Բագրատունին։ ԺԸ. դարու երկրորդ կիսուն եւ ԺԹ. դարու առաջին քառորդին, հայ միտքին վրայ տիրապետող դէմքը կը հանդիսանար Հ. Միքայէլ Չամչեան, ազգայիններու կողմէ ճանչցուած «Երկրորդ պատմահայր Հայոց» եւ Հռոմի գիտական շրջանակ- ներուն մօտ ալ ծանօթ եղած է որպէս «սարսափելի աստուածաբան»։ Չամչեան իր քերականութեամբ եւ եռահատոր լիակատար պատմութեամբ կը բարձրացնէ Մխիթարեաններու հռչակը եւ հայ ժողովուրդին ազգային գիտակցութիւնը։ «Դարագլուխ» կազմող եւ «ԺԸ. դարու գրական կոթող» հանդի- սացող այս «հռչակաւոր» գործին մասին տեսնենք թէ ինչպէս կ’արտայայտուի Չօպանեան. Չամչեան, որ միեւնոյն հայրենասիրական ձգտումով ու ծրագրով վերսկսած է Խորենա- ցիին գիրքը, անշուշտ շատ աւելի ընդարձակ, բազմատարր ու լիալիր ձեւով մը կատարած է զայն, եւ արդի հայութիւնը եթէ խրոխտ անցեալի մը զաւակն ըլլալուն գիտակցութիւնն ունեցած է` ատիկա կը պարտի ոչ թէ ուղղակի Խորենացիի, այլ Չամչեանի գործին եւ անկէ ծնած բազմաթիւ Հայոց Պատմութեան դասագրքերուն։ Այստեղ դարձեալ դիմելով Լէոյին, կը կարդանք. Չամչեանի մեծ երախտիքն այն է, որ անօրինակ տոկուն ջանասիրութեամբ մի ամբողջութիւն դարձրեց հայոց պատմութիւնը։ Եւ, ամէն անգամ, երբ որոնող աչքը կանգ կ’առնէ այս գրական մեծ դէմքի վրայ, նա կը տեսնի իր առջեւ մի հսկայ խելք` ուսումնա- սիրական փայլուն յատկութիւններով։ Նա իր դարի զաւակն էր, լուսաւորուած վանականու- թեան արդիւնքը։ *** Մխիթարեաններու գրական վաստակին մէկ կարեւոր մասը կը կազմէ դասական գլուխ-գործոցներու բնագրէն թարգմանութիւնները։ Այդ մարզին մեծագոյն վարպետն է Հ. Արսէն Բագրատունին, եւ իր երկու աշակերտները` Գէորգ եւ Եդուարդ Հիւրմիւզ եղբայրները, որոնք իրեն նման եղած են ճարտար թարգմանիչներ, մեր գրականութիւնը ճոխացնելով գեղեցկագոյն գործերով։ Չօպանեան այս պարագան արդարօրէն կը մատնանշէ. Մեթոտիկ գործունէութեան, կանոնաւոր գիտակից աշխատութեան ձգտումն է, որ Մխիթարի եւ իր յաջորդներուն գործը աւելի կատարեալ եւ յստակ կը կացուցանէ քան Ե. եւ ԺԲ. դարերու հայ մտաւորականներու գործը։ Հ. Արսէն եւ Հ. Եդուարդ Հիւրմիւզ շատ աւելի լայն չափով մը արեւմտեան մտածումն ու գեղեցկութիւնը ներմուծած են հայ մատենագրու- թեան մէջ քան Ե. դարու բոլոր թարգմանիչները մէկանց, որոնց ճիգը կրօնական 49
մտահոգութենէն տիրապետած` միակողմանի եւ սահմանափակ է եղած հարկաւորաբար, մինչդեռ Մխիթարեանները ամբողջ Արեւմուտքը բացին հայ միտքին առջեւ իր հին ու նոր ամէն տեսակ ճոխութիւններովը։ Բագրատունիի եւ Հիւրմիւզի թարգմանութիւնները առանց շովինութեան որեւէ մեղադրանքի արժանանալու` կարելի է Լը Քոնթ տը Լիլի հանճարեղ թարգմանութիւններուն հաւասար նկատել։ *** Ժողովրդական զանգուածին Մխիթարեան ամէնէն ծանօթ դէմքն է Հ. Ղեւոնդ Ալիշանը` բանաստեղծ, գիտնական եւ դաստիարակ, որ տիրապետած է ԺԹ. դարու երկրորդ կիսուն գրագէտներուն վրայ։ Անոր շունչով դաստիարակուած աշակերտները` ըլլայ Փարիզ թէ Վենետիկ, հետագային տիրական դէմքերը դարձած են արդի հայ գրականութեան։ Ալիշան իր հայրենասիրութեամբ եւ գիտութեամբ դարձած է հայութեան կուռքը, եւ երբ մեռած է «մահը ազգային սուգի մը համեմատութիւնները առաւ. ու պէտք էր որ այդպէս ըլլար», գրած է Սուրէն Պարթեւեան։ Չօպանեան հիացումով կը գրէ, թէ Ալիշանի բանաստեղծութեանց մէջ կան էջեր, որ մտածումին խորութեամբն ու ձեւին բարդ ու նուրբ գեղեցկութեամբը` Հիւկոյի կամ Պայրընի հաւաքածոյի մը մէջ պիտի կրնային տեղ ունենալ։ Իսկ անցեալ դարու կարեւոր դէմքերէն` Մ. Չերազ, «հին ու նոր հայերին առա- ջին քերթողը» նկատած է զայն։ *** Անհնար է խօսել հայ նոր շրջանի թատրոնի սկզբնաւորման հետ կապուած այս կամ այն հարցի մասին, լինի դա կապուած արեւմտահայ իրականութեան հետ, թէ արեւելահայ, առանց խօսելու Մխիթարեանների մասին, քանի որ այդ միաբանութեան դպրոցներն աւարտած աշակերտները հիմք են դրել ոչ միայն արեւմտահայ թատրոնին, այլեւ նրանց գործունէութիւնը հասել է մինչեւ Ղրիմ, իսկ Մխիթարեան սաներ հանդիսացող հայ թատե- րագիրներու փիէսները երկար տասնամեակներ խաղացուել են հայ բեմում, կը գրէ արեւմտահայ թատրոնի պատմութիւնը հետազօտող Գառնիկ Ստեփանեան։ Թատրոնը որպէս գրական սեռ Մխիթարեաններու միջոցով սկսած է առաջին անգամ մշակուիլ։ Քաղաքակիրթ ժողովուրդներու նման` անոնք թատրոնը նկատած են զանգուածի դաստիարակութեան նպաստող կարեւոր ազդակներէն 50
մէկը։ Մխիթարեաններէն առաջ, 1668-ին, Լեհաստանի Լեմպերկ քաղաքին Թէա- թինեան վարժարանի հայ աշակերտներուն կողմէ ներկայացուած է Հռիփսիմէ անունով տաղաչափեալ ողբերգութիւն մը` գրուած նոյն կարգի կրօնաւորներէն Ալեքսիանոս անունով մէկուն կողմէ։ Հին դարերուն` հեթանոս Հայաստանի մէջ հելլէն գեղարուեստը մուտք գործած էր, եւ օտար դերասաններ ներկայացուցած են յունական ողբերգու- թիւններ։ Պղուտարքոս յոյն պատմիչին վկայութեամբ, Մեծն Տիգրանի որդին` Արտա- ւազդ Բ. թատերական գործերու հեղինակ եղած է. սակայն, դժբախտաբար անոնցմէ ոչ մէկ նմոյշ հասած է մեզի։ Քրիստոնէութիւնը արգելք եղած է հայոց մէջ թատրոնի գոյատեւումին եւ զարգացումին։ Յովհան Մանդակունի հայրապետին նման եկեղեցական ղեկա- վարներ բուռն կերպով պայքար մղած են ժողովրդական ներկայացումներուն դէմ։ Հետեւաբար, հայ թատրոնի հիմնադիրները կը հանդիսանան Մխիթարեան- ները, որոնք ԺԸ. դարու կէսէն առաջ իսկ թատերական փորձեր կատարած են։ Թատերական արտադրութիւններու խորքը եղած է առհասարակ կրօնական եւ ազգային նիւթեր։ Հայ առաջին բեմին դերասանները եղած են Ս. Ղազարի աշակերտները։ Դերուսոյցը, բեմայարդարը եղած են յաճախ խաղերուն հեղինակները։ Իսկ որպէս թատերասրահ գործածուած է վանքին սեղանատունը` պատշաճօրէն յարդարուած։ Բարեկենդանի օրերուն եւ Վարդանանց տօնին առիթով, հրաւէր ղրկուած է իտալաբնակ, նոյնիսկ Թրանսիլվանիոյ հայերուն, ներկայացումներուն ներկայ գտնուելու համար։ Այս սովորութիւնը աւանդաբար մինչեւ այսօր ալ կը շարու- նակուի։ Սովորաբար այդ օրերուն ներկայացուցած են ողբերգութիւններ` դասա- կան լեզուով, եւ կատակերգութիւններ` աշխարհիկ բարբառով, մանաւանդ Պոլսոյ հայերէնով։ Մխիթարեան թատերագիրները` թատրոնի միջոցով ազգին սիրել տուած են կրօնքի եւ հայրենիքի պաշտպանները եւ անցեալի բոլոր փառքերը։ Ս. Ղազարէն ետք, 1810-ին, թատերական գործունէութիւն կը սկսի Պոլսոյ մէջ, Հ. Մինաս Բժշկեանի նախաձեռնութեամբ։ *** Մխիթարեաններու գրական աշխատանքները ղեկավարուած են հայկական ճեմարանէն` հաստատուած 1810-ին, Մեծն Նափոլէոնի հրովարտակով, եւ 51
Ադոնց Աբբահօր ջանքերով։ Հայկական ճեմարանի գործունէութեան համբաւը ծաւալելով, եւրոպական կրօնական եւ այլ գիտական կաճառներ անդամ ընտրած են Մխիթարեան հայ- րեր` անոնց բարձրարժէք գործերուն համար։ Իսկ եւրոպացի գիտնական հայա- գէտներ` Լանկլուայի, Գելցէրի, Հիւպշմանի, Մառի եւ Ֆէյտիի նման, հպար- տանքով անդամակցած են Հայկական Ճեմարանին։ Ճեմարանի գործունէութեան դաշտը եղած է պատմական, հնախօսական, աստուածաբանական, ծիսական եւ այլ ճիւղեր։ Իսկ հրատարակչական գործու- նէութեամբ` Մխիթարեանները գրեթէ ամբողջութեամբ տպագրած են նախնեաց գործերը։ Ամէնէն կարեւոր դերը ճեմարանին` եղած է այն, որ կամուրջ հանդիսացած է եւրոպական քաղաքակրթութիւնը հայուն փոխանցելով, եւ փոխադարձաբար հայկական արժէքներն ալ եւրոպացիներուն ծանօթացնելով։ Այս դերին իսկական նշանակութիւնը` Չօպանեան կը ճշտէ սա խօսքերով. Մխիթարեանները ուղղակի ազդեցութիւնը կրելով յոյն, լատին աշխարհի ոգիին, ամէն ճիւղի մէջ լոյս ու կարգ մտցուցին։ Եւրոպայի դասական հրաշակերտները հայերուն ծանօթացնելու եւ ինքնագիր արտադրութիւններով մեր մէջ բանաստեղծական վերածնունդ մը յառաջ բերելու գործը կատարեցին յստակ ու լայն ծրագրով մը, որուն պէս ոչ մէկ մտաւորական խումբ դեռ չէր ունեցած հայոց մէջ Հայկէն ի վեր։ Ու շարունակելով իր դատաստանները, կը յաւելու. Արուեստագէտ ու եւրոպացի, ահա ինչ որ եղած են Մխիթարեանները եւ իրենց աշա- կերտները։ Մեր թրքախառն բարքերուն թանձր գռեհկութեանը մէջ, անոնք, ազատութեան ու գեղարուեստի մէջ զարգացող ազգերու հոգին, ոճը, ձեւերը բերած են։ Ոսկի տառերով արձանագրելու է նաեւ Լորտ Ճէյմս Պրայսի այն նկատումը, թէ մարդկային ոչ մէկ հաւաքականութիւն այնքան աշխատեր է հետախուզել ու ծանօթացնել հայ ազգին պատմութիւնը, որքան ըրած է Վենետիկի Մխիթարեան Տունը իր յարատեւ ջանքերով ու հմտութեամբ։ Հակառակ ժամանակաւոր նուաղումներու, Հայկական ճեմարանը իր գոյու- թիւնը եւ կենսունակութիւնը պահած է մինչեւ այսօր։ Համեստ պայմաններու մէջ կատարած է այն դերը` ինչ որ կը կատարէ այսօր Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիան, պետական հովանաւորութեամբ։ *** 52
Մխիթարեան Միաբանութեան կարեւոր ձեռնարկներէ մէկն ալ Բազմավէպ հանդէսին հրատարակութիւնն է, որ աւելի քան դար մը գաղափարի փարոս հանդիսացած է, եւ այսօր հայ պարբերական մամուլին երիցագոյն ներկայա- ցուցիչն է։ Հնդկահայ վաճառականներու մղումով եւ մեկենասութեամբ, 1794-ին, առա- ջին անգամ հայերէն թերթ հրատարակած է Շիրազեցի Յարութիւն Քհնյ. Շմաւոն- եանը։ 1799-ին, հրապարակ կ’իջնէ հայ աշխարհիկ լրագրութեան հիմնադիրը` Հ. Ղուկաս Ինճիճեան, որ լաւ նկատած էր աշխարհաբար լեզուին կատարելիք հետագայ նուաճումները։ Մինչեւ 1802, ան հրատարակած է Տարեգրութիւնք անունով պրակներ, որոնք լոյս տեսած են տարուան վերջը, քաղաքական դէպքերու, գիտական եւ այլ պիտանի ծանօթութիւններու բովանդակութեամբ։ 1803-ին, Տարեգրութիւնքի պրակներուն յաջորդած է Եղանակ բիւզանդեան. Բազմավէպը, որ տեւած է մինչեւ 1820։ 1812-ին, Տիւզեան չէլէպիներուն մեկենասութեամբ` Պոլսոյ մէջ հիմնուած է Արշարունեանց ընկերութիւնը, որուն ծախքով Վենետիկի մէջ լոյս տեսած է Դիտակ բիւզանդեան անունով երկշաբաթաթերթ մը` դարձեալ Ինճիճեանի խմբագրութեամբ։ Իբր ապացոյց այդ թերթին գտած ժողովրդականութեան, պէտք է ըսել, թէ 3000է աւելի բաժանորդ ունեցած է։ Ինճիճեանով սկսած լրագրական շարժումը ծաւալած է Հնդկաստանի, Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ մէջ ալ։ Անոնք եղած են առաւելաբար լրաթերթեր։ Այդ ժամանակ պահանջ զգացուած է գիտական-գրական հանրամատչելի հանդէսի մը` Բազմա- վէպի, որուն խմբագրութեան ձեռնարկած է Հ. Գաբրիէլ Այվազովսքի, 1843-ին, օժանդակ ունենալով Ալիշանի նման ձեռնհաս ուժեր։ Բազմավէպ իր հարիւրամեայ գոյութեան ընթացքին` աստիճանաբար յեղա- շրջումներ կրած է, համաձայն իր ընթերցողներու զարգացումին եւ մտածողու- թեան, միշտ քայլ պահելով ժողովուրդին եւ քաղաքակրթութեան յառաջդիմու- թեան հետ։ Իր բոլոր յատկանիշներէն առաջ, – ըսած է մէկը, – եւ բազմաթիւ են անոնք` զորս մեր գրականութեան պատմութիւնը պիտի շնորհէ իրեն, պէտք է խոստովանիլ եւ բարձրաղաղակ յայտարարել, թէ Բազմավէպ դպրոց մը եղաւ ազգակերտութեան։ *** Մխիթարեաններուն գործը, – ըսած է եգիպտահայ մտաւորական մը, – նախա- 53
տեսուածէն շատ աւելի, մեզի կը ներկայանայ փարոսի պատկերով, որ հեռաւոր խաղաղ կղզիէ մը կը ճառագայթէ, ուղեցոյց ըլլալով մեր մտքի նաւերէն շատերուն, որոնք մութին ու մշուշին մէջ կը խարխափին, շրջապատուած բազմազան խարակներէ, հին ու նոր դարերէն։ Կրնա՞նք չդիմել անոր, երբ մթութեան ու շփոթի առջեւ գտնենք մենք մեզ։ Ապա կը յաւելու. Ով աւելի շատ իրաւունք պիտի ունենայ հայ միտքն ու մշակոյթը ներկայացնելու պատուով ու ամբողջական կերպով, քան Մխիթարեանները, համաշխարհային մշակութային շքահանդէսի մը մէջ։ Կրնա՞նք հպարտ չըլլալ իրենց երկհարիւրամեայ փառահեղ գործովը։ Կրնա՞նք մանաւանդ երախտապարտ չըլլալ։ Երկուքուկէս դարու գրական վաստակ մը` հաշուըուած վայրկեաններու ընթացքին, կարելի էր ներկայացնել միայն թռչնաթիռ ակնարկով մը։ Վերջացնելու համար զայն, անպայման պէտք է ըսել ամերիկացի խորհող Էմըրսընի սա բնորոշ խօսքը, թէ` Գործը աւելի կ’արժէ, քան այդ գործին մասին ըսուած խօսքերը։ Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 8 Ապրիլ 1968, ԾԳ. տարի, թիւ 14.994 9 Ապրիլ 1968, ԾԳ. տարի, թիւ 14.995 10 Ապրիլ 1968, ԾԳ. տարի, թիւ 14.996 11 Ապրիլ 1968, ԾԳ. տարի, թիւ 14.997 54
ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ԷՊՈՍԸ` ՍԱՍՈՒՆՑԻ ԴԱՒԻԹ Դու` անգիր վէպ, դու` Սասնայ ծուռ... ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ ´³Ý³ËûëáõÃÇõÝ` Ð³Û ¶»Õ³ñáõ»ëï³ëÇñ³ó ØÇáõû³Ý ¿ù¿»³Ý êñ³Ñ« 29 ÚáõÝáõ³ñ 1975£ Հայուն հոգիին եւ միտքին թափանցել ուզողը` մասնաւորաբար պէտք է դիմէ հայ ոգեկանութիւնը պարփակող բանահիւսական գանձերուն. այնտեղ պիտի գտնէ հայուն նկարագրին վեհագոյն գիծերը` հայրենասէրն ու մարդասէրը, ազատաբաղձը, աշխատանքի ու խաղաղ կեանքի ջատագովը։ Այդ ուղիով հայուն հոգեկան աշխարհը թափանցող առաջին եւ մեծ երախ- տաւորը պէտք է նկատել Գարեգին եպս. Սրուանձտեանցը, որ Խրիմեան Հայրիկի ստեղծած գաղափարական մթնոլորտին մէջ դաստիարակուած առաջին սանե- րէն եղած է։ Իր մեծանուն ուսուցիչին նման` Սրուանձտեանց խորապէս վշտակցելով իր հարազատ ժողովուրդին ցաւերուն, անդադրում գործած է անոր վէրքերը դար- մանելու համար, շրջագայելով Արեւմտեան Հայաստանի բովանդակ տարածու- թիւնը։ Սրուանձտեանցի կատարած ուղեւորութիւնները` առիթ տուած են իրեն, որ ժողովուրդին մօտ գուրգուրանքով պահուած անգիր հարստութիւններուն տեղե- կանայ եւ մաս-մաս ամփոփէ իր հաւաքածոներուն` Գրոց ու բրոցի, Հնոց եւ նորոցի, Մանանայի, Թորոս աղբարի եւ Համով-հոտովի մէջ, որոնցմով փառաւոր դիրք գրաւած է թէ՛ հայ գրականութեան եւ թէ՛ հայ ֆոլքլորագիտութեան պատ- մութեան մէջ` իրագործելով ԺԹ. դարու լուսաւորութեան մեծ ռահվիրայ Խաչատուր Աբովեանի այն նախատեսութիւնը, թէ գրականութեան համար չափազանց արժէքաւոր գանձ կը լինէր, եթէ մէկը ժամանակ եւ միջոցներ ունենար հասարակ ժողովուրդին բազմազան երգերը, պատմութիւնները, անեկ- դոտները եւ առակները հաւաքելու։ Հարիւրամեակ մը առաջ, գիտական հասարակայնութեան մօտ, Սրուանձըտ- եանց նուաճած է հայ ժողովրդական էպոսի ամէնէն ծանօթ ճիւղին` Սասունցի Դաւիթը յայտնաբերողի առաջնութեան պատիւը։ 55
Սասնայ Դաւիթի գրառումի 100-ամեակին առիթով, պիտի ջանանք համառօ- տակի տեղեկութիւններով բացայայտել էպոսին բովանդակութեան, գաղափա- րախօսութեան, ինչպէս նաեւ գեղարուեստական արժանիքներուն մասին կուտակուած ծովածաւալ նիւթը։ *** Թէ ի՞նչ է ժողովրդական վէպին էութիւնը, կամ թէ ի՞նչ են անոր կազմութեան շարժառիթները` ժամանակակից ֆոլքլորագիտութեան մէջ այդ հարցադրում- ները կը բացատրուին հետեւեալ ձեւով։ Աւանդութիւններուն եւ ժողովրդական վէպին կամ էպոսին միջեւ գոյութիւն ունեցող փոխադարձ կապն ու առընչութիւնը` ակներեւ է։ Սովորաբար աւանդութիւնները ստեղծուած են այս կամ այն ժողովուրդին հայրենի բնաշխարհին աչքառու յուշարձաններուն, առարկաներուն եւ անոր կեանքին մէջ կատարուած նշանակալից դէպքերուն եւ գործող անձերուն շուրջ։ Զանազան դարերու ստեղծուած այդ կարգի աւանդութիւնները, աւանդական զրոյցները, առասպելները եւ վիպական երգերը ժամանակի ընթացքին համա- խմբուած են տուեալ ժողովուրդին պատմական ճակատագրին համար բախտո- րոշ նշանակութիւն ունեցող ռազմա-քաղաքական որեւէ մեծ իրադարձութեան եւ անոր գլխաւոր հերոսին շուրջ, ձուլուած են իրարու հետ եւ ստեղծագործաբար վերամշակուելով` կազմած են ծաւալուն եւ ամբողջական ժողովրդական վէպ մը կամ էպոս մը։ Ժողովրդական աւանդութիւններու, աւանդական զրոյցներու, առասպել- ներու ու վիպերգներու նմանօրինակ ստեղծագործական համադրութենէն ծնունդ առած են սումերական Գիլգամէշը, յունական Իլիականը, հնդկական Ռամա- յանան, ֆինլանտական Կալեւանան, հայկական Սասունցի Դաւիթը եւ շատ ուրիշ ժողովուրդներու էպոսներ։ Իսկ ի՞նչպէս կը բնորոշուին ազգային աւանդութիւններուն առանձնայատկու- թիւնները. պարզուած է, թէ անոնց մէջ դրոշմուած է տուեալ երկրի բնակչութեան մեծամասնութեան կեանքին եւ պայքարին պատմութիւնը ուր կ’արտացոլան ժո- ղովուրդին հոծ զանգուածին համընդհանուր ձգտումներն ու ակնկալութիւնները։ Այս առումով` անցեալի գրաւոր պատմութիւններէն արժէքաւոր համարուած են Հերոդոտոսի կամ Մովսէս Խորենացիի երկերը, որոնց մէջ առատօրէն օգտա- գործուած են ժողովրդական աւանդութիւններուն ընձեռած պատմական արժէ- քաւոր տուեալները։ Ժողովուրդին համար` իր երկրին աւանդութիւններով կենդանի են անցեալն ու հերոսները, – կը մեկնաբանէ Աւետիք Իսահակեան։ Ժողովուրդը կը հաւատայ իր ազգային աւանդութիւններուն, անոնց իրական 56
ըլլալուն, պատմականութեան։ Երբ այլեւս դադրի հաւատք ընծայելէ անոնց` ժողովուրդը կը չորնայ, կը կորսնցնէ երկրի բանաստեղծութեան զգացումը, անոր նուիրականութիւնը։ Երկիրը, հայրենիքը ժողովուրդին համար կը դառնայ օտար երկիր...։ Էպոսին նման եւ անոր հետ միասին, այդ աւանդութիւնները կը հանդիսանան իւրաքանչիւր ժողովուրդի բանարուեստին ամէնէն ինքնատիպ ստեղծագործու- թիւնները, ուր, որեւէ տեղէ աւելի, ժողովուրդը արտայայտած է ինքզինք, իր պատմական ձգտումներն ու ինքնատիպ բովանդակութիւնը, որոնցմով կը զանա- զանուի միւս ժողովուրդներէն։ Հազարամեակի մը ընթացքին հիւսուած-ձեւաւորուած եւ հարիւրամեակի մը ընթացքին հետազօտուած-ուսումնասիրուած Սասունցի Դաւիթ դիւցազնա- վէպը` հայ բանահիւսութեան մէջ կը գրաւէ բացառիկ տեղ մը, որպէս հայ ժողո- վուրդի ստեղծագործական հանճարին յաւերժական կոթողներէն մէկը, ուր դիւցազնական-գեղարուեստական խոր ընդհանրացումներով կ’արտացոլայ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը։ Ամբողջ դիւցազնավէպը` բանաստեղծական պատմութիւն է կամ պատմա- կան բանաստեղծութիւն։ Զայն ստեղծող ժողովուրդին հազարամեայ տարեգրու- թիւնն է. անոր կենցաղին, բարքերուն, հաւատալիքներուն, իղձերուն մարմնա- ցումը։ Մէկ խօսքով` վէպը ինքը ժողովուրդն է, կը բնութագրէ էպոսին հմուտ հետազօտողներէն եւ տեսաբաններէն` Մանուկ Աբեղեանը։ Էպոսը յօրինուած է աւատապետական ներքնախաւերու մօտ` շինականի անշուք խրճիթներու մէջ, «սուրբ օճախի շուրջը նստած», աւատական ապարանք- ներու պերճանքէն հեռու, եւ դարեր շարունակ` սերունդէ սերունդ փոխանցուե- լով, բանաւոր կերպով պահուած է ժողովուրդին լայն խաւերուն մօտ, եւ զանազան պատումներով ճոխանալով հասած է մինչեւ մեր օրերը։ Այս դիւցազներգութեան յօրինումի ժամանակաշրջանը կը նկատուի Ը-Ժ. դարերը` երբ համաժողովրդական մաքառումով, հերոսամարտերով, հայ ժողո- վուրդը կը ցուցաբերէր իր ազատասիրական ոգին, եւ անկախ ապրելու իր կամքը կը պարտադրէր օտար նուաճողներուն ու հարստահարիչներուն։ Առանց ժամանակագրական կարգը պահելու մտահոգութեան, պատմական եղելութիւններու ընդհանուր մթնոլորտի մէջ մարմնաւորուած է Է-Ժ. դարերու քաղաքական իրադարձութիւնները` որոնցմով կարելի է բացայայտել էպոսին եւ իրական պատմութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ առընչութիւնը։ Միջին դարերու քաղաքական անցուդարձերէն բոլորիդ ծանօթ է, թէ Հայաս- տանի արեւելեան եւ արեւմտեան հատուածները հարկատու եւ հպատակ երկիր դարձնելու նպատակով` արաբական խալիֆայութիւնը կը կատարէր ռազմական գործողութիւններ, որոնց դէմ ազատագրական կռիւներ կը մղէին, եւ զինեալ ապստամբութիւններով կը ծառանային հայ ժողովուրդին քաջարի զաւակները, 57
Հայաստան ղրկուած ոստիկաններն ու հարկահանները յաճախ դժուար վիճակ- ներու մատնելով։ Ահա այդ դարաշրջանի ընդհանուր ոգին եւ էութիւնը դրսեւորուած կը գտնենք էպոսին մէջ` ժողովրդական զանգուածներու հաւաքական հայեացք- ներուն առարկայական եւ անաչառ մեկնաբանութեամբ, հասարակութեան մեծամասնութեան ունեցած ճիշտ վերաբերումը` պատմական իրականութեան նկատմամբ։ Այդպէս է, որ էպոսը իր հերոսներով ու գործող անձերով սերտօրէն կապուած է ժողովուրդին ապրած բնաշխարհին, կենցաղին, բնաւորութեան, հոգեբանու- թեան, հաւատալիքներուն, մշակոյթին, ընկերային-տնտեսական յարաբերու- թիւններուն եւ քաղաքական ճակատագրին հետ։ Համաշխարհային գրական ծալքերուն լաւագոյն գիտակներէն Մաքսիմ Կորքին` ճիշտ գնահատելով պատմութեան մէջ ժողովուրդին ունեցած դերը, զայն համարած է հոգեւոր արժէքներու միակ եւ անսպառ աղբիւրը։ Բանահիւսական կամ գրական ստեղծագործութիւններու ժողովրդայ- նութիւնը կ’որոշուի անոնց պարփակած գաղափարներուն խորութեամբ եւ գեղարուեստական կատարելութեամբ։ Մեր դիւցազնական վէպին բուն օրրանը` Սասունն է։ Սասուն տեղանունին մասին հայկական աւանդութիւն մը կը պատմէ հետեւեալը. Տալւորիկցի Մրգոյի եւ Պետոյի տունին գերաններէն մէկը` ճնշուելով հողին ծանրութենէն, օդին մէջ կը կախուի։ Մօտիկ գտնուողները սարսափահար կը գոռան. «Սի՛ւն բերէք, սի՛ւն»։ Մինչեւ սիւնին բերուիլը, եղբայրներէն մէկը, որ ներկաներուն մէջ հասակով ամէնէն բարձրն էր, տեղէն վեր ցատկելով` ձեռքը դէմ կը դնէ օդին մէջ կախուած գերանին եւ կ’ըսէ. «Հայդա, ես մսայ սուն»։ Բոլորը միաբերան կատակելով ձայն կու տան. «Մրգոն մսայ սուն է, մսասուն...»։ Այդ դէպքէն ետք, գաւառը կը կոչուի Մսա-սուն, որ բերնէ բերան` կը դառնայ Սասուն։ Իսկ ժողովրդական ստուգաբանութիւնը Սասուն յատուկ անունը կը բացատրէ գաւառական Սասում բառով, որ կը նշանակէ Աստուծոյ ցասումը, երկնային պատիժ, պատուհաս, որ կ’արտայայտուի հասարակական աղէտնե- րով` ինչպէս կարկուտ, երաշտ, տարափոխիկ հիւանդութիւններ, մորեխ եւ այլ չարիքներ։ Էպոսը Սասունի մէջ յօրինուելէ ետք, տարածուած է Հայաստանի տարբեր շրջանները, եւ բովանդակութեամբ ճոխանալով` դարձած հայ ժողովուրդին դիւցազնավէպը. իսկ Դաւիթ ոչ միայն Սասնայ հերոս է, այլ բովանդակ հայու- թեան հերոսական ոգիին խորհրդանիշն է, հայ ժողովուրդին դարաւոր երազանք- ներուն եւ յոյզերուն արտայայտիչը։ 58
Էպոսը մեզի հասած է զանազան անուանումներով. Սասնայ ծռեր, Ջոջանց տուն, Քաջանց տուն։ Չորս ճիւղեր` Սանասար եւ Բաղդասար, Մեծ Մհեր, Սասունցի Դաւիթ եւ Մհեր Փոքր կը կազմեն էպոսին ամբողջութիւնը։ Սասունի տէրերուն պատմութիւնը` որ քառասուն գիշերուան ընթացքին կը պատմուի եղեր Հայր մերի պէս սերտուած շատ վարժ ասացողներու կողմէ, մեր կողմէ պիտի ուրուագծուի շատ սեղմ գիծերու մէջ։ ՃԻՒՂ ԱՌԱՋԻՆ ՍԱՆԱՍԱՐ ԵՒ ԲԱՂԴԱՍԱՐ Ողորմի՛ ասենք հայոց Գագիկ արքային, Ու դառնանք` չասենք ողորմի գազան խալիֆին, Ասե՛նք ողորմի կուսամէր լուս Ծովինարին, Ողորմի՛ ասենք դիւցազուն սէգ Սանասարին, Ողորմի՛ ասենք իր աղբէր ծուռ Բաղդասարին, Ողորմի՛ հազար խելքի տէր քառսուն ճուղ Ծամին, Ու հազար, հազա՛ր ողորմի հայոց պապերուն։ Հայերու Գագիկ թագաւորը Պաղտատի խալիֆային հարկատու էր։ Հարկա- հանութեան ժամանակ` հարկահանները դիպուածով կը տեսնեն թագաւորին աղջիկը, Ծովինարը, եւ կը սքանչանան անոր գեղեցկութեան վրայ։ Հարկահանութիւնը կիսատ ձգած, կ’երթան Պաղտատ, Խալիֆային յայտնելու Ծովինարին անսովոր գեղեցկութիւնը եւ թելադրելու, որ ամէն միջոցով տիրանայ անոր։ Խալիֆան Գագիկէն կը պահանջէ Ծովինարը. սակայն գոհացում չի գտներ, եւ զայրանալով` զօրք կը ղրկէ Հայաստան, իր զօրապետներուն պատուիրելով, որ աւերեն երկիրը եւ առեւանգեն Ծովինարը։ Նկատի ունենալով, որ իր պատճառով երկիրը եւ ժողովուրդը պիտի տուժեն, Ծովինար կ’որոշէ ինք առանձին զոհուիլ «քան թէ Հայաստան երկիր աւերակ դառնայ»։ Աղջկան որոշումը իմանալով, Գագիկ համաձայն կը գտնուի զինք Խալիֆային յանձնելու։ Պաղտատ մեկնելէ առաջ, Ծովինար վերջին անգամ պտոյտի կ’ելլէ հայրենի աղբիւրներուն մօտ, եւ ծարաւնալով կը խմէ քարի մը տակէն բխող համեղ ջուրէն` երկու ափ, մէկը լեցուն, միւսը կիսատ։ Այդ ջուրէն յղի մնալով, Պաղտատի մէջ կ’ունենայ երկու մանչ` մէկը մեծ, միւսը փոքր, մեծը կը կոչէ Սանասար, իսկ փոքրը` Բաղդասար։ Կասկածամիտ Խալիֆան կը հրամայէ սպանել Ծովինարը. սակայն անոր 59
խնդրանքով վճիռը կը յետաձգուի։ Տասը տարի ետք, դահիճները կ’երթան վճիռը գործադրելու, բայց կը կոտորուին Սանասարէն։ Տեսնելով երկու եղբայրներուն արտակարգ ոյժը, Խալիֆան կը հրաժարի զանոնք սպանել տալու մտադրու- թենէն։ Գագիկի դէմ մղած եօթնամեայ պատերազմին` Խալիֆան կը պարտուի եւ հազիւ կրնայ ողջամբ իր երկիրը վերադառնալ, որուն համար կը խոստանայ կուռքերուն զոհել Սանասարն ու Բաղդասարը։ Ծովինարը երազին մէջ կը տեղե- կանայ Խալիֆային մտադրութիւնը, եւ իր զաւակներուն կը պատուիրէ, որ հեռա- նան Պաղտատէն։ Երկար թափառումներէ ետք, երկու եղբայրները կը կառուցանեն Սասուն բերդը` ջուրի մը ակունքին վրայ։ Բերդը յարմար անունով կոչելու համար, Սանասար կը դիմէ ծերունիի մը խորհուրդին։ Ծերունին ահաբեկած կը գոչէ. - Աստուած բարին տայ ձեզ, դուք ի՞նչ ոյժ ունէք, որ վեր էք հանել էս պետ- պետ ապառաժները, էս սասում քարերը. քարէ սան սուն էք զարկել։ Սա տուն չէ, սասուն է։ Սանասար ուրախացած կը պատասխանէ. - Բա՛ւ է պապիկ, էլ ձէն մի՛ հանի. մեր բերդի անունը եղաւ Սասուն, մեր տան անունը` Սասնայ տուն։ Օր մը Սանասար կը սուզուի ծովուն յատակը` ձեռք կը բերէ Քուռկիկ Ջալա- լին, Թուր կէծակին եւ Խաչ պատերազմին. կը լողայ ծովուն յատակը գտնուող կաթնաղբիւրին մէջ։ Աւելի ուժեղ դարձած` դուրս կու գայ ծովէն։ Յետոյ` Սանասար Բաղդասարին հետ կ’երթայ Պաղտատ։ Երկու եղբայրները կը սպանեն Խալիֆան, զօրքը կը ջարդեն եւ իրենց մօրը կը վերադառնան Սա- սուն։ Ամէն տեղ կը տարածուի դիւցազն եղբայրներուն քաջագործութեան համ- բաւը։ Իրենց բնակավայրէն հեռանալով` աղքատ մարդիկ կը հաստատուին Սա- սուն, որովհետեւ այդտեղի բնակիչներէն հարկ չէին առներ. այդպէսով` Սասունը կը դառնայ բազմամարդ քաղաք մը։ Երկու փահլէվաններուն համբաւը կը հասնի Պղինձէ քաղաքի թագաւորին աղջկան` Դեղձուն-Ծամին, որ նամակով մը իր համակրութիւնը կը յայտնէ Սանասարին։ Սանասարը կը մեկնի Պղինձէ քաղաք, ուր կը յաղթահարէ բազմաթիւ արգելքներու եւ կը կռուի վաթսուն գոմշանման փահլէվաններու հետ։ Սանա- սարին օգնութեան կը փութայ Բաղդասարը։ Երկուքը միասին կ’երթան Կանաչ քաղաքը եւ կը սպանեն ջուրին արգելք եղող վիշապը։ 60
Վերադարձին` իրենց հետ կը տանին Դեղձուն-Ծամը եւ անոր քոյրը։ Սանասար կ’ամուսնանայ Դեղձուն-Ծամի, իսկ Բաղդասար` անոր քրոջ հետ։ Սանասար կ’ունենայ երեք զաւակ, որոնք կը կոչուին` Ցռան Վերգոյ, Ձէնով Օհան եւ Մհեր։ ՃԻՒՂ ԵՐԿՐՈՐԴ ՄՀԵՐ ՄԵԾ Ողորմի՛ ասենք Սասնայ տէր` Առիւծ Մհերին, Ու դառնանք` չասե՛նք ողորմի Մսրայ Մելիքին. Ու նորէ՛ն ասենք ողորմի Սասնայ Դեղձունին, Ասե՞նք, թէ չասենք ողորմի Իսմիլ խաթունին, Ողորմի՛ ասենք մեծամէր լուս Արմաղանին, Էստե՛ղ էլ ասենք ողորմի Ձէնով Օհանին. Ու նորէ՛ն հազար ողորմի հայոց նախնիքին։ Սանասարի մահէն ետք, Սասունը կը կառավարէ Դեղձուն-Ծամը, յետոյ` Մհերը։ Մհեր կը սպանէ սասունցիները սովահարութեան մատնող առիւծը։ Յետոյ Խլաթի թագաւոր Սպիտակ դեւին հետ կռուելով կը սպանէ զայն եւ Թեւա- թորոսի աղջիկ Արմաղանը ազատելով կ’ամուսնանայ անոր հետ։ Սանասարի մեռած ըլլալը իմանալով` Մսրայ Մելիքը հարկի տակ կը դնէ Սասունը։ Մհեր կը մերժէ պահանջուած հարկը վճարել եւ Ձէնով Օհանի խորհուրդով կ’երթայ Մըսր եւ կը կռուի Մսրայ Մելիքին հետ։ Մելիքը տեսնելով Մհերի արտակարգ ոյժը, կը հրաժարի իր պահանջէն եւ կը բարեկամանայ անոր հետ։ Երկուքն ալ պայման կը դնեն, որ շուտ մեռնողին կինը եւ երախաները` ողջ մնացողը պահէ։ Շուտով անժառանգ կը մեռնի Մելիքը, եւ անոր այրին` Իսմիլ խաթունը Մըսր կանչելով Մհերը, եօթը տարուան գինիով կը գինովցնէ զինք, եւ հակառակ Մհերի ցանկութեան, կ’ունենայ մանչ զաւակ մը` Փոքր Մելիքը։ Մհերը եօթը տարի կը մնայ Մըսր, եւ օր մը պատահմամբ կ’իմանայ Իսմիլ խաթունի իր տղուն տուած խրատը, թէ Մսրայ օճախը կանգուն պահես, հայոց օճախը փճացնես։ Մհեր այդ խօսքերէն կը սթափի եւ անդրադառնալով իր գործած սխալին վրայ, անմիջապէս կը վերադառնայ Սասուն, իր սիրելի կնոջ մօտ, որուն ուխտը խախտելով` կ’ունենայ մանչ զաւակ մը, Դաւիթը։ Դաւիթ երբ կը ծնի, նոյն օրն իսկ կը մեռնին Մհերը եւ Արմաղանը։ 61
ՃԻՒՂ ԵՐՐՈՐԴ ՍԱՍՈՒՆՑԻ ԴԱՒԻԹ Ողորմի ասենք, ողորմի՛ մեր մանուկ Դաւիթին, Մեր ազգի անսասա՛ն բազուկ, մեր Սասնայ Դաւիթին։ Ու դարձեալ ասենք ողորմի՛ Ձէնով Օհանին։ Դառնա՛նք ու չասենք ողորմի Մսրայ Մելիքին. Ողորմի ասենք, ողորմի՛ Սասնայ Պառաւին. Ու դարձեալ ասե՛նք ողորմի Քառսուն ճուղ Ծամին. Դառնա՛նք ու չասենք ողորմի Չմշկիկ Սուլթանին, Ասե՞նք..., ասե՛նք ողորմի Իսմիլ խաթունին. Ողորմի, հազա՛ր ողորմի խորոտ Խանդութին, Ու դարձեալ հազա՛ր ողորմի հայոց Դաւիթին, Հայոց քաջագո՛րծ հայրերուն, Հայո՛ց պապերուն։ Հօրեղբայրները չեն կրնար խնամել Դաւիթը եւ կը ղրկեն Իսմիլ խաթունի մօտ, ուր Դաւիթ կը մերժէ Իսմիլ խաթունի կաթով սնանիլ, եւ կը կերակրուի Սասունէն հետը բերած մեղր ու կարագով։ Դաւիթ այնքան ուժեղ մէկը կը դառնայ, որ զար- մանք կը պատճառէ բոլորին։ Դաւիթ կը վերադառնայ Սասուն։ Ձէնով Օհանը գառնարած կը նշանակէ զինք։ Դաւիթ կը յաջողի սպանել քառասուն դեւերը, եւ անոնց հաւաքած ամբողջ ոսկին կը բերէ Սասուն։ Կորեկի արտ ունեցող պառաւին խորհուրդով` իր հօրեղբօր կնոջմէն կը ստա- նայ իր հօրը աղեղը եւ կը զբաղի որսորդութեամբ։ Մսրայ Մելիքին զօրքը երկու անգամ կոտորուելէ ետք, Մելիքը անձամբ կու գայ Սասուն։ Դարձեալ պառաւ կնոջ թելադրանքով, Դաւիթ Ձէնով Օհանէն կ’առնէ Քուռկիկ Ջալալին եւ իր հօր զէնքը։ Կը սպանէ Մելիքը եւ Մսրայ զօրքը ազատ արձակելով` կը վերադառնայ Սասուն։ Դաւիթի համբաւը կը հասնի Խանդութ խաթունին, որ գուսաններ կը ղրկէ Սասուն իր մասին գովասանքներ երգել տալու համար։ Դաւիթ կը հրապուրուի Խանդութի մասին իմացած տեղեկութիւններէն, կ’երթայ անոր մօտ եւ կը դրժէ Չմշկիկ սուլթանին տուած խոստումը։ Կը ծնի Փոքր Մհերը։ Դաւիթ Գիւրջստան կ’երթայ իր տղուն հարս ճարելու եւ այնտեղ կը մնայ եօթը տարի։ Փոքր Մհերը կը թափառի իր հայրը փնտռելու։ Ճամբան` հայր ու որդի իրարու կը հանդիպին եւ վիճաբանելէ ետք, կը կռուին իրարու հետ. սակայն շուտով կը ճանչնան զիրար։ Այդ միջադէպին համար Դաւիթ իր զաւակը կ’անիծէ` անմահ եւ անժառանգ մնալ։ Չմշկիկ սուլթանին հետ 62
կռուած ատեն` Դաւիթ կը սպանուի նենգութեամբ, Չմշկիկի եւ իր դստեր ձեռքով։ ՃԻՒՂ ՉՈՐՐՈՐԴ ՄՀԵՐ ՓՈՔՐ Ողորմի ասենք, ողորմի՛ Փոքր Մհերին. Ողորմի ասենք էն խորո՛տ Գոհար խանումին, Ու դառնա՛նք ասենք ողորմի Ձէնով Օհանին, Ողորմի՛ ասենք Փոքր Մհեր պատմողին. Ճուղէ ճուղ անցանք, նստեցինք Մհերի ճուղին։ Մհեր կը լուծէ իր հօր վրէժը` սպանելով Չմշկիկ սուլթանը եւ կը կոտորէ անոր զօրքը։ Սասունէն հեռանալով` Մհեր կ’ամուսնանայ Գոհարին հետ։ Ձէնով Օհանի խնդրանքով` Մհեր կը վերադառնայ Սասուն, հայրենիքի խաղաղութիւնը խանգարողները պատժելու համար։ Գոհարի քով երթալով` զինք կը գտնէ մեռած, եւ անոր մարմինը կը թաղէ իր մօր, Խանդութի գերեզմանին մօտ։ Մհերի քարայրին մէջ փակուելու դրուազով` կը վերջանայ դիւցազնավէպը։ Գեղարուեստական մտածողութեան անկրկնելի համադրութիւն մը եղող Սասունցի Դաւիթ դիւցազնավէպին միջազգային արժէքաւորումը տեղի ունեցած է 1939-ին, էպոսին յօրինումին հազարամեակին առիթով։ Ամբողջ Ս. Միութեան տարածքին վրայ պետական-մշակութային մեծ ծաւալի հանդիսութիւններով` պանծացուած է հայ ժողովուրդին դարաւոր կենսափոր- ձով հարստացած հերոսապատումը։ Այս առիթով` հրատարակուած է քանի մը տասնեակ պատումներէ կազմուած համահաւաք բնագիրը` որ նոյն ժամանակ թարգմանուած է բաց ի ռուսերէնէ, միութենական բոլոր լեզուներուն։ Համաշխարհային դիւցազներգական գրականութեան մէջ ալ իր գրաւած եզական դիրքին համար, Սասունցի Դաւիթը թարգմանուած է արեւմտեան եւ արեւելեան լեզուներու` անգլերէնի, ֆրանսերէնի, ռումաներէնի, լեհերէնի, գեր- մաներէնի, հունգարերէնի, հոլանտերէնի, չինարէնի, ճափոներէնի եւ պարսկե- րէնի։ Սովետ մտաւորականութեան խանդավառ ելոյթներէն ծաղկաքաղ մը ընելով` կը փափաքինք ձեր ուշադրութեան յանձնել անոնց ամէնէն յատկանշական կար- ծիքները։ Անոնցմէ մէկը` Սասունցի Դաւիթ էպոսը արտասովոր կը նկատէ. արտասո- վոր` ընթերցողին վրայ գործած ազդեցութեան ոյժով։ Այնպէս կը թուի, թէ կը 63
գտնուիս մանկութեանդ աշխարհը, երբ կը կարդայիր կախարդական հեքիաթը, կը բանայիր ամուր, անասելի ոյժի տէր աշխարհի հրաշալի դուռը։ Արտասովոր է նաեւ իր վիճակին տեսակէտէն. հարիւրաւոր տարիներ` սերունդէ սերունդ անցնելով պահպանուած է հայ ժողովուրդին բերանը, անոր մեծ բազմութեան մօտ, որպէսզի սոցիալիզմի օրերուն` կանգնի աշխարհի ժողովուրդներուն աչքին առջեւ իր ամբողջ գեղեցկութեամբ եւ հզօրութեամբ, մանրամասնօրէն պատմէ Մեծ Դաւիթին` Սանասարի թոռան, Մեծ Մհերի որդիին եւ Փոքր Մհերի հօր սխրագործութիւններուն մասին, դիւցազուններու չորս սերունդներու մասին, որոնք կանգնած են այն տունին չորս պատերուն նման, ուր կը բնակի հայ ժողովուրդին անսպառ եւ անզուսպ ստեղծագործական ոյժը։ Արտասովոր է նաեւ այդ գիրքին կառուցուածքը. դիւցազուններու չորս սերունդներ` չորս աստիճանի նման կը մերձենան ժողովուրդին սիրտին, աւելի ու աւելի մօտենալով անոր, ձուլուելով անոր հետ մէկ հոգիի, մէկ ձգտումի մէջ, մարդկայնանալով, հասարականալով։ Սասունցի Դաւիթ անմահ էպոսի` անունով անյայտ, սակայն սրտով ու զգացումներով յայտնի հզօր ստեղծագործութիւնները` կրցած են արտասովոր պարզութեամբ եւ ոյժով պատմել ու հաղորդել մեզի հայ ժողովուրդին տանջանք- ներն ու յաղթանակները։ Խոր, հիանալի եւ բազմազան է հայկական պոէզիան, – կը պատգամէ ուրիշ մը։ Անոր գանձարանին մէջ մենք կը գտնենք ամէն ինչ` սկսեալ Սասունցի Դաւիթ կոթողային էպոսէն, որ հաւասար իրաւունքներով կը մտնէ ժողովրդա- կան ոգիի դիւցազուններուն համաշխարհային ընտանիքին մէջ...։ Երրորդ մը` հայուն ինքնասիրութիւնը փայփայելով կը յարէ. – Այդ պոէմը ստեղծուած է այն դարերուն` երբ հայ ժողովուրդը պայքարած է թշնամիներուն արշաւանքներուն դէմ, անձնատուր չըլլալով նոյնիսկ ամէնէն ուժեղին։ Պոէմը վառ կերպով կը պատկերացնէ հայ ժողովուրդին հերոսական բնաւո- րութիւնը։ Այդ պոէմը ներծծուած է ժողովուրդին եղբայրական մեծ գաղափարով, եւ այնտեղ ժողովուրդը կ’երազէ երջանիկ կեանքի մասին։ Հայաստանի հողը` որ ծնունդ տուած է նման դիւցազուններու, իրօք որ ամէնէն հարուստն է ոգիով, վեհ է եւ սքանչելի, – կը ներբողէ հայ ժողովուրդին հոգեհարազատ բանաստեղծ մը։ Հայ ժողովուրդը կրնայ իր դիւցազուններով հպարտանալ բոլոր ժողովուրդ- ներուն առջեւ։ Առհասարակ` դէպի արեւը կը ձգտին բոլոր հայ դիւցազունները։ Այդ հարուստ էպոսը մեր միտքերը կը տանի աւատական Հայաստանի հեռաւոր ժամանակները, – կը խորհրդածէ հարեւան երկրի գրող մը։ Մեր աչքին առջեւ կը բացուին Հայաստանի հերոսական պայքարի պատմու- 64
թեան փառապանծ էջերը, պայքար` որ ան մղած է արաբական արշաւանքներուն դէմ։ Ժողովուրդին համար անձնազոհութիւն կատարելու մեծ գաղափարը դրուած է այդ էպոսի խորքին մէջ։ Այսպէս կառուցուած է ամբողջ էպոսը, հայ թագաւորի աղջիկ Ծովինար խանումի անձնազոհութենէն սկսելով` մինչեւ լեգենդար Փոքր Մհերը, հայկա- կան այդ Պրոմեթէոսը։ Ես կը կարծեմ, – կը շարունակէ ան, – որ էպոսին մէջ մօր կերպարը ամբողջ ժողովուրդին խորհրդանշանը կը հանդիսանայ։ Մայրը միշտ դէմ է աղէտներուն եւ դժուարութիւններուն, միշտ երջանկու- թեան եւ փրկութեան դռներ կը բանայ իր զաւակներուն առջեւ։ Ինչպէս կ’երեւի` կին-մօր կերպարը ամէնէն պատուաւոր եւ ազնուաբարոյ տեղը կը գրաւէ մեր հնագոյն էպոսներուն մէջ, մեր ժողովուրդներու պատմու- թեան մէջ։ Ձեզմէ ո՞վ պիտի չուզէ իմանալ նոյն գրողին այս կշռադատուած գնահատա- կանը. Սասունցի Դաւիթ էպոսը կը հանդիսանայ հզօր փաստաթուղթ մը` հայ ժողովուրդին բազմակողմանի, բարձր գեղարուեստական ժողովրդական բա- նաստեղծութեան իսկական արտայայտութիւնը։ Էպոսը կը վկայէ իր հեղինակին` հայ ժողովուրդին ստեղծագործական անսահման երեւակայութեան, բանաստեղծական մեծ տաղանդին մասին։ Հայկական ժողովրդական բանաստեղծութեան այդ հարուստ պատկերաւո- րութիւնը եւ արտայայտիչ ըլլալը` իր բարերար ազդեցութիւնը ձգած է հայկական դասական բանաստեղծութեան յետագայ զարգացումին վրայ։ Միջնադարեան հայ պատմութեան մէջ ոչ մէկ յիշատակութիւն եղած է էպո- սին գոյութեան մասին։ Սասունցի Դաւիթին մասին առաջին տեղեկութիւնները հաղորդողները եղած են ԺԶ. դարու երկու փորթուկալցի ճանապարհորդներ. Անթոնիոյ Թենրէյրոն, 1524 թ., եւ Մեսթրէ Աֆֆոնսոն, 1565 թ., առիթ ունեցած են Հայաստան այցելելու, եւ իրենց ուղեգրութիւններուն մէջ անդրադառնալու այդ երկրին մասին։ Երկու ուղեւորներն ալ գտնուած են Վան, Մուշ, Պիթլիս եւ Սասուն, եւ այդ քաղաքներուն մէջ իմացած են Դաւիթի զրոյցը։ Անոնց հաղորդումին համաձայն, Սանսոնի տէրը ժամանակ մը եղած է Դաւիթ թագաւորը, որ Սանսոնի որդին էր, իսկ անոր կինը Խանդութն էր։ Խան- դութն ալ իր ամուսինին նման հսկայ էր եւ սրունքներուն օղեր կը կը կրէր. օղերուն մէջէն մարդ կրնար անցնիլ։ Դաւիթ հսկան ունեցած է նիզակ, զրահներ եւ խաչ մը, որ «Սուրբ նշան» կոչուած է։ Այս նշանը Դաւիթին պահպանած է վտանգներէ` մինչեւ Ախլաթի կռիւները, երբ ան զէնք ու զրահը, սուրբ խաչը հանած քնացած է։ Թշնամիները 65
օգտուելով ատկէ` գաղտնի յարձակած սպանած են զինք եւ իր կինը։ Ժողովուրդը տարբերակած է հեքիաթը եւ նաղլը. հեքիաթը իբրեւ ճշմարտու- թենէ զուրկ աւանդութիւն նկատուած է, մինչդեռ նաղլը` ճշգրիտ անցքի պատմութիւն։ Մեր անզուգական պատմահայր Մովսէս Խորենացիէն սկսեալ` մինչեւ Սրուանձտեանց եւ մեր օրերու գրանցողներ Սարգիս Յարութիւնեան եւ Արուս- եակ Սահակեան, կարծէք բոլորն ալ նկատի ունին Մովսէս մարգարէին այն յորդորը` թէ հարցուցէք ձեր հայրերուն եւ անոնք պիտի պատմեն ձեզի. հարցու- ցէք ձեր ծերերուն եւ անոնք պիտի ըսեն ձեզի։ Սրուանձտեանց` հայաբնակ գաւառները շրջագայելու ընթացքին, խաւարով պատուած միջավայրի մէջ, նաղլերու ընդմէջէն նկատած է պատմութիւնը լուսա- ւորող ճառագայթներ, որոնց հետքերուն խուզարկումով, երեք տարի հետամուտ եղած է ձեռք բերելու ամբողջական էպոսը, սակայն ոչ ոք գտած է, որ ամբող- ջութեամբ գիտնար։ Սրուանձտեանց` 1873 թ. կը հանդիպի Մշոյ դաշտի Առնիստ գիւղի բնակիչ ծերունի Կրպոյին, որմէ առաջին անգամ ըլլալով կ’իմանայ Սասունցի Դաւիթ դիւցազնավէպին պատումներէն մէկը, եւ զայն կը հրատարակէ յաջորդ տարին` Գրոց ու բրոց եւ Սասունցի կամ Մհերի դուռ խորագրով գիրքին մէջ։ Գրառումի պարագաներուն մասին խօսելով, Սրուանձտեանց կը գրէ. – Երեք օր զինք պահեցի, խնդրեցի, պատուեցի, պարգեւատրեցի, եւ նա ինքզինք կազդու- րելով` պատմեց բերանացի, զոր իրեն բարբառով ի գիր անցուցի։ Սրուանձտեանցի յայտնաբերումով` սկսած է դիւցազնավէպը վերլուծելու եւ արժէքաւորելու փորձը։ Քանի մը տարի վերջ, դիւցազնավէպին ուրիշ մէկ պատումը` Մոկած աշխարհի Գինեկանց գիւղի բնակիչ Նախոյ քեռիէն իմանալով, գրի առած եւ հրատարակած է Մանուկ Աբեղեանը Դաւիթ եւ Մհեր ժողովրդական դիւցազնա- կան վէպ վերնագրով։ Պատմողին ըսելով, – կը գրէ Աբեղեան այդ հատորին յառաջաբանին մէջ, – Սասունի տէրերը քառասուն զարմ են եւ ունին իրենց քառասուն ճիւղ առանձին պատմութիւնը, որ քառասուն գիշեր կը նստին եղեր, թէեւ քառասուն ճիւղը ամբողջ «մի հոգի լաւ իմացող, այդ խո շատ հազուագիւտ է»։ Պատմողը մոկացի հայ մըն էր, – կը շարունակէ գրի առնողը, – բարի քրիս- տոնեայ մարդ մը, որ ամենայն սրբութեամբ կը վերաբերէր դէպի իր պատմածը, որուն կը հաւատար, թէ ամբողջութեամբ կատարուած է ժամանակ մը։ «Այժմ էլ, – կ’ըսէ եղեր Նախոյ քեռին, – Սասմայ քաղաք շատ կտրիճ փահլեւան կայ»։ Ան իր լաւ չգիտցածը չէր ուզեր ամենեւին պատմել, որովհետեւ ինչպէս կ’երեւէր, մեղք կը համարէր այս պատմութիւնը խառնելը, – կը հաստատէ Աբեղեան։ 66
Իբրեւ Աստուծոյ կողմէ շնորհուած աւանդ մը` ասացողները եղած են հաւատարիմ գանձապահներ, եւ էպոսը աւանդած են իրենց իմացած ձեւով։ Վիպերգողները` սեղմ եւ զուսպ ոճով ճարտարօրէն հիւսած են հայ ժողովուրդին փոթորկալի կեանքին հանգրուանները, վիպական չափազանցու- թիւններով կերտած են գերբնական յատկութիւններով օժտուած կերպարներ, աշխոյժ երկախօսութիւններով կենդանի դարձուցած են բոլոր հերոսները։ Դարերու աւանդոյթը` յառաջ բերած է ազգային պատմելաձեւ մը։ Սրուանձտեանցէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը` շատ բանասէրներ եւ բանա- հաւաքներ հետաքրքրուած են Սասնայ ծռեր էպոսով եւ գրանցած են մօտաւո- րապէս քանի մը տասնեակ պատումներ, իւրաքանչիւրը իր համեստ բաժինը բերելով էպոսագիտութեան զարգացումին։ Էպոսին համակողմանի ուսումնասիրութիւնը` ժամանակակից էպոսագի- տութեան մակարդակին բարձրացնելու համար, Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի նախագահութեան որոշումով` անցեալ տարի կազմուած է «Սասունցի Դաւիթ էպոսի խումբ»ը, որուն առաջնահերթ խնդիրներէն մէկը պիտի ըլլայ շրջիլ Հայաստանի գիւղերը եւ գրի առնել ժողովուրդին մօտ ցարդ պահ- պանուած պատումները եւ հրատարակել զանոնք։ Վարպետի հռչակ վայելող նաղլ ասացողները` երբեմն գիտցած են շատ ընդարձակ պատմութիւնը, որուն մէջ շատ տեղեր խաղեր ըսած են, կամ ձայնով երգած են։ Աբեղեան` Նախոյ քեռիի պատումին առիթով կ’ըսէ, թէ «միշտ երգում էր առանձին եղանակով, որ դժբախտաբար չյաջողուեցաւ մեզ ձայնագրել տալ»։ Որպէս ծանօթութիւն` Աբեղեան կ’աւելցնէ, թէ յետագային, Կոմիտաս Վար- դապետ ձայնագրած է այդ եղանակները, սակայն ցաւօք, կորսուած են։ Գարեգին կաթողիկոս Յովսէփեան` իր սարկաւագութեան շրջանին գրի առած է երկու պատում, որոնց երգուող հատուածներուն ձայնագրութիւնները` իր խնդրանքով կատարած է շնորհունակ Սողոմոն սարկաւագը, յետագայի Կոմիտաս Վարդապետը։ Ներհուն Կոմիտասագէտ Մօ. Ե. Յակոբեանին ներկայութենէն օգտուելով` պիտի խնդրենք իրմէ, որ կարգ մը լուսաբանութիւններով ճշտէ էպոսի երգուած հատուածներուն բնոյթը, եւ միաժամանակ անդրադառնայ Կոմիտասի կողմէ ձայնագրուած եղանակներուն ճակատագրին մասին։ Վիպերգողներու հոյլին մէջ` տաղանդաւոր ասացող մը եղած է շատախցի Բազկէ Շահինը, որուն երգապատումը գրի առնուած է երկու անգամ։ Վկայութիւն կայ, թէ երկրորդ գրառումի ժամանակ` ներկայ եղած է Յովհ. Թումանեանը։ Համեմատական քննութիւն մը երեւան հանած է որոշակի ընդհանրութիւններ Բազկէ Շահինի երգապատումին եւ Ամենայն Հայոց բանաս- տեղծին մշակած «Սասունցի Դաւիթ»ին միջեւ։ 67
Բազկէ Շահինի եղբօր որդին` բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական ֆակուլտետի դասախօս Սահակ Բազեանը, բախտաւորութիւնը ունեցած է իր մանկութեան օրերուն ականատես ըլլալու իր հօրեղբօր երգապատում-ներկայացումներուն, որոնց մասին վերջերս գրի առած յուշերէն կ’ուզենք քաղել հետեւեալ ուշագրաւ մանրամասնութիւնները։ Անոր շուրջ խմբուած տարեց ու մանուկ` աշակերտի հմայուածութեամբ կ’ունկնդրէին, – կը սկսի պատմել մեծարգոյ փրոֆեսէօրը։ Ութ-տասը տարեկան եղած է Բազկէ Շահինը, երբ սկսած է Սասունցի Դաւիթի իր երգապատումը։ Դեռ 15-16ամեայ պատանի` կը հռչակուի անոր անունը։ Ասացողի հեքիաթազրոյց չէր անոր երգապատումը, այլ ստեղծագործողի երգապատում-վիպերգութիւն։ Ամբողջ Սասունցի Դաւիթը կը հաղորդուէր երգի միջոցով, անկրկնելի դիմախաղի եւ ձայներանգներու, անհրաժեշտ ձեռքի արտայայտութիւններու միջոցով, թաւ ու շոյող ձայնի ճարտար կատարումով, մերթ էպիկականօրէն խաղաղ, մերթ սրտառուչ, քնարականութեան, երգիծանքի եւ հումորի անօրինակ ձեւերու ցուցադրումով կատարեալ երգապատում-բեմա- դրութիւն մը։ Իր վերապրածը անօրինակ վարպետութեամբ փոխանցելով ունկնդիրներուն, ան կը ստեղծէր վիպերգողի եւ հանդիսականներու ջերմ մթնոլորտ։ Անոր երգապատումը դերակատարում էր, բայց ոչ թէ մէկ հերոսի մէջ ամփոփուած, այլ բոլոր հերոսներուն։ Կը թուէր մեծ դերասանի խաղ, որ կ’անձնաւորէ ոչ միայն Դաւիթին կերպարը, այլեւ` միւս կերպարները իրենց ինքնատիպ նկարագրով։ Անոր երգապատում վիպերգութիւնը անհետեւանք չէր մնար, կը դաստիա- րակէր քաջութեան եւ ըմբոստութեան ոգիով։ Երգապատումը կը սկսէր հանդիսաւորութեամբ դառնամ զողորմիս տիտամ վեհացնող նախերգանքով, երգով կը թուէր մեծերը, ստեղծելով սրբութիւններու խորհրդապաշտական մթնոլորտ։ Չէր մոռնար իր զողորմին։ Երգապատումին հետ կը շիկանայինք մենք ալ` մանուկ ունկնդիրներս։ Մերթ կը յուզուէինք, մերթ կը քրքջայինք, մերթ Դաւիթին յանդգնութեամբ կը քաջանա- յինք եւ կը կարծրանայինք։ Հապա անոր դաւթապատումին ազդեցութիւնը` ուր կ’ընդգծուէր դիւցազ- նացնող հերոսականութիւնը։ Էպիկական վեհութիւն կ’իջնէր բոլորիս ուսերուն, ամէնէն վիպերգողին` իբրեւ արքայական ու յաղթական ծիրանի։ Խանդաղատանքէն` թէ կը սարսռայինք եւ թէ կը վեհանայինք։ *** 68
Դիւցազներգութեան մէջ արտայայտուած լուսաւոր եւ լաւագոյն ապագայի մը վառ հաւատքը, ինչպէս նաեւ երջանիկ կեանքի մը երազը` կէս դարէ ի վեր իրականացած է մեր ընդարձակ հայրենիքին մէկ աննշան հողաշերտին վրայ, շնորհիւ հայ ժողովուրդին շինարար եւ ստեղծագործ խոյանքներուն։ Ազգային ինքնաճանաչումի համար, այսօր` թերեւս որեւէ ժամանակէ աւելի, պէտք է դիմենք դարերէն եկած եւ դարեր վերապրած` համազգային եւ համահայ- կական դարձած դիւցազնավէպին, ուր ամփոփուած պիտի գտնենք հայ ժողո- վուրդին արեան պատմութիւնը։ Սասունցի Դաւիթին մէջ, ամբողջ ազգը` խտացած, առանձին կենդանի անձի կերպարանք ստացած է։ Սասունցի Դաւիթը` չստրկացող հայ ժողովուրդին յաղթանակի խորհրդա- նշանն է։ *** Վարպետ վիպերգողներու կողմէ հաստատուած աւանդական կարգին հետեւելով` թոյլ տուէք, որ մենք ալ` դառնանք ողորմի՛ մը ըսենք բոլոր ունկնդիր- ներու ծնողներուն, եւ հազա՛ր ողորմի հայոց պապերուն։ Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 17 Մարտ 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.063 18 Մարտ 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.064 19 Մարտ 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.065 20 Մարտ 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.066 22 Մարտ 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.068 24 Մարտ 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.069 26 Մարտ 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.070 69
ԱԿՆԱՐԿ ՄԸ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ԼՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՍԿԶԲՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ Հայ պարբերական մամուլին մէջ կարեւոր բաժին մը կը գրաւեն Գահիրէ եւ Աղեքսանդրիա հրատարակուած թերթերն ու հանդէսները, որոնց խմբագիրներն ու աշխատակիցները` մեծ մասով, եղած են գրական եւ հասարակական-մարզի կարկառուն դէմքեր, որոնք երբեմն այս երկիրը ապաստան գտած են համիտեան հալածանքներէն խոյս տալով։ Եգիպտոսի հայ լրագրութեան սկզբնաւորութեան մասին ակնարկ մը` թերեւս աւելի համապարփակ ըլլայ, եթէ համառօտակի ներկայացուի եգիպտական` արաբերէն եւ օտար լեզուներով մամուլին շատ ամփոփ պատկերը։ Եգիպտոսի մէջ տպագրական արուեստի եւ լրագրութեան պատմութեան կարեւոր հեղինակ մը` իր մէկ աշխատութեան մէջ կ’ըսէ, թէ արեւելեան կարգ մը երկիրներ ունեցած էին իրենց տպարանները, մինչ Եգիպտոս` մինչեւ Ֆրանսա- կան արշաւանքը, անգիտացած էր այդ արուեստը1։ Եգիպտոսի մէջ լրագրութեան հիմը դրուած է ֆրանսացիներու կողմէ։ Նափո- լէոն Պոնափարթի առաջնորդութեամբ Եգիպտոս եկած ֆրանսական արշաւա- խումբը իր հետ բերած էր տպագրական մամուլի կազմածներ, որոնք առաջին անգամ կը թաւալին լոյս ընծայելու համար Courier de l’Egypte թերթը` 29 Օգոստոս 1798 թ. եւ La Décade égyptienne գիտական հանդէսը` նոյն տարուան Հոկտեմբերի 1-ին։ Արշաւախումբին ղեկավարը 1799 թ. Յունուար 14-ի հրամա- նագրով նոր ուղղութիւն կու տայ տպագրական գործունէութեան։ Այս հրատա- րակութիւնները կը տեւեն մինչեւ 1801 թ., եւ կը դադրին արշաւախումբին մեկնումով։ Յիշեալ երկու հրատարակութիւնները ֆրանսերէն լեզուով ըլլալուն` մասնա- ւոր օգտակարութիւն չեն ունենար եգիպտացի ժողովուրդին համար։ Արշաւա- խումբին բժշկապետը` Desgenette կը ծրագրէ ֆրանս-եգիպտական յարաբերու- թիւնները սերտացնել եւ հանրային կարծիքին ուղղութիւն տալ մամուլի միջոցով։ Այս նպատակով կը կազմուի ֆրանսացիներէ եւ եգիպտացիներէ բաղկացած յանձնախումբ մը, որպէսզի Շէյխ Իսմայիլ Էլ Խաշապի խմբագրութեամբ` 1800 թ. Նոյեմբեր 26-ին, հրատարակէ Ալ Թանպիհ թերթը` ներքին լուրերու, գրական, գիտական բովանդակութեամբ։ Սակայն, կարգ մը պատճառներով այս ծրագիրը չ’իրագործուիր։ 70
Լրագրական իրական շարժում մը կը սկսի Եգիպտոսի բարեկարգիչ Մոհամմէտ Ալի փաշայի օրով, երբ յաջորդաբար լոյս կը տեսնեն, 1822 թուականին` Կուռնալ էլ Խտէուի, 1828 թ. վերջերը` Ուաքաէ’ էլ Մասրէյա, 1833 թուականին` Կարիտա էլ ’ասքարիյա, Le Moniteur égyptien, եւ 1846 թուականին` Lo Spettatore egiziano։ Եգիպտական լրագրութեան օտար մամուլի բաժինին մէջ պէտք է յիշատակել, 1870 թուականին` The Egyptian Messenger անգլերէն, 1872 թուականին` Hmpheia nea յունարէն առաջին թերթերը. մալթացիները իրենց բարբառով թերթ կ’ունենան Ի. դարու առաջին տասնամեակին, իսկ հրեաները` ֆրանսերէն հանդէսներ կը հրատարակեն դարուս առաջին քառորդին։ Գերմաներէն լեզուով թերթեր լոյս կը տեսնեն քսանական թուականներուն։ Օտարանուն թերթեր` իրենց հրատարակութեան թուականով յիշեցինք, ցոյց տալու համար, որ կազմակերպուած եւ տնտեսական լաւ պայմաններու մէջ ապրող գաղութներ` հայերէն վերջ միայն ունեցած են իրենց ազգային օրկանը։ Թէեւ ուրիշ ազգերէ առաջ մայրենի լեզուով թերթ հրատարակեր ենք, սակայն Ժողովուրդի խմբագիր Աւետիս Պալեանի պէս երբ նկատի ունենանք, թէ անցեալ դարուն այս երկրին մէջ ինչ բարձր դիրքեր գրաւած էին հայերը, որոնք ամէն հնարաւորութիւն ունէին թերթ հրատարակելու եւ անոր գոյատեւումը ապահո- վելու համար, եւ բաղդատութեան դնենք յոյներու «ծաւալով եւ տարիքով պատ- կառազդեցիկ տասնէ աւելի ամենօրեաներուն եւ քանի մը հատ մեծահատոր պարբերականներուն հետ», կը տեսնենք որ սկզբնական շրջանի եգիպտահայ մամուլը քիչ մը «արգահատելի» վիճակի մէջ գտնուած է2։ Գահիրէի հայ մամուլի երախայրիքի պատմութիւնը շաղկապուած է ժամա- նակակից իրադարձութիւններու հետ։ Եգիպտոսի առաջնորդական վիճակի հիմնադիր` Գաբրիէլ Եպս. Մարաշցին շատ ծերացած ըլլալուն, Կ. Պոլսոյ պատրիարքին կոնդակով, առաջնորդական փոխանորդ կը նշանակուի Մկրտիչ Սրբազան Քէֆսիզեանը, որ Գահիրէ կը հասնի 1864 թ. Հոկտեմբեր 30-ին3։ Իր պաշտօնը ստանձնելէ ետք, «Մկրտիչ Սրբազան 12 յօդուածներով Կանո- նագիր մը կը պատրաստէ Առաջնորդարանի եւ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան վերաբերութեամբ եւ կ’որոշուի որ դպրոցի Հոգաբարձութեան խնամքին տակ օրագիր մը հրատարակուի հայերէն-տաճկերէն» լեզուներով4։ Քէֆսիզեանի նախաձեռնութեան մասին` ժամանակակից մամուլին մէջ յաջողած ենք գտնել իր արժանիքը գնահատող վկայութիւններ, որոնք քաղուած են գահիրէցի թղթակիցի մը հաղորդած տեղեկութիւններէն. Գոհութեամբ կ’իմանանք թէ Նորին Սրբազնութիւնը ջան ի գործ կը դնէ քաղաքին մէջ տպարան մը հաստատելու եւ կիսամսեայ լրագիր մը հրատարակել տալու համար։ Անտարակոյս եմք որ գերպատիւ Փոխանորդին այս բարի ջանքն յաջողութեամբ կը պսակուի, 71
որովհետեւ – կարծեմք չեմք սխալիր – այնպիսի քաղաքի մը մէջ կը գտնուի, ուր թէեւ փոքրիկ բայց պատուաւոր խումբ մը կայ ժողովրդեան որ ձեռնհաս է յառաջդիմութեան օգնող ամէն խորհուրդ ի գործ բերել, եթէ կամի։ Եգիպտոսի մեր պատուական ազգայինք անշուշտ գիտեն թէ մամուլն ու անոր բարի տրամադրութիւնը որչափ օգնող են ժողովուրդի մը լուսաւորու- թեանը5։ Ինչպէս նախընթաց թուով ծանուցինք, տպարանի եւ կիսամսեայ լրագրի մ’ալ հաստա- տութեանը հոգ կը տարուի։ Նոր տեղեկութեանց նայելով, լրագիրը պիտի սկսուի հրատա- րակուիլ առաջիկայ տարւոյն սկիզբէն6։ Թերթին խմբագրութիւնը գոհունակութեամբ կը յաւելու, թէ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած յառաջադիմական այս շարժումները միայն նշանակելով անցնիլ չենք ուզեր, այլ պարտք կը համարենք մեզ հրապարակաւ շնորհակալ ըլլալ այս ամէնուն պատճառ եղող Գերապատիւ Տ. Մկրտիչ Սրբազան Արքեպիսկոպոսին, եւ բոլոր անոնց որք կը բարեհաճին օգնել անոր, ջան ի գործ դնելով անոր ազգաշէն խորհուրդները արդիւնաւորելու համար։ Վերոյիշեալ վկայութիւններուն իբրեւ զուգակշիռ` կու տանք նաեւ մեզի ժամանակակից բանասէրի մը քիչ մը փութկոտ կարծիքը. Իր պաշտօնավարութեան ընթացքին, Եգիպտոսի մէջ օգտակար դեր մը ունեցած չէ, ինչպէս իր բոլոր կեանքին մէջ։ Ընդհակառակը իր ընթացքով ժողովուրդը դժգոհ ձգած է եւ հրաժարած 1866-ին7։ Հայ մամուլի երախտաւորներէն Աբրահամ Մուրատեանի (1833-1903) կը վիճակուի Նիկոմիդիոյ մէջ Հայրենասէր (1850-1853), եւ Փարիզի մէջ Փարիզ (1860- 1863) շաբաթաթերթերը խմբագրելէ ետք, Գահիրէի մէջ հիմը դնել եգիպտահայ առաջին կիսամսեայ լրագրին` Արմաւենիին։ Աբրահամ Մուրատեան Փարիզէն Եգիպտոս եկած էր առողջական պատճա- ռով, եւ դարմանուելէ ետք, ստանձնած էր Գահիրէի Խորէնեան Վարժարանի (նոր անունով` Գալուստեան) տնօրէնութիւնը, ապա Արմաւենիի խմբագրութիւնը։ Նոր հանդէսը պէտք է լոյս տեսնէր տարւոյն սկիզբէն, սակայն «փորագրիչին» յապաղումով անոր հրատարակութիւնը կը յետաձգուի մինչեւ 1865 թ. Մարտի 16։ Մեր մօտ գտնուած առաջին համարի առաջին էջի լուսապատճէնէն կը քա- ղենք հետեւեալ հատուածները8։ Իր առաջնորդող յօդուածին մէջ Ա. Մուրատեան կը բացատրէ, թէ 72
Եգիպտաբնակ Պատուելի Ազգայինք արդարեւ մեծ փափաք մը ունէին հոս պզտիկ տպարան մը եւ լրագիր մը ունենալու, որ յիրաւի կը վայլէր իրենց, թէ իրենց կրթութեանը եւ թէ նիւթական կարողութեանը նկատմամբ, որ ազգիս մտաւորական մշակութեանը նպաստէին հրատարակութիւններով ինչպէս նաեւ ուրիշ հարկաւոր միջոցներով, քանի որ իրենց թուոյն համեմատութեամբ, – ուրախ ենք հաստատելու, – մէջերնին բարձրաստիճան անձինքը` հարուստները եւ կրթեալները բազմաթիւ են` քան թէ այլ տեղեր, բայց սակայն իրենց բարի նպատակը գործադրող զօրութիւն մը կը պակսէր իրենց. որն որ այժմ վրայ հասնելով այն փափաքնին լցուեցաւ։ Առաջնորդական փոխանորդ Գեր. Մկրտիչ Արքեպիսկոպոսն իրենցմէ աւելի սէր ունենա- լով մամուլին ազգերնուս մէջ զարգացմանը` հոս ժամանելէն ի վեր իւր առաջին հոգերէն մէկն եղաւ փոքրիկ տպարան մը եւ ազգային լրագիր մը հիմնել, որուն տնօրէնութիւնը մայրաքաղաքիս Դպրոցին Հոգաբարձութեանը յանձնելով` սա եւս անոր խմբագրութիւնը մեր նուաստութեան տուաւ։ Մենք ալ միշտ փափաքելով ձեռքերնուս եկած ծառայութիւնն ազգերնուս մատուցանել` յանձն առինք այս ծանր պաշտօնը` որ մեր կարողութենէն վեր եղած է։ Շահեկան է նաեւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Յովսէփ էֆէնտի Մանուկեանի յայտարարութիւնը. Այս լրագիրն որ այսօր կը մատուցանեմք Հասարակութեան կը հրաւիրէ ամէն անոնց խորին ուշադրութիւնը որ վառեալ են ազգային ազնիւ ոգւով։ Լրագրոյս նպատակն է հրատարակութեան միջոց մը ըլլալ այն ամէն գրուածոց որք կրնան ազգին ընդհանրութեանը օգուտ ունենալ։ Առաջնորդական փոխանորդ Գեր. Մկրտիչ Արքեպիսկոպոսին առաջարկութեամբը հիմնեալ եւ մեր տնօրէնութեանը յանձնեալ այս լրագիրը կը փափաքիմք ի բոլոր սրտէ որ խաղաղութեան եւ արդարութեան գործիք մը ըլլայ, որ սէր եւ միաբանութիւն սերմանէ ազգայնոց մէջ, եւ ընդնմին նպաստէ եղած զրկանքները դարմանելու։ Եգիպտահայ լրագրութեան առաջին քառասնամեակին պատմութիւնը հա- մառօտ տեսութեամբ մը ներկայացնելով` Հայր Մկրտիչ Պոտուրեան դիպուկ բնութագրում մը կ’ընէ. Եգիպտոս առաջին շրջանին մէջ երկու թերթ միայն ունեցաւ, որոնցմէ մէկը Արմաւենի դեռ գոյութիւնը չիմացած չորցաւ, եւ Նեղոսը նպատակին չհասած ցամքեցաւ առաջին տարւոյն մէջ9։ Արմաւենիի միջոցով ցանուած ոսկի սերմերը` խաղաղութեան եւ արդարու- թեան, ինչպէս նաեւ սիրոյ եւ միաբանութեան, դար մը եւ տասնամեակ մը` 73
եգիպտահայ լրագրութեան աւանդոյթը դարձած է։ Արեւ օրաթերթը` վեց տաս- նամեակէ ի վեր, որպէս եռանդուն աւանդապահ, հասարակական կարծիքը առաջնորդած է այդ իտէալով։ Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 10 Մայիս 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.0105 12 Մայիս 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.0106 ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 1. Տոքթ. Իպրահիմ Ապտոյ եղած է Գահիրէի Համալսարանի Գրականութեան Ֆագիւլ- թէի լրագրութեան պատմութեան դասախօս։ ˺̂ ι ˬΔΜϟΎΜϟ ΔόΒτϟ ˬ˺̂˾˺ – ˺̀̂́ ΔϳήμϤϟ ΔϓΎΤμϟ έϮτΗ – ϩΪΒϋ ϢϴϫήΑ· έϮΘϛΪϟ 2. Աւետիս Պալեան, «Եգիպտահայ լրագրութիւնը (Թռչնաթիռ ակնարկ)», Եգիպտա- հայ տարեցոյց, Ա. տարի, Գահիրէ, 1914, էջ 147։ 3. Բաբկէն Կթ. Կիւլէսէրեան, Պատմութիւն Կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, 1939, էջ 706։ 4. Նոյն տեղը, էջ 707։ 5. Կիլիկիա, Կ. Պոլիս, 28 Նոյեմբեր 1864։ 6. Կիլիկիա, Կ. Պոլիս, 5 Դեկտեմբեր 1864։ 7. Արտաշէս Հ. Գարտաշեան, Նիւթեր Եգիպտոսի հայոց պատմութեան համար, Ա. Պատմութիւն եգիպտահայ եկեղեցիներու եւ գերեզմանատուններու, Գահիրէ, 1943, էջ 187։ 8. Ցաւալի է, որ մեր գաղութին մէջ նմոյշի համար իսկ օրինակ չի գտնուիր Արմաւենիի հաւաքածոյէն, որմէ կարելի ըլլայ հետապնդած ուղղութեան մասին ընդհանուր բնութա- գրում մը ընել։ Պարբերական մամուլի կարեւոր հաւաքածոներ կը գտնուին մասնաւորաբար Մխի- թարեան զոյգ միաբանութիւններու մատենադարաններուն մէջ։ Այսպէս Արմաւենիի հազուագիւտ օրինակներէն` թիւ 1 եւ 2 համարները կը գտնուին Վենետիկ (Բազմավէպ, 1907, Փետր., էջ 73), իսկ թիւ 2, 3 եւ 4 համարները` Վիեննա (Լիակատար ցուցակ հայերէն լրագիրներու որոնք կը գտնուին Մխիթարեան Մատենադարանին մէջ ի Վիեննա, 1794- 1921, կազմեց` Հ. Ռափայէլ Կարապետեան, Վիեննա, 1924, էջ 12։ Տես նաեւ` Հայ պարբե- րական մամուլի մատենագիտութիւն (1794-1967). համահաւաք ցանկ, կազմեց` Ա. Կիրակոսեան, Երեւան, 1970, էջ 55-56)։ Արմաւենիի 1-5 համարները լրիւ` դեռ ոչ մէկ գրադարանի մէջ յայտնաբերուած են։ 9. Հ. Մ. Պոտուրեան, «Եգիպտահայ լրագրութեան քառասնամեայ պատմութիւնը, 1865-1905 (Համառօտ տեսութիւն)», Բազմավէպ, 1907, Փետր., էջ 74։ 74
ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅ ՁԵՌԱԳԻՐ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Ա. ՊԱՏԱՆԻ ԽՄԲԱԳԻՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ ԵՒ ՀԱՅ ՊԱՏԱՆԻ ՀԱՆԴԷՍԸ Հայ հասարակական միտքի զարգացումին ընթացքը ուսումնասիրելու համար, տպագիր կամ խմորատիպ մամուլին առընթեր, նոյնքան կարեւոր նպաստ մը կրնան բերել ձեռագիր պարբերական մամուլին այն հազուագիւտ նմոյշները` որոնք բարեբախտ դիպուածով փրկուած են այլ եւ այլ աղէտներէ։ «Երջանիկ պատահականութեան» կը վերագրենք` առ այսօր անծանօթ մնացած, անձնական արխիւներէ վերջերս յայտնաբերումը ձեռագիր հաւաքածո- ներու ուշագրաւ նմոյշներուն` որոնց շահեկանութիւնը կ’ուզենք յանձնել բանա- սէրներու ուշադրութեան։ Հայ մամուլի «անեզր ովկէան»ին մէջ, ձեռագիր հրատարակուած թերթերն ու ժողովածուները` իրենց եզակի օրինակներուն անմատչելի ըլլալուն պատճառով, մեծ մասով անյայտ մնացած են բանասիրութեան։ Մեր հետաքրքրութեան առարկայ առաջին հաւաքածոն` գաղափարապաշտ պատանիներու իտէալներուն համապատասխանել ջանացող հանդէս մըն է, Հայ պատանի յատկանշական տիտղոսով, յղացուած եւ իրագործուած պատմական արհաւրալից շրջանի մը։ Հայ պատանին` որ իր հրատարակիչներուն կողմէ նախատեսուած էր ամսա- թերթ մը ըլլալու, ունի իր կարճառօտ պատմութիւնը։ Պոլսոյ բոլոր հայ դպրոցներուն օրինակով` Բերա թաղամասին Համամ փողոցին վրայ գտնուող վիեննական Մխիթարեան հայրերու վարժարանը, 1915 թ. Ապրիլ ամսուն, կը փակէ իր դռները եւ առերեւոյթ կը դադրեցնէ ուսումնական գործունէութիւնը։ Սակայն վայելելով աւստրիական հովանաւորութիւն` որպէս դաշնակից պետութեան մը քաղաքացիներ, վարդապետները կը վերսկսին դասաւանդութիւններուն, սահմանափակուելով միայն նախակրթարանի բաժի- նին մէջ, որովհետեւ երկրորդական կարգերու աշակերտները` գրեթէ ամբողջը, իթթիհատական կարգադրութիւններուն ենթարկուած էին...։ Այդ օրերուն` շշնջելով շրջան կ’ընէին չարագուշակ զրոյցներ. դեռ անծանօթ կը մնային 75
սարսռազդեցիկ եղեռնագործութիւնները...։ Ոստիկանական հետապնդումներու իրենց հերթին կը սպասէին սակաւաթիւ գիշերօթիկներ թիւով վեց հոգի, որոնք պարսկահպատակ կամ ռուսահպատակ աշակերտներ էին, անոնցմէ երկուքը` Փաստրմաճեան Վահէ եւ Գեղամ, օսման- եան խորհրդարանի էրզրումցի մէպուս Արմէն Գարոյին եղբօրորդիներն էին, ուրիշ էրզրումցի մը` Էֆթեան Լեւոն, բաբերդցի` Սիմոնեան Սարգիս, եւ երկու կովկասահայ եղբայրներ` Սարուխան Ալեքսանդր եւ Լեւոն։ Դիպուածը` այս փոքրաթիւ խմբակէն միայն վերջին երկուքն է, որ կը փրկէ... Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին ամբողջ տեւողութեան` Սարու- խան եղբայրները «բանտարկուած» կը մնան վարժարանին մէջ, եւ ժամանակին ստիպողականութենէն թելադրուած` տեսչութեան կարգադրութեամբ կը դառ- նան ներքին ուսուցիչներ, մինչ իրենք զարգուն պատանիներ, նախակրթարանի Զ. Ե. եւ Դ. կարգերու իրենց փոքր ընկերներուն աւանդելով գերմաներէն, թուաբանութիւն, գիտութիւն եւ աշխարհագրութիւն։ Քաղաքական եւ տնտեսական բարդ իրադրութեան մէջ թաւալող ժամանակը, սակայն, գործարար երազներով կը հասունցնէ պատանի եղբայրներուն միտքը, որուն պտուղը կ’ըլլայ «նորահաս հայ սերունդը հետաքրքրող եւ անոր զարգա- ցումին սատարող թերթի մը հրատարակութիւնը»։ Այդ նպատակով` անոնք կը մշակեն ծրագիր մը, «զոր պիտի իրագործէին երբ խաղաղութիւնը գալէն վերջ` դուրս ելլէին վարժարանէն»։ Մինչ այդ, երկու պատանիները կը պատրաստեն նմոյշ-օրինակ մը այն թերթէն «զոր պիտի հրատարակէին` ... Հայաստանի մէջ, քանի որ նշաններ սկսած էին երեւան գալ, թէ խաղաղութեան առաջին պտուղ- ներէն մէկը պիտի ըլլայ` իբրեւ անկախ պետութիւն Հայաստանի վերականգնու- մը»։ *** Այս նոր յայտնաբերուած հաւաքածոյին բովանդակութիւնը` գիտական շրջանառութեան մէջ դնելու նպատակով, զայն կը ներկայացնենք համառօտակի. Հայ պատանի ամսաթերթին թիւ 1 (նմոյշ թիւ)ը` հրապարակուած է 1919 Յունուար 1-ին, 21,3x16.7 սմ. չափերով։ Ջրաներկով նկարզարդուած տիտղոսա- թերթը կը ներկայացնէ` Ներոնի հանդիսադրութեամբ հրոյ ճարակ եղող Հռոմը։ Բովանդակութենէն քանի մը վերտառութիւններ` «Ինքնակալի քմահաճոյքներ», «Սառոյցներու երկրին մէջ», «Հսկայ մողէսներ», եւն.։ Տիտղոսաթերթի դարձերե- սին` մանրամասն բովանդակութիւնն է։ Դատարկ ձգուած է առաջին էջը։ Էջ 2, Աղեքսի նկարը` Մահացու պայքար կոկորդիլոսի եւ վագրի միջեւ։ Նիւթին պահանջած բոլոր նկարազարդումները` ճարտարօրէն կատարուած են ջրա- խառն չինական մելանով (lavis)։ 76
Բովանդակութիւնը կը պարունակէ հետեւեալ բաժինները. ԿԵՆԴԱՆԻ ԲՆՈՒԹԻՒՆ` որուն գլխաւոր յօդուածն է «Մողէսներու հսկանե- րը», այստեղ` էջ 3-13, հետաքրքրական կերպով ներկայացուած են համասեռ հսկաները` կոկորդիլոս (Ափրիկէ), գաւիալ (Ասիա) եւ ալիգատոր (Ամերիկա)։ Բացի էջ 8-էն, 10-էն եւ 13-էն մնացեալները նկարազարդ են։ Էջ 14, կը գտնենք Յ. Այվազովսքիի Վերջին կոհակը ծովանկարին վերար- տադրութիւնը։ ՀԻՆԷՆ ԱՆՑՔԵՐ ՈՒ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ` «Ինքնակալի քմահաճոյքներ»ը, էջ 15-23, կը պատմէ Եգիպտոսի երեք ամենամեծ բուրգերուն, Տրովադայի եղերական տեսարանին, Հռոմի աւերումին եւ Լուդովիկոս ԺԴ.ի քմահաճոյքները։ Նկարա- զարդ են` էջ 15, 17, 21 եւ 23։ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՏԻԵԶԵՐՔ` «Ի՞նչպէս ծնաւ երկիրը», էջ 24-30։ Նկարա- զարդուած էջեր` 26, 28 եւ 29։ ԾՈՎ ՈՒ ՑԱՄԱՔ` «Սառոյցներու երկրին մէջ», էջ 31-37։ Բացի էջ 32-էն` մնացեալները նկարազարդ են։ ՀԱՐՑԵՐ ԱՄԷՆ ՆԻՒԹԷ` «Երազ. երեւակայութեան աշխարհ», էջ 38-44։ (Շարունակութիւնը յաջորդ թուով)։ ՆՕԹԵՐ` «Գայլերու խորամանկութիւնը», էջ 44-45։ «Ծառերու հայրենիքը», էջ 45-46։ «Շոգեկառքը Հնդկաստանի մէջ», էջ 46։ «Սրտի բաբախումներու թիւը», էջ 46։ ՈՅԺ ԵՒ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆ` «Ահա՛ այսպէս կը ցատքեն», էջ 47-50, բոլորն ալ նկարազարդ։ Կ’արտագրենք էջ 48-ի շահեկան տեղեկութիւնը. Հայ մարմնա- մարզիկ մը. – 1911-ին Մայիսի մէջ տեղի ունեցան Հայկական ողիմպիականի առաջին խաղերը։ Ահա այդ մրցումներէն միոյն լուսանկարն է առընթերակայ տեսարանը։ Հակառակ որ իբրեւ հայկական ընդհանուր մրցում առաջինն էր այդ, բայց ցատքուած բարձրութիւնը գոհացուցիչ էր։ Առաջին ելած էր Պր. Բիւզանդ Կէոզիւբէյիւքեան, անցնելով աւելի քան մարդկային հասակի բարձրութեամբ, հորիզոնական ձողը։ Էջ 50, Պ. Շաւարշ Քրիսեան. – Ուսուցիչ մարմնամարզի. ան եղաւ հայ մարմնամարզական շարժումներու առաջին կազմակերպիչը։ Հիմնա- դիրն էր Մարմնամարզ ուսումնաթերթի, որուն արդիւնքը շատ մեծ եղած էր։ Հայ մարմինը միշտ երախտապարտ է անոր։ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԿԵԱՆՔ` «Փոքր երկիր, Փոքր կառավարիչներ», էջ 51-58։ Նկարազարդուած են` 53, 54 եւ 58 էջերը։ Ամերիկացի մեծահարուստ մարդասէր` Ջորջ Եունորի մարդասիրական մէկ ձեռնարկն է, որ յաջողութեամբ իրագործուած է 1895 թ.։ Մարդասէրը` լքուած տղաք դաստիարակելու գործնական կերպ մը խորհած է, անոնց մօտ արթնցնելով եւ զարգացնելով պատասխանատուութեան զգացումը։ «Առանց չափահասներու առաջնորդութեան, բոլորովին ինքնագլուխ պատանիները կարո՞ղ են արդեօք արդիւնաւոր կեանք մը վարել եւ մարդկութեան 77
օգտակար հանդիսանալ։ Չեմ կրնար այստեղ, գոնէ գործնականապէս, վճիռ տալ հայ պատանիներու մասին, թէեւ տեսականապէս այնքան յոռետես մը չեմ, բայց թէ ինչ պէտք է պատասխանել Ամերիկայի պատանեկութեան համար, հետեւեալ յօդուածին մէջ յայտնի կ’երեւայ», – կը գրէ պատանի խմբագիրը (էջ 51)։ ԱՐՁԱԿ ԵՒ ՈՏԱՆԱՒՈՐ ԿՏՈՐՆԵՐ` «Երեք օր բանտ» պատմուածք, էջ 59-69։ Նկարազարդ են` էջ 60, 61, 65, 67, 68 եւ 69։ Էջ 64, «Ծովը» – նկար Աղեքսի։ «Ձմեռ» բանաստեղծութիւն, էջ 70-72. առանց զարդանկարի է միայն էջ 71։ «Հիւանդ քոյրս – մանկական վիշտ», էջ 73-74. առաջին էջը չէ նկարազարդուած։ «Գանձի մը համար» վէպ, էջ 75-82 (Շարունակելի յաջորդ թուով)։ Նկարազարդուած էջեր` 77, 78, 79 եւ 81։ ՃՇՄԱՐԻՏ ԽՕՍՔԵՐ, էջ 82. – «Իւրաքանչիւր մարդուն մէջ կայ զօրութիւն մը, որ կը կոչուի ԿԱՄՔ երբ իր անձին դէմ գործածուի, եւ ՅԱՄԱՌՈՒԹԻՒՆ` երբ ուրիշներու դէմ ծառայէ»։ ՕԳՏԱԿԱՐ ԵՒ ՀԱՃԵԼԻ ԺԱՄԵՐ` «Թէ ի՞նչպէս շինել հեռագրի գործիք մը», էջ 83-85, բոլորն ալ գծանկարներով։ ՀԱՅ ՊԱՏԱՆՒՈՅՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ. – Առաջարկուած երկու գծանկար մրցումներուն` պարգեւներ տրամադրուած են։ Էջ 86, կը փակուի Պարզ հարցու- մով մը. «Ո՞ւր է որ կռիւի մը անխափան կը յաջորդէ կեանքը»։ Հանդէսին յաջորդ համարը պիտի պարունակէր` - Հայաստանի նոր մայրաքաղաքը եւ իր շրջակաները։ - Պատանիներու հսկայ բանակին գործերը։ - Հրաշալի տունկեր, եւ այլն։ *** Մօտաւորապէս վեց տասնամեակ ետք, երբ այսօր կը թղթատենք հանդէսին դեղնորակ էջերը` միայն հիացումի արժանի կը գտնենք երկու եղբայրներուն գործակցութիւնը, ծայրայեղ բարեխղճութիւնը եւ մանաւանդ` ջանադիր համբե- րատարութիւնը։ Շնորհիւ յարատեւ ճիգերու` թեքնիք աշխատանքը կատարուած է տպագրականին նմանողութեամբ, գծափակ էջերով, խորագիրներու համար գեղարուեստական այլաձեւ տառանմոյշներով եւ բոլոր գրութիւններուն համար` 10 կէտաչափ պարզ ձեռագրով։ Հանդէսին բոլոր յօդուածները անստորագիր ըլլալուն` դժուար է գուշակել խմբագիր եղբայրներուն համատեղ աշխատանքին սահմանները։ Սակայն, երէց եղբայրը կը ճշտէ իրողութիւնը. «Ամէնէն աւելի, – կը խոստովանի ան, – եղբօրս Լեւոնին միտքի արգասիքն է այս թերթը` իր բաժանումներով, ձեւաւորումով, նորավէպերով, բանաստեղծութեամբ։ Թերթը ամբողջութեամբ` իր ձեռքով եւ ձեռագրով մէջտեղ ելած է։ Նիւթերուն ընտրութիւնը` գիտական, պատմական, 78
մարզական, բոլորը իր կողմէ հաւաքուած, ամփոփուած, ձեւաւորուած են։ Ինծի վիճակուած էր խորհրդակցութիւն, թելադրութիւններ, կողքի եւ ներքին նկարա- զարդումները։ Իրն են նաեւ զարդանկարները»։ Վերյիշելով խանդավառութեան օրերը, Հայ պատանիի խմբագրին խորհրդա- կից` Ալ. Սարուխան կ’ամբողջացնէ այդ մասին իրմէ խնդրուած մանրամասնու- թիւնները. «Այս նմոյշ-մաքէթը մնաց նմոյշ-մաքէթի վիճակին մէջ եւ մեր երազները յօդս ցնդեցան, որովհետեւ Հայաստան չձեւաւորուեցաւ մեր ակնկալած ձեւով եւ չիրագործուեցաւ Ուիլսընի ծրագիրը»։ Արդարեւ, նոր կազմաւորուող հայկական պետականութիւնը` դեռ շատ հեռու էր յուսադրիչ ըլլալէ, որովհետեւ այնտեղ տիրողը` սովն էր, համաճարակ հիւանդութիւնները, վայրագութիւններ, յուսա- հատութիւն եւ յուսախաբութիւն... ինչպէս կը պատմէ հայ բեմին ծառայել փա- փաքող կարսեցի երիտասարդ մը, որ այդ թուականին Երեւան փութացեր էր1։ Հայ պատանին իր ժամանակին յարմարագոյն հրատարակութիւնը կրնար ըլլալ, եթէ հանգամանքները թոյլ տային, որ պատանի խմբագիրները իրագործեն իրենց առաջադրած առաքելութիւնը։ Հրատարակիչներուն նպատակը եղած էր համեստ` ընդհանուր գիտելիքներով լուսաւորել իրենց հասակակիցներուն միտ- քը, որ զարգացումէ բոլորովին զրկուած էր անցնող քանի մը տարիներու ընթաց- քին։ Առանց նկատի առնելու հոլովական կամ ուղղագրական կարգ մը հինցած ձեւերը, նշելի պարագայ մըն է, որ հանդէսին մէջ ներկայացուած բոլոր գրութիւն- ները շարադրուած են արեւմտեան յստակ հայերէնով, ինչ որ խմբագիր եղբայր- ներուն հայերէնագիտութեան մակարդակին ապացոյցը պէտք է նկատել։ Գրեթէ բոլոր հայաբնակ վայրերուն մէջ, այդ օրերու առաջաւոր մտածողները պահանջ զգացած են մանուկներու եւ պատանիներու յատուկ հանդէսներ հրա- տարակելու։ Այսպէս` ԺԹ. դարու 60-ական թուականներէն սկսեալ, մինչեւ Ի. դարու 20-ական թուականները, լոյս տեսած են մօտաւորապէս երկու տասնեակ հանդէսներ` որոնց շատ հարեւանցի թուարկումը, աւելորդ չենք նկատեր այստեղ։ Մեզի ծանօթ տուեալներով` մանկա-պատանեկան առաջին հանդէսը խմբա- գրողը եղած է Գրիգոր Պալեան անունով անձ մը, յետագային` Տ. Վրթանէս Ա. քհյ., որ 1861-1865 թթ., Կ. Պոլսոյ մէջ հրատարակած է Թռչնիկ ամսօրեայ օրա- գիրը2։ Նոյն շրջանին` 1862 թ., Իզմիրի Մեսրոպեան վարժարանի Սանուցը կը հրա- տարակէ Բողբոջ աշակերտական թերթիկը3։ Տասնամեակ մը ետք` 1872-1908 թթ. ամերիկացի միսիոնարները Պոլսոյ մէջ կը հրատարակեն Աւետաբեր տղայոց համար շաբաթաթերթը, հայ մանուկները աշխարհաբար լեզուով դաստիարակելու համար (Տես` Կ. Պ. Ատանալեան, «Շտեմարան պիտանի գիտելեաց առաջին աշխարհաբար հայերէն թերթը 79
1839ին», Հայաստանի կոչնակ, 1960 Փետր. 20, էջ 180)4։ Մինչեւ դարասկիզբ` Պոլսոյ մէջ լոյս կը տեսնեն Բուրաստան մանկանց, 1882- 1890 թթ.5 եւ Ծաղիկ մանկանց, 1889-1893 թթ., հանդէսները6. իսկ Թիֆլիսի մէջ` 1883- 1918 թթ., Աղբիւրը7։ Դարասկիզբէն նոր թափով կը շարունակուի հրատարակութիւններու շարքը. գաղութներու մէջ ալ պատահական կերպով լոյս կը տեսնեն քանի մը հանդէսներ։ Հայասէր անգլիացիներու աջակցութեամբ եւ հովանաւորութեամբ հաստատուած Չիկուէլի Հօմը (Լոնտոն), ուր քանի մը տասնեակ հայ որբեր պատսպարուած էին, 1902-1907 թթ. կ’ունենայ իր տպարանիկը եւ Պատանի պատկերազարդ ամսա- թերթիկը, «որուն խմբագիրները եւ վարիչները «իրենք» եղած են, հոն առաջ եկող պատանեակները, առաջնորդութեամբ իրենց դաստիարակ Թումաեանին» (Տես` Խօսնակ, «Յոբելեար Բրօֆ. Կ. Թումաեան», Հայաստանի կոչնակ, 1930 Մարտ 8, էջ 308)8։ Ձիթենի կիրակնօրեայ պատկերազարդ թերթը լոյս կը տեսնէ 1903 թ. Ռուսճուքի, իսկ 1904 թ. Սոֆիայի մէջ9։ Աղեքսանդրիոյ մէջ` 1903-1904 թթ. կը հրատարակուի Պարտէզը10։ Հասկեր պատկերազարդ ամսագիրը Թիֆլիսի հրա- տարակութիւն է, 1905-1916 թթ.11։ 1908 թ. Բագուի մէջ լոյս տեսած է Պատանեկան գրադարան կիսամսեան12։ 1909-1910 թթ. Գահիրէի Գալուստեան վարժարանի աշակերտներուն հանդէսը եղած է Լուսինը13։ Մարզուանի մէջ` 1910-1912 թթ., նորահասները կ’ունենան Հայկունի կիսամսեայ հանդէսը14։ Դարձեալ Մարզուա- նի մէջ, 1911-1914 թթ. լոյս տեսած է Բողբոջ պատկերազարդ կիսամեան15։ Կարնոյ Սանասարեան վարժարանի աշակերտներու միութիւնը 1911 թ. հրատարակած է Սիրտ ամսաթերթը16։ Պոլսական հրատարակութիւններ են` Տաճար մանկանց, 1913-1915 թթ.17, Նիկողոսեան աղջիկներու վարժարանին Փեթակ ամսօրեան` 1913 թ.18, Էսաեան վարժարանի աշակերտներուն Մանկական կեանք կամ Մեր փորձերը, 1914 թ.19։ Բագուի մէջ` 1916 թ. լոյս կը տեսնէ Ծիլ ալմանախը20։ Թիֆլիսի մէջ` 1917 թ. Նոր բողբոջը21, Ախալցխայի մէջ` 1917-1919 թթ. Շարժումը22, Գանձա- կի մէջ` 1917 թ. Քայլեր ամսագիրը23։ Պատերազմէն ետք, 1921-1922 թթ., ամերիկեան Պայպլ-Հաուսը կը հրատա- րակէ Հայ պատանի պատկերազարդ շաբաթաթերթը24։ Նախապէս` 1919-1929 թթ., այս շաբաթաթերթը լոյս տեսած է Առաւօտ նորահասներու խորագրով25։ Այս հոյլին մէջ` Սարուխան եղբայրներուն Հայ պատանին ալ կրնար շողար- ձակել, եթէ բարենպաստ պայմաններ ըլլային...։ 80
Բ. ՂՈՒՂԻԿՕ ԿԱՄ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ՓՈՒՆՋ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԸ 1919 թ., երբ Հայ պատանի հանդէսը26 կը խմբագրէին` Սարուխան եղբայր- ները արդէն նախընթաց հրատարակութեան մը փորձը ունէին։ Հայ ձեռագիր մամուլը ուսումնասիրելու ջանադրութեամբ` երէց եղբօր հաղորդած գրաւոր, եւ զրոյցներու ընթացքին յայտնած բոլոր տեղեկութիւնները մէկտեղելով, խմբագրա- կան այդ նախափորձին պատմութիւնը ուրուագրելը` շահեկան կը նկատենք։ Պատանի խմբագիրներուն հայրը` Յակոբ Զատիկի Սարուխանեանը, իր տնտեսութիւնը բարելաւելու մտադրութեամբ` քարիւղի վաճառման գրասենեակ մը կը բանայ Պոլսոյ մէջ, ուր կարճ ժամանակ ետք, իր ընտանիքն ալ Պաթումէն գալով` իրեն միանայ։ Ռուսական միջավայրէ տեղափոխուած երկու մանչերը` Աղեքսանդր եւ Լեւոն կը յաճախեն վիեննական Մխիթարեան հայրերուն վարժարանը, պատանի հանդիսատեսին սահմանուած թատերական երգախառն երկերու հեղինակ` Հ. Գէորգ Փանջիկեանի տեսչութեան շրջանին27։ Մինչ Կովկասի մէջ` ընտանի խօսակցութիւնը կ’ընթանար արեւելեան հայերէնով Արտանուշի բարբառով28, այստեղ` երկու տղաքը արեւմտեան վճիտ հայերէնին կը տիրապետեն, բանասի- րական իր վաստակով ծանօթ` Հ. Արիստակէս Վարդանեանի ջանքերուն շնորհիւ։ Թէեւ ժամանակաշրջանին յատուկ մտաւորական ժամանց մըն էր ձեռագիր թերթ հրատարակելը, սակայն Սարուխան եղբայրներուն մտասեւեռումը կ’ըլլայ` ինչպէս կը խոստովանի երէց եղբայրը, գիրով եւ վրձինով օգտակար ըլլալ ազգին։ Այսպէս` 1910-1912 թթ., մատաղատի եղբայրները` հրապարակագրութեան հան- դէպ ունեցած իրենց հակումը կը դրսեւորեն տունը խմբագրուած Ղուղիկօ կամ Մանկական փունջ երգիծաթերթով, որ շաբաթական երկու օրինակով կը հրատարակուէր, մէկը` տնեցիներուն համար, իսկ միւսը` իրենց կնքահօր Յակոբ Գազանճեանին, որ թերթին հրատարակութեան մեկենասութիւնը ստանձնած էր` տարեկան թուղթին համար պահանջուած հինգ թրքական ղրուշը վճարելով։ Տարօրինակ կը թուի թերթին առաջին անունը։ Այդ շրջանին լոյս տեսնող Կիկօ երգիծաթերթին նմանողութեամբ` խմբագիր եղբայրները իրենց շաբաթա- թերթը մկրտած են Ղուղիկօ երեւակայական անունով29։ Ղուղ` ուղեղ իմաստով, մեր լեզուին գաւառական բառերէն է, որ կը գործածուի շատախօսութեամբ ձանձրացնել, գլուխ տանիլ նշանակութեամբ30։ Երգիծական բնոյթով թերթի մը համար կարելի՞ էր աւելի ինքնատիպ անուն մը ճարել։ Երգիծաթերթը բաղկացած է տպագրի ձեւով յօրինուած ձեռագիր չորս էջէ, որոնք լեցուած են առաւելաբար Լեւոնի, եւ մասամբ նաեւ Աղեքսանդրի գրու- 81
թիւններով։ Իսկ միայն Աղեքսանդրին վերապահուած էր քաղաքական երգիծա- նկարներուն պատրաստութիւնը. «Կը յիշեմ, – կը յայտնէ ան, – որ մէջերնին շատ ալ աղուորներ կային»։ Խմբագիրները իրենց նիւթերը հաւաքած են ընտանեկան շրջանակի մէջ տեղի ունեցած խօսակցութիւններէն, որոնք բոլորն ալ կը դառ- նային 1896 թ. տեղի ունեցած ջարդերու, հալածանքներուն եւ գործուած վայրա- գութիւններուն շուրջ։ Օր մըն ալ, մշտական սարսափի հետեւանքով, տարիներու իրենց վաստակը ամբողջութեամբ կրակի տուած են։ Բարեբախտ պատահար մը սակայն, իսպառ կորուստէ փրկած է Ղուղիկոյին միակ համարը։ Անգամ մը` թերթին հերթական համարը հազիւ աւարտած, խմբագիրը դասարանին մէջ զայն աչքէ անցուցած պահուն` կը բռնագրաւուի տեսուչ հօր կողմէ։ Այդ միակ նմոյշը մաս կը կազմէ Մխիթարեան Մատենադարանին հաւաքածոյին, որուն Լիակատար Ցուցակին թ. 560-ի մասին կը կարդանք. «Մանկական փունջ (Ձեռագիր), Կ. Պոլիս, 1910, թ. 4-5 միայն»31։ Կեանքի յորձանուտին մէջ` երկու եղբայրները կը զրկուին միատեղ աշխա- տելու բերկրանքէն, իւրաքանչիւրը իւրայատուկ կերպով ակօսելով իր ուղին։ Մեծ եղբօր աշխարհի մէջ ապահոված հռչակը` քիչերու միայն տակաւին անծանօթ մնացած է. իսկ փոքրը32, քիմիագէտ դառնալէ ետք` վարած է ուրիշ պաշտօն մը. ան եղած է գիտական պատկերազարդ հանդէսի մը մնայուն աշխատակիցը33։ Իր բծախնդիր եւ նուրբ ճաշակին արգասիքն է` փակագրի արուեստին ինքնատիպ նմոյշներ պարփակող չորս պրակները34, որոնց մասին արուեստաբան փրոֆ. Pierre Maertens-ի հեղինակաւոր կարծիքը ուշադրութեան արժանի է. Et voici qu’un étranger, venu de ces terres proches de l’Orient chrétien où florissait la miniature monogrammatique byzantine, nous apporte le charme nouveau des plus belles interprétations ornementales de l’espèce que nous ayons vues depuis longtemps. Les Monogrammes de M. Lèon Saroukhan sont remarquables par la simplicité de leur interprétation, qualité bien moderne qui dénote chez l’auteur une sérieuse discipline artis- tique. Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 11 Օգոստոս 1975, Կ. տարի, թիւ 17.181 (Ա. մաս) 12 Օգոստոս 1975, Կ. տարի, թիւ 17.182 (Ա. մաս) 10 Օգոստոս 1976, 61-րդ տարի, թիւ 17.470 (Բ. մաս) 82
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 1. Գարեգին Բես, «Սիրոյ բացատրութիւն, Չարենցեան մասունքներ շարքից, բարեկա- միս պատմածը», Սովետական արուեստ, 1975, թիւ 3, էջ 46։ 2. 3. 4. 5. 6. 7. Հայ պարբերական մամուլի բիբլիոգրաֆիա (1794-1900), առաջաբանով եւ ծանօթագրութիւններով, կազմեց Յովհ. Պետրոսեան, Երեւան, Հայկական ՍՍՌ Պետգրապալատ, 1956, էջ 269, 277, 172, 424, 567, 429։ 8. 9. 10. 11. 12. 13. 14. 15. 16. 17. 18. 19. 20. 21. 22. 23. 24. Հայ պարբերական մամուլի բիբլիոգրաֆիա (1900-1956), առաջաբանով եւ ծանօթագրութիւններով, կազմեց Յովհ. Պետրոսեան, Երեւան, Հայկական ՍՍՌ Պետգրապալատ, 1957, հատոր 2, էջ 25, 31, 32, 39, 148, 160, 180, 202, 234, 265, 266, 272, 287, 289, 289, 301, 364։ 25. Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն (1794-1967). համահաւաք ցանկ, կազմեց Ա. Կիրակոսեան, խմբագրութիւն եւ առաջաբան` Հ. Կոստիկեանի եւ Հ. Սիլվան- եանի, Երեւան, Ալ. Մեասնիկեանի անուան Հանրապետական Գրադարան, 1970, էջ 332։ 26. Տես` Արեւ, 1975 թ. Օգոստոսի 11 եւ 12 համարները։ 27. Կենսագրական անտիպ նոթերուն մէջ, որպէս տեսուչ` Ալ. Սարուխան յիշատա- կած է Հ. Վարդան Մելքիսեդեանը։ 28. Հայերէն գաւառականներուն շարքին` Հրաչեայ Աճառեան նշած է Արտանուշի բարբառը կամ ենթաբարբառը (տես` Հայերէն արմատական բառարան, Երեւան, 1971, Ա. հատոր, էջ 67), սակայն` իր ուսումնասիրած եւ դասաւորած երեսուն բարբառներուն մաս չէ կազմած անիկա։ Նկատի ունենալով Արտանուշ աւանին մերձաւորութիւնը` Արդուին քաղաքին, երկու շրջաններու հայ ազգաբնակչութեան խօսած բարբառները իրարմէ շատ չեն տարբերած։ Արդուինի բարբառին համար տեսնել` Ա. Վ. Գրիգորեան, Հայ բարբառագիտութեան դասընթաց, Երեւան, 1957, էջ 434-450։ Ս. Ալավերդեան, «Արարատեան եւ Արդուինի բարբառների փոխյարաբերութեան հարցը», Բանբեր Երեւանի Համալսարանի, 1970, թիւ 2, էջ 251-256։ 29. Արամ Երամեան, Ալ. Սարուխան, ծաղրանկարիչ, (Մատենաշար Ցախաւել երգի- ծաթերթի, թիւ 1), Թեհրան, 1951, էջ 22։ 30. Ստ. Մալխասեանց, Հայերէն բացատրական բառարան, երկրորդ տպագրութիւն, Պէյրութ, 1956, հատոր Գ., էջ 188։ 31. Լիակատար ցուցակ հայերէն լրագիրներու որոնք կը գտնուին Մխիթարեան Մատենադարանին մէջ ի Վիեննա, 1794-1921, կազմեց` Հ. Ռափայէլ Կարապետեան, Վիեննա, 1924, էջ 50։ ԾԱՆՕԹ ԽՄԲ. Այս առիթով` մեր ջերմ փափաքն է, որ վիեննաբնակ ուսումնասէր մը յանձն առնէ այս շաբաթաթերթին բովանդակութեան հրապարակումը։ 32. Լեւոն ծնած է Պաթում քաղաքը, 1901 թ. Յունուար 19-ին (հ.տ.). մահացած է քաղցկեղէ` Պրիւքսէլի մէջ, 1953 թ. Դեկտեմբեր 24-ին։ 33. Լեւոն Սարուխանի հանրամատչելի գիտական յօդուածներն են. - «Րատիումը», Գիտութիւն եւ գիտելիք, Անվերս, Ա. տարի, թիւ 1, Յունուար 1828, էջ 11-13։ Թիւ 2, Փետրուար, էջ 33-35։ - «Հողերու պարարտացումը քիմիական նիւթերով», նոյն տեղը, թիւ 4, Ապրիլ, էջ 63- 64։ Թիւ 6, Յունիս, էջ 96-97)։ 83
34. L’Art du monogramme, par L. Saroukhan, édition originale, Bruxelles, 1946, premier fas- cicule, planches 1-38; deuxième fascicule, 1947, planches 39-68; troisième fascicule, 1948, planches 69-98; quatrième fascicule, 1949, planches 99-132. 84
ՆՈՒՊԱՐ ՓԱՇԱ ՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՌԱՀՎԻՐԱՆ Ceux qui vivent, ce sont ceux qui luttent VICTOR HUGO 1975 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 18-ÇÝ ` гÛÏ³Ï³Ý ÀÝûñó³ëñ³ÑÇ í³ñãáõû³Ý Ññ³õ¿ñáí« Ù»ñ ³ß˳ï³ÏÇóÁ Áݹ³ñÓ³Ï áõëáõÙݳëÇñáõû³Ùµ ÙÁ Ý»ñϳ۳óáõó º·ÇåïáëÇ ³é³çÇÝ Ý³Ë³ñ³ñ³å»ï Üáõå³ñ ö³ß³Ý` áñå¿ë å»ï³Ï³Ý Ù³ñ¹ »õ ³ñ¹³ñáõû³Ý é³ÑíÇñ³Û£ ÜϳïÇ áõݻݳÉáí ÝÇõÃÇÝ ß³Ñ»Ï³Ý µÝáÛÃÁ` Üáõå³ñ ö³ß³ÛÇ ÍÝݹ»³Ý 150-³Ù»³ÏÇÝ ³éÇÃáí« å³ïÙ³Ï³Ý É³ÛÝ Å³Ù³Ý³Ï³Ñ³ïáõ³ÍÇ ÙÁ Ù¿ç ßñç³Ý³Ïáõ³Í ³Ûë Ù³Ýñ³ËáÛ½ ³ß˳ï³ëÇñáõÃÇõÝÁ ÏÁ Ý»ñϳ۳óÝ»Ýù Ù»ñ Ñ»ï³ùñùñ³ë¿ñ ÁÝûñóáÕÝ»ñáõÝ£ ÊØ´²¶ðàôÂÆôÜ ²ðºôÆ Հայաբնակ երկու քաղաքներու մէջ` ասկէ մէկուկէս դար առաջ, իրարմէ միայն քանի մը ամիս տարբերութեամբ, վաճառական ընտանիքներէ աշխարհ եկած են երկու մանուկներ` որոնք իրենց կեանքի ընթացքը բոլորած են նուաճե- լով իրապէս նախանձելի բարձունքներ, մէկը` փառքեր հետախուզելով, միւսը` բարքեր։ Մանուկներէն առաջինը` զմիւռնիացի Նուպար Նուպարեանն է, որ դեռ պատանի, Եգիպտոս գալով` հասարակական-քաղաքական գործունէութեան լայն ասպարէզ գտած է իր առջեւ, պետական համեստ պաշտօններէն աստիճա- նաբար բարձրանալով մինչեւ փառքի գագաթը` ստանձնելով երկիրը կառավա- րելու պատասխանատու պաշտօնը։ Երկրորդ մանուկը` հայ մեծ դրամատուրգ Գաբրիէլ Սունդուկեանն է, որուն ծննդեան 150-ամեակը այս տարեվերջին հանդիսաւորութեամբ նշելու համար, կազմուած է հանրապետական յոբելեանական յանձնաժողով մը` Հայկական ՍՍՀ Մինիստրներու Սովետին Նախագահին նախագահութեամբ։ Մինչ երկրորդին յիշատակը պանծացնելու նպատակով` հանրապետական յոբելեանական յանձնաժողով մը կը կազմուի մեր հայրենիքին մէջ, առաջինին երախտիքը վերյիշելու մասին կը մտահոգուի միայն մշակութային համեստ միութիւն մը` կազմակերպելով անշուք երեկոյթ մը։ 85
Յարգելի ներկաներ, Միայն այսօր չէ` որ Նուպար փաշա կ’անտեսուի իր ցեղին շառաւիղներէն. նոյն վերաբերումը ցոյց տրուած է մեծանուն հայուն կենդանութեան իսկ։ Արշակ Չօպանեան` որ Փաշան ճանչցող բախտաւորներէն մէկը եղած է, անոր կեանքի վերջին շրջանին, մատնանշած է` թէ «այս արդարութեան արեւել- քի ախոյեանը, կամ ուրիշ յորջորջումով` Ֆելլահին հայրը, որոշ կերպով չէր ճանչցուած, իր բարձր կարողութիւնները անկեղծօրէն չէին գնահատուած իր իսկ ազգակիցներուն կողմէ»։ Եթէ հայը` իր ատենին, չէ գիտցած ճիշտ գնահատել Նուպար փաշայի ընդու- նակութիւններն ու անձնական արժանիքները, օտարը սակայն, չէ կրցած վերա- պահ մնալ։ Անգլիացի երկու քաղաքական գործիչներու արտայայտութիւնները, կը խոր- հինք` թէ ճիշտ բնութագիրը կու տան Նուպար փաշայի իրական մեծութեան։ Այսպէս, բրիտանական մեծազօր կայսրութեան լորտերէն` Պիքնսֆիլտ իր նախարարապետութեան օրերուն, Նուպար փաշան ճանչցած է որպէս հայ մը` ճշմարտապէս պետական մարդ։ Քաղաքական ուրիշ դէմք մը, Նուպար փաշան կը նկատէ` երեք դարերու ընթացքին Եւրոպայէն եւ Ամերիկայէն դուրս գործած մեծագոյն կառավարիչը։ Յարգելի ներկաներ, Այս պահուն` պիտի թելադրենք, որ մտիկ ընենք Քրիստոսի դեսպաններէն ամէնէն պերճախօսին` Պօղոս առաքեալի աղաչանքը. ճանչնանք մեր վաստա- կաւորները։ *** «Պատմութեան առջեւ» ներկայանալու քննական փորձի մը առիթով` Նու- պար փաշա իր կենսագիրներէն մէկուն գիտակից հպարտութեամբ պատասխա- նած է, թէ իր քաղաքական ուղին ուրուագրելու համար` պէտք է հարցաքննել Եգիպտոսի պատմութիւնը, Մեծն Մոհամմէտ Ալիի օրերէն սկսելով։ Փաշային մահուան առիթով ալ` նման կարծիք մը յայտնած է Աղեքսանդրիոյ Լա Ռեֆորմ թերթը։ Իր երկարատեւ պաշտօնավարութեան ընթացքին, – գրած է խմբագիրը, – Նուպար փաշա այնքան շաղկապուած է Եգիպտոսի ժամանակա- կից պատմութեան, որ անոր կեանքի յուշածումը` պիտի հաւասարէր Մոհամմէտ Ալիէն սկսեալ երկրին պատմութիւնը գրուելուն։ Իսկ անոր վաստակին դատումը, – կը շարունակէ խմբագիրը, – պիտի առաջնորդէ երկրին եւ խտիւին այժմու վիճակին պատճառներուն քննութեան։ Այս ցուցմունքները մեզի առաջնորդ ընդունելով` մենք պիտի փորձենք 86
համառօտակի պատկերացնել այն ժամանակահատուածը, որուն ընթացքին Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած են մեծ վերափոխութիւններ` շնորհիւ երկրին բա- րօրութեան եւ ինքնուրոյնութեան նուիրուած պետական դէմքերու։ Վերափոխիչ աշխատանքներու մէջ` Նուպար փաշայի կատարած դերը գերագնահատելի է։ Եթէ պահ մը թափառինք պատմութեան ոլորտապտոյտ ուղիներուն մէջ` կը հանդիպինք 1769 թ. ծնած, ռազմա-քաղաքական բացառիկ կարողութիւններով օժտուած երկու դէմքերու` Նափոլէոն Պոնափարթի եւ Մոհամմէտ Ալիի, որոնք իրենց անունը փառաւորեցին` Եգիպտոսի նախկին փառքը վերականգնելով։ Զօրավար Պոնափարթ` 1798թ. Յուլիսի 28-ին, Ֆրանսական արշաւախումբը կը ցամաքահանէ Աղեքսանդրիա եւ արագ յառաջխաղացումով, բուրգերուն մերձակայքը, պարտութեան կը մատնէ մամլուքներու բանակը։ Այս ճակատա- մարտը վերջ կը դնէ աւատատիրական վարչակարգին` որ օսմանցի տիրակալ- ներուն կողմէ հաստատուած էր, եւ ընթացք կուտայ Մոհամմէտ Ալիի յառաջա- ցումին։ Ֆրանսական զօրքերուն մեկնումէն ետք, եգիպտացի ժողովուրդին կամքով` Եգիպտոսի փաշա կը նշանակուի Մոհամմէտ Ալին, որ կը յաջողի հին երկիրը աստիճանաբար վերածել արդիական պետութեան մը։ Այսպէս է, որ օսմանեան բանակի ալպանացի լեգէոնական մը եւ իր յաջորդ- ները` երեք ցամաքամասերու վրայ տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւն- ներով զօրացուցին իրենց նորահաստատ վեհապետական գահը։ Օսմանեան կայսրութիւնը իրեն հպատակ երկիրներ կորսնցնելէ ետք, սլաւ ընկճուած ժողովուրդներու ազատագրական պայքարը ալ աւելի ուժեղանալով, իսկ կայսրութեան սահմաններէն ներս անջատողական շարժումները աւելի շեշտուելով, օսմանեան ղեկավար դասակարգէն հեռատես անձեր` անհրաժեշտ նկատած են զանազան բարենորոգումներու ստիպողականութիւնը։ Ռազմական եւ վարչական բարենորոգումներ կատարելու քանի մը անյաջող փորձերէ ետք, օսմանեան կայսրութիւնը մաս առ մաս կը կորսնցնէ իրեն ենթա- կայ հողամասերը` որպէս արդիւնք ոչ-թուրք հպատակներու ազատագրական պայքարին կամ եւրոպական պետութիւններու միջամտութեան։ Պալքանեան թերակղզիի բնակիչներուն ազատագրական պայքարը` եւրո- պական մեծ տէրութիւններուն կողմէ օգտագործուած էր այդ տեղամասին մէջ իրենց անձնական շահերը իրագործելու համար։ Ազդեցութեան գօտիներ ստեղ- ծելու ջանքով` բուռն մրցակցութիւն կար Ռուսիոյ, Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Աւստրիոյ միջեւ։ Այդ ժամանակ Եգիպտոս մրցադաշտը կը դառնայ երկու ախոյեաններու` Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ։ Մոհամմէտ Ալիի օրով` օսմանեան կայսրութեան մաս կազմելով հանդերձ, Եգիպտոս մուտք կը գործէ զարգացումի անկախ ուղի մը։ Յենելով օժանդակութեանը վրայ եգիպտացի ժողովուրդին, որ դէմ էր 87
թրքական վարչակարգին, Մոհամմէտ Ալի կը կատարէ վարչական եւ զինուորա- կան որոշ բարեփոխութիւններ։ Երկրագործութեան մէջ` Մոհամմէտ Ալի կը քաջալերէ բամպակի մշակութիւնը, զարկ կու տայ ճարտարարուեստական ձեռնարկներու, իր բանակը լաւ սարքաւորելու մտադրութեամբ` կը հիմնէ զինա- րաններ եւ նաւաշինարաններ։ Մոհամմէտ Ալիի որդեգրած քաղաքականութիւնը` ձեռնտու էր թէ՛ կալուա- ծատէրերուն եւ թէ՛ նորակազմ քաղքենիութեան. այդ քաղաքականութիւնը` իր յառաջադէմ բնոյթով, նախաքայլ մըն էր Եգիպտոսի դէպի անկախութիւն յառա- ջացումին։ 1840 թ. եւրոպական պետութիւններու կողմէ կը ճանչցուի Եգիպտոսի ինքնիշխանութիւնը` Թուրքիոյ անուանական ենթակայութեամբ։ Երկու մրցակից պետութիւնները կ’օգտագործեն այս առիթը` Եգիպտոսի վրայ հակակշիռ ձեռք բերելու հեռանկարով։ Մինչեւ կիսանկախ պետութեան մը վերածուիլը` Եգիպտոսի մէջ տիրող հասարակարգը օսմանեանն էր։ Հակառակ հասարակարգի նոյնութեան` եկուոր հայուն տաղանդը շուտով նկատուած եւ գնահատուած է Եգիպտոսի ղեկավար- ներուն կողմէ, մինչդեռ Թուրքիոյ մէջ, որպէս հպատակ, երկար ժամանակ հեռու պահուած է պետական պատասխանատու պաշտօններէ։ Առաջինը` երկրորդէն զատորոշող յատկանշական հանգամանքները, իրատես մօտեցումով պարզաբա- նած է հասարակական-քաղաքական բոլոր անցքերուն իրազեկ` Արփիար Արփիարեան։ Հայերը Թուրքիոյ մէջ թէեւ միշտ ազդեցիկ եղած են, սակայն մինչեւ անցեալ դարուն առաջին կէսը` ոչ բարձր տիտղոսներ կրած են, ոչ ալ թուրքին համահա- ւասար ձայն ունեցած են երկրին գերագոյն վարչութեան մէջ։ Նոյնիսկ կայսրութեան մեծ ծառայութիւններ մատուցած Պէզճեան ամիրա` միշտ ղազէզ Արթին կոչուած է, հակառակ որ Սուլթան Մահմուտի սիրելին եղած է եւ օր մը սուլթանը իր պատկերը ձեռքովը անոր կուրծքէն կախած է։ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, քրիստոնեային բարձրացումը սկսած է այն օրը` երբ թուրքը գտնուած է նոր կացութեան մը առջեւ, որուն նախապատ- րաստուած չէր։ Եւրոպայի հետ սերտ յարաբերութիւններու մէջ կը մտնէր Թուրքիա, իսկ թուրքը` պատերազմող մարդ, չէր ստացած այն կրթութիւնը` որուն շնորհիւ կարելի էր վարուիլ եւրոպացիին հետ։ Թէեւ կային ֆրանսերէնի հմուտ եւ զարգացած թուրքեր, բայց անոնք հազիւ կը բաւէին բարձր պաշտօններէն մէկ քանիին։ Այն ատեն` սուլթանին հպատակ բոլոր քրիստոնեայ ցեղերուն մէջէն, հայը կը ներկայանայ յարմարագոյնը` թէ թուրքերուն ու եւրոպացիներուն միջեւ միջնորդութեան պաշտօնին, եւ թէ վարչական կազմակերպութեան բարեփո- 88
խումի գործին կատարումին։ Ի՞նչ էին հայուն առաւելութիւնները միւս հպատակներուն նկատմամբ։ Հայը` ծագումով ասիացի, թուրքին հետ քանի մը դար ապրելով` անոր հոգեբանութեան լաւ ծանօթ էր, միաժամանակ քաղաքական-ազգային բարձր գաղափար մը տածելու կասկածը չտալով ամէնէն վստահելի ցեղը կը նկատուի եւ կարճ ժամա- նակէն` հայը Թուրքիոյ վարչութեան մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ։ Թուրքիոյ հայերը` պաշտօնական Եւրոպայի ուշադրութիւնը իրենց վրայ կը սկսին հրաւիրել Խրիմի պատերազմէն ետք, երկրին եւրոպականացումի աշխա- տանքին իրենց բերած գործօն մասնակցութեամբ։ Շուտով յայտնի կ’ըլլայ, որ հայ ցեղը օսմանեան պետութեան կարող վարչա- գէտներ հայթայթելու ընդունակ է։ Հայը` վարչագէտի յատկութիւններով, ի յայտ կուգայ մասնաւորաբար արտաքին գործերու նախարարութեան մէջ. այնպէս որ Խարճիէն կամաց կամաց հայկական վարչութեան մը կերպարանքը առաւ, – կը շեշտէ Արփիարեան թաքուն հպարտութեամբ։ Անշուշտ Արփիարեանի հպարտութեան հիմք ծառայած է Ֆրանսայի ամէնէն մեծ եւ հեղինակաւոր հանդէսին` Լա Ռըվիւ տէ տէօ մոնտի վկայութիւնը, թէ Թուրքիոյ ամէնէն կանոնաւոր պաշտօնատունը Արտաքին գործերու նախարա- րութիւնն է, եւ ան` ամբողջովին հայերու ձեռքը կը գտնուի։ Խարճիէին պէս` եւրոպական կերպարանք առած են այն բոլոր պաշտօնա- տուները, ուր հայը երեւցած է։ Թուրքիոյ մէջ` քաղաքային դատարաններու հաստատութիւնը, նոր եւ լայն ասպարէզ բացած է հայերուն առջեւ։ Ամենակարճ ժամանակամիջոցի մը` հայերը ամենաբարձր դիրքերը գրաւած են։ Դատական նախարարութեան խորհրդականի տիտղոսով գործող հայը` իրականութեան մէջ եղած է դատական նախարարը։ Պէտք է նկատի առնել սակայն, որ հայուն քրիստոնեայ ըլլալը` միշտ արգե- լակած է իր յառաջացումը։ Թուրք դիւանագէտի մը խոստովանութեամբ, Թուր- քիոյ արտաքին գործերու նախարար Գաբրիէլ Էֆէնտի Նորատունկեան, եթէ քրիստոնեայ չըլլար` արդէն երեք անգամ մեծ եպարքոս եղած կ’ըլլար։ Եթէ հայերը` կարող, հաւատարիմ, խղճամիտ պաշտօնատարներ կը հանդի- սանան Թուրքիոյ մէջ, Եւրոպայի առջեւ ալ` թէ օսմանեան կայսրութեան պա- տիւը բարձր կը պահեն եւ թէ հայ ցեղին բարի համբաւ կ’ապահովեն, – գոհունակութեամբ կ’եզրակացնէ Արփիարեան։ *** Կարելի է ըսել` թէ Մոհամմէտ Ալի դարերէ ի վեր սպասուած մարդն էր արեւելքի մէջ։ Ժողովրդական զրոյց մը` զոր գրի առած է Եգիպտոսի հանրային 89
կրթութեան փոխ-նախարար Եագուպ Արթին փաշա, կ’արտայայտէ արեւելեան ժողովուրդներու ընդհանուր հոգեբանութիւնը։ Աստուած` օր մը իր մօտ կը հրաւիրէ բոլոր ազգերը, իրմէ շնորհ մը խնդրելու համար։ Որոշեալ օրը` երկրին բոլոր բնակիչները կը հաւաքուին Աստուծոյ գահին շուրջ։ Անգլիացիները` վաճառականական բարգաւաճութիւն կը խնդրեն։ – Շնորհեցի, – կը պատասխանէ Աստուած։ Ֆրանսացիները կը խնդրեն, որ իրենց կիները ամէնէն վայելչագեղը ըլլան։ – Շնորհեցի, – կ’ըսէ Աստուած։ Գերմանացիները կը պահանջեն բոլորէն զօրաւոր ըլլալ։ – Շնորհեցի, – կ’ըլլայ պատասխանը դարձեալ։ Երբ հերթը կու գայ արեւելքցիներուն` անոնք լաւ կառավարութիւն մը կ’ուզեն։ – Ա՜հ, – կը գոչէ Աստուած, – ձեր ուզածը իմ ձեռքս չէ...։ Ուրեմն, արեւելքցիներուն համար` ընդհանրապէս այնքան բաղձալի եղած է լաւ կառավարիչ մը ունենալը։ Յարմարագոյն պահու մը` Եգիպտոսի ղեկավա- րութիւնը ստանձնելով, Մոհամմէտ Ալի կը յաջողի ընտրել իր գործակիցները, որոնց մէջ հայերը կը գրաւեն բացառիկ տեղ մը։ Եգիպտոսի հասարակական-տնտեսական կազմաւորումի շրջանին` Մո- համմէտ Ալիի կողմէ նշանակուած պետական ղեկավար հայերը մասնակից կ’ըլլան երկրին վերափոխիչ աշխատանքներուն։ Արիստոտէլի նկատողութենէն չէ վրիպած` որ մարդկութիւնը կառավարելու արուեստին վրայ մտածողները խելամտեցան, թէ ինքնակալութիւններու բախ- տը` մանուկներու դաստիարակութենէն կախում ունի։ Կարծէք այս կարծիքէն առաջնորդուած Մոհամմէտ Ալի Եւրոպա կը ղրկէ խումբ մը երիտասարդներ, որոնց մէջ հայեր ալ կը գտնուէին, գաղափարական պատրաստութիւն եւ քաղա- քագիտական որակաւորում ստանալէ ետք, ղեկավար դիրքեր գրաւելու համար։ Եգիպտոսի պատմութեան մէջ` զարմանալիօրէն, կը հանդիպինք տասնեակ մը հայերու` որոնք ձեռնհասօրէն կառավարած են այս երկիրը։ Արաբական պատմագրութիւնը հետազօտող հայ արեւելագէտները` յայտնաբերած են Եգիպտոսի կառավարիչ կարգուած գրեթէ բոլոր ծագումով հայերու անունները։ Հետաքրքրական պիտի ըլլայ թուել անոնցմէ միայն գլխաւորները. այսպէս` Ապպասեան խալիֆաներու շրջանին իսկ, Թ. դարու առաջին կիսուն, կը յիշատակուի Եգիպտոսի առաջին հայ վեզիրը` Ալի Պին Եահեա Ապուլ Հասանը։ Ֆաթիմեաններու խալիֆայութեան ժամանակ, հարիւրամեակի մը ընթաց- քին, նոյն ընտանիքին պատկանող երկու-երեք կամ աւելի հայեր` դժուարին պայմաններու մէջ ստանձնած են այս երկրին վեզիրութեան պաշտօնը։ 90
Եգիպտոսի մեծագոյն վեզիրներէն կը նկատուի բանակազօրքերու ընդհանուր հրամանատար Պատր Էլ Կամալին, որուն մասին Մաքրիզի պատմագիրը շահե- կան վկայութիւն մը կու տայ, թէ ան «թագաւորներու իշխանութիւնը ունեցաւ, այնպէս որ էլ Մուսթանսըր խալիֆան անոր առջեւ հեղինակութիւն չունէր»։ Եգիպտոսը կառավարող հայերուն մէջ` մամլուքներու շրջանին նշանաւոր կը հանդիսանայ Շակարէթ Էլ Տորրը, որ կարգ մը պատմագէտներ երբեմն հայ կը նկատեն։ Նուպար փաշա եղած է վերջին հայը` որ գլխաւորած է այս երկրին նախա- րարներու խորհուրդը. սակայն` ան «Պատր էլ Կամալիի դասէն չէր», ինչպէս առիթով մը մատնանշեց եգիպտացի հրապարակագիր մը։ Ինչպէս հին դարերու հայ վեզիրներուն մասին` նոյնպէս ալ տուեալ ժամա- նակաշրջանի հայ նախարարներուն մասին, պատմագիրները յայտնած են իրենց անվերապահ գնահատանքը։ Էմիլ Օլիվիէ` որ եղած է ֆրանսական խորհրդա- րանի անդամ, Սուէզի Ջրանցքի բացումի աշխատանքներուն մասնակից, Նափո- լէոն Գ.ի ազատական դահլիճին մէջ ալ ստանձնած է նախարարապետի պաշ- տօնը, Ֆրանսայի երկրորդ կայսրութեան պատմութեան մէջ` Եգիպտոսի հայ պաշտօնատարներու մասին հիացումով արտայայտուելով, կ’ըսէ` թէ Նուպար փաշա, Տիգրան փաշա տ’Ապրոյ եւ ասոնց նման ուրիշներ, որեւէ երկրի մէջ նշանաւոր նախարարներ պիտի ըլլային։ *** Պատմութեան փիլիսոփան` Մովսէս Խորենացին մեզի կը սորվեցնէ, թէ` ինչ որ մարդը եւ իր գործերն են, այն ալ` իր պատմութիւնն է։ Նուպար փաշա նշանակալից երեւոյթներով կեանք մը վարած է` որպէս դիւանագէտ եւ որպէս քաղաքագէտ։ Կ’ըսուի` թէ ան գրած է իր «հանճարավար կեանքին պատմութիւնը». առ այժմ մեզի անծանօթ կը մնայ այդ թանկարժէք ձեռագիրներուն հրատարակուած ըլլալը։ Նուպար փաշա սերած է ղարաբաղցի հանրածանօթ գերդաստանէ մը. ծնած է Իզմիր, փոքր տարիքէն լաւ դաստիարակութիւն ստացած է Զուիցերիոյ մէջ։ Տասնեօթը տարեկանին Աղեքսանդրիա գալով` իր մօրեղբօր Պօղոս պէյ Եուսուֆի ղեկավարած առեւտրական եւ արտաքին գործերու դիւանին մէջ ստանձնած է քարտուղարի պաշտօն մը։ Ներգրաւուելով պետական այլ եւ այլ պաշտօններու մէջ, 1844էն մինչեւ 1895 թուականը, ամբողջ յիսնամեակի մը ընթացքին, Նուպար փաշա եղած է երկրորդ քարտուղար, Վիեննայի եւ Պերլինի մէջ Եգիպտոսի գործավար, առողջապահա- կան վարչութեան պետ, երկաթուղիներու եւ վաճառանցի տնօրէն, առեւտուրի, հանրօգուտ շինութիւններու, արդարութեան, արտաքին գործերու նախարար եւ 91
երեք անգամ ալ նախարարներու խորհուրդի նախագահ, իր ծառայութիւնը մատուցանելով` Մոհամմէտ Ալիէն սկսելով, յաջորդական վեց փոխարքաներու կամ խտիւներու։ Օսմանեան կայսրութեան հպատակ եւ հարկատու երկիր մը ըլլալուն` Եգիպ- տոս չէր կրնար քաղաքականապէս բաժնուիլ անկէ, ինչպէս նաեւ չէր կրնար բացարձակ ազատ գործարքներ ունենալ։ Շնորհիւ Նուպար փաշայի վարչագի- տական եւ դիւանագիտական ճարտար ձեռնարկներուն` Եգիպտոս կը բարգա- ւաճի, կը զօրանայ եւ հանուր աշխարհի առջեւ ալ` քաղաքական դիրքով կը բարձրանայ։ Իսմայիլ փաշա իշխանութեան գլուխ գալով` Թուրքիոյ նկատմամբ որդե- գրուած բիրտ քաղաքականութիւնը կը փոխարինուի բանակցութիւններու արուեստով, որ ձեռնհասօրէն կը կատարէ Նուպար փաշա, եւ 1867 թ. կը յաջողի ձեռք բերել խտիւական տիտղոս շնորհող մեծ ֆիրմանը։ 1869 թ. Նոյեմբերի 17-ին` Սուէզի Ջրանցքին փառաշուք բացումը, Իսմայիլի գահակալութեան շրջանին տեղի ունեցած մեծագոյն երեւոյթն է։ Միջազգային այդ անցուղին առաւելաբար Եգիպտոսի շահերուն ծառայեցնելու համար` Նու- պար փաշա ամէն ջանք ի գործ դրած է։ ԺԹ. դարու երկրորդ կիսուն, եւրոպական դրամատիրութեան արագ զարգա- ցումը` ընկերային վերափոխութիւններու նոր հիմք կը հանդիսանայ։ Ձեռային աշխատանքին կը փոխարինէ` մեքենականացած արտադրութիւնը, ճարտա- րարուեստի զարգացումին կը նպաստէ քարիւղին օգտագործումը` փոխան ածուխի եւ փայտի, թեքնիք նորարարութիւնները կը վերափոխեն երկիրներու տնտեսութիւնը, մետաղագործութեան մէջ` պողպատին օգտագործումը կ’ըն- դարձակէ ճարտարարուեստի շրջանակները. այդ շրջանին է նաեւ, որ երկա- թուղիի ցանցեր կը հաստատուին քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ։ Իր նախարարական պաշտօններու ընթացքին, Նուպար փաշա խթանուած Եւրոպայի տնտեսական եւ ճարտարարուեստական զարթօնքէն, այլ եւ այլ նորա- մուծութիւններ կը կատարէ Եգիպտոսի մէջ ալ։ Արդարութիւնը հիմն է ամէն պետութեան` սկզբունքային դրոյթը եղած է Նուպար փաշային։ Դատարանական բարեկարգութեան հարցը քննարկելով` ան ըսած է, թէ լաւ վարչութիւնը չէ` որ արդարութիւնը կը հաստատէ, այլ արդա- րութիւնն է` որ լաւ կառավարութեան կ’առաջնորդէ։ Նուպար փաշային համաշխարհային վարկ ապահովող նախաձեռնութիւն մըն է Խառն Դատարաններու հաստատումը։ Միջազգային իրաւաբանութեան մէջ աննախընթաց այդ ձեռնարկը` վերջ կը դնէր միջին դարերուն ստորագրուած գափիթիւլասիոններուն։ Այդ պայմանագրերը յատուկ արտօնութիւններ կու տային Թուրքիա ապրող եւ գործող եւրոպացի քաղաքացիներուն։ Ժամանակի ընթացքին` տեղական դատարաններուն առընթեր, Եգիպտոսի 92
մէջ գոյութիւն առած էին գափիթիւլասիոնի իրաւունքով գործող տասնեօթը հիւպատոսական դատարաններ։ Դատարանական իսկական քաոս մը առաջ պիտի գար, – ըսած է միջազգային իրաւաբան մը, – եթէ Նուպար փաշա հանճարեղ գաղափարը չունենար բոլոր անջատ դատարանները միաւորելու իրաւական կազմակերպութեան մը մէջ, որ պիտի գործէր խառն օրինագիրքով, խմբագրուած ֆրանսական իրաւունքի ցուցմունքներով։ Բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարելէ ետք, 1876 թ. Յունուարի 1-էն կը սկսին գործել Աղեքսանդրիոյ, Գահիրէի եւ Իսմայիլիայի Խառն Դատարանները։ Եգիպտական կառավարութեան մօտ իրաւական խորհրդական Սըր Մօրիս Շելտըն Ամոս յայտնած է թէ Խառն Դատարանները միջազգային այն կազմակեր- պութիւնն է, որ եկեղեցիէն ետք, ամենաշատ յաջողութիւնը արձանագրած է։ Դրամատիրութեան զարգացումի եւ յառաջացումի դարաշրջանին` անգլիա- կան գաղթատիրութեան թիրախ կը դառնայ նաեւ Եգիպտոս։ Եւրոպական պետութիւններու գաղութարար քաղաքականութիւնը հեգնելով` յեղափոխա- կան-դեմոկրատ Միքայէլ Նալբանդեան կ’ըսէ, թէ «Սոքա ամէնքը իբրեւ բռնի վարժապետ` քաղաքակրթութիւն են տարածում, եւ ոչ չի հարցնում աշակերտի կամքը` կամի՞ արդեօք ուսանել, թէ ոչ։ Սակայն չէ պիտոյ աչքից հեռացնել նոցա քաղաքակրթութեան տարբերութիւնը մեր հասկացած քաղաքակրթութիւնից։ Բանտերն են նոցա դպրոցները, պոլիցականք եւ ժանդարմը` դաստիարակները, շղթան` հրահանգիչ գիրքը, աքսորը` բարոյականութիւնը վերին աստիճանի կազդուրելու մարզարան, կախաղանը եւ գլխատութեան խայտառակ սիւնը` դուռն ճշմարիտ, որ տանի ի կեանս յաւիտենականս...»։ Ահա հեգնանքով ներկա- յացուած դառն իրականութեան պատկերը։ Հակառակ անգլիական գաղթատիրութեան ներքեւ գործելուն` Նուպար փաշա յաճախ առիթ ունեցած է կրկնելու, թէ անգլիացիներէն ոչ թէ թելադրու- թիւններ կ’ակնկալէ, այլ օժանդակութեան կը սպասէ։ Անգլիական ճնշումի հետեւանքով` 1884 թ. Յունվ. 4-ին, Նուպար փաշա կը հրահանգէ, որ եգիպտական ուժերը հեռանան սուտանական գրաւեալ հողերէն։ Այս պարագան` եգիպտացի կարգ մը պատմաբաններու խիստ քննադատու- թեան առիթ տուած է։ Պիզմարք ալ կ’ընդունի` որ քաղաքականութիւնը ճշգրիտ գիտութիւն չէ։ Ճիշտ նկատուած է` որ քաղաքականութիւնը արդիւնք է ըղձանքի եւ տեսողութեան, ինչպէս նաեւ յուսահատութեան եւ յուսախաբութեան։ 1878 թ. Պերլինի դաշնագրով` պուլկարներուն իրաւունք տրուած է իրենց համար իշխան մը ընտրելու, պայմանով որ Բարձրագոյն Դուռը եւ մեծ տէրու- թիւնները իրենց հաւանութեամբ հաստատեն։ Թռնովայի մէջ գումարուած երեսփոխանական արտակարգ ժողովը` Սոպ- րանիէն կ’ընտրէ Պաթենպերկի քսաներկուամեայ Աղեքսանդր իշխանը։ Այդ 93
ընտրութենէն առաջ` Ֆրանսա եւ Անգլիա թեկնածու կ’առաջարկեն Եգիպտոսի նախարարապետ Նուպար փաշան, որուն դէմ առարկութիւն կ’ընէ Ռուսիա, պնդելով` թէ պուլկար գահուն վրայ հայ իշխան մը ազատ ասպարէզ պիտի տար հայուն ազատագրումի գործին, ինչ որ տակաւին կանխահաս կը նկատէր Հիւանդ Մարդուն հոգեվարքը երկարաձգելու իր աւանդական քաղաքականութեամբ։ Պերլինի Վեհաժողովին մասնակցող պատուիրակներէն մէկուն` Մինաս Չերազի ընդարձակ կենսագրութեան մէջ, Արշակ Ալպօյաճեան կ’ըսէ` թէ «հայ պատուիրակները գործին ու պարագային պահանջած մարդիկը չէին եւ չափազանց խակ էին հասկնալու համար դիւանագէտներու լեզուն եւ քաղաքա- կան անցուդարձերը։ Նուպար փաշան, թերեւս միակ մարդն էր, որմէ կարելի էր օգտուիլ, սակայն չկրցան»։ Վերակազմելու համար պատմական ժամանակը` մենք պիտի վկայակոչենք ժամանակակիցներու յուշերը։ Երբ Սան Սթեֆանոյի դաշնագրին 16-րդ յօդուածը վերաքննելու համար` Ներսէս պատրիարք Վարժապետեան Պերլինի Վեհաժո- ղովին կը դիմէ, հայկական խնդիրը կը ղեկավարէ Գրիգոր Օտեան։ Ան է, որ կը խմբագրէ պատուիրակութեան կողմէ վեհաժողովին մատուցուած յիշատակա- գիրն ու ծրագիրը։ «Խրիմեանի հետ Կոստանդնուպոլիսէն մեկնելու օրս, – կը պատմէ Չերազ, – երբ ներկայացայ Օտեանին ու իր վերջին հրահանգը խնդրեցի, պատասխանեց. Տանթոնի խօսքը կը յիշեցնեմ քեզի. Յանդգնութիւն, նորէն յանդգնութիւն եւ միշտ յանդգնութիւն։ Այս յանդգնութեամբ զինուած, – կը շարունակէ Չերազ, – գացինք ափ առնուլ Եւրոպայի դուռը. Հայաստանի հայերուն միայն գործիք ըլլալով եւ ոչ այս կամ այն պետութեան, ինչպէս երեւակայեցին կարճամիտներ կամ չարամիտներ»։ Պատուիրակութեան ուրիշ անդամի մը` հասարակական գործիչ եւ ազգային երեսփոխան Ստեփան Փափազեանի ամենօրեայ գրառումներէն կը քաղենք Յունիս 30-ին օրագրութիւնը. Աշխարհը Նուպարին վրայ հիմնուած է. զարմանալի բան։ Խրիմեան պատրիարք եղած ատեն` փոխանակ Քաղաքական Ժողովին հետ խորհրդակցելու, Նուրեանի տունը կ’երթար, այսինքն Քաղաքական Ժողովոյ հակառակ կուսակցութեան, եւ անոնց հետ կը խորհրդակցէր։ Հիմակ ալ պաշտօն մը ունի, պատգամաւոր է, փոխանակ այդ պաշտօնը տուողներուն հետ խորհրդակցելու եւ անոնց հետեւելու, կ’երթայ Նուպարին կը հետեւի, անոնց հակառակորդին։ Պատմական այս հանգոյցը քիչ մը աւելի թուլցնելու նպատակով` կը ներկա- յացնենք Հայոց վշտահար Հայրիկին Նուպար փաշային գրած նամակը։ ... [Յ]ուշ առնեմ Ձեզ, Վսեմ Տէր, որ 17 տարի յառաջ ի Փարիզ գտնուեցայ մեր թարգման պ. Չերազին հետ, եւ ես իբրեւ պատգամաւոր հայոց` Ներսէս Պատրիարքի կողմէն, մի 94
յիշատակագիր մատուցի Ձերդ Վսեմութեան, որ պարունակում էր հայկական մի նոր խնդիր եւ զոր պիտի մատուցանէի Պերլինի Վեհաժողովին։ ... Դուք ամենայն սիրով ընդունեցիք այս խնդիր եւ հաճեցայք զայն ուշադրութեան առնել։ Ուստի վերծանելով այդ Յիշատակագիրը, Դուք զայն անյարմար եւ չափազանց գտաք։ Ուստի մի այլ նոր Յիշատակագիր կազմեցիք, Ձեր իմաստուն հեռատեսութեամբ չափաւորելով եւ հնարաւոր դարձնելով խնդիրը։ Այդ նոր չափաւորեալ Յիշատակագիրը ես յղեցի ի Պոլիս` Ներսէս պատրիարքին։ Այլ աւաղ, թէ ինք եւ թէ իր մտերիմ խորհրդակիցներն` ամենայն յամառութեամբ պնդեցին, յիշատակագիրն անփոփոխ մնայ եւ այնպէս մատուցուի Վեհաժողովին։ Այս որոշման հեռա- գիրը ես ի Պերլին ստացայ, սաստիկ վիշտ զգացի առանձին քաշուելով լացի տղու նման, վասն զի քաջ նկատեցի բանին վախճանը։ ... Ես չեմ կարող մոռնալ այս դէպքը։ Եթէ Ձեր Վսեմութիւնը Պերլին գտնուէր եւ Ձեր յօրինած Յիշատակագիրը մատուցուէր Վեհաժողովին, ես այնպէս կը հաւատամ, որ 61-րդ յօդուածը այնպէս թոյլ, անորոշ կերպով չէր արձանագրուեր, այլ աւելի զօրաւոր, վճռական ու գործնական։ Նուպար փաշա` Փարիզի մէջ Մինաս Չերազէն խնդրուած տեսակցութիւնը մերժելէ ետք, յեղափոխական Աղասիի պատմած է հետեւեալը. 1878 թ. Փարիզ կը գտնուէի։ Ներսէս պատրիարքին ուղարկած չորս պատուիրակները եկած էին զիս տեսնելու, խորհուրդ եւ նպաստ խնդրելու համար։ Ես իրենց թելադրեցի` որ պատուիրակութիւնը ինծի յանձնէին եւ ես բոլոր ծախքերը եւ աւելին իսկ ընելու յանձնառու կ’ըլլայի։ ... Թողուցէք ինձ, որ ջանամ ընդունիլ տալ եւ կիրարկել իմ վարչական համեստ ծրագիրս։ Անգլիական պատուիրակներ` Լորտ Պիքընսֆիլտ եւ Սալըզպըրի, Պիզմարք եւ նոյն իսկ ռուսական պատուիրակները բարեկամներս են։ Գործ ունեցած եմ անոնց հետ, լաւ կը ճանչնան զիս ու կը սիրեն, եւ ես կրնամ ընդունիլ տալ իմ չափաւոր ծրագիրս` Հայաստանի վեց նահանգներուն մէջ Դատարանական Բարեկարգու- թիւն. այսինքն դատաստանական հաւասարութիւն հայերուն եւ իսլամներուն միջեւ։ Ես իսկ յանձնառու կ’ըլլամ ներմուծել այդ բարեկարգութիւնները։ Ասիկա բոլոր մեր պահանջներուն գոհացում կու տայ...։ Հայ պատուիրակները համոզուեցան, հաճեցան եւ մեկնեցան Պերլին, ուրկէ պիտի հեռագրէին անյապաղ` որ ես ալ ճամբայ ելլէի։ Սպասեցի հինգ օր, ութ օր։ Երկու շաբաթ վերջ նամակ մը ստացայ փոխանակ հեռագրի։ Ստորագրողն էր Մինաս Չերազ, քարտուղար հայ պատուիրակութեան։ Պարունակութիւնը լակոնական էր եւ այս. – Ազգը չի ճանչնար ձեզ իրեն ներկայացուցիչ եւ մենք ենք անոր պատուիրակները Պերլինի Վեհաժողովին։ Տղաս, սառած ջուր թափեցաւ վրաս... կը հառաչէ Փաշան։ Նուպար փաշա` Փարիզի Պուասիէռ փողոցին վրայ գնած էր տուն մը, ուր կ’անցընէր իր վաստակաշատ կեանքին վերջին օրերը։ 95
Այդ օրերու հասարակական եռանդուն երիտասարդ գործիչը` Արշակ Չօպանեան կը պատմէ, թէ «պետական մեծանուն անձնաւորութիւնը հոն կ’ըն- դունէր Հայաստանէն եւ Եգիպտոսէն եկող բոլոր մարդիկը։ Իր տունը` զոր հայ տուն կոչելու մեծ հաճոյք կը զգար, այդ օրերուն հայկական կեդրոնավայր մը դարձեր էր։ Փարիզէն անցնող ամէն հայ` որ տիտղոս մը կամ նշանակութիւն մը ունենար, կ’երթար տեսնելու Նուպարը` որ մեծ ծերունին եղած էր։ Տեսակ մը աշխարհական կաթողիկոս դարձած էր. այդ դերը կը կատարէր վեհութեամբ, պարզութեամբ եւ մեծ քաղցրութեամբ»։ Իր հասցէին յաճախ եղած պարսաւներուն` Նուպար փաշա սովորաբար պատասխանած է. Ես` կեանքս նուիրեցի Եգիպտոսի, որովհետեւ բախտը իմ առաջքս այդ գործը հանեց. հրապուրուեցայ անկէ եւ կապուեցայ։ Բայց օտար երկրի մէջ այդ գործունէութիւնս` երբեք ինծի չմոռցուց, որ հայ մըն եմ, երկու-երեք բան ըրած եմ ցեղիս համար։ Սակայն կը կարծեմ` թէ անոնք ամէնէն կարեւոր բաներն են, որ կրնայի ընել. Հասգիւղի Շահնազարեան վարժա- րանին հաստատմանը օգնեցի նիւթապէս։ Վիքթոր Լանկլուային 25,000 Ֆրանք տուի` որպէսզի հայոց պատմութիւնը ֆրանսերէնի թարգմանէ եւ Ֆրանսայի ճանչցնէ հայոց անցեալը, եւ Պերլինի Վեհաժողովին ատեն ծրագիր մը պատրաստեցի հայկական գաւառնե- րուն համար եւ առաջարկեցի, որ ես ներկայացնեմ զայն Վեհաժողովին։ Երեք գործ` ամբողջական ուղեգիծի մը համարժէք։ Բժշկական երկարատեւ խնամքներէ ետք` 1899 թ. Յունուարի 14-ին, Նուպար փաշա կը մահանայ, եւ իր ցանկութեամբ` մարմինը կը փոխադրուի Աղեք- սանդրիա։ Անգլիական Տէյլի Կրաֆիք թերթը` Փետրուար 21-ի համարով կը նկարագրէ թաղմանական հանդիսութիւնը. Նուպար Փաշայի մարմինը Աղեքսանդրիոյ կառավարչատունը մնալէ վերջ, կը թաղուի հայոց եկեղեցիին գերեզմաննոցը, Փետրուարի 8-ին։ Խառն դատարաններէ կազմուած թափօրը ընծայած է շատ պատկառելի տեսարան մը. առջեւէն գացած են նուագախումբը, Պօղոսեան վարժարանի սաները, հայ, օրթոտոքս եւ ղպտի եկեղեցականներու խումբ մը։ Դագաղակիր կառքին հետեւած են` Լորտ Գրոմըր, Փաշային բազմաթիւ ազգականները, գնդապետ Լէյն, Ընդհանուր հիւպատոսը եւ բարձրաստիճան այլ եւ այլ անձնաւորութիւններ։ Գերեզմաննոց տանոց ճամբուն վրայ` ուր երկու կողմերը զինուորներու եւ ոստիկաններու շարքեր կեցած են եւ դրօշներ ծածանած են, լեցուած է հոծ եւ համակիր ամբոխ մը։ Աղեքսանդրիոյ հրապարակներէն մէկուն մէջ` 1904 թ. կանգնեցուած գեղակերտ արձանին բացումին առիթով, յանձնախումբին նախագահին պերճա- խօս ուղերձը` Նուպար փաշայի ամբողջական մեծութիւնը կը պարփակէ իր մէջ. 96
Նուպար փաշայի բազմաթիւ հիացողները, Եգիպտոսի ու նաեւ Եւրոպայի իր բարեկամները խորհած են` թէ այս երկրին մէջ անոր կատարած դերը եւ մատուցած մեծամեծ ծառայութիւնները պէտք է անմոռաց մնային իր յիշատակին կանգնուած արձանով մը։ *** Կ’ապրին անոնք` որոնք կը պայքարին, անոնք` որոնց հոգին ու ճակատը լի է խորհուրդով անյողդողդ, անոնք` որոնք ճակատագրէն սահմանուած կը նուաճեն բարձունքը առապար, անոնք` որոնք կը քալեն խոհուն, գերուած նպատակէ մը բարձրագոյն, իրենց աչքին առջեւ ունենալով տիւ եւ գիշեր կամ գործ մը սուրբ, կամ սէր մը մեծ։ Վիքթոր Հիւկոյի քերթողական տողերը կարծէք թէ Նուպար փաշայի նկարա- գիրն է, որ քանդակեն։ Արփիար Արփիարեան` ազգային մեծութիւններով խանդավառ, տեղ մը հպարտութեամբ կը բացագանչէ. Արդեօք այս բոլոր տաղանդաւոր եւ պատուաճանաչ հայերը տեսնելով չէ՞ր` որ Նափոլէոն Գ. կայսրը, իր փառքին ամենապայծառ օրերուն, հայ ցեղին համար կը յայտա- րարէր` թէ Ասիոյ խորը ժողովուրդ մը կայ, որ մեծ ապագայ կը խոստանայ։ Ահաւասիկ կայսերական մարգարէութիւն մը` որ աւելի քան կէս դարէ ի վեր իրականութիւն դարձած է մեր պապենական հողերէն մէկ մասին վրայ, ուր ապագայ խոստացող ժողովուրդը` նորանոր խոյանքներով կը կերտէ իր ներկան եւ կը նուաճէ դժուար հասանելի բարձունքներ։ Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 29 Մարտ 1976, Կ. տարի, թիւ 17.364 30 Մարտ 1976, Կ. տարի, թիւ 17.365 31 Մարտ 1976, Կ. տարի, թիւ 17.366 1 Ապրիլ 1976, Կ. տարի, թիւ 17.367 2 Ապրիլ 1976, Կ. տարի, թիւ 17.368 3 Ապրիլ 1976, Կ. տարի, թիւ 17.369 5 Ապրիլ 1976, Կ. տարի, թիւ 17.370 97
ԺԸ. ԴԱՐՈՒ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԸ` ՄԽԻԹԱՐ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ ԾՆՆԴԵԱՆ Գ. ԴԱՐԱԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Կեանք մ’անհուն` շողի, բոյրի, աղօթքի ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ Ø»ñ ³ß˳ï³ÏÇóÁ` îÇ·ñ³Ý ¶¿áñ·»³Ý ³Ûë µ³Ý³ËûëáõÃÇõÝÁ ϳï³ñ»ó 27 سÛÇë 1976-ÇÝ ¶³ÑÇñ¿Ç Ð³Û ¶»Õ³ñáõ»ëï³ëÇñ³ó ØÇáõû³Ý ¿ù¿»³Ý ѳݹÇë³ëñ³ÑÇÝ Ù¿ç« ÇëÏ ²Õ»ùë³Ý¹ñÇáÛ îÇ·ñ³Ý ºñϳà Øß³ÏáõóÛÇÝ ØÇáõû³Ý îÇ·ñ³Ý ²É»ùë³Ý»³Ý ѳݹÇë³ëñ³ÑÇÝ Ù¿ç` 12 ÚáõÝÇë 1976-ÇÝ« ØËÇóñ 껵³ëï³óÇÇ ÍÝݹ»³Ý 300³Ù»³- ÏÇÝ ÝáõÇñáõ³Í ѳݹÇëáõû³Ýó£ ÊØ´²¶ðàôÂÆôÜ ²ðºôÆ Բովանդակ հայութեան հետ` մարդկութեան ընդհանուր մշակոյթի պահպա- նումին համար մտահոգուող հատուածն ալ, անցնող տարուան վերջին օրերուն` խորապէս ցնցուեցաւ իմանալով Սուրբ Ղազարու կղզեակին մէջ պատահած չարաղէտ դէպքին կցկտուր մանրամասնութիւնները. հայ մշակոյթի նիւթական եւ հոգեւոր անփոխարինելի գանձեր` դարերու կնիքով կրկնակի նուիրականա- ցած, մոխրակոյտի վերածուած էին, ... դեռ հազիւ դարմանուած նախորդ տաս- նամեակին պատահած` Ադրիականի անսանձ ալիքներուն պատճառած վնաս- ները...։ Ճակատագրի հեգնա՞նք է արդեօք, երբ ականաւոր հայ գրող մը անցեալ դարավերջին հոն այցելելով, Սուրբ Ղազարի արտաքին հրապոյրէն ազդուած, խորհած է. Թւում է` թէ Ադրիական ծովն ամենից աւելի այս կղզին է գուր- գուրում...։ Կարելի է ենթադրել, որ Մայրավանքին աւերակ տաճարէն գոհաբանական երգեր պիտի չլսուին առժամաբար։ Հաւանաբար, Մխիթարեան վարդապետ- ները` որպէս Սուրբ Կոյսին որդեգիրները, շարունակեն նոյն ջերմ եռանդով ծունր դնել այնտեղ, սակայն առանց կոծի եւ միայն ողբաձեւ հծծեն միաբանութեան երանաշնորհ հիմնադրին` Մխիթար Աբբահօր յօրինած, նեղութեան օրերու 98
Search
Read the Text Version
- 1
- 2
- 3
- 4
- 5
- 6
- 7
- 8
- 9
- 10
- 11
- 12
- 13
- 14
- 15
- 16
- 17
- 18
- 19
- 20
- 21
- 22
- 23
- 24
- 25
- 26
- 27
- 28
- 29
- 30
- 31
- 32
- 33
- 34
- 35
- 36
- 37
- 38
- 39
- 40
- 41
- 42
- 43
- 44
- 45
- 46
- 47
- 48
- 49
- 50
- 51
- 52
- 53
- 54
- 55
- 56
- 57
- 58
- 59
- 60
- 61
- 62
- 63
- 64
- 65
- 66
- 67
- 68
- 69
- 70
- 71
- 72
- 73
- 74
- 75
- 76
- 77
- 78
- 79
- 80
- 81
- 82
- 83
- 84
- 85
- 86
- 87
- 88
- 89
- 90
- 91
- 92
- 93
- 94
- 95
- 96
- 97
- 98
- 99
- 100
- 101
- 102
- 103
- 104
- 105
- 106
- 107
- 108
- 109
- 110
- 111
- 112
- 113
- 114
- 115
- 116
- 117
- 118
- 119
- 120
- 121
- 122
- 123
- 124
- 125
- 126
- 127
- 128
- 129
- 130
- 131
- 132
- 133
- 134
- 135
- 136
- 137
- 138
- 139
- 140
- 141
- 142
- 143
- 144
- 145
- 146
- 147
- 148
- 149
- 150
- 151
- 152
- 153
- 154
- 155
- 156
- 157
- 158
- 159
- 160
- 161
- 162
- 163
- 164
- 165
- 166
- 167
- 168
- 169
- 170
- 171
- 172
- 173
- 174
- 175
- 176
- 177
- 178
- 179
- 180
- 181
- 182
- 183
- 184
- 185
- 186
- 187
- 188
- 189
- 190
- 191
- 192
- 193
- 194
- 195
- 196
- 197
- 198
- 199
- 200
- 201
- 202
- 203
- 204
- 205
- 206
- 207
- 208
- 209
- 210
- 211
- 212
- 213
- 214
- 215
- 216
- 217
- 218
- 219
- 220
- 221
- 222
- 223
- 224
- 225
- 226
- 227
- 228
- 229
- 230
- 231
- 232
- 233
- 234
- 235
- 236
- 237
- 238
- 239
- 240
- 241
- 242
- 243
- 244
- 245
- 246
- 247
- 248
- 249
- 250
- 251
- 252
- 253
- 254
- 255
- 256
- 257
- 258
- 259
- 260
- 261
- 262
- 263
- 264
- 265
- 266
- 267
- 268
- 269
- 270
- 271
- 272
- 273
- 274
- 275
- 276
- 277
- 278
- 279
- 280
- 281
- 282
- 283
- 284
- 285
- 286
- 287
- 288
- 289
- 290
- 291
- 292
- 293
- 294
- 295
- 296
- 297
- 298
- 299
- 300
- 301
- 302
- 303
- 304
- 305
- 306
- 307
- 308
- 309
- 310
- 311
- 312
- 313
- 314
- 315
- 316
- 317
- 318
- 319
- 320
- 321
- 322
- 323
- 324
- 325
- 326
- 327
- 328
- 329
- 330
- 331
- 332
- 333
- 334
- 335
- 336
- 337
- 338
- 339
- 340
- 341
- 342
- 343
- 344
- 345
- 346
- 347
- 348
- 349
- 350
- 351
- 352
- 353
- 354
- 355
- 356
- 357
- 358
- 359
- 360
- 361
- 362
- 363
- 364
- 365
- 366
- 367
- 368
- 369
- 370
- 371
- 372