45. Մասիսին դադարմամբը, գրագէտ երիտասարդութիւնը` անտուն անտեղ, անօթեւան, անա- պաստան կը մնար։ Գրականութիւնը չզիջաւ ասպնջականութիւն խնդրել թերթէ մը, որուն խմբագրապետը հանրային միտքը կը ջանար ստամոքսասէր մղել, հայ ժողովուրդը հեռու պահելու համար գաղափարական թռիչքներու փորձանքներէն. ուղեղին ու սրտին տեղ` փորն ու որովայնը, - ներուի բնապաշտ բացատրութեան։ Եւ հայ ժողովուրդն ալ չէր հանդուրժեր կաշկանդուիլ որովայնա- սէր մամուլի մը ետեւէն, վասն զի նոր կեանքի մը արեւածագը կը նշողէր։ Ժողովուրդը իր հաւատար- ծարծ մամուլին վերածննդեանը կ’ակնկալէր անձկակարօտ։ Կը սպասէր մարդու մը, կը սպասէր թերթի մը։ Մարդն ալ երեւցաւ, թերթն ալ։ Մարդը` Յովհաննէս Շահնազարը, թերթը` Հայրենիքը։ Բանտերուն դուռները այն ինչ կիսով մը բացուեցան 1891 Յունուար 5-ին, վերածնութեան թերթի մը ստեղծման գաղափարը կայծակեց Յովհաննէս Շահնազարի մտքին մէջ։ Երիտասարդ օրէնսգէտը գտաւ Արեւելքի հիմնադիրներէն մին, որ դադրած Մասիսին խմբագրութեանն ալ մասնակցած էր, եւ յետ կարճատեւ խորհրդակցութեան մը` որոշեց Հայրենիքը գնել։ Նոր Հայրենիքը հրատարակուեցաւ 1891 Յունիս 13-25-ին։ Յովհաննէս Շահնազար Փարիզէն հինգ տարի առաջ Պոլիս վերադարձած էր, փաստաբանի վկայականով։ Շատ չանցած` իրեն կը յանձնուէր բազմագումար դատ մը, զոր օսմանեան կառավա- րութեան դէմ կը բանար Հիրշ Պառոնը, սեփականատէր` եւրոպական Թուրքիոյ երկաթուղիներուն։ Հռչակաւոր եւրոպացիէն երիտասարդ հայ փաստաբանին ցոյց տրուած վստահութիւնը` գործի միջավայրերու ուշադրութիւնը անոր վրայ դարձուց, ու մեծկակ դատեր իրեն կը տրուէին։ Եւ ահա յանկարծ Շահնազար խմբագրական ասպարէզին հետ կը փոխանակէր այն փաստաբանական ասպա- րէզը, որ ա՜յնքան շահաւէտ ապագայով մը ապահովեալ էր։ Նորեկ խմբագիրը հետը նաեւ հազար ոսկիի դրամագլուխ մը կը տանէր, Հայրենիքին յարատեւ յաջողութեանը իբր երաշխաւորութիւն։ Մինչեւ այդ ժամանակ` հայ մը թերթի արտօնատէր կը դառնար առանց ասպարէզ մը զոհելու. ու ո՛չ ոք ալ այնքան անխոհեմ եղած էր իր անձնական կարեւոր մէկ գումարը յատկացնել հայեվար թերթ մը հրատարակելու։ Թէ՛ գործ, թէ՛ դրամ զոհող այդ եզական-երեւոյթ խմբագիրը միանգամայն անձնաւորութիւն մըն էր, բարձրագոյն ուսումն ստացած։ Թուրքիոյ հայոց օրագրութիւնը առաջին անգամն էր, որ հրատա- րակիչ մը կ’ունենար, համալսարանէ շրջանաւարտ։... Հրապարակագրի եւ գրագէտի հռչականուն համբաւով սպառազինուած չէր, երբ Շահնազար կու գար օրագրութեան մէջ խիզախել. երբ բարեկամներէն ոմանք միայն կը յիշէին, թէ 1879-ին «Հէնց» ու «* * *» ծածկանունով կրակոտ քանի մը յօդուածներ հրատարակած էր Մշակին մէջ։ ...Փարիզէն վերադարձին` Արեւելքին պզտիկ պատմուածքներ տուած էր, կամ գնահատումներ, որոնք իրենց կարճառօտութեանը մէջ ցոյց կու տային, թէ երիտասարդ գրագէտը «հասարակ տեղիքներ»-է սարսափող մըն է, ու մինչեւ իսկ ըմբոստ մը, որ չի յարգեր «անվիճելի» համարուած «ճշմարտութիւն- ները»։ Բայց այդ «գրեթէ անծանօթը» շատ պիտի չուշանար ինքզինքը ճանչցնել տալու։ Իր ուժանակ- պայթուցիկ գաղափարները ժողովուրդը կը սարսէին, կը ցնցէին, մինչեւ որ օր մը Հայրենիքն ալ օդը հանեցին։ Իրաւաբանը նաեւ սիրող էր ընկերաբանական ուսումներու, զորս կը մշակէր, ինչպէս նաեւ քաղաքական տնտեսագիտութեան ալ, որուն ուսուցչի պաշտօնին կոչուեցաւ Կեդրոնական վարժարա- նը, եւ հոն հզօրապէս նպաստեց գաղափարանուէր երիտասարդութեան մը փթթումին կամ պայթու- մին։ Հայրենիքը Շահնազարի տնօրինութեամբը սքանչելապէս ընկերվարական թերթը եղաւ, անծայրածիր յառաջդիմութեան նուիրուած, որքան որ կը ներէր, - կամ որքան որ չէր ներեր, - Թուրքիոյ գրաքննութիւնը։ Յանդգնամիտ հրապարակագիրը մեր ընկերային եւ հանրային կեանքը ընկերվարի ելեքտրավառ լոյսէն առաջնորդել ուզեց, ա՛լ բաւական համարելով իւղասուն պլպլուն 349
պատրոյգը, ազգին աչքերը հաւկուրող։ Անկախ մտքով երիտասարդ գրողները` աղուոր գրականութեան սիրատարփներու մտաւորական վերածնունդի գաղափարին նուիրուած, որոնք բացն էին մնացեր, յորմէհետէ կիսամսեակ Մասիսը ա՛լ չէր հրատարակուեր, այդ գրողները նորէն իրենց հոլարան մը գտան Հայրենիքի մէջ։ Տե՛ս Արփիար Արփիարեան, Պատմութիւն ԺԹ. դարու Թուրքիոյ հայոց գրականու- թեան, էջ 181-184։ 46. Այս առաւօտ սպառնագրեր ուղարկուեցան տեղական Հայրենիք, Արեւելք եւ Ճէրիտ. խմբա- գրութիւնները անպայման դադարման ենթարկելու համար։ Իսկոյն սենեակս թափուեցան Հայրենիքի խմբագիրները, աղմկալից կռիւէն յետոյ մեկնեցան, սպառնալով ինձ հիւպատոսարանին յանձնել (մատնել) եւ հեռացնել ասկէ։ Արդիւնքին կը սպասենք։ Կատղած են մեր դէմ, Դաշնակցականներուս, իբր թէ այս բոլորը ընթացել է ծուռ, սխալ. անդիւանագիտական է. ալա լաչառները։ Տե՛ս Դիւան, հատոր առաջին, էջ 250. Յ. Իւսուֆեանի նամակները Դրօշակի խմբա- գրութեան, [անստորագիր], 13 Հոկտ.։ Կ. ՊՕԼՍԻ ԴԱՇՆԱԿ. ԿԵԴՐ. ԿՕՄԻՏԷԻ ՎՃԻՌԸ Կ. Պօլսի Կեդրօնական Կօմիտէն նոյեմբեր 13-ին հետեւեալ պաշտօնագիրն ուղղած էր տեղական երեք խմբագրութիւններուն – Արեւելքի, Հայրենիքի եւ Ճէրիտէի շարգիէի։ «Կեդրօնական Կօմիտէն իր երէկի նստին մէջ զբաղելով ազգի սոյն տագնապալի վայրկեանին մայրաքաղաքիս հայ լրագրութեան ազգակործան ընթացքին քննութեամբ եւ «Նկատելով որ ... լրագիրը մամուլի բարձր կոչումին չծառայելէ զատ, կառավարութեան ձեռքը անարգ գործիք դարձած իր գոյութեամբ վնասակար կ’ըլլայ հայկական դատին, «Նկատելով որ ... լրագիրը, առանց իր կարծիքը յայտնելու, սուլթանական բոլորովին ստայօդ պաշտօնական զեկուցումներն ու թելադրուած յօդուածները հրատարակելով կը մոլորեցնէ ու կը խաբէ արիւնոտ հայ ժողովուրդը ու կը նպաստէ հայկական դատի խեղդուելուն, «Նկատելով որ ... լրագրին գոյութիւնը արատ մըն է հայութեան ու իր ընթացքը դաւաճանութիւն է` Որոշեց. ա. Վաղուընէ սկսեալ անպայման դադարման դատապարտել ... լրագիրը։ բ. Մահով պատժել այն տնօրէններն ու խմբագիրներն, որոնք համարձակին մեր որոշումին հակառակիլ կամ կառավարութեան յանձնելով սոյն պաշտօնագիրը` անոր օգնութեան դիմել։ N. B. Պաշտօնագիրը կարդալէ վերջ` ղրկել հետեւեալ հասցէին` L. Roole 15, Augustus Rd. Hammersmith, W. London։ Հայրենիքի խմբագրապետ Ա. Արփիարեան սոյն որոշումին չհամակերպելէ զատ – մինչդեռ միւս երկուքին խմբագիրներն հետեւեալ օրն իսկ դադարեցուցած էին թերթերուն հրատարակումը – նախ` ծաղրեց ու թշնամանեց այդ պաշտօնագիրը յղող յեղափոխական մարմինը. երկրորդ` յորդորեց միւս երկու խմբագրութիւնները հետեւիլ իր ընթացքին. երրորդ` վերոյիշեալ պաշտօնագիրը չխրկեց ցոյց տրուած հասցէին, այլ հաղորդեց իսկոյն ոստիկանութեան։ Ուստի Կ. Պօլսի Կեդրօնական Կօմիտէն 23 նոյեմբերի 115-րդ նստին մէջ, Նկատելով որ Ա. Արփիարեան ջանադիր եղած է արգելք ըլլալ Դաշնակցութեան կօմիտէի մը որոշումներուն. Նկատելով որ Ա. Արփիարեան խօսքով ու գործով թշնամացած է յեղափոխութիւնը յանձին Դաշնակցութեան Կ. Պօլսի Կեդրօնական Կօմիտէին. 350
Նկատելով որ Ա. Արփիարեան եւ ոչ մէկ մեղմացուցիչ պարագայ մը ունենալէ զատ, մէկէ աւելի ծանր յեղափոխական յանցանքներու մէջ ամբաստանուած է արդէն (Ա. Մատնիչի դեր կատարած է 1890-ի յեղափոխական գործիչներուն նկատմամբ։ Բ. Սեպտեմբերի ծանօթ դէպքերու ատեն Նազըմի դրդմամբ փորձած է եկեղեցիներն ապաստանող հայերը դուրս չելնելու յորդորել` ապստամբներ ցոյց տալու համար անոնք Եւրոպայի առջեւ. այդ մեղադրութիւնը կը ծանրանայ այն յարակից պարագա- ներով, որ նոյնիմաստ հայերէն յայտարարութիւններ ձգուած են Բերայի եկեղեցիին բակը լրտեսներու յատուկ մերձաւոր սենեակէ մը։ Գ. Պարագլուխ է եղած դաւադիրներու խմբակի մը որ ոստիկանութեան խորհրդով եւ աջակցութեամբ ծանօթ յեղափոխական գործիչներ աքսորելով կամ Եւրոպա խրկելով` կը ջանայ ջլատել Պօլսի յեղափոխական ուժերը). Որոշեց անյապաղ իգործ դնել 13 նոյեմբերի պաշտօնագրին սպառնալիքը, մահուան պատժի ենթարկելով Ա. Արփիարեան, եւ վճռին գործադրութիւնը յանձնեց ՍԵՒ-ՍԱՐ ենթակօմիտէի ահաբեկիչներուն։ Տե՛ս Յաւելուած Դրօշակի, 15 Դեկտեմբեր 1899, էջ 28-29։ Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կը պարունակէ Վահապի [Ա. Վռամեան] Կ. Պոլսէն գրած 8/20 փետր., 96 թուակիր նամակը. Գրած էի ձեզ, որ Արփիարի դէմ եղած փորձէն ետքը Արեւելքը եւ Ճերիտիէն արտօնութիւն առած էին չհրատարակելու պաշտօնականները։ Շաբաթ մը առաջ Արեւելքի խմբագրատուն կը ներկայանայ լրտես մը Նազըմի կողմէն եւ կ’առաջարկէ արտօնատէրին թէ ինքը պատրաստ է ձերբակալել տալու անոնց կեանքին վտանգ սպառնացող անձերը, եթէ իրենք մատնանիշ ընեն եւ թէ այնուհետեւ ալ պիտի հսկէ որ մէկը մազերնուն չդպչի։ Կը պատասխանեն թէ շնորհակալ են, բայց այնպիսի մէկը չունին ի նկատի եւ կը ճամբեն լրտեսը։ Քանի մը օր ետքը կը ներկայանան ոստիկանութեան դուռը թարգմանու- թիւն ընող Ֆրանսացի մը եւ ուրիշ լրտես մը դարձեալ Նազըմին կողմէն եւ կը հրամայեն որ ալ սկսին հրատարակել պաշտօնականները, հակառակ պարագային, կամ նոյնիսկ եթէ թերթը գոցելու ըլլան` իբր մեղսակից պիտի նկատուին յեղափոխականներուն։ Կ’աւելցնեն թէ արդէն վախնալու բան մը չունին, քանի որ անոնց վրայ հսկող չկայ։ Արտօնատէրը վախէն կը հնազանդի բայց միւս կողմէն ամէն վայրկեան անհանգստութեան մէջ է թէ Դաշնակցականները կը պատժեն զինքը։ Ինծի պատմողին խորհուրդ տուի որ համոզէ արտօնատէրը աղերսագիր մը գրելու Դաշնակցութեան տեղական կոմիտէին` խմբագրութեան հասցէին միջոցաւ, Pour sauver les apparences։ Տե՛ս Դիւան, հատոր առաջին, էջ 276։ 47. Մելիք [ստորագրութեամբ], Կ. Պոլիս, 15 նոյ., 95 Երէկ Արեւելք եւ Ճէրիտէյէ չհրատարակուեցան եւ սպառնագրերը Լոնտոնի հասցէին ուղարկուած են բայց լիրբ հայրենիքեանները համոզած են զիրենք, որ կարեւորութիւն տալու չէ. իրենց ալ ուղարկուած էր, բայց իրենք բնաւ կարեւորութիւն չտուին, ուստի եւ այսօր հրատարակուեցան յիշեալ թերթերը։ Տե՛ս Դիւան, հատոր առաջին, էջ 255։ 48. ՏԵՌՈՐ – քաղաքական հակառակորդի նկատմամբ կիրառվող ահաբեկման, բռնության եւ հաշվեհարդարի քաղաքականություն` ընդհուպ նրա ֆիզիքական ոչնչացումը։ ՏԵՌՈՐԻ ԵՆԹԱՐԿԵԼ – 1/ ահաբեկել, վախցնել, բռնության եւ ֆիզիքական ոչնչացման սպառնալիք- ներով հնազանդ պահել։ 2/ հաշվեհարդար տեսնել դաժան պատժիչ միջոցներով, խոշտանգումներով, գնդակահարություններով եւ այլն։ Տե՛ս Քաղաքական համառոտ բառարան, կազմող-հեղինակ Ի. Վ. Լեխին, թարգմանել, 351
լրացրել եւ հրատարակման է պատրաստել Ս. Կ. Խաչատրյանը (երկրորդ հրատարա- կություն), Երևան, Հայաստան Հրատարակչություն, 1968, էջ 302։ Արփիար Արփիարեանի դէմ առաջին «տեռօր»-ը տեղի ունեցած է Կ. Պոլիս, «Թագսի- մի պարտէզին դէմ, 1895 դեկտեմբեր 25-ին, երկուշաբթի իրիկուն»։ Մահափորձին նկարագրութիւնը տեսնել` «Գաղափարի զոհը` Արփիար Արփիար- եան» բաժինը։ 49. Խոսրով, Կ. Պոլիս, 8 նոյեմբ., 95 Տակաւին ժամանակ չէ Արփիարի հարցաքննութիւնը հրատարակել։ Կարող ենք մեր գործին դրանով վնասել. այժմ մենք արհամարհանքով պիտի վերաբերուենք, մինչեւ որ ժամանակը հասնի։ Տե՛ս Դիւան, հատոր առաջին, էջ 253 «Հարցաքննութեան պատճէն»-ը եւ յարակից մանրամասնութիւնները տեսնել` Յաւելուած Դրօշակի, 15 Դեկտեմբեր 1899։ Արփիարեանի դատապարտութիւնը II Ձերբակալութիւն 9 Նոյ. 1890, Ուրբաթ Ոստիկանութեան հարցաքննիչ պաշտօնէի հարցումները եւ Արփիարեանի պատասխանները, էջ 26-27։ Երրորդ հարցաքննութիւն Արփիար Արփիարեանի, 12 Դեկտեմբեր 1890, էջ 28։ Կ. Պօլսի Դաշնակցութեան Կեդր. Կօմիտէի Վճիռը, էջ 28-29։ Լրացուցիչ տեղեկագիր, էջ 29-32։ Խմբագրութեան ծանօթագրութիւններ, էջ 33-38։ Ընթերցողին, էջ 38-40։ Տեսնել նաեւ թիւ 31 ծանօթագրութիւնը։ 50. Թիւ 46 ծանօթագրութեան մէջ` արդէն ներկայացուած «վճիռ»-էն կը մէջբերուի հետեւեալ հատուածը. Նկատելով որ Ա. Արփիարեան եւ ոչ մէկ մեղմացուցիչ պարագայ մը ունենալէ զատ, մէկէ աւելի ծանր յեղափոխական յանցանքներու մէջ ամբաստանուած է արդէն..., Որոշեց անյապաղ իգործ դնել 13 նոյեմբերի պաշտօնագրին սպառնալիքը, մահուան պատժի ենթարկելով Ա. Արփիարեան,...։ Տե՛ս Յաւելուած Դրօշակի, 15 Դեկտեմբեր 1899, էջ 29։ 51. Արփիարեանի Մեղայագիրը, որ տեսակին մէջ անզուգական պիտի համարւի, ինքն իրեն, իր յարակից պարագաներով եւ հետեւութիւններով ամէնասոսկալի ոճիրի մը հանգամանքն ունի։ Տե՛ս Յաւելուած Դրօշակի, 15 Դեկտեմբեր 1899, «Լրացուցիչ տեղեկագիր», էջ 30։ Արփիարեան ծածուկ զետեղելով Արեւելքի մէջ [12/24 յունուար 1891, թիւ 2098] իր Մեղայագիրը, թերթը հրապարակ հանել կուտայ, սպառնալով խմբագրութեան։ Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 30։ Արեւելքի խմբագրութիւնն ընդդիմացաւ Մեղայագիրն իր թերթում զետեղելուն։ Այդտեղ վատը (Ա. Արփիարեան) հասկնալի կերպով ազդարարում է, եթէ իր պահանջը չկատարվէ` Արեւելքի խմբագրու- թիւնը «ծանրապէս կը տուժէ»... Բայց այդ թերթի խմբագրութիւնն այդպիսի ամօթից յետոյ հարկ է 352
տեսնում Արփիարեանին արտաքսել իր, այսինքն խմբագրութեան անդամակցութիւնից։ Ապտակ, 1896, թիւ 10։ Տե՛ս նոյն տեղը, «Խմբագրութեան ծանօթութիւնները», էջ 34։ Ձերբակալութեան պատճառին մասին` «Լրացուցիչ տեղեկագիր»-ը կը յայտնէ. Արփիար Արփիարեան 1890 նոյեմբեր 9-ին ձերբակալւելով Պօլսի մէջ, - Տրապիզոնէն Հնչակեան Պետրոս Մարիմեանի կողմէն Պօլիս գրւած եւ ոստիկանութեան ձեռքն ինկած նամակի մը յայտնու- թիւններուն հետեւանքով, - իր անձն ազատելու համար մատնած է, իբր յեղափոխական կազմակեր- պութեան մը պետեր, բժիշկ Յարութիւն Թիրեաքեան, Վահրամ պէյ Տատեան եւ Խորէն արքսպիսկոպոս Լուսինեան Նարպէյ։ Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 29։ Իսկ Արփիար Արփիարեան, կը խոստովանի` թէ «Իմ ձերբակալութեանս պատճառն էր Տրապիզոնի կեդրոնէն Պօլիս Համբարձում Պօյաճեանին (Մուրատ) գրուած կարգ մը նամակներ, որոնց մէջ անունս յիշատակուած էր զանազան պարագա- ներով։ Պօյաճեանի բացակայութեանը Մամբրէ ինքն առնելով այդ նամակները յանձնած էր Նազըմին. յեղափոխական շատ մը գաղտնիքներ երեւան եկան այդ նամակներէն»։ Մարտ, 1897, թիւ 6։ Տե՛ս նոյն տեղը, «Խմբագրութեան ծանօթութիւնները», էջ 34։ Արեւելքէն ետք, մեղայագիրին ամբողջական բնագիրը հրատարակուած է նաեւ Յաւելուած Դրօշակի, 15 Դեկտեմբեր 1899-ի համարին մէջ. «Արփիարեանի դատապար- տութիւնը. I Երախտագիտական արտայայտութիւն առ Վեհ. Սուլթանն», [ստորագրուած`] Արփիար Արփիարեան, Ն. Կ. Վեհափառութեան ամենախոնարհ եւ երախտագէտ ծառայ, էջ 25-26։ 52. Ամէն տարի Օգոստոսի 19-ին, պատշաճ հանդիսաւորութեամբ նշուած է սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. Օգոստափառ կայսեր գահակալութեան տարեդարձը։ Օրմանեան սրբազան կը պատմէ` թէ Խորէն Աշըգեան պատրիարքին «գաղափարն էր եղած կայսեր ծննդեան եւ գահակալութեան օրերը, մայր եկեղեցւոյ մէջ շարականով եւ ընթերցուածով եւ աւետարանով մաղթանքներ կատարել` եկեղեցական եւ պաշտօնական եւ ժողովրդա- կան դասերու մասնակցութեամբ, եւ յորդորական եւ մաղթողական քարոզով, որ հետզհե- տէ պարտադիր սովորութեան կարգն անցաւ»։ Տե՛ս Ազգապատում, հատոր Գ., հատուած 2974։ 53. Կ. Պոլսեցի Սարգիս Մինասեան, «պսիւտոնիմն»` Ազատորդի, եղած է միամօր զաւակ, եւ Կեդրոնական Վարժարանի մէջ` Բաբկէն Սիւնիի ընկերակիցը։ Դրօշակի խմբագրութեան ղրկուած Յ. Իւսուֆեանի նամակներուն մէջ (15/27 օգոստ., 95)` Մելիք ծածկանունով, կը հաղորդուի հետեւեալ տեղեկութիւնը. Մենէ ուսանող մը (Ազատորդին) կ’ուզէ Ժընեւ գալ ուսանելու, բայց միջոցները շատ չեն` 4 թուրք. լիրայ, արդեօք կարո՞ղ է այդ գումարով հոդ ապրիլ։ Կ’ուզէ հասարակական գիտութիւններ սովրիլ եւ մանկավարժութիւն. ի՞նչ խորհուրդ կու տաք։ Տե՛ս Դիւան Հ. Յ. Դաշնակցութեան, Յաւելուած Հայրենիք ամսագրի, հատոր առաջին, Պոսթըն, 1934, էջ 242։ Նոյն նամակագիրը` 24 հոկտ., 95 թուակրով, կը հաղորդէ. 353
Երէկ ճամբայ ընկաւ դէպի ձեզ Կեդրոնական շրջանաւարտ եւ 2-3 տարի Պոլսոյ մէջ ուսուցչութիւն ըրած Սարգիս Մինասեանը, որ կ’ուզէ լսել տեղւոյդ համալսարանի մէջ ընկերային գիտութիւնները։ Այս անձը մենէ է, շատ գառ, ազնիւ երիտասարդ մըն է, վերին աստիճանի աշխատասէր, ընդունակ, բարի, բայց քիչ մը թոյլ կամքի տէր եւ զուրկ մարտնչող հոգուց եւ ինքնուրոյն ինիցիատիւից։ Այդ երիտասարդը կրնաք շահագործել։ Ձեզ պէտք էր թուրքահայ բարբառին ծանօթ մէկը, որ այդ բարբառով գրուած թղթակցութիւնները սրբագրէր. Սարգիսը ամենայն յաջողութեամբ կրնայ այդ անել։ ... Բոլորովին վստահելի է ամէն կողմէ եւ գաղտնապահ, մեր տեղական երկրորդական կոմիտէ- ներէն մէկուն անդամն է։ Եթէ այդ անձը քիչ մը աւելի համարձակութիւն, մարտնչող հոգի, քիչ մըն ալ ինիցիատիւ ունենայ, կրնայ շատ օգտակար լինել։ Տե՛ս նոյն տեղը, 251։ Դիւանի մէջ` էջ 242-ի ծանօթագրութիւնը կը յայտնէ, թէ Սարգիս Մինասեան Ժընեւ անցնելուց յետոյ, սկսեց Դրօշակում վարել «Թիւրքիոյ շուրջ» բաժինը։ 1958 թ., Յուսաբերի Տպարանէն լոյս տեսան` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Փարիզի Դիւան- Թանգարանին մէջ գոյութիւն ունեցող Դրօշակի առաջին տասնամեակի 1891-1901 տարի- ներու միակ հաւաքածոյին լուսապատճէն երկու հատորները։ Սկզբի շրջանի Դրօշակների մեծ մասը անստորագիր էր։ Մենք փակագծի մէջ կը դնենք եւ հեղինակների անունը, որքան հնարաւոր է ճշտել նրանց ինքնութիւնը։ Տե՛ս Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 1890-1897։ Դրօշակների բովանդակութիւնը, 1891-1897 [առանց էջաթիւի]։ «Թուրքիոյ շուրջը» յօդուածներուն առաջինը` լոյս տեսած է 1 Յունիս 1896-ին, էջ 111- 112, իսկ վերջինը` 1 Դեկտեմբեր 1901-ին, էջ 162-164, թիւով երկու տասնեակէն աւելի։ Այս շարքէն զատ, դարձեալ անստորագիր, լոյս տեսած են հետեւեալ յօդուածները. - «Բաբկէն Սիւնի», 30 Նոյեմբեր 1896, էջ 210-212։ - «Թող յիշեն», 18 Դեկտեմբեր 1896, էջ 218-219։ - «Կլատսդօն», 31 Մայիս 1898, էջ 45-47։ 54. Սարգիս Մինասեան` «Թուրքիոյ շուրջը» յօդուածաշարքին մէջ կը գրէ. Ինչպէս ամէն տարի, աս տարի ալ սուլթան Համիդի տարեդարձը պիտի տօնւի, բայց արտասովոր փառքով եւ շքով, զի անոր օգոստափառ փատիշահութեան քառորդ դարու վեհապանծ շրջանն է որ կը բոլորի։ Կարժէ որ մեռելներն իսկ ողջննան եւ իրենց մունջ հրճւանքը խառնեն ատ հանդիսաւոր կօմէտիին, որ ամէն դարու ամենէն մեծ հեգնութիւնը եւ էն սարսափելի ժէստը պիտի ըլլայ քսան միլիօն ժողո- վուրդի մը գիտակցութեան։ ...Մենք, իբր հայեր, Համիդի տարեդարձին առթիւ, որուն շուքը մեր վրայէն եւ սուրը մեր վզէն անպակաս չընէ ալլահը - մեր ձայնը եւս կուզենք լսելի ընել այս մեծաշուք օրին։ Տե՛ս Դրօշակ, No 6, Օգոստոս 1900, էջ 92։ 55. Նոյն յօդուածին մէջ, Սարգիս Մինասեան կը շարունակէ. Սա անսպասելի վայրագութիւնները (Սասունի Սպաղանք գիւղի) կը կատարւին շանծնունդ սուլդան Համիդի աշխարհաւեր արծաթամեակի եւ Օրմանեան պատրիարքին ոսկեհուռ ալպօմներու մէջ խանդաղատանօք ու անկեղծօրէն պատրաստած ուղերձին նախընթաց օրերը։ Պինլէր եաշա՛, ծօ Համիդ։ 354
Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 93։ «Պինլէր եաշա՛», թրքերէն արտայայտութիւն` հազար կեցցէ՛. պինլէր` տառացի նշանակութեամբ, հազարներ։ Սարգիս Մինասեան այլ առիթով ալ նման արտայայտութիւն մը գործածած է. «Չօ՜ք եաշա Համիդ»։ Տե՛ս Դրօշակ, No 7, Օգոստոս 1899, էջ 105։ «Փառաբանական ուղերձը» ներկայացնող հետաքրքրական տեղեկութիւններ կարելի է գտնել նամակ Կ. Պօլսէն, 15/27 նոյեմբեր 1899 թուակրով «Ամսական տեսութեան» մէջ։ Տե՛ս Դրօշակ, No 10, Դեկտեմբեր 1899, էջ 151։ 56. Տեսնել թիւ 45 եւ 46 ծանօթագրութիւնները։ 57 եւ 58. Արփիար Արփիարեանի «սակաւապէտ» ապրիլը եւ «փնթի ըլլալու աստիճան»-ին մէջ գտնուիլը` սիրտ ճմլող նկարագրութեամբ կարելի է կարդալ Ստեփան Շահպազի յիշեալ մենագրութեան մէջ, էջ 243-248։ Իր մտերիմներէն` Արշակ Չօպանեանի վկայութեամբ, Արփիար Արփիարեան «ժուժ- կալ կեանք մը կը վարէր, միշտ թափթփած հագուստներով, միշտ գրպանը պարապ»։ Տե՛ս «Դէմքեր. Արփիար Արփիարեան», Անահիտ, 1901, Փետրուար, թիւ 2։ Իր գրպանի յուշատետրին մէջ` Արփիար Արփիարեան սովորութիւն ունեցած է նման գրառումներ կատարելու. «Աչքերս կը փակուին անօթութենէս», «Գլուխս կը դառնայ անօթութենէ, ու աչքերս կը կտրտին»...։ Տե՛ս Կառափնատ, Ա. տարի, 1910։ 59. Vegetarian բառը ԺԹ. դարու անգլերէն բառակերտում է. ֆրանսերէն` végétarien։ Երկու տարբերակ ունի այս սննդականոնը. ըստ ֆրանսական ձեւին, միսի փոխարէն, անհատը կը սպառէ միայն կենդանական ծագումով սննդեղէն` ինչպէս կաթ, կարագ, հաւկիթ, եւայլն։ Իսկ անգլիական ձեւին համաձայն, մարդուն ուտելիքը պէտք է ըլլայ միայն բուսական. այսինքն` պէտք է պարունակէ միայն բանջարեղէն, պտուղներ, հացա- հատիկ, կաղին, եւայլն։ Անոնք կը մերժեն ուտել միս, ձուկ, հաւազգի կամ կենդանական ծագում ունեցող որեւէ ուտելիք։ Տե՛ս - Dictionnaire Hachette, Paris, 1980, p. 1329. - Webster’s Encyclopedic Unabridged Dictionary of the English Language, New York/ Avenel, New Jersey: Gramercy Books, 1989, p. 1583. 60. «Իբր պարզ պատմագիր», Արփիար Արփիարեան «Ժամանակակից պատմութեան էջեր» գրի առնելով, ներկայացուցած է «Կ. Պոլսոյ պահպանողական վարչութիւնները»։ - «Ա. 1885-1887. վարչութիւն Նուրեան Էֆէնտիի», Նոր կեանք, հանդէս ազգային, գրա- կան, քաղաքական, Լոնտոն, Ա. տարի, թիւ 1, 1 Յունուար 1898, էջ 3-7։ - «Բ. 1887-1889. վարչութիւն Մագսուտ Սիմոն Պէյի», թիւ 3, 1 Փետրուար 1898, էջ 39- 41։ - «Գ. 1889-1891. վարչութիւն Պ. Սահակ Ղազարոսեանի», թիւ 3, 1 Փետրուար 1898, էջ 41-43. թիւ 5, 1 Մարտ 1898, էջ 68-74։ - «Դ. Յուլիս 15ի ցոյցը եւ հետեւանքները», թիւ 7, 1 Ապրիլ 1898, էջ 99-105։ - «Ե. 1889-1891. վերադարձ Խորէն Աշըգեան Պատրիարքի», թիւ 9, 1 Մայիս 1898, էջ 355
138-140։ - «Զ. 1890-1891. դիկտատորութիւն Աբիկ Էֆէնտի Ունճեանի», թիւ 10, 15 Մայիս 1898, էջ 148-150։ - «Է. Դիկտատորութիւն Աբիկ Էֆէնտի Ունճեանի», թիւ 11, 1 Յունիս 1898, էջ 169-173։ - «Ը. 1891-1894. երկրորդ վարչութիւն Մագսուտ Սիմոն Պէյի», թիւ 12, 15 Յունիս 1898, էջ 186-188։ - «Թ. երկրորդ վարչութիւն Մագսուտ Սիմոն Պէյի», թիւ 13, 1 Յուլիս 1898, էջ 198-203։ - «Ժ. 1891-1894. պահպանական վարչութեան ջնջումը», թիւ 15, 1 Օգոստոս 1898, էջ 231-234։ Որպէս վերջաբան` Արփիար Արփիարեան կ’եզրափակէ. Այս ուրուագծին նպատակն էր հայ ժողովրդին ուշադրութիւնը հրաւիրել հետեւեալ երեւոյթին վրայ։ Հայոց պատրիարքարանը տասը տարի շարունակ, Հայ ազգին երեսփոխանական ժողովին հաճութեամբը, պահպանողական ու թրքասէր պատրիարքներու եւ վարչութիւններու բացարձակ իշխանութեանը տակ մնաց. նոյն իսկ 1889-91ի ազատական վարչութիւնը հակաթրքական քաղաքա- կանութեան հետեւող չէր այլ պարզապէս ուղղամիտ մարմին մը որ ուզեց ազգին շահերը օսմանեան օրէնքներով արդարութեամբ պաշտպանել։ Եւ սակայն այդ թրքասէր պահպանողական տասնամեայ անընդհատ պաշտօնավարութիւնը ճիշդ այն արդիւնքը տուաւ որոնք անհաճոյ էին եւ անսպասելի թէ՛ օսմանեան կառավարութեան, թէ՛ թրքասէր կուսակցութեան։ Յարութիւն պատրիարքով եւ Նուրեան Էֆէնտիով 1885ին սկսուած եւ Աշըգեան Խորէն պատրիարքով ու Մագսուտ Սիմոն պէյով 1894ին վերջացած քաղաքականութիւնը հետեւեալ արդիւնքները տուաւ. Ա. Օսմանեան իշխանութեան ատելի ու Երուսաղէմ աքսորուած Խրիմեան Հայրիկը ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ընտրուեցաւ։ Բ. Սահմանադրութիւնը որուն ջնջումին կը հետամտէր կառավարութիւնը, եւ որ 91էն ի վեր դադարման դատապարտուած էր, վերակենդանացաւ։ Գ. Դռնէն 1891ին եւ ոչ իսկ իբր Կրօնական ժողովին անդամ վաւերացուող Իզմիրլեան Մատթէոս եպիսկոպոսը Թիւրքիոյ Հայոց պատրիարք ընտրուեցաւ։ Դ. Դռնէն 1891ին եւ ոչ իսկ իբր Կրօնական ժողովին անդամ վաւերացուող Ալէաթճեան Գրիգորիս եպիսկոպոսը Կրօնական ժողովին ատենապետ ընտրուեցաւ, ու քիչ ետքն ալ Կիլիկիոյ կաթողիկոս։ Ե. Օսմանեան կառավարութեան ծառայող հայ պաշտօնեաները պատրիարքարանի գործօն ժողովներէն վտարուեցան։ Զ. Ազգային իրաւունքները եւ առանձնաշնորհումները վերակենդանացան։ Է. Հայկական հարցը` որուն Եւրոպայի խնդիրներու օրակարգէն ջնջումին կը հետամտէր Դուռը, Եւրոպայի արեւելեան ամէնէն մեծ խնդիրը եղաւ, եւ Հայաստանի բարեկարգութիւններու ծրագիրը պատրաստուեցաւ երեք պետութիւններու պաշտպանութեամբ։ Տե՛ս Նոր կեանք, թիւ 15, 1 Օգոստոս 1898, էջ 234։ 61. Պէշիկթաշի գերեզմանատան խնդիրը` որ տեղի ունեցած է 1887 թ. սկիզբները, ինչպէս կը նկարագրէ Արփիար Արփիարեան, պիտի ներկայացուի յաջորդ ծանօթագրու- թեան մէջ։ Այստեղ պիտի մէջբերուի Յովհաննէս Նուրեան Էֆէնտիի դերակատարութեան բաժինը միայն. Այդ յանկարծական պահանջումը երեւան կուգար Նուրեան էֆէնտիի օրովը ուստի եւ մեծկակ խաղի մը կասկածը արթնցաւ մտքերու մէջ։ Տե՛ս Նոր կեանք, Ա. տարի, թիւ 1, էջ 6։ 62. Սուլտան Ապտիւլ Համիտ իր հաստատուն բնակութիւնը հաստատած էր Եըլտըզի ամարանոց 356
պալատը, որուն գրեթէ կից էր Պէշիկթաշի Հայոց գերեզմաննոցը, եւ սուլտանին աչքին անհաճոյ կու գայ գերեզմաններու տխուր տեսարանը, որուն տեղ կը բաղձար զուարճալի պարտէզ մը տեսնալ։ Այս նպատակով պատրիարքէն խնդրուեցաւ որ գերեզմաննոցի ոսկորները վերցուին, եւ գերեզմանը արքունիքին թողուի։ Խնդիրը սկսած էր 1887 յունուար 15-ին, եւ մասնաւոր գիրեր փոխանակուած էին արքունեաց նախարար Ղազի Օսման փաշայի եւ Յարութիւն (Վեհապետեան) պատրիարքի միջեւ։ Պատրիարքը կ’առաջարկէր իր կողմէն գերեզմաննոցը պարտէզի փոխարկել` առանց ոսկորները շարժելու, եւ միանգամայն արտօնութիւն կը խնդրէր Բերայի գերեզմաննոցին եկեղեցին վերաշինել եւ ճամբուն կողմը չթաղուած մասին մէջ կալուածներ կառուցանել։ Իսկ փաշան առաջին առաջարկը կը մերժէր, եւ վերջիններուն համար միջնորդել կը խոստանար, որովհետեւ խնդիրը արքունեաց հետ էր, պատրիարքը առանց միջնորդի ուղղակի կայսեր դիմելը յարմարագոյն տեսնուեցաւ։ ...Պատրիարքին տարած գիրով կը բացատրուէր գերեզմաննոցներու նուիրական նշանակութիւնը եւ գերեզմաններու անձեռնմխելիութեան կանոնը, եւ պետական օրէնքով փոխանցումը եւ գրաւումէ ազատ ըլլալը, եւ ժողովուրդին կրօնական զգացմանց տագնապը, եւ կը խնդրուէր կայսերական գթասիրութեան շնորհը։ Դիմումը իր յաջող ելքն ունեցաւ։ Սուլտանը կը հրամայէ, որ գերեզմաննոցին միայն պատերը վերցուին, եւ փոխանակ վանդակապատեր դրուին, քարեր եւ ոսկրներ` հող աւելցուելով` լաւ ծածկուին, ծառեր տնկուին, սեփականութիւնը Հայոց մնայ եւ մերթընդմերթ քահա- նաներ կարենան գալ եւ գերեզմանները օրհնել։ Տե՛ս Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան, Ազգապատում, Գ. հատոր, Բ. տպագրութիւն, Պէյրութ, տպ. Սեւան, 1961, հատուած 2931։ Հրապարակագիրի մերձեցումով, նոյն դէպքին մանրամասնութիւնները կ’ամբող- ջացնէ Արփիար Արփիարեան. Պէշիկթաշի գերեզմանատան խնդիր մը ծագեցաւ 1887ի սկիզբները։ Եըլտըզի պարտէզն ու քէօշկը հետզհետէ աւելի կարեւորութիւն ստացած ըլլալով, 1865էն ի վեր ո՛ եւ է թաղում արգիլուած էր արքայական զբօսավայրին մերձակայ հողերուն վրայ։ Հիմայ Եըլտըզը ոչ թէ զբօսատեղի մը այլ Սուլթանին մշտնջենական բնակարանն էր թէեւ, սակայն տասը տարուան մէջ Սուլթանը բնաւ չէր յիշած այդ մոռցուած հին մեռելաստանը, երբ մէկէն ի մէկ 1887ին անոր գրաւումին շշուկը սկսաւ տարածուիլ։ Սուլթանին ինքնածին գաղափա՞րն էր այդ խորհուրդը. ոչ ոք որոշ բան մը ըսելու կարող էր։ Այդ յանկարծական պահանջումը երեւան կուգար Նուրեան էֆէնտիին օրովը ուստի եւ մեծկակ խաղի մը կասկածը արթնցաւ մտքերու մէջ։ Պէշիկթաշի անպէտ գերեզմանատան գրաւումով շիրիմներու անբռնաբարելիութեան կրօնական սկզբունքը անգամ մը ջնջելէ յետոյ անկէ ետքը Բերայի գերեզմանատան յափշտակութիւնը հնարաւոր ընծայելու համար Նուրեան էֆէնտիի եւ Մապէյն Միւշիրի Ղազի Օսման փաշայի միջեւ համաձայնութեան մը գոյութիւնը կասկածուեցաւ։ Այդ Բերայի գերեզմանատունն ալ 1865էն ի վեր կը մնար լքեալ. Խրիմեանի Պատրիարքութեանը արտաքին գործերու նախարար Խալիլ Շէրիֆ փաշա թէեւ մտաբերեց պետական կալուածի վերածել հարիւր հազար ոսկիներով արժէք ունեցող այդ լայնածաւալ հողը, սակայն ժողովրդային յուզումը պարտա- ւորեց նախարարը հրաժարիլ բաղձանքէն։ Զինուորական իշխանութեան աչքերը միշտ յառած կը մնային զօրանոցներէ շրջապատուած, ռազմական գերազանցօրէն կարեւոր հողի մը վրայ որուն դէմը կը տարածուի Արէսեան դաշտը։ Բերայի գերեզմանատան գրաւումէն Նուրեան էֆէնտի կը յուսար բազմաթիւ շահեր որոնց մէջ պզտիկ տեղ մը չէր վիճակուած իբր փոխարինութիւն Բերայի եկեղեցիին կարեւոր գումարի մը «պարգեւ»ին յոյսին. միապետ խնամակալ Բերայի թաղին, Նուրեան էֆէնտի իր անկախ տրամադրու- թեան տակ պիտի ունենար այդ գումարին գործածութիւնը։ Իսկ Ղազի Օսման փաշային ջերմագին 357
բարեացակամութեան շնորհները ակնկալելու ամէն իրաւունք պիտի վայելէր տակաւին «Մէճիտիէ»ի բարձրագոյն կարգերէն զուրկ պաշտօնեան։ Եթէ արդարեւ Սուլթանը «փափագ» յայտնած էր պարտէզի վերածուած տեսնել իր բնակարանին մօտ բայց աչքէն հեռու մեռելաստանը, այդ օրինակ փափաք մը պարզապէս «հրաման»ի քաղաքա- վարական հոմանիշը կրնար համարուիլ. ու անքաղաքագիտութեան վերջին խօսքն էր օսմանեան կայսրութեան միահեծան պետին, իսլամութեան խալիֆային հրամանը «րայա»ներու ժողովքի մը հրապարակային վիճաբանութեանն ու որոշումին վտանգներուն ենթարկել։ Այսպիսի դժուար պարա- գայի մը խելացի եւ ճշմարտապէս ազգասէր վարչապետ մը, թէեւ կառավարական պաշտօնեայ բայց իր կառավարութեան ալ անշահախնդիր ծառայող պարկեշտ պաշտօնեայ մը ըլլար, խնդիրը պիտի լուծէր անձայն անշշուկ, պատրիարքական ու կաթողիկոսական շրջանակներուն մէջ։ Եթէ Սուլթանին փափաքին մերժողական պատասխան մը եկեղեցիին վերջնական պահանջումն էր, այդ ծանր պարտականութիւնը միայն պատրիարքը կրնար կատարել, «աղաչելով» Սուլթանը չվիրաւորել «պարզամիտ» ժողովրդին բարեպաշտական զգացումները. Սուլթան Համիտ բաւական նրբամիտ էր ըմբռնելու համար «աղաչանք»ին ներքին նշանակութիւնը։ Իսկ եթէ ազգային շահերը կը պարտաւո- րէին Պատրիարքարանը տեղի տալ, խնդիրը պէտք էր լուծել կաթողիկոսական բացառիկ տնօրինու- թեամբ։ Լռիկ կարգադրութիւն մը սակայն չէր կրնար նպաստել Նուրեան էֆէնտիին շահերուն, որոնց լիակատար յաջողութեան պայմանը ազգային «ահեղ ընդդիմադրութեան մը» ջախջախումին կատակերգութեան մէջ կը փնտռուէր։ Շահախնդրական այս անձուկ ոտքով վարեց Նուրեան էֆէնտի Պէշիկթաշի գերեզմանատան հարցը։ «Ահեղ ընդդիմադրութիւն մը» ջախջախած ըլլալու պատիւը վայելելու համար հարկ էր նախ այդ ընդդիմադրութիւնը ստեղծել։ Նուրեան էֆէնտիին ամբողջ ռազմայարդարութիւնը կայացաւ ժողովը շուարեցնելու, գրգռելու մէջ։ Կրօնական ու քաղաքական կրկնակի հանգամանքով այսքան կարեւոր խնդիր մը Ազգային ժողովին վերաքննութեանը կ’ենթարկուէր առանց վարչութեան կրօնական ու քաղաքական ժողովնե- րուն համաձայն մէկ տեղեկագրին, որմէ երեսփոխանական մարմինը կարենար առաջնորդուիլ։ Անգամ մը որ փոխանակ Էջմիածին դիմելու վարչութիւնը Պոլսոյ Ազգային ժողովին վճռին կ’ենթարկէր գերեզմանատան մը կրօնական հարցը, տարրական խոհեմութիւնը կը պահանջէր գոնէ նախա- պատուութիւնը տալ քաղաքական նկատումներու. ժողովը ընդհակառակը եկեղեցական Համագումարի մը կերպարանքը առաւ։ Տ. Խրիմեան յայտարարեց թէ ինք պիտի չի թոյլատրէ գերեզմանատունը յանձնելու համար մինչեւ իսկ կաթողիկոսական հրամանի մը գործադրութիւնը։ - Կաթողիկոսը ես եմ, գոչեց։ Ու Ղեւոնդեանց տօնախմբութիւնը, այդ փետրուարի 7 երեքշաբթի օրն իսկ, սրտերը յուզող պերճախօս ատենաբանութեան մը առիթ ընծայեց ապագայ կաթողիկոսին որ շատ չանցած գլուխ պիտի կանգնէր գերեզմաննոցը յանձնել փափաքող եպիսկոպոսական խմբակին. բայց այդ պահուն Աւարայրի յիշատակները հրաբորբոք կը խանդավառէին այն օրուան տաքուկ արեւին մէջ Պատրիար- քարանին մեծ սրահը զինուորեալ երեսփոխաններուն սրտերը։ Ու կը հրճուէր Նուրեան էֆէնտի այս բորբոքումէն, բայց երբ ա՛լ կարծեց թէ ընդդիմադրութիւնը իր ուզած աստիճանին հասած է` մէջ տեղ նետուեցաւ ահաբեկիչ սարսուռով մը հակառակորդները անձնատուութեան հարկադրելու։ - Եթէ գերեզմանատունը չի տաք ազգին գլուխը կրա՜կ պիտի թափի, կրա՜կ, գոռաց։ Տե՛ս Արփիար Արփիարեան, «Կ. Պոլսոյ պահպանողական վարչութիւնները. Ա. 1885- 1887. վարչութիւն Նուրեան էֆէնտիի», Նոր կեանք, Ա. տարի, թիւ 1, 1 Յունուար 1898, էջ 6։ 63. Նիքոլո՛յ Մաքիաւելլի` ծնած եւ մեռած է Ֆիրենցէ, 1469-1527 թթ.։ Պետական գոր- ծիչ, հրապարակախօս, պատմաբան, բանաստեղծ, թատերագիր եւ նոր ժամանակներու 358
յիշատակութեան արժանի առաջին ռազմական գրողը։ Յաւերժ կը յիշատակուի իր նշանաբանը` «Վախճանը կ’արդարացնէ միջոցները» (Il fine giustifica i mezzi)։ Տե՛ս - Machiavelli Nicoló, ‘Lexicon Vallardi’, Enciclopedia Universale Illustrata, Volume VII, Mi- lano, pp. 60-62. - J. Demodeot, Histoire des littératures étrangère, nouvelle édition, Paris: Librairie Hachette et Cie, 1897, pp. 111-122. - Domenico Magrì, Storia della letteratura italiana, nuova edizione, riveduta e ampliata, Torino: Società Editrice Internazionale, 1953, pp. 146-162. - Հովհաննես Մամիկոնյան, Արտասահմանյան գրականության պատմություն. վերա- ծննդյան դարաշրջան, երկրորդ, վերամշակված եւ լրացված հրատարակություն, Հայպե- տուսմանկհրատ, Երևան, 1961, էջ 208-212։ 64. «Ազգային կեանքի նոր շրջանը` որ 1879ին սկսած էր, կը յանգէր 1890 Յուլիս 15ին. Գում-Գաբուի ցոյցը անցեալի մը վերջակէտն էր ու ապագայի մը մեկնակէտը», կը պատ- մագրէ Արփիար Արփիարեան։ Տե՛ս Արփիար Արփիարեան, Պատմութիւն ԺԹ. դարու Թուրքիոյ հայոց գրականու- թեան, էջ 177։ 1890 յուլիս 15-ին, Վարդավառի դիմացի կիրակին, որ միանգամայն Տաճկաց Գուրպան պայրա- մին առաջին օրն էր, կանուխէն կը սկսին Գումգաբու հաւաքուիլ խումբ խումբ ազգայիններ, ընդհանրապէս գաւառացիներ, եւ գաղտնի կուսակցութեան մը յարողներ, որ 1887 դեկտեմբերին Ժընէվի մէջ հրատարակուիլ սկսած Հնչակ ամսաթերթին անունէն Հնչակեան կոչուիլ սկսած էին, եւ 1890 տարւոյ սկիզբէն մայրաքաղաքի մէջ ըմբոստ եւ յանդուգն ցոյցերու ձեռնարկող վարիչ մարմին կազմած էին։ Այդ մարմինին համոզմամբ իբր թէ մայրաքաղաքի մէջ ցոյց մը` պիտի կարենար Եւրոպան միջամտելու եւ Թուրքիան գործելու բռնադատել. ուստի կ’որոշեն այդպիսի ցոյց մը կազմակերպել։ Պահանջմնագիր մը կը պատրաստեն ժողովուրդին մէջ ցրուելու, եւ կը խորհին զայն յուզումնալից կերպով հրապարակ հանել, եւ պատրիարքին ձեռքով կայսեր ներկայացնել տալ։ Ցոյցին գործադրութեան յանձերնին կ’առնեն` Յարութիւն Ճանկիւլեան Վանեցի եւ Համբարձում Պօյաճեան Հաճընցի. վերջին պահուն` առաջինը կ’ըլլայ թէ պահանջմնագիրը առաւօտեան ժամերգութեան ատեն եկեղեցւոյ մէջ կարդացողը, եւ թէ պատրիարքը մահուան սպառնալիքով եւ ատրճանակներու ցուցադրութեամբ դէպի կայսերական պալատը երթալու ստիպողը, մինչ երկրորդը ամբոխին մէջ դիտողի եւ հսկողի դեր կը վարէ։ Յայտնի է որ պատրիարքը չէր կրնար այս տեսակ պատրաստութեամբ կայսեր ներկայանալ, եւ կը ջանար գործին ձեւը փոխել եւ ամբոխը ցրուել, մինչեւ իսկ կը խոստանայ միւս օրը պաշտօնական այցելութեան առթիւ գրուածը տանիլ։ Այդ բուռն ցոյցերու կարգին, կայսեր կողմէ նուիրուած թուղրային վրայ կը խոյանար Ճանկիւլեան, ու վար առնելով կը ջախջախէր։ Պատրիարքը ճարահատ եւ մահուան սպառնալիքին ներքեւ շուարած, բռնութեան հպատակելով տեղի կու տար, եւ ամբոխը հետը պատրիարքարանէ կը մեկնէր։ Ժխորը լսելուն վրայ` ոստիկանութիւնը տեղւոյն վրայ կը հասնէր, երբ արդէն պատրիարքն ու ամբոխը դէպի Քատըրկա յառաջացած էին, գնացքը հասած տեղը կը կեցնէ, եւ պատրիարքը յոյնի մը մերձակայ տունը կը տարուի, իրեն հետ Ճանկիւլեանն ալ, որ պատրիարքին պաշտպանութեան դերը ստանձնած էր. ամբոխէն 27 գլխաւորներ կը ձերբակալուէին, եւ նոյն տան մէջ հարցաքննութիւններ 359
եւ հետազօտութիւններ կը սկսէին, որոնց կը նախագահէր Տէրվիշ փաշա` կայսեր յատուկ հրամանով, զի կայսրը նոյն պահուն պայրամի հանդիսական արարողութեանց մէջ կը գտնուէր նոյն ժամայն, ոստիկանութեան նախարար Քեամիլ պէյը պաշտօնանկ կ’ըլլար, ժամանակին արթուն չգտնուելուն համար եւ դատաստանի կ’ենթարկուէր, եւ Նազըմ պէյ անոր կը յաջորդէր։ Եկեղեցւոյ մէջ թուղթ կարդացողը եւ թուղրան կոտրողը կը փնտռուէին, իբրեւ շարժումին պետերը, նոյնիսկ Ճանկիւլեանի առջեւ, որ հանդարտօրէն նստած էր պատրիարքին մօտ, մինչեւ որ երկուքն ալ նոյն իսկ ինքն եղած ըլլալը ականատեսներէն կը վկայուէր, եւ նա ալ ձերբակալութեան եւ հարցա- քննութեան կ’ենթարկուէր պատերազմական ատեանի առջեւ եւ սպարապետի նախագահութեամբ։ Սաստիկ հետապնդութեամբ յառաջ կը տարուէր զինուորական ատեանին դատավարութիւնը, եւ Օգոստոս 8-ին վճիռը կը հրատարակուէր, որով Յարութիւն Ճանկիւլեան մահուան, եւ կայսերական ներմամբ ցկեանս բերդարգելութեան, եւ ուրիշ երեք անձեր 15 եւ հինգ ալ 5 տարուան բերդարգե- լութեան կը դատապարտուէին, 16 հոգի ալ անպարտ կ’արձակուէին։ Տե՛ս Ազգապատում, Գ. հատոր, հատուած 2947։ Պատրիարքին թանձրամտութիւնը, եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետին թերահաւատու- թիւնը ժողովրդային շարժումի մը հնարաւորութեան մասին, անխուսափելի ըրին 1890 յուլիս 15ի ցոյցը։ Գործնական Յեղափոխութեան թուականը բացուեցաւ այդ օրը Գում-Գաբու։ Բարի՞ք մը թէ չարիք մը այդ ցոյցը։ Տե՛ս Արփիար Արփիարեան, «Յուլիս 15ի ցոյցը եւ հետեւանքները», Նոր կեանք, Ա. տարի, թիւ 7, 1 Ապրիլ 1898, էջ 99-102։ [Կ. Պոլսոյ Վարիչ Մարմնոյն ընկերները] ճիշտ ժամուն ներկայ էին ժողովին։ Ժողովը միաձայնութեամբ որոշեց որ ցոյցը տեղի ունենայ Գում Գաբուի Մայր եկեղեցւոյ եւ Պատրիարքարանի մէջ, Յուլիս 15 Կիրակի, Գուրպան Պայրամի առաջին օրը։ Հակառակ մեր երեք ընկերիս փափաքին, մեծամասնութեամբ որոշուեցաւ խաղաղ ընել, ո՛չ զինեալ. որոշուեցաւ պահանջմնագրով մը արդի վիճակը մեր մէկ ընկերոջ հետ Աշըգեանի միջոցաւ ներկայացնել Համիտին։ Որոշուեցաւ որ ցոյցին գլխաւոր լիազօր ղեկավարները ըլլան երկու ընկերներ. ընկերներէն մին «Առաքելոց»ի ժամանակ պահանջմնագիրը կարդայ Մայր Եկեղեցւոյ աւագ Խորանէն եւ միւս ընկերը Աշըգեանը առնելով Պալատ երթայ եւ պատրաստուած պահանջմնագիրը ներկայացնէ, իբր Հնչակեան Կուսակցութեան ներկայացուցիչ։ Ցոյցին սկիզբէն մինչեւ վերջը ցուցարար ընկերները պիտի ենթարկուէին երկու գլխաւոր ղեկավար ընկերներու հրահանգներուն։ Իսկ Խան Ազատ, Մեղաւոր- եան, Սիմէոն եւ Ռափայէլ չպիտի մասնակցէին ցոյցին, որպէս զի հակառակ պարագային եթէ ձերբա- կալուէին, Թուրք Կառավարութիւնը` օտարահպատակ Հայերու մասնակցութեան տեղեակ չըլլար։ Երկու ղեկավար ընկերները պէտք էր վիճակով ընտրէինք, որուն համար 15 վայրկեան դադար տրուեցաւ։... Տե՛ս Յ. Կ. Ճանկիւլեան, Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն (պատկերազարդ), մասն Գ., Տպարան Կոհակի, Կ. Պոլիս, 1913, էջ 13 ... 123։ Այդ ցոյցին «հեղինակներէն եւ մասնակիցներէն» մէկը` Միհրան Տամատեան կը յուշագրէ. 1890ին, Մայիս ամսուան ընթացքին օսմանեան կառավարութիւնը Կարինի մէջ կը կատարէ բազմաթիւ ձերբակալութիւններ։ Կարնոյ հայերը տեղւոյն Հնչակեան մասնաճիւղին առաջնորդու- թեամբ բողոքի խաղաղ ցոյցեր կազմակերպեցին։ Ցոյցին կը հետեւի Կարնոյ կոտորածը։ 360
Երբ Կարինի այս դէպքերուն լուրը կը հասնի Պոլիս, Հնչակեան մասնաճիւղը ի նշան բողոքի, կը կազմակերպէ 1890 Յուլիս 15ի (հին տոմար) Գում Գաբուի խաղաղ ցոյցը որ յետոյ կը վերածուի կառավարական միջամտութեամբ արիւնոտ պատահարի։ Այդ ցոյցին առթիւ կը ձերբկալուին Յարութիւն Ճանկիւլեան եւ ուրիշ մէկ քանի Հնչակեան ընկերներ։ Գում Գաբու ցոյցէն ետք, Կ. Պոլսոյ Հնչակեան մասնաճիւղը կը կատարէ մէկ քանի ահաբեկչական գործողութիւններ։ Տե՛ս Պ. Յ. Տեփոյեան, «Տամատեանի թերաւարտ յուշագրութիւնը», Միհրան Տամատ- եան (1863-1945), Ուխտուածներ մատենաշար, թիւ 1, Արեւի թերթօնը, Գահիրէ, 1956, էջ 40։ 65. Կ. Պոլսոյ Խորհրդական Մարմնի պատուիրակի հանգամանքով, Արփիար Արփիարեանի տեսակցութիւնը` Գում Գաբուի ցոյցին առիթով, Խորէն Աշըգեան Պատ- րիարքին հետ, տեղի ունեցած է Ղալաթիոյ Ազգային Խորհրդարանը, 1890 Յուլիս 10ին։ Տե՛ս Նոր կեանք, Ա. տարի, թիւ 5, 1 Մարտ 1898, էջ 74։ 66. Այդ մասին բանասէր Արշակ Ալպօյաճեան ալ կ’ակնարկէ` թէ «Արփիար յաճախ իր անձնական տեսակէտներուն համաձայն պատմութիւն շարայարելու տկարութիւնը ունի»։ Տե՛ս Արշակ Ալպօյաճեան, Մինաս Չերազ. իր կեանքը եւ գործը. իր 60 ամեայ յոբել- եանին առթիւ, Գահիրէ, Տպարան Յաբէթ-Պաղտասար, 1927, էջ 105։ 67. 1887 թ. արդէն կազմուած էր եւ կը գործէր Պոլսոյ անանուն Կազմակերպութիւնը, որուն Վարիչ Մարմնոյն անդամներն էին` Մուրատ (Համբարձում Պօյաճեան), սեբաստա- ցի Գրիգոր Անպարճեան, սեբաստացի Մարգար Մոմճեան, արաբկիրցի Գրիգոր Աչըք- պաշեան, Յարութիւն Չաքըրեան, տիվրիկցի Յակոբ Սրապեան, Երուանդ Պօյաճեան։ Տե՛ս Յ. Կ. Ճանկիւլեան, Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն, Մասն Ա. եւ Բ., Կ. Պոլիս, 1913, էջ 108-112, 115-118։ Մարսէյլի մէջ հիմնուած Մկրտիչ Փորթուգալեանի «Հայոց Հայրենասիրական Միութեան» ծրագրին եւ գործունէութեան համակիր եղած են, առանց այդ միութեան մէկ մասնաճիւղը դառնալու. փութաջանութեամբ տարածած են Փորթուգալեանի հրատարա- կած Արմէնիան եւ այլ գրքոյկները։ Տե՛ս նշ. աշխ., էջ 118-125։ Աւելի ետք, Վարիչ Մարմինի անդամներուն վրայ կ’աւելնան` Միհրան Տամատեան պոլսեցի, մշեցի Արշակ Հայկունի, մշեցի Մարգար Վարժապետ, Յակոբ Գազանճեան եւ Գրիգոր Տէր Բաղտասարեանց։ Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 129։ Արփիար Արփիարեան, Լեւոն Բաշալեան եւ իրենց քանի մը գաղափարակիցներ իրենց տրամադրու- թեան ներքեւ ունէին եօթանասուն ոսկիի չափ դրամ։ Վարիչ Մարմնոյն յառաջդիմութիւնն ի նկատի ունենալով, մեզ հետ համաձայնութեան մը գալու կամ միանալու փափաք մը յայտնուեցաւ իրենց կողմէ, եւ մենք շատ սիրով եւ ուրախութեամբ լսեցինք իրենց առաջարկը. ոչ թէ նիւթական տեսակէտով միայն, այլ մտաւոր տեսակէտով մեզմէ շատ բարձր էին եւ մենք արդէն պէտք կը զգայինք այդ կարգի ոյժերու։ Բանակցութեան սկսուեցաւ բայց ցաւօք սրտի պէտք է ըսել թէ այդ բանակցութիւններն արդիւնա- ւոր ելքի մը չյանգեցան։ Արփիարեան խումբը աւելի պահպանողական ըլլալով, պայման կը դնէր միութենէն վերջ իրենց տուած հրահանգներով գործել, առաջարկ մը` որ աւելի դիւանագիտական 361
կերպով խնդիրը կարգադրելու կը միտէր։ Քանի որ Հայաստանի մէկ ծայրէն միւսը արիւն կը հոսէր, քանի որ հարստահարութիւններն օր ըստ օրէ կը շատնային որոշ եւ սիսդէմաթիք կերպով, եւ վերջապէս` քանի որ մենք Յեղափոխական Կազմակերպութիւն մ’էինք, բնականաբար չպիտի կարենայինք խումբին առաջարկն ընդունիլ, եւ ստիպուած էինք բանակցութեան վերջ տալ։ Բանակցութեան խզումէն վերջ դիմեցին Խրիմեանին իբր միջնորդ։ Խրիմեան ալ նոյնը ըսած էր ինչ որ մենք ըսած էինք։ Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 135-136։ 1890 թ., Հնչակի խմբագրութեան կողմէ ղրկուած պատուիրակներու հետ` Բանկալթիի մէջ, շատ ապահով տեղ մը, երկու ամիս բանակցելէ ետք, Կազմակերպութիւնը, Կ. Պոլսոյ եւ գաւառներու` Սեբաստիոյ, Վանի եւ Մուշի իր մասնաճիւղերով, Հնչակեան Կուսակցութեան դրօշին տակ կը մտնէ` Հնչակեան անունը կրելով։ Տե՛ս Ճանկիւլեան, նշ. աշխ., մասն Գ., էջ 5-8։ 1889ի վերջերը Ժընեւի Հնչակեան կեդրոնի շրջանակէն ընկերներ կ’այցելեն Պոլիս եւ կը բանակցին Պոլսոյ յեղափոխական խումբի վարիչներուն հետ։ Բանակցութիւնը յաջող եզրակացութեան կը հասնի եւ Հնչակեան կուսակցութիւնը կը հաստատուի Պոլսոյ մէջ շուտով տարածուելու երկրին ներսերը։ Եւ բոլոր անջատ շարժումները կը միացուին Հնչակեան կուսակցութեան եւ անմիջապէս պրոպականդ կատարելու համար ընկերներ ճամբայ կը հանուին զանազան ուղղութիւններով։ Տամատեան այս յեղափոխական շրջանակին մէջ առաջնորդող կարկառուն դէմքերէն մէկը եղաւ։ Տե՛ս Տեփոյեան, «Տամատեանի թերաւարտ յուշագրութիւնը», էջ 40։ 68. Իր բանտէ արձակուիլը 1894 Մայիսի վերջերը, մօտաւորապէս կը զուգադիպէր իր ձերբակալու- թեան տարելիցին։ Որչափ որ Սուլթանական ներումով ազատ արձակուած, թուրք կառավարութեան եւ ոստիկանութեան աչքին ան դարձած էր փուշ մը։ Միւս կողմէ իր անակնկալ կերպով բանտէ ազատումը ոմանց մտքին մէջ կասկածներու տեղի տուած էր։ Իսկապէս կարելի չէր բացէ ի բաց տանիքներու վրայ յայտարարել այն պարագաներն ու դարձուածքները, որոնց արդիւնքն էր իր ներման արժանանալը Սուլթանին կողմէ։ Տե՛ս Տեփոյեան, «Տամատեանի թերաւարտ յուշագրութիւնը», էջ 91-92։ 69. Պօլսի Հնչակեան վարչութիւնը 1895 թւականի սկզբին իբր անդամ հրաւիրում է Արփիար Արփիարեանին։ Պօլսի Հնչակեան մասնաճիւղին չէր կարող յայտնի չլինել Արփիարեանի անցեալից գոնէ երկու փաստ – յեղափոխական պատրւակով Կովկասից վերցրած որոշ գումարի կլանումը եւ նրա նշանաւոր Մեղայագիրը։ Եթէ այսուհանդեձ մասնաճիւղը դիմում է արդէն արատաւորւած անձնաւո- րութեան աջակցութեան, դա պարզ ցոյց է տալիս, թէ որքան ստորացել էր արդէն այդ ժամանակ հնչակեան գործիչների բարոյական մակարդակը եւ թէ որքան քիչ պահանջներ էր դնում Հնչակեան մասնաճիւղը իր պատասխանատու գործիչների նկատմամբ։ Հնչակեան Կեդրօնի ասելով` Արփիար Արփիարեանը անյայտ պատճառներով աջողել է ներս սպրդել Կ. Պօլսի Հնչակեան վարչութեան մէջ եւ դառնալ նրա անդամ եւ նա Կեդրօնը, խստիւ բողոքել է, «այդ կամայական ընդունելութեան դէմ, իմանալով Արփիարեանի անցեալը, որպէս նաեւ ամենքին արդէն յայտնի լինելով մի քանի գծեր նրա այդ անցեալից»։ «Հնչակեան Կուսակցութեան բարոյական մթնոլորտը», Յաւելուած Դրօշակի, 15 Ապրիլ, 1899, էջ 3։ 70. Այս մասին յանձնարարելի է կարդալ` Գ. Խ. Ստեփանյան, Արփիար Արփիարյան, Հայկական ՍՍՌ ԳԱ Հրատարակչություն, 362
Երևան, 1955, էջ 78-118, 119-170, 170-214, 255-284։ Գ. Ստեփանյան, «Արփիար Արփիարյան», տե՛ս Հայ նոր գրականության պատմու- թյուն, հատոր չորրորդ, Հայկական ՍՍՌ ԳԱ Հրատարակչություն, Երևան, էջ 374-405։ 71. Կեդրօնին «անյայտ պատճառներով ներս սպրդած», իր կեղտոտ անցեալով յայտնի Արփիար Լօնդօն է գալիս։ Եթէ չափազանցրած է Վերակազմեալ Կեդրօնական Վարչութեան 1 դեկտեմբեր 1896 Շրջաբերականից առաջ բերած «ամենասիրալիր ընդունելութեան» փաստը, նրա հասցէին ուղղւած ճառը եւլն... մի բան անհերքելի է մնում – «լրտես, յեղափոխական դրամ կլանող, մատնիչ, հեղինակ նշանաւոր Մեղայագրի», Արփիարը ընդունւում է Կեդրօնի մէջ եւ համարւում է ընկեր։ Կեդրօն մտնելով, Արփիարը սկսում է ինտրիգներ սարքել։ Կեդրօնը իմանում է այդ ինտրիգների մասին։ Ի՞նչ միջոցներով – «լրտեսներ» կարգելով, եւ ո՞ւմ – Հնչակեան կուսակցութեան Զէյթունի «Ընդհանուր ներկայացուցիչ» Աղասուն եւ Զէյթունի Ընդհանուր Հրամանատար Ապահին։ [...] Սրանից յետոյ Արփիարեանը արտաքսւում է Հնչակեան կուսակցութիւնից, եւ նրա վճռագրի տակ ստորագրած ենք տեսնում իմիջի այլոց նաեւ Տամատեանի, Աղասու եւ Ապահի անունները։ Տե՛ս «Հնչակեան Կուսակցութեան բարոյական մթնոլորտը», Յաւելուած Դրօշակի, 15 Ապրիլ, 1899, էջ 4։ 72. ...Նորակազմ Կեդրօնի դեռ սկզբի օրերին, վարչութեան մէջ մնացել էին միայն երեք ընկեր, որոնք իրար չյարգելուց ու չհաւատալուց շարունակ տեղի էր ունենում անհամաձայնութիւն եւ նոյնիսկ կռիւներ... Որքան զզւելի էր տեսնել, թէ ինչպէս Կտլօզեանը (Սուրէն Սուրէնեան) կեղծ բռունցք էր բարձրացնում Արփիարեանի վրայ եւ հայհոյում, Տամատեանին խաբելու համար... Տամատեանի դեռ չգժտւած ժամանակ, դեկտեմբեր 20-25, մի քանի անգամ Արփիարեան բերեց գրած նամակներ եւ Կտլօզեանից փսփսալէն աղաչում էր ստորագրել Վ... Գ..., իսկ ինքը ստորագրել էր Լ... Բ... Կտլօզեանը առաջին անգամին իբր դիմադրում էր այդ խարդախութեան, բայց Արփիարեանի եզւիտութիւնը յաղթող հանդիսացաւ։ Տամատեանը այս ամէնը տեսնում էր ու լռում... Երկար համբերելոց` տեղի ունեցաւ անպատիւ կռիւը, որոյ պատճառաւ թքեց Արփիարեանի երեսին եւ հեռացաւ։ Քաղուած` «Հայ յեղափոխութեան ցեցերը», ստորագրած` Սօսի Գուգարեան եւ ընկեր- ներ, Թռուցիկ թիւ 11, Պարիզ, 30 Ապրիլ 1897. տե՛ս Յաւելուած Դրօշակի` 15 Նոյեմբեր 1899, էջ 17։ Ենթական` Միհրան Տամատեան, եղելութիւնը կը ներկայացնէ հետեւեալ ձեւով. Տամատեան կեդրոնէն հրաժարած` մտած էր բողոքողի դերին մէջ։ Ան այս դիրքին մէջ մնաց Լոնտոն դեռ վեց-եօթը ամիսներ, որմէ յետոյ կը պատրաստուէր մեկնիլ Ամերիկա երբ Եգիպտոսէն ստացաւ հրաւիրագիր մը ընդհ. ժողովի, որ պիտի գումարուէր 1898ի սկիզբները Աղեքսանդրիա, կեդրոնի անդամներուն կարգադրութեամբ քանի որ Արփիար ալ այդ միջոցին Եգիպտոս կը գտնուէր։ Այս ընդհ. ժողովին շարժառիթներէն մին ալ ըստ երեւոյթին քննել էր Արփիարի եւ Տամատեանի միջեւ գժտութեան խնդիրը։ Տամատեան իրազեկ կուսակցութեան մէջ անցած դարձածներուն, յոյս չունէր համաձայնութեան յանգելու իր ընկերներուն հետ, բայց առիթ չտալու համար, որ Արփիար արդարացուի եւ ինքը ներկա- յացուի իբր փախուստ տուող կուսակցութեան բարձրագոյն ժողովին առջեւ, 1897ի վերջերը մեկնեցաւ Լոնտոնէն եւ հասաւ Աղեքսանդրիա։ Ընդհանուր ժողովը բացուեցաւ Աղեքսանդրիա, Ատոմ Ասլանեանի տան մէջ։ Նախնական մէկ քանի նիստերէ յետոյ Արփիար առաջարկ մը ներկայացուց թէ ըստ որում ժողովը խիստ ծանրակշիռ եւ ճակատագրական նշանակութիւն ունեցող որոշումներ պիտի քուէարկէ, պէտք է ժողովականները 363
բացարձակ գաղտնապահութեան երդում ընեն։ Տամատեան ըսաւ, եթէ այդ երդումը Հնչակեան կուսակցութեան հաւատարմութեան եւ անոր գաղտնիքները թշնամիին եւ կամ կուսակցութենէն դուրս գտնուող շրջանակներու չյայտնելու համար է, մենք ամէն մէկերնիս այդ երդումը ըրած ենք կուսակցութեան մէջ մեր մտած օրն իսկ, եթէ երդումին նպատակն է որեւէ որոշումի մը պարագային արգիլել որ փոքրամասնութեան մէջ մնացող անդամ մը կարենայ հասցնել իր բողոքի ձայնը կուսակցութեան մասնաժողովներուն, այդ պարագային այսպիսի երդում մը դաւադրական բնոյթ մը կ’ունենայ։ Պատգամաւորները բոլորն ալ միաբերան ճշդեցին, որ ժողովին գաղտնիքները որեւէ պարագայի մէջ պէտք չէ յայտնաբերուին նոյնիսկ մասնաժողովներուն կամ մասնաճիւղերուն ոչ իսկ իբրեւ բողոք կամ լուսաբանութիւն։ Այս մեկնաբանութիւնը չընդունեց Տամատեան եւ նախընտրեց մեկնիլ ժողովասրահէն քան երդումով կաշկանդել իր ազատութիւնը քանի որ ինք արդէն իրազեկ եղած էր ժողովին մէջ տիրող մթնոլորտին։ Իսկ Արփիար այդ երդումի ձեւակերպութիւնը մէջտեղ նետելով հասած էր Տամատեանը ժողովէն հեռացնելու իր նպատակին։ ...Ընդհանուր ժողովին երկու կարեւոր որոշումները... կը բանային կուսակցութեան եւ Տամատ- եանի տեսակէտներուն միջեւ լայն խրամատ մը, որով Տամատեան ինքզինք յայտարարեց կուսակցու- թենէն հրաժարած։ Տե՛ս Տեփոյեան, «Տամատեանի թերաւարտ յուշագրութիւնը», էջ 121-123։ 73. Այս անձին ինքնութիւնը ճշտելու համար` օգնութեան կը հասնի Վահան Թէքէ- եան. Արփիարեան եւ իր եղբօրորդին Փիլիկ, Յար. Թիւրքեան (պաշտօնեայ Երկաթուղեաց Վարչութեան) եւ ես կը բնակէինք նոյն յարկաբաժինը, Շարա Էլ-Մանախ, Նէշընըլ Րէզիտանս շէնքին մէջ` որ մաս կը կազմէ Նէշընըլ Հօթէլի պլոքին։ Երբ Լուսաբերի խմբագրապետութենէն վտարուած է Արփիարեան, Յարութիւն Թիւրքեան եւ ուրիշներ մէկ կամ երկու ամիս օգնած են իրեն, մինչեւ որ ան կրկին վերա- դարձած է իր պաշտօնին։ Վ. Թ., «Ճշմարտութիւնը. Պ. Արսէն Երկաթին համար», Արեւ, 13 Մարտ 1943, էջ 2։ 364
ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ Շնորհակալիք 3 Տիգրան Գէորգեան` եգիպտահայ վերջին բանասէրը 5 Նախաբան Ա. հատորի 41 Մխիթարեաններու գրական վաստակը 43 Ժողովրդական պայքարի էպոսը` Սասունցի Դաւիթ 55 Ակնարկ մը Եգիպտոսի մէջ հայ լրագրութեան սկզբնաւորութեան մասին 70 Նիւթեր հայ ձեռագիր պարբերական մամուլի պատմութեան համար 75 Ա. Պատանի խմբագիր եղբայրներ եւ Հայ պատանի հանդէսը 81 Բ. Ղուղիկօ կամ Մանկական փունջ շաբաթաթերթը Նուպար փաշա. պետական մարդը եւ արդարութեան ռահվիրան 85 ԺԸ. դարու լուսաւորիչը` Մխիթար Սեբաստացի. 98 ծննդեան Գ. դարադարձին առիթով Միջնադարեան հայ պատմագիրներու վերջին ներկայացուցիչներէն` 110 Յովհաննէս Արք. Սեբաստացի «Հետախոյզ հայ մարդը». Իսթանպուլցի Կարպիս Ե. Մուրատեան117 Արաքս կիսամսեան` Աղեքսանդրիոյ «Հայուհեաց»ին գրական ձեռնարկը. անծանօթ էջ մը եգիպտահայ մամուլի պատմութենէն 126 Հայերէն լեզուի գիտական քերականութեան նախաձեռնարկ 144 Յովհաննէս Վրդ. Քռնեցի Կրօնական աշխարհայեացքը եւ կրօնական շարժումները 160 ԺԸ. դարու առաջին կիսուն. Կոլոտ Յովհաննէս պատրիարքի ծննդեան Գ. դարադարձին առիթով 365
Պատմական անդրադարձում ճնշուած ազգերու հակասուլթանական 172 եւ ազգային-ազատագրական պայքարին մասին. Ապրիլեան Եղեռնի 181 65-ամեակին առիթով 198 218 Հ.Բ.Ը.Մ. պատմական ակնարկ իր ադամանդեայ յոբելեանին առիթով 244 Սովետահայ գրականութեան զարգացումի հանգրուանները 249 286 Հայ ձեռագիր պարբերականները 299 304 Ագաթանգեղոս, Քրիստոսի խոստովանողը եւ ճշմարտութեան վկան 311 Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ համայնքը. անցեալը եւ ներկան իր բոլոր կառոյցներով եւ կարկառուն դէմքերով Ագաթանգեղոս, Պարկեշտագեղ Հռիփսիմէի վկայաբանութիւնը Քրիստոսի խաչազգեաց վկաները Է. դարու հայկական ճարտարապետութեան յուշարձաններ Գաղափարի զոհը` Արփիար Արփիարեան 366
ՅԱՒԵԼՈՒԱԾՆԵՐ ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ 2016 Յաւելուած Ա. Չորս հարցազրոյց Հրանդ Տինքի հետ, նախաբան` Հայկ Աւագեան (59 էջ) Յաւելուած Բ. Հայր Լեւոն Զէքիեան, Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակ` յիշողութիւն եւ մարտահրա- ւէր (դասախօսութիւն) (40 էջ) Յաւելուած Գ. Թէոդիկի նամակները Արարատ Քրիսեանին, խմբագիր` Հ. Աւագեան (61 էջ) Յաւելուած Դ. Հայկ Աւագեան, Փարիզի Քոմիւնը, Կայսրութիւնը եւ հայոց ցեղասպանութիւնը. մարքսիսթական-անարշիսթական ընթերցում մը (202 էջ) 2017 Յաւելուած Ե. Papasian & Co. երաժշտական ընկերութիւնը (ըստ ազդագիրներու եւ յայտագիր- ներու), հաւաքեց` Հ. Աւագեան (317 էջ) Յաւելուած Զ. Աղեքսանդրիոյ հայկական երաժշտական կեանքի ուրուագիծ (ըստ ազդագիրնե- րու եւ յայտագիրներու), հաւաքեց` Հ. Աւագեան (201 էջ) Յաւելուած Է. Խմբավար եւ երաժշտահան Հայկ Սարգիսեանի Եգիպտոսի շրջանի գործունէու- թեան ուրուագիծ (ըստ վաւերաթուղթերու եւ փաստագրութիւններու), հաւաքեց եւ պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (561 էջ) Յաւելուած Ը. Դաշնակահար եւ մանկավարժ Նուարդ Տամատեանի կեանքի ուղեգրութիւնը (ըստ վաւերաթուղթերու եւ փաստագրութիւններու), հաւաքեց եւ պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (546 էջ) 367
Յաւելուած Թ. Ուրուագիծ Գոհար Գասպարեանի Եգիպտոսի շրջանի գործունէութեան (1940- 1948), պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (88 էջ) Յաւելուած Ժ. Տիրան Կարապետեան. յօդուածներ իր մասին, նկարներու ալպոմ (ծննդեան 135- ամեակին առիթով), հաւաքեց` Հ. Աւագեան (73 էջ) Յաւելուած ԺԱ. Վանիա Էքսէրճեան. բազմերանգ աշխարհ մը համակ կենսունակութեամբ, պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (53 էջ) 2018 Յաւելուած ԺԲ. Արփիար Արփիարեանի սպանութեան 110-ամեակին առիթով Ա.- Հայկ Աւագեան, Արփիար Արփիարեանի սպանութիւնը (155 էջ) Յաւելուած ԺԳ. Արփիար Արփիարեանի սպանութեան 110-ամեակին առիթով Բ.- Արփիար Արփիարեանի լոնտոնեան թղթածրարը Գահիրէի մէջ, պատրաս- տեց` Հայկ Աւագեան (497 էջ) Յաւելուած ԺԴ. Արփիար Արփիարեանի սպանութեան 110-ամեակին առիթով Գ.- Մարդը ընդդէմ մարդու. մահափորձեր եւ սպանութիւններ հայկական օրի- նակով (1890-1908), հաւաքեց` Հայկ Աւագեան (169 էջ) Յաւելուած ԺԵ. 2008 Մարտ 1-ը ըստ Lragir.am-ի, A1+-ի եւ Հետքի (10-ամեակին առիթով), հաւաքեց` Հայկ Աւագեան (625 էջ) Յաւելուած ԺԶ. Հայկ Աւագեան, Թաւշեայ Յեղափոխութիւն Հայաստանի մէջ. Ա. փուլ (13 – 23 Ապրիլ 2018) (32 էջ) Յաւելուած ԺԷ. Հայկ Աւագեան, Թաւշեայ Յեղափոխութիւն Հայաստանի մէջ. Բ. փուլ (25 Ապրիլ – 1 Մայիս 2018) (58 էջ) 368
Յաւելուած ԺԸ. Արմենակ Շահ-Մուրատեան. ժամանակագրութիւն, յօդուածներ, երգացանկ, պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (580 էջ) Յաւելուած ԺԹ. Գոհարիկ Ղազարոսեան. ցանկ ստեղծագործութիւններու, սկաւառակագրու- թիւն, պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (160 էջ) Յաւելուած Ի. Մարուշ Երամեան, Ուրուանկար 1965-1995 թուականներու Սփիւռքահայ բանաստեղծութեան, ներածութիւն` Հայկ Աւագեան, գնահատանքի խօսք` Արմե- նակ Եղիայեան (182 էջ) 2019 Յաւելուած ԻԱ. Քիրազ. ընտրանի եգիպտական շրջանի երգիծանկարներու, հաւաքեց` Հայկ Աւագեան (81 էջ) Յաւելուած ԻԲ. Հայկ Աւագեան, Վահան Թէքէեանի յօդուածները Արեւ լրագիրին մէջ. հնարաւո- րութի՞ւն թէ դիմադրութիւն (124 էջ) Յաւելուած ԻԳ. Հայկ Աւագեան, Արամ Խաչատրեանի ընկալումը եգիպտական շրջանակներու մէջ. փոխուող յարացոյցներ (250 էջ) Յաւելուած ԻԴ. Վարան Ոյժ, Յակինթի պարտէզը (բանաստեղծութիւն), նախաբան` Հ. Աւագեան (52 էջ) Յաւելուած ԻԵ. Եւգենեա Արիստակեան, Յուշեր գաղութահայ կեանքից, տեքստի կազմող, առա- ջաբանի եւ ծանօթագրութիւնների հեղինակ` Արծուի Բախչինեան, ներածու- թիւն` Հ. Աւագեան (264 էջ) Յաւելուած ԻԶ. Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն հայ ազատագրական շարժման. դասախօ- սութիւններու շարք, հրատարակութեան պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (101 էջ) 369
Յաւելուած ԻԷ. Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Ա.- Կոմիտաս վարդապետ, Տարբերակներ դաշնակի ստեղծագործութիւններու, խմբագրութիւն եւ ծանօթագրութիւն` Հայկ Աւագեան (160 էջ) Յաւելուած ԻԸ. Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Բ.- Հայկ Աւագեան, Կոմիտաս վարդապետի բաց ստեղծագործութիւն հասկացո- ղութիւնը. տարբերակներ եւ ինքնատարբերակներ Կոմիտասի թեմայով (89 էջ) Յաւելուած ԻԹ. Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Գ.- Հայկ Աւագեան, Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի մշակութային ժառանգութիւնը եւ Կոմիտաս վարդապետի Մշոյ Շորորը (127 էջ) Յաւելուած Լ. Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Դ.- Ձայնագրեալ Պատարագը Կոմիտաս վարդապետի սրբագրութեամբ (ըստ Փարիզի Նուպարեան Մատենադարանի ինքնագիր նիւթերուն), պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (348 էջ) 2020 Յաւելուած ԼԱ. Տիգրան Գէորգեան, Երկեր երեք հատորով, Ա. հատոր, Ուսումնասիրութիւններ, հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (370 էջ) Յաւելուած ԼԲ. Տիգրան Գէորգեան, Երկեր երեք հատորով, Բ. հատոր, Մատենագիտութիւններ, հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (141 էջ) Յաւելուած ԼԳ. Տիգրան Գէորգեան, Երկեր երեք հատորով, Գ. հատոր, Զանազան գրութիւններ, հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (408 էջ) 370
Search
Read the Text Version
- 1
- 2
- 3
- 4
- 5
- 6
- 7
- 8
- 9
- 10
- 11
- 12
- 13
- 14
- 15
- 16
- 17
- 18
- 19
- 20
- 21
- 22
- 23
- 24
- 25
- 26
- 27
- 28
- 29
- 30
- 31
- 32
- 33
- 34
- 35
- 36
- 37
- 38
- 39
- 40
- 41
- 42
- 43
- 44
- 45
- 46
- 47
- 48
- 49
- 50
- 51
- 52
- 53
- 54
- 55
- 56
- 57
- 58
- 59
- 60
- 61
- 62
- 63
- 64
- 65
- 66
- 67
- 68
- 69
- 70
- 71
- 72
- 73
- 74
- 75
- 76
- 77
- 78
- 79
- 80
- 81
- 82
- 83
- 84
- 85
- 86
- 87
- 88
- 89
- 90
- 91
- 92
- 93
- 94
- 95
- 96
- 97
- 98
- 99
- 100
- 101
- 102
- 103
- 104
- 105
- 106
- 107
- 108
- 109
- 110
- 111
- 112
- 113
- 114
- 115
- 116
- 117
- 118
- 119
- 120
- 121
- 122
- 123
- 124
- 125
- 126
- 127
- 128
- 129
- 130
- 131
- 132
- 133
- 134
- 135
- 136
- 137
- 138
- 139
- 140
- 141
- 142
- 143
- 144
- 145
- 146
- 147
- 148
- 149
- 150
- 151
- 152
- 153
- 154
- 155
- 156
- 157
- 158
- 159
- 160
- 161
- 162
- 163
- 164
- 165
- 166
- 167
- 168
- 169
- 170
- 171
- 172
- 173
- 174
- 175
- 176
- 177
- 178
- 179
- 180
- 181
- 182
- 183
- 184
- 185
- 186
- 187
- 188
- 189
- 190
- 191
- 192
- 193
- 194
- 195
- 196
- 197
- 198
- 199
- 200
- 201
- 202
- 203
- 204
- 205
- 206
- 207
- 208
- 209
- 210
- 211
- 212
- 213
- 214
- 215
- 216
- 217
- 218
- 219
- 220
- 221
- 222
- 223
- 224
- 225
- 226
- 227
- 228
- 229
- 230
- 231
- 232
- 233
- 234
- 235
- 236
- 237
- 238
- 239
- 240
- 241
- 242
- 243
- 244
- 245
- 246
- 247
- 248
- 249
- 250
- 251
- 252
- 253
- 254
- 255
- 256
- 257
- 258
- 259
- 260
- 261
- 262
- 263
- 264
- 265
- 266
- 267
- 268
- 269
- 270
- 271
- 272
- 273
- 274
- 275
- 276
- 277
- 278
- 279
- 280
- 281
- 282
- 283
- 284
- 285
- 286
- 287
- 288
- 289
- 290
- 291
- 292
- 293
- 294
- 295
- 296
- 297
- 298
- 299
- 300
- 301
- 302
- 303
- 304
- 305
- 306
- 307
- 308
- 309
- 310
- 311
- 312
- 313
- 314
- 315
- 316
- 317
- 318
- 319
- 320
- 321
- 322
- 323
- 324
- 325
- 326
- 327
- 328
- 329
- 330
- 331
- 332
- 333
- 334
- 335
- 336
- 337
- 338
- 339
- 340
- 341
- 342
- 343
- 344
- 345
- 346
- 347
- 348
- 349
- 350
- 351
- 352
- 353
- 354
- 355
- 356
- 357
- 358
- 359
- 360
- 361
- 362
- 363
- 364
- 365
- 366
- 367
- 368
- 369
- 370
- 371
- 372