Նկատի ուենալով` որ մեր միաբանութիւնը հիմնուած էր գլխաւորաբար հռոմէական սուրբ եկեղեցիին հետ միանալու համար, այս նպատակով անիկա առաւ «Ունիթորներու Միաբանութիւն» անունը15։ Ներկայացուած միարարական ճիգերուն մասին «դրուատական խօսք» ըսող- ները շատ քիչ եղած են. անոնց մեծագոյն մասը, ազգային եկեղեցիին համար ինքնալուծարքի ուղին ընտրած եւ կաթողիկէ եկեղեցիին բոլորանուէր ծառայա- գրուած այս գործիչը` իրաւամբ համարած է այս ժողովուրդին ազգային շահե- րուն դաւաճան, – կը բացատրէ ակադ. Խաչիկեան։ Այս պատճառով ալ, մերժելով Յովհաննէս Քռնեցիի եւ անոր կուսակիցներուն գործունէութեան շարժառիթները եւ բուն նպատակը` հայ բանասիրական միտքը բաւարար ուշադրութիւն չէ դարձուցած մշակոյթի մարզին մէջ անոնց կատարած աշխատանքներուն վրայ, մինչդեռ Եւրոպայէն Հայաստան առաքուած կաթողիկէ քարոզիչները եւ անոնց հայ հետեւորդները իրենց գաղափարական դիրքերու ամրապնդումը նկատի ունենալով, ծաւալած են նաեւ գիտական եւ գրական աշխոյժ զործունէութիւն, ստեղծած թարգմանական եւ ինքնուրոյն գրականու- թիւն, – կ’ընդունի մեծարգոյ ակադեմիկոսը16։ Ունիթորներու դարաշրջանի մտաւոր բարձր վերելքը, ինչպէս նաեւ անոնց կատարած պատմական դերը վերլուծուելով, «դրուատական» հպանցիկ ակնար- կով մը կը բացայայտուին` թէ անոնք Հռոմի պապին քաղաքական ազդեցութիւնը տարածողներ (կամ թերեւս լրտեսներ) եղած են. սակայն, պէտք չէ ուրանալ նաեւ անոնցմէ ոմանց կատարած մշակութային դրական գործը, նոյնիսկ թարգմանչա- կան գործունէութիւնը` որ առարկայօրէն նպաստեց հայերուն եւրոպական մշա- կոյթին հետ ալ ծանօթանալու17։ Սքոլաստիք հեղինակներէ կատարուած ունիթորական թարգմանութիւն- ները` որոնք միջին դարերու հայ մտածողներուն համար ուսանելու աղբիւրներ կը հանդիսանան, ցոյց կու տան որ յունարէն լեզուն եւ հելլէն մշակոյթը` ժամա- նակակից իմացական շարժումին հետ համընթաց մնալու համար այլեւս բաւա- րար չէին նկատուեր, անհրաժեշտ էր շփում հաստատել նաեւ լատին մշակոյթին հետ` իւրացնելով անոր դրական կողմերը18։ Ունիթորական թարգմանութիւններուն ակնարկելով, հայաստանեայց եկե- ղեցւոյ վարդապետ մը կը նշէ անոնց «էքիւմենիք» ոգին` որ Հայ Եկեղեցւոյ գլխաւոր յատկանիշներէն մէկն է, ի հեճուկս մերօրեայ կարգ մը եկեղեցական պատմաբաններուն, որոնք յաճախ իրենց փութկոտ հաստատումներով` մեր եկեղեցիին քրիստոնեայ աշխարհէն «մեկուսացում»ը, եւ ազգայնական ուժեղ զգացումի պատճառով ալ` ինքնուրոյնութեան մշտական ձգտում կը նկատեն19։ Նոյն կարծիքը աւելի համապարփակ ներկայացուցած է «գաղափարապաշտ» Միաբանող Եղբայրներու գործունէութեան եւ թարգմանական աշխատանքնե- 149
րուն լաւագոյն գիտակ դոմինիկեան կրօնաւոր մը` որուն անկողմնակալ դա- տումներէն կը քաղենք յետագայ գնահատականը. Պէտք չէ անտեսել արժանիքները` զորս Միաբանողները ունեցան հանդէպ հայ Եկեղեցւոյ եւ Ազգին։ Եւ այդ նրբին գործով որ աշխատեցան քրիստոնէական եկեղեցիներու միաբանու- թեան։ Քրիստոս իր կտակի աղօթքին մէջ կը բաղձայ` որ իր բոլոր հաւատացեալները միացած ըլլան իրարու. լաւագոյն քրիստոնեաները ամէն ժամանակ ցաւով դիտած են Քրիստո- նէութեան բազմաթիւ բաժանումներն ու պառակտումները։ Նաեւ մեր օրերուն շատ մեծ է փափաքը եկեղեցական ընդհանուր միաբանութեան։ Այս դարուս երեւան ելած են կաթողիկէ կրօնաւորական միաբանութիւններ, որոնց մասնաւոր նպատակն է աշխատիլ եկեղեցիներու միաբանութեան։ Անոնցմէ մէկն է Պելճիքայի պենետիկդեաններու կարգը, որ կը հրատարակէ Իրենիգոն միութենական ամսագիրը։ Այն իրողութիւնը, թէ Միաբանող Եղբայրները` ասոնցմէ վեց դար առաջ նոյն գաղափարականը հետապնդած են ԺԴ. դարուն առաջին կէսին, փառքի տիտղոս մըն է ամբողջ Հայ Ազգին համար։ Միաբանողները հիանալիօրէն արդիական էին իրենց ժամանակին։ Անշուշտ սխալներ գործեցին, ինչպէս յաճախ կը պատահի Եկեղեցւոյ մէջ նոր ձեռնարկներ հետապնդողներուն։ Անոնք կատարեցին խարխափումներ ու փորձեր` որոնք ձախողեցան։ Երբեմն հարկադրուեցան պայքարիլ ցհեղումն արեան իրենց ժամանակին ու շրջանակին պահպանողական մտքերուն դէմ։ Բայց մեծ ու ազնիւ էր իրենց նպատակը»20։ Բ. Ներածական յօդուածով` ակադեմիկոս Խաչիկեան յաջողած է ըստ արժան- ւոյն գնահատել այն դերը, որ միջնադարեան Հայաստանի գիտութեան զարգա- ցումին սատարած են եւրոպական սքոլաստիզմի մեծ ներկայացուցիչներու քանի մը երկերուն թարգմանութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստան առաքուած լատին քարոզիչներու եւ հայ գիտնականներու համագործակցութեամբ իրագործուած իմաստասիրական աշխատութիւնները։ Մենագրական յատուկ ուսումնասիրութեան արժանի այս նիւթը` կը փորձենք խտացնել իր հիմնական գիծերով։ Մինչեւ ԺԴ. դարու 30ական թուականները` հայ գիտական միտքը սնած էր հելլէն գրականութեան այն փշրանքներով, որ շրջնառութեան մէջ դրուած էր յունաբան դպրոցին գիտնական-թարգմանիչնե- րուն կողմէ, Ե.-Ը. դարերու ընթացքին։ Եւրոպայի նման, միջին դարերուն Հայաստանի մէջ Արիստոտէլի գործերէն ծանօթ էին Ստորոգութիւնք եւ Յաղագս մեկնութեան աշխատութիւնները։ Հեղի- նակութիւն կը վայելէր նոր պղատոնական մեկնիչ` Պորփիւրի Ստորոգութեանց 150
ներածութիւնը։ Շատ տարածուած էին նաեւ վերոյիշեալ աշխատութիւնները, որոնց մէկ մասին հեղինակն է Դաւիթ Անյաղթը։ Զ. դարուն թարգմանուած են Պղատոնի երկախօսութիւններէն մէկ քանին, որոնք սակայն մեծ տարածում չեն գտած։ Հայ իմաստասիրական միտքի կազմա- ւորումին համար զգալի դեր կատարած են Փիլոն Աղեքսանդրիացիի տասնչորս աշխատութիւններուն թարգմանութիւնները` որոնցմէ շատերուն բնագրերը չեն պահպանուած, Զենոնին եւ Հերմէս Եռամեծին վերագրուած իմաստասիրական երկերը։ Հելլէն միտքի նուաճումներուն հաղորդակից դառնալու հնարաւորութիւններ ընձեռած են նաեւ ճարտասանական եւ քերականական արժէքաւոր թարգմա- նական աշխատութիւններ, յատկապէս Դիոնիսիոս Թրակացիի Արուեստ քերա- կանի աշխատութիւնը, որ Ե. դարու վերջերը թարգմանուելով, մինչեւ ուշ միջնա- դար, բազմիցս մեկնաբանուած է հայ քերականներու կողմէ, բարձրագոյն դպրոցներուն համար քերականագիտական գլխաւոր դասագիրքը հանդիսա- նալով։ Բնագիտական արժէքաւոր տեղեկութիւններ հաւաքուած էին Նեմեսիոս Եմեսացիի Յաղագս բնութեան մարդոյ աշխատութեան մէջ, որ թարգմանուած է Ը. դարու սկիզբը։ Հայ ընթերցողը, հին գիտութեան որոշ նուաճումներուն հաղոր- դակից կը դառնար եկեղեցական հայրերու` Բարսեղ Կեսարացիի, Գրիգոր Նիւսացիի, Յովհան Ոսկեբերանի, Կիւրեղ Աղեքսանդրիացիի եւ ուրիշ հեղինակ- ներու ալ միջնորդութեամբ։ Զարգացած աւատատիրութեան ժամանակաշրջանը թեւակոխած Հայաստա- նի մէջ` Ժ.-ԺԱ. դարերուն մատենագրական աշխատանքով կը սկսին զբաղիլ նաեւ աշխարհական մարդիկ, որոնք կը փորձեն ընդարձակել ու խորացնել ընթերցողին մատչելի գիտելիքներու ծաւալը` նոր թարգմանութիւններ կատա- րելով հին յունական, բիւզանդական եւ արաբական գրականութիւններէն։ Իմաստասիրականէն զատ` կը թարգմանուին նաեւ բժշկական, աստղաբաշ- խական, քիմիական, գիւղատնտեսական, ձիաբուծական գրուածքները` որոնք կ’ընդարձակեն գիտական գրականութեան սահմանները։ Նշանաւոր գիտնական Յովհաննէս Երզնկացին կը ձեռնարկէ արաբական իմաստասիրական երկերէ` նիւթի, տեսակի, լինելութեան եւ ապականութեան մասին քաղուածքներ թարգ- մանելու աշխատութեան։ Եւրոպական երկիրներու մեծ քաղաքներուն մէջ կը հիմնուին համալսարան- ներ, որոնք կը տարբերին միջնադարեան վանական դպրոցներէն` լայն տեղ յատկացնելով իմաստասիրութեան, իրաւագիտութեան, բժշկութեան եւ գիտա- կան այլ առարկաներու դասաւանդումին։ Սպանիոյ արաբներու եւ հրեաներու միջնորդութեամբ, եւրոպական գիտական միտքը հաղորդակից կը դառնայ նաեւ արաբական իմաստասիրութեան հարուստ գրականութեան։ 151
Շրջանառութեան մէջ նոր դրուող դասական իմաստասէրներու աշխատու- թիւններէն` միջնադարեան գիտնականները բնական եւ հասարակական երեւոյթներու մասին կը քաղեն արժէքաւոր տեղեկութիւններ, որոնք կը տարբե- րէին եւ կը հակասէին Աստուածաշունչի կարգ մը դրոյթներուն։ Հակա-եկեղեցական գաղափարները լայն տարածում կը գտնեն յատկապէս քաղաքներու մէջ։ Կաթողիկէ եկեղեցին կը ճնշէ հերետիկոսական շարժումները եւ կը փորձէ արմատախիլ ընել անոնց գաղափարները։ Կը հիմնուին նոր տիպի վանական կազմակերպութիւններ` Ֆրանչիսկեան եւ Դոմինիկեան միաբանութիւնները, որոնց անդամները դուրս գալով իրենց խուցերէն, կը մտնեն կեանքի յորձանուտին մէջ, կատաղի պայքար մղելով աղան- դաւորական եւ ազատամիտ գաղափարներու դէմ։ Երկու միաբանութիւններն ալ հաւասարապէս կ’օգտագործէին հաւա- տաքննութիւնը եւ սքոլաստիքան` որ թէեւ զուտ ձեւական-տրամաբանական փաստարկներով հիմնաւորելու անպտուղ արհեստ մըն էր, սակայն միաժա- մանակ հնարաւորութիւն կ’ընձեռէր ձերբազատուելու եկեղեցական հայրերու գրուածքներուն կաշկանդիչ կապանքներէն։ Սքոլաստիքային զուգընթաց` Եւրոպայի մէջ կը ծաղկէր նաեւ միստիքակա- նութիւնը։ Եկեղեցական գաղափարախօսութեան այս թեւին պատկանող գործիչ- ները` նոր պղատոնական փիլիսոփայութեան աւանդներուն հետեւելով, ինքնա- հայեցողութեան ճամբով կը ձգտէին անհատը առաջնորդել դէպի երանելի համաձուլումը` աստուածութեան հետ։ Լատինական դաւանանքով վարակուած բազում տեղերէն մասնաւոր նշա- նակութիւն կը ստանայ Արտազի շրջանը` Թադէոս առաքեալի վանքով եւ Ծործորի դպրոցով, որոնք կը գտնուէին կաթողիկէ եկեղեցիին հետ սերտ միութիւն ստեղծելու ջատագով Զաքարիա Ծործորեցի եպիսկոպոսին աշխար- հիկ եւ հոգեւոր իշխանութեան ներքեւ։ Այս եռանդուն գործիչը` Ֆրանչիսկեան միաբան Ֆրա Պոնցիուսի եւ Յովհաննէս Ծործորեցիի նման վարդապետներ համախմբելով, ձեռնամուխ կ’ըլլայ սքոլաստիքայի նշանաւոր ներկայացուցիչ- ներու երկերուն թարգմանութեան, որով հիմը կը դրուի մշակութային այն գործունէութեան, որ աւելի լայն ծաւալ պիտի ստանար Քռնայի վանքին մէջ, Դոմինիկեան քարոզիչներու ջանքերով։ Այդ դպրոցին գաղափարական աշխատանքներուն ղեկը կը գտնուէր Բար- թուղիմէոս Մարաղացիի ձեռքը։ 1330 թուականէն կը սկսին թարգմանել կամ համագործակցաբար յօրինել Պրեվիար, Միսալ, Տիուռնալ, կանոնական հրա- հանգներ, աղօթագիրքեր, դաւանաբանական գրուածքներ, որոնք մեծ մասով զուրկ են գիտական որեւէ նշանակութենէ, բայց դատաստանագիրքերը, քարոզ- գիրքերը, աստուածաբանական աշխատութիւններն ու մեկնութիւնները, իմաս- տասիրական ու բնագիտական երկերը ուշագրաւ տուեալներ կը պարունակեն 152
ժամանակակից կեանքի պատմա-քաղաքական, ընկերային-տնտեսական երեւոյթներուն ուսումնասիրութեան համար, միաժամանակ նոր լոյս կը սփռեն այն ուղիներուն վրայ` որով զարգացած աւատատիրութեան ժամանակաշրջանի հայ գիտական միտքը հնարաւորութիւններ ձեռք կը բերէ հաղորդակցելու դասական գրականութեան եւ իմաստասիրութեան աւանդոյթներուն, զգալի չափով կ’ընդարձակէ հետաքրքրութեան իր շրջանակները եւ կը համալրէ բնա- կան եւ հասարակական երեւոյթներու մասին դարերու ընթացքին կուտակած գիտելիքները։ Այս աշխատութիւնները` Քռնայի ունիթորական միջավայրին մէջ ստեղծուե- լով, անոնց ուսումնական եւ հոգեւոր կարիքներուն համար, շուտով դուրս կու գան այդ սահմաններէն եւ կը տարածուին հայ լուսաւորչական գիտական- ուսումնական կեդրոններուն մէջ, Քռնայի մատենագիրներուն արգելքներուն հակառակ։ Քռնայի դպրոցին իմաստասիրական գործերուն մեծագոյն մասը, շուտով մուտք կը գործէ հայկական ուսումնական բարձրագոյն հաստատու- թիւնները, կը մեկնաբանուին հայ րաբունապետներուն կողմէ եւ անոնց միջնոր- դութեամբ հայ ուսումնական կեդրոնները կը ներթափանցեն բնական եւ հասարակական երեւոյթներու մասին հին աշխարհէն ժառանգած նոր տեղեկու- թիւններ, որոնք ԺԲ.-ԺԳ. դարերու ընթացքին տարածուած էին Եւրոպայի մէջ եւ իւրացուած սքոլաստիքայի նշանաւոր ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Դաւիթ Անյաղթի եւ Անանիա Շիրակացիի ժամանակներէն անցած էին երկար դարեր, որոնք գիտական միտքի առումով մեծ արդիւնքներ չէին բերած։ Այս թարգմանութիւններուն շնորհիւ` հայ գիտական շրջանները նոր հնարաւո- րութիւն կը ստանան ծանօթանալու հին գիտութեան նուաճումներուն։ Բարթուղիմէոս Մարաղացին` այլ աշխատութիւններու շարքին, Յակոբ թարգմանի օժանդակութեամբ հայերէն լեզուով կը շարադրէ Յաղագս վեցօրեայ արարչութեան խորագրով ընդարձակ մեկնութիւնը` վկայակոչելով յոյն իմաստասէր-գիտնականները, միջնադարեան մատենագիրները, քաղուածքներ ընելով Արիստոտէլի տասնէ աւելի աշխատութիւններէն` որոնք հայ ընթերցողին համար յայտնագործութիւն էին։ Բարթուղիմէոսի այս երկով միայն բնագիտա- կան տարբեր հարցերու մասին որքան հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը գրանցուին եւ լայն շրջանառութեան մէջ կը դրուին։ Հեղինակը մանրամասնօրէն կ’անդրադառնայ մարդուն ուղղահայեաց կեցուածքի հարցին, կը յանգի այն եզրակացութեան, թէ այդ կեցուածքը հնարա- ւորութիւն տուած է անոր ճանչնալու երկնային եւ երկրաւոր մարմինները, ի տարբերութիւն կենդանիներուն` որոնք իրենց ի «յերկիր կորացեալ» երեսով չեն կրնար շրջապատը լայն հորիզոնով դիտել։ Ան կը նկատէ` որ մարդը եթէ կենդանիներու նման «կորացեալ յերկիր» ըլլար, ստիպուած պիտի ըլլար ձեռքերը օգտագործել «ի տեղի առաջագնաց ոտիցն», 153
ուստի պիտի չկրնար ձեռքերով գործ կատարել։ Նոյն պատճառով` բերանով պիտի քաղէր կերակուրը, ուստի կ’ունենար «պինդ եւ ստուար» շրթներ, չէր կրնար խօսիլ եւ բանաւոր կենդանի դառնալ։ Միջնադարեան հայկական գիտութեան զարգացումին համար դրական նշանակութիւն կ’ունենան Բարթուղիմէոսի եւ իր ընկերներուն աշխատութիւն- ներէն շատերը, մասնաւորաբար Յովհաննէս Քռնեցիի Համառօտ հաւաքումն յաղագս քերականին, որով հայ քերականական միտքը կը խզէ իր հազարամեայ կապանքները, դուրս կու գայ փակուղիէն եւ հայերէն լեզուի իսկական քերակա- նութիւն դառնալու ընթացքին մէջ կը մտնէ։ Մինչեւ Յովհաննէս Քռնեցիի քերականական գիտական աշխատութեան մը նախաձեռնարկ ըլլալը` հայ քերականագիտական միտքը արդէն աստիճանա- կան նուաճումներ կատարած էր, Գլաձորի համալսարանի ղեկավարներու նախաձեռնութեամբ։ Քերականութեան ուսուցումը դիւրացնելու առաջադրան- քով` հանդէս եկած էին գործնական բնոյթով աշխատութիւններ, նախորդ վերա- ցական մեկնութիւններուն փոխարէն։ Այսպէս, 1307 թ. առաջ Եսայի Նշեցիի երկասիրած Վերլուծութիւն քերակա- նութիւնը` բարձր մակարդակով շարադրուած բանաքաղական աշխատութիւն մըն է, որ նուաճում մըն է ատկէ առաջ յօրինուած քերականական ձեռնարկնե- րուն բաղդատմամբ21։ ԺԳ. դարուն օրինակուած Մատենադարանի 7037 համա- րով ձեռագիրը` քերականական աշխատութիւններու հաւաքածոյ մըն է, որուն բովանդակութեան մաս կը կազմէ նաեւ Նուաստ վարդապետի Յոհանիսի Եզնկայեցւոյ, որ եւ Ծործորեցի, արարեալ համառօտ տեսութիւն քերականին22։ «Նիւթի ընդգրկման առումով` – կը հաւաստէ մանրաքնին ուսումնասէրը, – հետեւելով իր մեծանուն հայրենակցին, Ծործորեցի դարձած վարդապետը տար- բերում է յունաբան հայերէնով շարադրուող նախկին քերականագէտներէ իր պարզ լեզուով ու յստակ ձեւակերպումներով»23։ Հետազօտողը կը նշէ, որ «Յովհաննէս Ծործորեցին մեծ ճիգ է գործադրել Դիոնիսիոս Թրակացու եւ նրա հայ մեկնիչների ժամանակավրէպ դատողութիւններից ձերբազատուելու եւ ժամանակի գիտական պատկերացումներին համապատասխան եւ ուսումնա- կան նպատակների համար դիւրամատչելի մի ձեռնարկ ստեղծելու համար»24։ Յովհաննէս Քռնեցիի Յաղագս քերականին շարադրուած է 1330-1347 թուականներուն, եւ պահպանուած միակ օրինակը արտագրուած է 1350 թ. Ֆրա Յակոբի ձեռքով` Կաֆ այի մէջ, «ընդ հովանեաւ սրբոյն Նիկօլաոսին». բացառիկ արժէք ունեցող այդ ձեռագիրը պահուած է Վիեննայի Մխիթարեան միաբանու- թեան Մատենադարանի 293 թուահամարով հաւաքածոյին մէջ։ Ցարդ անտիպ մնացած այս երկին հրատարակութեան առիթով, մեծարգոյ ակադեմիկոսը հաճելի պարտք կը համարէ խորին շնորհակալութիւն յայտնելու վիեննական Մխիթարեաններու ղեկավարներուն` որոնք իր տրամադրութեան 154
տակ դրած են այս «մեծարժէք ձեռագրին մանրաժապաւէնը»։ Յաղագս քերականին մասին` բոլոր ուսումնասէրները իրենց տեղեկութիւնը քաղած էին Տաշեանի Ցուցակէն։ Աճառեանի նման լեզուաբանի մը անունով միայն ծանօթ է երկը25։ Միայն Տաշեանի հաղորդած համառօտ տեղեկութիւններուն վրայ հիմնուե- լով, միջնադարեան հայ քերականագիտական յուշարձաններու հետազօտու- թեան ժամանակ, ակադեմիկոս Ջահուկեան ստուգապէս կռահած է այդ երկին տեղը հայ քերականագիտական միտքի բազմադարեան պատմութեան մէջ զայն համարելով ԺԷ.-ԺԸ. դարերուն տարածուած լատինատիպ քերականութիւն- ներուն նախակարապետը26։ Քռնեցի կոչեցեալ Ֆրա Յոհան` իր յիշատակարանին մէջ կը բացատրէ աշխա- տութեան բնոյթը, թէ «համառօտ հաւաքեցի ի Հայոց եւ ի Լատինացոց` զսակաւս ի բազում շարագրաց եւ ի քերթողաց, տալով դուռն եւ ճանապարհ նորամար- զիցն, մտանել եւ ընթանալ ի քաղաքս իմաստից»։ Յովհաննէս Քռնեցիի օգտագործած հեղինակներէն` Քերթողը, նշանաւոր յոյն հեղինակ Դիոնիսիոս Թրակացին է, որ հազարամեակէ մը աւելի, յունական քաղաքակրթութեան ազդեցութեան տակ գտնուող երկիրներուն մէջ համարուած է ամէնէն հեղինակաւոր քերականագէտը։ Ե. դարու վերջին տասնամեակներուն թարգմանուած Թրակացիի Արուեստ քերականին27 դարձած է «հայ քերականա- գիտական միտքի անկիւնաքարը»։ Դաւիթ քերականէն մինչեւ Առաքել Սիւնեցի, տարբեր ձեւերով մեկնած են այս աշխատութիւնը, կաշկանդուելով անոր ճնշող հեղինակութենէն։ Յաղագս քերականին զգալի մասն ալ բառացի քաղուած է Թրակացիէն։ Ակադեմիկոս Խաչիկեան համեմատելով երկու աշխատութիւնները` ճշտած է ամբողջութեամբ կամ մասամբ արտագրուած բաժինները։ Երկրորդ հեղինակը` որմէ օգտուած է Քռնեցին, Զ. դարուն սկիզբը ապրած նշանաւոր գիտնական Պրիսցիանոսն է, որուն բազմահատոր աշխատութիւնը համադրած է լատիներէն քերականութեան բոլոր նուաճումները։ Մինչեւ ԺԳ. դար, Եւրոպայի մէջ սերտած, մեկնաբանած եւ ուսուցած են Պրիսցիանոսի Քերականութիւնը։ Քռնեցին այդ նշանաւոր քերականին հետեւո- ղութեամբ կը կազմէ իր աշխատութեան երկրորդ մասը ամբողջութեամբ, կը ստեղծէ եզրեր` լատիներէն եզրերուն հայացումով, կամ նոյնութեամբ կ’օգտա- գործէ Պրիսցիանոսի եզրերը` առանց թարգմանելու։ Սակայն, Քռնեցիի օգտա- գործած աղբիւրներու հարցին քննարկումը, կը նկատէ բարեխիղճ ուսումնասէր ակադեմիկոսը, կարելի պիտի ըլլայ յետագային, երբ հնարաւոր դառնայ Յաղագս քերականին բաղդատել մինչեւ ԺԴ. դարը շարադրուած բազմաթիւ լատիներէն քերականութիւններու հետ։ Որպէս լեզուագէտ գիտնական` Յովհաննէս Քռնեցի իր գիտելիքներու 155
պաշարով, համարձակօրէն աւանդական արահետէն մայրուղի դուրս կը բերէ հայ քերականագիտական միտքը։ Համառօտ հաւաքումն յաղագս քերականին բաղկացած է վեց գլուխներէ, որոնցմէ առաջին երեքը` ենթագլուխներով են, իսկ մնացեալները` ենթամա- սերու չեն բաժնուած։ Յարմար կը նկատենք առանց քայլ առ քայլ հետեւելու Ս. Աւագեանի մասնագիտական վերլուծումներուն` մասնակի քաղուածքներ կա- տարել անկէ, այդ եզակի աշխատութեան քերականագիտական նշանակութեան մասին ընդհանուր պատկերացում տալու փափաքով։ Յովհաննէս Քռնեցին Յաղագս քերականին շարադրած է շեղելով Արուեստ քերականիի յօրինուածքէն, փորձելով ազատիլ օրինակի ոյժ ստացած անոր ճնշող հեղինակութենէն եւ ինքնուրոյն մօտեցումով ներկայացնել իր ժամանակին հայերէն լեզուի նկարագրութիւնը։ Աշխատութեան կառուցուածքը, նիւթերու դասաւորութիւնը եւ յաջորդականութիւնը` Քռնեցի կատարած է Պրիցիանոսի Քերականական սահմանումներուն հետեւողութեամբ։ Լեզուի հնչիւնաբանու- թիւնն ու ձեւաբանութիւնը ներկայացուած են «Յաղագս պարզ գրութեանց» գլխուն, իսկ շարահիւսական նկարագրութիւնը «Յագագս գիտութեան բաղադրե- լոց» եւ «Յաղագս շարամանութեանց» բաժիններուն մէջ։ Յաջորդ բաժինները նուիրուած են հին քերականութեան անբաժանելի մասը կազմող առոգանու- թեան, տաղաչափութեան արուեստին եւ բնագիրներու վերծանութեան հմտու- թեան։ Նախերգանքին մէջ` Քռնեցին կը ներկայացնէ քերականական արուեստին մասին իր տեսակէտը, կ’որոշէ անոր դիրքն ու նշանակութիւնը այլ գիտութիւն- ներու շարքին։ «Քերականութիւնն է գիտութիւն ուղղապէս խօսելու եւ գրելու, – կը սահմանէ ան։ – Սա է սկիզբն եւ հիմն ամենայն գիտութեանց, քանզի նորա է ուսուցանելն, թէ զինչ է իւրաքանչիւր բառին ասութիւն»։ Քերականական արուեստի բաղկացուցիչ տարրերուն մասին Քռնեցիի պատ- կերացումները կը տարբերին Թրակացիի ըմբռնումէն։ Թէեւ երկուքն ալ կը բաժ- նեն վեց մասի` պարզից, բաղադրելոց, շարամանութեանց, առոգանութեանց, ներչափական տառից գրելու եւ վերծանութեանց, սակայն Քռնեցին յաւելուածա- բար կը ներկայացնէ բանասիրական-գրականագիտական բաժինները, մինչդեռ Թրակացիին մօտ այդ հատուածներուն աւելի կարեւորութիւն կը տրուէր եւ անոնց քննութեամբ կը սկսէր քերականութեան նկարագրութիւնը։ «Պարզ գիտութիւնք» մասին մէջ տեղեկութիւններ կը տրուին հայերէն գիրե- րու, հնչիւններու, վանկերու, խօսքի մասերու եւ անոնց ձեւաբանական, բառա- կազմական փոփոխութիւններուն մասին։ Թրակացիի երկին մէջ նոյնը կը քննուի առանց նման յատուկ գլխակարգութեան։ «Բաղադրեալ գիտութիւնք» բաժինը` որ շարահիւսութեան նկարագրութիւնն է, հայ քերականագիտութեան մէջ նորութիւն մըն է։ 156
Հին քերականագիտութեան մէջ` ձեւաբանութեան գիտութիւնը չէ զարգացած այնպէս, ինչպէս եղած է հնչիւնական համակարգի ուսումնասիրութիւնը։ Հելլե- նիստական շրջանի քերականներէն` Բ. դարուն ապրած Ապոլոնիոս Դիսկոլոսի Շարահիւսութեան մասին նշանաւոր երկը բաւարարութեամբ վերլուծած է խօսքի շարահիւսական հարցերը։ Լատին քերական Պրիսցիանոսն ալ, միջին դարերուն, մօտէն կը հետեւի Դիսկոլոսի ըմբռնումներուն։ Իսկ հայերէնագիտութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Քռնեցին կը կատարէ հայերէնի շարահիւսական նկարագրութիւնը, հետազօտութեան ատաղձ ունենալով առաւելաբար միջին հայերէնի իրողու- թիւնները։ Վերլուծական նկարագրութիւններէն ակներեւ դարձած է, որ Համառօտ հաւաքումը` իր բնոյթով եւ բովանդակութեամբ աւելի մօտ է «յունա-լատինա- տիպ» անուանումով հայերէնի քերականութիւններուն։ Այս երկը, ինչպէս նաեւ լատինատիպ այլ քերականութիւններ` որոնք տակաւին գիտական շրջանառու- թեան մէջ չեն դրուած, հնարաւորութիւն պիտի տան նորովի լուսաբանելու հայ քերականագիտական միտքի պատմութեան շրջանաբաժանումը։ Ուրեմն` յունա-լատինատիպ քերականութիւններու յառաջացումը կը վերաբերի ԺԴ.-ԺԵ. դարերուն, եւ ոչ թէ ԺԷ.-ԺԸ. դարերուն, ինչպէս ընդունուած էր հայագիտութեան մէջ, հիմք ունենալով միայն տպագիր քերականական աշխատութիւնները։ Յովհաննէս Քռնեցին մեծ աւանդ ունի հայերէն քերականական եզրեր յօրինե- լու գործին մէջ։ Դիոնիսիոս Թրակացիի քերականութեան թարգմանիչը եւ յաջորդ մեկնիչները գիտական շրջանառութեան մէջ դրած են յունարէնի պատճէնումով յօրինուած բազմաթիւ քերականական եզրեր, որոնք այսօր ալ դեռ գործածական են28։ Իր քերականութեան մէջ` Քռնեցին յօրինած է շարահիւսական, ձեւաբանա- կան հասկացութիւններու նոր անուանումներ կամ եզրեր, որոնք մեծ մասով պատճէնուած են լատիներէնէ։ Հայ քերականագիտական միտքի յետագայ ընթացքին վրայ` Յովհաննէս Քռնեցիի անմիջական ազդեցութիւնը կարելի պիտի ըլլայ որոշել Համառօտ հաւաքումի, անոր աղբիւրներուն, ինչպէս նաեւ յաջորդ քերականութիւններուն բնագիտական զուգորդութիւններուն եւ համեմատական քննութեան միջոցով։ Զարգացած աւատատիրութեան ժամանակաշրջանին հիմնադրուած Ծործո- րի եւ Քռնայի վանքերը` իրենց ծաւալած նորաճաշակ գրական եւ թարգման- չական գործունէութեան շնորհիւ, հանդիսացած են «վանքաշատ Հայաստան»ի հոգեւոր-մշակութային ղեկավար կեդրոններ, հիմնաւորելով այն տեսակէտը` թէ վանքի մը կառուցումը ինքնին ուսումնական շարժումի մը նախաքայլը կրնայ համարուիլ։ Ակնդէտ կը սպասենք, որ մեծարգոյ ակադեմիկոս Լեւոն Խաչիկեանի յաջորդ երկասիրութիւններէն մէկը ըլլայ` վերոյիշեալ երկու ուսումնասիրութիւններուն 157
համադրումով եւ լրացումով, ընդարձակ մենագրութիւն մը` ունիթորներու եւ լատին առաքելութիւններու հայ մշակոյթին բերած նպաստին մասին։ Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 8 Մայիս 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.966 9 Մայիս 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.967 10 Մայիս 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.968 11 Մայիս 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.969 12 Մայիս 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.970 13 Մայիս 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.971 16 Մայիս 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.972 17 Մայիս 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.973 18 Մայիս 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.974 20 Մայիս 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.975 ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 1. Յովհաննէս Քռնեցի, Յաղագս քերականին, բնագիրը հրատարակութեան պատ- րաստեց Լ. Ս. Խաչիկեանը, ներածութիւնը Լ. Ս. Խաչիկեանի եւ Ս. Ա. Աւագեանի, Երեւան, 1977, էջ 7։ 2. «Քռնայի հոգեւոր-մշակութային կենտրոնը եւ Յովհաննէս Քռնեցու գիտական գործունէութիւնը», էջ 5-51։ 3. «Յովհաննէս Քռնեցու Համառօտ հաւաքումն յաղագս քերականին երկի քերականա- գիտական նշանակութիւնը», էջ 52-149։ 4. Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան, Ազգապատում, Բ. տպ., Պէյրութ, 1959, Բ. հատոր, Ա. գիրք, ս. 1712։ 5. Լեւոն Խաչիկեան, «Արտազի հայկական իշխանութիւնը եւ Ծործորի դպրոցը», Բան- բեր Մատենադարանի, Երեւան, 1973, թիւ 11, էջ 149։ 6. Օրմանեան, նշ. աշխ., ս. 1714-1715։ 7. Լ. Ս. Կոգեան, Հայոց եկեղեցին մինչեւ Փլորենտեան ժողովը, Բէյրութ, 1961 էջ 482։ 8. Օրմանեան, նշ. աշխ., ս. 1846-1847, 1956։ 9. Կոգեան, նշ. աշխ., էջ 482։ 10. Խաչիկեան, նշ. աշխ., էջ 149։ 11. Օրմանեան, նշ. աշխ., ս. 1956, 1957, 1980։ Այլ մանրամասնութիւններու համար տես` Լ. Գ. Խաչերեան, Գլաձորի համալսարանը հայ մանկավարժական մտքի զարգաց- ման մէջ (ԺԳ.-ԺԴ. դդ.), Երեւան, 1973, էջ 202-226։ 12. Նոյն տեղը, ս. 1800։ 13. Գիտնականներու հաւաստումով` Յովհաննէս Քռնեցիի «նշանաւոր» եւ «շատ արժէքաւոր» Ընդհանրական նամակը «պատմական որոշ արժէք մը կը ներկայացնէ». տես` M. A. van den Oudenrijn O. P., «Յովհաննէս Քռնեցիի Ընդհանրական Թուղթը Կալա- նոսի CONCILIATIOին մէջ», թարգմանեց` Գնէլ Ծ. Վարդապետ, Հասկ, հայագիտական 158
տարեգիրք, Անթիլիաս, Բ. տարի, 1949-1950, էջ 203, 208։ Յաղագս քերականին, Ներածու- թիւն, էջ 24, 40։ 14. «Այս գիրքին իրական թարգմանիչը Յովհ. Քռնեցին չէ, այլ իր անուանակիցը Յովհ. Երզնկացին, վերակոչուած նաեւ Ծործորեցի». տես` Հասկ, հայագիտական տարեգիրք, Բ. տարի, էջ 204։ Բանասիրական գրականութեան մէջ` թարգմանութեան մասին տարբեր տարեթիւեր նշանակուած են. Ծործորեցին «հրամանաւ պապին Հռոմայ» կը թարգմանէ Թովմա Աքուինացիի Գիրք խորհրդոցը` «1321 թ. անկիւնաքարը դնելով հայ ունիթորա- կան գրականութեան». տես` Բանբեր Մատենադարանի, թիւ 11, էջ 198։ «Եօթը Խորհուրդ- ներու Գիրքին հայերէն թարգմանութիւնը ընդօրինակուած էր Հոկտեմբեր 1325-ին, Ծոր- ծորի Ս. Աստուածամայր վանքին մէջ, եւ ընդօրինակողը մեզի կը վստահեցնէ` թէ գիրքը երկու տարի առաջ, միեւնոյն մենաստանին մէջ թարգմանուած էր». տես Հասկ, էջ 204։ 15. Հասկ, էջ 201-203։ Ունիթորներու մասին յայտնուած այլազան կարծիքներէն` յատկապէս սրբագրութեան կը կարօտի Ստ. Մալխասեանցի տուած բացատրութիւնը. «Ունիթոր. լատին կրօնաւոր միջին դարերում, որ ուղարկւում էր այլադաւան քրիս- տոնեաների մօտ` նրանց դէպի կաթոլիկութիւն դարձնելու համար», կամ` «Ունիթորները Հայաստան մուտք գործեցին ԺԴ. դարուն»։ Տես` Հայերէն բացատրական բառարան, հատոր երրորդ, էջ 602։ 16. Յաղագս քերականին, Ներածութիւն, էջ 8։ 17. Հենրի Գաբրիէլեան, Հայ փիլիսոփայական մտքի պատմութիւն, Երեւան, 1958, հատոր 2, էջ 119-120։ 18. Նոյն տեղը, էջ 120-121։ 19. Karekin Sarkissian Vardapet, A Brief Introduction to Armenian Christian Literature, London, 1960, p. 30. 20. Marc-Ant. V. d. Ondenrijn O.P., «Գիտելիքներ Միաբանող Եղբայրներու եւ անոնց գործոց մասին», Աւետիք (Ամսական Պաշտօնաթերթ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Տանն Կիլիկիոյ), 1948, Մարտ-Ապրիլ, էջ 62։ 21. Խաչերեան, նշ. աշխ., էջ 149։ 22. Յուցակ ձեռագրաց Մաշտոցի անուան Մատենադարանի, Երեւան, 1970, հատոր Բ., ս. 447։ 23. Խաչիկեան, նշ. աշխ., էջ 177։ 24. Նոյն տեղը, էջ 178։ 25. Հ. Աճառեան, Հայոց անձնանունների բառարան, Երեւան, 1946, հատոր Գ., էջ 620։ 26. Յաղագս քերականին, Ներածութիւն, էջ 44, 140-141։ 27. Ա. Ն. Մուրատեան, Յունաբան դպրոցը եւ նրա դերը հայերէնի քերականական տերմինաբանութեան ստեղծման գործում, Երեւան, 1971, էջ 153-156։ 28. Նոյն տեղը, էջ 345-347։ 159
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԱՅԵԱՑՔԸ ԵՒ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐԸ ԺԸ. ԴԱՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՍՈՒՆ ԿՈԼՈՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԾՆՆԴԵԱՆ Գ. ԴԱՐԱԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Յիշատակը սերում է գործերից։ ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ ´³Ý³ËûëáõÃÇõÝ` вРÎáϳݻ³Ý êñ³Ñ« 25 ÐáÏï»Ùµ»ñ 1979£ Մշակութային երեսնամեայ վաստակով ծաղկուն այս յարկէն ներս, նուիրա- կանացած աւանդութեան մը վերահաստատուիլը` Հոկտեմբերը վերստին «Մշա- կոյթի ամիս» նկատելը, բերկրանքով` եւ պէտք է խոստովանիլ նաեւ, թէ կ’ուզենք ողջունել քիչ մըն ալ անզուսպ յուզումով։ Թերեւս մեզմէ ոչ մէկը յանդգնի հերքել այն իրողութիւնը, թէ «մեր ազգային դիմագիծը` թանձրացած քարին, երգին ու գրչութեան մէջ, ծնունդն է վանական միջավայրին»։ Հաւանաբար ոչ ոք անտեղի պիտի նկատէ, եթէ ձեր բոլորին բարեացակամ ուշադրութենէն օգտուելով` պատմական շրջագայութիւն մը կատարենք միասին մեր իմացականութեան երբեմնի դարբնոցներուն շուրջ, հոն հանդիպելու համար «բարձրաթիռ միտքի ապաստան» գտած խոկումի ծարաւ հոգիներու։ Անցեալի մեծութիւններով փառաւորուելու հրճուանքը` այս երեկոյ կ’ուզենք զգալ Ամրտոլու գերահռչակ դպրատան երանելի աշակերտներէն Կոլոտ Յով- հաննէս Պատրիարքի ծննդեան երրորդ դարադարձին առիթով։ *** Թէեւ շատ հետաքրքրական` բայց երբեմն ալ ոչ ուրախալի իրադարձութիւն- ներով ուշագրաւ է մեր ժողովուրդի պատմութեան ԺԷ. դարու վերջին քառորդէն մինչեւ ԺԸ. դարու առաջին կէսը երկարաձգուող ժամանակահատուածը։ Օգտուելով պատմական առկայ տուեալներու ճոխութենէն, հաճելի պիտի ըլլայ ընդհանուր համայնապատկերի մը վրայ ստուերագծել կրօնական-մշակու- 160
թային նոր շարժումներու զարգացումի ուղիներուն եւ հանգրուաններուն վրայ կանգնած առաջաւոր գործիչներու` Սեբաստացի Մխիթար վարդապետի, Կոլոտ Յովհաննէս պատրիարքի եւ Այնթապցի Աբրահամ-Պետրոս Ա. կաթողիկոս- պատրիարքի դիմաստուերները։ Սակայն, պատմական դէմքերը վերագնահա- տելու այս արագ փորձը կ’ուզենք սահմանափակել միայն կարեւորագոյն երեւոյթներու մատնանշումով։ Հայ ժողովուրդի մտաւոր մշակոյթի զարգացումը հետազօտող հեղինակներու հաստատումով` ԺԸ. դարը նախորդող դարերուն, մանաւանդ ԺԵ. դարու երկրորդ կէսէն սկսելով եւ ԺԶ. դարը ամբողջ, որ մշակոյթի «ամենախոր անկումի ժամանակաշրջանը» կը նկատուի, հայկական վանքերն ու վանականութիւնը մատնուած էին անշուք վիճակի մը, հայրենի աշխարհին մէջ գոյութիւն առած շարունակական սովերուն, յաճախակի համաճարակներուն եւ արամեան ցեղին մնացորդները մաշելու եւ մարելու նպատակով` թուրքմէն ցեղախումբերու, պարսկական եւ օսմանեան «դժպետութիւններու» արիւնակոխ եւ աւերասփիւռ անվերջանալի արշաւանքներուն պատճառով, որոնց նմանը ոչ մէկ հողածին կրնայ տեսած ըլլալ։ Երբ Արեւելքի երկու հզօր պետութիւններուն միջեւ մրցակցութիւնը կը դադ- րի, Հայաստանի մէջ կը ստեղծուին քաղաքական եւ տնտեսական աւելի նպաս- տաւոր պայմաններ։ ԺԷ. դարը մշակութային վերելքի նոր շրջան մը կը սկզբնա- ւորէ. մերթ ընդ մերթ ասպարէզ կուգան ուսումնատենչ ու լուսամիտ դէմքեր, որոնք դարձեալ կը զբաղին հուրէ կամ թալանէ փրկուած հայերէն ձեռագիր մատեաններու ուսումնասիրութեամբ, կը փորձեն վերականգնել հին դարերու հայ վանականութեան փառքը` հիմնարկելով Սիւնեաց Մեծ Անապատի, Էջմիածինի, Ամրտոլու, Լիմի եւ Նոր Ջուղայի վանական դպրոցները, ուր ձեռնարկուած բեղուն գործունէութեամբ` քանի մը արժանաւոր վանականներ կրնան իրենց անդուլ ջանքերով մշակութային անկումին առաջքն առնել, ընդհատուած աւանդոյթները վերահաստատելով եւ հոգեւոր զարթօնքի մը հիմերը դնելով։ ԺԸ. դարու սեմին` ազգային վերածնութեան աշխատանքին լծուողներէն մէկը կ’ըլլայ Մխիթար վարդապետ Սեբաստացին, որ իր ծննդավայրէն Կ. Պոլիս, եւ ապա Եւրոպա անցնելով, Վենետիկի լճակին Սուրբ Ղազար կղզեակին վրայ նոր կեանք տուած է անցեալի հայ միտքին եւ դասական գրական լեզուին։ Մխիթարի եւ իր ձեռնասուններուն տքնութեամբ` Սուրբ Ղազար կը դառնայ հայ հին գրականութեան ասպնջարանը, եւ այնտեղ կը բողբոջի հայ նոր գրականութիւնը։ Հրաչեայ Աճառեան` Սուրբ Ղազարը բաղդատութեան դնելով նախորդ դարերու գրական-կրթական կեդրոններուն հետ, անաչառօրէն կ’ըսէ, թէ Բաղէշի, Էջմիածինի եւ Նոր Ջուղայի դպրոցները տեւական չէին եղած, անոնք շատ կարճ կեանք մը ունեցած էին։ Մխիթար այնպիսի հիմերու վրայ կը դնէ իր 161
միաբանութիւնը, որ օրէ օր կը զարգանայ, եւ իբրեւ լուսաւոր աստղ մը` երկար ժամանակ կը փայլի հայկական կիսախաւար հորիզոնին վրայ։ Նոյն ժամանա- կաշրջանի հայ վանականութեան պատկերը վերակազմելով, պատմաբան Լէօ կ’ամբողջացնէ Աճառեանի դատումը եւ կը վկայէ, թէ ԺԸ. դարու սկիզբը` հայ լուսաւորչական վարդապետները գրական աղքատ գործունէութիւն ցոյց կուտան, եւ այս երեւոյթը կախում ունէր այն հանգամանքէն` որ զարգացումը այդ ժամանակ շատ թոյլ էր առհասարակ։ Հայ վարդապետները ոչ միայն շատ բան չէին գիտեր, այլ ամէն տեղ միատեսակ հմտութիւն ցոյց չէին տար հայերէն լեզուի գիտութեան մէջ։ Այդ խումբին վանականներուն հակադրելով` Լէօ հիասքանչ կը շարունակէ. կաթողիկէ վանականութիւնը, ինչ կ’ուզէք ըսէք, աւելի զարգացած էր, քան հայ լուսաւորչական վանականութիւնը, եւ ասիկա ամէնէն առաջ այն պատճառով` որ ան լեզուներ գիտէր, անոր առջեւ բացուած էր եւրոպական լեզուներով շատ հարուստ գրականութիւն, հետեւաբար հայերուն մէջ կրնար բարձր գիտութիւն մտցնել։ Եւ իրապէս, ԺԸ. դարու սկիզբէն` կաթո- ղիկէ հայ վանականութիւնը, գլխաւորաբար թարգմանութիւններու, մասամբ նաեւ ինքնուրոյն մշակումներու միջոցով կ’աշխատի հայացնել իր սորված գիտութիւնը` որ աշխարհայեցողութիւններ կը պարզաբանէ, ըմբռնումներ եւ հայեցողութիւններ կը դարբնէր։ Մխիթարեաններու կատարած դերը բնորոշելով, Մանուկ Աբեղան կ’ըսէ` թէ անոնք յաջողցուցին այն, ինչ որ երկուհարիւր տարի առաջ հայ վանականներ ձեռնարկած էին Արեւելքի մէջ, բայց մեծ դժուարութիւններէ զատ, քաղաքական դժբախտ պատահարներու հետ կապուած ըլլալով` չէին յաջողած այնպէս, ինչպէս կը փափաքէին կատարել այդ գործին համար աշխատողները։ Մխիթար- եանները իրենց ձեռքը կ’առնեն հայ գրականութեան վերածնութիւնը եւ այդ աշխատանքը անընդհատ յառաջ կը տանին Եւրոպայի անվտանգ եւ խաղաղ կեանքի յարմարութիւնները օգտագործելով։ Նոյն դարուն սկիզբը կը հրատարակուի իմացական վերածնութեան շար- ժումը խթանող հատոր մը` Էրզրումցի Խաչատուր վարդապետին հեղինակած համառօտ իմաստասիրութիւնը, ուր հանրագիտական տեղեկութիւններով բացատրուած է այդ շրջանի գիտութեան եւ իմաստասիրութեան զանազան ճիւղերը, ինչպէս նաեւ գրականութեան եւ արուեստի տեսութիւնները։ Հայ գրականագիտական եւ քննադատական միտքի ամենահին արտայայտութիւն- ներէն մէկը համարուող այս հետաքրքրական աշխատութիւնը` մշակութային հին արժէքները իմաստաւորող եւ ժողովուրդին լայն խաւերուն մէջ լուսաւորու- թիւն տարածելու ձգտող սերունդին համար, օգտակար ձեռնարկ մը կը հանդի- սանայ այն օրերուն։ *** 162
Տակաւին ԺԷ. դարուն, հայ հաւատացեալները` ուղղափառ կամ այլափառ, ինչպէս սովորաբար կ’անուանեն այդ շրջանի կրօնական հոսանքները, նոյն եկեղեցին յաճախելուն եւ նոյն հոգեւոր պետերուն իշխանութեան ներքեւ գտնուելուն, ինչպէս նաեւ այդ եկեղեցական ղեկավարներուն ընդգրկած տարբեր ուղղութիւններուն պատճառով, Հռոմի եկեղեցիին կողմէ Արեւելք գործուղուած հեղինակութիւն մը չէ կրցած ճշգրիտ բնորոշել Հայ եկեղեցիին հետեւած ուղին։ Հայ եկեղեցական եւ միաժամանակ հայ հասարակական կեանքին մէջ մեծ հեղինակութիւն վայելող Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը` ԺԷ. դարու առաջին տասնամեակներէն սկսելով, մինչեւ նոյն դարուն վերջը, երբեմն ղեկավարած են Հռոմէական Եկեղեցիին հաւատակից հայ բարձրաստիճան եկեղեցականներ։ Այսպէս` յաջորդաբար կամ ընդմիջումներով, գահակալած են եօթը պատրիարք- ներ, որոնց ընդգրկած դաւանական ուղղութիւնը հաստատուած է պատմական վկայութիւններով։ Այս ժամանակաշրջանին` Կ. Պոլսոյ մէջ դաւանական իրերամերժութիւնը հասած էր ծայրայեղ աստիճանի։ Ծիսական փոփոխութիւններ կատարելու եւ անկախ համայնք կազմելու փորձերը յաջողութիւն չէին գտած։ Եւրոպացիներուն հետ յարաբերութեան մէջ գտնուելով` կաթողիկէ հայերը կ’ամբաստանուէին որպէս Ֆրանկ եւ կը նկատուէին պետութեան թշնամի հպատակներ, յաճախ անոնց նկատմամբ ձեռք կը ձգուէին բանտի, աքսորի կամ թիապարտութեան վճիռներ։ Դիւանական տեղեկութիւններու համաձայն` դաւանական անպատ- մելի հալածանքներ տեղի ունեցած են հայաբնակ այլ քաղաքներու մէջ ալ, մանաւանդ Էնկիւրիի, Հալէպի, Կարինի, Թոքաթի, Սեբաստիոյ, Մերտինի, Վրաստանի եւ Խրիմի մէջ։ Հալածանքի եւ ներումի Ֆերմաններ ձեռք բերելու համար բազմաթիւ քսակ- ներ կը շռայլէին։ Հալածանքներու ժամանակ` մահէն սարսափելով, եղած են ուրացումներ. իսկ նահատակութիւններէն` յատկապէս յիշատակելի են 1707 թ. Երանելի Տէր Կոմիտաս քահանայի, յաջորդ տարին` Սեբաստացի Միքայէլին եւ 1716 թ. ալ Մելքոն արքեպիսկոպոս Թազպազեանի վկայական վախճանը։ Կաթո- ղիկէ հայերը կը վայելէին պաշտպանութիւնը Ֆրանսայի եւ Աւստրիոյ դեսպան- ներուն, որոնք իրենց հովանաւորութիւնը տարածած էին Արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդներուն վրայ։ Այդ շրջանին ծաւալած տեսական եւ գործնական պայքարը` այսօր կը գնահատեն որպէս ազգային ինքնուրոյնութեան համար մղուած պայքարի ձեւե- րէն մէկը։ Այդ օրերու հակամարտութեան համար` Մխիթար Սեբաստացին իրաւամբ նկատուած է «պառակտեալ հայութեան գերագոյն մխիթարութիւնը»։ Քաղաքներու քաղաք Կ. Պոլիս, այդ միջոցին եկեղեցականօրէն կը պարզէր ամէնէն տխուր վիճակը. որովայնամոլ, արբշիռ եւ ուսումնատեաց եկեղեցական- ներ` կուսակցութեան մը գլուխ կամ կուսակցութեան մը մէջ, «բարձի փառքի 163
ետեւէ էին»։ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան նախանձայոյզ հեղինակը` Կիւլէսէրեան Բաբգէն Ծ. Վրդ. կը խոստովանի, թէ «այսչափ անկում եկեղեցականութեան մէջ եւ Պոլսոյ պատրիարքութեան աթոռին շուրջ` ինչպէս նաեւ Էջմիածնի եւ Երուսաղէմի մէջ, ԺԷ. դարը միայն կրնայ պատկերացնել. պատկերներ` որոնց ծագումը, պատմութիւնը պժգանք կ’ազդէ ընթերցողին»։ Նոյն սրբազան հեղի- նակը ասոր վրայ կ’աւելցնէ նաեւ «Ֆրանկութեան ներսէն բռնկած խնդիրն ալ, որ Պոլսոյ եկեղեցական անկումին արդիւնքն էր եւ այնքան դատապարտելի դէպքե- րու եւ դէմքերու տեղի տալէ ետք` իր գոյութեան իրաւունքը պիտի ունենար»։ Անցեալ դարերու Պոլսոյ կեանքը հետազօտող ժամանակակից պատմաբան Սիրունի կը շեշտէ` թէ «ամբողջ երեքուկէս դար, այսինքն 1461-էն մինչեւ 1715 թ., երբ Յովհաննէս Կոլոտ կու գար հագնիլ պատրիարքական կապան, Պոլսոյ Աթո- ռը պանծալի էջեր չէ թողած մեզի»։ Բազմակողմանի բարեմասնութիւններով օժտուած եկեղեցականին յիշատա- կը վերակենդանացնելու համար` պատմագրական եւ բանասիրական ուսում- նասիրութեան մը ձեռնարկելով, Բաբգէն Վրդ. կ’ըսէ` թէ «Կոլոտի մասին գրեթէ որեւէ գոհացուցիչ գործ չէ հասած մեզի իր ժամանակակիցներէն»։ Քրիստոսի այգիին անխոնջ մշակներէն` Յովհաննէս աստուածաբան վարդա- պետը բնիկ բաղիշեցի է, ծնած 1678 թ.։ Ամրտոլու վանքին մէջ աշակերտը եղած է բաղիշեցի Վարդան Վրդ. ին։ Այստեղ անհրաժեշտ կը նկատենք հանրագիտական տեղեկութիւններ հաղորդել հայ մշակոյթի կեդրոններէն` Ամրտոլու վանքին անունին ծագումին եւ կատարած դերին մասին։ Վանայ ծովակին հարաւ-արեւմտեան կողմը` գեղեցկատեսիլ, վաճառաշահ եւ անուանի քաղաք Բաղէշի չորս վանքերէն մէկը կը կոչուէր Ամրտոլու կամ Ամլորդւոյ վանք, որովհետեւ կառուցուած էր Սուրբ Յովհաննու Կարապետին անունով, քաղաքին համանուն թաղին մէջ։ Աւանդութեամբ կ’ըսուի նաեւ` թէ Ամիր եւ Տօլ անունով երկու եղբայրներ վանքն ու եկեղեցին նորոգած ըլլալուն, իրենց անունով Ամրտօլու վանք կոչուած է։ Մեր օրերու հեղինակի մը համաձայն, Ամրտօլ կոչումը` ոչ թէ Ամլորդի բառէն է, այլ աղաւաղեալ կրճատումն է Ամիրտէօվլէթ կոչումին։ Ամրտոլու վանքը, բարեբախտաբար հոգեւոր եւ մտաւոր կրթութեան «հա- մալսարան» մը` դպրեվանք մը եղաւ երբեմն, կամ թէ աւելի շատ գործածուած բառով` դասատուն մը, բոլորովին տարբեր այն վանքերէն, որոնք աւելի փոր կշտացնելու համար շինուած են, քան թէ միտք, – կը պարզէ համարձակախօս Բաբգէն վարդապետ։ ԺԵ. դարուն վանքին մէջ եղած է գրչութեան դպրոց. նոյն դարուն վերջը, Գրիգոր Տաթեւացիի աշակերտներէն Դանիէլ վարդապետը այնտեղ հիմնած է հոգեւոր դպրոց` ուր դասաւանդած է աստուածաբանութիւն եւ տրամաբանու- 164
թիւն։ Անոր գործը շարունակած են` Համշէնցի Յովհաննէս, Արճիշեցի Գրիգոր, Մատաղ Ներսէս, Բաղիշեցի Ներսէս, Ամկեցի Ներսէս եւ Տարօնեցի Յովհաննէս վարդապետները։ Երեւելի եւ մեծանուն Աղբակեցի Բարսեղ վրդ.ը մեծ զոհողութիւններով կը սրբէ մտաւոր ամլութեան նախատինքը Ամրտոլու ճակատէն. կը կառուցէ վանքը, կը վայելչացնէ դասատունը, կը բարեփոխէ ուսման ծրագիրը եւ այդ միջոցով կը հասցնէ շատ աշակերտներ` անոնց փոխանցելով արտաքին գիտութիւններու ճաշակը։ Ամրտոլու վանքին դպրոցը մեծ համբաւ կ’ապահովէ Մոկացի Ներսէս վար- դապետին առաջնորդութեան օրով, երբ այնտեղ ուսում ստանալու կ’երթան տարբեր վայրերէ բազմաթիւ երիտասարդներ։ Վանքին դպրոցը կը ծաղկի յատկապէս Բաղիշեցի Վարդան վարդապետին հոգածութեամբ, եւ այն ժամանակ կը կոչուի ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ։ Յիշատակարանի մը համաձայն` անոր օրով վանքը ունէր 45 միաբան, որոնցմէ քառասունը` կարդացող, եւ հինգը մշակ էին։ Այս «քաղցրաքարոզ եւ համեղաբան» Վարդան վարդապետին չունչով սնած եւ մեծցած էին Կոլոտ Յովհ. եւ Շղթայակիր Գրիգոր վարդապետները, որոնք ծառայեցին միեւնոյն նպատակին` այն է, ազգին նիւթական եւ բարոյական օգուտը, ինչպէս նաեւ եկեղեցիին փառքն ու պայծառութիւնը։ Անոնք մանկութենէ Աստուածոյ երկիւղին մէջ սնած ըլլալով` հրաժարած էին անցաւոր աշխարհի վայելչութիւններէն, ու կ’ապրէին ոչ թէ իրենց անձին` այլ յաւէտ ազգին ու եկեղեցիին համար, գեղեցիկ կերպով կ’արտայայտուի Երուսաղէմի պատմու- թիւնը հեղինակող դէմք մը։ Բարձրահամբաւ եւ մեծ համալսարանին գոյութիւնը վերջ կը գտնէ Վարդան Վարդապետի վախճանով. հոգեկցորդ երկու վարդապետները` Կոլոտ եւ Շղթա- յակիր մորմոքումով կը թողուն Ամրտոլը, կը շրջին վանքեր եւ մենաստաններ, եւ հուսկ կանգ կ’առնեն «Սրբոյն Գլակայ լուսաշէն վանքը», ուր Տարօնի ժողովուրդը եւ մանաւանդ Կարապետ Եպիսկոպոսը անկեղծ սիրով ու համակրանքով կ’ընդունին զիրենք։ Իրենք ալ` իբրեւ միաբան, ոգիով կ’աշխատին Սուրբ Կարա- պետի վանքին բարեկարգութեան եւ վիճակի բնակչութեան հոգեւոր կրթութեան համար։ Վանքին պարտքերուն համար հանգանակութիւն կատարելու նպատակով` Կոլոտ 1712 թ. կ’երթայ Պոլիս, ուրկէ զինք կը ղրկեն Երուսաղէմ` Սուրբ Յակոբայ վանքին պարտքերն ալ կարգադրելու համար։ Պոլիս վերադարձին` Յովհաննէս Գանձակեցիի կամովին հրաժարումով, Կոլոտ Յովհաննէս պատրիարք կ’ընտրուի 1715 թ.։ Պոլիս` ուր Հայոց Պատրիարքութիւնը ամօթալի իրականութիւններու մէջ աղտոտած էր, աշխարհական-եկեղեցական զիրար կը բզքտէին` պատրիարք 165
ըսուելու համար, Կոլոտ իր սիրած համալսարանին դրոշմը չէ եղծած այս աղտոտ միջավայրին մէջ։ Քառորդ դար` «անընդհատ եւ առանց սովորական եղած միջադէպի» Կոլոտ Յովհաննէս կը վարէ պատրիարքութիւնը, «երբ պատրիարքութեան տենչանքով տանջուողներ, թէ՛ Էջմիածնի նուիրակներ, թէ՛ առաջնորդներ, թէ՛ Պոլսոյ մէջ լճացած եկեղեցականներ ազգին աղբիւրի պէս յորդող դրամները ամէն օր պատուանդան կ’ընէին պատրիարքական աթոռը բարձրանալու»։ Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը` կը բացատրէ Բաբգէն վրդ., իր արդի կազմակերպութիւնը եւ ինքնակառավարութիւնը շատոնց կորսնցուցած պիտի ըլլար, եթէ Կոլոտ պատրիարքը` նրբին հեռատեսութեամբ, Պոլսոյ Աթոռէն զատելով զայն, ի գլուխ չհանէր Սուրբ Յակոբայ Աթոռին բարեկարգութիւնը` Շղթայակիր Գրիգոր Պատրիարքին հետ։ Թէ ինչու միացուցած էին այս երկու աթոռներուն պատրիարքութիւնը` իրաւ որ շատ յայտնի չէ, կը խոստովանի Բաբգէն վրդ., ինչ որ որոշ կերպով կարելի է ենթադրել` այս է. Պոլսոյ պատրիարքները ծախսելու համար մեծ գումարներու պէտք ունէին, որովհետեւ պատրիարքութիւնը կաշառքով կը գնուէր, եւ նման ծախքերու համար` Սուրբ Յակոբայ գանձարանէն աւելի հարուստ տեղ ո՞ւր կարելի էր գտնել։ Աթոռներու միութիւնը` ինչ պատրուակի ներքեւ ալ եղած ըլլայ, աղիտաբեր հետեւանքներ ունեցած է։ Կոլոտի բոլոր յաջողութիւններուն գաղտնիքը` իր եւ Շղթայակիրի համա- շունչ միացումն էր. երկու գործունեայ հոգիները իրարմով կը սնանէին, իրարմով կ’ապրէին։ Գաղափարակցութեան այսպիսի հանդիսաւոր, այսպիսի օրինակելի արտայայտութիւն շատ քիչ կը պատահէր` մանաւանդ եկեղեցականներու կեան- քին մէջ, կ’աղաղակէ միշտ ճշմարտախօս Բաբգէն վարդապետը։ Ժամանակին մոլութիւններէ՞ն թէ նորութիւններէն մէկը եղած է «աստուածա- բան» կոչուելու տենդը, կը յայտնէ նոյն արժանահաւատ հեղինակը, այնպէս որ գրեթէ բոլոր պատրիարքները կաթողիկոսներ եւ աչքի զարնող վարդապետներ` անպատճառ աստուածաբան, հռետոր, պերճախօս, քաջաքարոզ րաբունապետ կոչուելու մարմաջ ունեցած են։ Իր ուղղաշաւիղ քաջաքարոզութիւններով` աստուածաբանութեան գերա- զանց վարդապետ Կոլոտ պատրիարքը մեր ազգին նոր Ոսկեբերանը ըլլալու համբաւը վայելած է։ Իսկ Պոլսոյ համար նորութիւն մըն էր Ամրտոլի համալսա- րանին բեմական ուղղութիւնը` որ պիտի առինքնէր ժողովուրդը, մանաւանդ երբ մայրաքաղաքին եկեղեցիներուն բեմերը այն շրջանին հոգեւոր կեանք չունէին, ոչ ալ հոգեկան բարձրութիւն։ Հայ եկեղեցւոյ գաղափարախօսները միշտ ընդունած են գիտութեան կարեւո- րութիւնը, եւ միակ ճշմարիտ գիտութիւնը համարած են աստուածաբանութիւնը։ Բնական գիտութեան հետեւի հերձուած, իսկ հաւատոյն` ուղղափառութիւն, – կը 166
սահմանէր Գրիգոր Տաթեւացին։ Եւ արդարեւ, իր օրերէն սկսելով, յետագայ դարերուն ալ, նշանաւոր վարդապետներ ջանացած են օգտուիլ կաթողիկէ եկեղեցւոյ աստուածաբանական գրականութենէն։ Իր դարուն արեւմտեան զարգացումը բարի նախանձով կը լեցնէ նաեւ աստուածաբան Կոլոտին սիրտը, կը բացատրէ իր կենսագիրը։ Կաթողիկէութիւնը` որ իր սնունդը կ’առնէր Արեւմուտքէն եւ կը ճոխանար մանաւանդ Պոլսոյ մէջ, իր օտար աստուածաբաններով, հեղինակութիւններով կամ թարգմանութիւններով, անշուշտ կարեւոր կշիռ մը ունին անոր նախանձա- խնդրութիւնը ուժաւորելու մէջ։ Որպէսզի մութին մէջ չխարխափին Հայ եկեղեցւոյ պաշտօնեաները, ամենիմաստ վարդապետը` Կոլոտ կը վճռէ լատին աստուա- ծաբանական միտքի արտադրութիւնները հայացնել։ Կոլոտ` իր մեծ ծրագիրը իրագործելու համար աջակից կ’ունենայ լատինա- գէտ եւ իտալագէտ Խարբերդցի Ղուկաս վարդապետը, որուն թարգմանած բազմաթիւ երկերով կը ճոխանայ եկեղեցական գրականութիւնը։ Մասնագէտի մը գնահատումով` այդ թարգմանութիւնները, եթէ ոչ որակի` գոնէ քանակի կողմէն կը գերազանցեն ոսկի եւ արծաթի դարերուն բոլոր թարգմանութիւնները։ Այդ աշխատանքը կատարուեցաւ այնպիսի ժամանակի մը` «երբ գրական աշխարհը ամուլ էր եւ հոգեւոր իշխանութիւնները բնաւ չէին խորհած կամ չէին կրնար խորհիլ գրական պահանջներու վրայ»։ Սակայն, աստուածարեալ Կոլո- տին այնքան հոգածութեամբ եւ ծախքով մէջտեղ բերած թարգմանութիւնները բոլորէն խանդավառ ընդունելութիւն չեն գտներ։ Մանաւանդ եկեղեցական դասը` նախանձով կուրցած եւ Մայրենի եկեղեցւոյ աւանութիւններուն նախան- ձախնդրութեամբ դիմակաւորուած, աննպաստ գաղափարներով կը պղտորէր հասարակական միտքը։ Աստուածաբանական երկի մը յիշատակարանին մէջ, Կոլոտ հաստատապէս կ’ըսէ` թէ «զի գրեթէ սա է ամենունակ գանձարան եւ ամենաբարի մառան եւ ամենայն մրգաց եւ ծաղկանց մենարան»։ Անվկանդ շարունակելով իր ձեռնարկը, իմաստուն պատրիարքը իր թարգմանել տուած գիրքերուն համար կ’ըսէ, թէ «ումեք դիպեսցի տեսանել զայսոսիկ գրեանս` գիտել կարէ թէ ոչ ի զուր ինչ ընթացեալ իցեմ»։ Կոլոտի կատարած գործը լաւ գնահատելու համար, կը թելադրէ Բաբգէն վարդապետ, պէտք է ուսումնասիրել Սկիւտարի մէջ հիմնած իր դասատունը կամ դպրատունը, որուն գործունէութիւնն ալ շատ ծանօթ չէ մեզի, սակայն ինչ որ անժխտելի է, այդ Նոր Ամրտոլը ԺԸ. դարու Թուրքիոյ հայոց մտաւորական կեանքին մէջ հանգրուան մըն է, իսկ այդ դպրոցին փայլուն ներկայացուցիչն է Նալեան Յակոբ պատրիարքը, առատ արտադրող եւ հմուտ միտք մը, ըլլայ պատրիարքական թէ գրական գործունէութեան մէջ կը ներկայացնէ Կոլոտին դպրոցը եւ դարուն բարքերը։ 167
Կոլոտի պատրիարքութեան ժամանակամիջոցը կրնայ նկատուիլ սկզբնաւո- րութիւնը Կ. Պոլսոյ հայերու կրթական եւ գրական զարգացումին, կը հաւաստէ պոլսեցի բանասէր Հրանտ Ասատուր։ Սակայն պէտք է ըսել, որ Կոլոտի դպրոցը չյաջողեցաւ այդ ուղղութիւնը ընդմիշտ հաստատել իր յառաջ բերած գրական շարժումին մէջ։ Այդ բանը լիապէս վերապահուած էր միայն մեծ դպրոցին` Մխիթարեաններուն, կ’եզրակացնէ պատմաբան Լէօ։ Սուրբ Ղազարի մէջ սկսած լուսաւորական աշխատանքներու օրինակը վարակիչ եղած է ուրիշ գաղթօճախներու համար ալ։ Այսպէս, Կ. Պոլսոյ մէջ Կոլոտ պատրիարքը Մխիթար Սեբաստացիի օրինակէն թելադրուած, հայ ազգը տպագրութեան արուեստին մասնակից ընելու խորհուրդով` տպագրել տուած է շատ գիրքեր, որոնց մէկ մասը լոյս տեսած են իր ծախքով։ Հայ իրականութեան մէջ լուսաւորական շարժումին նախաքայլերը հետազօ- տող բանասէր մը` նշանակալից եւ ժամանակին համար ողջունելի կը գտնէ այն լայնախոհութիւնը, որ հանդէս կը բերէին հայ յառաջադէմ գործիչները` մերժելով կրօնական խտրականութիւնը եւ դաւանական իրերամերժութիւնը։ Ըլլալով լուսաւորչադաւան` անոնք կ’ըմբռնէին եւ կը գնահատէին մշակոյթի զարգացու- մին համար Մխիթարեաններուն ծաւալած ազգանուէր գործունէութիւնը։ Յովհաննէս Կոլոտ պատրիարքը պերճախօս քարոզութիւններով, սիրոյ եւ խաղաղութեան յորդորներով կ’արդիւնաւորէ իր կեանքը, եւ իր ձեռնասուններով շրջապատուած` իր հոգին կ’աւանդէ 1741 թ. Փետրուարի 13-րդ օրը։ *** Ամբողջացնելու համար մեծանուն պատրիարքին դիմաստուերը, այստեղ կ’ուզենք յապաւումներով ներկայացնել Երուսաղէմի պատմաբաններէն` Սաւա- լանի կարծիքը։ Յովհաննէս Կոլոտ մեծ խոհականութեամբ վարեց Կ. Պոլսոյ պատրիարքութիւնը` այնպիսի ժամանակ մը, երբ կրօնական յուզումներով եւ քանի մը փառամոլ եկեղեցականներու պատճառով վրդովումներու մատնուած էր ազգը։ Ան շատ աշխատեցաւ վերցնել ծագում առած կրօնական հերձուածները եւ վերահաստատել հայ եկեղեցիին խաղաղութիւնը, բայց չկրցաւ բոլորովին յաղթահարել ըմբոստ միտքերը` որոնք աւելի քմահաճ վարդապետութիւններու եւ օտարուսուցոյց առաջնորդներու կիրքերու խաղալիք եղած էին, քան հետեւե- լով ողջամիտ պատրիարքին ճշմարիտ եւ լուսաւոր վարդապետութեան։ Բայց Կոլոտ չէր ուզեր անոնց խիղճին եւ ազատութեան վրայ բառնալ` ինչպէս սովոր էին նոյն դարերուն. այդ պատճառով ոչ միայն Ֆրանսայի դեսպաններէն, այլեւ արեւմտեան եկեղեցիէն սէր ու մեծարանք կը վայելէր։ Յովհաննէս Կոլոտի պատրիարքութեան օրով տեղի ունեցած աղտոտ գոր- ծարքի մը մասին շատ հետաքրքրական վկայութիւն մը յայտնաբերած է Եգիպ- 168
տոսի հայոց երջանկայիշատակ առաջնորդներէն, մաքրակենցաղ եւ ուսումնասէր Աղաւնունի Սրբազանը։ Փարիզի Ազգային Մատենադարանի հաւաքածոն ճոխացնելու առաջադրութեամբ` երկու ֆրանսացի կրօնաւորներ Արեւելք կ’ուղեւորին։ Անոնցմէ Հայր Սըվէն` Կ. Պոլիս հասնելուն, բարեկամներու աջակցութեամբ ձեռք կը բերէ հայերէն լեզուով գրչագրեր։ Հայ ոսկերիչ մը` իր ունեցած 250 ձեռագիր հատորները կը փորձէ 15.000 ֆրանքի վաճառել, սակայն Հայր Սըվէն կը ջանայ աւելի աժանագին ձեռք ձգել այդ հաւաքածոն։ Ի վերջոյ, երկու կողմերուն ճարպիկ դարձուածքները կը խափանեն այս առեւտուրը, որով ոսկերիչը կը յայտնէ` թէ հայ եկեղեցականները արգիլած են ձեռագրի վաճառու- մը. բարեբախտաբար այս ձեւով չի յաջողիր ձեռագրական գանձի մը փոխա- դրութիւնը։ Հայր Սըվէն համարձակութեամբ տեղեկագրած է նաեւ, թէ 33 դահեկանի ծախքով մը` մէկու մը միջոցով Պէշիկթաշի հայոց եկեղեցիէն շորթել տուած է թանկագին ձեռագիր մը, որովհետեւ արգիլուած էր ձեռագիրը ձեռքէ հանել։ Նման ձեռնարկ մըն ալ յաջողցուցած է Խրիմի մէջ, հայոց առաջնորդէն շորթել տալով «խիստ հետաքրքրական հատոր մը, որուն գիրերը հայերէն են, իսկ լեզուն թաթարերէն», բովանդակութիւնն ալ կը վերաբերի հայ եւ յոյն եկեղեցիներու դաւանական վէճերուն։ Յովհաննէս Կոլոտ աչալուրջ հետեւելով այդ աններելի գործունէութեան, Հայր Սըվէն կը գրէ` թէ մեր գնումները տհաճութիւն կը պատճառեն Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքին, որ ազդարարած է հայերուն ձեռագիր չծախեն, կամ ինք գնէ սուղ գիներով։ *** Կոլոտ` աստուածաբան վարդապետը, իր բեղուն գործունէութեամբ եւ վար- քով, իր ապրած շրջանը պճնեց բացառիկ փառքով։ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան ընթացքը լաւագոյնս հետազօտած Օրմանեան Սրբազան (որ Կոլոտի եւ իր արտաքին կերպարանքին միջեւ նմանութիւններ ուզած են տեսնել ժամանակա- կիցները), կը պատգամէ` թէ Կոլոտ մականուանեալ Յովհաննէս Պատրիարքը ոչ միայն իր դարուն, այլեւ շատ դարերու համար կարկառուն դէմք մըն է. կարողու- թեամբ եւ արդիւնքով մեծ, որ Սահակներու եւ Շնորհալիներու պէս հռչակ եւ պաշտամունք իսկ ունեցած կ’ըլլար` եթէ աւելի հին դարերու մէջ ապրած ըլլար։ Յարգելի ներկաներ, Կոլոտ Պատրիարքի ծննդեան երրորդ դարադարձը` յարմար առիթը կը նկատենք, պահ մը անդրադառնալու նաեւ վերանորոգ Հայ Կաթողիկէ 169
Պատրիարքութեան եւ Զմմառեան Կաթողիկոսական Կղերի Միաբանութեան հիմնադրին` երջանկայիշատակ Աբրահամ-Պետրոս Ա. կաթոկիկոսին կեանքին գլխաւոր դրուագներուն մասին, մեր շատ համեստ մասնակցութիւնը բերելու համար անոր ծննդեան երեքհարիւրամեայ յոբելեանի հանդիսութիւններուն։ Կոլոտի պատրիարքութեան շրջանին իրագործուած` Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան մէջ, Այնթապցի Աբրահամ Արծիւեան կը հանդիսանայ առաջին կաթողիկոս-պատրիարքը, եւ միաժամանակ հիմնադիրը Զմմառու վանքին կաթողիկոսական Կղերի Միաբանութեան։ Աբրահամ Արծիւեան ծնած է 1679 թ. Ապրիլ ամսուն, Այնթապի մէջ, բարեպաշտ Յովնանի եւ Զմրուխտի խոնարհ յարկին տակ։ Իր կենսագիրները կը յայտնեն` թէ ութ տարեկանին կը յանձնուի առաքինի քահանայի մը հոգածու խնամքին։ Մանկութենէ գիտցայ սուրբ հաւատքը, – կը պատմէ Արծիւեան իր ինքնակեն- սագրութեան մէջ, – տասներկու տարեկանիս` Պօղոս եպիսկոպոսէն ստացայ դպրութեան փոքր աստիճանները։ Գաղտնի կերպով գացի Մերտինի Մելքոն եպիսկոպոսին մօտ եւ վեց տարի կրթութիւն ստանալէ ետք դարձայ ծննդավայրս, ուր բռնաւորներուն յանձնեցին զիս սուրբ հաւատքիս համար։ Ծնողքս չէր ուզեր որ քաղաքէն հեռանամ, որովհետեւ միակ մանչ զաւակն էի եւ ծնողքիս կամքով նշանուած էի, – կը շարունակէ ան։ Երբ չկրցայ գոհացում տալ անոնց, գաղտնի անցայ Մարաշ քաղաքը եւ այնտեղէն ալ` Սիս, ուր Պետրոս կաթողիկոսը սիրով ընդունեց զիս, իր գրագիրը, գանձապահը եւ խորհրդակիցը ըրաւ, ապա կիսասարկաւագ, աւագ սարկաւագ եւ քահանայ ձեռնադրելէ ետք, վարդապետական մասնաւոր իշխանութիւն տուաւ աթոռակալ քահանաներուն հաճութեամբ, եւ ես ամէն տեղ կը շրջէի քարոզելով հռոմէական սուրբ հաւատքը։ Պետրոս կաթողիկոսին հետ գացի Հալէպ քաղաքը, ուր քարոզներովս բազմացած հաւատացեալները խնդրեցին` որ նոյն քաղաքին եպիսկոպոս ըլլամ։ Հալէպի Սուրբ Քառասուն Մանկունք եկեղեցիին մէջ` Պետրոս կաթողիկոսէն արքեպիսկոպոս ձեռնադրուելէ ետք, կը սկսի Արծիւեանի հալածական, տա- ռապալից, աստանդական կեանքը եւ առաքելական գործունէութիւնը, մինչեւ 1749 թ. Հոկտեմբերի 1-ը, երբ կ’աւանդէ իր վաստակած հոգին։ Ծննդեան երեքհարիւրամեակի յոբելինական տօնակատարութիւններուն առիթով, Զմմառու վանքին այժմու մեծաւորը հարցազրոյցի մը ընթացքին կը յայտարարէ` թէ Արծիւեան կաթողիկոս վերակազմակերպելով Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութիւնը, չէ ուզած ամենեւին խզում յառաջացնել հայ ազգին ծոցին մէջ, այլ` շեշտել իրաւունքը, իր եւ իր հաւատակիցներուն, ապրելու եւ գործելու ըստ իրենց կրօնական համոզումներուն։ *** 170
Հայ մշակոյթի պատմութենէն լուսաւոր դրուագներու մեր անցողակի ներկայացումէն ետք, կ’ուզենք եզրակացնել` որ ԺԸ. դարու առաջին յիսնամեակը, թէեւ յուզումնալի անցքերով լեցուն, սակայն յաջողութիւններով պսակեց մշակութային վերանորոգումի շարժումը եւ համարձակօրէն մօտեցաւ եւրոպա- կան լուսաւորութեան ակունքներուն։ Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 4 Փետրուար 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.472 6 Փետրուար 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.473 7 Փետրուար 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.474 8 Փետրուար 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.475 171
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՈՒՄ ՃՆՇՈՒԱԾ ԱԶԳԵՐՈՒ ՀԱԿԱՍՈՒԼԹԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ-ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՄԱՍԻՆ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ԵՂԵՌՆԻ 65-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Արիւն է եղել աշխարհում։ – Եղել է եղեռն ու կռիւ։ ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ ´³Ý³ËûëáõÃÇõÝ` вРÎáϳݻ³Ý êñ³Ñ« 23 ²åñÇÉ 1980£ Ճնշուած ազգերու հակասուլթանական եւ ազգային-ազատագրական պայ- քարին նկատմամբ` թուրքերու քաղաքական հայեացքները բնութագրելու եւ պարզաբանելու համար, ԺԹ. դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը կը կատարուին գիտական հետազօտութիւններ, որոնց շատ ամփոփ վերաքաղը` այս երեկոյ, Մեծ Եղեռնի վաթսունհինգերորդ տարելիցին առիթով, կը փափա- քինք նեկայացնել հայ ժողովուրդի ազատագրութեան պայքարի պատմութեամբ հետաքրքրուող յարգելի ներկաներուն։ *** Օսմանեան ընդարձակածաւալ կայսրութեան քաղաքական պատմութիւնը` մանաւանդ ԺԹ. դարու 60-70-ական թուականներէն սկսեալ մինչեւ Ի. դարու առաջին տասնամեակները ընդգրկող ժամանակահատուածը, զոր պատմաբան- ները իրաւամբ «զուլումի» ժամանակաշրջան կոչած են, համապատկեր մըն է համատարած աւերածութեան դրուագներու եւ քստմնելի կոտորածներու։ Արդէն անցեալ դարու կիսուն, փտած պետականութեամբ իր գոյութիւնը քաշկռտող տէրութիւնը` որ «հիւանդ մարդ» անունով սկսած էր յորջորջուիլ, ապացուցած էր ճնշուած ժողովուրդներու, ինչպէս նաեւ նուաճուած երկիրներու վրայ իր գերիշխանութիւնը պահպանելու անկարող ըլլալը։ Դրամատիրական-արտադրական յարաբերութիւններու ժամանակաշրջա- նին` Թուրքիա կ’ենթարկուի ֆրանսական, անգլիական եւ ապա գերմանական տնտեսական ներխուժումին, կայսերապաշտ երկիրներուն համար դառնալով «տնտեսական հողամաս մը», աստիճանաբար յառաջ բերելով կիսագաղութային 172
դրութիւն։ Այն ատեն, եւրոպական պետութիւններուն ձգտումը կ’ըլլայ տնտեսա- պէս եւ քաղաքականօրէն շահագործել կործանումի մօտ եղող օսմանեան սուլթանութիւնը, օգտագործելով հարստահարուած ժողովուրդներու ազգային- ազատագրական շարժումները։ Օսմանեան կայսրութեան ամէնէն կենսունակ հպատակներէն` արեւմտա- հայերուն ճակատագիրը սերտօրէն առընչուած մնացած է թուրք ժողովուրդին ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական զարգացումի ճանապարհին` հարիւ- րամեակ մը առաջ ծնունդ առած քաղաքական վարդապետութիւններուն եւ անոնցմէ յառաջ եկած շարժումներուն, որոնց գաղափարախօսները` եւրոպա- կան պատմագրութեան եւ հրապարակագրութեան մէջ յիշատակուեցան «երի- տասարդ թուրքեր» անունով։ 1908 թ. պուրժուական յեղափոխութենէն ետք, երբ «Իթթիհատ վէ թերագգը»ն կառավարող կուսակցութիւն կը դառնայ, քաղաքա- գիտական այդ եզրը` ֆրանսերէն «ժէօն թիւրք» ձեւով, կը սկսի գործածուիլ նաեւ թրքերէն լեզուի մէջ։ Քաղաքական ասպարէզ մտած թուրք սահմանադրականները` որոնք իրենք զիրենք «նոր օսմանցիներ» կը կոչէին, օսմանեան կայսրութեան ամբողջական պահպանումը համարած են իրենց հետապնդած նպատակներուն կարեւորա- գոյնը. այսինքն` Արեւմտեան Հայաստանէն մինչեւ Պալքանեան թերակղզի, Հիւսիսային Ափրիկէէն մինչեւ Արաբական թերակղզիի ժողովուրդները պիտի շարունակէին հեծել սուլթանին բռնապետական վարչակարգին ներքեւ։ Նոր օսմանցիներու գաղափարախօսները չեն ընդունած կայսրութեան ենթակայ ոչ-թուրք ժողովուրդներուն անկախ զարգանալու իրաւունքը, փորձած են նաեւ տեսականօրէն հիմնաւորել անոնց ազգային-ազատագրական «պայքա- րի աննպատակայարմարութիւնը»։ Այդ նպատակէն թելադրուած` նոր օսմանցի- ները բանաձեւած են «փանօսմանիզմ»ի վարդապետութիւնը, որ 1860-70-ական թուականներուն ձեւաւորուած է որպէս երիտասարդ թուրքերուն ազատական- սահմանադրական շարժումին գաղափարական-քաղաքական կարեւոր հասկա- ցութիւնը։ «Փանօսմանիզմ»-ը կ’ուզէր յանգիլ «ընդհանուր հայրենիք»ի բոլոր ժողովուրդ- ներուն հաւասարութեան եւ միասնութեան գաղափարին, որ սակայն ոչ մէկ բանով կ’երաշխաւորուէր։ Նոր օսմանցի գաղափարախօսի մը սահմանումով, թուրքը` իր կատարած ռազմական, քաղաքական եւ մշակութային դերով, ամենաբարձր եւ հին ցեղն էր, իսկ թրքերէնը` աշխարհի ամէնէն կատարեալ եւ հարուստ լեզուն։ Նման գաղա- փարաբանութեամբ, նոր օսմանցիները կը սերմանեն «սանձարձակ ազգայնակա- նութիւն», որ յետագային հիմը կը դառնայ «փանթուրքիզմ»ի յետադիմական վարդապետութեան։ Մինչեւ դարավերջ` աւատատիրական-սուլթանական ծայրայեղ բռնապե- 173
տական վարչակարգին հաստատումով, քաղաքական եւ հասարակական կեանքին մէջ` աւատատիրական-կրօնական յետադիմական տիրապետութեամբ, օսմանեան կայսրութիւնը դարձած էր իրաւազրկութեան եւ կամայականութեան երկիր։ Սուլթան Ապտուլ Համիտի յենարանը դարձած են յետադէմ կրօնաւորները, ինչպէս նաեւ վերնախաւի չերքէզ, քիւրտ եւ արաբ աւատատէրերը։ Սուլթա- նական «Եըլտըզ» պալատը` կեդրոնը եղած էր Համիտի մահաբեր իշխանութեան։ Անոր գաղափարական-քաղաքական վարդապետութիւնը` «փանիսլամիզմ»ն էր, որով պիտի ապահովուէր եւ ամրապնդուէր սուլթանին որպէս խալիֆա իշխա- նութիւնը` ոչ միայն օսմանեան կայսրութեան մահմետական հպատակներուն, այլ աշխարհի ամբողջ իսլամ ժողովուրդներուն վրայ։ ԺԹ. դարու վերջին շրջանէն մինչեւ Ի. դարու սկիզբը` երիտասարդ թուրքերու ցանցը կը տարածուի կայսրութեան զանազան մասերուն մէջ. բջիջներ կը ստեղծուին զինուորական ուսումնարաններու, կայազօրներու եւ սպայութեան շրջաններուն մէջ։ «Իթթիհատ վէ թերագգը» կուսակցութեան ղեկավարներէն` Ահմէտ Ռիզա, 1895 թ. Փարիզի մէջ կը ձեռնարկէ «Մեշվերէթ» անունով հանդէսի հրատարա- կութեան։ «Մենք կը ձգտինք աշխատիլ` ոչ թէ կառավարող գերդաստանի տապալումին համար, որուն գոյութիւնը անհրաժեշտ կը համարենք կարգ ու կանոնը պահպանելու, այլ յառաջդիմութեան տարածումին, խաղաղ ուղիով անոր յաղթանակին համար։ Մենք բարեփոխումներ կ’ուզենք բայց ոչ այս կամ այն նահանգին համար», – կը կարդանք այնտեղ` երիտասարդ թուրքերու հայեացքներուն մասին։ Երիտասարդ թուրքերը բացայայտ ընդդիմութիւն ցոյց տուած են` եւրոպա- կան աջակցութեամբ կայսրութեան ճնշուած ժողովուրդներու ազատագրական շարժումներուն դէմ։ Երիտասարդ Թուրքիոյ քաղաքական տեսաբանները` նոյն հանդէսին մէջ յայտարարած են. Մեր հողերու միասնութիւն եւ անբաժանելիութիւն։ Անոնք որոնք կը ձգտին պետութենէն անջատել մեր հողերուն մէկ մասը` հայրենիքի թշնամիներ են։ Միասնութիւն, կայսրութեան ամբողջականութիւն եւ անբաժանելիութիւն, գահին վրայ Օսմանի գերդաստանին պահպա- նում։ Սովետ պատմաբանի մը բնութագրումով` թուրքերը քրիստոնեայ ազգու- թիւններէն ետ կը մնային ոչ միայն ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային մակարդակով, այլեւ ազգային ինքնաճանաչութեան, ազգային գաղափարներու զարգացումին առումով։ Ազատական եւ բարենորոգչական գաղափարներով տոգորուած երիտասարդ թուրքերը` տակաւին չէին ըմբռներ ճնշուած «ազգու- 174
թիւններու բնական ձգտումը», անջատուելու կայսրութեան ամբողջութենէն եւ «բնազդաբար որոնելու ընկերային աւելի բարձր զարգացումի ուղին», ինչպէս արտայայտուած է գերմանացի անուանի հրապարակագիր Ռոզա Լիւքսեմ- պուրկը։ Անոնք մնացած են չափաւոր ազատական-պուրժուական բարենորո- գումներու դիրքերուն վրայ, իսկ դարուս սկիզբը տարուած են «փանթուրանական» գաղափարներով, կամ ինչպէս կը նշեն քաղաքագէտ հեղինակները` «Ադրիա- կանի ափերէն մինչեւ Չինաստանի սահմանները ընդգրկող կայսրութիւն մը» ստեղծելու ցնդաբանութիւններով։ Ի. դարու սկիզբը` երիտասարդ թուրքերու շարժումին մէջ յառաջ կու գան երկու հակընդդէմ հոսանքներ։ Առաջին հոսանքին ղեկավարները` Ահմէտ Ռիզայի հետեւորդներն էին, որոնք ծրագրուած յեղափոխութեան պարագային` կեդրոնացած պետութեան կողմնակից էին, իսկ եւրոպական տէրութիւններու միջամտութեան կամ մասնակցութեան` հակառակորդ։ Երկրորդ հոսանքին յարած իշխան Սապահէտտինի հետեւորդները հանդէս կու գային կայսրութեան ապակեդրոնացումի, ճնշուած ազգերու ինքնավարութեան իրաւունքները նկա- տի առնելու խոստումով։ 1907 թ. Դեկտեմբերին` Փարիզի մէջ կայացած հակասուլթանական կազմա- կերպութիւններու համաժողովին, որուն հայ պատուիրակներ ալ մասնակցած են, երիտասարդ թուրքերու տեսաբան Ահմէտ Ռիզան, համաժողովէն կը պահանջէ ճանչնալ սուլթանութեան եւ խալիֆայութեան իրաւունքը։ Քաղաքա- կան նման հայեացքներով մարդոց ղեկավարած յեղափոխութիւնը` մեծ քաղա- քագէտի մը նշումով, ժողովրդական յեղափոխութիւն չէր, կէս յաղթանակ էր, իսկ յետագայ զարգացումին մէջ` պարտութիւն կրեց, անձեռնմխելի ձգելով աւատա- տիրական կարգի հիմերը։ Ամբողջ ժամանակահատուածի մը պատմութիւնը խտացնելու մտահոգու- թեամբ` այս առիթով կ’ուզենք դիմել ատրպէյճանցի հեղինակաւոր արեւելագէտի մը վկայութիւններուն։ 1908-էն մինչեւ 1918 թ., օսմանեան կայսրութեան անկու- մին պատճառ եղող «Իթթիհատ վէ թերագգը» կուսակցութեան ղեկավարները վախցան, որ 1908 թ. իրենց կիսկատար յեղաշրջումը կրնար դեմոկրատական նոր ըմբռնումներ արթնցնել երկրին ժողովրդական զանգուածներուն մէջ, ուստի սահմանադրութեան անունով` օրէնքի շրջանակի մը մէջ ստեղծեցին այդ յեղա- շրջումը եւ ջանացին սուլթան Համիտի ինքնակալութիւնը փոխել սահմանա- դրական-պուրժուական թագաւորութեամբ։ Երիտասարդ թուրքերը պուրժուական սահմանադրութիւն մը ստեղծելով` կը ձգտէին Թուրքիան վերածել եւրոպական կերպարով դրամատիրական պետութեան մը։ Թէեւ այս մասին ներքին պայքարներ ստեղծուեցան, սակայն 1913 թ. իթթիհատական բռնապետական վարչակարգը խափանեց պայքարը, եւ երկրին ղեկավարութիւնը յափշտակելով` չտեսնուած պատեհապաշտութեամբ 175
նետուեցաւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմին մէջ, որ Թուրքիոյ մեծա- գոյն աղէտը եղաւ։ Այս ծանր բեռան տակ` Թուրքիան կքեցաւ, ժողովուրդը աղքատացաւ, դժգո- հութիւնները բազմացան։ Պատերազմէն օգտուեցան միայն մեծ հողատէրերը, ազգայնական պուրժուազիան եւ իթթիհատի ղեկավարները` որոնք մեծ հարըս- տութիւն դիզեցին։ Գերմանացիները զինուորապէս եւ ելեւմտապէս Թուրքիան իրենց ձեռքը առին եւ իսկական տէրը դարձան երկրին։ Իթթիհատի ղեկավարութիւնը` 1915-1916 թթ. համագումարներէն բացառիկ իրաւասութիւններ ստացած էր ու ինքնագլուխ կը շարժէր։ Ընդարձակածաւալ օսմանեան կայսրութիւնը ութ հոգինոց իթթիհատական խմբակին ձեռքը խաղա- լիք դարձած էր։ Իթթիհատական ղեկավարները` օգտուելով պատերազմէն, իրենց ազգայնա- կան կատաղի թշնամութիւնը գործադրեցին ազգային փոքրամասնութիւններուն վրայ, կազմակերպելով ջարդեր։ Իթթիհատականները` 1915-1917 թթ., մէկուկէս միլիոն հայեր իրենց բնակավայրերէն հանելով աքսորեցին ուրիշ տեղեր։ Անոնք մէկ միլիոնէ աւելի հայեր մեռցուցին։ Չմեռան անոնք` որոնք դրացի երկիրներ փախան։ Տեղահանուած եւ ջարդուած հայերու տեղերը` Մակեդոնիայէն բերուած թուրք գաղթականները տեղաւորուեցան։ 1917 թ. Հոկտեմբերին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը յարմար առիթ ստեղծեց, որ Թուրքիա թեթեւ պայմաններով քաշուի պատերազմէն. սա- կայն իթթիհատի ղեկավարները ուզեցին օգտուիլ ռուսական զօրքերու Կովկա- սէն հեռացումէն եւ գրաւել ամբողջ Անդրկովկասը։ Այդ նպատակով, Միջագետքի ճակատէն թուրք զօրքերը քաշելով` Կովկասի վրայ ղրկեցին, սակայն չկրցան գրաւել Կովկասը, տկարացուցին Միջագետքի ճակատը եւ Թուրքիան յանձնեցին յաղթական Համաձայնականներուն։ «Իթթիհատ վէ թերագգը» կուսակցութեան վերջին համագումարը` որ Թալէաթ փաշայի նախագահութեամբ գումարուեցաւ 1918 թ., ընդունեց որ Իթթիհատի քաղաքականութիւնը վերջնականապէս սնանկացած էր, որուն հետեւանքով` կուսակցական ղեկավարներու մեծ մասը գերմանական ռազմա- նաւով փախաւ երկրէն։ Ահա այսպէս` Իթթիհատը տասը տարուան մէջ` վերջ դրաւ վեցհարիւր տարուան օսմանեան կայսրութեան, – կ’եզրակացնէ պերճախօս վկայութեամբ ատրպէյճանցի գիտնականը։ *** Դուրս գալով օսմանեան կայսրութեան քաղաքական մթնոլորտէն, պահ մը կանգ առնենք Արեւմտեան Հայաստանի մէջ։ 176
Արեւմտահայերու ազգային-ազատագրական շարժումին արտայայտութիւն- ներէն մէկը եղած է գործօն մասնակցութիւնը եւ օժանդակութիւնը ռուսթրքական պատերազմներուն` որոնք տեղի ունեցան 1853-1856 եւ 1877-1878 թուական- ներուն, որովհետեւ հայ ժողովուրդին զանգուածները` ռուսական բանակը նկատած են իբրեւ իրենց ազատարարը։ Պատմական այս իրողութիւնները կը վկայեն` որ հայկական կուսակցութիւններու կազմութենէն շատ առաջ, ԺԹ. դարու 50-60-ական թուականներուն, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ` հայ ժողո- վուրդին ազատագրական շարժումը ընդհանուր բնոյթ ստացաւ, եւ վերածուեցաւ ազգային-ազատագրական շարժումի` սուլթանական բռնապետութեան դէմ։ Սակայն, հայերու նկատմամբ սուլթանական կառավարութեան հետապնդած քաղաքականութիւնը` հայ ժողովուրդին ազգային-ազատագրական ձգտումնե- րուն հետեւանքը չէ։ Արդէն 1869 թ. Սուլթան Ապտուլ Ազիզի յղած կտակ-նամակին մէջ, Արեւել- եան հարցը հրապարակէն հանելու, Թուրքիոյ սպառնացող վտանգը կանխելու նպատակով, Ֆուատ փաշան կը պահանջէր առաջին հերթին միաձուլել հպա- տակ ժողովուրդները եւ ամէն կերպ խափանել անոնց ազատագրական տենչերը։ «Մեր քրիստոնեաները չափէ դուրս կը շտապեն իրենց նախկին տէրերուն տեղը բռնել, – կը գրէ Ֆուատ փաշան։ – Մանաւանդ հայերը` այդ կողմէ չափա- զանց ձգտում ցոյց կու տան։ Արդար պիտի ըլլար չափաւորել անոնց եռանդը, բանալով պետական ծառայութիւններու ասպարէզ միայն անոնց համար, որոնք անկեղծ կերպով կ’ընդունին մեր կառավարութեան սկզբունքները։ «Մեր ներքին գործերուն մէջ` բոլոր ջանքերը պէտք է ուղղուած ըլլան դէպի մէկ նպատակ. միաձուլել մեր ազգը։ Առանց այդ միաձուլումին` մեր կայսրու- թեան ապագայ գոյութիւնը անհնարին կը թուի։ «Արեւելեան կայսրութիւնը կրնայ գոյութիւն ունենալ միայն` Արեւելքի բոլոր ազգերուն միացումով»։ Անցեալ դարու վերջին քառորդին, այդ քաղաքականութիւնը որոշակի բնորոշած է նաեւ մեծ վեզիր` անգլիասէր Քեամիլ փաշան, որ եւրոպական Թուր- քիոյ ոչ-մահմետական ժողովուրդներու ազատագրական շարժումներն ու եւրո- պական պետութիւններու միջամտութիւնը յիշելով, կ’ըսէ. Եթէ Եւրոպայի մասին մէջ` մեր ծոցը օձ սնուցինք` պէտք չէ, որ նոյն յիմարութիւնը գործենք մեր Ասիական Տաճկաստանի մէջ. խելօքութիւնը ջնջել վերցնել է այն բոլոր տարեր- քը, որ օր մը կրնան նոյն վտանգին ծնունդ տալ եւ օտարին ձեռնմխութեան առիթ եւ գործիք ըլլալ։ Հիմա Անգլիոյ շահերը կը պահանջեն, որ փոքր Ասիոյ (մենք եւ Անգլիան Հայաստան բառը ոչ միայն չենք ճանչնար, այլ այդ անունը հնչող կզակները պէտք է ջախջախենք, - կը յայտնէ Քեամիլ փաշան փակագիծի մէջ) մեր ունեցած երկիրները ազատ մնան օտարին միջամտու- թենէն եւ միջամտութեան ամէն առիթներէն. ուստի այդ սուրբ նպատակին համար պէտք է 177
եւ պետական իրաւունքը կը պահանջէ, որ ոեւէ կասկածելի տարր անհետ ընենք, որպէսզի ապագան ապահովենք. ուրեմն այդ հայ ազգը վերցնելու, անհետ ու անճիտ ընելու ենք։ Եւ այդ ի գլուխ հանելու համար բան չի պակսիր մեզ, ամէն գործիք պատրաստ ունինք. կուսա- կալ, դատաւոր, հարկահան, ոստիկան, վերջապէս ամէն ինչ։ Կրօնական պատերազմ կը յայտարարենք եւ դիւրին պատերազմ այնպիսի ազգի մը դէմ` որ ոչ զէնք ունի, ոչ զինուորու- թիւն եւ ոչ պաշտպան։ Եւ եթէ հայ ազգը բնաջինջ ըլլայ եւ քրիստոնեայ Եւրոպան կրօնակից մը փնտռէ եւ չգտնէ Տաճկական Ասիոյ մէջ, մեզի հանգիստ կը թողու եւ այն ատեն կը զբաղինք ներքին գործերով եւ բարեկարգութեամբ։ «Իթթիհատ վէ թերագգը» կուսակցութեան ղեկավարներէն` Մելվան Զատէ Ռիֆաթը իր յուշերուն մէջ կը պատմէ 1915 թ. սկիզբները կայացած կուսակցու- թեան մէկ գաղտնի խորհրդակցութեան մասին, ուր որոշուած է ոչնչացնել Թուր- քիա բնակող ամբողջ հայութիւնը։ Այդ որոշումին գործադրումը յանձնարարուեցաւ ոճրագործներէ եւ աւազակներէ կազմուած յատուկ խումբի մը, իսկ ղեկավարութիւնը` Գործող եռեակին, որուն մէջ կը մտնէին տոքթէօր Նազըմը, տոքթէօր Պեհաէտտին Շաքիրը եւ կրթական նախարար Շիւքրին։ Զեկուցողներէն` Տոքթ. Նազըմ ըսած է. Եթէ մենք բաւականանանք մասնակի ջարդերով, ինչպէս տեղի ունեցան 1909 թ. Ատանայի եւ այլ շրջաններու մէջ, ատիկա օգուտի փոխարէն` մեզի վնաս կը պատճառէ։ Եթէ մաքրումը ընդհանուր եւ վերջնական չըլլայ, օգուտի փոխարէն` վնասը անխուսափելի է։ Անհրաժեշտ է հայ ժողովուրդը ոչնչացնել հիմնովին, այնպէս որ մեր հողերուն վրայ ոչ մէկ հայ մնայ եւ հայ անունն ալ մոռցուի։ Ներկայիս պատերազմ կը մղուի, եւ նման յարմար առիթ այլեւս չ’ըլլար։ Օտար երկիրներու միջամտութիւնը եւ թերթերու բողոքը աննկատ կը մնայ, նոյնիսկ եթէ նկատուի ալ, անոնք կը դրուին կատարուած փաստի առջեւ եւ ատով հարցը վճռուած կ’ըլլայ. ջարդը անհրաժեշտ է։ Ես կը փափաքիմ, որ մեր հողերուն վրայ ապրին միայն թուրքերը` իբրեւ անկախ իշխաններ։ Բոլոր ոչ-թուրք տարրերը պէտք է ոչնչացնել։ Այսպէս է մեր յեղափոխութեան նպատակն ու ծրագիրը։ Նիստի եզրափակումին` նախագահ Թալէաթ փաշան կը նշէ. Հայերու ոչնչացումը` մինչեւ վերջին մարդը, մեր ազգային քաղաքականութեան համար այն աստիճան կարեւոր է թուրքերու տնտեսական գերիշխանութեան ստեղծումը։ Այդ որոշումին կը յաջորդէ 1915 թ. Ապրիլ 15-ի կառավարական ցուցմունքը` ներքին գործոց նախարար Թալէաթի, պատերազմական նախարար Էնվէրի եւ կուսակցութեան քարտուղար Նազըմի ստորագրութեամբ, ուր ըսուած է. 178
Որեւէ տեղ եւ որեւէ կերպ հայկական հարցի յառաջ մղումը կանխելու համար, օգտուելով պատերազմի ընձեռած անկախութեան հնարաւորութենէն, կառավարութիւնը եւ Իթթիհատ վէ թերագգը կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէն որոշած են ընդմիջտ վերջ տալ յիշեալ հարցին, բնաջնջելով այդ օտար տարրը` հայերը, արտաքսելով զանոնք Արաբիոյ անապատ- ները` մեզի տրուած գաղտնի ցուցումին համաձայն։ Կառավարութիւնը եւ Իթթիհատի Կեդրոնական Կոմիտէն կը դիմեն ձեզի եւ ձեր հայրենասիրութեան, եւ կը հրամայեն` ձեր տրամադրութեան տակ եղած բոլոր ոյժերով օգնել Իթթիհատ վէ թերագգըի տեղական մարմիններուն, որոնք Ապրիլի 24ին արեւածագէն սկսեալ, գաղտնի կարգադրութեան համաձայն` պէտք է ձեռնարկեն այդ հրամանի իրագործումին։ Ամէն մէկ պաշտօնական կամ մասնաւոր անձ` որ կ’ընդդիմանայ այդ սրբազան եւ հայրենասիրական պարտքին եւ չի կատարեր իր վրայ դրուած պարտականութիւնները, կամ կ’աշխատի որեւէ կերպով պաշտպանել կամ թաքցնել այս կամ այն հայը, կը դիտուի որպէս հայրենիքի ու կրօնքի թշնամի եւ կը ստանայ համապատասխան պատիժ։ «Թէեւ հայկական տարրին բնաջնջումը նախօրօք որոշուած էր, – կ’ամբող- ջացնէ Թալէաթի գաղտնի հրամանը, – հանգամանքները թոյլ չէին տար իրակա- նացնելու այդ սրբազան գործը։ Այժմ բոլոր խոչընդոտները վերցուած են։ Ստիպողաբար խորհուրդ կը տրուի չենթարկուիլ կարեկցութեան զգացումին, բոլորն ալ ոչնչացնելով` «Հայաստան» անունն անգամ աշխատեցէք ջնջել Թուրքիոյ մէջ։ Անոնց որոնց պիտի վերապահուի այս խնդրին իրականացումը` հետեւեցէք որ ըլլան հայրենասէր եւ վստահելի անձեր»։ Ուշագրաւ երեւոյթ մըն է, որ Թուրքիոյ վարչապետ Տամատ Ֆերիտ, 1918 թ. Հոկտեմբեր 19ին խօսած իր պատմական ճառին մէջ` հայերու արտաքսումի պատասխանատուութիւնը կը դնէ ժամանակին կառավարութեան վրայ։ 1916 թ., թրքերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ գերմաներէն լեզուներով Սթամ- պուլ հրատարակուած Հայկական կոմիտէներու ապստամբական շարժումները Սահմանադրութեան յայտարարութենէն առաջ եւ յետոյ գիրքը քննադատելով, վարչապետ Տամատ Ֆերիտ կը նշէ, որ մէկ միլիոն հայերու դէպի արաբական անապատները արտաքսումը թելադրուած էր իբր թէ ռազմագիտական նկատա- ռումներով։ Թուրք վարչապետը կը յայտնէ` որ ատիկա ոչ մէկ քննադատութեան կը դիմանայ եւ «կատարուած գազանութիւնները ոչ մէկ բանով արդարացնել հնարաւոր չէ»։ Ոչ մարդկութիւնը, ոչ քաղաքակրթութիւնը եւ ոչ ալ իսլամը չեն կրնար ընդունիլ այդ, – կ’եզրակացնէ թուրք պետական ղեկավարը։ *** Յարգելի ներկաներ եւ շատ սիրելի պատանիներ, Քսաներորդ դարու մեծագոյն ոճիրին յիշատակը ոգեկոչելու նպատակով 179
նախատեսուած մեր հակիրճ անդրադարձը` կ’ուզենք փակել, վաղուան սեմին առջեւ կանգնած գերզգայուն բանաստեղծին աղօթքը մրմնջլով. Թող սասանին ու փշրին բարձր բերդերն անառիկ Եւ իյնան վար պատնէշներն զրահապատ եսութեանց, Ամէն մարդու հաւասար թող բաժնուի ամէն գանձ, Թող պարտէզները բացուին եւ թող խուժեն հոն մարդիկ Բայց չկոտրեն ոչ մէկ ծառ, չճզմեն ո՛չ մէկ ծաղիկ...։ Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 19 Մայիս 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.556 20 Մայիս 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.557 21 Մայիս 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.558 180
Հ.Բ.Ը.Մ. ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ ԻՐ ԱԴԱՄԱՆԴԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Щ´©À©Ø©Ç ÑÇÙݳ¹ñáõû³Ý 75³Ù»³ÏÇ ïûݳϳï³ñáõÃÇõÝÝ»ñáõÝ ³éÇÃáí` º·Çå- ïáëÇ Úáµ»ÉÇÝ³Ï³Ý Î³ñ·³¹Çñ Ú³ÝÓݳËáõÙµÇ Ëݹñ³Ýûù å³ïñ³ëïáõ³Í ³Ûë áõëáõÙݳëÇñáõû³Ý Ù¿ç« Ñ»ÕÇݳÏÁ û·ï³·áñÍ³Í ¿ ÙdzÛÝ Çñ ³ÝÓÝ³Ï³Ý ³ÕµÇõñÝ»ñÁ£ Ðð²î²ð²ÎÆâ زðØÆÜ ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ Գաղութային համայնքի մը արժէքը կը չափանշուի այնքան իր ունեցած հոգածութեամբ հայրենի երկրին կամ ազգային մայր զանգուածին հանդէպ` որքան իր ինքուրոյն հաւաքական կեանքին կենսունակութեամբ, – սահմանած է Սուրէն Պարթեւեան` «հայ կեանքը ապրած մարդու իր ծանօթ հոգեբանու- թեամբ»։ Ուղիղ չէ նախանձախնդիր գտնուիլ գաղութի մը նկարագիրը յատկա- նշող այս երկու առաւելութիւններէն մէկուն նկատմամբ, եւ անփութօրէն անտեսել միւսը։ Ի. դարու սեմին` թերեւս ոչ մէկ հայ գաղութ այնքան հարուստ եղած է մտաւորականութեամբ, որքան Եգիպտահայ Գաղութը։ Եգիպտահայ մտաւորա- կանութիւնը անբաղդատելի առաւելութիւնը ունեցած է իրեն հետ` իր կողքին ունենալու եգիպտահայ պուրժուազին, եւ նոյնիսկ էսնաֆ ու արհեստաւոր դասակարգերը` որոնք մտաւոր աւելի բարձր մակարդակ մը, այլ մանաւանդ քաղաքացիական առաքինութիւններու գերազանց ընդունելութիւն մը կը ներկա- յացնեն` քան որեւէ ուրիշ երկրի իրենց համադասակից տարրերը, – շեշտած է կորովի հրապարակագիրը։ Ի՞նչ աւելի համոզիչ ապացոյց այս ճշմարտութեան` որքան յարածաւալ գոյութիւնը ազգային այն հոյակապ հաստատութեան, որուն ծնունդ տուաւ եգիպտահայը, որ իր փառքին անկորնչելի կոթողը պիտի մնայ, եւ որ կը կոչուի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն։ Հայութեան մռայլամած հորիզոնները լուսարձակող նուիրական այս 181
փարոսին հովանիին տակ` եգիպտահայը աւելի զգաստ ու հոգեւին փարումով պէտք է նուիրուի ազգաշինութեան սուրբ դատանքին։ Անիկա ինքն իրեն առջեւ` պարտական է այս բոլորանուիրումը, որովհետեւ իր իսկ ստեղծած զմայլելի գործը` Հայկական Միութիւնը, բովանդակ հայութեան հանդէպ կը պարտադրէ զինք ատոր, – կ’եզրակացնէ պերճախօս հրապարակագիրը1։ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ադամանդեայ յոբելեա- նը` մեզի համար բարեպատեհ առիթ մըն է, մեր ժողովուրդին նորագոյն շրջանի պատմութեան մէկ ժամանակահատուածին տեղի ունեցած դէպքերուն վերաքա- ղը կատարելու, պատմական փաստերը առաւելաբար հաւաքելով` համազգային մեծագոյն կազմակերպութեան ղեկավար դէմքերու, ինչպէս նաեւ ժամանակա- կից յեղափոխական գործիչներու անտիպ յուշերը։ Հ.Բ.Ը.Միութեան պանծալի յոբելեանին առիթով, ներկայ փորձը պիտի ուրուագծէ արեւմտեան հայերու համազգային Ընկերակցութեան հիմնադրու- թեան պատկերը, եւ յատկապէս Եգիպտոսի շրջանակին մէջ անոր եօթանասուն- հինգ տարիներու կենսաբաշխ առաքելութիւնը։ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՈՒՄ Ի. ԴԱՐՈՒ ՍԵՄԻՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ Փրկութեան ու տառապանքի նժարովը Հայրենիքին բախտը կը կշռէի... ՍԻԱՄԱՆԹՕ Հ. Բ. Ը. Մ.-ի կազմութեան պատմութեան ծանօթանալու համար` անհրաժեշտ է համակարգել անոր ծնունդին մասին յայտնուած բազմատեսակ կարծիքներէն մէկ քանին, զանոնք լուսաբանելով ժամանակին աշխարհայեցողութեան համա- պատասխան ձեւակերպուած ազգային գիտակցութեամբ։ ԺԹ. դարու վերջին տարիներուն` Օսմանեան կառավարութեան դէմ բողոքի ցոյցեր կատարող կուսակցութիւններուն սոցիալ-քաղաքական դիրքաւորումը աւելի յանդուգն ըլլալուն, – կը վկայեն ժամանակակիցները, – հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած բարբարոսութիւններն ալ սաստկացած էին. այս առիթով, գրեթէ ամէն կողմ ձեռնարկուած է դրամահաւաքութեան թէ կուսակցութիւն- ներուն եւ թէ աղէտեալներուն ի նպաստ։ Այդ միջոցին տեղի կ’ունենար Զէյթունի երկրորդ ապստամբութիւնը, եւ Հնչակեանները իրենց հաւաքած դրամները կը ղրկէին Լոնտոն` Նազարբէկի եւ իր կնոջ 182
Մարոյի, որպէսզի ապստամբներուն ձեռքը հասցնեն։ Յետոյ յայտնուեցաւ` թէ այդ ղրկուած դրամները Նազարբէկ եւ իր կինը իրենց կոկորդը անցուցած էին, հազիւ ամենաջնջին մաս մը ղրկելով Զէյթուն, կը պատմէ այս եղելութեան իրազեկ հրապարակագիր մը2։ Ի. դարու առաջին տարիներուն ալ, Առաւօտուն կանուխ ելլողը ինքզինքին իրաւունք կու տար վերոյիշեալ նպատակները շահագործելով դրամ հաւաքելու, որուն մեծագոյն մասը, եթէ ոչ ամբողջութիւնը, իր գրպանը կը մտնէր, կը գրէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան մասնակից անդամ մը3։ Տիրող անվստահութեան պատճառով` բնականաբար, աղէտեալներու հա- մար բացուած հանգամանակութիւնները շատ ջնջին արդիւնք կուտային. շատեր կը փափաքէին աղէտեալներուն օգնել, բայց կը պակսէր թէ՛ վստահութիւնը եւ թէ՛ միջոցը։ Հաւաստի յուշագրութենէ մը կը տեղեկանանք` թէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի գաղափարը, Գահիրէէն առաջ, յղացուած է նաեւ Փարիզի մէջ։ Արշակ Չօպանեան այնտեղ երեք մեծ գաղափարներու կը հետապնդէր, – կը յայտնէ յուշագրողը, – երեքն ալ իրարմէ օգտակար, իրարմէ ազգաշէն, իրարմէ վսեմ։ Ասոր համար բաւական արիւն քրտինք թափեց. ծրագիրը շինեց, վարչական խորհուրդ կազմեց, գնաց եկաւ, մարդիկ համոզեց, բայց ափսոս, նախախնամութիւնը այնպէս վճռած էր` որ իր յղացած գաղափարը Պօղոս Նուպար փաշա պիտի իրագործէր, տարիներ ետքը, Եգիպտոսի մէջ։ Այդ միջոցներուն էր, որ հայ գաղութին մէկ մասին մէջ բուռն պայքար սկսաւ Չօպանեանի դէմ։ Ասիկա պատճառ եղաւ, որ ջուրը իյնար անոր երրորդ գաղափարը. այն է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը4։ Հայկական մեծ ընկերութիւն մը հաստատելու անհրաժեշտութիւնը շեշտած են Չօպանեանի Անահիտէն զատ, Լուսաբերը, Շիրակ եւ Ազատ-բեմ եգիպտահայ յառաջապահ հանդէսները։ Քրոնիկի մը մէջ` Չօպանեան կրկին արծարծելով այս հարցը, կ’անդրադառնայ Բազմավէպին մէջ լոյս տեսած յօդուածին, ուր ըսուած է` թէ «Ալիանս Իզրայէլիթ»-ի նման հայկական ընկերութիւն մը հաստատելու յարմարագոյն վայրը Եգիպտոսն է, որպէս մեծ, ազգային կազմակերպուած կեանք ունեցող եւ կառավարութենէն ճանչցուած առաջնորդարանով գաղութ։ Չօպանեան սխալ կը նկատէ այդ կարծիքը, որովհետեւ այդ մեծ ընկերութիւնը որուն հաստատումը ցանկալի է, այսինչ կամ այնինչ գաղութին համար չէ որ հարկաւոր [է], – որքան ալ կարեւոր ըլլայ այդ գաղութը, – այլ ընդհանուր Հայութեան շահերուն ծառայելու պէտք է [կոչուի]։ […] Այդ գաղափարին նկատմամբ, որուն իրագործման փորձ մը Փարիզի մէջ կատարուերաւ 183
երեք տարի առաջ ու վիժեցաւ, կարեւոր գաղութի մը մէջ այժմ երեւան եկած այս լուրջ ու կրակոտ խանդավառութիւնը երեւոյթ մըն է, որ նշանակութիւն ունի։ Կը մաղթեմ` որ ուրիշ կեդրոն գաղութներու մէջ ալ այդ խանդավառութիւնը յայտնուի այդ նոյն գաղափարին նկատմամբ։ Միահամուռ արտայայտուած ցանկութիւնը կրնայ մարմին տալ գաղափարին, որ չյաջողեցաւ այստեղ, որովհետեւ նիւթական ուժը եւ համերաշխութիւնը կը պակսէր։ Այս երկու տարրերը եթէ գոյութիւն ունենան, – եւ անկարելի չէ վերջապէս ունենալ զանոնք, – այդ մեծ ծրագիրը կարող է իրականանալ աւելի շուտ եւ աւելի դիւրաւ քան ինչ որ կը կարծուի5։ Եգիպտոս ապաստանած հասարակական ղեկավարներուն հետ` ժողովուր- դին ողջամիտ տարրերն ալ խորհած են «Ալիանս Իզրայէլիթ Իւնիվերսէլ»-ին նման հայկական ընկերակցութիւն մը հիմնելու մասին, որպէսզի ազգին կարիք- ները հոգացուէին անմիջականօրէն եւ ամէնէն ապահով եղանակով։ Տարիներէ ի վեր ամէն մտածող հայու բաղձանքն էր տեսնել ազգային կազմակերպու- թիւն մը` փորձառու եւ հեղինակաւոր անձնաւորութիւններէն ղեկավարուած, որուն նպա- տակն ըլլար հնարաւոր միջոցներով բարելաւել ազգին վիճակը եւ ապահովել անոր գոյութիւնը` իր պատմական հայրենիքին մէջ6։ Այդ մտահոգութեան բանաձեւումին հետ` շատ գործնական առաջարկ մըն ալ կը գտնենք յեղափոխութեան փորձառու ղեկավար Արփիար Արփիարեանի մէկ մտերմական նամակին մէջ. Կը խորհէի, – կը գրէ ան Գահիրէ հաստատուած իրաւաբան Վահան Մալէզեա- նին, – թէ արդեօք աւելի օգտակար պիտի չըլլա՞ր հիմնել «Ազգային Ընկերութիւն» մը, նպատակ ունենալով «Հայոց տնտեսական եւ մտաւորական զարգացման նպաստել», առանց սակայն «քաղաքական ու յեղափոխական ձեռնարկներու»։ Այս խնդրին վրայ ինքնիրենս շատ մտածեցի, անոր ամենամեծ օգտակարութիւնը ըմբռնեցի, բայց միեւնոյն ատեն յանգեցայ այն եզրակացութեան` թէ այդպիսի ընկերութիւն մը շատ արգելքներու պիտի հանդիպի, որոնց գլուխը պիտի ըլլայ անշուշտ գոյութիւն ունեցող կուսակցութեանց կողմէն ձեզի դէմ ամենասաստիկ հալածանք մը, որ մինչեւ մարդասպանութիւն պիտի կարենայ յառաջանալ։ Այսպիսի պայմաններու մէջ լաւագոյն է «Կրթասէր»-ին համեստ ծրագրին մէջ պարփակուիլ, գործունէութեան ասպարէզը նահանգ մը միայն ընել, հեռաւոր նպատակակէտի մը ժամա- նումի հաստատ առաջադրութեամբ. Ընկերութեան յաջողութիւնը եւ ապագան բոլորովին կախում ունի իր կազմակերպական նկարագրէն7։ Ժամանակակից ուրիշ հրապարակագիր մը կը պատմէ` թէ բարեկամներու աջակցութեամբ սկսայ հրատարակել Լուսաբեր երկօրեայ թերթը, որ կը ջատագովէր երկու հիմնական խորհուրդ. առաջին` դադրեցնել քաղաքական 184
ցոյցերը եւ ահաբեկչական արարքները, երկրորդ` հիմնել Հայկական Միութիւն մը, որուն համար քայլ մը առնուեցաւ 1905 թ. Հոկտեմբերի 26-ին, տասնչորս հոգինոց ժողովի մը կողմէ։ Երկրորդ ժողովի մը պէտք չմնաց. Պօղոս Նուպար փաշա` որ Լուսաբերը կը քաջալերէր ամսական տասը ոսկի յատկացումով, հաւանած էր գլուխ կանգնելու Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միու- թեան, որ պաշտօնապէս հռչակուեցաւ 1906 Ապրիլ 15-ին8։ Յետագայ տարիներու ազգային եւ քաղաքական կեանքը` որ «բախտորոշ փոփոխութիւններու պիտի ենթարկուէր», Արմենական գործիչ մը այսպէս կը բնութագրէ. Հայ յեղափոխութեան ձախողանքը, մեր յեղափոխական գործունէութիւններէն ոմանց սխալները, մանաւանդ իրենց սխալներուն յամառօրէն կապուած մնալը, ազգային ազատա- գրական գործը` խմբական կամ անհատական շահագործումի վերածուիլը, ժողովուրդին գիտակից դասուն տրամադրութեան մէջ յուսաբեկութեան ու շուարուն վիճակի մը պատճառ կ’ըլլար։ [Եգիպտոսի մէջ` սպանութեան եւ դրամաշորթութեան սպառնալիքներ] տեղի տուին, որ եգիպտահայ ունեւոր դասակարգը` որ մինչ այդ հայ ցաւին եթէ ոչ անտարբեր, բայց հանգամանքներու բերումով մեկուսի մնացած էր, կը սկսի վրդովիլ եւ ինքնամփոփուիլ։ Նոյն վիճակը եւ հակաշարժումը նաեւ անկեղծ յեղափոխականներու մտաւորական դասուն մէջ։ 1905 թ. վերջերը եւ 1906-ի սկիզբները` Լուսաբեր թերթի խմբագիր Արփիար Արփիարեան ու հրատարակիչներէն` Վահան Քիւրքճեան, Նազարէթ Տաղաւարեան եւ ուրիշներ, խորհուրդը յղացան եւ անհրաժեշտ համարեցին հիմնադրել նոր կազմակերպութիւն մը, որ նպատակ պիտի ունենար պայքարիլ տիրող յուսալքումի տրամադրութեանց, եւ յեղափոխու- թիւնը իր ուղղութենէն շեղելով` անձնական կամ խմբակցական նկատումները զոհողներուն եւ յաջորդական ծանր սխալներով ազգային-ազատագրութեան գործը վտանգողներուն դէմ, աւելի ազդու, հեռատես եւ խելացի միջոցներով յառաջ տանիլ ըմբոստական շարժումը` հեռու յախուռն եւ անհաշիւ ցուցամոլական ձեռնարկներէ, որոնք լաւագոյն առիթը հանդիսացած էին թշնամիին ձեռքը` հայոց դժգոհութիւնը լռեցնելու եւ հայ ազգը բնաջնջե- լու համար։ Մէկ խօսքով` առողջ, դրական եւ աւելի ապահով հիմերու վրայ դնելու ազգին եւ հայրենիքին փրկութեան նուիրական ձեռնարկը։ [Յիշեալ անձերուն շուրջ բազմաթիւ համակիրներ ալ խմբուելով,] հասուն խորհրդածութիւններէ ետք, ծրագրեցին եւ որոշեցին հիմնել քաղաքական-յեղափոխական նոր եւ լուրջ կազմակերպութիւն մը «Հայկական Ընդհանուր Միութիւն» անունին տակ։ Այդ ծրագիրը եւ խորհրդածութիւնները զուգադիպած ըլլալով խմբակի մը Եգիպտոսի հայ ունեւորներէն դրամ պահանջելու սպառնագրերուն եւ այլ զարթօնքին` որ կը տեսնուէր այդ դասակարգին մէջ ազգային կեանքի եւ կարիքներու հանդէպ, ղեկավարութեամբ Պօղոս 185
Նուպար փաշայի, պատճառ եղան` որ «Հայկական Ընդհ. Միութիւն»-ը, կարգ մը ձեւափո- խումներով վերածուի «Հայկ. Բարեգործական Ընդհ. Միութիւն»-ի9։ Երբեմնի հնչակեան հրամանատար Ապահ` իր ուշագրաւ «Բաց նամակ»-ին մէջ, մօտաւոր անցեալէն վերյիշումներ ներկայացնելէ ետք, կ’արտայայտուի նաեւ ազգային ընդհանուր միութեան մը կազմութեան մասին։ Հայրենիքի փրկու- թեան նուիրեալ ազնիւ զինուորը կը գրէ. Ընդհանուր միութեան մը անխուսափելի հարկին մէջ կը գտնուինք այսօր, պէտք է միանանք, պէտք է ի մի ձուլուինք ստեղծելու համար միակ զանգուած մը` միակ մարմին մը։ Թո՛ղ կոտրտին այն գրիչները, որոնք թէեւ յեղափոխութեան գաղափարը տարածելու կոչուած են` բայց յեղափոխականը յեղափոխականին դէմ զինելու կ’աշխատին։ Թո՛ղ խոր- տակուին այն սուրերը, որոնք յեղափոխութեան յաղթանակին համար գնուած` բայց յեղափոխական զինուորները կը յօշոտեն եւ ազգին բարերարները կը մահացնեն10։ Այստեղ` անցողակի կը յիշատակենք հեղինակաւոր եկեղեցականի մը դա- տաստանը. Ազգօգուտ եւ բարերար անձանց սպանութեան կեղտը կուսակցական մարմինին անորակելի արատներէն մէկն է, ուսկից դժուարաւ կրնան ինքզինքնին արդարացնել, զանա- զան ճիւղեր իրար ամբաստանելով կամ անհատական նախաձեռնութեան վերագրելով վատ արարքը11։ [Եգիպտահայ գաղութին լուսաշող դէմքերէն` Պօղոս փաշա Նուպարն ալ] համակիր էր այդպիսի ընկերութեան մը կազմութեան, բայց ազգին քաոսային վիճակէն յուսահատած, մանաւանդ ժողովուրդին մէջ տիրող մտայնութենէն դառնացած, քաջութիւնը չունէր գործի լծուելու` զի այդ միջոցին, ընդհանրապէս պուրժուա դասակարգը, եւ մասնա- ւորապէս խոհեմութիւն քարոզող ողջամիտ ազգայինները պարզապէս դաւաճան կը համարուէին12։ Այս միջոցին էր, – կը շարունակէ նոյն հիմնադիր անդամը, – որ օր մը անակնկալ կերպով Պօղոս փաշա ութ-տասը բարեկամներ տունը հրաւիրելով` սեղանին վրայ դրաւ իր կազմելիք ընկերութեան մէկ համառօտ ծրագիրը, որպէսզի ազգային սովորութեանց համա- ձայնեցնելով` վերջնական ձեւ մը տրուի անոր13։ [Ծրագիրը մշակած էր Փաշան`] նախաձեռնարկ Աղաթօն պէյի եւ փաստաբան Սալազար Ատտայի հետ, ներշնչուելով Ալիանս Իզրայէլիթի հիմնադրէն14։ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի հիմնադիրները հարկադրուած էին «Բարեգործական» պիտակը 186
աւելցնել օրուան պահանջին համաձայնեցնելու կանխազգուշութեամբ15։ [Բարեգործական բառը] պիտակ մըն էր եւ փրկարար քօղ մը լոկ, ծածկելու անոր բուն ազգասիրական եւ հայրենասիրական էութիւնը, որ յեղափոխական չըլլալով հանդերձ, ոչ նուազ ազդու գործօն մը կը դառնար հայ կեանքին մէջ եւ անոր ճակատագրին տեսակէ- տով16։ Ազգային տեսակէտով` – կը յայտնէ տասնամեակներ ետք այս ծրագրին նախա- ձեռնարկ Աղաթօն պէյ, – Եգիպտոսի մէջ ամէնէն կարեւոր գործս եղաւ 1905 թ. վսեմ. Պօղոս փաշա Նուպարէ խնդրել` որ Բարեգործական ընկերութիւն մը հաստատէ Անատոլուի չարչարեալ եւ հալածեալ մեր եղբայրներուն համար եւ այդ գործին գլուխը անցնիլ. ինչ որ Փաշան` իր ազգասիրական զգացումէն մղեալ, սիրով ընդունեց եւ կատարեց, եւ այն օրէն սկսանք միասին աշխատիլ։ Ուրախ եմ ըսելու` թէ այս կերպով ալ յաջողեցայ սիրելի ազգիս օգտակար ըլլալ17։ Բայց կրկին կը յայտարարեմ` թէ Բարեգործականին կատարած դերին եւ զարգացման պատիւն ու փառքը երջանկայիշատակ Պօղոս փաշա Նուպարի կը պարտինք. ես համեստ աշխատաւոր մը եղած եմ միայն, կը խոստովանի Գրիգոր Աղաթօն ազգասիրական ձեռնարկը վերակենդա- նացնել փորձող համեստ որդին18։ [Հաւանաբար նման վկայութիւններ հերքելու մտադրութեամբ է, որ] պատմու- թեան համար, պէտք է, միանգամընդմիշտ, անկեղծաբար յայտարարեմ, – կը կարդանք Պօղոս Նուպարի ազգաշէն ձեռնարկներուն մօտէն տեղեակ Անդրանիկեանի յօդուածին մէջ, – թէ Հ.Բ.Ը.Միութեան հիմնադիրը միայն եւ միմիայն ողբացեալ Պօղոս փաշա Նուպարը եղած է, առանց ոեւէ մէկու մը օժանդակութեանը թելադրութեանը, հետեւաբար այս մասին պտտած զրոյցները, իբր թէ այս կամ այն անձը թելադրեր է, գաղա- փար տուեր է կամ օգներ է զայն հիմնելու համար, բացարձակապէս ճշդութենէ զուրկ փառասիրական «մասալներ» են։ [...] [Պօղոս փաշա] ո՛չ միայն այս գոհար հաստատութեան հեղինակը եւ հիմնադիրը եղաւ, այլ նաեւ, շնորհիւ իր ձեռնհասութեանը եւ Ազգին մէջ վայելած անսահման վստահութեանը` զայն հասցուց բարգաւաճ վիճակի մը, հակառակ տիրող աննպաստ պայմաններուն, մանա- ւանդ Միութեան թշնամիներուն կողմանէ յարուցուած խոչընդոտներուն19։ Արդարեւ` Իր ծագումին առաջին օրերուն իսկ այդ Միութիւնը կ’ըլլար «աչքի փուշ», եւ «յեղափո- խական» նետերը կ’արձակուէին «դաւաճան» հիմնադիրներուն, անտարակոյս վնասակար 187
մրցակիցներ, որ հիմնարկութեան օրն իսկ դրամատան մը մէջ 6-7000 ոսկիի հիմնական դրամագլուխ ամրափակելու վատութիւնն ալ կը գործէին, մինչդեռ...20։ Այս նոր խմբաւորումին նպատակն էր «Բարեգործական»-ով ծնունդ տալ «կրաւորական» քաղաքական-մշակութային հզօր կազմակերպութեան մը, որ զբաղէր մեր որբերով, մեր գաղթականներով, մեր դպրոցներով, մարզական- մշակութային պէտքերով եւ ընդհանուր կերպով մեր հայապահպանութեամբ։ Ու այս բոլորը յեղափոխական-քաղաքական կուսակցութեանց գործերը չէին կրնար ըլլալ...21։ Հ.Բ.Ը.Մ.-Ի 75-ԱՄԵԱՅ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ Պօղոս Նուպար փաշայի նախաձեռնութեամբ` 1906 թ. Ապրիլի 15-ին, իր իսկ ապարանքին մէջ եգիպտահայ խումբ մը ջոջերու եւ մտաւորականներու անմոռա- նալի համախմբումը, որ հիմնարկէքն ըրաւ Հ. Բ. Ը. Միութեան, ապաքէն խորհրդանշական արտայայտութիւնն էր հայ հաւաքական կամքին` ամէն հնարաւոր միջոցներով պահպա- նելու, ապահովելու ցեղին գոյութիւնը իր միակ հաստատուն կռուանին` հայրենի հողին վրայ։ Հ. Բ. Ը. Միութիւնը կուգար Ալիանս Իզրայէլիթի նախախնամական դերն ստանձնել հայ կեանքի ահագնակարօտ իրականութեան մէջ։ Իր այս կոչումը այնքան վճռորոշ ու գերակշիռ էր Միութեան հիմնադիրներուն մտքին մէջ, որ անոնք կանխաւ խորապէս ուսումնասիրած էին Ալիանս Իզրայէլիթի կազմն ու գործունէութիւնը, եւ անոր վրայ ձեւած, մշակած` Հայկա- կան «Ալիանս»-ին Հիմնական Կանոնագիրը22։ Նորակազմ Ընկերութեան հիմնական պայմանը կ’ըլլայ էապէս մարդասի- րական բնոյթը եւ որեւէ քաղաքական հանգամանք չունենալը, իսկ գլխաւոր նպատակները կ’ըլլան` բնաշխարհի հայ ժողովուրդին մտաւոր եւ բարոյական զարգացումին նպաստել, անոր նիւթական եւ տնտեսական կացութիւնը բարւո- քելու աշխատիլ, եւ այս արդիւնքը յառաջ բերելու ծառայող որեւէ ձեռնարկ կամ հրատարակութիւն քաջալերել։ Միութեան կրնար անդամակցիլ ամէն հայ` որ յանձն կ’առնէր յարգել Հիմնական Կանոնագիրը եւ կանոնաւորապէս հատու- ցանել անդամավճարը։ Հիմնադրութենէն քանի մը օր առաջ, Պօղոս Նուպար եւ Եագուպ Արթին փաշաները` Ապրիլ 12 թուակիր նամակով մը, Բարեգործական Ընկերութեան Կանոնագրէն օրինակ մը կը յղեն Ներքին Գործոց նախարարութիւն, ուրկէ Մայիս 7 թուակիրով պատասխան մը կը ստացուի` նախարար Մուսթաֆա Ֆէհմիի 188
ստորագրութեամբ. Իրաւունք ունիք խորհելու` թէ Կառավարութիւնը ամենամեծ բարեացակամութեամբ միայն կրնար նկատել այսպիսի հաստատութիւն մը, որուն գերազանցօրէն եւ բացարձա- կապէս մարդասիրական հանգամանքը գովեստի միայն արժանի է։ Կը շնորհաւորեմ Ձեզ` որ հայոց նիւթական եւ բարոյական վիճակի բարելաւման հոգածու կը գտնուիք, եւ Կառավարութիւնը ընդունելով այդ գործին օգտակարութիւնը` յաջողութիւն կը մաղթէ անոր, կ’եզրակացնէ վսեմաշուք նախարարը23։ Մինչ այդ, Մայիս 1-ին լոյս կը տեսնէ Հրաւէր առ համօրէն հայս, Հ.Բ.Ը.Միութեան անդրանիկ կոչը։ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՀՐԱՒԷՐ ԱՌ ՀԱՄՕՐԷՆ ՀԱՅՍ Շատ տարիներէ ի վեր զգալի եղած էր Հայկական Ընդհանուր Միութեան մը պէտքը։ Վերջերս մեր Ռուսահայ եղբարց ենթարկուած դառն կացութիւնը միանգամ եւս հաստատեց թէ` Հայ ազգը կը կարօտի մի այնպիսի կազմակերպութեան, որ կարենայ դժբաղդ պատահարներու միջոցին նիւթական եւ բարոյական օգնութիւն հասցնել մեր հայրենակցաց, ինչպէս որ ըրաւ հրէական Ալիանս Իզրաէլիթ Ընկերութիւնը, Ռուսիոյ Հրէից կոտորածներուն առթիւ` դրամական մեծաքանակ նպաստներ ղրկելով անոնց։ Որ եւ է աղէտէ արկածելոց ընծայուած օգնութիւնն այնչափ աւելի օգտակար կ’ըլլայ` որչափ աւելի փութով հասնի։ Ամէն անգամ որ Հայաստանի մէջ ծագի նոր աղէտ մը, ինչպէս սով կամ երկրաշարժ, համաճարակ կամ հրդեհ, հեռաւոր երկիրներ գտնուող հայեր կը յուզուին, կը միանան եւ հանգանակութիւններ կատարելով քիչ կամ շատ դրամ կը ղրկեն կարօտելոց. սակայն մինչեւ որ այդ նպաստներն իրենց տեղը հասնին` հազարաւոր ընտա- նիքներ կը մնան անխնամ ու անպատսպար, եւ զոհ կ’երթան ցուրտի, անօթութեան եւ հիւանդութեանց։ Տխուր ճշմարտութիւն մ’է նաեւ որ Հայրենիքի հողին վրայ ապրող մեր արենակիցները դարաւոր դժբաղդութեանց հետեւանք հասած են նիւթական եւ բարոյական չքաւորութեան այնպիսի վիճակի մը` որոյ հանդէպ կարելի չէ անտարբեր մնալ իբր հայ եւ իբր մարդ։ Ուրեմն Հայ ազգը անհարժեշտ պէտք ունի կազմակերպեալ մնայուն մարմնոյ մը որ միշտ պատրաստ գտնուի օգնելու Հայաստանի հայ ժողովրդեան` առանց կրօնի խտրու- թեան, եւ ուրախ եմք ներկայ յայտարարութեամբ ծանուցանելու թէ` այս տեսակ մի մար- մին հիմնուած է ’ի Գահիրէ, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ անուամբ, որու նպատակն է ըստ տրամադրութեան ներկայիս կցորդեալ Կանոնագրի` մեր Հայաստանի եղբարց անմիջական օգնութեան հասնիլ, ամէն անգամ որ պէտք մը գոյանայ, եւ միանգա- մայն նպաստել անոնց տնտեսական եւ կրթական ընդհանուր վիճակի բարելաւման։ 189
Ուրեմն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնն զուտ բարեգործական եւ մարդասիրական մի հաստատութիւն է, առանց քաղաքական հանգամանաց, որ ըստ կարելւոյն պիտի հետեւի Ալիանս-Իզրաէլիթի գործունէութեան եղանակին։ Այսպիսի ազնիւ ու մեծ նպատակի գործադրութիւնը կը պահանջէ դրամական առատ աղբիւրներ։ Ուստի հրաւէր կը կարդամք ամէն երկրի հայերուն որ փութով անդամակցին Միութեանս, եւ իրենց նուէրներով եւ ամսաբաժիններով նպաստեն կարեւոր դրամագլխոյ մը կազմութեան։ Յուսամք թէ ամէն ճշմարիտ եւ զգայուն հայ, առանց խտրութեան կրօնի եւ սեռի, խանդավառութեամբ պիտի ողջունէ Միութեանս ծնունդը, պիտի ըմբռնէ անոր նշանակու- թիւնը, եւ սրբազան պարտականութիւն պիտի համարի անդամկցիլ անոր եւ օժանդակել անոր զարգացմանն ու ծաւալման։ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնն մի գործնական ապացոյց թող լինի որ աշխարհիս մէջ ցրուեալ հայերն կարող են միաբանիլ ազգային բարօրութեան առաջնոր- դող մի նպատակի համար։ Իր ամսօրեայ քրոնիկներէն մէկուն մէջ, Չօպանեան կը գրէ. Կը մաղթեմ որ այդ ընկերութիւնը ըլլայ այն որուն պէտքը կը զգացուէր վաղուց։ [...] [Միայն] «Բարեգործական» վերադիրը զոր աւելցուցած են «Հայկական Միութիւն» անու- նին, կրնայ շփոթութեանց տեղի տալ, եւ լաւագոյն է` ըստ իս` ջնջել այդ վերադիրը24։ Թրքահայ գրականութեան պարծանքը կազմող ականաւոր հրապարակա- գիրներէն` Արփիար Արփիարեան, ազգային այժմէական իրադարձութիւններու առիթով իր գերակշիռ ձայնը լսելի ընծայելով, կը գրէ. Եւ որովհետեւ, Միութիւնը կը վայելէ վստահութիւն մը որ արդէն հիմակուց «անսահման» կրնանք համարիլ, ուստի իր վրայ լիալիր յուսադրութեամբ, իրմէն առատազեղ սատարում կ’ակնկալենք Հայ-Հայրենիքին վերընձիւղման Մեծ-Դատանքին։ Մեր տեսածները, մեր լսածները մեզի հաւատացնել կուտան, թէ Միութիւնը բարձր կոչումի մը գիտակցութեամբը ոգեւորուած, պիտի չգոյանայ պարզ Աղքատախնամի մը համեստունակ գործունէութեամբը։ Հայութեան վաղուանը համար այդ մարմինը բա՞ն մը ըրած պիտի ըլլայ, եթէ պարզապէս այն աղաներուն նմանի որոնք մեր ժամերը աղքատներու համար պնակ կը պտտցնեն, մէկէն առնելով միւսին տալով։ Հայկականը, իբրեւ բարեգործական մարմին, անշուշտ մարդասիրական ու հայասիրա- կան Պարտականութիւն մը կը կատարէ ամէն անգամ որ փութկոտ արագվազութեամբ օգնութեան կը հասնի մեր սովատանջներուն, մեր արկածեալներուն, մեր բո՛լոր աղիտաւոր- ներուն։ Եւ սակայն, եթէ ջախջախուած, հայրենազուրկ ժողովուրդ մը իր անօթիները կերակրելով, իր հիւանդները խնամելով, իր բոլոր թշուառները կազդուրելով, աշխարհքիս երեսը ազատաւէտ հանգստութեամբ ապրելու իրաւունքին տիրանա՜ր, Հայէն աւելի ո՞ր ցեղ 190
այդ վերածնունդին նախասահմանեալ պիտի համարուէր։ Հազար տարիներէ ի վեր Հայ- Հայրենիքը բարեգործութեանց անծայրածիր հանդիսավայր մը չէ։ [...] Հայկական Միութիւնը պարզապէս հիւանդապահի պաշտօն մը ստանձնած պիտի ըլլար եթէ միայն եւ միմիայն իբր ողորմած, գթած Հայերու հաւաքոյթ մը ներկայանար։ Այդ բոլոր Հայերը որոնք մեր ընկերականութեան մէջ առաջնակարգ դիրքեր գրաւած էին, միթէ ուրիշ բան պիտի չկրնայի՞ն ըլլալ բայց թէ «Աստուծոյ սեղանաւորները», զի ըսուած է, թէ` «որ ողորմի տնանկին, փոխ տայ Աստուծոյ»։ Բարեպաշտութիւնն ալ իր վաշխառուները ունի25։ Անցնող եօթնուկէս տասնամեակի ընթացքին, Եգիպտոսի մէջ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի գործունէութիւնը ղեկավարած են` Կեդրոնական Վարչական Ժողովը, Գործա- դիր Ժողովը` 1921 թ. սկսեալ, Շրջանակային Յանձնաժողովը` 1926 թ. սկսեալ, իր վարչութեան եւ հսկողութեան ներքեւ ունենալով Եգիպտոսի, Սուտանի, Եթովպիոյ, Հնդկաստանի, Միջագետքի, Սուրիոյ, Կիպրոսի եւ Յունաստանի Մասնաճիւղերը։ Կեդրոնական Վարչական Ժողովի ատենադպիրին յուշերէն կը տեղեկա- նանք` թէ Այն ատեն միակ Մասնաճիւղ մը ունէր Բարեգործականը, Աղեքսանդրիա, եւ Եգիպտոսի 6-700 անդամներէն դուրս ո՛չ մէկ անդամ։ Բայց շուտով ծաւալ գտաւ եւ յաջորդական Մասնաճիւղերը ողջունեցինք անպատում խանդավառութեամբ, Գահիրէ, Պոսթըն, Բարիզ, Մանչեսթըր, եւն.26։ Արդարեւ, Միութեան հիմնադրութենէն տարի մը ետք` 1907 թ., Աղեք- սանդրիոյ մէջ կը կազմուի անդրանիկ Մասնաճիւղը, որ իր գործունէութիւնը կը սկսի 75 անդամով։ Միութեան կազմակերպութեան մէջ պատուոյ տեղը գրաւած է Գահիրէի Մասնաճիւղը` որ հիմնուած է Հիմնադիր-Նախագահ Պօղոս Նուպար փաշայի 2 Մարտ 1910 թուակիր հրաւիրագրով, եւ Կեդրոնական Վարչական Ժողովի փոխ- ատենապետ Երուանդ Աղաթօն պէյի, գանձապետ Մկրտիչ Անդրանիկեանի եւ ատենադպիր Վահան Մալէզեանի նախաձեռնութեամբ։ Մասնաճիւղը կ’ունենայ Օժանդակ Մասնախումբեր Թանթայի, Զակազիկի, Մանսուրայի եւ Մէլլաուիի մէջ, իսկ տասնեակ մը գաւառական քաղաքներու մէջ ալ` ներկայացուցիչ- գործակալներ։ Ընդհանուր Ժողովին որոշումով` 1922-ին Կեդրոնական Վարչական Ժողովը կը հաստատուի Փարիզ եւ նոյն տարին կ’որոշուի որդեգրել Զուիցերիական իրա- ւավիճակ։ 1925 թ. Լօզանի մէջ կը հաստատուի իրաւական կեդրոն մը։ 1956 թ., Հ.Բ.Ը.Մ.-ը ստացած է Ամերիկեան իրաւավիճակ։ Նոյն տարին, Շրջանակային Յանձնաժողովը կը կոչուի նոր անուանումով` Եգիպտոսի Տեղական Մասնաժո- 191
ղով։ Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդրոնական Վարչական Ժողովին առաջին մեծ յատկա- ցումը կ’ըլլայ Ատանայի կոտորածին աղէտեալներուն։ Այս «ահաւոր կոտորածին զոհերուն տառապանքները նողկանքով ու կարեկցութեամբ խառն այնպիսի բուռն զգացում մը յառաջ բերին, որ ոչ ոք դանդաղեցաւ պատասխանելու Միու- թեան սրտաշարժ հրաւէրին»։ Այս առիթով` Միութիւնը Չոք-Մարզուանի մէջ կը բանայ Քէլէկեան Որբանոցը, Տիգրան Խան Քէլէկեանի ինքնայօժար նուի- րատուութեան շնորհիւ։ Հ.Բ.Ը.Միութիւնը «իր առանձնայատուկ միջոցներով» Եգիպտոսի մէջ վարած է քանի մը ազգօգուտ հաստատութիւններ27։ Գահիրէի մէջ` 1917 թ. սկսեալ, յաջորդաբար քանի մը տարի գործած է Միութեան մեծագոյն հաստատու- թիւններէն` «Տիկնանց Կեդրոնական Հանդերձարան»-ը, որ ունեցած է Աշխա- տանոցի եւ Մթերանոցի բաժիններ։ 1915 թ. Սեպտեմբերի 14-ին եւ 15-ին, Մուսա Լերան հերոս ժողովուրդէն 4058 քաջարի խլեակներ Փոր Սայիտ ապաստանելով, անգլիական խնամատարու- թեան հոգածութեամբ` Սուէզի Ջրանցքի ասիական եզերքին «Լազարէթա» կոչուած սիրուն վայրին վրայ կազմուեցաւ հայ գաղթավայրը, որ եղաւ «բուռ մը վերապրող հայերու նոր հայրենիքը` ջերմիկ, հոգենուէր գուրգուրանքի բազմա- զան խնամքներով»28։ Հ.Բ.Ը.Մ.-ը նոր գաղթավայրին մէջ «կրթական գործին մենաշնորհը առած էր»29, հիմնեց «Սիսուան» վարժարանը` մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններով, ուր 2250 երկսեռ աշակերտներ տարրական ուսում ստացած են 1915-1919 թթ.։ Գաղթականներուն մէջ գտնուող 350 երկսեռ որբերուն համար հաստատուած է Որբանոց-վարժարանը, որ գործած է 1916-1919 թթ., Մամբրէ Վրդ. Սիրունեանի տեսչութեամբ։ Բարեգործականը որբանոցի խնդիրը իր պատուոյ խնդիրը դարձուց եւ ծախք չխնայեց, ամէն ճիգ փորձեց անիկա անքննադատելի վիճակի մը հասցնելու համար30։ Նոյն շրջանին` Դամասկոսի, Տէօրթ-Եօլի, Մերսինի, Հաճընի, Տարսոնի եւ Ատանայի մէջ Միութիւնը ունեցած է Հայուհեաց-Ապաստանարան, Հիւանդա- նոց-Դեղարան, Հիւանդանոց-Դարմանատուն, Որբանոց-Վարժարան, Կտաւա- գործարան, գորգի եւ գուլպայի գործարան31։ Քսանական թուականներու վերջաւորութեան, Տիկնանց Խնամակալութիւն- ներու մատակարարութեամբ` Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ պահուած են Հայ Որբուհիներու Կայաններ։ 1911 թ. հիմնուած է Կեդրոնական Գրադարանը` 192
որուն նպատակն էր ժողվել հայութեան վերաբերեալ ամէն լեզուէ հրատարակութիւններ, ձեռագիրներ, ինչպէս նաեւ մեր հայրենակիցներուն կրթութեան յատուկ ամէն տեսակ դասագիրքեր։ Կտակներով եւ նուիրատուութիւններով գոյացած են հիմնադրամներ` որոնց շնորհիւ Միութիւնը կրցած է հոգալ ազգին բազմապիսի կարիքները։ Ըստ ժամա- նակի պահանջին հետզհետէ գոյացած են, Աղէտեալներու հիմնադրամը` որ օրը օրին գաղթականներու եւ աղէտեալներու ստիպողական պէտքերուն գոր- ծածուած է։ Որբանպաստ հիմնադրամ` Միութեան սեփական որբանոցներուն, ինչպէս նաեւ լքուած անտէր որբերուն յատկացուած է։ Որբապաշտպան հիմնադրամ` որդեգիր-պաշտպաններու տարեվճարներով կազմուած է, Միութեան պատսպա- րած որբերուն համար։ Հանդերձարանի հիմնադրամ` տարագրեալներու, գաղթականներու եւ որբե- րու հանդերձեղէն պէտքերուն համար։ Վերաշինութեան հիմնադրամ` հայրենի- քի վերաշինութեան ծառայող ձեռնարկներու յատկացուած է32։ Ուսումնական նպատակներու տրամադրուած են Մելքոնեան եւ Յովակիմ- եան հիմնադրամները։ Սաթենիկ Ճանիկ Չագըր հիմնադրամ` Նուիրատուութեան ազգօգուտ նպատակները [...] կ’ընդգրկեն կրթական, մշակութային, հրատարակչական, երիտասարդական եւ խնամատարական մարզեր33։ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կտակուած կարեւոր կալուածներն են` Թագւոր փաշա Յակոբեա- նի Սեկինի ագարակը, 550 ֆետտան մշակելի առաջնակարգ հողերէ բաղկացած34, որ տասնամեակներէ ի վեր կառավարութեան կողմէ գրաւեալ վիճակի մէջ կը մնայ, Յովակիմեանի շէնքերը եւ Տիկին Ճանիկ Չագըրի մեծարժէք հողամասը` 4097 քառ. մ. տարածութեամբ եւ ընդարձակ վիլլա մը35։ Ներկայիս` Հ.Բ.Ը.Մ.-ը կը յանձանձէ նաեւ Սարըեան, Պալըքճեան, Մելքոն- եան կալուածները, Հեքիմեան մարզադաշտը, Բարեգործականի շէնքը եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի մարզադաշտը` Աղեքսանդրիոյ մէջ, իսկ Հելիոպոլսոյ մէջ` Հ.Բ.Ը.Մ.- Նուպար մարզադաշտը։ Կրթական կամ այլ նպատակներու համար մեծագումար նուիրատուութիւն- ներ ըրած են նաեւ հետեւեալ եգիպտահայերը. Կատարինէ Լիմոնճելլի, Գրիգոր Մէօթէմէտեան, Պօղոս Նուպար փաշա, Յակոբճան եւ Օհանիկ Պոնճուքեան, Մկրտիչ Անդրանիկեան, Զարուհի եւ Սոֆի Մանիսալեան, Աղաթօն Երուանդ պէյ, Եագուպ Արթին փաշա, Վարդան Պապայեան, Պետրոս Կիւմիւշեան, Միհ- րան Ղազարոսեան, Ստեփան Հանըմեան, Հաճի Մկրտիչ Յովհաննէսեան, Աբրա- համ Փաշա Բարթող, Գէորգ Սարգիսեան, Ագապի Շէրիտճեան։ 193
Հ.Բ.Ը.Միութիւնը Գահիրէի մէջ ունեցած է իր կեդրոնական տպարանը, որ լոյս ընծայած է շահեկան աշխատութիւններ։ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եօթնամեակին առիթով` Միութեան անդրանիկ Մասնաժողովը լոյս ընծայած է Ոսկեմատեանը, արժանաւորապէս յիշատակելու համար բոլորուած արգաւանդ շրջանը, իր լրիւ գեղեցկու- թեան մէջ պատկերացնելու կատարուած եօթնամեայ գործը եւ անոր երախտաւոր գործա- ւորները36։ Կեդրոնական Վարչական Ժողովին նախաձեռնութեամբ` 1912 թ. Յունուարէն սկսեալ Գահիրէի մէջ սկսած է հրատարակուիլ Միութիւնը, որպէս Պաշտօնա- թերթ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան։ Մեր Միութիւն հանդէ- սը, – կը գրէ Պօղոս փաշա Նուպար իր առաջնորդող յօդուածին մէջ, – պիտի հրատարակէ այնպիսի գրութիւններ, որ ըլլան համապատասխան այն ձեռնար- կին` որուն օրկանը ըլլալ կոչուած է, եւ աւելի մասնաւորապէս` բնոյթը ունենան օգնելու կրթութեան ծաւալումին, հողագործութեան, եւն., եւ այս բանիս համար անիկա պիտի դիմէ բոլոր տաղանդներուն, որ փառք Աստուծոյ, մեր ազգին մէջ չեն պակսիր։ Բայց Միութիւնը ոչ նուազ պիտի ըլլայ նաեւ տեղեկութեանց միջնորդ մը, Հայկական Միութեան անդամներուն ծանօթացնելու համար մեր Ընկերութեան գլխաւոր գործունէութիւնները. անիկա պիտի հրատարակէ անդա- մագրական ցուցակները, հաշուեկշիռները, եւն.։ Միութիւնը մինչեւ 1928 թ. լոյս տեսած է Գահիրէ, ապա` 1929-1940 թթ. շարունակուած է Փարիզ։ Համաշխարհային Բ. պատերազմի շրջանին` երբ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնը Փարիզէն Ամերիկա կը փոխադրուի, Միութիւնը կը կցուի ԱՄՆի շրջանի օրկան Յուշարարին եւ կը կոչուի Յուշարար-Միութիւն։ 1938-1942 թթ. հրատարակուած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Եգիպտոսի Շրջանակին Ամսօրեայ տեղեկագիրը, իսկ 1955 թ. սկսեալ մինչեւ այսօր պարբերաբար լոյս կը տեսնէ Տեղեկատուն։ Միութեան հետապնդած նպատակներուն համաձայն, հրատարկուած են գնդապետ Պրեմոնի եւ Ֆայէզ էլ Ղոսէյնի գիրքերը` ֆրանսերէն լեզուով, օտարազ- գիներու համար հայերէն քերականութեան դասագիրք մը, գաղթակայանի վար- ժարաններուն մէջ գործածուելու նպատակով լոյս տեսած են` Օշական Ա. տարի պատկերազարդ այբբենական-ընթերցարանը եւ հատընտիր գրուածքներու Սիսուան հաւաքածոն։ 1919 թ. լոյս կը տեսնէ պատկերազարդ վիճակացոյց Գործապատումը։ Տասնամեակներէ ի վեր Հ.Բ.Ը.Միութիւնը կը հրատարակէ լայն ժողովրդականութիւն գտած օրական թերթիկներով պատի օրացոյցը։ Պօղոս Նուպարի, Եագուպ Արթինի, Երուանդ Աղաթօնի, Գրիգոր Եղիայեանի, Մկրտիչ Անդրանիկեանի, Նազարէթ Տաղաւարեանի, Կարապետ Շէրիտճեանի, Յ. Յակոբեանի եւ Մկրտիչ Մարկոսօֆի հիմնած համազգային Ընկերակցութիւնը` 194
եօթանասունհինգ տարի առաջ, բնագաւառի ժողովուրդին համար սկսաւ գործել «սքանչելի ծրագրով մը` բայց առանց աղմուկի եւ որեւէ յաւակնութեան»37։ Գահիրէ, Հրատարակութիւն Հ.Բ.Ը.Մ.ի Եգիպտոսի Շրջանակին, 1981 ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 1. Հոսանք, Գահիրէ, Ա. տարի, 1-14 Յունուար 1912, թիւ 1, էջ 1, 2, 3։ 2. Երուանդ Օտեան, Տասներկու տարի Պոլսէն դուրս, 1896-1908 (անձնական յիշա- տակներ), Կ. Պոլիս, 1914, էջ 24։ 3. Մ. Անդրանիկեան, «Հայկ. Բարեգ. Ընդհ. Միութեան ծնունդը», Արեւ, օրաթերթ, 11 Սեպտեմբեր 1935։ 4. Երուանդ Օտեան, նշ. աշխ., էջ 245, 247, 248։ 5. Արշակ Չօպանեան, «Քրոնիկ», Անահիտ, հանդէս, Փարիզ, Է. տարի, Ապրիլ 1905, թիւ 4, էջ 90, 91։ 6. Վ. Մ., «Ակնարկ մը Հայկական Բարեգ. Ընդհ. Միութեան քսանըհինգամեայ կեան- քին ու գործին վրայ (1906-1931)», Ոսկեմատեան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան. Արծաթեայ Յոբելեան. 1906-1931, Ա. հատոր, Փարիզ, 1935, էջ 14։ 7. Նամակը գրուած է` Վենետիկ, 6 Յունուար 1904-ին. տե՛ս Ոսկեմատեան. Արծաթեայ Յոբելեան, Ա. հատոր, էջ 451։ 8. Ինքնակենսագրութիւն Վահան Մ. Քիւրքճեանի, Զարթօնք բացառիկ նուիրուած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան քառասնամեակին եւ Զարթօնք օրաթերթի քսանհինգամեակին, Պէյրութ, 1962, էջ 236-237։ Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար տե՛ս Միք. Նաթանեան, «Ռամկավար Կուսակցութեան կազմութեան պարագա- ները», Լ. Աճէմեան, Եգիպտահայ տարեցոյցը, Ա. տարի, 1925, Աղեքսանդրիա, 1924, էջ 160-164։ 9. Միք. Նաթանեան, Արմենական կուսակցութեան ծագումէն սկսեալ մինչեւ Սահմա- նադրական-Ռամկավար կուսակցութեան կազմութիւնը. նօթեր եւ նիւթեր ժամանակակից պատմութեան համար, Հելիոպոլիս, Մայիս 1933, էջ 89-90 (մեքենագիր)։ 10. Ապահ, Պատասխանատուները. բաց նամակ բոլոր հնչակեան ազնիւ զինուոր- ներու, Գահիրէ, 19 Մարտ 1906, էջ 14։ Այս պրակին լոյս տեսնելէն ամիս մը վերջ, 15 Ապրիլին կը հիմնուի Հ.Բ.Ը.Մ.-ը` Պօղոս փաշա Նուպարի նախագահութեան տակ. Ուրեմն աննպատակ կամ ժամանակավրէպ հրատարակութիւն մը չէր, այլ արտայայտուած գաղափարները հասունցած ծրագիր մը եւ եղբայրասպան կռիւներու վերջ դնելու համար կտրուկ եւ գործնական միջոցներ կը յայտնաբերէին։ Արդարեւ, Ապահի կուսակից նախկին յեղափոխականներ չէին կրնար չհրճուիլ եւ չմխիթարուիլ այն բարերար երեւոյթէն, որ ժողովուրդին ողջամիտ դասակար- գը` եգիպտահայ մեծահարուստներուն գլխաւորութեամբ, դատապարտելով հանդերձ կուսակցագար պայքարները, կու գար միեւնոյն եզրակացութեան, եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի գաղափարականին մէջ կ’ուզէր գտնել այդ ոճիրներուն վերջ մը եւ ազդու դարմանը, գծելով միանգամայն գործնական հայրենասիրութեան ուղին։ Տե՛ս Մասիս Պետրոսեան, Կենսագրութիւն Ապահ Պետրոսեանի եւ քննական պատ- մութիւն Զէյթունի 1895-ի պատմական մեծ ապստամբութեան, Գահիրէ, 1936, երրորդ 195
հատոր, էջ 87 (ձեռագիր)։ 11. Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան, Ազգապատում. հայ ուղղափառ եկեղեց- ւոյ անցքերը սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը յարակից պարագաներով պատմուած, Բ. տպա- գրութիւն, Պէյրութ, 1961, Գ. հատոր, ս. 5370։ 12. Մ. Անդրանիկեան, նոյն տեղը։ 13. Նոյն տեղը։ 14. Ոսկեմատեան. Արծաթեայ Յոբելեան, Ա. հատոր, էջ 13։ 15. Վահան Մալէզեան, Ճամբուս ծայրը, Ա. հատոր, Փարիզ, 1954, էջ 122։ 16. Միք. Նաթանեան, Արմենական կուսակցութեան ծագումէն սկսեալ մինչեւ Սահ- մանադրական-Ռամկավար կուսակցութեան կազմութիւնը, էջ 91։ 17. Երուանդ Գրիգոր Աղաթօն, Կեանքիս յիշատակները, Պընեէն եւ Ժընէվ, (1931), էջ 185։ 18. Ե. Գ. Աղաթօն, Պոլսոյ 1860-ի եւ Գահիրէի 1906-ի Բարեգործականներուն ծնունդը եւ պատմութիւնը, Պընեէն եւ Ժընէվ, (առանց թուականի), էջ 46։ 19. Մ. Անդրանիկեան, նոյն տեղը։ 20. Վահան Մալէզեան, նշ. աշխ., էջ 118։ 21. Է. Բաբազեան, Ինքնակենսագրութիւն եւ յուշեր (ազգային գործերու յարակցու- թեամբ), Գահիրէ, 1960, էջ 18։ 22. Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ոսկեմատեանը. 1906-1913, Գահիրէ, [1914], էջ 9։ 23. Ոսկեմատեան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան. Արծաթեայ Յոբելեան. 1906-1931, էջ 15։ Տե՛ս նաեւ Ե. Գ. Աղաթօն, Պոլսոյ 1860-ի եւ Գահիրէի 1906-ի Բարեգործականներուն ծնունդը եւ պատմութիւնը, էջ 33։ 24. Ա. Չ., «Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն», Անահիտ, հանդէս, Ը. տարի, Յունուար-Փետրուար 1906, թիւ 1-2, էջ 27։ 25. Ա. Արփիարեան, «Մեծ-դատանքը», Շիրակ, գրական եւ ընկերական կիսամսեայ, Գահիրէ, Բ. տարի, 1 Ապրիլ 1907, թիւ 7, էջ 380, 381։ 26. Վահան Մալէզեան, նշ. աշխ., էջ 120։ 27. Հայկական Բարեգործ. Ընդհ. Միութեան Գործապատումը (պատկերազարդ վիճա- կացոյց), Գահիրէ, Յունիս 1919, էջ 16, 53։ 28. Սահակ Բ. Կթ. Կիլիկիոյ, «Բօր-Սայիտի հայ գաղթավայրը», տե՛ս Տոքթ. Մ. Սալբի, Ալեակներ եւ խլեակներ. հայ վրանաքաղաքին տարեգիրքը, Աղեքսանդրիա, 1920, էջ 7։ 29. Լեւոն Արիգեան, «Սիսուան վարժարանը», տե՛ս Ալեակներ եւ խլեակներ, էջ 187։ Համբարձում Երամեան, Յուշարձան, Աղեքսանդրիա, 1929, հատոր Բ., էջ 354-363։ Խաչեր Մատուռեան, «Փոր Սայիտի հայ գաղթականաց վրանաքաղաքը», տե՛ս Յուշամատեան Մուսա Լերան, Պէյրութ, 1970, էջ 411-414։ 30. Տօքթ. Մ. Սալբի, «Հ.Բ.Ը.Միութեան Բօր-Սայիտի որբանոցը», Ալեակներ եւ խլեակ- ներ, էջ 203։ Խաչեր Մատուռեան, նոյն տեղը, էջ 415-416։ 31. Գործապատում, էջ 16։ 32. Նոյն տեղը, էջ 59։ 33. Տեղեկատու, ԺԹ.-Ի. տարի, Յուլիս 1976 – Դեկտեմբեր 1977, էջ 16։ 34. Վահան Մալէզեան, նշ. աշխ., էջ 115-116։ 196
35. Տեղեկատուի նոյն համարը։ 36. Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ոսկեմատեանը. 1906-1913, էջ 13։ 37. Վահան Մալէզեան, նշ. աշխ., էջ 118։ 197
ՍՈՎԵՏԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԻ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆՆԵՐԸ Եւ դպրութիւնն եմ մեր երգում ես, Գեղեցկութիւնը դպրութեան վէս։ ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ ´³Ý³ËûëáõÃÇõÝ` вРÎáϳݻ³Ý êñ³Ñ« 4 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 1980£ Եթէ պահ մը ունկնդրենք Գէորգ Էմինի Հայկական սիմֆոնիայի հզօր մեղեդի- ները` յաւերժացող դարերուն եւ մեր բազմատեսակ քարերուն մասին, սրբա- գործուած ջուրերուն ու բերքատու հողին մասին, վիթխարի գործարաններու հուրին եւ մեր ծաղկեալ գիրին մասին, պիտի իմանանք հայ ժողովուրդին դարաւոր տառապանքին եւ ներկայ փառաւոր վերածնունդին մասին։ Բանաստեղծը կը պատգամէ` թէ Հայաստան այն երկիրն է, որ գիտցած է «ապրելու եւ յարատեւելու աստուածային գաղտնիքը»։ «Այն երկիրը` որ դարեր շարունակ պատերազմ ու ցաւ է ներմուծել եւ արտահանել որբ ու գաղթական, ներմուծել ոճիր ու խաւար` լոյս ու հանճար արտահանելով, եւ գազանութիւն ու բռնութիւն ներմուծելով` բարութիւն ու ազատութեան տենչ արտահանել»։ Հայաստան այն երկիրն է` որ դարեր շարունակ տառապած է պատերազմ- ներէն ու ջարդերէն, եւ միայն վեց տասնամեակէ ի վեր կը զգայ խաղաղ կեանքի քաղցրութիւնն ու հմայքը։ Հայաստան այն երկիրն է` որուն տանջանքը տասնեակ դարերով կը չափուի, իսկ կեանքը` վեց տասնեակ տարիներով միայն։ Այն երկիրն է Հայաստան` որուն հողը դարեր շարունակ ոռոգուած է քրտին- քով ու արիւնով, եւ միայն վեց տասնամեակ է, որ մարդուն կու տայ դարերով կուտակուած քաղցրութիւնը։ Հայաստան այն ցորենի արտն է, որ դարեր շարունակ տրորուած ու այրուած է, եւ որմէ փրկուած բուռ մը ցորենը` հասած է գալիքի ցանքին, եւ սկսած է շռայլ բերք տալ։ Հայաստան այն տոկուն որթն է` որուն արմատները կը հասնին մինչեւ Ուրարտու, իսկ պտուղն ու տերեւը` կը թարմանան ապագայի արեւի շողերէն։ Եղէգի փողի հուրէն եւ բոցէն ծնած այն երկիրն է Հայաստան` որ վեց 198
Search
Read the Text Version
- 1
- 2
- 3
- 4
- 5
- 6
- 7
- 8
- 9
- 10
- 11
- 12
- 13
- 14
- 15
- 16
- 17
- 18
- 19
- 20
- 21
- 22
- 23
- 24
- 25
- 26
- 27
- 28
- 29
- 30
- 31
- 32
- 33
- 34
- 35
- 36
- 37
- 38
- 39
- 40
- 41
- 42
- 43
- 44
- 45
- 46
- 47
- 48
- 49
- 50
- 51
- 52
- 53
- 54
- 55
- 56
- 57
- 58
- 59
- 60
- 61
- 62
- 63
- 64
- 65
- 66
- 67
- 68
- 69
- 70
- 71
- 72
- 73
- 74
- 75
- 76
- 77
- 78
- 79
- 80
- 81
- 82
- 83
- 84
- 85
- 86
- 87
- 88
- 89
- 90
- 91
- 92
- 93
- 94
- 95
- 96
- 97
- 98
- 99
- 100
- 101
- 102
- 103
- 104
- 105
- 106
- 107
- 108
- 109
- 110
- 111
- 112
- 113
- 114
- 115
- 116
- 117
- 118
- 119
- 120
- 121
- 122
- 123
- 124
- 125
- 126
- 127
- 128
- 129
- 130
- 131
- 132
- 133
- 134
- 135
- 136
- 137
- 138
- 139
- 140
- 141
- 142
- 143
- 144
- 145
- 146
- 147
- 148
- 149
- 150
- 151
- 152
- 153
- 154
- 155
- 156
- 157
- 158
- 159
- 160
- 161
- 162
- 163
- 164
- 165
- 166
- 167
- 168
- 169
- 170
- 171
- 172
- 173
- 174
- 175
- 176
- 177
- 178
- 179
- 180
- 181
- 182
- 183
- 184
- 185
- 186
- 187
- 188
- 189
- 190
- 191
- 192
- 193
- 194
- 195
- 196
- 197
- 198
- 199
- 200
- 201
- 202
- 203
- 204
- 205
- 206
- 207
- 208
- 209
- 210
- 211
- 212
- 213
- 214
- 215
- 216
- 217
- 218
- 219
- 220
- 221
- 222
- 223
- 224
- 225
- 226
- 227
- 228
- 229
- 230
- 231
- 232
- 233
- 234
- 235
- 236
- 237
- 238
- 239
- 240
- 241
- 242
- 243
- 244
- 245
- 246
- 247
- 248
- 249
- 250
- 251
- 252
- 253
- 254
- 255
- 256
- 257
- 258
- 259
- 260
- 261
- 262
- 263
- 264
- 265
- 266
- 267
- 268
- 269
- 270
- 271
- 272
- 273
- 274
- 275
- 276
- 277
- 278
- 279
- 280
- 281
- 282
- 283
- 284
- 285
- 286
- 287
- 288
- 289
- 290
- 291
- 292
- 293
- 294
- 295
- 296
- 297
- 298
- 299
- 300
- 301
- 302
- 303
- 304
- 305
- 306
- 307
- 308
- 309
- 310
- 311
- 312
- 313
- 314
- 315
- 316
- 317
- 318
- 319
- 320
- 321
- 322
- 323
- 324
- 325
- 326
- 327
- 328
- 329
- 330
- 331
- 332
- 333
- 334
- 335
- 336
- 337
- 338
- 339
- 340
- 341
- 342
- 343
- 344
- 345
- 346
- 347
- 348
- 349
- 350
- 351
- 352
- 353
- 354
- 355
- 356
- 357
- 358
- 359
- 360
- 361
- 362
- 363
- 364
- 365
- 366
- 367
- 368
- 369
- 370
- 371
- 372