Նինո», վրաց առաքելուհի Նունէ։ Ուշագրաւ երեւոյթ է` որ հայ թատերական առաջին ներկայացումին նիւթը եղած է Հռիփսիմէ ողբերգութիւնը. այդ թատրերգութիւնը մեզի հասած է երկու ձեռագրերով. ա. Սրբոյն Հռիփսիմէի Մարտիրոսութիւն. Անդրանիկ հայ ողբերգութեանց, անտիպ թատրերգութիւն հանեալ ի հասա- րակաց գրատնէն Վենետկոյ14։ բ. Մատեանս է Թռակետիա. Մարտիրոսութիւն Սրբուհւոյն Հռիփսիմէի հռոմէական մեծի կուսին իշխա- նուհւոյ, շարակարգեալ ի կարգե թեատինոսեան Ալեքսիանոս աստուածաբան վարդապետեէ կառավարողէ եւ վերակացուէ հայրապետական մեծի դպրատանս որ հայոց վանս. հրատարակի ի Լով մայրաքաղաքին լեհաց, ի թիվն Քրիստոսի ՌՈԿԸ, եւ ի հայոց ՌՃԺԷ (1668) ապրիլ ամսոյ15։ Հռիփսիմէագիտութեան մասին ներկայացուած սակաւաթիւ ծանօթագրու- թիւններու այս շարքը կ’ուզենք փակել շարականագիրին մէկ զմայլելի պատ- կերով. 302
Ցնծութեամբ տօնեսցուք զյիշատակս նոցունց, զի եւ նոցին հաղորդեսցուք փրկութեան։ Տեղեկատու, Գահիրէ, Ապրիլ 2001, նոր շրջան, թիւ 19, էջ 14-15 ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 1. «Քրիստոսի խոստովանողը եւ ճշմարտութեան վկան», Տեղեկատու, պաշտօնա- թերթ, նոր շրջան, թիւ 12, Յուլիս 1999, էջ 9-10։ 2. Նոյն տեղը` «Ագաթանգեղոս գրիչը», էջ 10։ 3. Քնարիկ Տեր-Դավթյան, «Վկայաբանություն և վարք», Հայ միջնադարյան գրակա- նություն և վարք, Երևան, ՍՍՀ ԳԱ Հրատարակչություն, 1984, էջ 38։ 4. Նոյն տեղը, էջ 38-39։ 5. Նոյն տեղը, էջ 48-49։ 6. Նոյն տեղը, էջ 49։ 7. Պրոֆ. Դր. Լ. Մելիքսեթ-Բեկ, Վրաց աղբյուրները Հայաստանի յեվ հայերի մասին հատոր Ա., (Ե-ԺԲ դար), Յերեվան, Հրատարակություն Մելքոնյան Ֆոնդի, 1934, էջ 20։ 8. Նոյն տեղը, էջ 169-172։ 9. Նոյն տեղը, էջ 21։ 10. W. St. Clair-Tisdall, M.A., C.M.S., The Conversion of Armenia to the Christian Faith, Oxford: Horace Hart, Printer of the University, The Religious Tract Society, 1897, Chapter VII, ‘Tiridatês, Gregory, and the Martyrdorn of Rhipsimê,’ pp. 123-129. 11. Պատմութիւն Սեբէոսի, աշխատասիրությամբ Գ. Վ. Աբգարյանի, Երևան, Հայկա- կան ՍՍՀ Գիտությունների Ակադեմիայի Հրատարակչություն, 1979, գլուխ ԼԷ, «Շինումն տաճարին Հռիփսիմեայ», էջ 121։ 12. Նոյն տեղը, Յաւելուած Է, էջ 419։ 13. Պրոֆ. Դր. Լ. Մելիքսեթ-Բեկ, նշուած աշխատութիւնը, էջ 183։ 14. Տես` Բազմավէպ, 1884, էջ 329, 1885, էջ 33, 118, 221, 1886, էջ 35։ 15. Վ. Թերզիբաշյան, Հայ դրամատուրգիայի պատմություն, 1668-1868, Երևան, Հայ- պետհրատ, 1959, էջ 50, 54-64։ Տես նաեւ` Գառնիկ Ստեփանյան, Ուրվագիծ արևմտահայ թատրոնի պատմության, հատոր առաջին, Երևան, Հայկական ՍՍՌ Գիտությունների Ակադեմիայի Հրատարկչու- թյուն, 1962, էջ 90-91։ 303
Է. ԴԱՐՈՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐ Լոյսը` աստուածութեան կը մօտեցնէ, ով որ զայն իր մէջ կը կրէ, կը պատգամէք իմացականութեան դարբնոցներդ երբեմնի։ ԶԱՐԵՀ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ Շինարարական արուեստը եւ ճարտարապետութիւնը` հայ եւ համաշխար- հային մշակոյթի պատմութեան մէջ կարեւոր տեղ գրաւած են. Դ.-Է. դարերուն` արդէն, անոնք որոշակի զարգացում արձանագրած են։ Հայկական ճարտարապետութիւնը զգալի վերելք ապրած է Է. դարուն, յատկապէս առաջին կէսին, երբ յառաջ եկած են նոր եւ ինքնուրոյն ձեւեր։ Զ. դարու վերջ եւ Է. դարուն, իր կատարելութեան հասած է հայկական եկեղեցիներու նոր ձեւ մը` որ ծանօթ է «Հռիփսիմէի տիպ» անունով. ասոր հնա- գոյն օրինակն է Աւանի եկեղեցին` կառուցուած 591 թ., իսկ ամէնէն կատարեալը` Հռիփսիմէի վկայարանն է, Էջմիածինի մէջ, կառուցուած 618 թ.։ Է. դարուն կառուցուած են նաեւ բազմաթիւ ապսիտներով տաճարներ, որոնց թագն ու պսակը Զուարթնոցն է, կամ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հրաշակերտ տաճարը, Ներսէս Շինող Կաթողիկոսին նախաձեռնութեամբ կառուցուած` 641- 661 թուականներուն։ Պատմական այս էքսկուրսին պատկերագրութեան համար, նկատի առնուած են Էջմիածին Պաշտօնաթերթէն յատկապէս քաղուած` նկարիչ Գրիգոր Աւագեա- նի կատարած նուրբ գծանկարներէն եօթը հատը միայն, որոնք ներկայացուած են որպէս Է. դարու ճարտարապետական կոթողներ։ Մեզի ուղեցոյց ընտրելով այդ նկարաշարը, պահիկ մը կանգ կ’առնենք իւրաքանչիւրին առջեւ։ Վաղարշապատի մէջ, Ս. Էջմիածնի մերձակայքը 618 թ. Կոմիտաս Կաթողի- կոսին կողմէ կառուցուած է Ս. Հռիփսիմէի տաճարը` նախապէս գոյութիւն ունեցող վկայարան-դամբարանին վրայ. կառոյցը` կեդրոնագմբեթ է քառաթեւ յատակագիծով, արտաքին ճակատներուն` երկուքական սեղանաձեւ խորշերով։ 1653 թ., Փիլիպոս Կաթողիկոսին կողմէ կառուցուած է նախագաւիթը, իսկ զանգակատունը` 1780 թ., Ղուկաս Կաթողիկոսին կողմէ։ 304
êàôð´ ÐèÆöêÆØ¾Æ ì²ÜøÀ زêî²ð²ÚÆ ºÎºÔºòÆÜ ϳéáõóáõ³Í 618 é« ÎáÙÇï³ë ÜϳñÇã` ¶ñÇ·áñ ²õ³·»³Ý γÃáÕÇÏáëÇÝ ÏáÕÙ¿£ ÜϳñÇã` ¶ñÇ·áñ ²õ³·»³Ý Թէեւ Է. դարու կոթողներու շարքին ներկայացուած է Թալինի շրջանի Մաստարա գիւղին Ս. Յովհաննէս տաճարը, սակայն ան Զ. դարու վերջը կառուցուած է, յօրինուածքով` կեդրոնագմբեթ է, խաչաձեւ, քառաբսիդ։ Մասնակի վերանորոգումներու շնորհիւ` ներկայիս կանգուն է տակաւին։ Արթիկ քաղաքին մօտ կը գտնուի Լմբատավանքի Ս. Ստեփանոս եկեղեցին` կառուցուած Է. դարուն, խաչաթեւ, կեդրոնագմբեթ ձեւով։ Այցելուի մը հիացական արտայայտութիւններէն` կ’ուզենք արտագրել հե- տեւեալ հատուածը. Զարմանալիօրէն գեղեցիկ է ճարտարապետական այս կոթողը` գուցէ ամենակատար- եալը խաչաձեւ-գմբեթաւոր փոքրիկ եկեղեցիներից, ոչ միայն գեղեցիկ է, այլեւ վեհ է Լմբատը` այս լուռ ու լուսաւոր ամայութեան մէջ, իր արտակարգօրէն զուսպ ու պարզ ձեւերի կատարելութեամբ։ Ձեռակերտ մի ներդաշնակութիւն` ասես ամբողջ այս նախնական բնանկարի կիզակէտը դարձած, ու նաեւ թախծոտ ու հպարտ` իր մենութեամբ, հեռաւոր դարերի համբերատար վկան...։ 305
²ðÂÆÎÆ ÈØ´²î²ì²ÜøÀ ÜϳñÇã` ¶ñÇ·áñ ²õ³·»³Ý úÒàôÜÆ î²Ö²ðÀ ÜϳñÇã` ¶ñÇ·áñ ²õ³·»³Ý 306
Ալավերդի շրջանի Օձուն գիւղի տաճարը` Զ.-Է. դարերուն կառուցուած գմբեթայարկ պազիլիքա է. հիւսիսէն հարաւ ունի կամարակապ սրահներ, որոնք արեւմտեան ճակատին կը դառնան խուլ պատ` մուտքի բացուածքով։ Սիսիանի շրջանային կեդրոն` Սիսաւանի մէջ, Է. դարու վերջը, Սիւնեաց Կոհազատ իշխանը` օժանդակութեամբ Սիւնեաց եպիսկոպոսին եւ Թէոդորոս վանականին, կառուցած է կեդրոնագմբեթ տաճարը, որ «Հռիփսիմէի տիպի» յուշարձաններէն կը նկատուի։ êÆêÆ²ÜÆ ºÎºÔºòÆÜ ÜϳñÇã` ¶ñÇ·áñ ²õ³·»³Ý Նոր Վարագայ վանքին մասին` առկայ ճարտարապետական հատորներուն մէջ յիշատակութեան չհանդիպեցանք։ Աշտարակի շրջանին մէջ, Արագածի լանջին, Բիւրական գիւղէն վեց քիլոմեդր հեռաւորութեան վրայ, Է.-Ժ. դարերու ընթացքին կառուցուած է Ամբերդի Ամրոց- դղեակը` որուն եռայարկ բաժիններէն, այսօր ալ կարելի է յուզումով տեսնել աւերակ մասեր...։ Ամբողջացնելու համար էքսկուրսիան, շատ հաճելի պիտի ըլլար նաեւ մեր ընթերցողներուն հետ այցելել նաեւ Զ.-Է. դարերուն կառուցուած Աւանի տաճա- րը, Պտղնիի եկեղեցին, Է. դարու կիսուն կառուցուած Աշտարակի Կարմրաւոր եկեղեցին, Եզր Կաթողիկոսին կողմէ 630 թ. կառուցուած Ս. Գայիանէի տաճարը, Է. դարու 70-ական թուականներուն կառուցուած Արուճի տաճարը, ապա` Թալինի մեծ եւ փոքր եկեղեցիները եւ Օշականի Մանկանոց եկեղեցին։ 307
Üàð ì²ð²¶²Ú ì²ÜøÀ ÜϳñÇã` ¶ñÇ·áñ ²õ³·»³Ý ²Ø´ºð¸Æ ²ØðàòÀ ϳéáõóáõ³Í ¾©-Ä© ¹³ñ»ñáõÝ£ ÜϳñÇã` ¶ñÇ·áñ ²õ³·»³Ý 308
Քարաստան Հայաստանի շինարարական արուեստը` բազում դարերու ընթացքին վերածուած է քարեղէն բանաստեղծութեան, կամ` քարեղէն սիմ- ֆոնիայի, ինչպէս կը յորջորջեն յաճախ` իրաւամբ...։ Մեր սիրելի ընթերցողներէն բաժնուելէ առաջ, պահ մը կանգ պիտի առնենք, հայ եկեղեցիներու անուանումին մասին` երկու հեղինակաւոր անձերու կարծիք- ները իմանալու համար։ Հայ ճարտարապետութեան ուսումնասիրութեան ռահվիրայ` ճարտարա- պետ Թորոս Թորամանեան յայտնած է. Իմ հետազօտութիւններուս մէջ, մասնաւորապէս ուշադրութիւն դարձուցեր եմ իւրա- քանչիւր դարաշրջանի մէջ կանգնուած եկեղեցիներու անուններուն վրայ։ Չեմ գտած 7-րդ դարէն առաջ կանգնուող մի եկեղեցի, որ բացի կաթողիկէէն ուրիշ անուն ունենան։ 7-րդ դարուն մէջ կանգնուած մեծ եկեղեցիներն ալ` կաթողիկէ անուամբ յորջորջուած են։ Ի սկզբանէ, սրբոց անուան նուիրուած շէնքեր` վկայարան անունը կը ստանային, փոքր եւ անշուք շինութիւններ էին. անոնց կոչումը` տուն կամ հանգստարան վկայից էր, եւ ոչ տուն Աստուծոյ։ Միայն գիտնականին վայել համեստութեամբ, մեծանուն ճարտարապետը` իր տարակոյսը փարատելու համար կը դիմէ Կարապետ Կոստանեանցին, որ երկարօրէն կը բացատրէ «Թէ ի՞նչ անուն էին կրում հայոց եկեղեցիներն եւ ո՞րն է նոցա հնագոյն անունը»։ Պատմական հնագոյն յիշատակարաններից բացայայտ երեւում է, - կը գրէ մեծանուն պատմագէտը, - որ Հայոց նախնական եկեղեցիներն յատկական անուն ունեցած չեն։... Փաւստոս Բիւզանդացին հաղորդում է, որ Ս. Լուսաւորիչ բագինները կործանելուց յետոյ մեհենատեղերը սրբագործեց եւ Աստուծոյ անուանը նուիրեց... Տարօնում կանգնած անդրա- նիկ եկեղեցին Փաւստոս բնորոշում է «մեծն», «առաջին», «մայրն եկեղեցեացն Հայոց» խօսքերով առանց տալու նորան որեւէ յատկական անուն։... Ագաթանգեղոսի խօսքերից էլ նոյնն ենք իմանում, որ հին եկեղեցիներն յատկական յորջորջումն չեն ունեցել. նոքա կոչուել են «Տէրունական տուն», «յարկ տան Աստուծոյ», «Կաթողիկէ»։... [Ա]կներեւ է լինում, որ եթէ հնումն եկեղեցին մի յատկական անուն ունեցել է, այդ կաթողիկէ կոչումն է, որ նշանակում է ընդհանրական, կարելի է հասկնալ նաեւ իբրեւ հասարակաց աղօթքի եւ պաշտամունքի տեղ, նուիրուած Աստուծոյ անուանը։... Այս ամենից ակներեւ է, որ մինչեւ Է. դարը ծանօթ չէ եղել հայոց մէջ եկեղեցիներին յատկական անուն տալու սովորութիւնը, որ մտնել եւ ընդհանրանալ կարող էր այն ժամա- նակ միայն, երբ սրբերի պաշտամունքը զօրացաւ, նոցա վկայարաններն ընդարձակուեցան, նոցա նշխարների մեծարանքը կարեւոր ծէս դառաւ, եւ առհասարակ եկեղեցին իւր 309
նախնական պարզութիւնից զրկուելով, իւրացուց նոր կարգեր ու նոր ծէսեր։ Տեղեկատու, Գահիրէ, Յուլիս 2001, նոր շրջան, թիւ 20, էջ 7-9 ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ Հայ ժողովրդի պատմություն. հնագույն ժամանակներից մինչև մեր օրերը, խմբագրու- թյամբ Պրոֆ. Մ. Գ. Ներսիսյանի, Երևան, Երևանի Համալսարանի Հրատարակչություն, 1972, էջ 202, 204-205։ Հայկական եկեղեցիներ, Լիզպոն, հրատարակութիւն Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմ- նարկութեան, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, 1970, էջ 13, 230, 231, 233։ Կարպիս Սուրենյան, «Անանուն Լմբատեցի», Գրական թերթ, 22 Դեկտեմբեր 1978, էջ 3։ Architectural Monuments in the Soviet Republic of Armenia, Leningrad: Aurora Art Pub- lishers, 1971, pp. 47, 48, 49, 52, 54, 56. Gink Károly-Gombos Károly, Örményország: Tájak, várak, kolostorok, Budapest, 1972. L’Art décoratif de l’Arménie médiévale, Leningrad: Aurora Art Publishers, 1971. Armen Khatchatrian, Inscriptions et églises arméniennes, Ricerca sull’ architettura Armena 8, Istituto di Materie Umanistiche, Facoltà di Architettura, Politecnico di Milano, Academia delle Scienze dell’Armena Sovietica, Milano, 1974. Թ. Թօրամանեան, Պատմական. հայ ճարտարապետութիւն (ուսումնասիրութիւն). Ա. Տեկորի տաճարը, Թիֆլիս, 1911, էջ 103։ Կ. Կ., «Թէ ի՞նչ անուն էին կրում հայոց եկեղեցիները եւ ո՞րն է նոցա հնագոյն անունը», նոյն տեղը, էջ 104-106։ 310
ԳԱՂԱՓԱՐԻ ԶՈՀԸ` ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ Մեծ անհատականութիւն մը որ կը սաւառնէր իր ժամանակին ընկերային մտաւոր երեւոյթներուն վրայ1։ ԱՐՏԱՇԷՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ՄԱՏԻՏԱԳԻՐ ԱՆՅԱՅՏ ՎԵՐՅՈՒՇԸ Հայ ազատագրական շարժման պատմութեան` ԺԹ.-Ի. դարերու, կարկառուն դէմքերէն` Միհրան Տամատեանի թողած ձեռագիրներուն մէջ գտած եմ հետեւ- եալ էջերը, ուր կան շատ կարեւոր տեղեկութիւններ «խռովայոյզ եւ մեր մեծագոյն հրապարակագիր», ինչպէս նաեւ «մտաւոր գործունէութեան բոլոր երեւոյթներուն մէջ avant-garde-ի մարդ2» Արփիար Արփիարեանի մասին։ Միհրան Տամատեանի գրական թողօնը` ասկէ ճիշտ քառասուն տարի առաջ, ամփոփուած գտայ երկու միջակ մեծութեամբ ճամպրուկներու մէջ, բաւական խառնակ վիճակով, նկատելով որ ժամանակի ընթացքին` կուսակցական հետա- քրքիր ընկերներ փնտռտուք կատարած էին այնտեղ...։ Իր այրիին` տիկին Զարուհիի բարեհաճ թոյլտուութեամբ` առաջին այցելու- թեանս ստացայ հազիւ տեսանելի գրութեամբ մատիտագիր ձեռագիրը, որուն վրայ` առաջին անմիջական գրութենէն ետք, յուշագիրը 38 սրբագրութիւն եւ յաւելում անհրաժեշտ նկատած էր։ Ձեռագիրը` որմէ կատարուած է այստեղ ներկայացուող խմբագրուած օրի- նակը, 21,5x27,5 սմ. մեծութեամբ, չթուագրուած եօթը դեղնորակ թերթերու վրայ գրուած է։ Եզրակացնելու համար, Միհրան Տամատեան անհրաժեշտ նկատած է շեշտել անցեալի տիրական դէմքի մը եւ յարակից դէմքերու մասին անդրադառնալու շարժառիթը. Արփիարի մասին այս չափազանց երկար եւ գուցէ տաղտկալի գրութիւնս` իմ կարծիքով կարեւոր էր իբրեւ ներածութիւն եւ բանալի ծառայելու համար այս պատմութեան մէջ յիշատակուելիք այն անցքերուն որոնց մէջ դեր ունեցած էր անիկա։ 311
Պահպանելու համար յուշագրութեան կառոյցը, յարմար նկատեցի այդ վերջաբանը ջոկել եւ ներկայացնել այստեղ։ ԵՐԵՔ ՄԱՀԱՓՈՐՁԷ ԵՒ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԷ ՄԸ ԵՏՔ` ԴԻՏԱՊԱՍՏ Արփիար Արփիարեանի կենսագիրները` որոշ նկատումներով, խուսափած են անոր դէմ կատարուած երեք մահափորձերը մանրամասն նշելէ. այստեղ, առաջին անգամ ըլլալով, ընթերցողին ուշադրութեան կը ներկայացնեմ երեք մահափորձերուն համապատկերը` քաղուած ժամանակակիցներու յուշերէն, եւ անծանօթ մնացած յարձակումի մը մանրամասնութիւնը` հաղորդուած նոյնինքն Արփիարեանէն։ Ոճրագիտութեան մէջ աննախադէպ երեւոյթ է անհատի մը երեք մահափորձի ենթարկուիլը` իրագործուած իր ոխերիմ հակառակորդներուն կողմէ. Արփիար- եան եղաւ այդ անզուգական զոհը...։ «Անձնական յիշատակ»-ներու եւ «Գրական յիշատակներ»-ու մէջ, Երուանդ Օտեան` Արփիարի մտերիմն ու սրտակիցը, մանրամասն արտայայտուած է մահափորձին եւ անոր պատճառներուն մասին. 1895 Դեկտեմբեր 2։ Երկուշաբթի իրիկունն էր, երբ Արփիար Արփիարեան, որ Բանկալթի, Ս. Յակոբի կալուածներէն մէկուն մէջ կը բնակէր իր եղբօր Տիգրան Արփիարեանի հետ, ուշ ատեն, բնակարանը գացած միջոցին, Թագսիմի պարտէզին դէմ` դաշունահար վիրաւորուե- ցաւ դաշնակցականի մը կողմէ։ Արփիար, հակառակ իր ստացած ծանր վէրքերուն, կրցած էր սակայն մինչեւ տուն հասնիլ եւ փողոցին դուռը բաղխել։ Բայց երբ դուռը բացած էին` արիւնլուայ գետին տապա- լած էր, ինքզինքը կորսնցուցած։ Տօքթոր Զօհրապ, որ մօտերը կը բնակէր, իսկոյն կանչուած էր եւ նախնական դարման- ները տուած։ Այս մահափորձը անակնկալ մը չէր ո՛չ իրեն ո՛չ ալ մեզի համար։ Ամիսներէ ի վեր Դաշնակցութիւնը մութին մէջ, ընդհանրապէս Հայրենիքի եւ մասնաւորաբար Արփիարեանի դէմ կը գործէր։ «Արփիարին սեւացրէ՛ք» հրահանգը եկած էր արդէն եւ խղճի մտօք – եթէ կարելի է այս բացատրութիւնը գործածել հոս – կը գործադրուէր։ Դաշնակցականները բերնէ բերան լուր կը տարածէին թէ Արփիար մատնիչ է, թէ Նազըմ փաշայի մարդն է, թէ ամէն գիշեր անոր հետ կը ճաշէ, եւն.3։ Ինչպէս արդէն նշած է իր բարեկամներէն` Երուանդ Օտեան, «Արփիարի դէմ հակառակութիւնը երթալով կը սաստկանար»...։ Ատիկա կը հաստատէ Արփիար 312
§¶³Õ³÷³ñÇ ½áÑÁ` ²ñ÷dzñ ²ñ÷dzñ»³Ý¦ Ûû¹áõ³ÍÇ Ù»ù»Ý³·Çñ ûñÇݳÏÇÝ ³é³çÇÝ ¿çÁ£ 313
Արփիարեանի` Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան, Փարի- զէն Լոնտոն ուղարկած 16 Մայիս 1897 թուակիր նամակը. Գիշերը հայոց վրայ conférence կար։ Գացի։ Երբ լմնցաւ դուրս ելանք, բակը երկու բարեկամի հետ կը խօսէի, յանկարծ կռնակէս բռունցքի հարուած մը գանկիս իջաւ. կը փախչէր, վազեցի ետեւէն ու գաւազանիս միջոցաւը դաս մը տուի, այնքան ուժգին զարկի գլխուն որ հաստկեկ գաւազանս կոտրեցաւ։ Ուրիշներ ալ վրայ հասան...։ Խնայող չկար։ Ոստիկանութիւնը վրայ հասաւ եւ ստոյգ մահէ փրկեց այդ ողորմելին։ Այստեղ գտնուող դաշնակցականները կը պահեն զինքը. զգեստ շիներ են, ու ամէն տեսակ պէտքերը կը հոգան4։ Փարիզի այս միջանկեալ յարձակումէն քանի մը տարի ետք, այս անգամ Վենետիկի մէջ, 1903 Փետրուար 22-ի իրիկունը, կամուրջէ մը անցած ատեն, Արփիարեանը կը զարնեն րէվոլվէրի երեք հարուածով...։ Արփիար շատ լաւ գիտէ` որ Վահէին գործն է այս։ Յաջորդին, Երուանդ Օտեան իրեն կը տեղեկացնէ` թէ «գուշակութիւնդ ճիշդ է. իր գործն է եղեր քեզի դէմ եղած սպանութեան փորձը։ Գահիրէի մէջ որոշեր են, Ատոմ Ասլանեանի տունը. մարդն ալ Գահիրէէն գտեր ղրկեր են»5։ 1922 թ. աշնան իրիկուն մը, Պուքրէշի Մոշիլոռ պողոտային վրայ գտնուող գարեջրատուներէն մէկուն մէջ, Մխիթարեան Միաբանութենէն` Հ. Մկրտիչ Վրդ. Պոտուրեան կը հանդիպի անծանօթի մը (թէեւ ան կու տայ իր անուն-մականունը, բայց կը խնդրէ, որ իրենց զրոյցը` իրենց միջեւ մնայ, նոյնիսկ եթէ օր մը ուզէ այդ պարագան գրի առնել), որ կը պատմէ հետեւեալը. 1907-ին էր [տարեթիւը կը շփոթի], լաւ կը յիշեմ, Ղեւոնդեանց կամ Վարդանանց տօնին օրը, երբ կատարուեցաւ մահափորձը Արփիարի դէմ։ - Ես այն ատեն հոն էի, ո՛րքան երիտասարդ, ո՛րքան տաքարիւն... Երբ Արփիարը գետին ինկաւ, մութին մէջ էր... կը դիտէի... ամէն անկիւնէ իտալացիներ հոն կը վազէին, մինչ Արփիար, ուշաթափ փռուած էր սալայատակին... օտարները շրջապատեցին, հետզհետէ գալարուող հայը, որ չէր մեռած... Անծանօթները կը մեղքնային հէգ մարդուն վրայ, իսկ ես իմ անկիւնէս կ’անիծէի բախտը որ գնդակը իր նպատակին չէր հասած... - Ինչե՜ր կ’ըսէք, պարոն, եղաւ պատասխանս, դուք այդքան չարամիտ մէկը չէք երեւիր... - Ան ատեն այդպէս էր։ Խենդ, անմիտ, խաբուած երիտասարդ մը որ կը հաւատար իրեն ըսուածներուն... - Յետո՞յ, շատ մնացի՞ք Վենետիկ։ - Նոյն գիշերն իսկ արդէն շոգենաւ մտայ։ Անցագիրս գրպանս էր, վիզա եղած։ Իմ «գործս» վերջացած էր, աւելի ճիշդը, ձախողած...6։ Այդ վայրկեանին Հայր Պոտուրեանի յիշողութեան մէջ կը բացուի ուրիշ 314
տեսարան մը. Բարեկենդանի օրերուն էր, երբ Արփիարը զարկին..., ան խումբ մը վարդապետներու հետ կը շտապէ այն հիւանդանոցը` ուր Արփիար փոխա- դրուած էր. Խոր քունով անշարժ էր մահճակալին մէջ, թմրեցուցիչի ազդեցութեան տակ։ Քովը գթու- թեան մայրապետ մը կը հսկէր։ Վէրքը մահացու չէր բարեբախտաբար, եւ ի դժբախտութիւն զինք սպաննել ուզողներուն։ Սպասեցի որ արթննայ։ Կէս Ժամ ետք արթնցաւ, ու ժպիտ մը գծագրուեցաւ դէմքին վրայ։ - Անցած ըլլայ Պր. Արփիար։ Երա՞զ է թէ իրականութիւն։ Ո՞ր գինովին հարուածը քեզ հոս բերաւ։ - Նորավէպդ տպեցի՞ր. գէշ չէ, տպէ... - Ձգէ՛ հիմա հին վիպակները, այս նորավէպին նայինք, ի՞նչ կը նշանակէ այս դէպքը։ - Զիս սպաննել ուզեցին, բայց չյաջողեցան. ուրիշ ոչինչ։ Գիտէի արդէն։ Ինծի գրած էին Եգիպտոսէն, բայց լուրջի չէի առած եւ գրեթէ մոռցած էի։ - Ժամը քանիին պատահեցաւ։ - Տասնին, երբ տուն կ’երթայի, հրացանի հարուածի մը ձայնը լսեցի հատ մըն ալ ետեւէն, չորս կողմս նայեցայ, ոչ ոք կար։ Քիչ մը առաջ գացի, զգացի որ վիզէս քրտինք կը վազէ։ Քրտինքս սրբեցի, եւ փողոցի լամբին տակ թաշկինակիս նայեցայ, ու տեսայ որ արիւն է եղեր... խեղճ մոլորածի մը քաջագործութիւնը... Արփիար առողջացաւ, տակաւին ապրեցաւ ու ինքն իր ոտքով գնաց իր գերեզմանը, Գահիրէ, ուր վերջապէս կուսակցականներէ թունաւորուած մահացու գնդակը հասաւ իրեն։ Հայը սպաննեց Արփիարը եւ Հայը արձան մը կանգնեց անոր հողակոյտին վրայ...7։ Շատ երկար լռութենէ ետք, Անծանօթը կ’եզրակացնէ. - Վարդապե՛տ շատ ուրախ եմ որ Արփիարը քեզի անձամբ ծանօթ եղած է. կրկին ուրախ ու երջանիկ եմ որ հիւանդանոց այցելած էք եւ անշուշտ հոգացած։ Անհունօրէն երջանիկ եմ որ յիմար խելքէս եկող գնդակովս չմեռաւ այդ մեծ մարդը։ Ես այն ատեն մոլորած էի, չէի գիտեր։ Կեցցէ՛ Արփիարը...8։ Արփիար Արփիարեանի դէմ կատարուած վերջին ոճիրը` «արդէն տարիներէ ի վեր յղացուած եւ ամիսներէ ի վեր պատրաստուած էր» «Սեւ վոհմակին» կամ «դրամաշորթ խմբակին» կողմէ, գործադրուելու համար 1908 Փետրուարի 12-ին, Չորեքշաբթի գիշերը, ժամը 9-ին ատենները, Գահիրէի ազնուական մէկ թաղին մէջ, Շարա Էլ-Մանախ, ուր կը բնակէր հայ տէրվիշը` Նէշընըլ Րէզիտանս շէնքին մէջ, որ մաս կը կազմէր Նէշընըլ Հօթէլի պլոքին։ Այդ ատեն ալ, Վահան Թէքէեան` որ Արփիարը տեսած է Ապտինի ոստիկա- նատան բակը, անոր սպանութենէն հազիւ երկու ժամ ետք, կը յայտնէ` թէ 315
«ոճրագործ խմբակին առաջին շահատակութիւնը չէ աս...»։ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ Արփիարեանի մտերիմները` շլմորած, գոյներնին նետած, վազվզած են մէյմէկ ուղղութեամբ։ Եգիպտոսի Առաջնորդ Հօր եւ Գաւառական Ժողովի Ատենապետ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպարի տնօրինութեամբ` որոշուած է ազգային յուղարկաւորութեամբ յարգել Մեծ-Հայուն յիշատակը։ Ուրբաթ իրիկուան դէմ, Գահիրէի ամէն թաղէ ստուար բազմութիւն մը` շուրջ 2000 հոգի, ժողովական, մտաւորական, պաշտօնատար թէ վաճառական, բժիշկ թէ փաստաբան, արհեստաւոր դասակարգը` առանց բացառութեան գացած է Պէյն-Էլ-Սուրէնի եկեղեցին, ուր կենալիք տեղ չէ եղած։ Բազմաթիւ ծաղկեպսակներու գունավառ պարտէզի մը մէջտեղ, թաւշազարդ մահաբեմին վրայ` մետաղեայ դագաղին մէջ, հանգչած է ինչ որ Արփիարեանը եղած է...։ Մտերիմներու մէջտեղ, դասին մէջ իբրեւ սգակիր կեցած է իր եղբօրորդին` Փիլիկ Արփիարեանը, վիրաւոր թռչունի մը նման...։ Դաշն ու հանդիսաւոր մեռելական արարողութենէն ետք, բեմ բարձրացած է Մկրտիչ Վրդ. Աղաւնունի եւ զգացումով լի դամբանական մը խօսած։ Դամբանա- կաններ արտասանած են նաեւ Վահան Մալէզեան եւ Վահան Թէքէեան, որոնց տխուր պերճախօսութիւնը` գրական սրտազեղումով արտասուագին, խորապէս յուզած է ներկաները։ Կարդացուած է նաեւ Տփղիսէն` Մշակ լրագիրին ցնցող հեռագիրը։ Փողոցներուն երկայնքին վէտվէտող ժողովուրդին հոծ ալիքներուն մէղջտե- ղէն, յուղարկաւորներու թափօրը անցած է Մուսքիէն, Աթապա-Էլ-Խատրայէն եւ Թղթատան պողոտայէն. հազարաւոր յուղարկաւորներու առջեւէն քալած են` Առաջնորդը, Պօղոս Փաշա Նուպար, Փիլիկը, Արփիարի մտերիմները եւ գրագէտ- ներ` իբրեւ սգակիր։ Թափօրը կանգ առած է Օփերայի հրապարակը` ուրկէ սկսած է կառքերու անհատնում շարանը։ Մարմինայի գերեզմանատան առջեւ` դագաղը վար առնուած է կառքէն. Արփիարեանի սրտակիցները եւ հիացողները` դագաղը ուսամբարձ տարած են մինչեւ մատուռ, ուր մեռելական աղօթքներէ ետք, դարձեալ ուսերու վրայ բարձրացուցած տարած դրած են անոր վերջին հանգրուանին սեմին վրայ։ Ժողովուրդին պահանջին վրայ, փոսին եզերքը` բացուած է դագաղը... Արփիար արիւնլուայ, կուրծքէն բզքտուած` իր վերջին քունը կը քնանար...։ Դառնակոծ հեծկլտանքներ եւ տրտմածոր արտասուքներ` վերջին աղօթքը կը համերգեն. սեւ հողերը կը ծածկեն մեծ սիրելին` որ մեծ զոհը եղաւ աշխարհի ամէնէն վատ եւ ամէնէն ապուշ կիրքին...9։ 316
ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ՃԻՇՏ ԵՒ ԱՆՃԻՇՏ ԲԱՆԵՐ Ամբողջացնելու միտումով, այս թռչնաթիռ ակնարկը կ’ուզեմ փակել դաշ- նակցական քանի մը հեղինակներու հապճեպ դատումներով. Պառակտումէն յետոյ ալ, նոր «Վերակազմեալ» հնչակեանութեան պարագլուխ յայտնուեցաւ Արփիար Արփիարեան, որ արդէն իսկ վարկաբեկուած էր 1890-ի իր ծանօթ «Մեղայական»ով։ Իր շուրջ յարուցուած ամբաստանութիւններով ու վէճերով նա ամբողջ տարիներ զբաղեցուց հնչակեանները եւ Դաշնակցութիւնը...։ Մարզուած գրչի տէր, մեծատաղանդ արձակագիր եւ հրապարակագիր` Արփիար Ար- փիարեան, տարաբախտաբար, պոլսական վատթարագոյն տիպի գրողներէն էր, անսկզբունք, աննկարագիր, միանգամայն անպէտք քաղաքական կուսակցութիւն մը վարելու համար եւ շատ չանցած, կնքեց իր մահկանացուն, եղերական ձեւով, իր իսկ ընկերներու գնդակներուն տակ...10։ Շատ տարիներ ետք, բանաստեղծ Արսէն Երկաթ` «իր պատանեկան յուշե- րուն վրայ յենլով», Յուսաբեր օրաթերթին մէջ նկարագրած է մեծ գրագէտին մահը, անոր անշունչ դէմքին պատկերը, անոր թաղումը, եւայլն։ Ծամածռումը եթէ անոր դէմքին գիծերը պահ մը խանգարած, սահմռկեցուցած էր, տեղի տուաւ յետոյ անհուն անդորր ժպիտի մը, որ դագաղին բացուելուն պէս` յառեցաւ մեզի, ադամանդի նման կարծր եւ շուշանի նման քնքոյշ։ ... Ու այդ մեռելին դէմքը կարծես ո՛չ մէկ գիծով կ’արտայայտէր ցաւը, որ զգացած էր վերջին պահուն։ ...Մեռելին դէմքը պահած էր տարօրինակ ժպիտ մը։ Թերեւս այսպէս կ’ըլլայ ժպիտը երկարատեւ չարչարանքէ վերջ մահացած սուրբերուն։ Ի՞նչ ըսել կ’ուզէր այդ տարօրինակ ժպիտը։ Հասկցող մը կա՞ր արդեօք։ Չէին ըմբռներ մանաւանդ անոնք, որ դեռ անէծք կը կարդային ոճրագործին դէմ։ Եթէ մէկը իր հոգիին մէջ զգար այդ ադամանդին լուսաշող սլաքը, այդ շուշանին երկնաբոյր ծաղկումը, անշուշտ որ պիտի ընդմիջէր դամբանախօսները պոռալով անոնց երեսին. Չէ՞ք տեսներ որ մեռելը կը ժպտի, ուրեմն ինչո՞ւ դեռ կը շարունակէք ձեր կոկորդիլոսի արցունքները11։ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ... Հրապարակագիր եւ գրաքննադատ Գուրգէն Մխիթարեան` փութկոտու- թեամբ արձանագրած է Յուսաբեր օրաթերթի գրաշարներէն Արտաշէս Ազապ- լարի վկայութիւնները` խռովայոյզ Արփիար Արփիարեանի մասին. 317
- Չենք կրնար բացատրել թէ ո՞ւրկէ հաւաքուած էր այսքան ուժ, այսքան հպարտութիւն, այս պզտիկ, այս տէրվիշի կերպարանքով մարդուն մէջ, որուն միակ զէնքը իր գրիչն էր, հատու եւ կծու խայթոցով։ - Պարզ մարդ մըն էր յարաբերութիւններուն մէջ եւ իր հագուստովն ու կապուստովը։ - Նկարագրով շատ անվախ մարդ էր, հպարտ եւ ուղղամիտ։ Անօթի կը մնար բայց երբեք դիրք ու պաշտօն ապահովելու չէր մտածեր։ Կ’ըսէր իր կարծիքը առանց վարանումի, ուղղակի, ճակատին, ինչպէս կը գրէր, սուր ու խայթող։ *** ... Լուսաբերի խմբագիր եղաւ։ Այն ատեն Լուսաբեր փաշայական (Պօղոս Նուպարի կուսակից) օրկան մըն էր եւ կը գտնուէր Տոքթ. Քէչէճեանի, Տաղաւարեանի եւ վարժարանի տնօրէն Քիւրքճեանի վարչու- թեան ձեռքը։ Արփիար ստանձնեց խմբագրապետութիւնը ամսական 4 ոսկիով եւ սովորա- կանին պէս անկախ ուղղութեամբ։ Տպարանը Շարա Մահմուտ Ալիի նկուղի մը մէջ էր, մութ եւ խոնաւ, պատերէն ջուր կը կաթկթէր, Արփիար մեր մօտը նստած, լռիկ կ’աշխատէր։ Այդ տարին (1906), Ռ. Որբերեան իր Ծփանքներ անուն քերթուածներուն հատորը հրատարակած էր Ճիպութիի մեծահարուստներէն Մ. Գէորգոֆի ծախքով, անոր նուիրուած եւ ի նպաստ Բարեգործական Միութեան, որուն քարտուղարն էր Տոքթ. Տաղաւարեան։ Առաւօտ մը կանուխ Վարչութենէն Տաղաւարեան, Քէչէճեան եւ Անտոնիկեան տպարան եկան Արփիարը տեսնելու. հոն չէր, երբ հարցուցին մեզի։ - Հիմակ կու գայ ըսինք մենք, այս անակնկալ այցելութենէն քիչ մը զարմացած։ Երբ եկաւ, Տաղաւարեանը խօսելով ըսաւ. - Պապա Արփիար, քեզի հետ տեսնուիլ կ’ուզենք։ - Ինծի՞ հետ, ըսաւ ան, ապշահար նայելով, որովհետեւ չէր ուզեր անոնց հետ խօսիլ։ Գլխարկը ձեռքը նստաւ աթոռի մը վրայ։ Տաղաւարեան խնդրեց որ գրախօսական մը գրուի Ծփանքներու մասին եւ այդ առթիւ սանկ քանի մը փաղաքշական խօսքեր ըսուին փաշային նկատմամբ։ Միայն թէ, աւելցուց ան, նայէ որ «Վսեմ.» բառը գործածես, խմբագրականներուդ մէջ ալ չես գործածեր կոր. չե՞ս գիտեր թէ փաշան անզուգական մարդ է եւ մեղք ունի «Վսեմ.» բառը չգործածելը։ - Այդ գրախօսականին տակը ի՛նչ պիտի դրուի, Ա. Ա., այնպէս չէ՞, պատասխանեց ան, ուրեմն «Վսեմ.» բառը չի գործածուիր։ Տաղաւարեան բարկացած եւ ձայնը փոխելով ըսաւ խստօրէն. - Բայց գիտե՞ս թէ դուն մեր վարձուորն ես։ Այս խօսքին վրայ Արփիար, յանկարծակի ապտակ մը ուտելու պէս, սկսաւ դողդղալ զայրոյթէն եւ գունաթափ` անոր դառնալով ըսաւ. - Ի՞նչ ըսիր, ի՞նչ ըսիր, վարձուո՞ր, ես ձեր վարձուո՞րը, է՛շ, է՛շ... Տաղաւարեան քանի մը բառեր ծամծմեց եւ դարմանել ուզեց իր սխալը, ըսելով թէ` 318
«այսինքն մեզի կապուած ես ըսել կ’ուզեմ» եւ նման խօսքեր փնտռեց... Արփիարեան այնքան վրդոված էր եւ այնքան վիրաւորուած, որ այլեւս առանց լսելու անոր խօսքերը շարունակեց. - Ծօ՛, ինծի Գրիգոր Արծրունիի պէս մէկը որ 14-15 րուպլի կը ղրկէր ամէն մէկ յօդուածիս, «վարձք» բառը չի գործածեր, դուն ինչպէս բերանդ կ’առնես այդ խօսքերը։ Տղա՛ս, քեզի կ’ըսեմ որ քու համետդ կը պակսի միայն, համետդ... Տաղաւարեան զգաց, որ սայթաքած էր շատ գէշ կերպով. եւ ինքզինք զսպելով, ըսաւ. - Ինչ որ է, քեզի շատ ծանր կը նստեցնէինք, բայց պապայի տեղ դրած ըլլալնուս համար, կը ներենք։ Հետեւեալ օրը սակայն, պաշտօնէն հեռացուցին։ Արփիարեան, անվրդով, ամբողջ երկու ամիս պզտիկ սրճարանի մը մէջ շարունակ յօդուած գրեց, առանց հրատարակելու. Լուսաբեր Ծոցիկեանի եւ Քիւրքճեանի ձեռքը մնաց եւ հետզհետէ ինկաւ։ Վարչութիւնը հարկադրուեցաւ նորէն Արփիարեանի դիմել, որ եկաւ այս անգամ 8 ոսկի ամսականով եւ պայմանով որ բոլորովին ազատ ըլլայ ու չգործածէ «Վսեմ.» բառը։ Մենք շատ ուրախ էինք անոր մանաւանդ այս կերպ վերադարձովը։ *** ... Այս միջոցներուն էր որ Ազատ բեմ թերթը կը հրատարակուի Արզուեանի եւ Լ. Լարենցի խմբագրութեամբ։ Ասոնք ամէն միջոցի դիմեցին վարկաբեկելու եւ հալածելու համար զայն։ Անգամ մը երբ Արփիարեան սրճարանը նստեր կը գրէ եղեր, – ասիկա ինքը պատմեց մեզի, – Լարենց ներս կը մտնէ, կը մօտենայ Արփիարեանի, ու հայհոյելով, «Ի՛նչ նորէն մեզի դէ՞մ կը գրես կոր» ըսելով ապտակ մը կ’իջեցնէ։ Արփիարեան որ չէր ճանչնար Լարենցը անոր ով ըլլալը կ’ուզէ հասկնալ. Լարենց երբ իր անունը կու տայ, Արփիարեան սաստիկ գրգռուած կ’ըսէ. - Ծօ, սրիկայ, քեզի գրչիս ծայրովը պիտի սպաննեմ։ Հետեւեալ օրը անգլիացի ոստիկանապետը եկաւ, որուն հաղորդուած էր այս դէպքը Վարչութեան կողմէ, եկաւ եւ պնդեց որ տայ անունը թէ ո՛վ էր յարձակողը, ձերբակալելու համար։ Արփիար մերժեց ո եւ է բացատրութիւն. միայն կտրուկ ըսաւ. - Չէ փաշա, ես պիտի սպաննեմ զայն գրչիս ծայրովը, ե՛ս...12։ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ԶՈՀԸ ԵԳԻՊՏԱՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ Կորովի հրապարակագիր Սուրէն Պարթեւեանի գնահատումով` Ո՛չ մէկ գաղութ այնքան հարուստ եղած է մտաւորականութեամբ, որքան Եգիպտահայ Գաղութը։ Ազգային այժմէական իրադարձութիւններու առիթով` եգիպտաբնակ ականաւոր 319
հրապարակագիրները միշտ լսելի ընծայած են իրենց գերակշիռ ձայնը։ Արփիար Արփիարեան եղաւ այն ականաւոր հրապարակագիրներէն` որոնք պարծանքը կազմեցին թրքահայ գրականութեան13։ Գրիգոր Զօհրապ` Արփիարեանի դիմաստուերը ներկայացնելով, հարց տուած է, շատ ուշագրաւ կերպով. Ի՞նչպէս պիտի ըլլայ այս կեանքին ծերութիւնը. վերջ ի վերջոյ ո՞ւր կանգ պիտի առնէ զինքը տանող նաւակը...14։ ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ ՄԻՀՐԱՆ ՏԱՄԱՏԵԱՆ15 Հրատարակութեան պատրաստեց` ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ Արփիար Արփիարեան` որուն վրայ թեր ու դէմ խիստ շատ խօսուած է թէ՛ նախայեղափոխական շրջանին եւ թէ ամբողջ յեղափոխական շրջանին` մինչեւ իր եղերական մահը16, եւ անկէ ալ վերջ, քիչերուն այնչափ ծանօթ եղած է որչափ ինծի եւ ան` այնպիսի տարօրինակ, արտակեդրոն եւ առեղծուածային անձ մը եղած է որ` քիչեր կրցած են թափանցել իր բո՛ւն էութեան, ասով կը բացատրուի այն երեւոյթը որ, - կուսակցական կիրքն ու ատելութիւնն ալ խառնուելով գործին մէջ, - ան շատերու աչքին եղած է աննման եւ անբասիր հասարակական գործիչ մը, եւ նոյնքան շատերու աչքին` հասարակ էնթրիկան մը17, դաւաճան մը, մատ- նիչ մը, մարմնացեալ սատանայ մը։ Զինք աստուածացնողները շատ սխալած են, բայց չարաչար սխալած են զինք անարգութեան սիւնին գամողները։ Արփիար, Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի աշակերտ եւ Ալի- շանի ձեռնասուն18, որ իրեն ծածկանուն ընտրած էր Յուշիկք հայրենեաց հայոցի «Հայկակը»19, որ 1876-80[ական] թուականներուն Կ. Պօլսոյ մէջ տիրող ազգային ոգեւորութեան շարժիչ ուժերէն մին եղած է, որ եղած է մին Արարատեան Ընկերութեան20 (վերջէն բաղկացուցիչ մաս Հայոց Միացեալ Ընկերութեանց21), հիմնադիրներէն եւ ամենէն եռանդուն աշխատաւորներէն, ախոյեան հայ ազգի դաւանական հատուածներուն միջեւ անխտրական սերտ գործակցութեան, ժա- մանակակից հրապարակագրութեան մէջ ազատական շունչ մը մտցնողներէն առաջինը22, նաեւ առաջինը տաճկահայ եւ ռուսահայ մտաւորականութեանց միջեւ յարաբերութեան կապ հաստատողներուն, Գրիգոր Արծրունիի Մշակին երկար տարիներու աշխատակցութեամբը` վերոյիշեալ Հայկակ ծածկանունով23, Ազգային Ժողովին մէջ պայքարող ձախակողմեանը որ Նուրեան էֆէնտին 320
ապտակեց24, պայքարող խմբագիրը Մասիսի25, Արեւելքի26 եւ հիմնադիրը ժողովրդանուէր Հայրենիքին27, հեղինակը այդ թերթերուն համով-հոտով «Օրուան կեանք»երուն28 եւ «Հողվրտիք»ներուն29, հեղինակը վերջապէս Կարմիր ժամուցին30, դաւաճան մը, մատնիչ մը չէր եւ չէր կրնար ըլլալ։ Իր համբաւաւոր «հարցաքննութիւն»ը որ իբրեւ իր մատնչութեան փաստ, ժամանակով հրատարակուեցաւ Դրօշակի մէջ31, կեղծ տօքիւման մըն էր32, զոր մատնիչ Թիւթիւնճիէֆ33 ինք դարբնած ու ծախած էր դաշնակցութեան, որոնք հաւատալով կամ չհաւատալով այդ տօքիւմանին հարազատութեանը, զայն գոր- ծածեցին իբրեւ զէնք Արփիարին դէմ։ Թիւթիւնճիէֆ մարդ մըն էր34 որ իր զեղխ կեանքին պէտք եղած դրամը հայթայթելու համար ամէն միջոց ներելի կը գտնէր։ Սկսաւ իբրեւ յեղափոխական, Կ. Պօլսէն փախաւ իբրեւ յեղափոխական, Պուլ- կարիոյ մէջ ազատաշունչ թերթ35 եւ գրքոյկներ36 հրատարակեց ատեն մը, մաս- նակցեցաւ առաջին անգամ Տինամիթներու պատրաստութեան գործին37 զոր յետոյ ինք մատնեց եւ յետոյ իբրեւ թուրք կառավարութեան լրտես Կ. Պօլիս եկաւ ու շատ անմեղ Հայեր մատնեց. բայց իր արծաթասիրութեամբը ամէն բան ընելու ընդունակ ըլլալով` միեւնոյն ժամանակ Անգլ. դեսպանատան կը հաղորդէր թուրք կառավարութեան գաղտնիքները եւ, ո՜վ հեգնութիւն, դրամի սիրուն, շատ մը հայ բանտարկեալներ ալ ազատած է։ Այս այնչափ ճիշտ է, որ երբ Թիւթիւն- ճիէֆ սպաննուեցաւ ահաբեկիչի գնդակով38, Անգլ. դեսպանը յայտնած էր թէ Հայերը ի՞նչպէս իրենց դատին բարեկամ եղող անձեր մահապատիժի կ’են- թարկեն։ Դեսպանին այս խօսքը պատմած էր Չայեան Իլիաս Էֆէնտին39 Խարա- խանեան Ներսէս եպիսկոպոսին40 եւ այս վերջինը պատմեց ինծի։ Արփիարի «մատնչութեան» այս կեղծ տօքիւմանը Թիւթիւնճիէֆէն ստացող- ները եւ անոր դէմ օգտագործողները եղան... Իւսուֆեան41, Մելքոն Կիւրճեան (Հրանդ42) եւ Աւետիք Լալայեանց43։ Ասոնք Արփիարի հետ գաղտնի յարաբերու- թիւններ ունեցած էին44 1894 թուականին եւ խիստ հաւանօրէն Արփիար եւ Շահնազար45 որոշ աստիճան համակրութիւն ցոյց տուած ըլլային դէպի դաշ- նակցութիւնը` որուն Կ. Պօլսոյ հիմնադիրներն էին յիշեալները։ Բայց երբ օր մը դաշնակցականները սպառնագրով46 պահանջեցին Պօլսոյ հայ թերթերէն չհրա- տարակել թուրք կառավարութեան պաշտօնական յայտարարութիւնները («շնորհիւ Վեհ. Սուլթանին` Կարնոյ, Վանայ... եւն., վիլայէթներուն մէջ անդոր- րութիւնը կատարեալ է - ասայիշ պէրքէմալ տըր»), - պահանջ մը որուն համա- կերպութիւնը պիտի յանգէր բոլոր հայ թերթերուն դադարումին, - Արփիար առաջինը եղաւ այդ անգործադրելի պահանջին դէմ ծառացող եւ անվրդով հրատարակեց պետական պաշտօնական յայտարարութիւնը, մինչ ուրիշ հայ թերթեր` սպառնալիքին սարսափէն շուարած` ոմանք մեքենայի խանգարում, ոմանք տօն պատրուակելով օր մը չհրատարակեցին իրենց թերթերը, եւ յաջորդ օրը քաջալերուած Արփիարի բռնած դիրքէն` հետեւեցան անոր օրինակին47։ 321
Դաշնակցութեան պատգամը արհամարհուած էր. այն օրէն վճռուած էր Արփիա- րի դէմ տեռօրը48. մնացեալը` «հարցաքննութեան պատճէն»49 եւն այդ տեռօրին իբրեւ պատճառանք ծառայելու համար էր որ պատրաստուեցաւ50։ Արփիարի դէմ իբրեւ զէնք գործածուող երկրորդ տօքիւմանը իր համբաւաւոր մեղայագիրն է51։ Այս մեղայագիրը ի հարկէ չի կրնար պաշտպանուիլ, բայց երկու մեղմացուցիչ պարագաներ կան. առաջինը այն է որ, մինչ բոլոր միւս բանտար- կեալները իրմէ առաջ ազատ արձակուեցան, իրեն` բանտէն արձակուելուն իբր պայման պարտադրուած էր այդպիսի գրութիւն մը որ, սակայն ուրիշին վնաս մը չէր տար, այլ ինքզինք միայն կը ստորնացնէր։ Երկրորդ մեղմացուցիչ պարագան կը հասկընան անո՛նք միայն որոնք Արփիարի հոգեբանութիւնը մօտէն ճանչցած են։ Արփիար երբ ինքզինք պարտաւորուած զգար իր համոզումին հակառակ բան մը գրելու, այդ գրութեան մէջ կը դնէր այնպիսի ծայրայեղ չափազանցութիւններ եւ այնպիսի բացառիկ շեշտ մը` որոնք անոր կու տային գրեթէ զաւեշտական կամ երգիծաբանական բնոյթ։ Արփիար կը կարծէր այդ կերպով զինք բռնադատողին քթին խնդալ։ Արփիար այնքան վստահ էր ազգին մէջ իր կատարած դերին վրայ, որ կարեւորութիւն չէր տար գրածներուն եւ կը հաւատար որ ուրիշներն ալ կարեւորութիւն պիտի չընծայէին անոնց։ Օրինակով մը բացատրեմ։ Ամէն տարի գահակալութեան տարեդարձին52, մայրաքաղաքի ամէն ազգի թերթերը ստիպուած էին գովասանքներ հիւսել Սուլթանին։ Արփիարի գովա- սանքները իրենց չափազանցութեամբը ամէնքը կը գերազանցէին եւ ամէնուն խնդուք կը պատճառէին, եւ ինք էր առաջին խնդացողը։ Օրինակ «Շնորհիւ վեհ. Սուլթանին, շոգեկառքերը երկրին մէկ ծայրէն միւսը կը սուրան, երկրին մէջ ճարտարարուեստը, արուեստները, վաճառականութիւնը աննախընթաց կեր- պով կը ծաղկին. հանրային կրթութիւնը այն աստիճան զարգացած է որ անգրա- գէտ մարդ չէ մնացած լայնածաւալ կայսրութեան մէջ. բոլոր ժողովուրդները` անսահմանօրէն երջանիկ` միաբերան կ’աղօթեն վեհ. Սուլթանին արեւշատու- թեանը համար եւ կը մաղթեն որ ան յաւիտեանս անսասան մնայ իր կայսերական գահուն վրայ»։ Իր այսպիսի գրութիւնները կը նմանէին, օրինակի համար Սարգիս Մինաս- եանի53` Դրօշակի մէջ` Սուլթանին գահակալութեան տարեդարձի մը առթիւ54 հրատարակած երգիծաբանական այն հրաշալի գովերգութեան որ կը վերջանար «պինլէր եաշա՛, ծօ Համիտ»55, բացագանչութեամբ։ Իր թեթեւամտութեան մէկ քանի արտայայտութիւններուն եւ իբրեւ «յեղափո- խական» իր մէկ քանի սխալներուն համար` զորոնք քաւեց իր եղերական մահուամբը, իր գործը անտեսելը եւ իր յիշատակը աղարտելը մեծագոյն ապե- րախտութիւն մը պիտի ըլլար ազգին կողմէ։ Գանք իր նկարագրին ժխտական կողմերուն։ 322
Արփիար անհանդարտ միտք մըն էր, երեւակայութիւնը սուր էր եւ մտածում- ները արագ։ Կենդանի շարժանկար մըն էր իր միտքը... տակաւին շարժանկարը չհնարուած։ Ի՛նչ որ ուրիշները մեծ ճիգով եւ երկար ժամանակի մէջ կրնային յղանալ ու ծրագրել, ինք վայրկենապէս կը յղանար ու կը ձեւակերպէր։ Ամէն առաւօտ, ազգային գործունէութեան կատարելապէս մշակուած ու մանրա- մասնուած ծրագրով կ’արթննար, ծրագիր որուն գործադրութիւնը տարիներու աշխատանք կը պահանջէր, ու ինք զայն կը պաշտպանէր հաւատաւորի մը ջերմեռանդութեամբ, հոգ չէ՛ թէ այդ ծրագիրը իր երէկ յղացած նոյնքան մշակուած ու խնամուած մէկ ծրագրին տրամագծապէս հակառակը ըլլար, թէ մին ծայրայեղ պահպանողական ըլլար եւ միւսը ծայրայեղ յեղափոխական։ Հակասութիւնը երբ մատնանշէիր, ի՛նքն ալ կը խնդար, բայց վերջին ծրագիրը իբրեւ լաւագոյն կը ջատագովէր, մինչեւ այն օրը որ նորագոյն ծրագիր մը յաջորդէր անոր։ Ան սկզբունք չունէր, եւ երբ այս նկատմամբ զինք կը մեղադրէին, «իմ սկզբունքս սկզբունք չունենալն է», կ’ըսէր։ Արփիարի մեծագոյն թերութիւնը իր յեղյեղուկ նկարագրին մէջ կը կայանար։ Իր հետ ամէնօրեայ շփման մէջ եղած ժամանակս, եղած են օրեր որ, իր այլանդակ խօսքերէն դատելով` իր հայրենասիրութեան վրայ, իր զգայուն սիրտ մը ունենալուն վրայ իսկ կասկածած եմ. եւ ահա յաջորդ օրը մամուլին յանձնած է համակ հայրենասիրութիւն բուրող այնպիսի սրտայոյզ եւ անվարանելիօրէն սրտաբուխ «հողվրտիք» մը կամ «Օրուան կեանք» մը, որ հիացած եւ ափ ի բերան մնացած եմ։ Արփիարի այս յարափոփոխ նկարագիրը լաւ ուսումնասիրած էր Շահնազար, որ ինք ըլլալով հաստատ նկարագրի եւ սկզբունքի տէր անձ մը, Արփիարի յօդուածները չէր հրատարակեր Հայրենիքի մէջ առանց զանոնք հակակշռէ անցընելու, եւ շատ անգամ բուռն վիճաբանու- թիւններ կ’ունենար անոր հետ։ Այս հակակշռին շնորհիւ էր որ Հայրենիք ունեցաւ միատեսակ ուղղութիւն մը եւ Արփիարի յօդուածները այնքան հաճոյքով կը կարդացուէին։ Արփիար սաստիկ վախկոտ մարդ էր` վտանգի հանդէպ. բայց իր գրութիւններուն մէջ` վերջին աստիճան համարձակ եւ յախուռն էր, առանց բնաւ վախնալու իր հակառակորդներէն56. իր գաղափարներուն (թէեւ յարափոփոխ) քաջութիւնը ունէր։ Ան պայքարը կը սիրէր, հակառակորդները որքան ալ բուռն յարձակումներ ընէին իր անձին դէմ, անոր հոգը չէր. կարծես նոյնիսկ կ’ախորժէր ուրիշներու քննադատութեանց նշաւակ դառնալէն։ Ան կը տառապէր երբ ուրիշները կը դադ- րէին իր վրայ խօսելէ. այն ատեն մէջտեղ քար մը, կռուախնձոր մը կը նետէր ու պատճառ կ’ըլլար որ հակառակորդները նորէն իրենց բերանը բանային իրեն դէմ։ Ան սակաւապէտ57 էր եւ ժուժկալ, արբեցութենէ ու կնասիրութենէ հեռու, բայց միանգամայն կիներու հանդէպ խիստ քաղաքավար ու մեծարող։ Սկիզբները, Պօլսոյ մէջ, լաւ կը հագուէր, միշտ սեւ զգեստ կը կրէր, բայց երթալով կոկիկու- թիւնը կորսնցուց, վերջին ժամանակները փնթի ըլլալու աստիճան58։ Այս 323
արտակեդրոն մարդը շատ անգամ խնձորով ու հացով կ’անցընէր իր օրը, ընդհանրապէս աժան végétarien59 ճաշարանները կերակուր կ’ուտէր, բայց օր մըն ալ յանկարծ խելքին կը փչէր ու կ’երթար ամենէն փառաւոր ազնուապետական ճաշարան մը կը ճաշէր, եւ որովհետեւ հակառակորդներ շատ ունէր, բաւակա՛ն էր որ մէկ անգամ զինք այդպիսի ճաշարան մը տեսած ըլլային, իսկոյն կը տարաձայնուէր որ Արփիար շռայլ կեանք մը կ’անցընէ...։ Ան դրամն ալ չէր սիրեր. աղքատ ապրեցաւ ու աղքատ ալ մեռաւ։ Ան կասկածոտ ու ոխակալ էր. հակառակորդները հալածելու համար նոյնիսկ պատմութիւնը կը խեղաթիւրէր։ «Կ. Պօլսոյ պահպանողական վարչութիւնները» յօդուածաշարքին60 մէջ, իր հակառակորդ Նուրեան Յովհաննէս Էֆէնտիին61 (Պէշիկթաշի գերեզմանատան խնդրին առթիւ62) տուած է խորամանկութեան այնպիսի չարաշուք դեր մը` որուն Մաքիավէլլին63 անգամ պիտի նախանձէր. դեռ ուրիշ դիտաւորեալ անճշտութիւններ ու չափազանցութիւններ լեցուն են իր գրութիւններուն մէջ։ Գումգափուի դէպքին64 առթիւ Աշըգեան Պատրիարքի հետ յանուն Հնչակեան կուսակցութեան իր իբր թէ ունեցած տեսակցութիւնները, զորոնք կը նկարագրէ Նոր կեանքի մէջ65, բոլորովին մտացածին են, բայց այնքան ճարտարօրէն յարմարցուած, որ իբրեւ ստոյգ պատմութիւն66 կը կարդացուին...։ Այսպիսի բարդ խառնուածքով մարդ մը կրնար, եթէ կ’ուզէք, անհատ, անպա- տասխանատու յեղափոխական մը ըլլալ, - եւ իրօք յեղափոխական եւ ամէն կանոնի ու աւանդութեան դէմ ըմբոստ միտք մըն էր, - բայց պէտք չէր որ ըլլար յեղափոխական կուսակցութեան մը անդամ, եւ ոչ երբե՛ք` յեղափոխական ղեկա- վար մը։ 1880 թուականէն ի վեր զինք մօտէն ճանչցած ըլլալով` կանուխէն այս գաղափարը կազմած էի իր մասին. մեր Կ. Պօլսոյ առաջին յեղափոխական կազմակերպութիւնը67 իրեն հետ կը յարաբերէր, կը լսէր իր խորհուրդները եւ թելադրութիւնները, բայց զինք կը նկատէր միայն համակիր մը։ Մենք իր մասին նոյն գաղափարը յայտնած էինք առաջին անգամ մեզի հետ բանակցութեան մտնող կովկասահայ յեղափոխականներուն ալ, որոնք արդէն` իբրեւ Մշակի ծանօթ թղթակից, մենէ առաջ անոր հետ տեսնուած եւ միեւնոյն գաղափարը կազմած էին իր մասին։ 1894ին, երբ բանտէն կ’ազատուէի68, զար- մանքով Կ. Պօլսոյ Հնչակեան Վարչութեան անդամ գտայ զինքը69։ Կուսակցու- թեան մը մէջ մուտքը եւ պատասխանատու դեր մը ստանձնելը մեծագոյն դժբախտութիւնը եղաւ այս մարդուն, որ իբրեւ ինքնատիպ հրապարակագիր, սքանչելի քրոնիկագիր, վիպագիր եւ երգիծաբան70` դեռ շատ բեղմնաւոր կեանք մը պիտի կրնար ունենալ եւ որ ի վերջոյ զոհը եղաւ անո՛նց որոնք յեղափոխական գործին մէջ մուտքը դիւրացնելու սխալը գործած էր71։ Լոնտոնի մէջ, երբ տակաւին ոեւէ գժտութեան պատճառ չունէինք72 իրարու հետ, ես քանիցս իրեն բարեկամական խորհուրդ տուի քաշուիլ կուսակցական կեանքէ ու նուիրուիլ անկախ հրապարակագրական կեանքի. «Քու գրութիւններդ 324
այնքան ինքնատիպ եւ հետաքրքրական են որ անոնք միշտ պիտի կարդացուին թէ՛ քու բարեկամներուդ եւ թէ հակառակորդներուդ կողմէ», ըսի։ Աւա՜ղ, իմ խոր- հուրդներս նախանձի ու թշնամութեան վերագրեց եւ միայն ա՛յն ատեն զանոնք վերոյիշեց եւ ինծի իրաւունք տուաւ (վկայ իմ բարեկամ ճարտարապետ Թիւր- քեանը73), երբ արդէն շատ ուշ էր, եւ իր երբեմնի կարծեցեալ բարեկամները եւ անարժան պաշտպանեալները իր դահիճները պիտի ըլլային։ Արփիար իր ամբողջ կեանքին մէջ, իր գրիչով ու գործով` – իր գիտցած եւ հասկցած կերպով – ազգին ծառայելէ զատ ուրիշ հաճոյք եւ ուրիշ զբաղում չունեցաւ, ու մեռաւ անողոք քննադատի եւ պայքարող հրապարակագրի պատնէ- շին վրայ։ Ան եղաւ մեծ սխալող մը, բայց միեւնոյն ժամանակ մարդ մը։ Կովկա- սահայ – բացառութիւնները յարգելով – բացարձակապաշտ եւ դաժան սկզբունք- ներու անշարժական ժայռին կառչած քառակուսի գլուխ մտաւորականները երբեք պիտի չկրնային հասկընալ Արփիարի ներքին մարդը եւ անոր բո՛ւն ոգին, երբ անիկա` իր առեղծուածային խառնուածքով ու թեթեւամիտ նկարագրով դժուարհասկնալի մարդ մըն էր, նոյն իսկ տաճկահայ համեմատօրէն աւելի ճկուն եւ յարմարող մտաւորականութենէն շատերու համար։ Մեքենագիր, անտիպ, Գահիրէ, 2002 Կրճատուած տարբերակը` Հայկազեան հայագիտական հանդէս, Պէյրութ, 2003, հատոր ԻԳ., էջ 9-57։ ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 1. Արփիար Արփիարեանի մասին ուսումնասիրութեան մը համար` քննադատ Ար- տաշէս Յարութիւնեանի գրի առած նոթերէն, «հաւանականօրէն 1910-ի ատենները», տե՛ս` Անդաստան, պարբերական գրականութեան եւ արուեստի, թիւ 15, Փարիզ, 1964, էջ 44։ 2. Նոյն տեղը, էջ 42։ 3. Երուանդ Օտեան, Տասներկու տարի Պոլսէն դուրս, 1896-1908 (Անձնական յիշա- տակներ), Կ. Պոլիս, 1914, էջ 5-6։ Այս հատորը երկրորդ տպագրութեան ալ արժանացած է` Պատկերազարդ, Կ. Պոլիս, Տէր-Սահակեան Հրատարակութիւն, Տպագր. Մ. Տէր- Սահակեան, 1922։ Թերեւս աւելորդ չնկատուի այստեղ արտագրել նաեւ հետեւեալը. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆՈՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԻՑ Մահու պատիժը հայերի վերաբերմամբ ընդունվում է միմեայն անպայման ապացուցված դաւաճանութեան դէպքում։ Վարչական Կենտրօն Տե՛ս Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, No 3, փետրուար [1892], էջ 12։ 325
[Սակայն ի՞նչ] էր Արփիարեանի դէմ այս կատաղի հալածանքին պատճառը։ Կարելի է ըսել որ մէկէ աւելի պատճառներ կային։ Նախ Արփիարեան այդ թուականին բացառիկ դիրք մը կը վայելէր յեղափոխական շարժումին գլուխը։ Նմանը չգտնուած ժողովրդական թերթի մը` Հայրենիքի խմբա- գրապետն էր, Հնչակեան Պոլսոյ կեդրոնին անդամ էր, Մշակի եւ Հնչակի թղթակիցն էր. երկու թերթեր որոնք մեծ ազդեցութիւն ունէին յեղափոխական շրջանակներու մէջ։ Հայրենիքի հեղինակութիւնը շատ մեծ էր մանաւանդ Պոլսոյ մէջ։ Տարիէ մը ի վեր գրեթէ ան էր ազգային քաղաքականութիւնը վարողը։ Հայրենիքի ու անոր խմբագրապետ Արփիարեանի այս առաւելութիւնն ու հեղինակութիւնը բնականաբար արգելք մըն էին Դաշնակցութեան, որ չէր կրնար իր դիրքը զօրացնել այսպիսի հակառակորդներու հանդէպ։ Նոյն թուականներուն Պոլսոյ դաշնակցական ներկայացուցիչը կամ պետն էր Իւսուֆեան եւ ինքն էր որ սկսաւ Հայրենիքի ու Արփիարեանի դէմ պայքարը։ Եւ սակայն Իւսուֆեան մտերիմ բարեկամն ու խորհրդակիցն էր Արփիարեանի` մինչեւ որոշ թուական մը կամ` աւելի ճիշդը` մինչեւ այն օրն ուր զգաց թէ Արփիարեան զինքն ու իր ընկերները կը խաբխբէր։ Այսպէս` երկար ատեն` Իւսուֆեանէն ծածկած էր իր Հնչակեան ըլլալը, Դաշնակցութեան համա- կիր ձեւացած էր ու անոնց ծրագիրներուն հաղորդակից եղած էր, զանոնք Հնչակեան շահերուն գործա- ծելու համար։ Իր այս ընթացքը երբոր ի վերջոյ երեւան ելաւ, բնականաբար բուռն զայրոյթ յառաջ բերաւ Դաշնակցութեան մէջ իրեն` եւ միեւնոյն ատեն Հայրենիքի հանդէպ։ 1895 Յունիսի Պապը Ալիի ցոյցէն ետքն էր որ Դաշնակցութեան հակառակութիւնը սկսաւ Արփիար- եանի դէմ։ Այդ ցոյցը, ինչպէս յայտնի է, միմիայն Հնչակեան կուսակցութիւնը կազմակերպած էր, իբր թէ կառավարութեան վրայ ճնշելու եւ Հայաստանի բարենորոգմանց ծրագրին գործադրութիւնը փութացնելու համար եւ որ ուրիշ արդիւնք չունեցաւ այլ եթէ ընդհանուր ջարդերուն պատրուակ ըլլալ։ Այդ ցոյցին յաջորդեց ժողովուրդին եկեղեցիներու մէջ հաւաքուիլը, խանութներու փակումը, եւն. որոնց ամէնքն ալ Հնչակեան վարիչներու խորհուրդովն ու գործակցութեամբը եղան։ Երբ դեսպանական միջնորդութեամբ ժողովուրդը թողուց եկեղեցիները, երբ խանութները վերա- բացուեցան եւ երբ առերեւոյթ հանդարտութիւն տիրեց, այն ատեն Դաշնակցական քօմիթէն սպառնա- գրերով պահանջեց որ հայերէն թերթերը ինքնաբերաբար դադրին` կառավարութեան դէմ ցոյց մը ըրած ըլլալու համար։ Այդպիսի ցոյց մը թէ՛ անիմաստ ու ապարդիւն պիտի ըլլար եւ թէ միանգամայն այնպիսի տագնապալից ժամանակ մը պիտի վտանգէր թերթերու արտօնատէրներն ու խմբագիրները, որոնք կառավարութեան կողմէ իբրեւ յայտնի յեղափոխականներ ու խռովարարներ պիտի նկատուէին։ Հայրենիք, Արեւելք եւ Ճէրիտէի շարքիէ հաւասարապէս ստացան կարմիր կնիքով նամակները։ Արեւելք եւ Ճէրիտէի իրար անցան եւ Զարեհ Եուսուֆեան, Բիւզանդ Քէչեան ու Տիգրան Ճիվէլէկեան փութացին մեզի մօտ հասկնալու համար թէ մենք ինչ պիտի ընէինք, որպէս զի իրենք ալ մեր օրինակին հետեւէին։ Բնականաբար ամէնքն ալ այդպիսի անխորհուրդ ցոյցի մը հակառակ էին եւ կը զգային թէ ի՜նչ փորձանքներ կրնար ստեղծել իրենց գլխին, բայց միւս կողմէ կարմիր կնիքը կար որ այդ թուական- ներուն մոգական ազդեցութիւն մը կ’ընէր ամենուն վրայ։ Յովհաննէս Շահնազար եւ Արփիար Արփիար- եան բացառիկ կերպով յայտարարեցին թէ այս սպառնալիքին առջեւ տեղի չպիտի տային եւ Հայրենիքի հրատարակութիւնը պիտի շարունակէին եւ խորհուրդ տուին միւսներուն իրենց օրինակին հետեւելու։ Տե՛ս Օտեան, էջ 7, 13, 14, 15։ Ժամանակին հոգեվիճակը լրիւ ըմբռնելու համար, կարդանք նաեւ Դրօշակի խմբա- գրութեան ղրկուած Ա. Վռամեանի յաջորդական նամակները. 326
Կ. Պոլիս, 5/17 յունուար 1896 Գալով Արփիարի խնդրի, օրը մէկ նոր նոր բան երեւան կ’ելլայ։ Անցեալ օր այցելութեան գացած էի իրեն, խօսքի մէջ ըսաւ թէ առողջանալուն պէս պիտի ջանայ աղտոտութիւնները մաքրել ազգի մէջէն, ակնարկութիւններն անպակաս էին Մելիքի եւ Հրանտի նկատմամբ։ Տես` Դիւան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, հատոր առաջին, յաւելուած Հայ- րենիք ամսագրի, հրատարակութիւն Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Կեդր. Կոմիտէի, Պոսթըն, 1934, էջ 256)։ Երկրորդը` Վահապ ստորագրութեամբ. Կ. Պոլիս, 6/18 փետր., 96 Այս վայրկեանին իմացայ թէ Հ. իր վերջին թուին մէջ Արփիարի սպանութեան փորձին մասին կատաղի յօդուած մը տպած է. տակաւին չեմ կարդացած, սակայն կը զարմանամ։ Սակէ շաբաթ մը առաջ Արփիարը յայտարարած էր թէ ինքը համոզուած է որ ոստիկանութիւնն է կատարել տուած այդ փորձը. քանի որ մինչեւ հիմա ոչ մէկ խուզարկութիւն, ոչ մէկ ձերբակալութիւն այդ փորձին առթիւ եղած է, ուստի Դաշնակցականները չէին։ Մեր կարծիքը կը հաղորդենք երբ որ յաջողինք կարդալ։ Մենք ենթադրեցինք թէ Արփ.ը պարզապէս սկսած է վախնալ մեր լուռ եւ յամառ դիրքը դիտելով, ժողովուրդին իր դէմ տածած անվստահութիւնը տեսնելով. եւ գրգռել ուզած չէ մեզ, ուստի եւ այդ լուրը տարածած է. բայց Հ. իր այդ յիմար ընթացքով գործը աւրեց. կը կարծեմ ուրիշ տեսակ պէտք է պատասխանել անոր, խօսքով եւ գործով։ Ինչ որ է` կը կարդանք եւ ապա։ Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 272։ Երրորդ նամակը` նոյնպէս Վահապ ստորագրութեամբ. Կ. Պոլիս, 10/22 փետր., 96 Արփիար երկու օր առաջ Եւրոպա գնաց, կամ, ինչպէս կ’ըսեն իր մարդիկ, փախաւ. լաւ գտան փախչելու պէտք ունեցող մը։ Ճիշտ զուգադիպութիւն Հ.ի վերջին հրատարակութեան հետ. campagne սկսելու են։ Ձեր կարծիքը չհաղորդեցիք դեռ. մտադի՞ր էք բան մը գրելու. մեր կարծիքն է արհամարհել ու անցնիլ. մեր շարժառիթները չեն կրնար փոխուիլ այդ խեղճուկներուն ձգած ձեռնոցներէն։ Արդէն պիչը քամի մտած գիծ-մոզիի վիճակին մէջն են. Զէյթուն խայտառակութիւն մը եղաւ իրենց համար։ Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 282։ Բաւական ժամանակ ետք, կը հաղորդուի. Դրօշակի յամառ լռութիւնը չարագուշակ թւեցաւ, եւ դաւաճանն ըլլալիքը գուշակելով, 1896 փետրուար 8/20ին, կծիկը դրաւ Պօլսէն, ոստիկանութեան աջակցութեամբ։ Տե՛ս Յաւելուած Դրօշակի, 15 Դեկտեմբեր 1899, խմբագրութեան ծանօթութիւնները, էջ 38։ Քառորդ դար ետք, նոյն պատահարը` իր յարակից պատճառներով, Երուանդ Օտեան կը ներկայացնէ որպէս գրական յիշատակ. Արփիարեան բացի Հայրենիքէն, կանոնաւորապէս կ’աշխատակցէր նաեւ Մշակին ու Հնչակին եւ այս կերպով բարոյական մեծ ազդեցութիւն մը ձեռք բերած էր եւ իրեն դէմ գրգռած էր շատ մը հակառակութիւններ։ Պապը Ալիի ցոյցէն ետքը, որ Հնչակեան ցոյց մըն էր, այդ հակառակութիւնը աւելի սաստկացաւ։ Ձեռքի տակէ սկսան վարկաբեկել թէ՛ Արփիարեանը եւ թէ Հայրենիքը զոր կը ջանային ներկայացնել 327
իբրեւ Ոստիկանութեան նախարար Նազըմ փաշայի պաշտպանութիւնը վայելող թերթ մը։ Պօյքօթի պէս բան մըն ալ փորձեցին Հայրենիքի դէմ որ չյաջողեցաւ։ Բերնէ բերան լուր կը տարածէին որ ամէն շաբաթ Շահնազար, Արփիար եւ Բաշալեան Նազըմի բնակարանը կը ճաշեն, եւլն. բոլորն ալ անլուր զրպարտութիւններ։ Բոլոր ասոնք ցոյց կուտային սակայն որ Արփիարի դէմ հակառակութիւնը երթալով կը սաստկա- նար։ Անստորագիր նամակներ, խուլ սպառնալիքներ պակաս չէին։ Նոյն իսկ տէրօրի խօսքեր մէջտեղ ելան։ Արփիար այնպէս կը հաւատար թէ Դաշնակցականները, իր գլխաւոր, կամ աւելի ճիշտը, միակ թշնամիները պիտի շհամարձակէին զինքը տէրօրի ենթարկել եւ ասոր համար իր անձնական պաշտ- պանութեան բնաւ հոգ չէր տաներ։ Այդ միջոցին ինք իր եղբօր Տիգրանին եւ ծերունի մօրը հետ կը բնակէր Տիկին Սանճաքճեանի տունը, Բանկալթի, Ս. Յակոբի Հիւանդանոցին պատկանող տան մը մէջ։ Իրիկուն մը, ուշ ատեն, Թաքսիմի մարզարանին առջեւէն անցած ատեն, յանկարծ մէկը կը ցցուի իրեն դէմ ու քանի մը դաշոյնի հարուած տալէ ետքը, խոյս կուտայ։ Արփիար կը զգայ թէ վիրաւորուած է, բայց բոլոր ուժը հաւաքելով կը փութայ տուն ու զանգակը կը զարնէ։ Հազիւ թէ դուռը բացուած, զգայազիրկ կ’իյնայ գետին։ Անմիջապէս բժիշկներ կը կանչուին որոնք կը հաստատեն թէ վէրքերը թէեւ ծանր, բայց մահացու չեն։ Հետեւեալ օր Շահնազար այս մահափորձը կը պատմէ Հայրենիքի մէջ այնպիսի մեկնութիւններով որոնք հաճոյ չեն թուիր կառավարութեան եւ թերթը կը խափանուի անպայման կերպով։ Արփիարի ապաքինումը կը տեւէ ամիսէն աւելի, որու միջոցին Լեւոն Բաշալեան կը հեռանայ Պոլսէն նախ Սելանիկ, իր մօրեղբոր քով երթալու եւ անկէ ալ Եւրոպա անցնելու համար։ Իսկ Արփիար ոտքի ելլելէ քիչ յետոյ, ծածկաբար կը հեռանայ Պոլսէն եւ կ’երթայ Լոնտոն։ Տե՛ս Երուանդ Օտեան, «Գրական յիշատակներ, 1894-1914», Ոստան, Կ. Պոլիս, 1920, Գ. տարի, թիւ 19-20, էջ 803-804։ 4. Տե՛ս Ստեփան Շահպազ, Արփիար Արփիարեան, Պէյրութ, տպարան Ալթափրէս, 1987, էջ 78։ 5. «Ժամանակէ մը ի վեր` Վերակազմեալ Հնչակեան դրօշին տակ սպրդած կարգ մը ինքնակոչ եւ իրենք զիրենք Հնչակեան բանակին առաջնորդ ցոյց տուող ու այս անունով հրամաններ, սպառնալիքներ խրկող եւ դաւադրութիւններ ու ոճրագործութիւններ սարքող նորելուկ խմբակին ընթացք»-ին իրազեկ, Գահիրէի Հնչակեան ընկերներէն` Ապահ, «անդրադառնալով այդ խումբին ազգավնաս ընթացքին ու արդէն կատարուած չարիքներէն նախագուշակելով դեռ կատարուելիքները», Բաց նամակի մը մէջ կը յայտնէ. Միթէ Պ. Արփիար Արփիարեանը սպաննելու համար Եգիպտոսէն Վենետիկ տէռօռներ խրկողները ասոնք չեղա՞ն։ Ինչո՞ւ, ի՞նչ կ’ուզէին այս երեսուն տարուան ազգային գործիչէն։ Որովհետեւ` յիշեալ անձը թէ 1896ին թէ 1898ին Հնչակեան Ընդհ. Ժողովներէն Կեդրոնի անդամ ընտրուած ըլլալով, ինքնաբերաբար հրաժարական տուած ու պահանջած էր որ Կեդրոնին համա- րատուութիւնը Պատգամաւորական Ընդհ. Ժողովին ներկայացուի ըստ օրինի։ Այս արդար եւ օրինաւոր պահանջումին վրայ զինքը սպաննել ուզեցին, որպէսզի` անոր հրապարակ նետած տօլանտրճիութեան ամբաստանութիւնը, Կուսակցութեան Ընդհանուր Ժողովին մէջ չի քննուի. որովհետեւ շատ մը ուրիշ յայտնութիւններ ալ երեւան պիտի գային, որով այդ նորամուտ խումբը Կուսակցութեան կողմէ պիտի հալածուէր ու պիտի ջախջախուէր։ Տե՛ս Ապահ, Պատասխանատուները. բաց նամակ, բոլոր Հնչակեան ազնիւ զինուորնե- 328
րուն, Գահիրէ, 10 Մարտ 1906, էջ 3, 10։ 6. Տե՛ս Հ. Մկրտիչ Վրդ. Պոտուրեան, «Արփիար Արփիարեանի դէմ Վենետիկի մէջ առաջին մահափորձը», Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ, 15 Մարտ 1974, էջ 2։ 7. Տե՛ս նոյն տեղը։ 8. Տե՛ս նոյն տեղը։ 9. Տե՛ս Յուշարձան ողբացեալ Արփիար Արփիարեանի. մահարձանին բացման առթիւ, Գահիրէ, 16 Յուլիս 1911, մեծանուն գրագէտին եւ ազգանուէր գործիչին կը նուիրէ հիացողներու անունով Յուշարձանի Յանձնախումբը, տպագր. Զարեհ Ն. Պէրպէրեան, Գահիրէ, էջ 23-26։ Եղեռնէն ետք, Երուանդ Սրմաքէշխանլեանի փիլիսոփայական տրտում մտածումնե- րուն մէջ կը կարդանք. Այն կլորիկ, թոնթոշիկ, դողդոջուն մարդուկը` որ չորեքշաբթի գիշեր, Իսմայիլիէի ազնուապետական թաղին մէկ փողոցին անկիւնը, մութին մէջ դիտապաստ ինկաւ, որուն փեռեկ փեռեկ արիւնլուայ մարմինը Գահիրէի մտաւորական երիտասարդութիւնը ուսամբարձ Մարմինայի գերեզ- մաննոցէն ներս մտցուց ուրբաթ օր, ձմրան լռիկ ու խոնաւ մթնշաղի մը. այդ մարդուկը հսկայ մըն էր սակայն։ Հսկայ մըն էր, որովհետեւ վերջին երեսուն տարուան հայկական կեանքը` Կովկասէն մինչեւ Թուրքիոյ յետին սահմանները, ու արտասահման, իր աղմուկովը լեցուց, իր աղմուկովը թնդացուց, իր սարսուռովը սարսռացուց։ Երկար ատեն, իր ցնցումները` պիտի տեւեն, իր աղմուկը` գերեզմանին փոսէն ալ անդին, պիտի լսուի դեռ, եւ կարելի չէ հաշուել այն ժամանակը` ուր հայութիւնը այլ եւս պիտի դադրի Արփիար անունի հմայքէն սարսռալ, անով արբենալ, անով ոգեւորուիլ, անով արիանալ, անով զգաստանալ, անով ընդվզիլ։ Հսկայ մըն էր ան` որովհետեւ, բոլոր այն հազուագիւտ էակներուն պէս որոնք ճակատագրա- կանօրէն իրենց ճպոտին ծայրովը ամբոխները կը շարժեն, օրին մէկը չաստուած մը եղաւ երկրպագու- ներով ամբարտակուած, ալէլուեաներու եւ փառաբանութիւններու թանձր խունկի մը տակ ծածանուտ, ուրիշ օր մը գետնաթաւալ, պատուանդանընկէց խորտակուած կուռք մը ըլլալու համար հայհուչներէ ու անէծքներէ հալածուած, յետոյ յաղթանակով նորէն կանգնելու համար իր խարիսխին վրայ, նորէն պաշտուելու, նորէն փոթորկելու, եւ վերջապէս նորէն իյնալու համար ճշմարիտ հսկայի մը շառա- չիւնովը։ Ոճրախանձ հրէշներու արարքին տխուր ոդիսականը հարկ իսկ չեմ տեսներ ընել, թէեւ ասիկա եղեռն մը ըլլայ, որուն համար ամբողջ ազգ մը մէկ շարժումով ոտքի պիտի ելլար «վրէ՜ժ» աղաղա- կելով, եթէ սակայն մեր ազգը կործանումի այն վայրէջքին վրայ չըլլար, ուր արագավազ կը սահի կ’երթայ հիմա։ Անսահմանելի ոճրի մը սահմանումը թող ա՛լ պատմութիւնը ինք ընէ, իր ահաւոր ու անջինջ դատակնիքովը։ Անհետացած մեծ մարդուն յիշատակին առջեւ ոճիրը ինքնին կը գռեհկանայ ինծի համար, ատանկ անասնական, անմարդկային բանի մը զոհը ալ չեմ ուզեր նկատել այդ եզական դէմքը` որուն ծարաւակէզ կարօտը պիտի քաշեն ոչ միայն իր պաշտողները, այլ եւ իր մարդասպան- ներն իսկ, որոնք` գուցէ, օր պիտի գայ որ լալահառաչ ձեռուընին ծնկուըներնուն պիտի զարնեն անոր արունը խմած ըլլալնուն համար...։ Տե՛ս Երուանդ Սրմաքէշխանլեան, «Արփիար Արփիարեան եղեռնէն ետքը», Մեր տարեցոյցը, [Ա. տարի], 1910, էջ 159-160, 162։ 329
Արշակ Չօպանեան առանց մաս կազմելու Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցու- թեան` որովհետեւ յեղափոխական գործիչի խառնուածք չէ զգացած իր մէջ, եւ ուզած է մտաւորականի իր անկախութիւնը պահել, սակայն` իր բոլոր կրցածը ըրած է, աջակցելու համար այդ կազմակերպութեան, որ իրեն թաքուն նպատակ ունէր` լուրջ պատրաստու- թիւններէ յետոյ, պատեհ րոպէի մը` Կիլիկիոյ մէջ ապստամբութիւն մը պայթեցնել, կը խորհրդածէ. Այդ ոճիրն ալ մաս կազմեց հայ ազատագրական շարժումը անպատուող արարք մը, առանց որ եւ է չափով նպաստելու հայ պայքարող ուժերուն զօրացման, ընդհակառակն իբր արդիւնք ունենալով ընդլայնել հակակրութիւնները Վեր. Հնչ. Կուսակցութեան դէմ եւ խորացնել ներքին անհամաձայնու- թիւնները որ արդէն սկսած էին զանազան պատճառներով` այդ կուսակցութեան մէջ։ Զգացած վրդովմունքս յայտնեցի Անահիտի յօդուածի մը մէջ, ուր եղերական մահով վերջացող այդ կեանքին արժանիքներն ու թերութիւնները առարկայականօրէն մատնանիշ ընելով հանդերձ, կը դատապար- տէի վաստակաւոր գրագէտի մը եւ հանրային գործիչի մը դէմ կատարուած այդ ոճիրը։ Տե՛ս Ա. Չօպանեան, «Կիլիկեան երազը եւ Ալեքսան Արզուեան», Անահիտ, նոր շրջան, 1935, Զ. տարի, թիւ 3-4, Մարտ-Մայիս, էջ 44։ 10. Տե՛ս Միքայէլ Վարանդեան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութիւն, Պարիզ, 1932, առաջին հատոր, էջ 67։ 11. Տե՛ս Արսէն Երկաթ, «Արփիար Արփիարեան», Յուսաբեր, օրաթերթ, 6 Մարտ 1948, էջ 1։ Յաջորդ Շաբաթ օրուան Արեւ օրաթերթին մէջ, խմբագրապետ Վահան Թէքէեան յայտնի ընդվզումով կը պատասխանէ. Արփիար Արփիարեանի մասին ճիշդ եւ անճիշդ բաներ կը խօսուն, կը գրուին վերջերս` մեր քաղաքին դաշնակցական շրջանակներուն մէջ մասնաւորապէս։ Բանաստեղծ Վահան Թէքէեան կը յայտնէ այդ առիթով. Ես մէկն էի երեք դամբանախօսներէն – միւս երկուքն ըլլալով Վ. Մալէզեան եւ Եր. Սրմաքէշ- խանլեան – եւ յանուն մեր երեքին կը յայտարարեմ որ «կոկորդիլոսի արցունք», այսինքն կեղծ արցունքներ չէինք կրնար թափել` այն պարզ պատճառով որ մեր ցաւն ու յուզումը կեղծ չէին...։ Տե՛ս Վ. Թ., «Ճշմարտութիւնը. Պ. Արսէն Երկաթին համար», Արեւ, օրաթերթ, 13 Մարտ 1943։ Արփիարեանի դէմ եղած ամբաստանութիւններուն մասին վճռական խօսքը` պատմութեան թողլով, Հայրենիք օրաթերթին խմբագրապետ Մինաս Թէօլէօլեան կը գրէ. 12 Փետրուարի 1908ին, մինչ նպարավաճառի մը խանութէն դուրս կ’ելլէր առօրեայ իր գնումը կատարելէ ետք, Գահիրէի մէջ, իր երբեմնի գաղափարակից ընկերներուն կողմէ ահաբեկումի ենթարկուեցաւ ու եղերականօրէն կեանքի իր գիրքը փակեց հայ հրապարակագրային, հանրային եւ գրական անդաստաններուն վրայ արդիւնաշատ վաստակով յայտնի մեր մշակներէ Արփիար Արփիար- եան` Կարմիր ժամուցի յեղափոխաշունչ հեղինակը, Վերակազմեալ Հնչակեաններու յառաջապահ բարեշրջականը, իրապաշտ գրականութեան դրօշակակիրն ու Արեւելքի հիմնադիր գաղափարաշունչ խմբագիրը։ Մղուած ենք միանալու անոնց` որոնք ցայտուն կը դարձնեն անոր գաղափարապաշտութիւնն ու հայրենասիրութիւնը, որուն հաւատալու պատճառներ կու տան մեզի իր գրականութիւնն ու հրապա- րակագրութիւնը, անշահախնդիր մարդու ալ դիմագիծը։ Արդարեւ, Արփիարեան – ըստ լաւատեղեակ- ներու – արհամարհած է միշտ նիւթական դիրքերն ու նիւթապաշտական ծարաւները, մերժած է 330
ոսկիին փայլը եւ այդ փառքով սոնքացող ազնուաշուքերու սակարկութեան փորձեր, «օրհնեալ գերդաստան»ներու փառասիրական տենչերը... Եղած է պարզ մարդ մը, պարզուկ գրագէտ մը, պանիր- հացի մարդ մը` իր արժանապատուութիւնը բարձր պահելու համար նիւթին հեղինակութենէն...։ Տե՛ս Մ., «Երբ ետ կը նայինք... (անցքեր ու անձեր). Արփիար Արփիարեան (1852-1908)», Հայրենիք, օրաթերթ, 12 Փետրուար 1975, էջ 3։ 12. Տե՛ս Գուրգէն Մխիթարեան, «Դրուագներ Ա. Արփիարեանի կեանքէն (վկայութիւն- ներ Արտաշէս Ազապլարի)», Նաւասարդ, հատոր Բ., պրակ 1, Պուքրէշ, 1925, էջ 8-9։ 13. Տե՛ս Հոսանք, Գահիրէ, Ա. տարի, 1/14 Յունուար 1912, թիւ 1, էջ 1, 3։ 14. Տե՛ս Մասիս, 1892, թիւ 3969։ 15. «Կ. Պօլսոյ հանրածանօթ յեղափոխական Միհրանի Սէմալի գիւղին մէջ ձերբակա- լութեան եւ ապա Պօլսոյ մէջ դատուելուն մասին» կարդալ` «Սասունի տեղեկագրութիւն», Դրօշակ, No 5, Նոյեմբեր 1893, էջ 6-7։ Միհրան Տամատեանի մասին կատարուած յուշագրութիւններէն եւ ուսումնասիրու- թիւններէն յիշատակելի կը նկատեմ` - Հէյվրհիլի Կարօն, «Միհրան Տամատեան (անձնական յիշատակներ)», Պայքար, օրաթերթ, Մայիս 1937։ Նոյնը` Արեւ, օրաթերթ, 8 Յուլիս 1937։ - «Ողբ. Միհրան Տամատեանի կենսագրականը` գրի առնուած հոգելոյս Թորգոմ Պատրիարքի կողմէ», Արեւ, օրաթերթ, 18 Օգոստոս 1945։ - Պ. Յ. Տեփոյեան, «Տամատեանի թերաւարտ յուշագրութիւնը» [էջ 34-174], Միհրան Տամատեան (1863-1945), Ուխտուածներ թիւ 1, Արեւի թերթօնը, Գահիրէ, 1956, 268 էջ։ - Գր. Կիրակոսեան, «Հեղինակաւոր օտարականի մը գնահատականքը. յեղափոխա- կան Միհրան Տամատեանի մասին», Զարթօնք, օրաթերթ, 25 եւ 26 Հոկտեմբեր 1974, էջ 2։ Նոյնը` Արեւ, օրաթերթ, 2 Դեկտեմբեր 1974, էջ 2-4։ 16. Արփիար զոհ գնաց եղբայրասպան դաւակցութեան մը (Արզուեան եւ Ընկ. որ Վերակազմեալ Հնչակեան կուսակցութեան անունը իւրացնելով` շահագործեցին հայ յեղափոխութիւնը)։ 1908, Չորեքշաբթի, Փետրուար 12-ի գիշերը, ժամը 9-ին ատենները, Գահիրէի ազնուական մէկ թաղին անկիւնը` Շարա էլ Մանախ, ուր կը բնակէր հայ տէրվիշը, երբ դանդաղաքայլ կը քալէր դէպի իր բնակարանը, վայրագօրէն կը սպանուի կռնակէն` րեվոլվէրի երեք հարուածով..., մահը վայրկենական կ’ըլլայ։ Ոճրագործը` բնիկ Տիարպէքիրցի Պետրոս Հիւսընեան փախած պահուն կը ձերբակալուի ղաֆիրի մը եւ դռնապանի մը կողմէ. մեղսակիցները` որոնք կը հսկէին ոճրագործութեան, ծակէ ծակ կը փախչին, իսկ բուն թելադրիչները` օձիքնին ձեռք չեն տար եւ մէյ մէկ անկիւն կ’անհետանան։ Եգիպտական կառավարութիւնը մանրակրկիտ քննութեան կը ձեռնարկէ եւ մեղսակիցները լրջօրէն կը հետապնդէ, սակայն` միայն Հիւսընեան կ’ենթարկուի օրէնքին խստութեան եւ կը դատապարտուի մահուան...։ Հինգշաբթի առտու կանուխէն, աղէտաւոր լուրը ամբողջ Գահիրէի մէջ տարածուած է կայծակի արագութեամբ։ Լուսաբեր, որուն խմբագրապետն էր ողբացեալ Արփիարեան, զգայացունց յաւելուած մը հրապարակ կը հանէ իրիկուան դէմ, ոճիրը նկարագրելով եւ զոհին կենսագրականը ներկայացնելով, իր պատկերին հետ։ Տե՛ս Յուշարձան ողբացեալ Արփիար Արփիարեանի. մահարձանին բացման առթիւ, Գահիրէ, 16 Յուլիս 1911, մեծանուն գրագէտին եւ ազգանուէր գործիչին կը նուիրէ հիացող- ներու անունով Յուշարձանի Յանձնախումբը, Գահիրէ, տպագր. Զարեհ Ն. Պէրպէրեան, էջ 11, 19, 23։ 331
Ոճրագործը` Պետրոս Հիւսընեան միշտ ջանացած է իր ինքնութիւնը պարտկել, սակայն` հրատարակուած իր լուսանկարէն ստուգելով, ամերիկաբնակ իր հայրենա- կիցները կրցած են հաստատել, թէ ան Յովսէփ Ալիփունարեանն է, Տիգրանակերտի Ալի Փունար գիւղէն, Ալփընարցի Կօկօի որդին, այդ օրերուն 27-28 տարեկան։ 17. Ֆրանսերէն intrigant բառն է` պճռտկան նշանակութեամբ։ Իր մտերիմներէն Երուանդ Օտեանի վկայութեամբ, Ուղղամտութիւնը կը պակսէր Արփիարեանի քով եւ այս եղած էր իր դէմ ցցուած հակառակու- թիւններուն գլխաւոր պատճառը։ Կատարեալ էնթրիկան մը եղած է ամբողջ կեանքին մէջ ու ասիկա ինքն ալ կը խոստովանէր։ Եւ իր նկարագրին այդ խաթարումը գրեթէ բնազդական էր իր մէջը։ Էնթրիկ կ’ընէր միմիայն էնթրիկի սիրոյն համար, առանց կարեւոր հարկի, առանց շահու կամ յաջողութեան ակնկալութեան։ Դիմացինը խաղի բերել` իր գերագոյն հաճոյքն էր, հոգեկան մէկ պէտքը։ Տե՛ս Երուանդ Օտեան, Տասներկու տարի Պոլսէն դուրս, 1896-1908 (անձնական յիշատակներ), Կ. Պոլիս, 1914, էջ 13։ Կարելի՞ է իր փիլիսոփայութեան խտացումը նկատել հետեւեալ նախադասութիւնը. Հայ ժողովուրդը իբրեւ ազգ ապրելու համար բաժանումի եւ կռուի կարօտ է։ Տե՛ս Նոր կեանք, հանդէս ազգային, գրական, քաղաքական, Լոնտոն, Ա. տարի, թիւ 23, 1 Դեկտեմբեր 1898, էջ 356։ 18. 1867 թ., երբ խումբ մը ընկերներով Վենետիկ հասած է Ա. Արփիարեան, եւ Ռափայէլեան Վարժարանին մէջ բախտը ունեցած է Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի տեսչութեան շրջանին` մինչեւ 1870 թ. անոր ձեռնասունը դառնալու, վարժարանի անուան փոփոխու- թիւնը տակաւին տեղի չէր ունեցած։ Յաճախ կրկնուող այս շփոթը դարմանելու մտադրու- թեաբ, հարկ կը նկատեմ այստեղ ներկայացնել պատմական քանի մը նոթեր։ Վենետիկի Մեծ Ջրանցքին վրայ, Վարժարանին գործակալութեան վարձած Palazzo Pesaro կոչուած հոյակապ ապարանքին մէջ, 1836 Սեպտեմբեր 11-ին կատարուած է բացման հանդիսութիւնը։ Քանի մը տարի ետք, 1850 թ.` Ai Carmini թաղամասին մէջ կը գնուի Zenobio ընտա- նիքին պատկանող հրաշարուեստ պալատը` վենետկեան հին արուեստի այդ չքնաղ գործը, իր որմանկարային եւ կաւճածեփ դահլիճով, եւ հանդիպակաց անգլիական պարտէզով։ Աշակերտութիւն հոն փոխադրուելով, բացման հանդէսը տեղի կ’ունենայ նոյն տարուան Հոկտեմբերի 21-ին։ 1870 թ.` Փարիզի Commune-ի սարսափէն խոյս տուած Մուրատեան Վարժարանի որբացեալ եւ առանց յարկի մնացած սաները` կ’ապաւինին Ս. Մարկոսի դրօշին տակ, եւ Ռափայէլեան Վարժարանը գթութեամբ կը պատսպարէ զանոնք իր յարկին ներքեւ։ Այդ թուականէն սկսեալ, երկու վարժարաններու միացումով` կրթական այդ անուանի հաստատութիւնը կը կոչուի Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան, որ մէկուկէս դարու բեղուն գործունէութիւն ծաւալելէ ետք, իր դռները ընդմիշտ փակեց երկրորդ հազարամ- եակի վերջաւորութեան։ Տե՛ս Հ. Բարսեղ Վ. Սարգիսեան, Երկհարիւրամեայ կրթական գործունէութիւն Վենետկոյ Մխիթարեան Միաբանութեան, հատոր Ա. 1746-1901, Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1936, էջ 145, 171, 175։ Տե՛ս նաեւ «Ի յիշատակ դարադարձի Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարանաց, 1836- 332
1936», Բազմավէպ, 1936, թիւ 8-12, էջ 226-227, 558-559։ 19. Հ. Ղեւոնդ Ալիշան, Յուշիկք հայրենեաց հայոց, հատոր Ա., 1869, 539 էջ, հատոր Բ., 1870, 574 էջ։ Բ. տպ. 1922, 408 + 498 էջ։ Աշխարհաբարի վերածուած` տե՛ս Գրական ցոլքեր, թիւ 3, Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1946, 165 էջ։ Հայրենասիրական պաթոսը պատմիչ ու բանադատ Ալիշանին երբեմն, յատկապէս Յուշիկներում դարձնում է վիպասան ու բանաստեղծ։ Յստակ, պատկերաւոր լեզուի ու ոճի, մտերիմ, ջերմ պատմելա- ձեւի շնորհիւ ընթերցողի երեւակայութեան առաջ կենդանի կանգնում են Վարդան Մամիկոնեանի, նրա դուստր Շուշանիկի, Լեւոն վեցերորդի, Խուլ Խաչիկի եւ շատ ուրիշների պատմագեղարուեստական կերպարներում։ Տե՛ս Հայ նոր գրականության պատմություն, հատոր առաջին, Հայկական ՍՍՌ ԳԱ Հրատարակչություն, Երևան, 1962, էջ 499։ Յուշիկներու մէջ գործածուած Հայկակը` Արփիարեան կ’ընտրէ որպէս գրական անուն. 1878 թ. գարունէն սկսեալ, ամբողջ երեսուն տարի, Թիֆլիսի Մշակ օրաթերթին մէջ, որպէս սեփական թղթակից, Հայկակ ստորագրութեամբ կ’երեւին Արփիարի թղթակցութիւնները, օրը օրին լուսաբանելով բազմապիսի հարցեր` կենդանի կապ հանդիսանալով արեւելահայ եւ արեւմտահայ հատուածներուն միջեւ։ Այս մասին որպէս խտացում, կարելի է կարդալ` Իմ անդադրում թղթակցութիւններս Մշակի մէջ, Մշակի ծաւալումը Պոլիս եւ Հայաստան, գաղափարներու փոխանակութեան հոսանք մը կը ստեղծէին ռուսահպատակ եւ թրքահպատակ Հայոց միջեւ, ու համերաշխութեան կապերով մեզ ամենքս կը միացնէին իրարու։ Արփիար Արփիարեան, «Հայաստան եւ Կ. Պոլիս», Նոր կեանք, Բ. տարի, 1899, թիւ 15, էջ 232։ 20. Արարատեան Ընկերութիւն հաստատեալ ի 15 Ապրիլ 1876. Օրթագիւղի մէջ, Պոլիս` խումբ մը խանդավառ երիտասարդներ` գլխաւորութեամբ Մինաս Չերազի, Արփիար Արփիարեանի եւ Մկրտիչ Փորթուգալեանի կը կազմեն ընկերակցութիւն մը, որուն նպատակը կ’ըլլայ` «Պոլիս գտնուող հայ տղոց ձրիաբար ուսումն եւ արհեստ ուսուցանել»։ Ընկերութեան Հիմնական կանոնագիր եւ ներքին կանոնագիրը լոյս կը տեսնէ 1877- ին։ 1876, 1877-1878 եւ 1878-1879 տարիներու Տեղեկագիրները լոյս տեսած են Յ. Պարոն- եանի, Գավաֆեանի եւ Պ. Քիրիշճեանի տպարաններէն։ Արարատեանի հիմնադիրներէն` Արփիարեան կը պատմէ. Կ. Պոլիս 1876-ին կազմուած Արարատեան ընկերութիւնը Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ հայոց ուշադրութիւնը դէպի Հայաստան սեւեռեց։ Պոլսեցի մը` Մկրտիչ Փորթուգալեան` Հայաստան կ’երթար իբր Պոլսոյ կրթական եւ գաղափարական պատգամաւորը։ Թիֆլիսցի մը` Գրիգոր Արծրունի` կովկաս- եան ձեռքը անոր կ’երկնցնէր։ Վասպուրականը հայ հայրենիքը անձնաւորեց. Թիֆլիսն ու Պոլիսը անոր շուրջը բոլորեցան, եւ իրենց հետ, ամբողջ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ հայերը։ Հայաստանի մտաւորական վերածննդեան գաղափարն էր որ Արեւելեան եւ Արեւմտեան հայերը կը միացնէր։ Միեւնոյն ժամանակ կը ծագէր ռուսեւթուրք պատերազմը։ Ռուսական զէնքով ձեռք բերուած յաղթանակ մը բնականաբար հզօրապէս պիտի ազդէր Թուրքիոյ հայոց վրայ եւ զանոնք ուժգնօրէն դէպի ռուսահայերը պիտի մղէր։ Պատերազմին յաջորդեց Հայաստանի մեծ սովը։ Ռուսիոյ հայերը փութացին իրենց թրքահպատակ եղբայրները անօթութենէ փրկել։ Սրտակցութեան թուականը ողջունուեցաւ։ Այդ քանի մը տարուան ժամանակամիջոցին, Ռուսիոյ հայերը Թուրքիոյ հայոց ամենամեծ ծառայութիւններ կը 333
մատուցանէին, առանց փոխադարձ ակնկալութեան մը, վասն զի անոնցմէ ո՛եւէ կերպով օգտուելու հարկին մէջ չէին բարեբախտաբար։ Այս անշահախնդիր բարեացակամութիւնը մեծ ոյժ մըն էր համերաշխութեան գաղափարին համար։ Յարաբերութիւններու սկզբնաւորութեան բարեյաջող տարիները, Թուրքիոյ հայերը ո՛եւէ որոշ գաղափար մը չունէին Արեւելեան հայոց մտաւորականութեան վրայ։ Դեռ 1876-ին` Արարատեան հիմնարկութեան թուականը` Մշակը անծանօթ էր։ Նոյն իսկ այն Արարատեանները, որոնք քիչ յետոյ այնքան սերտ յարաբերութիւններ պիտի ունենային Կովկասու յառաջդիմական թերթին հետ, անոր երեւումէն չորս հինգ տարի ետքը անունն իսկ լսած չէին։ Տե՛ս Արփիար Արփիարեան, Պատմութիւն ԺԹ. դարու Թուրքիոյ հայոց գրականու- թեան, Գահիրէ, տպարան Յուսաբեր, 1944, էջ 106-107։ Յուշագիր Արփիար Արփիարեան` նոյն հարցին մասին ուրիշ անգամ ալ կ’անդրա- դառնայ. Պերլինէն երկու տարի առաջ, 1876ի սկիզբները, Պոլսոյ Օրթագեղ թաղը քանի մը երիտասարդ կը հիմնէին Արարատեան ընկերութիւնը որ երեք տարուան մէջ Վասպուրականի գեղերը նախակրթա- րաններ հիմնեց, ու Վան վարժապետանոց մը, եւ իր շրջանակին մէջ առաւ Տէրսիմը ուր Չարսանճախ, Բերրի, Խուփս, Չմշկածագ կը բացուէին Արարատեան վարժարանները, որոնց իր դրամը կը շռայլէր Կովկաս Մշակի միջնորդութեամբ։ Միեւնոյն ատենները նոր ընթացաւարտ քանի մը պատանի նոյն Օրթագեղ թաղը կը հիմնէին Արեւելեան ընկերութիւնը որ շուտով կը միանար Դպրոցասիրացին, տարիներ առաջ Կալաթա-Սէրայի Լիսէին մէջ հայ աշակերտներու հիմնած ընկերութեանը. ու այդ միացումով Մուշէն Ալաշկերտ գիւղական եւ կեդրոնական վարժարաններ կը բղխէին։ Կիլիկեանը 1879ին Ներսէս պատրիարքի հովանաւորութեամբ խանդավառ եռանդով կ’ընդգրկէր Կիլիկիան։ Հանրային բաղձանքը, մանաւանդ Կովկասէն, այս երեք ընկերութիւններուն միացումին կը ցանկար. 1880 յունիս 1ի կիրակին հիմակուան Կեդրոնական վարժարանի սրահին մէջ Տքթ. Ռափայէլեանի նախագահութեամբ միութիւնը կը հռչակուէր։ Ու տասնըինը տարի ետքը ուրիշ բժիշկ մը, Ռափայէլ- եանի բարեկամը, Արարատեան ընկերութեան 1878ի հանդէսին նախագահը, Ստեփան փաշա Արսլան- եան, իր ձեռքովը հողը կը դնէ վերջին նշխարքները այս մարմնին։ Նոր կեանք, Բ. տարի, թիւ 11, 1 Յունուար 1899, էջ 164-165։ Վանի Վարժապետանոցին մասին` մանրամասնութիւններ կարելի է տեսնել, նոյն տեղը` թիւ 15, 1 Օգոստոս, 1899, էջ 230-232։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար տես` Արշակ Ալպօյաճեան, Մինաս Չերազ. իր կեանքը եւ գործը. իր 60 ամեայ յոբելեանի առթիւ, Գահիրէ, տպարան Յաբէթ-Պաղտասար, 1927, էջ 79-108։ Ամբողջական եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար տեսնել` Արփիար Արփիարեան, «Հայաստան եւ Կ. Պոլիս», Նոր կեանք, Բ. տարի, 1899, թիւ 13, էջ 196-198. թիւ 14, էջ 210-214. թիւ 15, էջ 228-232. թիւ 16, էջ 243-248. թիւ 17, էջ 265-271. թիւ 18, էջ 275-278։ 21. 1880 Յունիս 1-ին, Արարատեան Ընկերութեան կը միանան Դպրոցասիրաց- Արեւելեան եւ Կիլիկեան ընկերութիւնները, հիմնելու համար Միացեալ Ընկերութիւնք Հայոցը, որ կը հրատարակէ Հիմնական կանոնագիր միացեալ ընկերութեանց հայոց. ի 1 Յունիս 1880. նպատակ հայաբնակ գաւառաց մէջ կրթութիւն ծաւալել, Կոստանդնուպոլիս, տպագր. եւ վիմագր. Գ. Պաղտատլեան, 1890, 16 էջ։ 334
Երկու տեղեկագիրներ լոյս տեսած են 1880-1881 եւ 1882-1883 տարիներու գործու- նէութեան մասին։ Միացեալի կազմութեան պարագաներուն, կազմալուծումին, վերակազմութեան եւ գործունէութեան դադրելուն մասին տե՛ս` «Հայոց Միացեալ Ընկերութիւնք Կիլիկիոյ մէջ», Միքայէլ Նաթանեանի ընդարձակ «Յուշեր եւ նօթեր»-ը, Պայքար բացառիկ, 1947, էջ 52-67։ Է. Կոստանդյան, «Միացյալ Ընկերություն Հայոց», Հայկական հարց. հանրագի- տարան, Հայկական Հանրագիտարանի Գլխավոր Խմբագրություն, Երևան, 1996, էջ 331։ Այս մասին յանձնարարելի է կարդալ Րաֆֆիի «Նպաստենք» գրութիւնը։ Երբ Կ. Պօլսում կազմուեցին զանազան ընկերութիւններ` - «Արարատեան», «Կիլիկեան», «Դպրո- ցասիրաց արեւելեան» - Հայաստանում ուսում տարածելու նպատակով, մեզանից շատերը սկսեցին մտածել` ի՞նչ հարկաւոր են այսքան ընկերութիւններ, միթէ նպատակը միեւնոյնը չէ, աւելի լաւ չէր լինի եթէ բոլորը միանային, կազմէին մի ամբողջ եւ աւելի հիմնաւոր ընկերութիւն։ Մտածութիւնները իրաւացի էին։ Ընկերութիւնները կազմուած էին բարեգործական հիմունքների վրայ եւ պիտի պահպանուէին նուիրատուութիւններով։ Բայց մեր հասարակութիւնը չգիտէր` ո՞ր մէկին նուիրել իւր հանգանակութիւնները։ Բոլորը միեւնոյն ասպարէզում, բոլորը միեւնոյն նպատակի համար էին գործում։ Կ. Պօլսի հայերը, որոնք աւելի մեծ յոյսեր, աւելի մեծ ակնկալութիւններ ունին մեզանից, ռուսահայերիցս, - իհարկէ նիւթական օժանդակութիւնների կողմից, - ընկերութիւնները միացնելու հարցի մէջ ոչ միայն մեզ հետ համաձայն գտնուեցան այլ լիապէս կատարեցին մեր փափագը. մամուլի մէջ հրատարակուեցաւ որ ընկերութիւնները արդէն միացել են ընդունելով «Միացեալ ընկերութիւնք» անունը։ Այժմ ի՞նչ է մնում մեզ անել։ Այժմ մնում է մեզ կրկնապատկել մեր բարեգործական եռանդը, եւ մեր նիւթական զոհաբերու- թիւններով միացեալ ընկերութիւններին ուժ եւ խրախոյս տալ։ Մեզանից ամէն մէկը համոզուած է, որ ուսումը, կրթութիւնը, ամենագլխաւոր միջոցներն են, որոնք, թէեւ փոքր ինչ ուշ, թէեւ դանդաղ կերպով, բայց վերջապէս կը հարթեն աւելի հիմնաւոր ճանապարհ տաճկահայերի առջեւ մի ապագայ բարօրութեան հասնելու համար։ Մենք համոզուած ենք, որ Թիւրքիայի հայը դպրոցի մէջ պիտի գտնէ իւր վերածնութիւնը, իւր բախտը։ Եւ այն բարիքները, որոնցից մինչեւ այսօր զրկել էր հային բարբարոս Թիւրքիան, - այն բարիքները, որ եւրոպական դիպլօմատիան այնքան ժլատութեամբ է բաժանում հայերին, - հայի որդիները պիտի ստանան դպրոցական վարժապետի ձեռքից։ Բայց Թիւրքիայի հայը աղքատ է։ Թիւրքաց հարստահարութիւնը այն աստիճան քամել է նրա նիւթական զօրութիւնը, որ նա հազիւ թէ կարող է իւր դպրոցները կանոնաւոր, նպատակայարմար կերպով առաջ տանել, եթէ դրսից օգնութիւն չլինի։ Ռուսաստանի հայերը այժմ պէտք է կատարեն տաճկահայերի վերաբերութեամբ նոյնը, ինչ որ մի ժամանակ իրանց ոսկիներով անում էին Հնդկաստանի հայերը ամբողջ ազգի համար։ Ռուսաստանի հայերը, բնակուելով մի բարեկարգ պետութեան հովանաւորութեան ներքոյ, նիւթապէս աւելի բարե- բախտ վիճակի մէջ են գտնվում, քան իրանց տաճկահպատակ եղբայրները։ Հնդկաստանի հայերը թողեցին ազգի համար խոշոր կտակներ, նրանց փողերով զանազան երկրնե- րում հիմնուեցան բազմաթիւ դպրոցներ։ Ցանկալի կը լինէր, որ մենք հետեւէինք նրանց օրինակին։ Բայց մեր պահանջը համեստ է, մենք խոշոր կտակներ չենք պահանջում։ Մեզանից ոչ մէկի տնտեսութեան մէջ մի զգալի փոփոխութիւն չէր լինի, եթէ մեզ վրայ բարոյական պարտք կը դնենք իւրաքանչիւր տարի շարունակ կերպով, մեր կարողութեան համեմատ, մի քանի 335
րուբլ նուիրել Կ. Պօլսի միացեալ ընկերութիւններին։ Այդ րուբլիներից կը կազմուէին նշանաւոր գումարներ։ Ռուսաստանի հայերը «Արարատեան» ընկերութեան վերաբերութեամբ ցոյց տուեցին իրանց բարեգործական եռանդը, թէ որքան համակրում են կրթութեան գործին տաճկական Հայաստանում։ Յոյս ունինք, որ այժմ աւելի եւս պիտի բազմապատկեն իրանց զոհաբերութիւնները, երբ մասնաւոր ընկերութիւններից կազմուել է հոյակապ, հիմնաւոր ընկերութիւն։ Րաֆֆի, Տաճկահայք, տպար. Մ. Շարաձէի եւ Ընկ., Տփխիս, 1895, էջ 74-76։ 22. Գրիգոր Զօհրապ` որ մօտէն հետեւող մը եղած է Արփիարեանի հրապարա- կագրական նոր ուղիին, Մասիսի 1.8.1892 համարին մէջ, ներկայացնելով «Նոր լրագրու- թիւնը», կ’ըսէ. Պոլսոյ նոր լրագրութիւնը Արեւելքով կը սկսի. աւելի շատ իմաստասիրութիւն հանրային խնդիր- ներու, աւելի մօտ տեղեկութիւն եւրոպական ազգերուն վրայ, անհատական գձուձ խնդիրներն ու վէճերը` տեղի տալով ընդհանուր տեսութիւններու. հայ լեզուն, այս կամ խմբագրապետի գծած անձուկ սահմանները կոխոտելով, վերստացած իր ժողովրդեան բարբառի անկախութիւնը. խմբագրու- թիւնը` դադրելով արհեստ մը լինելէ, արուեստ դառնալու համար. գրական նոր սեռեր` գրական նոր մարդերու ձեռքով, ամէնքը միեւնոյն անփոփոխ նպատակին կապուած, հասարակութեան պէտքերուն ըմբռնումը։ Ահաւասիկ նոր լրագրութիւնը։... Նորերով` լրագրական արժանապատուութեան զգացումը խստութեամբ յայտնուած ու պահուած է միշտ. մուրացկանութիւնը դադրած է էջեր գրաւելէ թերթերու մէջ, նորերէն ոչ ոք շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ, եթէ իր թերթէն հատ մը, տասը հատ, հազար հատ գնեն կամ նուիրեն ասոր կամ անոր. դրամական աջակցութեան` քաջալերութեան` պատուակալ բառերու տակ նոր թերթերը ընթերցողներէն ողորմութիւն չեն ուզած եւ պիտի չուզեն երբեք։ Տե՛ս Գրիգոր Զօհրապ, Մեր կեանքէն..., Գահիրէ, 1945, էջ 45, 46։ Դարձեալ կարելի է օգտուիլ Ա. Արփիարեանի մասին Գ. Զօհրապի պատկերացումէն. Իրմով սկսած ու քաջալերուած է միշտ այն երիտասարդ գրողներու շարքը որ մեր հրապարա- կագրութեան այժմու ռամիկ, թէ որ կ’ուզէք հասկնալի ու սրտի մօտիկ հանգամանքը տուած են։ Ջուրի արձակումի մը պէս կու գայ, կ’անցնի, կը տարածուի, կը լայննայ, կ’անձկանայ ու կ’անհետի յանկարծ եւ օր մը անշուշտ պիտի գտնեն գետնին վրայ ակօս մը լրագրական արգասաւոր անցքին նշանակ։ Տե՛ս Մասիս, 1892, թիւ 3969։ 23. Տե՛ս ծանօթ. թիւ 19, վերջին բաժինը։ 24. Նուրեան Յովհաննէս էֆէնտի` ծնած է 1830-ին եւ եղերական վախճանը տեղի ունեցած է 1900-ին. եղած է Օսմանեան պետութեան բարձրաստիճան պաշտօնատար- ներէն եւ ազգային-հասարակական կարեւոր դէմքերէն մէկը։ Արփիարեան` իր սովորա- կան ուղղամտութեամբ, ճիշտ բնորոշած է զինք. Թիւրքիոյ պետական ծառայութեան մէջ գտնուող Հայերը նշանաւոր երկու տիպար կը ներկա- յացնեն, Օտեան եւ Նուրեան։ Աւելի յառաջ տանելով իր անկեղծութիւնը, կ’ըսէ. Չեմ ճանչնար մէկը որ ինծի չափ Նուրեան էֆէնտիի դէմ կռուող մը հանդիսացած ըլլայ։ Երիտասարդութեան էն թարմ օրերէն, այն ինչ նոր գրել սկսած, մինչեւ վերջին ատեններս անդուլ անդադար կռիւ մղած եմ ընդդէմ այդ անձնաւորութեան, կամ աւելի ճիշդը` այն քաղաքական ուղղութեան որուն կը հետեւէր, ու հիմակ խղճիս քննութիւնը զիս ամօթապարտ չի թողուր։ Հին 336
գրածներէս բան մը չունիմ քովս, բայց կը յիշեմ մաքառումներս, անոնց պատմութիւնները, ու չեմ գտներ ջնջելու ո՛ եւ է կէտ մը։... Իր կենսագրութիւնը խառնուած է մեր ժամանակակից պատմութեան, որուն մէկ գլուխը այս էջերուն մէջ ամփոփած եմ, եւ այդ առթիւ ուրուագծած Նուրեանը իբր ազդեցիկ քաղաքական անձնա- ւորութիւն։ Եթէ պատեհութիւն ներկայանայ ինծի գրել մեր վերջի տարիներու պատմութեան ուրիշ դրուագներ եւս, առիթ կ’ունենամ այդ շահագրգռական ուրիշ երեւոյթներու ներքեւ ալ ուսումնա- սիրելու։ Տե՛ս Ա. Արփիարեան, «Անցեալի դէմքեր. Նուրեան», Նոր կեանք, Գ. տարի, թիւ 6, 15 Մարտ 1900, էջ 83։ «Իբր պարզ պատմագիր» «ժամանակակից պատմութեան էջեր» գրի առնելով, Արփիարեան ներկայացուցած է «Կ. Պոլսոյ Պահպանողական Վարչութիւնները», որուն Ա. շրջանը եղած է 1885-1887, Նուրեան էֆէնտիի վարչութեան տարիները։ Տե՛ս Արփիար Արփիարեան, Նոր կեանք, Ա. տարի, թիւ 1, 1 Յունուար 1898, էջ 3։ Նուրեանի մասին անցողակի ակնարկներ կարելի է գտնել նաեւ Ազգապատումի Գ. հատորին մէջ, հատուածներ` 2877, 2889, 2891, 2934, 2938, 2993, 2996, 2998, 3005։ Յատկա- պէս հատուած 2993-ին մէջ, շեշտակի բնորոշումը` «Նուրեան իսկական ատենապետը»։ Բաղէշի Գաւառական Ժողովէն` Ա. Արփիարեան երեսփոխան կ’ընտրուի Կ. Պոլսոյ Ազգային Ժողովին մէջ։ Իր յաճախակի խիստ քննադատութիւններուն պատճառով, Ժողո- վի Ատենապետ Նուրեան Յովհաննէս Էֆէնտի, օր մը` ինքզինքէն ելած, կը փորձէ բռնի կերպով ամպիոնէն վար իջեցնել զինք. այդ պահուն է` որ Արփիարեան շառաչուն ապտակ մը կ’իջեցնէ անոր։ Շատ պատկերաւոր է Գրիգոր Զօհրապի արտայայտութիւնը այդ մասին. «Ազգը Արփիարեանի ձեռքով ապտակեց զինքը»։ 25. 26. 27. Նշուած երեք թերթերու հրատարակութեան մասնակից ըլլալուն, Արփիար- եան հետեւեալ ձեւով կը պատմէ. Պոլիս 1883ին կանոնաւորապէս մէկ օրաթերթ կը հրատարակուէր` Մասիսը. 1884ին հրապարակ ելաւ Արեւելքը. երկու օրաթերթ չկրցին միահաղոյն ապրիլ. Արեւելքի երեւումէն վեց ամիս ետքը 33 տարուան Մասիսը, յարատեւելու անկարող, վաճառուեցաւ նոր թերթին ընկերութեանը։ Արեւելք 1884 յուլիս 1էն սկսեալ Թիւրքիոյ Հայոց միակ օրաթերթը մնաց մինչեւ 1891 յուլիս 13։ Այդ թուականին Հայրենիք երբ իբր նոր հիմնարկութիւն մը երեւան եկաւ, մենաշնորհեալ ընկերութիւնը պարտա- ւորուեցաւ լուծուիլ եւ Արեւելքը անհատի մը աշխատութեանը յանձնել։ Կառավարութիւնը 1896ին Հայրենիքը վերջնապէս խափանելով Արեւելքի գոյութիւնն ալ վերջնապէս ապահովուած կը համարուէր. բայց քանի մը ամսէն ան ալ ջնջուեցաւ, ու Թիւրքիոյ Հայերը ատենի մը համար առանց օրաթերթի մնացին մինչեւ Բիւզանդիոնի սկզբնաւորութիւնը, որուն գրեթէ զուգադիպեցաւ Մասիսին իբր օրաթերթ վերերեւումը, փոխան նախկին Արեւելքին։ Դուռը 1897ին վերահաստատեց Արեւելքի արտօնագիրը որով Մասիսի շարունակութեանը պէտք չմնաց։ Եւ ահա միեւնոյն ծաւալով եւ միեւնոյն գնով երկու օրաթերթ 1897էն ի վեր բաւական բարեյաջող վիճակի մէջ կ’ապրին Պոլիս։ Տե՛ս Արփիար Արփիարեան, «Կ. Պոլսոյ մտաւորական շարժումը», Նոր կեանք, Բ. տարի, թիւ 19, 1 Հոկտեմբեր 1899, էջ 296-297։ Ժամանակի գրական շարժումներուն մօտէն հետեւած Ա. Չօպանեանէն կը տեղեկա- նանք, թէ 337
Արեւելքի միջավայրին մէջ ... Արփիարեան, այդ օրերուն, շատ կարեւորութիւն չէր տար լեզուի մաքրութեան ու ոճի կատարելութեան։ Լեցուն էր գաղափարներով, եւ իր նպատակակէտն էր զանոնք արտայայտել. տոգորուած, տիրապետուած` պայքարի ոգիով եւ հեգնական մղումներով, իր գրիչը էն առաջ ատոնց գործիք դարձնել կ’ուզէր, կարելի եղածին չափ պարզ, գրեթէ արհամարհելով։ 1896-ին Պոլսէն փախչելով Եւրոպա գալէն ետքն է որ, երբ սկսաւ ինքն ալ Մերքիւր տը Ֆրանսի ընթերցող մը դառնալ, փոխեց իր գրելու ձեւը եւ արտադրեց արուեստի տեսակէտով լաւագոյն իր գործերը, աւելի ճոխ լեզուով, աւելի նուրբ ոճով։ Տե՛ս Արշակ Չօպանեան, «Լեւոն Բաշալեան եւ իր գործը», Պայքար, օրաթերթ, 18 Դեկտեմբեր 1976, էջ 2։ 1889-ի վերջերը, Արփիարեան, ուրիշ Հնչակեան գործիչներու հետ, կը ձերբակալուէր ու բանտ կը դրուէր, եւ Բաշալեան կը փախչէր Փարիզ։ Ատեն մը Մասիսը կը դադրէր։ 1891-ին, Արփիարեան բանտէն ելլելէն քիչ յետոյ, Յովհաննէս Շահնազարի հետ, կը հիմնէր Հայրենիք օրաթերթը, ուր Արեւելք-Մասիս սկսուած հայ գրական ու հանրային կեանքի վերանո- րոգման շարժումը իր գագաթնակէտին կը հասնէր։ Շահնազար հոն կը բերէր ոչ միայն իր փաստաբանական ասպարէզին վաստակած դրամը որ կարելի կը դարձնէր թերթին հրատարակութիւնը, այլ եւ ջղուտ, պայքարող հրապարակագրի մը գրիչը, որ յայտնութիւն մը եղաւ։ Արփիարեան կը շարունակէր իր համեղ քրոնիկները, երգիծական էջերը եւ ազատաշունշ հրապա- րակագրական յօդուածները (ազատաշունչ` ինչքան որ հետզհետէ խստացող համիտեան գրաքննու- թիւնը թոյլ կու տար)։ Տե՛ս նոյն տեղը, 21 Դեկտեմբեր 1976, էջ 2։ Հայրենիքը դարձաւ ամէնէն ժողովրդական թերթը զոր մինչեւ այն ատեն ունեցած ըլլար Արեւմտահայութիւնը, աղաներու տիրապետութեան տեղ դրաւ մտաւորականներու տիրապետութիւնը, զարգացուց քննադատական ոգին, գեղեցիկ գրականութեան սէրը տարածեց ժողովուրդին բոլոր խաւերուն մէջ, նպաստեց կազմելու մտաւոր արտադրութիւնները ջերմօրէն սիրող, անոնցմով ոգեւորուող հասարակութիւն մը, որ հետզհետէ ընդարձակուող ու կատարելագործուող ուժ պիտի դառնար` եթէ աղէտներու շարք մը չգար ամէն ինչ տակնուվրայ ընել։ Տե՛ս նոյն տեղը, 24 Դեկտեմբեր 1976, էջ 2։ Դարձեալ Արփիարեանն է` որ իր վերլուծող միտքով կ’արտայայտուի ժամանակին գրական լեզուին մասին. Կ. Պոլսոյ հայերը պզտիկուց գրաբար սորվելով, ականջնին կը լեցուի հոլովումներով, խոնարհումներով, դարձուածներով, որոնք բնական չեն երեւիր ընթացիկ լեզուի մէջ, իսկ գրութեան մէջ ալ կարծես անբնական չեն երեւիր։ Պոլսեցիներուն գրաբարի այս հակումը, որուն վրայ ուրիշ առթիւ կրնանք խօսիլ, գլխաւոր պատճառներէն մէկը եղաւ Կ. Պոլսոյ աշխարհաբարին պաշըպօզու- քութեանը։ Որքան գրող` գուցէ այնքան ալ լեզու Պոլիս։ Կանոնաւորութիւնը նոր սկսած է մտնել, տասնեակ տարիէ ի վեր. Հայրենիքի հրատարակութեամբը սկզբնաւորութիւն եղաւ միօրինակ աշխար- հաբարի մը հետեւելու գաղափարին։ Իսկ Կովկասի հայերը միօրինակ քերականութիւն մը ունին արդէն։ Թիֆլիսի ո՛ր թերթն ալ առնէք, կովկասեան ո՛ր հեղինակութիւնն ալ առնէք, ամէնուն ալ քերականութիւնը միեւնոյնն է։... Կ. Պոլսոյ գրողները իրենց նոր լեզուին կազմակերպութեանը մէջ գրաբարի աջակցութեանը շատ 338
դիմեցին, բայց ուղղակի Հայաստանի ժողովուրդին բարբառը չգիտցան։ Կովկասցի գրագէտը ուղղակի Հայաստանի բարբառը սորվեցաւ, բայց գրաբարէն հեռու մնաց։ Տե՛ս Արփիար Արփիարեան, Պատմութիւն ԺԹ. դարու Թուրքիոյ հայոց գրականու- թեան, էջ 70, 71։ Արեւելքի, Արեւելք-Մասիսի խմբագրութիւններու միացումին եւ Հայրենիքի հիմնա- դրութեան մասին իրազեկի եւ մասնակիցի շահեկան տեղեկութիւններ կը հաղորդէ Ար- փիարեան. տե՛ս նշ. աշխ., էջ 101-106, 109-112, 124-128, 172-176, 179-181, 181-184, 185, 195։ Ներկայացուող ժամանակաշրջանին գրասէր երիտասարդներէն մէկը` նորելուկ բանաստեղծ Վահան Մալէզեան իր կարգին կ’ոգեկոչէ. Այդ միջոցին կը հրատարակուէին, իբրեւ գրականութեան ջահակիրներ, Հայրենիք եւ Արեւելք օրաթերթերը եւ Մասիս գրական շաբաթաթերթը, աշխատակցութեամբ ականաւոր գրողներու եւ տաղանդաւոր սկսնակներու։ Գրականութիւնը երբեք այն աստիճան տիրապետող չէր Կ. Պոլսի մէջ որքան այդ շրջանին. նոր շարժում մըն էր ան, որ կը զուգընթանար ազգային զարթնումին հետ, եւ այդ շարժումին գլխաւոր ռահվիրան էր, Յ. Շահնազարի եւ Լ. Բաշալեանի հետ, Արփիար Արփիարեան, իր սպայակոյտովը դիրք բռնած Հայրենիքի խմբագրութեան մէջ, որ ժամադրավայրը դարձած էր մեր առաջին յեղափոխականներուն եւ օրուան ամէնէն սիրուած գրողներուն։ Տե՛ս Անցած օրեր... յուշամատեան Գատըքէօյի գրական երեկոյթներու, 1892-1894, [Բարիզ , 1927, Գեղարուեստական Հայ Տպարան], էջ 34։ 28. Գրիգոր Զօհրապի վկայութեամբ, Իր մշտնջենական պատիւը պիտի ըլլայ մեր մէջ, իր «Օրուան կեանք»երովը` առաջին ինքը տանիլը, մօտեցնելը գրականութիւնը ժողովուրդին, փոխանակ ժողովուրդը բերելու անխախտ գրականութեան մը անմատչելի բարձունքին։ Տե՛ս Մասիս, 1892, թիւ 3969։ Գրական հանգամանք ունէին «Օրուան կեանքը» շարքերը, սկսած Արեւելքի 1884 թիւ 1-էն մինչեւ 1888 տարին, եւ Մասիսի մէջ 1887-1890 տարիներու ընթացքին եւ Հայրենիքի ու Նոր կեանքի մէջ ցանցառաբար։ Հ. Մեսրոպ Վ. Ճանաշեան, Պատմութիւն արդի հայ գրականութեան (վերածնունդի շրջանէն մինչեւ մեր օրերը), Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1953, հատոր առաջին, էջ 426։ Արեւելք օրաթերթի բաժիններից եւ ոչ մէկը այնպիսի աղմուկ չի հանում, որքան Արփիարեանի «Օրուան կեանքը» ակնարկները, որոնք տպագրւում էին Հրազդան ստորագրութեամբ։ Դրանք փաստօրէն կիսա-գեղարուեստական ստեղծագործութիւններ էին, որոնք արծարծում էին քաղաքա- կան հարցեր։ Դրանք արտացոլում էին Պոլսի ժամանակակից տնտեսական, քաղաքական եւ ազգային կեանքը։ Ոճը միանգամայն իւրօրինակ էր։ Հրազդանը կարողանում էր այդ բազմազան երեւոյթները ներկայացնելու համար ընտրել գրաւիչ պատմելաձեւ։ Հայ նոր գրականության պատմություն, հատոր չորրորդ, Երևան, 1972, էջ 378։ 29. «Հողվրտիք»ները` Շիրակ, 1905 թ. 1, 5, 1906, թ. 1, 1907, թ. 6, 8, 9, իր գրական, ընկերային եւ քաղաքական կեանքի յուշերուն փունջերն են նուիրուած օրուան մեռելներու յիշատակին։ Առանց զուտ գրական քնարերգական էջեր ըլլալու, անոնք անկեղծ ու զգացուած շեշտ մը ունին, անդրշիրիմեան յարգանք մը անոնց` որ օգտակար ծառայութիւն մը մատուցած են իրենց ազգին, ու հիմա իրարմէ ցրուած` կը հանգչին զանազան վայրեր, հեռու խնամոտ ու գուրգուրոտ ձեռքերէ։ Ինքը կը ցանկայ 339
լրացնել պակասը այդ գթոտ սրտին, ու կը սփռէ ծաղիկ անոնց անշուք հողվրտիքին վրայ` խօսքի մը, տեղի մը մէջ մշտնջենաւորելու համար անոնց գործն ու յիշատակը, մոռացումի իսկական մահէն փրկելու ազնուական գաղափարով։ Տե՛ս Ճանաչեան, էջ 427։ 30. Կարմիր ժամուց վիպակին նիւթը` Արփիարեան յղացած է Լոնտոնի մէջ 1898 թ., սակայն, մասամբ` նախ տպած է Վենետիկ հրատարակած Հայ հանդէսին մէջ, 1902 թ., ապա` ամբողջութեամբ լոյս տեսած է Ս. Պետերբուրգի մէջ, Բանբեր գրականութեան եւ արուեստի, հանդէս վեցամսեայ, 1903, գիրք Ա., էջ 1-61։ Կարմիր ժամուց, արտատպուած Իրաւունքէն, Վառնա, Տպարան Իրաւունքի, 1908, 104 էջ։ Կարմիր ժամուց. վէպ ազգային ժամանակակից կեանքի, Կ. Պոլիս, Տպարան Արեւելք, ա.թ., 45 էջ։ Կարմիր ժամուց, Պէյրութ, Տպարան Ազդակ, 1937, 96 էջ։ Գրական եւ դաստիարակչական պահանջներու համաձայն, Կարմիր ժամուցի դպրո- ցական գործածութեան համար յանձնարարելի հրատարակութիւն է Գրական ցոլքեր 12- ը, Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1956, 87 էջ։ Հայաստանի հրատարակութիւններէն կարելի է յիշել «Հայ դասականների գրադա- րան» շարքով լոյս տեսած Արփիար Արփիարեանի Երկերը, Սովետական Գրող, Երեւան, 1987, էջ 309-370։ Վիպակին ամփոփումը տեսնել` Ճանաշեան, նշ. աշխ., էջ 434։ Ըստ աւանդութիւն դարձած կարծիքի մը, Կարմիր ժամուցը ազգային յեղափոխական կեանքէ առնուած վէպ մըն է, բայց իրականութեան մէջ` ան կը ներկայացնէ երկու հակընդդէմ տարրերու մտածելակերպը, պայքարը։ Տե՛ս Ստեփան Շահպազ, Արփիար Արփիարեան, Պէյրութ, Տպարան Ալթափրես, 1987, էջ 562։ 31. Արփիարեանի «հարցաքննութիւն»-ը հրատարակուած է Դրօշակի 15 Դեկտեմբեր 1899, Յաւելուածին մէջ, որուն համար Արփիար ըսած է` թէ «այդ հրատարակուած թուղթը առաջին տողէն մինչեւ վերջինը ամբողջովին կեղծաւորութիւն է»։ Իրաւաբանի մը հաստատումով` Այս ատենագրութիւնը (procès-verbal), ինքնին կեղծ ու շինծու է, ինչ որ իր առարկայական շարադրութեամբն իսկ կը յայտնուի իսկոյն։ Ով որ զայն շինած է, զայն շարադրած է` իր առաջին տողէն կը մատնէ իր տգիտութիւնը` հարցաքննութեան, մանաւանդ պատժական խնդիրներու առթիւ կատարուած ոստիկանական հարցաքննութեանց օրինական ամէնէն տարրական պայմաններուն հանդէպ, - մանաւանդ երբ խնդրոյ առարկայ եղող հարցաքննութիւնը ոստիկանական նախարար մը կատարած է։ Տե՛ս Ստեփան Շահպազ, նշ. աշխ. էջ 266։ Հետաքրքիր ընթերցողներ` Ս. Շահպազի վերոյիշեալ հատորին մէջ կրնան գտնել. էջ 266-269, Ձերբակալութիւն 9 Նոյ. 1890 Ուրբաթ, Ոստիկանութեան հարցաքննիչ պաշտօնի հարցումները եւ Արփիար Արփիարեանի պատասխանները. էջ 270-272, Առաջին ատենա- գրութիւնը, 11 Նոյ. 1890. էջ 272-276, «Երկրորդ հարցաքննութեան» ատենագրութիւնը, 22 Նոյ. 1890. էջ 278, վերջին «հարցաքննութիւն», 12 Դեկտ. 1890։ «Հարցաքննութեան պատճէն»-ի եւ յարակից մանրամասնութիւններու մասին 340
տեսնել` թիւ 49 ծանօթագրութիւնը։ 32. Արշակ Չօպանեան կորովի կերպով կը յայտնէ, թէ Այդ թղթերը Դրօշակեան կուսակցութեան յանձնուած են Թիւթիւնճիեֆ մատնիչին ձեռքով։... Դրօշակի խմբագրութիւնը գիտէ որ Թիւթիւնճիեֆ այդ թղթերուն գիւտը կատարեց` Արփիարեանի հետ խմբագրական կռիւ մը ունենալէ անմիջապէս յետոյ։ Տե՛ս Անահիտ, 1900, թիւ 4-5, էջ 137։ 33. Մկրտիչ Ս. Թիւթիւնճիէֆֆ (Թիւթիւնճեան), ռումանահայ է։ Որպէս վիրաբոյժ վկայուած է Պուքրէշի բժշկական վարժարանէն։ 34. Յուշագիր Միհրան Տամատեան նախապէս գրած եւ ապա ջնջած է` «այնպիսի վտանգաւոր ճիւաղ մըն էր»։ 35. Դանուբ, Le Danube, Տէր եւ խմբագիր Մկրտիչ Ս. Թիւթիւնճիէֆֆ, լոյս տեսած է Ռուսճուքի մէջ, 1891-1892 թուականներուն, 16 համար, 8 էջերով, նախ` որպէս Հանդէս եօթնօրեայ, ապա` երկշաբաթաթերթ, որուն նպատակը եղած է զբաղիլ «Պուլկարիոյ եւ Ռումինիոյ հայ գաղթականութեան յառաջդիմութեան նպաստող հարցերով եւ իւր ներած սահմանի չափովն ալ տեղեկութիւններ հաղորդել այլուր գտնուող հայոց կեանքի նիւթական եւ բարոյական խնդրոց եւ անցից նկատմամբ»։ Մատենագիտութեան համար տեսնել` - Հայոց պարբերական մամուլը (1794-1934), կազմեց Գարեգին Լեվոնյան, Յերեվան, հրատարակություն Մելքոնյան Ֆոնդի, 1934, էջ 31։ - Հայ պարբերական մամուլի բիբլիոգրաֆիա (1794-1900), կազմեց Հովհ. Պետրոսյան, , Երևան, Հայկական ՍՍՌ Պետգրապալատ, 1956, էջ 631։ - Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտություն (1794-1967), կազմեց` Ա. Կիրա- կոսյան, Երևան, Հայկական ՍՍՀ Ալ. Մյասնիկյանի անվան Հանրապետական Գրադա- րան, 1970, էջ 256։ - Հայ պարբերական մամուլը. մատենագիտական համահավաք ցուցակ (1794-1980), կազմեց` Մ. Ա. Բաբլոյան, Երևան, Հայկական ՍՍՀ ԳԱ Հրատարակչություն, 1986, էջ 47։ 36. Ռուսճուքի մէջ նախքան իր սեփական տպարանը ունենալը, Մարսէյլի Մ. Փորթու- գալեանի տպարանէն լոյս տեսած են Թիւթիւնճիէֆֆի հետեւեալ աշխատասիրութիւն- ները, երբեմն Ապլղարիպ գրական անունով. - Ազատութիւն Պուլղարիոյ եւ կենսագրութիւնք պուլղար ապստամբաց, աշխատասի- րեց Մ.Ս.Թ., վիրաբոյժ ի Ռուսճուգ, Մարսէլ, հայերէն տպարան Մ. Փորթուգալեանի, 1888, 128 էջ։ - Իմ հայրասպան ընկերը (Կ. Պօլսոյ հայոց կեանքէն առնուած մի իրական վէպ), գրեց Ապլղարիպ, Մարսէյլ, հայերէն տպարան Մ. Փորթուգալեանի, 1889, 89 էջ։ - Մուսայ Պէյ եւ իւր սարսափելի եղեռնագործութիւնք, Ռուսճուք, 1892։ - Վաշխառուին աղջիկը. սիրավէպ, Կ. Պոլիս, տպագրութիւն Կ. Պիպէրեան, 1894, 139 էջ։ - Ծածուկ մեղք մարդկային սեռի եւ կամ Ափրոդիտական հիւանդութիւնք, Տէր եւ հրատարակիչ Պ. Պ. Պալենց, Կ. Պոլիս, տպագրութիւն Կ. Պիպէրեան, 1894, 72 էջ։ Մատենագիտութիւնը տեսնել` Հայկական նոր մատենագիտութիւն եւ հանրագիտարան հայ կեանքի, կազմեց Հ. Արսէն Ղազարոս Ղազիկեան, Մխիթարեանց, առաջին հատոր Ա-Մ, Վենետիկ, ի 341
տպարանի Սրբոյն Ղազարու, 1909-1912, սիւնակ 755-756։ 37. «Տինամիթներու պատրաստութեան գործին» մասին` առկայ գրականութեան մէջ որեւէ տեղեկութեան չհանդիպեցայ։ Պանք Օթոմանի գրաւումի կազմակերպիչներէն մէկը` միայն կը յիշատակէ Կուսակցութեան պատկանող «Իւսկիւտարի գաղտնի ձուլա- րան»-ին եւ «Բերայի արհեստանոց»-ին մասին։ Տե՛ս Արմէն Գարօ, Ապրուած օրեր, Հայրենիք տպարան, Բոստըն, 1948, էջ 94։ Յաւելեալ, կողմնակի տեղեկութիւններ պահուած են Կուսակցութեան դիւաններուն մէջ, որոնցմէ կը քաղեմ հետեւեալները. Մելիք ստորագրութեամբ, 8 յունիս թուակիր նամակը կը յայտնէ, թէ Բուլգարներու ներկայացուցիչը երկու օր է հոս եկած է յատկապէս մեզ հետ բանակցելու համար։ Անոնք կ’ուզեն գործել դինամիտով եւ մեր գործակցութիւն կ’ուզեն։ Մենք տակաւին բանակցութեան մէջ ենք, տակաւին վերջնական համաձայնութիւն չտուինք։ Տե՛ս Դիւան Հ. Յ. Դաշնակցութեան, հատոր առաջին, Յաւելուած Հայրենիք ամսագրի, հրատարակութիւն Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Կեդր. Կոմիտէի, Պոսթըն, 1934. Յ. Իւսուֆեանի նամակները Դրօշակի խմբագրութեան, էջ 238։ Մելիք ստորագրութեամբ, Կ. Պոլիս, 9 սեպտ., 95 Մակեդոնական ներկայացուցիչը վերադարձաւ 14 քիլոկրամ տինամիթով եւ կ’ուզէ որ միասին գործենք յայտնի պայմաններով։ Կը խոստանան հետզհետէ ուղարկել։ Այս օրերս պայմանագիրը կը վերջանայ։ Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 242։ Մելիք, Կ. Պոլիս, 18 սեպտ., 95, հինգշաբթի Մակեդոնացիներու լիազօրը եկաւ եւ յիշեալ թուղթերը բերաւ, որի իսկական պատճէնը ձեզի կ’ուղարկենք, որ անմիջապէս Խաժակը ճամբայ հանէք Սոֆիա, որ բանակցի անձամբ նախագահի` Թիւֆէնկչիեւի հետ։ Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 243։ Յ. Իւսուֆեան ստորագրութեամբ, Կ. Պոլիս, 11 հոկտ., 95 Այժմ մեր տրամադրութեան տակ ունինք ռումբ, ուժանակ եւ կը սպասենք։ Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 250։ Վահապ ստորագրութեամբ, Կ. Պոլիս, 8/20 փետր., 96 Պիտի կրնա՞ք մեզ համար դինամիտ եւ ռումբ պատրաստել տալ, այդ խորհա՞ծ էք, բանակցա՞ծ էք Թիւֆի հետ։ Տե՛ս Դիւան, հատոր առաջին, Ա. Վռամեանի նամակները Դրօշակի խմբագրութեան, էջ 276։ Վահապ, Կ. Պոլիս, 10/22 փետր., 96 Կարելի է նաեւ օգտուիլ Թիւֆէն, որովհետեւ այդ մարդը լաւ յարաբերութիւն ունի բելժի գործի հետ եւ արդէն բերել տուած է եղեր բաւական քանակութեամբ անցեալ տարի։ Անոր ցոյց տուած միջոցաւ կրնաք շուտով յաջողիլ, մաքսի եւ այլ դժուարութիւններէն խոյս տալու համար։ Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 281։ 342
38. Դրօշակ, Հայ Յեղափոխակ. Դաշնակցութեան Օրգան, No 8, Յուլիս 1895, էջ 1, կը կարդանք. ՄԱՏՆԻՉ ՎԻՐԱԲՈՅԺ ԹԻՒԹԻՒՆՋԵՎԻ ԶԱՐԿՈՒՄՆ Սօֆիայից մեզ հեռագրում են. – Յունիսի 23-ին (ն.տ.) երեկոյեան ժամը 9-ին, Կ. Պօլսում դաշնակցականները զարկեցին նշանաւոր ՄԱՏՆԻՉ վիրաբոյժ ԹԻՒԹԻՒՆՋԵՎին։ Մատնիչը մերձ ի մահ է։ Ահաբեկիչները ազատ են։ Ժողովրդի ոգեւորութիւնը անսահման է։ Անսահման է նոյնպէս թիւրք կառավարութեան սարսափը։ Կառա- վարչական շրջանների մէջ ընդհանուր յուզում։ Մանրամասնութիւնները նամակով։ «Դաւաճան Մ. Թիւթիւնճիէվի դատապարտութեան տեղեկագիրը», Կ. Պոլսի Կեդրոնական Կօմիտէ Տե՛ս Դրօշակ, Յուլիս 1895, No 9, էջ 3-4։ Կ. Պոլիս, 25 յուլիս, 95, Մելիք կը տեղեկագրէ. ... անազնուաբար, անամօթաբար Թիւթիւնճիէվը կը ճգնին իրենց վերագրել։ Մենք եթէ գիտնա- յինք, որ տեղեկագիր եւս կը տպագրեն, մեր հերքումը աւելի խիստ կը գրէինք, բայց այդքան անամօ- թութիւն երբեք չէինք յուսար։ Թիւթիւնճիէվի ահաբեկիչները Արեւելեանի մօտ են, արդեօք օգտակա՞ր է անոնց բերնին ապտակ մը, հերքում մը տպագրել, թէ՞ ինչ կը կարծէք։ Բայց հոս բացի իրենցմէ, ալ շատեր սկսած են հաւատալ որ այդ մեր գործն է եւ ոչ Մեծապատիւ Մուրացկաններու, որոնց վարկը ալ ինկաւ։ Տե՛ս Դիւան, հատոր առաջին, էջ 239։ Դրօշակ, No 10, Օգոստոս 1895, էջ 8, կը կարդանք. ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ ՀՆՉԱԿԻ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ Զարմանքով կարդացինք Հնչակի թիւ 9-ի մէջ Կ. Պոլսէն խրկւած լուր մը, որուն համաձայն իբր թէ հնչակեանները զարկած ըլլան դաւաճան Թիւթիւնճեէվը, մինչդեռ Դաշնակցութեանս Կ. Պոլսոյ Կեդրոնական Կօմիտէին նախագոյն որոշումով եւ տեղական կօմիտէներէն «Զոհ»-ին ահաբեկիչներուն ձեռքով ի գործ դրւեցաւ անոր մահւան վճիռը։ Չծանրանալով այն կէտին վրայ, թէ Յեղափոխութեան տեսակէտէն կարեւորութենէ իսպառ զուրկ է յեղափոխական ո՛ր եւ է արարքի մը այս կամ այն Կուսակցութեան ձեռքով կատարւած ըլլալը, - սա չափ միայն կուզենք դիտել տալ, որ թէ՛ Դաշնակցութեան Կ. Պոլսի Կեդրոնական Կոմիտէիս եւ թէ Հնչակեան կուսակցութեան Պոլսի Մասնաճիւղին համար պատւաբեր չեն կրնար ըլլալ երբէ՛ք այդ օրինակ սխալներ ու թիւրիմացութիւնները։ Ուստի կը յուսանք թէ Հնչակի խմբագրութիւնը պիտի փութայ իր սխալն ուղղելու ստուգագոյն աղբիւրներէ առնւած անմիջական տեղեկութիւններով։ Կ. ՊՈԼՍԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՕՄԻՏԷ ԱՆՀՐԱԺՇՏ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ (Հոկտեմբեր 1895) Թիւթիւնճիէվ կը սպաննուի Դաշնակցութեան հրամանով եւ վճռագործ կոմիտէին անմիջական քոնթրոլին ներքոյ, Հնչակեանները կը փութան իրենց վերագրելու այդ գործը։ Դաշնակցութեան Կ. Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէն թէ՛ մասնաւորապէս եւ թէ՛ հրապարակաւ հրաւէր կը կարդայ Հնչակեան- ներուն ստուգելու եւ ապացուցանելու իրենց պնդածը. դեռ պիտի ապացուցանեն։ Տե՛ս Դիւան, հատոր առաջին, էջ 223։ 39. Չայեան Էլիաս Էֆէնտին կարող եւ խոհական անձնաւորութեան համբաւ ստացած 343
է. ազգային շրջանակի մէջ` Քաղաքական Ժողովոյ ատենադպիր եղած է, իսկ Օսմանեան Արտաքին Գործոց նախարարութեան մէջ` խորհրդականութեան օգնականի պաշտօնին հասած եւ անկէ ալ Պետական Խորհուրդին անցած է։ Մահացած է 1902 Ապրիլ 21-ին։ Տե՛ս Ազգապատում, Գ. հատոր, հատուած 3097։ Իր անուան յիշատակութեան կարելի է հանդիպիլ նաեւ 2993, 2996, 3075, 3119 հատուածներուն մէջ։ 40. Պարբերական մամուլի եւ պատմական գրականութեան մէջ դրական գնահատա- կան արձանագրուած է Խարախանեան Ներսէս Վարդապետի եւ ապա Եպիսկոպոսի մասին։ Քղիի` 1890, եւ Մուշ-Տարօնի` 1889, Ընդհանուր վանահայր-առաջնորդութեան շրջա- նին, Իւր անձնւէր գործունէութեան համար, իբրեւ ժողովրդական հովիւ, նա տաճիկ բռնակալ կառավարութեան կողմից կրեց ամենայն հալածանք, եւ վերջին մի քանի տարիները անցկացրեց բանտում, որից ազատուեց միայն վերջին ժամանակները` [Իզմիրլեան] պատրիարքի եւ եւրոպական դեսպանների ազդու պահանջումների շնորհիւ։ Տե՛ս Դրօշակ, Հայ Յեղափոխակ. Դաշնակցութեան Օրգան. I No 12, Սեպտեմբեր 1895, էջ 8-9։ II No 13, 15 Սեպտեմբեր 1895, էջ 7-8։ Գարեգին [Տ. Գարեգին Սրուանձտեանց Վանեցի] եպիսկոպոսին յաջորդեց Տ. Ներսէս եպիսկոպոս Խարախանեան (այն ատեն վարդապետ), որ քանի մը տարի հազիւ կրցաւ շարունակել իր առաջնորդական դժուարին պաշտօնը, եւ աքսորուեցաւ իբրեւ քաղաքական յանցաւոր Ս. Երուսաղէմի Հայոց վանքը։ Երուսաղէմի վանքին մէջ 12 տարիներ փակուած մնալէ յետոյ, շնորհիւ Սահմանադրութեան վերահռչակման, Տ. Ներսէս եպիսկոպոս Կ. Պոլիս դարձաւ, ուր երկրորդ անգամ ըլլալով ընտրուեցաւ առաջնորդ եւ ընդհանուր վանահայր Տարօնոյ վիճակին։ Տե՛ս Գաւազանագիրք. յաջորդութիւնք վանահարց ուխտիս Ս. Կարապետի Տարօնոյ, աշխատասիրեաց Կարապետ Վարդապետ Լուսարարեան, միաբան Ս. Կարապետի վանուց Տարօնոյ, Երուսաղէմ, ի տպարանի Առաք. Աթոռոյ Ս. Յակովբեանց, 1912, էջ 113- 114, 118։ Իր մասին ակնարկութիւններ տեսնել` Ազգապատում, Գ. հատոր, հատուածներ 3049, 3105, 3123։ «Հանգիստ Ներսէս Եպսկ. Խարախանեանի», Արեւ, ազգային շահերու օրկան, Աղեք- սանդրիա, Ա. տարի, թիւ 28, 12 Յուլիս 1915, էջ 3։ Հմայեակ Գրանեան, «Անհետացող դէմք մը. Ներսէս Եպիսկոպոս Խարախանեան», Արեւ, թիւ 29, 14 Յուլիս 1915, էջ 2։ Տարօնի ժողովրդական վերազարթնումի գործին մէջ առաջնակարգ դեր խաղաց մեր բազմերախտ եկեղեցականներէն մէկը – Ներսէս վարդապետ Խարախանեան։ Իր անձնուէր գործունէութեան համար, իբրեւ ճշմարիտ ժողովրդեան հովիւ, նա շատ հալածանք կրեց թուրք կառավարութեան կողմէ եւ քանի մը տարի նոյն իսկ բանտ նստեց։ Արձակուեցաւ [Իզմիրլեան] պատրիարքի ու դեսպաններու կրկնակի դիմումներու շնորհիւ։ 344
Քաջածանօթ էր երկրի պայմաններին, ինքը բնիկ տարօնցի (Մշոյ Յաւրանցի) լինելով։ Խարախանեան, Մկրտիչ Սարեան եւ բազմաթիւ եկեղեցականներ, Խրիմեանի հայրենաշունչ գաղափարներով սնած, պատրաստեցին Դուրան-Բարձրաւանդակի մէջ ազատասէր, յեղափոխական առաքեալներու սերունդ մը, որոնցմէ էին, ի միջի այլոց, Ագրիպասեան, Գէորգ Չաւուշ, Հրայր, Վաղար- շակ, Գեղամ Տէր Կարապետեան եւ վարդենիսցի Մարգար վարժապետը։ Տե՛ս Միքայէլ Վարանդեան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութիւն, Պարիզ, 1932, առաջին հատոր, էջ 140, 141։ 41. Կ. Պոլսոյ մէջ, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ունեցած է իր Կենտրոնական Կոմիտէն եւ երկրորդական կոմիտէները. Կուսակցութեան լիազօր ներկայացուցիչը եղած է Յովհան- նէս Իւսուֆեան (Վահանեան կամ Մելիք), որ Պոլիս գացած է 1892 թ. վերջերը։ Յովհաննէս Եուսուֆեան` Մելիք ծածկանունով, Կուսակցութեան առաջին ուխտեալներու շարքէն էր, նոր Բայազետցի։ Ներսիսեան դպրոցը աւարտելէ եւ քանի մը տարուան ուսուցչութենէ յետոյ, նուիրուեցաւ ազատագրական շարժման։ 1895-ի աշնան ստիպուած եղաւ հեռանալ Պոլսէն, անցնիլ Ժընեւ ապա Ամերիկա, ուր մեծ զարկ տուաւ կազմակերպական գործին։ Մեռաւ 1920-ին, Լօզանի մէջ, 66 տարեկան։ Դաշնակցութեան լիազօրը` Յովհաննէս Եուսուֆեան հմուտ ձեռքով պատրաստեց նաեւ շարք մը յանդուգն ահաբեկիչներ, որոնք օր ցերեկով, բազմամարդ փողոցներու մէջ կը զարնէին դաւաճանները եւ կ’անհետանային։ Այդպէս, 1895-ին մին միւսին ետեւէ սպանուեցան Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ մահուան դատապարտուած առաջնակարգ հայազգի լրտես ու մատնիչներ, ոստիկան-կոմիսէր Հաճի Տիգրան, վիրաբոյժ Թիւթիւնջեվ, կարգալոյծ վարդապետ Մամբրէ եւ ուրիշներ, որոնք օսմ. ոսկիներէն հրապուրուած, դարձեր էին Նազըմ փաշայի հաւատարիմ գործակալներ եւ անոր ձեռքը կը մատնէին ու բանտերու մէջ կը փտեցնէին բուն յեղափոխական գործիչներուն հետ նաեւ բազմաթիւ անմեղներ... Տե՛ս Միքայէլ Վարանդեան, նշ. աշխ., էջ 158։ 42. 1908 թ., Կ. Պոլսոյ մէջ, օր մը պատահաբար Վահան Թէքէեանին հանդիպելով, Հրանդ կը խոստովանի, թէ` «ճիշդ է...։ Ես այն ատեն ալ հակառակ էի...։ Սխալ մըն էր կատարուեցաւ...»։ Գրականութեան պատմաբանի հայեացքով, Արփիարեան` Հրանդը կը ներկայացնէ հետեւեալ կերպով. Նոր գրականութեան առաջին շրջանին մէջ, շատ համակրանք գրաւող հեղինակներէն մէկը եղաւ Մելքոն Կիւրճեան` Հրանդ ծածկանունով ճանչցուած։ Երիտասարդ գրողը քանի մը տարիէ ի վեր ծանօթանալ սկսած էր, երբ 1888-89-ին Պանդուխտի կեանքէն նկարագրութիւններովը մէկէնիմէկ նշանաւոր հանդիսացաւ։ Հայերէն լեզուի այդ ուսուցիչը թէեւ ֆրանսերէնի քիչ շատ հմուտ, բայց եւրոպական ազդեցութեան չենթարկուեցաւ, գործնականապէս ցոյց տուաւ, թէ հնարաւոր է հայկական անարատ ոճով ալ գեղեցկօրէն գրել։ Քանի մը տարիէ ի վեր նոր երիտասարդութիւնը կը մտածէր, թէ Հայաստանի վիճակին բարւոք- մանը համար Արեւմտեան Եւրոպայի վրայ մեր չափազանցօրէն յուսադրութիւնը, հայ ժողովուրդին մէջ օրէօր կը տկարացնէր ինքնօգնութեան գաղափարը։ Ըղձացեալ նպատակի մը հասնելու ապահո- վագոյն ճամբէն հետզհետէ կը խոտորէինք։ Ժողովուրդը` աչքերը Լոնդոն ու Պոլիս յառած` օտարին գթութեանը կը սպասէր, առանց ինքը իր վրայ գթալու։ Մեղկութեամբ կը թրծուէինք։ Հարկ էր ժողովուրդը ցնցել, անոր իմացնել` թէ թուրքէն բարեկարգութիւն պահանջուած պահուն, մենք ալ մեր ձեռքով գործադրելիք շատ բարեկարգութիւններ կրնայինք ունենալ։... Հայաստան թշուառ էր, բայց երջանի՞կ էին Պոլիս ապրող հայաստանցիները. եւ միթէ պոլսեցիները անոնց ցաւերը չէի՞ն կրնար 345
ամոքել։ Մասիս այս մտածութիւններովը տոգորուած, ուզեց որ Պոլիս ապրող հայաստանցի պանդուխտին` ղարիպին` կեանքը իր ամբողջ իրականութեանը մէջ ցոյց տրուի արունոտ հայ աշխարհին։ Մելքոն Կիւրճեան Հայաստանէն եկած էր տղայութեանը, միշտ յարաբերութեան մէջ կը մնար պանդուխտներուն հետ, ուստի քաջատեղեակ էր անոնց կեանքին. զանազան նիւթերու վրայ հրատարակած յօդուածներով ալ կրակոտ միտք մը փայլեցուցած ըլլալովը` Մասիսի խմբագրութիւնը զանիկա էն ձեռնհաս գրագէտը համարեց, հայ ժողովուրդը դարիպին թշուառութեան պատմութիւն- ներովը տակն ու վրայ ընելու համար, հետեւաբար իրմէն խնդրեց` աղէտաւոր կեանքի մը պատկերա- ցումը մեծ գծերով։ Կիւրճեան Հրանդ Մասիս շաբաթաթերթին 1888 Նոյեմբեր 28-ի թուին մէջ երեւցուց իր առաջին յօդուածը։ ...[Ա]յն Շաբաթ օրը որ այս առաջին Հրանդը պայթեցաւ, ...քառասուն հազար պոլսաբնակ պանդուխտները իմացան թէ իրենց համար խորհող մտքեր կան, իրենց համար բաբախող սրտեր կան։ Ղարիպն ու պոլսեցին կը միանային։ ...Իր աշխարհաբարը այն է որ հիմակ կը տիրապետէ իբր Պոլսոյ, ուստի եւ, Թուրքիոյ հայոց մատենագրական լեզուն։ ...Պանդուխտներու կեանքէն յօդուածներու շարքը անշուշտ, լաւագոյն օրերու մէջ, հատոր մը պիտի կազմեն, իբրեւ Արեւմտեան հայոց տասնեւիններորդ դարու վերջին քառորդին գրական ու պատմական կեանքին յիշատակարաններէն մին։ Այդ հատորը պիտի մնայ դասական գործ մը, եւ իր գեղարուեստական յատկութիւններովը, միշտ պիտի կարդացուի։ Տե՛ս Արփիար Արփիարեան, Պատմութիւն ԺԹ. դարու Թուրքիոյ հայոց գրականութեան, էջ 128-130, 132-133, 137-138։ Արփիարեանի եւ Հրանդի յարաբերութիւններուն մասին կայ հարցին իրազեկ եւ ժամանակակից Արշակ Չօպանեանի վկայութիւնը. Մատնիչի խնդրոյն գլխաւոր հեղինակներէն մին եւ անոր ամենէն եռանդուն տարածիչը «Հրանդ»- ն էր. եւ ասի, ինծի համար, բաւական էր որպէսզի կասկած ունենայի այդ ամբաստանութեան լրջութեանը վրայ, որովհետեւ առիթ ունեցած էի շատ մօտէն ճանչնալու «Հրանդ»-ին նկարագիրը։... [Ե]րբեք չպիտի մոռնամ այդ գռեհիկ ու ծիծաղելի մարդուկին հետ այդ օրը ունեցած տեսարանս։ Հայրենիքով փարա՜ կը վաստկին կոր, կը գոչէր կաս-կարմիր եղած, ահագին փարա կը վաստկին կոր ու Սբլանտիտին մէջ կ’ուտեն կոր. յարձակինք իրենց վրայ, կոտրենք այդ թերթին վարկը որ խախտած է արդէն, Ծաղիկը Հայրենիքին տեղը պիտի բռնէ, եւ հազարաւոր բաժանորդներ պիտի ունենանք. բոլոր Դաշնակցականները մեզի հետ պիտի ըլլան...։ Մերժեցի այդ աղտոտ հաշիւին մարդը ըլլալ...։ Այդ օրէն մէկ կամ երկու ամիս յետոյ էր որ մատնիչի պատմութիւնը մէջտեղ նետուեցաւ։ Տե՛ս «Դէմքեր. Արփիար Արփիարեան», Անահիտ, 1901, թիւ 2, էջ 38-39։ Նոյն վկայութեան մէջ Չօպանեան կ’աւելցնէ. Այդ օրէն մէկ կամ երկու ամիս յետոյ էր որ մատնիչի պատմութիւնը մէջտեղ նետուեցաւ։ ...Հրանդ... վերջին պահուն, վերջին վէճ մը ունեցած էր Արփիարեանի հետ, լղրճուկ խնդրոյ մը առթիւ. Հրանդ կ’ուզէր որ Հայրենիքին մէջ ազդը տպեն սիֆիլիզի մասին գրքոյկի մը որուն հեղինակն էր Թիւթիւնճիեֆ լրտեսը։ Արփիարեան մերժած էր հրատարակել լրտեսի մը ազդը. ատկից շաբաթ մը յետոյ, Հրանդ զրոյց հանեց թէ Թիւթիւնճիեֆին միջոցով ձեռք ձգած է Արփիարեանի հարցաքննութեան թղթերը, որոնք կ’ապացուցանէին թէ Արփիարեան մատնած ըլլայ Վ. Տատեանը, Տր. Թիրեաքեանը, եւն։... Երբ սակայն իմացայ զրոյցը որ կը ձգտէր մրոտել Արփիարեանը, զզուանքով բողոքեցի զայն հրապարակ հանողներուն դէմ։ Հակառակ իր բոլոր թերութիւններուն, այդ մարդը մեր մէջ ամենէն նշանակալից դերերէն մէկը կատարած էր. Միացեալ Ընկերութեանց գլխաւոր հիմնադիրներէն մէկը 346
եւ Մշակի Հայկակը եղած էր, երեսփոխանական ժողովին մէջ էֆէնտիներու կուսակցութեան դէմ յանդուգն պայքար մղած էր, Արեւելքի եւ Մասիսի իր յօդուածներովը մեր մամուլը եւ մեր գրականու- թիւնը վերանորոգողներէն մէկն եղած էր, եւ` Շահնազարին հետ` հիմնողն եղած էր Հայրենիքին. անհուն ցաւ մը զգացի երբ տեսայ որ մեր ժողովուրդը, աններելի դիւրահաւանութեամբ մը, բնական կը գտնէր որ քսան տարի իր բացարձակ համակրանքը վայելած ու այս բոլոր գործունէութիւնը կատարած մարդ մը գիտակից լրտես մը կրնար ըլլալ. ցաւ զգացի, որովհետեւ մտածեցի թէ մեր ժողովուրդը խորապէս անբարոյականացած ըլլալու էր ուրեմն` քանի որ իր ամենէն սիրուած գործիչներէն մէկուն ոճրագործ մը ըլլալուն կարելիութիւնը մէկ օրէն եւ առանց դժուարութեան կ’ընդունէր։ Յետոյ, Արփիարեանին ներքին կեանքը գիտէի բաւական, եւ ան հերիք էր այդ զրոյցը քանդելու համար. ժուժկալ ու պարզուկ կեանք մը կը վարէր, միշտ թափթփած հագուստներով, միշտ գրպանը պարապ. եւ իր միակ զուարճութիւնը, միակ հաճոյքը, միակ կիրքը իր ազգային գրական գործունէութիւնն էր, որուն կը նուիրէր իր բոլոր ժամանակը։ Ի՞նչպէս կարելի էր ասոնք համաձայնեցնել Նազիմ փաշայէն լեցուն ամսական մը առնող լրտեսի մը հեքիաթին հետ։ Եւ վերջապէս կէտ մը կար ամենէն թելադրական. զրոյցը հանողները զայն կ’ուղղէին ոչ միայն Արփիարեանի անձին դէմ, այլ ամբողջ Հայրենիք լրագրին դէմ, եւ միանգամայն ամբողջ Հնչակեան կուսակցութեան դէմ։ Յայտնապէս, կուսակցական նկատումներ կային այդ զրոյցին ետեւը. այդ միջոցին Հնչակեան կուսակցութիւնը միակ ազդեցիկն ու հռչակաւորն էր Տաճկաստանի ինչպէս նաեւ Եւրոպայի մէջ, եւ մանաւանդ Պոլսոյ մէջ. Պոլսոյ Դաշնակցական գործիչները, մասնաւորապէս Իւսուֆեան եւ իր արբանեակները, շատոնց ի վեր առիթ մը կը ցանկային գտնել` այդ կուսակցութիւնը վարկաբեկ ընելու եւ անոր աւերակներուն վրայ Դաշնակցութիւնը բարձրացնելու համար. Արփիարեան, ճարպիկ, հնարամիտ ու ինքն ալ կուսակցամոլ, Պոլսոյ դաշնակցական վարիչները ամենէն աւելի նեղող մարդն էր. ...աղարտելով Արփիարեանը, կ’ուզէին կործանել նաեւ Հայրենիքը եւ Հնչակեան կուսակցութիւնը։ Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 39-40։ Դրօշակի խմբագրութեան գրած նամակին մէջ, Յ. Իւսուֆեան կը տեղեկագրէ. Հայրենիքը ամբողջապէս նոյնպէս այժմ մեզի դէմ զինուեցաւ եւ անոնց հետ դաշնակցեցաւ, կամենալով Հայկակը փրկել ասոր դէմ տարածուած լուրերը մեր չարամտութեանը վերագրել։ Կիւրճեան-Արփիարի խնդրին կ’ուզեն ուրիշ գոյն տալ մեզ ալ մէջը խառնել, բայց մենք ամէն ջանք ըրինք մինչեւ վերջը թոյլ չտալ ոչ մի կերպով, որ ատոնք յաջողին իրենց չար նպատակին մէջ։ Տե՛ս Դիւան, հատոր առաջին, էջ 248-249։ Արդէն, երկտող տեղեկութեամբ` Կուսակցութիւնը հերքած է Մելքոն Կիւրճեանի մասին եղած ամբաստանութիւնները. Արփիարեանի գործին այնպէս կուգայ որ Պօլսի Կեդր. Կօմիտէն կազմւած ըլլար երեք անձերէ` կովկասցի մը X., Մելքոն Կիւրճեան եւ Յ. Ե.։ Իրողութիւնը սա է, որ ո՛չ այդ կովկասցին եւ ո՛չ պր. Մելքոն Կիւրճեան (Հրանդ)` չեն պատկանած Պօլսի դաշնակցական ո՛չ մէկ խմբի եւ ո՛ եւ է մասնակցութիւն, հետեւաբար եւ պատասխանատւութիւն չեն ունեցած Դաշնակցութեան Պ. Կեդր. Կօմիտէի գործերուն մէջ։ Տե՛ս Յաւելուած Դրօշակի, 15 Դեկտեմբեր 1899, էջ 37։ Մելքոն Կիւրճեանի գրական արժանիքները գիտնալու համար, կը յանձնարարուի կարդալ` Հայ նոր գրականության պատմություն, հատոր չորրորդ, Երևան, 1972, էջ 535-542։ 347
Վկայակոչուած այլազան բացասական կարծիքներէն ետք, կ’արժէ պահ մը տեսնել դաստիարակ-ուսուցիչ Մելքոն Կիւրճեանը. Դեռ զինքը կը տեսնեմ դասարանէն ներս, իբր հաւատքի ու տառապանքի մարդկային արձան մը։ Դեռ կը լսեմ իր ջերմեռանդ ձայնը, որ կը պատգամէր ամէնուս... Սեղանին դէմ կեցած իր պարզութեան եւ մաքրութեան մէջ, ձայնը` խորունկ եւ յուզումէն մրրկավար, Մելքոն Կիւրճեան պանթէոն մըն էր ամբողջ, որուն դռները լայնօրէն կը բացուէին ու մենք սխրանքով մը կը դիտէինք սերունդներու կերտած մտաւոր յիշատակարանները։ Հարկ կը համարեմ մատնանիշ ընել, թէ ներկայացուած հատուածները` հազիւ տասնմէկամեայ տղեկի մը կրած խոր տպաւորութիւնն են...։ Տե՛ս Եդուարդ Սիմքէշեան, Ջահակիրները, Ա. հատոր, Իսթանպուլ, հրատարակու- թիւն Թրքահայ Ուսուցչաց Միութեան, Ուսուցչաց Հիմնարկի, Յակոբ Աբէլեան տպարան, 1973, էջ 57 եւ 58։ 43. Աւետիք Լալայեանց եղած է Կ. Պոլսոյ մէջ «Մանթաշեանի առեւտրական ներկա- յացուցիչ»-ը, ինչպէս նաեւ նոյն քաղաքին Հ.Յ.Դ.-ի ներկայացուցիչ` Յովհաննէս Իւսուֆ- եանի գործակիցներէն մէկը։ Տե՛ս Դիւան, հատոր առաջին, էջ 242։ 44. Դաշնակցութեան հետ Արփիարեանի յարաբերութեան մասին` Յ. Իւսուֆեան 11 Հոկտեմբեր 1895 թուակիր նամակով, Կ. Պոլիսէն կը տեղեկագրէ Դրօշակի խմբագրու- թեան. Հայկակը ալ չափ ու սահման անցաւ շնորհիւ Պոռնիկի, որի քթից բռնած արջու պէս պար ածեց ու Պոռնիկի շնորհիւ կրցաւ մերիններէն յականէ անուանէ ճանաչել։ Մեր շատ գաղտնիքներ շնորհիւ Պոռնիկի, նոյնիսկ մեր Պարսկաստանի զինարանը Պոլսի հրապարակի վրայ է։ Չնայելով այս ամենուն ժողովրդի մէջ «Հայրենիքեաններու» դէմ զայրոյթը ալ չափ ու սահման չունի, թերթերը կը պատռուին, կ’արգիլուին կարդալ եւ շատերը չեն կարդար ու չեն առներ։ Տե՛ս Դիւան, հատոր առաջին, էջ 249։ Նամակագիրը` այս անգամ Մելիք ստորագրութեամբ, 22 Հոկտեմբեր 1895-ին, կ’ամ- բողջացնէ իր տեղեկութիւնները. Անամօթ Հայկակը հոս տարածած է իր անձը արդարացնելու համար (որովհետեւ ամբողջ Պոլիսը վերջերս կը խօսէր, որ ինքը մատնիչ է)։ Հայրենիք լրագիրը ամբողջ շաբաթներով չէր կարդացուեր, կը պատռուէր եւ կ’ըսուէր, որ խմբագիրը, Արփիարեան մատնիչ է եւ շատ բաներ։ Կ’ըսուէր մինչեւ իսկ, որ Արփիարը իբրեւ լրտես դրուած է եղեր Օհանջի մօտ (եւ արդարեւ այս երկուքը միշտ միասին էին) եւ թէ նոյն իսկ ցոյցը (Պապը Ալիի) կատարուած է Արփ-ի դրդմամբ, որին ներշնչած եւ քաջալերած էր կառավարութիւնը եւ Նազըմը։ Արփիարը իր մասին տարածուած լուրը վերագրեց Դաշնակցութեան, որ իբր թէ անոնք ուզած են զինքը Դ. ընել, բայց ինքը չէ համաձայնած եւ մնացած է Հ., ուստի իրեն հետ Դաշնակցականները թշնամացած են եւ այդպիսի ծանր ամբաստանութիւններ տարածած են քաղաքի մէջ, որ կատարելա- պէս սուտ է։ Շուն շանորդին շատ վարպետ է դիմացինի թոյլ, տկար կողմը գտնել եւ իր զէնքը այն կողմը ուղղել եւ յաջողած էր այդ շինծու մեկնութիւններով Պոռնիկը համոզել, քթէն բռնած գործածել. չէք զարմանար, որ Հ-երը մինչեւ իսկ պզտիկ յայտարարութիւնով փորձեցին արդարացնել Արփ-ի անձը եւ փրկել անոր պատիւը, բայց նորէն չյաջողեցան։ Ահա թէ ինչու Արփ-ը զինած է եւ կը գրգռէ իր ափի մէջ գտնուած Հ-երը Դ-երու դէմ։ Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 251։ 348
Search
Read the Text Version
- 1
- 2
- 3
- 4
- 5
- 6
- 7
- 8
- 9
- 10
- 11
- 12
- 13
- 14
- 15
- 16
- 17
- 18
- 19
- 20
- 21
- 22
- 23
- 24
- 25
- 26
- 27
- 28
- 29
- 30
- 31
- 32
- 33
- 34
- 35
- 36
- 37
- 38
- 39
- 40
- 41
- 42
- 43
- 44
- 45
- 46
- 47
- 48
- 49
- 50
- 51
- 52
- 53
- 54
- 55
- 56
- 57
- 58
- 59
- 60
- 61
- 62
- 63
- 64
- 65
- 66
- 67
- 68
- 69
- 70
- 71
- 72
- 73
- 74
- 75
- 76
- 77
- 78
- 79
- 80
- 81
- 82
- 83
- 84
- 85
- 86
- 87
- 88
- 89
- 90
- 91
- 92
- 93
- 94
- 95
- 96
- 97
- 98
- 99
- 100
- 101
- 102
- 103
- 104
- 105
- 106
- 107
- 108
- 109
- 110
- 111
- 112
- 113
- 114
- 115
- 116
- 117
- 118
- 119
- 120
- 121
- 122
- 123
- 124
- 125
- 126
- 127
- 128
- 129
- 130
- 131
- 132
- 133
- 134
- 135
- 136
- 137
- 138
- 139
- 140
- 141
- 142
- 143
- 144
- 145
- 146
- 147
- 148
- 149
- 150
- 151
- 152
- 153
- 154
- 155
- 156
- 157
- 158
- 159
- 160
- 161
- 162
- 163
- 164
- 165
- 166
- 167
- 168
- 169
- 170
- 171
- 172
- 173
- 174
- 175
- 176
- 177
- 178
- 179
- 180
- 181
- 182
- 183
- 184
- 185
- 186
- 187
- 188
- 189
- 190
- 191
- 192
- 193
- 194
- 195
- 196
- 197
- 198
- 199
- 200
- 201
- 202
- 203
- 204
- 205
- 206
- 207
- 208
- 209
- 210
- 211
- 212
- 213
- 214
- 215
- 216
- 217
- 218
- 219
- 220
- 221
- 222
- 223
- 224
- 225
- 226
- 227
- 228
- 229
- 230
- 231
- 232
- 233
- 234
- 235
- 236
- 237
- 238
- 239
- 240
- 241
- 242
- 243
- 244
- 245
- 246
- 247
- 248
- 249
- 250
- 251
- 252
- 253
- 254
- 255
- 256
- 257
- 258
- 259
- 260
- 261
- 262
- 263
- 264
- 265
- 266
- 267
- 268
- 269
- 270
- 271
- 272
- 273
- 274
- 275
- 276
- 277
- 278
- 279
- 280
- 281
- 282
- 283
- 284
- 285
- 286
- 287
- 288
- 289
- 290
- 291
- 292
- 293
- 294
- 295
- 296
- 297
- 298
- 299
- 300
- 301
- 302
- 303
- 304
- 305
- 306
- 307
- 308
- 309
- 310
- 311
- 312
- 313
- 314
- 315
- 316
- 317
- 318
- 319
- 320
- 321
- 322
- 323
- 324
- 325
- 326
- 327
- 328
- 329
- 330
- 331
- 332
- 333
- 334
- 335
- 336
- 337
- 338
- 339
- 340
- 341
- 342
- 343
- 344
- 345
- 346
- 347
- 348
- 349
- 350
- 351
- 352
- 353
- 354
- 355
- 356
- 357
- 358
- 359
- 360
- 361
- 362
- 363
- 364
- 365
- 366
- 367
- 368
- 369
- 370
- 371
- 372